Հայկական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Զ

Կ. Պոլիս, 1 յունուար 1865:

Քանի որ անցաւոր մարդս անսահման ժամանակին սահման մը դրած է եւ առանց բաժանման չկրնար որեւէ բան մ՚ըմբռնել, բնութեամբ ինքն ալ բաժանելի լինելուն, պէտք է որ մարդիկ, ինչպէս որ սովոր են, ամէն տարեգլխին զիրար ողջունեն շնորհաւոր նոր տարի մաղթելով` ինչպէս որ նոյնը կ՚մաղթեմ եւ քեզ։

Բարեկամ, անհուն էին առջեւ անհամար տարիներ, բիւր դարեր իբր րոպէ մի, անցեալ, ներկայ եւ ապառնի իբր հայլի կ՚ընծային. մինակ շլամիտ մարդս կ՚կարօտի քայլել եւ տեսնել ժամացոյց ի ձեռին եւ ակնոց աչքին: Երանի թէ գոնէ այս զգուշութեամբ ուղիղ քայլեր: Տակաւին կ՚գտնուին շատ մարդիկ եւ ազինք որոնք տարիներ, դարեր անցուցած են այլ դեռ տղայ են, որոնց անցեալը մութ ու աղէտալի, ներկան վիրապ, ապագան անէութիւն է: Ասոնք մարդկութեան հրէշներն են, որ իրենց բնական ուղեցոյցէն զուրկ են եւ անդունդէ անդունդ կ՚գլորին, մինչեւ որ անհետանան կամ կատարեալ անասնային կենաց աստիճանին հասնին:

Այո՛, մարդիկ եւ ազինք շուքի պէս կ՚սահին կ՚անցնին եւ իրենց էութենէն լոկ ափ մի հող կ՚թողուն երբ հոգեկան կեանքէն, երկնային շունչէն, որ է միայն յարատեւ եւ անմահ, զուրկ են: Սակայն մարդկային հոգեշունչ մասը, սակայն ժամանակն անհողդողդ եւ անսասան են: Յաւիտենականութեան նկատմամբ ի՞նչ է տարի մը, դար մը, ոչինչ, աննշան եւ անհեթեթ չափ մը, տիեզերական անդուլ շարժումն իբր ճանկով կեցընելու փորձ մը: Փորձ մը, որ անզօր է դարձեալ մարդկային տկարութեան ակներեւ ցոյց տալ այն անդունդն որ էր եւ կայ պատմական ժամանակէն առաջ եւ ինչ որ պիտի լինի մեզ աներեւոյթ աշխարհի մը մէջ:

Բայց ի՞նչ կ՚ըսեմ, նոյնիսկ արդի պատմութիւնն իր ժամանակագրական ձեւը կ՚փոխէ. պատմութիւնն, որ դարաւոր սերնդոց այլ եւ այլ հանգամանաց համբարը կ՚աւանդէ մեզ, որ մեր տկարութեան նեցուկը պիտի լինի եւ մեր կենաց իմացական շրջանը պիտի ընդլայնէ, պատմութիւնը կ՚սկսի ոչ միայն դէպք եւ անձնականութիւն չճանչել, այլեւ ժամ, ամիս, տարի, թէեւ այժմ մամուլն ամենաչնչին իրողութիւն մը իսկոյն պատահած ժամին եւ վայրկենին կ՚արձանագրէ:

Ի՞նչ է այս զարմանալի յեղափոխութեան պատճառը. Մարդկային ազգին իմացականութեան անընդհատ շարժումը դէպ յառաջ, իր անմահ ճակատագրին, յաւիտենական ճշմարտութեան, որ է անբաժան, դիմելու իղձն ու շարժումը, հոգեկան եւ մտային անսովոր լուսաւորութիւններէ նոր թուական, նոր ժամանակ փնտռելու հակումն, որով կ՚բացատրուի, չէ թէ այսինչ կամ այնինչ դարու, այլ անեզր ժամանակին ոգւոյն հետեւելու դրութեան իմաստը։

Բայց միտքս ժամանակս գերբնապէս լուծել չէ. գերբնականութեան մթնոլորտին մէջ թռելու սովորութիւն չունիմ. շատ իմաստասէրներ ընկած են այն եթերական գագաթէն, եւ գետնի վրայ եւս սկսեր են երազել եւ վհուկի տեղ անցնիլ: Այլ կ՚ուզեմ պարզօրէն ըսել, որ պատմութիւնը կ՚սխալի երբ արդէն պատահած կամ պատահելիք որեւէ բան իր ժամանակին յատուկ կարծելով` նոյն ժամանակին թուականովը կ՚յիշէ: Օրինակի համար, կարդայ Պղատոն, քննէ Սոկրատէս, Պաքօն ու Քանդ: Անշուշտ չես հետաքրքիր իսկոյն իմանալ թէ ասոնք երբ ծնան եւ երբ մեռան, այլ կ՚զմայլիս, որ ժամանակիս հանճարներն ու հոգիներն են եւ անոնց անմահական ներգործութիւնը միտքդ եւ հոգիդ կ՚զգայ, եթէ արդէն զգալու ընդունակ են։

Հետեւապէս կան հին մարդիկ, որ ներկային, ապագային մէջ, յաւիտեան կ՚ապրին, ասոնք տիեզերական սեպհականութիւն են. ծննդեան եւ վախճանման վկայագիր չունին: Կան նոր մարդիկ, որ դիակներու հետ կ՚ապրին, ասոնք գիշերասէր կենդանեաց ցեղէն են։ Առ մէկ ձեռքդ Արեւելք, եւ միւս ձեռքդ Երեւակ կամ Արշալոյս։ Չես փնտռեր թէ պ. Ոսկանը քանի՞ տարեկան է, կամ պ. Չամուրճին եւ պ. Պալդազարը քանի ճերմակ մազ ունին իրենց գլխին վրայ։ Գիտես արդէն, որ ամէնքն ալ ժամանակակից են։ Սակայն բաղդատէ անոնց գրուածքը, հանճարի, գրչի, սկզբունքի ինչ ահագին անջրպետ կ՚գտնես մէկ կողմէն Արեւելքին եւ միւս կողմէն Երեւակին եւ Արշալոյսին մէջ: Ոսկանը քանի մը դար դէպ առաջ կ՚ապրի, Չամուրճին միջին դարու մէջ, Պալդազարը քսանամեայ հնութեամբ կ՚պարծի։ Արդ` արդի ժամանակը կամ պատմութիւնն այս տարբեր ժամանակի մարդիկն ինչպէ՞ս պիտի համաձայնեցնէ:

Ուստի իրաւունք չունի՞մ ըսելու, որ մարդիկն եւ ազգերը ներկայ թուականիս չափով չափելը յիմարութիւն է: Անշուշտ օր մը պիտի գայ, որ մարդկութեան կենաց թուականին հիմ պիտի բռնուի իւրաքանչիւր ազգի բարոյականութեան, իմաստութեան եւ ազատութեան մէջ ըրած քայլերն: Արդէն Ամերիկա իր ազգային անկախութեան վրայ հիմնած է իր կենաց թուականը, Ֆրանսա իր մեծ յեղաշրջումին մէջ, Իտալիա իր քաղաքային միութեան մէջ. հապա Հայերն ի՞նչ բանի վրայ պիտի հիմնեն իրենց ապագայ թուականն. Էջմիածնայ գահին վրայ:

Է

Կ. Պոլիս, 1 յունուար 1865:

Ազնիւ Մեղու,

Դեռ երէկ մտադիր էի, որ 1864ի նոր տարուոյն սկիզբը դէպի հայրենեաց ծոցը սրանամ, ահա այսօր ահաբեկ կ՚դիտեմ, որ նոր տարի մը վրայ հասած է։ Դեռ երէկ կ՚ըսէի իւրովի. Է՛հ, 1864ին սնոտի բաներէ պիտի հրաժարիմ, նոր մարդ պիտի դառնամ, անձիս եւ սրտիս տէրը պիտի լինիմ, շահաւոր գործոց պիտի ձեռնարկեմ, ազգիս օգուտը պիտի մտածեմ, մինակ օգտակար, ճշմարիտ, գեղեցիկ եւ վսեմ իրերու պիտի սիրահարիմ, եւ 1864 տարւոյն կամարէն զուարթադէմ պիտի մտնեմ, եւ ահա այսօր, նոր 1865 տարին հասած կ՚գտնեմ: Ո՛հ, ի՛նչ արագութիւն։ Եղո՜ւկ, եւ ես տակաւին անցելոյն փոշիին մէջ կ՚դեգերիմ, դեռ հերուան խորհուրդներուս ստուերին հետ կ՚խաղամ, դեռ ծիրանեգոյն յոյսերովս կ՚օրօրիմ. բայց ի՞նչ օգուտ: Ժամանակը նոր տարի մ՚ալ դրոշմեց աղեբեկ ճակտիս վրայ, նոր վէր մ՚ալ բացաւ սրտիս մէջ։ Անհրաժեշտ է մտնել այն դռնէն, որուն ճակատը 1865 գրուած է։ Բայց ի՞նչ երեսով. ակնկո՜ր, տրտում եւ տխուր: Թող շնորհաւոր նոր տարի, շնորհաւոր նոր օր գոչեն բարեկամներս իմ չորս դիս, ես որ կողմ նայիմ` մխիթարութեան նշոյլ մի չեմ նշմարէր։

Հոգւոյս խորը մտնեմ` անհնարին վիշտ, անսահման, այլ օրինաւոր բաղձանաց վիհ մը կ՚տեսնեմ, վիհ մ՚որ անշունչ կ՚եռայ, կ՚մորմոքէ զիս եւ էութիւնս պիտի մաշէ` եթէ յուսոյ եւ ազատութեան լոյս մը անդ չբեկբեկի: Սկզբունքս եւ խորհուրդս զննե՛մ, կ՚դիտեմ, որ անընդունելի եւ վտանգաւոր կ՚համարուին, զի ճշմարիտ եւ ազգօգուտ են։ Նիւթական վիճակս քննե՛մ` մատիս ծայրն այս աննշան գրիչս կ՚տեսնեմ` որ եթէ մրոտէ կ՚շահիմ, եթէ գրէ կ՚սահիմ, եթէ խօսի, ինչպէս այժմ, կ՚քօղարկիմ: Բնակած տնակս նայիմ` կ՚ցաւիմ, որ օտարաշէն է, օտար հողի վրայ դրուէր, օտարին հոյակապ պալատին մօտ անշուք եւ իբր անհետ շիրիմ դարձեր է:

Հայրենեաց կենսատու արեւը փնտռե՛մ` կարմրագոյն եւ աղօտ մահիկը կ՚տեսնեմ. Հայաստանի անուշ եւ մեղմ օդին փափաքի՛մ Պոսֆորի կծու եւ սառնաշունչ քամին կ՚ծծեմ: Բարեկամի մը դէմքն որոնե՛մ` այլադէմ եւ անկարեկիր երկոտանի կենդանեաց կ՚հանդիպիմ. եւ եթէ երբեմն ինձ նման տարագիր հայրենակցի մը սրտագին ձայնը լսեմ, սիրականի մը սիրուն ժպիտը վայելեմ` սիրտս կ՚պարզի յիրաւի, եւ պայծառ լոյս մը հոգւոյս մէջ կ՚կաթի. բայց, աւա՜ղ, այն ձայնն, որ դադրի, այն ժպիտն, որ անհետի` նորէն ամպ մը կ՚պատէ աչքս, արտօսր մը կ՚հոսի, եւ իմ ստրկութեանս դառնութիւնն եւ հայրենեացս տենչն աւելի եւս կ՚սաստկանան:

Եթէ թափուր Է հոգիս, ամայի Է աչս աշխարհս աչքիս, գէթ չկայ ազգային վիճակ մ`որ այս զրկանքը փոխարինէ, որ մեր թշուառ սրտին սփոփում մ՚ազդէ: Այո՛, դարձուր մտացդ աչքը Հայաստանի սա ձիւնապատ լեռան ստորոտն, ուր կարծես թէ բնութիւնը քանի մը տնակներ նետեր է. բուն Հայաստանցիք կ՚բնակին այնտեղ սրտմաշուքէ եւ քաղաքակրթութեան հոգերէ հեռի։ Այնտեղ կ՚շարունակուի մեր նախնեաց կեանքն, այնտեղ մէն մի տան տէր իր տարեկան հաշիւն, որ մեծ չէ, ըրած է, եւ իր կայտառ եւ կորովի զաւակաց եւ դրացեաց կ՚աւէտէ եւ կ՚շնորհաւորէ նոր տարին` Մասեաց սարը ցոյց տալով. խաչը կ՚հանէ, կ՚հառաչէ եւ գործի կ՚սկսի: Այս մարդիկ` որ թերեւս իրենց ապրուստին կէսը գայլերու, եւ վայրագ քիւրտերու ճարակ տուած են, գրեթէ գոհ եւ ուրախ են։ Վասն զի Աստուծոյ նախախնամութեան, յաջորդ տարուան հունձին առատութեան կ՚յուսան, վասն զի իրենց բնական հողին, թէեւ փշալից, իրենց բնական մթնոլորտին, ջրին եւ արօտին մէջն են: Վասն զի իրենց հարց դամբանը քաջալեր են իրենց քրտնաջան աշխատութեանց: Ահա ասոնց համար է նոր տարին, վասնզի ասոնց սրտին մէջ կ՚տիրէ կ՚զարգանայ Հայաստան։

Սակայն այսպիսի մասնակի օգուտներ բաւակա՞ն են զմեզ բոլորովին գոհ ընելու, միթէ ընդհանուր ազգը համար չունի՞ տալու պատմութեան. միթէ նախորդ տարիներու մէջ մերազգիք քայլ մ՚առած չե՞ն բանի մը մէջ:

Մինչդեռ ուրիշ ազգեր ի համար կառնուն իրենց ըրած մեծագործութիւններն եւ իրաւամբ պարծենալով նոր եւ բուռն եռանդով նոր տարուան մէջ գլխիվայր կ՚վազեն, միթէ հայերն ափ ի բերա՞ն պիտի նստին եւ քաղաքակրթութեան ասպարիզին մէջ ունայնաձե՞ռն պիտի ներկայանան: Մինչդեռ Անկլիա կ՚հպարտանայ, որ իր վաճառքն աշխարհիս չորս կողմը կ՚թափէ եւ ազգերու հարստութեանդ կեդրոնն է, Ֆրանսա կ՚գոչէ, որ ինքը լուսաւորութեան ջահը մէկ ձեռքն եւ ազատութեան դրօշակը միւս ձեռքը բռնած` յառաջ կ՚խիզախէ եւ առանց մարտի մտաւորապէս աշխարհիս կ՚տիրէ, մինչդեռ Իտալիա իր հինօրեայ շղթաները խորտակելէն ետեւ պապին աշխարհական իշխանութիւնն առաթուր կ՚կոխէ, պապին, որ յուսահատական կոնդակ մը, ճգնաժամի երեւոյթ, արդի քաղաքակրթութեան երեսին կ՚նետէ… : Մինչդեռ Թուրքիա երկաթուղիներ կ՚շինէ, հեռագրական թելեր կ՚կապէ, Սահմանադրութիւնը կ՚տարածէ, արհեստ եւ ճարտարութիւն կ՚քաջալերէ. Ամերիկա գերութեան աղտն իր երկրէն սրբելու համար արիւն, ստակ եւ խելք կ՚թափէ առատ, եւ մահու ու կենաց պատերազմ կ՚մղէ, մինչդեռ աշխարհիս ամէն կողմը, նույնիսկ վայրագ ազգերը շարժման մէջ կ՚գտնուին, սեւ մարդիկ անգամ, որոց ճերմակ մարդիկ հոգի մը չէին ուզէր տալ, կ՚ըսէ Մօնթեսքիէօ, կ՚սկսին խորհիլ եւ շինել, հապա հայ ազգն ինչո՞վ պիտի փառաւորի, եւ ի՞նչ արդիւնք յանդիման պիտի բերէ:

Միթէ Պօլսի հայը Սահմանադրութի՞ւնը պիտի մէջ բերէ, զոր յանուն ազգին շինեց, տպեց եւ ծոցը դրաւ: Սուրբ Փրկչի հիմարանո՞ցը պիտի ցուցնէ, զոր նորոգեց, ընդարձակեց (կարեւոր նախատեսութիւն) եւ կենդանիները սպաննեց, որ յիմարներն ու մեռելները կերակրէ: Մասիս լրագրին մեծնա՞լը պիտի ցուցնէ, որ մեծցաւ իրօք` պաշտօնական լրագրի շուքէն վախնալով։ Իզմիրի հայուն քարէ ու կիրէ շաղուած տաճա՞րն` որուն մէջ փայտի կոյտ մը կանգնեց, ներկեց, ոսկեզօծեց եւ խաչկալի անուամբ օծեց:

Ռուսի հայն անդադար իր Լազարեանց ճեմարա՞նը պիտի ցուցնէ, որ բուն ազգային չէ, իր Նալբանդեա՞նցն` որ բանտի մէջ կ՚հեծէ, եւ անոր բանտարկութեան անտարբեր կ՚մնայ: Իր Վ. Այվա՞զն, որուն մատնտու ներկայութեան տակաւին կ՚հանդուրժէ: Թիֆլիզի հայն իր Ներսէսեան վարժարանն եւ Կռունկ ամսագի՞րը պիտի մէջ բերէ, որուն հայրենախօս ձայնին պահ մը ուշ դրաւ եւ ապա խուլցաւ։ Էջմիածին իր Աթոռը պիտի ցուցնէ, որ դեռ Սահմանադրութեան ներքեւ չմտաւ, եւ անմիաբանութեան ու խառնակութեան բոյն դարձաւ:

Այս անկերպարան բաներն ի՞նչ նշանակութիւն ունին, խնդրեմ, ճշմարիտ յառաջադիմութեան մօտ, որով միայն կարելի է ըսել, որ ազգ մ՚իր ազգային սկզբանց համեմատ արդի լուսավորութեան շաւղին մէջ մտած կ՚քայլէ: Միթէ նամակիս շրջանը, մանաւանդ անկատար տեղեկութիւններս կ՚ներե՞ն հայոց այս վերջին ատեններս ըրած քայլերը, նոր տարուանս առթիւ, համրել: Ասկից զատ ինչպէ՞ս կարելի է մի տեսութեամբ ըմբռնել եւ օրինավոր պատկեր մ՚ընծայել այն ցիր ու ցան ու գոյնզգոյն մասերէն` որոնք հայկական կ՚ըսուին. հայկական մասանց ո՞ր մասին յարաբերութեամբը պէտք է դատել ամբողջ մարմինն: Ո՞ւր է անոր գլուխը, սիրտը, հոգին ո՞ւր են: Կա՞յ արդեօք անոնց մէջ այնպիսի շնչերակ մ՚որ միեւնոյն կենսական շունչն արտադրէ եւ բոլոր մասերը բարոյապէս միեւնոյն նպատակին դրդէ:

Ո՞ւր է այս շնչերակը, բա՛բէ, երեւելին Պօսիւէ անգամ, որ արծուի ակամբ տիեզերքը գրկել եւ երկու տողով մարդկային ազգի պատմութիւնը գրել կարծեց, (ըստ որում մինակ հրէիցը գրեց) եթէ արթննար եւ փորձ մը փորձեր արդի հայոց նժդեհ դիրքը նկարագրելու, կարծեմ թէ պիտի շփոթէր, եւ կռթնելու կեդրոն մը իզուր պիտի որոնէր:

Եւ արդարեւ մէկ կողմէն պօլսաբնակ հայերը կ՚երեւակայէն թէ մինակ իրենք կ՚կազմեն հայոց ազգ ըսուածը, պատճա՞ռ. մայրաքաղաքի մը մէջ են եւ Եւրոպայի մօտ. միւս կողմէն Ռուսաստանի հայերը կրօնական ազգայնութեամբ կ՚փքնանան. պատճա՞ռ. վասն զի Էջմիածնայ մօտ են, թէեւ սրտով ճշմարիտ ազգասիրութենէ եւ իրենց տարաբնակ հայրենակիցներէն հեռի: Այս կողմէն Եւրոպայի հայը կ՚կարծէ թէ մինակ իրեն տրուած է հայրենասիրութիւնը, պատճա՞ռ. վասնզի քանի մը գիրքերու մէջ հայու անունը կ՚մրոտէ, առանց անոր ոգին, բարքը, վիճակը ճանչելու, այն կողմէն քանի մը գաւառաբնակ հայեր կը պահանջեն, որ հայ ըսուին, պատճա՞ռ. վասնզի կրօնափոխութեան միտում չունին եւ եկեղեցի ու վարժատուն մը կանգնած են: Բայց Հայոց այն բազմաթիւ մասն այն մասն, որ իր հայրենի հաւատքով քաղաքական մրրիկներս ճակատ տուեր եւ անշարժ ու կանգուն տեղը կեցէր է, այն մասն, որ մարտիրոսաց արիւնով շաղուած հողին վրայ կ՚գտնուի, այն մասն որ հայկական հին պատմութեան, աւանդութեանց, բարուց եւ վարուց մէջ կ՚ապրի, այն մասն, որ իր հարց ոսկորներուն մէջ կ՚ապրի, արիւն արտասուք կ՚թափէ, բայց կ՚յուսայ, այն մասը վերջապէս, որ Հայաստանի մէջ կ՚թափառի եւ անոր ամայի եւ դամբանական վայրերն իր անսպառելի հաւատքով եւ նահատակութեամբ կ՚արգասաւորէ, ահա այս հարազատ մասը բոլորովին օտար կ՚երեւի անոնց որոնք թէ հեռաւորութեամբ եւ թէ՛ անտարբերութեամբ իրօք օտացած են են եւ օտար գոյներով կ՚դատեն այն աշխարհն, որ իրենց ծնունդ տուած է:

Ուրեմն ուրիշ ճար չկայ բարեկա՛մ, պէտք է զատ զատ քննել հայ գաղթականութեանց վիճակն, եւ այս քննութիւնը ճշտիւ ընելու համար քանի որ հաղորդակցութիւն չկայ, պէտք է անձամբ պտտիլ եւ քննել ամէն բան:

Այս ալ առայժմ անկարելի լինելուն կ՚սկսիմ հարեւանցի աչք մը նետել Պօլսի վրայ: Արդէն գիտես, որ եթէ պօլսաբնակ հայերը քանի մը դարէ ի վեր կենդանութեան նշան մը տուին, այս նշանն եղաւ ազգային Սահմանադրութեան հաստատութիւնը: Շատ հայեր սովամահ կորան, շատերը գազանաց հետ բնակեցան, բռնաւորներու որս ընկան, ստրկութեան լեղի բաժակն ըմպեցին եւ դեռ կ՚ըմպեն, հաւատքի համար նահատակ ընկան, հայրենեաց եւ գիտութեան կարօտ մեռան եւ դեռ կ՚մեռնին, սակայն Պոլսի հայերը միայն ազգային Սահմանադրութիւն մը ծնան, բաւական վէճ, կռիւ ու գոռում գոչում հանելէն ետքը: Բոլոր տարաբնակ հայազգիք կանկ մ՚առին լսելու համար Սահմանադրութեան ձայնն ու երգն։ Եւրոպա անգամ գովեց պօլսեցուոյն եռանդն, արիութիւնն եւ Տէրութեան վեհանձնութիւնը:

Այս շքազարդ ծնունդն, որուն վրայ նոյնիսկ ծնողը սքանչացաւ եւ նոր ոսկեդար մ՚աւետեց հայ մարդկութեան, լոյս տեսնելէն ի վեր ի՞նչ ներգործութիւն ունեցաւ ազգային կենաց վրայ:

Ցաւ ի սիրտ կը նկատեմ, որ Սահմանադրութիւնն իր գործադրութեան շրջանին մէջ յուսալի փոփոխութիւն բերած չէ տակաւին նոյնիսկ այստեղ: Սահմանադրութիւնը յարքունուստ ազգին տրուելէն ետեւ` գործադիր յանձնաժողով մը կազմուեցաւ, որ զարմանալի աշխատութեամբ թաղական խորհուրդներն եւ երեսփոխաններն ընտրել տուաւ, եւ իր տեղեկագիրը, զոր կարդացած ես անշուշտ, նորակազմ Ընդհանուր ժողովին ներկայացուց: Յանձնաժողովը կը յուսար, որ իր պաշտօնը խիստ դժուարին չէ, վասնզի կը կարծէր թէ Սահմանադրութիւնը ծնող եռանդն ու ոգին ժողովրդեան մէջ կը տիրէին եւ իր անօրէնութեանց արագ գործադրութեան պիտի նպաստէին: Սակայն փորձը ցցուց, որ կ՚սխալէր: Ամէն թաղ` հին կուսակցութիւններ, հին ազդեցութիւններ կային, որոց դէմ մերթ հաշտարար ու մերթ սպառնական կերպով մաքառեցաւ յանձնաժողովն, եւ մանաւանդ անոր ատենապետ Ստեփան պէյին եւ Մեծապատիւ Նէվրուզեան Յովակիմ էֆէնտիին հոգին բերաննին եկաւ մինչեւ որ գործն ի կատար հանեցին. իսկ անմեկնելին այն է, որ իբր ազգը ներկայացնող եւ իր ճգանց պտուղն եղող Ընդհանուր ժողովէն յանձնաժողովը կէս բերան շնորհակալութիւն մը լսեց այն ժամանակ:

Ընդհանուր ժողովին առաջին գործը եղաւ կրօնական եւ քաղաքական ժողովները կազմել եւ պատրիարքն ընտրել, որոնք Ազգին կառավարութեան ղեկը ձեռք առին իրենց ճիւղերը հաստատելով:

Բայց Քաղաքական Ժողովն արդեամբ գործելու համար յարատեւութեան, սկզբունքի եւ միաձայնութեան պէտք ունէր։ Քաղաքական Ժողովն այս պայմաններէն զուրկ էր: Հետեւապէս առջի օրէն սկսաւ կաղն ի կաղ գնալ, եւ թէեւ քանի մը կարեւոր տնօրէնութիւննէր ըրաւ, ինչպէս Սահմ. Ա. հրահանգը գաւառները ղրկեց, Ուլնիոյ խնդրոյն համար դողդողալով երեսփոխան մը հաստատեց, Պատրիարքարանը նորոգեց, Մուշի խնդիրը պարզեց, լրագիրները սանձել ուզեց, գաւառական եղծումներն ու երկպառակութիւններն եւ կրօնափոխութեան ախտը դադրեցընելու ջանաց, հրաշագործ վարդապետին հետ մաքառեցաւ, զատ զատ խնդիրներու համար մասնաժողովներ եւ յանձնաժողովներ կազմեց, տպագրական կանոն, թաղական կանոն, ատենական կանոն, ազգային տրոց կանոն եւ հաշուեկշիռ պատրաստելու համար, սակայն այս որոշումներուա արդիւնքը չտեսաւ, եւ մէկ կողմէն իր ներքին տկարութիւնն եւ ազգային արդի պիտոյից եւ ոգւոյն անգիտութիւնը, միւս կողմէն Ընդհանուր Ժողովի դիւանին եւ Քաղաքականին մէջ տիրած հակառակութեան ոգին անոր կործանումը փութացուցին: Ասոր յաջորդեց արդի Քաղաքական ժողովն, որ իր նախորդին սկսածը շարունակելու եւ աւարտելու աշխատեցաւ եւ դեռ կ՚աշխատի հինգ վեց ամսէ հետէ: Այս Ժողովը թէեւ նոր, համամիտ, եռանդուն, բայց կարծես թէ արբուն հասակին չհասած կը ծերանայ, իր ճիւղերն իրարու կ՚խառնուին, իրաւասութեան խնդիրներ, գանձապահի խնդիր, Սահմանադրութեան անգործադրելի կէտերու խնդիր եւ, որ մեծն ու ահարկուն քան ամէն բան, դրամի խնդիրներ կ՚ծագին եւ իր ընթացքը կ՚վրդովեն անդադար: Իսկ Ս. Պատրիարքն այս սահմանադրական նրբութեանց բաւղին մէջ ինքզինքը փնտրելու ատեն կ՚աշխատի նաեւ ազգին ղեկն անվրդով վարել:

Իսկ կրօնական դասն` այն ծոյլ ու թոյլ վիճակին մէջ կ՚գտնուի, որ կարծես թէ իրեն բնական եւ յատուկ եղած է. ժողովրդեան վրայ իր բարոյական ազդեցութիւնս օր օրի կ՚նուազի, եկեղեցեաց բարեկարգութիւնն` որ Կրօնական ժողովին միջոցաւ պիտի տեսնուէր, դեռ պիտի տեսնուի։ Ազգն` որ էապէս կրօնքին շնորհիւ իր ազգութիւնը պաշտպանած է եւ պարտաւոր է միշտ պաշտպանել, իզուր կ՚փնտրէ այնպիսի եկեղեցականներ, որ Հայաստանեայց եկեղեցուոյ ոգւոյն եւ աւանդութեանը հմուտ լինին, կրօնական զգացումը տարածեն եւ լուսաւորեն, մեր սուրբ Հայրապետաց վարդապետութեանց ճշմարիտ քարոզ եւ ուսուցիչ հանդիսանան: Սակայն իրենց անձնական շահուն եւ փառասիրութեան վրայ չափազանց արթուն եւ հսկող են, սակայն իրենց հոգեւոր հօտին մէջ կռիւ եւ երկպառակութիւն յարուցանելու յաջողակ, սակայն ամէն առթիւ Սահմանադրութեան վրայ մուր քսելու գաղտնապէս տրամադիր: Ուստի դե՛ռ մեր կրօնականները դարուս եւ ժողովրդեան պիտոյքը չեն ճանչեր, դե՛ռ իրենց սպասաւորած եկեղեցւոյն նուիրական իրավունքը պաշտպանելու համար ո՛չ սրտի արիութիւն եւ ո՛չ հանճար ունին եւ շատ անգամ աշխարհականաց գրչին կ՚կարօտին, եւ դեռ կ՚երազեն, որ լուսաւորութիւնն եւ սահմանադրութիւնն իրենց հոգեւորական իշխանութեան թշնամի եւ կրօնական սկզբանց հետ անհաշտելի են: Իսկ եթէ կրօնական դասուն այս թերութիւնը դատապարտելի, եւս առաւել դատապարտելի կ՚գտնեմ այն ժողովուրդն, որ իր եկեղեցւոյն արատ բերող պաշտօնեաներ եկեղեցականութեան կ՚կոչէ, եւ իր անընտիր ընտրողութեամբն եւ հաւանութեամբը ձեռնադրել կ՚տայ:

Այս երեւոյթս ժողովրդեան տգիտութեան մի նշանաւոր պտուղն է։ Գէթ ժողովուրդը յաջորդ սերնդին դաստիարակութեան հոգ տարած ունի՞: Գէթ սահմանադրական կեանք վարելու համար հետըզհետէ պէտք եղած մտքի եւ սրտի հանգամանքները կ՚ստանա՞յ: Ամենեւին: Կ. Պօլսի վարժարաններն, որ այս կրթութեան փորձաքարը պիտի լինին, ինչ որ էին ասկէ քսան տարի առաջ` նոյն վիճակին մէջն են եւ այսօր: Այսինքն յետին ամլութեան եւ աղտեղութեան մէջ: Այս տարբերութիւնը կը տեսնուի միայն, որ Ուսումնական խորհուրդ մը կայ, որ իր շինած կանոնագիրն ինքն միայն կ՚կարդայ։ Մի՛ կարծէր, որ Պօլսի դպրոցները նիւթական միջոցներէ զուրկ են, ոչ. այլ ուղիղ տեսչութիւն եւ ուսմանց դիւրըմբռնելի եղանակ չունին: Արդարեւ մեծ ամօթ է պօլսեցւոյն, որ ոչ միայն այս թշուառ եւ խայտառակ վիճակին մէջ կ՚թողու իր դպրոցները, քանի մը բացառութեամբ, այլեւ բարձրագոյն ուսմանց վարժարան մ՚եւ գիշերօթիկ դպրոց մը չունի: Տակաւին կ՚գտնուին ամիրայանման անձինք, որ իրենց զաւակաց դաստիարակութիւնը մասնաւոր դասատուներու յանձնած են, կան նաեւ հայ մեծատուններ` որ իրենց որդիքն Եւրոպա կ՚ղրկեն` հայութենէ եւ ուսմունքէ զատ` ամէն բան ուսնելու: Պօլսեցին կը դողդողայ քանի յիշէ Իւսկիւտարին ճեմարանն ու Բարիզի իբր-ազգային վարժարանն, որ իրօք Այվազեան վարդապետին փառասիրութեան խարխուլ կոթողն եղաւ եւ վարդապետի մը սիրահարութեանց ասպարէզն եւ պսակն: Ուստի ընկերութեամբ վարժարաններ հաստատելու երազն անգամ երբ տեսնէ տեղւոյս հայը` կ՚այլայլի եւ երեսը խաչ կ՚հանէ:

Իսկ անոնք, որ Պօլսի վրայ աչք տնկած կ՚սպասէին լոյս, յառաջադիմութիւն եւ տառապանաց վախճան, անոնք, որ Սահմանադրութեան հաստատութեամբը կ՚յուսային, որ իրենց բարոյական եւ նիւթական աղէտից դարման պիտի գտնեն, գաւառաբնակ հայերն ի՞նչ օր տեսան: Տակաւին գաւառաբնակ հայերն երեսփոխան մը չունին այն ժողովին մէջ, որ Ընդհանուր կ՚ըսուի, թէեւ իրօք պօլսական հայոցն է, դեռ հազիւ թէ տեղ տեղ քանի մը թաղական խորհուրդներ հաստատուեցան, Աստուած գիտէ ի՞նչ կերպով: Դեռ հին իշխաններ, որ միշտ առաջնորդաց հետ գաղտնի յարաբերութիւն ունին, կռիւ հանելու, կրօնափոխութեան եւ երկպառակութեան որոմ ձգելու ետեւէ են, դեռ առաջնորդներն իրենց անձնական հանգստութեան եւ մինակ եպիսկոպոսութեան աստիճան ստանալու կ՚խորհին, եւ այս պայմանաւ միայն շատերը յանձն կ՚առնուն առաջնորդ լինելու. դեռ դրսի ժողովուրդն ազգային կրթութիւն ի՞նչ է չգիտէ եւ մինակ առայժմ սա մխիթարութիւնն ունի, որ երբ ցաւ մը զգայ կ՚բողոքէ եւ իր բողոքը մինչեւ հոս կ՚հասնի, եւ հոս կ՚դադրի շատ անգամ անարդիւն, մինչդեռ ատեն մ՚իր ձայնը մինակ ինքը կամ վայրի գազանները կ՚լսէին…:

Գիտեմ, որ անիրաւութիւն է չափազանց պահանջող լինելը: Պէտք չէ Սահմանադրութեան առաջին քայլերը խստիւ դատել եւ ամէն բան գետնէ գետին զարնել: Բարեկամդ այդպիսի վհատեցուցիչ դրութեան թշնամի է. Բայց չեմ կրնար նաեւ առանց նշաւակելու անցնիլ այն անտարբերութեան ոգին, որ կ՚տիրէ ազգայնոց մէջ։ Ըստ որում այս ոգին ոչ միայն Վարչութեան եւ Սահմանադրութեան ոյժը կ՚ջլատէ, այլեւ անով ամէն արդիւնաբեր խորհուրդ իր շեղած կ՚վիժի: Ժողովուրդը կարծեց թէ ամէն բան կատարած է Վարչութեան ընտրութիւնը կատարելով եւ սկսաւ հեռուէն դիտել թէ նա ի՞նչ շնորհքով պիտի շարժի։ Երբ տեսաւ, որ իր ընտրած Երեսփոխանութիւնն իր պաշտօնն ըստ քմաց եւ դժկամութեամբ կ՚վարէ, եւ իրեն վերաբերող խնդիրները լուծելու համար տասն անգամ հրաւիրուելէն ետեւ` մէկ երկու անգամ հազիւ կը գումարուի մեծաւ մասամբ, երբ տեսաւ որ երեսփոխաններէն ոմանք մինակ անուամբ երեսփոխան են, եւ եթէ կամին կրնան բնաւ նիստ չկազմել տալ եւ Սահմանադրութեան գործադրութիւնը վտանգի մէջ դնել, երբ տեսաւ, որ քաղաքական եւ կրօնական Ժողովները կաղն ի կաղ կ՚քալեն եւ ազգային գործերն ընդհանուր բարեկարգութեան մէջ մտած չեն, կռնակը դարձուց ու ըսաւ, «Ես այս Սահմանադրութենէ բան մը չհասկըցայ»: Հարկաւ չպիտի հասկընաս, ո՜վ բթամիտ հայդ, քանի որ կ՚դժկամակիս քու պարտքդ ճանչել եւ Վարչութեան տկարութեան պատճառն իմանալ: Վարչութիւն մ՚իր զօրութիւնը ժողովրդեան վստահութենէն կ՚ստանայ, նա մանաւանդ անանկ Վարչութիւն մ՚որ բարոյապէս կ՚իշխէ եւ որուն պաշտօնը լոկ անձնուիրութեան եւ պատւոյ վրայ հիմնեալ է: Ասկէ զատ` անհնար է ամէն բեռ Վարչութեան ձգել։ Անհատական եւ ընկերական ազգօգուտ ձեռնարկութիւններ ալ պէտք են, որ նպաստեն ընդհանուրին յառաջադիմութեան. վա՜յ այն ազգին, որ ապիկար տղու մը պէս կ՚սպասէ, որ Վարչութիւնն իր ձեռքէն բռնէ քալեցընէ: Այնպիսին միշտ անդամալոյծ պիտի մնայ, եթէ իր բնական լոյսին եւ ազատ կամքին թելադրութեանցը հետեւելու չսովորի: Արդարեւ կան այստեղ քանի մ՚ընկերութիւններ, որ դեռ հոգի կ՚տան կ՚առնուն, կան նաեւ քանի մը մեծատուններ եւ վաճառականներ, որոնք կ՚բարձրանան, քանի որ հասարակ ժողովուրդը նիւթապէս վար կ՚իջնէ, կան քանի մը պաշտօնական բարձր մարդիկ, որ իրենց պաշտօնական զգուշաւոր ոճը չեն կրնար միշտ յարմարցընել ազգային պարզ ու ջերմ ոճին, քանի մը վարպետ բժիշկներ, որ աւելի կ՚մտածեն նիւթական հիվանդութիւնները բուժելու, քան թէ ազգին բարոյական վէրքերը, քանի մը հանճարեղ վեղարներ, որ ժողովրդեան մէջ եւ տաճարին ամպիոնին վրայ իրենց հանճարն երեւան հանելու արիութիւնը չունին, կան քանի մը պարբերական թերթեր որ չծնած կ՚մեռնին, ինչպէս ամէն թերթ, սակայն ո՞ւր գտնել պէտք է Հայաստանեայց եկեղեցւոյ պարծանք, ազգային գրականութեան, պատմութեան եւ դաստիարակութեան նոր նոր արդիւնքներ ծնող գլուխներ, ո՞ւր փնտրել պէտք է հայ քաղաքագէտներ, որ Ազգին համար խորհին եւ անոր ապագայ անդորրութեան ճանբայ մը յարդարեն, ո՞ւր, ազգասէրներ, որ ազգին համար զոհ չխնայեն…   ո՞ւր...   ո՞ւր…… ո՞ւր… :

Ահա այսպէս ո՞ւր, ե՞րբ, ինչպէ՞ս գոչելով մեր ազգային կենաց վրայ կ՚ողբանք, եւ եթէ երբեք օր մը գայ, որ ազգը ճշմարիտ ցնծութիւն մ՚զգայ, հաւաստի եղիր, բարեկամ, որ այն օրը միայն նոր տարի եւ նոր դար մ՚է ազգին համար:

Ը

Կ. Պոլիս 186…

Ազնիւ Օրպել,

Անշուշտ պիտի գիտնաս, որ ազգին մէջ Տիգրանեան Մկրտիչ անուն վարդապետ մը կայ, որ արդարեւ հրէշ մը եւ ի վեր քան զհրէշ հրաշագործ մ՚է:

Այս վարդապետն, ինչպէս ասկէ մէկ քանի տարի առաջ, հիմա հիւանդին բուժ, անդամալուծին շարժում, կոյրին լոյս չտար, Քրիստոսի հետ բան գործ չունի, հոգեւոր պաշտօն չկատարէր, այլ դեւերու հետ կը բանակցի եւ յանկարծ այս օրերս ազգային Քաղաքական ժողովը դիւահար ըրաւ եւ գրեթէ դէպի կործանում գահավիժեց:

Նա, որ Քիւրտիստանի առաջնորդ եւ իր վիճակը լուսաւորելու համար քերական մը շինած էր, կ՚ամբաստանուի իբր գող, կաշառակէր եւ ուխտադրուժ եւ խառն Ժողովին օրովը Կտուց անապատը վճռաբար յաքսոր կ՚դատապարտուի։ Այս վճիռը Բ. Դռան միջոցաւ ի գործ չդրուած` ինքը կ՚վազէ դէպ ի Կովկաս, կ՚աշխատի Կաթողիկոսէն եպիսկոպոսութեան աստիճան յափշտակել, ու երբ չյաջողիր` Կովկասու փոխարքային աղերս կ՚մատուցանէ եւ կ՚առաջարկէ, որ Միջագետաց մէջ ռուսի հիւպատոսներ հաստատուին: Եւ մինչդեռ Կաթողիկոսը Տիգրանեանի դէմ շանթեր կ՚արձակէ եւ զանի պատժապարտ եւ առաջնորդութեան անարժան կ՚հրատարակէ յատուկ կոնդակաւ, եւ ահա Տիգրանեանը կայծակի պէս Կարին կ՚իջնէ եւ գառնուկի անմեղութեամբ հարցում կ՚ընէ կեդրոնական Վարչութեան թէ իր նկատմամբ ի՞նչ որոշում ըրած է, եւ թէ իր ընթացքն ո՞ր կողմը դարձնել արժան կ՚տեսնէ:

Ազգային արդի Վարչութիւնն առ ահի ինչ ընելիքը չգիտէ, կ՚վարանի. այս փորձանքն իր գլխէն վանել կ՚ուզէ, սակայն կ՚ստիպուի Կարնոյ կուսակալին գրել, որ զանի վար դնէ, արգիլէ: Այս գիրը Կարին չհասած նոյն ինքն Տիգրանեան Կոստանդնուպօլիս կ՚հասնի անվեհեր, գաւառաց կուսակալներէն առած յանձնարարական գիրերը կ՚շալկէ եւ ճակատը բաց շիտակ Բ. Դուռը կ՚երթայ եւ սիրալիր ընդունելութիւն մը կ՚գտնէ։ Այս բաւական չէ, Բ. Դուռը Կրկին կրկին պատուէր կ՚գրէ Պատրիարքին, որ Տիգրանեանին չէ թէ միայն մազին չդպին, այլեւ պատւոյ եւ փառաց հասցընեն:

Մէկ կողմէ ռամիկն իր հրաշագործ վարդապետը տեսնելուն կ՚բերկրի եւ իր հրաշագործութիւնները շարունակել կ՚աղերսէ, միւս կողմէն պաշտպաններն անոր չորս դին ամուր շրջան մը կ՚կազմեն եւ «Քաջացի՛ր, վարդապետ, եթէ քեզ վնաս մը հասցընեն ամէնքս կաթոլիկ կ՚լինինք» կ՚պոռան: Տիգրանեանն անոնց պարզմտութեան վրայ կ՚ժպտի եւ, Ես դատ կ՚ուզեմ, կ՚գոչէ: Իսկ կրօնական Ժողովն, որ առաջին դատախազն էր, այնպիսի զօրաւոր պաշտպանութեան առարկայ եղող վարդապետի մը դատաւոր կանգնելու չյանդգնիր եւ ծիծաղելի դրութեան մը մէջ կ՚գտնուի: Մերթ կը փրփրի, կ՚բողոքէ որ Բ. Դուռն առաջնորդաց գործին կ՚խառնուի, իր իրաւասութեան կ՚դպչի, դատի տակ եղող վարդապետ մը կ՚պաշտպանէ, մերթ վարդապետին դատը տեսնելու եւ բացարձակ վճիռ մը տալու կ՚դողդողայ:

Ի վերջոյ Վարչութեան կողմէ կազմուած յանձնաժողով մը Տիգրանեանն անպարտ կը դատի. Վարչութիւնն այս դատաստանը թերի կ՚գտնէ. կրօնական համագումար Ժողով կը գումարուի, այս ալ քիւրտ վարդապետ Թրճիլ կոչուած վանքին խորշը վանահայրութեան ղրկել կ՚տնօրինէ: Կը մնար վարդապետին քաղաքական գործերը քննել:

Ահա այս միջոցին Տիգրանեանին մէկ խաղն երեւան կ՚ելնէ։ Բ. Դուռն ուշկեկ իմանալով, որ Տիգրանեան վարդապետ մը ռուսի հիւպատոսի խնդրոյն համար Կովկաս գացեր է, կ՚հարցնէ Պատրիարքին թէ ո՞ր Տիգրանեանն է այն: Պատասխանը յայտնի էր, եւ հետեւապէս Բ. Դուռն իր դրած յանձնարարական գիրերը կ՚լզէր: Սակայն այս յետս կոչման վրայ քաղաքական Ժողովին մէջ մեծ փոթորիկ մը կ՚բրդի, ինչպէս որ ստոյգ աղբիւրէ իմացած եմ: Մէկ մասն, որ ի բնէ անտի Տիգրանեանը` բոլոր ուժովը թէ Ժողովին մէջ եւ թէ Բ. Դրան առջեւ կը պաշտպանէր, կ՚պնդէ որ այս վարդապետին ի վնաս պատասխան մը չտրուի, այսինքն պաշտօնական ստութեամբ գործը պարտըկուի, եւ ըսող ալ կ՚լինի որ տունս տեղս կ՚փլի թէ որ Վարչութիւնը հաստատէ, որ վարդապետն ինչպէս ազգին` նոյնպէս իր գործերովը Տէրութեան առջեւ կասկածաւոր մարդ է: Միւս մասն, արդարութեան եւ ազգային իրաւանց թեկն կեցող մասը` պատեհ առիթ է կ՚ըսէ ազդ առնել Բ. Դրան, որ այսուհետեւ առաջնորդաց վրայ վճռական տնօրէնութիւն մը չընէ առանց Պատրիարքարանի կարծիքը ստանալու, ինչպէս որ նոյնիսկ պատրիարքական հրովարտակն ալ կ՚տրամադրէ, եւ թէ ինչպէս Տիգրանեանի գործին մէջ խաբուած է, կրնայ նաեւ ուրիշ պարագաներու մէջ ալ խաբուիլ, միմիայն կուսակալաց խօսքին հաւատ ընծայելով:

Բ. Դրան ի՞նչ տեսակ պատասխան տրուեցաւ չգիտեմ, միայն սա գիտեմ, որ այս վիճաբանութիւնը պատահած օրէն ի վեր Ժողովին մէջ տիրած անհամաձայնութիւնը գժտութեան դարձաւ, հրաժարական հրաժարականի յաջորդեց եւ ըստ երեւոյթին թէ Տիգրանեանի եւ թէ ուրիշ ծանր խնդիրներու պատճառաւ, զորս ուրիշ անգամ պիտի յայտնեմ, Քաղաքական ժողովին բանը պիտի բուսնի:

Ժողովականաց մէջ սկզբունքի, կարծեաց տարբերութիւնն այս անգամ աւելի բացայայտ կերպով երեւան ելաւ: Ո՞ր ժողովականն ազգին օգտին, Սահմանադրութեան եւ արդարութեան, ո՞րն իր անձնական շահուն, ո՞րն արտաքին գաղտնի ազդեցութեանց ծառայելը զգալի եղաւ այս պարագայիս մէջ: Արդէն Ժողովին հիմն խարխուլ էր, զայն ընտրող ոգին մոլար, զանի կազմող տարերքն անհամաձայն եւ հարկաւ օրին մէկը պիտի փլփլէր:

Տիգրանեան վարդապետին խնդիրն` անոր շէնքին անկիւնաքարը տեղէն խախտեց եւ կ՚տեսնես, բարեկամ, որ այս վարդապետը յանիրաւի ամբաստանուած չէ իբրեւ հրաշագործ:

Թ

Կ. Պոլիս, 7 յունուար 1865:

Ազնիւ Ծաղիկ,

Այսօր բնակած թաղիս թաղական խորհրդէն նամակ մը ստացայ, որով կ՚հրաւիրուիմ քաղաքավարութեամբ` որոշել իմ կարողութեանս չափն եւ տալիք ազգային տրոց գումարս ստորագրել: Դիտեցի, որ նամակիս մէջ տաս աստիճան կայ, որուն մեծագոյնն է 500 ղրուշ եւ ստորնագոյնը 5 ղրուշ:

Մէկ կողմէն Սահմանադրութեան 90րդ յօդուածին համեմատ` պարտաւոր եմ, ըսի իւրովի, ազգային ընդհանուր ծախուց տրօք մասնակցիլ: Այս տուրքը չէ թէ իբր նպաստ կամ ողորմութիւն պիտի տամ, ինչպէս որ Ժամանակ հանդէսն եւ մինչեւ անդամ Մասիսն անգիտաբար կը գրէն, այլ իբր պարտք մտադիւր պիտի վճարեմ այն ընդհանուր ծառայութեան փոխարէն, զոր ազգային Վարչութիւնը կ՚հատուցանէ կամ կատարել կ՚տայ իմ տեղս դիւանական գործոց, վարժարանաց բարեկարգութեան, հիւանդանոցի մատակարարութեան համար։ Միւս կողմէն մտածեցի եւ տեսայ, որ առջեւս կեցած տրոց աստիճանաց ցուցակը զիս իմ պարտքէս կ՚ազատէ եւ անկարողութեան վիճակի մէջ կ՚ենթադրէ անգէտս:

Եւ ի՞նչ պատճառաւ: Վասնզի թէ որ` Սահմանադութեան 90րդ յօդուածին համաձայն` բաշխման հիմ պիտի բռնուի իւրաքանչիւր անհատի կարողութեան չափն եւ ասոր վրայ տրոց համեմատութիւնը պիտի հաստատուի, վասն զի թէ որ այսօր մէկ միլիոն ղրուշ տարեկան եկամուտ ունեցող հայ մեծատուն մը` մեծագոյն աստիճանը` հինգ հարիւր ղրուշ կ՚վճարէ, այն որ քսան եւ հինգ հազար ղրուշ եկամուտ ունի, պիտի վճարէ տասն երկու ու կէս ղրուշ տուրք, իսկ ես որ խիստ փոքր վաստակ մ՚ունիմ` ըստ արդարութեան` փուլ մ՚անգամ չվճարելէն զատ, պէտք է, որ համեմատաբար վրայ ստակ ուզեմ Վարչութենէն, հետեւապէս այս բաշխումը թիւր, սահմանաւոր է, եւ արդարութենէ եւ համեմատութենէ, որ բաշխման առաջին պայմաններն են, զուրկ է:

Այս Թաղ. դիտողութեամբ թաղական խորհրդին նամակն ետ ղրկեցի։ Թաղ. խորհուրդն իւրաքանչիւր աստիճանի առջեւ գոնէ բառն, որ մոռցուեր է եղեր` աւելցնելով` վերստին հրաւէր կարդաց, որ տուրքս որոշեմ, այս անգամ սպառնալով, որ եթէ հինգ աւուր մէջ իմ որոշումս չյայտնեմ, ինքը վճռաբար իմ տեղս պիտի որոշէ։ Բայց, ըստ իս, գոնէ բառը խնդիր չլուծեր, գոնէին շնորհիւը հավաքուելիք դրամն իբր նպաստ պիտի համարուի: Արդ ես նպաստ չեմ ուզէր տալ, այլ կ՚ուզեմ ճշտիւ ինձ ընկած տրոց բաժինս Սահմանադրութեան ուժովը հատուցանել: Թող ուրեմն իմ կարողութեանս չափողը պարտքս որոշելու համար օրինաւոր բաշխման ցուցակ մը ներկայացնեն ինձ:

Բայց թաղ. խորհուրդին նամակը մէկդի ձգելով ազգային տրոց խնդրոյն վրայ խօսինք:

Ազգային տուրք ըսուածն իր տնտեսական իմաստին եւ գործադրութեան նկատմամբ գլխովին նոր բառ մ՚է ազգին համար: Ամիրայական շնորհներ, կամաւոր նուէրներ, մասնական նպաստներ, զորս երբեմն բուլի դրութիւն կ՚անուանէին, եղած են մանաւանդ ազգային հիւանդանոցի մատակարարութեան համար, սակայն այն լուման զոր մէն մի անհատ պարտաւոր է տալու ազգային Վարչութեան իր կարողութեան եւ վայելած պաշտպանութեան համեմատութեամբ, այն հանգանակութիւնն, որով միայն կարելի է ըսել թէ ժողովուրդ մը իր ընդհանուր պիտոյից հոգը կ՚զգայ, Սահմանադրութեան հետ երեւան ելաւ: Վասն զի կառավարութեան ղեկը ժողովրդեան ձեռքն անցաւ: Ուրիշ ազգեր դեռ իրենց ընկերական ազատութիւնը չգտած տաժանելի տրոց լծին տակ կը հեծէին եւ շատ մը Եւրոպական, մանաւանդ Ամերիկեան քաղաքական յեղափոխութեան գլխաւոր շարժառիթը տրոց ծանրութիւնն եւ անիրաւ բաշխումն եղած է: Գռեհիկը մինակ կ՚վճարէր կառավարութեանց եւ իշխանաց շռայլութիւններն եւ յիմարութիւնները, կղերն եւ ազնուականութիւնը զերծ էին տուրքէ:

Ընդ հակառակն` մեր ազգն իր միապետական իշխանութեան ժամանակ ազատ էր տալ կամ չտալ որեւէ նպաստ, ըստ որում` ժամանակին ամիրապետը կամ իշխանապետն անոր վարչական պիտոյքը կ՚հոգար այն պայմանաւ, որ իրենց արձակած օրէնքն` որ բուռն եւ ստեպ ազգակործան էին, իբր պատգամ ընդունուին ոսկիին վաւերելովը: Բայց քանի որ հիմա ոսկին, որ զօրութիւն մ՚է, չէ կառավարողն, այլ քուէն կ՚տիրէ, քանի որ ժողովուրդն իր իրավանց տէր եւ երեսփոխանաբար իր ընդհանուր պիտոյիցը հսկող, մատակարար ու տնտեսն եղաւ, բնականապէս չկրնար այսինչ ամիրայից, որ թէեւ արդէն սպառած են, եւ այնինչ բարերարաց, որ լոկ անունն ունին, ձեռք կարկառել ու մուրալ: Սահմանադրական ժողովուրդ մը, որ միշտ հարուստ է երբ կամի, շողոքորթել, շոյել եւ քծնել չգիտէ, իր իշխանութիւնն արժանաբար վարելու համար իր քսակէն կ՚հայթայթէ այն դրամական միջոցներն, որ Վարչութեան անհրաժեշտ կարեւոր են, եւ չուզէր ու չկրնար զոհել իր իրաւունքն այն անձերու, որ մէկ ձեռքով կ՚շնորհեն` միւսով կ՚կապտեն, մէկ անգամ կը շինեն, տասն անգամ կ՚կործանեն եւ ժողովրդեան հասած նուաստութեան վրայ գաղտնի ցնծալով` Սահմանադրութեան իշխանութիւնը ծաղր ու ծանակ կ՚ընեն:

Ուրեմն Սահմանադրութեան հաստատուելէն ի վեր` ազգային ելից ու մտից վիճակը քննելու, տարեկան բացը գոցելու եւ նոր նոր պիտոյից դէմն առնելու համար կ՚տեսնես, որ ազգային ընդհանուր տրոց խնդիրը տնտեսապէս առաջին անգամ կ՚ներկայանար, եւ օրինաւորապէս զայն լուծելն անհրաժեշտ էր: Բայց արի տես որ տասն անգամ այս խնդիրը լուծելու ելան, տասն անգամ անլուծելի մնաց եւ վերջապէս ասկէ եօթն ութ ամիս առաջ` Ընդհանուր ժողովով եղած կռուալից որոշման համեմատ` ազգային Վարչութիւնը տուրք մը հաւաքելու վրայ է եւ դեռ պիտի հաւաքէ:

Արդէն գիտես, որ տրոց յանձնաժողով մը, որուն անդամները հաշուագէտ, տնտեսագէտ եւ ձեռնհաս անձեր էին, այն ատեն տեղեկագիր մը շինեց: Այս տեղեկագիրն 300. 000 ղրուշի մօտ ազգային բաց պարտք կ՚ցուցնէր, զոր գոցելու համար ալ քանի մը միջոցներ կ՚ցուցնէր: Նոյնպէս կ՚ըսէր թէ` կեդրոնական սնտուկը, հասութից եւ ծախուց հաշուեկշռին նայելով` տարեկան 350. 648 ղրուշ բաց կ՚ընծայէ միշտ, 322. 004 ղրուշը հիւանդանոցին եւ 28. 614 ղրուշը պատրիարքարանի, եւ առայժմ ասոնք ծախուց երկու աղբիւրներ են, կ՚վերաբերին: Այս հին դրութեան վրայ կեդրոնական սնտուկին բացը գոցելու համար յանձնաժողովը` կծծի մարդու պէս` ազգային տուրք հաստատելու միջոցը ձեռք կ՚առնու եւ կ՚հաստատէ ենթադրութեամբ եւ շինած բաշխման ցուցակին համաձայն, թէ 400. 000 ընդհանուր տուրք բաւական է: Քաղաքական ժողովն այս տեղեկագիրը, զոր հոս քննելու միտք չունիմ, ինչպէս որ է` Ընդհանուր ժողովին ներկայացուց: Ընդհանուր ժողովը զայն թերի, անկատար, մտածին եւ անոր հաշուեկշիռը (bսdget) սահմանադրական պիտոյից անհամեմատ դատեց ու մերժեց։ Քաղաքական ժողովն ալ, որ մոռցեր էր թէ իր պարտքն է ըստ 92րդ յօդուածոյ Սահմանադրութեան տրոց բաշխման եւ հաւաքման եղանակն որոշել եւ ուղղակի Ընդհանուր ժողովին վաւերացման ներկայացնել, իր կողմէն երկրորդ անգամ տեղեկագիր մը շինեց, որ առաջնոյն կրկնապատկութիւնն էր: Այս ալ մութ, զատ զատ պիտոյից եւ ծախուց վրայ պէտք եղած բացատրութիւններէ զուրկ, համառօտ եւ վճռական դատուեցաւ: Ի վերջէ Ընդհանուր ժողովոյ դիւանը տրոց հաստատութեան առաջարկութիւն մը մատոյց տոքթոր Ռուսինեանի միջոցաւ, որուն այնինչ մէկ մասն ընթերցաւ եւ ահա Ընդհանուր ժողովին մէջ փոթորիկ մ՚էր բրդաւ: Յանձնաժողովն իր, Քաղաքական ժողովն իր տեղեկագրին ախոյեան կանգնեցան, տրոց խնդիրն, ազգին օգուտը` կրից եւ հակառակասիրութեան վայնասունին մէջ աներեւոյթ եղան եւ Ընդհանուր ժողովն ալ կարճ կապելու համար ընդունեց, որ ազգային տուրքը 400. 000 ղրուշ լինի: Իսկ բաշխման եւ հաւաքման եղանակին վրայ, իսկ ազգային ծախուց եւ պիտոյից օրինաւորութեան կամ ապօրինաւորութեան վրայ ի՛նչ որոշեց չգիտեմ։

Արդ` մէկ կողմէն ազգային տրոց մասին եղած անորոշ որոշումները, միւս կողմէն հասարակութեան տուրք տալու մասին ունեցած վաղեմի անվարժութիւնն եւ փոքր ինչ դժկամութիւնն եւ այս դժկամութիւնն արդարացնելու համար պատրուակ մ՚որոնելու եռանդն ազգային ելմտական գործերն անել վիճակի մը մէջ ընկղմեցին։ Իսկ Վարագան տրոց խնդրոյն մինակ անձնական կողմը, մինակ երեւոյթը նկատելով, անոնց դասման եւ հաւաքման մասին ծագած դժուարութեանց միակ պատճառ կ՚բռնէ ազգային պարապ սնտուկի մը գանձապահին փծուն դատը. Տնտեսական խորհրդոյ եւ ելմտից հոգաբարձութեան մէջ ծագած իրաւասութեան խնդիրն եւ վերջնոյն վրայ եղած անվստահութիւնն: Եւ այս նկատմամբ միայն թերեւս հրճուի եթէ Վարչութիւնը ստակ չկարենայ հաւքել. վասն զի իր նկատումը ստուգուած պիտի տեսնէ. թէեւ մոռցած է, կարծեմ, որ ինք` իբր ազգային երեսփոխան` բողոքած է Ժողովին մէջ, որ տրոց մասին եղած ապօրինաւոր որոշումն ինքնին անգործադրելի է:

Սակայն արդի ելմտից հոգաբարձութիւնն` որ մինակ պատասխանատու է Քաղաքական ժողովին` այսօր կայ, վաղը չկայ. գանձապահին դատը կ՚տեսնուի կ՚անցնի, արդի վարչութիւնն ալ քանի մը ամսէն կ՚դադրի եւ դարձեալ որոշուած 400. 000 ղրուշէն հազիւ թէ փոքր մաս մը սնտուկը պիտի մտնէ, քանի որ տրոց խնդիրն անլուծանելի մնայ եւ պիտի մնայ յաւիտեան, եթէ այս բաւղին մէջ անդադար մոլորի:

Ազգին մէջ կան մարդիկ, որ սահմանադրական վարչութիւն վայելել կ՚ուզեն առանց անոր պահանջած պարտաւորութիւնները կրելու, կան այնպիսիներ, որ կ՚փափաքին Սահմանադրութեան գահակից հին ազնուապետութիւն մը տեսնել` որ ազգին դրամական նեղութեանց ի պահանջել հարկին օգնեն. կան նաեւ այնպիսիներ, որ հին վարչական դրութեան նախապաշարումներով այնպէս տոգորուած են, որ սահմանադրական դրօշակով միապետական հրամաններ, վճիռներ կ՚արձակեն, անխորհուրդ տնօրէնութիւններ կ՚ընեն եւ ազատ վիճաբանութեան եւ քննադատութեան թշնամի են: Այս վերջին դասէն ծնած է Ընդհանուր ժողովին մէկ մասն, որ մինչեւ անգամ այս պարագայիս մէջ ազգային տուրքը խարխուլ հիման վրայ հաստատեց. եւ թերեւս ներքին նկատմամբ, որպէսզի դրամական դժուարութիւնները Սահմանադրութեան ընթացքը խանգարեն եւ իրաւունք մը ստանան ըսելու. «Ստակ չկայ. Սահմանադրութիւն ի՞նչ կ՚արժէ»:

Այսպէս Ընդհանուր ժողովը տուրքն ըստ օրինի եւ արդարութեան հաստատելու վրիպեցաւ իր առաջին քայլին մէջ այսպէս մինչդեռ ուրիշները դժկամութենէ կամ խռովասիրութենէ տուրք չվճարելու համար դժուարութիւններ կ՚հանեն, ես մինակ արդարութեան համար կ՚խօսիմ եւ տրոց արդի դրութիւնն իմ վրաս փորձելով անբաւական, անիրաւ, անօգուտ եւ մոլորական կը գտնեմ։

Սակայն ի՞նչ է ազգային տուրք, ել ու մտից հաշուեկշիռ, իւրաքանչիւր անհատի դրամական պարտաւորութիւն առ ազգային Վարչութիւն, ուրիշ անգամ առիթ պիտի ունենամ բացատրելու:

Ժ

Կ. Պոլիս, 3 փետրուար 1865:

Զարմանօք կարդացի իմ է նամակիս տեղ սա ծանօթութիւնդ, Եօթներորդ նամակը տպարանէն մերժուեցաւ:

Ի՞նչ, եօթներորդ նամակս տպարանէն մերժուի՞, մէջը խաղա՞յ: Եւ ի՛նչ իրաւամբ, վասնզի տպարանը մերժէ՛ր է։ Գեղեցիկ պատճառ: Բայց մամուլն ինքնին դատողութիւն չունի, կամք չունի, ձայն, չունի, բայց մամուլը կարող չէ ըսել, ինչպէս որ երբեմն Ծաղիկը կ՚ախորժի դիտել, թէ Վրոյրն այս ինչ կիտի մէջ կ՚սխալի եւ թէ այս անգամ եւս բոլոր նամակը սխալական է: Տպարան ըսածդ անբան գործի մ՚է, կը շարժի երբ շարժես, կ՚տպէ երբ բանի մը տառերն իրարու մօտ շարես։ Ի՛նչ որ է բերանը բանականին, նոյնն է եւ մամուլը գրաւոր բանին, մին կ՚խօսի, միւսը կ՚դրոշմէ մեքենապէս: Եւ ասոր ապացոյցն է նոյնիսկ սա տողն, որ Ծաղիկիդ ստորոտը գրուած է. Տպարանը պատասխանատու չէ հանդիսիս պարունակութեան: Ի՞նչ հակասութիւն. Եթէ տպարանը պատասխանատու չէ (եւ իրօք չէ կարող լինիլ) ինչո՞ւ կ՚մերժէ տպել այն բանը զոր իր պաշտօնն է տպել. ինչո՞ւ մէկ կողմէ կ՚մերժէ միւս կողմէ ես պատասխանատու չեմ, կ՚ըսէ։ Միթէ հնարի՞ն է համարատու ճանչել այն բանն, որ զուտ նիւթ է։ Պատժել սուրն, որովհետեւ մարդ կ՚ըսպաննէ. ծեծել այն քարն, որովհետեւ ոտքիս կ՚զարնէ, խորտակել այս մամուլն, որովհետեւ Վրոյրին է նամակը կ՚տպէ, լոկ յիմարութիւն է:

Նիւթին շարժում եւ ձեւ տուողը մարդս է։ Մարդս երբ կամի` պողպատը սուր կը լինի, քարը` տուն, երկաթը` մամուլ, որոց իւրաքանչիւրն իր յատուկ պաշտօնն ունի։ Արդ` երբ սուրը կ՚վիրաւորէ` սուր շինողը չպատժուիր, այլ զայն գործածողն, երբ այս տունէն քար մը գլխիս ընկնի` քարհատը չպատժուիր, այլ ճարտարապետն. երբ մամուլը տպէ` տպողը չպատժուիր, այլ գրիչը:

Ուրեմն աւելի յարմար կ՚թուի ըսել, որ անխօս տպարանը մերժած չէ իմ է նամակս, իմ սիրական գոհարս, առ նոյնիսկ տպագրիչը սակայն տպագրիչն ո՞վ կանգնեց դատաւոր եւ քննիչ իմ գրչիս: Ի՞նչ է տպագրիչի գործը։ Մամուլին շարժման հսկել որ ուղիղ շարէ եւ տպէ այն գիրն, որ ուրիշին գլխին ընտիր կամ վատ արտադրութիւնն է: Այս պարագայիս մէջ տպագրիչը չզատուիր տպարանէն, տպագրիչ եւ տպարան գրեթէ համանշանակ են, տպագրութեան շնչաւոր եւ անշունչ տարրերն են: Ուստի այն գլուխը մինակ դատապարտելի է, որ իր գրչին կ՚ներէ օրէնքին արգիլած բանը գրել: Բայց բռնէ թէ տպագրիչ մը քննութեան արտօնութիւն ունենայ: Ի՞նչ պայմաններու կարօտ է այս պաշտօնը խղճիւ եւ արդարութեամբ ի գործ դնելու: Պէտք է, որ էապէս անվրիպելի լինի. աշխարհիս բոլոր ուսմանց, գիտութեանց եւ արհեստից հմուտ գլուխ մի, եւ իմաստութեան ու առաքինութեան պսակը լինի, պէտք է որ հին եւ նոր պատմութեան փոշին մաղած, համայն ժողովրդոց բարքն ու վարքը խառնած, ամէն իրողութիւններու իլիկը ծլիկը քննած` եւ ապագան արծուի ակամբ գուշակող անհասանելի հեղինակութիւն մը լինի: Եթէ այս պայմաններէն զուրկ է, անիրաւ է անոր կարծիքն, ապօրինաւոր եւ վնասակար է անոր վճիռն, երկդիմի, բռնական եւ անընդունելի է անոր պատգամը: Վասնզի ուրիշի պէս կրնայ նա եւս վրիպիլ: Այսպիսի հեղինակութիւն մ՚անլուր եւ անգիւտ բան մ՚է, այսպիսի հեղինակութիւն մը մարդկային ազգի կատարելագործութեան սկզբունքին ուրացութիւնն է:

Ես կը պնդեմ թէ հայերը մինչեւ ցայսօր կ՚կարծեն թէ երկու երկու ալ երեք կ՚ընէ, կամ կարող եմ հաստատել թէ արեւն արեւմուտքէն կ՚ելնէ: Տպագրիչն այս կարծիքս մոլար եւ յիմարական դատելով իր մամուլէն կ՚սրբէ կ՚նետէ առանց զիս համոզելու: Այս ընելով տպագրիչը գիտէ՞ արդեօք ի՞նչ կ՚ընէ։ Զիս եւ հայոց ազգը կ՚կողոպտէ, չէ թէ ստակէս, չէ թէ տունէս, այլ աւելի մեծ եւ անգին գանձէ մը, այսինքն ճշմարտութենէ մը: Ըստ որում` քանի որ իմ կարծիքս տրամաբանօրէն մեկնելէն ետեւ` ջրող չեմ գտեր, ես զայն իբր ճշմարտութիւն կ՚դաւանիմ։ Արդ` եթէ մի տպագրիչ կամ քննիչ այս դաւանութիւնս թղթին վրայէն սրբելու կ՚ժպրհի, միթէ ունի՞ կարողութիւն զայն միտքէս ալ սրբելու: Թո՛ղ զիս շղթայի զարնէ, գլխիս վրայ հրաշէկ պսակ մը դնէ, լեզուս կտրէ, որ այն դաւանութիւնս եղծեմ, դարձեալ չյաջողիր: Իմ վերջին շնչովս պիտի աւանդի այն բանն, որ հոգւոյս կցորդ է, եւ այս աւանդն օրին մեկը նորէն լոյս պիտի տեսնէ: Բայց ի՛նչ կ՚ըսեմ, նոյնիսկ Աստուած չունի իմ միտքս սեղմելու կարողութիւնն, թէ ոչ Աստուծոյ կ՚դարձընեմ այն բանականութիւնն, այն ազատութիւնն, որ ինձ շնորհած է։ Կեանքս` որ առանց խորհելու եւ կամելու ազատութեան կոյր մեքենայ մը կ՚դառնայ, անտանելի շնորհ մ՚է, եւ այսպիսի շնորհ մը շնորհատուին հատուցանելը միակ փրկութիւն:

Սակայն տպարան մը գրութեան մը հրատարակումը մերժելով միթէ նոյն գրութիւնն անհետ կ՚ընէ: Ո՞չ երբեք։ Թէեւ անիրաւ դիւրին է արգիլել, որ այս երկրիս մարդիկն այն երկրին պտուղը չճաշակեն, դիւրին է պատուիրել, որ այս վաճառքը մաքսէն ներս չառնուն, կամ տուրքի ենթարկեն, որ տեսակ մը միջին, եւ անուղղակի արգելում մ՚է, դիւրին է հրամայել, որ այս հեղինակին գործը մուտ չունենայ այս կողմը, սակայն անհնարին եւ արգիլել այս պտուղին մշակութիւնն` որ այն ժողովրդեան ապրուստն ու հարստութիւնն է, որ այն վաճառքն ուրիշ տեղ, ստեպ արգիլուած տեղը գաղտնի չքշուի, որ այն գործը չկարդացուի այն կողմն: Արգելական կանոններն անզօր են այսպիսի պարագաներու մէջ, քանզի մարդկային ազգի ամենակարեւոր պիտոյից լրման, այս է բնական եւ ընկերական յարաբերութեանց դէմ կ՚մեղանչեն: Ինչպէս նիւթական նոյնպէս մտային առեւտուր մը կայ, այս առեւտուրը փոխանակութեան միջոցաւ կ՚կատարուի եւ ուր որ ազատ փոխանակութիւն չկայ, ընկերութիւնը մնայուն վիճակի մէջ կ՚գտնուի: Մարդկային միտքն ալ ազատ փոխանակութեամբ կը սնանի, կը զարգանայ եւ կ՚արդիւնաւորի: Վկայ են այս բանից Ամերիկա, Անկլիա, Պղլժիա, Հէլվէտիա, ուր որ խորհելու, եւ գրելու ազատութիւնն իր զենիթը գտած է:

Ուրեմն քանի որ աշխարհիս այն լուսաւոր անկիւնները մամուլն ազատ է, ազատ են նաեւ գրիչներն այս կողմն արգիլուած կարծիքն այն կողմէն փչել: Սակայն ի՞նչ հարկ կայ մեզ օտար աշխարհներու դիմել. ի՞նչ նոր բան կարելի է մեզ գրել որ արդէն հինցած եւ տպուած չլինի: Օսմանեան տէրութիւնը քանի մը տպագրական կանոններ հրատարակելով` թոյլ տուած է, որ լրագիր եւ գրագէտ գրեն իրենց պատասխանատուութեան ներքեւ ինչ որ կ՚ուզեն։ Կանխաւ գրաքննութիւնը, դրամական երաշխաւորութիւնը, բարոյական կերպ կերպ պայմաններն որ Եւրոպայի քանի մը կիրթ կառավարութեանց մէջ անգամ կ՚փնտռուին, Օսմանեան տէրութիւնը մերժած է իբր անօգուտ բաներ, եւ կարծեաց ազատութիւնը քանի մը ժամանակաւոր սահմաններով յարգած է: Կարծես թէ հայուն տրուած է ոչ միայն անտարբեր մնալ այս եւ ասոր նման ազատութեանց, այլեւ այս պարագայիս մէջ վերանորոգել եւ դարբնել շղթայ մը, որ տէրութեանց օրինաց հակառակ է: Ծաղկիդ քննիչ կը կանգնի տպարան մ՚այդտեղ, թէեւ կանոնը քննիչ չընդունիր պարբերական թերթերու համար, եւ ոչ տեղ մը. օրէնքը միօրինակ է բոլոր Թուրքիայի համար եւ Իզմիր Թուրքիայի մէկ մասն է, որ լուսաւորեալ մասը կ՚համարուի… թերեւս լոկ անուամբ։

Ուստի կը խնդրեմ, որ է նամակս Մեղու հանդիսին ղրկես այս գրոյս հետ, եթէ այս ալ չընդունուի քննիչ տպարանէն: