Սիրակ եւ Սամուէլ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԴԱՍ Թ. ՀԱՆՃԱՐ ԵՒ ԸՆԿԵՐԱԿԱՆ ԶՕՐՈՒԹԻՒՆ
      
       Ինքնաշխատութիւն, հանճար եւ ընկերական զօրութիւն. այս երեք հզօր միացեալ դաշնակիցներ աշխարհիս կեանքը յեղաշրջելով յառաջդիմութեան հրաշքներ գործեցին, եւ նոյն իսկ մարդն ինքնին կապշի կը զարմանայ թէ ինքն է գործող արդեօք։
       ՆԱԽՈՐԴ ինքնաշխատութեան դասով ուսար, որդեակ իմ, թէ աշխարհիս վերայ ժրագործ մարդոյն ձեռք իւր ինքնաշխատ զօրութեամբ կարող է յառաջդիյել առանձին մարդկային ընկերութեան մէջ։ Իսկ այս դասին մէջ պիտի ուսանիս թէ ի՞նչ է զօրութիւն ընկերական միութեան, որոյ առաջ աշխարհիս դժուարութիւններ կը դիւրանան. եւ ինչ որ մի մարդոյն ձեռք կարող չէ գործել, ընկերական հոգին միութեամբ կը մեծագործէ։ Վասն զի մարդոյն ինքնաջան զօրութիւն` եթէ ընկերական միութեան ուժին հետ չմիանայ, եթէ առանց հաղորդող տարածութեան` իւր զօրութեան արգասիք միայն իւր մէջն ամփոփելով պահէ, յայնժամ այդ առանձնական զօրութեան սերմ ոչ կ»աճի, ոչ բեղմնաւորելով կը բազմապատկի. այլ կը մնայ նոյնչափ, որչափ մի անհատ մարդ իւր ինքնաշխատութեամբ ձեռք բերեր է։
       Սորա համար մի պարզ ու համոզիչ օրինակ տամ քեզ։ Եթէ շոգւոյն մեծ զօրութիւն գտնող հեղինակն` այդ աշխարհաշէն գիւտ իւր մտքին եւ տան մէջ թագուցանէր ու չհանէր զայն ընկերութեան հրապարակն, ի՞նչ արդիւնք կ»ընծայէր աշխարհին, ոչինչ։ Ինքնաշխատ հեղինակն իւր հանճարած գիւտին հետ կը մեռնէր, եւ շոգին իւր մաշած ուղեղին հետ կը ցնդէր գերեզմանին մէջ. եւ այսպէս հանճարն եւ գիւտ ի միամին կը կորսուէր։
       Այս մի օրինակ քեզ բաւական է. դու ինքնին իմաստասիրէ եւ կ՚իմանաս, թէ մարդոյն ինքնաջան զօրութեան հետ` պէտք է միանայ ընկերական միութեան զօրութիւն. ապաթէ ոչ` հանճարին սերմն ապարդիւն կը մնայ, կամ շատ շատ` իւր սերմնագիւտ մշակին միայն առօրեայ հաց կը հայթայթէ։
       Մի մարդ, մի զօրութիւն, մի հանճար թող որչափ կ»ուզէ ինքնաշխատ լինի, մեր ընկերական աշխարհ չի շիներ։ Դու տեսե՞ր ես, որ մի մարդ` մի քաղաք կամ գիւղ շինէ. կամ մի թագաւոր ինքն առանձին մի տէրութիւն կազմէ առանց ժողովուրդին։
       Ել, որդեակ իմ, երթանք քեզ հետ ի պարտէզ, ես ցոյց տամ քզ բնական օրինակները։ Տես դու այդ ձեռատունկ ծառեր, երկիրը փորէ, արմատներ գիտէ. դէպի ի վեր նայիր դէպ յարեւ բարձրացած աճեցուն ճիւղերը գիտէ. կա՞յ մի ծառ, որ մի արմատով եւ մի ճիւղով աճի ու պտղաբերէ։ Երթանք ի դաշտ, որ քեզ աւելի շատ բնական է, եւ դու տեսեր ես ու գիտես. թէ մի մշակ մի եզով կամ մի լծով կարո՞ղ է գութան լծել եւ գետին վարել, մանաւանդ երբ կորդացած լինի, կամ սերմնացան, որ մի հատիկ ցորենով մի ամբողջ արտ ցանէ։
       Շատ ճշմարիտ է հիներուն առածը, թէ մի ծաղիկ գարուն չի բերեր. մի մեղու մեղր չի շիներ. եւ ոչ իսկ պուտ մի ջուր` ջրաղացի ծանր քարը կը դարձնէ. մի կաթիլ անձրեւ` մի աղբիւր եւ մի վտակ գետեր չեն կազմեր։
       Այդ ամենուն պատճառ մի՛ հատազօտեր, ինքնին յայտնի է. երբ փոքրիկ զօրութիւն մի` մարդոյ մէջ կը մնայ առանձին առանց ընկերական մեծ զորութեան, թէ հանճարով եւ թէ բազկով հուժկու մարդն ապիկար կը դառնայ. նա մի խելքով եւ ուժով ոչինչ կարէ գործել աշխարհիս վերայ, խեղճ ինքնաշխատ մարդ կը վարանի ինքնին. կը շիջանի նաեւ հանճարին լոյս առանց իւր շուրջը լուսաւորելու։
       Այո՛, հանճարին զօրութիւն` գաղափարի աղբիւրն է. որ կը բղխի մարդոյն մտաւորական ակնէն. եթէ ջրոց վտակներու պէս վազելով չը ծաւալի ընկերութեան հրապարկը, կամ նախանձոտ հանճարը ջանայ իւր ջրով միայն իւր պարտէզ ջրել, եւ չիմանայ թէ հանճարին փոքրիկ աղբիւր քանի վազէ ու տարածի` գետի պէս կ»առատանայ. թէ թումբ կանգնես իւր դիմաց եւ արգիլես` անդէն իւր տեղը կը ցամաքի եւ կը չքանայ։
       Աշխարհիս բոլոր գիւտերու ինքնաշխատ գրիչ հեղինակներն իրենց նորանոր գիւտեր միշտ փոխ տուին ընկերութեան. եւ տես դու թէ ի՞նչ գործեց ընկերական զօրութիւն։ Հանճարներէն մի փոքրիկ աղբերակ կամ լուսոյ նշոյլ մի առնելով` այնչափ ծաւալեց եւ ընդարձակեց, մինչեւ բովանդակ աշխարհ ողողեց ջրով ու լուսով, եւ այսպէս առաւել եւս պայծառ պսակեց հանճարին արդիւնքը եւ փառաւորեց զայն։
       Եթէ հանճարին սերման գիւտը նմանցնեմք մանանեխի հատիկին, որչա՞փ կը յարմարի Աւետարանի այն առակին, զոր Քրիստոս օրինակ բերաւ, այսպէս ասելով. Մանանեխի հատիկն ամէն սերմերէն փոքրագոյն է, եւ երբ ցանես զայն` կը բուսնի եւ աճելով մեծ ծառ կը դառնայ, մինչեւ կուգան թռչուններ եւ նորա ոստերուն վերայ կը հանգչին։
       Այսպէս նաեւ եթէ հանճարին հատիկն առանձին մնայ իւր ինքնաշխատ մշակին պարտէզը` ոչինչ առաւելութիւն չունի։ Բայց երբ ընկերութեան դարաստանին մէջ ցանուի, անդէն վաղվաղակի կը բուսնի եւ աճելով ահագին մեծ ծառ մի կը դառնայ. իւր ճիւղեր բոլոր աշխարհի վերայ կը սփռէ, եւ իւր անհուն առատ պտուղները կը վայելէմարդկային ազգ։
       Խօսիմ ու պատմեմ քեզ, որդեակ, թէ հանճարին փոքրիկ զօրութիւն` ընկերական ամենամեծ զօրութեան հետ միանալով` ինչ գործեց եւ ի՞նչ արդիւնք արտադրեց արեւմտեան աշխարհին մէջ, որք արեւելեան անգէտ ժողովրդոց համար կը թուին թէ այդ գործերը գերմարդկային հրաշքներ են։ Ընկերական միացեալ զօրութիւնը` շոգւոյն եւ մեքենային ոյժը` իւր զօրութեան հետ միացնելով` ծովն ու ցամաք հնազանդեցուց իւր ոտքին առաջ։
       Դու կարե՞ս թուել թէ այսօր որչա՞փ անթիւան անհամար շոգենաւեր կան ու կը շրջին աշխարհիս ծովերուն վրայ։ Ծովամայր Ովկիանոսին տարածութիւն, զոր երբեմն մարդիկ անծիր եւ անսահման կը կարծէին, շոգին ու մեքենայն զայն մի քանի աւուր մէջ կը չափեն։ Խեղճ Կոլոմբոս այն ինչ տարիներով կը դեգերէր նոր աշխարհ գտնելու համար, այսօր Լօնդոնէն մինչեւ յԱմերիկա տասն աւուր մէջ կը չափեն։ Ծովու մեծ կէտ վիթխարի Լեւիաթան զամացաւ, երբ տեսաւ որ քան զինքն մեծագոյն հազարաւոր փայտակերտ, մարդաշէն Լեւիաթաններ ծովու թագաւորութեան տիրելով` ազատաբար կը լողան. իւր գլուխ եւ տուտ քաշեց ու սոսկալով մտաւ ծովու խորութեան մէջ ծածկեցաւ։
       Յովբ կ»ասէ թէ այդ մեծ ծովային վիշապը` մեծագործ Արարիչ հրեշտակներու համար ստեղծեց, որ զբօսնուն եւ խաղան նորա հետ։ Թող այժմ այդ զբօսասէր հրեշտակներ մարդոց հնարած Լեւիաթաններուն հետ խաղան, ու ճանչնան թէ աշխարհիս որդիքներ քան զիրենք աւելի իմաստուն եւ հնարագէտ են. որպէս վկայեց Յիսուս։
       Գիտե՛ս եւ չկարծես դու թէ շոգենաւուց գիւտը միայն մարդկային շահավաճառութեան շահաբեր եղաւ, այլ եւ դորա հետ ապահովեց նաեւ մարդոյն ծովագնացութեան կեանքը. այն ինչ աստի գրեթէ մինչեւ վաթսուն տարի առաջ նաւապետ, նաւաստին, ուղեւոր առհասարակ ծովաեկոծ ահեղ փոթորիկներու պատահելով` շատ անգամ կուր կը լինէին ծովուն ու ձկներուն, խորանդունդին մէջ ջրաթաղ լինելով, անհող եւ անգերեզման։
       Մարդ իւր հանճարով եւ ընկերական զօրութեամբ ծովու հոսանուտ կոհակներու վերայ յաղանակեց, դարձաւ դէպի ցամաք. ասաց թէ կարո՞ղ եմ արդեօք սարն ու ձոր հարթել հաւասարել այնպէս, ինչպէս ծովուն մակերեւոյթ։
       Այո՛, մարդն Աստուած չէր, բայց` ասաց եւ եղեւ։ Իւր հանճարով եւ ընկերական ուժով այդ ամէն գործեց, հողին վերայ երկաթէ ուղիները յարդարեց, հնարիչ ճարտարագէտի մի ձեռք շոգեկառք շինեց. ընկկերութեան զօրաւոր ձեռք հազարաւոր կառախումբեր նորա ետեւն կապեց ու շարեց։ Մարդիկ այն օրէն գիտես թէ թռչնոց թեւ առին. աշխարհէ յաշխարհ, քաղաքէ քաղաք թռչելով` անդադար կ»երթան կուգան։
       Թէ կարծես ի համար բեր եւ հաշուէ, այդ երկու միացեալ զօրութիւնք, շոգին ու մեքենան, ի՞նչ մեծ արդիւնք ընծայեցին աշխարհի։ Եթէ այսօր Ասիացին, Եւրոպացին, Ամերիկացին, Ճաբոնացին եւ Հնդկացին զիրար կարող են տեսնել ու ճանչնալ. այդ շնորհիւ հանճարին եւ ընկերական զօրութեանն է, որ մին շոգենաւ եւ շոգեկառք հնարեց, եւ միւսն իբրեւ զօրավիգ` ձեռն տալով ի գործ դրաւ։ Եւ այսպէս աշխարհ առ աշխարհ, ժողովուրդ առ ժողովուրդ իբրեւ մի քաղաքացի եւ դրացի կապեց։
       Ո՛վ գիտէ, թերեւս թերեւս ապագայ աշխարհին մէջ մեր բնակավայր հողագունդն ամբողջ այնպէս լինի, ինչպէս մի քաղաք, զանազան ազգեր եւ լեզուներ միանան, մի ազգ, մի ժողովուրդ կազմեն. աշխարհս դէպի իւր նախնական վիճակ դառնայ եւ երթայ հասնի միազգութեան նախադար. երբ մարդիկ մի երկիր, մի լեզու ունէին, ինչպէս կը պատմէ Մովսէս. «Եւ էր երկիր մի եւ լեզու մեր»։
       Թողունք հաղորդակցութեան դիւրութիւնը. թողունք շահավաճառութեան ամենամեծ արդիւնք, յորում աշխարհիս ազգեր ու ժողովուրդներ կ»զբաղին ու կը պարապին մեր անյագ կեանքին անհուն պէտքերը հոգալու համար. թողունք այն ամէն նիւթական շահաբերութեան արգասիք. զորս մարդոյն ցանկութիւն իւր ճարտարութեան արուեստով հնարեց. խորհինք, յառաջ բերենք ու հաշուենք բարոյական մեծ շահն։
       Վասն զի թէ շոգենաւն եւ թէ շոգեկառքը, այս երկու արագընթաց զօրութիւններ եթէ թեւ չի տային մարդոց ընկերային հաղորդակցութեան, հեռաւոր աշխարհաց, վայրենի եւ կիսավայրենի ժողովուրդներ կը մնային այնպէս իրենց հնութեանց մէջ, որոց վերայ տիրեր էր տգիտութիւն, թշուառութիւն եւ խաւար կեանք։ Այն օրէն երբ շոգին լոյս տարաւ նոցա, այն օրէն սկսեցին լուսաւորիլ եւ տակաւ տակաւ մօտենալ քաղաքակիրթ աշխարհին։
       Քաղաքակրթութիւն ուր որ ծնաւ, իւր անձուկ հորիզոնին եւ խանձարուրին մէջ կը մնար. նա չէր կարող իւր լոյսը մինչեւ հեռաւոր եւ անծանօթ տեղեր տարածել, լոյս տալ ու քաղաքակրթել բարբարոս ազգերը։
       Հանճարին եւ ընկերական ուժին զօրութիւն միայն այդ հրաշքներ չի գործեց, այլ եւս շատ եւ անհամար արուեստական հրաշքներ յառաջ տարաւ, եւ այնչափ, զոր ես չկարեմ թուել։ Արուեստից ծնունդներ այնքան բազմապատիկ են, որոց վերայ մարդոց միտք կը հիանայ, կ»ապշի ու չի հաւատար թէ ինքնաշխատ մարդոյն հանճարն է ծներ զանոնք։
       Եւրոպիոյ բիւրատեսակ արուեստից այն հսկայ մեծագործ շէնքեր, որք գիտես թէ մէն մի մեծագործ քաղաքներ եւ պալատներ են. այն անդուլ անդադար շոգեշարժ ահագին մեքենայից ահագին զօրութիւն, որոց միոյն ուժը` հազար ասեմ, երկու հազար ասեմ, մարդոց կամ ձիոց ուժին հաւասար է։ Հապա այն բիւրաւոր սիլիոնաւոր գործաւորաց աշխատուիւնը, որ շոգիին զօրութեան հետ միանաով` անբաւ եւ անչափ արդիւնք կ»արտադրեն եւ բովանդակ աշխարհիս մարդոց կեանքին համար պէտքերը կը պատրաստեն. որոց չափն ու քանակութիւն անհնարին է կշռել ու չափել։
       Ցանկացայ ես, այլ բախտն ինձ չյաջողեց, որդեակ իմ, երանի՛ թէ քեզ մի նուագ յաջողէր երթայիր Եւրոպիոյ այն հրաշից աշխարհը, կենդանի աչօք տեսնայիր, զարմանայիր թէ ի՞նչպէս մարդոյն հանճար եւ ընկերական զօրութիւն ձեռն ի ձեռն տալով` գիտութեամբ, ճարտարութեամբ, արուեստով մարդկային հին կեանքն, որ երբեմն ունայն եւ դատարկ էր, զայն լցուցեր են եւ լիացուցեր մինչեւ ցբերան. եւ աւելորդն յորդեալ գետերու եւ հեղեղի նման` աշխարհիս չորս կողմ կը վազէ ու կը տարածի այդ անհուն շահավաճառութեան հոսանք։
       Քաջ խելամտեցա՞ր, որդեակ իմ, որ ինքնաշխատ հանճարն ընկերական միութեան հսկայաքայլ ոտքով արագապէս յառաջադիմեց աշխարհիս վերայ։ Ճարտարագէտին հանճարն` իւր մի ոտքով միշտ կաղ կը մնար եւ կարող չէր նա գէթ, դանդաղ կրիային չափ ծանրաքայլ երթալ, եթէ ընկերական ուժն օժանդակելով յառաջ չը վարէր զայն։
       Քա՛ւ թէ, այսպէս դատելով` ես կ»ուրանամ հանճարին իրաւունքը, եւ դու այնպէս չը կարծես, հանճարասէր որդեակ իմ, այլ եւ կը խոստովանիմք, որ մեծ մրցանակն ու փառք հանճարին կը վայելէ։ Վասն զի յառաջդիմութեան առաջին տարերք, առաջին հիմնաքարեր հանճարներ կը համարուին. իսկ շէնքն ընկերութիւն կ»աւարտէ. եւ մերթ եւս մի հանճարին պակասն` մի ուրիշը կը լրացնէ։ Ինչ որ հանճարը մի տաղանդ կուտայ, եւ ընկերութիւն զայն ի գործ կը դնէ եւ անհատնում շահերով կը բազմապատկէ։
       Բիւր օրհնութեան եւ յիշատակաց արժանի Գուտթէմբէրդ` տքնելով տքնելով վերջապէս հանճարեց տպագրութեան գիւտըն, որ առաջին անգամ շատ փոքր ու անկատար էր, եկան վերջին հանճարներ եւ կատարելագործեցին զայն։ Ելան նաեւ ընկերութիւնք, ոք հսկայաշէն տպագրական տուներ հաստատեցին, մեծամեծ շոգեշարժ մեքենաներ դրին նոցա մէջ, եւ այնչափ յառաջ տարան ու զարգացուցին տպագրական արուեստը, որոյ նիւթական ու բարոյական շահաբերութիւնը` թէ ասեմ Օվկիանոսին չափ ծովացաւ աշխարհիս վերայ, հաւատա՛, դու։
       Այն երկաթէ հրաշալի Մամուլը թէ ոսկւով թէ լուսով միանգամայն փայլեցուց աշխարհ։ Թէ չը լինէր լուսասփիւռ մամուլը, ի՞նչ կը լինէր այնչափ գրագէտ հեղինակաց հանճարին երկասիրութիւնք, ոչինչ, այնպէս անլոյս անհոգի կը մնար ու կը մեռնէր ինչպէս վիժած մանուկ մի իւր մօր արգանդին մէջ։ Այո՛, եթէ մամուլ իւր գրերով, իւր թեւերով հանճարին ստեղծած գաղափարին լոյս չտարածէր իմացական աշխարհին հորիզոնին վերայ, այլ եւս լոյսն ու գաղափար ոչ կենդանի կը մնար, ոչ կ»արդիւնաւորէր մարդկային լուսաւորութեան համար, հապա մի ափ մոխիր կը դառնար հանճարը, մարդոյն հետ կը մեռնէր եւ կը լցուէր գերեզմանի սափորին մէջ։
       Այնպէս չեղա՛ն մեր նախնեաց հանճարէն ծնած անգիւտ ձեռագիրներ եւ հնութեան յիշատակարաններ։ Ո՛հ, կամ բարբարոսաց ձեռքով հրոյ ճարակ եղան, կամ իբրեւ վարձք եւ բարեպաշտութիւն, անգէտ մարդոց ձեռքով իբրեւ մեռած դիակներ հոգին մէջ թաղուեցան։ Մեծ գովութեան եւ ազգի երախտագիտութեան արժանի են Մխիթարեան ուխտին գրավաստակ Հարք, որք ինքնաշխատ ջանքով աստի եւ անտի մեր հին գրական մնացորդ նշխարներ ժողովելով ի լոյս ընծայեցին։ Փտտած ու փոշոտած ձեռագիրներ, որք իբրեւ ճրագ գրուանի տակ դրուած վանքերու մութ խորշերուն մէջ ծածկուած մնացեր էին, անլոյս եւ ապարդիւն, տպագրութան լուսով ելան կենդանի ժողովուրդին մէջ մտան, եւ այսուհետեւ անմահ են։
       Եթէ մի Գուտթէմբէրդ եւս քսան դար, երեսուն դար յառաջ Մասիսին տակ ծնէր, մեր աշխարհին վէպեր, մեր քաջ դիւցազանց գործեր, թէ գրական եւ թէ մեր հին հարց կենդանի աւանդութիւնք, եւ ինչ որ մեր հայրենեաց անուն եւ փառքը կը պատմեր այս ներկային մէջ, անշուշտ այդ ամէն անցելոյն ստուերին կրճատ, բեւեռագիր արձանագրութեանց չէինք դիմեր, որոց ամմենադժուարին վերծանութեան համար աշխարհիս հնագիտաց ուղեղներ կը տանջուին։
       Ուրեմն խոստովանիմք, որդեակ, թէ մի հանճար` իւր կապարեայ գրերով եւ տպագրութեան մամուլով գրական մշակներու վաստակն անմահացուց, եւ սորա փոխարէն գրական հանճարներն եւս զԳուտթէմբէրգն անմահացուցին։ Եւ այս իսկ զարմանալի է. զի հանճարներու հոգիներն` իրարու անմահութիւն կը ներշնչեն, եւ մինն` միւսին գործն ու յիշատակ կը փառաւորէ։
       Մենք եւս պարտական եմք միշտ յիշել ու փառաւորել հանճարներուն յիշատակ, վասն զի նոքա եւս իրենց Տօնացոյցն ունին, եւ զիրենք կը տօնախմբէ քաղաքակիրթ աշխարհ։ Եւ միթէ արժանի չե՞ն նոքա, որք իրենց ինքնաշխատ կեանք գիւտերով արդիւնաւորեցին, եւ ոմանք եւս հացակարօտ անձնագոհ մեռան։ Այո՛, այդ հանճարոյ նահատակներ մարդ էին ու մեռան. բայց իրենց պտղաբեր կեանքին անմահ եւ անսպառ արդիւնքն այսօր բովանդակ աշխարհ կը վայելէ։
       Քրիստոս` Աւետարանի քարոզութեան ինքնաշխատ մշակներ օրհնեց եւ ասաց. «Զի դուք երթայցէք եւ պտղաբեր լինիջիք եւ պտուղն ձե կայցէ»։ Այո՛, խաչէն մինչեւ ցայսօր հազար ութն հարիւր այսչափ տարի է, այդ խաչակիր մշակներու պտուղն երթալով կ»աճի ու կը մնայ։
       Միթէ կը մեղանչե՞մ կամ չափազա՞նց կը համարիս դու, եթէ ես զհանճարներ` քաղաքակրթութեան առաքեալ կոչեմ։ Վասն զի եթէ հանճարներն` քաղաքակրթութեան սնուցիչ եւ դայեակ չը լինէին, քաղաքակրթութիւն իւր խանձարուրին մէջ կը մնար իբրեւ մանուկ առանց աճման։
       Այլ ինչպէս գրեցի ի վեր, հանճարներն եւս մանուկ կը մնային, եթէ նոցա օժանդակ չը հասնէր ընկերական քաջալերիչ ոգին եւ զօրութիւն, Ի՞նչ պիտի անէր ինքնին այն կորովի եւ նկատող աչքն, որ փոքրիկ կաթսայի մի վերայ, եռացող ջուրին վերմղիչ բուռն շոգիէն շարժող ու վարող մի ահաւոր զօրութիւն գտաւ։ Միթէ կարո՞ղ էր նորա չքաւոր ձեռն վիթխարի մեքենաներ ձուլել կամ ահագին շոգեկաթսաներ կազմել։ Ի՞նչ պիտի անէր այն թագուն ելեկտրիք զօրութեան գտիչ, որով անբարբառ երկաթէ թելին խօսիլ տուաւ։ Միթէ նորա ձեռն բաւակա՞ն էր, որ աստի մինչեւ ի Հնդկաստան, մինչեւ յԱմերիկա երկաթէ թել ձգէր։ Մեր լեռնցի ճարպիկ քիւրտեր անյպէս կը հաւատան թէ այդ երկաթէ թելերուն մէջ սատանայ կայ, բայց սատանան իրենք են, գիտե՞ս դու. վասն զի իրենց գողութեան լուր հաղորդելով չի յայտնէ կառավարութեան։
       Այսպէս ահա, ցանկալիդ իմ Սամուէլ, հանճարն եւ ընկերական զօրութիւն դաշնադիր եղան, մին` միայն սերմ տուաւ, եւ միւսն զայն ցանեց եւ ժրագործ ձեռքով ու մեծ տնտեսական գիտութեամբ մշակեց. ամենալի բարութեամբ լցաւ, լիացաւ, բարգաւաճեցաւ արեւմտեան աշխարհ։ Այսօր իւր որդիքներ ամենառատ սեղանի վերայ նստած` կշտապինդ կը վայելեն հանճարին եւ ընկերական ձեռաց պատրաստած բարիքներ։