ՇՈՒՇԱՆ
ՇԱՒԱՐՇԱՆԱՅ
Բաղդիկն
կրտսեր
էր
յեղբարսն.
պատանի
վեշտասանամեայ.
նոր
կը
մրային
անոր
թուխ
յօնքերուն
հետ
թել-թել
մօրուաց
երեսաց,
ծիլ-ծիլ
ընչացք
ռընգաց։
Շնորհալի
էր,
պարկեշտ,
փարելի
ամենից։
Հաւասար
իւր
հօր
կը
յարգէր
զՍ.
Հայրիկն.
հաւասար
եղբարց
կը
սիրէր
նա
զիս։
Ընտանի
խանդաղատանաց
եւ
գգուանաց
գորովով
սնած.
փափուկ
էր,
քնքոյշ
եւ
հրեշտակի
պէս
անմեղ
իւր
զգալիքով
եւ
հոգւով։
Նա
զիս
սիրեց
Յովնադանու
սիրով,
եւ
ես
անոր
Դաւիթն
եղայ.
անոր
մահը
ողբացի։
Աչքովս
անոր
հոգեվարքը
տեսայ՝
իբրեւ
ի
Քեղբուայ
լերանց
վերայ
ինկած
վիրաւոր,
ինկած
հիւանդագին,
ինկած
մահացեալ…
«Ո՛հ,
ցաւ
է
ինձ
’ի
վերայ
քո,
եղբայր
իմ
Բաղդիկ»։
Վերջին
խօսընկերն
ես
եղայ
անոր…
երբ
կ’արտասուէին
զինքն
ծնօղք,
քորք
եւ
եղբարք
ի
գուճ
եկեալ
զմահճօքն,
եւ
ալ
չբարբառեցաւ
նա…։
«Կիրակի
եկեղեցին
պիտի
գամ»
ասաց
ինձ.
օրը
շաբաթ
էր.
եւ
երկուշաբթին
ընդ
առաւօտն
դագաղով
բարձաւ,
յեկեղեցին
մուծաւ։
Ամբողջ
Գուզկունճուղն
լացաւ
զնա.
կականաբարձ
կը
հառաչէինք
ամենեքեանքս։
Այնքան
շնորհալի,
այնքան
սիրելի
էր
նա։
Կը
փղձկիմ
տակաւին,
երբ
զինքը
կը
յիշեմ.
եւ
միշտ
կը
փղձկիմ,
քանզի
միշտ
կը
յիշեմ։
Աղէկտուր
հեծեծանօք
աղօթեցինք
վրան,
մորմոքելով
հեկեկացինք
անոր
հոգեհանգիստը,
եւ
արտասուօք
աւանդեցինք
մարմինն
’ի
հող
տապանին,
հոգեակն
Հոգւոյն
Աստուծոյ։
Անոր
տխուր
շիրիմը
կնքելէն
’ի
վեր՝
ըննիցս
բոլորեցաւ
Լուսնակն.
բայց
չեղաւ
ինն
վայրկեան,
որ
չ’յիշէի
զնա.
չհառաչէի
անոր
յիշատակին
համար։
Կսկիծը
մաշեցոյց
անոր
տառապակիր
մօր՝
տիկին
Անուշեկին,
ծնելական
գորովով
խորովեալ
սրտիկը,
տրորեց
ծերունի
հօր
խնամոտ
աղիքը,
թարշամեցոյց
քուերց
եւ
եղբարց
խանդագին
վարդագոյն
զուարթ
ականողիքը.
տակաւին
կը
սգան,
կ’ողբան
իրենց
տարաբաղդիկն
Բաղդիկ։
Իբրեւ
’ի
սփոփանս
մխիթարար
Ձեր
վշտաց,
իբրեւ
դուզնաքեայ
փոխարինի
նշան
Ձեր
առ
իս
անկշիռ
սիրոյ
երախտեաց,
ո՛
տուն
Սէրվէրեանց,
Շուշանս
կ’ընծայեմ
Բաղդիկին
յիշատակին։
Հայրենեաց
առաքինեաց
մահարձանաց
’ի
վերայ
անոր
առաքինի
անունն
ալ
դրոշմուած
անեղծ
թող
մնայ։
Մասիսի
կողերէն
տապանաքար
մի,
Շաւարշանայ
հովիտէն
Շուշան
մի,
Երասխի
եզերքէն
ուռենւոյ
ոստ
մի,
Արմաւրի
սօսիներէն
սաղարթ
մի,
Եփրատի
ափերէն
աւազներ,
Տղմուտէն
տղմոտ
հողերը։
Վարագայ
սարի
Անթառամ
ծաղիկներէն
փունջ
մի`
քաղած
մատերովս,
բարձած
թեւերովս,
ցօղած
աչերովս,
կը
բերեմ
շինել
զարդարել
Բաղդիկին
գերեզմանը։
Ի
ՄԱՀ
ՆՈՐԻՆ
Ծերունւոյն
աղիք
խածանին.
Ծնողին
աղիք
գալարին.
Խորշակն
հարաւ
’ի
ծաղիկդ,
Թարշամեցար,
ո՜հ,
Բաղդիկ։
Աշնան
օդ
շընչեաց
ժանտաժուտ.
Ցայգ
այգուն
շուշանդ
խամրեցար.
Շնորհաց
կոկոն
նորափթիթ,
Թօթափեցար,
ա՜հ,
Բաղդիկ։
Յովսէփայ
տիպար
պատանի.
Պատմուճանդ
ծաղկեայ
շնորհօք
լի.
Սիրոյ
զաւակ
տան
հօր
քոյ,
’Ի
հող
իջեր,
ո՛հ
Բաղդիկ։
Կայտռէիր
զերթ
ձագ
եզնիկի,
Ժըպտէիր
զուարթ
երեսօք,
Քորք
եւ
եղբարք,
բարեկամք,
Քեւ
բերկրէին,
ո՛հ,
Բաղդիկ։
Ո՞
զքէն
գոյժ
տարցէ
Յակոբայ,
Յակոբայ
հօր
քո
նահապետ.
Ո՞
ժուժեսցէ
զքեզ
յիշել,
Եւ
չկողկողել՝
վա՛հ
Բաղդիկ։
Արուսեակ
քան
զքեզ
չէր
պայծառ.
Շողշողուն
էր
յոյս
քոյդ
կենաց,
Անկաւ
արեւդ,
չեւ
ծագեալ.
Մահն
ըստուեր
ած
զքեւ
Բաղդիկ։
Փոխանակ
աւուրց
երջանիկ,
Զոր
յուսայր
մայր
քո
Անուշիկ,
Սուգ
եւ
թախիծ
ճաշակէ,
Զանձն
եւ
ըզքեզ
լայ,
Բաղդիկ։
Որ
երկնեացն
’ի
ցաւս
յարգանդին.
Որ
բերկրէրն
երբ
դու
ժպտէիր.
Մահ
քո
զմայր
քո
թալկացոյց,
Մնչէ,
շնչէ,
Ա՛հ,
վա՛հ,
Բաղդիկ։
Սիրտն
այրի
այրւոյն
Էվթիկին,
Նոյեմզարն
այրեալն
նոր
այրի.
Կիզնուն
Կոյսն
եւ
միւսն
Հռիփսիմէն,
Ի
սէր
քո
եւ
մահ,
վա՛հ
Բաղդիկ։
Զի՞
տըքնիս
անքուն
աչերով,
Այտուցեալ
կոպերդ
յարտասուս.
Եղբայրասէրդ
Կարապետ,
Ո՞ւր
է
եղբայրդ,
ո՞ւր
Բաղդիկ։
Դողդոջիւն
ոտիւք
եւ
’ի
շունչ,
Գաս
այցել
ցաւոց
սիրելւոյդ.
Փղձկիս,
սարսռիս,
Մկրտիչ,
Ոչ
եւս
շնչէ
քոյդ
Բաղդիկ։
Նըշանիդ
սրտին
լար,
կիթառ,
Անշըշունչ
կախին
աղէբեկ.
Զի
թել
կենաց,
ո՛հ,
հատաւ
Եղբօրդ…
ոչ
եւս
է
Բաղդիկ։
Որ
նստիսդ,
Գէորգ,
անընթաց.
Բարճր
հոգւովդ
թեւես
յամէն
ուր.
Պակասեցաւ,
ո՛հ,
’ի
քէն,
Կամակատարն
քոյդ
Բաղդիկ։
Լըռեցո՛
զսըրինգ,
Գրիգորէ,
Գոյժ
հնչէ
զանգակ
տաճարին.
Խըփեալ
զերեսս
ափերովդ,
Տիրան,
լացէք
ըզԲաղդիկ։
Այլ
հերիք,
թողէք
զարտասուս,
Նա
գընաց
յերկինս
առ
Յիսուս.
Յերանելիսն
եղեւ
երջանիկ,
Անմահացաւ,
մեռեալ
չէ
Բաղդիկն։
Սրուանձտեանց
Գ.
Վ.
1875
Մայիս
1,
Կ.
Պօլիս
Նախերգանք
«Այս
են
Հայոց
խոստովանողք…
’Ի
սմա
տեսցեն
զքաջ
նահատակսն,
որ
կատարեցան
սրով։
’Ի
սմա
տեսցեն
եւ
զսուրբ
կապանս
չարչարանացն։
Եւ
յորժամ
մարտիրոսք
եւ
խոստովանողք
եւ
կապեալք
սովաւ
տեսանին,
սովաւ
օրհնի
աշխարհն
ամենայն։
Սովաւ
օրհնին
եւ
տղայք
նոցա
յաճումն։
Սովաւ
զգաստանան
երիտասարդք
նոցա
’ի
սրբութիւն։
Սովաւ
համեստանան
ծերք
նոցա
յիմաստութիւն։
Սովաւ
ուսանին
իշխանք
նոցա
զմարդասիրութիւն։
Սովաւ
անկանի
գութ
յԱստուծոյ
’ի
սիրտ
թագաւորին՝
շինել
եւ
խաղաղութիւն
առնել
բոլոր
աշխարհին։
Սովաւ
եկեղեցիքն
պարծին
իբրեւ
քաջ
եւ
կատարեալ
զինուոր։
Սովաւ
վկայարանքն
զարդարին։
Սովաւ
եւ
վկայքն
ցնծացեալ
բերկրին։
Սովաւ
եւ
դաշտն
Աւարայրի
պայծառացեալ
ծաղկալից
լինի.
ոչ
յանձրեւաբեր
ամպոց,
այլ
’ի
սուրբ
եւ
յարիւնաբուղխ
վկայից
ցանեալ
եւ
ցրուեալ
սպիտակութիւնք
սուրբ
ոսկերաց…։
Սովաւ
յիշեսցեն
զհոգեւոր
գունդս
պատերազմողացն,
որ
փոխանակ
մեր
ետու
զանձինս
ի
մահ,
եւ
հեղին
զարիւնս
իւրեանց
ի
հաշտութիւն
պատարագ
Աստուծոյ։
Սովաւ
յիշին
սուրբ
քահանայքն
որք
խողխողեցան
յօտարութեան,
եւ
ցածուցին
զսրտմտութիւն
բարկութեան
թագաւորին։
Սովաւ
թերեւս
զի
զմեր
կապանս
յիշեսցեն,
եւ
աղօթս
առնելով
խնդրեսցեն
յԱստուծոյ,
զի
գերեդարձ
լիցի
մեզ
անդրէն
ի
հայրենի
երկիրն
մեր…»։
Եղիշէ
Վասն
խոստովանողացն
Հայոց
Թող
պարծի
Հայն
իւր
Հայութեամբ.
եւ
ահա՛
իւր
պարծանք։
Սքանչելեօք
եւ
զմայլմամբ
կը
լնու
մարդու
հոգին,
արտասանելով
այս
տողերը,
այս
բառերը,
այս
տառերը
որ
հրեղէն
են,
հոգեղէն
են։
Ո՞յր
վերայ
պէտք
է
հիանալ,
Եղիշէի՞ն,
որ
զայն
գրեր
է,
Կապելո՞ց,
որ
զայն
զգացեր
են,
Թէ
առ
հասարակ
հինգերորդ
դարու
Հայոց,
որ
զայս
ամենայն
կրեր
են։
Ով
Հայք,
անզուգական
եմք
մեք
յազգս։
Իրաւ,
անհնարին
չարիք
եւ
աւերք
հասած
են
մեզ,
բայց
եւ
այդ
փորձանաց
մէջ
այնպիսի
դիւցազներ,
այնպիսի
առաքինիներ
ի
հանդէս
եկած
են,
որոց
անմահ
անունները
անմահ
պահած
են
Հայ
անուն
եւ
Հայաստանը։
Խոցեալ
նետիւք,
վիրաւորեալ
սրով՝
ողջ
անձը
արիւնազանգ
է
մեր
եկեղեցւոյն,
մեր
ազգին։
Մեր
փառքն
եղած
են
շղթայք,
դիակունք,
գերեզմանք։
Դոքա
եղած
են
եւ
մեր
կենաց
պատճառք։
Հինգերորդ
դարը
Հայոց
ազգի
վերածնութեան
դարն
է։
Ծանր
երկունք
կրեց
մեր
Մայր
Հայաստանը,
մեր
մայր
եկեղեցին
այդ
օրերը,
եւ
առ
ցաւս
իւր
սաստկագինս
ճչեց,
բայց
եւ
այնպիսի
զաւակներ
յարոյց,
որոց
մէն
մի
հոգին
կ’արժէ
մէն
մի
ազգ
ամբողջ,
ազգ
ընտիր,
ազգ
պատուական
եւ
ազնիւ։
Ո՞վ
էր
Վարդան.
հայ
մը՝
Պարսկին
սպարապետ,
Ղեւոնդ՝
գեղի
մը
տէրտէր,
Գարեգին՝
մանուկ
տղայ
մը,
Աբրահամ՝
ճգնաւոր
մը.
նախարարք՝
կապեալք,
տիկնայք՝
տկար
կանայք,
քահանայք՝
պաշտօնատարք,
ժողովուրդք՝
օտարին
հպատակք,
քաղաքականք
եւ
գեղջկականք
առ
հասարակ,
բայց
միաբան
առաքինիք,
հաւասարք
մեծ,
հաւասար
արիացեալք,
հաւասար
անմահացեալք։
չկան
գրքի
12-13
էջերը
Ասոր
մէջ
գործածուած
անունները,
ոճերը
եւ
գաղափարները
ընդհանրապէս
Ե.
դարէն
կ’առնունք՝
նոյն
դարու
Հայոց
պատկերը
ներկայացնելու
համար։
Տալ
շնչել
շունչ
մը
մեր
հայրենեաց
սիւքէն։
Տալ
լսել
արձագանք
մը
Հայաստանի
քարերէն
եւ
անձաւներէն։
Տալ
հառաչել
հառաչ
մը
Այրարատայ
խորշերը
եւ
Մայիսի
ըստուերը
սիրողաց
սիրտերէն։
Տալ
հանել
հոգւոց
մը,
եւ
առնուլ
յոգւոց
մեր
նախնեաց
հոգիներէն,
առնուլ
օրինակ
զԱստուած
պաշտելու,
ապրելու,
մեռնելու՝
մեր
պապերու
կեանքէն։
Տալ
ցօղել
ցօղ
մը
’ի
ցօղոյ
մեր
աչաց,
խառնել
զայն
ընդ
արիւն
հոսեալ
մեր
հարանց
անձինքներէն։
Տալ
սիրել
Հայոց
անոնց
սուրբ
յիշատակը
եւ
այն
հողը,
որոյ
հացը
կերան,
ջուրը
ըմպեցին,
որոյ
օդով
սնան,
որոյ
վրայ
մեծացան,
զօրացան,
ապրեցան,
ինկան,
եւ
անոր
փոշիներուն
խառնուեցան
իրենց
ոսկորները։
Այս
եւ
եթ
է
ահա
երկասիրողին
ջանքն,
փափագն
ու
նպատակը։
ՆԱԽԱԳԻՏԵԼԻՔ
Ա.
ՄԱՍԻՆ
Երբ
սուրբ
Վարդան
եւ
իւր
հետ
եղած
Հայ
նախարարները,
Յազկերտէն
կանչուելով
Պարսից
դուռը,
կը
բռնաբարուին
կրակապաշտ
լինելու,
կ’երկարի
իրենց
վերադարձը,
ու
առ
երեսս
յանձն
կ’առնուն
Մոգական
կրօնքը
եւ
կ’արձակուին
Յազկերտէն
գալ
’ի
Հայաստան
Մոգերով,
Մոգպետներով,
զօրականօք,
եւ
կրակապաշտութեան
ամենայն
հանդերձանօք։
Հմայեակ՝
սուրբ
Վարդանայ
եղբայրը,
միշտ
հոգալով
եղբօր
եւ
միւս
նախարարաց
այնքան
յուշանալոյն
վրայ,
տեսիլք
կը
տեսնէ,
եւ
այն
է,
որ
առաջին
դուռը
կը
բանայ
Ա.
մասին
գրուածոյս,
զոր
կը
պատմէ
իր
Համազասպեան
եղբօր՝
’ի
լուր
համայն
իւրեանց
սերնդոց
եւ
ծառայից
Մամիկոնեանց
Տան։
Սուրէն
ծեր
ծառայն
է
Համազասպին՝
Վարդանայ
հօր։
Համազասպեան
եղբայր
է
Վարդանայ
եւ
Հմայեկին։
Վահէ՝
ծերունի
հազարապետ
Կամսարական
Արշաւրի
տան,
որ
Այրարատայ
Օշականէն
Արշաւրի
կնոջէն
կը
ղրկուի
գոյժ
բերել
Հմայեկին,
թէ
Պարսից
դուռն
գնացող
Հայ
նախարարք
զՔրիստոս
ուրացած
եկեր
եւ
մօտ
են
Հայաստանի
դրան՝
զՀայաստանը
կրակապաշտ
ընելու
համար։
Կը
պատմէ
այս
Վահէն,
թէ
սուրբ
Հայրապետներ
ժողված
օրէնք
եւ
պատերազմ
հրատարակեցին
ուրացողաց
դէմ։
Բազէ՝
կապարճակիր
Հմայեկին,
կուգայ
Աշտիշատէն,
եւ
Ռշտունի
Սահակ
եպիսկոպոսէն
հրաւիրակ
եւ
բամբեր
Հմայեկին՝
պատրաստուիլ
հասնիլ
’ի
պատերազմ
ուրացողաց
դէմ։
Տոհմականք
եւ
Ծառայք՝
Մամիկոնեանց,
որք,
առ
հասարակ
խրախուսուած,
վառուած
սուրբ
հաւատոյ
վրէժխնդրութեամբ
եւ
Հմայեկին
ու
Համազասպեանի
խօսքերէն,
բանակ
կը
կազմեն
Մամիկոնեան
նախարարաց
տակ
եղած
բոլոր
գաւառաց
Հայերէն,
եւ
կը
խաղան
յառաջ՝
’ի
ճակատ,
’ի
կռիւ
ուրացողաց
դէմ։
Ա.
ՄԱՍՆ
ԱՌԱՋԻՆ
ՏԵՍԱՐԱՆ
ՎԱՐԴԱՆԱՅ
ՏՈՒՆ
’Ի
ՏԱՐՕՆ
Հմայեակ.
-
Համազասպեան
եղբայր,
քանի
գիշեր
է
ահաւոր
տեսիլքներով
կը
զարհուրի
հոգիս։
Աշտիշատէն
սաստիկ
հողմ
կը
շնչէ,
Պարսից
չար
քամիին
դէմ
ահագին
փոթորիկ
կը
յարուցանէ։
Հեղեղներ
կը
վազեն
Արեւելքէն,
եւ
կայծակ
ու
շանթ
կատաղի
ջրոց
հետ
խառն
կու
գան
կ’ողողեն
Հայաստանին
արտերը,
կ’ապականեն,
կ’այրեն,
կը
լափեն
մեր
երկրի
բովանդակ
վայելչութիւնը։
Աստղեր
կը
ցոլային
Գրգուրայ
գագաթէն,
աստեղունք
իբրեւ
կարկուտի
գնտակներ
կը
տեղային
մեր
լեռները
եւ
Մասիս
լեռը
իբրեւ
դէզ
խոտոյ
կը
վառէր։
Կը
վառէր,
այլ
իր
գագաթան
ճերմակ
հերը,
իր
վրայի
ձիւնն
ու
սառոյցները
անհալ
կը
մնար,
եւ
Երասխ
այն
բոցերով
տաքցած
կ’եռար,
բայց
իր
մէջէն
ցնցուղներ
կ’արձակէր
մեր
երեսին,
որք
թէպէտ
ջերմ,
այլ
զովացիկ
էին։
Կ’եռար
Եփրատն
եւ
կը
փրփըրար։
Իր
մէջէն
կ’ելնէին
մեծամեծ
կէտեր,
կը
կռուէին
վիշապի
մը
հետ,
որ
Պարսից
կրակը
կը
բերէր։
Անթիւ
օձեր
կային
վիշապին
զինուոր։
Եւ
Մասիսի
կողերէն
առիւծներ
իջան,
Բզնունեաց
ծովէն
թռչուններ
հասան,
Կորդուաց
լեռներէն
առիւծներ
խոյացան,
վիշապին
եւ
իր
օձերուն
ողջ
անձը
արիւնլուայ
խոցեցին։
Անցք
մի
հանդերձեալ
է
անցնիլ
Հայաստանի
գլխովն։
Մեր
Վարդան,
մեր
եղբայր,
եւ
այնքան
Նախարար
եւ
անթիւ
Հայք
Պարսից
դուռն
են։
Ա՜հ,
ո՛վ
գիտէ,
Աստուած,
Աստուած,
ո՛վ
գիտէ,
ի՛նչ
չարեաց
ենթակայ
ինկած
են
կրկին
գազան
Յազկերտէն։
Երթամ,
անշուշտ
սուրբ
ժողովքը
գիտակ
է։
Համազասպեան.
-
Եւ
ես
ընդ
քեզ։
Բոլոր
Մամիկոնեանք.
-
Եւ
մեք
ձեզ
հետ։
Համազ.
-
Մամիկոնեանք
Հայաստանին
պաշտպան
եւ
անոր
նահատակներն
են։
Երթանք
միատեղ։
Բոլոր
միասին.
-
Ո՜վ
Հայաստան…
Ո՜վ
Հայոց
ազգ…
Սուրէն.
-
Տէ՛ր
իմ
Հմայեակ
(Ձեռք
ճակտին
զարնելով).
Այս
գլուխը
գեղ
դալար
էր,
քան
զվարդ
մայիսին,
այս
աչքերը
գեղեցիկ
էին,
քան
զծաղիկ
Ծովասարին,
դեռ
քսան
էր
իմ
տարին.
ես
ոտքս
յասպանդակ,
այս
տէգն
ահագին
գերան
իմ
ձեռին՝
Օձին
շամբերէն,
իմ
աղեղն
էր
կազմած
Վիշապաց
անտառէն,
իմ
նետն
մահաբեր՝
կաղնին
Սեւսարին,
ես
կապարճակիր
էի
Մամիկոնեանց
քաջաց
քո
առիւծ
պապերին։
Սասունեաց
սարերը,
Կորդուաց
կորգ
լեռները
երբ
մեր
ոտքը
կը
կոխէր,
կը
սարսափէին
մարդն
ու
գազաններ.
առիւծն
իր
կորիւն,
արջն
եւ
իր
ձագերը
քանի՞սն
ենք
շամբրեր,
քանիսը
խորտակեր։
Վարդան
իմ
ձեռքէս,
այս
արի
բազկէս
իր
մարզն
է
առեր։
Անոր
նետն
ու
սուր
բնաւ
չեն
վրիպիր.
հազար
կը
փռէ
ու
ինքը
չիփռուիր։
Ուր
որ
Վարդանն
է,
Հայեր
յաղթող
են։
Մի՛
բնաւ
խռովիք։
Երազն
ի՞նչ
բան
է,
տեսիլն
ի՞նչ
ցնորք։
Մէկ
Մամիկոնեան՝
հազար
Պարսիկներ,
Վարդանն
ախոյեան՝
բիւր
թշնամիներ։
Եւ
անոր
հոգին
երկնից
հետ
կապ
է.
Սահակ
հայրապետն
է
զանի
օրհներ։
Ա՜հ,
Հայեր,
Հայեր։
Արշակն
ինչո՞ւ
մատնեցիք…։
Եւ
ո՞ւր
ձեր
խեղճն
Արտաշիր…
Համազ.
-
Սուրէն
լռէ՛…
Լռէ՛
Սուրէն…
Սուրէն.
–
Բայց
ինչո՞ւ
իրենց
թագաւորները
մատնեցին,
ինչո՞ւ
իրենց
բարերարները
սպանեցին։
Սուրբ
Սահակայ
շղթանե՛րը
յիշեցէք։
Բոլորը
միասին.
-
Ա՜հ,
սուրբ
հայրապետ,
Սահա՛կ
Հայրապետ։
Սուրէն.
-
Ողջոյն
Արեաց
դուռն
եւ
Պարսից
լեռները
դեռ
կը
սասանին
Մամիկոնեան
Վասակայ
անունէն։
Շապուհ
սարսափեցաւ
անոր
սուսերէն։
Մուշեղին
նիզակ
ու
հրեղէն
Ճերմակ
շատ
ջարդեց
զպարսիկ,
քան
զԴաւթի
հրեշտակ։
Ձիրաւայ
դաշտն
էր
անոր
հանդէս,
եւ
Նպատ՝
անոր
նահատակութեանց
արձան։
Եւ
ձեր
հայրն,
ահ,
իմ
տէրն
Համազասպ,
իր
բոլոր
օրեր
պարսկին
մահ
էր,
հայուն
կեանք
էր։
Ի՞նչ,
լըռե՜մ։
Ի՞նչպէս,
մոռանա՜մ։
Միթէ
անոնց
որդիք
չէք
դուք,
միթէ
անոնց
ծառան
չէ՞
Սուրէն։
Հմայ.
-
Լռէ՛,
Սուրէն։
Լռէ՛։
Մուշեղին
բազուկը
կը
սիրես,
լռէ՛։
Համազասպին
մահը
կը
սիրես,
լռէ՛։
Հին
ցաւերը
թո՛ղ.
նոր
ցաւերն
ալ
շատ
են
Հայաստանին։
Ա՜հ,
Աստուա՜ծ,
Աստուա՜ծ,
մեր
աչքով,
մեր
օրով
ինչե՞ր
կը
տեսնենք։
Դենշապուհ
խորամանկ,
աղուէս
Դենշապուհ
Հայաստանը
շրջեցաւ
եւ
անոր
հիմունքը
շրջեց։
Ազատ
ժողովուրդը
գերութեամբ
կապեց։
Ազատ
եկեղեցին
ստրկութեան
ենթարկեց։
Մահու
դեղ
նա
Հայաստանին
կերցուց
քաղցր
ճաշին
հետ,
եւ
այսօր
Մասիսն
եւ
իր
զաւակները
’ի
սիրտ
թունաւորած
են,
Այրարատն
ու
իր
բոլոր
գաւառները
մահու
տագնապ
կը
կրեն։
Հայե՛ր,
հայե՛ր,
ձեր
թագը
մատնեցիք,
ձեր
կեանքը
օտարին
ընծայեցիք.
արիւնդ
անոր
փառաց
համար,
վաստակդ
անոր
շահուն
համար,
եւ
այսօր
քու
հաւատքն
ալ
կը
բռնաբարէ,
քու
հոգիդ
ալ
իրեն
գերի
ընել
կ’ուզէ։
Ամէն
օտարը՝
իրեն
դիմող
ու
ապաւինող
ազգին
ա՛յս
պսակ
կուտայ…
այս
վախճանը
կուտայ…
Ո՞վ
է
սա
կուգայ։
*
*
*
Վահէ.
-
Ողջոյն։
Հմայ.
-
Վահէ՛։
Վահէ.
-
Տէ՛ր
իմ։
Բոլորը
միասին.
-
Բարի՞
է,
Վահէ՛։
Վահէ.
-
Բարին
Աստուածն
է։
Օշականէն
կուգամ
ուղղակի,
Արշաւրի
Տանէն։
Կամսարական
բամբիշը
ղրկեց
զիս
գոյժ
տալ
ձեզ։
Բոլոր
միասին.
(Ձեռք
զճակատի).
-
Ա՜ստուած,
Ա՜ստուած…
Վահէ.
-
Չեկա՞ն
միթէ
տակաւին
Սրբոց
թղթեր
եւ
հրեշտակները
այս
տեղ։
Բոլոր
լեռները
ու
ձորերը
զինաւորուած
պատրաստ
են։
Գեղն
ու
քաղաքներ
բանակ
կտրեցան,
կը
վազեն
Պարսից
ճանապարհը,
եւ
եկեղեցին
իրենց
հետ
կ’ընթանայ
Սուրբ
Վարդապետներ
եւ
Քահանաներ
զօրապետի
պաշտօն
կը
վարեն,
խաչ
’ի
յաջին,
Աւետարան
’ի
ձեռին,
եւ
օրէնք
հրատարակեցին,
«Թագաւոր
Աստուածն
է.
Եղբայր
զեղբայր
մորթէ.
Ամուսին
զամուսին
սպանէ.
Հայր
զորդին
սատակէ.
Որդին
զհայր
խոցոտէ։
Պատերա՜զմ
Աստուծոյ
հաւատացելոց՝
ընդդէմ
զԱստուած
ուրացելոց»։
Եւ
ահա
կնիկներ
քաջ-քաջ
կը
խիզախեն,
կ’աղաղակեն,
կը
վազեն,
արցունք
աչքերէն,
արիւն
սրտերէն։
Կը
հոսեն
իրենց
կոխած
հողերու
վրայ,
կը
վազեն
մեռնիլ
ու
մեռցունել
իրենց
անձանց
կտորները։
Ամայացան
քաղաքները։
Համազ.
-
Բայց
ի՞նչ
է
այդ
ամէն,
ինչո՞ւ
այդ
ամէնը,
Վահէ՛,
ինչո՞ւ
համար։
Հմայ.
-
Եւ
ո՞ւր
է
բանակատեղը…
Սուրէն
եւ
Բոլորեքեան.
-
Սուրեր
առէք,
զէնքեր
բարձէք։
Դարձի՛ր
Վահէ.
ամէնքս
ալ
այն
տեղ։
Վահէ.
-
Գուժկան
հասաւ
պարսից
բանակէն.
Հայ
նախարարներ
մոխիրը
պաշտեցին,
զՔրիստոս
ուրացան։
Բոլորը
մէկտեղ.
-
ԶՔրիստո՞ս
ուրացան։
Վահէ.
-
Այո՛.
եւ
մոգպետներ
իրենց
հետ,
եւ
մոգեր
անթիւ,
եւ
քաջ
քաջ
զօրքեր
կուգան
Հայաստանը։
Խաչերը
կործանելո՛ւ
համար։
Սուրբ
տաճարները
ապականելո՛ւ
համար։
Սուրբ
Աւետարանը
այրելո՛ւ
համար։
Սուրբ
քահանաները
սպաննելո՛ւ
համար։
Համազ.
-
Բայց
մեր
հաւատքը
յաղթող
է,
մեր
հաւատքը
մեր
հոգին
է,
մեր
կեանքն
է։
Հմայ.
-
Եւ
Վարդանն
ալ
նոյն
վտանգին
մէջն
է,
Վահէ։
Վահէ.
-
Այո՛,
այդպէս
ասաց
գուժկան։
Հմայ.
-
Վկայ
ինձ
սուրբ
Աւազան.
եթէ
այդպէս,
իմ
սուսերս
յառաջ
Վարդանայ
կուրծքին։
Իսկ
ո՞ւր
են
արդ
սուրբ
Վարդապետները։
Վահէ.
-
Իւրաքանչիւր
Եպիսկոպոս
իր
վիճակը
վազեց,
մէկ
խաչի
վրայ,
մէկ
Աւետարանի
վրայ
ամէնքը
իրենց
աջը
դրին,
ուխտ
ըրին,
երդուան
ու
գնացին։
Քահանաներ
թողին
եկեղեցին,
ու
գեղեր
եւ
շէները
կը
շրջին,
Հայեր
կը
զինուորեն,
եւ
Սահակ
Եպիսկոպոսն
արդէն
Աշտիշատ
հասաւ։
*
*
*
Բազէ.
-
Տէր
իմ
Հմայեակ։
Հմայ.
-
Դո՞ւ
ես
Բազէ։
Բազէ.
-
Ծառայ
քո.
Տէր
իմ։
Աշտիշատէն
կուգամ։
Սահակ
Սրբազան
հրաման
հանեց,
եւ
ահա
Բազուն
ու
Մեղտին,
Տոմն
ու
Խորօնք,
Կվարսն
եւ
Ցրօնք,
եւ
ողջոյն
Տարօն
իբրեւ
երամ
գարնան
հաւքերաց,
իբրեւ
օգոստոսի
ամսոյն
արագիլներու
կարաւանը՝
ժողված
են
Հայեր
Եփրատի
բերանը։
Այս
տեղ
հասայ,
նոյն
քարոզը
լսեցի.
զէնք
եւ
սուր,
Աւետարան
եւ
խաչ,
մանկտին
եւ
հարիւրամեան,
երիտասարդն
եւ
կոյս,
այր
եւ
կին,
’ի
զէն,
’ի
կռիւ,
’ի
բանակ։
Ձեզ
կը
մնան,
Մամիկոնեա՛ն
Տեարք։
Հմայ.
-
Ողնի
բերդը
հասէք
Խոյթ
եւ
Սասուն
սլացէք,
Պալունեաց,
Գնթունեաց,
Վարաժնունեաց,
Ապահունեաց,
Կորդուաց,
Խորխոռունեաց,
Քաջբերունեաց,
Առբերանին,
ձայն
տուէք,
եւ
Հաշտենից
Ոստանիկներուն
իմացուցէ՛ք։
Դաշտն
ելէք,
Աղձնիք
վազեցէք
եւ
բոլոր
ամրականաց,
քաղաքացեաց,
լեռնականաց,
գեղջկականաց
քարոզ
կարդացէ՛ք,
թող
թողու
վաճառականն
իր
վաճառքը,
սուրբ
Աւետարանը
պահպանէ։
Զինուորն
թողու
իր
պահակը,
քաղաքացին
իր
տունը
եւ
կրօնից
ամուրը
պաշտպանեն։
Գեղացին
թող
թողու
իր
մաճն
ու
արօրը,
թող
արձակէ
իր
եզն
’ի
լուծէն,
հաց
պէտք
չէ
հայուն,
այլ
զէնք
եւ
հոգի,
եւ
արիւն։
Ասացէք
հարսներուն,
թող
թողո՛ւն
առագաստը,
փեսան
թող
բաժնուի
հարսէն,
քանզի
ահա
ապականել
կու
գան
սուրբ
եկեղեցւոյ
առագաստը։
Թափեն
թող,
թափեն
արծաթն
ու
ոսկին,
խաչ
եւ
զէնք
վեր
առնեն։
Հանեն
թող
ձգեն
կոյսերը
իրենց
անձանց
զարդարանք
եւ
արիութիւն
զգենուն։
Սուրբ
Քահանայք
թող
դուրս
գան
տաճարի
դռներէն,
Աստուծոյ
տաճարը
կ’երթայ,
անոր
առջեւէն
թող
քալեն
օրհներգ
երգելով։
Նախարարացն
ասացէք,
թող
չի
հոգան
իրենց
գանձը,
թող
չըզբաղնուն
իրենց
ճոխութեանց,
Աստուծոյ
եւ
յոգւոյն
կոչման
թող
վազեն։
Տիկնայք
թող
մերկանան
իրենց
պըճրանքները,
աղօթք
եւ
քաջալերս
թող
կարդան։
Շտապաւ
դիմեն,
շտապաւ
հասնին։
Սուր
եւ
Խաչ,
Քրիստոս
եւ
արիւն,
հաւատք
եւ
մահ։
Սպառազինութիւն
թող
զգենուն,
հաւատով
թող
զարդարուին,
’ի
Քրիստոս
թող
յագենան,
’ի
սէր
նորին
արիանան։
Կրօնք
եւ
մեր
կեանք,
Քրիստոսն
եւ
Հայաստան
մեզ
հրաւէր
կը
կարդան։
Պարսիկն
եւ
իր
պիղծ
կրակ,
օտարն
եւ
իր
սուտ
հաւատք,
մոգերն
եւ
մեր
ուրացեալ
նախարարք
Հայաստանն
են
եկեր։
Նետ
առէ՛ք,
աղեղ
բարձէ՛ք,
վահան,
նիզակ,
պարս,
սուր,
դաշնակ,
վաղակաւոր,
գնդակ,
գերանդի,
վերցէ՛ք,
քալեցէ՛ք.
Առաջին
հարուած
Հայ
ուրացողաց։
Այո,
Հայ
ուրացողաց,
որոց
աղէկ
էր
մեռնէին
հաւատով
Պարսից
դրան
առաջ,
քան
ապրած
կեանքով
Հայաստան
գային՝
մոգ
եւ
մոխիր
իրենց
հետ
բերած։
Չը
խնայել,
չողորմել
բնաւ
սիրելեաց,
ծնողաց,
եղբարց
եւ
ազգականաց։
Հայու
ազգէն
չե՛ն
ալ
անոնք,
որ
ճշմարտութիւնը
ուրացան։
Մեր
սիրելիք
չե՛ն
ալ
անոնք
որ
զՔրիստոս
ուրացան։
Մեր
ծնողք
եւ
եղբարք
չե՛ն
ալ
անոնք,
որ
յաւիտենական
կեանքն
ուրացան,
սուրբ
աւազանը
մոռացան։
Սպանեցէ՛ք,
ջարդեցէ՛ք,
որ
զՔրիստոսի
խաչն
եւ
Լուսաւորչի
չարչարանքն
առ
ոտն
կոխեցին,
սուրբ
եկեղեցին
եւ
մեր
բոլորին
հոգին
գերի
գարշելեաց
անելու
կուգան։
Ո՛վ,
օտար,
օտար,
ո՛վ
Յազկերտ,
Յազկերտ,
դու
կարող
չէիր
Հայաստանի
մազին
անգամ
վնասել,
եթէ
զմեզ
դաւաճան
չունենայիր,
Հայաստանին
մատնիչ
չը
լինէին
Հայերը։
Ասոր
համար
կա՛մ
մեր
մահն
անոնցմէ,
կա՛մ
անոնք
մեռնին
մեզմէ։
Բայց
մեք
չե՛նք
մեռնիր։
Եթէ
Աստուած
կը
մեռնի,
Հայ
ազգն
ու
իր
հաւատք,
Հայաստանն
ու
իր
եկեղեցին
ալ
կը
մեռնին։
Համազ.
-
Այո՛,
եթէ
արեւն
իր
շրջանը
կը
փոփոխէ,
սակայն
Հայը
քանի
կ’ապրի
իր
կրօնքը
չի
փոխեր,
Քրիստոսն
ու
Լուսաւորիչ,
Լուսաւորիչն
ու
Հայաստան,
Հայաստանն
ու
Եկեղեցին,
Եկեղեցին
ու
Հայ,
Հայն
ու
Հաւատ,
Հաւատն
ու
Կեանք,
Կեանքն
ու
Մահ
մէկ
անձնաւորութիւն
են
եղած
եւ
առաքինութեամբ
եւ
անմահութեամբ
իրար
հետ
շաղախուած։
Չե՛ն
բնաւ
սասանիր,
մի՛
ոք
վհատի
երբէք։
Չե՛ն
բնաւ
սասանիր,
մի՛
ոք
վհատի
երբէք։
Այս
փորձութիւնները
մեր
հաւատքին
պայծառութիւն
կը
բերեն,
մեր
սուրբ
եկեղեցեաց
հաստատութիւն
կուտան։
Ա՜հ,
վախցէ՛ք
այն
օրը,
ողբացէք
այն
ժամանակը,
երբ
հաւատքն
ու
եկեղեցին
իր
որդիքներէն
փոխանակ
պաշտպանուելու,
շահավաճառութեան
եւ
մարդահաճութեան
միջոց
կը
դառնայ։
Ողբացէք
այն
ժամանակ,
երբ
ժողովուրդն
անգէտ
եւ
անզգայ՝
իբրեւ
ոչխար
անմեղ,
բայց
անբան,
երբ
իշխանն
փառամոլ
եւ
օտարին
անձնատուր,
երբ
զինուորն
եւ
զօրապետ
վատ
եւ
նենգաւոր,
երբ
կրօնաւորն
մարմնասէր,
Եպիսկոպոսն
իր
պատուոյ
համար,
քահանայն՝
արծաթի
համար
կը
փոխարինեն
ազգն
ու
կրօնքը,
կը
փոխեն
զՔրիստոս,
կը
ծախեն
զԼուսաւորիչ,
կու
տան
Խաչն
ու
հաւատքը,
եւ
կ’առնուն
իրենց
անձանց
փառք,
կը
վաճառեն
եկեղեցին
եւ
կը
գնեն
իրենց
մեծութիւն,
կը
վաճառեն
զժողովուրդ
եւ
անոր
գնով
կը
զարդարուին,
անոր
արիւնով
կ’ոսկեզօծեն
իրենց
կուրծքն
եւ
ուսերը,
կը
պսակեն
իրենց
պարանոցն
ու
գագաթը,
ողբալու
է
այն
ախտակիր
ժողովուրդը,
ողբալու
է
այն
անկարեկից
հովիւն
ու
առաջնորդը։
Իսկ
մեք՝
Ե.
դարու
Հայքս,
մեք
եւ
մեր
սերունդ՝
գառն
մեր
խաղաղութեան
մէջ,
առիւծ
մեր
հաւատոյ
վրէժխնդրութեան
մէջ։
Փառք
մեր
եկեղեցականաց,
պարծանք
մեր
իշխանաց,
օրհնութիւն
մեր
ժողովրդականաց։
Ահա՛
զէնք,
ահա՛
մեք.
ահա՛
պատերազմ,
ահա՛
Հայք.
ահա՛
հաւատք,
եւ
ահա
հաւատացեալքս.
ահա՛
մահ
եւ
ահա՛
մեր
կեանք.
ահա՛
Քրիստոս,
եւ
ահա՛
մեր
անմահութիւն,
փառք,
ուրախութիւն,
սիրելի,
ծնող,
որդի,
եղբայր,
գանձ,
պատիւ
եւ
ամենայն
ինչ։
*
*
*
Բոլորը
միասին.
-
Մեք
Լուսաւորչի
գառներն
ենք,
Տրդատայ
առիւծներ,
Հայաստանի
դիւցազներն
ենք,
Քրիստոսի
հաւատացեալներ։
Հայրենեաց
պաշտպանք,
Հաւատոյ
նահատակք։
-Երթանք,
հապա
երթանք։
Թէ
մեռնինք՝
կ’ապրինք.
Թէ
մեռցնենք՝
կ’ապրինք.
Մեր
մայր
սուրբ
եկեղեցին,
Մեր
Հայրենիք
երկինք.
Ուր
Ներսէսն
է,
ուր
Սահակ.
Ուր
Քրիստոսն
է,
ուր
արդարք
եւ
անմահ
հրեշտակք.
-Երթանք,
հապա
երթանք։
Մնայ
բարով
Եփրատէսն.
Մնայ
բարով
Տարօնն
եւ
Տօրոս.
Իննակնեան
աղբերք.
Բիւրակնեան
լերինք.
Մնան
բարով
մեր
նախնեաց
շիրիմք։
Սասունն
ու
Տաղօնք.
Գրգուռն
եւ
Նեբրովթ,
Մնան
բարով
Մեղրի
ջուրքն
Եւ
աղբերակունք։
-Երթանք,
հապա
երթանք։
Մնան
բարով
վանորայք,
Մենաստանք
եւ
նշխարք
սրբոց.
Դաշտն
ու
արմտիք,
ծաղկունք
եւ
երամք
թռչնոց։
Երամք
թռչնոց,
Եկէք,
ձեր
ձագերով
մեր
վայրը
վայելէք.
Մինչեւ
դառնանք
մեք,
կամ
մեր
սերունդք։
Կ’երթանք
պատերազմ
սուրբ
կրօնից
համար.
Ձեզ
մնան
մեր
գանձ,
տուն,
արտ,
ոսկին,
եւ
աշխարհ.
-Երթանք,
օն
ուրեմն
երթանք։
*
*
*
Հմայ.
(Սրտայոյզ).
-
Այդպէ՜ս,
առաքինիք,
այդպէ՜ս,
թող
իմանան
ազգեր,
թէ
իրաւունքը
առանց
թագաւորի
ալ
կը
տիրէ,
առանց
թագի
կը
թագաւորէ,
եւ
առանց
զօրապետի
եւ
զէնքի
ալ
կը
յաղթէ։
Հայոց
կուսանք
դիւցազունք
են,
հայոց
կանայք՝
արիականք,
եւ
արք՝
յաղթականք։
Հապա՛
իմ
հա՛րք
եւ
եղբարք,
հապա՛
իմ
քորք
եւ
իմ
մարք,
հապա՛
անյապաղք։
Համազ.
-
Լսեցէ՛ք,
անսացէ՛ք,
քաջեր,
իմ
ձայնիս,
իմ
վերջին
բանիս։
Ուխտեցէ՛ք
առ
Աստուած,
եւ
սրտապնդեցէք
զձեզ։
Այս
առաջին
չէ
որ
դուք
’ի
կռիւ
կ’ելնէք,
բայց
առաջին
անգամն
է,
որ
յանուն
կրօնից
կը
կռուէք.
եւ
աշխարհաւ.
եւ
կնաւ,
եւ
որդւով
կ’ելնէք։
Կ’ելնէք
’ի
կռիւ
հաւատոյ
համար,
եւ
որքա՜ն
քաղցր
է
մեզ
արիւն
թափել
այս
սուրբ
ուխտին
վրայ,
այնքան
աճեցուն,
այնքան
հաստատուն
պիտի
ընէ
Աստուած
մեր
արեամբ
իր
սուրբ
եկեղեցին
այս
հողերուն
վրայ։
Գիտեմ,
կը
ցանկայք
ամենեքեան
մեռնիլ
սուրբ
հաւատով,
մտնել
վայելել
երկնից
արքայութիւնը,
բայց
մի՛
համարիք,
թէ
մեք
վերջինն
պիտի
լինինք
Հայաստանի
աստուածապաշտները,
ո՛չ,
ո՛չ…։
Այս
աշխարհը,
Աստուծոյ
ոտից
ասպընջական
երկիրը,
Աստուծոյ
աչաց
հաճելի
աշխարհ,
Հայաստան,
որ
իւր
արարչագործ
ձեռաց
նախկին
դաստակերտն
է
Եդեմ.
Նոյ
եւ
Հայկ
Աստուածապաշտները
ա՛յս
տեղ։
Այս
երկիրը,
զոր
եւ
’ի
նորումս
փրկագործութեամբ
հրաշազարդեց,
Առաքելոց
բանիւն
եւ
արեամբ,
Նահատակաց
ճգնութեամբ
եւ
մարտիրոսութեամբ,
Լուսաւորիչին
չարչարանօք
եւ
լուսաւորութեամբ,
իւր
Աստուածային
փառաւոր
Իջմամբ,
եւ
Շողին
ծագմամբ։
Այս
Աշխարհ
կ’ըսեմ,
որ
ծագէ
’ի
ծագ
եկեղեցի
է
եւ
արքայութիւն,
յաւիտեան
պիտի
մնայ։
Հայաստանը
Հայաստան
պիտի
մնայ,
Հայն՝
Հայ,
եւ
իր
հաւատքն
’ի
Քրիստոս
պիտ
անխափան
մնայ,
քանի
աստղերն
յաստեղատուն
կը
շրջին։
Ի
զուր
թող
չաշխատի
Յազկերտ։
Այո՛,
այն
օր
աս
անուններ
կը
փոխուին,
երբ
հայն
իր
եկեղեցին
փոխէ։
Հապա՛,
անուն
մեր
ետեւէն,
առաքինութիւն
մեր
առջեւէն,
անմահութիւն
յերկինս,
անմահութիւն
յերկրի,
յիշատակ
մեր
սերնդոց,
պսակ
ընդ
սըրբոց.
Հայն
իր
կեանք,
իր
ազգութիւն,
իր
ազատութիւն,
իր
եկեղեցւոյ
մէջ
պիտի
գտնէ,
եւ
ամէն
բան
կը
կորուսանէ,
երբ
իր
եկեղեցին
կորուսանէ։
Կ’անցնին
վայելչութիւնք,
փափկութիւնք,
ճոխութիւնք,
գանձ,
ոսկին,
կ’անցնին
ազգեր
եւ
իրենց
կարծիքներ,
կը
կործանին
թագաւորութիւններ,
կը
գլորի
թագն,
կը
փշրին
զէնքեր,
կը
ննջեն
կենդանիներ։
Մէկ
բան
է,
որ
կը
մնայ՝
Քրիստոս
եւ
իր
եկեղեցին,
եւ
անոր
համար
է
ահա
մեր
նահատակութիւն։
Մեք
կը
ննջենք
մեր
հարց
շիրիմներուն
ծոցը,
կուգան
մեր
սերունդները,
կուգան
օրհնել
զմեզ
կամ
անիծանել,
կը
քննեն
մեր
գործքեր
եւ
անուն
կը
կնքեն
մեզ։
Եթէ
սգան
մեր
եղբարց
ուրացութեան
վրայ,
թո՛ղ
մխիթարուին
մեր
առաքինութեանց
վրայ.
եթէ
անոնք
կորուստ
գնեցին
իրենց
հոգւոյն,
եւ
ամօթ
մեր
դարուն,
մեք
պարծանք
վաստակինք
սուրբ
եկեղեցւոյն
եւ
մեր
անձանց
եւ
հայրենեաց
փրկութիւնը։
Չըսուի,
չխօսուի,
չը
յիշատակուի
ազգաց
մէջ,
թէ
Հայերն
ուրացան։
Մեր
դարուն
նահատակութիւնը
տեսնեն,
անոնց
վատութիւնը
մոռանան
եւ
ասեն.
«Հայեր
այն
ազնիւ
ազգն
են,
որ
իրենց
կանայք
եւ
կուսանք,
իրենց
ծերք
եւ
երիտասարդք,
իրենց
մանկունք
եւ
արք
արիական
են,
պատուական
են,
ճշմարիտ
են»։
Ողջոյն
տուք
միմիանց,
Օ՛ն
ուրեմն
յառաջ,
Պաշտպան
մեզ
սուրբ
խաչ.
Կեցցէ
Հայաստան.
Կեցցէ
Հայոց
Ազգ։
Բոլոր
միասին.
-
Օ՜ն
ուրեմն
յառաջ.
Պաշտպան
մեզ
սուրբ
խաչ.
Կեցցէ՛
Հայաստան.
Կեցցէ՛
Հայոց
Ազգ։
ՆԱԽԱԳԻՏԵԼԻՔ
Բ.
ՄԱՍԻՆ
Արդէն
Վարդան
Հայոց
զօրավար
եղեր
է՝
իր
խոստովանութիւնը
յայտնելով
սուրբ
ուխտին։
Վարդանայ
երէցը
իր
եկեղեցիով
ջարդ
ու
փշուր
ըրած
է
մոգեր
եւ
մոգպետներ։
Քրիստոսի
բանակը
կազմուած
ու
զօրաւոր
հոգւով
ջախջախեր
է
Պարսկին
զօրքը։
Վասակը
իր
նենգութեամբ
յայտնուեր
է
ու,
կրկին
երդում
ընելով,
խաբեր
է
Հայեր
եւ
ազատեր
զինքը։
Շատ
քաղաքներու
եւ
գաւառներու
տիրած
են
Հայեր։
Ներշապուհ
Արծրունին
կողմնապահ
կարգած
են
արեւելից,
Վասակայ
հաւատացած
են
Հայաստանին
միջնաշխարհը
պահպանել,
եւ
Վարդանն
իր
հետն
առած
կտրիճ
Հայ
զօրքեր
գնացեր
է
Աղուանից
աշխարհը
Պարսից
դէմ
կռուիլ,
Աղուանից
քրիստոնէութիւնը
պաշտպանել։
Վասակը,
պատեհ
միջոց
գտնելով,
կրկին
Պարսից
հետ
Պարսիկ
եղեր,
եւ
ամէն
կերպ
անկարգութիւն,
բռնութիւն,
աւեր
եւ
ապականութիւն
Հայոց
աշխարհին
եւ
սուրբ
եկեղեցեաց
վրայ
հասուցեր,
Հայ
նախարարաց
ընտանիք
եւ
գանձերը
գերի
տարեր
է։
Վահէն՝
Կամսարականի
տան
ծեր
եւ
հաւատարիմ
քաջ
հազարապետը,
այս
միջոցին
Օշական՝
Արշաւրի
տան
մէջը
նըստած՝
ինքն
իրեն
հոգւով
կ’եռայ
հայրենեաց,
քրիստոնէութեան
եւ
քաջութեան
սիրոյ
կրակէն,
կ’սկսի
բարձր
խորհուրդներով
եւ
վսեմ
զգացումներով
խօսիլ,
որով
կը
բացուի
գրուածոյս
Բ.
մասին
դուռը։
Զարեհ
Սիւնեցի՝
Վասակին
հաւատարիմ
թիկնապահներէն
մէկը,
կեղծաւորութեամբ
Վահէին
մօտ
կուգայ,
ամբարիշտ
զգացմունքներով
եւ
խորհուրդներով
կ’սկսի
ընդդէմ
խօսիլ
Վահէին։
Վահէն
կը
պատասխանէ։
Զարէհ
կը
փաստաբանէ
անզգամութեամբ,
եւ
Վահէ՝
բարեպաշտութեամբ։
Նէրսէհ
եւ
Հրահատ՝
Կամսարական
Արշաւրի
փոքրիկ
զաւակները,
Վահէին
գիրկը
իյնալով,
իրենց
հօր
եւ
Վարդանայ
դարձը
կը
հարցանեն։
Սիւնեցի
Զարէհ
կը
մռմռայ
անոնց
վրայ։
Եւ
ահա
յանկարծ
դղրդիւն,
եւ
աւետաբերք
կը
հասնին,
թէ
Վարդանն
ու
Արշաւիրը
բանակաւ
ու
յաղթանակաւ
դարձան
ողջ
Աղուանից
աշխարհէն,
ու,
Վասակայ
ձեռքէն
խլելով
տարած
գանձ
եւ
ընտանիք
նախարարաց,
կուգան
ցնծութեամբ։
Այս
Աւետեաց
ձայնին
խորին
զմայլման
մէջ
կ’ընկղմի
Վահէն։
Զարեհ
ամօթով
եւ
ահ
ու
դողով
հազիւ
կը
սողոսկի,
կը
փախչի
դուրս
Կամսարականի
տանէն։
Վահէն
կ’սթափի
եւ
սուր
կը
խնդրէ։
Զարեհը
կը
փնտրէ,
որ
զոհ
մ’ընէ
այն
խընդութեան
տօնին
ամբարիշտին
կեանքը,
ապա
գոհութիւն
եւ
օրհնութիւն
կը
կարդայ
արտասուօք՝
խաչելոյն
եւ
բարձրելոյն
Քրիստոսի
Աստուծոյ։
Բ.
ՄԱՍՆ
ԵՐԿՐՈՐԴ
ՏԵՍԱՐԱՆ
ՕՇԱԿԱՆ
ԱՒԱՆ,
ԱՐՇԱՒՐԻ
ՏԱՆ
ՄԷՋ
Վահէ.
-
Հասաւ
վերջապէս
այն
օրը,
որ
յաւիտենականն
Աստուած
վճռէ
Հայաստանին
նոր
կեանք
կամ
կորուստ։
Ահա՛
մէկ
կողմէն
Պարսկաստանն
իր
կրակով
եւ
մոխրով,
մոգեր,
մոգպետներ,
զօրքեր
եւ
ուրացողները
բերաւ
լեցուց
Հայաստանը։
Մէկալ
կողմէն
եկեղեցին
իր
զաւակներով,
Հայաստանն
իր
Հայերով
կը
ժողովին,
կը
զինուորին,
կռուել
այս
ահագին
վտանգին
դէմ,
վանել
կամ
մեռնիլ
այն
գարշելի
կրօնքին
դէմ։
Ա՜հ,
Աստուած,
Աստուած,
դու
որ
սուրբ
մարտիրոսաց
արեամբ
պսակեցիր
այս
աշխարհը
եւ
անոնց
օրհնեալ
մասանց
նշխարներով
զարդարեցիր,
պատսպարեցիր,
սիրեցիր
այս
ազգը
եւ,
իբրեւ
քո
ձեռատունկ
Այգին,
ծաղկեցուցիր
վայելչութեամբ,
քո
մարդասիրութեամբ,
քո
Հայասիրութեամբը
փրկութեան
եկեղեցի
կազմեցիր։
Հայաստանի
վարդ
Սանդուխտն
քո
առաջին
պատարագն
է
մեր
եկեղեցւոյն.
սուրբ
Առաքելոց
քրտինք
եւ
արիւնը
յիշէ՛,
Հռիփսմեանց
Անձինք
քեզ
նուիրեալք,
Սուրբ
Գրիգորին
վիրապն,
Բեւեռք,
Կոճեղք,
Կապարն,
Աղն,
Մոխիրն,
Կախաղանն,
Աղօթքն,
Ճգնութիւն,
Տքնութիւնն,
Քահանայութիւնն,
Սրբութիւնն,
Ներսէսին
առաքինութիւնք
եւ
բաժակ։
Սահակին
շղթայք,
արտասուք,
յիշէ՛
տէր,
յիշէ՛
եւ
մի՛
մոռանար,
որ
’ի
ձեռն
նոցա
քեզ
հաւատացինք։
Մի՛
թողուր
խաւարն
զօրանայ,
քան
զլոյսդ,
մոխիրն
բարձրանա,
յ
քան
զարեւդ,
Պարսիկն՝
քան
զՀայ,
Ատրուշանն՝
քան
զԵկեղեցին,
կրակն՝
քան
զխաչ։
Կեա՛նք
մը
ունինք,
եւ
այն
սուրբ
եկեղեցին
է։
Տե՛ս,
Աստուած,
տե՛ս
այս
աշխարհը.
իր
զօրանոցները
փլան,
եւ
մենաստանները
անոնց
տեղ
շինուեցան,
պալատները
քակուեցան,
եւ
եկեղեցիք
անոնց
տեղ
կառուցան,
թագաւորութիւն
գնաց,
եւ
քահանայութիւն
անոր
տեղը
տիրեց,
գանձն
ու
ոսկին
սպառեցան,
եւ
քո
սուրբ
հաւատքին
միայն
կը
հսկենք,
վայելչութիւն
կորսուեցաւ,
եւ
քո
սուրբ
Աւետարանով
միայն
կը
փառաւորուինք.
մեր
սուրն
ու
զէնքը
դրինք
օտարի
ոտքին
տակ,
մեր
ոյժն
ու
կեանքը
տուինք
մեզ
տիրողին։
Տե՛ս
Տէր,
ոչ
միայն
Պետրոսի
նման
ուռկան
մը
եւ
նաւ
մ’է,
որ
կը
թողունք,
այլ
ամէն
բան։
Թողինք,
թողինք
զամենայն
եւ
եկանք
քո
ետեւէն
Տէ՛ր,
ինչպէս
քո
բանը
կ’աւետարանէր.
միայն
կ’աղաչենք,
որ
դուն
ալ
զմեզ
չը
թողուս,
քո
եկեղեցին
չը
թողուս։
Մասեաց
սա՛ր,
Մասեաց
սա՛ր։
Ա՛յս
վաթսուն
գարուն
իմ
գլխովս
կ’անցի.
իմ
ալիք
ճերմակ,
քո
գագաթ
ճերմակ,
ես
չէի
տեսեր
այսպէս
մեծ
վտանգ։
Ոհ,
չե՛մ
կարող
ժուժել։
Այլ
դու
յաւիտենի՛ց
արձան,
դու
քո
բնակչաց,
քո
որդւոց
վիճակը
այսպէս
դառնագոյն
կը
տեսնես,
եւ
ինչպէ՞ս
կը
ժուժես.
կամ
ինկի՛ր
դուն
ալ,
ինկի՛ր
կործանուի՛ր
այս
ազգին
հետ,
կամ
պահէ՛
ասոնք
ալ
քանի
որ
կ’ողջագուրուիս
դու
երկնից
ցօղին
ու
ամպերուն
հետ։
Ազգեր,
որ
կուգան,
զքեզ
Հայաստանի
լեռ
կ’անուանեն,
քո
վրայ
հայկական
անուն
եւ
քաջութիւն
եւ
հաւատք
կը
կարդան։
Բայց
երբ
Հայն
ու
Հայաստան
փնտռեն
ու
չգտնեն,
զքեզ
ալ
կը
մերժեն,
քեզմէ
այն
անունները
կը
պահանջեն,
յայնժամ
զքեզ
ալ
չեն
ընդուներ։
Այո՛,
թէպէտ
այսօր
դու
օտարի
մը
ձեռքի
տակն
ես,
բայց
քո
որդւովք
դեռ
կը
բերկրիս։
Այո՛,
թէպէտ
Հայեր
այսօր
օտարի
մը
ձեռքի
տակն
են,
բայց
դեռ
Հայ
են,
եւ
քանի
որ
Հայ
են,
կեանք
ունին,
կ’ապրին.
եւ
քանի
որ
կ’ապրին,
օր
մի
կ’ազատուին։
Աստուած
ազգ
մը
կը
ձգէ
կը
մատնէ,
բայց
իսպառ
չի
կործաներ.
զանոնք
կը
չարչարէ,
կը
մերկացնէ,
հայրենիքէն
ալ
կը
հանէ,
կը
ցրուէ,
կը
տարագրէ,
բայց
քանի
որ
այն
ազգը
իր
անունն,
իր
լեզուն
եւ
կրօնք
չի
փոխեր,
կը
պահէ
ու
չի
փոխեր,
այն
ազգը
կ’ազատէ,
այն
ժողովուրդը
կը
փրկէ
Տէր։
Ազատութիւն,
փրկութիւն
ո՛չ
թագաւորի
թագին
ճաճանչաւոր
ականց
շարքին
մէջն
է,
ո՛չ
գոռ
եւ
հուժկու
զօրապետին
ահեղ
հրամանին
մէջը,
ո՛չ
նախարարին
մեծութեան,
ո՛չ
գանձուց
ճոխութեան,
ո՛չ
սկայից
բազմութեան,
ո՛չ
պողովատին
երկաթին,
ո՛չ
սուրին
նիզակին,
ո՛չ
կերպասի
բեհէզին,
ո՛չ
ճարտասանի
լեզուին։
Այլ
այդ
սրբազան
տարերքն
ժողովուրդն
է
միմիայն։
Քանի
կ’ապրի
ժողովուրդ
մը
իր
սեպհական
ազգային
կեանքով,
կ’ապրի
ազգային
լեզուով,
կ’ապրի
իր
հայրենեաց
մէջ
պաշտած
եւ
իր
նախնեաց
պաշտած
ճշմարիտ
կրօնքով,
այն
ժողովուրդը,
թէ
եւ
յետին
գեղջուկ
մնացած
լինի,
սակաւաւոր
եւ
յետին
աղքատ,
յետին
ստրուկը
համարուած
լինի,
բայց
նա
ազնիւ
է,
կենդանի
է,
լուսաւոր
է.
օր
մի
փառաց
կը
հասնի։
Անոր
սիրտն
հայրենիքը
չի՛
մոռնար,
անոր
հոգին
զԱստուած
կը
պաղատի
իր
ազատութեան
համար,
եւ
հայրենեաց
ու
ազգային
յիշատակներ
կ’եռացընեն
անոր
երակներ,
կը
վառեն
անոր
խորհուրդը,
կը
յարուցանեն
անոր
հոգին,
եւ
այն
օրն
է
ահա,
որ
աւազակէն
գողցուած
եւ
անոր
բռնաւոր
ցուպին
տակը
մատնուած
վիրաւոր
մէջքակոտոր
գառնուկը
եղջերաւոր
խոյ
կը
դառնայ,
իր
հօտին
մէջ
կը
խոյանայ՝
զարնելով,
խորտակելով
իր
դէմ
ելնողները։
Այն
օրն
է
ահա,
որ
իբրեւ
տկար
ճնճղուկ
որսացեալ
նենգողէն
արծուոյ
ձագերը,
ճանկռտելով
իրենց
սուր
եւ
զօրացած
մագիլներով
որսացողին
երեսը,
կը
թռչին
ազատ
եւ
կը
խոյանան
իրենց
երամին
մէջ։
Ա՛հ
Մասիս,
թէ
իյնան
քո
որդիք,
թէ
ցրուին
քո
որդիքը,
թէ
ստրկանան
քո
որդիք,
ես
կը
մեռնիմ,
դու
անմահ
ես,
ասա՛
անոնց
այս
պատուէրը.
պինդ
թող
պահեն
իրենց
լեզուն,
պինդ՝
իրենց
անունը,
պինդ՝
իրենց
կրօնքը
եւ
կը
փըրկուին
օր
մը,
կը
փրկուին
եւ
կը
խոյանան
խայտալով
քո
երեսաց
առջեւ։
Բայց
ես
ի՞նչ
կը
խօսիմ,
ցնորած
եմ
սրտիս
ցաւերէն,
խռոված
եմ
մտացս
խորհուրդներէն։
-Ո՞վ
է
այն։
Զարեհ.
-
Զարեհ
Սիւնեցին,
որ
կը
բարեւէ
զձեզ։
Վահէ.
-
Բարի՞
է,
Զարեհ,
ի՞նչ
լուր,
ի՞նչ
ձայն
կայ
բանակէն.
յաջո՞ղ
են
Հայեր,
յաղթե՞ց
խաչ,
տիրե՞ց
եկեղեցին։
Զարեհ.
-
Վահէ,
Վահէ,
ձգէ՛
այդ
անհնարին
իրաց
երազները.
ի՞նչ
յաջողութիւն,
ի՞նչ
յաղթութիւն,
ի՞նչ
տէրութիւն։
Այս
սարսափելի
անցքեր
քու
աչքիդ
առջեւէն
անցած,
ի՞նչ
մեծամեծ
գործեր
գործուեցան։
Դու
տակաւին
Հայեր,
խաչ,
եկեղեցի
կը
հաւատաս
եւ
կը
յուսաս
կեա՞նք
տեսնել
անոնց,
յաղթանա՞կ
տեսնել
անոնց։
Վահէ,
դու
գիտես
Յազկերտին
խորագէտ,
իմաստուն
եւ
հզօր
կարողութիւնը,
դու
գիտես
Պարսկին
անպարտելի
արիութիւնն,
անթիւ
զօրքն
ու
զօրութիւնն.
եւ
որոնք
կրակ
կը
պաշտեն,
կրակով
կարես,
իրենց
հոգին
կը
բորբոքի,
իրենց
արիւնը
եռ
կուգայ,
հրեղէն
հեղեղներ
կը
վազեցընէ
չորս
կողմն
տիեզերաց։
Հայն
ո՞վ
է,
որ
անոր
դիմագրաւ
կանգնի.
եւ
քո
պաշտպան
խաչն
ու
եկեղեցին
չեմ
հասկնար,
թէ
ի՞նչ
են
եւ
ի՞նչ
զօրութիւն
կուտան
իրենց
հաւատացողին։
Կրօնք
մը
պէտք
է
մարդուս.
թող
չը
լինի
աւետարան,
թող
լինի
մոգականն.
թող
չը
պաշտենք
խաչ,
պաշտենք
կրակ.
թող
փոխանակ
Յովսեփայ
որդւոյն,
հաւատանք
Զրադաշտին։
Չեմ
գիտեր
ի՞նչ
առաւելցուց
մեզ
Քրիստոս,
եւ
ի՞նչ
կը
պակսեցընէ
Զրադաշտն։
Այլ
այս
քաջ
գիտեմ,
երբ
Յիսուս
Քրիստոս
Հայաստան
մտաւ,
արիւն,
մահ,
աղքատութիւն,
ստրկութիւն,
աւերումն,
եւ
ամէն
կերպ
չարիքն
յաճախեցին
այս
աշխարհը։
Մերկացաւ
Հայն
իր
վայելչութիւն,
ճոխութիւն,
աղաւաղեցան
փառքեր,
եղծան
կարգաւորութիւններ,
ինկաւ
նիզակ
քաջին
ձեռքէն,
փշրեցաւ
պսակ
արքայի
գլխէն,
թագաւորն
եղաւ
ստրուկ,
եւ
ստրուկն
յառաջացաւ
հսկայն
անարգութեան
վիճակեցաւ,
եւ
գաճաճն
մարդու
կարգ
անցաւ։
Ամէն
բան
վեր
’ի
վայր
ըրաւ
Քրիստոս.
կանանց
բազմութիւնն
խլեց
արանց
ձեռքէն,
եւ
կուսութիւն,
եւ
’ի
կնոջէ
հրաժարիլ՝
սրբութիւն
համարեցաւ։
Ասոր
համար
նուազեցաւ
մարդ
Հայաստանէն։
Գանձ
ունեցողին
վա՛յ
կարդաց,
չունեցողին
երանի՜։
Ասոր
համար
Հայաստան
այսօր
վերջին
տնանկութեան
հասաւ,
որը
թշնամւոյն
մատնեց,
եւ
որը,
իր
մեծութիւն
իրեն
թշնամի
համարելով,
ցրուեց։
Ներողութի՜ւն
յանցանաց,
արձակո՜ւմն
կապելոց,
մա՜հ
իրենց
անձը
պահպանողներուն
եւ
կեա՜նք
իրենք
զիրենք
մահուան
մատնողներուն
աւետարանեց,
յիմարութեամբ
լեցուց
աշխարհը,
եւ
խելակորոյս
եղան
ողջ
մարդիկ։
Եւ
ի՞նչ
կ’ընեն
այսօր
քո
վարդապետները,
Վահէ՛,
քո
Յովսէփն
ու
Ղեւոնդ,
քո
Սահակն
ու
Մուշէն,
բոց
իրենց
բերան
առած,
հրդեհեցին
վառեցին
ամբոխին
սիրտը։
Կ’ողորմիմ
անոնց,
կ’ողորմիմ.
ուշակորոյս
եղած,
իրարու
դէմ
կատղած,
սնոտի
խօսքերով
խաբուած,
ձգած
են
ամէնքն
իրենց
տունն
ու
տեղը,
իրենց
առն
ու
տուր,
իրենց
շահն
ու
վաստակ,
իրենց
արտն
ու
ցանք,
իրենց
կեանքն
ու
վայելք,
սուր
եւ
գերանդի
առած
վազեր
դիզուեր
են։
Սիրելի
զսիրելին
կ’սպաննէ,
հայր
զորդին
կը
խողոխէ,
եւ
այդքան
է
միայն
իրենց
ընելիք։
Հայաստանը
վերջապէս
պիտի
սպառի
իր
վերջին
ճիգերէն։
Ահա
Նազովրեցւոյ
վերջին
բարիք
զինքը
պաշտող
ազգին.
մոլի
կրօնք,
ո՞ւր
է
ասոր
փրկութիւնը,
ո՞ւր
է
ասոր
աւետիքը։
Մարդիկներ
կը
նուաստացնէ,
հանճար,
գութ
կը
կուրացնէ,
եւ
իբրեւ
անասուն
«մեռի՛ք»
կ’ուսուցանէ։
Պարսկին
դէմ
Հայն
ի՛նչ
պիտի
ընէ,
Թագաւորին
դէմ
գերին
ի՞նչ
ընել
կարող
է։
Հապա
ասա՛,
Վահէ։
Վահէ.
-
Գնա՛,
կորի՛ր,
անօրէն
Սիւնեցի,
գնա՛
մեռի՛ր
սուրբ
խաչի
եւ
Քրիստոսի
ոտքին
տակ,
գնա
սատկի՛ր,
անշնորհք,
աւետարանի
շնորհաց
առջեւ,
որոնցմէ
միայն
կը
պատկառիմ.
եւ
թէպէտ
ահա՛
սրտմտութենէս
կը
սարսռին
ոսկորներս,
բայց
խաչին
խորին
խորհուրդէն,
խաչելոյն
ներողութենէն
կը
սանձուիմ։
Նախատի՛նք
կը
դնես
Քրիստոսին,
արհամարհա՛նք
կը
կարդաս
սուրբ
Աւետարանին,
կ’անարգես
փրկագործ
խաչն,
որ
մարդկանց
անարգութիւնը
բարձառ,
եկեղեցին,
որ
զմարդիկ
կենագործեց։
Այո՛,
Սիւնեցի,
մենք
այն
Քրիստոսը
կը
պաշտենք,
որ
մեզ
ուսոյց,
կեանքը
մահ
համարել,
եւ
մահը՝
կեանք։
Միթէ
քո
տեսած
եւ
լսած
մարդիկներէն
կա՞յ
մէկը,
որ
չը
մահացաւ,
ասա՛
ինձ։
Իսկ
ո՛վ
որ
’ի
Քրիստոս
կը
մեռնի,
նա
կ’ապրի։
Ո՞րն
է
կեանք։
Կեա՞նք
կը
համարիս
արեւու
ներքեւ
ապրողներուն,
որոնց
ամէն
օր,
ամէն
վայրկեան,
ամէն
տեղ
ու
ամէն
վիճակ
աղէտալի
է,
չարեօք
լի,
եւ
անցաւոր
եւ
կորստական՝
աշխարհիս
ամէն
բան
մարդոց
համար։
Ով
ունեցաւ
եւ
իսպառ
վայելեց,
ո՞վ
սիրեց
եւ
յագեցաւ,
ո՞վ
մեծացաւ
եւ
չինկաւ,
ո՞վ
բարձրացաւ
եւ
չըկործանեցաւ,
ո՞վ
թագաւորեց
եւ
անմահ
մնաց,
ո՞վ
ծնաւ
եւ
չմեռաւ։
Կը
մեռնի
քրիստոնեան
եւս,
այլ
անոր
յոյսը
լի
է
անմահութեամբ։
Նա
նոր
եւ
յաւիտենական
կեանք
մը
կ’սկսի
իր
մեռնելուն
օրը.
եւ
ասոր
համար
մխիթարութեամբ
եւ
ուրախութեամբ
կը
վարէ
եւ
կը
կնքէ
իր
երկրաւոր
ու
սահմանաւոր
օրերը։
Բայց
սուրբ
եկեղեցին
մարդոց
հնարքով
հիմնուած
չէ,
որ
մարդոց
հնարքով
յաղթուի,
մարդոց
ձեռքով
շինուած
չէ,
որ
մարդոց
ձեռքով
կործանի,
թագաւորի
տուած
պարգեւ
չէ,
որ
թագաւոր
զանիկայ
խլէ։
Աստուծոյ
տուրք
է
եկեղեցին,
որոյ
հիմունք
երկնից
վրայ
դրուած
են,
որոյ
շինուածքը
իր
հաւատացելոց
սրտի
եւ
հոգւոյն
հետ
շաղախուած
են։
Աստուած
կայ
յաւիտեան,
իր
եկեղեցին
կայ
յաւիտեան։
Հայեր
այս
եկեղեցւոյ
զաւակն
են
եւ
Քրիստոսին
կը
հաւատան,
ուրեմն
Հայեր
կան
յաւիտեան։
Եկեղեցին
զթագ
չի՛
փշրեր,
եթէ
թագաւորն
անարժան
եւ
իշխանքն
դաւաճան
չը
լինին,
այլ
ընդ
հակառակն,
եկեղեցին
իր
զաւակները
ամէնէն
ալ
թագիւ
կը
պսակէ,
կ’ազնուացնէ,
կը
բարձրացունէ,
աղքատը
մեծատուն
կ’ընէ,
երանի՛
կու
տայ
տնանկին։
Ուրեմն
մեծատանց
թշնամի
չէ՛
եկեղեցին,
թէ
մեծատունք
անիրաւ
չըլինին։
Տկարին
քաջալերս
կը
կարդայ,
անկելոյն՝
յարութիւն,
ծառային՝
ազատութիւն,
յանցաւորին՝
ներողութիւն՝
ոչ
աշխարհն
վեր
’ի
վայր
ընելու
համար,
այլ
բոլորն
ալ
հաւասար
քաջ,
հաւասար
արի,
հաւասար
ազնիւ,
հաւասար
ազատ,
հաւասար
մեծ,
եւ
միմիանց
ներողք,
միմիանց
սիրողք
ընելու
համար։
Ա՛յ
Սիւնեցի,
կ’ըսես,
թէ
մարդս
շատ
կնիկներ
պէտք
է
ունենայ,
սակայն
մէկ
Ադամին
մէկ
Եւայ,
եւ
մէկ
արգանդէ
անթիւ
մարդիկ
ծնան։
Նոյի
դարը
յիշէ,
բազմացա՞ն
այն
գարշելիներ,
թէ
իրենց
անձանց
հետ
եւ
բոլոր
հողագնտիս
ապականութեան
պատճառ
եղան։
Մեք
այն
Աստուածը
կը
պաշտենք,
որ
զԱբրահամ
հարստացոյց
եւ
ոչ
աղքատացոյց։
Բայց
պէտք
է,
որ
մենք
ալ
Աբրահամ
լինինք։
Մեք
այն
Աստուածը
կը
պաշտենք,
որ
ծովը
ցամքեցոյց,
զԻսրայէլ
ազատ
անցոյց,
փարաւոնը
ցամաքի
ջրերով
խեղդեց։
Մեք
այն
Աստուածը
կը
պաշտենք,
որ
զԴաւիթ
տղայ՝
աղքատ
եւ
հովիւ,
թագաւոր
պսակեց։
Մեք
այն
Աստուածը
կը
պաշտենք,
որ
զՍողոմոն
եւ
Իսրայէլի
տունը
օրհնութեամբ,
ճոխութեամբ
եւ
մեծութեամբ
լցոյց։
Այն
Աստուածն
է
Հայաստանի
Աստուած,
որ
զժողովուրդ
գերի
կը
վարէ,
կը
չարչարէ,
եւ
թշնամին
զնա
կրակի
մէջ
կը
ձգէ,
բայց
չի
թողուր,
Աստուած
չի
թողուր,
որ
վառի։
Յիշէ
երեք
մանկունք։
Աստուած
այն
Աստուածն
է
Հայաստանին,
որ
մեռաւ
եւ
յարեաւ,
եւ
մեք
կը
հաւատանք,
որ
մեռնինք
ու
յարութիւն
կ’առնունք։
Աստուած
այն
Աստուածն
է
Հայաստանին,
որ
խաչին
վրայ
անարգուեցաւ
եւ
փառաւորեցաւ.
եւ
մեք
կը
հաւատանք,
թէ
մեր
եկեղեցւոյ
համար
անարգուիլ
փառաւորութիւն
է
մեզ։
Աստուած
այն
Աստուածն
է
Հայաստանին,
որ
անշնչեցաւ
եւ
արիւնլուայ
ինկաւ,
բայց
կը
գոռար.
«Քաջալերացարո՛ւք,
ես
յաղթեցի
աշխարհի»։
Այո՛,
Հայաստանեայց
ժողովուրդ
իր
արեան
հոսանաց
հետ
կ’աղաղակէ
Քաջալերութիւն
եւ
կը
յաղթէ
վերջապէս
Յազկերտին։
Քրիստոնէութիւնը՝
ճշմարիտ
Աստուածապաշտութիւնը,
անմահութիւն
է
մարդոց։
Աստուծոյ
սէր,
Քրիստոսին
սէր
քան
զմարմին
հրեշտակներ
առաւել
քաջ
ու
աներկիւղ
կը
գործէ
զմարդ։
Այն
անձին
ծերութիւն
չկայ,
այն
ազգին
վախճան
չկայ,
անոր
համար
իր
հայրենիքն
երկինք
համարուած
է,
եւ
երկինքն
իր
հայրենիք
եղած
է.
երկնից
Աստուածը
կը
պաշտէ,
իր
հայրենեաց
հողը
կը
պաշտէ,
որոյ
վերայ
երկրպագութիւն
կը
մատուցանէ
Աստուծոյ,
եւ
իր
շրթունքները
կը
քսէ՝
Աստուծոյ
անունը
յեղեղելով։
Սիրելի
չկայ
անոր
համար
երկրիս
վրայ.
իրեն
սիրտը
յագեցած
է,
եւ
լեզուն
Աստուծոյ
սիրով
միայն.
կինն
այնպէս,
այրն
այնպէս.
ե՛ւ
ոսկին,
ե՛ւ
արծաթ,
ե՛ւ
փառք,
ե՛ւ
մեծութիւն,
ե՛ւ
կեանք,
ե՛ւ
վայելչութիւն
անոնց
համար
եկեղեցին
է
միմիայն
երկրիս
վրայ։
Զարեհ.
-
Աստուածաբանութիւն
կը
կարդաս
ինձ
չկայ
մէկ
տող
էջ
39-ից
սրտմտութենէն։
Եթէ
կ’անսաք,
եւ
եթէ
կը
ներէք,
երկայնմտութեամբ
խօսինք։
Վահէ.
-
Խօսեցէ՛ք,
բայց
ոչ
ամբարտաւանութեամբ,
ակն
ածելով
սուրբ
հաւատոյն,
եւ
հայրենեաց
պատուոյն։
Զարեհ.
-
Վահէ,
հաւատքդ
թո՛ղ
սուրբ
համարուի,
բայց
Հայրենիք
բառը
դեռ
իրաւո՞ւնք
կայ
միթէ
Հայուն
կոչելու։
Հայաստանը
իր
հարցն
իշխանութիւնն
ու
կենդանութիւնը
տուաւ
Շապուհին.
եւ
այսօր
անոնց
գերեզմանները
միայն
մնացին
իր
ծոց։
Հայն
իր
իշխանութեան
հետ
իր
հարց
անունն
ալ
կորսնցուց,
եւ
հարց
անուանց
հետ
իր
հայութիւնն
ալ
հետեւաբար
կորսուած
է։
Վահէ.
-
Կորո՜ւստ,
ի՛նչ
կ’ըսես,
Զարե՛հ,
ազգի
կորուստ
չկայ,
եւ
ազգի
մը
հայրենիք
օտարի
մը
սեպհական
չի
լինիր։
Ազգ
կ’ապրի
իր
եկեղեցւոյն
մէջ.
եւ
թող
գերի
երթայ
նա,
թող
ջարդուի,
թող
կտրտուի,
միլիոնաւորներէն
թող
հարիւրաւոր
մնայ,
նա
իր
Աստուած
ու
իր
հայրենիք
իր
սրտին
մէջն
ունի.
կը
կողոպտուի
մարդոց
գանձ,
կը
մերկացընեն
անձին
զարդարանք,
բայց
չեն
կարող
անոր
զգացմունքը
կողոպտել,
քանի
որ
կայ
այն
ազգը,
կը
յիշէ
իր
հայրենիքն.
եւ
քանի
շատ
չարչարուի
ազգ
մը,
այնքան
կը
մօտենայ
նա
իր
փրկութեան,
իր
հայրենեաց
դրան։
Շապուհ
տիրեց,
այո՛,
Հայաստանի
հողերուն,
բայց
ոչ
Հայոց
սրտերուն.
Յազկերտն
հարկեց
ժողովրդեան
անձինքը,
բայց
ոչ
անոնց
հոգիք։
Տե՛ս,
Զարեհ,
տե՛ս,
մնացորդք
Հայոց
ինչե՜ր
կը
գործեն,
տե՛ս,
քանի՛
բիւր
մոգ
եւ
պարսիկ
ջարդեց
Վանանդայ
եկեղեցին,
եւ
Վարդանն
Հայոց
գլուխ
անցնելով,
եւ
սուրբ
քահանայք՝
Հայոց
առաջնորդ
կանգնելով,
քո
պերճացած
բազմաթիւ
ու
հզօր
պարսիկներն
ի՞նչպէս
ջարդեցին։
Այսօր
Հայեր
տէր
են
բոլոր
Հայաստանին։
Ահա՛
Արտաշատն
մեծ՝
իր
աւաներով,
եւ
անմատոյց
բերդերէն
Գառնի,
Անին,
Արտաքի
ու
իրենց
աւանները,
Երկայնորդն
ու
Արհնին
եւ
իրենց
աւանները,
Բարձրաբուղն,
Խորանիստն,
Ծխանիստն,
անկասկածելին
Ողականն
ու
անոնց
աւանները,
անուանին
Վան
ու
իրեն
աւանները,
Գռեալն,
Կապոյտն,
Որոտն
ու
Վասակաշատն։
Այս
ամէնը,
որ
երէկ
լցուած
ու
ամրացած
էին
պարսիկներով,
կրակով
ու
մոխրով,
այսօր
Վարդանայ
սուրն
ու
ժողովրդեան
բազուկը
տիրեցին,
քանդեցին,
տապալեցին
եւ
նորէն
սուրբ
խաչ,
նորէն
սուրբ
սեղան,
նորէն
Աստուածօրհնութիւն
այն
տեղերը
լցին։
Կը
տեսնե՞ս,
կրօնք,
ճշմարիտ
հաւատքը
ի՞նչ
կ’ընէ
զմարդ.
քիչով
շատերուն
կը
յաղթէ,
տկարներով՝
հզօրները։
Դու
գիտես,
թէ
քանի՛-քանի
մեծամեծ
բերդեր
միայն
աղօթելով
եւ
խաչին
նշանաւ
ինկան
կործանեցան։
Դու
իսկ
գիտես
Ամատունին
առանձար,
այն
խաչիւ
պսակեալ
նահատակն,
ինչ
յաղթանակներ
վարեց
Հերայ
բանակին
մէջ։
Ազգ
մը,
որ
ո՛չ
թագաւոր
ունի,
ո՛չ
ընկեր,
ո՛չ
պաշտպան
եւ
ո՛չ
ապաւէն,
այսպէս
ոգեւորուած
լեռն
ու
ձոր
թշնամոյն
դիակներով
լեցոյց,
ոսոխին
արիւնով
ներկեց,
եւ
այսօր
Աղուանից
աշխարհը
փրկելու
կը
վազէ։
Ահա՛
գնաց
Վարդանն
իր
բանակով,
իմ
տէրն
Արշաւիր
անոր
նիզակից։
Ես
գիտեմ,
ես
կը
հաւատամ
իմ
Աստուած,
որ
պիտի
լսեմ,
թէ
Հայերն
այն
տեղն
ալ
քաջացան,
Հայեր
պարսից
յաղթեցին,
Հայեր
Աղուանք
փրկեցին։
Բայց
քոյդ
Սիւնեցին,
քոյդ
անիծեալ
Վասակը
դեռ
կը
շարունակէ՜
իր
ամբարշտութիւնը,
իր
գազանութիւնը,
դեռ
ուրացութեան
պատմուճան
վրայէն
չը
մերկացաւ.
խաբեց
զԱստուած,
երդուաւ
եւ
ստեց
սուրբ
աւետարանին,
եւ
այսօր
Սիւնեաց
որդիք,
արքունի
զօրքը
իր
ձեռքն
առած,
աւեր,
գերութիւն,
պղծութիւն,
ստութիւն,
սպաննութիւն
կը
գործէ
իր
եղբարց
մէջ,
իր
հայրենեաց
մէջ.
Վասակին
սատկումը
ես
պէ՛տք
է
տեսնեմ։
Զարեհ.
-
Վահէ՛,
դու
գիտես,
որ
ես
վաղ
ձգեր
եկեր
եմ
Վասակայ
ծառայութենէն,
բայց
այս
մասին
մէջ,
իմ
խորհուրդս
ներէ՛,
որ
քեզ
յայտնեմ։
Վասակ
խիստ
քաղաքագէտ
եւ
խելացի
եւ
Ազգին
փառաց
նախանձախնդիր
մէկն
է։
Վասակայ
ըրածները
Հայաստանի
բարիք
են։
Եթէ
Վարդան
եւ
Արշաւիր
եւ
Ներշապուհ
եւ
միւս
նախարարներ
չը
խաբուէին
քահանայից,
այլ
առ
ժամանակ
ընդունէին
մնային
մոգութեան
մէջ,
եթէ
այն
սարսափելի
ջարդը
մոգաց
եւ
զօրաց
չի
տային,
այսօր
Հայաստան
իր
կորսնցուցած
իշխանութիւնը
ձեռք
բերած
էր։
Ի՞նչ
մեծութիւն,
քան
զթագաւորութիւն,
ի՞նչ
ցանկալի,
քան
զգանձ
եւ
պարգեւ։
Ասոնք
ամէնը
ո՛չ
միայն
խոստացած
էր
Յազկերտ,
այլ
եւ
ղրկած
էր
այն
մոգաց
բազմութեան
հետ։
Սակայն
առ
ոտն
կոխեց,
այս
ամէն
բարիքներէն
եւ
շնորհքներէն
զրկե՛ց
Վարդանն
զՀայաստանը,
եւ
խեղճ
ժողովուրդը
ետեւ
ձգած
’ի
մահ
կը
վարէ,
մեռցնելու
կը
տանի
բերէ։
Այսպիսի
ժամու
մը
մէջ
կրօնք
խնդրելո՞ւ
է,
եւ
կրօնքի
համար
Ազգ
մը
կորսունցունելո՞ւ
է։
Ահա
ա՛յս
է
քո
Վարդան,
այս
քո
քահանայք։
Իսկ
Վասակ,
եթէ
տակաւին
կը
գերէ,
կ’ասպատակէ
այս
տեղէն
այն
տեղ,
դարձեալ
իր
նպատակը
շահաւէտ
է
ազգին.
թող
կորսուին
քանի
մը
տուներ,
թող
շինուի
ամբողջ
հայրենիք։
Կեցցէ՜
իմ
Վասակ։
Վահէ.
-
Ի
տարտարոս,
’ի
սանդարամետ,
’ի
գոգ
Բէլիարայ,
եւ
անոր
մարմին
անգամ
Հայաստանի
սուրբ
հողին
չարժանանայ,
շուներ
լափեն
անոր
դիակը,
որդեր
եռան
անոր
կոկորդին
մէջ,
պայթի
գարշելւոյն
որովայնը,
ապականի
անոր
ողջ
անձը,
տեսնեն
զինքը
անցաւորներ
եւ
նզովք
կարդան
անոր,
տեսնեն
եւ,
փոխանակ
կարեկից
լինելու,
ոտնահար
լինին,
պատմեն
իրարու,
եւ
առակ
նշաւակ
համարուի
ազգաց
եւ
ազանց
մէջ.
ասեն՝
Վասակա՜յ
արժանի
վախճան.
ահա՝
ըզՔրիստոս
ուրացող,
ահա՛
հայրենեաց
դաւաճան,
ահա
սուրբ
Եկեղեցւոյն
թշնամի,
ահա
ճշմարտութեան
հակառակորդ,
ազգին
մատնիչ,
եղբարց
խողոխիչ,
կեղծաւոր,
փառասէր։
Վասակն
իր
Աստուածը
ուրացաւ,
որ
զինք
ստեղծեր
էր,
Վասակն
զՔրիստոս
անարգեց,
որ
զինքը
իր
Աստուածային
արիւնով
էր
ներկեր,
սուրբ
Աւազանը
մոռացաւ,
որ
զինքը
երկնից
էր
որդեգրեր,
բոլոր
շընորհքներէն
մերկացաւ,
որով
ինք
պատկեր
Աստուծոյ
եւ
ժառանգ
Արքայութեան
էր
եղեր։
Վասակը
սուրբ
եկեղեցին
ապականեց,
որով
ինքը
օրհնուած
էր։
Վասակը
պիտի
չապրի
իբրեւ
մարդ,
եւ
անոր
մահ
չարաչար
պիտի
լինի։
Մարդ,
որ
իր
կենսատուն
կը
մերժէ,
իր
եղբայրները
կը
դաւաճանէ,
իր
ծնողը
կը
մեռուցանէ,
իր
բարերարները
կը
մատնէ,
հաւատարմութիւն,
ճշմարտութիւն,
սէր,
գութ
եւ
ամէն
կերպ
մարդկային
ու
քրիստոնէական
սրբազան
ձիրքերը
ու
պարտքերը
իր
հոգիէն
կը
թօթափէ,
Հայեր
խնայեցին
իրեն.
նա
նենգութիւն
գործեց,
սուրբեր
ողորմեցան
իրեն.
նա
այնպիսի
սոսկալի
ոճիրներ
գործեց,
նա
Աստուծոյ
ահաւոր
ձեռքէն
սարսափելի
եւ
հանդիսաւոր
հարուած
կ’ընդունի։
Ո՞վ
չէր
գիտեր
այդ
օձին
խորամանկութիւնը,
բայց
ներեցին
իրեն,
եւ
դա
այնչափ
երախտեաց
դէմ
անոնց
ընտանիք
գերի
կը
վարէ։
Թող
գայ
միանգամ,
թող
մօտ
գայ
Կամսարականի
տան։
Վահէն
պահեր
է
անոր
արեւուն
հարիւր
կշիռ
վաղակաւորն։
Եւ
դու
Զարեհ,
արդարեւ
Սիւնեցի,
օգտակար
կը
համարիս
Հայաստանին
համար
այդ
խորհուրդ
ու
ինքն՝
բարի
ու
շնորհալի
մարդ,
քան
զՎարդանն։
Ի՞նչ
համեմատութիւն.
Վարդան՝
Գաբրիէլ,
Վասակ՝
Սադայէլ։
Նման
է
ճիշդ
քո
բան,
եթէ
մէկը
բարի
ասէր
չար
սատանային,
որ
խոստացաւ
Ադամին
Աստուած
լինել
եւ
խաբեց
զրկեց
զնա
իր
բարիքներէ։
Յաւիտեան
դատապարտեալ
դեւն,
յաւիտեան
դատապարտեալ
Վասակն։
Միթէ
կը
փոխարկէ
մարդ
իր
լուսատու
աչքը
անարգ
մետաղին
հետ,
կեանքը՝
հանդերձի
հետ,
հաւատքը
կը
փոխուի՞
գանձին
հետ,
եկեղեցին՝
երկրաւոր
պարգեւաց
հետ։
Գնա
այդ
յիշատակարանը
ուրիշ
երկիրներ
փնտրէ,
առաքինի
Հայն
այդ
վատութիւն
չըներ.
գնա՛
Վասակայ
ճակտի
վրայ
կարդա՛
այդ
սեւ
մահարձան.
Վարդան
սուրբ
է
եւ,
եթէ
մեռնի
նա,
մեռնի
Վարդան,
կրկին
պիտի
կանգնի
Հայաստան։
Զարեհ.
-
Ապագան
կը
վճռէ։
Երբ
այս
մրրիկները
դադրին,
այն
օրը
կը
կարդանք
մեր
կարծեաց
վճիռը։
Վահէ.
-
Հազարաւոր
տարիէն
ետքը
եկող
հայկական
սերունդին
սրտէն
կը
կարդամ
իմ
վճիռս,
Մասիսի
անմահ
կողերուն
վրայ
կը
քանդակեմ
ես
Վարդանայ
անուն։
Եկող
Հայեր
թող
կարդան,
թէ
Վարդանն
եւ
ճշմարիտ
Հայեր
յանձն
առին
Եկեղեցին
եւ
Հայրենիք
փրկելու
համար
մեռնիլ։
Թող
կարդան՝
Վասակն
ու
իրեն
նման
նենգաւորներ
յանձն
առին
իրենց
ճակատը
պսակելու
համար,
գանձ
եւ
պատիւ
ստանալու
համար
զԱստուած
ուրանալ,
եկեղեցին
սպանել,
հայրենիք
կործանել։
Քահանայք
թող
կարդան,
թէ
Ղեւոնդն
եւ
Յովսէփ
Քրիստոսի
հաւատքը
պահպանելու
համար,
ազգը
յաւիտենական
կորստէն
փրկելու
համար
Վարդանին
աջակից,
Հայոց
մարտագիր
եղան,
յանձն
առին
սուրին
դէմ
իրենց
կուրծքն
ու
պարանոց
պարզել։
Թող
կարդան՝
Պետրոս
եւ
Զանգակ
երէցներ
Վասակին
արբանեակ
եղան,
յանձն
առին
կամաւ
երկնաւոր
եւ
անմահ
պսակէն
զրկուիլ,
երկրաւոր
փառաց
եւ
մեծութեան
հասնելու
համար
սուրբ
հաւատքն
ատել,
եկեղեցին
արիւնով
ողողել։
Ո՛չ,
Յազկերտ,
ո՛չ,
դու
կարող
չէիր
Հայաստանին
մատ
զարնել,
եթէ
Վասակ
քեզ
չառաջնորդէր։
Եւ
ոչ
դու
Վասակ,
դու
կարող
չէիր
եկեղեցոյն
վնաս
մը
բերել,
եթէ
սուտ
քահանայք
քեզ
չէին
ծառայեր։
Ո՜վ
քահանայութիւն,
որ
’ի
սուտն
եւ
յուղիղ
միայնգամայն
զօրաւոր
ես։
Երկու
քար
ալ
արձակենք
Յունաստանի
ճակտին,
որ
մոռցաւ
Քրիստոսի
սէր,
թողուց
եկեղեցոյ
սուրբ
ուխտը,
նախապատուեց
իր
շահն,
փոխանակ
Հայոց
օգնելու՝
դաշինք
կռեց
մոխրապաշտին
հետ։
Թող
մնայ,
Յունաստան,
այս
ալ
քո
նենգութեան
յիշատակ
թող
մնայ
Հայաստանի
մէջ.
Քրիստոս
դատէ
զքեզ։
Հայերն
ալ
թող
ճանաչեն
զքեզ։
Ահա
’ի
Քրիստոս
եղբայր,
բայց
’ի
հաւատս
օտար։
Հայեր,
դուք
էք
ձեր
ապաւէն,
օտարին
չը
յուսաք
բնաւ։
Երբ
կռուիք
կամ
կ’ապրիք,
օտարին
ձայն
մի՛
տաք։
Մտէք
ձեր
եկեղեցոյ
մէջ,
յուսացէք
ձեր
հաւատքը,
կանչեցէ՛ք
զԱստուած.
նա
միայն
է
հաւատարիմ
ձեզ,
նա
միակ
պաշտպան
ձեզ։
Զարեհ.
-
Արդարեւ
հաստ
կող
եւ
յամառ
Հայ
ես
եղեր,
Վահէ,
եւ
քեզ
պէս
կը
տեսնամ
ահա
բոլոր
Հայերը։
Եթէ
քիչ
մը
քաղաքագիտութիւն
գիտնայիք,
եթէ
քիչ
մը
իմաստասիրութիւն
ունենայիք,
աշխարհ
ու
մարդ
ի՜նչ
են,
հասկըցած
լինէիք,
այսօր
եւ
այսուհետեւ
երջանիկ
մարդիկ
էիք։
Ազգ,
հաւատք,
հայրենիք.
այս
երեք
բառերն
են
ահա՛,
որ
բոլոր
մարդիկ
մարդոց
թշնամի
են
ըրած,
ընկեր
ընկերին
ատելի,
նման
նմանին
հալածիչ։
Եւ
վերջապէս
քանի
անգամ
որ
այս
բառեր
հնչուեր
են
մարդոց
բերնէն,
այնքան
անգամ
արիւնհեղութիւն
ըրեր
են
մարդիկ
իրարու
դէմ։
Ի՞նչ
ազգ։
Ուր
տեղ
որ
գտար
մէկը
քեզ
բարեկամ,
ո՛ր
մարդը
զքեզ
սիրող,
այն
քո
Ազգն
է։
Ամէնքս
ալ
Ադամորդի
չե՞նք,
մէկ
արիւնէ
եւ
մէկ
հօրէ
յառաջ
եկած
չե՞նք։
Ի՜նչ
հաւատք։
Ո՜ր
կրօնք
որ
զքեզ
հեշտալի
կը
թուի,
որ
զքեզ
կը
մեծացնէ,
որ
զքեզ
կը
փառաւորէ,
կը
բերկրեցընէ։
Որ
կարօտ
զքեզ
չը
թողուր,
որ
անխտիր
վայելել
կուտայ
արարածոցս
ամէն
բան,
ինչ
որ
կ’ուզէ
մարդկային
բնութիւն,
որ
չի
պատժեր,
որ
չի
սպառնար,
որ
չի
թշնամաներ,
այլ
միշտ
կուտայ
եւ
կը
ներէ,
այն
կրօնքը
քեզ
համար
կրօնք
համարէ։
Ի՞նչ
Հայրենիք։
Ուր
տեղ
որ
հանգիստ,
պատիւ,
ճոխութիւն,
վայելք
կը
գտնես,
այն
քո
հայրենիքն
է։
Միթէ
այս
հողն
ու
այն
հողը
մի
եւ
նոյն
Աստուած
չէ՞
ստեղծեր։
Այսօր
Պարսիկն
այն
ազդեցութեան
տէրն
է,
որոյ
զօրութիւն
ծագէ
’ի
ծագ
երկրի
տարածուած
է։
Այսօր
խելացի
մարդ
կը
խառնուի
անոր
հետ,
կը
միանայ
անոր
հետ։
Ազգը
անոր
ազգ
պէտք
է
լինի,
կրօնքն
անոր
կրօնք
կ’ընդունի,
եւ
յայնժամ
իրեն
համար
հայրենիք
է,
ինչ
տեղ
որ
լինի։
Այսօր
Պարսիկին,
վաղն
ալ
այն
ազգին,
որ
մի
եւ
նոյն
ազդեցութիւն
կ’ունենայ։
Յազկերտը
բարերար
կը
համարիմ
ես
Հայաստանին,
որ
զրկելոյն
այց
կ’առնէ,
անկելոյն
ձեռն
կուտայ,
մերկացելոյն
գանձ
կը
բաշխէ,
տկարն
կը
յարուցանէ։
Սակայն
անմիտ
Հայեր,
իրենց
օգուտը
արհամարհելով,
փոխանակ
անոր
շընորհքները
ընդունելու,
անոր
սուրն
իրենց
վրայ
կը
հրաւիրեն
եւ
իրենց
պարանոցը
զենման
կը
նուիրեն։
Վահէ.
-
Ամբարշտեցա՛ր,
Զարեհ,
անզգամացար
քան
զչափն
առաւել։
Յազկերտին
ո՛չ
խորհուրդ
եւ
ո՛չ
գործքեր
երբէք
բարի
են։
Սակայն
ամենաբարին
Աստուած
անոր
չարութեանց
վրայ
բարիք
կը
կառուցանէ.
Յազկերտ
Քրիստոսի
եկեղեցին
քակել
կը
կարծէ,
ընդ
հակառակն՝
իր
ձեռօք
նորէն
կը
շինէ,
նորէն
կը
հաստատէ։
Յազկերտը
Հայաստանէն
Քրիստոնէութիւնը
բառնալ
կը
կարծէ,
ընդհակառակն՝
’ի
նորոյ
անոր
սէրը
ամէնու
սրտին
մէջ
կը
զարթուցանէ,
ամէնու
հոգւոյն
մէջ
կ’արծարծէ։
Յազկերտը
սուրբ
հաւատոյ
հետ
եւ
Հայուն
անուն,
Հայ
ազգը,
Հայաստան
կոչումը
կը
կարծէ
ջնջել,
Պարսից
գաւառ,
Պարսից
մասն
կ’ուզէ
անուանել,
ինչպէս
որ
դուն
ալ
կը
կարծես,
Զարեհ.
այլ
ընդհակառակն՝
այս
ազգը
իր
սեփհական
Հայկական
անուամբ
’ի
նորոյ
կը
պսակէ,
այս
աշխարհը
իր
ազատական
եւ
անմահական
անուամբ
’ի
նորոյ
կը
յորջորջէ։
Այո՛,
ազգի
մը
վրայ
հալածանք
հանել՝
այն
ազգին
կեանք
զարթուցանել
ու
անոր
սրտին
մէջ
պահուած
կրակ
բորբոքել
է։
Ժողովրդեան
մը
հայրենեաց
թշնամութիւն
ընել՝
անոր
ծոց
ննջած
առիւծները
գրգռել,
անոր
լեռ
ու
ձոր
կենդանացնել,
անոր
ջուրն
ու
հող
կատղեցնել
ու
իր
վրայ
յարուցանել
է։
Առաւել
եւս
հաւատոյ
հալածիչները,
որք
երբ
իրենց
որսական
գործիքներ
եւ
զէնքեր
առած
կ’ընթանան
եկեղեցւոյն
վրայ,
հոն
երամացած
խաղաղիկ
մնջիկ
նստած
միամիտ
աղաւնիք՝
մէյմէկ
հրացայտ
վիշապներ
կը
տեսնեն,
որոնք
շչալով,
գոռալով
կը
յարձակին՝
«Յաղթանակ
կրօնից,
յաղթանակ
ազգային,
յաղթանակ
հայրենեաց»
որոտալով։
Եւ
այս
ձայներն
ու
գոչումն
կը
կրկնեմ
այս
տեղ,
որ
պատռի՛
քո
սիրտը,
Զարեհ,
քո
սիրտը,
որ
լցուած
է
անկրօնութեամբ,
ցամքած
է
ազգասիրական
զգացմունքներէ,
եւ
հայրենեաց
գութ
ու
յարգանք
բնաւ
չունի
իր
մէջը։
Զարեհ.
-
Թող
Վահէին
մահ
եւ
թշուառութիւն
լինի
բաժին,
իրեն
հետ
եւ
իրեն
պէս
անմիտ
Հայերուն։
Այո՛,
թող
Քրիստոս,
Հայ
եւ
Հայրենիք
կանչեն
ու
իյնան
մեռնին։
Սակայն
Զարեհին
պսակ,
գանձ,
արեւ,
առիւծանշան,
ոսկի,
կին,
տուն,
ծառայ,
կեանք,
խրախճանք,
վայելչութիւնք
ու
բերկրանք։
Թող
Վարդանայ
հետ
Վահէն
մտնէ
գերեզման,
թող
Վասակայ
հետ
Զարեհ
թագաւորէ
Հայաստան։
Վահէ.
-
Այո,
թող
մեռնիմ
ես
Վարդանին
հետ,
զոր
երկինք,
հայրենիք
եւ
ապագայ
Հայոց
սրտերը
պիտի
պատուեն
անմահութեամբ։
Վարդանն
եթէ
մեռնի,
Վահէն
եթէ
մեռնի,
հայրենիք
եւ
սուրբ
հաւատքը
պաշտպանելու
համար
կը
մեռնի,
եւ
անոնց
արեան
կաթիլն
անգամ
զուր
չանցնիր.
անոնց
ոսկորներէն
ու
արիւն
առիւծի
կորիւններ
կը
յառնեն………
(Ներսէհ
եւ
Հրահատ
կուգան
ներս)
Ա՜հ,
վատ
Զարեհ,
նայէ՛
այս
հրեղէնները.
(Թեւերուն
տակ
կ’առնէ
գգուանօք)
Ասոնք
Կամսարականի
արիւնն
են։
Արշաւիրն
ասոնք
ծներ,
Աստուած
Արշաւրին
ասոնք
տուեր
է,
որ
Հայաստան
ասոնցմով
պաշտպանուի,
փրկուի
եւ
ուրախ
լինի։
Ասոնք
կը
սնանին
Յազկերտի
թոռներուն
մահաբեր։
Ներսէհ
եւ
Հրահատ.
-
Հա՛յր,
Վահէ,
չեկա՞ւ
մեր
հայրիկ,
չեկա՞ւ
մեր
Վարդան
քեռին։
Չէ՞
մեզ
կ’ըսէին,
Արագածին
ծաղիկները
չը
թափած
կը
դառնանք,
Երասխին
ափերը
չիջած,
ջուրը
չը
նուազած՝
կը
դառնանք։
Ահա՛
արագիլն
ալ
գնաց,
ահա
բուրաստանն
ալ
կը
խամրի,
եւ
ծառերն
ու
որթը
իրենց
պտուղները
հասուցին,
հաւքեր
կը
քաշուին
իրենց
երկիրները,
մեր
հայրիկն
ո՞ւր
մնաց,
չը
դարձաւ
տակաւին։
Վահէ,
ասա
մեզ,
ի՞նչ
լուր
ունիս,
ե՞րբ
կուգայ
Վարդան
եւ
ե՞րբ
Արշաւիր։
Ասա՛,
զարդարուինք,
մեր
թուրեր
կապենք,
մեր
զէնքեր
հագնինք,
սաղաւարտ
դնենք,
նժոյգներ
հեծնենք,
կտրիճ
Հայոց
հետ
մէկտեղ
դէմն
ելնենք։
Զարեհ
(Մրմրալով).
-
Խեղճ
տղաքներ,
խեղճ
ծերունի։
Արշաւիրն
ալ
ո՞ղջ
կը
դառնայ,
Վարդան
ալ
արե՞ւ
կը
տեսնէ։
Անոնք
արդէն
Աղուանից
լալկաններուն
ձեռքն
են,
անոնց
դիակներուն
վրայ
ողբեր
կը
կարդան.
Վասակն
զանոնք
խեղդամահ
ընել
տուաւ։
Խե՛ղճ
տղաք,
անհայր
մնացիք,
անհայր։
*
*
*
Յանկարծ
դղրդիւն
մը,
եւ
քանի
մը
հոգի
ներս
կը
մտնեն.
-Ողջոյն
քեզ
Վահէ,
Կեցցէ՛
Հայաստան,
Կեցցէ՛
մեր
հաւատք,
Կեցցէ՛
Մամիկոն
Վարդան,
Կեցցէ՛
Արշաւիր
Կամսարական։
Յաղթեց
Հայն,
Խորտակեցաւ
Պարսիկ,
Փրկեցաւ
Աղուան
Բարձրացաւ
սուրբ
խաչն,
Կործանեցաւ
Ատրուշան։
Կուգայ
Հայոց
բանակն
աւարաւ,
Կուգայ
ցնծութեամբ
եւ
յաղթանակաւ,
Զէնք,
սուր,
գանձ,
գերի
եւ
մթերք
անթիւ,
Կու
գան
զԱստուած
օրհնելով
եւ
աղաղակաւ։
Փախաւ
օձն
Վասակ,
փախաւ
ծակէ
ծակ,
Տարած
գերիներն
եւ
աւար
թողած.
Ահա՛
ընտանիք
մեր
նախարարաց,
Ահա՛
տարած
գանձն
ամէնքն
ետ
կու
գան,
Ելէք,
Վահէ,
ըշտապ
վազեցէ՛ք
Քաջաց
դէմ
գնացէ՛ք,
բանակ
դիտեցէ՛ք.
Թնդացին
լեռներ,
շարժեց
դաշտն
ու
ձոր,
Երբ
տեսան
Հայոց
հանդէս
փառաւոր։
Ներսէհն
եւ
Հրահատ
կը
խայտան,
դէպ
’ի
տուն
կը
վազեն։
Վահէն
ցնծութենէն
արտասուք
կը
հեղու,
եւ
սրտի
կրակէն
կատղածի
պէս
իր
շուրջը
կը
նայի։
Զարեհը
լռիկ
եւ
դեղնած
դէմքով
դուրս
կը
սողոսկի։
Վահէ,
լեզուն
կարկամածի
պէս
քիչ
մը
կը
լռէ՝
յայսկոյս
յայնկոյս
նայելով,
եւ
յանկարծ
կ’աղաղակէ՛.
-
Ո՞ւր
կորաւ,
ո՞ւր
գնաց,
ո՞ւր
է
անզգամն,
Զարեհն
ո՞ւր
է։
Այսօր
այս
տեղ
մատաղ
պէտք
է
անել
անոր
արեւը՝
Հայոց
քաջութեան,
Խաչին
յաղթութեան,
հայրենեաց
փառաւորութեան։
Սո՛ւր
մը
ինձի,
Զարեհն
ինձի,
բերէ՛ք,
բերէ՛ք…։
Աստուած
Գրիգորի,
Աստուած
Ներսիսի,
Աստուած
Սահակայ,
Աստուած
Վարդանայ,
Աստուած
Հայաստանի,
քեզ
իմ
խոնարհ
երկրպագութիւնն
գոհութեամբ
սրտի
կը
մատուցանեմ։
Դու
ալ,
ո՛վ
Մասիս,
քո
տխուր
ոգին
իմ
խռովեալ
ոգւոյն
հետ
ցնծութեան
փոխէ։
Արագածն
ու
իր
ճեղքած
գագաթ,
Արարատն
ու
իր
պատռած
սիրտը,
իմ
բեկեալ
երիկամանց
հետ
թող
երկնից
ցօղով
զուարթանան։
Հոսեցէ՛ք,
ջրեր,
Երասխին
ափեր,
հոսեցէ՛ք,
իմ
աչքեր,
ուրախութեան
արցունքներ։
Նաւակատիս
թող
կատարեն,
օրհնեն
զՏէր
բոլոր
հայեր,
կաթնկերն
մինչեւ
գերեզմանին
ծերը,
օրհնեցէ՛ք
զՏէր,
եւ
ցնծացէ՛ք
անոր
առջեւը։
Ձեր
պաշտած
կրօնքը
սուրբ
էր,
հզօր
էր
ձեր
հայրենեաց
եւ
ազգին
սէր,
յաղթեցիք
եւ
պիտի
յաղթէք,
կրօնից
եւ
միութեան
սէրը
ճանչցէ՛ք,
զայն
պինդ
պահեցէք։
Օրհնեալ
է
սուրբ
Խաչն,
օրհնեալ
եւ
խաչեալն
Աստուած։
ՆԱԽԱԳԻՏԵԼԻՔ
Գ.
ՄԱՍԻՆ
Վարդանայ
եւ
Մուշկանայ
մեծ
պատերազմը
կատարուեր
է.
Շաւարշական
դաշտը
արիւնով
եւ
դիակներով
լցուած,
Վարդանը
իւր
հայրենասիրութեան
եւ
Քրիստոսասիրութեան
նահատակութեան
սուրբ
պսակն
ընդունած
է
իւր
քաջ
նիզակակցաց
եւ
առաքինի
ընկերակցաց
հետ
մէկտեղ.
ողջ
մնացած
նախարարք
Հայոց,
ամրացած
Հայաստանի
այս
եւ
այն
բերդերու,
լեռներու
եւ
ամրոցներու
մէջ,
ու
կը
կռուին,
կը
զարնեն,
կը
յաղթեն
դեռ
եւս
Պարսկին։
Վասակը
սուտ
երէցներով
եւ
խաբեբայ,
ուրացող
նախարարներով
մէկտեղ
կը
շրջի
ամեն
կողմերը՝
սուտ
յոյսեր
տալով
եւ
մեծամեծ
խոստմունքներով
խաբելով,
շատ
տեղ
պաշարում
եւ
բռնութիւն
եւ
աւեր
եւ
հրձիգ
ընելով։
Ներշապուհ
Արծրունին,
սուրբ
ուխտին
մեծ
նախարարներէն
էր
եւ
պատերազմներուն
մէջ՝
կտրիճ
ճակատամարտ,
քաշուած
իր
բուն
հայրենեաց
մէջ՝
ի
Վասպուրական,
յՈստան
քաղաք,
այն
տեղ
քաջութեամբ
կը
կռուէր
Պարսից
դէմ
(էջ
50),
կը
վանէր
զանոնք,
կը
հալածէր
մոգն
ու
մոգպետը,
կ’սպաննէր
կրակն
ու
կրակապաշտները,
եւ
Ռշտունեաց
սուրբ
Սահակ
եպիսկոպոսին
հետ
կը
պահպանէր,
կը
սրբագործէր
այն
սահմանները։
Այսպիսի
գործողութեանց
հետ
մէկտեղ
Ներշապուհի
միտք
եւ
հոգին
անդադար
կը
յիշատակէր
Վարդանայ
եւ
անոր
հետի
առաքինեաց
անունը,
կեանքը,
գործը
եւ
փառաւոր
մահը.
եւ
ահա
այս
զգացմունքն
ու
յիշատակն
է
մեր
Երրորդ
գրուածոյն
դուռը։
Ատովմ՝
Ներշապուհին
որդին,
կը
դառնայ
հօր
մօտ՝
պատմելով
իր
ըրած
սրբազան
քաջութիւնները
եւ
կոտորածները
Պարսկին,
որոնցմով
կը
փառաւորուի
հայրը
եւ
կը
խրախուսէ
ու
կրկին
կը
վառէ
զորդին
’ի
վրէժ
Պարսկին
եւ
ուրացող
Հային։
Շաւասպ՝
Ներշապուհի
հաւատարիմ
եւ
ծեր
զինակիրը,
կը
դառնայ
Ներշապուհին
մօտ,
որ
Շաւարշանայ
մեծ
պատերազմէն
զկնի
միւս
հայ
նախարարաց
հետ
Խաղտեաց
լեռներուն
ամրոցներուն
մէջ
անոնց
հետ
մէկտեղ
կ’ամրանար
ու
կը
պատերազմէր
Պարսից
դէմ՝
շատ
քաջութիւն
գործելով։
Կը
դառնայ
ողջանդամ,
շրջելով
շատ
տեղերէ՝
կը
հասնի
իւր
տիրոջ
մօտ
եւ
կը
պատմէ
իւր
ըրածները
ու
տեսածները,
որով
կրկին
կը
վառի
Ներշապուհին
հոգին
’ի
վրէժ
Պարսկին
եւ
Վասակին։
Հրաման
կ’ընէ
իւր
գաւառներուն,
որ
բանակ
կազմեն,
պատրաստուին
երթան
Հմայեկին
մօտ՝
Խաղտեաց
լեռներուն
մէջ,
նոր
կռիւ,
նոր
մարտ
յարդարել։
Եւ
ահա
ձայն,
լոյս,
անուշահոտութիւն,
հրեշտակաց
տեսիլ,
Վարդանանց
հոգիք
կ’երեւան
յերկինք,
որ
Հմայեկի
սուրբ
հոգին
առած՝
օրհներգութեամբ
եւ
փառօք
կը
թռչին
առ
Աստուած։
Կ’իմանան,
թէ
մեռած
է
Հմայեակ։
Ողբերգութիւն։
Գ.
ՄԱՍՆ
ԵՐՐՈՐԴ
ՏԵՍԱՐԱՆ
Ի
ՎԱՍՊՈՒՐԱԿԱՆՆ
Ի
ՅՈՍՏԱՆ
Արծրունին
Ներշապուհ
Վարդա՜ն…
Խորէ՜ն.
Հմայեա՜կ.
Արտա՜կ.
Տաճա՜տ.
Ներսէ՜հ.
Վահա՜ն.
Արսէ՜ն.
Գարեգի՜ն.
Ո՜վ
անմահ
անուններ…։
Քաջ,
կորովի,
արի,
զարմանալի,
իմաստուն,
հրաշակերտ,
վեհ,
ցանկալի,
յառաջադէմ…։
Առագինիք,
ո՜վ
իմ
ընկերներ,
մեռած
եւ
միշտ
կենդանի
Հայեր,
ո՛վ
երեսուն
ու
վեց
եւ
հազար
Հայ
նահատակներ։
Աւարայրի,
Աւարայրի,
դաշտ
գերեզմանական,
դաշտ
նուիրական։
Քո
հողդ
սուրբ
է
այսուհետեւ,
դու
քան
զերկինքն
եղար
առաւել.
քոյդ
ծոց
ննջեցին
Հայոց
արեգակներ,
անոնց
մարմիններուն
վրայ
ելեւէջ
կ’անեն
Աստուած
եւ
հրեշտակներ։
Ալ
պէտք
չեն
քեզ
համար
ցօղ
եւ
անձրեւներ,
ալ
Հայոց
համար
ծաղիկ
մի՛
ծլիր։
Թող
գան,
թող
գան
Հայոց
աղջիկներ՝
քեզ
մէջ
շրջելու,
վարդի
տեղ
Վարդան
խնդրելու,
քաղցր
մանուշակի
տեղ
Հայոց
արիւնը
հոտոտելու։
Իրենց
կուսական
ճակտին
պսակ,
իրենց
գեղեցիկ
պարանոցին
մանեակ՝
թող
փոխանակ
շուշանի՝
Հայոց
քաջաց
փշրուած
ոսկորներ
հիւսեն.
եւ
երբ
ծիծեռն
ու
սարեկ
կու
գան
քո
կանանչներուն
մէջ
գարունը
գեղգեղել,
թող
Հայոց
մանկտին
ուսանի
անոնց
հետ
կանչել
յեղյեղել,
արձագանք
տալ
եւ
առնել.
Վարդան,
Խորէն,
Արտակ,
Ներսէհ,
Հմայեակ,
Տաճատ,
Արսէն,
Վահան,
Գարեգին,
եւ
երեսուն
ու
վեց
եւ
հազար
Հայեր,
Հայաստանի
սիրոյն,
փառաց
եւ
կենաց
ընտիր
մատաղներ։
Դու,
Տղմուտ,
միշտ
պղտոր
մնաս,
պղտոր
ընթանաս,
ինչ
որ
քո
աչքովդ
եւ
քո
շուրջ
տեսար,
բնաւ
չը
մոռանաս,
քեզմէ
ջուր
խմողին
Վարդանայ
համը
տաս,
քոյդ
տխուր
պատկեր,
քոյդ
մանրիկ
ու
մեղմ
ալեաց
վրայ
գրուած
յիշատակներ
ամէն
Հայուն
կարդաս
եւ
վկայես,
թէ
ինչպէս
քո
ցուրտ
ծոցին
մէջ,
քոյդ
թաց
աչքերուդ
առջեւ
քաջացան,
կըռուեցան,
հայրենեաց
եւ
սուրբ
հաւատոյ
համար
ամէն
բան
մոռացան,
զարկին,
զարնուեցան,
փռեցին,
փռուեցան,
թշնամին
ջարդեցին
ու
իրենք
ինկան,
Աստուած
սիրող
Հայեր,
հայրենիք
սիրող
Հայեր
եւ
իրենց
զօրավար
Մամիկոնեանն
Վարդան։
Քեզ
անէծք,
ո՜վ
Տղմուտ,
եթէ
մոռանաս
այս
իմ
ուխտ։
Խցուին,
ցամաքին
քոյդ
աղբերակունք,
զքեզ
տեսնեն,
օրինակ
առնեն
հայրենիք
մոռացողք,
Հայութիւն
ուրացողք։
Այլ
դու
մի՛
լար
Հայաստան,
թէ
մեռաւ
Վարդան,
բայց
զքեզ
սիրող,
քեզ
պաշտպան
Հայեր
տակաւին
շատ
կան։
Վերջինն
քան
զամէն
Ներշապուհն
է,
բայց
իմ
երեսէն
դեռ
բոլոր
Պարսիկ
սարսափ
կը
կրէ։
Հողմո՛ւնք
հայրենեաց,
քանի
կը
փչէք
’ի
Շաւարշան
դաշտ,
բերէ՛ք
այն
տեղէն
ամէն
Հայերուն
հոգի
Վարդանանց։
Արձագանգ
տուէ՛ք,
ուսէ՛ք
եւ
կանչէ՛ք
Արտօսայ
բարձունք,
Վարագ,
Կորճեայք
եւ
քարինք
Մոկաց,
Հայերը
վառեցէ՛ք
’ի
բոց,
’ի
նախանձ,
’ի
վրէժ
Վարդանայ,
’ի
վրէժ
Հայ
քաջաց,
հրապաշտ
Պարսից
ճետ
ջնջել
’ի
վրէժ
հաւատոյ,
’ի
վրէժ
հայրենեաց։
Ո՜վ
Աստուած,
ո՜վ
Աստուած…։
Ատովմ.
-
Հայր
իմ
Ներշապուհ։
Ներշապուհ.
-
Որդեա՛կ
իմ
Ատովմ…
բայց
ի՞նչ
է
այդպէս
արիւնոտ
պատմուճանդ,
քրտնած
քոյդ
ճակատ,
Ատովմ։
Ո՞ւր
տեղէն
կու
գաս։
Ատովմ.
-
Այն
տեղէն,
ուր
մեր
բանակն
է։
Քառասուն
սեւ
Պարսիկ
մէկ
ձեռքովս
այս
մէկ
սուսերով
շան
սատակ
ըրի,
չորս
ատրուշան
միւս
ձեռքս
կործանեց։
Պիղծ
կրակն
ի
ծով
գլորեցինք,
տասն
եւ
ութ
քուրմեր,
մոգ
եւ
մոգպետներ
ողջ-ողջ
թաղեցինք։
Ներշապուհ.
-
Բե՛ր
համբուրեմ,
Ատովմ,
քոյդ
ազնուական
ճակատը,
բեր
օրհնեմ,
որդեակ,
քոյդ
յաղթական
բազուկը։
Այսօրուընէ
քեզ
կու
տամ
իմ
բոլոր
զէնքերս,
քեզ
ընծայ
կու
տամ,
քեզ
կտակ
կուտամ
այն
զէնքերը,
որ
բնաւ
չեն
սորված
դադրիլ,
երես
դարձունել,
այլ
միշտ
զարնել,
միշտ
ջարդել
Պարսիկ,
չար
մարդիկ,
սուտ
եղբայրներ,
կեղծաւոր
քրիստոնեայք,
խաբող
ընկերներ,
հայրենեաց
դաւաճանք,
հաւատոյ
թշնամիներ։
Ատովմ,
որդեակ,
եթէ
մենք
խաբուեցանք
Վասակէն,
եթէ
Վարդան
եւ
սուրբ
քահանայք
ներեցին
այն
չարին,
երբ
ձեռք
կը
դնէր
սուրբ
Աւետարանին,
բայց
քեզ
անմոռանալի
եւ
սուրբ
կտակ
մի
կը
նուիրեմ,
ահա՛,
չը
խաբուիս
դուն
ալ,
թէ՛
Վասակ
եւ
թէ՛
իւր
սուտ
երէցներ,
ուր
որ
կը
տեսնես,
զա՛րկ
մեռցուր,
շուներուն
տուր
անոնց
ոսկորներ։
Դու
կը
տեսնայիր,
Ատովմ,
թէ
ի՜նչ
կրակ
ու
բոց
կտրած
էի
այն
քանի
անգամ,
երբ
Վասակ
կ’երդուէր։
Հազար
կտոր
կ’ուզէի
ընել,
բայց…
բայց…
բայց…
ո՛վ
Աւետարան
եւ
սուրբ
քահանայք։
Դու
տեսար,
թէ
ի՛նչպէս
ստեց,
ի՛նչպէս
քակեց,
սպաննեց
Հայաստանի
քաջեր,
աւեր
դարձոյց
հոյակապ
եւ
սուրբ
տաճարներ։
Գիտեմ,
գիտեմ,
Վասակայ
դատաստան
մեծ
կ’ընէ
Աստուած,
եւ
զայն
պիտի
տեսնեն
մեր
աչքեր,
բայց
քեզ
կը
պատուիրեմ,
եւ
ասա՛
դու
քոյդ
զաւակաց,
եւ
զաւակներդ՝
իրենց
զաւակաց,
թող
չը
խնայեն,
չը
խաբուին
իրենք
ալ
Վասակայ
հոգի
Հայերէն։
Ա՜հ,
ամէն
ազգն
իր
Վասակն
ունի,
ամէն
ժամանակ
Հայն
Վասակ
ունի։
Ատովմ.
-
Հա՜յր
իմ,
Ատովմը
Ներշապուհի
զաւակն
է,
քոյդ
արիւնն
է,
Ատովմն
ալ
Ներշապուհ
է։
Ատովմը
կ’ուխտէ
չը
մոռանալ
իր
տեսածները,
չը
մոռանալ
իր
լսածները։
Եւ
դու
քաջացիր,
Արծրունեաց
առիւծ,
որ
երեք
երեսուն
տարիներ
անցուցած
ես
գլխովդ
եւ
միշտ
յաղթութեամբ,
միշտ
Աստուծոյ
եւ
Հայաստանին
համար
արիական
նուիրական
պատերազմներով
պսակած
ես
քոյդ
գագաթը։
Կ’երդնում
սուրբ
խաչին
վրայ
եւ
այս
աղի
ծովն
ու
կապոյտ
երկինքը
վկայ
կը
բռնեմ
բանիս,
արեանս
վերջին
կաթիլ,
անձինս
ամէն
սիրածները,
սրտիս
բոլոր
իղձերը
զոհել՝
քոյդ
առագինութեան
յիշատակը,
հայրենեացս
փառքը
եւ
սուրբ
կրօնքս
պաշտպանելու
համար։
Ձեր
գերեզմաններ,
հա՛յր
իմ,
մեզ
եւ
մեր
ապագայ
սերնդոց
անմահութեան
պատճառ
են.
Շաւարշանայ
հողը
համբուրել,
Տղմուտին
ջուրը
խմել,
կենաց
կենդանութիւն
են
Հայութեան,
եւ,
այո՛,
ձեր
փոշիներէն
պիտի
հանէ
Աստուած
ձեր
հոգւով
Հայեր,
որք
առ
հասարակ
վրէժխնդիր
լինին
Յազկերտին
ու
Վասակին,
իւրաքանչիւր
Հայն
իւր
դարու
թշնամւոյն,
իւր
դարու
Վասակին։
Ներշապ.
-
Եթէ
Աստուած
չը
կամեցաւ
իմ
արիւնս
խառնել
այն
սրբոց
արեան
հետ,
թող
ընդունէ
իմ
ցամքած
աչքերէս
հոսած
արցունքներ,
զորս
կը
հեղում
սուրբ
եկեղեցեաց
վրայ,
կը
հեղում
Հայոց
ներկայ
վիճակին
վրայ։
Տե՛ս,
որդեակ,
Հայաստանի
քաղաքներ
ու
շէները
բոլոր
ամայացած,
նախարարները՝
որը
մեռած,
որը
լեռներուն
գլուխները,
ձորերուն
խորշերը
փախած,
տիկնայք՝
իրենց
փափկութենէն
ինկած,
հարսները՝
առագաստ
թողած,
առ
հասարակ
բերդեր,
ամրոցներ,
դաշտերն
ու
լեռները
լեցուցած,
խոտաբուտ
կ’ապրին։
Եւ
գոհ
սրտիւ
կ’ապրին։
Գոհ
սրտիւ
կ’ապրինք,
եւ
ասոր
համար
կը
մխիթարուիմ
ես։
Վասնզի
Աստուծոյ
համար
է
այս
ամէնը։
Տեսանք,
այո՛,
տեսանք
մենք
մեր
աչօք
մեր
քաջ
նահատակներու
սպաննուիլը,
մեր
սիրելիներուն
խողխողուիլը։
Մեր
գանձերը
մեր
ձեռքէն
ձգեցինք։
Շատ
մայր
իր
զաւկին
մահը
իր
աչքին
առջեւ
տեսաւ,
շատ
կոյսեր
իրենց
նշանածը,
եւ
շատ
հարսներ՝
իրենց
փեսաները
մեռած
թողուցին
ու
անցան,
շատ
ծնողաց
գիրկերէն
կաթնկեր
տղաքներ
ինկան
ու
ալ
շունչ
չառին։
Բայց
ամէնքն
ալ,
մխիթարութեան
հոգի
զգեցած,
Աստուած
կանչեցին
ու
այն
ցաւերուն
յաղթեցին։
Լացինք
մենք
միայն
եւ
կուլանք
մեր
եկեղեցեաց
քանդումը,
լացինք
մենք
եւ
կուլանք,
թէ
մոռցուին
այս
մեր
կրած
ցաւերուն,
այս
մեր
ըրած
գործքերուն
եւ
այս
մեր
ունեցած
ու
անցուցած
օրերուն
յիշատակները
ապագայ
Հայերէն։
Գրեց
եւ
կը
գրէ
Աստուծոյ
մատը
այս
ամէնը
իւր
յաւիտենական
մատենին
մէջ,
կը
գրէ
անշուշտ
Հայոց
պատմութիւնը
իր
էջերուն
մէջ,
եւ
Հայաստանին
հսկող
հրեշտակը
կը
քանդակէ
զայս
Հայոց
լեռներուն
ու
բլուրներուն
վրայ։
Կ’աղաչեմ,
կ’աղաչեմ,
քեզ
ուղղած
խօսքերովս
ամէն
ժամանակաց
Հայերուն,
որ
կարդան,
ուսանին,
յիշատակեն
եւ
տօնեն
Հայոց
ազգութեան
այս
մահաբեր,
բայց
կենսատու
յիշատակը։
Դեռ
կայ,
դեռ
կայ
մեզ
շատ
չարչարանք
կրել,
դեռ
կայ
մեր
եկեղեցեաց
քանդուիլը
եւ
սուրբ
քահանայից
կապանքները
տեսնել,
դեռ
կայ
մեր
ժողովրդոց
գերի
վարուիլ,
օտարութեանց,
ստրկութեանց
մէջ
ցրուիլ,
բայց
այս
ամէնը
ո՛չ
ազգ
մը
ոչնչացնել
կարող
են
եւ
ո՛չ
եկեղեցին
անհետցնել։
Արտասուքս,
կսկիծս
եւ
երկիւղս
միայն
այն
ժամանակուայ
Հայոց
համար
է,
որոնք
հանգիստ
եւ
ապահով
օրեր
կ’ունենան,
բայց
զիրենք
հեշտութեան,
անհոգութեան,
անգիտութեան,
եւ
անձնասիրութեան
տալով
կը
մոռնան
իրենց
ազգային
կեանքն,
ոչ
անցեալն
յիշեն,
ներկան
հոգան,
ոչ
ապագան
պատրաստեն։
Այն
օրն
է,
ահա՛,
ազգութեան
մահ
եւ
եկեղեցեաց
վախճանը,
այն
է,
որ
յառաջ
կուգան
տգէտ,
սուտ
եկեղեցականք,
այն
օրն
է,
որ
յառաջ
կուգան
վատ
ու
մոլի
իշխանք,
այն
օրն
է,
որ
յառաջ
կուգան
իրենց
կամք
պաշտող
կոյր
ժողովրդականք,
որք
առ
հասարակ
կա՛մ
օտարաց
անձնատուր
կը
լինին,
կա՛մ՝
ճարտարաց
պատրաստական
կերակուր։
Աշխարհիս
շրջանին
մէջ,
մարդկութեան
կարգին
մէջ
կուգայ
ժամանակ
մը,
որ
սուսերին
չըրած
գործը
լեզուն
պիտի
ընէ,
արիւնով
ազատուած
ու
պահպանուած
կրօնք
ու
Ազգութիւն
անհոգութեամբ
պիտի
վախճանը
գտնէ։
…………………………………………………………………………………………
-Այդ
ինչ
շառաչիւն,
ի՞նչ
դղրդոց
է՝
կը
լսուի…։
Շաւասպ.
-
(Խումբ
մը
ներս
կու
գայ)
Տէր
իմ
Ներշապուհ։
Ներշապուհ.
-
Ո՛վ
իմ
Շաւասպ։
Շաւասպ.
-
Բոլոր
Աղձնիք,
Տմորիք
եւ
Խաղտիք
շրջելով
կու
գամ…
Այրարատու,
Սիւնեաց,
Բարձր
Հայոց
քաղաքներէն
անցայ,
ծուխ
եւ
մարախուղ
այն
ամէն
տեղերուն
միչեւ
երկինք
կը
բարձրանայ.
անօրէն
Վասակ
կրակը
ձեռքն
առած
կը
վառէ
բոլոր
շէներ
եւ
երկու
բանակ
հետն
առած
լեռներ
եւ
ամրոցներ
կը
դիմէ։
Բանակ
մը
սուտ
քահանայից
եւ
ուրացող
իշխանաց,
բանակ
մը
Պարսիկ
սուր
ու
բոց
առած,
հրովարտակ
կը
կարդայ,
թողութիւն,
շինութիւն
կը
խոստանայ
Հայոց
Յազկերտին
կողմէն։
Սուտ
երէցներ
կ’երդնուն,
ուրացող
նախարարք
կը
յորդորեն,
եւ
Պարսիկը
զանոնք
կը
խողխողէ…։
Դարձեալ
արիւն,
դարձեալ
պատերազմ,
դարձեալ
մահ։
Կապոյտ
լերան
Հայերը
մեծ
ջարդ
տուին
պարսիկին,
Խաղտեաց
ամրականները
ջարդ
ու
փշուր
ըրին
մնացած
Պարսիկները։
Բակ
Սիւնեցին՝
այն
խաչապսակ
քաջազն
Հայկազուն,
մոխիր
դարձոյց
հազարաւոր
ճակատներ
եւ,
արիւնոտ
սուրը
բերանը
բռնած,
վազեց
ուրիշ
կողմեր՝
Հայոց
օգնելու։
Անոր
հետ
խառնուեցաւ
գնաց
քոյդ
արիւնոտ
Շաւասպ։
Գետի
մը
ափունքներ
խումբ
մը
պարսիկներ
տեսանք
եւ
անոնց
մէջէն
լալեաց
ու
հեկեկանաց
խեղճ
հեծեծանքներ
լսեցինք։
Հայու
ձայն
էր
մեր
լսած,
Հայ
կանանց,
Հայ
աղջկանց,
Հայ
կաթնկեր
մանկանց
ձայն…
գերի
էին
ինկեր
թշուառները,
եւ
միմիայն
իրենց
աղաղակն
էր
«Աստուա՛ծ»։
Կը
լռէին
եւ
կը
մրմնջային
վերստին
«Աստուա՛ծ»։
«Աստուած՛»,
-
մենք
ալ
գոռացինք
Բակին
հետ
եւ
վրայ
հասանք։
Ջուր,
փոս,
խորխորատ
այն
Պարսից
բաժին
մնաց,
եւ
մինչ
թափեցինք
գերիներ,
մէկ
գլուխ
Պարսիկներէն
ողջ
չը
մնաց։
Այլ
ի՞նչ
տեսարան,
ո՛վ
ողորմած
Աստուած.
ջրին
հոսանաց
մէջ
երկու
գեղեցիկ
կուսանք,
իրենց
մազերը
ջրի
երես
ծալ
’ի
ծալ
փռուած,
երկուքը
մէկ
կապով
իրարու
կապած,
ելեւէջ
կ’ընէին
ջրին
տակն
ու
ջրին
երեսը։
Դեռ
շունչ
կար
իրենց
բերնի
մէջ։
Տեսանք,
վազեցինք
զանոնք
փրկելու,
բայց
վերջինն
էր
այն
շունչը.
մահը
քան
զմեզ
շուտ
հասաւ։
Մէկ
նուազ
ու
անուշ
ձայնով
մը
կանչեցին
զԱստուած
եւ
հասան
առ
Աստուած…
(Բոլոր
տեսարանք
կը
մորմոքին
եւ
կ’ասեն)
Վա՛հ,
Վա՛հ…
Ներշապուհ.
-
Զինաւորուեցէ՛ք,
քաջեր,
Շաւասպ,
մի՛
կայնիր,
ձայն
տո՛ւր
Անձեւացեաց,
ձայն
Մոկաց,
ձայն
Ռշտունեաց,
ձայն
Կորդուաց,
ձայն
Քաջբերունեաց,
ձայն
Բզնունեաց,
ձայն
Վասպուրականի
ամէն
կողմերաց.
թող
իջնան
ամրոցներէն
վար,
թող
գան
ժողովին
մէկտեղ.
դեռ
Հայը
կայ
ու
կ’ապրի։
Թող
գան
իմ
քաջեր,
բանակ
տամ
քեզ
հետ,
Շաւասպ,
ա՛ռ
ու
հասիր
հիւսիսային
լեռներ։
Այն
տեղն
է
Հմայեակ,
այն
տեղն
Արշաւիր։
Ասա՛
թող
զօրանան,
կռուին,
զարնեն,
ջարդեն,
չը
թողուն
Պարսիկի
մէջ
վերջին
ճիռը։
Այնտեղ
սուրբ
քահանաներ,
ասա՛
թող
չը
բաժնուին
ժողովրդեան
մէջէն.
թող
օրհնեն
զԱստուած,
օրհնեն
Հայոց
զէնքն
ու
սուսերը։
Ասա՛
թող
խրախոյս
առնեն,
Ներշապուհ
ողջ
է,
այս
կողմերը
կը
պահէ։
Ատրպատականը
ամբողջ
ինձմէ
կը
սարսափէ,
մէկ
բանակ
ղրկեր
իմ
Հեր
եւ
Զարեւան,
ես
ալ,
ահա,
կ’երթամ։
Կ’երթամ,
կը
յաղթեմ
եւ
կուգամ։
Աստուած,
որ
կը
տեսնէ
իր
ամենակալ
աթոռոյն
բարձրութենէն
այս
նահատակութեանց
հանդէսը,
Աստուած
պիտի
տեսնել
տայ
վերջապէս
մեր
եկեղեցեաց
շինութիւն,
մեր
կրօնից
ազատութիւն,
մեր
աշխարհին
վերանորոգութիւն։
Աշխարհ
մը,
ազգ
մը,
որ
ծագէ
ի
ծագ
արիւն
կտրեցաւ,
արիւն
Հայերուն
ողողեցին
բոլոր
Հայաստանի
դաշտն
ու
լեռը,
գետերը
կարմիր
ներկեցան,
դաշտն
ու
ձորեր
դիակներով
լեցան,
չի
մոռցուիր
բնաւ
այս
տեսարան
Աստուծոյ
ամենատես
աչքէն.
անոր
գթութիւն
պիտի
հանէ
այս
հողէն
այդ
աւերիչ
ձեռքը
պիտի
փշրէ
այս
սուրբ
երկրէն
այդ
օտարին
ոտքը,
եւ
պիտի
յարուցանէ
կենդանացնէ
կրկին
Հայութիւն,
Հայութեան
հետ
քրիստոնէութիւն,
քրիստոնէութեան
հետ
ազատութիւն,
ազատութեան
հետ
անմահութիւն…։
-Այս
ի՞նչ
անուշահոտութիւն
բուրեց։
Միւսներ.
-
Անմահութեան
հոտ
է։
Ներշապուհ.
-
Այս
ի՞նչ
քաղցր
ձայներ
կը
լսուին։
Միւսներ.
-
Հրեշտակներու
եղանակ
է։
Ներշապուհ.
-
Այս
ի՞նչ
լուսաւորութիւն
էր
ծագեցաւ։
Միւսներ.
-
Լուսեղէն
հոգիներ
կ’երեւին։
Ներշապուհ.
-
Եւ
ահա՛
Վարդան…
Բոլորը
մէկտեղ.
-
Ահա՛
մեր
Վարդան…
եւ
Խորէն.
Արտակ.
Վահան.
Հմայեակ.
Ներսէհ.
Տաճատ.
Արսէն.
Գարեգին.
Ներշապուհ.
-
Եւ
իրենց
առջեւ
լուսեղէն
հրեշտակներ
պար
բռնած,
եւ
իրենց
գլուխ
լուսեղէն
պսակներով
պսակուած։
Իսկ
այն
ո՞վ
է,
որ
արիւնաթաթախ
եւ
լուսաթաթախ
կարմիր
եւ
ճերմակ
հագած
եւ
իբրեւ
փեսայ
հանդիսի
մէջ
առած
կը
տանին
յառագաստ…։
Այդ
կերպարանքը
Հմայեկին
է
նման.
աչքերը
պայծառ
բոցավառ,
բազուկն
երկայն,
կուրծք
բացալանջ,
ճակատը
լայն,
եւ
ձայն
Վարդանայ
«Եղբա՛յր»
կը
կանչէ,
«Եղբա՛յր
Հմայեակ»
ահա՛
կը
կանչէ։
Ձայն
ամենեցուն
Հայաստան
կը
կանչեն,
Հայոց
լեռներուն
Ողջոյն
կը
գոչեն։
Հմայեակն
է
այն,
որ
պսակուեցաւ,
Հմայեակ
գնա՜ց
Վարդանին
հասաւ։
…………………………………………………………………………………
ՈՂԲԵՐԳ
Թէ
Հայրենեաց
պսակադիր
Գողթնի
քնարք
լռեր
են,
Երկնից
թող
գան
անմահ
հոգիք
Հայոց
քաջեր
պսակել։
Մասեաց
գագաթ
թող
գան
բազմին
Երկնից
գունդ
գունդ
հրեշտակներ,
Աստուած
իջեր
’ի
Հայաստան
Հայոց
արիւն
հոտոտել։
Փախէ՛ք,
ամպեր,
Շաւարշանէն,
Ալ
մի՛
ցօղէք
ձեր
ցօղեր։
Շաւարշանը
ոռոգուած
է
Հայոց
քաջաց
արիւնէն։
Եւ
կը
ծըլին
ու
կը
ծընին
Այս
դաշտին
մէջ
ոչ
խոտ,
վարդ.
Այլ
Վարդանայ
ինկած
երկիր
Պիտի
ծաղկի
սուրբ
հաւատ։
Քանդակագործ
քաջ
Եղիշէն
Գրիչ
’ի
ձեռն
գայ
յԱրտազ,
Չափէ,
ձեւէ,
գրէ,
դրօշմէ.
Կեանք,
մահ,
հաւատք
Վարդանանց։
Ահ,
Վարդանայ
անուան
արժան
Մասիս
կանգնի
մահարձան.
Մենաստաններ
խաչն
’ի
գմբէթ
Աւետարան
սուրբ
տաճար։
Ծագէ՛,
արեւ,
քոյդ
ճառագայթ
Խաղտեաց
լեռներ,
մութ
խորշեր.
Այնտեղ
ինկաւ
քաջ
Հմայեակ,
Այնտեղ
պառկեր
նահատակ։
Լուսին,
լուսին,
աչօքդ
անքուն,
Պահէ՛
Հայոց
ոսկորներ,
Եւ
Մայիսի
զուարդ
ցօղով
Ցօղէ՛
անոնց
շիրիմներ։
Արծուիք,
բազէք
Հայաստանին
Եւ
արագիլ
ամրան
հիւր,
Դուք
հսկեցէք
այս
աշխարհին,
Ժառանգեցէք
Հայոց
տուն։
Մոխիրներու
վրայ
նստէք,
Աւերակները
շինէք
բոյն,
Եւ
ծիծեռնակ
գայ
ու
երթայ
Մինչեւ
հայոց
գայ
գարուն։
ԵՐԳ
ՎԱՐԴԱՆԱՅ
Վարդան
մեր
քաջ
զօրավար
Սուր
ի
ձեռին
ոսկեվառ
Կանչում
է
իւր
քաջերին
Ջարդել
զգլուխ
Յազկերտին,
Ո՜հ,
Վարդան,
Վարդան,
Վարդան։
Հայոց
զօրքեր
գունդագունդ
Ժողովում
են
կորով
թունդ
Մայրաքաղաքն
Արտաշատ
Մայրաքաղաքն
մարդաշատ։
Հայոց
զօրքեր
անհամար
Դըրօշակներով
պայծառ,
Ամէն
կողմից
շտապած
Վազվըզեցին
կատաղած։
Ղեւոնդեաց
խումբը
անմահ,
Անվախ,
անդող
եւ
անահ,
Խաչը
բռնած
Քրիստոսեան
Բորբոքեցին
զօրք
Հայկեան։
Փառք
եւ
պարծանք
յաղթական
Քեզ
սիրելի
իմ
Վարդան.
Որ
քո
սիրով
բորբոքիչ
Հանդիսացար
քաջ
փրկիչ.
Դու
եւ
քո
քաջ
ընկերներ
Արիւծափար
անվեհեր
Ջարդեցիք
զօրք
Պարսկական
Դրիք
գետին
անկենդան։
ՎԱՐԴԱՆ
Իմ
հայրենեաց
հոգիս
Վարդան,
Հոգիս
հոգւոյդ
եղնի
ղուրպան,
Որ
Տըղմուտի
ափերի
քով,
Վաթսուն
հազար
կտրիճներով,
Զարկիր,
զարկուար,
ինկար՝
քաջ-քաջ,
Պարսիկք
սըփռած
ի
ձախդ
ու
յաջ։
Իմ
հայրենեաց
արեւ
Վարդան,
Հոգիս
հոգւոյդ
եղնի
ղուրպան։
Աւետարան
ու
խաչն
առիր,
Տարիր
երկինք
բարձրացուցիր.
Եւ
դու
ալ
յետ
թողիր
գացիր,
Անուշ
արեւդ
հողին
տուիր,
Որ
հայրենեաց
շողայ
արեւ,
Շաւարշանայ
դաշտին
վերեւ։
Իմ
հայրենեաց
արեւ
Վարդան,
եւ
այլն։
Արիւնդ
կարմիր,
կարմիր
թափուաւ,
Դաշտն
ու
ծաղիկ
ներկուեցաւ,
Լուսնակն
ելաւ
ամպի
տակից,
Պաղ
պաղ
թափեց
ցօղիկն
յաչից,
Որ
հայրենեաց
վարդեր
բացուին,
Երգէ
պըլպուլ
դրախտի
սարին։
Իմ
հայրենեաց
արեւ
Վարդան,
եւ
այլն։
Ս.
Հ.
Ֆէլէկեան
ՎԵՐՋԱԲԱՆ
Լըռեց։
Ամպերը
եկան,
ծածկեցին
Երկինքն
ու
լուսինն
աչքէս
խըլեցին.
Մընացի
մենակ՝
հոգիս
վրդոված,
Ձեռներըս
ծոցիս,
գլուխս
քարշ
արած։
Եւ
այնուհետեւ
ամէն
իրիկուն
Մընում
եմ
լուսնի
խաղաղ
ծագելուն.
Նորա
տըխրամած
դէմքը
նայելիս
Յիշում
եմ
թշուառ
վիճակը
ազգիս։
Ա՜խ,
ցոլա՛,
փայլէ՛,
տխրադէմ
լուսին,
Գուցէ
քու
փայլից
փայլ
տաս
եւ
Հային։
Պատմէ՛
շատերուն
Վարդանի
Մահը,
Կամ
ի՞նչպէս
կորաւ
Հայ
ազգի
գահը,
Կամ
ի՞նչ
վեհ
սիրով
սիրում
էր
Վարդան,
Մայրենի
հողը՝
աշխարհն
Հայաստան։
Գամառ-Քաթիպա