Սիլիհտարի պարտէզները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Դեռ մախառնաճիին տունէն չէինք ելած, երբ ինձ դրին Կարապետ աղային դպրատունը։ Հայրս բուռն կերպով դէմ եղած է, երբ մօրաքոյրերս առաջարկած են ինձ դպրատուն դնել. բայց վերջապէս տեղի տուած է, որովհետեւ միտքը շատ պաշարուած էր մօրս վիճակով. անհրաժեշտ էր ինձ հեռացնել տանը մթնոլորտէն, որովհետեւ նաեւ դարձեր եմ այնքան անզուսպ երեխայ որ ինձ տունը պահել, առանց մասնաւոր հսկողութեան, դարձեր էր անկարելի։ Նոյնիսկ երիտասարդ բժիշկը, տոքթ. Թորգոմեան, խորհուրդ տուեր էր հօրս ինձ տեղաւորել գոնէ օրուան մէջ վստահելի տեղ մը եւ գտեր էին որ Նեկտար հանըմը, Կարապետ աղային կինը, այդ դերը կը ստանձնէ։

Նեկտար հանըմ յօժարեր էր ինձ պահելու պաշտօնը, կրկնապատիկ վարձք պահանջելով։

Դպրատունը կը գտնուէր մեր փողոցին մէջ, քանի մը տուն հեռու։ Կարապետ աղա քահանայի որդի էր եւ ժամանակին ինքն ալ ուզածէ քահանայ դառնալ։ Կ’ըսէին թէ անիկա լրջօրէն պատրաստուած էր այդ կոչումին։ Անիկա նման չէ եղած այն մարդոց, որոնք անյաջող ըլլալով ոեւէ արհեստի եւ գործի մէջ կամ, պարզապէս ծոյլ, դարձեր էին քահանայ։ Կարապետ աղա ուսմունք ստացած մարդ էր, ուսումնական քահանայի որդի։ Բայց անտարակոյս բանով մը կասկածելի դարձեր էր պաշտօնական եկեղեցիին։ Երբ քահանայ օծուելու նախորդ իրիկունը թաղին առաջնորդը, աւանդական սովորութեան համեմատ, հարցուցեր էր եկեղեցին գտնուող ժողովուրդին.

Յիշեալս արժանի՞ է քահանայութեան։

Ներկայ ժողովուրդէն ձայն մը բարձրացեր է եւ գոչեր է.

Ո՛չ, արժանի չէ։

Կարապե՛տ աղա այդ դէպքէն յետոյ այլեւս ոտքը եկեղեցի չէր դրած, բայց ան կրօնասէր մարդ էր։ Այդ դէպքը զինքը խորապէս դառնացուցած էր. ան ծայրայեղ դիւրազգած էր եւ բարկացկոտ։ Ան կնտած պեխերով, կլոր ճերմակ մօրուքով, զգոյշ շարժումներով, մաքրասէր ծերունի մըն էր որ երբեմն մինակը կը խօսէր. բայց եւ յաճախ կը դառնար յարձակողական։ Ան կը կարծէր թէ թշնամիներ զինքը կը հալածեն, թէ «մարդոց փորերը սատանաներ մտած են», «օձի լեզու ունին» եւայլն եւ ի փոխարէն ինքն ալ կը հալածէր իր կինը եւ իր խնամքին յանձնուած երեխաները։

Այլ սակայն անըմբռնելի պատճառներով ինձ հանդէպ քաղցր էր եւ հանդուրժող։ Հակառակ իմ գործած տեսակ-տեսակ չարիքներուս, Կարապետ աղա զսպուած ժպիտով կը լսէր կնոջը գանգատները իմ մասիս եւ երբ կինը կ’ըսէր.

Կարապետ աղա բան մը ըրէ, աչքը վախցո՛ւր։

Ան ինձ քովը կ’առնէր, գլուխս կը շոյէր եւ կը խրատէր։

Նեկտար հանըմ, զայրացած ամուսինին այս անսովոր վարմունքէն, կը մրմնջէր.

Ի՞նչ պիտի ընես, կէօնիւլը հազ ըրեր է [1] ։

Բայց վերջապէս օր մը ան գժտուեցաւ ինձ հետ։

Երկար ատենէ ի վեր մտադրութիւն մը ինձ կը զբաղեցնէր։ Կարապետ աղա կէսօրէ ետք կը քնանար իր քառակուսի պզտիկ բազմոցին անկիւնը։ Այդ միջոցին սրահին մէջ կը տիրէր կատարեալ լռութիւն։ Ճանճի մը բզզոցը լսելի կը դառնար։ Երեխաները չէին համարձակեր նոյնիսկ շնչել։ Ակամայ հազ մը կամ փռնգտուք մը սարսուռ կը պատճառէր այդ ահաբեկեալ լռութեան մէջ։

Կարապետ աղա կը քնանար եւ անոր հեւքոտ շնչառութիւնը կը տիրապետէր մթնոլորտին։ Երբեմն ալ կը խռկար կարճ եւ կտրուկ խորդիւնով մը եւ ամէն անգամ կարծես ինք իր ձայնէն պիտի արթննար։ Շուրջը պատերուն վրայ կախուած էին սուրբերու եւ սրբուհիներու պատկերներ, որոնք կարծես զարմացած կը նայէին այդ ձանձրացող երեխաներուն, որոնցմէ ոմանք, գլուխնին դրած իրենց ծալած բազուկներուն վրայ, նոյնպէս կը քնանային ու ես կ’որոճայի իմ մտադրութիւնս։

Վերջապէս օր մը, խլելով մօրս եւ մօրաքոյրերուս գլխարկները զարդարող արուեստական ծաղիկները, որոնցմով լեցուցեր էի գրպաններս, մօտեցայ քնացած Կարապետ աղային եւ այդ ծաղիկներով զարդարելով զինքը, թաղում սարքեցի։ Սրահին երեխաները, մանչ եւ աղջիկ, նախ հեռուէն շարժումներով ուզեցին ինձ ետ կեցնել իմ յանդգնութենէս եւ յետոյ շունչերնին բռնած սկսան դիտել։ Ծպտուն չէր լսուէր… բայց երբ ես իմ գործս աւարտեցի, անզսպելի ծիծաղը պոռթկաց մէկ եւ միւս ծայրէն։

Կարապետ աղա ընդոստ արթնցաւ եւ, տեսնելով որ ծաղրի ու ծանակի առարկայ դարձեր է, ինկաւ բուռն կատաղութեան մէջ։ Ան հաւատացեր էր որ ես ուզեր եմ ակնարկել իրեն պատահած դժբախտութեան, թէ «խրատուած» եմ, այսինքն մէկը ինձ թելադրեր է այդ բանը, եւ երեք օր անդադար գիշեր ու ցերեկ գոչեր էր «Արժանի՞ է քահանայութեան… ո՛չ, արժանի չէ…»։

Նեկտար հանըմ անմիջապէս ինձ բանտարկեց պարտէզի վրայ նայող սենեկի մը մէջ եւ դուռը ետեւէս կղպեց։ Յետոյ մօրաքոյրերուս բացատրեր էր որ այդպէս ըրեր էր ինձ փրկելու համար Կարապետ աղայի կոյր կատաղութենէն։

Այդ սենեակին մէջ փակուած, կը լսէի Կարապետ աղայի գոռում-գոչումը, գաւազանի հարուածներ ստացող տղոց վայնասունը, Նեկտար հանըմին լացը եւ աղիողորմ ճիչերը։ Եւ ահա սանդուխին վրայ գահավէժ վազքեր, իրար ետեւէ վազող մարդիկ, անկումներ…։ Կարծեցի որ աշխարհը կը կործանի, բացի պատուհանը եւ դէպի ինձ երկարող սալորենիի մը ճիւղերուն պլլուելով իջայ պարտէզ։ Սալորենին ծաղկած էր եւ իմ շարժումներէս թօթուըւելով ճերմակ եւ բուրումնաւէտ թերթիկները ձիւնի պէս կը թափէր գետին։ Կը յիշեմ նաեւ դեղնագոյն կատու մը, որ պատին վրայ պոչը ձիգ տնկած իր կանաչ աչքերով ինձ կը դիտէր։

Այդ օրը Կարապետ աղա երկու գաւազան կոտրեր էր մանչ տղոց վրայ եւ գաւազան մը՝ կնոջ վրայ։

Հալածանքի մենամոլութիւնը ունեցող այս կիսախելագար մարդը ունէր մօտ վաթսուն երկսեռ աշակերտներ, որոնց մէջ կային մինչեւ տասնըչորս տարեկան մանչեր։

Տանը մեծ սրահին մէջ, որ ընդարձակ դասարանի վերածուած էր, դրուած էին գրասեղաններ եւ նստարաններ մանչերու համար։ Աղջիկները եւ պզտիկ մանչերը կը նստէին սետիրին տախտակին, տունէն բերուած մինտէրներու վրայ։ Ամէն առաւօտ աղօթք կ’ընէինք, ոտքի կանգնած եւ երեսնիս դարձուցած դէպի արեւելք։ Երբեմն կը ծնրադրէինք, երբեմն ոտքի կ’ելլէինք տրուած նշանին համեմատ եւ պէտք էր որ մեր ձեռքերը կիսաբաց բռնած ըլլայինք մեր կուրծքերուն վրայ ողորմութիւն ուզող մուրացկաններու պէս։

Այս աղօթքէն ետքը, որ ժամ մը կը տեւէր, Կարապետ աղա կը սկսէր դասը։ Դիմացը պատին վրայ կախուած էր մեծ տախտակ մը հայ այբուբենի տառերով, որոնց իւրաքանչիւրը բաժնուած էր քառակուսի սեւ գիծերով։ Կարապետ աղա իր երկար գաւազանին ծայրը կը դնէր տառի մը վրայ եւ աշակերտներէն մէկուն անունը կուտար։ Եթէ այդ դժբախտը չճանչնար տառը, Կարապետ աղայի ճկուն գաւազանը ետ կը դառնար եւ անվրէպ կ’իջնար տղուն գլխուն։ Իրենց գիտութեան վրայ անհաստատ տղաքը առաջուց, դեռ պատասխան չտուած, թեւերնին կը բարձրացնէին եւ վահանի պէս կը պաշտպանէին իրենց գլուխը։ Այդ շարժումը ոմանց մէջ այնքան օթոմաթիք դարձած էր որ երբ հեռուէն Կարապետ աղային ձայնը կը լսէին, նոյնիսկ ուրիշի մը ուղղուած ատեն, թեւերնին կը բարձրացնէին գլխի մակարդակին։

Ես տառերը արդէն կը ճանչնայի եւ այս արարողութիւններու ընթացքին անձնատուր կ’ըլլայի ամէն տեսակ խաղի եւ չարաճճիութեան։ Իմ գլխաւոր զոհըս էր գիրուկ տղայ մը, որ աղջիկներուն հետ սետիրին վրայ կը նստէր։ Ան Զմբայենց Գառնիկն էր։ Յուսահատ իրեն սարքած խաղերէս, կը ճուար կատուի մը պէս։ Այդ Գառնիկը Պետրոս Դուրեանի [2] հօրեղբօր որդին էր։ Ան մեծնալէ յետոյ դարձաւ կղերական եւ ես զինքը ճանչցայ տարիներ ու տարիներ յետոյ, երբ Իզմիրի առաջնորդ էր Ղեւոնդ եպիսկոպոս անունով։

Այբուբենի դասէն յետոյ Կարապետ աղա կ’անցնէր աւելի հասակաւորներու դասերուն։ Ութ-ինը տարեկան տղաքը կը կարդային Աւետարան, իսկ աւելի մեծերը՝ Նարեկ։ Կարապետ աղա ուշադիր էր արտասանութեան եւ բառերու շեշտաւորման։ Անտարակոյս գրաբար լեզուի արտասանութեան տեսութիւն մը ունէր կամ աւանդաբար հասեր էր իրեն եւ որը կ’ուզէր կիրառել իր աշակերտներուն վրայ։ Ան ձեռքը համաչափ շարժումներով կը զարնէր գրասեղանին եւ կը նշանակէր վանկը, որ պէտք էր շեշտել։ Եւ որպէսզի տղաքը լաւ սորվին շեշտը եւ չմոռնան, տուեալ վանկը կ’երկարաձգէր։ Երբեմն ընթերցումը կ’ըլլար հաւաքական եւ համերգի մը պէս կը լսէի ու կը հետեւէի կշռոյթին։ Բայց երբ ինքը, Կարապետ աղան կարդար, այն ատեն երկարաձգումները եւ գրասեղանին վրայ չափը չէր ըլլար։ Ան կը կարդար ըստ իր տեսութեան օրէնքներուն, գիտութեամբ եւ զգացումով։ Ուշադրութիւնս սեւեռած իր վրայ, զմայլանքով կը լսէի գրաբար լեզուի ընթերցումը, որ ինձ կուտար արձանային ձեւերու տեսիլքներ։ Երբեմն Կարապետ աղայի նայուածքը կը հանդիպէր ինձ, կը զգածուէր իմ վերամբարձ հիացումէս եւ ընթերցումէն յետոյ, յուշիկ քայլերով ան կուգար ինձ մօտ, ձեռքովը մազերս կը շոյէր, կամ թուշս բռնելով դէմքս կը բարձրացնէր, պահ մը ինձ կը նայէր մտախոհ, յետոյ կ’երթար իր անկիւնը ձեռքերով տարտամ եւ զուսպ շարժումներ ընելով։

Օր մը ինձ իր բազմոցին առաջ կանչեց եւ հարցուց.

Կ’ուզե՞ս Աւետարան կարդալ։

Կ’ուզե՛մ, ըսի։

Ըսէ՛ հայրիկիդ որ գիրք առնէ։

Հայրս դիմադրեց եւ խօսեցաւ ինձ թաղին Ս. Խաչ վարժարանը ղրկելու մասին։

Տահա պզտիկ է, կ’ըսէին մօրաքոյրերս։

Անոնց կարծիքով Ս. Խաչ վարժարանին մէջ երբեք չէի գտնար Նեկտար հանըմին խնամքները եւ յետոյ՝ կ’ոջլոտէի…

Այսուամենայնիւ Կարապետ աղա իր Աւետարանին մէջէն սկսաւ ինձ սորվեցնել գրաբար կարդալ եւ քերականական օրէնքներ։ Շուտով սորվեցայ հարկ եղած ատեն շեշտը տալ եւ, հետեւելով վարժապետի ձեռքի շարժումին, ես ալ իմ փոքրիկ ափովս կը զարնէի գրակալին։ Ես, որ անզուսպ երեխայ էի, այդ դասի ժամերուն կը դառնայի հլու եւ կարծես կ’ենթարկուէի մոգական ազդեցութեան մը։ Ծունկի եկած Կարապետ աղայի բազմոցին առաջ, անձնատուր անսահման զմայլանքի, կը կարդայի շեշտելով եւ թեթեւ մը երգելով եւ, ձայնիս հաւնած, կ’ուզէի այդպէս շարունակել։

Բայց հեռուէն մուէզինը կ’երգէր էզանը [3] եւ պատի ժամացոյցին վրայ, որուն շրջանակը զուիցերիական գիւղ մը կը ներկայացնէր, սլաքը ցոյց կու տար կէս օրը։ Կարապետ աղայի վտիտ զանգակը կը հնչէր եւ մանչ ու աղջիկ աղօթքի կը կենային։

Ճաշէն յետոյ դարձեալ աղօթքը, ինչպէս եւ երեկոյին մեկնելէ առաջ, իսկ մեծ պահքի օրերուն ամբողջ յետմիջօրէները կ’անցընէինք աղօթելով եւ ապաշխարելով։

Ես սկսած էի հասկնալ գրաբարը եւ կարգ մը աղօթքներու եւ շարականներու բովանդակած բանաստեղծութիւնը, ինչպէս նաեւ երաժշտութիւնը կը հրապուրէր ինձ, բայց կրօնական զգացումը արմատ չէր կապեր իմ էութեանս մէջ։ Ոչ մեծ մօրս ջերմեռանդութիւնը, ոչ Կարապետ աղայի հարկադրած անվերջ աղօթքները ինձ չառաջնորդեցին դէպի կրօնական զգացումը, նոյնիսկ ժամանակաւոր կերպով։



[1] Սիրտը սիրեր է։

[2] Պետրոս Դուրեանի բուն անունն էր Զմբայեան Պետրոս։ Ինքը առաջին անգամ հայացուցած է իր մականունը եւ դարձուցած է Դուրեան։

[3] Ցերեկուան աղօթքը։