Սիլիհտարի պարտէզները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Մեր նոր բնակարանին տանտէրը մաքարոնիի Ֆապրիք ունեցող լըվանտեն մըն էր, «Թաթլը սու Ֆրենկի» [1], կ’ըսէին արհամարհանքով մեր տնեցիները։ Անիկա չափազանց խստապահանջ էր վարձքը ժամանակին գանձելու։ Ամէն ամսագլխին այդ վարձքի խնդիրը կը դառնար տնեցիներուն մտահոգութեան առարկան։ Մօրաքոյրերս գիշեր ցերեկ կ’աշխատէին, բայց իրենց վաստակին մեծ մասը կը յատկացուէր գործատէրերէն կամ այլ վաշխառուներէ փոխ առնուած դրամներու տոկոսներուն։

Այդ օրերուն մօրաքոյրերուս արհեստանոց սենեակին մէջ սրտնեղութիւնը, դժգոհութիւնը եւ երբեմն ալ ըմբոստութիւնը կը պոռթկային։ Տուտուն, որ ընդհանրապէս խօսքով չէր միջամտեր այս կարգի խնդիրներու, լռելեայն կը հասկցնէր իր քննադատական վերաբերմունքը եւ խոր արհամարհանքը։

Մօրաքոյրերս երբեմն ստեղծուած դրութեան յանցանքը կը բեռցնէին հօրս վրայ իր բացակայութեան երբեմն ալ իրենց բոլոր զայրոյթը կը թափէին գործատէրին վրայ, որ այդ միջոցին քէլ Պօղոսն էր։ Անիկա կոտրած քիթով, հերաթափ, տգեղ մարդ մըն էր որ պարզ բանւորութենէ յառաջանալով դարձեր էր գործատէր։ Ժլատ էր եւ խարդախ՝ հաշիւներուն մէջ։ Անիկա առիթը չէր փախցներ մեղադրելու մօրաքոյրերս, բայց մանաւանդ հայրս, որպէս շռայլ մարդ, եւ ինքզինքը օրինակ կու տար իբրեւ իր գործը գիտցող եւ խնայասէր մարդու։ Ինչո՞ւ շռայլութեամբ կը ծախսէին մեր տնեցիները, երբ դրամ ըլլար եւ յետոյ այդպէս բացը կը մնային. ո՞ւր տեսնուած էր այսպէս ընտանիք... «աշխարհքիս էօրնե՞կ [2] պիտի ըլլաք... մարդս իր եորղանին կէօրէ [3] ոտքերը պիտի երկնցնէ... »։ Գործատէրին այս նկատողութիւնները ա՛լ աւելի կը թունաւորէին կացութիւնը եւ երբեմն պարտք ու պարտական մոռցած՝ Մաքրիկ մօրաքոյրս կը յարձակէր քէլ Պօղոսին վրայ։

Անիկա, խայթուած՝ իր հպարտութեան մէջ, պապենական զինարանէն դուրս կը հանէր պատկերաւոր հայհոյութիւններ, անողոք որակումներ։ Ան «ցեխը կը խոթէր կը հանէր» այդ ողորմելի մարդուկը, որ յանդգներ էր իրենց, Շիրինենց աղջիկներուն չափաւորութեան խորհուրդներ տալ։

Մաքրիկ մօրաքոյրս հետզհետէ կը փրփրէր, դէմքը կը դառնար շառագոյն, աչքերէն կայծեր կը ցայտէին։ Անիկա ձեռքի շարժումով մը կասեցնելով միջամտութիւնը իր քոյրերուն որոնք սակայն զսպուած գոհունակութեամբ կը հետեւէին այդ յարձակողականին մէջտեղ կը դնէր քէլ Պօղոսին հօրը եւ մեծ հօրը, ամբողջ «Սինսիլէ»ին [4] ճղճիմ եւ գետնաքարշ ստորնութիւնները «պատառ մը հաց ձեռք ձգելու համար», նոյնիսկ իրեն քստմնելի ժլատութիւնը, խարդախութիւնները, գրել կարդալ չգիտցող բանուորուհիներու հաշիւներուն մէջ «խամին» [5] ընելը, կեղծ կամ աւրուած դրամ քշելը, իր հիւանդ կնկանը հանդէպ ունեցած անխիղճ վարմունքը եւ այլ այնպիսի խայտառակութիւններ որ քէլ Պօղոս սմքած, յուսահատ, «մահուան դողերու մատնուած», անդադար կը սրբէր աջ երեսի քրտինքը, - անոր մէկ երեսը միայն կը քրտնէր, - եւ վերջապէս մօրաքոյրերուս պահանջած կանխավճարը թեզկեահին վրայ դնելով, կը սողոսկէր սենեակէն դուրս եւ սանդուխներէն կ’իջնար կոյրի պէս խարխափելով։

Մայրս այդ կարգի տեսարաններէն կը պժգար, ան խորապէս կը տխրէր եւ լուռ ու հեզիկ կը տառապէր։ Անոր գեղեցիկ դէմքը կարծես կ’ամպոտէր եւ նայուածքը կը դառնար մոլորուն։

Իրիկունը, երբ առանձին կը մնար հօրս հետ եւ ինձ քնած կը կարծէին, մայրս քաղցր ու դողդոջուն ձայնով կը պատմէր օրուան մէջ պատահածները։ Պարտատէրեր, որ «տերեմիշ» [6] ըրած էին, որ դրան առաջ ձայն բարձրացուցեր էին, անհրաժեշտ ծախքեր, որ չէին կրցած ընել, քէլ Պօղոսին հետ կռիւ եղեր էր, հիւր մը, որ չէին կրցեր պատուել ինչպէս հարկ էր, վաղուան պարտատէրներուն տալիք պատասխանները եւ դեռ անհամար հոգեր։ Մայրս կը պաղատէր որ վերջ տրուի այս անկանոն կեանքին, պարտքով ապրելու սիստեմին։ Հայրս նախ կը համաձայնէր եւ կնոջը իրաւունք կուտար։ Մայրս կ’առաջարկէր փոխադրուիլ աւելի փոքր վարձքով տուն մը, ամփոփուիլ, կարգ կանոն դնել մեր տնտեսութեան մէջ։

Ես ալ կ’աշխատիմ, կ’ըսէր ան. նոր պարտք չընենք, ո՛տքդ պագնեմ... կամաց-կամաց հին պարտքերը կը վճարենք, քիչ մը ատեն ակռանիս կը սեղմենք, կը խալսինք, անկէ ետքը հանգիստ կ’ապրինք... մեզ ուտողը Ֆայիզն [7] է. չէ նէ վաստկածնիս կը բաւէ, Մկրտի՛չ աղա, կ’ըսէր ան խոր ցաւով. ուրիշներ մեր տունը մտած փարային կէսովը վարդի պէս կ’ապրին, մենք ինչո՞ւ ասանկ պիտի ըլլանք։

Հայրս կը համոզէր իր կինը հանգստացնող խօսքերով։ Ծրագիրներ ունէր, այսօրուան դժուարութիւնները ոչինչ բաներ էին...

Աղաւնիցա, վերջերնիս աղէկ պիտի ըլլա...

Մայրս լուռ կ’արտասուէր եւ յետոյ վերջին անգամ մըն ալ կոչում կ’ընէր հօրս ողջամտութեան։

Չոճուխները կը մեծնան կոր, մեղք են, ինձ չես մեղքնար՝ անո՛նց մտածէ...

Բայց հայրս կրկին մէջ կը բերէր իր ծրագիրները, ապագային երազները եւ մայրս, այլեւս անզօր, խոր կը հառաչէր ու կը լռէր։

Ես ալ իմ կարգիս կ’ազդուէի այդ ներքին փոթորիկներէն եւ առանց կարենալ թափանցելու ստեղծուած կացութեան պատճառներուն, անձկութեամբ կը սպասէի որ խնդիրները լուծուին, որպէսզի տնեցիներուն երեսները խնդային եւ շուրջս զգայի գոհունակութիւն եւ ուրախութիւն։

Իմ մանկական առաջին տարիներէս կը խորշէի տխրութենէն եւ ատելով կ’ատէի թթուած դէմքերը։ Երբ աչքերս հանդիպէին դժգոհ արտայայտութեամբ դէմքի մը, կարծես կը ջլատուէի եւ ամէն ինչ կ’ընկղմէր խաւարի մէջ։ Սիրտս կը ճնշուէր պայթելու աստիճան եւ ակնապիշ կը դիտէի մինչեւ որ ոեւէ պատճառով ժպիտ երեւար այն տխրած դէմքերուն վրայ, որ ինձ կը շրջապատէին։

Բայց այդ ատելի տխրութիւնը ոչ միայն հազար պատճառներով կը յայտնուէր, այլեւ մնայուն կերպով կը տիրապետէր տանը, ամէն առաւօտ։

Բացի հայրիկէս, որ օրուան ամէն ժամերուն եւ նոյնիսկ ծանր հոգերուն տակ ճնշուած միշտ լաւ տրամադրութեան մէջ էր, մեր տնեցիները թիրեաքի էին։ Սա այնպիսի ախտ մըն էր որ անխուսափելիօրէն կը յայտնւէր ամէն առաւօտ ոչ միայն մեր տան մէջ, այլեւ բոլոր այն տուները, ուր տարեց մարդիկ կային։ Մեծ մայրս, մօրաքոյրերս եւ մօրեղբայրներս առաւօտ կանուխ իրենց անկողիններէն կ’ելլէին խոժոռ եւ սրտնեղած դէմքերով, կարծես վշտացած էին կամ մխրճուած անյաղթելի տխրութեան մէջ։ Անոնք անխօս, յօնքերը պռստած կը խմէին իրենց առաջին քաֆէն, առանց շաքարի եւ հացի։ Եթէ այդ միջոցին մէկը իրենց խօսք ուղղէր, սրտնեղութիւնը կը հասնէր ծայրայեղ աստիճանի։ Երկրորդ սատէ [8] քաֆէէն յետոյ է միայն որ մօրաքոյրերս, միշտ խոժոռ դէմքերով, կը փոխանակէին միավանկեր։ Մօրեղբայրներս տունէն դուրս կը սպրդէին սրդողած մարդոց պէս, իսկ մեծ մայրս իր երրորդ քաֆէն կը խմէր, այս անգամ շաքարով եւ պատառ մը հացով, որմէ յետոյ կը հագւէր, գլուխը կը ծածկէր սեւ շալով եւ կ’երթար եկեղեցի, ուր իր մունջ շրթները կը բացուէին առաջին անգամ աղօթելու համար խորանին առաջ։

Քաֆէի արարողութիւններու միջոցին, շունչս բռնած, աչքս մէկին եւ միւսին դէմքին, բոլոր հոգւովս կը տառապէի մինչեւ երեւար հօրս ժպտուն դէմքը, որ արեւի պէս կը ծագէր ինձ համար։ Այն ատեն կը սկսէի եռանդով շատախօսել, թռչկոտիլ սենեակին մէջ եւ այդ բոլորով կարծես կը փարատէի չար ոգի մը, որ եկած չոքած էր մեր հոգիներուն վրայ։

Իմ սիրելի հայրիկս սովորութիւն չունէր առաւօտուն քաֆէ խմելու։ Ան կը սկսէր պատրաստել թէյը։ Մինչեւ ջուրը կ’եռար, ան խնամքով շաքարը կը վերածէր հաւասար մանր կտորներու եւ համբերութեամբ ու սիրով կը պատասխանէր իմ բոլոր հարցումներուս, եւ ի զուր մօրաքոյրերս կը տրտնջային որ «առտուանցով ատքան կը խորաթեմ» [9] ։

Բայց, արդէն յաջորդական քաֆէներու ազդեցութեան տակ, անոնց թիրեաքիութիւնն ալ կը փարատէր եւ բնականոն կեանքը կը սկսէր տան մէջ։

Բայց եթէ լոտոս [10] ըլլար, այդ վատ տրամադրութիւնը կ’երկարաձգուէր օրուան մէջ։ Երկար ատեն չեմ կրցած հասկնալ թէ ի՞նչպէս այս կամ այն կողմէն փչող քամին կրնայ այդքան խոր կերպով ազդել մարդոց տրամադրութեան վրայ։ Երբ մէկն ու մէկը կ’ըսէր տհաճ ձայնով «այսօր լոտոս է», ինձ համար յոյսի բոլոր դռները կը փակուէին, տունը կ’ըլլար խորթ եւ անհիւրընկալ, ինձ սիրելի եւ ընտանի դէմքերը կը դառնային օտար եւ անճանաչելի եւ այլեւս չէի գիտեր ո՛ր անկիւնը ապաստանիլ իմ մէջ եւ ինձմով գտնելու համար սփոփանք՝ գալիք ծանր ժամերուն դէմ։

Եւ այդպէս էր բոլոր տուներուն մէջ, բոլոր մանուկներուն համար։



[1] Բառացի՝ անոյշ ջուրի Ֆրենկ, այսինքն մէկը, որ եւրոպացի ըլլալու յաւակնութիւններ ունի, բայց իրականին մէջ տեղացի է եւ լատին եկեղեցիին կը պատկանի։

[2] Օրինակ։

[3] Վերմակին համեմատ։

[4] Ընտանիքին՝ իր ամբողջութեանը մէջ առնելով։

[5] Խարդախութիւն։

[6] Պնդել։

[7] Վաշխ։

[8] Առանց շաքարի։

[9] Խօսիլ։

[10] Հարաւային քամի։