Լտուտ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԼՏՈՒՏ
       ՏԻԿ. Զ. Ե. ԻՆ
       Ետքէն է որ սորվեցայ այս բառը։ Ու մինչեւ հիմա ալ չեմ գիտեր թէ ո՛րչափ շիտակ է ան, եւ իրօք իմ մանկութեանս զմայլելի ու աննման չէքլէմպի՞ճն է։ Իրերու եւ առարկաներու համար գրքերէ առնուած ու բանասէրներէ գործածուած ա՛յնքան բառեր կան մեր մէջ, որոնց վրայ կը խնդայ հայ գիւղացին, երբոր իր առջեւ կը գործածես զանոնք։ Իրարու նմանող բաներու յատկացուած են ատոնք՝ իրենց հմտութիւնը գրքերէ քաղող ուսումնականներու կողմէ, բայց բուն նշանակութեան քովն ի վեր կը սլքտան։ Մեզի համար, որ դպրոցին մէջ սորվեր ենք մեր լեզուն, թաղար պէտք է ըսել ծաղկամանին։ Կը յիշեմ որ Ալեքսանդրոբոլի մէջ, հայ պառաւի մը մատնանիշ ընելով իր պարտէզին անկիւնը ծաղկաման մը, ըսի իրեն.
       - Օ՜, թաղար ալ ունիս։
       - Թաղա՞ր, զարմացաւ պառաւը ժպտելով։ Տո՛ւնդ չը քանդուի, թաղարը էն ամանն է որուն մէջ թոնիրէն աւելցած մոխիրը կը դնենք։
       Բայց եթէ լտուտը շիտակ բառն ալ ըլլայ, ինծի բան մը չըսեր, իմ մէջս չարթնցներ այն անորակելի սխրանքը որ յիշողութեանս մէջ կապուած է չէքլէմպիճին հետ։ Այս ներդաշնակ բառն է միայն որ անմիջապէս կը պատկերացնէ ինծի անուշ վայրի պտուղը, պտղիկը պիտի ըսէի, որ ծառի վրայ կը բուսնի եւ որուն չափ համով բան ես չեմ ճաշակած երբեք։
       Իմ քիմքս կը ճանչնայ բոլոր բարիքները զոր առատաձեռն բնութիւն մը շռայլեր է՝ մարդուս զգայական հրճուանքին համար։ Շատ տեղ եղեր եմ, ու գիտեմ Երեւանի ասքերին, Կ. Պոլսոյ չավուշը, Չարճուի սեխը, Քէնթի կեռասը, Եգիպտոսի մոսը, Մօնթրէօյլի դեղձը, Բոցտամի ելակը, Կրոզնիի ձմերուկը ու Սէն-Մարսէլ-տ’Իւրֆէի անզուգական ռէն- գլօտը որ աստուածուհինեու համար ստեղծուած է անշուշտ։
       Բայց ի՛նչ են ասոնք չէքլէմպիճին քով։
       Ես բոլոր համերը գիտեմ։ Լաբոնիոյ սառնամանիքներուն մէջ, Հաբարանտա, ճաշակեր եմ ռէն-սթէքը, հիւսիսի եղջերուին ծխած զիստը, որ կարծեմ ամէնէն համեղ ուտելիքն է զոր մարդկային խելքը խլած ըլլայ բնութեան գաղտնիքներէն, եւ ինծի ծանօթ է Կուրի բերանը, Պանքի եզերքին վրայ, Մարտ ամսուն, նոր ճեղքուած սէվրիուկայի փորէն հանուած թարմ խավեարը, գորշ պզտիկ մարգրիտի նման, որ երկնային պարգեւ մըն է իրօք։ Ես վայելած եմ Էլպրուսի ծաղկաւէտ ու խնկաբոյր լանջերուն վրայ արածած գառնուկը, ուսկից աւելի ախորժելի միս մը գտնելու համար պէտք է երթալ, կ’ըսեն, մինչեւ Բաթակոնիոյ մշտադալար արօտավայրերը զորոնք կ’աւլէ ովկիանոսին աղի հովը, բայց ի՛նչքան հեռու է, աւա՜ղ, Մակէլլանի հրուանդանը։ Ինծի համար գաղտնիք չունի Վոլկայի սթէրլէտը, ու Կոլֆ-Սթրիմի խնամուտ տաքութեանը մէջ մեծցած շէթլանտեան սդակոսը։ Իրենց տեղին վրայ ըմբոշխներ եմ Լանկտոքի պարարակ սագի լեարդը, որ ֆրանսական հանճարին ամէնէն պանծալի ստեղծագործութիւններէն մին է ապահովապէս, ու Լիմբֆիորտի հսկայ ոստրէները, որոնցմով երանութիւնը կարծես բերանդ ի վար կը հոսի։ Իմ ախորժակս գգուեր փայփայեր են նորվեկիական Ֆինսէին կատարը որսացուած կաքաւը՝ ուռճալիր հաւամրգիով սնած, Զանգուի պզտիկ կարմրախայտները ոսկի պիսակներով աստեղացան՝ զոր կարկանդակի պէս կ’ուտէ մարդ, Սքակէրրաքի ֆիորտներուն չըլլալիք քարիտէսները, եւ Քամչաթքայի րիապչիքը զոր բալխիրները երեք ամիս շարունակ ձիւներուն վրայէն սուրալով կը բերէին Մոսկուա կամ Բեդրոկրատ։ Ու ձեզ չեմ մոռնար, ո՜վ Ռէշտի շիլա-փիլաւ զոր պարսիկ վարպետ մը սիրողաբար հրաշակերտեր էր, եւ քե՛զ, Սեւանի իշխան ձո՛ւկ, սաճի վրայ սոխի հետ խորոված եւ քչիկ մը մրկա՛ծ։
       Եւ սակայն ասոնցմէ ոչ մէկը ինծի առթած է այն անասնական խորունկ բերկրանքը զոր մանկութեանս ինծի կու տար չէքլէմպիճը։
       Ամէն բանէ առաջ, հազուագիւտ էր ան, բոլոր ազնուական բաներուն պէս, ու չէիր կրնար մէկ քանի փարայով կամ ղուրուշով գնել զայն անկիւնի մրգավաճառէն։ Իր հմայքը անոր մէջն էր որ պէտք էր անձամբ դատիլ ու յոգնիլ զայն գտնելու համար, ու ծառն ի վեր մագլցիլ՝ հասնելու համար իր անմատչելիութեան։ Գողտուկ բաներու անդիմադրելի հրապոյրն ունէր ան. բայց ի՛նչքան մեծ էր վարձատրութիւնը, երբ ձեռքդ իր վրայ կը դնէիր ու գրպաններդ անով կը լեցնէիր։
       Հասած չէքլէմպիճը մութ մանիշակի առողջ գոյն մը ունի, մուղտ ցոլքերով։ Միսը - ա՛հ, միսը - թեթեւ կանաչորակ, մեղմ ու փխրուն, շաքրոտ թեթեւ համ մը ունի, ո՛րքան աւելի բարձր մեղրին կոպիտ քաղցրութենէն, ու վայրի ծաղկի առողջ բուրմունք մը. միակ թերութիւնը թերեւս այն է որ - ինչո՞ւ, ո՜վ Տէր, անթերի բան չկայ այս աշխարհիս վրայ - կորիզը շատ խոշոր է. բայց իմ մատաղ գայլի ակռաներս ի՜նչպէս կը փշրէին անոր կակուղ անհարթ փայտը եւ մասնաւոր համ մըն ալ անկից կը հանէին։
       Ափսոսանքով կը յիշեմ որ չէքլէմպիճի ծառ չկար ամէն տեղ։ Ես մէկ քանի հատ կը ճանչնայի Վանքին Այգիին գերեզմանատունը, մին մանաւանդ Դուրեանի շիրիմէն ոչ հեռու, ու հատ մըն ալ, բարձրաբերձ ու մեծապայծառ, Իճատիէէն Գուզկունճուք տանող ձորին մէջ, բլուրին ստորոտը սայթայքող սապատող կածանէն քիչ մը անդին, դաժան մորմենիներով շրջապատուած, որ անոր կոյս առանձնութիւնը կը պաշտպանէին թոյլերուն ու վախկոտներուն դէմ։ Գուրգուրանքով կը հետեւէի իմ մտերիմ ծառերուս տերեւորման, ու յետոյ պզտիկ կանանչ գնտիկներուն սեւնալուն։ Ու երբ կու գային ամրան բարեբաստիկ օրերը ուր ծառերն ի վեր շուլլուելով կրնայի իմ հունձքս կատարել ու գրպաններս լեցնել մինչեւ բերանը, ասիկա պաշտամունքի ծիսակատարութեան մը պէս էր ինծի համար։ Անկիւն մը կը քաշուէի, մարդերուն անհարկի նայուածքներէն ու մանաւանդ ծակաչք ընկերներու պահանջկոտութենէն հեռու, ու անձնատուր կ’ըլլայի վայելքին հեշտութեանը…։
       * * *
       Ա՛յնչափ ման եկայ անկից ի վեր աշխարհիս վրայ, եւ ոչ մէկ տեղ չհանդիպեցայ չէքլէմպիճի։ Ի զուր փնտռեր եմ զայն օտար երկինքներու տակ, ճամբաներուն երկայնքը ու անտառներուն եզրը։ Ու թերեւս լաւ է որ չեմ գտներ զայն վերստին, անգամ մը եւս չկրելու համար այն սրտաճմլիկ ցաւը որ հասուկ տարիքի թոյնն է եւ որ Հիասթափում կը կոչուի, ու թերեւս շնորհապարտ պէտք է ըլլամ բարեխնամ դիպուածին որ զայն կը պահէ իր հեռաւոր եւ անվերագտանելի քաղցրութեանը մէջ, իմ Մանկութեանս պէս։
       (ԹԷՈԴԻԿ. - “Ամէնուն Տարեցոյցը”, 1927).