ԸՆՏԱՆԵԿԱՆ
ՆԱՄԱԿԱՆԻ
Օր
կայ
սերմնացանի
եւ
տակաւին
օր`
հունձքի:
Մեր
ժրաջան
մշակները
լաւ
կը
ճանչնային
վար
ու
ցանը,
բայց
ըլլալով
հայ
գրականութեան
մշակներ,
անոնք
կը
մնային
անգործ
մեր
փոքր
ածուին
դիմաց:
Անոնք
կը
մնային
իրենք
իրենց
մէջ
կծկուած
եւ
գլխիկոր,
վասնզի
ձիւն
կը
տեղար
իրենց
գլխուն:
Պէտք
եղաւ
սպասել
երկար,
երկա՜ր
ժամանակ,
մինչեւ
պատմական
ձիւնհալը,
երբ
մեր
գրականութեան
արեւելեան
թեւը
դէպի
մեզ
երկարեցաւ
անհամբեր
աշխուժութեամբ,
եւ
մենք,
Արեւմտահայերս,
իրենց
փոխանցեցինք
օրհնեալ
հացահատիկը:
Հնչած
էր
ժամը
սերմնացանի:
Այսպէս
է
որ
սկսաւ
տեղափոխութիւնը,
Սփիւռքէն
դէպի
Երեւան,
մեր
թրքահայ
մշակոյթի
անստգիւտ
վաւերաթուղթերուն,
բոլորն
ալ
կոտորակեալ
եւ
արիւնոտ,
բայց
տակաւին
յորդուն`
աւիշով:
Այսպէս
է,
որ
ճամփու
դրուեցան,
կապոց
առ
կապոց,
ձեռագիր,
մամուլ
եւ
նկար,
մշտանորոգ
թափով:
Այս
պատմական
փոխանցումը,
որ
կը
շարունակուի
բարեբախտաբար,
չէր
կրնար
չխոստանալ
մօտաւոր
հունձքի
մը
կարելիութիւնը:
Եւ
ահաւասիկ
հունձքը:
Արեւմտահայ
գրողներու
նամականի
ընդհանուր
տիտղոսին
տակ,
Երեւան
մեզի
կը
փոխանցէ
առաջին
հատոր
մը,
ուր
բանասէր
տիկին
մը,
Գոհար
Ազնաւուրեան,
ուշադիր
հոգածութեամբ
խմբած
է
թրքահայ
հեղինակներու
նամակները,
շուրջ
երեք
հարիւր
միաւոր,
եւ
իր
աշխատութիւնը
օժտած`
ընթացիկ
մանրասարքերով
(ծանօթութիւններ,
բառարան,
ցանկ
անձնանուններու),
բաներ`
որ
կը
շեշտեն
ձեռնարկին
լրջութիւնը:
Այս
նամակները
կու
գան…
գործածեմ
բո՛ւն
բառը,
մեր
հարազատ
ընտանիքէն:
Նամակագիրները
մտերիմ
էին
մեզի
իրենց
գրական
վաստակով
եւ
երբեմն
նոյնիսկ
իրենց
անձով,
բայց
մեզմէ
ոչ
ոք
կրնար
յաւակնիլ
տեղեակ
ըլլալ
անձնական
նամակներու
պարունակութեան,
որոնք
երբեմն
ունին
ութսուն
տարուայ
հնութիւն:
Յետշիրիմեան
այդ
ձայները
կարելի
չէ
լսել
այսօր
առանց
յուզումի
եւ
լարուած
ուշադրութեան,
ինչպէս
որ
կարելի
չէ
չյանձնուիլ
բազմադիմի
խորհրդածութիւններու
ցանցի
մը,
զոր
դժուա՜ր
թէ
կարելի
ըլլայ
պարզել
գոհացուցիչ
լիութեամբ:
Ձեռնարկելէ
առաջ
այդ
փորձին,
թող
աւելորդ
չըլլայ
ըսել,
թէ
Նամականիի
հեղինակին
տրուած
են
զոյգ
մը
թարգմաններ
իբրեւ
գործակից,
մէկը
թրքերէնի,
միւսը
ֆրանսերէնի,
որ
չեն
քաշուած
ռուսահայերէնի
վերածել
մեր
բանաստեղծներուն
այն
նամակները,
զորս
անոնք
գրած
են
օտար
լեզուով,
ստիպման
հարկի
տակ:
Մարդ
պէտք
է
բոլորովին
զուրկ
ըլլայ
բանաստեղծական
զգայնութենէ,
չմբռնելու
համար
թէ
նեղացուցիչ
բան
է
բանաստեղծը
անջատել
իր
լեզուէն,
որուն
հետ
նոյնացած
է
միս
ու
ոսկոր:
Սիամանթօ
կը
գրէ
քառասուն
նամակ,
բնականաբար
իր
մայրենի
լեզուով,
եւ
յանկարծ
կ՚ըսէ
իր
հարազատներուն.
Ես
դրամի
կարիք
չունեմ,
պատուիրիր
որ
չուղարկեն:
Համմէ՞:
Ընդունելի
չէ,
որ
Ռուբեն
Սեւակի
բերանը
դրուի
ռուսահայերէնը,
անո՛ր
որ
կը
գրէր
Ժնեւէն:
—
Տեղւոյս
ազգայինները
թիւով
երեսուն
հոգի
ենք,
գրեթէ
ամէնքն
ալ
Ռուսաստանէն:
Զարմանալի
է
իրենց
լեզուն,
Ում-երով
եւ
Իս-երով
լեցուն
լեզու
մը:
Զարմանալի
կը
նշանակէ
ըմբռնելի,
բայց
նաեւ
անհաղորդ:
Տիկին
Ազնաւուրեանի
պէս,
եւ
անո՛ր
կողքին,
գնահատութեան
արժանի
է
Գ.
Ստեփանեան,
որ
յառաջաբանով
մը
պարզած
է
թրքահայ
մշակութային
կեանքի
անլուր
դժուարութիւնները,
օրհասական
գալարումներն
ու
դիմադրական
ոգին,
համիտեան
բռնակալութեան
քստմնելի
տարիներուն,
վերն
ալ,
մեր
թափառական
գրագէտներուն
հոգեկան
ապրումները:
Ապրումներ,
որ
կը
տարբերէին
կիսաքաղց
գաղթականի
յուսալքումէն
մինչեւ
խոր
հաւատքը
դէպի
ազգային
վերածնունդ:
Այդ
կարեւոր
յառաջաբանի
կողքին,
որ
գործն
է
հմուտ
եւ
առարկայական
պատմաբանի,
ես
ինձի
պիտի
թոյլատրեմ
խորհրդածութիւններ,
որ
հեռու
մնալով
հանդերձ
արմատական
հերքումէ,
պիտի
ըլլան,
կը
խորհիմ,
լրացուցիչ
եւ
լուսանցքային
խորհրդածութիւններ:
Կ՚ըսուի
թէ
մեր
գրագէտները
ցոյց
տուած
են,
գաղթականական
կեանքի
մէջ,
փոխադարձ
եւ
ջերմ
իրերօգնութիւն,
եւ
իրենց
միջեւ
բաժնած
են
պատառ
մը
հացը,
եղբայրաբար:
Ստեփանեան
կը
թուէ
օրինակներ,
կու
տայ
անուններ:
Բայց
ցոյց
չի
տար
մէտալին
միւս
երեսը,
որ
այլեւս
եղբայրացում
չէ,
այլ
եղբայրասպան
կռիւ:
Գոյութիւն
ունի
ազգային
պատմութեան
իմացում
մը,
ըստ
որուն
վեր
կ՚առնուի
եւ
կը
խոշորացուի
այն
ամէն
ինչը,
որ
նպաստաւոր
է
ազգին,
եւ
կը
քօղարկուի
աննպաստը:
Պատմութեան
այս
իմացումը,
որ
կը
կիրարկուի,
պէ՛տք
է
որ
կիրարկուի
դասագիրքերու
մէջ,
հասկնալի
առաջադրութեամբ,
իր
տեղը
չունի
առարկայական
պատմութեան
մէջ:
Մենք
բաւական
պատճառներ
ունինք
հպարտ
ըլլալու
իբրեւ
Հայ,
որպէսզի
պէտք
չըլլայ
քօղարկել
աննպաստը,
նամանաւանդ
երբ
այդ
աննպաստը
մասնայատուկ
չէ
Հայուն:
Գաղթականութիւնը
ընկերային
այն
երեւոյթն
է,
որ
ինքն
իր
մէջ
կը
ստեղծէ
թոյն
մը:
Ահա
այդ
թոյնն
է,
որ
կը
զայրագնէ
գաղափարներն
ու
զգացումները,
ընտանիք
եւ
դասակարգ
կը
խառնակէ
եւ
կը
թթուեցնէ
քիչ
մը
ամէն
բան,
եւ
որմէ
զերծ
չէ
ոչ
մէկ
ազգ:
Գրագէտը
ունի
կեանքի
հայեցողութիւն
մը,
որ
իրեն
կու
գայ
մեծ
կրօնքներէն,
այսինքն
բարոյականէ
մը,
որով
մարդ
էակին
մէջ
կը
ճանչնայ
բարին,
որ
կը
կենակցի
չարին
հետ,
այսինքն
թէ
մարդուն
մէջ
կը
ճանչնայ
եղբայր
մը,
որ
ամենէն
անպաշտպան
էակն
է
կենդանական
աշխարհի,
քանի
որ
անպաշտպան
է,
ամէն
բանէ
առաջ,
ինքն
իր
դէմ,
ինքն
իր
բնածին
խենթութեան
բոժոժին
դէմ:
Երազատես
գրագէտը,
որ
կը
մերժէ
յանձնուիլ
գաղափարներու
եւ
զգացումներու
զայրագնումին,
այսինքն`
կերպաւորումին
(systématisation)
կը
գործածէ
խօսք
մը,
որ
թելադրութիւն
է,
այլ
խօսքով
գրականութիւն
մը`
որուն
ազդեցութիւնը
անուղղակի
(indirect)
է
[1]:
Կայ
սակայն
տարբեր
գրող
մը,
նախորդին
նման
երազատես
(Քառլ
Մարքս,
Լենին)
որունխօսքին
ազդեցութիւնը
ուղղակի
է,
վասնզի
ընթերցողը
կ՚առնղ
ամրակառոյց
դրութեան
մը
մէջ
(système),
փոխանակ
յանձնուելու
թելադրութեան,
որ
հարկադրաբար
պիտի
ըլլար
տարամ
եւ
մէկէ
աւելի
մեկնաբանութեան
ենթակայ։
Իրեն
համար
բարին
գոյութիւն
ունի
ա՛յն
ատեն
միայն,
երբ
ինքն
է
որ
զայն
կը
պարտադրէ
իր
եղբօր։
Քսաներորդ
դարու
յեղափոխութիւնները,
անոնք
ըլլան
սթալինական
թէ
ֆաշական,
անոնք
ուրիշ
բան
չեն
եթէ
ոչ
մանեխէիզմ։
Բարին
ինքն
է,
չարը՝
միւսը։
Բոլոր
ժամանակներու
Էս-էս-ները
եւ
կոմիսարները
ուրիշ
բան
չեն
ըրած,
Սէն
Պառթէլէմի
օրը,
եթէ
ոչ
իրենց
սեւ
սքեմը
թաթխել
արեան
ճապաղիքներու
մէջ։
Վերադառնալով
մեզի,
մեր
ազգայի՛ն
թոյնին,
պէտք
է
գիտնալ,
որ
ոչ
մէկ
գաղթականական
զանգուած
կրնայ
ապրիլ
երկար
ժամանակ
զայրագնաց
վիճակի
մէջ:
Կա՛մ
այն
է,
որ
կը
կորսուի
թունալից,
եւ
կամ
կը
ներծծէ
թոյնը
(absorber)
երբ
տուն-տեղ
կ՚ըլլայ
եւ
արմատ
կը
նետէ:
Այս
պարագան
այնքան
ճիշտ
է,
որ
կագ
ու
կռիւ
կար
մեր
գաղութներուն
մէջ
երեսունական
թուականներուն:
Այլեւս
չկայ
այդ
տեսակ
բան:
Մենք
գաղթական
ենք,
գաղթական
չըլլալով
հանդերձ:
Մենք
Սփիւռք
ենք:
Գաղթականը
կը
ներգաղթէ:
Սփիւռքը`
ոչ:
Հոս
է
մեր
ազգային
վէրքը,
որ
կը
կոտտայ:
Սփիւռքը
կը
հպարտանայ
Խորհրդային
Հայաստանով,
անոր
յարաճուն
վերելքով
եւ
ապագայի
փայլուն
ակնկալութիւններով,
բայը
եւ
այնպէս
կը
մնայ
հոն`
ուր
որ
էր,
այն
պարագային,
երբ
չի
չուէր
դէպի
արեւմուտք,
միշտ
աւելի
հեռուն,
միշտ
աւե՛լի
ցրիւ,
ճամփուն
ընթացքին
աստիճանաբար
նօսրանալով
եւ
հալելով:
Ահա
այս
սանձարձակ
եւ
անհակակշիռ
նահանջին
դէմ
է,
որ
կը
ցցուի
տժգոյն
ստուերը
հայ
գրագէտին:
Առանց
պատճառի
չէ,
որ
Գ.
Ստեփանեան
կանգ
կ՚առնէ
Յուշի
Գրականութեան
առջեւ.
(ըստ
մեզի`
գաւառական
գրականութիւն),
որ
Սփիւռքի
մէջ
ծաղկեցաւ
երեսունական
թուականներուն
(Համաստեղ,
Վահէ-Հայկ
եւ
ուրիշներ)
եւ
որ
ուրիշ
բան
չէր,
ըստ
Ստեփանեանի,
եթէ
ոչ
գաղթական
եւ
կարօտակէզ
գրագէտին
գերագոյն
ցանկութիւնը,
դէպի
Խորհր.
Հայաստան
ներգաղթել:
(Եթէ
բառերը
իմաստ
ունին,
ճշդիւ
այս
կը
նշանակէ
հեղինակին
պարբերութիւնը,
որ
յանկարծ
կ՚ըլլայ,
չե՜ս
գիտեր
ինչու,
միգամածային):
Այս
հաստատումը,
որ
բոլորովին
կամայական
է,
ազգասէր
Ստեփանեանի
մտերիմ
երազն
է,
որ
կը
ցոլացնէ
եւ
այդքա՛ն
միայն:
Իրականութիւնը
այն
է,
որ
մեր
գիւղագիրները
երգեցին
իրենց
ծննդավայրը,
ան
եղած
ըլլայ
հայկական
հողամաս
թէ
ոչ,
ճիշտ
այնպէս`
ինչպէս
մարդ
կը
վերակոչէ
իր
անփոխարինելի
մօր
յիշատակը:
Մայրը
կորսուած
էր
առյաւէտ,
ինչպէս
որ
փլած
էր
հայրենի
օճախը:
Կը
մնար
ինքը
գրագէտը:
Այլ
խօսքով`
կը
մնար
ոգին:
Ոգի
բառը
առաձգական
է
եւ
բազմիմաստ,
ինչպէս
ամէն
վերացական
բառ:
Այս
պարագային
կարելի
է
ըսել,
պարզաբանելով,
թէ
ոգին
բուն
իսկ
գրագէտն
է,
գեղեցիկին
կախարդանքով
հմայուած
գրագէտը,
որուն
մէջ
կենդանի
է
Հայութեան
խորունկ
զգայնութիւնը:
Ան
չէր
կրնար
վերագրաւել
կորսուած
երկիրը
իր
զինաթափ
ձեռքերով,
բայց
իր
գոյութիւնը
կ՚արդարացնէր
շնորհիւ
ոգիին:
Զա՛յն
ունէր
միայն:
Միմիայն
ինքզինքը,
իր
ներքին
հարստութեամբ:
Աւելորդ
է
յիշել
պարագան
անոնց,
որ
Հայութիւն
եւ
Հայրենիք
երգեցին,
երբ
ո՛տք
իսկ
չէին
դրած
Հայաստանի
վրայ
(Ալիշան,
Դուրեան):
Բայց
աւելորդ
չէ
մտաբերել
տարրական
ճշմարտութիւններ,
սա
թէ`
հողը
տարբեր
է
մարդ
էակէն,
թէ
հողը
անտարբեր
է
հանդէպ
իր
անցաւոր
բնակիչին:
Սփիւռքի
գրագէտին
գոյութիւնը
կ՚արդարանայ
ա՛յն
չափով,
ինչ
չափով
որ
ան
կը
յաջողի
չտարբերիլ
ոգեկան
հայրենիքէն,
այսինքն
ինքն
իրմէ:
Խնդրին
կեդրոնական
հանգոյցը
հետեւեալն
է.
այնպէս
մը
ընել,
որ
անտարբերութիւնը
չհամակէ
մեզ
եւ
թէ
ամուր
մնայ
կապը
ընդմէջ
իրեն,
գրագէտին
եւ
իր
այսօրին:
Գրականութիւնը
կ՚ապրի
գրագէտին
այսօրով,
իր
անձնական
կեանքով,
իր
առօրեայ
փորձառութեամբ:
Կարելի
է
ըսել,
առանց
paradoxeի
թէ
գոյութիւն
չունի
յուշի
գրականութիւն:
Ամէն
ինչ
ներկայ
է,
այսօր
է
եւ
հոս
է:
Կարելի
չէ
վերապրեցնել
անցեալը,
առանց
որ
ան
ըլլայ
անցեալ`
առաւել
բան
մը,
այսօրը
իր
անդիմադրելի
ճնշումով:
Երբ
Համաստեղ
կը
պատմէ
իր
գիւղը,
իր
այսօրուան
ապրումներն
են,
որ
կը
հաղորդէ
մեզի,
եւ
թէ
իր
այսօրով
կը
գունաւորէ
ամէն
ինչ,
ուզէ
թէ
չուզէ,
մինչեւ
իսկ
իր
բառերը:
Հայրենի
հողը
մեծ
բան
է:
Ամէն
բան
չէ:
Երեք
սերունդ
թրքահայ
գրագէտ
ճանչցանք,
որ
ապրեցան,
որ
երգեցին
եւ
գացին
մեռան,
իրենք
իրենց
մէջ
կրելով
Հայութեան
խոր
զգայնութիւնը,
այլ
խօսքով`
ոգեկան
հայրենիքը:
Կեցցէ՛
Հայաստան:
***
Ժամ
է
վերջապէս,
որ
մխրճուիմ
մեր
Ընտանեկան
նամականիին
մէջ,
ուր
տեղ
գտած
են
մեր
անուանի
գրողներուն
նամակները,
շուրջ
300
միաւոր:
Անոնք
դուրս
բերուած
են
Ֆրանսայէն
եւ
առաւելաբար
Արշակ
Չօպանեանի
դիւանէն
որ
կը
հաշուէ
աւելի
քան
35
հազար
նամակ:
Հատորին
մէջ
նամակ
չկայ
Չոպանեանէ,
բայց
ինք
կ՚երեւայ
գրեթէ
ամէն
էջի
վրայ
իբրեւ
ընդունիչ
(destinataire):
Մինչդեռ
մեր
գրողները
կը
թափառէին
աստանդական,
9,
Rue
Sayը,
Monymartreի
գագաթին,
կը
մնար
անխախտ
նամակատուփ,
կեդրոնական
առանցք
եւ
քառուղի:
Ուստի
աւելորդ
չեմ
համարիր
Չօպանեանը
ներկայացնել
հոս
հակիրճօրէն,
անգամ
մը
եւս
չվերադառնալու
համար
իրեն:
Այն
տարիներուն,
որ
ԺԹ.
եւ
Ի.
դարերու
ծխնին
կը
կազմեն,
Չօպանեան
տիրացած
էր
վաղահաս
համբաւի
մը,
որուն
արժանի
էր
անկասկած:
Թունդ
ազգասէր,
բազմահմուտ
գրականագէտ
եւ
թարգմանիչ.
ան
մեր
ազգը
ծանօթացուցած
էր
օտարներուն,
անվհատ
կորովով
եւ
խոշոր
ակնկալութիւններով:
Ան
տրամադրած
էր
նաեւ
թանկագին
բեմ
մը,
Անահիտը,
իր
տարագիր
եղբայրներուն:
Այսուհանդերձ,
իրմէ
աստիճանաբար
պաղած
էին
(1900-էն
իսկ
առաջ)
բոլոր
անոնք`
որոնց
կարծիքը
կշիռ
ունէր,
ինչպէս
Ա.
Արփիարեան,
Լ.
Բաշալեան,
Վ.
Թէքէեան,
Զ.
Եսայեան
եւ
ուրիշներ:
Անկարելի
չէ
պարզել
պատճառը:
Գրողը
չէր
արդարացուցած
երիտասարդին
փայլուն
խոստումները:
Անկախաբար
մեր
այս
polygraphe-ի
համասփիւռ
անձէն,
անկախաբար
մանաւանդ
իր
գործունէութեան
մասնաւոր
ոճէն,
պէտք
է
ընդունիլ,
որ
Արշակ
Չոպանեան
մակերեսային
իմացականութիւն
մըն
էր:
Ներկայ
հատորը
պտուղն
է
պատեհականութեան:
Ան
նման
է
ժխորելի
յորձանքի
մը,
որ
ջրափին
կը
նետէ
անհաւասար
բեկորներ,
մինչդեռ
ուրիշներ,
որ
թերեւս
աւելի
թանկագին
էին,
ջրամոյն
ըրած
է:
Արդարեւ
կը
բացակային
շատեր,
Դանիէլ
Վարուժանէն
մինչեւ
Յակոբ
Օշական:
Եղիայի
եւ
Ինտրայի
պէս
անուանի
նամակագիրներ
կը
ներկայանան
համեստ
հունձքով,
երբ
տժգոյն
գրիչներ
կը
տարածուին
բազմաթիւ
էջերու
վրայ:
Ամբողջութիւնը
կ՚ընդգրկէ
1883-1950
շրջանը.
գրաւելով
երեք
անհաւասար`
բայց
հաղորդակից
մասնաբաժիններ,
որոնք
են`
Համիտի
շրջան,
Հիւրիէթի
օրեր
եւ
վերջապէս
Սփիւռք:
Մեծ
աղէտը
տեղ
չունի
հոս,
ինչ
որ
զարմանալի
չէ:
Վահան
Տէրեանի
պէս
գերզգայ
հոգի
մը
հազիւ
թէ
կը
յիշատակէ
կոտորածը,
Յ.
Թումանեանի
ուղղած
իր
նամակներուն
մէջ,
ինք
որ
կրնար
արտայայտուիլ
ազատօրէն,
կարմիր
շրջանակէն
դուրս
գտնուելով:
Աղէտին
մեծ
արձագանքները
պէտք
է
փնտրել
այլուր:
Մենք
հոս
ունինք
նամակներ,
որոնց
մեծամասնութիւնը
աղքատ
է
իր
միջուկով
[2]:
Ունինք
բացիկներ
եւ
երկտողներ,
անձնական
ցաւերու
վրայ,
ուր
կարեւոր
տեղ
կը
գրաւեն
յօդուածի
եւ
տպագրութեան
հարցեր:
Աճապարանքն
ու
անփութութիւնը
երբեմն
կը
ստանան
նեղացուցիչ
համեմատութիւն:
Սիամանթոյի
պէս
մեծատաղանդ
բանաստեղծ
մը
(թող
այդպէ՜ս
ըլլայ)
կը
գրէ
հանդարտօրէն
—
Աս
Յունաստանը
ի՜նչ
գեղեցիկ
քաղաք
է:
Քիչ
անդին`
Հոս
ապրանքները
սոսկալի
աժան
են:
Այս
արատները
չեն
կրնար
նսեմացնել
ժողովածուն,
ուր
տեղ
գտած
գրագէտներէն
ոմանք
արժանի
են
մասնաւոր
ուշադրութեան:
Այդ
աշխատութեան
ձեռնարկելէ
առաջ,
անհրաժեշտ
է
նշել
թէ
Նամականին
ունի
թանկագին
բաժին
մը,
տեսակ
մը
morceau
de
résistance,
որ
կը
փայլի
իր
գերազանցութեամբ:
Լեւոն
Բաշալեանի
կը
պարտինք
զայն:
Տասնըվեց
տարեկանին
խմբագիր`
Հայրենիքի
համբաւաւոր
փաղանգին
մէջ,
որ
բարձրացուց
պոլսահայ
լրագրութեան
մակարդակը
եւ
ոգեւորեց
գրականութիւնը
երիտասարդ
ուժերու
հիւրընկալութեամբ,
Բաշալեան
յայտնուեցաւ
որպէս
հրաշալի
մանուկ
(enfant
prodige):
Ապշեցուցիչ
են
իր
կանխահաս
իմաստութիւնը,
ներթափանց
վերլուծողի
իր
նրբութիւնը
եւ
ոճաբանի
իր
ընդոծին
ձիրքը:
Զոպանեանի
ուղղած
իր
38
երկար
նամակները
կու
տան
մէկ
հաւատարիմ
եւ
ատով
իսկ
կսկծալի
պատկերը
պոլսահայ
լրագրողին,
որ
թերթ
կը
լեցնէ
վախով-դողով
եւ
պայքարելով
ամենօրեայ
դաւերու
եւ
կամայական
կաշկանդումներու
դէմ:
Ինք
որ
բնիկ
Պոլսեցի
է,
չի
վարանիր
խարանելու
Համիտեան
օրերու
պոլսահայ
մթնոլորտը,
լրտեսները,
գրաքննիչները,
համատարած
կեղծիքն
ու
քծինքը,
մինչեւ
որ
պարտուած`
Բաշալեան
ծովը
կը
նետէ
իր
գրիչը
Ղալաթիոյ
քարափէն:
Պէտք
էր
խոյս
տալ:
Արտասահմանի
մէջ,
ուր
կը
յուսար
գտնել
լաւագոյն
պայմաններ,
կը
գտնէ
Հայութիւն
մը,
որ
արեւելքցի
մնացած
է
իր
բարքերով
եւ
մտայնութեամբ:
Երուանդ
Օտեան,
որ
կու
տայ
նոյն
ժամանակաշրջանը
իր
աշխոյժ
եւ
հաճելի
հատորով`
12
Տարի
Պոլսէն
դուրս,
չի
դադրիր
մակերեսային
մնալէ,
մինչդեռ
Բաշալեան
կը
գրկէ
առօրեան
ջլապինդ
կերպով
(a
bras
le
corps)
կը
ցնցէ
զայն
մինչեւ
խոստովանութիւն
եւ
կը
յայտնուի
որպէս
արուեստագէտ:
Մինչեւ
այսօր
ոչ
ոք
կրցած
է
հասնիլ
Բաշալեանի
աշխարհաբարի
գեղեցկութեան:
Ան
մեր
լեզուին
տուած
է
ֆրանսերէնի
թափանցկութիւնը
եւ
ճշգրտութիւնը,
առանց
իյնալու
ֆրանսաբանութեան
մէջ:
Ոմանք
զինքը
բաղդատած
են,
ոչ
առանց
պատճառի,
Մերիմէի
հետ,
որուն
լեզուն
burinի
ճշգրիտ
դրոշմն
ունի:
Ժամանակի
իրապաշտ
դպրոցը,
զոր
Հայրենիք
ընդգրկեց,
բոլորովին
զերծ
չէր
չորութենէ:
Բայց
հո՛ս,
մտերիմ
նամակագրութեան
մէջ,
ուր
այլեւս
կը
տիրէ
զեղուն
հոգեխոստովանութիւնը,
Բաշալեանի
գրիչը
կ՚ըլլայ
գերազանցօրէն
կենդանի,
բաբախուն
եւ
հրացայտ:
Կ՚ունենայ
մեծ
անհամբերութիւններ
(Զոլայի
Կ՚ամբաստանեմ-ի
օրերն
են)
եւ
խօլ
պոռթկումներ
գիշերային
իր
թափառումներուն
մէջ,
երբ
կը
կարծէ
հասնիլ
խելագարութեան
սահմաններուն:
Լոնտօնեն
կը
գրէ
Չօպանեանի.
Մէկ-երկու
ամիսէն
երեսունս
կը
լրացնեմ,
ու
տակաւին
կեանքին
է՛ն
տարրական
պէտքերը,
գլուխ
դնելու
տեղ
մը
եւ
անօթութիւնը
յագեցնելու
չափ
ուտելիք
ապահոված
չեմ
ինքզինքս:
Արդ,
ո՞ւր
կը
մնան
այն
ատեն
մեծ
խորհուրդները,
բաղձանքները,
ակնկալութիւնները:
Եւ
սակայն,
այլեւս
անոնց
ժամանակն
էր:
Հիմա
է,
որ
քիչ
քիչ
ա՜լ
մտաւորական
բոլոր
կարողութիւններուս
տէրը
կզգամ…
Հակառակ
Չօպանեանի
պատասխաններու
բացակայութեան,
որոշապէս
կ՚երեւայ,
թէ
խորապէս
սիրալիր
եւ
յուզիչ
եղած
է
երկու
երիտասարդներուն
բարեկամութիւնը:
Ո՞վ
եւ
ի՞նչ
բան
խզած
է
այդ
թանկագին
կապը,
մէկ
օրէն
միւսը:
Ափսո՜ս,
գաղթականական
կեանքը
չի
խնայէր
լաւագոյն
բաներուն:
Կը
մնայ
Բաշալեանի
արուեստը,
որ
Տիգրան
Կամսարականի
ըսել
կու
տայ.
Բաշալեանի
բառերուն
հիւթը
կը
յորդի,
երբ
կտրենք
զանոնք:
Բաշալեանի
դասալքութիւնը,
խաւարի
ուժերու
ճնշումին
ներքեւ,
անդարմանելի
կորուստ
մը
եղած
է
մեր
արձակին
համար:
Այն
միակ
անգամուն,
երբ
կինը
կ՚երեւայ
Նամականիին
մէջ,
անկեղծ
սէրն
է,
որ
լսելի
կ՚ընէ
իր
գարնանային
դայլայլը,
զուլալ
ջուրերու
կարկաչը,
երեկոյեան
սրինգները:
Կարելի
չէ
անմիջապէս
չհամակրիլ
Ռուբեն
Սեւակի:
Իր
սիրային
նամակները,
որ
ուղղուած
են
գերմանախօս
աղջկան
մը,
ունին
պարզութիւնը
մտերիմ
զուգախօսութեան,
եւ
թովչութիւնը
շրջապատի
ալպեան
բնավայրին:
Սեւակի
լեզուն
ֆրանսերէնն
է,
հարկադրաբար.
Որքա՜ն
քաղցր
է
ունենալ
դեռատի
կին
մը
եւ
ամբողջ
աշխարհ
մը
կերտել
օճախին
շուրջ:
Կը
տեսնես
թէ
աւելի
եւ
աւելի
երախայ
կը
դառնամ,
աւելի
եւ
աւելի
խորութեամբ
կ՚երազեմ
ունենալ
փոքրիկ
տաճարը,
իմ
հր
աշակերտ
տիկին
(…)
սիրելի
Ժանն,
իմ
ամենասիրելի
Ժանն,
գեղեցիկ
գարուն
կայ
այստեղ
եւ
գեղեցիկ
երկինք՝
երեկոյեան:
Հազարաւոր
աստղեր
կան
եւ
սէր
կայ
օդին
մէջ:
Իսկ
եթէ
այդ
մասին
երկար
չեմ
գրել,
գիտցիր
միայն,
որ
շատ
երկար
կը
մտածեմ,
շատ
յաճախ,
մեծ
քնքշութեամբ,
ինչպէս
նաեւ
անհամբերութեամբ:
Ա՜հ,
կը
սիրեմ
քեզ,
գանձդ
իմ,
կ՚ուզէի
քեզ
ունենալ,
ունենալ,
ունենալ.
կ՚ուզէի
քեզ
սիրել,
սիրել
(…)
իմ
պաշտելի
կուռք,
անուշիկ
ընկերուհիս,
իմ
վերջին
յոյս
եւ
առաջին
երջանկութիւն
(…)
Եկո՛ւր,
ժանն
իմ,
երջանիկ
կը
դարձնեմ
քեզ:
Ես
ունիմ
հարուստ
գաղտնիքներ
կախարդական
աշխարհէն,
քեզի
կու
տամ
այդ
բոլորր,
եւ
որքան
տամ`
այնքան
շատ
կ՚ունենամ
անոնցմէ…
Կը
պատմուի
թէ
տիկին
Սեւակ
սա
անէծքը
շպրտած
է
Պոլսոյ
գերման
դեսպան
Վանկէնհայմի
երեսին.
«Ունիմ
երկու
մանչուկներ.
մէկը
պիտի
մեծցնեմ
ընդդէմ
թուրքին,
միւսը`
Գերմանիոյ»:
Երկու
գրիչներ
կը
բանան
լուսամուտ
մը,
իրենց
գրական
հաւատամքին
վրայ:
Եղիա
Տեմիրճիպաշեան
կ՚ընէ
յայտարարութիւն
մը,
զոր
ինքն
իսկ
կը
կոչէ
«տարօրինակ».
Կը
գրէմ
առանց
սկզբունքի,
առանց
ուղղութեան,
առանց
նպատակի:
Ներդաշնակ
պարբերութիւններ
իրար
քով
շարել,
սրտերն
անզգալաբար
ապականել,
մտքերն
յանուն
լուսաւորութեան
երկբայութեամբ
եւ
մթութեամբ
լեցնել.
հոգիները
հեշտութեան
եւ
անտարբերութեան
հրաւիրելու,
անտարբերութեան
դէմ
սուրբ
ցասմամբ
մաքառելու
կերպարանն
ունենալով,
այդ
չէ
անշուշտ
նպատակս,
այլ
անշուշտ
այս
է
հրճուանքս,
իմ
դառն
հաճոյքս:
Եղիա
էֆենտի
բան
մը
ըսաւ:
Ըսածէն
կը
հասկացուի
շատ
բան
կամ
ոչինչ:
Այսուհանդերձ,
կ՚արժէ
պահ
մը
երազել
սա
խօսքին
դէմ.
կը
գրէմ
առանց
նպատակի:
Աւելի
յստակ
է
Գրիգոր
Զոհրապ:
Ան
կը
գրէ
ազնուահոգի,
այլեւ
pusillanime
(երնչո՞տ)
Հրանդ
Ասատուրի,
որուն
հետ
գործակցաբար
կը
հրատարակէ
Մասիս
գրական
հանդէսը:
Թիւէ
թիւ
շեշտուած
ըլլալով
երկու
գրագէտներուն
ճաշակի
տարբերութիւնը,
Զոհրապ
կը
պահանջէ
Ասատուրէ,
որ
իր
անունը,
որպէս
կից
խմբագրի,
ջնջուի
հանդէսի
ճակատէն.
Զիս
խնդացնոդ
բանը
քեզ
կը
սարսափեցնէ
եւ
փոխադարձաբար:
Դուն
անբարոյական
երեւոյթէն
կը
վախնաս,
իսկ
ես`
բո՛ւն
անբարոյութիւնէն:
Կիները
կը
դողացնեն
քեզ
եւ
զիս`
էրիկ
մարդիկ.
ես
անկումները
կը
սիրեմ
դիտել,
շոյել
եւ
փայփայել,
դուն
բարձրացումները.
ես
ձորն
եմ,
իսկ
դուն
լեռը.
ո՛չ
Քոնվանսիոնի
(Convention)
անշուշտ,
կամ
թերեւս
Քոնվանսիոնին
(convention)։
Ինչպէս
կ՚երեւայ,
Զոհրապ
չի
վախնար
կիներէ:
Եւ
ինչո՞ւ
վախնայ:
Ամէն
արուեստագէտ
քիչ
մը
կնիկ
է:
Ռուբեն
Զարդարեան
միակն
է,
որ
լսելի
կ՚ընէ
գաւառի
խուլ
եւ
բազմաչարչար
ձայնը,
նախ
զգուշութեամբ
եւ
յետոյ
հրապարակագրի
իր
ջղուտ
եւ
հոգեցունց
գրիչով.
Հաւատացէք
որ
հրաշալի
է
մեր
ցեղին
կորովը
եւ
այս
հողին
միգութիւնը.
ջուրը
թոյն`
երկինքէն
ժահր
կը
տեղայ,
ամէն
քայլափոխի
մահը
մեզի
հետ
կը
կատակէ,
եւ
սակայն
տակաւին
կը
շարունակենք
ապրիլ
հոս
մեր
նամուսովն
ու
հաւատքովը,
մեր
օճախովն
ու
քրտինքովը
եւ
մեր…
արիւնով:
Օրհասական,
բայց
միշտ
յուսալից
պայքար
մըն
է
ասիկա,
թէեւ
կը
զգանք,
թէ
ամէն
օր
բան
մը
կը
պակսի
մեր
ուժերէն:
Մինչեւ
իր
եղերական
վախճանը,
Զարդարեան
անայլայլ
պահեց
իր
սէրն
ու
հիացումը
հանդէպ
Չօպանեանի,
զոր
կը
կոչէր
Մեծայարգ
Վարպետ:
Այս
գաւառացին
միշտ
յարգալիր
է
իր
նամակներուն
մէջ,
ի
տարբերութիւն
ոմանց,
որ
Եւրոպա
տեսած
էին,
իբրե՜ւ
թէ:
Ըլլալով
առաւելաբար
ազգային
գործիչ,
քան
թէ
գրագէտ,
Զարդարեան
մեծապէս
կը
գնահատէր
Չօպանեանի
անվհատ
դիմումները
օտարներու
մօտ,
ի
նպաստ
մեր
դատին.
պէտք
է
դիտել
այս
առթիւ,
որ
պոլսաբնակ
եւ
գաւառաբնակ
մեր
մտաւորականները,
որ
չէին
ճանչնար
քաղաքական
Փարիզը,
Չօպանեանի
գործունէութեան
կուտային
արժէք
մը
եւ
տարողութիւն
մը,
որ
հեռու
էր
ունենալէ
դժբախտաբար:
Մեծ
հայասէրները
սիրտի
տէր
մարդիկ
էին,
կարեկից
եւ
քաղաքավար:
Բայց
այդքա՜ն
միայն:
Այնպէս`
ինչպէս
կը
ներկայանան
հոս,
իրենց
պատահական
նամակներով,
մասնաւոր
յիշատակութեան
արժանի
չեն
Տիրան
Չրաքեան,
Ռուբեն
Որբերեան,
Թլկատինցի,
Արտաշէս
Յարութիւնեան
եւ
Թորոս
Ազատեան
(ո՜ւրկէ
ուր`
այս
մէկը):
Բայց
ահաւասիկ
վաճառական
մը,
Տիգրան
Կամսարական,
որուն
մէջ
վառ
մնացած
է
ազգասիրութեան
սլացիկ
բոցը:
Կամսարական
կը
յայտարարէ,
գրեթէ
սրբազան
կիրքով,
իր
խորունկ
սէրն
ու
հաւատքը
հանդէպ
Խորհրդային
Հայաստանի:
Ի
պատիւ
թրքահայ
գրագէտներուն
պէտք
է
ըսել,
որ
Կամսարական
առանձին
չէր
իր
դիրքին
մէջ:
Փարիզ
ապաստանած
մեր
գրողները
ընդունեցան,
կանուխէն
եւ
գրեթէ
հաւաքաբար,
թէ
ռուսական
orientationը
լաւագոյն
եւ
կարելի
միակ
լուծումն
էր
Հայաստանի
տագնապին:
Ճշդե՛նք՝
Կովկասեա՛ն
Հայաստանի։
Անհրաժեշտ
է
ճշդել
այս
պարագան
որուն
կարելի
չէ
բացատրել
թէ
ի՞նչ
պատճառաւ
մեր
գրագէտները
չներգաղթեցին
դէպի
յառեալ
հայրենիք։
Զոհաբերութիւնը
եղած
էր
երկուստեք,
համանման
իտէալով,
բայց
վերածնած
Հայաստանը
ամէն
հայու
Հայաստանը
չէր,
ոչ
իսկ
թրքահայ
գրագէտին,
որ
չէր
կրնար
երթալ
Երեւան,
ինք
որ
գացած
էր
մինչեւ
Տէր-Զօր,
ցնցոտիներով։
Որո՞ւ
վզին
փաթթել
այս
անանուն
ողբերգութեան
մեղքը։
Ամենուն
եւ
ոչ
ոք,
բնականաբար։
Պարագաները
տնօրինած
էին
ա՛յդ
ձեւով
եւ
ոչ
թէ
տարբեր
ձեւով։
Հայը
չունէր
պէտք
եղածին
զօրութիւնը,
դէպքերը
տնօրինելու
համար
ըստ
իր
բարձրագոյն
իտէալին։
Գտնուեցաւ
սակայն
մէկը,
ամենէն
տաղանդաւորներէն,
որ
ներգաղթեց,
ափսո՜ս,
գիտենք
թէ
ինչպիսի՜
եղերական
հետեւանքներով։
Զապէլ
Եսայեանի
նամակները,
ներկայ
հատորին
մէջ,
գործի
նամակներ
են:
Տիկինը
լծուած
է,
Չօպանեանի
հետ
ձեռք
ձեռքի,
մեծապէս
օգտաշատ
ձեռնարկի
մը,
որ
կը
կայանայ
օգնել
հայրենիքի,
«Հայաստանի
Պետական
Համալսարանի
Բարեկամներու
Ընկերութեան»
միջոցաւ
եւ
աջակցութեամբը
ֆրանս.
մեծանուն
գիտուններու:
Տիկին
Եսայեանի
համայնավարութիւնը
կասկածէ
վեր
է:
Բայց
ո՞վ
կրնայ
վկայել,
թէ
օրապահիկի
դժնդակ
հարցը
իր
դերը
չունեցաւ
այս
տեղափոխութեան
մէջ:
Դժբախտ
գրագիտուհին
կ՚ըսէր
մեզի,
Պոլսոյ
ժողովրդական
բարբառով—
Աստծո՛ւն
օրը
«չամաշիր»,
Աստծուն
օրը
«խըզմէթ».
միշտ
ջուրերուն
մէջն
եմ.
սա
ուռած
մատներուս
նայէ,
ինչպէս
կ՚ուզես,
որ
գրիչ
բռնեմ…
Զ[ապէլ]
Ե[սայեան]
կը
թուի
վերադառնալ
Սկիւտար,
կեանքի
վերջալոյսին,
դէպի
իր
հարազատ
օրրանը:
Սկիւտար
ունէր
աղքատիկ
թաղ
մը,
որուն
տեղական
անունն
էր
Վարի
Սոխակը:
Ոչ
ոք
այնքան
մտերմաբար
ճանչցած
է
այդ
թաղամասը
եւ
այնքան
հաւատարմօրէն
ներկայացուցած
է
զայն,
որքան
Եսայեան
իր
մէկ
վիպակին
մէջ,
Երբ
այլեւս
չեն
սիրէր:
Հոն
կը
տքնէին
եազմաճի
հայուհիներ,
օրնիբուն,
պատառ
մը
արդար
հացի
համար:
Անոնք
ջուրերուն
մէջն
էին
միշտ:
Անոնց
մատները
ուռած
էին:
Ատոմ
Եարճանեան
այն
կորուսեալ
երախան
է,
որ
մութին
մէջ
կը
պոռայ
երգել
կարծելով
եւ
կամ
թէ
կ՚երգէ,
հօնքուր-հօնքուր
լալով,
իր
ձայնն
ունենալու
համար
իբրեւ
ընկերակից,
այսինքն`
իբրեւ
կենդանի
ներկայութիւն:
Բանաստեղծը
քանի
բարձրացնէ
իր
ձայնը,
մենք
այնքան
գէշ
կը
լսենք
զինքը,
բանաստեղծը`
որ
ամէն
ինչ
է,
բայց
ո՛չ`
երախայ:
Բանաստեղծութիւնը,
որ
մտերմութիւն
մըն
է,
աղաղակ
չի
վերցնէր
որոշ
decibelէ
անդին:
Վախը
մարդկային
է,
նամանաւանդ
գերզգայ
էակներու
մօտ:
Սիամանթօ
մէկն
էր,
որ
իր
շուքէն
կը
վախնար:
Ինչ
որ
տկարութիւն
է
բանաստեղծութեան
մէջ,
բնական
հակազդեցութիւն
է
առօրեայ
կեանքի
մէջ:
Այս
երկուքը,
գիր
եւ
կեանք,
շփոթելի
չեն:
Սիամանթօ,
որ
Պոլիս
վերադարձած
է
պատերազմի
սկիզբը,
չարաբաստիկ
ներշնչումով
մը,
հիւանդ
անկողին
ինկած
է
վախու
ազդեցութեան
տակ,
ի՛ր
իսկ
բացատրութեամբ:
Դժբախտ
մարդը
ինկած
է
գառագեղի
մէջ:
Կը
զգայ
թէ
փրկութիւն
չկայ:
Իրմէ
ունինք
փոթորկայոյզ
նամակ
մը,
Պոլսէն
գրուած,
5
սեպտ.
1914
թուակիր,
որ
օգնութեան
կոչ
մըն
է:
Իր
յուսակտուր
աղաղակը
կը
թափանցէ
մինչեւ
ծուծը
մեր
ոսկորներուն:
Ի՞նչ
զգաց
արդեօք,
երբ
դէմ
առդէմ
եկաւ
մարդակերպ
գազաններու
հետ:
Իցի՜ւ
թէ
վերջին
պահուն,
աներեւակայելի՜
պահուն,
իրականացած
ըլլար
իր
ցանկութիւնը
—
իմ
գգուանքէս
եւ
զայրոյթէս
յանկարծամահ:
Վահան
Թէքէեան
իր
գլուխը
կը
զարնէ
պատեպատ,
ի՛նք
եւս,
միայն
թէ
իր
ցաւը
կը
մնայ
տարբեր
մակարդակի
վրայ:
Իր
թաւալգլոր
անկումին
մէջ,
մեր
ազգը
հասած
է
մինչեւ
խորը
անդունդին
եւ
կը
տապլտկի
լպրծուն
ճախճախուտի
մէջ:
Վերէն,
բարձրէն
կը
թքնեն
իր
վրայ,
կ՚արհամարհեն
եւ
կը
նուաստացնեն
զինքը,
մինչեւ
իսկ
կ՚ուրանան
իր
ինքնութիւնը:
Կարծես
համայն
մարդկութեան
երեսին
է,
որ
մեր
բանաստեղծը
կ՚ըսէ.
«Թշուառականներ,
մենք
տակաւին
ա՛զգ
ենք,
դեռ
մա՛րդ
ենք»:
Ինք
որ
Պոլսոյ
Կեդրոնական
վարժարանի
Տնօրէնն
էր,
դեռ
քանի
մը
ամիս
առաջ,
ինք
որ
միշտ
հայրական
գուրգուրանք
ցոյց
տուած
է
հանդէպ
մանուկներու
եւ
դեռահաս
պատանիներու,
իր
սիրտէն
արիւն
կը
հոսի
ի
տես
Յունաստանի
մեր
որբերուն,
որ
լքուած
են
անտէր,
անտիրական:
Սկսած
է
նոյնիսկ
փոքրիկներու
յունացման
գործը,
յոյն
վարժարաններու
մէջ,
իբրեւ
հետեւանք
Րըլիֆի
ուրացումներուն:
Թէքէեան
տեղեկագիր
կը
ներկայացնէ
ազգային
պատուիրակութեան
եւ
կը
ճգնի
ցնցել
Փարիզը,
գիտնալով
հանդերձ
(եւ
հո՛դ
է
ողբերգութիւնը),
թէ
ազգը
գլուխ
չունի:
Կը
գրէ
սակայն
Չօպանեանի,
Աթէնքէն
(1923).
Մեր
որբերուն
վիճակը
տխուր,
չափազա՜նց
տխուր
է:
Բարոյապէս
ընկճուած
են
եւ
պիտի
փչանան
ամերիկացւոց
ձեռքը,
եթէ
ազգը
տէրութիւն
չընէ:
Եթէ
ձգենք,
որ
ասոնք
ալ
կորսուին,
պէտք
է
«խաչ
քաշենք»
Հայութեան
վրայ,
ինչպէս
ռուսահայերը
կ՚ըսեն։
Ամերիկացիք
մեր
տղաքներն
ու
չափահասները,
իրենց
արհամարհոտ
նպաստով,
իրենց
վարմունքով,
շատ
ցած
կը
տեսնեն
եւ
կ՚օգնեն
կոր
աւելի
նուաստացնելու:
Մեր
կողմէ
իրենց
հասկցնելու
ենք,
որ
տակաւին
ազգ
ենք,
դեռ
մարդ
ենք:
Մեր
Պատուիրակութիւնը,
մտաւորականութիւնը,
կուսակցութիւնները
եւ
հարուստները
(թերթերը`
ինքնին
կը
հասկցուի)
ուժգնօրէն
ցնցելու
ենք.
հակառակ
պարագային,
ամէն
մարդ
իր
գլխուն
ճարը
պիտի
նայի
այլեւս,
ու
մենք
կորսուած
պիտի
ըլլանք:
Մեր
որբերը
իրենց
գլխուն
ճարը
նայեցան,
գիտենք
թէ
ի՜նչ
պայմաններու
մէջ:
Անոնք
ունեցան
աստուածային
նեցուկ
մը
—
բո՛ւն
իսկ
իրենց
փոխադարձ
եւ
եղբայրական
սէրը,
զոր
որբութեան
անէծքը
սերմանած
էր
իրենց
մատղաշ
հոգիներուն
մէջ:
[1]
Արշակ
Չոպանեան
քննադատած
ըլլալով
Րաֆֆիին,
Անահիտ
ի
մէջ,
Տիգրան
Կամսարական
զայն
իր
տեղը
կը
նստեցնէ.
«Րաֆֆիի
դէմ
ըրեր
ես
անիրաւութիւն
մը,
զոր
դու՛ն,
իբրեւ
գրական
մարդ,
վերջինը
ըլլալու
էիր
ընելու:
Րաֆֆի
մեր
ազգային
գիտակցութիւնը
արթնցուց…
Ըմբոստացումի
Կայծեր
ցատկեցուց
հոս
ու
հոն…
Իր
դերը
հոն
կը
վերջանայ…
Հայ
մտաւորականութեան,
ինտելիկէնցիային
կ'իյնար
Հայ
հայրենասիրական
պոռթկումը
canaliser
ընել,
իրականալի
ծրագիրի
մը
վերածել…
Մենք
մեր
պարտականութիւնը
չկատարեցինք,
չգիտցա՜նք
կատարել…
Քաղաքական
ծրագիրները
վէպերէ
չեն
քաղուիր,
ներշնչումները,
մայր-գաղափարները`
այո՛:
Քաւուր
Ալֆիերիի
վէպերուն
մէջ
չգտաւ
իր
աշխարհաւասարութեան
ուղղութիւնը»:
[2]
Ճիշդ
այն
պահուն,
երբ
ընթերցողը
սկսած
է
«ցատկել»
հասարակ
բացիկներու
վրայէն,
ճիշդ
ա՛յդ
պահուն
պէտք
է
լաւ
բանայ
իր
աչքը:
Հատորի
վերջաւորութեան,
այսինքն
ծանօթութիւններու
բաժնին
մէջ,
տեղ
գտած
է
Տիգրան
Կամսարականի
մէկ
երկար
եւ
զմայլելի
յօդուածը
Կոմիտասի
վրայ
(1911):
Կոմիտաս
վարդապետի
նուիրուած
են
գրութիւններ,
իր
կենդանութեանն
իսկ,
որ
ունին
գրական
բարձր
արժէք:
Տիգրան
Կամսարականի
յօդուածը
անոնցմէ
մէկն
է:
Եւ
ո՛չ
յետինը: