Տաճատ
Չարըքեան
դժուարաւ
իր
տունը
գտաւ
եւ
մինչեւ
իրիկուն
անցուց
իր
սենեակին
մէջ
փակուած.
ճշմարտիւ
իր
նպատակն
էր
որոշումի
մը
յանգիլ
եւ
ուղղութիւն
մը
դնել
ապրելու
եղանակին
մէջ.
բայց
կարծես
թէ
գլուխը
ամպով
լեցուած
ըլլար՝
ամէն
բան
գորշ
եւ
անհաստատ
էր
իր
գեղեցիկ
գմբեթաձեւ
ճակտին
տակ.
այդ
անորոշութեան
վիճակը
սկսած
էր
Մարսիլիա
ոտքը
դրած
վայրկեանէն,
երբ
ինքզինքին
հետ
մինակ
մնացած
էր.
կ՚անդրադառնա՞ր
թէ
իր
հանճարը
ուրիշներուն
մրմունջներով
եւ
գովասանքներով
կազմուած
վաղանցիկ
երեւոյթ
մըն
էր
միայն
եւ
թէ
երբ
ուշադրութեամբ
նայէր
իր
մէջ,
պարապը
պիտի
գտնէր.
ամէն
պարագայի
մինչեւ
ցարդ
գոռոզ,
ինքնավստահ,
հիմա
հարկ
կը
տեսնար
կողմնակի
միջոցներու
դիմելու.
ասիկա
արդէն
տկարութեան
ակամայ
եւ
տարտամ
խոստովանութիւն
մը
չէ՞ր.
հետզհետէ
թեթեւ
գլխու
ցաւ
մը
բոլորովին
ցիր
ու
ցան
ըրաւ
իր
կցկտուր
մտածումները,
այնպէս
որ
որոշեց
յանկարծ
քիչ
մըն
ալ
իրերու
ընթացքին
հպատակիլ։
Դրացի
պզտիկ
ճաշարանի
մը
մէջ
ընթրելէ
ետքը
սկսաւ
հարցունել
café
Mullerը.
Մանուկ
ըսած
էր
թէ
օրուան
գրական
մարդիկը,
որ
հայ
ուսանողութեան
մէջ
մեծ
տեղ
մը
կը
գրաւէին
այն
միջոցին,
café
Muller
կը
հաւաքուէին.
անոնցմէ
ոչ
ոք
կը
ճանչնար
անձամբ,
բայց
ենթադրեց
որ
անոնք
զինքը
անունով
կը
ճանչնային
եւ
առանց
վարանելու
ուղղուեցաւ
հոն։
Այս
ժամուն
մեծ
քաղաքը
իրեն
տարտամ
վրդովմունք
մը
եւ
վախ
մը
կը
պատճառէր,
ի՞նչ
էր
ինքը
այդ
ամբոխին
մէջ.
հապճեպով
գործաւորներ
կ՚անցնէին
իր
քովէն
զինքը
երբեմն
հրելով,
անգիտակից
ըմբոստացումներ
կ՚ունենար.
չէի՞ն
տեսնար
զինքը
արդեօք.
որքան
որ
անհաւատալի
թուի,
ճշմարտութիւնը
այն
է
որ՝
իր
մեծութեան
զգացումը
այնպիսի
պատրանք
մը
եղած
էր,
այնպիսի
նախապաշարում
մը,
որ
հակառակ
ամենէն
տարրական
տրամաբանութեան
ինքզինքը
վիրաւորուած
կ՚զգար,
որովհետեւ
ոչ
ոք
ուշադրութիւն
կ՚ընէր
իրեն։
Երբ
սրճարան
մտաւ՝
իր
օտարոտի
եւ
հանդիսաւոր
երեւոյթը
վայրկեան
մը
ուշադրութիւն
գրաւեց.
բայց
ինքը
լոյսերու
առատութենէն,
զանազան
կարգի
աղմուկներէն
եւ
սրճարանին
ծանր
եւ
մուխով
թանձրացած
մթնոլորտէն
շլացած,
խլացած,
ապուշցած
բան
մը
չտեսաւ.
ճշմարտիւ
զղջաց
իր
անձնավստահութեանը
եւ
առանձին
հոն
գալու
յանդգնութեանը
վրայ՝
երբ
ամէն
աղմուկներէն
վեր
աղաղակներու
մէջ
հայերէն
բառեր
որոշեց.
աւելի
թանձր
ծխախոտի
ծուխ
մը
ամպի
պէս
մասամբ
կը
ծածկէր
սրճարանին
այդ
անկիւնը,
որուն
ալիքներուն
մէջերէն
կ՚երեւէին
թուխ
դէմքեր,
սեւ
մազեր
եւ
այնպիսի
շարժումներ
որոնք
բոլորովին
յատկանշական
են։
Տաճատ
դեռ
իրենց
չէր
մօտեցած
եւ
կը
խորհէր
ինքզինքը
յայտնելու
կարեւոր
արարողութեան
վրայ՝
երբ
Բարսեղ
Սարգիսեան
եկաւ
դէպ
իրեն
ժպտուն։
Տաճատ
գոհ
էր
ծանօթ
դէմք
մը
տեսած
ըլլալուն։
Շոգենաւին
մէջ
անցուցած
վերջին
գիշերէն
ի
վեր
զիրար
չէին
տեսած,
բայց
Բարսեղ
բոլորովին
մոռցեր
էր
իրենց
վերջին
հանդիպումին
պարագաները.
իսկ
Տաճատ
այս
միջոցին
շատ
ստիպողական
կերպով
մէկու
մը
պէտք
ունէր,
զայն
իրեն
յիշեցնելու
համար
ցուրտ
վարմունքով
մը.
հետեւաբար
նոյնքան
գոհ
ըլլալու
երեւոյթ
առաւ
եւ
իրեն
շռայլեց
այն
հազուագիւտ
ժպիտներէն
մէկը,
որ
տարօրինակ
մրմունջով
մը
շրթունքներու
թեթեւ
շարժում
մըն
էր,
թուշը
մասնաւոր
կերպով
մը
վեր
ցցած,
այդ
պահուն
դէմքին
վերի
մասը
եւ
աչքերը
անշարժ
եւ
անայլայլ
կը
մնային,
ինչ
որ
իր
արտայայտութեան
կուտար
բռնազբօսիկ,
եւ
նոյն
իսկ
վրդովեալ
հանգամանք
մը։
-
Եկո՛ւ
զքեզ
ընկերներու
ներկայացնեմ։
Տաճատ
հնազանդեցաւ։
Երկայանաձեւ
սեղանի
մը
շուրջը
խառն
ի
խուռն
նստած
էին
քանի
մը
երիտասարդներ
եւ
կիներ,
այդ
միջոցին
Գաբրիէլ
Պալըքճեան
գեղեցիկ
երիտասարդ
մը՝
որ
զարմանալի
նմանութեան
կէտեր
ունէր
Ադամեանի
Համլէթի
պատկերին
հետ,
կը
խօսէր
իր
ներկայացնելիք
մէկ
խաղին
վրայ։
Գաբրիէլ
Պալըքչեան
Թիֆլիզի
մէջ
դերասանական
փորձեր
ընելէ
ետքը՝
Բարիզ
եկած
էր
իր
արուեստը
կատարելագործելու։
Ադամեանի
սիրահար,
անոր
այլ
եւ
այլ
դերերու
մէջ
ունեցած
լուսանկարները
ուսումնասիրելով,
դէմքի
այնպիսի
կատարեալ
նմանութիւններու
կը
հասնէր
որ
առաջին
անգամ
ճշմարտիւ
կը
հիացնէր
տեսնողը.
չեմ
գիտեր
թէ
արդէն
դիմագծերու
բնական
նմանութիւն
մը
կը
դիւրացնէր
իր
mimiqueի
խաղերը,
թէ
այդ
խաղերն
էին
նոյն
իսկ
որ
իրեն
կեղծ
նմանութիւն
մը
տուած
էին
սքանչելի
դերասանին
հետ։
Անոր
մօտ
կեցած
Անտօն
Եարտեան
շարունակական
ծամածռութիւններ
կ՚ընէր,
ինչ
որ
քուրջի
կտորի
մը
պէս
կը
ճմռթկէին
իր
վիժած
տղու
կապկային,
վտիտ
դէմքը,
երբեմն
Պալըքճեանի
խօսքը
ընդհատելով
իբր
թէ
գայթակղած,
երկու
ձեռքերը
ականջներուն
կը
տանէր,
սուր
ուսերը
կը
բարձրացնէր
եւ
կը
գոչէր.
-
Լռէ՛
հապիտ,
լռէ՛
այլ
եւս…։
Տաճատ
զարմացումով
կը
տեսնէր՝
թէ
այս
թշնամական
բառերը
ոչ
մէկ
ձեւով
չէին
վրդովեր
դերասանը՝
որ
այս
միջոցին
Օթէլլօի
վայրագ
երեւոյթ
մը
առած,
երկու
ձեռքերուն
տասը
մատները
ջղաձգօրէն
կարկամած,
կը
խոյանար
մօտը
եղող
ֆրանսացի
աղջկան
մը
վրայ
ըսելով.
-
Ահա
այսպէս,
այսպէ՛ս
կը
խեղդեմ
Տէզտէմօնան։
Կ՚երեւի
խեղճ
աղջիկը
բնաւ
փափաք
չունէր
Տէզտէմօնաի
դերը
կատարելու,
որովհետեւ
կեղծ
խնդուածքով
մը
կ՚ընկրկէր
որքան
կարելի
էր,
մինչեւ
որ
Գաբրիէլ
ակնթարթի
մը
մէջ
դէմքի
արտայայտութիւնը
փոխեց,
իբր
թէ
դիմակ
մը
փոխած
ըլլար
եւ
սկսաւ
խօսիլ
իր
ներկայացնելիք
թատրոնին
վրայ.
անփութօրէն
կը
խօսէր
անիկա
ուշադրութիւն
չընելով
որ
զինքը
մտիկ
չէին
ըներ.
նոյն
իսկ
իր
խառն
եւ
անհասկնալի
հայերէնով
կ՚ուղղուէր
ֆրանսացի
աղջիկներու,
որոնք
կարծելով
թէ
բան
մը
արտասանելու
վրայ
է՝
քթին
կը
խնդային
յայտնի
կերպով։
Հետզհետէ
աւելի
ջղագրգռուած՝
Անտօն
Եարաեան
թշնամական
խօսքերը
կը
կրկնէր.
-
Ալ
հերիք,
ե՞րբ
զմեզ
պիտի
ազատես
քու
զզուելի
ներկայութենէդ…։
Բարսեղ
նոյն
միջոցին
Տաճատը
կը
ներկայացնէր
Սուրէն
Սահակեանին.
ասիկա
քիչ
մը
գէր,
թանձր
երեւոյթով
երիտասարդ
մըն
էր
որ
երկու
սրունքները
բացած
ձեռքերը
բանթալօնին
գրպաններուն
մէջ,
կը
տատանէր
մեղմօրէն.
իր
գեղեցիկ
տղու
դէմքին
վրայ
սքանչելի
սեւ
աչքեր,
որոնք
քնարերգական
եւ
մելամաղձոտ
բան
մը
ունէին,
այնպիսի
անհասանելի
յուսահատութիւն
մը
եւ
ջլատում
մը
կ՚արտայայտէին
եւ
կը
ներշնչէին,
որ
տեսնողին
շունչը
կը
կտրէր.
հակառակ
իր
թարմ
եւ
լեցուն
շրթունքներուն
որ
մետաքսի
պէս
սեւ
պեխերուն
ներքեւէն
կարծես
կը
հեգնէին,
այդ
ջլատիչ
յուսահատութեան
զգացումը
կը
յաղթէր
եւ
աչքերէն
կը
տարածուէր
ամբողջ
անձին
վրայ.
երբ
Սուրէն
Բարսեղը
տեսաւ,
աչքերուն
արտայայտութիւնը
աւելի
սուրցաւ
եւ
իր
աչքերը
գրեթէ
սեւեռեցան
անոր
նայուածքին
մէջ։
-
Պիտի
տա՞ս
թէ
պիտի
չտաս,
ըսաւ
յանկարծ։
-
Չեմ
կրնար,
եղբայր,
տրամադրելի
չունիմ,
վաղը
առաւօտ։
Սուրէնին
շրթունքներուն
վրայէն
արհամարհանքի
եւ
հեգնութեան
շարժում
մը
անցաւ։
Մտազբաղ
ներկայացաւ
Տաճատին,
բայց
հակառակ
իր
անուշադիր
երեւոյթին
անմիջապէս
դատեց
Չարըքեանը.
Սուրէն
Սահակեան
թափանցող,
խելացի
եւ
շատ
մեծ
գրական
յատկութիւններով
օժտուած
տղայ
մը՝
այդ
միջոցին
իր
գեղեցիկ
տաղանդը
կը
քնացնէր
40
սուի
որսորդութեան
պատճառաւ
որ
ամէն
առաւօտ
ընելու
ստիպուած
էր.
իր
ծնողքը
զինքը
Բարիզ
ղրկած
էին
որպէս
զի
գրական
եւ
որոշ
ապագայ
ունեցող
գործի
մը
հետեւի.
բայց
ինքը
այնքան
տիրապէս
գրականութեան
հակում
ունէր՝
որ
քանի
մը
ամիս
ծնողքը
խաբխըբելէ
ետքը
յայտնած
էր
իր
որոշումը,
անոնք
ի
փոխարէն
գրած
էին
թէ
մինչեւ
որ
իրենց
փափաքած
շաւղին
մէջ
չի
գայ
ամսական
չպիտի
ղրկէին։
Սուրէն
ճշմարիտ
արուեստագէտ
մըն
էր,
բայց
իր
պարարտ
ու
խնամուած
մարմինը
չէր
կրնար
տոկալ
չքաւորութեան.
ծայրայեղ
կերպով
զգայնասէր,
իր
բոլոր
զգայարանքներուն
զրկանքներովը
հաւասարապէս
կը
տանջուէր.
իր
տաղանդը
խառնուրդ
մըն
էր
շատ
նուրբ
քնարերգական
(lyrique)
կարողութեան
մը
եւ
անողոք
գրեթէ
դիւային
cynismeի
մը.
գողար
միամտութիւններու
քով,
առեղծուածային
եւ
կախարդիչ
բան
մը
ունէր՝
որ
բոլորովին
կը
յատկանշէին
ոչ
միայն
իր
տաղանդը
այլ
նաեւ
իր
նկարագիրը
եւ
նոյն
իսկ
դէմքը։
Իբրեւ
ճշմարիտ,
բնական
նոյն
իսկ
բնազդային
արուեստագէտ,
իր
հոգիին
եւ
տաղանդին
նոյնութիւնը
զինքը
բոլորովին
կ՚ազատէր
արուեստականութենէ.
այլ
սակայն
արտագրելու,
բան
մը
գրելու
արտակարգ
դժուարութիւն
մը
կ՚զգար,
ինչ
որ
զինքը
օրերով
անգործութեան
կը
դատապարտէր.
բառերը,
խօսքերը
կ՚ելնէին
մէկիկ
մէկիկ
տաժանքով,
ճշմարիտ
երկունք
մը,
թերեւս
անոր
համար
որ
իր
ամբողջ
հոգին,
այն
հակասական
եւ
առեղծուածային
հոգին
էր
նոյն
իսկ
իր
տաղանդը
եւ
իր
փոյթն
էր
իր
հոգիէն
բան
մը
տալ.
բայց
հակառակ
ասոր
բառերը
եւ
ֆրազները
կ՚ելնէին
մաքուր
իրենց
վերջնական
ձեւին
մէջ
դարբնուած
եւ
օժտուած
հանդարտ
եւ
կատարեալ
գեղեցկութիւնով
մը,
չափազանց
դժուարահաճ
եւ
խիստ
ինքզինքին
համար՝
նոյն
խստութեամբ
կը
դատէր
ուրիշները.
Սուրէն
հասկացողութեան
ծայրայեղ
ճշդութեան
մը
հասած
էր
եւ
մէկ
նայուածքով
կ՚որոշէր
կեղծ
ադամանդը
իրաւէն,
գրեթէ
անգիտակից
բնազդով
մը,
աչքի
հարուածով
մը։
Հետեւաբար
դիւրին
է
հասկնալ
թէ
երկայն
ատեն
չդրաւ
Տաճատը
հասկնալու
համար։
Հազիւ
թէ
ներկայացուած
էին,
pour
tàter
le
terrain,
մէկ
քանի
խօսք
փոխանակեց
իրեն
հետ՝
որուն
միջոցին
Տաճատ
պզտիկ
աղջկան
մը
պէս
սկսաւ
կարմրիլ։
Չարըքեան
փլուզում
մը
կ՚զգար
իր
մէջը.
կարծես
թէ
պիտի
հասկնար
ինքզինքը.
այդ
սեւ
յուսահատութիւնով
ողողուած
աչքերը
եւ
հեգնող,
դառն
խօսքերով
բաբախուն
շրթունքը
իրեն
գլխու
պտոյտ
կը
պատճառէին.
այդ
վայրկեանէն
զայն
ոխերիմ
թշնամի
նկատեց,
բայց
ո՞ւր
մնացած
էր
այլ
եւս
իր
անձնավստահ
արհամարհանքը.
կ՚ուզէր
իր
մէջ
բան
մը
գտնալ
եւ
բանի
մը
կառչիլ,
բայց
իր
հանճարեղ
տղու
կարծեցեալ
կարողութիւնները
կը
խուսափէին,
կը
կորսուէին
ունայն
երեւոյթներու
պէս.
վայրկեան
մը
նկարչութեան
դարձի
գաղափար
մը
ունեցաւ.
բայց
իր
եսին
երազը
զինքը
ուժովցուց.
չէ՞
մի
որ
գիրք
մը
պիտի
գրէր
եւ
թէ
ինչե՜ր
ունէր
ըսելիք,
ինչե՜ր
պիտի
գտնար
իր
հոգիին
խորքերուն
եւ
ծալքերուն
մէջ
եւ
այդ.
-Ինչե՜ր ,
ինչե՜ր,
ինչե՜ր…
մտածած
ատեն,
տարտամօրէն
կը
զգար
թէ
այդ
ինչե՜րը
ունայն
բառեր
էին։
Մեծ
ջանքերով
ինքզինքը
բռնեց
եւ
իր
գմբեթաձեւ
ճակատը
դարձուց
Սուրէնին.
զգալի
կերպով
տժգոյն
էր
իր
բաց
գորշագոյն
հագուստներուն
մէջ
եւ
ծունկերը
կը
դողային,
բայց
ներքնապէս
գիտնալով
որ
ինքզինքը
կը
խաբէր,
այդ
տկարութիւնը
ճամբորդութեան
յոգնութեան
վերագրեց։
Այդ
միջոցին
Սուրէն
իր
աչքերը
սեւեռած
Տաճատին
վրայ,
իր
գեղեցիկ
սեւ
աչքերը
որոնց
մէջ
կարծես
դողդոջուն
լոյս
մը
կար,
կ՚ըսէր
համոզումով.
-
De
la
douceur,
de
la
douceur,
de
la
douceur.
-
Calme
un
peu
ces
transports
febriles,
ma
charmante.
Բարսեղ
ներում
խնդրեց
Սուրէնէն
եւ
մեկնելու
պատրաստուեցաւ։
Առջի
օրը
միայն
զիրար
ճանչցած
էին,
բայց
հակառակ
իրենց
արտաքին
երեւոյթներուն,
դաստիարակութեան,
նկարագրի
տարբերութիւնը՝
իրարու
մէջ
ճանչցած
էին
ճշմարիտ
տաղանդաւորներու
եղբայրակցութիւնը,
եւ
ասիկայ
թէեւ
դեռ
սքօղուած
բայց
տեսակ
մը
մտերմութիւն
կը
դնէր
իրենց
մէջ։
-
Չնստիս
բան
մը
չառնե՞ս,
բարեկամ,
ըսաւ
Սուրէն։
-
Ո՛չ
եղբայր,
ըսի
որ
չեմ
կրնամր
այս
իրիկուն,
անկարելի
է։
Երբ
Բարսեղ
անոնց
ձեռքերը
սեղմելէ
ետքը
մեկնեցաւ,
Սուրէն
ալ
աւելի
յուսահատած
ուսերը
ցնցեց
ու
գոչեց
Տաճատին
cynismeով։
-
Կը
տենե՞ս
սա
cretinը,
ստակ
ունի
եւ
սակայն
մէկ
սու
չի
կրցայ
հանել
տալ։
-
Օ՜հ,
այո՛,
ըսաւ
Տաճատ
իր
բռնազբօսիկ
խնդուածքովը,
վատօրէն։
Եւ
յետոյ
յանկարծ
Սուրէնին
բարեկամութիւնը
շահելու,
զայն
իրեն
կապելու
փութկոտութիւնով
մը.
-
Թերեւս
քիչ
մը
դրամի
պէտք
ունիք,
կ՚ուզէ՞ք
որ
ձեզի
քսան
ֆրանքնոց
մը
փոխ
տամ։
Սուրէն
նախ
չհաւատալով,
երազկոտ
իրեն
նայեցաւ.
բայց
սա
երջանիկ
նորեկները
ամենքն
ալ
դրամ
ունէին.
միտքը
ինկաւ
իր
առաջին
օրերը
Բարիզի
մէջ
հիացած,
յուզուած,
իր
միամիտ
եւ
բանաստեղծ
տղու
խանդավառութիւնները,
որու
միջոցին
դրամը
իր
մատներուն
մէջէն
կը
սահէր
կ՚երթար
ջուրի
պէս։
Երբ
Տաճատ
ոսկի
դրամը
իրեն
կարկառեց,
վերացած
աչքերովը
որոնց
յուսահատութիւնը
կը
յամառէր
սակայն,
իրեն
նայեցաւ
մրմնջելով.
-
De
la
douceur,
de
la
douceur,
de
la
douceur.
Յետոյ
յանկարծ
Տաճատը
հոն
իր
ճակատագրին
ձգելով
սեղանին
մօտիցաւ
եւ
նստաւ.
Անտօն
Եարաեան
որ
աչքին
պոչովը
դիտելու
վրայ
էր
Տաճատը,
հարցուց.
-
Ի՞նչ
տեսակ
բան
է ,
հէ՞։
Սուրէն
գլուխը
շարժեց
տարտամօրէն,
երազկոտ,
եւ
իր
նայուածքը
փոխադրելով
Անտօնին
վիժած
տղու
դէմքին
վրայ,
որուն
տգեղութիւնը
միշտ
անակնկալի
մը
պէս
զինքը
կ՚ապշեցնէր.
-
Զուտ
տխմար
մը,
տղա՛ս,
ըսաւ
մտածկոտ,
կեղծ
հանճարի
թիփ
մը
որ,
փառաւոր…։