Սիրակ եւ Սամուէլ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԴԱՍ Դ. ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՀՊԱՏԱԿ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴ
      
       Իշխանութիւն` ժողովուրդին եւ ժողովուրդ իշխանութեան միշտ
       պէտք են աշխարհիս վերայ. եթէ մին կամ միւս պակասի` կը
       դադարի կամ կը խոտորի ընկերվարութեան կեանք։
       ՄԵՐ ստեղծով իշխան Արարիչը, երբ զմարդն ստեղծեց, այնպէս կը թուի որ նախամարդոյն սերունդին հաւասար իշխանութիւն տալով` զայն տիրող իշխան կարգեց երկրին վերայ, ասելով թէ «Աճեցէք եւ բազմացարուք եւ լցէք ու տիրեցէք երկրին». այսինքն ծովուն ու ցամաքին եւ այն ամէն կենդանեաց, որ կը հպատակին մարդոյն իշխանութեան տակ. թէ եւ ոմանք մարդէն առաւել հուժկու եւ զօրաւոր են։
       Դաւիթ մարդոյն այս տիրական իշխանութիւնը հաստատելով կ»առնէ. «Զամենայն ինչ հնազանդ արարեր ի ներքոյ ոտից նորա, զխաչն եւ զարջառ եւ զամենայն ինչ»։ Թէեւ այնպէս կը թուի Սուրբ Գրոց պարզ իմաստէն, որ մարդ իւր առանձին իշխանութեան սահման, եւ իւր ընկերին հաւասար իրաւունքը ճանչնալով` պէտք չէր որ բռնանար ու տիրապետէր իւր ընկերին վերայ։
       Բայց դու յիշէ, խոհական որդեա՛կ իմ, եթէ քաջ խելամուտ եղար նախորդ դասիդ իմաստին, դու ինքնին կարող ես իմաստասիրել, որ իշխանութիւն մարդոց անհաւասարկեանքէն, խռովարար ոգիէն, տիրողական բուռն ձգտումէն եւ զօրութենէն ծներ է։ Եւ ինչպէս յայտնի է, մարդիկ հաւասար ձիրքով, հաւասար ուժով, հաւասար խելքով եւ հաւասար տոհմային ազնուականութեամբ չեն ծներ։ Ոմանք աչքի հետ մտաւոր լոյս ունին` ընկերին կ»առաջնորդեն. եւ ոմանց մըտքին լոյս նուազ լինելով` կը ստիպուին այլոց ետեւէն երթալ. ոմանք զօրութիւն ստանալով կը տիրեն, եւ ոմանք տկար լինելով կը հպատակին։
       Աշխարհի պատմութիւն ցոյց կուտայ, որ իշխանութեան առաջին խանձարուրն ընտանիքն է. եւ մինչեւ ցայսօր իբրեւ բնական օրէնք ընտանեաց հայրն կ՚իշխէբոլոր գերդաստանին վերայ, եւ ինքն իւր տան մէջ նախաթոռ բազմելով կը վարէ ու կը կառավարէ զայն, որպէս զի խաղաղութեան եւ երկիւղած հնազանդութեան մէջ կենայ ընտանեկան կեանքն։
       Իսկ երբ ընտանիքէն ընտանիք կազմուելով` շատ ընտանիք ի միասին բնակեր են. բնական է որ խռովութիւն, կարգ ու կռիւ զանազան պատճառներէ յառաջ գալով` մարդկանց հետ կ»աճի. հարկն ստիպեր է յայնժամ, որ ամէն տանուտէր հայրերու մէջէն մի տանուտէր հայր ընտրեն իբրեւ դատաւոր եւ իշխան, որ պատկառելի ծերութեամբ, համբաւով զօրութեամբ ու հրաստութեամբ առաւելութիւն ունեցեր է միւս տանուտէրներէն. եւ աստի նախապէս կազմուեր է փոքր տանուտիրական իշխանութիւն։ Եւ որչափ մարդիկ եւ ընտանիք բազմացեր ու տարածեր են աշխարհիս վերայ, այնուհետեւ իշխանութեան աստիճանն եւս աճելով եւ մեծնալով` հասեր է մինչեւ աշխարհակալութեան ծայրագոյն գիրք. որոց հզօր գաւազանին տակ փոքրիկ իշխանութիւններ կամ իսպառ ջընջուեր են, եւ կամ նուաճելով հպատակեր են։
       Ուստի քաջայայտ կ»երեւի, որ իշխանութեան առաջին շաւիղ` ընտանեկան արմատէն բուսեր է փոքր ինչ մեծնալով ընտանիքէն ելեր բոլոր ցեղին վերայ տարածեր է թեւերը. աւելի եւս մեծնալով այլ եւ այլ ցեղեր իւր իշխանութեան տակ հնազանդութեան բերելով` տիրեր է շատ քաղաքներու եւ գաւառներու վերայ։ Հուսկ յետոյ կարի զօրանալով, ու բարձրանալով կամ թագ կապելով` թագաւոր եղեր է եւ կամ այլ եւայլ իշխանութեան առանձին գաւազաններն իւր միահեծան գաւազանին տակ նուաճելով` իբրեւ Կեսար, կայսրութեան բարձր տիտղոս ստացեր է։
       Եւ այսպէս աստիճան առ աստիճան բարձրանալով` իշխանութիւնն իւր գագաթնածայր հասեր է։ Բայց իշխանասիրութեան ոգին երբէք իւր ծայր եւ սահման չունի։ Քանի այս աշխարհ կայ` իշխանութեան գաւազաններ պիտի մրցին իրարու հետ. եւ ով գիտէ, գուցէ ապագային մէջ բովանդակ երկրագունդը մի գաւազանի տակ ընկճուի. եւ միթէ այս բանն` աշխարհիս պատմութիւն եւ փորձ շատ օրինակներով ցոյց կուտայ, որ իշխանութեան կեանքն եւս իւր ծերութիւն եւ վախճանն ունի, եւ եթէ Նաբուգոդոնոսորի ծառին չափ բարձրանալով իւր գաւազանին շառաւիղներ տարածէ բովանդակ աշխարհին վերայ, ի վերջոյ յերկիր կործանելով կը տապալի ինչպէս Մակեդոնականն, Հռովմայ, Բաբիլոնի եւ Ասորեստանի իշխանութիւններ, որպէս զի ճանչնայ եւ խոնարհի մարդոյն մեծամտութիւն. թէ` Բարձրելոյն մշտնջենաւոր զօրութիւնը կը տիրէ, եւ ժամանակի ահեղ տապարով պիտի կտրէ ու կործանէ այն ամէն իշխանութեան ծառերը. որ երկնից զօրութեան դէմ կը բարձրանան եւ կը ջախջախեն ժողովուրդին կեանք եւ զօրութիւն։
       Եթէ մտաբերես, որդեակ իմ, ինչպէս մտաբերելով կը ցանկան ծայրայեղ ազատամիտներ. թէ արդեօք աւելի լաւ եւս չէր լիներ, եթէ մարդկային ընկերութիւն ազատ անիշխան ապրէր, եւ իշխանութեան ծանրակիր լուծ չը կրէր իւր պարանոցին վերայ. մարդն ինքնիշխան ինքնավար լինէր, եւ չը պարտէր երբէք տուրք, հարկ, զինուոր, եւ այլ բազմապատիկ օրինական եւ ապօրինի բռնի պահանջներ վճարել։
       Լու՛ռ, որդեակ իմ, ես պատասխան տամ քեզ, ամենայն խելամտութեամբ ուշ դիր։ Մարդկային ընկերութիւն բնաւ կարելի չէ որ առանց իշխանութեան, առանց օրինաց, առանց դատաստանի եւ հատուցման այս աշխարհիս վերայ ապրի եւ խաղաղ կեանք վարէ. ինչպէս երկնից թռչուններ եւ լեռներու ազատ էրէվայրիներ, եւայլն։ Չէ թէ աշխարհիս այլ եւ այլ ազգեր, այլ նոյն իսկ մի ազգ եւ մի համազգի ընտանիք առանց հայրական իշխանութեան հնար չէ կառավարել։ Կը տեսնամք եղբայր եղբօր դէմ սուր կը հանէ, եւ համարիւնն` իւր համարիւն հարազատին արիւն կը թափէ. եւ մերթ եւս ստահակ որդիքներ հօր դէմ կ»ապստամբին. ո՞ւր կը մնայ անընտանի օտարն օտարին հետ խաղաղութեամբ ապրի ու վարի։
       Կան մարդիկ, որ կը մտածեն, թէ իշխանութիւնը հին աշխարհի վայրենի ընկերութեան համար պէտք էր, բայց արդ երբ գիտութեան լոյս եւ քաղաքակրթութեան դարը մարդոց հին կեանք փոխեց. վայրենական բիրտ ոգին զգօնացոյց. մարդ ճանչցաւ իւր պարտիքը եւ իրաւունքը. ճանչցաւ իւր ընկերին հաւասարակշիռ իրաւունք. Աւետարանին հաւատալով ճանցչաւ նաեւ Յիսուսին աւանդած մարդկութեան ընդհանուր խղճին օրէնքը. «Զամենայն զոր ինչ կամիցիք թէ արասցեն ձեզ մարդիկ, այնպէս արարէք եւ դուք նոցա»։ Այլ եւս զի՞ պիտոյ է իշխանութեան նուաճող գաւազան, կամ սպառնացող սասան ու սուր. օրէնք եւ իշխանութիւն խաժամուժ ամբոխին համար է, որ ոչ գիր գիտէ եւ ոչ օրէնք։
       Երանի՛ թէ քաղաքակրթութիւն զմարդն այդ ծայրագոյն կատարելութեան տանէր. սուրն եւ իշխանութիւն բարձուէր աշխարհէս։ Բայց դու մի՛ հաւանիր, որդեակ իմ, այդ կարծիք ազատսէր մարդոյն երեւակայութեան երազն է։ Թողունք ասիական ազգեր, ուր քաղաքակրթութիւն դեռ չէր ծներ, եւ թէ ծներ` տակաւին մանուկ է։ Երթանք Եւրոպա, ուր քաղաքակրթութիւն ծներ եւ զարգացեր է, եւ եթէ այդ եւս բաւական չես համարիր, անցնինք Ովկիանոս, երթանք Ամերիկա. ուր կը կարծուի թէ ազատ քաղաքակրթութիւնն իւր արբուն հասակն առեր է։ Ուր ժողովուրդ առանց թագի, առանց կայսերական հզօր գաւազանի, մի նախագահով եւ օրէնքով կը կառավարուի։ Արդ այնպէս համարենք, որ այդ աշխարհէն բարձուի նախագահն, վերնան բոլոր օրէնքներ, սուրն ու թնդանօթ ժողովուին դարբնոցին մէջ. միայն երկրագործին համար խոփ ու մանգաղ շինուին. եւ ընդհանւր Ամերիկայի կիսաշխարհին մէջ հրատարակուի այսպէս թէ. «Այսուհետեւ իշխանութիւն եւ օրէնք բարձուած է, դատաստան հատուցումն չիկայ այլ եւս. իւրաքանչիւր մարդ թող իւր ազատակամ իշխանութեամբ վարի, մարդն ինչ որ կարէ գործել` ազատ է, իւր համար հսկող ոստիկան, ատեան եւ հարցափորձ չիկայ». եւայլն։
       Դու կը տեսնաս յայնժամ, թէ ինչ կը լինի սորա հետեւանքն. այդ քաղաքակիրթ աշխարհն Ամերիկա, այդ հասարակապետական օրինասէր ժողովուրդն մի վայրկենի մէջ վայրենի կը դառնայ, խուժանն եւ քաղաքակիրթն միանգամայն ի զէն կը դիմեն, ընկերութեան հրապարակն արեան ծով կը լինի. հարուստներն առ հասարակ կը կողոպտուին, խաղաղութիւն տեղի կուտայ, խռովութիւն կը յուզի ինչպէս Ովկիանու ալիքներ. ով որ բուռն է` կը տիրէ, ով որ տկար է` կը նուաճի բռնութեան տակ վերջապէս ընկերութեան բոլոր շէնքեր կը քանդուին, կապեր կը կտրուին, մարդիկ կռուով ու սրով կը սպառեն զիրար մինչեւ յետին ճետն ու սերունդ։
       Եթէ քաղցած առիւծ հանես իւր վանդակէն եւ արձակ թողուս ժողովուրդին հրապարակ, ինչ կը լինի եւ ի՞նչ կը գործէ. այդ յայտնի է, իւր ժանիքով ամէն բան կը ծախէ. այսպէս նաեւ մարդկային ընկերութիւն, թող քաղաքակիրթ լինի նա, եթէ զայն ի դուրս հանես իշխանութեան եւ օրինաց շրջափակ վանդակէն եւ ազատ թողուս, նոյն կը գործէ մարդն ինչ որ կը գործէ վայրենի առիւծն. թերեւս հնար լինի ողոքել զառիւծն երբ յագենայ, բայց մարդոյն կատաղութեան երբէք յագուրդ չիկայ։
       Համոզուեցա՞ր այժմ, ազնիւ որդեակ իմ, որ աշխարհս առանց իշխանութեան չի կառավարուիր։ Միթէ հաւատալ կարելի՞ է, որ տիեզերք առանց Աստուծոյ եւ յաւիտենական օրինաց կառավարուի, նաւն առանց նաւապետի եւ ղեկավարի ուղղուի. եւ կամ ամեհի ձին` առանց սանձահարի։ Ո՞վ չի գիտեր թէ մարդն քան զձին ամեհի է. միայն իշխանութեան եւ օրինաց սանձն է որ կը վարէ զայն, ապա թէ ոչ` նա սանձակոտոր լինելով կը գահավիժի։ Սորա ապացոյց եւ օրինակ քանիցս անգամ ցոյց տուած է Ֆրանսիոյ այն մեծ ազգ որ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ զինքն իբրեւ փայլուն աստղ մի կը կարծէ, եւ երբ անիշխանութիւն կը տիրէ` այդ կրթեալ եւ ուսեալ ժողովուրդը, խուժան կը դառնար եւ ամէն բան կը տապալէր, թէեւ այն բան` իւր հայրենեաց փառք ու պարծանք լինէր։ Ես այնպէս կը դատեմ, որ քաղաքակրթութիւնը մարդոյն վայրենութեան բարքը կեղեւով մի պատեր է արտաքուստ. եթէ վերցնես իւր գլխէն իշխանին սուր եւ օրէնք` նա իսկոյն իւր բուռն կրից ժանիքներով կը պատառէ այդ կեղեւը եւ հին վայրենութիւն դուրս կը հանղէ։ Ուրեմն իշխանութիւն եւ օրէնք վերին տեսչութեան յաւիտենական կարգադրութիւնն է, որպէս զի մարդիկ երկիւղածութեամբ եւ բանավարութեամբ ապրին ընկերական կեանքին մէջ։
       Արդ սկսիմ համառօտել թէ` իշխանութիւն եւ ժողովուրդ ինչ պարտիք եւ իրաւունքներ ունին իրարու հետ, զորս կը չափը արդարութիւն, որ միշտ հաւասարակշիռ լինին եւ երկուստեք պարտքեր վճարուին եւ իրաւունքներ պահանջուին։
       Իշխանութեան առաջին պարտիքն է ճանչնալ եւ հաւատալ. թէ իշխանութիւն աստուածպետական զօրութենէն իբրեւ աւանդ տրուած է, ինչպէս Հոգին կը խօսի Սողոմոնի բերնով. «Ի տեառնէ տուաւ ձեզ հարստութիւնդ եւ իշխանութիւնդ ի Բարձրելոյն. որ պահանջեսցէ զգործս ձեր եւ քննեսցէ զխորհուրդս»։ Իշխանութիւն իւր հաշիւն ու համար միայն Աստուծոյ չի տար, այլ եւ ժողովուրդին, երբ ինքն սահմանադրապէս ընտրուած է։ Իշխանութեան` մեծ ու նուիրական պարտիքն է, արդարութիւն սիրել եւ օրինաց իրաւացի վճիռը արդարութեամբ ի գործ դնել. առ այս կը յորդորէ Սողոմոն, որ դատաւոր եւ թագաւոր էր Աստուծոյ ժողովուրդին։ «Սիրեցէ՛ք զարդարութիւն, որք դատէք զերկիր»։ Իշխանութեան պարտիքն է, երկրին խաղաղութեան համար հսկել. հանապազ հոգալ ժողովուրդի բարօրութեան, բարգաւաճման ու յառաջդիմութեան համար. ուղղապէս խորհելով, որ իշխանութեան աթոռը` ժողովուրդի պատուանդանին վերայ հաստատուած է, եւ երբ ժողովուրդ կործանի` անշուշտ իշխանութիւնն եւս կանգուն չի մնար։ Իշխանութեան իրաւունքն է չափով եւ արդարութեամբ ժողովուրդէն հարկեր պահանջել. բայց երբէք դատաստան եւ իրաւունք չէ, որ ծանր բեռներով ժողովուրդին թիկունք մինչեւ ի գետին կորացուցանէ։ Եթէ այսպէս ջլատէ ժողովուրդին ուժն եւ ոգին, ինքն եւս իւր զօրութենէն կը թափի. զի ոչ չի գիտեր թէ ժողովուրդն իբրեւ գործող անգամ կը համարուի կառավարութեան. երբ անդամներ ուժաթափին` գլուխն եւս նորա հետ կ»ուժաթափի, այնուհետեւ կը կորուսանէ իւր խորհուրդ. կը հիւանդանայ առաջնորդող գլխոյն առողջ ուղեղն եւ յայնժամ ժողովուրդին եւ իշխանութեան զօրութիւն միապէս կ»սպառին եւ երկրին վերայ կը հասնի եւ կը տիրէ աղետաբեր վիճակ։
       Իշխանութիւն` երկրին եւ ժողովուրդին երաշխաւորող հաւատարիմ աւանդապահն է. այնպէս պէտք է պահել այդ սուրբ աւանդը, որպէս թէ իւր կեանքն է, իւր փառքն է եւ իւր կենդանատու հոգին եւ զօրութիւնն է։
       Իշխանութեան զօրութիւն եւ հաստատութիւն` արդար եւ հաւասար օրէնքն է։ Ուստի իւր ամենամեծ պարտիքն է, որ երկրին օրէնք անաչառ ճշդութեամբ հաւասարապէս գործադրէ տկարին եւ զօրաւորին վերայ. իշխանին եւ ժողովուրդին վերայ չը թողուլ, որ զօրաւորներ հեստեն օրէնքին դէմը. եւ նոքա, որ կարգեալ են օրէնք պաշտպանելու` նոքա զեղծանին օրինաց մէջ եւ առ ոչինչ համարին զայն։
       Իշխանութիւն իբրեւ օրինաց վրէժխնդիր ու նախանձաւոր, իւր պարտիքն է. երկրին, ժողովուրդին եւ առաւել վարիչ պաշտօնեաներու մէջէն օրինաց զեղծումներն առ հասարան բառնալ. ապա թէ ոչ, զեղծումներ յաճախելով` ի վերջոյ իշխանութիւնը կը բառնան, եւ կը մատնեն զայն օտարին ձեռք. վասն զի ներքին զեղծումներն զհայրենիք աւելի կը դաւաճանեն քան թէ օտար թշնամիք։
       Իշխանութիւն պէտք է առաքինութեան պաշտպան հանդիսանայ եւ մոլութիւն սանձահարէ իւր մեծ նուիրական պարտիքն է` չը թողուլ երբէք, որ ժողովուրդին կեանք եւ բարք ապականող զեղծումներ տարածեն երկրի մէջ, իբրեւ տարափոխիկ հիւանդութիւն, որ ի վերջոյ մահ եւ կորուստ կ»սպառնան ընդհանուր իշխանութեան երկրին։ Միայն կրօնի պաշտօնէից քարոզն ու խրատ բաւական չէ հեստող ժողովուրդին կամք նուաճել, այլ պէտք է նաեւ իշխանութեան սաստն եւ սուր, որ ձեռնհաս կը լինի զեղծումներ քաղաքային օրէնքով բառնալ։
       Իշխանութեան պարտիքն է մեծ իմաստութեամբ տնտեսել երկիրը. չթողուլ որ իւր հարստութեան գետերը երթան թափին օտար ծովերու մէջ, ի վերջոյ երկրին ջուրը ցամքի, դառնայ ծարաւ մի անապատ, երկրին հարստութեան գետեր երկրին մէջ պահելու համար` պէտք է զայն շրջապատել օրէնքով եւ այն միջոցներով, զոր քաղաքային տնտեսութիւն կ»ուսուցանէ։
       Եթէ իշխանութեան զօրութիւն կը յաւելու երկրին հարստութիւնք եւ բարգաւաճանք, ուրեմն իւր ձեռնհասութեան պարտիքն է ժողովուրդին առաջը յորդել յառաջդիմութեան ճանապարհ, բառնալ ամէն խոչ եւ խութեր, յորմէ ժողովուրդ խուսափելով կանգ կ»առնու շահավաճառութեան առաջ. նաւարկութիւն բանալ, լեռնել եւ ձորեր հարթել, արուեստ եւ արուեստագէտները քաջալերել, երկրագործ ժողովուրդին ազատութիւն եւ ապահովութիւն տալ, որ երկիրը մշակելով արդիւնաւորէ։ Քանի որ շահավաճառութեան մէջ իւր երկրի բերքն ուրիշ երկիրներէ ընդունուած բերքերուն հետ հաւասարակշռութիւն չունի, պէտք է օրէնքով հաստատել եւ զսպել ժողովուրդին վայելչասիրութեան ցանկութիւնը, որ իւր երկրի բերքերով շատանայ, սակաւապէտ կեանքի մէջ վարժելով զայն. թէեւ ընդհանուր վաճառականութեան օրէնք ազատ է, բայց իւրաքանչիւր իշխանութեան ազատ իրաւունքն է իւր երկրին շահը առաւել պաշտպանել։
       Իշխանութեան սրբազան պարտիքն է միշտ խաղաղութիւն սիրել, խաղաղութեամբ կառավարել, եւ ամէն հնարաւոր միջոցներ ի գործ դնելով պատերազմ չը յարուցանել ոչ ուրիշ իշխանութեան դէմ, եւ ոչ պատճառ տալով ուրիշ իշխանութեան մը` իւր դէմը։ Բայց երբ դաշնակցութիւն կեղծուի, ուրիշ իշխանութիւն մի կը բռնանայ իւր վերայ եւ երկրին շահը կը վտանգի, յայնժամ իւր պարտիք եւ իրաւունքն է պատերազմ հրատարակել, որ թշնամին չոտնահարէ երկրին ազատութիւն եւ իրաւունքը։ Միայն թէ պատերազմող իշխանութիւնն` աստ պէտք է յիշէ Քրիստոսի առակը, որ նախատեսութիւն կ»ուսուցանէ. նախ պէտք է հաշուէ իւր ծախսեր, եւ իւր զօրութիւնը` թշնամւոյն զօրութեանհետ կշիռ դնելով` հասու լինի թէ կարո՞ղ է տասնհազարով պատերազմ տալ նորա դէմը, որ քսան հազարաւ կուգայ իւր վերայ։ Ապա թէ ոչ, մեծ խոհեմութիւն է հրեշտակութիւն առաքել եւ հաշտութիւն խօսիլ։ Վասն զի շատ բարի է եւ երկրին շահ, թէ մեծ եւ թէ փոքր զոհողութեամբ խաղաղութիւն հաստատել քան թէ պատերազմով երկրաւոր լինել. թող այն, որ երկրին գանձ կ»սպառի, այլ եւ արիւնով եւ մահով ժողովուրդին կայտառ որդիք գոհ կ»երթան եւ կ»սպառին պատերազմի դաշտին մէջ, որով ինքն պարտական ու պատասխանատու կը մնայ. «Զի թագաւորն ոչ միայն դիւրն տացէ պարտիս, այլ եւ որոց եղեւ պատճառ մահուան»։
       Իշխանութեան առաջին եւ վերջին մեծ պարտիքն է լոյս, գիտութիւն եւ կրթութիւն, տարածել ընդհանուր երկրին մէջ. իշխանութեան աթոռէն սկսեալ մինչեւ խոնարհ ժողովուրդին խրճիթը հաւասարապէս լոյս ծաւալել. հաւատալով, որ երկրին բարգաւաճանք ժողովուրդին լուսաւոր կրթութենէն կը ծնի ինչպէս որ թշուառութիւնը` նորա տգիտութենէն։
       Շատ մեծ սխալ, եւ անիրաւ քաղաքականութիւն է. եթէ ասէ իշխանութիւն, թէ` Ժողովուրդը տգիտութեան եւ անզգայ թմրութեան մէջ պահեմ, որպէսզի նա կոյր մնայ, չ»անսաստէ իշխանութեան դէմ, եւ ես անկասկած եւ դիւրութեամբ իշխեմ։ Որչա՛փ յոռի եւ յետադէմ է այս դրութիւն քաղաքակիրթ աշխարհին լուսամիտ գաղափարին առաջ, որ միշտ կը ջանայ ժողովրդին մտաւորական զարգացումն յառաջ տանելով լուսաւորել զայն, հաւաստի լինելով որ երկրին յառաջդիմութիւն եւ բարգաւաճ կեանքը ժողովուրդի լուսաւորութենէն է, ինչպէս թշուառութիւն տգիտութենէն. միթէ ինքնին երջանի՞կ կը լինի իշխանութիւն, երբ ժողովուրդ թշուառանայ, եւ ի՞նչ փառք ու պարծանք է թշուառին վերայ իշխել։ Թշուառ ժողովուրդին կեանք անշուշտ վախճան մի ունի. նա կը մեռնի թէ վաղ թէ անագան. եւ երբ մեռնի, իշխանութիւն այլ եւս ո՞ւմ վերայ կ՚իշխէ, նաշէն եւ անապատ երկրին վերա՞յ։ Նոյն ժողովուրդի թաղուած գերեզմանին մէջ կը թաղուի իշխանութիւն. եթէ ջանայ նախ ժողովուրդը թշուառութեան գերեզմանին մէջ թաղել, եւ բռնութեան ծանր կափարիչով փակել նորա բերանը։
       Այսչափ եւ այսպիսի են, սիրելի որդեակ իմ, իշխանութեան պարտիքը, զոր փոքր ի շատէ միայն գրեցի. կան տակաւին ուրիշ պարտիքներ. թողի զայնս, որ դու ինքնին իմաստասիրես։ Երկրին իշխանութիւն կը զեղծանի, եթէ այդ պարտիքներ չկատարելով ընդհակառակն վարի, եթէ թողու օրինաց արդարութիւն եւ միայն բռնի եւ սրով իշխէ։ Եթէ մեղկանալով երբէք թէ թշնամին քաղաքը պաշարեր է. եթէ ժողովուրդին եւ իշխանութեան շահն իրարու հետ չկապէ, որ երկրին ընդհանուր շահն է. այլ միշտ ջանայ որոշել իշխանութեան շահն եո այնպէս վարիլ, կամ անգիտութեամբ եւ խորամանկութեամբ։
       Իշխանութիւն կեղծանի իւր վարչութեան մէջ, երբ անընտրող կը լինի, արժանաւորին եւ անարժանին յարգ մի կշռով կը չափէ. մերթ եւս պատիւ եւ բարձ կ»ընծայէ նմա, որ երկրին շինութեան հիման մի քար չէ դրեր. կը թողու լաւն ու կարող, եւ ժողովուրդին կառավար կը դնէ այնպիսիներ, որոց միտքը թափուեր է կառավարութեան ուսմունքէն եւ օրէնքէն, որք առաւել կարօտ են կառավարուելու քան թէ կառավարելու։
       Իշխանութիւնն անիրաւութեամբ կը զեղծանի. եթէ դատաստանի առաջ նուիրական չհամարի օրինաց հաւասարութիւն, աչառելով խաբէ տեառն եւ ծառային դատաստան, զօրաւորին եւ տկարին դատաստան, եւ թողու որ դատաւորաց կամք` դատարանին մէջ իբրեւ օրինագիրք վճռէ։
       Իշխանութիւն չարապէս կը զեղծանի եթէ երկրին չարերը չպատժէ պարզապէս, այլ թողու որ չաեր աճելով բազմանան ու հեղձուցանեն բարիքները. նոյնգունակ մեծապէս կը զեղծանի, երբ բարիքները կը թողու անվարձ անպսակ, նոքա որ երկրին յառաջդիմութեան անձնանուէր կը լինին, որ հաւատարմութեան ուխտն անդրժելի կը պահեն։
       Իշխանութեան զեղծումներ շատ եւ բազմադիմի են, դժուարին եւ երկար բանից կարօտ է նորա նկարագիրը հանել. բայց դու թէ հետաքրքիր լինիս, հետազօտես երկրին իշխանութեան եւ ժողովուրդին կեանքը, զեղծումներու երեւոյթ պատկերը յանդիման կը տեսնաս։
       Այլ եւս կը մնայ ինձ խօսիլ, որդեակ իմ, թէ ժողովուրդին պարտիք եւ իրաւունքն ի՞նչ է առ իշխանութիւն. եւ բովանդակել այս դասն` որ բաւական ընդարձակեցաւ, եւ դու գիտես, որ դորա պատճառը նիւթին եւ առարկային մեծ կարեւորութիւնն էր։
       Ինչ որ իշխանութեան պարտիքն էր, այն է աւասիկ ժողովուրդին իրաւունք, եւ ինչ որ իշխանութեան համար իրաւունք է, այն է տիրապէս ժողովուրդին պարտիք։
       Ժողովուրդին առաջին պարտիքն է ճանչնալ եւ հաւատալ, թէ իշխանութեան գաւազանը երկնքէն դէպ ի երկիր ձգուեր է. նորա վերին ծայրը տիեզերքը վարող պետական աթոռին կըցուած է, եւ միւս վարի ծայրը աշխարհիս վերայ հաստատուած է։ Սորա համար Սուրբ Պօղոս կ»ասէ։ Իշխանութիւն յԱստուծոյ է, եւ որ ենն` յԱստուծոյ կարգեալ են։ Թողունք այս. մեծ քան զՊօղոսն` Յիսուս վարդապետ Պոնտացի դատաւորին առաջ վկայեց, երբ Պիղատոս կ»ասէր. Եթէ ես իշխանութիւն ունիմ զքեզ խաչ հանել կամ արձակել. Յիսուս պատասխան տուաւ «Ոչ ունէիր դու իշխանութիւն ի վերայ իմ եւ ոչ մի, եթէ ոչ էր տուեալ քեզ ի վերուստ»։ Քրիստոս եւ քրիստոնէական կրօնի ուսուցիչներ առ հասարակ կը պատուիրեն ճանչնալ իշխանութիւնը, պատուել, հնազանդիլ, երկնչել. եւ տալ կայսերին` կայսեր. եւայլն։
       Ժողովուրդին պարտիքն է իշխանութեան հետ ճանչնալ նաեւ երկրին ընդհանուր օրէնքները, քաղաքային օրէնքներ, դատաստանի օրէնքներ, տրոց եւ հարկի օրէնքներ, կալուածական օրէնքներ, եւայլն։ Վասն զի իւր պարտիք եւ իրաւունք այս օրէնքներէն կ»որոշին, եւ օրէնքն է որ կը չափէ եւ կը կշռէ ժողովուրդին եւ իշխանութեան իրաւունք եւ պարտիք։ Ուստի ժողովուրդն ամենայն խնամով պէտք է սորվի երկրին օրէնքներ. որպէս զի օրինավարներ ժողովուրդի անգիտութեան եւ ապշութեան համար, չը համարձակի նոյն իսկ օրէնքով հարստահարել, որոց օրինակ բազում անգամ եւ բազում տեղ կը տեսնամք աշխարհին մէջ։
       Ժողովուրդ երբ իւր հպատակութեան պարտիքներ սրտի մտօք եւ անթերի կը կատարէ, նա իրաւունք ունի իշխանութենէն պահանջել այն ամէն պարտիքներ, զորս գրեցի ի վեր. եւ երբ իշխանութիւն մի իւր իրաւունք ժողովուրդէն լիովին կ»ստանայ եւ առ ժողովուրդն ունեցած պարտիքներ կը մոռնայ, այլ եւս ժողովուրդ ինչ միջոցաւ կարող է այդ անվճար եւ մոռացեալ իրաւունքը ձեռք բերել։
       Իսկ դու, անզիւ որդեակ իմ, որ ընդ իշխանութեամբ ծընած ես եւ ժողովուրդին կրթեալ զաւակն են, պարտիքներդ սրտի մտօք տար ու կատարէ, իբրեւ քրիստոնեայ ուշ դիր Պօղոսի խրատուն, որ կը յորդորէ հնազանդ լինել իշխանութեանց. եւ հատուցանել որում զպարտս` զպարտ, որում զպատիւ` զպատիւ. եւայլն։ Նոյն Պօղոս կ»ասէ թէ` իշխանութիւն վայրապար չէ կապեր սուրը իւր մէջքը, որով աշխարհիս չարագործներուն հարուած կ»սպառնայ. իսկ եթէ դու կ»ուզես իշխանութենէն չերկնչիլ եւ ազատ վարել կեանքդ` բարիք գործէ. զի բարութիւն եւ բարեգործն, առաքինութիւն եւ առաքինին միշտ ազատ են այդ երկիւղէն ու հարուածէն։
       Բայց թէ մերթ ընդ մերթ բարութեանդ փոխանրէն ապիրատութիւն ընդունիս, յայնժամ յիշէ Պետրոսին խօսք որ կ»ասէ. «Զի՞նչ երախտիք իցեն, եթէ յորժամ մեղանչիցէք տանջեցիք եւ համբերիցէք. այլ եթէ զբարիս գործիցէք, չարչարիցէք եւ համբերիցէք. այն շնորհք յԱստուծոյ են, քանզի ի գոյն իսկ կոչեցարուք». եւ այլն։
       Քանի որ աշխարհ կայ, չարչարանքներ աշխարհէս չեն բարձուիր, միայն թէ կը պակսին. ժողովուրդ եւ մարդիկ անհրաժեշտ է պիտի կրեն չարչարանքներ. թէ առաւել թէ նուազ, թէ իշխանութեան ձեռքէն եւ թէ նոյն իսկ իրենց ձեռքէն, թէ իբրեւ մեղապարտ` յանցաւոր դատուելով, եւ թէ իբրեւ անպարտ` անիրաւի կրելով։
       Կը փափաքիմ քեզ համար, որդեա՛կ, որ ոչ դու անձիդ համար չարչարանք քու ձեռքովդ պատրաստես եւ ոչ նաեւ յանցապարտ լինիս, որ իշխանութիւն զքեզ չարչարէ. բայց թէ աշխարհի ծանրացող ձեռք զքեզ եւ ժողովուրդ հաւասար չարչարէ, այդ եւս քո քրիստոնէական պարտիքն է, զոր պէտք է յօժարաբար տանիս ու համբերես եւ մինչեւ իսպառ համբերես, հաւատալով թէ վախճանը կեանք է։