Սիրակ եւ Սամուէլ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԴԱՍ ԺԳ. ԱՒԵՏԱՐԱՆ ԵՒ ԸՆԿԵՐՍԻՐՈՒԹԻՒՆ
      
       Ի՞նչ է դարման այս մեր հիւանդ ու թշուառ աշխարհին - Աւետարան, ընկերասիրութիւն եւ միաբան զօրութիւն. սորա համար` բանն բժիշկն ինքնին եկաւ յաշխարհ. մեր վէրքերը բուժել եւ մարդկութեան հնացեալ կեանքը վերանորոգել։ Եւ որոյ անունն` ճշմարտութիւն եւ կեանք էր, այսպէս աւետարնեց. «Ես եկի, զի զկեանս ունիցիք եւ առաւել եւս ունիցիք»։
       ԱՒԵՏԱՐԱՆԻՆ որդեգիր, հաւատացեալ որդեակ իմ Սամուէլ, Աւետարանը եւ Աւետարանին քարոզած ընկերսիրութեան դասը պիտի խօսիմ քեզ. ականջդ բաց արա, սիրտդ ինձ տուր, խոնարհ երկիւղածութեամբ լսէ Յիսուսի դասին, որ քեզ լոյս կուտայ, յոյս կուտայ, կեանք եւ անմահութիւն կուտայ։
       Յիսուս, որ աշխարհիս վերայ ինքն անգիր անդպրոց էր, Պաղեստինոյ աշխարհին մէջ բացաւ իւր Աւետարանին համալսարանը եւ սկսեց քարոզել։
       Ես կը թողում այժմ աւետարանին քարոզած ընդհանուր դասեր, միայն ընկերսիրութեան դասն պիտի աւանդեմ քեզ, եւ այն բաւական է թէ սրտի մտօք պահես։ Վասն զի սէր եւ ընկերսիրութիւն Աստուածային պատուէրներուն գլուխն է եւ օրինաց հիմն։
       Մովսէս, որ Իսրայէլի ընկերութեան օրէնսդիրն էր, աստուածսիրութենէն յետոյ, յարեց ընկերսիրութեան պատուէրը։ Բայց Մովսէս այս գերագոյն պատուէրը միայն քարէ տախտակին վերայ գրեց` թողուց ու գնաց, եւ զայն անձնազոհ արիւնով մկրտելով չը նուիրագործեց։
       Իսկ Յիսուս սիրոյ մեծութիւնն` իւր անձին վերայ չափելով ասաց. «Մեծ քան զայս սէր ոչ գոյ, եթէ ոք զանձն դիցէ ի վերայ բարեկամին»։ Ասաց, եւ անդէն իւր բարեկամ մարդոյն համար գնաց ի խաչ եւ ընկերսիրութեան օրէնքը իւր արիւնով, իւր մահով եւ իւր մեծ ու անկշիռ սիրով մկրտեց, եւ այս իւր գերագոյն օրինակով սէրը տուաւ աշխարհին` իբրեւ մի միայն դեղ ու դարման, փրկութիւն, ազատութիւն, հիւանդ ու թշուառ մարդկային ընկերութեան։
       Այս դեղն ու դարման մի բառով կը կազմուի - ՍԻՐԵՑԷՔ. իւր զօրութիւնն անչափ է, իւր շնորհն` անկշիռ է, իւր բժշկութիւնն` ամենարուեստ է, իւր ձեռքն` ամենահաս է, եւ իւր սուրն է միայն, որ կ»սպաննէ մարդոց ոգւոյն մահառիթ կիրքերը։
       Երկնային սէր, որ մարդոյն կերպարանքով երեւցաւ աշխարհին, եւ որ մեր փրկութեան ճարտարապետն է, նա խորագոյն դրաւ սիրոյ այս հիմն. եւ չէ թէ հողի վերայ, հապա մարդոց սրտին ու հոգւոյն մէջ, որպէս զի այդ հիման վերայ նորոգէ մարդկութեան հնացեալ շէնքը։
       Սիրոյ այս մեծագոյն օրէնքն է միայն, որ կարող է աշխարհիս վերայ հաստատուն պահել մեր ընկերական շէնքը, ապա թէ ոչ` հիմնայատակ կը քայքայուի։
       Խոստովանիլ եւ վկայել պէտք է, որդեակ իմ, որ գիտութիւն եւ քաղաքակրթութիւնն եւս արդի մարդկային ընկերական վիճակը բարւոքեցին առաւել արտաքուստ։ Բայց դու մի հետեւիր այնչափ այն սնապարծ մարդոց մեծախօսութեան, որ այդ շնորհ եւ պարծանք` միայն գիտութեան եւ քաղաքակրթութեան կուտան. եւ առ ոչինչ կը համարին Աւետարանին արդիւնքը։
       Այլ դու ճշմարտութեամբ հաւատա, թէ աշխարհիս արդի ընկերական յառաջդիմութեան հիմունքը` Յիսուս իւր Աւետարաանով եւ ձեռքով դրաւ։ Եւ ի՞նչ են այդ բարոյական հիմունքը, ահաւասիկ. սէր, հաւասարութիւն, եղբայրութիւն, միութիւն եւ ընդհանուր անխտիր մարդասիրութիւն, որով բովանդակ երկրիս անհամար ազգերը մի համաշխարհական եկեղեցւոյ գաւիթը ժողովելով` մի հօտ կը կազմէ, մի հօր որդիքները կը կոչէ, եւ ինքն է միայն այդ հօտին հովիւ եւ առաջնորդ։
       Եւ ի՞նչ է առաւելագոյն եւ ճշմարիտ կեանք զոր Յիսուս բերաւ յաշխարհ, եթէ ոչ Աւետարանին քարոզած ընկերական սէր. եւ հաւատացելոց` համատարած խաղաղութիւն. զոր Յիսուս միայն տուաւ, եւ աշխարհ կարող չէ տալ զայն։ Ուստի իբրեւ իւր վերջին կտակ, վերջին ընթրեաց իրիկուն խօսեց. «Զխաղաղութիւն զիմ տամ ձեզ, զխաղաղութիւն զիմ թողում ձեզ։ Ոչ որպէս աշխարհս տայ` տամ ես»։
       Կարդա հնախօս պատմութիւններ եւ կը տեսնաս, որ մեծամեծ աշխարհակալներ եկան այս աշխարհ անցան ու գնացին. աշխարհ խռովութեան մէջ թողին, իրենք գերեզմանին մէջ խաղաղութիւն գտան։ Նոքա իրենց զօրութեամբ ու սրով բնաւ չկարացին խաղաղութիւն տալ երկրին, այլ մանաւանդ երկրին երեսը արիւնով լուացին եւ սոսկալի բռնութեան տակ ջախջախեցին մարդոյն ազատութեան կեանքը։
       Եկան վերջին դարեր եւ մանաւանդ իննեւտասաներորդ դարը, զոր քաղաքակրթութեան դարը կը կոչեն եւ յորում ես եւ դու ծնանք ու կ»ապրինք. կասեն թէ մարդոյն յառաջդիմութեան քայլեր քիչ մնաց որ մինչեւ ի կատար հասնին։ Քաղաքային եւ աշխարհի կառավարութեան համար դիւանագէտներ ժողովեցան, մեծամեծ ստուար ստուար օրինագրքեր շինեցին, եւ երկրի խաղաղութիւն մշտնջենաւոր պահելու համար դաշնակցութիւններ կռեցին։ Եւ ի՞նչ էր նոցա բոլորի նպատակը, մարդկային ընկերական կեանքը հաւասար բարւոքելո՞ւ. թէ՞ մէն մի գահեր իրենց երկրի շահը առաւել հոգալու։ Այդ իրաւունք է, գիտենք, բայց առանց ընկերին եւ ազգերու իրաւունքը խլելու։
       Այժմեան աշխարհիս վերայ տիրող մեծ աշխարհակալ` շահն է. սորա համար մարդ չի հաւատար թէ քաղաքակրթութիւն` Յիսուսին տուած խաղաղութիւն կամ Աւետարանին քարոզած ընկերսիրութեան դաշնակցութիւնը կ»ընդունի։
       Ո՜հ, որչա՞փ հեռու են իրարմէ դիւանագիտութիւն եւ Աւետարան, Խաչն ու Կրուպի թնդանօթն. եկեղեցւոյ միաժողով գաւիթն եւ պատերազմի արեան դաշտ. եւ ի՞նչ համեմատութիւն կայ մահուան եւ կեանքի մէջ։ Քաղաքակրթութիւն դեռ մահ կը բերէ, դեռ մարդոց համար սպանութեան գործիքները կը հնարէ, քուն ու հանգիստ չունին աշխարհիս տիրապետներ ու դիւանագէտներ. վիշապի նման տուտի վերայ կեցած կը ֆշան կ»սպառնան, եւ ի՞նչ կը խնդրեն, պատերազմ. անշուշտ զիրար կլանելու համար։
       Այսպէ՛ս, մինչդեռ Յիսուս իւր Աւետարանին ազատ սիրով խաղաղութիւն կուտայ երկրին, մեր կարծեցեալ քաղաքակրթութիւն` դեռ սրով եւ արիւնով եւ հին աշխարհի խելքով խաղաղութիւն հաստատել կ»ուզէ։
       Տե՛ս դու եւ համեմատէ այս երկու հակառակ եղանակները. այլ եւս կը հաւատա՞ս թէ սոսկ քաղաքակրթութիւն առանց Աւետարանի աջակից զօրութեան` մարդոյն խռոված ընկերական վիճակը խաղաղութեան մէջ կը պահէ. զգօնանան հանդարտին այն զայրացած ոգիները, որ հուր, սուր, կռիւ եւ վրէժխնդրութիւն կը գոչեն։
       Աւա՛ղ մարդկային թշուառաբախտ ընկերութեան, ո՛վ գիտէ, դեռ քանի՞ ժամանակ, քանի՞ դարեր աշխարհ իւր ազգերով ժողովրդով պիտի հեծեն աղիողորմ, երկրիս մեծամեծ պետական ծովեր պիտի խռովին. այդ ալիքներ կոհակներ պիտի հանեն. այդ ինքնավառ հրաբուխներ, ինչպէս գրեցի, միշտ պիտի բորբոքին, շարժեն երկրագունդ, աշխարհ սասանեն, ջրով ու մոխրով ծածկեն ժողովրդոց կեանքը։
       Ոգիդ կը լքանի, որդեակ իմ, եւ յուսահատ կը լինիս, եթէ տակաւին աշխարհավար դիւանագէտներ այսպէս շարունակեն, աշխարհի վիճակ ու վախճանն ո՞ւր կը հասնի։
       Ես խօսիմ քեզ, որդեակ. մեր աշխարհի կարգ ի սկզբանէ անտի այս է եւ այսպէս պիտի երթայ տակաւին։ Դու գիտե՛ս դեռ մարդն անհալ եւ անկատար հանք մի է. աշխարհիս պատահար քուրային մէջ, այսինքն կրակի եւ իւր արեան մէջ նա դեռ պիտի հալի ու մաքրուի, մինչեւ որոշուին ընտրեալներ, մինչեւ գայ ճշմարիտ քաղաքակրթութեան ոսկեդար, յորում աշխարհիս վարիչներ անկեղծ սրտով եւ անխար մտքով ընդունին Աւետարանի ընկերութեան եւ խաղաղարար ոգին։ Մեռնին երթան աշխարհիս երեսէն խռովարար եւ անարդար տիրապետողոգիներ։ Այն օր միայն հաւատանք, որդեակ, որ Դաւթի գուշակութիւնը տիրապէս կը լրանայ. «Եղիցի խաղաղութիւն ընդ ամենայն երկիր. եւ ի վերայ գլխոց լերանց։ Առցեն լերինք զխաղաղութիւն ժողովրդեան եւ բլուրք զարդարութիւն»։
       Դառնանք այժմ խօսինք ընկերասիրութեան այն պարտիքներու վերայ, որոց առ հասարակ պարտական են Աւետարանին հաւատացող որդիքներ։
       Բայց թէ կ»ուզես ճշդիւ իմանալ, որդեակ իմ, թէ ի՞նչ է ընկերասիրութեան պարտք, ո՛րչափ եւ մինչեւ ու՞ր, եւ ո՞վ է մեր ընկեր. միայն մեր ընտանի՞ք, մեր ազգակա՞նք, մեր բարեկա՞մք, մեր դրացի՞ք, մեր ազգայինք կամ հայրենակի՞ցք, եւ կամ այն մարդի՞կ, զորս մենք կը ճանաչեմք։ Ո՛չ, Աւետարանի ընկերսիրութեան պարտիքը ընդհանուր մարդասիրութիւնն է. երբէք այդ խտրող բառերը չի ընդունիր. «Եթէ սիրէք դւք զսիրելիս ձեր, կամ փոխ տայք միայն բարեկամաց ձերոց, ո՞ր շնորհ է ձեր». ասաց Քրիստոս։
       Ուստի ընկերասիրութեան մեծ պարտիք պէտք է համատարածի բոլոր մարդկային ընկերութեան վերայ, չխաբելով երբէք, ոչ ազգ, որ կրօնք, ոչ մեծ, ոչ փոքր, ոչ ծանօթ, եւ ոչ անծանօթ, այլ ընկեր համարել հաւասարապէս ամէն մարդ որ իւր նմանակից պատկեր կը կրէ։
       Եւ այս ապացոյց` մի առակ բերեմ քեզ Աւետարանէն, որով ծայրագոյն ընկերսիրութեան օրինակը կուտայ Յիսուս իւր բոլոր հաւատացելոց։ Երբ կեղծող օրինական դպիր մի փորձելով զՅիսուս կը հարցանէր. - Վարդապետ, զի՞նչ գործեցից, զի կեանս յաւիտենականս ժառանգեցից։ Յիսուս պատասխան կուտայ. Յօրէնս զի՞նչ գրեալ է եւ ո՛րպէս ընթեռնուս։ Կը պատասխանէ դպիրն. թէ` Սիրեսցես զՏէր Աստուած քո յամենայն սրտէ քումմէ»։ Յիսուս դարձեալ կը պատասխանէ. Ուղիղ ետուր զպատասխանիդ. զայդ արա եւ կեցցես։ Պարծող դպիրն սկսեց կրկին անգամ հարցնել. «Եւ ո՛վ է իմ ընկեր». որպէս թէ չգիտէր։ Յիսուս յայնժամ ճշմարիտ ընկերսիրութեան` եւ սքանչելի առակով մի պատասխան տուաւ։
       «Այր մի իջանէր յԵրուսաղէմէ յԵրիքով, անկաւ ի ձեռս աւազակաց», եւ այլն։
       Դու շատ անգամ լսեր ու կարդացեր ես այս խորհրդաւոր առակը, որով Յիսուս ընդհանուր եւ անխտիր մարդասիրութիւն կ»ուսուցանէ, եւ աշխարհիս համայն մարդկային ազգը միապէս ու հաւասար ընկեր կ»անուանէ։ Յիսուս Մովսիսի նման միայն Եբրայական ազգին մարդ չէր, որ խտրէր Եբրայեցին ու Եգիպտացին. այլ նա համայն աշխարհի, համայն ժողովրդոց մարդն էր։ Նա չը գիտէր երբէք Հրեայն եւ Սամարացին խաբել։ Այնպէս կը թուի թէ այդ հարցարան օրինասէր դպիրն Հրեայ էր, որ զՍամարացին մահու չափ կ»ատէր. Քահանայն եւ Ղեւտացին եւս Հրեայ էին. որք ճամբու վերայ ինկած անյարիր արիւն շաղախ վիրաւորը տեսան եւ առանց երբէք կարեկցելու` անցան գնացին։ Չը գիտենք թէ աւազակներէն հարուածեալ անձն ի՞նչ ազգէ էր. Յիսուս նորա ազգի անունը կը պահէ եւ կը յիշէ միայն անկեալ թշուառին կարեկցող մարդ` որ բնիկ Սամարացի էր, եւ իսկոյն գթացաւ խեղճին վրայ, պատեց ու դարմանեց նորա վէրքը։
       Ով գիտէ, գուցէ անկեալ վիրաւորն եւս կամ Սամարացի էր եւ կամ անծանօթ մի անձն. սորա համար այդ երկու անցնող Հրեայ ուղեւորներն մոլեկրօնութեամբ իրենց սիրտը խստացուցին եւ չուզեցին տեսնալ անկելոյն աղէտը։
       Երանի՛ քեզ, որդեակ իմ, թէ ազնուասիրտ լինիս եւ այս առակի օրինակէն Քրիստոսի քարոզած ընդհանուր ընկերսիրութեան եւ մարդասիրութեան օրէնքը սրտիդ մէջ խորագոյնդրոշմես, գթասիրտ գորովասիրտ լինիս. այս աշխարհիս հրապարակին վերայ անկեալ վիրաւորներ շատ կան, չէ թէ միայն ամայի լեռներու մէջ ուր աւազակաց որջերն են, այլ նոյն իսկ բազմաժողով քաղաքներու եւ շինութեանց մէջ. եւ ո՛չ զարկեր ձգեր է ի գետին. - զօրաւորաց զրկանք եւ հարստահարողաց ձեռք։ Երբ կը պատահին քեզ այդպիսի զրկեալներն, անկարեկից աչքով մի տեսներ եւ անցնիր առանց կատարելոյ ընկերսիրութեան պարտիքդ որչափ եւ կարող ես։ Աշխարհիս թշուառներ մի զններ թէ ո՛վ են, քո պարտիքն է թշուառին վերայ գթալ. քեզ ի՞նչ փոյթ նորա լեզուն եւ կրօն։
       Յիշէ, որդեակ իմ, Յիսուսի վերջին պատասխանը, զոր տուաւ օրինասէր դպրին, - Զայդ արա եւ կեցցես»։ Գնա կատարէ ընկերսիրութեան պարտիքներդ. եւ յայնժամ կ»ապրիս դու։
       Այլ աւա՜ղ, չը գիտեմ թէ մարդիկ ե՞րբ պիտի ճանչնան այդ մեծ բարոյական զօրութիւն, այդ երկնային զօրավիգ ձեռք, զոր Յիսուս տուաւ իւր հաւատացեալ ժողովուրդին եւ զայն այդ զէնքով զինուորեց. որպէս զի նա կռուի աշխարհի դէմ։
       Բոլոր կեանքդ եւ քո անձն թէ Աւետարանին եւ թէ նորա քարոզած ընկերսիրութեան համար նուիրես` արժան է։ Սիրոյ մեծ օրինակ մեր առջեւէն անցաւ գնաց Գողգոթային գլուխ։ Սէրն ի սէր մարդկային ընկերութեան նուիրեց իւր անձն, եւ որ բանիւ կը քարոզէր զայն` արդեամբ կատարեց աշխարհին առաջ։ Տեսէք ու չափեցէք, մարդիկ։ Մեծ քան զայս սէր ոչ գոյ. եթէ ոք զանձն դիցէ ի վերայ բարեկամին. ասաց եւ մեռաւ։