Թուրքահպատակի մը արկածները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԹՈՒՐՔԱՀՊԱՏԱԿԻ ՄԸ ԱՐԿԱԾՆԵՐԸ ՄԵԾ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ԱՏԵՆ

Փարիզ, 1939

Կեանքիս մէջ առաջին եւ   գէթ այդպէս կը յուսամ   վերջին անգամ ըլլալով բանտ գացած եմ… Լաբոնիայի մէջ, եւ ան ալ, կերպով մը, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան երեսէն։

Ասիկա սովորականէն դուրս արկած մըն է, զոր կ՚ուզեմ պատմել, մանաւանդ որ, անձնական դէպքի մը առաւել կամ նուազ շահեկան արժէքէն աւելի, մեծ պատերազմին ատեն Դաշնակից երկիրներուն մէջ թուրքահպատակ Հայերու կացութեան մասին ստոյգ վաւերագրի մը առաւելութիւնն ունի։

  Երբ 1914-ի Հոկտեմբերին Թուրքիա մէկէն ի մէկ պատերազմին մէջ մտաւ՝ Կէօպէնի եւ Պրէսլաուի կողմէ Սեւ ծովու ռուս նաւահանգիստներուն անակնունելի ռմբակոծումով, Փեթրոկրատ կը բնակէի քիչ ատենէ ի վեր։ Շատ չանցած, հրաւէր ստացայ ներկայանալու ոստիկանութեան, որ ռուսական խիստ   այն ատենուան համար   ու կասկածոտ ռէժիմին բերումով, օրը օրին ունէր ամէն տան կամ օթէլի մէջ ապրող օտարականներուն եւ նորեկներուն ցանկը, եւ որ ինձ յայտնեց թէ, իբր թուրքահպատակ, այսինքն՝ թշնամի երկրի մը պատկանող անձ, պարտաւոր էի բնակութեան մասնաւոր արտօնութիւն մը ձեռք բերել։

Պատերազմը ծագելուն պէս, ակներեւ էր արդէն բոլոր հայութեան, ինչպէս եւ Թուրքիոյ Հայերուն խոր համակրանքը Դաշնակիցներուն դատին հանդէպ։ Պատերազմի առաջին ամիսը Փարիզ էի, երբ Մաթէն հրատարակեց ռուսական զգայացունց հեռագիրը, որ կ՚իմացնէր թէ՝ Կովկասի փոխարքան, կոմս Վարանցով-Տաշքով, հրովարտակ մը ուղղած էր Հայերուն՝ կոչ ընելով իրենց բոլոր ուժովը յարելու ռուսական դատին եւ խոստանալով իրենց բոլոր բաղձանքներուն գոհացումը յաւարտ պատերազմին։ Վերջէն երեւան եկաւ թէ՝ այդպիսի հրովարտակ մը բնաւ գոյութիւն չունէր եւ թէ հեռագիրը ծայրէ ի ծայր շինծու էր։

  Ի՞նչ աղբիւրէ կը բխէր այդ լուրը, Մաթէն ի՞նչ պայմաններու մէջ էր հրատարակած զայն, ասիկա գաղտնիք մնաց։ Բայց թէ Հայերը, մանաւանդ Թուրքիոյ ասպարէզ իջնելէն յետոյ, սրտանց Դաշնակիցներուն հետ էին, ասիկա ամէն կասկածէ վեր փաստ մըն էր։

Կովկասի մէջ, հայ կամաւորական խումբերուն կազմութեան շարժումը ծայր տուած էր արդէն։ Հետեւաբար, ինծի համար դժուար չեղաւ ստանալ Փեթրոկրատ բնակութիւնս շարունակելու արտօնութիւնը։ Վերջէն, ռուս կառավարութիւնը, ինչպէս եւ բոլոր Դաշնակից երկիրները, ընդհանուր տնօրինութիւն մը պիտի ընէին՝ թուրքահպատակ Հայերը «թշնամիներուն» ցանկէն դուրս հանելու։ Ըսեմ այս առթիւ թէ, տարի մը յետոյ, Փեթրոկրատի զինուորական վարչութեան հետ մօտիկ յարաբերութիւն ունեցող հայ սպայ մը ինձ հաղորդեց թէ՝ երկու թուրքահպատակ Հայեր, որ իբր վաճառական կը ճամբորդէին, ձերբակալուած էին՝ լրտեսութեան ամբաստանութեամբ, Փեթրոկրատի պատերազմական ատեանէն դատուած, մահուան դատապարտուած եւ «մաքրագործուած»։ Աւելին չուզեց ըսել, եւ չկրցայ իմանալ ու մինչեւ հիմա ալ չեմ գիտեր թէ` որո՞նք էին այդ երկու Հայերը եւ իրենց վերագրուած ոճիրը մինչեւ ո՞ր աստիճան ճիշդ էր։

  Ամիս մը յետոյ, իմ թուրք հպատակութիւնը նոր դժուարութեան մը առջեւ դրաւ զիս։ Պետութեան ռազմանիւթ հայթայթող մեծ ընկերութեան մը կողմէ, որուն գլխաւորները բարեկամներ էին, ինձմէ խնդրուեցաւ Անգլիա երթալ՝ կապար, անագ եւ մեքենաներ գնելու Ռուսիոյ համար։ Անմիջապէս ընդունեցի, առանց մտածելու ճամբորդութեան բոլոր վտանգներուն։

  Սակայն, ի՞նչ վաւերաթուղթով Անգլիա պիտի մտնէի պատերազմի ատեն։ Թուրք անցագիրս անշուշտ չէր բաւեր, մանաւանդ որ պայմանաժամը շատոնց լրացած էր եւ հնարաւորութիւն չունէի զայն վերանորոգելու։ Թուրք դեսպանատունը եւ բոլոր հիւպատոսարանները փակուած էին եւ դեսպան ու հիւպատոս երկրէն հեռացած։ Առիթ ունեցած էի անձամբ իրազեկ ըլլալու այս իրողութեան։ Ասթորիա օթէլին մէջ, ուր կ՚ապրէի, սենեկապանս օր մը ինձ լուր տուած էր թէ իմ յարկիս վրայ մէկ քանի սենեակներ յատկացուած էին թորք հիւպատոսներու, որոնք հետզհետէ Փեթրոկրատ կը բերուէին Ռուսիոյ զանազան քաղաքներէն՝ Օտէսայէն, Թիֆլիսէն, Պաթումէն, Պաքուէն, Ռոսթովէն, եւ այլն, եւ Ֆինլանտայի վրայով Շուէտ պիտի ղրկուէին, անկից Գերմանիոյ ճամբով Թուրքիա վերադառնալու համար։

Օր մը նրբանցքին մէջ հանդիպեցայ իրենց ողորմելի հօտին, երբ մեղմաձայն կը խօսակցէին, եւ չեմ գիտեր ինչո՛ւ, չարախնդաց հաճոյքը տուի ես ինծի՝ իրենց խօսք ուղղելու թուրքերէն,

  Հանգիստ ճամբորդեցի՞ք, էֆէնտիներ,   հարցուցի։

Իրենց վատառողջ ճարպի մէջ ծանրաբեռն անբան աչքերը խոշոր բացած, իրարու նայեցան ու պատասխան չը տուին։

  Ե՞րբ ճամբայ պիտի ելլէք,   շարունակեցի՝ առերեւութապէս անտարբեր կասկածին եւ մանաւանդ զահանդեալ սարսափին, որ ակներեւօրէն կը պատէր զիրենք։

Ու, իրենց խայծ մը նետելու մտքով, աւելցուցի,

  Ես Թուրքիոյ հպատակ եմ։

Բառ մը չարտասանեցին, բայց, իրարու ետեւէ, հալածական երէի պէս, իրենց սենեակը մտան խուճապով եւ դուռը փակեցին ամրօրէն։

Ամէն անգամ որ այս միջադէպը միտքս կուգայ, ներքին խնդուք մը կ՚ողողէ զիս ցնծութեամբ։ Հիւպատոսները իրենք ալ մոռցած ըլլալու չեն անշուշտ թակա՜րդը, զոր իրենց լարեց ռուս գաղտնի ոստիկանութիւնը՝ Ասթորիայի մէկ նրբանցքին մէջ։

Նմանօրինակ ուրիշ խաղ մը պատմելու հաճոյքին չեմ կրնար դիմանալ այստեղ։

  1920 Հոկտեմբերին, երկարամեայ բացակայութենէ մը յետոյ, Կովկասէն Կ, Պոլիս անցեր էի՝ Ֆրանսա գալու համար։ Առտու մը, Սկիւտարէն Կամուրջ կ՚երթայի Շիրքէթի շոգենաւով։ Քովս նստած էր թուրք մը, աւելի յատկանշական պիտի ըլլար ըսել «տաճիկ» մը, անտարակոյս պետական պաշտօնեայ, կարճահասակ, թիկնեղ, տժգոյն, կլոր հոծ մօրուքով, մին անոնցմէ, որոնց համար մերինները կ՚ըսեն թէ՝ «թոյն կը վազէ երեսէն» եւ զոր Թուրքերը իրենք ալ կ՚որակեն բառով մը, որ բնակարաններու ամէնէն անհրաժեշտ անկիւններէն մին կը նշանակէ։ Պէշիկթաշի բացերը, անցանք Դաշնակիցներու պատկառելի նաւատորմիղին առջեւէն, որմէ քիչ հեռու խարսխած էր հելլենական Ավէրոֆ զրահաւորը, Յոյներուն փառքն ու պարծանքը։

Քովինիս դարձայ եւ ըսի, մեծ լրջութեամբ,

  Վա՛հ, վա՛հ, վա՛հ, ա՞ս ալ մի տեսնելու էինք։ Ես երկար տարիներէ ի վեր Կ, Պոլսէն բացակայ էի, նոր վերադարձած եմ, ու այս տեսարանը սիրտս կը ճմլէ։ Ինկիլիզներուն ըսելիք չկայ, ծովը իրենցն է, Ֆրանսացիներուն եւ Իտալացիներուն ալ հայտէ աչք գոցենք, բայց սա հելլենական տաշտը ի՞նչ գործ ունի այստեղ։

Թուրքերը, որ պէտք է ընդունիլ, հիւմօրի ըմբռնումն եւ ոգին ունին, շատ զուարճալի սրամտութեամբ մը՝ թէքնէ (տաշտ) մակդիրը փակցուցած էին հելլենական զրահաւորին։

  Մարդը ձայն չհանեց, բայց ես շարունակեցի,

  Սիրտս պէտք է որ դիմանայ ասոր։ Հէյ վա՛խ, ո՞ւր մնաց Օսմանեան փառքը, սալթանաթը։ Այս օրերո՞ւն ալ պիտի հասնէինք։

Բառ մը չելաւ իր կղպուած շրթունքէն։ Բայց եթէ նայուածքով կարելի ըլլար մարդ մը սպաննել, տեղն ու տեղը շանթահար կ՚իյնայի դիտապաստ։

Ժամանակ է, սակայն, Փեթրոկրատ վերադառնալու։

*

Անգլիա մտնելու արտօնութեան հարցը կրցայ յաջողութեամբ լուծել։

Ռուս բարեկամի մի միջոցաւ, որ կարեւոր պաշտօն մը ունէր Փեթրոկրատի անգլեւռուսական առեւտրական սենեակին մէջ եւ սերտ յարաբերութեամբ կապուած անգլիական դեսպան Սըր Ճորճ Պըքանանի, այս վերջինը բարի եղաւ ջերմ վկայական մը տալու ինձ, որուն մէջ կը յայտարարէր թէ՝ ես իրեն յանձնարարուած էի իբր ամէն կերպով պատուաւոր եւ վստահելի անձնաւորութիւն մը, որ Անգլիա կ՚երթար զուտ առեւտրական գործերով, եւ անգլիական իշխանութիւններէն կը խնդրէր ինձ շնորհել աջակցութիւն եւ պաշտպանութիւն։

Այս յանձնարարականով գօտեպնդուած, անմիջապէս ճամբայ ելայ։ Պատերազմին ատեն, Ռուսաստանէն Անգլիա երթալը դիւրին գործ չէր։ Պոթնիոյ ծոցը, ուր գերմանական սուզանաւեր երեւան եկած եւ իրենց սարսափը սփռած էին, փակուած էր, այնպէս որ ինծի արդէն ծանօթ սովորական անցքը, Ապօյէ շոգենաւով Սթոքհոլմ, դադրած էր։ Հարկ էր երկաթուղիով երթալ նախ, երկու օրէն, Ֆինլանտայի հիւսիսային ծայրագոյն բնակավայրը, Թորնէօ, համանուն գետին բերանը, ուր սկսի Լաբոնիայի տափաստաններուն սառնային ամայութիւնը։

  Ուշ էր արդէն, երբ Թորնէօ հասանք։ Աւանին միակ օթէլին մէջ ասեղ ձգելու տեղ չկար, այնպէս որ շատ շատեր յանձն առին անդաստակին կամ նրբանցքներուն մէջ գիշերել աթոռներու վրայ, յաջորդ առտուն անցնելու համար հանդիպակաց եզերքը, շուէտական Հափարանտա աւանը, որ կամուրջով մը կը բաժնուի Ֆինլանտայէն, եւ անկից երթալու համար Քարունկիի կայարանը։

  Թորնէօ, որ սովորական ատեն աննշան վայր մըն էր, պատերազմին պատճառով բանուկ պողոտայ մը դարձած էր, միակ անցքը հարիւրաւոր ճամբորդներու, որոնք պաշտօնով, առեւտուրով կամ առաւել կամ նուազ խոստովանելի նպատակներով Ռուսաստանէն Շուէտ, Նորվեկիա, Անգլիա կամ Ֆրանսա կ՚երթային կուգային ամէն օր։

  Ամբողջ գիշեր մը չոր աթոռի մը վրայ անցընելու հեռանկարը գործիս չէր գար, ու պէտք էր ճար մը գտնել։ Դուրս ելայ եւ սկսայ չորս կողմս դիտել։ Քիչ մը անդին բալխիր մը տեսայ՝ առոյգ ձիու մը լծուած, եւ անոր առջեւ կանգուն մարդ մը, որուն թաւամազ գլխանոցին մէջէն աչքերն ու քիթը միայն կ՚երեւնային եւ որ մինչեւ ոտքը ծածկուած էր բրդոտ մորթերով։ Անոր մօտեցայ եւ, իրարու ետեւէ, գիտցած բոլոր լեզուներովս հարցուցի թէ՝ տեղ մը կը ճանչնա՞ր ուր կարենայի գիշերը անցընել։

  Մարդը ֆինլանտերէնէն զատ ուրիշ լեզու չէր գիտեր, եւ անճար շարժումներ եղան իր պատասխանները։ Այն ատեն դիմեցի լեզուի մը, որ ամէնուն մատչելի է։ Գլուխս ափիս դրի կիսահակ, աչքերս գոցեցի րոպէ մը, եւ ամբողջ դիմագծութիւնս հարցական նշան մը դարձաւ։ Իր գլխանոցին ստուերներուն արանքէն փայլող աչքերուն քթիթը ինձ յայտնեց, որ միտքս հասկցած էր։ Բալխիրին ծածկոցը բացաւ, նստեցուց զիս, մուշտակիս օձիքը դարձուց եւ գլուխս անոր մէջ թաղեց, արջի մորթ մը դրաւ ուսերուս, ուրիշ երկու մորթի մէջ ալ մարմինս փաթթեց, իր գահակին վրայ տեղաւորուեցաւ, մտրակի շաչիւն մը, ու բալխիրը ճամբայ ելաւ սրարշաւ։

Լոյսերն ու բնակութիւնները ընդհուպ անհետացան եւ մխրճուեցանք համայնապարփակ խաւարին մէջ։ Ձին գլուխը առած կ՚երթար, ո՞ւր։ Ճամբայ չկար։ Ձիւնը   ի՜նչ ձիւն   ծածկած էր ամէն բան, ու անոր յորդ առատութիւնը ակօսելով կը յառաջանայինք շարունակ։ Ժամանակը կարծես կանգ առած էր։ Տա՞սը վայրկեան, քառո՞րդ մը, կէս ժա՞մ էր որ ճամբայ ելած էինք։ Ո՞ւր էր վախճանը այս անհատնում անապատին, ուր, մեծ արձակագրի մը աննման պատկերացումը կրկնելով, «լռութիւններ լռութիւններու կը յաջորդէին»։ Վախը չէր որ կը պաշարէր զիս, հապա նորանշան սոսկումը կորսուած ըլլալու այս բեւեռային անսահմանութեան մէջ, շրջապատուած ու պարուրուած ամեհի բնութեան մը դաժան ու դժխեմ ուժերէն, ընկճուած, ճզմուած, ջախջախուած այս պակուցանողական անծանօթէն, ուր հիւլէի ոչնչութիւններ էինք։

Բալխիրը մէկէն ի մէկ կանգ առաւ տան մը առջեւ, ո՞ւրկից ո՛ւր, որուն դրան վերեւի պատուհանէն աղօտ լոյս մը կը նշուլէր։ Մարդը վար իջաւ եւ դուռը զարկաւ։ Մանկամարդ կին մը բացաւ զայն, մեզ ներս ընդունեց՝ քարիւղի լամբար մը ձեռքը, եւ հաւանութեան նշաններ ըրաւ մարդուն արտասանած խօսքերուն։

  Փնտռած օթեւանս գտած էի, բայց պէտք էր վերադարձի մասին մտածել, եւ մնջկատակը վերսկսաւ։ Կառախումբը յաջորդ առտուն ժամու 8-ին կը մեկնէր Քարունկիէն, եւ բալխիրը գալու զիս առնելու էր 7-ին։ Ֆը՜շ - ֆը՜շ - ֆը՜շը, անիւներուն արագ հոլովումը պատկերացնել յաւակնող շարժումի մը հետ, շոգեկառքը եղաւ, եւ ժամացոյցիս վրայ մատնանշած 8 թուանշանս մեկնումի, իսկ 7-ը բալխիրին վերադարձին ժամերը որոշեցին։ Մարդուն աչքերը ինձ ապացուցին թէ՝ խօսքը կարծուածին չափ ալ բացարձակ անհրաժեշտութիւն մը չէ։ Գալով իր վարձքին, Արեւելցիի կասկածամտութեան մնացորդ մը ինձ թելադրեց դրամ ցոյց տալ իրեն եւ հասկցնել թէ՝ երթուդարձը միասին պիտի վճարէի Թորնէօ։ Ասոր ալ հաւանեցաւ եւ մեկնացաւ։

Քիչ յետոյ, մաքուր սենեակի մը մէջ էի, մաքուր անկողնի մը առջեւ, որուն դիմաց լայն շըմինէի մը խորը խոշոր կոճղ մը կը վառէր՝ լուսապայծառ ճարճատիւնով։

  Յաջորդ առտուն Թորնէօ էի ճիշդ ժամանակին, նախագծած փլանս կէտ առ կէտ գործադրուած, եւ բալխիրներով անցանք սահմանային կամուրջը դէպի Հափարանտա եւ անկից Քարունկի։

  Սեղմ ձիւն մը կը տեղար, աւելորդ առատութեամբ մը, ծածկելու ա՛լ ի՞նչ բան մնացած էր։ Կը յիշեմ որ, ճամբուն երկայնքը, բրդեղէններու մէջ պարփակուած աղջնակներ, որոնք դպրոց կ՚երթային, մեզ կը բարեւէին արքունիքի վայել խոնարհութեամբ մը, ծնրադրութեան սիրուն շարժումի մը մէջ դնելով իրենց բոլոր ծաղկատի շնորհը։ Ի՜նչ ժողովուրդ։ Քանի քանի անգամ ճամորդած եմ սկանտինաւեան երկիրները, եւ կը կարծեմ թէ արդի քաղաքակրթութեան գագաթնակէտին վրայ կը գտնուին անոնք, մանաւանդ Շուէտ։ Մարդկային բարձրագոյն առաքինութիւնն ունին նախ, ան որուն մէջ կը բովանդակուին բոլոր միւս բարեմասնութիւնները,   մաքրութիւնը։ Ամէն բան մաքուր է հոն, եւ ամէն մարդ մաքուր է։

  Գիտեմ թէ հիւսիսային երկիրներու մարդոց համար աւելի դիւրին է մաքրութեան տպաւորութիւն մը տալ, քան հարաւային երկիրներու մարդոց։ Տարիներով Մանչէսթըր ապրած հայ բարեկամ մը ինձ պատմած է թէ` սափրիչին աթոռէն ելլելուն, վարսավիրան անգամ մը լսած էր իրեն, «Դուք որ հիմա ածիլուեցաք եւ պիտի ելլէք երթաք, աւելի շատ մազ ունիք ձեր երեսին վրայ քան սա անգլիացին, որ ներս կը մտնէ ածիլուելու համար»։

Բայց միայն արտաքին մաքրութիւնը չէ Շուէտին յատկանիշը։ Ընդհանուր բարեկարգութիւնը, ընկերային դասակարգերուն միջեւ տիրող համերաշխութիւնը, անհատներուն ծայրագոյն պարկեշտութիւնը եւ բարեկրթութիւնը, ամէնուն ալ խորին գիտակցութիւնը այնքան իրենց պարտքին որքան իրենց իրաւունքին, գիտութեան ընձեռած բարիքներուն թափանցումը ընկերային բոլոր խաւերուն մէջ, այն արդիւնքը առաջ բերած են որ ընկերաբաններուն երազած մտատիպարին իրականացումը կը կարծես տեսնել ամէն քայլիդ։

  Քարունկիէն Պէրկէն երեք օրուան ճամբայ էր, ամբողջ Շուէտի երկայնքէն եւ յետոյ ամբողջ Նորվեկիոյ մէջէն։ Լիճ ու անտառ, անտառ ու լիճ անընդհատ պահուըտուք կը խաղան երկաթուղիին հետ։ Մէկ քանի ժամը անգամ մը դադար կայարաններու մէջ, կերակրուելու եւ կազդուրուելու համար։

Լայն ու երկայն սեղանի մը վրայ շարուած են քսան-երեսուն տեսակ աղանդերներ, որոնց կարգին, Հիւսիսային Շուէտի մէջ, Լաբոնիայի եղջերուներուն ծխած միսը (ռէնսթէք), աշխարհիս ամէնէն համեղ ուտելիքներէն մին, եւ ծխած սօմօնի ծաղկաթոյր շերտեր՝ ակնապարար առատութեամբ։ Սովորական հացին տեղ, գորշ մոխրագոյն տեսակ մը տափակ, փխրուն եւ ծակոտկեն պաքսիմատ՝ հաճարի ալիւրէ, Սկանտինաւեան երկիրներուն եւ Ֆինլանտայի յատուկ, որ կ՚ուզեմ հաւատալ թէ շատ առողջապահական է, բայց համի եւ քիմքի հետ գործ չունի ըստ իս։ Սպասաւոր չկայ, ամէն մարդ պնակ մը, դանակ մը եւ պատառաքաղ մը կ՚առնէ եւ ափսէներուն մէջէն կը վերցնէ ուզած ուտելիքը, ուզածին չափ, որչափ անգամ որ կրնայ, եւ, երբ ճաշը աւարտէ, որոշուած միօրինակ գինը կը վճարէ ճաշարանատիրոջ։ Կը յիշեմ թէ այս վերջինը ի՛նչ արհամարհանքով կը նայէր ինձ ընկերացող Ռուսերուն եւ Հրէաներուն, որոնք, շատ բնական բան մը ընելու պէս, չէին քաշուեր իրենց բերնի պատառաքաղը խոթելու ափսէներուն մէջ՝ իրենց ընտրած կտորը առնելու համար։

Մէկ օր Պէրկէն, եւ երկու օրուան նաւագնացութենէ մը յետոյ, Հիւսիսային ծովուն մէջէն անվտանգ Անգլիա։

Երբ Դեկտեմբեր 19-ին, շաբաթ կէսօրէն յետոյ մեր նորվեկիական շոգենաւը Նիւ Քեասլի քարափին մօտեցաւ, անգլիացի պաշտօնակալ մը, երկու ոստիկանի ընկերակցութեամբ, ներս մտաւ եւ ճամբորդները հրաւիրեց շարք կազմել եւ մի առ մի ներկայացնել իրենց անցագիրները։ Երբ կարգը ինծի եկաւ, իրեն երկնցուցի անցագիրս, հետն ալ Սըր Ճորճ Պըքանանի վկայագիրը։ Ակնարկ մը նետեց անոնց վրայ եւ ինծի ըսաւ,

  Խնդրեմ մէկ կողմ քաշուեցէք եւ սպասեցէք։

Սիրտս կըրճ ըրաւ։ Թուրք հպատակութեանս փորձանքն էր որ կը վերսկսէր։

Վաւերագրերու քննութիւնը մէկ քանի ժամ տեւեց, եւ ճամբորդները իրարու ետեւէ մեկնեցան։ Երբ ա՛լ մարդ չը մնաց, անգլիացի պաշտօնատարը իր մօտ հրաւիրեց զիս եւ ըսաւ,

  Դուք թշնամի օտարական մըն էք, պարոն, եւ ձեզ թոյլ չեմ կրնար տալ Անգլիա մտնելու։ Պէտք է ետ դառնաք այս շոգենաւով։

  Չէ՞ք ուզեր նկատողութեան առնել, ըսի, թէ ձեր դեսպանը, իմ թուրք հպատակութիւնս յիշելով հանդերձ, չէ վարանած զիս յանձնարարելու անգլիական իշխանութեանց բարեացակամութեան։

  Ասիկա ներքին քաղաքականութեան գործ մըն է, եւ դեսպանին գրութիւնը չի բաւեր։

Անտարակոյս։ Դիմացինս Ընդհանուր Ապահովութեան մարդ մըն էր, հարկաւ, եւ Փեթրոկրատի դեսպանին հանդէպ չէր որ պատասխանատու էր։

  Սկսայ լեզու թափել։ Բացատրեցի թէ անարդարութիւն պիտի ըլլար Թուրքիոյ քրիստոնեայ Հայերը չջոկել բուն Թուրքերէն, թէ Հայրերը ամենուրեք ապացոյցը կու տային իրենց բուռն համակրանքին՝ Դաշնակիցներուն դատին համար, եւ թէ Սըր Ճորճ իր պաշտօնին բերմամբ ատոր իրազեկ ըլլալով եւ ատոր վրայ հիմնուելով է որ գրած էր իր յանձնարարականը։ Միւս կողմէ, պէտք էր գիտնալ թէ՝ ես հաճոյքիս համար չէր որ Անգլիա կու գայի՝ ամէն դժուարութեանց դիմագրաւելով, հապա Անգլիոյ դաշնակից երկրի մը ռազմական պէտքերուն համար։ Անգլիոյ շահերը նոյնն էին Ռուսիոյ շահերուն հետ։

  Անգլիացին հանդարտութեամբ մտիկ կ՚ընէր ինձ, դէմքին վրայ ո եւ է նշան ցոյց չտալով իմ պաշտպանողականիս յառաջ բերած ազդեցութեանը։

Մէկէն, նոր փաստ մը մէջտեղ դրի։

Կեանքին մէջ տարօրինակ զուգադիպութիւններ կան։ Շոգենաւին վրայ, իմ կարգիս սպասելու ժամանակ, նոյն առտուան Տէյլի Նիւզը գնած էի աչքաբաց լակոտէ մը, որ լրագիրներու ծրար մը թեւին տակ՝ շոգենաւ եկած էր, եւ անոր մէջ հաճութեամբ կարդացեր էի Փրոֆ, Կ, Թումայեանի կնոջ (զուիցերուհի) մէկ նամակը խմբագրութեան ուղղուած, որով անգլիական կառավարութենէն կը պահանջէր, ուժգին շեշտերով, անմիջապէս տնօրինութիւն մը ընել «թշնամի օտարական» չնկատելու Թուրքիոյ հպատակ Հայերը։ Յօդուածը մատնանիշ ըրի անգլիացիին, որ ուշադրութեամբ կարդաց զայն, եւ աւելցուցի,

  Տեսէք, Թուրքիոյ Հայերուս խնդիրը արդէն ուշադրութեան առարկայ է, անով կը զբաղին հիմա, հանրային կարծիքը իրաւամբ վրդովուած է եւ օրէ օր որոշման մը կը սպասէ՝ մեզ ազատելու համար մեր մասին տիրող անիրաւ եւ անարդարանալի կասկածէն։

Մարդը գլուխը վերցուց եւ ինծի նայեցաւ։ Դէմքին գիծերը կարծես թէ սկսեր էին քիչ մը կակղիլ։ Կոխելու ատեն էր։

  Պէտք է հասկնաք,   վրայ բերի՝ ձայնիս մէջ դնելով այնքան համոզողական ուժ, որ կարելի էր ինծի,   թէ ես ետ չեմ կրնար դառնալ եւ պարտաւոր եմ կատարել ինծի յանձնուած կարեւոր պաշտօնը։ Քանի որ հարցը մէջտեղ դրուած է, թոյլ տուէք ինձ ցամաք ելլելու, եւ իմ պարագաս հաղորդեցէք Ներքին գործերու նախարարութեան։

Խնդիրը անգամ մը Անգլիա ոտք դնելուն վրայ էր։ Վերջէն ողջ ըլլային Լոնտոնի բարեկամներս։

  Իմ պերճախօսութիւնս ու կերպարա՞նքս էր որ ակնկալած արդիւնքս յառաջ բերին, դեսպանին յանձնարարակա՞նը, տիկին Թումայեանի բարեդէպ նամա՞կը։

  Օլ րայթ,   ըսաւ՝ առաջին անգամ ժպտելով։

Ու աւելցուց,

  Ձեզի հիմա կը տանին կայարանին օթէլը, ուր կը մնաք, մինչեւ որ ինձմէ լուր առնէք։ Պէտք չկայ դուրս ելլելու։ Օթէլը ճաշարան ունի։

Հասկցայ։ Տեսակ մը բանտարկութիւն էր ասիկա, շատ փափկանկատութեամբ ինծի պարտադրուած, բայց ո՞րքան ժամանակ պիտի տեւէր։

  Այսօր շաբաթ կէսօրէն յետոյ պաշտօնատունները փակ կ՚ըլլան,   ըսի,   վաղն ալ կիրակի է, այնպէս որ…

  Օ՜, հոգ մի՛ ընէք,   պատասխանեց՝ այս անգամ խնդալով,   հոն ուր պիտի դիմեմ՝ շաբաթ-կիրակի չկայ։

Խե՞լքս ո՛ւր էր։ Ընդհանուր Ապահովութեան պաշտօնատունը, աշխարհածանօթ Ինթէլիճընս Սըրվիսը, մանաւանդ պատերազմի ատեն, միշտ բաց ըլլալու էր, հարկաւ։

Ու հրահանգ տուաւ իր մարդոցմէ մէկուն զիս առաջնորդելու մօտակայ կայարանին օթէլը, ուր ընդունելութեան պաշտօնեան, որուն ականջին բաներ մը փսփսացած էր ուղեկիցս, զիս տարաւ գեղեցիկ սենեակ մը եւ ընթրիքի համար պատուէրս ընդունեց։ Ոչ մէկ խօսք, ոչ մէկ ժէսթ, ոչ մէկ վարմունք կրնային ենթադրել տալ թէ՝ հսկողութեան ներքեւ էի։

  Հետեւեալ առաւօտ, կազմ ու պատրաստ, սենեակիս մէջ լրագիրներու ընթերցումով զբաղած էի, երբ դուռը զարնուեցաւ, ներս մտաւ ինծի ընկերացած ոստիկանը, ինձմէ խնդրեց իրեն հետեւիլ, եւ մէկ քանի փողոց անդին տարաւ զիս պաշտօնատուն մը, ուր գրասենեակի մը մէջ գտայ նորէն անգլիացի պաշտօնատարը։

  Գիտէ՞ք ինչ,   եղաւ իր առաջին խօսքը,   Լոնտոն ձեր պարագան իմ հայեցողութեանս կը թողու կոր։

  Օ՜,   ըսի զուարթամտութեամբ,   այն ատեն գործս եղած է։ Որքան կարելի է մէկը դատել իր արտաքին երեւոյթէն, կարծեմ վտանգաւոր մարդու մը կերպարանք չունիմ։ Ամէն պարագայի մէջ, բոլոր ուժովս կրնամ ձեզ հաւաստել թէ՝ արժանի եմ ձեր վստահութեան եւ անկարող եմ ո եւ է պատասխանատուութիւն հրաւիրելու ձեր վրայ։

  Այն ատեն, ազատ էք շարունակելու ձեր ճամբորդութիւնը։

  Պայման մը կա՞յ։

  Ոչ մէկ։ Լոնտոն ո՞ւր պիտի իջնէք։

  Սավոյ օթէլը, ուր կը բնակէի արդէն անցեալ Սեպտեմբերին։

  Կը բաւէ ներկայանալ ձեր թաղին ոստիկանութեան եւ արձանագրուիլ այնտեղ։

  Շնորհակալութեան ջերմ խօսքերով ոտքի ելայ մեկնելու համար, երբ կեցուց զիս,

  Պզտիկ ձեւակերպութիւն մը կայ ընելիք։ Խնդրեմ ձեր բթամատը սա թամփոնին դրէք եւ սա թուղթին վրայ դրոշմեցէք։

  Զզուանքի ակամայ շարժում մը ունեցայ։

  Կեանքիս մէջ առաջին անգամ է որ այսպիսի բան մը կը պահանջուի ինձմէ,   ըսի,   կարելի չէ՞ր արդեօք ինծի խնայել այս չարագործի ժեսթը։

  Օ՜հ, չէ՛, ըսաւ,   ասիկա միմիայն չարագործներուն յատուկ բան մը չէ, ինքնութիւնը հաստատելու պարզ միջոց մըն է լոկ։

Պէտք էր ընդունիլ։ Ինթէլիճընս Սըրվիսի ո՞ր արշիվին ալքերուն մէջ են հիմա անունս եւ բթամատիս դրոշմը։

Կէս ժամ յետոյ, կայարանն էի արդէն, եւ իրիկունը Լոնտոն։

Երբ, հագուելէ յետոյ, իջայ Սավոյի լուսաշող եւ պերճապայծառ ճաշասրահը, որ կը շարունակէր ժամադրավայրն ըլլալ Լոնտոնի բարձր ընկերութեան, բոլոր ներկաները ուրախ-զուարթ Թիբէրարի կ՚երգէին, միաբերան, նուագախումբին հետ։ Business as usial! Այս էր օրուան նշանաբանը։ Անգլիացիները, ընդհանրապէս, դեռ գաղափար չունէին թէ ի՛նչ էր պատերազմը։

  Հետեւեալ առաւօտ ներկայացայ Պօու Սթրիթի ոստիկանատունը, ուր յետ միջօրէին բնակութեան արտօնագիր մը տուին ինծի, խնդրելով միայն իրենց իմաց տալ, եթէ Լոնտոնէն հեռանայի՝ 50 մղոնի շրջանակէ մը անդին։

*

Տասը ամիս մնացի Լոնտոն։

1915-ի Հոկտեմբերի վերջը, Ռուսիոյ բարեկամներէս հրաւէր ստացայ փութով վերադառնալու Փեթրոկրատ, ուսկից Պաթում պիտի երթայի՝ ռուսական բանակին երեք միլիոն պայթուցիկ խնձոր (grenade) հայթայթելիք մեծ ձեռնարկի մը գլուխը անցնելու համար։ Վերադարձի պատրաստութեանցս մէջ, առաջին հոգս եղաւ անցագրի հարցը, եւ այս անգամ, շնորհիւ հայ բարեկամի մը, նախկին օսմանեան պաշտօնատար, Լոնտոնի ռուսական դեսպան կոմս Պէնքէնտորֆէն էր որ ստացայ ջերմ յանձնարարական մը՝ ռուսական իշխանութեանց ուղղուած, եւ, գործը աւելի ամուր կապելու համար, ռուս հիւպատոսարանէն ալ արտօնագիր մը Ռուսիա մտնելու՝ դեսպանին գրութեան վրայ հիմնուած։

Նորէն Նիւ Քեասլ, նորէն Հիւսիսային ծովուն գորշ տրտմութեան մէջ, գերման սուզանաւերուն ահաքրտնութիւնը, բարեբախտաբար առանց հետեւանքի, ու նորէն հարաւային Նորվեկիայի ֆիորտներուն անվերջ ժանեակներուն զմայլանքը։ Սթավանկէրի առջեւ չէ՞ր որ, վերջալոյսին ցոլքերուն տակ, ծովը կը վխտար մեդուսաներով, որոնք, Կ, Պոլսի ճերմակ կակղամորթերէն տարբերելով, շիկորակ գոյն մը ունէին, այնպէս որ ջուրին մէջ անդադար բացուող ու գոցուող հսկայ վարդերու ալեծածան պար մը կը կազմէին։

Պէրկէն, Քրիստիանիա, որ այն ատեն դեռ Օսլօ չէր, աբողջ Շուէտը, Հափարանտա, եւ ճամբորդներու բազմութեան մը հետ նորէն Թորնէօ։ Անցագիրներու քննութեան տաղտկալի գործողութիւնները վերսկսած էին, ժանտարմըրիի հարիւրապետի մը ձեռքով։ (Ցարական ռէժիմին տակ, ժանտարմըրին Ընդհանուր Ապահովութեան   Օխրանա   գործադիր իշխանութիւնն էր լոկ)։

Երբ կարգը ինծի եկաւ, հարիւրապետը աչք մը նետեց ներկայացուցած թուղթերուս վրայ, եւ զանոնք նոյն հետայն ինծի վերադարձնելով, կրկնեց ծանօթ յանկերգը,

  Դուք մեզի հետ պատերազմող երկրի մը հպատակն էք, եւ թոյլ չեմ կրնար տալ որ Ռուսիա մտնէք։ Անմիջապէս Հափարանտա վերադարձէք։

  Ռուս դեսպանին նամակն ալ ճըլխ ելած էր։ Այբբենգիմէն վերսկսելու էր։

Անշուշտ Թուրքիոյ հպատակ էի, բայց ցեղով ու կրօնքով Հայ էի, ասիկա որոշակի յիշատակուած էր ներկայացուցած վաւերագրերուս մէջ, եւ Թուրքիոյ Հայերուն համար բոլոր Դաշնակից երկիրներուն ինչպէս եւ Ռուսիոյ մէջ ընդհանուր կարգադրութիւն մը եղած էր զանոնք «թշնամի» չնկատելու։

  Կարծեմ այդպիսի բան մը ես ալ իմացայ,   խոստովանեցաւ հարիւրապետը ուղղամտօրէն,   բայց ես այդ մասին ո եւ է հրահանգ ստացած չեմ։

  Խնդրեմ, ուշադրութեան առէք միանգամայն կոմս Պէնքէնտորֆի նամակը եւ ձեր հիւպատոսին արտօնագիրը։ Ձեր Լոնտոնի դեսպանը չէր կրնար զիս յանձնարարել, եթէ…

  Ես Լոնտոնի դեսպանին հետ ո եւ է գործ չունիմ,   ընդմիջեց զիս անհամբերութեամբ։   Ես իմ գնդապետիս միայն պատասխանատու եմ։ Չէ՞ք ուզեր Հափարանտա վերադառնալ։

  Ոչ,   ըսի վճռաբար։   Ես պէտք է Փեթրոկրատ երթամ, պետութիւնը շահագրգռող կարեւոր գործերու համար։

  Այն ատեն սպասեցէք սա քովի սենեակը։

  Ճամբորդները, մէկիկ մէկիկ, իրենց գործը աւարտած, կը շտապէին դէպի կայարանը, ուր կառախումբը պատուհանէս կ՚երեւնար, պատրաստ։ Սպասման տաղտուկը ինծի համար հրճուանքի մը փոխուած էր ի տես ամէնէն զարմանահրաշ վերջալոյսին, զոր կեանքիս մէջ երբեք վայելած ըլլամ եւ որ հորիզոնը կը հրդեհէր՝ գոյներու եւ ձեւերու մեծափարթամ եւ յարանորոգ ճոխութեամբ մը։ Հիացումէս յանկարծ արթնցայ շոգեկառքին կրկնակի սոյլերէն, որոնք սիրտս ճանկռտեցին, եւ կառախումբին մեկնումին դղրդիւնէն։ Գիտէի որ օրը մէկ կառախումբ միայն կը մեկնէր Թորնէոյէն։

  Մտածումներուս թելը չվերագտած, ռուս հարիւրապետը քովս էր։

  Պարտք կը համարիմ իմացնել ձեզի,   ըսաւ,   թէ, իբր թշնամի, ձերբակալուած էք եւ պէտք է բանտ երթաք։

  Ձերբակալուա՞ծ, բա՞նտ։ Ինչո՞ւ համար։ Եթէ թոյլ չէք կրնար տալ ճամբորդութիւնս շարունակելու, թողէք որ Շուէտ վերադառնամ։

  Այլեւս ուշ է։ Ձերբակալուած էք։

  Բայց եթէ դուք ինձ ազդարարէիք որ, Հափարանտա չվերադառնալու պարագայիս զիս բանտ պիտի դնէիք, վայրկեան մը իսկ չէի կենար այստեղ։

  Ես ձեզի առաջուց ըսի։ Ա՛լ ուրիշ խօսք չունիմ աւելցնելիք։

Ընդվզումի անդիմադրելի պոռթկում մը ունեցայ։

  Ի՞նչպէս կրնաք զիս ձերբակալել,   պոռացի,   երբ մեր կամաւորներուն արիւնը ուղխօրէն կը հոսի ձեր զինուորներուն հետ քով քովի, նոյն դատին համար։ 

  Հա՞րկ է ըսել թէ ռուսերէն կը խօսակցէինք, եւ այս «ուղխօրէն հոսող արիւն»ի պարբերութիւնը, որ ռուս լրագրէ մը միտքս մնացած էր, շատ ընտիր եւ «գրական» ձեւ մը ունէր, որ սակայն, բնաւ չտուաւ սպասած արդիւնքս։

  Այո՞,   հարցուց հարիւրապետը՝ չոր ծամածռութեամբ մը։   Հապա ծեր Դաշնակցականները մեր ո՞րքան ժանտարմները սպաննեցին Կովկասի մէջ։

Առ քեզի փաստ։

  Չեմ գիտեր թէ քանի՛ ժանտարմ սպաննած են,   պատասխանեցի պաղարիւնութեամբ,   բայց ատիկա իմ գործիս հետ ի՞նչ կապ ունի։

Ան արդէն դուրս ելած էր, սակայն, երկու զինուոր կանչելու, որոնց հրամայեց սնտուկներս եւ զիս խուզարկել եւ յետոյ զիս բանտ առաջնորդել։

Ուրիշ բան չկար ընելիք, բայց եթէ համակերպիլ։

  Թոյլ կուտա՞ք գոնէ,   ըսի հարիւրապետին,   որ հեռագիր մը ղրկեմ Փեթրոկրատ։

  Անշուշտ,   ըսաւ,   ատիկա ձեր իրաւունքն է։

Ցարական ռէժիմը գիտէր յարգել միշտ օրէնքը։ Անգլիացի գրող մը, Պրայլի Հոճէց, որ պատերազմէն առաջ գիրք մը հրատարակած է «Երեք Դրօշակի Տակ» անունով, Հայերուն շատ նպաստաւոր, կ՚ըսէ. «Ռուսական բռնաւորութիւնը ողնայարաւոր է, թուրքականը՝ կոտրած ողնայար ունի, իսկ պարսկականը՝ բնաւ ողնայար չունի»։

Հեռագիրս խմբագրեցի եւ քովի հեռագրատան յանձնեցի։ Այդ միջոցին զինուորները տակնուվրայ կ՚ընէին սնտուկներս, գրաւելով ինչ որ գիրք էր եւ գրուած թուղթ։ Գիրք ըլլալով, միայն եւ միայն ունէի Վէրհարէնի Քերթուածները ֆրանսերէն։ 1903-ին ալ, երբ առաջին անգամ Ռուսիա գացի, ռուս գրաքննութեան հետ գործ չունենալու համար հետս առած էի միայն մեր Առձեռն Բառարանը, որ ընթերցումներուն ամէնէն հաճելիներէն եղած է միշտ ինծի եւ որուն լուսանցքները կը լեցնէի նօթերով եւ դիտողութիւններով։ Իսկ գրութիւնները լոկ առեւտրական վաւերագրեր եւ հաշուեցոյցեր էին։

  Այդ գիրքը կրնաք ինծի ետ տալ,   ըսի անտարբեր ձայնով մը   պարզապէս բանաստեղծութիւններ են։

  Զինուորներէն մին Վէրհարէնը առաւ՝ «բանաստեղծութիւն» բառէն զգալապէս ազդուած, գլխիվար բացաւ, զարմանքով նայեցաւ կարճ ու երկայն տողերուն, տարակուսանքի ակնարկ մը փոխանակեց ընկերոջը հետ, եւ հատորը ետ տուաւ ինծի։ Բալխիր մը քիչ յետոյ մեզ երեքս եւ սնտուկներս տարաւ քարաշէն միայարկ շէնք մը, որուն արտաքինը բանտի ո եւ է դժպհի երեւոյթ չունէր։

  Ֆինլանտա ինքնավար երկիր մը ըլլալով, Ռուսիա անշուշտ բանտ չունէր հոն։ Բայց սահմանագլուխներուն վրայ, ուր Ռուսիա իրեն կը վերապահէր պետական ապահովութեան գործը, ռուս ժանտարմըրին իրաւունք ունէր «փոխ առնելու» Ֆինլանտական բանտը։

  Զինուորները զիս յանձնեցին ֆինլանտացի բանտապահին, որ բարեբախտաբար քիչ շատ ռուսերէն կը խօսէր, ստորագրութիւն մը առին անկից, եւ ելան գացին։ Բանտապահը քառորդ ժամու մը չափ զիս մինակ թողուց իր սենեակին մէջ, եւ յետոյ եկաւ զիս հրաւիրեց իմ «բանտս», ուր կը գտնուէր արդէն իր կինը, բարի դէմքով եւ անուշ աչքերով տարէց ֆինլանտուհի մը, որ ռուսերէն բառ մը չէր գիտեր

Այս «բանտ»ը հաճելի տպաւորութիւն թողուց վրաս։ Բաւական լայն ու բարձր սենեակ մըն էր, որ լոյսը կ՚առնէր երկաթեայ ձողերով զրահաւորուած անմատչելի պատուհանէ մը։ Մէկ անկիւնը շատ շնորհքով մահճակալ մը կար, ճեփ ճերմակ սաւանով, հաստ ծածկոցներով եւ բարձով մը, որուն երեսը շրջանակուած էր ասեղնագործութիւններով։ Շըմինէին մէջ փայտի առատ կրակ մը հեշտ տաքութիւն մը կը սփռէր խուցին մէջ, որուն կեդրոնը սեղան մը կար մէկ աթոռով, եւ անկիւն մըն ալ լական մը, սկահ մը եւ կուժ մը՝ աթոռակի մը վրայ։ Ձեղունէն կախուած էր ելեկտրական մերկ լամբ մը, որուն տուած լոյսը բաւարար էր։ Ամէն կողմ, անստգիւտ մաքրութիւն։

  Յայտնի էր որ զիս սովորական չարագործի մը տեղ չէին դրած, եւ «պատուոյ հիւր»ի մը վայել ընդունելութիւնը կ՚ընէին ինծի։ Բանտապահին կինը, նշաններով, կրցաւ ինծի հասկցնել թէ՝ իր հարսնութեան բարձի երեսն էր որ տուած էր ինծի։ Ի՜նչ ազնիւ հոգածութիւն։

Սնունդի հարցն ալ կարգադրուեցաւ նոյն բարեյարմար պայմաններուն մէջ։ Ժամերը անցեր էին եւ ընթրիքի ատեն էր։ Քիչ յետոյ ինձ ներկայացաւ քաղաքին ճաշարանին կառսոնը, երկար ճաշացանկով մը, պատուէրս ստանալու համար, եւ կէս ժամ ետքը սեղանիս առջեւ էի, ախորժելի ընթրիքի մը դիմաց, որուն ըսելիք չկար։ Ռէնսթէքը պակաս էր միայն, կառսոնը ինձ բացատրեց թէ՝ ռէնսթէքի պահանջը այնքան աւելցած էր, որ եղջերուներուն ճետը փրկելու համար, ատենէ մը ի վեր անոնց սպանդը արգիլուած էր։

  Ժամը 10-ին ատենները բանտապահը ներս մտաւ եւ ինձ ըսաւ թէ՝ ճիշդ 10-ին լոյսը պիտի մարէր դուրսէն, այն ատեն միայն նշմարեցի թէ, իրօք, ելեկտրականութեան կոճակը դուրսն էր։ Յետոյ, դուռը բացաւ եւ իր ծանր տրցակէն խոշոր բանալի մը ջոկելով, դուրսի փականքին մէջ դրաւ։

  Ի՞նչ է ան, պիտի կղպէ՞ք,   ըսի տհաճութեամբ։

  Անշուշտ։ Օրէնք է։

Ի՞նչ հարկ կար կղպելու։ Եթէ նոյնիսկ զիս դուրս վռնտէին, քայլ մը չէի հեռանար ու հոն կառչած կը մնայի, ո՞ւր պիտի երթայի այդ անծայրածիր սառնարանին մէջ, ուր ցուրտը զէրոյէն վար երեսունի հետ ելեւէջ կը խաղար։ Բայց երբ երկաթեայ ծանր դուռը փակուեցաւ եւ բանալին չարաձայն ճռնչեց կղպանքին մէջ, այն ատեն միայն խելքի եկայ թէ այդ ապաւէնը, ինչ որ ալ ըլլար, բանտ մըն էր։

*

Վեց օր կեցայ այդ բանտին մէջ։

Բանտապահին կինը, միշտ խնդումերես, ամեն առտու նախաճաշս կը բերէր, հետն ալ մէկ քանի օր առաջուան Նովոյէ Վրէմիան, ռուսական մեծ օրաթերթը, յետոյ անկողինը կը շտկէր, խուցին ժողվտուքը կ՚ընէր, ու ժպտելով կ՚ելլէր կ՚երթար։

  Ճաշը եւ ընթրիքը կ՚երկարաձգէի որչափ որ կրնայի։ Նովոյէ Վրէմիան կը կարդայի ծայրէ ի ծայր, եւ մէկդի կը նետէի յուսահատ, ես որուն օրական տասը թերթ չէր բաւեր առաջ՝ պատերազմին ընթացքին հետեւելու համար։ Շուտով լմնցուցած էի ռուսական պատկերազարդ շաբաթաթերթին, Նիվայի, 1902-ի հաւաքածոն, ո՜վ գիտէ ո՛ր բանտարկեալին կողմէ թողուած, զոր ինծի բերած էր բանտապահին կինը եւ որուն մարտ 16-ի թիւին մէջ ուշադրութիւնս գրաւած էր Ռուպոյի մէկ փորագրութիւնը՝ «Հայ գիւղի մը թալանը Քիւրտերու կողմէ»։ 1902ի՜ն։ Մէկիկ մէկիկ կարդացեր էի ինձմէ առաջ այս խուցին մէջ ապրողներուն խազխզած արձանագրութիւնները չորս պատերուն վրայ, ամէնքն ալ տրտունջներ իրենց հանդէպ կատարուած անիրաւութեան դէմ եւ սրտաճմլիկ հառաչանքներ դէպի լոյսը, դէպի ազատութիւնը։ Ի՞նչ ընել։ Գրել կարելի չէր մտածումներուս յորձանքնին մէջ, ուր զայրոյթը եւ զզուանքը իրարու կը յաջորդէին փոխն ի փոխ։

Փրկութիւնս Վէրհարէնը եղաւ, որուն քերթուածները հայերէնի կը թարգմանէի ժամերով, առանց ընկրկելու անասելի դժուարութիւններէն, որոնց տեղեակ են իրազեկները, ընդհակառակը, խոչընդոտները որքան մեծ ըլլային, այնքան աւելի յամառութեամբ կը մխրճուէի անոնց մէջ, մինչեւ ամէն բան մոռնալու աստիճան, բոլոր էութեամբս անձնատուր ամբողջական ճիգին որ կը պրկէր ուղեղս։ Աւելորդ է ըսել որ չափով կը թարգմանէի, բայց երբեմն ալ ես ինձ կը պարտադրէի յանգաւոր թարգմանութեան սպառիչ խոնջէնքը։ Այդպէս է որ թարգմանեցի կաղնիներուն նուիրուած երկար քերթուածը։ Ամէն դժուարութեանց հետզհետէ յաղթելու, ուզած հարուստ եւ անբռնազբօս յանգերս գտնելու եւ կատարելութեան մօտենալու բերկրանքը երբեմն ճաշէն մինչեւ ընթրիք կը տանէին զիս անզգալաբար։ Չաշխատած ժամերուս ու անկողնիս մէջ ալ, չափեր ու յանգեր էին որ կը լլկէին միտքս։ Հատած մը օրերով տանջեց զիս,

Ձմրան գիշերն իր մաքուր սըկիհն երկինք կ՚ամբառնայ,

Ես ալ սիրտըս կ՚ամբառնամ, գիշերական սիրտըս, Տէ՛ր։

Իմ ընտրած չափիս մէջ, 4-3-4-3, որ ըստ իս ամէնէն աւելի կը յարմարի ֆրանսական ալեքսանտրէնին, այս «Ես ալ սիրտըս կ՚ամբառնամ»ը կոպիտ սխալ մըն էր, տըսը շեշտ չէր կրնար առնել, իսկ եթէ շեշտը սիրին վրայ դրուէր ըստ կանոնի, ինչպէս յաջորդ հատածին մէջ, այն ատեն չափը կը փոխուէր 3-4ի, ինչ որ անճարակութիւն մըն էր։ Կրնայի՞ ըսել «Սիրտըս ես ալ կ՚ամբառնամ», բայց ալն ալ շեշտ չ՚առներ։ Լաւագոյն պիտի չըլլա՞ր ըսել «ես ալ իմ սիրտս կ՚ամբառնամ», այստեղ ալ մէկ շունչով սիրտս ըսելու ճիգը եւ մանաւանդ յաջորդ բաղաձայնին հետ կարծր բախումը ինծի բոլորովին տհաճելի էին։ Ո՞ւր կը մնար մեծ բանաստեղծին պատուէրը՝ «Ամէն բանէ առաջ երաժշտութիւն»։ Չեմ գիտեր թէ ինչի՛ կայանք տուի վերջապէս, ու երբեք ալ պիտի չգիտնամ։ Բագուի մէջ ո՞ր պոլշեւիկն է որ ցուրտ օր մը իր կրակարանը վառեց իմ Առձեռն Բառարանովս, Թորնէոյի բանտին թարգմանութիւններովս եւ ֆրանսական ու անգլիական ալ քերթուածներու ուրիշ շատ մը հայացումներովս, որոնց երբեմն երբեմն անձնատուր կ՚ըլլայի՝ անդորրացուցիչ զարտուղութիւն մը գտնելու համար գործերու մտահոգութիւններէն եւ յոգնութենէն։

  Բանտարկութիւնս, սակայն, երկու միջադեպ ունեցաւ։

  Երրորդ օրը, ընթրիքէն քիչ առաջ, բանտապահին կինը մէկէն ի մէկ դուռը բացաւ իր քստմնելի բալլիքովը, կին մը դէպի ներս հրեց, եւ անմիջապէս ելաւ գնաց՝ նորէն դուռը կղպելով։

Ներս մտնողը խեղճուրկրակ աննշան աղջիկ մըն էր, ճերմըկոտիկ, խարտեաշ մազերով։ Գերմաներէնէն զատ ուրիշ լեզու չէր գիտեր, որուն կը խառնէր, սակայն, աղճատ ռուսերէն մը։ Սաչափը կրցայ հասկնալ թէ Ռուսիոյ Պալթիկեան նահանգներէն գերմանուհի մըն էր, Ռիկա ծնած, եւ իր ծննդավայրը կ՚ուզէր վերադառնալ, բայց անցագիրը կանոնաւոր չըլլալով, Թորնէոյի մէջ զինքը վար դրած եւ բանտարկած էին, մինչեւ որ հարկ եղած քննութիւնները կատարուէին Ռիկա։ Շաբաթէ մը աւելի էր որ պզտիկ խուցի մը մէջ կը սպասէր ու կը սպասէր։ Ինծի բախտակից էր։

  Բանտապահին կինը ինչէ՞ մղուած զայն իմ մօտս բերած էր։ Իմ ձանձրո՞յթս փարատել, մեր երկու դժբախտութիւնները միացնելով մեզի համար մխիթարա՞նք մը ստեղծել, այդ խեղճ կիսաքաղց աղջիկը իմ առատ սեղանիս մասնակի՞ց ընել տալ էր միտքը։ Ինծի համար ամենէն տանելին այս վերջին պարագան էր, եւ երբ ընթրիքը բերին, ինծի սեղանակից ըրի իմ անկոչ հիւրս, որուն գերմանական ախորժակը մարախի պէս մաքրեց սրբեց ամէն բան։

  Մէկ ալ յանկարծ դուռը բացուեցաւ, եւ բանտապահը ներս մտաւ խենթի պէս, մինչդեռ իր կինը դուրսը կեցած էր յանցաւորի դիրքով։ Մարդը, ֆինլանտական բառերու բարկաճայթ պոռթկումով մը, գերմանուհիին թեւէն բռնեց դուրս նետեց բրտօրէն, ու, ինծի դառնալով, ռուսերէն,

  Տեսա՞ք սա կնոջս ըրածը։ Խելքին եկած ըլլալու է։ Այսչափ տարի է հետս է, դեռ գաղափար չունի թէ բանտը ի՛նչ ըսել է։ Ա՜խ այս կիները, այս կիները ,,,

Ու դուռը վրայէս կղպեց, իր կնոջ հասցէին լուտանքներու եւ հայհոյանքներու գոռում- գոչումով մը։

Հետեւեալ առտուն, յանդուգն մտածում մը ունեցայ։ Այս բանտարկութեան ձանձրոյթը պէտք էր խզել։ Բանտապահը կանչել տուի եւ իրեն ըսի,

  Ձեր ֆինլանտացի ոստիկանապետը ռուսերէն գիտէ՞։

  Գիտէ։

  Խնդրեմ, գացէք իրեն իմացուցէք թէ՝ իրեն ըսելիք մը ունիմ եւ զինքը տեսնել կ՚ուզեմ։ Թող ձանձրութիւն չառնէ մինչեւ հոս գալու, եւ ոստիկան մը ղրկէ զիս առաջնորդելու իրեն մօտ։

  Կէս ժամ ետքը, ֆինլանտացի ոստիկան մը եկաւ առաւ զիս եւ տարաւ ոստիկանապետին մօտ, մաքուր եւ լուսաւոր գրասենեակի մը մէջ։

  Պարոն ոստիկանապետ,   ըսի իրեն,   դուք գիտէք որ ես չարագործ մը չեմ, հապա քաղաքական բանտարկեալ մը։

  Գիտեմ։

  Ինծի վերագրուած ամբողջ յանցանքը անցագրի անկանոնութիւն մըն է։ Փեթրոկրատ հեռագիր տուած եմ եւ ժամէ ժամ լուրի կը սպասեմ, որպէսզի ճամբորդութիւնս շարունակեմ։ Բայց այս բանտարկութիւնը ծանր կը ճնշէ իմ վրաս եւ պէտք ունիմ քիչ մը օդ առնելու, ման գալու եւ սափրիչին երթալու։ Խնդրեմ, ոստիկան մը նշանակեցէք, որ ինծի պտոյտ մը ընել տայ քաղաքին մէջ եւ զիս սափրիչի մը խանութը տանի։

  Պաշտօնատարը ակնյայտ զարմանքով մը մտիկ ըրաւ ինձ, քիչ մը մտածեց, յետոյ՝

  Կարելի է,   ըսաւ։

Քաջալերուած այս յաջողութենէն, որուն, շիտակը, չէի սպասեր   բայց ի՞նչ կը կորսնցնէի փորձ մը ընելով,   շարունակեցի,

  Քանի որ այնքան ազնիւ գտնուեցաք այս արտօնութիւնը շնորհելու ինձ, կարելի չէ՞ որ ինծի պատիւը ընէիք հետս ճաշելու քաղաքին ճաշարանը, որուն խոհարարին տաղանդը գնահատելու առիթն ունիմ ամէն օր։

Ու տեսնելով որ կը վարանէր՝

    Մի՛ մոռնաք որ,   աւելցուցի, ես ֆինլանտական օրէնքին առջեւ ո եւ է կերպով յանցաւոր չեմ։ Ես ձեզի համար ազատ ու պատուաւոր մարդ մըն եմ եւ առանց անպատեհութեան կրնաք ընդունիլ հրաւէրս։

Պատուական ֆինլանտացին   պէտք էր գիտնալ Ռուսերուն եւ անոնց ռէժիմին հանդէպ Ֆինլանտայի ազատ քաղաքացիներուն տածած զգացումը, որ հիացումէ եւ յարգանքէ բոլորովին հեռու էր,   իր հաւանութիւնը յայտնեց, եւ, ժամէ մը, ոստիկանին հետ ձիւներուն մէջ պտըտելէ եւ սափրիչին մօտ գործս տեսնելէ յետոյ, զինքը գտայ ճաշարանին մէջ, ուր պարագային յարմար ճաշ մը ըրինք, շամբանեայով։ Այս անգամ ինքն էր որ ինծի ընկերացաւ մինչեւ բանտ, ուր նորէն ծակս մտայ, բայց կազդուրուած եւ թեթեւցած։

Վեցերորդ օրն էր, իրիկուան դէմ, որ լոյսը ծագեցաւ։

Բանտապահը ներս մտաւ ճառագայթող դէմքով մը, եւ,

  Ֆրէ՜յ, գոչեց ուրախութեամբ։

Ֆինլանտերէն գիտնալու պէտք չկար՝ հասկնալու համար որ ազա՜տ էի։ Մէկ քանի վայրկեանէն պատրաստ էի, բալխիրը դրան առջեւն էր, մնաք բարովս ըսի բանտապահին ու կնոջը, որոնք գէշ յիշատակ մը պահած ըլլալու չեն ինձմէ, եւ քիչ յետոյ կայարանն էի, ուր վերստին գտայ իմ ժանտարմըրիի հարիւրապետս։ Այս անգամ, բարեկամաբար ձեռքս սեղմեց եւ ըսաւ,

  Կը շնորհաւորեմ։ Փեթրոկրատէն հեռագիր ստացայ, որ ձեզի վիզա տամ, եւ ազատ էք ձեր ճամբան շարունակելու։ Ահաւասիկ ձեր անցագիրը՝ Ռուսիա մտնելու վիզայով, եւ ահա ձեր թուղթերուն ծրարը։ Կառախումբը արդէն պատրաստ է, մեկնելու ժամը մօտ է, եւ կրնաք երթալ տեղ բռնել։ Փեթրոկրատ ո՞ւր պիտի իջնէք։ 

  Նորէն Ասթորիա։

  Օհօ՜։ Եթէ Փեթրոկրատ գալու ըլլամ, իրիկուն մը լաւ ընթրիք մը կ՚ընենք։

Ռուսական «լայնսիրտ բնաւորութեան» մէկ անգիտակից արտայայտութիւնն էր ասիկա։ Բայց հարիւրապետը, եթէ յոյսը իմ վրաս դրած էր հաճոյալի երեկոյթ մը անցընելու, կրնար երկար սպասել։

Նորէն ամբողջ Ֆինլանտան, ձիւնին տակ ծածկուած, ու ճամբուն երկայնքը միշտ սպիտակափառ վայրի սիներ, որոնք իրենց կարմիր հատիկներու ողկոյզներուն խնդութիւնը կը դնեն ճերմակ՛ բնանկարին վրայ։ Պիէլիօսդրովի կայարանին մէջ, որ Ֆինլանտայի եւ Ռո՞ւսիոյ սահմանագլուխն է, նորէն անցագրի քննութիւն եւ նորէն խուզարկութիւն, բայց այս անգամ ճակատս բաց է եւ սիրտս հանդարտ։ Միայն թէ թուղթերս նորէն գրաւեցին։ Ասոր չզարմացայ, Թորնէոյի մէջ անգլիերէն, ֆրանսերէն ու հայերէն գիտցող ժանտարմ գտնուելու չէր, եւ իմ գրութիւններուս քննութիւնը ռուսական ոստիկանութեան թողուած էր անշուշտ։ Ամէն պարագայի մէջ, ինծի ստացական մը տուին, վրան դնելով թիւը, նօմէրը, առանց որու ռուսական պաշտօնագիր մը մեռած թուղթ մըն է, եւ խոստացան մէկ քանի շաբաթէն հասցէիս ղրկել գրաւուած գրութիւնները։

  Փեթրոկրատ հասնելուս իմացայ, որ իմ պարագայիս համար Պետական Տումայի անդամ Պ. Մ. Պապաջանեանն էր որ դիմում կատարած էր Ներքին գործերու նախարարութեան, եւ դիւրութեամբ ձեռք բերած՝ արտօնութիւնս։ Պաշտօնատունէ պաշտօնատուն, վե՜ց օր պէտք եղած էր սակայն, Փեթրոկրատէն հեռագիր մը ղրկելու համար Թորնէօ։

Ամիսն անցաւ, եւ ձայն ձուն չկար թուղթերէս, որոնց պէտք ունէի։ Ռուսական սրահի մը մէջ, այդ մասին կը խօսէի, երբ զօրավար մը, որ պրիճի ընկերս էր, ռուսերուն յատուկ դիւրահաղորդ եւ հաճոյակատար փութկոտութեամբ, ըսաւ ինծի,

  Այդ կարգի թուղթերը Փեթրոկրատի զինուորական քաղաքապետութեան կ՚երթան։ Ձեզի բառ մը տամ քաղաքապետին, որ մօտիկ բարեկամս է, եւ անմիջապէս կը ստանաք զանոնք։

Զինուորական քաղաքապետութեան մէջ զիս շատ լաւ ընդունեցին, բայց ըսին թէ՝ ճամբորդներէ գրաւուած թուղթերը հոն չէին գար, հապա Պատերազմական գործերու նախարարութեան գրաքննութեան գրասենեակին կը ղրկուէին։

Այս վերջին պաշտօնատան մէջ, իմ հարցումիս պատասխանեցին թէ՝ սխալ տեղ եկեր էի եւ պէտք էի դիմել զինուորական սպայակոյտին։

Սպայակոյտին շէֆը հոյակապ մարդ մըն էր, առնական գեղեցկութեան այն հրաշալի տիպարներէն մին, որ Ռուսիոյ յատուկ էին։ Շատ սիրալիր կերպով մտիկ ըրաւ զիս, ոտքի ելաւ, եւ, ուսիս զարնելով՝

  Յարգելի պարոն,   ըսաւ ինծի ժպտելով, - եթէ ձեր թուղթերը այնքան կարեւոր ըլլային որ հոս իյնային, դուք ի վիճակի չէիք ըլլար գալու անձամբ փնտռելու զանոնք։

  Շատ շիտակ։ Սպայակոյտը պատերազմական գաղտնիքներու հետ կապ ունեցող գործերով կը զբաղէր անշուշտ, եւ եթէ իմ թուղթերս հեռուէն թէ մօտէն այս մարզին հետ առնչութիւն ունեցած ըլլային, իմ բնակութիւնս շատոնց սահմանափակուած կ՚ըլլար չորս ամուր ու սեղմ պատի մէջ, Թորնէոյի բանտէն քիչ մը տարբեր։

Պաշտօնատունէն դուրս ելլելուս ատեն, տարօրինակ մտածումը ունեցայ դռնապանին խորհուրդ հարցնելու։

  Այդ կարգի թուղթերը Փեթրոկրատի Ֆինլանտական կայարանին գրաքննիչին քովը կ՚ըլլան,   ըսաւ ինծի անվարան։   Հոն դիմեցէք։

Իրա՛ւ ալ, ժամ մը յետոյ թուղթերս ետ ստացայ նշանակուած պաշտօնատունէն, ուր ինձմէ ներողութիւն խնդրեցին զանոնք ուշացուցած ըլլալնուն համար։

Ա՛լ իմ թուրք հպատակութիւնս զիս հանգիստ թողուց մինչեւ 1916-ի վերջը, երբ նորէն Փեթրոկրատ վերադարձայ, ութ ամիս Պաթում բնակելէ յետոյ։

Օր մը դարձեալ հրաւէր ստացայ ոստիկանութեան ներկայանալու, ուր ինձ իմացուցին թէ՝ Փեթրոկրատ պատերազմական շրջան յայտարարուած ըլլալով   Գերմանացիները սկսած էին յառաջանալ ռուսական հողին վրայ,   հոն չէի կրնար ապրիլ եւ պէտք էր հեռանայի յիսուն քիլոմեդր շրջանակէ մը անդին։ Այս անգամ ալ Պետական Տումայի ուրիշ մէկ անդամին, Պ. Մ. Աճէմեանի միջնորդութեամբն էր որ ազատեցայ այս անպատեհութենէն։

*

Այս ամբողջ պատմութիւնը կարդալէ յետոյ, կրնաք երեւակայել թէ ՝ ի՜նչ յուզումով էր որ 1920-ի աշնան մտայ Հայաստանի Հանրապետութեան Թիֆլիսի հիւպատոսարանը եւ հայկակա՜ն անցագիր ստացայ Կ, Պոլիս երթալու համար։ Ի՜նչ խրոխտութեամբ էր որ վրայէս նետեցի թուրք հպատակութեան անարգ լուծը։

Հոն էր որ միտքս ինկաւ հպարտ Հայու մը խօսքը, պատերազմէն առաջ, Փարիզի մէջ, «Երեւակայէ՛ մեր խեղճութիւնը,   կ՚ըսէր ինծի,   ոչ միայն Թուրք չենք, այլ Թուրքին ալ հպատա՛կն ենք»։

Ի՜նչ խնդութեամբ ստացայ նիհար տետրակը, որ ազատ երկրի մը ազատ քաղաքացին կը հռչակէր զիս, ներողամտութեամբ աչք գոցելով այդ հիւպատոսարանին մէջ տիրող անբաղձալի բարքերուն, որ մաս կը կազմէին անշուշտ նոր սկսող, դեռ իր ճամբան չգտած եւ իր պաշտօնէութիւնը փորձելու ժամանակ չունեցած վարչութեան մը խարխափանքին։

Այդ անցագիրը դեռ մինչեւ հիմա կը մնայ թուղթերուս մէջ, իր սրբութիւնը կորսնցուցած մասունքի մը պէս, որ իր վրայ խտացուցած է այնքա՜ն պաշտամունք, ներշնչում ու խանդավառութիւն, եւ որ, իր «զօրքը» վերագտնելու համար, կը սպասէ, կը սպասէ անվկանդ հաւատքով մը, որ դարերու խորքէն կուգայ…

 

(«Հայրենիք Ամսագիր», Մարտ 1939)։