Ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽՕՍԵՑԵԱԼ Ի ԿԱՃԱՌՍ ԸՆԿԵՐՈԻԹԵԱՆ ՀԱՄԱԶԳԵԱՑ

Ժամանակը, իր թեթեւ ընթացքին մէջ, առանց կենալու, փախչելու վրայ է միշտ. բայց ինքը մինակ չերթար, այլ իր ընթացքին մէջ՝ ինչ բանի որ հանդիպի, մէկտեղ կը յափշտակէ, կը տանի։ ժամանակը ճարտար գող մըն է, որ միայն աշխարհքիս կողոպուտներովը կը հարստանայ: Դարձնենք մէյ մը աչքերնիս անցելոյն վրայ. ո՜վ, ո՞րչափ հզօր ու փառաւոր թագաւորութիւններ, մեծամեծ շինուածներ, հոյակապ քաղաքներ, մարդկային մտաց գեղեցիկ ծնունդներ, որոնցմէ մէկ քանիին հիմա հազիվ թէ միայն յիշատակը մնացեր է, կը տեսնամ ես հոն՝ մէկզմէկու վրայ դիզուած։

Աս ամէն բաները մտքիս առջեւը բերելով՝ կը վախնամ, կը դողամ, որ չըլլայ թէ բայց դուք, սիրելի ընկե՛րք իմ, դուք ինչո՞ւ զուարթ, աներկիւղ եւ ուրախ կեցեր եք. յոյսը ու վստահութիւնը կը տեսնամ ձեր դեմքին վրայ նկարած, սրտերնիդ անխռով ու լի գեղեցիկ ակնկալութեամբ։ Ա՜հ, չէ՞ք վախնար, ան տարին, որ ահա անցաւ, գնաց, ու ո՞վ գիտէ, թէ քանի՜, քանի՜ մեծամեծ գործողութիւններ յաւիտենական մութին մէջ ծածկեց, ձեր յոյսն ալ, վստահութիւնը. ձեր ազգօգուտ խորհուրդները ու ձեռնարկութիւնները իրեն հետ մէկտեղ տանի ու անոնց վրայ անցելոց մթապատ վարագոյրը քաշէ ու թողու զմեզ խռոված, սրտաթափ, ունայն ու զուրկ ամէն մխիթարութենէ. չե՞ք վախնար… ա՜հ, ո'չ, մէկ բան մը կայ միայն ժամանակին յաղթող՝ իմաստութիւն. եւ ահա աս անքակտելի հիման վրայ հաստատած է ձեր գերազանց գործքը՝ ազգասիրութիւնը ու միաբանութիւնը, իբր երկու մեծամուր պարիսպներ, կանգնած են անոր քովը. անոր համար ձեր սիրտը զուարթ է, վասնզի աղեկ գիտէք, թէ ժամանակը կարող պիտի չըլլայ խախտել զայն տեղէն, այլ աւելի պիտի հաստատէ, ու միշտ ձեր ըրած բարերարութեանը յիշատակը առջեւնիդ պիտի ունենաք, վասնզի բոլոր կեանքերնիդ՝ բարերարութիւն ու երախտիք պիտի ըլլայ։ Բայց ես չեմ կրնար չզարմանալ ու սրտիս հաճութիւնը չի ցցնել՝ տեսնելով առջեւս սա իմաստնախումբ ժողովը իմ հասակակից դեռահասակ ընկերներուս եւ կամ արգոյ կատարելամիտ ու խորհրդաւոր արանց, բոլորն ալ հայրենեաց գեղեցիկ յոյսը ու ակնկալութիւնը, ու կ'աղաղակեմ հիացմամբ. ո՞վ ձեզ միաբանեց հոս, ո՞վ ձեր երիտասարդ սրտերը շարժեց ու գըրգռեց մէկ տեղ ժողվուելու՝ միակամ, միախորհուրդ ու միեւնոյն ճշմարիտ եւ օգտակար դիտմամբ ու վախճանով, Հայրենեաց սե՛րը, որով դիտեցիք, տեսաք հայրենեաց պիտոյքը ու կարօտանքը ու իմացաք, թէ անոր պիտոյքը լեցնելու ու կարօտութիւնը հոգալու համար միաբանութիւնը պետք է։ Ուրեմն՝ երանի՜ այն տարուոյն, որ սկիզբն եղաւ այսպիսի արդիւնաւոր ընկերութեան, երանի՜ ներկային ալ, որ աւելի պիտի հաստատէ զայն ու ծաղկեցնէ, երանի՜ ապագայից ալ, որ անոր հասունացեալ պտուղը պիտի վայելեն; Ուստի սէր հայրենեաց ու միաբանութիւնը են երկու կարեւոր ու առաջին պատճառ ազգի մը ծաղկելուն ու երջանկութեանը։ Հազար ու բիւր երանի՜ ինծի, թէ որ իմ տկար ու նուաստ ձայնս կարենար այսօր, ինչպէս որ պետք է, ցցնել հայրենասիրութեան ու միաբանութեան ազնւութիւնը ու անոնց մեծաշահ օգուտները, ու աւելի բորբոքել զանոնք ձեր առաքինի սրտից մեջ։ Դարձեալ երանի՜ ինծի՛, թէ որ աս իմ սակաւարան խօսքերս ձեր ներողամտութեանը հանդիպէին, որուն վստահացայ ես, այսպիսի իմ կարողութենէն վեր պաշտօնի մը մէջ մտնելով։

Հա՜յրենիք. ո՞ր ազգասէր սիրտը չի թնդար աս գեղեցիկ ու վսեմ անունս լսելով, հա՜յրենիք, չիկայ ասկէ աւելի ցանկալի ու սրտի հաճոյական անուն մը. Հայրենեաց սէրը սաստիկ բոց մըն է, որ կը բորբոքի ազգասիրին սրտին մէջը, որով կը մաշի անիկա, չի՛ կրնար հանդարտիլ, պատեհաւոր առիթ մը կը սպասէ ան, սրտին մէջի վառած բոցը դուրս թափելու, ու աս կրակը չի մարիր, բայց միայն մահուամբ։ Մէկը ո՛րչափ անպիտան, անհանճար ու մարդկային կենցաղավարութեան բոլորովին անօգուտ մը ըլլայ նե ալ, իր Հայրենեացը փառաւոր անունը բաւական կը սեպէ իրեն, ու անով կը պարծի օտարներուն առջին, իսկ առաքինին ու հանճարաւորը միայն անով գոհ չըլլար, կը նայի, որ բոլոր իր մտքին զօրութիւնը, կարողութիւնը, բոլոր իր ունեցածը ու ինչուան նաեւ իր անձը Հայրենեացը նուիրէ, ու անով կը ջանայ անոր անունը աւելի պայծառացնելու։ Իր ազգին ամէն մէկ թշուառութեանցը մէջ միշտ պատրաստ է օգնելու, թէ որ աղքատութիւն է նե, կը բանայ իր բարերար գանձերը անոր առջին, կը հոգայ անոր ամէն մէկ կարօտութիւնը ու կը ջանայ, որ, որչափ կարելի է նե, հալածէ ան վնասակար թշնամին մարդկութեան, ան խափանարար արգելքը ազգային յառաջադիմութեան, եւ այնպէս իր եղկելի ազգակից եղբայրները կը մխիթարէ ու ազգը ոտքի վրայ կը կայնեցնէ, տեսնելով որ տգիտութեան թանձր մշուշը պաշարեր է իր ազգը ու խղդել կ'ուզէ զան սոսկալի խաւարի մը մէջ, միտքը կը դնէ շուտով դարման տանիլ այն ահագին թշուառութեանը. ամէն տեղ իմացութեան, գիտութեան ճրագները կը վառէ, կը փարատէ մշուշ խաւարը, տգիտութիւնը ամչնալով իրմէ՝ կը փախչի, ու ազգը կը խնդայ։ Ճշմարիտ ազգասէրը իր Հայրենիքին մէջ բնակիլն ալ մեծ երջանկութիւն կը սեպէ, ու թէ որ անողոքելի բախտին հրամանովը ստիպուի թողուլ իր ծննդեան տեղը ու օտար երկիրներ պանդխտանալ, սիրտը Հայրենեացը մէջ կը թողու, տրտում աչքերը միշտ ան կողմը դարձնէ, ուր որ կը բնակին իր սիրելի ազգակիցները, ու քանի որ պանդխտութիւնը երկննայ, այնչափ ալ Հայրենեաց տեսութեան տենչալի փափագը կ'եւելնայ սրտին մէջ։ Ճշմարիտ ազգասէրը Հայրենիքին պաշտպանութեանը ու անոր փառքը ու պարծանքը պահելու համար իր կեանքն ալ բանի տեղ չի դներ, որով եւ յօժարությամբ զոհ կ'ըլլայ անոր։ Հայրենասիրին սիրտը անյաղթելի է. չկայ մէկ սոսկալի դժբախտութիւն մը, որ կարենայ ընկճել անոր հաստատուն ու ամուր միտքը եւ հոգին, ու թէեւ վիշտք, նեղութիւնք, տառապանք, հալածումն, իրեն անհաշտ թշնամութիւն կապեն, ու սկսին անոր հետ կռուըտիլ, ինքը անշարժ կը կենայ իբր մէկ քար մը կատաղի ալիքներուն դէմ, երկայնմտութեամբ, ու միայն ազգին բարիք ընելու նախանձովը, անխռով ամէն բանին կը յաղթէ։ Այնպիսիները իրենց կենդանութեան ատեննին բոլոր աշխարհքիս յարգութիւնը ու մեծարանքը կը վայելեն, հայր ու բարերար Հայրենեաց կը կոչուին, իսկ իրենց մահուան ատենը բոլոր ազգին սիրտը, կսկիծը, ցաւը ու տրտմութիւնը մէկտեղ գերեզման կը տանին, քաղցր ու երախտագէտ արտասուք կը թրջեն ան ցուրտ քարը, որ անոր մարմնոյն վրայ կանգնուած է, իբրեւ վերջին պսակ անուանը, ու յաւերժական նշանակ մը, որ կը ցցնէ, թէ հոն կը յանգչի առաքինութիւնը, իսկ անունը, անմահ է անունը, ու դարէ դար ընծայելով յաւիտեան կենդանի կը պահուի։

Չեմ կրնար յիշել հոս առանց արտասուաց ան հայրենասէր, առաքինի երիտասարդը, որ իր դեռաբողբոջ հասակին մեջ, ողորմելի հնձուեցաւ անգութ մահուան մանգաղովը, եւ որուն տխուր գերեզմանին վրայ առաքինութիւնը ու ազգասիրութիւնը ձեռք ձեռքի տուած՝ անմխիթար կ'ողբան իրենց ցանկալի ու մտերիմ բարեկամը։

Բանանք մէյ մը, աչքերնուս առջեւէն անցնենք հին եւ նոր պատմութեանց գրքերը, որոնք մարդկային գործոց յիշատակարաններն են։ Ո՞վ են անոնք, որ դիւցազն, քաջ ու արդար անուամբ կը գովուին ու մեր առջեւը դրուած են իբր ընտիր օրինակներ առաքինութեանց, եւ որոնց վարքը միմիայն ճամփայ է անմահութեան հասնելու։ Ո՞վ են անոնք, որոնց փառաւոր անունը ինչուան հիմա ամէնուն բերանն է, ու ամէնքը զարմացմամբ ու մեծարանքով կը յիշեն զանոնք. հայրենասէրներն են։ Հոս կը տեսնենք մէկը, որ ուրիշ բանի չցանկար, բայց միայն ազգին բարիք ընելու, ու ազգը իրեն դէմ ապերախտ գտնուելով անոր աքսորանացը վճիռը կը կտրէ, բայց անիկա անխռով կ'ընդունի այն վճիռը, եւ ո՞վ է արդեօք, Արիստիդէ՛ս։ Անդին մէկ ուրիշ մը, որուն բոլոր կեանքը անընդհատ բարերարութիւն եղել է Հայրենեաց, չարաչար մահուան կը դատապարտուի, ու իրեն վերջի կտակը, որ կը թողու իր որդուոցը, անյիշաչարությունն է. ո՜հ, առաքինին Փոկիոսն։ Մէկ ուրիշ մըն ալ ինքզինքը կամաւոր զոհ կը մատուցանէ հայրենեաց ազատութեանը համար։ Քանի՜ քանի՜ այդպիսի գեղեցիկ օրինակներ կը գտնանք հայոց առաքինի քաջերուն մէջն ալ։ Ո՞վ էր այն, որ երեքթեւեան նետը թռուց քաջին Հայկայ ձեռքէն, ու ամբարտաւան հսկան գետինը վարսեց. սէ՛ր Հայրենեաց։ Ո՞վ էր, որ գոռոզ Նիւքարը Արամայ ձեռքով աշտարակին ծայրը գամելով՝ բոլոր աշխարհքիս առջեւր խայտառակեց. դարձեալ նոյն ազնուական սէրը։ Ասիկա էր իմաստուն Վաղարշակին օրենսդրութիւններուն ու կարգադրութեանցը առաջնորդը ու վախճանը, ասիկա էր սրբոց Սահակայ, Մեսրոպայ, մեծին Ներսէսի բարերարութեանց գրգիռը ու պատճառը։ Ո՞վ է այն քաջը, է որ զենքերով զարդարուած, քրիստոսախումբ բանակի մը գլուխ անցած՝ կը դիմէ անվեհեր ու զուարթությամբ մահուան դիմացը. ա՜հ, Վարդա՛ն, առաքինի նահատակդ, չե՞ս տեսներ, որ բոլոր դժոխք իրենց ահագին զօրութիւնը քեզի դէմ պատրաստեր են, ի՞նչ կ՚ըսէ։ Հայրենիք իր օրհասական վտանգին մէջ է, միթէ կարո՞ղ է մահը ազգասէր սրտի յաղթող ըլլալ, ու ինքզինքը հաւատոյ եւ հայրենեաց զոհ կը մատուցանէ։ Այս է ահա Հայրենասիրութիւնը։

Բայց որչափ ասի ազնուական, ցանկալի, օգտակար եւ գեղեցիկ առաքինութիւն է նե, անոր հակառակը՝ ազգատեցութիւնն ալ այնչափ բիրտ, զզուելի, վնասակար ու տգեղ է։ Ազգատեացը կը սիրէ օտարին խաբեբայ փետուրներովը զարդարուիլ ու անով պարծիլ օտարներուն առջին. ողորմելին չի՛ գիտէր, որ վերջապէս անոնք կը փետտուին, ու ինքը կը մնայ մերկ ու խայտառակ։ Հարցնենք մէյ մը այսպիսիին, թէ ինքը ի՛նչ ազգէ է. հայ չէ՛, վասնզի ո՛չ հայութիւն կը խոստովանի, ո՛չ ալ անոր լեզուն կ'ընդունի. բայց չի՛ կարծես, որ օտարը կ'ընդունի՞ զայն, որ բուն իր ազգը չուզեր ճանչնալ։ Ուրեմն՝ այսպիսին անհարազատ կամ խորթ զաւակ մըն է, որ շուտով պետք է հալածել, շուտով կտրելու է ան փտտած անդամը, որ բոլոր մարմինն ալ չապականէ։ Ազգատեացը, թէ որ իր ազգը պայծառութեան ու խաղաղ երջանկութեան մէջ տեսնայ, նախանձէն, սիրտը կը ճաթի ու առիթ մը կը փնտրէ իր անհաշտ ոխակալութիւնը հանելու, ու գտնալուն պէս՝ ինքը առաջինը կ՚ըլլայ ոտնահար ըլլալու Հայրենեաց ու մեծամեծ թշուառութեանց մէջ կը թաղէ զայն։ Բայց վերջապէս՝ ամէնէն թողուած, անարգուած, զզուելի ու գարշելի ամէնուն աչքին, փախստական հայրենիքէն, որ ամէնեւին ճանչնալ չուզեր՝ չարաչար կը կորսուի օտար երկիրներ. եղու՜կ թշուառականին. իր մահուան մահճին քովը չունի մէկ սիրական մը, որ կարեկից ըլլայ անոր դառն ցաւոց ու մէկ քանի արցունք թափէ անծանոթ գերեզմանին վրայ։ Հայրենիքը զինքը կ'անիծէ ու իր զաւակներուն կարգէն դուրս կը հանէ, ու կը կորսնցնէ յիշատակը. իր անունը՝ յաւիտենական նախատինք է հետագայ ժամանակաց։

Ա՜հ, հայրենասէր ունկնդիրնե՛րս, աս սոսկալի մոլութիւնս չէ՞ր մի Հայաստանը կործանողը, ասիկա չէ՞ր մի մեր թշուառութեանց պատճառը։ Ատեն մը ազգերնիս հայրենասիրութեամբ ու միաբանութեամբ կը ծաղկէր ու կը պայձառանար, իր հզօր թագաւորութիւնը բոլոր աշխարհը կը դողացնէր, հինգ հատ մեծ թագաւորներ, գոռոզ Տիգրանին առջեւը բարեւ բռնած՝ գերիի պէս կը ծառայէին։ Հայկայ եւ Արամայ փառաւոր անունները ամէն տեղ յարգությամբ ու մեծարանքով կը յիշուէին, ինչուան նաեւ ամբարտաւան ու փառամոլ Հռովման կը պատկառէր անոնցմէ։ Իմաստուն թագաւորներ հետզհետէ բարի կրթութեամբ, քաղաքավարութեամբ ու մեծագործութեամբ կը ծաղկեցնէին ազգը, ինչուան որ քրիստոնէութեան համատարած արեւը փարատեց կռապաշտութեան խաւարը, որ ատենն ալ գիտութիւններն ու ուսմունքը իրենց լուսափայլ ճրագները վառեցին ան աշխարհին մէջ, ու մտքերը սկսան լուսաւորուիլ: Իմաստութիւնը իր տաճարները կանգնեց ու անգին գանձերը սկսաւ աննախանձ բաժնել ամէնուն։ Հայաստան մէկ գեղեցիկ պարտեզի մը պէս զարդարուեցաւ զանազան գիտութեանց ծաղիկներովը, որոնց անուշահոտութիւնը ամէն տեղ կը բուրէր, եւ ուսմանց բարելից ծառերովը, որոնց քաղցր պտուղները անօթի մտքերը կը կշտացնէին։ Իմաստուն մշակները ժիրաժիր մեղուներու պէս կ'աշխատէին, ու իրենց պատուական արդիւնքը բոլոր աշխարհին չորս դին կը տարածուէր։ Հայաստան նախանձելի երկիր մը եղաւ ամէն ազգաց, բայց աւա՜ղ, ո՜վ երջանկութեան օրեր, դուք շատ երկայն չտեւեցիք. անմիաբանութիւնը ու ատելութիւնը խոժոռ աչքով կը նայէին աս աղուոր վիճակին վրայ։ Վերջապէս՝ կատղած գազանի մը պէս վազեցին Հայաստան, կործանեցին գահն, ու երկիրը փլատակներու մէջ թաղեցին, իմացութեան տաճարները փլան, մէկէն տգիտութեան թուխ ամպը եկաւ, գոցեց Հայրենիքը, գիտութեանց ճրագները մարեցան, ու Հայաստան մնաց մութ խաւարի մէջ։ Անկէ ետքը խեղճութենէ խեղճութիւն գլորուելով՝ քանի գնաց, թշուառութիւնը էւելցաւ, կամաց կամաց կորստեան վիհին կը մօտենար։ Այն զարհուրելի վիճակին մէջ, հայրենիքը տկար գլուխը վեր վերցուցած՝ դողդոջուն ձեռքերը ասդին անդին կը շարժէ. ա՜հ, մէկ օգնական մը… բայց խեղճը խաւարէն ուրիշ բան չէր տեսնար, կը հառաչէր սրտին խորունկէն. «Ա՜հ, որդեակք իմ, զիս ասանկ կը թողու՞ք, չե՞ք տեսներ իմ ամէնաթշուառ վիճակս… ձեզի կ'աղաչեմ, որդյա՛կք …», - բայց մէկ տեղէ մը օգնութեան ձայն չէր լսուեր։ Արդեն կորստեան անդունդին եզերքը մէկ ոտքը դրեր էր, տգիտութեան մշուշը զինքը չարաչար խեղդել կ'ուզէր, ատելութիւնը իր գիշատիչ ճանկերը անոր վրայն նետած՝ աղիքը կը կրծէր, մէկ պզտի ընթացք մը, շարժում մը, զինքը պիտի գահավէժ գլորէր. ահա՛, ահա՛, պիտ իյնայ… կ՚երթայ կոր… ծագեցա՛վ Մխիթար, ու կը պատրաստուի այն յետին վտանգէն ազատելու հայրենիքը։ Կատղեցաւ տգիտութիւնը՝ տեսնելով իր աւարույն ձեռքէ երթալը, որ կլլելու վրայ էր. գումարեց ատելութիւնը, անմիաբանութիւնը, հալածումը, վիշտերը Մխիթարայ դէմ. իսկ անիկա համբերութիւնը, ազգասիրութիւնը ու իմաստութիւնը իրեն օգնական ունէր։ Գիտութեան լուսավառ ջահ մը ձեռքը բռնած՝ վազեց, մտաւ ան մութ խաւարին մէջ, հալածեց զանիկա, գետինը զարկաւ ատելութիւնը, հայրենեաց շատոնցմէ մարած ճրագը վառեց, բռնեց անոր ձեռքէն, մէկդի բերաւ ու հանգչցուց զանիկա, ու ազգասիրութեամբ Հայրենիքը ազատելէն ետքը՝ ուզեց օգտակար ու առաքինի միաբանութեամբ զանիկա նորոգել ու առջի վայելչութեան մէջ խոթել։ Ասոր համար ժողվեց շատ ընտրեալ անձինք առանձին տեղ մը, ուսկից սկսաւ տարածել գիտութեանց սկզբունքները, ու ազգը կամաց-կամաց հոգի առաւ։ Աս մեծն Մխիթարայ կանգնած միաբանութիւնը հետզհետէ այնչափ ծաղկեցաւ, որ արեւու պէս բարձր տեղ մը կեցած՝ սկսաւ զամէնքը լուսաւորել ու կենդանացնել, ու երբոր քիչ ատենէն ետքը Մուրատ ու Ռափայէլ, անմահական յիշատակի մարդիկները՝ ազգասէր սրտէ շարժեալ, ուզեցին հայրենեաց երախտիք մը ընելու, անոր լուսոյն պայծառութենէն շլացած՝ ոտքը բերին իրենց բարերարութեան նուէրները։ Անկէ մէկ ճառագայթ մըն ալ ձեր վրայ ծագեցաւ, սիրելի՛ք, ու ձեր ազգասէր սրտերը ինչպէս շուտով բորբոքուեցան Հայրենեաց սիրովը, ու դուք ալ սա ցանկալի միաբանութեան հիմը դրիք. ո՜հ, գովելի Միաբանութիւն, որ ամէն սրտերը, թէեւ օտար ալ ըլլան, մէկզմէկու հետ կը կապէ, կը վառէ զանոնք ազնուական սիրով, որով ամէն տեսակ ցաւոց դեղ կ'ըլլայ, դարման կը տանի թշուառութեանց, տգիտութիւնը կը հալածէ, ատելութիւնը կը մարէ ու բոլոր ազգի մը կանգնման ու պայծառութեան պատճառ կ'ըլլայ։ Ասիկա չէ՞ մի տերութեանց մեծնալուն, մեծամեծ քաղաքներուն ծաղկման, ազգաց բարեկրթութեան, գիտութեանց յառաջանալուն պատճառը։ Ասով չէ՞ մի, որ Եւրոպան իմաստութեան լոյսովը գեղեցիկ կը փայլի։ Ա՜հ, սիրելիք, ի՞նչ աղեկ գիտցաք դուք ալ ասոր մեծաշահ օգուտները. այո՛, Հայրենիքը ինչուան հիմա իրեն եղած մեծամեծ բարերարութեանց կարգը դնէ պիտի աս բազմօգուտ ընկերութիւնը։ Վերէն ազգերնուս լուսաւորիչները, աչքերնին մեր վրայ դարձուցած՝ կը խնդան կոր տեսնելով, որ մենք գովելի եռանդով, միաբանասէր ջանքով, իրենց ճամփան կը քալենք։ Բոլոր ազգը մեզ կը դիտէ, ու սէրը կը թնդայ լի ակնկալությամբ, ա՜հ, բարենշա՛ն օրեր, որոնք երջանկութիւնը հետերնին բերած՝ մեր մտացը առաջարկութիւններուն կատարմանը կ'սպասեն, վայելել տալու մեզ զայն, յա՜պա, ջանքերնիս էվելցնենք. սկսանք, անշուշտ պիտի լմնցնենք։ Միթէ մենք նախնի դիւցազն հայերուն սէրունդէն չե՞նք, միթէ մենք սրբոց Սահակայ, Մեսրոպայ, Մեծի Ներսիսի հայրենակիցները չե՞նք մի, մեր ճակտին վրայ Հայկայ անմահ անունը գրած չէ՞ մի։ Թո՛ղ տեսնայ Եւրոպան, որ ճշմարիտ հայուն սիրտը, թէ որ մէյ մը գիտութեան սէրը վառես, կրնայ իրեն հաւասարիլ։ Բայց որպէսզի այս աստիճան կատարելութեան հասնինք մենք ու հասցնենք ուրիշները, մեր միաբանութեան վախճանը ի՞նչ պիտի ըլլայ ու ի՞նչ կերպով առաջ պիտի տանինք զանիկա։ Աս միջոցները, սիրելի ընկե՛րք իմ, թէպէտ ինձմէ շատ աղեկ գիտէք, բայց, կարծեմ, որ անհաճոյ չըլլար ձեր ազգասէր լսելեաց երկրորդել այն բաները, որ այնչափ փափագելի է ձեզի, ուստի, նախ եւ առաջ՝ պարծանք սեպենք մեր անձանց հայ ըլլալնուս համար, ու ետքը անոր ճշմարտութիւնը գործով ցցնենք։ Այն վսեմ լեզուն, որ Ադամ կը խօսէր, այն գեղեցիկ լեզուն ջանանք տարածել մեր ազգակից եղբարցը մէջ, վասնզի լեզուն հաստատուն կապ մըն է միութեան ու սիրոյ, եւ ուղղութեան հիմը։ Հայրենեաց օգուտը՝ աս ըլլայ մեր առջեւի նպատակը, ու անոր հասնելու համար նեղութիւն, նախատինք եւ ուրիշ ինչեւիցէ արգելք բանի տեղ չի սեպենք. թէպէտ մեծ ու փառաւոր է մեր առջեւի բացուած ասպարեզը, բայց դժուարընթաց ու տաժանելի կրնայ ըլլալ։ Միայն մեր սիրտը անյաղթելի պիտի ըլլայ, մտքերնիս՝ ամուր ու ազգասիրութեամբ լեցուած, ան ատեն կրնանք յաղթել ամէն դժուարութեանց, ու մեր գեղեցիկ վախճանին կը հասնինք։ Ի՞նչ պետք է, որ ամէն մէկերնիս ալ մասնաւոր անուն ընելու ջանանք, երբ նոյն իսկ միաբանութիւնը մեր ամէնուն ալ անունը անմահացնէ պիտի. մենք մեր անունը միաբանութեան ընծայենք, ետ անիկա ալ անմահութեան ընծայէ զանոնք: Այսու կերպով յաջողեցաւ մեծին Մխիթարայ երկրորդ լուսաւորիչ ըլլալ ազգին, այնպիսի օգտակար միաբանութեան հիմը դնել եւ ուսմանց ու գիտութեանց ախորժալուր ձայնը հասցնել ինչուան հեռաւոր աշխարհք, ինչպէս Պօլիս, Խրիմ, Փատուա ու ինչուան նաեւ՝ Բարիզ, քաղաքակրթութեան կենտրոնը։ Ասանկով հիմա ծաղկեալ ազգերուն ուսումնական ընկերութիւնները շուտով առաջ կ'երթան ու մեծամեծ օգտից պատճառ կ'ըլլան կոր։ Այսպէս մէկ օր մըն ալ մեր ընկերութիւնը պիտի ծաղկի ու վերջի կատարելութեան հասնի: Ո՜հ, քանի բախտաւոր գտնուեր ենք մենք, որ ասանկ օգտակար գործքերով կ'անցնենք ժամանակնիս ու ազգերնուս երջանկութիւնը կը պատրաստենք։ Յիրաւի գեղեցի՜կ բախտ. անգութ ժամանակը, որ, ինչպէս ըսի, ամէն բան կը կորսնցնէ, ինչուան նաեւ օգտակար գործքերը, պատկառի պիտի մեր փառաւոր անուններէն, ու ոսկի գիրերով փորագրէ զանոնք հետըզհետէ ապագայ ժամանակաց։ Ո՜հ, ցանկալի է ինծի հիմա մտքիս աչքին առջեւը բերել մեր բարեկիրթ ընկերութեան վախճանը ու արդիւնքները։ Որպիսի՜ փոփոխութիւն. ահա՛ ուսմանց ու քաղաքականութեան արեւուն ճառագայթներով ամէնքը տաքցած, մտքերը լուսաւորուած, իմաստութեան տաճարները ասդիս անդին կանգնած՝ որոնց ամէնուն ճակտին վրայ կը տեսնամ Համազգեաց ընկերութեան շքեղ անունը։ Հոն գիտութեանց հստակ ու մաքուր ջուրը իբր կենդանի աղբյուրէ մը կը բղխէ անդադար, ուր որ բոլոր ծարաւի ժողովուրդ մը կը վազէ ծարաւը անցնելու։ Հոս մէկը՝ պիտանի գրութեան մը զբաղած, հոն ուրիշ մը՝ միտքը կը յոգնեցնէ նոր ու կարեւոր գյուտ մը հնարելու, վերջապէս՝ ամէն տեղ միաբանութիւնը, ազգասիրութիւնը ու քաղաքականութիւնը տիրած, Հայաստանի ոսկեղէն դարը նորոգուած, սրբոց Սահակայ, Մեսրոպայ ժամանակները հասած, հայրենիքը հանգստացած՝ խաղաղ երջանկութեան պտուղը կը վայելէ։ Հայու ազգը պատուաւոր ու մեծարոյ եղած ուրիշ բարեկիրթ ազգերուն առջեւ։ Ա՜հ, հայրենի՛ք, հայրենի՛ք իմ, վերցո՛ւր մէյ մը գլուխդ, տե՛ս, կը ճանչնա՞ս արդեօք քու հիմակուան վիճակդ՝ առաջինը յիշելով, տե՛ս քու առաքինի որդիքներդ, որ հայրենասէր ջանքով կը փափագին երջանկութեան պսակը կապել գլխուդ, զարդարել զքեզ իմաստութեան զգեստներով, գեղեցկացնել ուսմունքներով ու զքեզ կրթուած ու ծաղկեալ ազգերուն կարգը անցնել։ Անշուշտ, պիտի տեսնան զքեզ մէկ օր մը այն աստիճան իմաստութեան բարձր գահը բազմած, ու չորս կողմդ պար առած սիրասուն որդիքներ, որոնցմով կը ցնծայ կատարեալ ուրախութեամբ։ Երանի՜ այն ժամանակին, բայց հիմակուընէ այս քու որդիներդ քեզի կը նուիրեն իրենց քրտինքը ու աշխատութիւնը, քեզի կը նուիրեն իրենց բոլոր մտքին կարողութիւնը, քեզ կը նուիրեմ ես ալ այսօր իմ տկար ու անզօր ձայնս, որ, անշուշտ, քեզմով ազդու եւ զօրաւոր եղաւ եւ ընդունելի իմ սիրեցեալ ընկերներուս։

Ողջո՛յն քեզի ալ, բարենշա՛ն տարի. քանի՜, քանի՜ մեծամեծ գործողութեանց վկայ պիտի ըլլաս դու, ո՜րչափ սիրոյ եւ հաւատարմութեան, մինչեւ ջանքերնիս պսակուի, փափագնիս կատարուի, ու Համազգեաց ընկերութիւնը աւելի փառաւորուի եւ պայծառանայ։