Սիրակ եւ Սամուէլ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԴԱՍ Գ. ԱՆՀԱՒԱՍԱՐ ԿԵԱՆՔ ՄԱՐԴԿԱՅԻՆ ԸՆԿԵՐՈՒԹԵԱՆ
      
       Թէ մարդիկ աշխարհիս վերայ եւ արեւուն տակ անհաւասար
       կերեւին, հոգին ու գերեզմանի ստուերին տակ կը հաւասարի։
       ՄԱՐԴԻԿ հաւասար կը ծնին, հաւասար կ»ապրին եւ հաւասար կը մեռնին։
       Անհաւասարութիւն չէ թէ միայն մարդկային ընկերութեան մէջ, այլ եւ ընդհանուր տիեզերքին մէջ կ՚երեւի։ Աչքդ բաց ու տես, որդեակ իմ, որ ամէն բան զանազան ու աննման կը տեսնաս, թէ երկնից երես, թէ երկրիս վերայ, թէ բովանդակ աշխարհիս բնական արարածոց մէջ եւ թէ մարդոյն նիւթական եւ բարոյական կեանքին մէջ։ Մարդ պէտք է ափշի,
       հիանայ եւ օրհնէ իւր մեծագործ Արարիչը, որ ամէն բան զանազան եւ աննման յօրիներ է եւ կը յօրինէ։ Սորա մէջ կ»երեւի արարչին անհուն զօրութիւն, անհուն իմաստութիւն եւ անհուն հանճար, որ ստեղծեալ իրաց թէ արտաքին ձեւն ու պատկեր եւ թէ ներքին բնական զօրութիւններ, ամենայն ինչ, իրարու աննման, զանազան ու անհաւասար են, եւ այս անհաւասարութեան մէջ ամենայն ինչ չափով ու կշռով համեմատ կարգադրելով` անհաս եւ անհաւասարն Աստուած կը յօրինէ եւ կը վարէ տիեզերք։
       Աչերդ յառէ, որդեա՛կ իմ, դէպ երկնից կամարը, ամենարուեստ Արարչին զարմանագործ ձեռաց հրաշակերտ գործեր տես, համայն աստղեր մեծութեամբ, լուսով, դրիւք եւ շարժումով զանազան են, արեւն եւ լուսին` զանազան են. չգիտենք ու չենք զօրեր տեսնալ թէ այլեւս ո՞րչափ անզանազան էակներ կան երկնաշխարհին մէջ։ Դարձիր դէպի մեր երկրագունդը` նոյնպէս ամենայն ինչ զանազան եւ անհաւասար կը տեսնաս։ Ցամաքն անհաւասար, լեռներն անհաւասար, դաշտերն անհաւասար, աղբիւրներ, վտակներ, գետերն առհասարակ անհաւասար, ծաղիկներն անհաւասար, ծառերն անհաւասար, գոյներով, ձեւերով, համով, հոտով եւ ներքին զօրութեամբ, բնաւին անհաւասար։ Սոյնպէս բոլոր կենդանեաց սեռն նոյն անհաւասար օրէնքին տակն են։ Անհաւասարութիւն դու պէտք չէ՛ այնպէս հասնաս թէ միայն տարասեռ իրաց մէջ կ»երեւի. այլ մի եւ նոյն տեսակին մէջ անհաւասարութեան հրաշք կը տեսնուի։ Ծաղկաց թագուհին վարդ, իւր տեսակին մէջ գոյնով, հոտով, ձեւով եւ նոյն իսկ թերթերով անհաւասար է. նմանապէս բոլոր ծաղիկներ։ Խնձորենին իւր տեսակին մէջ պտուղներու մեծութեամբ եւ գոյնով անհաւասար են. սոյնպէս բոլոր պտղատու ծառերը։ Մտի՛ր մայրի անտառը, անդ եւս կը տեսնաս մեծութեամբ, բարձրութեամբ եւ ճիւղերու ընդարձակութեամբ իրարմէ անհաւասար են, միեւնոյն ծառի տերեւներն անգամ հաւասարութիւն չունին։
       Իսկ մարդն, որ բավանդակ արարածներէն հրաշակերտն է, այդ անհաւասարութեան հրաշքն աւելի ունի. թէ ներքին եւ թէ արտաքին ամէն հանգամանքներով անհաւասար է իւր ընկերին հետը։ Ուղեղն անհաւասար, միտքն անհաւասար, իղձըն ու ոգին անհաւասար, վարքն ու բարքն անհաւասար, երեսն ու դէմքն անհաւասար. ձեռն ու մատունք եւ ոտքն անհաւասար, քայլերն անհաւասար, ուժն անհաւասար, բոլոր ըզգայական անդամներ` ձեւով ու զօրութեամբ հաւասար։ Եւ նոյն իսկ մի մարդոյն վերայ անհաւասարութեան օրէնքը յայտնապէս կը տեսնուի. աչքեր, ականջներ, ձեռքեր, ոտքեր անհաւասար են իրարու։
       Այս ընդհանուր նկարագրէն յետոյ, այժմ սկսինք մարդոց ընկերական կեանքին անհաւասարութեան նկարագիրը հանել, որ մեր այս դասին նպատակն է։
       Մարդկային ընկերութիւն եւ քաղաքային աշխարհ նոյնպէս անհաւասար տարերքներէն կազմուած է։ Աշխարհ` աշխարհի հետ, ազգ` ազգի հետ, ժողովուրդ` ժողովրդի հետ, թագաւոր` թագաւորի հետ, իշխան` իշխանի հետ, կառավարութիւն` կառավարութեան հետ, զօրութիւն` զօրութեան հետ, հարստութիւն` հարստութեան հետ, եւ այլ շատ բաներ ու հանգամանքներ իրարու հետ անհաւասար են։
       Եւ նոյն իսկ մի աշխարհ, մի թագաւոր, մի ազգ եւ լեզու` անհաւասար տարերքներով կազմուած է։ Կը զարմանաս, թէ որ ասեմ քեզ, որդեակ, թ էաշխարհիս մարդկային ընկերութեան հզօրագոյն կապն անհաւասարութեան օրէնքն է, որ թագաւորը` հպատակ ժողովրդին հետ, իշխան` գաւառին հետ, զօրավար` զօրքին հետ, առաջնորդ` եկեղեցւոյն հետ, ամուսին` ամուսնոյ հետ, ազգական` ազգականի հետ, բարեկամ` բարեկամի հետ կապեր է. եւ բոլոր անհատական մարդիկ այդ անլոյծ կապով միացնելով` մեր ընկերական տարերք կազմեր է։
       Եթէ ասես, արդեօք եւս բարի ու լաւագոյն չէ՞ր լիներ, որ այդ անհաւասարութիւն բնաւ չը լիներ. թէ մեր կեանքի պիտոյք, թէ մարդոյն նիւթական եւ բարոյական զօրութիւններ, այսինքն հաւասար ծնելով` հաւասար ապրէինք. աշխատութիւն հաւասար, հացն ու սեղան հաւասար, մեծն ու փոքր հաւասար, մարդիկ առ հասարակ եւ ամենայն ինչ հաւասար։
       Այո՛, որդեակ իմ, շատ անգամ քեզ նման կը դատեն միամիտ, բարեսիրտ եւ գորովահոգի մարդիկ, կարեկցելով մեր ընկերական թշուառութեանց վերայ, որ մեծ մասամբ ապերջանիկ կեանք կը վարեն աշխարհիս երեսը. չարչարուած, աշխատութեան մէջ մաշուած, ստրկացած ու կորացած են երկաթէ լծերուն տակ, աղքատութեան ու կարօտութեան մէջ։
       Այդ քո դատաստանը` մեղադրանք մի է, զոր մարդիկ մինչեւ երկնից նախախնամութեան դէմ կը հանեն, տրտնջալով, որ աշխարհիս կեանքը անհաւասարութեան մէջ դրեր է, մին երջանիկ կը լինի եւ մին ուրիշ թշուառութեամբ կ՚ապրի։ Մին գլուխ կը լինի եւ միւսն ոտք, մին կը տիրէ եւ միւսն կ՚ընկճի, մին ցյագկուտէ եւ միւսն սովամահ կը կորնչի եւն։
       Խօսեմ քեզ, որդեա՛կ, որ դատաստանիդ մէջ ուղղախոհ լինիս։ Նախախնամող կարգադրիչ իմաստութիւնը կամեցեր է, որ այդ անհաւասարութեան կապով մարդկային ընկերութիւն կանգուն եւ կենդանի մնայ. եթէ մեր ընկերական կեանքը ամենայնիւ մի օրինակ հաւասար լինէր, այլ եւս ընկերական միութիւն չէր մնար աշխարհիս վերայ, բոլոր յարակցութեան կապերը կը քանդուէին. եւ պէտք էր յայնժամ մարդիկ ապրէին այնպէս` ինչպէս կ»ապրին անասուններ։
       Եթէ մեր ընկերական կեանք հաւասար լինէր, եւ մարդիկ երբէք իրարու ձեռնտուութեան չի կարօտէին, այնուհետեւ մարդոց մէջէն կը ձարուէր բովանդակ արդարութիւն, կ»եղծանէին առ հասարակ պարտք եւ իրաւունք, կ»եղծանէին մարդոյն մէջ յառաջդիմութեան ոգին եւ մրցումն, աշխատութիւն կը դադրէր եւ հանճարը մարդոց ուղեղին մէջ թմրած անշարժ կը մնար։ Ազատ մարդ` հարկի տակ պիտի ապրէր առանց բանաւորութեան։ Այնուհետեւ մարդոյն կեանքը խորհրդով, հանճարով ու յառաջդիմութեամբ չէր բարեաւաճէր, այլ կը չքանար իւր մտաւորական կարողութեան մէջ, եւ հոն կը մնար մարդ` ուր կան այժմ Ափրիկէի եւ Ամերիկայի հեռաւոր վայրերը. որոց կեանքը անասնոց կեանքէն եւս վատթարագոյն է. իբրեւ մարդ ծնիլ, մարդ անուն կրել, եւ անասնաբար ապրիլ, բարին ու չար, լոյսն ու խաւար չորոշել։
       Ծանիր ուրեմն, հանճարեղ որդեակ իմ, թէ մարդոյն Արարիչ` մարդն ընկերական, բանաւոր եւ ազատակամ ստեղծեր է. նորա լեզուն եւ ոտքեր բնական օրէնքով չէ կապեր, որ չի խօսի եւ չի յառաջդիմէ, ինչպէս անասնոց սեռ, որ սկզբանէ անտի ուր որ են` անդ կան ու կը կենան։ Իսկ մարդոյն եւ ընկերական կեանքին մէջ մղիչ զօրութիւն մի կայ, որ ամէն կարգի եւ վիճակի մարդ կը մղէ եւ կը վարէ դէպի յառաջդիմութիւն. եւ այդ մղիչ ու շարժիչ զօրութիւնը` ուրիշ բան չէ, քան թէ իւրաքանչիւր մարդոց անհաւասարութեան վիճակ եւ կեանք։
       Սորա համար բովանդակ մարդկային ընկերութիւնը մի զմիով ել եւ էջ առնելով` կը նկրտին եւ կը ձգտին եւ միշտ քան զընկերս առաւելուլ։
       Թագաւոր կը ձգտի իւր գահն իւր աթոռակիցներէն բարձր դնել, եւ մերթ եւս աշխարհակալել։ Իշխանը կը ձգտի իւր իշխանակից ընկերէն յառաջ անցնիլ. զօրապետն կը ձգտի իւր զինակիցներէն աւելի յաղթանակ տանել, հարուստն կը ձգտի իւր հաւասարէն աւելի եւս հարստանալ, աղքատն կը ձգտի իւր թշուառութենէն ազատիլ։ Բովանդակ ժողովուրդ կը ձգտի աշխարհիս հրապարակին վերայ մին մի իւր ընկերէն անցնիլ, կամ հաւասար երթալ եւ կամ եթէ չկարէ առաւելուլ` գէթ յետս մնալով չնուազիլ։ Այնպէս նաեւ գիւտի հանճարներ գերեզանցել կը մրցին, գրոց հեղինակները մատենագրելով կը մրցին։ Մամուլի ազատութեան խմբագիրներ ազատաբանելով կը մրցին, ճարտասաններ իրաւաբանելով կը մրցին. վարդապետներ ուսուցանելով եւ դաստիարակելով կը մրցին, ձեզ նման պատանիք յառաջդիմելով կը մրցին։
       Արդ երբ ընկերական անհաւասարութենէն կը ծնին այսչափ յառաջդիմութեան մրցանակ տանողներ, խելամտութեամբ նկատել պէտք է որ մեր ընկերական անհաւասարութիւնն` իւր յոռի ծնունդներ եւս ունի։ Անտի կը ծնի նախանձ ու մախանք, որոյ ապացոյց եւ օրինակ Յովսէփայ ծաղկեայ պատմուճանն է. անտի կը ծնի բռնութիւն եւ զրկանք, երբ զօրաւոր զտկարն միշտ նուաճելով կը յաղթահարէ եւ կը հարստահարէ. անտի կը ծնի անյագ արծաթսիրութեան մոլեգին ախտ. անտի կը ծնի մեծամիտ տիրապետութեան ոգին, անտի կը ծնին այլ եւ այլ թշուառութիւններ, եւ կ»ապականեն ընկերական կեանք։ Բայց ինչպէս ուրիշ դասերուդ մէջ բացատրած եմ թէ` ամէն լոյս իւր խաւարն ունի, ամէն գեղեցիկ իւր տգեղ մասն ունի, ես ամէն առաքինութեան հետ` մոլութիւն համընթաց է, եւ առաքինութեան ծնունդ միշտ երկուորեակ է։ Երբ զբարին ծնի, չարն եւս անդէն գիտես թէ ի միասին ծնունդ կ»առնու, ինչպէս Եսաւ։ Ես միթէ ծնողքն եւս չար ու բարի զաւակներ միեւնոյն արգանդէն չե՞ն ծնիր։ Ուստի բնական օրինաց ուղիղ հետեւանքն է, որ անհաւասար կեանքէն անհաւասարութիւն ծնի։
       Լիկուրգոս, Սպարտացի մեծ օրէնսդիր, ուզեց այդ բնական օրէնքին դէմ կռուիլ ու ջնջել զայն. օրէնքով ոսկին եւ արծաթ հալածեց իւր աշխարհէն, որպէսզի ագահութեան ընչաքաղցութիւնը բառնայ հարուստներու սրտէն. եւ հասարակաց սեղան հաստատելով օրինադրեց, որ աղքատ եւ հարուստ մի եւ նոյն սակաւապէս սեղանին վրայ աւասար ընկերութեամբ ուտեն զհաց։ Օրէնք դրաւ, որ հարուստներու հայրենի կալուածները երկրի ընդհանուր ժողովուրդին վերայ իբրեւ հաւասար ժառանգութիւն չարաբաժին լինին։ Եւ այսպէս բոլոր Սպարտացի ժողովուրդ, իբրեւ մի ընտանիք եւ գերդաստան կազմելով` կը հաւատար այդ անբանաւոր օրէնսդիրն թէ` կարող եղեւ անհաւասարութեան օրէնքը իսպառ եղծել իւր աչխարհէն։ Ուստի մտաբերեց երթալ ի Դելբիս պատգամ ընդունել թէ` արդեօք իւր օրէնքներ` դիցն առաջ հաճոյ եղեր ե՞ն, ու երբ իմացաւ թէ խիստ հաճելի թուեր են դիցն, անդ ինքնասով կամակար մեռաւ. որպէսզի իւր օրէնքը նուիրագործելով կենդանի պահէ աշխարհին մէջ։
       Երանի՛ թէ Լիկուրդոսի նման Անգղիոյ մայրերը նոր օրէնսդիր մի ծնէին, որ ելնէր, Լորդերուն աշխարհագրաւ կալուածներ հաւասար բաժնէր մշակ ժողովուրդին վերայ, ինչպէբ Լիկուրդոս, որ օր մի հնձոց ժամանակ` տեսնելով արտերուն մէջ հաւասարաբաժին ցորենի խուրձեր, ասաց. «Ահաւասիկ եղբարցս` հաւասար ժառանգութիւն». թերեւս կ»ակնարկէր հանճարեղ օրէնսդիրն, թէ այլ եւս կռուելու, զրկելու, բաժնելու պատճառ չէ մնացեր։
       Այլ եւ այլ ժամանակի մէջ, մեծ օրէնսդիրներ ծնաւ աշխարհ. ոմանք իբրեւ ժողովուրդին հայր ու մայր` ջանացին օրէնքով հայրենի ժառանգութենէն ժողովուրդին բաժին հանել եւ չը թողուլ, որ մշակ ժողովուրդն անժառանգ մնալով սարկանայ։ Հողային հարստութեան մէջ, թերեւս փոքր ի շատէ յաջողի միայն երկրագործժողովուրդին համար. բայց միթէ հնարաւո՞ր է քաղաքային կամ առեւտրական հարստութիւններ հաւասար բաժնել, որ շահավաճառութեան, արուեստի, եւ մարդոյն ինքնաշխատութեան իբրեւ արդար արգասիք համարուած` իբրեւ հողային կալուած հաւասարաբաժին առնել. թողունք երկրին կառավարութեան պաշտօնեանը, որ մէն մի` իւր աստիճանի բարձրութեան չափով ռոճիկ կը ստանայ։
       Թողունք այս ամէն, որդեակ իմ, պէտք է ներկային մարդ` ներկայկեանքին վրայ մտածէ, հին աշխարհ իւր հին օրէնքով ու ժողովուրդով անցեր է. այժմ Լիկուրդոսի եւ Սողոնի ժամանակն եւս անցեր է. վասն զի քաղաքակրթութիւնը` նոր դար, նոր օրէնք` եւ նոր ժողովուրդ կազմեց. ամենայն ինչ իւր հնութենէն յեղափոխեցաւ։ Քաղաքակրթութեան ազատ օրէնք թոյլ կուտան, որ իւրաքանչիւր մարդ ինքնաշխատութեան արդիւնքն` ինքն ազատապէս վայելէ, բաւական է որ արդար լինի մարդ իւր աշխատութեան մէջ։ Բաւական է եւ երջանիկ կը լինի ժողովուրդ, եթէ երկրին օրէնք եւ իշխանութիւն հսկէ, որ աշխատող ժողովուրդին վաստակն ապահովի եւ նա կարենայ ազատութեամբ միայն իւր վաստակն վայելել. եւ չէ թէ հարուստի վաստակէն բաժին ընդունել։ Ո՞րչափ շնորհակալ կը լինի բաւականասէր ժողովուրդն, եթէ հարուստն եւս իւր արդար վաստակովն բաւականանայ, եւ չկոփէ ու չհարստահարէ զանաւագ ժողովուրդն։
       Կրկնելով այս դասն, դարձեալ կ»ասեմ քեզ, որդեակ իմ, քանի որ աշխարհ կայ, քանի որ մարդիկ թէ բնապէս եւ թէ կրթութեամբ իրարմէ կը զանազանին. անհաւասարութեան կեանք իբրեւ մշտնջենաւոր անյեղլի օրէնք պիտի տիրէ աշխարհիս վերայ. եւ դու եւս այս օրէնքին տակ պիտի հնազանդիս ու ապրիս։
       Ուստի զքեզ կը յորդորեմ, որ ջանաս աշխատութեանդ մէջ արդար լինել, բնաւ երբէք աչք չը դնել ու չը նախանձիլ ուրիշի վաստակին. այլ բարենախանձ լինելով` ձգտիր, որ դու եւս հարստանաս, բաւական է, որ արդար վաստակիդ հետը զրկանք ու նենգութիւն չի խառնես։ Տէր Աստուած պատուէր տուեր է, որ մարդ իւր ճակատին քրտինքով ապրի, զգուշացիր, որ կաթիլ մի ուրիշ ճակատի քրտինքէն չը խառնես քո քրտանց հետը. յուշ բեր այն առակը զոր կը պատմեն մեր մասերը. թէ` պառաւ կին մի այծ մ»ունէր, եւ նորա կաթը վաճառելով կապրէր. բայց միշտ կը խարդախէր իւր կաթը` մեծ մասն ջուր խառնելով։ Արդար Աստուած պառաւին չը խնայելով` պատժեց զայն, վասն զի կաթին մէջ խառնուած ջուրերը միանալով գետ դարձան, ու դաշտէն գլորեցին տարան պառաւին այծը։
       Դու կը զարմանա՞ս այս առակին վերայ, տեսնելով որ ներկայ աշխարհին մէջ ամէն կաթերը խառնուած են։ Բայց դու կաթդ արդար ու անարատ պահէ, միշտ երկնչելով Աստուծոյ արդարութենէն, որ կը հրամայէ ամպերուն, անձրեւով ու հեղեղով կորուսանել աշխարհիս անիրաւ նենգողները։ Չը մտաբերես երբէք թէ կարեմ ես հեղեղէն փախչիլ, տունս հեղեղատին քովը չեմ շիներ։ Կ՚ուզես բարձրավանդակի վերայ շինէ եւ ուր կը լինիս եղիր. ջուրը կը թողու եւ գետնաշարժով կը քանդէ։ Սորա համար Դաւիթ վարանելով կ՚ասէր. Ես ու՞ր փախչիմ։ Տէր իմ, եթէ երկինք ելնեմ, դու անդ ես, եւ թէ դժոխքն իջնեմ, անդ աւելի մօտ ես։ Ուրեմն արդարութեամբ գործէ, արդար վաստակով յառաջդիմէ, այլ եւս հարկ չը մնար քեզ Աստուծոյ ամենահաս ձեռքէն փախչիլ։