Հայկական նամականի

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ի

Կ. Պօլիս, 23 յունուար 1866:

Մայրաքաղաքիս մէջ առայժմ, տեղական թղթատարութիւնը նորաձեւ, գրակցութեան ասպարէզ մը բացած` մանաւանդ ոմանց ձեռքը կիրք յագեցընելու, վրէժ լուծելու գործիք մը դարձած է, փոխանակ մտերմական եւ ընկերական յարաբերութեանը մշակութեան համար օրինաւոր հաղորդակցութեան միջոց մը լինելու, ինչպէս որ է քաղաքակիրթ ազգաց մէջ:

Կ՚երեւի թէ Արեւելցիին սովորութիւնն է միշտ նոր եւ օգտակար հաստատութեան մը` նախ վատ կողմը գործածել` եւ ապա անոր արգասիքը փնտրել: Ուրիշին փորձառութեան դասն իր վրայ ներգործութիւն չունի, մինչեւ որ ինքն ալ չփորձուի եւ երբեմն ալ չզոհուի:

Եթէ ըսես անոր թէ` գինին քիչ քիչ դեղի պէս խմուելով օգուտ եւ զուարճութիւն կ՚պատճառէ, իսկոյն Պաքօսին տակառին մէջ կ՚գլորի եւ իբր յիմարութեան կարմիր արձան մը կ՚կանգնի, կ՚երերայ ու նորէն անոր մէջ կ՚լողայ: Եթէ ըսես անոր թէ` երկաթը դիմացկուն նիւթ մի է, ահա սուր ու շղթայ կ՚շինէ եւ իր նմանին դէմ կ՚գործածէ: Մի ըսէր անոր, թէ սէրն երկնային պարգեւ մ՚է, վասնզի ահա տարին տասներկու ամիս կին կ՚առնու կ՚ձգէ: Եթէ պնդես, թէ գիտութիւնը լոյս է, մինակ Սբինոզայ, Հելվէսիոս, Թովմաս Բէյն կ՚կարդայ եւ շրջմոլի հուր մը կ՚դառնայ` որ դիերու արտաշնչութիւնն է: Եթէ ըսես թէ հուրը լաւ բան է, իսկոյն իր տունը կ՚այրէ, իր մեհեանը կ՚լուսաւորէ եւ կրակ կ՚պաշտէ: Մի՛ ըսեր անոր, թէ ինքն Աստուծոյ մարդ կամ պաշտօնեայ է, վասնզի շուտ մ՚ինքզինքը մարգարէի կամ նոյնիսկ Արամազդայ տեղն անցընելու կ՚ճգնի: Մի ըսեր անոր թէ խաղը զբօսանք է, վասնզի ահա իր բանը գործը կ՚ձգէ եւ Պօրսայի ծակէն այնչափ կ՚կախուի, որ վերջապէս անոր մէջ կ՚գահավիժի: Մի՛ ըսեր անոր թէ` այս սեւադէմ մարդը մեղքեր քաւելու պաշտօն ունի ի վերուստ, վասն զի իսկոյն ամէն ոճիր կ՚գործէ ամէն ժամ, եւ սեւադէմ դասը կ՚սնուցանէ` երկնից անցագիրն ապահովելու համար: Եթէ ակնարկես միայն թէ Եհովան փառաւոր մօրուս ունի, իսկոյն ալեւոր ծերունիի մը պատկերը կ՚շինէ եւ անոր առջեւ ծունր կ՚կրկնէ… Եթէ իմանայ, որ այս փողոցին ծայրը թիթեղեայ տուփ մը կայ, որուն մէջ եթէ գիր մը նետես շուտ մ՚իր նպատակին կ՚հասնէ, իսկոյն արեւելեան ոճով նամակ մը կ՚շարադրէ, զայն կ՚ծալլէ եւ իրեն անծանօթ անձի մը կ՚ուղղէ, ինչպէս որ ուղղուած է ինձ հետեւեալ նամակը:

 

Պարոն Վրոյր,

Արեւդ սիրեմ. ինչպէս աղուոր կ՚լուաս այն կիներն, որ մինակ իրենց հագուստն ու կապուստը կ՚մտածեն, իրենց տունին տեղին զարդն ու պսակը չեն, հապա օտարներուն կրից խաղալիքն ու ծանակը: Թէեւ ես տգէտ կին մ՚եմ, բայց բարեկենդանի առթիւ գրածդ ո՛ւր կ՚նայի կ՚հասկնամ եւ մինակ բանի մը համար քեզի դէմ գանգատ ունիմ:

Այս պատանին, այն աղջիկը կ՚խայթես, բայց, պարոն, կ՚երեւի թէ բերանդ չերթար խել մը կարգուած մարդերու ալ քանի մը կծու խօսքեր ուղղելու։ Ասոնք երիտասարդներէն աւելի խենդ, աւելի մոլի են, եւ օրինակն իմ աչքիս առջեւն ունիմ: Իմ էրիկս, պարոն, չոր հացը տունը կ՚բերէ, եւ արդար եղն ու անուշ պատառը խենէշին տունը կ՚կրէ։ Ահ, թէ որ գիտնայիր ի՛նչ կ՚քաշեմ անոր ձեռքէն։ Տունը կատղած գազանի պէս կ՚մտնէ, կռիւ կ՚փնտրէ, կ՚պոռայ կ՚կանչէ, ինչ որ ձեռքը հասնի կ՚խորտակէ, զիս ծեծելը կ՚մնայ եւ յիմարանոցէն փախած խելագարին պէս ինքզինքը տունէն դուրս կ՚նետէ… եւ երբ իր սեւերես սիրուհիին քովն երթայ` կատու կ՚դառնայ, անոր աղտոտ ոտները կ՚լզէ: Տասն օրէ ի վեր երեսը տեսած չունիմ… Բէրա է, կ՚ըսեն, ո՞վ գիտէ ինչ տղմի մէջ կ՚թաւալի, թէեւ իմ մարդս անուն ունի, մեծ պաշտօն ունի, պատիւ ունի կ՚ըսեն աշխարհիս մէջ, չեմ հասկնար թէ ինչպէ՞ս կրնայ պատուաւոր լինիլ այն մարդն, որ ընտանիքը մոխրի վրայ կ՚նստեցընէ, զաւակներն երեսի վրայ կ՚ձգէ եւ կնիկներուն ետեւէն կ՚վազէ: Կ՚երեւի թէ հիմա պատիւ բառն ալ իր նշանակութիւնը փոխած է…: Անօրէնը, թէեւ քանի մը զաւակի տէր եմ, բայց ինձի տարեկից աղջիկներ դեռ նոր փեսայ կ՚փնտրեն: Սիրող սիրտ մը եւ երկու հազար ոսկի օժիտ բերի անոր. ոսկին կերաւ, հիմա ալ սիրտս կ՚կրծէ

Կրօնական օրէնքը մինակ անհաւատարիմ կինը կ՚պատժէ. ուխտադրուժ մարդուն դէմ զէնք չունի: Հարկաւ մարդիկ ի նպաստ կանանց երբեք օրէնք չպիտի շինեն Արեւելքի մէջ, ուր` կինն ընդհանրապէս կարասի մ՚է, կամ քրջի կտոր մը…։

Մեր յոյսն ալ օրինաց վրայ չէ, ալ արդարասէր գրիչներու վրայ, եւ եթէ անոնք ալ չօգնեն, բացէ ի բաց մեր ամուսիններուն զազրալի ընթացքին դէմ պէտք եղած տեղը պիտի բողոքենք եւ մեր գլխին ճարը պիտի նայինք որովհետեւ մեր տնային երջանկութեան հետ ազգային տունն ալ փլելու վրայ է…։

Առայժմ բուն անունս սրտիս հետ պահելով կ՚ստորագրեմ,

ԻԶԱՐ

 

Իզա՜ր. ո՞վ կրնայ լինիլ այս կինն, ըսի իւրովի, եւ ինչպէս կ՚համարձակի անծանօթ անձի մը գիր գրել այսպիսի փափուկ խնդրոյ մը վրայ: Եթէ այս գիրը թաքուն նպատակ մը չունի, սիրտն այրած կնկան մը հառաչանքն է, եւ օրինաւոր վրէժխնդրութիւն մ՚այն անսիրտ ամուսիններուն դէմ, որ ամուսնական երջանկութենէն դուրս երջանկութիւն մը կ՚փնտրեն ընդունայն։

Ուստի Իզար, ո՛վ որ է, ներելի է, բայց իր վէրքն աւելի դիւրաւ կ՚բուժի, եթէ գրելու տեղ օր առաջ իր ամուսինէն զատուի երբ տեսնէ, որ նա անուղղելի է:

ԻԱ

Կ. Պոլիս, 1 փնտրուար 1866

Ատեն մը Կրօնական ժողովը լռիկ մնջիկ կ՚աշխատէր եւ կարելի եղածին չափ Գէր. Ներսէս եպիսկոպոսին ատենապետութեամբը կ՚գործէր: Իր իրաւասութեան սահմանը կ՚ճանչէր, քաղաքական ժողովները ճարակող հիւանդութիւններէն զերծ էր, եւ իր սրբագումար ատեանին մէջէն անհամամտութեան, վիճաբանութեան, միապետութեան եւ կրից քամիները կ՚սահէին կ՚անցնէին առանց պատկառելի ճակատներու վրայ բօթ մը գրգռելու: Կրօնական էր իր կոչումը, կրօնական էր իր իշխանութիւնը, կրօնական էր իր նպատակն եւ քաղաքական ժողովին հետ հաշտ էր:

Երբ զուտ կրօնական խնդիր մ՚իր առջեւը ներկայանար, կ՚լուծէր եթէ զայն իր ձեռնհասութենէն վեր գտնէր, կրօնական համագումար ժողով կ՚գումարէր. եթէ այս ալ անձեռնհաս գտնուէր, ընդհանրական Կաթողիկոսին կ՚դիմէր: Երբ վիճակի մ՚առաջնորդ պէտք լինէր, Քաղաքական ժողովին ընտրելեաց ցուցակ մը կ՚մատուցանէր, երբ Քաղաքական ժողովը զինքը հրաւիրէր` Խառն ժողով կ՚կազմուէր եւ Կրօնական ժողովն իր կարծիքը յայտնելէն ետեւ` վեզարը կ՚հագնէր կ՚երթար: Ուրիշ խնդիր է, թէ Սահմ. 28դ յօդուածին տրամադրութիւնները գլխովին կ՚գործադրէ՞ր թէ ոչ, ազգին կրօնական զգացումը կ՚զարգացընէր թէ ոչ, Հայաստանեայց եկեղեցուոյ դաւանութիւնն ու աւանդութիւններն անխախտ կ՚պահէ՞ր թէ ոչ, եկեղեցականաց բարեկարգութեան կ՚հսկէ՞ր թէ ոչ. արժանաւոր եւ բանիբուն վարդապետներ եւ քահանաներ կ՚հասցընե՞ր թէ ոչ: Այս հարցմանց ազգային արդի կրօնական վիճակը կրնայ պատասխանել:

Սակայն այժմեան Կրօնական ժողովն իր իրաւասութեան սահմանը շատ նեղ կ՚գտնէ, ազգային իշխանութիւնը զուտ կրօնական է, կ՚ըսէ. Քաղաքական ժողովին իրաւասութեան սահմանին մէջ կ՚ուզէ արշաւել եւ կ՚արշաւէ: Ոչ միայն հոգիներու այլեւ մարմիններու վրայ կ՚ուզէ տիրապետել. ոչ միայն խաչ այլեւ սուր կ՚ուզէ կրել: Ինքն ինքնին առաջնորդ կ՚կարգէ, ինքն ինքնին տէրութենէն նշաններ կ՚ուզէ այսինչ եկեղեցականին համար. ինքն ինքնին քաղաքական յանցանքով ամբաստանեալ եկեղեցական եւ աշխարհական մարդիկներ առանց քննութեան կ՚արձակէ, ինքն ինքնին կ՚դատէ, կ՚վճռէ, կ՚պատժէ, թէեւ պատժելին մատնիչ մը, գող մը, աւազակ մը լինի: Հետեւապէս հին եւ լուծուած խնդիր մը կ՚ուզէ յարուցանել, միեւնոյն գլխի վրայ վեղար ու թագ կ՚ուզէ դնել եւ աշխարհական վարչութիւնը կրօնական վարչութենէն զատ չկրնար ըմբռնել, թէեւ արդէն ազգային Սահմանադրութիւնը Կրօնական եւ Քաղաքական ժողովոց իրաւասութեանց սահմանները ճշգրիտ որոշած եւ տրամադրած է:

Բայց այնպիսի խնդիր մը ի՞նչ առթիւ նորէն կ՚յուզուի։ Մի՛ հարցըներ, բարեկամ: Պատրուակը Կարնոյ տէր Յակոբ դաւաճանն է, նպատակը Քաղաքական ժողովին կործանումը Կրօնական ժողովը` Քաղաքականն իմ իրաւունքս կ՚յափշտակէ, տէր Յակոբը պատժել կ՚ուզէ ըսելով` ոտք կ՚ելնէ եւ իր իրաւասութիւնը պաշտպանելու մտօք դաւաճան մը կ՚պաշտպանէ: Ինչ գեղեցիկ դատ. եթէ Կրօնական ժողովն իրաւունք ունենայ անգամ, քանի որ մէջտեղը մատնիչ մը կայ, իր դատը կորուսած է: Բայց փոյթ չէ, վասնզի այս դատին շարժառիթը կրօնական իրաւասութեան նախանձախնդրութիւնը չէ, վասնզի ասոր պատճառն ազգային կրօնական իրաւանց պահպանութիւնը չէ, այլ Քաղաքական ժողովին դէմ, ո՞վ գիտէ որոց դրդմամբ, մաքառելու կիրթ մ՚է: Այս խաղին թելին մէկ ծայրն, այս անգամ չէ թէ յԻւսկիւտար, այլ ինչպէս որ համբաւը կ՚ըսէ, Բերա է, միւս ծայրն ալ պատրիարքարանի մէջ եւ անոր ելեկտրական ժահահոտ հեղուկն է` յեղյեղուկ վեղար մ՚որ ատեն մը գլխարկ էր:

Իսկ Քաղաքական ժողովն ի՞նչ վիճակի մէջ է: Կ'ըսեն թէ անշփոթ կ՚քալէ, թէեւ իր գլուխն անշարժ է: Առջի Քաղաքական ժողովոց հիւանդութիւնն անդամներուն մէջ էր, այժմեայ Քաղաքական ժողովին ցաւը գլխէն է: Հետեւապէս երբ անդամները կ՚շարժին այսդին եւ գլուխը կ՚շարժի այնդին, մարմինը լուսնոտի մը կերպարանք կ՚ստանայ եւ իր ոյժն իր մէջը կ՚սպառէ: Խեղճ Քաղաքական ժողով, հիմա որ եռանդ ունիս գործելու, Կրօնական ժողովն ախորժակ ունի քեզի հետ չափուելու:

Բայց ի՞նչ կ՚նշանակէ այս ընթացքը, միթէ Կրօնական ժողովը Քաղաքականին հետ բարեկենդանի օրեր լինելուն զուարճանալու միտք ունի՞ իրօք. միթէ բանը գործը հատած ազգին առջեւ իր զորութիւնը ցոյց տալու միտո՞ւմ ունի։ Միթէ իր կրօնական իրաւասութիւնն եւ եռանդը գործածելու համար իրեն գո՞րծ կ՚պակսի: Դրսերը կրօնափոխութեան որոմն օրըստօրէ կ՚տարածի եւ լեզուն բերնին մէջ դարձող վարդապետ չկայ, որ մոլորեալ ոչխարները մայրենի եկեղեցուոյն փարախն ամփոփէ, եւ Կրօնական ժողովը գործ կ՚փնտրէ: Մեր վարժատուններուն մէջ աշակերտները քրիստօնէական դասերէ զուրկ են, քրիստոնէականի դասատու եւ օրինաւոր դասագիրք չկայ. եւ Կրօնական ժողովը գործ կ՚փնտռէ. Մեր եկեղեցականաց մեծ մասը թշուառութեան եւ չքաւորութեան մէջ կտառապին, անոնց ապագան անդորրելու հոգ տանող չկայ, եւ Կրոնական ժողովը գործ կ՚փնտրէ: Մեր եկեղեցական արարողութեանց եւ ժամերգութեանց մէջ անկարգութիւնն եւ նորաձեւութիւնները կ՚ավելնան, եւ Կրօնական ժողովը գործ կ՚փնտռէ, մեր վանքերն ապականութեան, աւազակութեան, մոլութեան եւ տգիտութեան ապաստանարաններ դարձած են, եւ Կրօնական ժողովը գործ կ՚փնտրէ: Պապականութեան սկզբունքը նոյնիսկ մեր Կրօնական ժողովին մէջ կ՚սպրդին, եւ Կրօնական ժողովը Հայաստանեայց եկեղեցուոյ անարատութիւնը պիտի պաշտպանէ՛…: Քանի մը միաբաններ Տարոնայ վիճակը հինգ վեց տարիէ ի վեր տակն ու վրայ կ՚ընեն, Խրիմեան Մկրտիչ վարդապետը քանի՛ քանի անգամ կ՚մատնեն եւ այս անգամ, ալ հալածական կ՚վանեն Կարնոյ տէր Յակոբին մատնութեան շնորհիւն. եւ Կրօնական ժողովը տէր Յակոբը կ՚պաշտպանէ եւ անոր սիրոյն համար ամէն բան աչքն առած Քաղաքական ժողովին հետ խաղ կ՚բանայ։

Բայց այս խաղին ժամանակ շատ մը ազգային կրօնական եւ քաղաքական շահեր ալ մէջ կ՚խաղան, հոգ չէ: Կրօնական ժողովը Քաղաքականին յանդգնութիւնը կ՚ուզէ պատժել տէր Յակոբի դէմ եղած անբաստանութիւնները քննելուն եւ զանի Լիմ անապատն աքսորի դատապարտելու որոշում ընելուն համար: Բայց երբ տէր Յակոբն իր մատնութիւնը գործեց Կարնոյ տեղական կառավարութեան առջեւ` Քաղաքական ժողով չկար ինչո՜ւ համար Կրօնական ժողովն այն ատեն տէր Յակոբն ինքը չդատեց եթէ այս գործն իր պաշտօնն էր, եւ անոր յանցանաց վրայ աչք գոցեց, թէեւ նոյն միջոցին Կարնոյ առաջնորդը քննեց եւ իր տեղը դարձուց: Եւ եթէ հիմա Խառն ժողովով ծանր պատիժ մը տնօրինուի` Կրօնական ժողովին ո՞ր իրաւասութեանը կ՚դպչի:

Թէպէտ մեր կարծիքն այն է, որ Կրօնական ժողովն այս մատ նութեան գործին մէջ խօսք անգամ չկրնար ունենալ։ Միթէ մատնութիւնն, աւազակութիւնը գողութիւնը, մարդասպանութիւնը կրօնակա՞ն խնդիրներ են: Միթէ եկեղեցական մը քաղաքական ատյեանի մը առջեւ չը՞ դատուիր երբ քաղաքական ոճիր մը կ՚գործէ: Եւ Խրիմեանի դէմ եղած մատնութիւնը տեսակ մը ոճրագործութիւն չէ՞, զոր Քաղաքական ժողովը ձեռնհաս է քննելու, եւ իր որոշման գործադրութեան համար որու որ անկ է գրելու, ինչպէս որ յետ հասուն քննութեան վճռեր է: Իսկ եթէ Կրօնական ժողովն ըսէ թէ այսպիսի մատնութիւն մը յանցանք չէ ազգին առջեւ, եւ եթէ յանցանք է, պէտք է որ Տէրութեան դատաստանական ատեանին առջեւ քննուի, թո՛ղ այս կարծիքը յայտնէ եւ այն ատեն մէք ալ ոչխարի մորթին տակը պահուած գայլին պոչը պիտի ցուցընենք։ Թող յայտնէ թէ տէր Յակոբը զուտ կրօնական յանցանք գործած է, որուն դատաստանը Քաղաքական ժողովին չվերաբերիր, եւ մէք ալ սուրմակապետը մատով ցոյց պիտի տանք:

Բայց Խ… վարդապետը կ՚ըսէ եղեր, թէ Քաղաքական ժողովը ժամկոչի մը դատն անգամ տեսնելու իրաւունք չունի, ո՛ւր մնաց քահանայի մը, որ թէեւ մատնիչ, բայց կարգ ունի եւ պահպանիչով մը կրնայ ներուիլ: Մեր խօսքը Խ… վարդապետի հետ չէ, Կրօնական ժողովը Խ… վարդապետը չէ։ Խ… վարդապետը դաշնակի ձայնին կրնայ ներդաշնակութիւններ յեղյեղել եւ բանահիւսել, եւ եթէ սիրտը նեղանայ` Պօսֆորի ափերէն դէպի Պեսարապիա գտնուող իր բարեկամ վարդապետին մօտ երթալ եւ անոր վշտակից լինիլ, սակայն այսպիսի խնդիրներու համար ազգին մէջ հեղինակութիւն չունի եւ երբեք չպիտի ունենայ: Մեր խօսքը Կրօնական ժողովոյ խոհական անդամոց ուղղեալ է եւ որոց չափ մենք ալ մեր կրօնական իրաւանց պաշտպան ենք, եւ առաքինի եկեղեցականաց անուան արատ բերող կրօնաւորներուն անհաշտ թշնամին: Մէք չենք կարծէր, որ Կրօնական ժողովը յամառի իր դիրքին մէջ եւ կարգէն անմիջապէս լուծուելու արժանի քահանայ մը պահպանէ, եւ այս առթիւ Ընդհանուր ժողովին ատեանին առջեւը ներկայանայ: Մատնութեան այնպիսի ծանր կէտ մը կայ այս խնդրոյն մէջ, որ հայ եղողին արիւնը գլուխը կ՚զարնէ եւ ամէն բան կ՚զոհէ մատնիչը չարաչար պատժել տալու, եթէ ոչ Քաղաքական ժողովոյ միջոցաւ, նոյնիսկ Տէրութեան ձեռօք: Վասնզի ազգին տունն աւելի մատնիչներու ձեռօք փլաւ, քան թէ կրակէն ու սուրէն, վասնզի եթէ Վասակ մը կայ պատմութեան մէջ, բազմաթիւ սեւազգեստ Սուրմակներ ալ կ՚գտնուին մեր մէջն, որոց դիմակները մէկիկ մէկիկ վար առնլու եւ անոնց ճակտին վրայ դատապարտութեան սեւ դրոշմը կոխել տալու համար գրիչներն որոտալէն չպիտի դադրին:

ԻԲ

Կ. Պոլիս, 2 փետրուար 1866:

Ո՞վ կըսէ, թէ ամէն նորահնար պտուտի մէջ, որ գիտութիւն ներու ծնունդն է, սատանային մատը կայ. Նիւման էֆէնտին: Ո՞վ կ՚բանադրէ եւ կ՚հալածէ դարուս գիտութուններն, որ գիւտերու աղբիւրն են, Հռովմի ս. Պապը Նիւման էֆէնտին Մէքքայի ճանբան է, ս. Պապն իր խարխուլ գահին վրայ: Զարմանալի՜ հակապատկեր, Եւրոպա, քաղաքակրթութեան կեդրոն, իր լուսաւորութեան բանադրիչը կ՚պահպանէ եւ կ՚պաշտէ Թուրքիայ, սոյն լուսավորութեան աշակերտն` անոր թշնամին կ՚արտաքսէ: Այս պարագայիս մէջ աշակերտն իր վարպետը կ՚գերազանցէ եւ Վ. Ապտիւլ-Ազիզ քաղաքավարական դաս մը կ՚ընծայէ Վ. Նափոլէօնի:

Բայց այս առաջին անգամը չէ, որ Թուրքիայ ազատամտութեան եւ կրօնական թոյլտուութեան օրինակ կ՚տայ Եւրոպայի, որուն պատմութիւնը խանձած է հաւատաքննութեան խարոյկներով, որուն պատմութեան էջերը ներկուած են միլիոնաւոր անմեղներու արիւնով։ Դարերէ ի վեր պապական կղերը սատանան կ՚կարծէ տեսնել երբ բան, լոյս, հանճար, գիւտ եւ գիր տեսնէ: Երբ հզօր է` այս սատանան կ՚բռնէ կ՚այրէ, երբ տկար է` կ՚բանադրէ. իսկ նոյն պահուն սատանան կրակ ու բոց կ՚փչէ եւ մինչեւ անգամ իր թշնամիները կ՚լուսաւորէ, հոգ չէ, թշնամին աչքը կ՚գոցէ ու նորէն կ՚բանադրէ, այս է իր սկզբունքը. Սակայն ցաւալին այն է, որ ի վաղուց անտի Եւրոպայի բանի մը պետութիւնները սատանային քիւլահ հագցընելու կ՚աշխատին եւ քաղաքակրթութեան տեսարանին վրայ միմոսական դեր մը կ՚խաղան եւ ստեպ ժողովուրդները խնդացնելով կ՚պատրեն:

.........................................................

Բա՛ց միջին դարու պատմութիւնը, կ՚նայիս, որ Ժան տ’Արք Գաղղիա կ՚ազատէ Անկլիոյ լուծէն եւ յետոյ վհուկի տեղ կ՚անցնի եւ խարոյկի վրայ կ՚այրի: Ժան Հիւս, որովհետեւ կ՚խորհի, սատանայ է, եւ իբրեւ մահապարտ կրակի կ՚մատնուի: Ի՛նչ հակասութիւն. երբ Գորնէյլ իր Սիտը կ՚ծրագրէ, Կրանտիէ, ըստ որում ազատամիտ է, Ռիշլիէօի հրամանաւ բոցերու մէջ ողջ ողջ կ՚տապկուի իբրեւ սատանայի որդի. Մինչդեռ Ֆլավիօ` նաւուղիղը (bօussole) կ՚կատարելագործէ եւ Գօլոմպոս անոր շնորհիւը նոր աշխարհ մը կ՚գտնէ, հաւատաքննութեան ատեանն իր դահճապետ Թօրքմատայի ձեռօք երկու հազար սատանայի զաւակներ օր մը կրակին մէջ կ՚տոչորէ: Կութեմպերկի գիւտը Լուտէրի ձեռքը տապար մը դարձած` անով Լեւոն Ժ, ս. Պետրոսի բանալին նոր եւ հին աշխարհի գանձուց բանալին համարող զուարթադէմ Պապին ձեռնարկած հիանալի տաճարին հիմը խախտելէն ետեւ` Կալիլէ, երկրային շարժման հրետորն, պապական իշխանութենէն կ՚զրպարտուի իբրեւ սատանայ ու յիմար եւ բանտի մէջ կ՚ճգնի: Երբ Մօնթէյն բարոյական եւ քաղաքական տեսութիւնները կ՚յօրինէ, Թասսօ խաչակիրներուն արիութիւնը կ՚երգէ, Պաքօն գործնական իմաստասիրութեան օրէնքը կ՚հաստատէ, պապական Ֆրանսան Լուտէրի աշակերտները կ՚հալածէ, կ՚բանտարկէ կամ կ՚սպաննէ... ի՞նչ հարկ կայ հեռուն երթալ: Երբ հարիւր տարի առաջ տ’Ալամպեր եւ Տիտրօ գիտութեանց շտեմարանը մը կ՚պատրաստէին, Գօնտորսէ իր բանական արձանին հոգի տալու կ՚աշխատէր, երբ Գանդ զուտ բանին իրաւունքը կ՚վերահաստատէր եւ Վօլթեր ազգաց ոգին կ՚նկարագրէր, ահա Շուէտի զաւակ մը` Սեէտէնպօրկ անուն՝ վհուկներու վարդապետութիւնը կ՚քարոզէր եւ ուրուականներու հետ կ՚բանակցէր…:

Ուրեմն զարմանք չեն եթէ Նիւման Էֆենտին շոգին սատանային շունչն եւ ելեկտրական հեղուկն անոր երակը համարի, քանի որ (թո՛ղ ս. Գիրքն եւ ս. Թովմաս, որ տեղ մը կըսէ թէ` «Սատանաները կենդանիներու դէմքով կ՚ներկայանան, կրնան անձրեւ, կարկուտ, հով ու կայծակ բերել, եւ այլն»: Թող ս. Պապն, որ սատանային դէ՛մ շանթեր կ՚արձակէ, թո՛ղ պ. Չամուրճին, որ սատանայադաւան է, ինչպէս որ Շահբէգի դէմ կ՚պնդէ) [1]: Ալլան Քարտէգ ճիւաղներու գիրքին մէջ քանի մը տարի առաջ կ՚ըսէր. ”Սատանային ոգին բարոյական եւ նիւթական աշխարհին վրայ միշտ կ՚ներգործէ, նիւթն եւ միտքը կ՚ներշնչէ եւ բնութեան մէջ մեծ զօրութիւն մը կ՚կազմէ»:

Սատանայ եւ հրեշտակ, խաւար եւ լոյս, աւելորդապաշտութիւն եւ բանականութիւն, գերբնական եւ բնական, այս երկու բաները թէեւ ի բնէ իրարու հետ շուն ու կատու են, սակայն արդի քաղաքակրթութիւնը կ՚ուզէ, որ իբր եղբայր եւ քոյր քովէ քով գահակալեն… սքանչելի՛ քաղաքակրթութիւն…

ԻԳ

Կ. Պօլիս, 4 փետրուար 1866:

Մինչդեռ անցած իրկուն կամրջին վրայ կեցած մեր գիւղին շոգենաւուն գալստեան կ՚սպասէի եւ հիւսիսային կծու քամին ծծելով փայտ կ՚կտրէի, հեռուէն յանկարծ պատանի մը տեսայ, որ հեւալով դէպի Ղալաթիոյ կողմը կ՚վազէր եւ թաշկինակ ի ձեռին անդադար ճակատը կ՚սրբեր: Սրբածը քրտինք էր, քրտնած էր խեղճ տղան, թէեւ նոյն պահուն ամէն մարդ ցրտէն կ՚դողար: Նորեկ օտարականի մը թնտուածքն ունէր նա. կոխելու տեղը կ՚փնտռէր, երկայն երկայն քայլեր կ՚առնէր եւ մէկ Պօսֆորի կողմը, մէկ նաւարանին կողմը նայելու ատեն` մերթ ուսն ուրիշին կ՚զարնէր, մերթ ոտքը կ՚ծռէր եւ այսպէս ոլորելով յառաջ կ՚շտապէր: Իսկ իր դէմքէն կ՚երեւէր, որ սաստիկ յոգնած, սաստիկ նեղացած եւ սաստիկ դժգոհ էր:

Այս պատանին պիտի ճանչեմ, ըսի իւրովի, Իզմիրցիի հով ունի. եւ յիրաւի քիչ մը մօտէն դիտեցի, որ մեր բարեկամ պ. Պարոյրն է: Այո՛, նոյն ինքն էր, բայց որչա՛փ փոխուած էր։ Այն Պարոյրն` որ Զմիւռին գտնուած ժամանակ վրան գլուխը կ՚ծփար, մանր ու փայլուն կօշիկ կ՚հագնէր եւ մատերուն վրայ կ՚քայլէր, փեղոյրն իր գանգրահեր գլխին վրայ կ՚թռէր եւ աչքով պատուհանները նստող սիրուն թռչուններու հետ կ՚խօսէր եւ կարծես թէ ծովու եւ ցամաքի տէրն ինքն էր, հիմա հաստ գրգլի մը կռնակը նետած, ճերմակ եւ գեղանի դէմքը բանջար դարձած, նորաբոյս մօրուսին թելերն, որոնք երբեմն կրնայիր համրել, այնքան ուշի ուշով սանտրուած էին, իրարու խառնուած, աղտոտ, մրոտ կ՚վազվզէր եւ կարծես թէ քաղքին դուռը կ՚փնտռէր խոյս տալու համար:

Իսկոյն անոր ճանբան կտրելու դիտմամբ շարժում մ՚ըրի, ու դէմ առ դէմ արձանի պէս կանգ առինք: Աչքն ինձի դարձուց եւ յանկարծ պոռաց Ծա՛, դուն ես, պ. Վրոյր, ո՞ր ծակէն ելար Այո՛, ես եմ, ու թէ որ չեմ վրիպիր դու ալ Պարոյրն ես, ի բաց առեալ կարմիր դիմակդ, ուղտավարի մոյկդ եւ վանականի շուրջառդ Միթէ ծպտո՞ւն կ՚պտըտիս. Իզմիրէն կ՚գաս թէ տաք տունէն ելեր ես Իմ բարկութիւնս ինձի հերիք չէ, դու ալ հիմա Պօլսեցի ոճով մահիթապի ելեր ես։ Աղբեր, հոգիս բերանս եկաւ, այս ի՞նչ անտանելի քաղաք է. տասն օր կայ հոս եմ, տաս տարուան կեանքս մաշեցի ու վազելէն եւ անիծելէն զատ ուրիշ բան մ՚ըրած չունիմ։ Առտու թրջած հաւ էի. հիմա ալ խաշած հաւ դարձած եմ։ Այսօր կանուխկեկ Բերայէն հագուած սգուած վար իջայ Պօլսի շուկաները պտըտելու եւ չորս անգամ մազ մնաց, որ մեռելս տունը տանին: Առտու, կամուրջը բաց գտայ. ոստրէի խեցի նման նաւակ մը բռնեցի դիմացի եզրն անցնելու, նաւակին մէջ այնքան մարդ լցաւ, որ դեռ ճամփայ չելած նաւակն է շուրջ դարձաւ եւ մէք ալ ծովը թափեցանք։ Ճիշտ այն միջոցին, որ շոգենաւ մ՚ալ մեր վրայ կ՚գար: Հազիւ թէ պրծայ, դերձակի մը գրպակը մտայ, եւ այս հագած նորաձեւ լաթերս գնեցի ու դուրս ելայ, եւ ահա ձի մը իր սմբակովը կարկուտի պէս տիղմ ժաքթքեց ու վրաս գլուխս ցեխով ծածկեց։ Ամօթէս գետնին տակն անցայ, ո՛ւր էր թէ ծովին յատակը մնայի։ Չորս դիս նայեցայ, որ աղջկի աչք մը զիս այս վիճակիս մէջ չտեսնէ եւ ծակ մը փնտրեցի, որ մաքրուիմ: Այն ինչ սկսէր էի սրբուիլ եւ ահա կռնակիս մէջտեղը սուր հարուած մ՚էր զգացի եւ լեղապատառ ետիս դարձայ։ Ի՞նչ տեսնեմ աղեկ: Չորս հատ ահագին եղջիւր երկու ահագին ցուլերու, որ հակերով լեցուն ահագին սայլ մը կ՚քաշէին, եւ այնպէս մը կ՚օրօրէին` որ եթէ չշարժէի` աղիքս դուրս պիտի թափէին. Բայց ո՞ր կողմս շարժէի ճամփան նեղ էր. եւ նոյն պահուն իսկ դիմացէն շատ մը էշեր փրթան` որ գերան կ՚կրէին, նոյնպէս երկձի կառք մը, որ հիանալի վրացի կին մը կ՚կրէր։ Ա՛հ, ողորմած Աստուած, այս ի՞նչ փորձանք է, ո՞ր կողմը թնտամ վտանգ կ՚սպառնայ: Այսդին շարժիմ եղջիւր կայ, այնդին շարժիմ գերան կայ, մինակ կառքը կրնայ զիս ազատել եթէ դուռը բացուի եւ զիս ներս առնու պատսպարէ, կ՚ըսէի մտովի եւ դէպի այն կողմը դարձած աչքիս զարնող սեւ ադամանդի պէս փայլուն աչերէն մուրացկանի պէս գութ կ՚հայցէի եւ կ՚յուսայի: Այս յուսով քիչ մը կռնակիս ցաւն եւ փափուկ դիրքս մոռցայ իրաւ, բայց երբ քերոբէական կառքին ետեւը գտնուող տափակ քթով, հաստ շրթերով սեւերես ձիաւոր մը տեսայ, որ ծուռ, ծուռ ինձի կը նայէր եւ մտրակը կը կայծակէր, ես ալ կ՚այծակի եկայ եւ կծիկը դնելու ճարը սկսայ մտածել ակնկոր, թէեւ կարծեմ թէ ճիշտ նոյն միջոցին յաւէրժահարսն ալ իր ոսկեթել շարգուրին տակէն ինձի կ՚ակնարկէր եւ կ՚ժպտեր… ընդունայն, որովհետեւ մտրակին տակն էի:

Ժամէ մը ետքը հազիւ ելք մը գտայ եւ առանց աջ եւ ահեակ նայելու պանդոկս դառնալու սկսայ, վասնզի ժամը տասնի հասեր էր եւ պէտք էր նորէն բան մը չտեսած Բերայ ելնել, ո՛ւր բարեկամի մը հետ ժամն իննին տեսնուելու ժամադիր եղեր էի: Ես անմիտս կ՚կարծէի թէ բարեկենդանին բարեկենդանը կայ այստեղս, եւ ելայ Զմիւռէն հոս եկայ, որ այս առթիւ թէ նոր բան տեսնեմ եւ թէ զբօսնում: Փափաքս փորս մնաց: Այս է ուրեմն ձեր գոված Պիզանդիոնը. խէրը տեսնես: Աղբեր, կարծես թէ հոս հարուստ եւ աղքատ քար կ՚կրեն: Առտու կ՚ելնեն շտապաւ շուկայ կ՚իջնեն եւ գործ չտեսած իրկուն նորէն տագնապելով տուն կ՚դառնան ու դիակի պէս կ՚լարուին կ՚նստին, կը ծխեն, կ՚հայհոյեն եւ կ՚սրճեն… ընկերութիւն, խօսակցութիւն, դիմակ, պար, խաղ ո՞ւր կ՚գտնուին։ Եթէ բարեկենդանն ասանկ է, հապա մեծ պահքն ի՞նչ պիտի լինի, պէտք է գերեզմաննիդ փորէք ու մէջը մտնեք… դարձեալ կեցցէ՛ Զմիւռին. մարդս կեանք կ՚անցընէ հոն… հո՞ն, ա՛հ… թէ որ հիմա շոգենաւ մը գըտնեմ մէկէն կ՚դառնամ:

Ահա մեր գիւղինն եկաւ, ըսի` անոր խօսքը կտրելով որ լմննալիք չունէր, այս գիշեր մեզի եկու անցուր, կխօսինք, կ՚խնդանք եւ վաղը գիշեր` եթէ յաջող հով մը փչէ` քեզի հետ զբոսալի տեղ մը կ՚երթանք:

Պ. Պարոյր հրաւէրս ընդունեց. շոգենաւը մտանք եւ վար սենեակն իջանք չմսելու համար, եւ որով շրջակայ գեղեցիկ տեսարաններէն զուրկ մնացինք: Անիւը սկսաւ դառնալ, բայց. շոգենաւը մատ մը յառաջ չէր քայլեր: Յանկարծ սոսկալի որոտմամբ բան մը կոտրեցաւ. վերէն կանայք սկսան վա՛յ վա՛յ պոռալ, ուղեւորներուն երեսին գոյնը նետեց, եւ շատերը վազող վազողի վեր ելան պ. Պարոյրն ալ մէկտեղ: Ես տեղէս չշարժեցայ, այսպիսի պատահարներու վարժեր էի: Իսկ անհամբեր Պարոյրն իրար անցած նորէն վար իջաւ Աղբեր, դու հոգի չունի՞ս, ըսաւ, շոգենաւուն ղեկը կամրջին զարկաւ ու կտոր կտոր եղաւ. ամէն մարդ նաւակ կ՚բռնէ դուրս կ՚ելնէ, դու անհոգ պապիս զաւկին պէս նստեր ես: Ին՛չ սեւ օր է այսօր. գլխիս ձիւն չմնաց, որ չգայ. ելիր երթանք, նորէն ծովը չափելու ախորժակ չունիմ, շատ բան թէ որ փունդայի չհանդիպիմ… Այս ի՞նչ նաւ, ի՞նչ նաւապետ է…:

Դեռ նոր ես, կ՚վարժիս, ըսի պ. Պարոյրին. ինչպէս Եւրոպայ արիւնէն ետքն ազատութիւն, նոյնպէս հոս վտանգէն ետքը բարեկարգութիւն կ՚գայ, դեռ մարդ չմեռաւ, ոչ ոք ծովն ընկաւ. նստի՛ր, քիչ մը ուշ պիտի հասնինք տունը, բայց պիտի հասնինք: Ժամանակը հոս շատ աժան է. մարդս օրին կէսը ծովի կամ ցամաքի վրայ անգործ կ՚անցընէ ու բարեբախդ է, թէ որ աւուր մը կեանք շահի: Բայց այս կեանքն ալ իր զուարճութիւնն ունի վտանգէն եւ այլայլութենէն ետքն օդն աւելի սիրով կ՚շնչէ մարդս…: Չե՞ս ըսէր, որ գառնուկներու հօտ մ՚են այստեղի մարդիկ, որ բախդին ձգեր են ամէն բան: Հոյակապ պալատներ ու աղտոտ փողոցներ ունին, ոսկեզօծ այլ անղեկ նաւերու մէջ կ՚նստին… բայց վիճելու ատեն չէ, ելիր: Ելնենք, ըսի, բայց գիւղը հասանք: Ինչպէ՞ս Այո՛, նաւը ժամանակաւոր ղեկով մը մեր խօսակցութեան ատեն շարժման մէջ էր. ուստի կ՚տեսնես, որ թէեւ կաղն ի կաղ կ՚քայլեն այստեղի բաները, սակայն իրենց նպատակին կ՚հասնին: —մինչեւ որ ժամանակաւոր ղեկն ալ կոտրի, ըսաւ Պարոյր»: Եւ ժամը կէս էր երբ տունը մտանք:

ԻԴ

Կ. Պօլիս, 4 փետրուար 1866.

Պ. Պարոյր տան սեմէն ներս մտնելով Ու՛հ, հիմա ոգի առի մրմռաց եւ իսկոյն փեղոյրը մէկդի նետեց, հայլիին առջեւը վազեց, մատերը գանգուր եւ փայլուն մազերուն անցուց եւ ընկըրկելով գոչեց յուսահատ. Ա՛հ, մարդկութենէ ելեր եմ, երթամ ծովն ընկնիմ. ես ինքզինքս չեմ ճանչեր ասոր մէջ: Հապա թէ որ անի ծակէ մը զիս գիտէր, անշուշտ այս ի՛նչ գազան է, պիտի ըսէր Ես կարծեմ թէ աւելի պիտի հաւնէր, ըսի, այդ բնական, անզարդ եւ առնացի կերպարանքդ, եւ մանաւանդ այդ թատերական նայուածքդ, որ հրապուրելի է, եթէ իրօք կ՚սիրէ անձդ եւ սիրտդ քան նորաձեւ հագուստդ եւ օձանման փղոսկրէ ցուպդ: Սիրահար մը` որ իր սիրուհւոյն միշտ փեսայի պէս հագուած կ՚երեւի, երբեք փեսայ լինելու միտք չունի, թո՛ղ թէ ճշմարիտ այր մը: Դեր մը կը խաղայ անի, որուն վերջը պսակ չէ այլ պատրանք կամ պատանք…:

Պ. Պարոյր սկսաւ ժպտիլ, մեղմիկ հայլիին հպիլ եւ անոր մէջ շեղակի նայելով ըսաւ. - Բայց կարելի՞ բան է այսպէս թափթփած պարահանդէս գնալ, միայն թէ գիւղիդ պարն ալ քաղքիդ դուպարին չնմանի։- Ո՞ւսկից հանեցիր պարահանդէսն, այս տեղ պար մար չկայ։ Կ՚մոռնաս որ այս իրկուն դու իմ հիւրս ես եւ մինակ ինձի հետ տեսնուելու համար եկեր ես։ Նորաշէն է մեր գիւղը, սիրուն եւ քանի մը հոյակապ տուներ ունի, որ 55ի հրդեհէն ետքը կանգնեցան եւ հետզհետէ կանգնելու վրայ են. բնակիչները հայ յոյն, ֆրէնք ու թիւրք են, որոնք ճեմելիքի ատեն կամ շոգենաւի վրայ իրար կը տեսնեն, սակայն ինչպէս արաբացին անապատի մէջ օվասիսը, նոյնպէս գիւղիս բնիկն իր տունը կ՚նկատէ մանաւանդ ձմեռը։ Ֆրէնքը դղեկի նման գմբեթաձեւ տաճար մ՚ունի. հայը բաղնիքի նման իբր գմբեթաւոր եկեղեցի մը՝ որուն բակը կանգնած շիրիմ մը մարդանման հիմնադրի մը մարմինը կ՚սպասէ չընդունելու. յոյնը հինօրեայ մատուռ մը, թուրքը ծովեզերեայ մզկիթ մը, իսկ բնութիւնը զմայլելի տեսարաններ։ Ուտի թատրոն, հանդէս եւ ուրիշ գիշերային զուարճութիւններ մի փնտռեր այս տեղ, բաց ի գինետուններէ եւ նշանաւոր գինովատունէ մը՝ որ քազինօ կ՚անուանի, եւ ո՛ւր արբշիռն եւ խաղամոլը գիշեր ցերեկ կ՚դեգերին։- «Ուրեմն մենաստան մ՚է այս չըսե՞ս» գոչեց սրտմտելով Պ. Պարոյր եւ դէպ ի պատուհանն ելաւ։- Այո՛, ատեն մ՚աքսորի վայր էր, հիմա բաղդին, հիւանդութեան եւ աշխարհին երեսէն ընկած կամ տաղտկացած մարդերու ճգնարանն է այս, ինչպէս յունաց կայսրութեան ժամանակ շատ մը վեղարներու երեւելի ժողովատեղին եղած է։ Կ՚տեսնե՞ս սա բլրակն, որուն վրայ քանի մը ցիր ու ցան տխուր ծառեր կան, կ՚տեսնե՞ս լուսնկային անոնց անտերեւ ոստերուն բազմաճղի ստուերն՝ որ փոսի մէջ պառկած սիւներու, քանդակներու եւ կիսամաշ անդրիներու վրայ կ՚սողայ եւ կ՚երերայ, ահա այն է հին Քաղկեդոնը։

Բայց Պ. Պարոյր մտիկ չէր ըներ. հիացմամբ չորս կողմը նկատելու ատեն յանկարծ պոռաց. - Աղբեր, այս ի՞նչ սքանչելի տեսարան է, այս ի՛նչ հմայական տեսիլ է։ Ո՞ւր ենք, ծովո՞ւն վրայ կ՚տատանինք թէ օդին մէջ կ՚սրանանք։ Ո՛հ, մարդս կ՚մոռնայ հոս հոդ, վիշտ, երկիր, եւ թեւ կ՚առնու կ՚թռի դէպ ի յաւիտենականութեան եզրն։ Անհուն հորիզոն մը կայ առջեւս. նորել լուսնին նշոյլներն արծաթի պէս կը փալփլին այս միակտուր ծովուն վրայ, որ Մարմարան է անշուշտ, եւ կ՚սահին Զմիւռնի ջրերուն ամպախառն մռայլին մէջ կ՚անհետին։ Նոյն իսկ Մարմարայի նեղուցն աչքիս կ՚երեւի. գլխաւոր մոլորակները մերթ կ՚շողան, մերթ կ՚նսեմանան, որոնք թերեւս ձկնորսի նաւեր կամ լուսաթեւ ձկներ են: Իսկ միւս կողմն ահա շքեղ ու ահաւոր Պիզանդիոնն, որ եռայարկ նաւի պէս կ՚տատանի կը սուրայ դէպի ծովն եւ կարծես թէ աշխարհի կ՚ուզէ հրամայել այս խոր մթութեան շնորհիւն, որ իր ստուերագիծը շրջապատած է եւ պայրամի առթիւ բոլորշի մզկիթներէ ցայտած աղեղնաձեւ գոյնզգոյն լոյսերը պատկերին ներքին նսեմութիւնը չեն կրնար փարատել… բայց ասդին ի՞նչ պիտի լինին սա ամպի նման բլուրներն որոց մէկ երեսը լուսինը թեթեւ մը կ՚լուսաւորէ եւ միւս երեսը` թէեւ ստուերի մէջ, մանր մունր ու երերուն աստղիկներով կ՚բեկբեկի, եւ ծովային ուրուականներու կամ լռին ու ահարկու պահակներու պէս կ՚սպասեն սա ցամաքի լեզուակէն անդին որուն` ծայրն ամայի աշտարակ մը կայ եւ անոր գագաթը ֆարոս մը, որ հազիւ իր ստորոտը կ՚լուսաւորէ: Վասնզի ահա կ՚նշմարեմ նաւակ մը` որ հիմա աշտարակին չորս դին գտնուող ժայռերուն զարնելով` փշոր փշոր պիտի լինի: Թշուառ ուղեւորներ շուտ օգնութեան հասնինք, նաւակը մեզի մօտ է: Եթէ ներելի չէ պարել, գոնէ օգնել սորվինք…։

Հանդա՛րտ կեցիր, բարեկամ, վայելէ՛ այս տեսարանն եւ մի՛ վրդովեր այն նաւակն, որ թերեւս Խոսրով ու Մաքրուհի մը կ՚պահէ: Այն նաւակը ներսէն կ՚այրի, դրսէն վտանգէ ազատ է: Թեթեւ քամիով մը փոքրիկ առագաստը պարզած` կ՚դիմէ դէպի Մարմարա, որ շատ անգամ օրինական բռնութիւններու լծէն խոյս տուող սիրահարներու գերեզմանն եղած է: Այն նաւակը, բարեկամ, ջրային ուրուականներէն փրթաւ, որոնք կղզիներն են, եւ աշտարակին մօտ գործ չունի, որ Ֆէնէր ըսուած փոքրիկ դալարաւէտ թերակղզին է:

Ո՞ գիտէ, կարելի է դառն ու տխուր յիշատակ մը կ՚պահէ նաեւ սոյն կղզիներէն փոքրագոյնն` որ այժմ չոր ու փշալից է: Կարծես թէ կը տեսնեմ հեռուէն տարագիր թագաւորի մը ստուերն` որ լուսնկային բլրի մը սարը կեցած եւ դէմքը դէպի Անի դարձուցած կ՚լայ իր սիրեկան քաղաքին վրայ մահիկին հետ կ՚խօսի, հովէն լուր կ՚սպասէ, կոհակին ձայնէն կ՚սարսռի եւ ազատութեան հրեշտակը կ՚կանչէ. եւ երբ վերն անողոքելի երկին մը, վարն անսաստ եւ անկարեկիր ծով մը կ՚տեսնէ, իր շղթան քաշքշելով լեռնակէն վար կ՚իջնէ, վեստ Սարգիսը կ՚անիծէ եւ այն հողն որուն վրայ անկենդան մարմինը կ՚շրջի, իսկ հոգին` կ՚սաւառնի այն աւերակ եւ արիւնալից աշխահի հորիզոնին վրայ, որ Հայաստան կը կոչուի…

Սակայն ի՞նչ հարկ կայ այս իրերուն վրայ խօսակցիլ: Վաղը լոյս աչքով կրնաս նկատել ինչ որ հիմա լուսնին լուսով աղօտ եւ անրջական երեւոյթ մ՚առած է: Յայտնի բան է, որ մայրաքաղաքիս բնական գեղեցկութիւնները տեսնելու համար եկող օտարական մը, մէկ քանի օրուան մէջ աւելի բան կ՚տեսնէ, կ՚զգայ եւ կ՚իմանայ քան բնիկ տեղացին, որ ժամանակ, ախորժակ կամ սիրտ չունի բնութեան հրաշալիքը զննելու, թէեւ յանգէտս կ՚ծծէ ամէն օր օդ մը, որ ի բնէ թոյլ եւ հոգերով մաշած մարմնոյն ոյժ կ՚ազդէ. կ՚նայի ամէն օր զմայլելի տեսարաններ, որոնք իր աչքին առջեւ հրապոյր եւ նշանակութիւն չունին։

Ուստի արի՛ ճաշի նստինք եւ քիչ մ՚ալ ուրիշ մտերմական եւ ազգային իրերու վրայ խօսինք։

ԻԵ

Կ. Պօլիս, 6 փետրուար 1866

Պ. Պարոյր` աչքը խորհրդաւոր նաւակին վրայ սեւեռած` ա՛հ մը քաշեց: Կարծեմ թէ կ՚դժարէր հեռանալ այն տեսարանէն եւ խոր մտմտուք մը զինքն առէր ուրիշ աշխարհ մը տարեր էր: Յանկարծ սթափ գալով Աստղափայլ կամարի մը ներքեւ, փրփրուն ծովուն մէջտեղը սիրաբոյր լռութեան ատեն` քանի այս նսեմ կէտն, այս մենաւոր առագաստիկը կ՚դիտեմ, որ ձկան պէս կ՚սողոսկի լոյսի եւ ստուերի մէջէն, անմահութեան եւ մահու արահետէն` դառն յիշատակ մ՚երեւակայութիւնս կ՚յուզէ, սիրտս կ՚ճնշէ, ըսաւ։ Կ՚յիշեմ այն ամպրոպային սեւ գիշերն` երբ անոր հետ թեթեւ ակատի մը մէջ նստած Զմիւռնի նենգոտ խորշին փրփրագեղ ալիքներէն մղեալ` հոսանուտ ճիւաղի պէս կ՚քշէինք դէպի Գարաթաշ։ Ա՛հ, երկինք յստակ էր, լուսինը պայծառ եւ ծովը սիրահարները կ՚հրաւիրէր իր ծոցն այն միջոցին, որ Բունդարի ափերէն ճանբայ ելեր էինք…:

Այն ինչ նաւը պտոյտ մ՚ըրաւ եւ ահա գնդանման սեւ ամպ մը Պուրնապատի լեռին ետեւէն ծայր տուաւ եւ իսկոյն մինչ ի Թուզլա յանգող` նաւահանգստին հիւսիսային կողման ամայի եւ սգալի լեռնակներուն գօտիները ծածկեց եւ սկսաւ որոտալ եւ փայլակներ արձակել. քիչ քիչ երկինք իր աստղերը մարեց եւ ջրերու վրայ սեւ սաւան մ՚ընկաւ։ Պուրնապատի կողմէն հովն ուժգին կ՚սուլէր, անոր խորշակին ջրերը կարծես թէ եփ ելած կ՚վժվժային, կ՚եռային, իսկ մեր առջեւը նաւահանգիստը կ՚թնտար, կ՚ուռեր եւ մրրիկ կ՚սպառնար: Մեր նաւակը` թէեւ նոյն պահուն թեւը հովին տուած` մերթ բլրակի նման կոհակի մը սարը կ՚ելնէր, մերթ փրփրալի հովտի մը մէջ կ՚գլորէր եւ այսպէս ելեւէջ` կայծակներու մէջէն կայծակի պէս կը սուրար` բայց վտանգի մէջ էր:

Փայլակի մը դեղին լուսին դարձայ անոր երեսը նայեցայ, որ ինձի կը նայէր ժպտելով, հրեշտակայի՜ն ժպիտ «Միթէ կվախնա՞ս… հիս, ըսի անոր` սեղմելով այն քնքուշ ձեռքը, զոր ծնկիս վրայ դրած էր: «Սիրտս հանդարտ է, հառաչեց նա միշտ ինձի նայելով, դու իմ քովս ես: Իմ երկինքս աչերդ են եւ աչերդ պայծառ են մինակ կ՚ցաւիմ, որ ինչպէս մարդիկ` նոյնպէս բնութիւնը մեզնէ երես կ՚դարձընէ…»:

Նոյն րոպէին Պարոյրին երկնագոյն աչացը մէջ արտսուք մը փլփլաց. վայրկան մը կանգ առաւ եւ ապա շարունակեց Վրո՛յր, անոր այս վերջին խօսքը հինգ տարուան պատմութիւն մը կ՚պարունակէ, պատմութիւն մը, որ երկու դժբախտ սրտերու քաշած վիշտերուն ծնունդն է իրաւ, բայց իր մէջ աշխարհ մը կ՚ամփոփէ, եւ ուրիշ առթիւ պիտի հաղորդեմ քեզ: Այս ըսեմ միայն, որ անոր այն վսեմ զգացման պատասխանեցի ուրեմն թո՛ղ այս լինի մեր գերեզմանը, քանի որ երկին եւ երկիր մեզի դէմ են եւ վստահ չենք անգամ, որ մարդիկ մեր հրիտակը սուրբ պահելով` զմեզ մօտ առ մօտ թաղէն սեւ հողին մէջ, ինչպէս որ անդին մեր հոգին իրարու փարած մշտատեւ երանութեան մէջ պիտի լողան իբր մի հոգի…։

Բայց, բարեկամ, մինչդեռ ազատութիւնն եւ երանութիւնն ի միասին մահու մէջ կ՚փնտրէինք անձկօրէն, մահը նոյն ժամուն կայծակի ու կոհակի դէմքով մեզի հետ կ՚խաղար եւ մեզի կ՚խնայէր։ Ո՛հ, երանի՛ թէ չխնայէր, ո՛ւր էր թէ վերը գտնէի ազատութիւն մը զոր վարն ի նանիր կ՚որոնեմ…։ Կաթիլ մը ջուր կ՚սպաննէ զմարդ, կ՚ըսէ Բասքալ. միթէ իրա՞ւ է Ովկիանոսին մէջ մտայ եւ անվնաս ելայ ու հիմակ զգացում մը զիս կ՚սպաննէ…

Չեմ հարցըներ, ըսի Պարոյրին, թէ ո՞վ է այն էակն, որ հոգիդ սարսելու զօրութիւնն ունի, որովհետեւ սիրային գաղտնիք յուզելու ժամը չէ, այլ կ՚հիանամ, որ վառ ու խնդումերես Պարոյրդ այդպիսի զգայուն սիրտ մը կրէ եւ իր ծաղիկ հասակին մէջ դժբախտ սիրոյ դառն բաժակն ըմպած լինի։ Այս բաժակն ամէն մարդու բաժինը չէ: Շուայտ շրթեր անոր չեն կրնար մօտիլ, ոսկելից ձեռներ զայն չեն կրնար բռնել, նիւթասէր մարմիններ զայն չեն կրնար ըմբռնել: Այն բաժակը մեծ հոգիներու կ՚վայլէ. թշուառութեան մէջ երջանկութիւն զգալու, ձախորդութեան մէջ փառք, չքաւորութեան մէջ հանճար, անկման մէջ առաքինութիւն եւ վեհանձնութիւն գտնելու կարող սրտերու խորանին վրայ է այն։ Խորան մը, որ հէք` այլ վեհ էակներու հառաչանքը կ՚ընդունի եւ կ՚վերընծայէ այն Էին, որ սիրոյ ակն է:

Քանի որ կ՚սիրես` մեծ ես եւ դու Պարոյր, թէեւ կերպերդ թեթեւ են: Սիրել, զօրել է, ուստի յուսահատութիւնդ անվայել է։ Իրաւ որ Պլուտարք սէրը վաղամեռիկ ցնցիւն է, կ՚ըսէ, Պաքօն յիմարութեան զաւակ կ՚անուանէ, Շէքսփիր շրջմոլի հուրի կ՚նմանցնէ, սակայն երկնային ձայն մը սէրը նուիրական պարգեւ մ՚է, կ՚հրատարակէ, եւ մարդկային ազգին կատարելութիւնն անոր մէջ կ՚տեսնէ: Մին պատմաբանի ակնոցով` միւսը վաճառականի նժարով, ուրիշ մը բանահիւսի գոյնով կ՚նկարագրէ սէրն, եւ մինակ խաչն անոր էութիւնը կ՚հաստատէ…: Իսկ դու խաչ կրա՞ծ ես, Պարոյր. միթէ վաճառաշահ քաղքի մէջ այնպիսի ապրանք կ՚քշուի՞, միթէ շոգին եւ նաւը մինակ արմտիք, բամբակ եւ կտաւ չե՞ն բերէր Զմիւռ, միթէ շահագէտ հայն օրիորդին կուրծքին վրայ տեսած ադամանդեայ սիրտն աւելի եռանդագին չը՞ պագնէր քան անոր զգայուն սիրտը. միթէ անոր սիրոյ նժարին մէջ ոսկին աւելի ծանր չը՞ քաշեր քան անձնական արժանիքն, եւ ոսկեղէն կուռքն ատեն մը խնկեէն ետեւ` զայն ի սպառ չը՞ խորտակեր…:

Չէ՛, չէ՛, գոչեց Պարոյր ոտքը գետին զարնելով, չէ, կ՚սխալիս: Եթէ մեր երկրին պատանիներն եւ օրիորդներն ազատ լինէին իրենց առաջին զուտ սէրը պսակուած պիտի տեսնէին. թէեւ Պօլսեցիք կ՚կարծեն թէ մեր տղաքը թեթեւամիտ եւ մեր աղջիկները շատ բաց են եւ քմածին ընտրութիւններ կ՚ընեն: Այո՛, Աշխէնը կը ճանչես, կ՚կարծես թէ շատերես ու թափանցիկ գոհար մ՚է, որ երփն երփն կ՚փալփլի եւ իրեն յատուկ գոյն մը չունի, պիւլպիւլի պէս կ՚խօսի, մինչեւ առտու կպարէ, թեւէ թեւ կ՚անցնի, հովի պէս թեթեւ է, սիրարկուներուն սիրտը կ՚այրէ կ՚մրկէ, եւ ամէնքը. մատի վրայ կ՚առնէ, ինչպէս որ զքեզ ալ անգամ մը առած է. լաւ, այս Աշխէնը դաշնակին առջեւ, պարու ատեն, ուրախութեան եւ նուագարաններու հեշտալուր որոտման ժամանակ, ամէն կողմէն բօհ բօհ, ծաղիկ եւ խունկ ընդունելու պահուն` մէկ մտմտուք, մէկ զգացում մ՚ունի, այն է իր միակ սիրահարն, իր Հրանտն, որ թերեւս իր հետը չէ: Իր աղջիկը չորս պատի մէջ պահող թրքահայն այն ի՞նչ լկտի է, իմ զաւկիս հարս չեմ առնուր, կ՚ըսէ, թռուցիկն իմ բանիս կ՚գայ այս ի՞նչ դիւրին որս է կ՚մրմռայ, բայց չգիտեն, որ Աշխէն ներսէն իր Հրանտը կ՚լայ: Ուրեմն ինչո՞ւ չհրանտանար կ՚հարցընես հիմա: Վասնզի Հրանտ մենակ սիրտ ունի, եւ շահամոլ հայր մը, պճնասէր մայր մը, կամ վէս եղբայր մը անոր առջեւը պատ քաշած են: Այն պատն եթէ կործանեն, ինչպէս որ ոմանք ըրած են, երջանիկ կ՚լինին եւ Զմիւռ մատ կ՚խածնէ, իսկ եթէ չզօրէն` օրիորդն առաքինութիւնը կ՚մոռնայ, իր սէրն` որ արտաքին յարձակումներու դէմ վահան մ՚էր, կ՚փշրի, եւ պատանին ալ խենդութեան կ՚զարնէ, ինչպէս ես…:

Պ. Պարոյր, սէր թերեւս զգաս, բայց անոր վրայ տրամաբանել չգիտես. Աշխէն եւ Հրանտ սիրոյ վկաներ չեն, այլ փառամոլութեան զոհ եւ իմ կարծեացս կենդանի ապացոյցներ: Ուր որ շահ կայ` հոն սէրը բան չունի: Ո՛ւր որ ճշմարիտ սէր կայ` հոն բռնութիւնն ի՛նչ դէմքով որ երեւան գայ պէտք է ետ քաշուի: Ինչո՞ւ համար աղջիկներուն կրթութեան հետ ազատութեան համը կ՚տաք եւ երբ զգալու, խօսելու եւ քալելու կ՚սկսին` անոնց սիրտը, խօսքն եւ քայլը կ՚կտրեք: Անհեթեթ ընթացք: Թիւրքերն աւելի տրամաբան են իրենց դրութեան մէջ։ Վանդակի մէջ կ՚ծնին կիները, վանդակի մէջ կ՚ապրին, վանդակի մէջ կ՚մեռնին…:

Անշուշտ քու թռչունդ ալ հիմա վանդակի մէջ կամ ուրիշին թեւը մտած է. ի՞նչ շահեցաւ թռչուն լինելովը, քանի որ փետուրները կտրած են: Սակայն թո՛ղ հիմակ այն սիրանուէր բաժակն եւ առ նայիմ սոյն գինիի բաժակն եւ ըսէ ինձի թէ ի՞նչ կայ ի՞նչ չկայ Զմիւռ, գործերն ի՞նչ ջրի մէջ են:



[1]            Տե՛ս Մեղու, թիւ 121 - 1861։