Աւերակներուն մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.
ՊԱՏԱՐԱԳԸ

Առաջին կիրակին էր, որ պիտի անցընէինք Ատանայի մէջ. հազիւ թէ լուսցած` արկածեալներու բազմութիւնը խռնուած էր եկեղեցիին բակին մէջ. գլխիկոր եւ յուսաբեկ, ձեռքերնին ծալլած կուրծքերնուն վրայ` այրիներու շարքը, դանդաղօրէն ու երկչոտ քայլերով կը դիմէր դէպ ի եկեղեցի, որովհետեւ Պատրիարքական պատուիրակ Գնէլ Ծ. Վարդապետ խոստացեր էր պատարագ կատարել մեռելներու հոգեհանգիստին ու սգաւորներու մխիթարութեանը համար: Մեծ յուզում մը կը սաւառնէր դժբախտ ժողովուրդին վրայ, որովհետեւ ընդարմացած ցաւը առաջին օրերու ուժգնութեամբ արթնցեր էր իրենց սրտերուն մէջ եւ ամէն մէկ գլուխ քանի մը մեռել ունէր լալիք:

Խարխափող գաւազաններու աղմուկը կը տնտնար բակին քարերուն վրայ եւ կը նշանակէր նաեւ պառաւ կոյրերը, որոնք ճակատնին երկնքին դարձուցած, ականջնին սրած ամենափոքրիկ շշուկին` կ՚երթային դէպի խոստացուած մխիթարութիւնը:

Աւերուած ու քանդուած քաղաքին մէջ միայն կանգուն մնացած Հայոց առաջնորդական եկեղեցիին բարձր աշտարակը կարծես կը նայէր իր շուրջի աւերակներուն. ու զանգակը համրացած` կը կախուէր հոն անդամալոյծ լեզուի մը պէս, որովհետեւ աղէտի օրէն ի վեր անոր տխրագին կամ ցնծուն ղօղանջները լռեցուցեր էին սուգի համար:

Երբ մենք մտանք եկեղեցի, պատարագը սկսած էր արդէն: Խուռն բազմութիւն մը, գրեթէ բոլորովին կազմուած այրիներէ եւ որբուհիներէ, կը լցնէր տաճարը, գաւիթները ու վերնատունը: Ճերմակ քօղերու եւ լաչակներու ներքեւ ծածկուած այդ սգաւոր գլուխներու անվերջ տողանցումը փոթորկալի վէտվէտում մըն ունէր: Ցնցոտիներով ծածկուած, խղճալի ու թշուառ կանացի ամբոխին մէջ` այրերը ցանցառ բացառութիւն կը կազմէին, մեծ մասով անդամահատ ու խեղանդամ, այս վերջինները սեղմուած էին դասին ետեւը, իրենց ամէն մէկ շարժումին հականեխականներու բարկ հոտը կը սպրդէր վիրակապներու ներքեւէն ու կը յիշեցնէր դեռ չբուժուած վէրքերը ու այն օրերուն, այն սեւ օրերուն թափուած արիւնը… տժգոյն ու դողահար, անարիւնցած իրենց ստացած վէրքերէն ու անկէ ի վեր կրած չարչարանքներէն, անոնք աւելի տխուր եւ յուսաբեկ քան այրիացածները, լռին ու չոր ու տենդոտ աչքերով կը հետեւէին արարողութեան:

Անսահմանելի խռովք մը կը թրթռար մթնոլորտին մէջ. խունկի թանձր ծուէններ կը բարձրանային ու հետզհետէ անօսրանալով կը ծածանէին ու կը քօղարկէին եկեղեցիին ձեղունը. երկու կողմերէն պատուհաններէն եկող լոյսը սատափի տմոյն ցոլք մը կը ստանար խառնուելով այդ բուրումնաւէտ ամպերուն, եւ երբեմն ժողովուրդը կը ծածկուէր խորհրդաւոր կէս մութի մը մէջ ու պատարագւորին ձայնը դողդոջուն եւ կրօնական հրայրքով մը լեցուն` կը բարձրանար համրօրէն յոյլ եւ նուիրական ելեւէջներով այդ արկածեալներու ամբոխին վրայ, որ հազիւ կը խեղդէր իր հեծեծանքը:

Դասը կանգնած էին խստադէմ ու տխուր քահանաներ, ամէնքն ալ մէյ մէկ աղէտեալ վայրէ հրաշքով ազատուած ու ապաստանած հոտ: Անոնց արեւակէզ դէմքերը շրջանակուած էին ճերմակ մօրուքներով եւ անոնց մթին աչքերը դեռ պահած էին արհաւիրքի եւ սարսափի արտայայտութիւնը՝ երբ բազկատարած կը հետեւէին աղօթքներուն: Հոն էր Ատանայի փոխառաջնորդ Տէր Արսէն քահանան իր փղձկած դէմքով եւ ցաւոտ աչքերով, պատրաստ ամէն րոպէ արտասուելու. հոն էր Տէօրթ-Եօլի Տէր Սահակ քահանան, արի եւ վէս կանգնած, իր սակաւապէտ եւ խորհրդաւոր երեւոյթով եւ որուն բազուկները դժկամելով ամուլ աղօթքներու համար բարձրանալու, սքեմի սեւ ծալքերուն ներքեւէն կարծես դեռ ինքնապաշտպանութեան օրերուն հրամանները կ՚ուրուագծէին: Հոն էին նաեւ տարբեր եկեղեցիներու պատկանող եկեղեցականներ, Կաթոլիկ, Բողոքական, Յոյն, Ասորի եւ Քաղդէացի. ամէնքն ալ հաւաքուած Լուսաւորչի բազմաչարչար եկեղեցիին մէջ, վերջին մարտիրոսներու հոգիի հանգստեան համար իրենց աղօթքն ըսելու եւ եղբայրանալու այն մեծ եւ անսահման վշտի արտայայտութեան մէջ, որ քանդած էր այլազան աղանդներու մէջ եղած բոլոր սահմանները: Այդ պատկերը կը յիշեցնէր քրիստոնէութեան առաջին դարերը. ուխտուածներու եւ զոհուածներու թափած արիւնի հետքերը դեռ խոնաւ էին ու անոնց հոգին էր, որ կարծես կը մխար ծածանող խունկի ալիքներուն մէջ:

Որչափ ատեն որ ժողովուրդը ինքզինքը բռնեց, որքան ատեն որ հեծմունքները ու հառաչանքները խեղդուած մնացին իրենց կուրծքերուն մէջ, կարելի եղաւ հետեւիլ կրօնական արարողութեան… երբեմն ցաւի եւ վերհիշումի սարսուռ մը կ՚ալեկոծէր սգաւոր ամբոխը… երբեմն ալ մոլեռանդ տենջանքը խաղաղութեան ու հանգստի, կը փայլատակէր աչքերուն մէջ… Այդ բիւրաւոր նայուածքներու մոգութիւնը հետզհետէ ցաւագին զգայնութիւններով կը տանջէր մեզ. այդ պահուն էր, որ պատարագւորը ժողովուրդին դարձած խաչակնքելու միջոցին մէջ ըսաւ.

Խաղաղութի՜ւն ամենեցուն…

Օ՜հ, այն տենջալի հառաչանքը, որով այդ սփոփարար խօսքերը ընդունուեցան. ժողովուրդին զանգուածն իր հիմէն դղրդեցաւ ու արցունքներ հոսեցան մեղմօրէն այտերու վրայ. ու այդ խաղաղութեան բաղձանքը ո՛չ թէ միայն այդ րոպէի համար էր, ոչ թէ այդ որոշ մարդկային բեկորին համար՝ այլ անիկա կը հնչէր բարձր ու անդիմադրելի, դարաւոր տառապանքին տակ կքած ու հալածանքի ուրուականներէն մոլորած ցեղին համար:

Պատարագը կը  յառաջանար, աղօթքներու եւ շարականներու մեղեդիներէն օրօրուած մտածումս կը սլանար դէպի հեռուները, դէպի ապրած անցեալ սեւ օրերը. ինքզինքս լքած ցաւի ալքերուն, կը զգայի անհատականութեանս աստիճանաբար նուազիլը հաւաքական տառապանքի մէջ. նոր ձայն մը կը հնչէր իմ հոգիիս մէջ ու տաժանելիօրէն կը զարթնէի նորատեսակ գիտակցութեան մը. ու այդ պահուն էր, որ հաղորդուեցայ իմ Ցեղիս ճշմարիտ ճակատագրին հետ…: Այդ պահուն էր, որ վերապրեցայ բոլոր այն դժոխային տագնապները՝ որոնք պատմէր էին ինծի եւ որոնցմէ հեռու եւ օտար մնացել էի այն օրերուն: Նոյն եկեղեցիին մէջ… սարսափահար եւ հալածական ժողովուրդը հաւաքուած էր նոյն այս տաճարին մէջ. այն օրն ալ կիները մեծամասնութիւն կը կազմէին եւ ամէն անգամ որ հրացանի մը ձայնը կը թափանցէր պատերը, չէին գիտէր թէ իրենցմէ ո՞րն էր, որ այդ րոպէին կ՚այրիանար… դուրսը կը զարնէին, կը զարնէի՜ն… աղջիկներ ու կիներ իրենց ճերմակ քօղերնուն մէջ պատանքուած մեռելներու երեւոյթովը, մէկ րոպէէն միւսը գոյժերու կը սպասէին… արիւնը կը հոսէր: Վէրքերնին բաց, միսերնին պատառատուն թշնամիին գնդակներէն, քաղաքը պաշտպանողներէն ոմանք կուգային կռիւէն ու եկեղեցու շեմին վրայ հոգինին կ՚աւանդէին, հոն ապաստանած իրենց սիրելիները փնտրելով խելայեղ եւ վերջին նայուածքով: Մէկ րոպէէն միւսը սեւ խուժանին դիմադրող բազուկները կը պակսէին, ուրիշներ կը դառնային հեւիհեւ, խեղանդամուած ու պայքարելու անկարող, եւ պէտք չկար, որ տեսածնին պատմէին, որովհետեւ իրենց վառօդէ սեւցած դէմքերուն վրայ գրուած էր ամբողջ արհաւիրքը յուսահատութեան…:

Այդ նոյն տաճարին մէջ էր… հրացանները կ՚որոտային աւելի մերձաւոր, աւելի յաճախ… ոգեվարներուն հռնդիւնները խառն էին անէծքներով… կիները դողդոջուն կը սեղմուէին` տեղ տալու վերադարձողներուն եւ իրենց պաղատող նայուածքներն իզուր կը կառչէին սուրբերու եւ սրբուհիներու պատկերներուն… ինչո՞ւ անոնք, որոնց զօրութեանը հաւատացեր էին միշտ, անկարեկիր եւ ցուրտ կը մնային իրենց տառապանքին, ի՞նչ անէծք ու ի՞նչ պատիժ տնօրինուած էր իրենց համար… ո՞ր կուտակուած մեղքերու քաւութեանը համար էր, որ Աստուած համր ու կոյր կը մնար, իբր թէ բացակայած ըլլար սրբատեղիէն…: Յանկարծ լուսաւոր եւ շառագոյն յայտնութիւն մը երեւաց պատերուն վրայ… կրակի տուին, քաղաքը կ՚այրէր. ամէն բան կորսուած էր: Հետզհետէ աւելի մօտ հրացանները կը զարնէին ու գնդակները սուլելով կ՚անցնէին եկեղեցիին պատերուն վրայէն: Օգնութի՜ւն… օգնութի՜ւն, ո՜վ Աստուածը մեր նախահայրերուն, քո անկարեկիր ու ոխակալ նայուածքդ մէկ մը մեզի դարձուր…: Բոցերը կը պատեն ամէն կողմ, օճախները կը քանդուին, հրացանները կ՚որոտան ու յաղթական թշնամիին ամբոխը մօտ է, ու ամէն Կեանք` պլպլացող լոյսի մը պէս անոր չարագուշակ շունչը կը զգայ իր վրայ:

Այդ րոպէին սպիտակահեր ու ծերունի քահանայ մը, տարիքէն դողդոջուն սրունքներն ամրացնելով` կ՚երեւայ ժողովուրդին, ձեռքերը կը բարձրացնէ՜… - «Մտիկ ըրէ՛ք, մեռնելու ժամը հասած է, Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս իր անքննելի տրամադրութիւններուն մէջ վճռեր է, որ անգամ մըն ալ իր հօտին անմեղ արիւնը թափի… սուրերը սուրցած են ձեր պարանոցներուն համար եւ դահիճները ոգեւորուած են նախճիրի արբեցութենէն, ու արիւնը պահ մը ետքը ձեր երակներուն մէջ չպիտի մնայ… խոնարհեցէ՛ք ձեր գլուխները ու արձակում խնդրեցէք ձեր մեղքերուն համար… վերջին ժամը հնչած է ու Աստուծոյ ողորմութիւնը անսահմանափակ է…»:

Հրացաններու խլացուցիչ եւ շտապ շտապ աղմուկին եւ տիւշմանին մոլեգին աղաղակներուն մէջ, պահ մը ծերունի քահանային ձայնը կը մարի, բայց անիկայ կերկերաձայն կը շարունակէ թողութիւն արտասանել խոնարհացած ժողովուրդին վրայ:

Բոցավառուած երեւակայութեանս մէջ կը շփոթուի այն օրը եւ այս օրը, որովհետեւ դարձեալ ժողովուրդը խոնարհած է եւ ինկած է գետնին, հնձուած հասկերու նման. խորանին մէջ, պատարագւորին ձայնը սլացաւ. «Խոնարհէալ երկիւղիւ երկրպագանեմ…»:

Ճակատնին գետնի քարերուն զարնելով, քամակը կորացած ժողովուրդը, կրօնական սարսուռէ մը թրթռուն` իր ցաւը մոռցաւ… ու մխիթարութիւնը ճերմակ աղաւնիի մը պէս րոպէ մը սաւառնեցաւ իրենց արցունքէ աղօտացած աչքերուն առջեւ…: Բուրվառները կը ճօճէին ծեքծեքալով եւ խունկի ծուէնները կը թանձրանային, ու երբ գլուխնին բարձրացուցին՝ արցունքն աւելի առատ կը հոսէր տանջուած դէմքերու վրայ:

Բայց երբ քիչ ետքը պատարագիչն արտասանեց գերագոյն մաղթանքը. «Հանգի՜ստ ոսկորներուն Կիլիկիոյ նահատակաց, արանց ու կանանց, ծերոց ու տղայոց, երիտասարդաց եւ կուսանաց», սգաւոր ժողովրդին յուզմունքն այնպիսի աստիճանի մը հասաւ, որ բարձրաձայն հեծկլտանքներու մէջ խեղդուեցան աղօթքին ձայները…: Անսահման վիշտէն ալեկոծուած ամբոխը սկսաւ աղաղակել։ Երբեք կարելի չէր երեւակայել այն կատարեալ ու ցաւագին ներդաշնակութիւնը, որ ինքնին յառաջ կուգար եւ որ հոգեհանգստեան աղօթքին միանալով՝ զայն կ՚ամբողջացնէր. պահ մը, միայն լսուեցաւ ողբ ու հեծեծանք, մինչեւ ծերունի քահանաներուն խռպոտ եւ թաւ ձայնը կը պատասխանէր այդ ցաւագին աղաղակներուն, հնամենի աղօթքներու նուիրագործուած բանաձեւերով ամոքելու համար այդ այրող Ցաւը, որ ամէն մէկուն սիրտը կը բզքտէր:

Այդ մէկ օրուան, մէկ տարուան, մէկ դարու ցաւ չէր, որ կ՚արտայայտուէր, կարծես գերբնական եւ հազուադէպ ճիգի մը մէջ Ցեղին տառապանքը կը բաբախէր ուժգնութեամբ… ամէն մէկ հառաչանքով ծամածռած շրթունքէ կը յայտնուէր հաւաքական ու անձնական սուգը, անմխիթարելի ու անդարմանելի սուգն Ազգին…: Բոլոր մարտիրոսացածները հեռաւոր ժամանակներուն, բոլոր նահատակուած զինուորեալները Լոյսի, Ազատութեան եւ Խաղաղութեան իդէալներուն` իրենց դարաւոր աճիւններէն կենդանացած, անգամ մըն ալ կը տառապէին, ու բոլոր երախները գոցուած վէրքերուն` անգամ մըն ալ կը բացուէին ու Ցեղին վիշտն առատօրէն կը հոսէր այդ նոր արկածեալներու աչքերէն:

Պատարագէն ետքը ժողովուրդը գլխիկոր եւ կրած յուզմունքէն խոնջած` ցրուեցաւ, բակին մէջ դանդաղելով ու խումբեր կազմելով, շատեր լուռ կը մնային, կզակին լաչակով կապած դրսեցիներ ու ճերմակ քօղի տակ ծածկուած Կիլիկեցիներ, ցնցոտիներու մէջ հազիւ սքօղած իրենց վտիտ անդամներուն մերկութիւնը, մտազբաղ կը հետեւէին իրենց արիւնոտ յիշատակներուն:

Մենք ալ կը դառնայինք Առաջնորդարան. դռան շեմի վրայ խելացնոր դէմք մը մեզ կեցուց. աչքերը կոյր էին, գլուխը ծածկուած էր ցանցառ եւ գորշ մազերով. խոստացուած մխիթարութիւնը չէր դղրդած իր վիշտը. անիկա անխախտ իր մայրական ցաւին մէջ յամառօրէն կ՚ըսէր. «Լեռներու մէջ ծնէր էի զինքը ու իրեն պէս կտրիճ չկար, երբ պզտիկ էր, տատիս տնկած ծառներէն օրրան կը կախէի ու ձայնս ձգած օրօր կերգէի…: Եօթը գիւղի մէջ կ՚ըսէին. «Ռուբենին մօրը պէս օրօր ըսող չկայ… այսօր ալեմ աշխարհ կ՚ըսէ. «Ռուբենին մօրը պէս զաւկին սուգը լացող չիկայ…»:

Մինչեւ ուշ ատեն, վշտահար մօրը ողբը յամառօրէն հնչեց եկեղեցիին բակին մէջ ու մինչեւ իրիկուն անոր ողբագին եղանակն ընկերացաւ ու օրօրեց հոն ապաստանող ժողովուրդին հոգեհանգստեան պատարագէն կրած տպաւորութիւնները: