Հայկական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԱ

Կ. Պոլիս, 9 փետրուար 1865:

Ո՛հ, ինչ տաղտկալի եւ տխուր է այս տարուան բարեկենդանն։ Օտարական մը կ՚կարծէ թէ այստեղ բարեկենդանը բնակչաց զանազանութեան գոյնզգոյն դրոշմը կ՚կրէ: Կ՚սպասէ տեսնել մէն մի ազգայնութեան յատուկ դիմակներ: Ամենեւին: Եւրոպացին, հայը, յոյնն, ամէնքը միօրինակ կ՚ծպտին, ինչպէս նաեւ բաց երես ծպտեալ են միշտ: Հանճարեղ դիմակ մը, իմաստալից զգեստ մը, խօսուն կերպարան մը, հեգնական գդակ մը, պատմական քիթ մը չես տեսնէր ուրեք: Իսկ ոսկեթել, պերճ, ծանր լաթեր, սեւ սեւ սատանաներ, թռուցիկ շրջանակներ, թացիկ վարտիքներ, ձուաձեւ կերպեր, թոյլ պարեգօտ մը, կենդանի անդրիներ, թէ պարոն Թ…ին սրահին, թէ պարոն Կ…ին գրոհին մէջ կ՚նշմարես:

Եւրոպական մարդը կ՚զգենու թուրքի հագուստ մը. որ վրայէն կ՚թափթփի, յոյնը շլխտի հրէայի գոյն կ՚առնու, հայն իբր բարիզեան սրիկայ կ՚ծպտի, կոմսուհին խենէշ կ՚դառնայ, սպասուհիդ իշխանուհիի հոմէր կ՚առնու կ՚տայ: Ամէնքն իրենց դերն անշուշտ սորված են արդէն. բայց սրահին դռնէն այնինչ ներս կ՚մտնեն եւ ահա այն մարդկային կոհակներուն մէջ կ՚սահին, կ՚հոսին, աներեւոյթ կ՚լինին, կ՚ելնեն կ՚իջնեն, կ՚պարէն կը թռին եւ ամէն հանդիսական ոչ միայն իր խաղալիք դերը կ՚մոռնայ, փնտրածը չգտներ, այլեւ իր անձը կ՚կորուսանէ։

Թէեւ սրահը լուսաւոր` ամէն բան երկդիմի եւ մութ գոյն մ՚ունի: Եւ ահա սա կինն Էրկանը հետ, զոր իր սիրահարը կ՚կարծէ, կ՚կոտրտուի, կ՚մորմոքի. քոյրն եղբօրը սիրտ կ՚բանայ եւ այս ինչ տեղ գաղտնի ժամադիր կ՚լինի. հայրն աղջկան սիրանիշ քսմիտ մը կ՚տայ. արբուն հասակի եւ կոյս զաւակի տէր մարդ մը խօսակիցն իր դրացւոյն սիրուն եւ քնքուշ կնկան տեղ բռնելով` կարծես թէ պիտի կլլէ զայն եւ անոր դիմակին մէջ պիտի մտնէ, թէեւ այն դրացուհին իրօք իր օրինաւոր կինն է: Իսկ սա պատանին, որ տաք տաք կ՚խօսի, սրտին գաղտնիքն իր անհաշտ հետամուտին կ՚հաղորդէ: Վաղուան օրն ի՞նչ կռիւներ, զայրոյթ, յուսահատութիւն պիտի ծագին արդեօք այս զուարթադէմ հանդիսականաց մէջ։ Սակայն ամենէն երջանիկն եւ ամէնուն վրայ յաղթանակը տանողը սա անդիմակ պարարտ ծերունին է, որ երամ երամ աղջկանց մէջ թռչունի պէս կ՚թռթռի: Ասոր բառ մը, անոր քար մը, միւսին աչք մը կ՚նետէ, այս կ՚հեգնէ, այն կ՚ծաղրէ եւ չորս կողմէն եկած կանացի սլաքներուն դէմ կծու խօսք մը, հնար մը, խաղ մը, պտուտակ մ՚ունի պատրաստ, որով անհամ եւ աննպատակ հանդիսականներուն ծիծաղը կ՚շարժէ:

Եւ ես այս կարգէն լինելով` յանկարծ քահ քահ մ՚է զիս առաւ: Նոյն միջոցին իսկ Մի՛ ժպտիր այդպէս, փսփսաց հեգնօրէն սպիտակ դիմակ մ՚ականջէս ի վար: Կ՚վախնամ, որ դիմակդ վար կ՚իյնայ: Այս դիմակը` ձայնին մեղմութենէն թէ ոչ ներքինի, օրիորդ մը պիտի լինի ըսի չըսի ինքնիրենս եւ իսկոյն Կ՚վրիպիս, սիրուն դիմակ, պատասխան տուի, սիրոյ կամ գինիի կաթիլ մը փալփլուն աչացդ մռայլ բերած է. թող սա ամպն անցնի այդ քու երկու աստղիկներէդ եւ պիտի տեսնես, որ առջեւդ զմայլողը ճակատը բառ անշպար կեցած է: Միթէ Վրոյր դիմակ չէ՞, մրմռաց սմսեղուկ օրիորդը քթիս տակը գալով եւ փայլակի պէս բազմութեան մէջ մտաւ, բայց միւս կողմէն ուրիշ դիմակի հետ պար ի պար նորէն դէպ իմ կողմս թռաւ. Ոմանց դիմակը բնական է ըսաւ ինձ ակնարկելով եւ անցաւ նորէն դառնալու, համար…

Մտմտուքը զիս առաւ, փուշի վրայ էի. պարը քանի կ՚երթար կ՚տաքնար, համբերութիւնս հատնելով շիտակ գացի սպիտակ դիմակն երկրորդ շրջանին համար իր պարակիցէն խնդրեցի: Խնդիրս ընդունեց: Երբ սպիտակ դիմակը թեւս ընկաւ Միթէ պարելէն աւելի խօսելու հետաքրքրութիւնս չե՞ս գիտէր, ըսի: Է՛հ, ո՞վ կ՚արգիլէ մեզ պարելու ատեն նաեւ խօսիլ: Արգելք չկայ. մանաւանդ պարն ամէն բանի նպաստաւոր է եւ շահաւէտ, սակայն սովորութիւն եւ թեթեւ սիրտ չունիմ ամէն բան թեթեւակի վայելելու. Մինակ դիմակ դնելու չես թեթեւիր, պատասխանեց: Այդ դիմակդ ոչ միայն ես, այլ շատերը վար կ՚առնուն: Թէ՛ հոս եւ թէ՛ Իզմիր կը բամբասուիս դու. կանայք միսդ կ՚ուտեն, օրիորդները հորդ կ՚փորեն. ո՛ւշ դիր. լրագիրներն իրենց գրիչը կ՚սրեն: Մենք տարին մի անգամ դիմակ կ՚առնունք, դու ամէն օր: Եթէ խելք ունիս, ինչո՞ւ կ՚ծածկես, եթէ գրիչ եւ ճշմարտութիւններ ունիս, ինչո՞ւ բացէիբաց չես գրեր: Եթէ անուն ունիս, ինչո՞ւ չես յայտնէր: Լաւ կ՚պարես, լեզուանի ես, սիրուն դիմակ, բայց ծուռ կ՚դատես. դու դիմակ ինչ է, չգիտես. դու կեղեւը հիւթին տեղ ծամծմելու կ՚յոգնիս։ Դիմակն այն անուղղակի ազատութիւնն է, որով գերութեան մէջ կ՚խօսի մարդ ճշմարիտը, դիմակն այն անմեղ զէնքն է` որով մատնտու եւ գաղտնի թշնամիիդ դէմ լոկ անձնական անդորրութիւնդ կ՚պահպանես: Իմ անուական դիմակս երեսիս վրայ չէ, այլ ոտքիս տակ. իմ գրուածքիս մէջ չէ, այլ անոնց ստորոտն: Ի՞նչ պէտք է դիտել անունն, այս անօգուտ է հասարակութեան, քննէ նիւթը, չեմ կրնար նոյնպէս սիրել եւ լուծել դիմակդ, այլ սիրտդ, որուն հայլին այդ անուշ աչերդ են: Այդ վիզէդ կախուած մարգարիտը ծովէն հանող լուղակը չես փնտռեր այլ մարգարտին գինն: Այս խնդիրը դու վրադ փորձէ: Սիրահարիդ բաճկոնը չես ընտրէր, այլ քեզի համար եռացող ուղիղ սիրտը, վսեմ գլուխն: Իսկ եթէ դու հիմա անդիմակ լինէիր, կրնայի՞ր ասոր անոր թերութիւնն երեսին զարնել: Եթէ երբեք յանդգնէիր, վա՛յ քեզ, անկիրթ, անսիրտ աղջկան մը տեղ կ՚անցնէիր, հիմա ազատ ես, վասնզի դիմակ ունիս։ Տո՛ւն դարձիր եւ բնական դիմակդ հագի՛ր, այս բնական դիմակն, որ է կեղծաւորութիւնն, ընկերութիւնը կ՚պարգեւէ քեզ. անարժան եւ վատ պարգեւ։ Դու պիտի ըսես մօրդ, որ պարոն Վ չես սիրեր. սուտ է, դիմակ է այս. գիտեմ որ կ՚սիրես, գիտեմ որ հիմա արտասուօք երդում ըրիր որ առաջին եւ վերջին սէրդ նա պիտի լինի: Դու ինչպէ՞ս իմացար. Այն դիմակաւ, որով դու զիս ճանչցար:

Սպիտակ դիմակն երեսիս մեղմիկ թաթ մը տուաւ ու ես անձամբ Հ… եմ փսփսալով աներեւոյթ եղաւ:

ԺԲ

Կ. Պոլիս, 20 մարտ 1865:

Այս միջոցիս Ընդհանուր ժողովը Ս. Երուսաղէմի կանոնագիրը քննելու կ՚զբաղի եւ բաւական աղմկալից ատեաններ ունի: Ս. Պատրիարքն առաջ ընտրելէն եւ ապա կանոնագիրը շինելէն բան մը չելներ ըսող սրամիտ քաղաքագէտներ քիչ քիչ կ՚համոզուին, որ տղայօրէն եւ Սահմանադրութեան հակառակ վարուեցան: Երուսաղէմի Պատրիարքն Ազգային ժողովներուն գլխին վրայ մուրճի պէս կ՚իջնէ եւ կ՚սպառնայ, որ կանոնին այս ինչ կէտն ընդունելու կամ չընդունելու ազատ է: Օրէնսդիր ժողովի մ՚օրէնք տալու պէս կերպարանք կ՚զգենու: Կարծես թէ դեռ Ընդհանուր ժողովին բարձր հեղինակութիւնը, վանական հաստատութեանց ազգային սեպհականութիւն լինելը, զգացմանց եւ մտաց արդի վիճակը չգիտեր, հին դրութեան մթնոլորտին մէջ կ՚ապրի, եւ իրաց ելք մը, նոր կանոնագիրը մերժելու ճար մը կ՚փնտրէ… ո՛ գիտէ որու դրդմամբը: Վասն զի Երուսաղեմի խօսքն երբ յուզի` ոմանց սրտին, խղճին եւ մտքին թելերն եւս կ՚յուզին, կ՚թնդան եւ վլվլուկ մը հանելու համար կ՚մեռնին... ո՛ գիտէ ինչ զգացմամբ. կրօնի, շահասիրութեան թէ ոչ տիրապետութեան ոգւով թո՛ղ Արշալոյսն, որ հին վհուկ մ՚է, այս հանելուկը մեկնէ։

Կը հաւտա՞ս, Ս. Պատրիարքը, Միաբանութիւնը հին կանոններ ունի, նորը ի՞նչ պիտի ընէ, կ՚ըսէ, եւ Սահմ. 49դ յօդուածը կ՚ուզէ ջրել տաճկերէն թարգմանութեան գատիմ բառի մը վրայ կռթնելով, ու երբ չյաջողիր, սնտուկին բանալին իր մօտը մնալու, եպիսկոպոսութեան վկայագիրն ինքը մինակ տալու խնդրոյն վրայ կ՚պնդէ, եւ վերջն որչափ որ ես մինակ Սահմանադրութիւն վրայ կ՚ուխտեմ կ՚ըսէ, իբր թէ նոյն ինք Պօլսոյ Պատրիարքն է, եւ ժողովէն առնելու քալելու փորձ կ՚փորձէ, բայց ճարը հատած` ի վերջէ կ՚զիջանի, եւ մանաւանդ վկայագրի խնդիրը միջին ճանբով մ՚որոշուելով` հանդիսապէս կ՚ուխտէ կանոնագրին անթերի գործադրութեան համար եւ շաբաթէ մը ճանբայ պիտի ելնէ դէպի Երուսաղէմ գնալու:

Սահմանադրութեան դիմակաւոր թշնամիները թեւ ու ոգի առին, գաղտնի խլրտեցան` երբ Երուսաղէմի Պատրիարքին այս տարադէպ ընդդիմութիւնը տեսան, որպէսզի գլխիվայր կռուին մէջ մտնեն եւ փոթորիկ մը հանեն թերեւս Սահմանադրական նաւն անոր մէջ ընկղմելու աղօտ յուսով մը:

Զարմանալի եւ պատմական բան մ՚է թէ` այն երեսփոխաններն, որ նազով ժողովի կ՚երթան կամ անոնք, որ բնաւ անոր երեսը տեսած չունին, լսելով, որ կանոնագրին վերջին որոշում պիտի տրուի, ներկայացեր կամ գիր գրեր են: Կարծեմ թէ Ընդհանուր ժողովն իր մեծագոյն մասը միշտ կրնայ գտնել թէ որ ի պատիւ անուանական երեսփոխանաց Երուսաղէմի Ս. Յարութեան տաճարը գումարուի…

ԺԳ

Կ. Պոլիս, 30 մարտ 1865:

Մինչդեռ Պօլսի հայը Քրիստոսի շիրմին առջեւ ի հեռուստ ծունր դրած մօտակայ վանքի մը կանոնագիրը յօրինելու կ՚պարապի եւ երկնային օրէնսդրին կարգած օրինաց վսեմութիւնն ու գեղեցկութիւնը չըմբռնող սեւ գլուխներ աշխարհային կանոններու ենթարկել կ՚ճգնի, Իզմիրի Հայն` Աստղկան սեղանին սպասարկու` կ՚երդնու միշտ հլու պաշտպան մնալ պարահանդիսի մը մէջ փայլող կնային համաստեղութեան մը եւ ամէնուն սրտին սիրոյ կանոններ ներշնչել: Պօլսի Ընդհանուր ժողովն, այսպիսի տէրունական օրեր, Սինա լեռն ու Գողգոթան կ՚յիշէ, ազգին նուիրական շահերուն եւ իրաւանց վրայ կ՚խորհի եւ քրիստոնէական ու ազգասիրական պարտք մը կատարելու կ՚ջանայ։ Իզմիրի կնամիտ ծերակոյտը բարեկենդանի եւ Պաքոսի յիշատակներով մոլորած` փոխանակ սրտին, կանանց շպարը սրբելու կ՚զբաղի եւ անոնց մալաքոֆին առջեւ ողջակէզ մը մորթելու համար ի խաչ հան զՉԻԼԻՆԿԻՐ կ՚կոչէ: Այստեղ ոչ ոսկիով` այլ հնութեամբը շքեղ եկեղեցիի մը մէջ` յատենի Ընդհանուր ժողովոյ` Ռուսինեան մ՚իր ազդու ձայնովը կ՚հրաւիրէ Ս. Երուսաղեմի Պատրիարքն որ ազգին հաւատարիմ եւ կանոնագրին գործողութեան արթուն հսկող լինելու ուխտ ընէ, այդտեղ կրակոտ աւագանի մը կ՚դաւադրէ, եւ նորընծայ սատար մը կ՚արձակէ շուկաներն` որ ահա ստորագրութիւն կ՚մուրայ հեւալով` որպէս զի բողոք բառնան առ Կուսակալն հայ կանանց պատիւը պաշտպանելու Ծաղկի դէմ: Ո՛հ, ի՛նչ հակապատկեր։ Պօլսեցին այս պահուս, ինչպէս ուրիշ պարագաներու մէջ, օրէնսդրի վսեմ պաշտօնը կ՚վարէ, Իզմիրցին Տօն-Քիշօթի դերը կ՚խաղայ:

Ո՞վ է այս դիւցազնական շահատակութեան շարժառիթը: Ծաղիկդ դու, կ՚ըսեն: Վասն զի նամակ մը հրատարակած ես, որ պարահանդիսի մը նկարագիրն է: Այս նկարագիրը կարդացեր էի մեծ անտարբերութեամբ: Ոճը վառվռուն, իմաստները սահուն, դիտողութիւններն աննշան եւ ակնարկութիւնները շատ մուտ գտայ: Իսկ Վրոյրին դէմ ուղղած նետդ բոլորովին աննպատակ, զոր քեզի պիտի դարձընէի եթէ յանկարծ ուշադրութիւնս Ժէօն-Ժաններու վայնասունին չդառնար: Այս վայնասունն ի՞նչ կ՚նշանակէ: Ժէօն-Ժաններն (այս բառն իմաստ չունի) սկսեր են վերլուծել, մաղել եւ կրկին մաղել այն նամակն եւ անոր մէջ թոյն, անբարոյականութեան թոյն գտնել:

Այս իր կնոջ, այն իր քրոջ, միւսն իր սիրուհւոյն վրայ բիծ մը, անիծ մը նշմարել կ՚կարծէ, եւ առանց նամակին վիպական եւ հանրական ձեւը նկատելու, անբարոյական է, անտարակոյս անբարոյական պէտք է լինի կ՚պոռայ եւ Ծաղիկն առօք փառօք բանտ կ՚մտնէ:

Այս բանտարկութեան աւետիսը հաւատալի չեկաւ ինձ. չէի կրնար երեւակայել, որ քաղաքակիցներս զքեզ այդչափ պատւոյ հասցընելու միտում ունենան, չէի կրնար ըմբռնել, որ աննշան գիր մը քու փառքդ կազմէ: Ուստի` ինչպէս ուրիշներուն, նոյնպէս իմ հետաքրքրութիւնս շարժեցաւ եւ այն ճիւաղադէմ նամակը, զոր արդէն գրատանս, փոշիին մէջ նետեր էի, ուշի ուշով փնտրեցի, մաքրեցի, նորէն կարդացի եւ ծոցս դրի։ Իսկ երբ պատահմամբ ակումբի մ՚առջեւ, ուր կանանի ալ կար, ծերակուտին կատաղութեան վրայ խօսք բացուեցաւ, նամակը հանեցի ու ՆՈՐԷՆ կարդացի:

Մէկ կողմէն բանիբուն եւ ձեռնհաս անձինք, որ Բ. Դուռը ձայն, գրիչ եւ ազդեցութիւն ունին, ըսին թէ` այս նամակին մէջ Իզմիրի կանանց նկատմամբ չկայ դիտողութիւն մը, չկայ խորհրդածութիւն մը, չկայ բառ մը, վանկ մը` որ օրագրական կանոնաց համեմատ պատժելի համարուի Բայց Ծաղիկն օրագիր չէ. Ծաղիկն հանդէս է. եւ իբր այն` արդի օրագրական կանոնաց չէ կարելի ենթարկել: Տէրութիւնը դեռ գրաւոր օրէնք չունի այս մասին: Իսկ պարահանդիսին ներքին կարգադրութիւններուն պատմութիւնն, որոց ականատես չենք, կրնայ անհիմն եւ սխալ լինիլ։ Հետեւապէս պարահանդիսին տնօրէնները կարող են բողոքել գրով ուղղակի Ծաղկի դէմ եւ անոր վրիպակները շտկել առանց դատ վարելու: Զարմանք են, ստուգիւ թոթովեց ծերունի մը, որ Իզմիրի լուսաւոր երիտասարդութիւնն, որ ազատասիրութիւնն ուրիշի չտար, որ դէմքով, քայլով, հագուստով եւ լեզուաւ եւրոպական քաղաքակրթութեան հռետորը կ՚հռչակուի եւ ընկերային քաղաքավարութեան վրայ մեզի երբեմն դաս տալու կ՚ժպրհի, ելնէ այսօր եւ Ծաղիկին խմբագիրը քարկոծէ, բանտէ. եւ ինչո՞ւ համար, վասնզի հրատարակեր էր թէ երբ կին մը պարահանդէս կ՚երթայ` վարդ մը, ժպիտ մը, համբոյր մը քաղելու կ՚երթայ, երբ օրիորդ մը սէթեւեթ կ՚հագուի, կ՚կապուի եւ պարակցին թեւին յենած` գայթ ի գայթ կ՚սահի, աչքերէն շեշտակի կայծեր կ՚արձակէ, եւ կուրծքին ելեւէջը` սրտին այլայլութիւնը պատիր կամ անպատիր կ՚յայտնէ, ի հարկէ կ՚հրաւիրէ պատանին, որ իր ծուղակին մէջ ընկնի, երբ յիսուն գարուն անցնող կին մը գարնան բոյսերով կ՚զարդարի եւ պարահանդէս կ՚թռի, անշուշտ վանդակեն փախած թռչուն մը վերորսալու համար կ՚զարդարի: Այս բաներն իմ մամս անգամ գիտէ, եւ Ծաղիկը կրկնելով նոր բան մ՚ըսած չլինիր: Ուրեմն Իզմիրի հայերն ինչո՞ւ համար կ՚զայրանան, կփրփրին Ծաղկի դէմ։ Ծերութիւնն անգամ գրչի ազատութեան պաշտպան է, եւ այս պարագայիս մէջ գոնէ քաղքիդ երիտասարդութենէն աւելի նոր ենք` թէեւ զմեզ կունտ եւ հին գլուխ կ՚կոչեն հոս…”:

Ընկերութիւնն ալեւորին արդարացի ցասման վրայ հրճուելու ատեն, միւս կողմէն` կանայք սկսան նամակը քննադատել: «Իզմիրի հայ կանանց պատիւը մեր պատիւն է, ըսին ոմանք, անոնց արթուն համեստութիւնը, կայտառ եւ շնորհալի կերպերը նախանձելի են յիրաւի, սակայն կցաւինք, որ այս խնդրոյն մէջ այնպիսի տմարդի եւ թեթեւամիտ փաստաբաններու հանդիպեցան, որոնք օտար ատեանի կ՚դիմեն պահպանելու ինչ որ արդէն անարատ է, հրապարակի եւ շուկայի մէջ կ՚ամբաստանեն պարահանդիսին քընքուշ բամբիշներն, որոց անուան եւ սրտին մաքրութիւնը նշանաւոր է:

«Ուստի, յարեց գեղանի եւ աշխոյժ օրիորդ մը` սիրապէս ինձ ակնարկելով, ես կ՚երեւակայեմ, Պ. Վրոյր, որ կանանց պատիւը պաշտպանող հայրենակիցներդ կնկան մը պատիւն ի՞նչ է չգիտեն։ Չգիտեն, որ այս ալ տեսակ մը գողտրիկ ծաղիկ է, որուն բարակ հոտանոյշ թերթերը քանի քրքրես կ՚թափթփին եւ բունը մերկ կ՚թողուն: Ամէն տեղ կ՚գտնուին քինառու մարդիկ` որոց համար կնկան մը պատւոյն հետ խաղ բանալ անհնարին զուարճութիւն մ՚է: Զուարճութիւն մը, որ թերեւս հեռաւոր վշտալից յիշատակի մը ըստ վէրը կամոքէ եւ անուղղակի վրէժ կ՚լուծէ: Եթէ այսպիսիներու բերանը կնկան մը պատիւը ճարակ ընկնի ոսկորի պէս կ՚կրծեն զայն եւ իրարու ճիրանէ կ՚քաշքշեն։ Արժանի կնկան մ՚անունն եթէ անարգող եւ մրոտող գազան մը գտնուի, բողոքագրով չմաքրուիր այն, այլ արեամբ։ Այս պարագայիս մէջ Ծաղիկն անարգած չէ պարահանդիսին գեղանիներն` այլ անոնց իբր պաշտպան կանգնող անձինք, որ թերեւս ուրիշ միջոցաւ հաճելի լինելու յուսահատ` պատրուակ մը փնտռեցին Ծաղկի նամակին մէջ իրենց դժպհի արիութեամբ` թէ ոչ կանանց սիրտը` գէթ աչքը մտնելու: Հաւաստի եմ, պնդեց սիրուն ատենաբանն` որուն սեւ ակունքը խօսքին հետ կ՚վառէր քանի շարունակեր, հաւաստի եմ որ մեր Իզմիրի տոհմուհիներն, որոց սեռին դիւրազգաց տպաւորութեան ի բնէ հաղորդ կ՚գտնուիմ, կ՚անգոսնեն այն զէնքերն որ պաշտօնական ցուրտ եւ բռնական դրոշմ կ՚կրեն եւ իրենց անունն անվայել վայրերու մէջ կ՚հնչեցնեն: Վասն զի` մեք ընդհանրապէս Ռուսօյին այս խօսքը քաջ կ՚զգանք թէ` կին մը գոհ պէտք չէ լինի իր առաքինութեան եւ համեստութեան ներքին զգացմամբը միայն, այլ պէտք է որ հասարակաց կարծեաց յարգել եւ գովել տայ նոյն զգացումն: Արդ ինչ կ՚տեսնեմ այսօր, կ՚դիտեմ որ Ծաղիկ հանդիսին խմբագիրն իրաւամբ կ՚փառաւորուի այս տեղ իբր կարծեաց ազատութեան նահատակ մը` իսկ պարահանդիսին կանանց անունը կ՚խօսուի եւ հասարակութեան ուշադրութիւնդ կ՚գրգռէ: Եւ մեզի ակներեւ ճշմարտութիւն մ՚է, որ կին մը չախորժիր որ իր` պատւոյն սրբավայրը մարդիկ դիտակով ի մօտոյ դիտեն: Ծաղկին այն նամակն որ թագուն եւ սուր փուշ մ՚է, առջի անգամ ուշի ուշով չկարդացի. ըստ որում պարահանդիսի նկարագիրներն արտաքին գոյներով միայն իրարմէ կ՚տարբերին: Իսկ իրեն ներքին նպատակը նոյն է, այսինքն զբօսնուլ, ծիծաղիլ, լալ, պարել, հառաչել, նենգել, պատրել եւ երբեմն կորսուիլ: Այսպիսի նկարագիրներու ընտրելագոյնն, ինչպէս ես, նոյնպէս սիրուն հայրենակիցները, գաղղիական վէպերու մէջ կարդացած են անշուշտ: Բայց երբ լսեցի որ դատաստանական ատեանի մ՚առջեւ նոյն նկարագիրն ամբաստանուեր Է իբր անբարոյական եւ ապականակիր, ուզեցի գիտնալ թէ ո՞րն է անբարոյական մասն եւ մտօք շօշափել անոր առարկայ եղող էակներն: Ի զուր ջանացի անուն մը, ուրուական մը գտնել եւ քիչ մը ժպտիլ. իսկ եթէ հետաքրքրութիւնս առաջ տանէի` կարելի է, որ քանի մը չարամիտ պատանիներ քմածին մեկնութիւններ տալով` մէն մի աննշան կէտն անձի մը յատկացընէին:

Ուրեմն Ծաղիկը գրեց նամակ մը. Ժէօն-Ժանը զայն մեկնեց, թարգմանեց, անոր չըսածը հրատարակեց. հասարակութիւնը ծիծաղեցաւ: Ծաղիկը կրկնեց ինչ որ պարահանդիսի մէջ այր ու կին կ՚զգայ ու կ՚տեսնէ. Ժէօն-Ժանը մատով ցոյց տուաւ անոնց տեսածն եւ զգացածն եւ սպիտակ թղթի պէս մաքուր անուններ նշաւակ ըրաւ, գրեթէ մրոտեց, մօտաւոր եւ հեռաւոր հայն այս քստմնելի եւ ծիծաղաշարժ տեսարանին քա՛հ քա՛հ խնդաց: Ուրեմն ի՞նչ եղաւ այս իրարանցումին արդիւնքը: Նուաստութիւն մասնաւորապէս Իզմիրի կանանց եւ ընդհանրապէս հայկական գեղեցիկ սեռիս, փոքրոգութիւն Իզմիրի եռանդալիր ծերակոյտին, փառաւորութիւն Ծաղկին: Եւ ստոյգն ըսելով` եթէ ձեր կանանիին տեղը լինէի` կ՚բողոքէի այս համբակ Ժէօն-Ժանին դէմ եւ անոր այս գռեհիկ ընթացքը դատապարտելով` ականջէն կ՚բռնէի եւ կ՚հրաւիրէի զանի, որ մեր պատիւը պատերազմի դաշտին վրայ հրազէնով պաշտպանէ, եթէ երբէք այս պատիւն անարգող կայ, եւ չէ թէ ոստիկանութեան եւ բռնութեան գաւազանաւ, քանի որ կան այդպիսի պատանիներ ձեր քաղաքն, որ մենամարտութեան արդէն վարժ` պատրաստ են, կ՚ըսեն, ամենաչնչին առթիւ` սուրը պատենէն քաշել եւ խրոխտաբար սիգալ: Վասնզի, քաջ գիտցէք, որ չկայ բան մ՚այնքան ատելի կնկան մը, ինչպէս այն մարդն, որ շան պէս մեր բոլորը կ՚քծնի, կ՚շնթէ եւ սրահէն դուրս իր ոսոխին վրայ գռեհօրէն եւ պոչը կախած կ՚յարձակի եւ անոր ոտքը կ՚խածնէ…»:

Գեղադէմ օրիորդին այս պարզ եւ իմաստալից խորհրդածութիւնները լսելով` գետնէ գետին անցայ, մերթ կ՚զմայլէի անոր անկեղծութեան եւ Իզմիրի կանայքը պաշտպանելու եւ երիտասարդութիւնը դատապարտելու երկսայրի լեզուին վրայ, մերթ կ՚սրտմտէի, որ նորաբոյս կոյս մը մեզնէ աւելի ազատամիտ` մեզի կանացի բնութեան վրայ դաս տալու կ՚յանդգնի, մանաւանդ երբ կ՚նշմարէի, որ բազմականները ներքին ախորժ մը կ՚զգային զիս անոր առջեւ շանթահար եւ ափ ի բերան ընկած տեսնելով:

Վերջէ կմկմալով ըսի. «Ազնիւ օրիորդ, մեր քաղքին անցքերն ամառնային կարկուտի կ՚նմանին որ առանց հետք թողլու կ՚ցամքին կ՚անցնին, թէ բարին եւ թէ չարը, թէ վարդն եւ թէ տատասկն արմատ կ՚ձգեն այնտեղ, բայց անտես կմնան: Այսօր խաչկալ, վաղն արձան, միւս օր Ժէօն—Ժան, ասոնք վաղամեռիկ եւ երերուն բաներ են։ Մինակ սրտիդ պէս սիրտերն արդունաբեր եւ ամուր են, որոց կ՚կարօտինք մեր ապագայ սերունդը դաստիարակելու համար: Իմ բնիկ երկրիս սիրասուն կանանց պատիւը զերծ եւ անփորձ պիտի մնայ այն մրրկալից փեղոյրներէն` որոց մէջ ծրարուած գլուխները թէեւ բարեմիտ բայց անոնց տէրերը ծեր տղաքներ են»:

Իսկ բոլոր ակումբը ձայնակից էր օրիորդին, որ յանկարծ մօտս գալով փսփսաց. «Ծաղկին 107 թիւը նշանաւոր թիւ մ՚է, ոսկեզօծ կազմէ ու պահէ։ Ժէօն-Ժանին թոռը չպիտի հաւատայ օրին մէկն, որ իր պապն այս թիւը հալածելու չափ մոլեգնէր է, եւ այն խորագիրն աւրելով պիտի գրէ. ո՛հ, Լէ վիէյլ Ժա՛ն»: Եւ ես այս հեգնութիւնն ալ կլլելով` կ՚պատրաստուէի խնդիրը կարծեաց ազատութեան նկատմամբ քննել եւ այս մասին եղած բռնաբարութիւնները ծաղր ու ծանակ ընել` երբ իմացայ որ բանտէն ելեր ես: Այս ազատումն ոսոխացդ դէմ իրական առարկութիւն մը լինելուն իմ փաստերս մէջ չբերի:

Մաղթեմ որ նորէն ծակը մտնես ի սէր կարծեաց ազատութեան:

ԺԴ

Կ. Պոլիս, 1 ապրիլ 1865:

Ազգային տուրքի կենսական խնդիրն Ընդհանուր ժողովին ձեռնհասութեան կ՚պատկանի լուծել. բայց կ՚երեւի թէ այս մեր Ընդհանուր ժողովը չպիտի կարենայ այս լափիւրինթոսէն դուրս ելնել եւ Արիանէին օգնութեան կ՚կարօտի: Այս օգնութիւնը կ՚կարծէ ընծայել Ռուսինեան էֆէնտին իր Հանգանակութեամբն` որ այս օրերս տպեալ դուրս ելաւ:

Ռուսինեան էֆէնտին ամուր սկզբունքի, գիտութեան եւ ընտիր բնութեան տէր մարդ է. Տէրութեան նախարարաց մէջ համարում եւ Պոլսոյ Հայոց մէջ անուն ունի: Ազգային օրէնսդրական շարժմանդ մէջ թէ ոչ երեւելի` ազդու մասնակցութիւն ունեցած է Քաղաքակիրթ ազգերու օրինաց ոգուոյն եւ գրումն հմուտ` հին եւ նոր Սահմանադրոլթեան խմբագիր ժողովակներուն մէջ օգտակար խորհըրդատու եղած է. ինքն է նաեւ Ուղղախօսութիւն անուն քերականութեան երեւելի հեղինակներէն մին, որ երբեմն հայկական լեզուն այլակերպելու փորձ փորձեցին:

Ռուսինեան էֆէնտին բանականութեան եւ թուաբանական ճըշտութեանց սիրահար` տեսական աշխարհը կ՚բնակի: Իրեն համար միակ պաշտելին` սկզբունքն է, թէեւ անգործադրելի. միակ գործադրելին` իր խօսքը, թէեւ հայոց չիմանալի: Իր տեսութեան շրջանէն, իր խօսքին պարբերութենէն կէտ մ անգամ չուզէր շեղիլ: Ինչպէս նոր լեզու մը ստեղծելու համար քերականութիւն մը կ՚յօրինէ եւ ինքը միայն կանոնները կըմբռնէ, թէեւ քերականութիւնը բնականաբար խօսուն լեզուէն կ՚բխի, նոյնպէս ազգ մը կառավարելու համար նոյն ազգէն դուրս նոր օրէնք կ՚շինէ, որոց ինքը կ՚հետեւի, թէեւ օրէնքը պէտք է, որ կառավարելուդ վարուց եւ սովորութեանց դրոշմը կրէ:

Ռուսինեան էֆէնտին կրնայ Թուրքիոյ Հայոց նոր քերականն ու նոր Սիյէյէսը համարուիլ:

Այս անգամ Ռուսինեան էֆէնտին իբր տնտեսագէտ կ՚ներկայի ազգին իր Հանգանակութեամբն եւ այս յատկութիւնն ալ իրեն պէս քաղաքագէտ անձի մը յատուկ է եւ կարեւոր:

Հանգանակութիւնը կարդացի: Թէ որ այս խնդրոյն փոքրիշատէ տեղեկութիւն չունենայի, կ՚ցաւիմ յայտնելու, որ Ռուսինեան էֆէնտիին նկարագրած ոճովը չպիտի կարէնայի հասկընալ [1]: Արդէն խնդիրն ինքնին ծանր է եւ հայոց համար նոր` եւ երբ հեղինակին յատուկ` նորահնար, կրճատ եւ գրեթէ ուղղախօսական ոճով կ՚բացատրուի, աւելի եւս կ՚ծանրանայ, կ՚մթագնի եւ այն ազատութեան չվանը` զոր մեզի կարկառել կ՚ուզէ` մարդասիրաբար մեր ձեռքէն կ՚ըսահի. այն լոյլսը զոր մեր աչաց առջեւ սփռել կուզէ` կ՚ամպոտի եւ դարձեալ զմեզ աւելի խոր անդնդի մէջ կ՚թողու։

Հեղինակին գրութեան ոճը նշանակելով` միտքս անոր ոգին դատապարտել չէ երբեք։ Նիւթին կողմէն Հանգանակութեան գրքոյկն առաջինն է մեր ազգին մէջ, բայց ինչ օգուտ որ տուրքի խնդիրը բոլորովին չլուծեր:

Հեղինակը տնտեսական գիտութեան տեսութեամբ իրաւանց եւ պարտուց սկզբունքը բացատրելէն ետեւ` կ՚ըսէ թէ` «Օրինաւոր պարտք է հանգանակութիւնն եւ ոչ կամաւոր նուէր»: Այսինքն իշխանութիւնը հանգանակութենէն իւրաքանչիւր անհատի ընկած բաժինը սահմանելէն ետեւ` ըստ կարողութեան եւ արդարութեան. այն անհատը նոյն բաժինն իբր պարտք պիտի վճարէ եւ չէ թէ իբր ողորմութիւն: Սակայն երբ բաշխման գործողութեան կ՚հասնի, հեղինակն, ոչ միայն Սահմանադրութեան հակառակ դիրք մը կ՚բռնէ, այլեւ իր առջի սկզբունքին դէմ կխօսի:

Բարոյական իշխանութիւն մը դատաւոր կ՚ընտրէ, որ է մարդուս խիղճն, եւ անոր կ՚թողու վճռել իւրաքանչիւր անհատի կարողութեան չափը: Բայց քանի որ Սահմանադրութիւնը կ՚տրամադրէ թէ` բաշխման հիմ պիտի բռնուի իւրաքանչիւրին կարողութեան չափը, քանի որ հեղինակը կ՚ընդունի թէ հանգանակելի բաժինն օրինաւոր պարտք է եւ ոչ նուէր, հետեւապէս հարկ է` ըստ Սահմանադրութեան եւ ըստ իւր սկզբան` որոշել հանգանակելու պայմանին մէջ գտնուող անձինքն, օրինապէս գտնել անոնց կարողութեան չափն եւ ըստ այնմ դասաւորելով` պահանջէք հանգանակելի գումարն իբր պարտք։ Ապա թէ ոչ հանգանակութիւն բաժինը պարտք չլինիր, այլ նուէր, ողորմութիւն: Ըստ որում երբ խղճիս կ՚դիմես, որ բան մը տամ, խղճէս բղխածն ողորմութիւն է. եւ այս ողորմութիւնս, թէեւ ամենաչնչին, պարտաւոր ես առանց մռմռալու ընդունիլ։

Միւս կողմէն Ռուսինեան էֆէնտին ըմբոստից` այսինքն դժկամակողաց դէմ միայն օրէնք ունի: Իսկ անոնց համար, որ կարող են 100 ղուրուշ ստորագրել եւ մինակ 5 ղուրուշ կ՚գրէն, ի՞նչ տրամադրութիւն կամ ի՞նչ պատիժ ունի ոչինչ [2]: Հետեւապէս հանգանակութիւնն` օրինաւոր պարտք է խօսքն` ինքնին կ՚ջրի: Յանգանակութեան պարտքն օրինաւոր կ՚ըսուի եւ օրինաւորապէս կ՚պահանջուի, երբ համեմատութեան եւ արդարութեան վրայ հիմնուած է, այս պարտքն որչափ կարելի է ճշտիւ գտնելու համար արտաքին իշխանութիւն մը պէտք է եւ ոչ ներքին [3]: Մարդկային բնութեան եւ շահասիրութեան կանոնաց հակառակ է ենթադրել թէ` անձ մը, թէեւ նոյն ինքն Արիսդիտես լինի, ինքնայորդոր իր կարողութեան չափը` չեմ ըսէր ճշտիւ, այլ 10. 000-ին 1 համեմատութեամբ որոշէ, եւ կամովին իր վրայ պարտուց բեռ, մ՚առնու:

Հեղինակն այս դժուարին դիրքէն ազատելու համար եւ մանավանդ իր սկզբունքին անարգասաւորութեան հետեւանքը գուշակելով` հանգանակողին ազգասիրութեան եւ պատուոյ զգացումները կ՚գրգռէ, ու կ՚ըսէ. «Բարոյական այս միջոցով (խղճի) կրնանք ըսել թէ նուէր է տեսակ մը զոր կ՚ընէ ոչ թէ հանգանակողն ազգին այլ ազգը հանգանակողին, իրեն յանձնելով իր կարողութեան չափը կամաւորապէս ինք որոշելն. անտարակոյս պահանջելի ճիշտ գումարեն որքան պակաս իր հանգանակը խոնարհի, ոք ստորագրել, ազգին կողմէն այնքան իրեն իբր շնորհ թողուած կրնայ համարուիլ»:

Իրաւ է, որ այս խորհրդածութիւնն եւ մանաւանդ հեղինակին մեղմ գրութիւնն, որ փոքր ինչ ընկերականութեան (socialisme) հոտն ունի, իր հոգւոյն մարդասիրական արդիւնքն են, բայց իբր հիմնական եւ գործնական սկզբունք բաշխման` ցնորական է եւ տնտեսական գիտութիւնը զայն չընդունիր. Ըստ որում ակն յայտնի պիտի երեւի գործադրութեան մէջ, եթէ երբեք գործադրուի այս կէտն, որ ազգը շարունակ հանգանակողաց նուէր ընելու պիտի բռնադատուի եւ ի վերջէ կեդրոնական սնտուկը պարտի ինքնաբուղխ գանձ մը դառնալ, որ հանրական պիտոյից բաւելէն ետեւ` ազգին ալ շնորհներ բաշխէ:

Բայց Ռուսինեան էֆէնտին դարձեալ կ՚առարկէ թէ` տէրութիւն մը միայն կարող է իր ձեռքն ունեցած նիւթական միջոցներով հանգանակողաց կարողութեան չափը գտնել։ «Ո՞ւր կ՚մնայ հապա մեր ազգն, որ Տէրութենէն կախեալ ժողովուրդ մ՚է, որոյ Վարչութիւնը բարոյապէս միայն կրնայ գործել… եւ չունի ձեռնհասութիւն հանգանակութեան զայս հիմը նիւթապէս փնտրելու: Իսկ ո՞վ զանի պիտի արգիլէ բարոյապէս փնտրելու զայս հիմը»:

Շատ աղէկ. ուրեմն կամ պէտք է Սահմ. 90դ յօդուածը սրբել, նոյնպէս հեղինակին օրինաւոր պարտք բառն, եւ ըսել թէ` ազգային հանգանակութիւնն ուրիշ բան չէ այլ կամաւոր շնորհ մը, զոր իւրաքանչիւր անհատ եթէ քիչ մը խիղճ ունի քիչ մը կ՚նուիրէ ազգին, թէ ոչ ազգը կ՚շնորհէ անհատին, եթէ խիղճ չունի եւ պարտքի տակ մնալ չուզէր, եւ կամ Սահմ. 90դ յօդ. հիմ բռնել եւ իւրաքանչիւր անհատի պարտուց քանակութիւնն ըստ արդարութեան վճռել:

Արդ՝ Սահմանադրութեան վերաքննութեան ժամանակ այս 90դ յօդ. կարելի է սրբագրել` բայց քանի որ այժմ ինչպէս որ է պիտի գործադրուի եւ Տէրութենէն հրամայուած է որ գործադրուի եւ Տէրութեան օրինաց մէկ մասը կ՚համարուի, հետեւապէս Ռուսինեան էֆէնտիին առարկութիւնն այս պարագայիս մէջ արժէք չունի։

Ազգը Սահմանադրութիւնն ընդունեց, Տէրութիւնը զայն վավերացուց, Սահմանադրութեան որ եւ է տրամադրութեան հակառակողը պատժելի է: Այս պատիժը թէ՛ ազգային Վարչութեան եւ թէ՛ Տէրութեան կողմէն գայ` իր անունը չփոխեր: Վարչութիւնն ուղղակի բարոյապէս կ՚իշխէ իրաւ, բայց անուղղակի նիւթական իշխանութեան կերպարանքն ալ ունի եւ երբ ստիպուի` այս իշխանութիւնը գործադրելու կ՚պարտաւորի:

Երբ Տէրութիւնն եւ Սահմանադրութիւնը կ՚ըսեն ազգին, որ քու ընդհանրական ծախքդ դիմաւորելու համար ընդհանուր տուրք հաւաքէ, եւ միանգամայն հանգանակութեան էական պայմանն անոր առջեւը կ՚դնեն, ի հարկէ այս պայմանը գործադրել տալու համար պէտք եղած միջոցներն որոշելու արտօնութիւնն ալ շնորհած կ՚լինին. ապա թէ ոչ, եթէ գործադրելւ հրաման տալէն ետեւ` գործադրութեան միջոցներն արգիլեն, Սահմանադրութիւնն օրէնսդրական հեգնութիւն մը կ՚դառնայ: Ազգային վարչութիւնն իր շրջանին մէջ գտնուած միջոցներով կ՚ուզէ որոշել հանգանակողաց կարողութեան չափն, ո՞վ կ՚արգիլէ զանի, եթէ Տէրութիւնն արգիլէ, որ յուսալի չէ, Սահմ. այն յօդուածը կ՚ջնջէ, եթէ հեղինակին ակնարկած դժուարութիւններն արգիլեն, կարողութեան չափն որոշուելու սկզբան դէմ զօրաւոր առարկութիւն մը չեն:

Բայց նոյնիսկ հեղինակն իր գրքին աղուոր շէնքը հիմն ի վեր կը տապալէ, հանգանակութեան այլեւայլ մանրամասն պարագաներու համար ուշի ուշով շարած գեղեցիկ կանոններն աւազի վրայ կ՚գրէ, երբ խիղճը դատաւոր կ՚բռնէ հանգանակութեան բաշխման: Այս դատաւորին շնորհն օրէնքի տակ չընկնիր. ինչպէս նոյն ինք Ռուսինեան էֆէնտին կ՚խոստովանի [4], վասն զի ողորմութիւնը` կանոն. չափ չունի, ինքնաբուղխ է եւ կանոնի ենթարկելն անոր գրգիռ եղող զգացմանց ազնուութիւնը ջնջել է։ Մինչեւ ցայսօր ազգային պատրիարքարանն ի՞նչ կ՚ընէ խելքին փչած ժամանակը կ՚մուրայ, կանոնի պէտք չունի, վասնզի կ՚մուրայ: Ռուսինեան էֆէնտին կ՚ուզէ, որ ըստ օրինի մուրայ, մուրացկանութիւնն ազնուացընել կ՚ուզէ անոր օրինաւորութեան կերպարանք մը տալով: Մուրացկան կառավարութիւն մ՚ազգին քսակէն խաչ ի ձեռին որչափ ստակ կ՚կողոպտէ, եւ ազգային գործերի ինչ յոռի վիճակի մէջ կ՚ձգէ, արդէն գիտենք։ Արդէն գիտենք, թէ Վարչութիւնը փորձ մը փորձեց ազգայնոց խղճին դիմելու նախորդ տրոց յանձնաժողովին յատակագծին հետեւելով: Հազարէն քանի՞ հոգի ստորագրեցին կամովին իրենց բաժինն եւ սնտուկն ի՞նչ մտաւ ոչինչ:

Ուրեմն քանի որ Տէրութիւնը, Սահմանադրութիւնը, Տնտեսական գիտութիւնն եւ մանաւանդ փորձառութիւնը եւ արդարութիւնը կ՚հաստատեն, որ խղճի դրամական արդիւնքն անբաւական են Վարչութեան մը ծախքը գոցելու, եւ հանգանակութիւնն ըստ կարողութեան բաշխելու սկզբունքը կ՚հրամայեն, եւ չէ թէ մարդասիրական եւ ընկերականութեան թիւր սկզբունքով մը խղճի դիմելով` կամ պէտք է իրաց արդի վիճակն ըստ առաջնոյն շարունակել, եւ ըսել. «Ազգային պատրիարքարանը հայրական իշխանութիւն մ՚է. իր օրէնքը մարդասիրութիւնն է. իր դատաւորը` խիղճը հիւանդանոց մ՚ունի, եւ մէկ քանի հատ ալ գրագիր, որոնք հաց կ՚ուզեն: Ահա անոր դռան վրայ սա գանձանակը կ՚կախենք: Ո՛վ որ կ՚ուզէ իր սրտէն բխածը թո՛ղ բերէ նետէ հոն, եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը վրան լինի»: Եւ կամ հրատարակել. «Ազգն ընդհանրական պիտոյքներ ունի, որոց հոգն ազգային պատրիարքարանի յանձնուած է, ազգային պատրիարքարանն իր բարոյական ազդեցութեան հետ արժանապատուութիւնն աւելցընելու եւ ընդհանուր ազգին բարոյական, մտաւորական եւ նիւթական իրաւունքներն եւ շահերը պաշտպանելու եւ զարգացընելու համար կանոնաւոր եւ արդիւնաւոր ելից եւ մտից հաշուեկշռի կարօտ է»:

Ռուսինեան էֆէնտին այս վերջին ազդարարութիւնը բանաւոր լեզուաւ կ՚հրատարակէ, բայց երբ գործադրութեան կ՚գայ` կ՚թեթեւի եւ հին գանձանակը պատրիարքարանի դուռը կ՚կախէ:

ԺԵ

Կ. Պոլիս, 27 սեպտ 1865:

Ազնիւ Կիլիկիա,

Մասիս` իր 708 թուոյն մէջ Քաղաքական ժողովին տագնապը խորագրով յօդուած մը հրատարակեր է, որ նշանակութեան արժանի է: Սոյն յօդուածին մէջ բուն խնդրէն դուրս եղած խորհրդածութիւնները բաց թողլով` անոր գլխաւոր կէտերն այստեղ կ՚ամփոփենք ա) Քաղաքական Ժողովներու նիստերը փոխանակ գործադիր իշխանութեան կեդրոնը լինելու սնոտի վիճաբանութեանց ասպարէզ դարձած եւ ազգին ներկայ տարտամ վիճակին եւ կեդրոնական սնտուկին դատարկութեան պատճառ եղած են։ բ) Քաղաքական ժողովոյ անդամոց հրաժարման պատճառը բոլոր անդամոց անհամամտութիւնն է եւ որպէս մէկ քանի անանուն յայտարարութեանց հետեւութիւնն է։ գ) Քաղաքական ժողովի համամտութիւնն, որ գործադիր իշխանութեան մը հարկաւոր է, ապահովելու համար, հարկ է պաշտօնէից գլուխ մը կամ առանձին պաշտօնեայ մ՚ընտրել եւ անոր առաջարկութեամբը պաշտօնակալներ ընտրել. եւ կամ երկու կամ երեք վստահութեան արժանի անձինք ընտրել, որ զատ զատ քսանական ընտրելեաց ցանկեր պատրաստեն եւ Ընդհանուր ժողովին ընտրութեան ներկայացընեն:

Այս կէտերուն վրայ, ներուի մեզ մէկ քանի դիտողութիւններ ընել: Նախ` մեր քաղաքական ժողովները գործադիր իշխանութիւն չեն, եւ` ըստ արդի Սահմանադրութեան` չեն կրնար լինիլ: Ազգային ժողովները մինակ օրինաւոր ատեան կ՚բանան, ատենական եւ դիւանական կանոնաց համաձայն, օրական կարգին մէջ գտնուած խնդիրները զատ զատ վիճաբանութեան տակ կ՚ձգեն, կ՚որոնեն, կ՚վճռեն, կ՚հրամայեն ու կ՚ձգեն կ՚երթան։ Սահմ. 41դ յօդուածը համառօտիւ կ՚ըսէ. Քաղաքական ժողովն ազգային քաղաքական գործոց ընդհանուր տեսչութեան, քննութեան եւ հաստատութեան պաշտօն ունի... եւ ոչ գործակալութեան: Ազգային գործադիր իշխանութեան գլուխը Ս. Պատրիարքն է, որ ազգային Ժողովներուն որոշումներն իրեն պատասխանատու գործակալաց միջոցաւ ի գործ դնելու պարտաւոր է։ Սահմ. առաջին յօդուածը կ՚ըսէ. «Պատրիարքն ազգային ժողովոց գործադիր իշխանութիւնը կ՚վարէ», այսինքն ժողովոց որոշումները գործադրել տալու պաշտօնն ունի, իսկ գործադիր իշխանութիւնը կ՚բաղկանայ Վարչութեան եւ անոր զանազան ճիւղերուն պատասխանատու պաշտօնէից դասէն, որոց վերբերական պաշտօններն անմիջական ընթացիկ եւ յարատեւ են եւ որոց գլուխ կ՚կանգնի Ս. Պատրիարքն, ըստ Սահմանադրութեան:

Արդ` քանի որ քուէից արդեամբն ընտրեալ ժողով մը գործակալ կամ գործադրող չէ, որ լռելեայն եւ մեքենայապէս աշխատի, քանի որ իր ատեանն ելած խնդիրները լոկ քննելու եւ վճիռ տալու պաշտօնն ունի սահմանադրական սկզբանց համաձայն, հետեւապէս խորհելու յատկութեան հետ վիճաբանութեան յատկութիւնն ալ պէտք է որ ունենայ: Քննել, համոզուիլ եւ որոշել, վիճաբանել կենթադրեն: Այն խնդիրն, որ առանց վիճաբանութեան կ՚անցնի, կամ ակն յայտնի ճշմարտութիւն մ՚է, կամ խիստ գռեհիկ նիւթ մը եւ կամ միապետական գլխի մը ծնունդն, որուն առջեւը միւս գլուխներն ի վնաս ազգին կ՚ծռին: Ազգին հին դրութեան Ժողովներուն ձայնը չէր ելներ, ի՞նչ երջանիկ վիճակ, ըստ Մասիսի, վասնզի մութին եւ մէկ երկու հոգի առանց քննելու կ՚վճռէին: Հիմակ լռութեամբ գործ տեսնել ոչ միայն անհնար այլեւ վնասակար է: Վասն զի Սահմանադրութիւնը նոր ի նորոյ խնդիրներ օր օրի երեւան կ՚հանէ, որ վիճաբանութեան կարօտ են. վասն զի նոր խնդիրներու ծագմամբը նոր կարծիքներ կ՚ծագին մտաց մէջ, որոց ընդհարումէն միայն ուղիղն եւ ճշմարիտը պիտի որոշուի, վասն զի նոր Սահմ. Վարչութիւն մը քանի քայլ առնու Սահմանադրութեան մէջ` նոր նոր կէտեր կ՚նշմարէ` որոց գործադրութեան ժամուն` բացատրութեան հետեւապէս վիճաբանութեան կ՚կարօտին. վասն զի ազգին մէջ այնպիսի բարեկարգութիւններ պիտի մտնեն, որ երկրաչափական ճշմարտութիւններ չեն. ուստի մինչեւ որ ժողովականաց մեծագոյն մասին համոզումը չգրաւեն` չեն կրնար վճիռ մ՚արտադրել եւ թէ երբեք ժողով մ՚առանց համոզման եւ Սահմ. օրինաց նկատողութեան որոշում մ՚ընէ, այն որոշումը թէեւ միշտ գործադրելի եւ յարգելի, ժամանակին պաշտպանելու համար ոչ բաւական լոյս եւ ոչ բաւական փաստ կ՚ընծայէ եւ հետեւապէս որոշումն անարդիւն, ժողովին վիճակը միշտ գրգռման եւ հասարակաց միտքը վրդովման եւ զայրացման մէջ կ՚մնան: Ուրեմն բուն իսկ ժողովներուն էութիւնը կ՚ցուցընէ, որ գործադիր իշխանութիւն չեն, այլ քննող, վիճաբանող, որոշող ատեաններ, այսինքն խոհուն եւ խօսուն հաւաքական էակներ, որոց վճիռները Ս. Պատրիարքին նախագահութեամբ կ՚արձակուին եւ ազգային պաշտօնեաներն եւ գործակալներն առանց քննութեան եւ դիտողութեան այն վճիռները կ՚գործադրեն:

Բայց միթէ ստո՞յգ է որ մեր առաջին, երկրորդ եւ երրորդ ժողովները միշտ սնոտի վիճաբանութիւններ ըրած են եւ կ՚ընեն, ինչպէս որ զանոնք կ՚ամբաստանէ Մասիս, եւ ազգին այս թշուառ վիճակին պատճառ եղած են, կ՚ըսէ:

Արդարեւ ամէն մարդ չկրնար Կիկերոն լինիլ, ամէն ժողովական Սահմ. 36դ յօդուածին պահանջած բարոյական հանգամանքները չէ ունեցած, հետեւապէս ամէն ժողովական միեւնոյն ազգային խնդիրները միեւնոյն լուսով չնկատեր եւ չմեկներ, ուսկից կ՚ծագի կարծեաց տարբերութիւն, անհամամտութիւն: Սակայն բոլոր ժողովականներն եթէ ազգին օգուտը կ՚սիրեն եւ Սահմ. սկզբունքը կ՚յարգեն, կրնան որեւէ ազգային կարեւոր խնդրոց վրայ համաձայնիլ՝ բաւական է որ օրինաւոր վիճաբանութեամբ համոզուին: Այս համոզումն արտադրելու համար հարկաւ անտեղի վիճաբանութիւններ ալ կ՚լինին, որոց առջեւն առնելն Ատենապետին պարտքն է, եւ հասուն միտքերը կ՚յոգնին. բայց քանի որ մեր ազգին պիտոյքը քաջ ճանչող անձինք քիչ կան, եւ դեռեւս պիտի ծնին. այն միտքերը պէտք է որ առանց բռնանալու յոգնին ու այնչափ որչափ որ օրինաւոր վիճաբանութիւնը կ՚ներէ, եւ խնդիրը կ՚տանի, մինչեւ որ կարեւորն եւ սահմանադրականը շօշափել տան:

Մեր քաղաքական ժողովները հարկաւ այս վիճակին մէջ գտնուած են, այո՛, շատ խօսէր եւ շատ վիճաբաներ են, եւ երբեք այսպիսի վիճաբանութիւններ սնոտի չեն համարուէր, երբ համոզելու պէտքը զգացուէր է, բայը ըսել թէ` որովհետեւ սնոտի վիճաբանութիւններ կ՚լինին, որովհետեւ գործադիր իշխանութիւն մը վիճաբանելու, պէտք չունի, պէտք է նաեւ վիճաբանութեան իրաւունքը ջնջել, Սահմանադրութիւնը ջնջել է: Դիւաններուն գործն է` ատենական կանոնաց համաձայն` միշտ խնդրոյ մը վիճաբանութիւնն իր սահմանին մէջ պահել, երբ կ՚տեսնեն թէ անձնական կիրք, հակառակասիրութիւն, իշխանասիրութիւն եւ իմաստակութիւն տիրապետել կ՚ուզեն: Ահա օրինակի համար Ս. Երուսաղէմի վանուց կանոնագիրն: Ահա ընդհանուր տրոց խնդիրն: Առաջինը Խառն ժողովին աչքէն հարեւանցի անցնելէն ետեւ` Ընդհանուր ժողովին առջեւն ելաւ եւ անոր վեց եօթն նիստերը գրաւեց, նշանաւոր եւ վիճաբանութւամբ լի նիստեր, բայց վերջապէս հաստատուեցաւ եւ օրինաւոր բան մ՚երեւան ելաւ, որ եղած վիճաբանութեանց արդիւնքն է: Իսկ միւս խնդիրն այս եւ այն յանձնաժողովին ձեռքէն անցնելէն ետեւ` թէ Քաղաքական ժողովին եւ թէ Ընդհանուրին մէջ առանց վիճաբանութեան ընդունուեցաւ, եւ արդիւնքն ի՞նչ եղաւ— չգործադրուեցաւ: Եւ ահա, այս խնդրոյն անլուծանելի մնալն է, ըստ մեզ, որ գլխավորապէս տեղի տուած է ազգային ներկայ վիճակին եւ կեդրոնական սնտուկին դատարկութեան:

Ուրեմն ամէն անգամուն, որ ժողովոց մէջ կամ մասնաժողովի մը միջոցաւ խնդիր մ՚օրինաւոր վիճաբանութեան բովէն անցած է, այն խնդիրը զտուած, լուծուած եւ գործադրուած է, միշտ այս առթիւ լուսաւորուած ժողովուրդի մը համակրութիւնն եւ պաշտպանութիւնը գտնելով: Ուրեմն չմեղադրենք մեր Քաղաքական ժողովներն, երբ սահմանադրապէս վիճաբանին եւ օրինաւոր որոշման ղան: Վասնզի անոնց մտաւորական կարողութիւնն եւ ազգասիրութիւնը կասկածի տակ ձգել է ենթադրելը թէ` մէկին կամ միւսին խօսքովն առանց համոզուելու խնդիր մը կ՚որոշեն եւ կամ իրենց կիրքը յագեցընելու համար սնոտի վիճաբանութիւններ եւ արգելքներ կ՚հարուցանեն:

Այս մեր դիտողութիւնները Մասիսիս ըրած երկրորդ դիտողութեան կէտին ալ պատասխան են. ըստ որում` ամէն ժողովոց էական եւ անհրաժեշտ մէկ տարրը կարծեաց տարբերութիւնն կամ անհամամտութիւնն է, որ վիճաբանութեամբ կ՚պարզուի, ըստ որում` մեծագոյն մասին որոշումն, օրինաւոր կամ ապօրինաւոր, միշտ որոշում է եւ անհամամիտ գտնուող ժողովականները չեն կրնար նոյն որոշման դէմ դնել, հետեւապէս արդի ժողովականաց մեծագոյն մասին հրաժեշտն ալ չկրնար անհամամտութեան արդիւնք համարուիլ։ Ուստի` ուրիշ պարագաներու մէջ, որ մեզի անյայտ են, պէտք է այս հրաժարմանց պատճառը փնտրել: Դարձեալ չենք կրնար ենթադրել, որ դիտող հայու մը եւ ժողովականի մը հրատարակած յայտարարութիւնները տեղի տուած լինին հրաժարմանց, որովհետեւ` ոչ միայն հրաժարականի սկիզբը նոյն հրաարակութիւններէն առաջ եկած է, այլեւ Քաղ. ժողովն` անոնց հեղինակները տպագրական կանոնաց համաձայն` կրնար դատաստանի կոչել տալ, որով բնաւ իր արժանապատուութեան եւ համարման արատ մը բերած չէր լինէր, քանի որ այս տպագրական ազատութեան դարուս մէջ` մամուլը մինչեւ անգամ մեր ժողովներէն աւելի բարձէ իշխանութեանց գործերը դատաքննութեան ներքեւ կ՚ձգէ եւ երբ օրինաց սահմանէն շեղի, կ՚պատժուի: Ըստ մեզ, հրաժարման գլխաւոր շարժառիթն աւելի հաւանական է գտնել ազգային տրոց խնդրոյն մէջ:

Վերջապէս երրորդ կէտն` որ ամէնն կարեւորն է, չկրցանք ըմբըռնել թէ Մասիս ազգային Սահմանադրութեան ո՞ր սկզբունքէն քաղած է: Իր առաջարկութիւնը` լոկ առաջարկութիւն մ՚է, զոր Մեծ. Սէրվիչէն էֆէնտին արդէն ըրած եւ մերժուած է, եւ որ թերեւս Սահմանադրութեան վերաքննութեան ժամանակ նկատողութեան առնուի, թէեւ գլխովին սահմանադրական տրամադրութեանց հակառակ է։ Սահմանադրական իշխանութեանց մէջ այս առաջարկած միջոցը կ՚գործադրուի, կ՚ըսէ Մասիս այդ հաւատալի է, բայց չէ թէ քուէարկութեամբ ընտրելի պաշտօնատարներու համար, ինչպէս կ՚ընէ Անկլիա, այլ գործադիր պաշտօնեաները հաստատելու, համար, որոնք մեր Սահմանադրութեան գործական կանոնաց (օrganique) կ՚վերաբերին։ Սակայն այն վերընտիր անձինքը, զորս Մասիս պաշտօնէից գլուխ կ՚անուանէ, ո՞վ պիտի ընտրէ: Այն անձինք Ընդհանուր ժողովէն աւելի ձեռնհաս իշխանութեան տէր պէտք է լինին, որ իրենց հաւնած անձինք իբրեւ ընտրելի կացուցանեն եւ կերպով մ՚ազատ քուէարկութեան անբռնաբարելի իրաւունքը բռնաբարեն։ Օսմանեան Տէրութիւնն` այս բարձր իշխանութիւնն անգամ՝ որ մեզի ազգային Սահմանադրութիւնը շնորհած է, երեսփոխանութեան սկզբունքը յարգելով` այն իրաւունքն իրեն չէ վերապահած, զոր եթէ ուզեր կրնար ընել։ Մասիս թերեւս չգիտութեամբ երեսփոխանութեան ընտիր իրաւունքը վտանգի մէջ կ՚ուզէ թողուլ` նոր սկզբունք մը քարոզելով եւ նոր իշխանութիւն մը երեւան հանելով: Այսպիսի իշխանութիւն մ՚ուրիշ պարագայի եւ ուրիշ առթի մէջ Ֆրանսայի կայսրը կ՚գործածէ ընտրողաց ի պաշտօնի ընտրելիներ ներկայացընելով։ Բայց Մասիսի բուն նպատակն ի՞նչ է այս առաջարկութիւնն ընելով կ՚ուզէ, որ Քաղ. ժողովս անով համամտութիւն գտնէ: Է՛հ, ի՞նչ պէտք է համամտութիւն փնտռել այն ժողովին մէջ ուր Մասիս վիճաբանելու, այսինքն համոզուելու պէտքը չզգար. ի՞նչ պէտք է համամտութիւն այն ժողովին մէջ, երբ Մասիս կարծէ թէ անի լոկ գործադրող ժողով մ՚է. եւ եթէ այսպէս է եւ եթէ գործադիր իշխանութեան համամտութիւն հարկաւոր է, միթէ աւելի տրամաբանօրէն մտածել չէ՞ որ գործադիր իշխանութեան մ՚անդամներն իրենց գլխին, այսինքն Պատրիարքին հետ համամիտ լինին, հետեւապէս աւելի օրինաւոր չկրնա՞ր լինիլ երբ ուրիշ մէկն ալ առաջարկէ որ Ս. Պատրիարքը ժողովին անդամներն ինքն որոշէ:

Մեր ազգային Սահմանադրութեան սկզբանց եւ տրամադրութրանց դէմ առաջարկել, որ Ընդհանուր ժողով մ՚իր գլխին վերեւն այսօր ընտրողական մասնաժողով, վաղն ընտրող իշխանութիւն մ՚ունենայ, ոչ միայն անոր ազատ հեղինակութիւնն ուրանալ կամ վտանգի մէջ ձգել է, այլեւ անոր մտաւորական ընտրողութեան վրայ թեթեւ գաղափար մ՚ունենալ է: Ազգային Ընղհանուր ժողով մը չկըրնար իր իրաւունքն ուրիշի ձեռօք գործածել. իր իրաւասութիւնն անկոպար պահելու այնքան նախանձախնդիր է, որ` Դիւանին ինքնին մասնաժողովի անդամներ կարգելու առաջարկութիւնը մերժած է, ո՛ւր մնացած այնպիսի առաջարկութիւն մ՚որ ներքին նպատակ ունի միայն միշտ կարգ մը կամ կուսակցութեան մը մարդիկ որ հարկաւ ամէն բանի մէջ համամիտ կ՚լինին, պաշտօնի հանել համամտութիւն գտնելու պատրուակաւ: Այս համամտութիւնը ձեռք ձգել ոչ միայն անկարելի այլեւ վնասակար է: Երեսփոխանութիւնն արդէն զատ զատ կարծեաց արտայայտութիւնն է, որուն ծնունդն եղող Քաղ. ժողովը հարկաւ տարբեր տարբեր տարերօք կ՚բաղկանայ: Ժողով մը ճնշման եւ կամ մտաւորական թերութեան տակ գտնուած կ՚սեպուի, երբ շարժումի եւ կենդանութեան նշոյլ մը չցուցըներ: Այս կենդանութեան նշաններն իր վիճաբանութեանց եւ խորհրդոց արդիւնքն են, որ վերջը գործ կ՚դառնան: Լռութիւնը, բռնութիւնն եւ թմրութիւնը յառաջադիմութիւն չեն: Ազգ. ժողովները դեռեւս շատ պիտի վիճաբանին մինչեւ որ խիստ կարեւոր խնդիրները պարզուին եւ ճշմարտութիւններ դառնան: Փափաքելին այն է միայն, որ այս ճշմարտութեանց հասնելու համար ան սահմանադրական եւ բռնի միջոցներու չձեռնարկուի եւ ժողովներուն անկայուն վիճակին բուն պատճառը օգնելով` անոնց օրինաւոր դարման մը մտածուի` ըստ Սահմանադրութեան:



[1]            Հեղինակը կրնայ առարկել, թէ ով ոք գրիչ եւ մանաւանդ գլուխ մ՚ունի` ազատ է իր ուզած ոճովը գրել, քանի որ արդի աշխարհիկ լեզուն դեռ քերականական հաստատուն կանոններէ զուրկ է, բաբելոնեան խառնակութիւն մ՚է: Բայց ասի փաստ մր չէ, եւ արտօնութիւն չտար լոկ անձի մը գլխէն վճռաբար քերականութիւն մը հանել եւ անով խօսիլ երեսփոխանութեան մ՚որ մինակ ընթացիկ լեզուին հմուտ է։

[2]            Արդարեւ զարմանալի կ՚թուի ինձ, որ Ռուսինեան էֆենտիին պէս իրաւասէր անձ մը ըմբոստից դէմ պատիժ կ՚տնօրինէ եւ զանոնք այլեւայլ ազգացին իրաւունքներէ կ՚զրկէ, մինչդեռ զանոնք, որ իրենց կարողութենէն խիստ վար հանգանակ մը ստորագրելու կրնան խոնարհիլ, անպատիժ կ՚թողու: Ի՞նչ կ՚ըսեմ, անոնց նուէր կ՚ընէ պակաս բաժինն: Օրինակի համար` այս գրութեամբ անձ մ՚որ 100 ղուրուշ դրուած Է էլ առանց բանաւոր պատճառ ցուցընելու չվճարէր նոյն գումարն, իբր ըմբոստ պիտի համարուի եւ իր դիւանական յարաբերութիւններն ազգային պատրիարքարանի հետ դադարած պիտի հրատարակուին։ Իսկ այն` որուն 5000 ղուրուշ տալու կարողութիւնն ակներեւ է եւ իր խղճին խորհրդովը լոկ 50 ղուրուշ կ՚ստորագրէ, այն անձն իր բոլոր ազգային իրաւունքները պիտի վայելէ, որովհետեւ 50 դուրուշ օրինաւոր պարտքը վճարած է, եւ 4950 ղուրուշ մնացորդն ազգն անոր շնորհ ըրած է, լռելեալն: Այս ի՜նչ անհամեմատ արդարութիւն: Միթէ աղքատին եւ հարուստին համար նոյն ոյժը չունի՞ն պատժելի օրէնքը: Միթէ այս դրութիւնը կերպով մ՚ազգայինները ստութեան ճամփան չը՞ տանիր, այնպէս որ պատժելի օրէնքէ զերծ մնալու պատրաստի պատրուակ մը չը՞ ցուցըներ ամենափոքր գումար մը վճարելով` ըմբոստից կարգէն աժան գնով ազատելու համար։

[3]            Բայց հեղինակն ինչո՞ւ համար իր ընտրած դատաւորին խղճին լուռ կեցած ատեն (տե՛ս Հանգանակութեան երես 43) այսինքն երբ իր հանգանակը չորոշէ, կ՚առաջարկէ, որ Քաղաքական ժողովն աստիճանացոյցին մէջ որքան անծանօթ կէտերով պարապ ձգուած տեղեր որ կան` ծանօթ թուանշաններով լցնէ։ Կ՚հարցնեմ Ռուսինեան էֆէնտիին թէ` այս լցնելու գործն ի՞նչ կ՚նշանակէ. միթէ իր գրութեան հակառակ չէ՞. միթէ վճռաբար պիտի դնէ թուանշանները Քաղ. ժողովը, թէ ոչ համր եւ խուլ խիղճ ունեցող անձի մը տկարութիւնն որեւիցէ կերպով մը գտնելով պիտի լցնէ: Եթէ վճռաբար որոշէ, հարստահարութիւն է, որ ի հարկէ Ռուսինեան էֆէնտին չընդունիր. եթէ քննութեամբ պիտի որոշէ` Ռուսինեան էֆէնտին ակամայ նեղը մտնելով` մեր սկզբունքը կ՚դաւանի, այսինքն արտաքին իշխանութեամբ ստուգել` ըստ կարելւոյն` հանգանակողաց կարողութեան չափը:

[4]            Տե՛ս Հանգանակութեան Ազգը: