Հայկական աշխարհագիտութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԱՇԽԱՐՀԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԵԱՄԲ ԱՇԽԱՐՀԱԳՐԱԿԱՆ ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ԵՐՐՈՐԴ ԺՈՂՈՎՈՅՆ ԵՒ ՀԱՆԴԻՍԻՆ ՈՐ Ի ՎԵՆԵՏԻԿ

 

Թերեւս, եթէ ոչ յանդուգն, նորանշան բան մը համարուի, որ այնքան մեծամեծ եւ մեծապանծ ազգաց, տէրութեանց եւ ընկերութեանց մէջ, որոնք ազնուութեան եւ հանճարոյ փոխադարձ մրցանօք կը ներս կայացընեն՝ իրենց աշխարհագրական գիտութեանց գանձը՝ այն ազնուական եւ արժանաւոր Վենետիկ քաղաքին մէջ, մտնէ նաեւ այն ազգն կամ երկիրն, որ իրեն վաղեմի ազնուականութեամբն հանդերձ, հիմայ Ասիոյ նախնի ժողովրդոց տխուր նշխարաց մէջ կը խառնուի, որոնք ի սկզբան Ժամանակաց բռնած էին այն կեդրոնատեղին, յորմէ կը ծաւալէր աշխարհի վարչութեան շարժիչ զօրութիւնն, մինչ դեռ այսօրուան արթուն զուարթունն Եւրոպա՝ կարծես քնալից՝ դեռ եւս խանձարրոց քաղցր երազներով կը զբօսնոյր: Արդարեւ վերջին տարիներուն մէջ, եւ յետք՝ վերջին պատերազմադղորդ բախման Երասխայ եւ Եփրատայ հովտաց, ոչ սակաւ կը  լսուի թէ Հայ ժողովրդեան եւ թէ իր վաղնջական Հայրենեաց անունն, բայց ոչ առանց սրտառուչ յիշատակաց եւ երկիւղալի անստուգութեանց։ Սակայն՝ ՛ի բաց թողլով իր աւելի կամ նուազ բարեբաղդ անցեալն, եւ չհետազօտելով բնաւին մթին ապագան, ներելի ըլլայ մեզի Վենետկեան այս զուարթ եւ միանգամայն ուսումնական Հանդիսիս առջեւ յիշեցընել, որ յատկապէս արեւելեան ըսուած ազգերէն, Հայք միայն եղած են, որ անընդհատ՝ վեց դարերու յաջորդութեամբ (ԺԳ. էն սկսելով), ոչ միայն վաճառականական վերաբերութիւն ունեցեր են Վենետկոյ հետ, այլ եւ նախապատիւ քան զամենեսին սիրելի եղած են այս իշխողիս Ադրիականի, որ, իրեն սոսկալի Ծերակուտին զանազան վճռոց մէջ, կը սեփականէր անոնց սիրելագոյն [1] եւ բազսերախտ անուանակոչութիւնքը։ Հին բարեկամութիւնն եւ փոխադարձ շահն որ զօրացած էր մէկ դիէն ԺԳ. եւ ԺԴ դարուց մեջ Կիլիկիոյ Հայ թագաւորաց զանազան առանձնաշնորհութեամբք, եւ միւս կողմանէ ծերակուտին ոչ սակաւ Յայտարարութեամթք եւ Վճռօք, Սսոյ Արքունեաց մէջ երկար ժամանակ իրարու յաջորդող Վենետկեան Դեսպաններէն եւ  Պայլերէն [2], պնդեցաւ եւ եւս հետագայ դարուց մէջ, երբ Հայք իրենց անկախութիւնը կորսնցուցին, Վաճառականութեան միջոցով, այնպես որ Կրետէի երկարատեւ պատերազմաց տաժանելի տարիներուն մէջ, կը խոստովանէին Հասարակապետութեան Իմաստուն խորհրդականն, որ իրենց այն ժամանակի վաճառականութեան գրեթէ միակ զարգացուցիչն էր Հայոց ձեռքով: եղած ելումուտքն, որով եւ ամենեւին զանց չէին ըներ որ եւ իցէ զիջողութիւն ընելու Հայոց [3] ։

Իսկ այս վերջիններս ոչ միայն յօժարակամ դէպ ՛ի հիւրընկալ ափունքը կը յաճախէին, այլ եւ ամեն տարի իրենցմէ զոմանս հօն կը թողուին, որոնք հետզհետէ հօն իրենց բնակութիւնն՝ հաստատեցին եւ ընտանիք ձեւացան, մանաւանդ վերջին անցած երեք դարերուն մէջ, յորս կը հանդիպինք Վենետկոյ եկեղեցեաց Արձանագրոց մէջ նշանակուած 200էն աւելի ամուսնական դաշինք հայկազնի մը եւ վենետկուհւոյ մը մէջ, եւ փոխադարձ: Սակայն եթէ բազմաթիւ էին Վենետկոյ մէջ հաստատուող Հայք, անհամեմատ ավելի շատ էր ճանապարհորդաց թիւն. որոց մանաւանդ շատերը կը կենային հօն ամիսներով եւ ամբողջ տարիներով, եւ զանազան անգամ նորէն կը դառնային: Եւ որովհետեւ կրօնասէր ժողովուրդ մ՚էր եւ տարբեր լեզու եւ ծէս կը գործածէր, իրենց առաջին խնամքներուն մէկն եղաւ սեփական եկեղեցի ունենալ: Եւ ի՞նչ զարմանք որ այս պանդուխտները, (որոնք Իտալիոյ աւելի քիչ այցելած զանազան քաղաքաց մէջ քսանուհինգէն աւելի եկեղեցի եւ վանք հաստատած կամ ստացած էին, որ եւ նոյն իսկ Իտալիոյ հմտագունից անգամ՝ անծանօթ մնացած է [4] ), իրենց Ս. Մարկոսայ ափանց վրայ հաստատուած նախնական ժամանակներէն ի վեր առանձին եկեղեցի մը հաստատած ըլլան նաեւ հոս իրենց հնաւանդ լեզուով եկեղեցական պաշտամունք կատարելով։ Հայոց Սուրբ Խաչի ամենագեղեցիկ եկեղեցին, Ս. Մարկոսի հրապարակին եւ Մայր եկեղեցւոյն մօտ, յորում երկու դարէ ի վեր դեռ եւս Հայ քահանայք եկեղեցական պաշտամունք կը կատարեն, ուրիշ նախընթաց փոքրագույն եկեղեցւոյ մը տեղւոյն վրայ շինուած է. այն վերջինէս ալ առաջ կը գտնուէր  հօն հնագոյն մատուռ մը, որ կը վերաբերէր նոյն ազգին Հիւրանոցի՝ Հայոց Տուն կոչուած, որուն Հիմնարկութիւնն եղած է ԺԳ. դարուն առաջին կիսուն, Սեբաստիանոս Տօժին՝ Մարկոս Ծիանի որդւոյն առատաձեռնութեամբ։ Ան ատենէն վեր մինչեւ ցայսօր տեղւոյն անունը կը կոչուի Հայոց փողոց , եւ մերձաւոր կամուրջն՝ զոր հիմակ Ֆէրալի կը կոչեն, մինչեւ ԺԵ դարուն մէջ Հայոց կամուրջ անունով կը յիշուի

Վաճառականութեան եւ կրօնից իրարու հետ ունեցած դաշնակցութեան կապն անծանօթ բան մը չէ, որուն վրայ խօսիլ հարկ ըլլայ այս պարագայիս մէջ, ուր ուշադրութիւննիս կը գրաւէ մանաւանդ երրորդ դաշնակից էր, որ է Գիտութիւնն, եւ ի մասնաւորի Աշխարհագրականն, որ կերպով մը չի կրնայ համարուիլ Վաճառականութեան: Ոչ սակաւ արդիւնք ու նեցած է Վենետիկ նաեւ Հայոց մէջ գիտութեան զարգանալուն նկատմամբ։ Առաջին Հայկական տպարանն հօս հաստատուեցաւ, եւ Հայ տպագրութեան ճանչցուած ամենէն հնագոյն գիրքն (Սաղմոս մը), վերը յիշած Հայոց տան մէջ հրատարակուեցաւ յամին 1565, Հերոնիմուս Բրիուլի Տօժին հրամանաւ, ինչպէս կը վկայէ այն Հայ Կուդդէմպէրկն ազնուական այրն  Աբգար (Դպիր) Եւդոկիացի [5] ։ Բնականապէս տպագրութեան անդրանիկ ծնունդն արժան էր ի պէտս կրօնից ընծայել. աշխարհագրական գիտութեանց մշակութեան հասնելու համար՝ ուրիշ Ժամանակներ եւ  ուրիշ միջոցներ պէտք էին. այլ եւ հանդերձ այսու զարմանալի բան է, որ եթէ ոչ տպագրութեամբ, այլ գէթ ձեռագրով հայերէն առաջին նոր աշխարհագրական երկասիրութիւնն հրատարակեցաւ հօս ի Վենետիկ, եւ է Որդելիոսի Հանդիսարան աշխարհի անուանի գրուածն, թարգմանեալ յամին 1616 Անկիւրիացի Յովհ. Մկրտչէ, որ չեմ գիտեր ինչ պատճառաւ յԻտալացւոց կոչուած է Մոլինոյ: Այս յիշեալ թարգմանս քանի մը տարի Վենետիկ կեցաւ, ուր հրատարակեց նաեւ՝ քանի մի գիրք 1642-ին եւ 1643ին, տպագրեալ Սալիգադայի  տպարանին մէջ։ Ան Որգելեան երկասիրութեան օրինակ մը, որ հեղինակին ժամանակակից կը կարծուի, դեռ եւս անտիպ՝ կը տեսնուի յերեւան դրուած Հայկական  Աշխարհահանդիսին մէջ։ 

Այս գիտութեանս վրայ, Հայկական եւ մասնաւորապէս Վենետկահայկական ուսմանց նկատմամբ` այն ժամանակէն մինչեւ արդեան թուականի մը հասնելու համար, ներելի ըլլայ ինծի երկայն շրջան մ'ընել, կամ մանաւանդ սրաթռիչ վերանալու ամենահին դարուց մէջ, ի խնդիր հայկական Աշխարհագիտութեան, եւ կամ ընդհանուր գաղափար մը տալու Հայկական Աշխարհագրութեան։ Անոր համար յարմար կը համարիմ՝ որ Կլիով ձեռք տուած Կեայ՝ առաջնորդէր մեզի այն երկիրը՝ որ գրեթէ  կապ մ՚է ընդ մէջ Մեծին եւ Փոքուն Ասիոյ, քիչ կայ շատ հեռաւորութեամն՝ չորս միջերկրեայ ծովերու մէջ, ընդ մէջ բովանդակ երկայնաշար շղթայից Կովկասեան լերանց եւ Միջագետաց եւ Ասորեստանի անսահման՝ հռչակաւոր դաշտավայրոցն, յաշխարհն Հայաստան. որ հանդերձ իրեն սառնաշունչ ձմեռներով եւ իր Նպատեան լերանց անուանի ձինսհիւս պատմուճանով, հանդերձ իրեն ծառերու այժմեան աղքատութեամբն, - (տխուր հետեւանք պակասութեան իմաստուն ձեռնտուութեան մի առ արգասաբեր զօրութիւն բնութեան), - հանդերձ այսու ամենայնիւ է, եւ եղած է մանաւանդ աւելի հին ժամանակաց մէջ, հեշտալի գաւառ մը իրեն կանաչազարդ բարձրատափիցն համար. ուր հովիւն Աբրահամու եւ Նոյի ժամանակաց նման, նաեւ այսօր կ՚ապրի նույն ոճով եւ նոյնպիսի սովորութեամբք. եւ ուր հիմակուան Պարսիկն իրեն Աքեմենեան նախնեաց նման, որոնք ընկերացան Մեծին եւ Կրսերոյն Կիւրոսի, իրեն աշխոյժ նժուգով, բազէն թեւին վրայ, հետամուտ կը սլանայ փասիանի, կաքաւի եւ այծեման ետեւէն։ Ասոնցմէ շատ աւելի առաջ, Հայաստանի երէաշատ անտառք եւ ջրարբիք լաւ ծանօթ էին ինքնապետաց եւ զբօսասիրաց Բաբելոնի ու Նինուէի, ինչպէս նաեւ կարաւաններէ եւ գաղթականներէ յաճախեալ ճանապարհք , որ այն  լեռնային երկրէն եւ Կողքիսի հեռաւոր սահմաններէն՝ կը դիմէին այս երկու մեծապանծ մայրաքաղաքները։ Բեւեռաձեւ գրութեանց նորածին գիտութիւնը այս բանիս բաւական հաւաստիք կ'ընծայէ, եւ մանաւանդ ամենէն աւելի Ս. Գրոց ազգագրութիւնն, եւ նոյն իսկ մշտաշարժ ալիք վսեմական եւ գոգցես սրբազան գետոցն առաջակողմն Ասիոյ՝ Եփրատայ եւ Տիգրիսի, այս նորաձեւ եւ բնական ճանապարհք, յորս նաւարկելու համար՝ հարկ է անհրաժեշտ ելել մինչեւ Բարձր Հայոց ձորովիտները։  Այս երկու գետերն, եւ նմանագոյգն Երասխ եւ Կուր, եւ Արարատեան լերինք՝ կրնան Հայաստանի աշխարհագրական առաջին արձանք յիշատակաց կոչուիլ, Ասիոյ անթիւ ժողովուրդներէ ճանչցուած։

Բայց քննելով նաեւ զդասական մատենագիրս, առ որ կը դիմեն սովորաբար հմտագոյնք եւ ոչ դիւրահաւանք, կը գտնենք նախ քան զՔսենոփոն եւ քան զՀերոդոտոս իսկ. յունազգի ամենահին պատմագրաց պատառիկներուն մէջ, ոչ վեր ի վերոյ ծանօթութիւն մը մեր երկրին աշխարհագրութեան մասին եւ իր շահաբեր արդեանց նկատմամբ։ Արիստագոր Միլետոսի բռնաւորն, որ Քրիստոսէ 600 տարի առաջ կ՚ապրէր, մետաղական տախտակներու վրայ նշանակուած կը ցուցընէր Լակեդեմոնիոյ  Կղէոմենէս արքային Հայաստանի խաշանց  եւ արջառոց ճոխութիւնը. Սարդիկեցին Քսանթոս, նոյնպէս հին քան զհռչակաւոր Ալիկառնացին, Հայաստանի մէջ աղային լիճ մը կը յիշէ, որ անտարակոյտ Վանայ լիճն է, ուր կը գտնուի միայն տառեխ ըսուած ձուկն, որուն անունէն հաւանօրէն մտած է յունարէնի մէջ տառիխոս բառը, որ եւ իցէ աղած եւ չորցուցած ձուկն նշանակելով. - Ապոլլոնիտէս, ասոնց ժամանակակից, կը յիշատակէ Հայաստանի լերանց սառերու խաւերուն մէջ գոյացած կենդանական կամ ջրային նիւթերն, (որոնց քննութիւնը բնագիտաց կը թողում), զորս ինքն (որդնային ) կը կոչէ, եւ Թէոփանոս (լեռնային), որ ըստ իրենց վկայութեան՝ զով եւ անոյշ ըմպելիք կ'ընծայեն, որք եւ ցայսօր իսկ բնակչաց ծանօթ են, եւ կը համարուին թափանցիկ որդեր, Որդնուկ կոչուած ի Հայոց, եւ Զիւլալ ի Տաճկաց. Տարակոյս չկայ. որ մեր աչխարհքն այս հին մատենագիրներէն աւելի աղէկ նկարագրեցին այն յունազգի աշխարհագիրք, որք յառաջ քան զUտրաբոն Գ. եւ Բ. դարուց մէջ կ'ապրէին նախ քան զՔրիստոս, եւ են Իսիդոր Քարագենացի, Ագաթարգիտ, Ապոլոդորոս Արտեմիացի, Իպպարքոս Նիկիացի, եւ այն մանրախոյզ քննիչներն, զորս Պտղոմեանց հովանաւորութեամբ առաքեց Աղեքսանդրեան Ճեմարանն։ Բայց Հայաստան  դեռ աւելի լաւ ծանօթացաւ. եւ նկարագրեցաւ յաջորդ դարուն մէջ, երբ արծուիք եւ լեգէոնք Հռովմէականք անցան անդր քան զԵփրատ եւ զԵրասխ, Թէոփանոս՝ որ կ՚ընկերէր Պոմպէի բանակին, Հայաստանի մասնաւոր նկարագրութիւն մ՚ըրաւ, ինչպէս կը վկայէ իրեն աշակերտն Ստրաբոն, ամենէն աւելի ականաւոր աշխարհագիրն՝ ինչպէս ուրիշներու՝ այսպէս նաեւ մեր երկրին, թէպէտ եւ ոչ ստուգապատում քան զամենեսին. որ եւ ոչ սակաւ զարմանք կրնայ ընծայել մեզի, Պոնտացի՝ կամ՝ մանաւանդ ըստ գիտնոց ոմանց՝ Հայազգի ըլլալովն. բայց պէտք ենք յիշել որ թէպէտ եւ ամեն աշխարհագիրներէ աւելի ընդարձակ երկիրներ պտըտած ըլլայ, ինչպէս կը պարծի, այլ մի եւ նոյն ժամանակ մեզի կը յայտնէ թէ այցելած չէր գրեթէ իր ծննդեան տեղոյն սահմանակից Մեծին Հայոց աշխարհքը։ Լաւ ծանօթ են բանասիրաց՝ իրեն զանազան իրաց վրայ ըրած գրութեանց մէջ գտնուած բազմաթիւ եւ ոչ մանրակշիռ սխալներն: Հանդերձ այսու ամենայնիւ, ինքն է որ առաջին անգամ՝ կը զանազանէ Հայ աշխարհին տոհմական բաժանմունքներն ի մեծամեծ գաւառս կամ Նահանգս, յորոց քսանի չափ կը յիշէ յանուանէ: Թուի թէ շատ բան սորված ըլլայ իրեն ուրիշ վարժապետէ եւ հայրենակցէ մը, որ է երեւելի քերականն եւ գրապետն Տիրանիոս, բարեկամն Կիկերոնի, որ ինչպէս անուամբ՝ այնպէս եւ արեամբ Հայազգի կ'երեւի։ Չեմ գիտեր արդեօք Հայո՞ց թէ մանաւանդ Պարսից ազգին կը վերաբերին ի Հռաւեննացւոյն յիշեալ Արշակ եւ Ափրոտիսիանոս [6] աշխարհագիրներն, որոնց եւ ոչ իսկ ապրած ժամանակը ծանօթ է։ Ոչ սակաւ օգուտ քաղեց Ամասիացին (Ստրաբոն) նաեւ ուրիշ Ժամանակակից մատենագրէ մը, որ է ինքնին Մետրոդորոս, որ զոհ եղաւ իրեն Հռովմայեցւոց դէմ ունեցած անհաշտ ատելությանը, որուն համար նախ բարեկամ եղաւ անոնց ահաւոր ախոյենին՝ Պոնտացւոյն Միհրդատայ, եւ յետոյ անոր փեսային՝ մեր խրոխտ Տիգրանայ, որուն նաեւ պատմութիւնն կամ թերեւս ներբողն յօրինեց քանի մը գիրք բաժնած, որք դժբաղդարար իրեն ուրիշ  աշխարհագրական գրուածոց հետ կորցուած են, որոնց համար արժանի եղեր էր Աշխարհագիր մականուն ստանալու։

Ստրաբոնէն վերջը ամենածանօթ են, եւ զորս աւելորդ իսկ կը համարիմք յիշել, մեր թուականին առաջին դարուն մէջ. Երէցն Պլինիոս , որուն ծանօթ էին Հայաստանի 120 ընդարձակ Նախարարութիւններն կամ՝ Նահանգներն, յորոց ոմանք էին ատեն առանձինն վարչութիւն կամ՝ թագաւորութիւն  ունէին. բայց նա կ'արդարացընէ ինքզինքը կանոնց անուանքը չյիշելուն համար, իբրու թէ հնչմունքն շատ խժալուր ըլլար հռովմայեցի ականջաց կամ՝ գոռոզութեանն առջեւ [7]: Այս տեղեկութիւններ քաղած էր  յԱւփիտիոսէ եւ ի Կեսար Կղաւդիոսէ: Երկրորդ դարուն մէջ ամենէն աւելի կը փայլի հռչակաւորն Պտղոմէոս , որ բաց ի կրկին Հայոց (Մեծ եւ Փոքր) մէջ յիշած երեսունէն աւելի Նահանգներէն, կը դնէ նաեւ ցանկ մը՝ որում նշանակուած են 150էն «աւելի քաղաքներ եւ կայաններ, սովորական աստեղաբաշխական դրութեամբ իւրաքանչիւրին դիրքը նշանակելով, յորոց մի մասն անծանօթ եւ տարակուսական է: Բնականապէս իրմէն օգուտ էր քաղէր յաջորդ դարուն մէջ Սոլինոս։ իսկ չորրորդ դարուն մէջ, թէպէտ եւ ընդ աղօտ, կը հանդիպինք Աղեքսանդրացի թուաբանի եւ բազմավիպի մը` Պապպոս անուամբ, Պապ կոչուած ի Հայոց, ժամանակակից նոյն ազգին առաջին պատմագրաց , որոնք նմանապէս յունարէն լեզուաւ կը մատենագրէին այն ատեն։ Մեզի՝ Հայոցս համար Պապի գործը ամենամեծ կարեւորութիւն  ունեցեր է. վասն զի իրեն համառօտութենէն (զոր Պտղոմէոսի գրքէն ըրած էր) մեր. առաջին հայ աշխարհագիրն իրեն Աշխարհագրութեանը նիւթ քաղեց. այն վերջին գրուածին հետաքրքիր եղողներն կրնան քննել Ս. Ղազարու տպարանէն ի լոյս ընծայեալ նոր տպագրութիւն մը՝ հանդերձ գաղղիական թարգմանութեամբ, որ գրուած է հօս ՛ի հանդիսիս: Թարգմանիչն յառաջաբանին մէջ խնդրոյ տակ ձգած ըլլալով Գործոյն մատենագիրը, այսչափ միայն կ'ըսեմ ես, որ ըստ հասարակ կարծեաց՝ Մովսիսի Խորենացւոյ կ'ընծայուի այն, որ մեր մատենագրաց մէջ քան զամենն աւելի հռչակաւորն, եւ հինգերորդ դարուն ամենահմուտներէն մէկն է։ Ինքը մասն մը յունէն թարգմանեց եւ մասն ալ ուրիշ աղբիւրներէ աւելցուց, նշանակելով նաեւ իր հայրենեաց զանազան բաժանմունքներն, որ են Մեծին Հայոց 15 բաժիններն կամ՝ աշխարհներն եւ 190 գաւառներն, եւ փոքուն Հայոց երեք աշխարհներն, իւրաքանչիւրն իրենց յատուկ անուամբ, որոնց մեծ մասն նաեւ ցայսօր իսկ յազգայնոց պահուած են։ Խորենացւոյն Աշխարհագրութիւնն, իրեն անուանի միւս երկասիրութենէն աւելի առաջ, որ է Հայոց Պատմութիւնն , հրատարակուեցաւ նախ տպագրեալ յԱմսդերտամ, յամին 1668, եւ յետոյ զանազան անգամ ի Վենետիկ. առաջին անգամ թարգմանուեցաւ լատիներէն լեզուաւ յանգղիացի Վիսթոնեան եղբարց, Լոնտրայի մէջ, յամին 1736. եւ յետոյ ուրիշ լաւագոյն թարգմանութիւն մը ի գաղղիերէն հանդերձ պատկերօք եւ բազմաթիւ ծանօթութեամբք, հրատարակեցաւ Բարիզու մեջ ամին 1818, հմուտ Յ. Սէն Մարդենի ձեռքով։ Այս վերջնոյս սրամիտ քննութեանն առջեւ, այս երկասիրութիւնն ոչ թէ Խորենացւոյն, այլ ուրիշ վերջին ժամանակի հեղինակի մը գործ թուեցաւ, վասն զի բնագրին մէջ կը գտնէր անուններ եւ տեղեկութիւններ, որ յետոյ էին ժամանակաւ՝ մինչեւ այն ատեն հեղինակ համարուած անձէն։ Նոյն կարծիքն ունի նաեւ մեր արդի հմուտ ազգայինն Պատկանեան , վարժապետ ի Համալսարանին Պետերպուրկի, որ այս գրուածը ռուսերեն թարգմանեց հանդերձ բազմաթիւ ծանօթութեամբք , ընծայելով զայն ազգային երեւելի թուաբանի կամ չափագիտ իմը Է. դ դարուն մէջ ապրած, Անանիայ Շիրակունւոյ։ Տարակոյս չկայ որ այս տեսակ գրուածոց մէջ դիւրաւ տեղի կ՚ունենան փոփոխութիւնք, աւելուածք եւ խանգարմունք, ինչպէս կը տեսնուին նաեւ մեր նոր հրատարակւածին մէջ բազմաթիւ աղաւաղմունք կամ՝ փոփոխմունք, որք թերեւս Է. դ դարուն մէջ եղած ըլլան, մասն մը, ըստ իմ կարծեացն, արաբական արշաւանքէն առաջ, որ գրեթէ 637-64 տարեաց մէջ կ՚իյնայ. եւ առ այս հաւաստիք կը համարիմ՝ որովհետեւ ոչ անոնց արշաւանքին յիշատակութիւն կը գտնուի, եւ ոչ երկրին մայրաքաղաքին (Դուինի) առմանն, եւ մի մասն նոյն դարուն վերջին կիսուն մէջ, որուն անժխտելի վկայք են պատմուած դէպքերն: Սակայն ով որ ծանօթութիւն ունի Հայկական մատենագրութեան յառաջատութեան եւ Հայկաբանութեան վրայօք, կարելի չէ այնպիսին այսպիսի գրուածի մը սկզբնագիրը՝ մեր գրականութեան ոսկեղէն կոչեցեալ Ե. դ դարէն վերջը կարգել, կը համարիմ՝ ուրեմն որ այս աշխարհագրութիւնն Մովսիսի Խորենացւոյ ըլլայ, բայց ձեռք խառնուած Է. դ դարուն մէջ, բայց թէ յորմէ արդեօք՝ չեմ կրնար հաստատապէս հաւաստել. թերեւս վերը  յիշատակուած Շիրակացիէն ըլլայ, որովհետեւ կը գտնուին՝ փոփոխութիւններ՝ որոնք կը վերաբերին իրեն Հայրենեաց Շիրակայ եւ անոր սահմանակցաց իշխողներու, կրնայ նաեւ ընծայուիլ Մաթուսաղայի, որ Մետրապոլիտ էր Սիւնեաց աշխարհին, յորում՝ իր իշխանութիւնը կը վարէր 630–50 տարեաց մէջ. եւ այս բանս կ՚ըսեմ՝ վասն զի քանի մը տարի առաջ ծանուցուեցաւ Էջմիածնի անուանի կաթողիկոսական Աթոռոյն եւ վանաց վերաբերեալ Հայկական ձեռագրաց ցանկի մը մէջ՝ Հայաստանի  աշխարհագրական նկարագրութեան մը գիւտը, այս եպիսկոպոսիս անուամբ, բայց անկից վերջը հրատարակուած ցուցակներուն մէջ ասոր յիշատակութիւնն չի գտնուիր։ Կը յուսամ որ հնոյն Հայաստանի Աշխարհագրութեան այս մեր նոր հրատարակութիւնն, ախորժելի ըլլայ մեր աշխարհին, ինչպէս նաեւ ընդհանուր արեւելեան աշխարհաց վրայ քննութիւն ընող գիտնոց. պիտի գտնեն վերջիններն այս տպագրութեան մէջ նոր լուսաբանութիւնք ամեհի Երասխայ ընթացից փոփոխման վրայ, ինչպէս նաեւ այն գետակաց՝ որ Տարոս լեռներէն Տիգրիսի մէջ կը թափին, որոնք թերեւս նոր նշոյլ արձակեն հռչակաւորն Տիգրանակերտի գրիցը վրայ, որ նաեւ վերջին ժամանակներս իսկ մեծամեծ քն նութեանց նիւթ եղած է ոչ սակաւ համբաւաւոր հմտից։

Ընդ մէջ մեր եւ այս աշխարհագրական գործոյն երկասիրութեան անհուն ժամանակին, այսինքն տասուերկու կամ տասնուչորս դարուց միջոց, Հայաստան ենթակայ եղաւ բազմաթիւ եւ ամենամեծ քաղաքական յեղափոխութեանց, եթէ իր ներքին վարչութեան եւ եթէ իրեն քաղաքական բաժանմանցը մէջ, մէկ կողմէն Բիւզանդիոնի կայսերք, եւ միւս կողմանէ՝ Սասանեանք Պարսկաստանի Դ. դ Ե. դ եւ Զ. դ դարուց մէջ կամահաճոյ բաժանմունքներ ըրին , որուն օրինակ մեր կրնանք տեսնել Յուստինիանոսի հռչակաւոր Մնացորդաց (Օրինագրոց) մէջ: Մեր աշխարհին տիրապետութեան մէջ անոնց յաջորդող Արաբացիք, իրենցմէ շատ աւելի յարգեցին հին տեղագրական թափանմանց կարգադրութիւնքը, որ եւ անխախուտ հաստատութեամբ միշտ պահուեցաւ նաեւ յազգայնոց, այնպէս որ Դ. դ դարէն սկսեալ մինչեւ ցԺԴ. դ դար՝ ամեն մեր պատմագիրք, որք գրեթէ անընդհատ մէկմէկու կը յաջորդեն, իրենց հին Աշխարհագրին բաժանմունքներէն դուրս՝ ուրիշ բաժանմունք չեն ճանչնար Հայոց երկրին. որուն կը վկայէ նաեւ Պերփեռուժէնն (Կոստանդիանոս Է) իրեն վարչութիւն Կայսերական Արքունեաց գրուածոց մէջ. եւ ապա կը հաստատեն զայն Թ. -ԺԲ. դարուն մէջ ձեւացած ազգային թագաւորութիւն եւ իշխանութիւնք։ Թէպէտ եւ այս դարերուս, ինչպէս նաեւ յաջորդեաց մէջ, բազմաթիւ են եթէ ազգային եւ եթէ Բիւզանդական եւ Արաբական պատմագիրք, բայց աշխարհագիրք եւ մասնաւորապէս մեր երկրին Նկարագիրք միայն այս ետքիններում՝ այսինքն Արաբացւոց մէջ կը գտնուին, որոնց ամենահարուստ մատենագրութեան բովքն դեռ եւս ըստ բաւականին ծանոթացած չէ։ 

Տասներորդ դարուն վերջերն ապրող մեր պատմագիրներէն մէկը միայն, Ուխտանէս եպիսկոպոս Սեբաստիոյ, Հայկական քաղաքական եւ կրօնական պատմութեան համառօտութիւն մը գրած ժամանակ, ինչպէս իր յառաջաբանէն կ՚իմացուի, միտք ունէր աւելցընելու իր երկասիրութեան երրորդ մյուսին մէջ տեղագրութիւն մը այն գաւառին՝ որում կը բնակէին մասն մը իր հերձուածօղ համարեալ ազգայիններէն , որոնք ծադք կամ՝ ծայթք կը կոչէին, նշանակելով յայնմ  յանուանէ իրենց իւրաքանչիւր գեղերը, դղեակները եւ բնակութիւնները, դժբաղդաբար երկասիրութեան այս մասը ձեռքերնիս հասած չէ։ Իսկ այս նկարագրելիք գաւառը իրեն թեմական սահմանէն հեռու պիտի չըլլայ, այսինքն Փոքուն Ասիոյ մէջ Եփրատայ արեւմտեան ափանցը վրայ։ Նմանօրինակ ձախորդ բաղդ մը զրկեց զմեզ թերեւս Խորենացւոյն երկասիրութեան նման ուրիշ աշխարհագրական գրուածէ մը, ԺԳ դարուն եւ ԺԴ. ին սկիզբները ապրող հեղինակի մը, որ մեր մատենագրութեան ընտրելոց վերջինն է, Յովհաննէս Երզընկացի, քաղքէ մը՝ որ լաւ ծանոթ էր նաեւ Միջին դարուց մէջ իրէն անուանի պուքերամներովը [8] ։ Այս երկասիրութեան վրայ ձեռագրաց ցանկի մը մէջ պարզ յիշատակութենէ զատ՝ ուրիշ ծանօթութիւն չունինք։ Մեզի հետ ցաւած ժամանակ` թող չզարմանայ ընթերցողն այս մեր ըրած կորուստներուն վրայ , որոնք անթիւ են. վասն զի մոլեռանդն հալածմունք եւ անբացատրելի չարասէր ատելութիւն մը, չի դադրիր նաեւ այսօր իսկ այն թշուառ երկրին մէջ՝ բնաջինջ կործանելու. որ եւ իցէ սրբազան հիշատակ կրօնից կամ գիտութեանց։

Ժամանակակից վերը յիշած հեղինակին, Նորոյն Հայաստանի, կ'ուզեմ ըսել Կիլիկիոյ մէջ, կը ծաղկէր իշխանազն մատենագիր մը , երեւելին Հեթում, տէր Կոռիկոսի, եղբորորդի իրեն համանուն հօրեղբօրն Ա Հեթմոյ Թագաւորին Հայոց , որ շատ լաւ ծանօթ էր Վենետկոյ Հասարակապետութեան՝ այս վերջնոյս վաճառականաց տուած Առանձնաշնորհութեամբք։ Ծաղիկ Արեւելեան Պատմութեան կամ՝ Պատմութիւն Թաթարաց երկասիրութեան այս իշխանազուն հեղինակն, ամենամտերիմ բարեկամութիւն ունէր նշանաւոր Վենետկեցւոյն Մարինո Սանուդոյ Դորսելլոյի հետ, որուն նաեւ նոր խաչակրութեան մը կազմելու գաղափարին մասնակից էր։ Շատ հաւանական է որ վերաբերութիւն ունեցած ըլլայ՝ նաեւ՝ Մարգոյ Բոլոյի հետ, որովհետեւ այս վերջինս երկայն ատեն կեցաւ յԱյաս (այն ժամանակուան առաջին կարգի վաճառակական նաւահանգիստ Միջերկրականի վրայ), եւ յարքունիս թագաւորին Հայոց. ուր կարելի է որ ինքն, ինչպէս նաեւ իր  հայրն եւ հօրեղբայրն, լսած ըլլան նոյն իսկ Հեթում թագաւորին եւ անոր երէց եղբօրն  Սմբատ գունդստապլի՝ ըրած ուղեւորութեանց պատմութիւնները, յորս միմեանց զկնի ձեռնարկներ էին 1948–1254 տարեաց մէջ, եւ յետինս հասուցած է մեզի գաղղիարէն գրած հետաքրքրական նամակ մը առ քեռայրն իւր՝ թագաւորն Կիպրոսի մինչդեռ իւր թագապսակ եղբայրն համառօտ ծանօթութիւն եւ բերանաց երկար պատմութիւններ կը թողոյր, զորոնք հաւաքեց փութաջան եւ եռանդոտ խնամքով իւր երիտասարդ եղբօրորդին Հեթում, որ շատ ժայմանակէն վերջը զայնս կարգի դրաւ, եւ իւր ինքնակամ՝ մենակեցութեան մէջ, կ'ուզեմ ըսել ի Գաղղիա՝ Բուադէի Պրեմոնսդրադեանց վանքին մէջ, գաղղիերէն կը թելադրէր զայն Ֆալգոն անունով անձի մը, Մարգոյ Բոլոյէն քիչ տարի ետքը, որ ակամայ բանտարգելութեան մէջ ի Ճենովա՝ թելադրւած էր իւր Միլլիոնէ գրուածքը՝ Ռուսդիչիանոյի։ “Եթէ այս հռչակաւոր Վենետկեցին նախապատիւ է ի բարեյիշատակ շարս միջնադարեան ճանապարհորդաց ես կ՚աջարկէի որ մեր  Հեթումը նախադասուի իրեն ձեռք տալու. քիչ մը ետեւ թողլով բոլոր զուրիշները։ Իւր Արեւելեան Ստորագրութիւնը, գրեալ՝  ինչպէս ըսի, սկզբնագիր գաղղիերէն, ետք թարգմանեալ ի նոյն իսկ Ֆալգոնէ ի լատին լեզու, կրկին թարգմանուելով ի գաղղիերէն լեզու Յովհաննէս Լը Լոնկ տ՚Իթրեսի ձեռօք, մենք ալ նոյնպէս թարգմանեցինք ի լատինէ ի հայ, մինչեւ ցարդ Ձեռագրանց ցանկերուն մէջ յիշուած Հայկական սկզբնագիր օրինակ մը չգտնելով, Հեթմոյ ուրիշ գրուած մը իրեն բնիկ լեզուով գրած չունիմք. բայց եթէ Համառօտ Ժամանակագրուըիւն մը՝ գլխաւոր անցից Հայոց եւ դաշնակից ազգաց ԺԲ. եւ ԺԳ. դարուց մէջ հանդիպած, որոնց մէջ կը յիշատակէ Վենետկցւոց ընդ Ճենովացիս ըրած նաւամարտութիւնը վերոյիշեալ Այասի ջրոց մէջ 1293ին, ինչպէս նաեւ նոյն երկուց հասարակապետութեանց Կոստանդնուպօլսոյ մէջ 1296ին ըրած կռուին  դէպքը։

Բազումք՝ մանաւանդ թէ բազմագոյն ի Հայոց, յաճախեցին այն երկայն ճամբան, սկսեալ յափանց Միջերկրուականին, Եփրատայ եւ Երասխայ՝ մինչեւ Բէյ-Հոյի ափունքը, թէ քաղաքական գործոց համար եւ թէ՝ վճռականութեան պատճառաւ. եւ թերեւս նոյն յաճախութեամբ այն   հեռաւորագույն երկրները՝ իրենց ծանօթանալով, չունեցան նաեւ փափագ անոնց նկարագիրն ընելու. եւ արդարեւ՝ չունիմք բաց ի վերոյ ասացեալ Հեթմոյ գործէն՝ ուրիշ մը, բայց եթէ ցամաք յօդուած մը Կիրակոս պատմչին մէջ, Հեթմոյ Ա ճանապարհորդութեան վրայ, որ իրեն ժամանակակից էր, եւ սակայն կարեւոր եւ ուշադրութեան արժանի. զոր եւ այնպէս համարեցան՝ բայց յայլոց՝ Քլաբրոթ, Խաչակրաց Պատմչաց շարքը հաւաքող Գաղղիացիք, եւ վերջերս իմաստուն գրապետն Շդուդկարտի Պ. Հայտ, իր Միջին դարու արեւելեան Վաճառականութեան սքանչելի Պատմութեան մէջ։

Մեզի համար արժանայարգ է նաեւ գրեթէ Ժամանակակից զգուշաւոր պատմիչն Սիւնաց աշխարհին Ստեփանոս Ուռպելեաց մետրապօլիտ, որ կը կնքէր իւր հայրենեաց եւ թեմին Պատմութիւնը յարելով 680 գիւղորէից անունները, որք տասներկու գաւառներու մէջ ցրուած են, անոնք միայն որ եպիսկոպոսական աթոռոյն տասանորդ կու տային։ Եւ այս՝ Մեձին՝ Հայոց 115 նահանգաց մէկուն՝ միակ ճոխ ցուցակն է որ մեզ հասած է. եւ թերեւս այս ալ չորսին մէկն է ամբողջ այն գաւառի (Սիւնեաց). վասն զի ըստ մեր նոյն Պատմըչին, ԺԲ. դարուն՝ որ է ժամանակ անկման, ազգային թագաւորի մը ստացած երկրին կէսը կը պարունակէր աւելի քան  զ1400 գիւղս, 43 բերդս, եւ 48 գլխաւոր  մենաստանս։

Իբրեւ մաuնաւոր աշխարհագրութեան գրող ԺԴ. դարուն մէջ կը յիշուի Վարդան մը. համառօտ ծանօթութիւններ կու տայ օտար տէրութեանց վրայ, եւ աւելի ընդարձակօրէն կը խօսի իւր հայրենեաց Հայաստանի վրայ, ուր արդէն Արաբաց, Սկիւթացւոց եւ Թաթարաց եւ այլ ազգին հեղեղաց արշաւանքներն հանդիպեր էին , եւ կորսնցուցեր էր ոչ սակաւ իւր հին անուանակոչութիւնները, անանկ որ լաւ համարեցաւ մատենագիրս բաղդատել հին  ատենուան անուններն իրեն ժամանակակիցներուն հետ։ Եւրոպայի համառօտ ակնարկութեանը մէջ, կը զարմանայ Վարդան Բարիզու վրայ՝ Դպրոց վարդապետաց , եւ կը վերջացընէ իւր գործը ըսելով. «Վենետիկ որ նստի ի ծովու, ուր քիմիարարն (կամ՝ քիմիագէտն) բանի, եւ ներկանէ զարծաթն յոսկի» [9] ։ 

Բայց ավելի ուրիշ տեսակ աշխատութիւն մը որ կրնայ կոչուիլ արծաթոյ եւ ոսկւոյ, սիրելի է ինձ ցուցընել այն ժամանակուան մէջ (Դար ԺԳ. եւ ԺԴ. ) կատարուածը, կամ մանաւանդ մեծագին կամուրջ մը ձըգուած, մասնաւորւսաէս իտալացի եւ Հայկազն վաճառականներէն, այն Այասի նաւահանգստին եւ պարսկական մայրաքաղաքին՝ Դավրիժու միջոց, ուղիղ գծով մը կտրելով բոլոր Հայաստանի երկայնութիւնը, եւ անկէ ալ դէպ ի Հնդիկս եւ ի Չինաց աշխարհ ճամբան շարունակելով: Քանի՛ միլիոնաւոր վաճառք անցան գնացին եւ իրարու հետ փոխանակեցան զայս վաճառաշահութեան գծին վրայ։ Թերեւս դժուար չըլլայ զանոնք մեզ երեւակայելու. բայց պատմական աշխարհագրին դեռ եւս փախագը կատարելապէս չի լեցուիր՝ ճանչնալու այն վերոյիշեալ երկու քաղաքաց մէջ եղած ճամբուն 33 կայարանքը, որոնք միայն անուամբ յիշատակուած են փլորենտացի Բեկոլոդդիէն, իւր մեծայարգ գրքին մէջ որ կոչուի Գործառական Վաճառականութիւն։ Թէ որ յաւելցուցած ըլլար աշխարհացոյց մը եւ կամ՝ գոնեայ իւրաքանչիւր հանգրուանաց մէկմէկէ հեռաւորութիւնները նշանած ըլլար, տեսակ մը Պեւտինկերեան ուղէցոյց տախտակ մը կ'ունենայինք։ Բազումք ետեւէ եղան ճշդելու այն վաճառականական կարաւանին հանգրուանաց անունները՝ որոնք նաեւ շատ տեղ թերի են յուղղագրութենէ, եւ ամենէն աւելի աղէկ վերոյիշեալ Հայտը. գրողս կը կարծէ որ ճշդած ըլլայ այն հանգրուաններէն մէկ քանի հատն ալ, բայց տակաւին՝ ոչ սակաւ՝ տարակոյսներ կը մնան ասոնց վրայ, թերեւս նաեւ անկերպարան եղած եւ  մասամբ ալ կործանած սարսափելի Լէնկ-Թիմուր Թաթարին՝ Ասիոյ նոր աշխարհակալին՝ վայրենի խուժաններէն, որուն պատճառաւ կրնայ ըսուիլ թէ այլայլեցաւ ոչ սակաւ համաշխարհական տնտեսութիւնը. ուստի պէտք եղաւ վաճառականութեան նորանոր գծեր եւ նորանոր դռներ փնտրել երկրիս երեսը։ Ի վերայ այսր ամենայնի` հին հետքերը չէին ջնջուած բոլորովին. եւ նոյն միջոցին որ այն տմարդի բռնաւորին բանակը զասոնք կը կոխկռտեին, կը գտնենք  Քլավիյոյ մը եւ Շիլդպերկեր մը որ նոյն թագաւորին Արքունիքը կ՚ընթանան, եւ ոչ սակաւ լոյս կը սփռեն իրենց անցւած երկիրներուն վրայ, որոնց մեջ կայ նաեւ մեր Հայրենիքն։ Այս բաղդատար եւ բռնադատեալ գերմանացի ճանապարհորդէն հազիւ կէս դար մը վերջը, կը տեսնենք որ նորէն նոյն ճամբան բռնեցին խումբ մը ընտիր իտալացի ճանապարհորդք , մեծաւ մասամբ Վենետկեցիք, որ Հայոց երկրէն կ՚անցնին՝ երթալու յարթունիս միապետաց նորանոր հարստութեանց Պարսկաստունի. որ են Ծենոյ Գադերինոյ, Յովսափատ Պարպարոյ, Գոնդարինի Ամբրոսիոս, եւ Անանուն  վաճառականն վենետկեցի, որոնց ուղեւորական պատմութիւնքը խնամով համարելով. հրատարակեց անոնց հայրենակից բարեյիշատակն Ռամուզիոյ։

Բայց ո՞վ կրնայ կարծել, ոք մինչդեռ ասոնք եւ ուրիշ ուղեւորք Հայաստանի արեւելեան կողմը կը դիմէին, մի եւ նոյն ժամանակ արեւմտից կողմանէ ճամբայ կ՚ընէր՝ անոնց հայրենակից մէկը, թերեւս իտալական սրագույն եւ ճոխագոյն հանճարն. կը քննէր այն օրերուն մէջ հանդիպած դժբաղդութիւնները, հրաբղխային բռնութիւններէ պատճառեալ ցած երկիրներու ողողմունքները, կը զննէր կործանած քաղաքներ, սառնամանեաց կարկառից եւ փլատակաց տակ ջախջախած մարդիկ, կը լսէր գետնի ահաւոր բոմբիւնքը։ Ետնայինէն եւ Սդրոմպոլիէն աւելի ուժգին եւ որոտընդոստ, եւ նոյն իսկ զայրագին ծովէն, ինչպէս նոյն ինքը կը բացատրէ. եւ աներկիւղ կարգէ դուրս կատաղեալ բնութեան դիզադէզ այս ամեն արհաւիրքէն, կը համարձակէր դեռ եւս անվախ ներս մտնել ահեղաձայն քարանձաւին նեղ ճեղքուածին մէջ, եւ միջամուխ ըլլալով թաւալգլոր մինչեւ ի խորս կ՚իջնէր հատակին, գետնին գաղտնիքը հետազօտելու համար. ինքն իսկ խորհրդազգած անձն, գոնէ այս կէտին. Ո՞վ կը կարծէ որ այն անձն ուրիշ մարդ չըլլայ՝ բայց եթէ ապառնի գերազանց նկարիչն Վերջին ընթրեաց։ Յուսալի է որ մասնական եւ մանրազնին քննութիւն մ՚ըլլուելով Ատլանդեան ըսուած ձեռագրին վրայ , որ կը պահուի Մալանո Ամբրոսեան գրատունը, քիչ մը այս գաղտնիքը դուրս հանէ, յայտնելով մեզի թէ երբ եւ ինչպէս այս ամենաքննելի այցելութիւնը ըրած է անմահանունն Լեոնարտոյ տա ՎԻնչի յափունս Եփրատայ՝ Տաւրոս եւ Անտիտարոս լերանց մէջ, եւ յափունս Կիլիկիոյ, զոր ինքն անխտիր կերպով կ'անուանէ Արեւմտեան Հայաստան [10] ։

Այս երեւելի ճանապարհորդներէն ետքը յաջորդած դարուն մէջ սակաւաթիւք կը տեսնուին, ապահովապէս՝ տաճկական եւ պարսկական պատերազմոց աղմկայոյզ ժամանակաց համար, որոնցով ի ծուէնս բաժանեցաւ մեր արդէն ամայացեալ աշխարհն. սակաւք այց ելան այս թուականիս, եւ խիստ քիչ ցրուած մեզի աւանդեցին. մեր աչքն այս քիչերուն մէջ կը տեսնեն Ճէնքինսըն, Նիուպըրի, Գարդուըրայդ եւ Շէրլէյ՝ անգլիացիք, կարապետք իրենց անթիւ հարազգեաց. որ մեր օրերը կը յաճախեն յԱսիա ինչպէս Եւրոպա։ Յաջորդ ԺԷ դարէն կրնայ համարուիլ իբր գաղղիացի՝ նկատմամբ այցելուաց Հայաստանի թէ քարոզիչ ըլան եւ թէ վաճառականք, բայց ընդհանրապէս վերջի երեք դարերուն մէջ այնպէս բազմաթիւ են Հայաստանի եւ շրջակա երկիրներուն վրայ գրող մատենագիրներն, որ եթէ հարկ ըլլար եւ ձանձրութիւն չպատճառեր՝ կրնայի 200էն աւելի մատենագրաց անուն շարել եւ աւելի եւս թուով մը անոնց վերաբերեալ գրուածները: գործք՝ որ այսօրուան օրս կրնայ ըսուիլ թէ կը վխտան զանազան կերպերով, ոչ միշտ հաւասար տեսութեամբ եւ արժէքով. թէպէտ եւ շատերուն մէջ որ խօսեցան Հայաստանի վրայ նաեւ աչաց տեսութեամբ, չեն կրնար բայց եթէ քիչերը ունենալ այն արժէքն եւ ծանօթութիւնն , ինչպես են Դուռնըֆոր, Շարտէն, Բարոդ, Քեր-Բորդըր , Էլի Սմիթ, Տիւպուա տը Մոնբերիէոյ, Քոխ , Վակնէր Մորիս, Դեսիէ , Տէյրոլ։ Յ. Պրայս եւ նրբամիտ անխոնջ քննաբաններէ ոմանք, ինչպէս են կրկին Սէն Մարդէնք, արեւելագէտն՝ որուն վրայ երկար խօսեցանք , եւ հռչակեալն Վիվիէն, որ այժմ իսկ կը պսակէ իւր երկայն եւ մեծագին աշխատութիւնքը մեծ Աշխարհագրական Բառարանով եւ Ատլասով: աշխարհագրապետն Ռիդդէր, եւ իւր արժանաւոր յաջորդն Է. Քիբերդ։ Այցելուք Հայավենետիկեան մասին ի աշխարհահանդիսիս կրնան նշմարել հարիւրէն աւելի այս ճանապարհորաց եւ մատենագրաց գործերը եւ անոնց քովը ազգային մատենագրաց գործեր ալ, որ թէ եւ բազմաթիւ չեն, բայց յիրաւի ստուգագոյն են իրենց տուած տեղեկութեանցը մէջ իրենց հայրենի երկրին այլ եւ այլ գաււառաց։ 

Վերոյիշեալ Վարդանէն ետքը, մասնաւորապէս նկատմամբ աշխարհագրական ոմանց՝ մեր դպրութիւնն աղմկալից յաջորդ ժամանակաց մէջ ուզելով` մեզի միայն քիչ կարեւոր եւ փոքր գործեր թողեր է։ Եւ սակայն յիշատակաց արժանի են քանի մը ամենափափագելի գործեր, կորուսեալ եւ կամ՝ gարդ ծածկեալ. ինչպէս՝ է այն ընդհանուր աշխարհացոյց տախտակըն եւ բոլոր տեղեաց եւ վանորէից Հայոց ստորագրութիւնն, զոր մեր կաթողիկոսներէն մէկը յօրինել տուաւ, եւ 1562ին յղեց առ գերագոյն քահանայապետն Պիոս Դ, ձեռամբ նախագովեալ մեր նախատպագրող Աբգարին [11] ։   Մեր յառաջագոյն յիշեալ Անկիւրացւոյն ժամանակակից, որ է  ըսել ի սկիզբն ԺԷ. դարու, նշանաւոր անձ . մ՚ալ՝ Գրիգոր պատրիարք Կ. Պոլսի, բաց  յայլ գրուածոց՝ ուսումնական աշխարհագրութեան գիրք մ'ալ թարգմաներ էր յարաբ լեզուէ, եւ ինքնին շիներ էր առաջին մեր մէջ յիշեալ Երկնագունդ մը հայերէն անուամբք գրեալ [12]: Իսկ նոր յիշեալ՝ Աբգարու գործոյն նման աշխատութեան մը ձեռք կը զարնէր, 150 տարի ետքը, Հայրենասէր անձ մը՝ Երեմիա Չէլէպի մականուամբ Քեօմիւրճեան, երիցագոյն եղբայր Երանելի Տէր Կոմիսասայ խոստովանողի, որ մարտիրոսացաւ ի Կ. Պօլիս յամին 1707։ «Այս աշխարհացոյց տախտակք շինուեցաւ խնդրոյ Գերմանիայի կայսերական դեսպանին որ ի Կոստանդնուպոլիս, որ եւ աւելցընել տուաւ հայկականին հետ եւրոպական լեզուով Հայաստանի տեղեաց  եւ վանորէից անունները: Անտարակոյս արդիւնաւոր եւ օգտակար ծառայութիւն մը ըրած կ՚ըլլայ, թէ որ ճարտար անձ մը Վեննայի կայսերական դիւաններուն մէջ փորձ փորձէ, եւ կամ նոյն իսկ այն դեսպանին. ազգատոհմին քովը, որուն ոչ  անունը եւ ոչ թուականը գտեր եմ, նամանաւանդ եւ ոչ այլ ուրիշ նշան մը նոյն գործոյն, եթէ ոչ զի հեղինակն շատ աշխատանքով. վաստակեր էր անոր վրայ , մասամբ մը այն իրմէ նշանակուած տեղեաց ինքնին անձամբ այցելու եղած ըլլալով, եւ մասամբ մ՚ալ՝ տեղացուոց եւ տեղերուն դիրքերը աղէկ ճանչցողաց արժանահաւատ վկայութեամբը ստուգած ըլլալով։

Մինչդեռ Երեմիա ի Կոստանդնուպոլիս Հայաստանի քաղաքական սրբազան աշխարհացուցին կը պարապէր, Հայ եպիսկոպոս մը բնիկ ծննդեամբ ի նուիրական ափանց Երասխայ. Գողթն գաւառէն հռչակաւոր իրեն հին վիպասանից եւ իրեն գինեւէտ այգեստանեաց համար, ինքն ալ բանաստեղծ, Թովմաս անունով, Հոլանտայի մայրաքաղաքը փոխադրուելով իր քեռւոյ որդւոյն (Մատթէոս) եւ (Ղուկաս) եղբօրորդւոյն հետ, ետ բազում աշխատութեանց եւ ծախսուց, 1698ին կը հրատարակէր շքեղ եւ մեծ Համատարած՝ տախտակ մը, պողպատի վրայ փորուած, Շոնեպեք յաջողակ արուեստագէտ եղբարց ձեռքով, ինչպէս որ կր ցուցընէ փորուած լատին արձանագրութիւնն. «Hadrianus et Petrus Damianus Schoonebeek fratres faciebant Amstelodami, MDCXCV»։ Արժանի է ակնարկել մէյմը այն աշխարհացոց տախտակին որ յԱշխարհահանդիսիս դրուած  է, եւ առաջինն է ի կարգի հրատարակեալ հաւաքմանց հայկական աշխարհացուցից, կատարելութիւնը դատելու համար, եւ զարմանալու յաւելեալ առանց ճոխութեանը, ինչպէս են կենդանակամարին նշաններուն եւ եղանակաց այլաբանական պատկերաց շարքն։ Ասոնք ներկայացեալ են չորս խմբով համատարածին երկու կիսագնտոց չորս անկնանց մէջ, եւ ամեն մէկ պատկերին ներքեւը իւրաքանչիւրին անունը նշանած. պատկերաց խումբերն այսպէս զետեղած են, ԶԳարուն կը ներկայացնեն՝ Փայետոն, Փեբոս, Պիւրրե, Արուսեակ եւ Արէս մոլորակ. զԱմառը կը ներկայացանէ Լուսաբերն Աստղիկ, Իռիս, Հերա , Անահիտ , Գիշերավար, Կռոնոս, Հերմէս, Աշնան կը վերաբերին Պան, Պոմոնա, Դեմետր, Կիւբէլէ , Քլորիս. Ձմեռան՝ Եւոլոս, Վոռէաս, Պոսիդոն, Թետիս: Փոքր երկրագունտ մը կը ցուցընէ զհամաստեղութիւնս: Հեղինակն, եւ կամ՝ թէ ըսենք, գործոյն կատարողն Թովմաս եպիսկոպոս՝ արտայայտեց եւ ստուգել տպել տուաւ հայերէն  ոտանաւոր յիշատակարան մի նոյն տախտակին ներքեւը, այսպէս,

«Նորոգ քանդակ Գեղեցկավէպ հանրանշան
Փոխաբերեաց Թոմայ յետնորդ ոստ Վանանդեան.
Փորագրութիւն յոյժ ցանկալի:
Ի ձեռն եղբարց հարազատի
Ադրիանու Շիկոնբէկի,
Եւ Պետրոսի քաջավարժի
Ընդ Ղուկասու հմտագունի
Երկամբք բազմօք յայտածօղի
Եղբօրորդի իմ անդրանկի
Պահեսցէ Էն յիւրում ծոցի
յԱմսդերտամ, 1695»։

Այն ոտանաւորիս գլուխը պարսկերէն գրուած է Ճիհան-պէյան, որ է ծանօթութիւն աշխարհի կամ Տիեզերագիտութիւն [13] ։ Վերոյիշեալ հեղինակք հրատարակած էին նաեւ փոքր գրքոյկ մը մեկնական, անուանելով զայն բանալի Համատարածի, 1690էն ի վեր տպագրեալ, որ նշան է թէ Աշխարհացուցին փորագրութիւնն ալ քանի մը տարուան մէջ եղած է Այս է փորագրեալ առաջին Հայկական աշխարհագրական տախտակն մեզի ծանօթ, եւ թերեւս ամենէն գեղեցկագոյնն կամ շքեղագոյնն։

Որովհետեւ յիշեցինք՝ թէպէտ եւ անուղղակի` օտար փորագրողներ, արդար թուի ինձ չմոռնալ Հաճի-Գալֆա տաճիկ անուանի աշխարհագրին տաճկական Տախտակաց Հայ քաջ փորագրողը, որք 1728ին հրատարակուեցան ի Կոստանդնուպօլիս, մեր Հայուն անունը կը յիշէ Դոտէրինի իւր  Տաճկական նամակաց մէջ եւ կ՚ըսէ թէ ինքն ունի իր ուսումնոցին մէջ «Մակարդակ կիսագնտի մը Տախտակը բարակ փորուած ի ղալաթիացի Մկրտչէ» [14] ։

Ի Հանդիսի դրուած աշխարհագիական տախտակսաց հաւաքմանցը մէջ յետ Ամսդերտամին կու գան Վենետկոյ Մխիթարեանց շինել տուածները, որոնց մէջ է Հինն Պաղեստին . 6), գործադրեալ 1746ին իրենց անմահական Հիմնադրին Մխիթարայ ջանիւքը. ուրիշ մ՚ալ . 7) ամբողջ Հայաստանի, նոյնպէս իրմէ պատրաստուած, եւ հրատարակեալ իրեն մահուընէն երկու տարի ետքը։ Աշխարհացուցից շարքին մէջ անոնցմէ առաջ դրուած են (Թիւ 2) Չորից մասանց աշխարհի  տախտակները, որ շինուեցան 1786-7ին, Վանանդեցիին Աշխարհացուցին ախորժակին հետեւելով` զարդարուած են փորագիր գեղեցկագոյն խորհրդաւոր նշաններով: Համատարածը . 8) որ զանոնք կը լրացնէ, անոնցմէ երեք տարի առաջ շինուած է (1784)։ Զանց կ՚ընես ակնարկելու հաւաքածոյին մէջ ամեն երածը, որ ամենը մէկէն երեսունի չափ մեծ եւ մանր աշխարհացոյցք կը պարունակէ. ուստի` միայն կը յիշատակեմ 10 տախտակաց Մեծ Ատլասը, մասամբ ի Բարիզ շինուած մասամբ մ՚ալ հou ի Վենետիկ, 1849ին եւ Փոքր Ատլասը՝ որ կը բաղկանայ 42 տախտակներէ, նոյնպէս ի Ս. Ղազար շինուած յաջորդ տաին (1850) ի Հարց Մխիթարեանց Վեննայի շինուած՝ հրատարակուեցաւ ուրիշ Ատլաս մը հաւասար մեծութեամբ եւ 21 տախտակով : 1857ին ասոնք միանգամայն բաց յերկու պզտի Գունտերէ, տուին մեզի նաեւ գեղեցիկ Երկրագունտ մը երկու ոտնաչափ տրամագծով։

Պէտք չէ լռել հօս նաեւ կէս-երկնային նոր արուեստէն հանած օգտակարութիւնքը, որ հրաշալի կերպով լուսով կը նկարէ ոչ միայն մարդկանց դէմքը, այլ նաեւ. բնութեան ուրիշ գեղեցկութիւնքը եւ ճարտարապետին գործերը։ Լուսանկարչութիւնն թէ որ այնչափ երկիրներու համար աշխարհագրութեան մեծ օգնական եղաւ, մեր աշխարհին համար կրնանք ըսել նաեւ նախնամական, վասն զի ասով, թէ որ կրնայ զուրցուիլ, կը փրկուին եւ կը պահուին թղթի վրայ իր հին յիշատակարանքըն, որք յանփութութենէ օրէ օր կորուսանելու վրայ են իրենց իսկատիպ կերպարանքը, եւ նոյն իսկ գոյութիւննին: Հօս դրուած Մեծ Տետրակ մը, կը ցուցընէ բաց յուրուագիծներէ եւ տպագիրներէ Հայաստանի շատ մը լուսանկար պատկերներ, որ  մասամբ Ռուս արուեստագիտի (Երմաքոֆ) մը գործն է, եւ մաս մ՚ալ ազգային արուեստագիտաց. որոնց մէջ նշանաւորաց մէկն է Տիխիսաբնակ Յովհ. Քիւրքչեան, որ նրա զոհողութեամբ եւ վաստակօք հարիւրաւոր պատկերներ լուսանկարեց մեր անուանի Աղիտաւոր քաղաքին Անւոյ , որ Ժ դարուն մեր Բագրատունի թագաւորաց մայրաքաղաքն էր, եւ անոնցմէ մեծ մաս մը հայելադիտակի յարմարցուած են, ինչպէս որ Աշխարհահանդիսիս մէջ դրուած 50 հատի չափ կը տեսնուին։

Մտածելով արդ որ այս տախտակաց, աշխարհացուցից, լուսանկարնաց եւ աշխարհագրական գիտութեան վերաբերեալ գրոց որ եւ իցէ Հաւաքմունքն, արդարեւ կը պարունակէ հայկական գործոց մեծագոյն մասը՝ այլ ոչ բովանդակը, այս տեսակին մէջ, վերջ մէկուկէս դարու միջոցին մէջ, որ յաջորդեց նմանօրինակ վշտալի ուրիշ նախընթաց մէկուկէս դարու` մը, մեր Հայրենական Երկրին վրայ. տաճկական եւ պարսկական բանակաց խիստ շատ անգամ իրարու հետ բախմամբը, եւ վերջերս՝ այս դերուս մէջ Ռուսական գնդից խաղաgմունքը (որ չորս կամք հինգ արագ պատերազմներով առին յառաջնոցն ոչ սակաւ մասն). մտածելով նաեւ գրեթէ անընդհատ՝ եղած աւերմունքները յանձանձ եւ գերփող ցեղերէ, յոյս ունի` որ կարեկցության արժանի ըլլայ Հայ ազգն, թէ որ յաջողած չէ այնչափ անդուլ տառապանաց մէջ աւելի եւ մշակելու աշխարհագրական ուսմունքը, մանաւանդ իւր հայրենեացը, որ երբեմն առնէր հաւանօրէն արդի բազմամարդ Իտալիայէն աւելի գիւղորայս, յորոց հիմա հազիւ թէ մեզի կը հասնին 5000 յատուկ ազգային անուններ, ի բաց թողլով օտարաձայն անունները, բայց խժդժութիւնն եւ բարբարոսութիւնն որ վեց դարէն աւելի եղաւ եւ դեռ եւս կայ, օրէ օր կործանելով իր պատուական յիշատակարաններէն մէկը, եւ անհետացնելով ամ յամէ այն նուիրական եւ սիրելի հայրենական անուններէն մէկը, կը վախցնէ զմեզ (թէ որ իրականապէս չփոխուի այս կերպով երկրի մը վարչութիւնս, որ ինչ որ ալ ըլլայ՝ չուրանայ պիտի երբեք իւր նախնական ազնուականութիւնը, եւ ոչ պիտի մոռնայ իրեն արդիւնքը՝ ինչ ալ որ եղած ըլլայ), շատ չերթար որ փոխանակ հայկական աշխարհագրութեան , Աւերագրութիւն մը պէտք ըլլայ։ 

Հ. ՂԵՒՈՆԴ Մ. ԱԼԻՇԱՆ 



[1]        Հրովարտակով 1640 օգոստոս 28ին, Ծերակոյտն վաճառոււց վրայ եղող Հինգ Գիտնոյց թելադրութիւնը կը հաստատէ. «այս բարեացպարտ (benemerita) Ազգին ամենայն դիւրութիւն ընել, որ դրամի մեծ գումարներ կու տայ կ՚առնու», եւ այլն։ Ուրիշ հրովարտակով մը (30 օգոստոս. 1710), կ'ըսէ. զիջանել «աղաչանաց բարեացպարտ եւ սիրելագոյն (prediletto) Հայ Ազգին», եւ այլն։ - Ներքին Հոգաբարձուք իրենց՝ մեկ ծանօթութեան մէջ. 1764 տարւոյն (17 մարտ) կը յիշեն, «Ազգ մը՝ որ այնչափ բարեացպարտ է որչափ ընդունելի (accetta) եւ օգտակար (utile) Ձերում Պերճութեան»։

[2]        Հայկական Կիլիկիոյ մայրաքաղաք. հաստատեալ ի Լեւոն Ա Արքայէ (1187-1219)։

[3]        «Այս Ազգին օգնելն, որ առեւտրութեամբ յաճախէ այս Քաղաքիս մէջ վաճառականութեամբ, եւ մասնաւորապէս Մետաքսի տուրեւառութեամբ, հասարակաց ամենուն օգտակար է»։ (Հինգ Գիտունք առ Ծերակոյտն, 24. Ապրիլ, 1643). - «Հայոց վաճառականութիւնն, որ այն ժամանակներուս մեջ միակ կրնայ ըսուալ, կարենայ առաւելապէս յորգել այս Քաղաքը, եւ անոնք փութով ղրկուին», եւ այլն։ (Նոյնք, 13 օգոստ. 1651)։ - «Ներկայ ժամանակաց կացութեան մէջ, յորում՝ քաղաքիս վաճականութիւնն շատ ամփոփուած է, եւ մեծաւ մասամբ  այս Ազգը զայն ոտքի վրայ կը բռնէ, Մետաքսի  եւ Արեւելից վաճառականութիւնն իրենց ձեռքն  ըլլալով. հանդերձ Մտից եւ Ելից Մաքսից Ձ. Պերճ. », եւլն: Նոյնք, 13 յուլիս, 1658. Ծերակոյտն, 8 օգոստ., 1648 հրովարտակով կը հաստատէ Հինգ Գիտնոց ազդարարութիւնը, «Մաքսից օգտին եւ շաշումն…» համար, եւ մասնաւորապէս ներկել ժամանակաց կացութեանց նկատմամբ, յորս վաճառականութիւնն շատ ամփոփուած է, եւ մեծաւ մասամբ ոտքի կեցած է նոյն ազգին ձեռքով, միշտ բարեացպարտ Պերճութեան Ձերում »։

[4]        Ըստ իմ գիտութեանս այսպիսի քաղաքք են. Հռովմ, ՖիրենցԷ, Ագնոնա, Ռիմինի, ԲերուՃիա, Օրվիեդոյ, Սալեռնոյ, Պոլոնեա, Ֆէրրարա, Ճենովա. Բատուա, Ֆազիոլի (Մանֆրետոնիա), Սիենա, Կուպպիոյ, Բարմա, Ֆաենցա, Բիզա, Ֆապրիանոյ, Նաբոլի, Բիսդոյա, Կաւա, Լիվոռնոյ, ըստ կարգի առաջնութեան թուականաց որովք ճանչցուած են. մեծագույն մասամբ ԺԳ. դարու կիսէն, մինչեւ ցկէս ԺԴ. ին. բաց ի Միլանէ, Բաւիայէ, Բոնդէ Գուրոնէէ, եւ այլն, յորս կը գտնուին Հայ Եղբարց անուամբ մենաստաններ, բայց ասոնք Հայկական ուրիշ բան չունեին բայց եթէ իրենց առաջին հիմնագիրքը, որոնց յաջորդեցին իտալացիք մինչեւ 1650 տարին, յորում՝ Միաբանութիւնն վերցուեցաւ։ Հայոց բազմաթիւ եկեղեցիներէն եւ հիւրանոցներն այսօրուան oրս կը մնան  միայն Հռովմայ, Վենետկոյ եւ Լիվոռնոյիներն. քանի` մը տարի առջ կար նաեւ յԱնգոնա։ Իտալիոյ այնչափի քաղաքաց մէջ Հայոց գալստեան ծագումն եւ ժամանակն եւ իրենց փոքր գաղթականութեանց ջնջուիլն եւ դեռ աղէկ յայտնուած չէ, եւ ինծի երեւնալով որ աշխարհագրական եւ պատմական ուսմունքն, մանաւանդ իտալականն , ետ չի կենար անոնց պարագայքը քննելու, յարմար կը կարծէի, որ առանց գոհ ըլլալու այն քիչով զոր իւրաքանչիւր քաղաքաց պատմագիրքն մեզ աւանդեցին, կարենար ըլլուիլ օգտիւ թէ՛ քաղաքական եւ թէ՛ ատենական Դիւանաց մէջ՝ աւելի մանր խուզարկութիւն։

          Եւ հօս հարեւանցի յիշշեմ հայկական գաղթականութեանց ուրիշ քանի մը կեդրոնատեղիներ, գէթ վաճառականական տուներ, յօտար աշխարհս եւ ի քաղաքս, ԺԶ- ԺԸ դարուց մեջ, մասնաւորապէս Մարսիլիա, Ամստերդամ եւ ԳատիչԷ. յօգնութիւն կոչելով ուսումնականաց ազնուութիւնը, նմանօրինակ խուզարկութեանց վերաբերեալ Դիւանաց մէջ, մասնաւորապէս վերջին նշանակուած երկրին (Սպանիա), վասն լի քիչ ճանչուած են, եւ ուրիշ կողմանէ աւելի կարեւորք, որչափ որ կը կարծուին փոխադարձ նուիրակութիւններ եղած ըլլայ Հայոց եւ հռչակաւոր Կարոլոսի Ե. հետ. Հայ վաճառականներ տեսնուած են նաեւ ԺԶ դարումն վերջը Կրանադայի եւ Սիվիլիոյ մէջ, ինչպես յետոյ աւելի յաճախ ի Բարչելլոնա եւ ի Գատիչէ, թերեւս իրենց նախորդաց յարաբերութեանց շարունակողք ԺԳ. ԺԴ. դարուց Կադալանացւոց հետ. նման անոնց որ Ֆիանտրիոյ , Պրիւժի, Լոնտրայի, Գաղղիոյ Մոնբելլիէի եւ Շամբանեայի, Բուլեանց եւ Մեսսինայի հետ ունէին, որոնք ամենքն ալ յիշուած է Պոլտուչչի Բեկալոդդի  փութաջան գործակալէն։

[5]        Վենետկեան Դիւանաց մէջ ոչ սակաւ խուզարկութիւններ ըրած ըլլալով, մինչեւ ցարդ չյաջողեցայ գտնել այա նիւթոյս վրայ գրուած մը կամ վճիռ մը: Գալով յիշատակեալ գրքին, Ս. Ղազարու Մատենադարանն օրինակ մ՚ունի. ուրիշ աւելի կատարեալ մը Միլանու Ամբրոսեանին մէջ կը պահուի, նոյն իսկ տպագրողէն պարգեւեալ առ մեծափառն Պորրոմէոս . Կարոլոս)։

[6]        Գուցէ Հրահատ էր այդ ծռած անունն։

[7]        Կը բաժնուի (Հայաստան) ի Զօրավարութիւնս Prefecture, յորոց ոմանք եւ առանձին թագաւորութիւնք, բարբարոս անուններով. 120 » ։— Բնական Պատմութիւն, Զ. 10։

[8]        « Ուր կ'ըլլուի աշխարհիս լաւագոյն պուկերամը», նաեւ ըստ Մարգո Բոլոյի։ Յայտնի է որ պուքերամը բամբակեայ կտաւ մ՚էր։

[9]        Վարդանայ Աշխարհագրութիւնն վերոյիշեալ Սէն-Մարտէնէն թագմանուեցաւ ի գաղղիներէն եւ հրատարակուեցաւ Խորենացnյն Աշխարհագրութեան հետ, իրեն պատուական  գործոյն մէջ Mémoire historiques et géographiques sur l'Arménie, Բարիզ. 1818, հտ. Բ, էջ 406-478.

[10]       Տե՛ս զանգղիական օրագիրն The Academy, Թ. 462, (12 մարտ 1881)։

[11]       « Նոյն Աբգար նուիրակներնուս. (եւ այլն, կը գրէր կաթողիկոսն առ Պապն) տուինք, որ ձեր Սրբութիւնը մատուցանէ… ցուցակ մը ամենայն տեղեաց, եւ մենաստանացն բոլոր ժողովրդոց Հայոց ազգին»: Ռինալտի, Տարեգիրք, յամին 1564, թ. 51։

[12]       Ի վարուց յիշատակագիրն, որ եւ իր եղբօրորդին է, կ՚ըսէ. «Տեղեակ (էր Գրիգոր) արտաքնոց Հանճարոյ, եւ եւս ստուրլապին եւ երկրաչափականին , լի եւ անթերի։ Այլ եւ թարգմանեաց գիրք մի ըստուրլապի՝ արապի լեզուէ ի մեր բարբառ. այլ եւ գունտ մի ի մեր գիր եւ լեզուս, երկնից հանգոյն աստեղազարդ շարիւ զարդարեալ»։

[13]       Այս համատարած Աշխարհացուցիս պղնձէ տախտակաց ութ կտորներն կը պահուին Ս. Ղազարու Մխիթարեանց քով։

[14]       La carta di un piano emisfero da Mighirdis di Galata finamente intagliato. Հտ. Գ. էջ. 116-7։