Սիրակ եւ Սամուէլ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԴԱՍ Է. ՈՒՂԻՂ ՏՆՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ԿԵՆԱՑ ՀԱՑ ԵՒ ԲԱՆ
      
       Մարդիկ կան, որ միայն հացով կապրին. մարդիկ կան, որ կը հրեշտականան, անհաց ապրիլ կուզեն. երկու դասն եւս միապէս կը խոտորին ուղղութենէն։ Արդար ու տնտես մարդն այն է, որ հացով եւ Աստուծոյ բանիւ միանգամայն կապրի աշխարհիս վերայ։
       ՈՒՂԻՂ տնտեսութիւն` մեր նիւթական եւ բարոյական կեանքին մէջ այն իմաստութիւն եւ խոհական տնտեսող ձեռքն է, որ գիտէ հացիւ ու բանիւ միանգամայն իւր կեանքի պէտքեր հոգալ, եւ Քրիստոսի խօսքին համեմատ «Կայսերին` կայսեր տալ, եւ Աստուծոյն` Աստուծոյ»։
       Այս տնտեսող ձեռք` պէտք է արդարութեան ու չափաւորութեան մէջ պահել. զի եթէ խիստ ընդարձակես զայն` շռայլ ու զեղխ կը լինիս. եւ եթէ սաստիկ կծկես` ագահ ու ժլատ կը լինիս. եթէ միայն քո անձին տաս եւ ընկերիդ մոռնաս, զրկող կը լինիս. եթէ կայսերին տաս եւ Աստուծոյն մոռանաս` ապերախտ կը լինիս. եթէ միայն նիւթական կեանքիդ համար հացի պէտքեր հոգաս եւ մոռնաս Աստուծոյ բան եւ բարոյական պէտքեր, դու յայնժամ թերահաւատ եւ նիւթապաշտ կը լինիս, կարծելով թէ մարդոյն կեանք սոսկ հացով կարող է ապրիլ։ Եւ կ»ապրի, այո՛, եթէ մարդ յանձն առնու հաւասարիլ անասնոց եւ միայն խոտով ապրիլ։
       Գիտենք թէ հաց մեր մարմնոյ սնունդ եւ աճումն է, բայց հոգին եւս իւր սնունդ եւ աճումն ունի, եւ արդ` Աստուծոյ բանն է։ Ուստի արդար տնտեսող ձեռք եւ միտք պէտք է որ նախ երկու ծայրայեղ կեանքէն զգուշանայ, ոչ առաւելու եւ ոչ նուազի. միանգամայն ոչ հացը թողու եւ ոչ Աստուծոյ բանը։ Այլ իւր կենաց այդ երկու մեծ ու կենսական պէտքեր առանց զրկանաց արդար բաժինով հոգայ. դիտելով նաեւ թէ մեր կեանքին բուն կենդանարար մասն հոգին է. զի ասաց Քրիստոս` «Հոգին է կենդանարար. մարմին ինչ ոչ օգնէ»։
       Սամուէլ որդեակ իմ, եթէ դու հաց եւ բան միանգամայն կը սիրես, մտադիւր լսէ այս դասը, որպէս զի կարենաս ուղիղ տնտեսութեամբ կառավարել քո կեանքը։ Վասն զի առանց ուղիղ տնտեսութեան մարդոյն կեանքը իւր չափաւորութենէն կը խանգարի. գանձը` գանձարանէն կ»սպառի, եւ ցորեանը` շտեմարանէն։ Սորա հետ եւ ի միասին կ»սպառի բանն հոգիէն, կրօն եւ հաւատ` սրտէն։ Բայց խօսիմ նախ հացի եւ նիւթական կեանքի տնտեսութեան վերայ. վասն զի մարդիկ հացն աւելի կը հասկնան, բանին եւ հոգւոյ կեանքը իբրեւ վերացական գաղափար համարելով կը դժկամակին ըմբռնել զայն։ Բայց անհնարին է հացն ու բան որոշել իրարմէ։ Սոքա այնչափ սերտ կապակցութիւն ունին իրարու հետ` ինչպէս հոգին մարմնոյն հետ։
       Խոհական որդեակ իմ, ինչպէս ուսար դու նախորդ դասիդ մէջ, թէ բուն հարստութեան աղբիւր մարդոյն գործունեայ աշխատութիւնն է, այսպէս նաեւ հարստութեան գանձարանին հսկող պահապանն` արթուն տնտեսութիւնն է։ Մարդիկ աշխարհիս վերայ մէն մի իւր կարգին եւ վիճակին մէջ առանձին առանձին տնտեսապետ են, եւ ամէն մէկ հաշիւ ու համար, պարտիք եւ իրաւունք ունին։ Թագաւոր` իւր աշխարհին տետեսապետն է. իշխան` ժողովուրդին. հարուստն` իւր կալուածոց. աղքատն` իւր տնակին. քաղաքացին` իւր արհեստին եւ շահավաճառութեան. գիւղացին` իւր հողագործութեան. եւ իւրաքանչիւր գերդաստան ու ընտանիք` առտնին տնտեսութեան։
       Երկրի մի ընդհանուր տնտեսութեան վիճակն ե՞րբ կը խանգարի, գիտե՞ս. երբ այդ կարգի մարդոց դասեր մեծ ու փոքր առ հասարակ կը խոտորին ուղիղ տնտեսութեան եւ պարտուց ու իրաւանց հաւասար չափէն։
       Այլ պէտք է նկատեմք, որ այս խոտորումն միշտ բարձրագոյն աստիճանէն կ»սկսի, եւ կ»երթայ կը հասնի մինչեւ ի ստորին աստիճանը. այսինքն թագաւորին պալատէն մինչեւ յետին գիւղացւոյն տունը։ Այս տեսութիւն շատ ճշմարիտ է, եւ շատ յայտնի է մեզ, զի դորա բազում օրինակներ կը տեսնամք աշխարհի մէջ եւ մեր աչքին առաջ։
       Այսչափ միայն յիշելով շատ կը համարիմ ու կ»անցնիմ. միտքս այն չէ, որ խօսիմ մեր քաղաքային տնտեսութեան վերայ. եւ թէ խօսիմ եւս` ո՞վ պիտի լսէ։ Այլ միայն խօսիլ կ»ուզեմ իւրաքանչիւր մարդոց կեանքին եւ առտնին ընտանեկան տնտեսութեան վերայ, որ իմ պաշտօնին եւ չափաւորութեանս պարտիքն է, լինելով անարժան տնտես Աստուծոյ եկեղեցւոյն։
       Յիշէ, որդեակ իմ, ԴՐԱԽՏԻ ԸՆՏԱՆԻՔ կոչուած աշխատութեանս մէջ այս պարտիքը փոքր ի շատէ վճարած եմ. բայց դարձեալ անձանձրոյթ կը կրկնեմ այս դասիդ մէջ զայն, որպէս զի Հայոց անտնտես ժողովուրդ, առաւել քաղաքացիք եւ մայրաքաղաքացիք, գէթ մեր գրելով եւ նոցա կարդալով խելաբերին. թէեւ ժամանակն նեղելով կը խրատէ զիրենք. վասն զի նորա ձայն եւ խիստ խրատ շատ կրթիչ ու զօրաւոր է քան զմեր գիրն ու քարոզ։
       Բայց մարդիկ զարմանալի են. անցեալը շուտ կը մոռնան, եւ ժամանակն միշտ փոփոխական լինելով` բազում անգամ եւ շատ մարդոց համար տնտեսութեան եւ նախատեսութեան վարժապետ չը լինիր. այլ մանաւանդ երբ յանկարծ երկրին կամ առանձին այս եւ այն մարդոյն համար բախտ բերելով կ»ընդարձակէ յաջողութիւն, գիտես թէ յայնժամ առաւել շռայլութեան եւ զեղխութեան դասեր կ»ուսուցանէ։ Մեք մեր ժամանակի եւ կեանքի մէջ դորա փորձ եւ ապացոյց տեսանք, որ այդ անստոյգ խաբող ժամանակ քսան տաի շարունակ այդ յոռի ու կարճամիտ դասեր սորվեցոյց Ասիական եւ առաւել Պօլսոյ ժողովուրդին։
       Խրատ կուտամ քեզ, որդեակ իմ, ժամանակի բարեկամութեան վերայ երբէք մի վստահիր. նա միշտ խաբուսիկ է, երկու երես ունի, այսօր կը խնդայ եւ վաղը կը խոժոռի։ Միշտ յուշիդ պահէ Սողոմոնին խրատ. «Ժամանակ լալոյ եւ ժամանակ ծիծաղելոյ»։ Մինչ գանձարանդ գանձով, շտեմարանդ ցորենով լի են, մինչ շահավաճառութիւնդ յաջող է եւ դու առատ եւ կ»ուրախանաս անկասկած. ահաւասիկ աս է քո ծիծաղելոյ եւ բախտի ժամանակ։
       Իսկ երբ բախտին անվստահ բարեկամութիւն յանկարծ իւր երեսը կը դարձնէ քեզմէ, շտեմարանդ եւ գանձատունդ կը դատարկանան, բազմաճոխ սեղանդ կը բարձուի, անդէն եւ մտերիմ բարեկամներդ կը հեռանան, որ քո խրախճանակիցներն էին. դու յայնժամ կ»ափշիս ու կը մնաս, թէ ի՞նչպէս պատահեցաւ քեզ այս։ Ահաւասիկ այս եւս քո լալոյ ու դժբախտութեան ժամանակն է։ Եւ ես պատմեմ քեզ, թէ ի՞նչպէս կը պատահի եւ որչափ են աշխարհիս եւ մարդոց կեանքի պատահարներ, մանաւանդ մեր ժամանակին եւ մեր բնական աշխարհին։
       Հարուստ ու մայրաքաղաքիս մէջ հռչակուած ճոխ գերդաստանի մի հայր կը ճանաչեմ ես. մի օր տեսի զինքն, որ հոգւոց հանելով կը խօսակցէր իւր բարեկամին հետ, եւ ես լռին ունկն կը դնէի։ Նկատեցի նորա երեսը զի զուարթ եւ ուրախ չէր, ինչպէս յերեկն եւ յեռանդն, այլ թախծագին դիմօք նստեր էր, կը խորհէր ծանր հոգածութեամբ։
       Իւր խօսակից բարեկամ հարցուց դորա պատճառը. նա զարմանալով պատասխանեց նմա, միթէ դու չը գիտե՞ս, միթէ պատահարս քեզ չըպատահեցա՞ւ։ Ո՛չ. ասաց բարեկամն, չը գիտեմ։ Ուրեմն դու միայն կաս յԵրուսաղէմ եւայլն... սկսեց ապա այլբան ոճով մի պատմել։
       Ես, ասաց, մի պողպատէ գանձու պահարան ունէի, այնչափ կուռ զրահաւորեալ էր, որ ամէն կերպ ճարտար գողութեանց դէմ կարող էր մրցիլ, որուն մէջ իմ բոլոր հարստութեանս գանձը ապահոված էր ու ես բնաւին անկասկած էի։ Մի օր բացի այդ իմ երկաթակուռ գանձարանս, ասացի թէ փոքր ինչ զբօսնոմ եւ խաղամ գանձերուս հետ։ Ո՛հ, ո՛հ, ի՞նչ. առանց բանալիի, առանց ո եւ իցէ ձեռքի ճարտարութեան` գանձի պահարանս փակուած տեղ ինքնին պարպուած էր։ Թուեցի կրկին եւ կրկին, տեսայ քանակութիւնն` նոյնն էր։ Բայց ի՞նչ օգուտ, զօրութիւն ապառած էր, ոչինչ արժէք չունէին ոսկիներս, գիտես թէ ամբողջ ժանտաջուրի մէջ թաթախուելով` հարիւրէն տասն հազիւ իբր թէ ոսկւոյ մասն մնացեր էր։ Այս մնացորդին վերայ գուրգուրալով կը կասկածիմ, գուցէ այն եւս առնի տանի նոյն ոսկեհան ժանտաջուրն։
       Ես ի սկզբանն իբրեւ ապուշ կը լսէի այս պատիպատ պատմութիւնն. հուսկ ուրեմն հսկցայ այդ գանձատէր մեծատունին միտքը։ Բայց ես մտքիս մէջ դատեցի զինքն յիշելով Եզովպոսի իմաստուն առակը, թէ «Դու մսագործ էիր, քեզ ի՞նչ պէտք էր պայտառութիւն»։ Որովհետեւ, այդ անձն` հայրենի արուեստով վաճառական էր, բայց շահու ցանկութիւն հրապուրեր էր զինքն սեղանաւորաց նման տոկոս առնելով դիւրաշահութեամբ եւս հարստանալ։
       Այս փորձառու պատմութենէն խրատ առ, որդեակ իմ, որ առաւել շահու ցանկութեամբ արուեստափոխ չը լինիս։ Գիտցիր նաեւ, որ ամէն ժամանակն` իւր ժանտաջուրն ունի. եւ այնչափ ճարտարաձեռն գող է ժամանակ, որ գանձարանդ առանց բանալւոյ կը կողոպտէ։ Անհոգ անկասկած մի լինիր, այլ միշտ վախցիր դու ժամանակի դժպատեհ բերմունքէն, ինչ որ այսօր է, վաղը նոյն չէ. «Շատ է աւուր չարն իւր», ասաց Յիսուս։
       Չգայթակղիս, որդեակ իմ, թէ ես Աւետարանի պատուէրին դէմ` հակառակ կ»ուսուցանեմ քեզ, այն է, թէ «Մի հոգայք վասն վաղուին, վաղիւն վասն իւր հոգասցէ». եւայլն։ Բացատրեմ քեզ Աւետարանին միտքը, որ ուղիղ մտքով հասկնաս նորա հոգին եւ իմաստը. եւ դու այնպէս չը դատես ինչպէս իմաստակներ կը դատեն, զոր ես լսեցի ու յոգիս վշտացայ. որպէս թէ Աւետարան իւր այդ պատուէրով կարգելու մարդոյն` ապագայի հոգն ւո մտածմունք։
       Ո՛չ, այդպէս չէ, բարեմիտ որդեակ իմ. Յիսուս իւր հաւատացելոց երբ այս աշխարհէն յետոյ` երկնից արքայութիւն խոստացաւ, նա կամեցաւ որ իւր հաւատացող ծառաներ հեթանոսաբար բազմահոգ նիւթապաշտ չը լինին, միայն իրենց յոյսն աշխարհի վայելից վերայ դնելով` այն անձնապաշտ մեծատան պէս կ»ասէր. «Անձն իմ, ունիս բազում բարութիւն ամբարեալ ամաց բազմաց. կե՛ր, ա՛րբ եւ ուրախ լեր»։
       Այս յանձնապաստան ոգիէն յայտնի է թէ խիստ անիրաւ տնտես մի էր նա, որ միայն իւր անձին համար գանձեր էր, եւ իւր մեծութեան մէջ Աստուծով չէր պարծեր։ Նա չունէր այն երկիւղած հաւատը, թէ ամէն բարիքներ Աստուծոյ ձեռքէն կ»ընդունի մարդն։ Բարերար Աստուած, որում շատ պարգեւէ, կը կամի որ մարդն արդար տնտեսութեամբ մատակարարէ զայն. գէթ իւր աւելորդ ընչից կարօտ ընկերին բաժին հանելով։
       Քաջ ի միտ առե՞ր դու թէ` ոչ Աւետարան եւ ոչ Սուրբ գրոց ուրիշ բան կը պատուիրեն որ մարդ չնախատեսէ։ Վասն զի մտածող մարդոյն ի բնութենէ բնական է նախատեսութեան հոգը. թող բանաւոր մարդն, ապաքէն տեսար դու աշխատութեանդ դասիդ մէջ մրջիւնին եւ մեղուին օրինակը։ Եթէ այդ չքոտի կենդանիներ այդչափ նախագոհակ են իրենց զոյգն պարենի համար, անշուշտ մարդ քան զմրջիւն մեծ է. նա առաւել պարտաւոր է որ նախատեսէ եւ հոգայ իւր կեանքի պէտքեր։
       Բայց դարձեալ նկատել արժան է, որ երկու ծայրայեղ անչափաւորութենէն հեռի մնայ մարդն, որ այնչափ նախատեսութեան խորերուն մէջ սուզանի, որով ագահութեան եւ թերահաւատ հոգերով խեղդուի. եւ ոչ այնչափ անհոգ աննախատես լինի, որ նոյնպէս շռայլութեան ու զեղխութեան հեղեղներով գլորի։ Ուստի մեծ իմաստութեան չափ ու կշիռ պէտք է ուղիղ տնտեսութեան մէջ այդ միջին ճանապարհ գտնել, ոչ ի ձախ խոտորիլ եւ ոչ ի յաջ։
       Այո՛, աշխարհ, ժողովուրդ, եկեղեցի, ընտանիք, եւ նոյն իսկ մարդ իւր առանձին կեանքը տնտեսելու համար` իմաստուն խոհականութիւն պէտք է, գիր ու հաշիւ պէտք է, ուղիղ ճշդութիւն պէտք է. եւ այս ամենուն հետ արդար խղճմտանք եւ Աստուծոյ բան պէտք է, որ գիտնայ մարդ ուղի բաժանել թէ կայսերին եւ թէ Աստուծոյ բաժին։
       Այլ որովհետեւ այս աշխարհիս վերայ մարդոց կարգ, վիճակ ու կեանք շատ զանազան են իրարմէ, սորա համար անձնիւր մարդ առանձին առանձին տնտեսութեան պարտիքներ ունի` առաւել կամ նուազ։ Աշխարհիս իշխաններ եւ մեծատունները փառասէր չենք համարիր, եթէ նոքա իրենց համբաւոյն, անուան եւ ճոխութեան համեմատ վայելուչ պերճութեամբ կեանք վարեն։ Նոքա մեծ զրկանք կը գործեն ընկերութեան, եթէ ամենագծուծ կեանք վարելով` խիստ ժլատութեամբ կծկեն իրենց ձեռքը. եւ գետի նման յորդացած գանձին ճանապարհ գոցեն, որ չվազէ ժողովուրդին հրապարակը։ Նոքա եթէ չշինեն շքեղ տուն եւ մեծամեծ ապարանքները, այդ ինքնին յայտնի է որ տան ճարտարապետ, շատ արհեստաւոր եւ գործաւոր մարդիկ վնասուելով իրենց վաստակէն` կը զրկուին։ Նմանապէս եթէ նոքա անկագին մատանիները չը դնեն իրենց մատը, եթէ ամէն օր տարազ տարազ հանդերձներով չը պըճնազարդին. եթէ բազմախորտիկ սեղանով չը լիանան. եթէ հրապարակի մէջ շրջելու համար չը պերճանան, եւ թողլով այդ ճոխապանծ կեանքը` հասարակաց անշուք ու սակաւապէս կեանքով ապրին. ո՞ւմ կը հասնի այս վնասը. գիտե՞ս, բոլոր արհեստաւորաց եւ շահավաճառութեան այլ եւ այլ ճիւղերուն. որոց բախտ եւ իրաւունքն էր այդ ամէն մեծածախ պէտքերը պատրաստել ու տալ. եւ աս փոխանակութեան միջոցով` հարուստներուն կուտած աւելորդ գանձը հանել ժողովուրդին հրապարակ. որպէս զի մէն մի իւր աշխատութեան բաժինն ընդունի։
       Եւ գիտե՞ս դու, մեր ընկերական կեանքին հաւասարակշռութեան պահող նժարներ` փոխանակութեան օրէնքն է։ Վասն զի ո՞ւր տեղէն կամ ո՞ր աղբիւրէն կը ժողովին ու կը ծովանան աշխարհիս մեծատանց եւ արքունական գանձեր. այդ ինքնին մեզ շատ յայտնի է. զի դոցա մշտահոս վտակներ` ժողովուրդի աշխատութեան աղբիւրի ակներէն կը վազեն։
       Իրաւունք է եւ մեծ իրաւունք, որ այդ գանձու վտակներ անդրէն իրենց ակները դառնան եւ այսպէս միշտ շրջան առնուն, որով թէ ժողովուրդին եւ թէ մեծատանց դարաստաններ ու տունկեր միշտ ջրարբի լինելով` զուարթ ու պտղաբեր մնան։
       Ուստի մեծապէս կը մեղանչեն ուղիղ տնտեսութեան օրէնքին դէմ այն մեծատունք, եւ առանց բռնացող յափշտակութեան` հարստահարիչ կը համարուին նոքա, եւ միանգամայն յառաջդիմութեան խափանարար կը լինին, երբ ժողովուրդի վաստակոց եւ շահերու աղբիւրներ խցելէն յետոյ արուեստներու յառաջդիմութիւն եւս կը խափանեն։ Վասն զի աշխարհիս գեղարուեստից այնչափ անհուն, անհամար պէտքերը, զոր միշտ կ»ստեղծէ արուեստագէտ հանճարներու ձեռք, դոքա իրենց ամենամեծ մասերով` մեծատանց վայելման համար են։
       Իրաւունք տուինք աշխարհիս մեծատանց որ ճոխ ու փառաւոր կեանք վարեն, միայն թէ չանցնելով չափաւորութեան ու վայելչութեան սահմանէն։ Բայց թէ նոքա այդ իրաւունքը` միայն ճանաչեն իրաւունք, եւ զայն ըստ հաճոյից կատարելով` մոռնան ու չը յիշեն երբէք միւս բազմադիմի պարտքեր, այսինքն հացի տնտեսութիւն միայն հոգալով` թողուն Աստուծոյ բանը, թողուն բարեգործութեան պարտքերը, չըյիշեն երբէք ժողովուրդի աղքատներ, սրբեր, հիւանդներ, անօգնական թշուառներ եւ իրենց դռներու առաջ ինկած վիրալից Ղազարոսներ, եթէ մոռնան նոքա իրենց մեծամեծ պարտականութեան գործեր առ եկեղեցին, առ ազգն, եւ ազգային դպրոցներ. եթէ ազգին յառաջդիմութեան արահետ ճամբայ մի բանալու համար` իրենց գանձարանին դուռը չի բանան. եթէ հայրենեաց բարգաւաճման համար` հայրենասիրութեան մեծ պարտիքներ չը կատարեն. եթէ բախտ յաջողեր է նոցա մեծ պաշտօնեայ եւ նախարար եղեր են երկրին կառավարութեան, ինչպէս առաքինին Յովսէփ, որ յիշեց Յակովբայ տուն ու լացաւ. այլ սոքա ցյագ ուտեն հաց եւ չը յիշեն երբէք Հայկայ քաղցած տունը. եթէ նոքա վերջապէս իրենց մեծութեան գանձ ու գութ փակեն առ մարդկային ընկերութեան թշուառութիւն. միայն ու միայն վայելեն Աստուծոյ տուած բարիքներ. նստին մեծահաց սեղանին վերայ, հագնին բեհեզն ու ծիրանին, գէթ սեղանին փշրանքներէն եւ պատառ մի կտաւէն չի տան աշխարհիս փողոցներու մէջ ինկած Ղազարոսներուն, որպէս զի ոգեպահիկ հաց ուտեն եւ այդ պատառիկ կտաւով իրենց մերկութիւն ծածկեն կամ իրենց վէրքեր պատատեն. ամէն ամէն ասեմ քեզ. որդեակ իմ, այդպիսի մեծատունք անիրաւ են իրենց տնտեսութեան մէջ. անիրաւ են երկնից եւ երկրի առաջ, այսօր եւ յաւիտեան, որոց համար Քրիստոս իւր Աւետարանով սպառնացաւ. «Վա՛յ ձեզ մեծատանցդ, զի ընկալայք զմխիթարութիւն ձեր»։
       Այսչափ դատեցինք աշխարհիս մեծատուններ։ Բայց մեծապէս կ»անիրաւիմք, որդեակ, եթէ արդար տնտեսութեան բեռները միայն մեծատանց վերայ բարդեմք։ Սկսիմք այժմ ժողովուրդի միւս դասերուն կեանքը դատել, որոց կարգ, վիճակ եւ աստիճան շատ բազմատեսակ է, եւ ամէն կարգի մարդիկ եւ ընտանիք` իւրաքանչիւր իրենց ունեւորութեան չափով ուղիղ տնտեսութեան օրէնքը պահելու պարտական են։
       Ինչպէս իրաւունք տուինք մեծատանց, որ իրենց աստիճանին պատշաճող պերճութեամբ ապրին, նոյն իրաւունք կուտանք ժողովրդական դասերուն, որ իրենց վիճակին ու վաստակին համեմատ չափաւոր պարկեշտութեամբ ապրին։ Բայց երբէք իրաւունք չենք տար ժողովրդական կարգի այն դասերուն, որոց շահ ու վաստակ շատ չափաւոր է, որ նոքա եւս ցանկութեան տենչով ձգտին մեծատանց պէս ճոխագոյն կեանքով վարիլ, առ ոչինչ համարելով` ոչնախատեսութեան եւ ոչ չափաւորութեանանտեսող կշիռը։ Զի թէպէտ քաղաքայինօրէնք ազատութիւն կուտայ ժողովուրդին որ իւրաքանչիւր մարդիկ` իրենց գոյից եւ ընչից բացարձակ տէր լինելով` ազատաբար վարուին, ազատաբար տնտեսեն իրենց կեանքը։ Այլ երանի՛ թէ դորա համար եւս չափ ու սահման որոշէր երկրին կառավարութիւնն. որով թերեւս անչափասէր ժողովուրդը օրէնքով ու սրով ճանաչէր իւր չափաւորութիւնը։ Բայց միթէ հա՞րկ էր դորա համար օրէնք. վասն զի թէ աշխարհի եւ թէ առտնին տնտեսութեանն` այդ օրէնքը շատ բնական է մարդոյն կենաց մէջ եւ իւրաքանչիւր մարդոց բուն իրենց կեանքէն, գոյքէն, եւ գանձէն կը բղխի։ Խոհական ու բանաւոր տնտեսութիւնն կ»ուսուցանէ որ մարդ իւր շահերուն չափով կենցաղավարի։
       Իսկ եթէ ճոխասէր լինելով իւր չափէն ի դուրս նկրտի, աշխարհ զայն կը դատէ ու կը մեղադրէ։ Եթէ մարդ, որ ինքն պարզ քաղաքացի մի է ու չափաւոր շահու տէր, պարզ տուն մի իրեն բաւական չի համարիր, պերճասիրութեան ցանկութիւն զինքն գրգռելով կը ձեռնարկէ իշխանի վայելուչ ապարանք մի շինել, ծանրագին կահ կարասիներով զարդարել. նոյնպէս նուաստութիւն կը համարի նա հետիոտս քալել, իշխանի կառք կը նստի, հրապարակէն կ»անցնի եւ կը ցուցամոլի աշխարհին առաջ. չարաչար կը զեղծանի նա անչափաւոր տնտեսութեան մէջ։
       Սոյնպէս եթէ սոսկական արհեստաւոր մի, որուն ձեռքն ու մատունք արհեստագործութան մէջ բրտացեր են, մեծամտի իշխանի մատանի դնել, եւ իւր կին իբրեւ իշխանուհի` սիրամարգի պէս պճնազարդելով ելնէ ու նազելով շրջի ժողովուրդի հրապարակի մէջ, ցոյց տալով թէ եւ ես կարող եմ մրցիլ հարուստ տիկիններուն հետ, եւս չարաչար կը զեղծանի տնտեսութեան մէջ։
       Այլ ո՛վ չի գիտեր ու չը ճանչնար, թէ այդպիսիներն այն ընտանիքներէն են, որոց հացը` առաւօտէն մինչեւ իրիկուն կը տեւէ. այսինքն թէ օրական աշխատութեամբ ու շահով կ»ապրին դոքա։ Ուստի յայտ է թէ` այդ պճնասիրութեան անհարկի պէտքեր թէ պարտքով եւ թէ խաբէական միջոցներով եւս հայթայթեն, ոչինչ փոյթ չունին եւ չեն հոգածեր երբէք, թէ այդպիսի անտնտես կեանքի մը ապագան` ընտանեկան կեանքին կործանումն է։
       Ահաւասիկ այսպէս կը զղծանի ուղիղ տնտեսութեան օրէնք, ուղղասէր որդեակ իմ, երբ ժողովուրդի կարգեր կ»անցնին իրենց չափէն ու սահմանէն, թողլով պարզութիւն եւ սակաւապէտ կեանք, չխնայելով իրենց դառն ու չարաչար աշխատութիւնն, մոռնալով թէ մարդ քանի՞ տաժանելի քրտինքով իւր հացը կը հայթայթէ աշխարհիս վերայ։
       Ազգ, ժողովուրդ, քաղաքացի, գիւղացի, տէր, ծառայ, հարւստ, աղքատ, առ հասարակ ամէն կարգի մարդիկ երբ կեանքի տնտեսութեան ուղղութենէն կը խոտորին, նոցա ճանապարհ դէպ ի կորուստ կ»երթայ. նոքա միշտ իւրեանց հարստութենէն կը թափին եւ աղքատութիւն շուտ կը հասնի նոցա վերայ ինչպէս մի արագոտն սուրհանդակ։ Այսպէս հասաւ Բիւզանդիոնի մայրաքաղաքին վերայ. նոյն օրինակ պիտի հասնի բոլոր գաւառացի ժողովրդոց վերայ, եթէ անցեալ փորձերէն եւ Բիւզանդացւոց տնաւեր օրինակէն ուշաբերելով չխրատուին։
       Է՜, սիրելիդ իմ Սամուէլ, քաջ ի միտ առի՞ր տնտեսութեան այս դասն, դու որ դեռ ուսանող ես եւ տակաւին տնտեսական կեանքին մէջ չի մտար։ Բայց քո որդիական մեծ պարտիքն է, գիտնալ ու երախտագէտ լինել. թէ ուսմանդ ու դաստիարակութեանդ համար որչա՞փ անխնայ ծախսեր արած եմ. այս մասին մէջ` տնտեսութեան հաշիւն իմ չափէն անցուցի, այն ապագային յուսով, յորում կեանքիդ պտղաբեր արդիւնքը բազմապատիկ պիտի քաղեմ։
       Ուսիր, որդեակ իմ, ուսիր այժմէն, որ այն ապագային մէջ յորում գուցէ ես ի գերեզման իջած լինիմ, դու ողջ մնալով բարւոք անտեսես քո կեանք եւ հայրենի ընտանիք։ Ես հարուստ վաճառաշահ քաղաքացի չեմ, որ բազում գանձ թողում քեզ ժառանգութիւն։ Մի պանդուխտ գիւղացի հայր եմ ես, եւ քո ժառանգութիւն` մեր գեղի հողն ու դաշտն է։ Ես հող միայն կը թողում քեզ, հող, որ հազար անգամ ոսկեգանձէն անսպառ անկողոպուտ գանձ է. զոր ես քո պապէն ժառանգեցի, եւ այդ անգին աւանդ ողջ ամբողջ պահեր եմ մինչեւ ցայսօր։ Եօթն անգամ ի պանդխտութիւն ելայ. եւ չուզեցի բնաւ որ թիզ մի գետին վաճառեմ, մինչ անձկութիւն զիս կը ստիպէր եւ պարտատեարք զիս ի բանտ կը վարէին։ Այլ միշտ աշխատեցայ ամէն բան զոհել ու հողային կալուածներս պահել։
       Ուխտիւ զքեզ պարտական կը կացուցանեմ, որդեակ, որ հօրդ օրինակին հետեւիս, բոլոր կեանքովդ ջանացիր գիւղական տնտեսութեան մէջ յառաջդիմել։ Ես քո միտք այս դասերովս մշակեցի, որպէս զի դու եւս քո հոգերդ ու դաշտերդ բարւոք մշակես։ Տես դու յայնժամ այն մեր արգաւանդ հողերն ո՞րչափ առատ խոտ ու ցորեան պիտի տան քեզ։
       Եթէ ողջ մնամ ու հետ քեզ դէպ ի հայրենիք դառնամ, վա՛շ, ո՞րքան պիտի հրճուի հոգիս, երբ տեսնամ քո յառաջդիմութիւն գիւղական տնտեսութեան մէջ, որով դու բարի օրինակ պիտի լինիս այն խեղճ գիւղացւոց որ, հողագործութեան արհեստին մէջ դեռ մանուկ մնացեր են։ Միթէ իրաւու՞նք ունինք մեղադրել զիրենք, երբ ուսումն չունին։ Իմ եւ քո սեպուհ պարտիքն է գեղացի մանուկները զարգացնել եւ կարեւոր կրթութիւն տալ։ Փորձով կը տեսնաս դու թէ ի՞նչպէս մանկակիցներդ շուտով կը յառաջդիմեն։ Չգիտե՞ս դու թէ գիւղական դաշտի ազատ մանուկներ քանի աշխոյժ եւ կորովամիտ են։
       Վերջին բան, վերջին մի քանի խրատ եւս աւանդեմ քեզ, որդեակ, եւ այսպէս աւարտեմ այս կրթական դասդ, որ աշխարհիս վերայ կեանքդ ուղղավարող ուղիղ տնտեսութեան ղեկն է։ Այս ղեկն` քո հրկագործութեան մաճին պէս ուղիղ բռնէ, եւ մի թողուր երբէք որ խոտորի. զի այդ է միայն որ կեանքիդ բոոր ակոսներն ուղղութեամբ կը վարէ. եւ մինչեւ ի գերեզման քո հաց եւ հարստութիւն չի պակսիր։ Զգո՛յշ, զգո՛յշ, Աստուծոյ բան չարհամարհես եւ միայն հացով ապրիս դու. յայնժամ կը մոռնամ մարդկութեան շնորհն ու պատիւ, անասնոց կը հաւասարիս. կ»ապիրատիս նաեւ նախախնամող երկնից Հօր դէմ, երբ նորա հացն ուտես եւ զայն չօրհնես։ Սոսկ բերանոյ օրհնութիւն բաւական չէ. այլ եւ պարտական ես արդեամբք փառաւորել զայն։ Երբ այգիդ կը կթես` ճռաքաղ մի առներ. երբ արտերդ կը հնձես` թափած ու մնացորդ հասկեր թող, որ այրիներ, որբեր եւ աղքատներ ժողովեն զայն։ Այսպէս կը պատուիրէ Աստուծոյ օրինաց Սուրբ Գիրք։ Ամէն արմտիքէն բաժին ու տասանորդ տուր Աստուծոյ. «Պատուեա՛ զՏէր ի քոյոց արդար վաստակոց, եւ հան նմա պտուղ ի քոց արդարութեան արմտեաց։ Զի լցցին շտեմարանք քո ցորենով եւ հնձանք գինեաւ քով առաւել եւս բղխեսցին»։
       Ագահ Կայենի նման անուղիղ մի բաժաներ. այլ արդար Աբէլի պէս պտուղդ հաճոյապէս նուիրէ Աստուծոյ։
       Այս է աւասիկ հացին ու բանին ուղիղ տնտեսութիւն, եւ ես կ»օրհնեմ զքեզ, որդեակ իմ, որ բոլոր կեանքիդ մէջ հացն առանց Աստուծոյ բանին չուտես. այլ հացն ու բան ի միասին խառնելով կեր, որպէս զի կեանքդ կատարեալ լինի, եւ դու թէ առ Աստուած եւ թէ առ մարդիկ պարտիքներդ կատարելով իբրեւ արդար ու հաւատարիմ տնտես ապրիս աշխարհիս վերայ։ Յիշէ Աւետարանին առակը, քեզ յանձնուած քանքարը շահեցուր. զի Տիրոջ առջեւ պատասխան ունիս տալ, եթէ անհոգութեան վարշամակին մէջ ծրարելով անշահ պահես զայն։ Իսկ եթէ տոկոսով հանդերձ հատուցանես, Քրիստոս զքեզ կը գովէ. «Ազնի՛ւ ծառայ բարի եւ հաւատարիմ, որով ի սակաւուդ հաւատարիմ եղեր, ի վերայ բազմաց կացուցից զքեզ. մուտ յուրախութիւն Տեառն քո։»