«Կանանց բաժինը»

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀՈՎԱՀԱՐ ՇԻՆԵԼՈՒ ԴԻՒՐԻՆ ԵՂԱՆԱԿ ՄԸ

Կը կարծենք թէ պիտի շահագրգռենք այսօր մեր ընթերցողուհիները իրենց նշանակելով դիւրին ձեւ մը հովահար շինելու, բացի այն ձեւերէն որ իրենց արթիսթիք տաղանդը կրնայ իրենց թելադրել։

Իրենց պարիկի դիւթական մատները պիտի ճկեն այն աշխատութեանց որ միայն կը պահանջեն քիչ մը խնամք եւ երեւակայութիւն։

Թուղթ մը կամ կտաւ մը կտրելու է սովորական հովահարի ծաւալով կամ ձեւով, եւ գծելու է որոշուած գծագրութիւնը։ մասնաւորապէս կը յանձնարարենք այնպիսի ձեւ մը որ եզերք կազմէ. թիթեռնիկներու երամ մը զանազան մեծութեամբ, կամ խոշոր պարզ ծաղիկներ, ինչպէս խաշխաշը որուն ցօղունները ճառագայթներու պէս պիտի դիմեն դէպի կեդրոնը. ասիկա կախում ունի աշխատողին ճաշակէն եւ ընտրութենէն։

Յետոյ առնելով ժանեկային լասէ մը պէտք է հետեւիլ գիծերուն, կարելով լասէն կտաւին կամ թուղթին վրայ ճիշդ ինչպէս պիտի ընէիք իրլանտական տանթէլին համար։ Լաւ ուշադրութիւն ընելու է չշեղելու գիծէն, որպէս զի գծագրութիւնը չը տձեւնայ եւ այն տեղերը ուր լասէն աղէկ չպիտի տեղաւորուի ուռած մնալով, շատ բարակ թելով մը պէտք է անցնիլ երիզին այն մասին վրայէն թելդակելով (surjet), եւ յետոյ թելը քաշելով մինչեւ որ երիզին թոյլ մնացած մասը ամփոփուի, կազմելով ճիշդ այն ձեւը որ գծուած էր։

Երբոր լասէով բոլոր գիծերը կազմուած են, ծաղիկներուն եւ տերեւներուն մէջ պարապ մնացած մասերը պէտք է բանիլ կազմելով այլ եւ այլ լուսանցիկ jour) բանուածքներ։ Ասիկա իրեն զանազանութեամբը պիտի կազմէր ձեռագործին մասնաւոր հրապոյրը եւ ինքնատիպութիւնը։ Երս բոյն գեղեցիկ ժանեակը վերջացած ըլլայ պէտք է դնել կերպասը. կարելի է ընտրել ասիկա զանազան կերպասներէ. շատ նուրբ կտաւ մը, մետաքսեայ կերպաս մը կամ շղարշ մը որ պիտի կազմէ բուն հովահարին ձեւը։ Անգամ մը որ սոյն կերպասը կարուի լասէին վրան պիտի կտրատուի հետեւելով գիծերուն եւ պիտի դարձուի եզերքները խծբելու համար։