Սիրակ եւ Սամուէլ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՆԱԽԱԲԱՆ
       ԲԱՐԵԿԱՄ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ ՀԱՅՈՑ
      
       ԴՐԱԽՏԻ ԸՆՏԱՆԻՔԷՆ յետոյ, Սիրաք եւ Սամուէլ անուն նոր երկասիրութիւնս, զոր Հայոց հայրերուն համար գրեցի, դարձեալ ձեզ կը նուիրեմ, ժողովուրդ Հայոց. որոյ նիւթ եւ պարունակութիւնն` աշխարհիս կեանքի կրթական դասերն են, զորս բարի հայր Սիրաք կ՚աւանդէ իւր զարգացեալ Սամուէլ որդւոյն։
       Սիրաք իւր դասերն կը խօսի աշխարհիս բազմադիմի առարկաներու վերայ, և Սամուէլ մտադիւր ունկն կը դնէ։ Սիրաք հայրական եւ բնական սիրով կ՚աւանդէ մարդկային կենաց ամենակարեւոր խրատներ, եւ Սամուէլ որդիական հնազանդութեամբ կ»ընդունի հայրախօս դասերը, որ կը կրթէ ու կը մարզէ զինքն իւր կենաց յառաջդիմութեան յասպարէզ։
       Նախագլխոյն մէջ` ցոյց կուտայ Սիրաք, թէ ի՞նչ է մարդն աշխարհիս վերայ եւ ի՞նչ է իւր կոչումն, պարտիք եւ իրաւունք մեր ընկերական կեանքին մէջ, եւ այլն։
       Երկրորդին մէջ համառօտիւ կը բացատրէ ընդհանուր տիեզերաց բնական եւ յաւիտենական օրէնքները, որով օրինակարգ Արարիչն այդ անյեղլի օրինաց սանձը իւր ձեռքն առնելով կը կառավարէ վերնաշխարհ եւ մեր երկրագունդը։ Կը խօսի նաեւ բարոյական օրինաց վերայ, զոր Տէր Աստուած Մովսիսի եւ Յիսուսին ձեռքով աւանդեց մարդուն, որպէս զի մարդն եթէ մոռնայ իւր խղճին բնական օրէնքն, գէթ յիշէ ու ու կարդայ Աստուծոյ դրական եւ գրական օրէնքները, որ միշտ լոյս կուտան եւ յուշարար լինելով` կ»ուղղեն մարդուն խոտորեալ կեանքը։
       Երրորդին մէջ կը խօսի Սիրաք մարդկային ընկերութեան անհաւասար կեանքին վերայ. ընդ որ կարճամիտ եւ թերահաւատ մարդիկ մեղադիր կը լինեն Աստուծոյ, թէ ինչո՞ւ համար մարդիկ հաւասար կեանք ու բախտ չունին աշխարհիս վերայ չխորհելով անգիտաբար թէ` աշխարհի վերայ մարդկային ընկերութեան ամրապնդող հզօրագոյն կապն` անհաւասարութիւնն է, որ կը կապէ եւ կը վարէ մեր ընկերական կեանքը։
       Չորրորդ դասին մէջ կը խօսի աշխարհիս տիրող իշխանուեան եւ հպատակ ժողովուրդին վերայ. երկարաճառելով ցոյց կուտայ, թէ ի՞նչ է իւրաքանչիւրին պարտիք եւ իրաւունք եւ թէ ի՞նչպէս կը զեղծանի իշխանութիւն, երբ ի բաց դնելով օրինաց արդարութիւնը` միայն սրով ու գաւազանով կ՚իշխէ. երկրին բարգաւաճման եւ յառաջդիմութեան ճամբան չի բանար, որ իշխանութեան զօրութիւնն է։ Նմանապէս կը զեղծանին հպատակ ազգեր, երբ անսաստող կը լինին սահմանադրեալ օրէնքին դէմ։ Մեծապէս եւ առաւել կը սխալին ժողովուրդներ ունայնամիտ յոյսերով, երբ իրենց բաժնին եւ ուժին չափով յառաջդիմութեան ճանապարհ չեն բանար. այլ հեղգամիտ լինելով ամենայն ինչ կառավարութենէն կ՚սպասեն։
       Հինգերորդ դասին մէջ նկարագիր կը հանէ Սիրաք աշխարհիս ժողովրդոց եւ ազնուական դասերուն. ցոյց տալով թէ ժողովուրդն է բուն աշխատութեան եւ երկրին կեանք տուող ոգին։ Սորա հետ կը յարէ թէ ճշմարիտ ազնուականութիւն` հոգւոյ մեծութիւնն է, եւ թէ նոցա պարտիքն է աշխարհիս վերայ մեծագործել եւ ժողովրդասէր լինել։
       Վեցերորդ դասով` մարդոյն աշխատութեան եւ աշխատութեամբ հայթայթուած հացին վերայ կը խօսի Սիրաք. յայտնելով թէ հացին ու հարստութեան աղբիւրը երկիրն է, հողն է, եւ զայն բեղմնաւորող մարդուն աշխատութեան ձեռքն է. մարդ կը չքաւորի, մուրացիկ կը լինի երբ անաշխատ ձեռքով հաց կը խնդրէ, եւ առանց վարուցանի` հնձել կ»ուզէ։
       Եօթներորդ դասն աւանդելով Սիրաք, կենաց ուղիղ տնտեսութիւնը կ»ուսուցանէ. յառաջ բերելով թէ անօգուտ է գանձ եւ հարստութիւն երբ գանձատէր հարուստն տնտեսել չգիտէ. եւ խիստ շուտով կ»սպառի գանձն` գանձատունէն, եւ ցորեանը շտեմարանէն։ Կը յաւելու նաեւ թէ ուղիղ տնտեսութիւնը գիտէ արդարութեամբ հատուցանել իւր պարտիքը. Կայսերին` կայսեր տալ եւ Աստուծոյն` Աստուծոյ, եւ ապա իւր բաժին վայելել։
       Ութներորդ դասով ցոյց կուտայ Սիրաք, թէ առանձին մարդոյն եւ թէ աշխարհիս ժողովրդոց մեծաքայլ յառաջդիմութիւն` ինքնաշխատութեան զօրաւոր ջանքն է. եթէ կայ բախտ աշխարհիս վերայ, այդ միայն ինքնաշխատութեան ձեռքն է. ով որ հեղգութեան մէջ փակէ իւր ձեռքը, բախտն իրմէն կը խուսափի։ Անարժան է այն ձեռք, որ առանց աշխատութեան հացը յիւր բերան կը տանի. «Ձեռք որ ոչ աշխատիցեն, կերիցեն մի՛». սուրբն Պօղոս կը պատուիրէ։
       Իններոդ դասով կը ճառէ Սիրաք թէ ինչպէս ինքնաշխատութիւն, հանճար եւ ընկերական զօրութիւն, այս երեք հզօր դաշնակիցներ միանալով քաղաքակրթեցին զաշխարհ. ինքնաշխատ հանճար ծնաւ գիւտեր, արուեստներ, այլ ընկերական զօրութիւն զարգացուց. եւ այսպէս այս երեք անզէն դաշնակիցներ աշխարհիս տիրեցին։
       Տասներորդ դասով կ՚իմաստասիրէ Սիրաք աշխարհիս երջանկութեան եւ ապերջանկութեան վերայ. ցոյց կուտայ բնական փաստերով թէ այդ երկու հակառակ տարերք մարդոյն կենաց հետ միշտ համընթաց կը լինին, եւ թէ կարելի չէ, որ մարդ աշխարհիս վերայ միայն երջանկութեան ծաղիկները քաղէ առանց փուշերէն խոցոտուելու։
       Մետասաներորդ դասին մէջ քնաբար ցոյց կուտայ Սիրաք, թէ ի՞նչ են այն զօրաւոր ներքին եւ արտաքին պատճառներ, որով աշխարհիս ազգեր կը բարձրանան եւ կը խոնարհին, կը բարգաւաճին եւ կը նուազին։ Այս պատճառները Ս. Գրքէն առնելով Սիրաք կը հաստատէ թէ` մեղք եւ արդարութիւնն է։
       Երկոտասաներորդ դասին կարգը կը խօսի Սիրաք ժամանակի եւ աշխարհիս այլ եւ այլ պատահարներու վերայ։ Կը խոստովանի թէ այո՛, կան աշխարհիս վերայ բնական տարերաց այնպիսի պատահարներ, որոց վերահաս զօրութենէն մարդ կարող չէ խուսափիլ։ Բայց աշխարհի դէպքերով կը հաստատէ Սիրաք, թէ մարդ մարդոյն` առաւել չար եւ մեծագոյն պատահարն է, որոց առաջ շատ նուազ են եւ առ ոչինչ կը համարուին բնական պատահարներ։
       Երեքտասաներորդ գլխով կ՚աւարտէ Սիրաք իւր դասերը, եւ իբրեւ աներկմիտ հաւատացեալ ոգեւորուելով կը խօսի Աւետարանի քարոզած ընկերասիրութեան վերայ. առակով եւ օրինակով ցոյց կուտայ թէ մարդոյն ազատ եւ երջանիկ կեանք` ընկերասիրութեան մէջն է. ցոյց կուտայ թէ աշխարհիս վերայ տիրող թշուառութեան միայնակ դեղն ու դարման` ընկերասիրութիւն է. ցոյց կուտայ նաեւ թէ առանց Աւետարանի ճշմարիտ ընկերասիրութեան որչափ ճգնի քաղաքակրթութիւն` կարող չէ մարդոյն ապերջանիկ կեանքը բարւոքել, կամ նորա խռոված ոգւոյն խաղաղութիւն տալ։
       Սիրտք, որ Աւետարանին սիրահարն է, միւս դասերուն վերայ իբրեւ գլուխ եւ պասակ հիւսելով կ»աւանդէ իւր սիրական Սամուէլին, որպէս զի Աւետարանի ընկերասիրութեան դասերն իւր բոլոր կենաց մէջ հոգւով եւ ճշմարտութեամբ ընդունի։
       Ահաւասիկ այսչափով բովանդակեցի Սիրաքայ բարի Հօր կրթական դասեր. սիրով կադացէք, խելամտելով ի միտ առէք, ո՛վ դու Հայոց ժողովուրդ, Հայոց հայրեր, Հայոց դաստիարակներ եւ Հայոց զարգացեալ որդիքներ։
       Առ հասարակ ձեզ համար գրեցի այս պիտանի դասեր. դուք եւս Սիրաքայ հօր բարի օրինակին հետեւելովաւանդեցէք ձեր որդիներուն. աւանդեցէք ձեր աշակերտներուն. վասն զի զարգացեալ նոր սերունդին համար` աշխարհի գիտութիւն եւ մեր ընկերական կենաց դասերն ամենակարեւոր գիտութիւն եւ հմտութիւնն են։
       Սոսկ դպրոցական ուսումներ բաւական չեն Հայոց զարգացեալ պատանիներուն համար, որ նոր կը թեւակոխեն աշխարհի կենաց շրջանին մէջ. այլ պէտք է զի նոքա Սամուէլի նման ականջ դնելով միշտ բարեխրատ լինին ու յառաջդիմեն դէպի լաւագոյն կեանք. որոյ միջոցը մի միայն ուղիղ դաստիարակութեան ձեռքն է, որ կ»ուղղէ եւ կը վարէ զիրենք։
       Սիրաքն այդ կրթական ձեռք յօրինեց եւ կուտայ Հայոց հայրերուն ձեռքը. թէ սիրաբար ընդունիք, ո՛վ դաստիարակ Հայրեր, Սիրաքայ տքնող ձեռքն ու գրիչ այլ եւս պիտի շարունակէ իւր բարոյախօս դասեր։