Աւերակներուն մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ

Օր. Սաթենիկ Օհանջանեանի

Առաջին օրերէն` երբ գիւղացիներու զարհուրելի պատմութիւնները կը լսէինք, մեր մտասեւեռումը եղաւ երթալ այդ արիւնոտած ճամբաներէն, երթալ հուրով եւ սուրով ջնջուած մարդկութեան հետքերուն վրայ, ու մեծ դժբաղդութեան դառնութիւնը զգալ իր բոլոր ցաւագին ընդարձակութեան եւ անժխտելի իրականութեան մէջ:

Հիմակ` սայլին մէջ երկնցած` մեծ ճամփուն վրայ էինք արդէն. ընդարձակ դաշտերուն խաղաղութեանը վրայ վերջալոյսն իր վարդագոյն մշուշը կ՚անձրեւէր: Տաք երկիրներու յատուկ մասնաւոր գոլորշի մը արեւին վերջին ճառագայթներէն կարմրած, կը բարձրնար գետնէն ու հորիզոնին վրայ հեռաւոր լեռները, այնքա՛ն թեթեւ եւ անօսր կը թուէին, որ` կը շփոթէին իրենց գագաթներուն վերեւ սաւառնող ամպերուն հետ: Կարծես ամբողջ երկիրը կը վերանար ու այս անսահմանելի փափկութիւնը երանգներու եւ գիծերու իրենց դաշնակաւոր թրթռացումներով` մեզ տանջելու չափ կը յուզէր, որովհետեւ մեր հոգիներն այլեւս անընդունակ դարձեր էին ըմբռնելու եւ վայելելու գերազանց գեղեցկութիւնն անսահման դաշտերուն, դեռ ոսկեգոյն` հնձուած հասկերու դողդոջուն շիւղերով:

Սայլը միշտ կ՚առաջանար մեծ ճամփուն վրայ. մտրակին շաչիւնը եւ անիւներուն թաւալումին աղմուկը կ՚օրօրէին մեր մտածումները. դէպ ի Միսիս է, որ կ՚երթանք, ու միայն անունն այդ դժբախտ քաղաքին մեզ կը նախապատրաստէր այն իրականութեան, որ մեր աչքերուն առաջքը պիտի ըլլար քիչ ատենէն:

Հիմա հետզհետէ մեր գրգռուած երեւակայութիւնը կը տեսնէր այդ խելակորոյս փախստականները` ցրուած այս տարածութեան վրայ, որոնցմէ ոմանք արդէն վիրաւոր, արիւնով կ՚ակոսեն իրենց տաժանելի գնացքը, իրենց ետեւ հրդեհուած հայրենի քաղաքը կը մեռնի ճարճատիւններու մէջ ու հրացաններու գնդակները զիրենք կը հալածեն, բոլոր այն մօտաւոր գիւղերը, ուր դիմած էին ապաստան գտնելու յոյսով` արդէն աւերակ դարձեր էին ու հորիզոնին ամէն կողմէն բոցի սիւներ կը բարձրնային: Բոլոր ասոնք պատմած էին արդէն մեզի Միսիսցի կիները ու ըսած էին նաեւ, որ ան ատեն հունձքը եղած չըլլալով, ճարահատ մարդիկ ծածկուեր էին ցորենի հասկերու բարձրութեան ներքեւ: Բայց թշնամին մասնաւոր շուներու առաջնորդութեամբ` որսացեր էր զիրենք մէկիկ մէկիկ, ու մարդիկ մեռեր էին իրենց հերկած, իրենց քրտինքով ոռոգած արտերուն մէջ…:

Սայլը միջոց մը կը կենայ ու մենք կ՚իջնենք վար. հեռաւորութեան մէջ, աւերակներու ընդարձակ տարածութիւն մը կ՚երեւայ. Ինճիրլիք գիւղն է, գետնի հաւասար եղած: Դիմացէն կիներու խումբ մը կը յառաջանայ դէպի մեզ` նախ վարանոտ, հետզհետէ աւելի վստահ քայլերով: Ամէնքն ալ կը ճանչնանք գրեթէ. իրենց սրտմտած ու տխուր դէմքերն աւելի դաժան են` իրենց քանդուած տուներուն մերձաւորութեան մէջ. մէկը թեւը կ՚երկրցնէ դէպ ի Ինճիրլիք ու կարծես ներքին մտածումներու շարք մը ամբողջացնելով` խուլ ձայնով մը կ՚ըսէ միայն սա բառերը.

Ահաւասիկ, հոն է՜ր…

Այրիացած ու աշխարհի բոլոր ուրախութիւններէն հրաժարած այդ կիները եկած են աշխատելու բամբակի արտի մը մէջ, որուն սպիտակութիւնն ա՛լ աւելի հեռուն հազիւ թէ կը նշմարենք. մէկ քանի վրաններ կը պատսպարէն զիրենք գիշերները: Վերջալուսային շառագոյն ճառագայթներուն ներքեւ իրենց ցնցոտիներն ալ աւելի թշուառական կը թուին ու իրենց խորշումներով ծերացած դէմքերն անձկութեամբ ու դառնութեամբ կը ժպտին մեզի:

Օ՜հ այդ ժպիտը… դողդոջուն յոյսի բեկոր մըն է այդ ժպիտը, դիւրաբեկ ու երկչոտ յոյսի, կառչած միմիայն մեր ներկայութեան, որ խորապէս կը տառապեցնէ մեզ, մեր անկարողութեան գիտակցութեամբը:

Ու հակառակ իրենց արցունքով պղտորած աչքերուն` ցաւագնօրէն կը շարունակեն ժպտիլ, կարծելով, ատով շահիլ մեր ուշադրութիւնն իրենց խղճալի գոյութեան վրայ: Կը ջանանք, որ իրենց յոյսը տեղափոխեն իրենց աշխատութեան մէջ, սրտապնդող ու քաջալերող խօսքեր կ՚ընենք իրենց, բայց անոնք շատ բան գիտցող ու շատ բանի արդէն ականատես եղող մարդերու յոռետեսութեամբ` գլուխնին կը շարժեն ու կը մերժեն հաւատալ մեզի…:

Ժամանակը կը հասնի ու կը մտնենք մեր կառքին մէջ: Երկար կը նային մեր ետեւէն ու մեր հրաժեշտի բարեւներուն չեն պատասխանէր, իրենց նայուածքը կ՚ընկերանայ մեզի ու կը տեսնենք, որ ժպիտը կ՚անհետանայ իրենց մթնած դէմքերուն վրայէն, ու այն, որ ցոյց տուած էր Ինճիրլիքը, անջատուելով խումբէն` կը յառաջանայ ու թեւը կարկառելով նոյն շարժումով դէպի աւերակները, կը կրկնէ նոյն խուլ ձայնով. Ահաւասիկ հոն է՜ր…

Կառքը կը թաւալի արեւի արագութեամբ ու քիչ յետոյ կիներն այլեւս չեն երեւար:

 

Ամպերը կը կուտակուին. երկինքը կապտագոյն է. հովը նախ մեղմիկ, հետզհետէ կը սաստկանայ եւ սայլը կը յառաջանայ բարձրացած հողի փոթորիկի մը մէջէն:

Ուշ ատեն կը հասնինք Միսիս. արեւը մարը մտած է, բայց իր վերջին ճառագայթները դեռ րոպէ մը կը հրդեհեն բոլոր քաղաքը, դիմացը լեռները շառագոյն են, Սիհունը իր կարմրած ջուրովը կ՚անցնի հնամենի հռովմէական կամուրջին տակէն ու կարծես մեզի պատրանքը տալու համար իրականութեան` աւերակները կը բոցավառին ուժգին եւ շարժուն ցոլքերովը անհետացող արեւին, բոլոր այս վառ գոյներու պերճանքը սակայն անմիջապէս գրեթէ կ՚անհետի ու սգաւոր ու մռայլ` աւերուած քաղաքին աւերակները կը ցցուին դէպի փոթորկոտ եւ կապարագոյն երկինքը:

Մեռած քաղաք, գերեզմանային լռութի՜ւն…: Պատմական Մամեստիան, հին դարերու քաղաքակրթութիւնն իր հնադարեան բեկորներով ու քանդուած պալատներով, զարմանքով ու զարհուրանքով կը նայի կարծես նոր աւերակներու վրայ:

Անմիջապէս կ՚ուզենք երթալ աւերակներուն մէջ, այցելել մոխիրներն այրուածներուն ու բարձրութեան մը վրայ կանգնած` կը փնտռենք ճամփան: Մէկ քանի տեղացի թուրքեր կ՚անցնէին մեր մօտէն երկչոտութեամբ ու կասկածով բարեւելով. նոյն դաժան տխրութիւնը նաեւ իրենց դէմքերուն վրայ կ՚երեւայ. աչքերնուն մէջ կենսական բոցը մարել է կարծես. մեր օտարոտի երեւոյթը զիրենք անհանգիստ կ՚ընէ ու արագութեամբ կը հեռանան խրտչած թէ՛ մեր հետաքրքրութենէն, թէ՛ վիշտէն…

Բարի էք եկե՛ր…:

Զսպանակէ մղուածի պէս կը դառնանք դէպի հայերէն խօսքերը. արեւէն սեւցած տառապանքէն ծամածռած դէմք մը կը ցցուի մեր դէմ. երկա՜ր ատեն առանց խօսելու իրարու կը նայինք. մեր յուզումէն զգածուած Հայը կը տժգունի հետզհետէ, յօնքերը կը բարձրանան ու կ՚իջնան, աչքերը գետին կը սեւեռէ ու տարտամ շարժում մը կ՚ընէ դէպի աւերուած թաղերը:

Կ՚ուզէ՞ք երթալ դէպ ի մեր տուները… ժամանակն ուշ է… բայց կրնանք տեսնել:

Իր ետեւէն կը բարձրանանք զառիվերէ մը. հետզհետէ ընտանեցած մեր ներկայութեան, կը սկսի խօսիլ նախ ընդհատ ընդհատ, յետոյ աւելի արագութեամբ, յանկարծ իր խօսքերը գահավիժում մըն են սարսափելի, անպատմելի դէպքերու, որոնց մտիկ կ՚ընենք հեւալով, գալարուած ուժգին ներքին ցաւով մը ու կարծես փափաքելով, որ ալ խնայեն մեզի, ալ չըսէին, ա՛լ լռէին ու թոյլ տային, որ գոնէ րոպէ մը կարէնայինք հանգչիլ մէկ որոշ դէպքի մը վրայ…:

Մարդը գինովցած է սակայն իր յիշատակներէ՜ն. անգիտակից հրայրքով մը կը ծանրանայ ահարկու մանրամասնութիւններու վրայ.

«Քանի մը օրեր ես ինքս փախստական մնացի ջուրի հին ճամփու մը մէջ… գետնին տակէն կը լսէի անորոշ աղմուկը հեծմունքներուն, աղաղակներուն… մինչեւ որ մարդու ձայն չի մնաց` հրացաններու ձայնը չի դադրեցաւ… մինչեւ իմ թաքստոցիս մօտ մարդ սպաննեցին. երկրորդ իրիկունն էր. կը մտածէի. եթէ Արսէնը՝ եղբայրս, ողջ մնացած ըլլար, ինքն ալ իմ պահուըտած տեղս պիտի գար ծածկուելու, որովհետեւ ես եւ ինքը միայն գիտէինք այս ճամփուն մուտքը… երկար սպասեցի. յետոյ յոյսս կտրեցի, յանկարծ որոշակի լսեցի ոտքի ձայներ, ճանչցայ եղբօրս քայլերը… Բայց մինակ չէր. քայլերուն արագութիւնը, անկանոնութիւնն ինծի յայտնեցին, որ կը հալածուէր, հրացանի ձայները կը մօտենային, պահ մը լռութիւն կը տիրէր ու կրկին նոյն աղմուկը… նախ սուր ցաւ մը զգացի ներսս, աչքերս լցուեցան, եղբայրս ըլլալուն տարակոյս չունէի… բայց հոգին ի՜նչ անուշ բան է եղեր… հետզհետէ սկսայ հոգ ընել… եթէ եղբօրս մտնելը տեսնեն ջուրի ճամփուն մէջ` զիս ալ պիտի գտնեն…»:

Պահ մը լուռ, գլուխը կը ծռէ, աչքերը կը սեւեռէ գետինը, կարծես կը վարանի խոստովանելու.

«Շատ մօտս էին, գրեթէ գլխուս վերեւ… սիրտս կը թնդար կուրծքիս մէջ. կը կարծէի, որ շատ հեռուէն կը լսեն անոր ձայնը… երկու ձեռքերովս կոկորդս սեղմեցի` չպոռալու համար… քայլ մըն ալ` ու կորսուած էի… գազանի պէս կանգնեցայ` մուտքն արգիլելու համար… ու նոյն միջոցին քանի մը հրացան մէկէն պայթեցան ու մարմին մը իր բոլոր ծանրութեամբ ինկաւ գետին… վստահ էի, որ եղբօրս մարմինն էր, բայց ի՛նչ մեղքս պահեմ, մեծ հանգստութիւն մը տիրեց ներսս ու սրտիս թնդիւնը դադրեցաւ»:

Ու անտարբե՜ր մեր վիրաւորուած զգացումներուն, կանգնած աւերակներուն դիմաց` իր ստրկացած մարդու նսեմ աչքերը պտտցնելով քանդուած տուներուն վրայ, ուր այնքան մարդիկ են մեռել, փախստական մարդը, ապրելու, միմիայն ապրելու երջանկութենէն տարուած` կը կրկնէ.

Մարդուս հոգին ի՜նչքան անուշ է եղեր…:

Ինչպէս գրեթէ բոլոր արկածեալները, ինքն ալ միմիայն իր անհատական կեանքով կը զբաղեցնէ մեզի, կը համառի պատմել, թէ ի՛նչպէս օրերով անօթի մնացեր է ու այն ատեն միայն ելել է իր թագստոցէն, երբ արդէն գերեզմանային լռութիւն կը տիրէր ամէն կողմ:

«Միսիսի մէջ Հայ չէր մնացեր… բացի մէկ քանի երկաթագործներէ, որոնք մահմեդական դարձուցեր ու պահեր էին իրենց մօտ, որովհետեւ ուրիշ երկաթագործ չի կայ հոս…»:

Գիշերուան ստուերը սկսած է մթնցնել մթնոլորտը, երբ կը հասնինք հայ թաղերուն մէջ. չարագուշակ եւ խանձուած աւերակները կը ցցուին ամէն կողմ. զգուշաւորութեամբ կը յառաջանանք մերիններուն աճիւններովը նուիրական դարձած հողին վրայ… որովհետեւ Միսիսի աւերակները միեւնոյն ատեն գերեզմաններն են մեր նահատակուածներուն. մարդկային ոսկորներու բեկորներ մեր ուշադրութիւնը սեւեռել կուտան ու կը զգուշանանք իրարու նայելու` մեր աչքերէն սարսափելով:

Ցաւէն քարացած, անկարող` նոյնիսկ արտասուելու, կը մօտիկնանք իւրաքանչիւր առարկային. խանձուած ցնցոտիներու կտորնե՜ր, կռնծած ֆէս մը, ընտանի առարկայի բեկոր մը տաժանելի évocationներ ընել կ՚ուտան մեզի. որքա՜ն օճախներ քանդուած են, ի՞նչ յոյսեր ու երազներ, ինչքա՜ն լաւագոյն կեանքի ծրագիրներ ամէն մէկ ափ մոխիրի մէջ մահացած են:

Այս տան մէջ 60 հոգիի չափ մարդ այրած է…:

Վաթսուն հոգի՞… ի՞նչ գումար տենչանքներու, ձգտումներու, վիշտերու ու տանջանքի… եւ ցցուած պատերն ի վեր կը նայինք, կարծես յուսալով նշմարել այն յուսահատական ոգորումները, վերջին գալարումները, բոլոր ճգնաժամային տառապանքն այդ ցաւագին մարդկութեան: Գլուխս կը բարձրացնեմ ու կը նայիմ երկնքին, կը նայիմ լեռներուն, կը նայիմ անկարեկիր ու գեղեցիկ բնութեան, ու մեր գիտակցութեանը գրեթէ անծանօթ, անսահմանելի, բնազդային տառապանքէ մը բռնած` կ՚ուզեմ բոլոր հոգիս աղաղակել, որովհետեւ այդ թափուած արիւնին ցաւը մեր երակներուն մէջ ալ է:

Յիմարացած, խելակորոյս` կը թափառինք աւերակներուն մէջ. տղու կօշիկ մը այրած տան մը շեմին մօտ մեզ կը դղրդէ աւելի մտերիմ յուզմունքով, ո՞ր փախստական մանկիկին ոտքէն ինկած է, ո՞ր աւերակին մէջ մոխրացած է այդ ոտքը՝ որ կը կրէր զայն… փոքրիկ կօշիկ մը… երբէք կարելի չէ երեւակայել այն ողորմելի, այն փղձկեցնող պատկերը՝ որ կրնայ ներկայացնել անիկա, կրունկը քիչ մը ծռած ու ծայրը դարձած, մեզի կը ներկայացնէ ոտքին կաղապարը դժբաղդ մանկիկին… ամբողջ տղու կմախք մըն է կարծես:

Մութը հետզհետէ կը սաստկանայ. ուրուականներու պէս աւերակներու պատերը կարծես կը շարժին իրենց ստուերներուն մէջ. գետինը` այրուած ոսկորներու փոշիէն ճերմկորակ լոյս մը կ՚արտացոլայ… տեղ տեղ միայն կազմելով սեւ արատներ, լճացած արիւնի հետքեր, որոնք դեռ կը մնան անջնջելի:

Արեան հետքը չանցնի՛ր, կ՚ըսէ մեր առաջնորդող մարդը` բացատրելով. տեղեր կան, որ նոյնիսկ մոխիրը խոնաւ կը թուի, այնքա՛ն արիւնը առատօրէն ժայթքած է ու արատը խոշոր ու սեւ կը տարածուի որոշ կերպով:

Անդին ֆէսեր, պատառոտուն հագուստներ մեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն… հարիւրաւոր մարդիկ մեռէր են այդ տեղին վրայ… փեռեկտուած գիրքի թերթեր կէս մը այրած, կէս մը արիւնոտ կը պտուտքին հովին քմահաճոյքէն տարուած, աչքերս կը սեւեռեմ էջի մը վրայ ու արցունքի ամպի մը մէջէն կը կարդամ.

«— Աստուա՜ծ, ողորմեա՛ մեզ եւ օրհնեա զմեզ, երեւեցո զերեսս քո ի մեզ եւ ողորմեա՛ զմեզ»:

Սաղմոսի մը մէկ էջը արիւնով ու արցունքով խոնաւ գետնին վրայ` զիս կը վերացնէ շփոթ զգացումներով եւ պահ մը ինծի կը թուի` որ բոլոր աւերակներէն գերագոյն յուսահատութեան կոչը յամառօրէն տակաւին կը բարձրանայ դէպ ի այն անողորմ Աստուածը, որուն երեսը չէ երեւցած այն սարսափելի ժամերուն մէջ:

Գիշերը՝ ստիպուած Միսիս անցնելու, կը տեղաւորուինք խանին թերասին վրայ հաստատուած անկողիններուն մէջ. երկար ժամեր Րամազանի պատճառաւ մտիկ կ՚ընենք թուրք ժողովուրդին ժխորը, աղմուկը, երթ ու դարձը, այլապէս արդէն անկարելի է քնանալ. երեւակայութիւննիս տանջուած, կը զգուշանանք իրարու հետ խօսիլ, միայն երբեմն մեզմէ մէկուն արձակած սրտագին հառաչանքը կը յայտնէ, թէ նոյն նիւթերուն շուրջը կը թափառի մեր մտածումը:

Օ՜հ, սարսափելի գիշերը… անիկա միշտ քանդուած պիտի մնայ մեր յիշողութեան մէջ եւ այլեւս ո՛չ մէկ ուրախութիւն, յարափոփոխ կեանքի երեւան բերած ո՛չ մէկ երջանկութիւն կարող պիտի ըլլայ ջնջել այդ գիշերուան սուգը մեր էութեան մէջէն: Երկինքը, կանանչորակ եղած աստղերու լոյսէն կը կամարանար մեր վերեւ, դիմացի լեռները` հանդիսաւոր եւ տխուր՝ կը հսկէին կարծես աւերակներուն վրայ, երբ վերջապէս թուրք ժողովուրդի ժխորը դադրեցաւ ու լոյսերը մարեցան մեր շուրջը, զարհուրելի մղձաւանջներ կանգնեցան մեր սնարներուն մօտ ու մեզի պատմեցին դեռ չլսուած ու հազիւ նշմարուած արհաւիրքները սարսափելի օրերուն:

Ինծի անկարելի է որոշակի արտայայտել բոլոր դժոխային տառապանքն այդ ժամերուն. արագ, արագ պատկերներ ու դէպքեր կ՚անցնէին յիշողութեանս մէջէն ու կարելի չէր կենալ որոշ կէտի մը վրայ. դարձդարձիկ ու խօլական պար մը սարսափելի տեսարաններու` գլխու պտոյտի մը մէջ կը վերացնէր մեզ. երբեմն միայն մտածումս կը յամենար տարտամ ու մեռելական դէմքի մը` որուն վրայ արիւնոտած բերան մը սեւցած շրթունքներով կ՚երեւար ինծի` անմիջապէս գրեթէ ուրիշ պատկերի մը տեղի տալով: Յաճախ եկան այդ շրթունքները գերագրգռուած երեւակայութեանս մէջ. ի՞նչ բառեր կային այդ շրթունքներուն վրայ. իմ հիւանդագին հետաքրքրութիւնս ի զուր ձգտեցաւ մի առ մի լսել վանկերը այդ արիւնոտ եւ ծամածռած ու սեւցած շրթունքներուն. ի՞նչ փոյթ սակայն. որովհետեւ անոնց դառն իմաստը իմ ցաւիս մէջ էր ու իմանալի` իմ բնազդիս:

 

Լոյսը ծագելուն` սայլը պատրաստուած էր ու հարկ եղաւ ճամփայ ելլել դէպ ի Սիս. վերջին պահուն մեր հայ առաջնորդը մօտեցաւ մեզի եւ առաջարկեց երթալ այցելել նաեւ եկեղեցին, ուր մեծ թուով մարդիկ այրած էին:

Բոցերէն հալածուած ու մուխէն կուրացած մարդիկ փախչելու յուսահատութեան մէջ մագլցէր են պատերն ի վեր. իրենց արիւնոտած ձեռքերուն հետքերը կան դրոշմուած աւերակներուն վրայ. երբեմն Միսիսցի կիներ կուգան կը նային այդ արիւնի արատներուն եւ իրենց սիրականներուն հետքերը փնտրելով` կուլան անոնց վրայ… շատեր յիմարացա՜ծ ցաւէն` պատերը կը համբուրեն ջերմեռանդութեամբ ու կը խաչակնքեն այդ նշխարներուն առաջք:

Հակառակ մեր բուռն փափաքին, կը ստիպուինք վերադարձին պահել այդ այցելութիւնը եւ ուշ չմնալու համար` անմիջապէս ճամբայ կ՚ելլենք:

Ընդարձակ դաշտեր, եզերուած լեռներու շղթայով մը, գրեթէ միշտ կը կազմէին մեր հեռանկարները: Իրարու ետեւէ կանգնած գագաթները` իրենց հեռաւորութեան աստիճանով, կը ներկայացնեն բոլոր երանգները` կապուտակ մանիշակագոյնին, հաճելիօրէն ներդաշնակուած հարաւային երկնքին շողշողուն եւ լուսավառ կապոյտին հետ: Ճերմակ ամպեր նազանքով կը սաւառնին լեռներու վրայ:

Ժամեր ու ժամեր տեսարանը միօրինակ է. երբեմն միայն մօտաւոր գիւղակ մը` հիւղակներով կազմուած, մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէ. եղեգնի ձողերով կազմուած ու խոտով շինուած այդ խրճիթները ծայրայեղ թշուառութեան պատկերներ են. մարդ չերեւար. հեռուէն ամայացած կը թուին. կառապանին կը հարցնենք.

Արդեօք Հայո՞ւ խրճիթներ են:

Հեգնանքով ու չարագուշակ քրքիջով մը կը խնդայ մեր միամտութեան վրայ, յետոյ ձեռքի շարժումով մը հորիզոնին չորս կողմը ցուցնելով կ՚ըսէ.

Ո՛չ մէկ Հայու գիւղ, ո՛չ մէկ Հայու խրճիթ չէ մնացած, բոլորն ալ այրած են…

Պահ մը կը քշէ սայլը` մտրակը շաչելով եւ ձիերը խրախուսելով, որ արագ երթան. յետոյ յանկարծ մեզի կը դառնայ ու կ՚ըսէ.

Այս երկու կողմի դաշտերը դիակներով ծածկուած էին… հայ մշակներու դիակներով… երկար ատեն բացօթեայ եւ անթաղ մնացին անոնք ու կամաց-կամաց փտտեցան արեւին տակ… շուները ու երկինքի թռչունները բաժանեցին անոնց մարմինները… եթէ փնտրես` դեռ ոսկորները կը գտնաս…:

Նորէն մտրակը կը շաչէ ու կառապանն աւելի եռանդով կը սուլէ. ձիերը կը շտապեն, ամէնքս մէկ փախչելու ձեւ ունինք… պահ մը ետքը կառապանին գլուխը նորէն դէպի մեզի կը դառնայ.

Վրանին խաչ մը հանող չգտնուեցաւ:

Թուրք գիւղեր են ուրեմն. այլեւս կասկած չիկայ, ու հակառակ բոլոր հաւանականութիւներուն, ծանր կապարեայ տխրութիւն մը կը ճնշէ այդ թշուառութեան վրայ. ո՛չ մէկ ձայն, ո՛չ մէկ մարդկային երեւոյթ. մարդիկ ծածկուած են կարծես անդարմանելի դժբաղդութեան մը մէջ… ու ծուխն իսկ, որ կը բարձրանայ, ասդի՜ն անդին, խեղճուկ երդիկներէ, սգաւոր եւ անսահմանելիօրէն տխուր բան մը ունի այդ լռին ու իր չքաւորութեան մէջ ամփոփուած ափ մը մարդկութեան վրա…: Ժամեր ու ժամեր կ՚երթանք դարձեալ. խստադէմ ու առնական դիմագիծով հովուուհի մը բրտութեամբ կ՚առաջնորդէ կովերու ու եզերու հոտ մը… կենդանիներէն շատերը չեն հնազանդիր իրեն, անընտե՜լ իր սիլուէթին ու իրենց բարի, խոհուն միամիտ նայուածքն ուղղած մեզի` կը յամառին իրենց շեղումներուն մէջ: Հովուուհին խթանով կը մղէ զիրենք. ինքն ալ կը յամառի ու անոնցմէ ոմանց եղջիւրներուն անցնելով պարանը` կը քաշէ իր ուզած ուղղութեան, կովերէն մէկը կը բառաչէ, երկա՜ր, ցաւագի՜ն, կարծես հայրենաբաղձ ձայնով մը. այդ ձայնը կը դրդէ մեզ ու մեր աչքերը կ՚արցունքոտին:

Ինչպէ՜ս յայտնի է, որ կենդանիներն ընտանի չեն իրենց տիրուհիին, կ՚ըսենք իրարու, ու գորովանքով կը նայինք այդ անհնազանդ հոտին վրայ:

Մինչեւ իրիկուն կ՚երթանք այդպէս. մեր ուշադրութիւնը երբեմն կը գրաւի հնադարեան բերդի մը երեւումով. ժանեկաւոր պարիսպներ, կիսով քանդուած աշտարակներ, բոլոր հետքերը յունական եւ հայկական քաղաքակրթութեան` փոխն ի փոխ կը զբաղեցնեն մեզի: Տեղ տեղ ժայռոտ ու ցցուած լեռան մը գագաթը բերդը կը կանգնի, դեռ կարծես պահած իր պատմական հեղինակութիւնը. ու ակամայ կը խորհիս բոլոր այն պայքարներուն, այն անխնայ հալածանքներուն, ու յուսահատական ոգորումներուն՝ որոնց թատերավայրերը դարձած են դարերու ընթացքին մէջէն` այս նոյն դաշտերը, որոնք անգամ մըն ալ կը խաղաղանան նոր թափուած արիւներու եւ դեռ իրենց միսերէն չմաքրուած ոսկորներուն վրայ…:

Իրիկուան դէմ կ՚երեւայ Անավարզայ բերդը` վարդագոյն մշուշի մը ընդմէջէն, իր պատառտուն աւերակներով սէգօրէն կանգնած արհամարհելով ժամանակը ու դէպքերը, ու նոյն իսկ կարծես անագորոյն գեղեցկութիւնը բռնութեան՝ որ իր ներդաշնակութեան մէջ ինչպէս բեհեզեայ պատրանքի մը` կը ծածկէ փտութիւնը թափուած արիւնին ու դիակներուն:

 

Իրիկնամուտին կը հասնինք վերջապէս Սիս… պատմական մայրաքաղաքը: Գերագոյն աստիճանի յուզումով մը լեցուն է մեր հոգին. քաղաքը, իր ճերմակ տուներով կը տարածուի լայն հովտի մը մէջ միջնադարեան բերդադղեակի երեւոյթով վանքին ստորոտը: Հեռաւոր լեռնաշղթաներն իրենց աստիճանական կապոյտին մէջ պարփակուած կը կանգնին պահակներու նման. ամէն բան կէս ստուերի մէջ է եւ խաղաղութեան ու ներդաշնակութեան զգացում մը կը ծածանի միջոցին մէջ:

Սայլը մեծաժխոր աղմուկով մը ոստոստելով անկանոն սալայատակներուն վրայ` կ՚առաջանայ քաղաքին մէջ. տուները փակ են ու մարդ չկայ. լուռ է ամէն կողմ. միայն ցանցառօրէն փոքր ու գիրուկ մանուկները գլխաբաց կը մօտենան մեզի, զարմացումով կը նային ու կը քաշուին:

Ահաւասիկ վերջապէս հայաբնակ քաղաք մը, որ ինքզինքը պաշտպանած էր թշնամիին յարձակումներուն դէմ. հոգինիս զեղուն է զանազան կարգի զգացումներով. կը մտաբերենք հեռաւոր եւ մօտաւոր անցեալը, բառերը ու դէպքերը կը շփոթուին ու մենք անձնատուր կ՚ըլլանք բոլորովին նորատեսակ արբեցութեան մը:

Քանի մը րոպէ եւս, եւ ահա կը ցցուին երկու հսկայական սիւները, մնացորդ` անցեալ փառքերու… հոն է նաեւ վանքն իր այլ եւ այլ բաժիններով տարածուած բերդին պարիսպներուն ետին. մօտալուտ գիշերուան ստուերապատ մթնոլորտին մէջ սեւ եւ սեպ կը ցցուի մեր աչքերուն առաջք ժայռուտ լեռը, որուն կողերուն վրայ շինուած է վանքը եւ որուն գագաթին վրայ պիտի գտնանք Լեւոնի Բերդը, արծիւներու բնակարան: Հետզհետէ մեր աչքերը կ՚որոշեն նաեւ մայրաքաղաքի եկեղեցին, բոլորովին նման միջնադարեան դղեակի մը, իր հնամենի տեսքով, բարձր կանգնած եւ ճակատը դարձուցած քաղաքին:

Այն քանի մը օրերը, որ անցուցինք Սիսի մայրավանքին մէջ, անմոռանալի օրեր եղան մեզի համար, քաղաքացիները դարպասը կուգային տեսակցելու եւ խորհրդակցելու մեզի հետ իրենց հոգերուն, ցաւերուն, բայց մանաւանդ կրթական գործերուն վրայ. յանկարծ խօսակցութիւնը կը շեղէր, կը յիշէին յարձակումի տխուր օրերը եւ մենք ալ իրենց հետ ուժգին յուզումով մը կ՚ապրէինք այն ժամերը, որոնց մասին կը պատմէին:

Բայց որքա՛ն հպարտանալու պատճառ ունէինք. Սիս քաղաքը, խոհեմ, իմաստուն, եւ քաջարի վճռականութիւնով մը ինքզինքը պաշտպանել էր թշնամիին դէմ. հազարներով եկեր էին պաշարելու զիրենք, աչքերնին վառած թալանի ու կողոպուտի հրայրքէն եւ բերաններնին լեցուն հայհոյութիւններով եւ սպառնալիքներով:

Օրերով եւ օրերով խաղաղասէր եւ ընդհանրապէս երկրագործ քաղաքացին մէկ կողմ ձգած մշակութեան գործիքները, հրացանն ուսին պատրաստ կեցեր էր ինքնապաշտպանութեան պատնէշին վրայ. եւ անսալով իրենց քրիստոնէական ոգիով թրծուած առաջնորդներու յորդորներուն, ոչ միայն հախուռն եւ յարձակողական դիրք չէին բռներ, այլ նաեւ խնայէր էին թշնամիին ու «ոչ մէկ գնդակ առանց բանաւոր պատճառի չէր արձակուած» իրենց կողմէ:

Կիները եւ տղաքն ապաստան գտեր էին վանքին մէջ այդ օրերուն, երբ վարդապետներուն վրայէն աւելի վառօդի հոտ կուգար, քան թէ խունկի եւ անոնց բերնէն կը լսուէր փոխանակ աղօթքի եւ համակերպումի հրաւիրող յորդորներու, խրախոյս եւ քաջութիւն:

Ու ամէնքը, նոյն իսկ պատանիներ ու ծերունիներ խանդավառ եւ հայրենի քաղաքին պաշտպանութեանը հոգովը ջերմեռանդ ուրախութիւնով կը դիմէին որոշուած դիրքերը… ու վերջապէս այդ միահոգի եւ արիական դիմադրութենէն յուսահատած` թշնամին, հետզհետէ հեռացեր ու անհետացեր էր քաղաքին շրջապատէն, տեղացիները երախտապարտութիւնով կը յիշէին այն ժամանակին Սիս պաշտօն ունեցող կառավարիչը, որն իր տրամադրած ուժերով մասնակցեր էր քաղաքին պաշտպանութեան:

Ինչչա՛փ երջանիկ, ինչչափ խաղաղ էր մեր հոգին այդ մէկ քանի օրերուն մէջ. ամէն բան եւ ամէն անձ տոգորուած էին հոս այն սքանչելի պարզութեամբ, որ մեծերու յատուկ վայելչութիւն մըն է. շրջապատուած` ազնիւ եւ մեծահոգի հայրենակիցներով եւ պատմական բեկորներով մեզի կարելի եղաւ ապրիլ անցեալին նուիրական երազներուն մէջ. ու որքան ալ արցունքով օծուած ըլլային այդ երազները, անհունապէս քաղցր էին մեր մղձաւանջներով լեցուն հոգիներուն համար:

 

Վեհարանը խաչաձեւ սրահ մը` օթօման ոճով շինուած Կիրակոս Կաթողիկոսի օրով, կը գտնուի վանքին վերեւ աւելի բարձր հաստատուած լերան մը կողքին վրայ: Հոն էր, որ կ՚երթայինք օրուան մէջ քանիցս մտիկ ընելու Վեհափառին սքանչելի ձայնը. իր խօսքերը` առհասարակ ներշնչուածի խօսքեր էին, լեցուն բարձր բանաստեղծութեամբ մը: Իր հեղինակութիւնը, գերազանց մարդու հասկացողութիւնը, ու թափանցողութիւնը հաճելի էին մեր գերագրգռուած ու տանջուած գլուխներուն. ու արցունքը, որ կուգար մեր կոպերուն վրայ` կորուսած էր այն դառնութիւնը, որով թունաւորուած կը զգայինք իր ներկայութենէն հեռու: Անիկա իր կորովի եւ արի հոգիովը մեզ կ՚առաջնորդէր ամենէն խորը մեր ազգային տառապանքին, մեզ դէմ առ դէմ կը բերէր մեր ցաւին հետ, կ՚ուզէր, որ քաջութիւնն ունենայինք մեր դիմացը երկարող տաժանելի ու ցամաք ճամբուն նայելու, ազատագրուած ո եւ է պատրանքի մեղկացնող մխիթարութենէն:

Սեւ վեղարին տակէն, որուն շուքը կ՚իյնար մինչեւ ճերմկած մօրուքին վրայ, Վեհափառը կը խօսէր մեզի համբերութեամբ ու հեղինակութիւնով ու իր նայուածքը րոպէ մը չէր դադրեր արտայայտելու այն անմխիթարելի վիշտը, որով աչքերը իր համակուած էին եւ ուր բաց գիրքի մը պէս կարելի էր կարդալ Կիլիկիան իր ցաւերով, իր աւերակներով ու նաեւ իր մարտնչող եւ հերոսական շարժումներով:

Երբեմն ալ կը խօսէինք երէկին վրայ, երբ նոր սուգովը չէր մրոտած իր ժողովուրդը. անդառնալի օրեր…:

Կը պատմէր իր երազները երկրին տնտեսական դրութեան, բարգաւաճման, վանքապատկան հողերու եւ այգիներու շինութեան, Թլան ագարակին, հօտաղներուն ու ջաղացքներուն վրայ…: Ու նաեւ կրթական երազներուն, դպրոցներու հիմնարկութեան կամ բարձրացման, Կիլիկեցի օժտուած երիտասարդութեան յառաջացմանը, աղջիկներու զարգացումին վրայ…:

Ու բոլոր այս երազները, ինչպէս կանխահաս ծաղիկներ, թառամած ու կորսուած էին յաւէտ:

Ու իր լայն շարժումը, իր մեծահոգի մարդու դառնութեան շարժումը կարծես կը գերեզմանէ մէկ անգամէն բոլոր այդ խաղաղ եւ քաղաքակրթիչ իտէալները, որ կրցած են սաւառնիլ այղ կղզիացած հայութեան վրայ` հակառակ ճնշումներու, հակառակ բռնադատուած ստրկութեան…:

Վեհափառէն հրաժեշտ առնելէ ետք ամէն իրիկուն կը հաւաքուէինք Գիւտ վարդապետին աշխատութեան սենեակը, ուր մեզի գաղափարակից միաբաններ կը սպասէին եւ ուր երկարօրէն կը խօսէինք ու կը վիճաբանէինք օրուան ամենէն բաբախուն խնդիրներու վրայ: Կաթողիկոսական փոխանորդ` Ղեւոնդ Ծ. վարդապետ Թուր Սարգիսեանի ճշմարիտ հաւատացեալի ջինջ ոգին կը ճառագայթէր իր ամէն մէկ խօսքերուն մէջ. իր ձայնն օծուած էր կարծես խունկով ու կնդրուկով. իր բարի ու ներողամիտ քրիստոնեայի խաղաղ բարեացակամ նայուածքը, իր շարժումներուն ներդաշնակութիւնը կ՚ամբողջացնէին Գիւտ վարդապետի եռանդուն արագաշարժութիւնը, սրամտութիւնն ու գրեթէ մանկունակ ոգեւորութիւնը:

Հոն էր նաեւ Ներսէս վարդապետ Դանիէլեան, Հաճընի տառապեալ առաջնորդը, իր մարտիրոսացածի նիհար եւ լուսացայտ դէմքով, իր Քրիստոսի նմանութիւնովն ա՛յնքան սրտագրաւ. իր վերջին, զնտանէ զնտան կրած չարչարանքներուն դրուագները կը պատմէր յոգնած եւ ալ՝ աշխարհի դէմ քէնոտած մարդու դառնութեամբ: Երբ կը ջանայինք զինքը խրախուսել, ինքը կը համառէր իր տխրութեան մէջ եւ իր քիչ մը շնչատ մարդու բեկբեկուն ձայնով կ՚ըսէր.

Մարդասպաններու հետ քով-քովի ապրեցայ օրերով, ձէռքերուս շղթայ անցուցին ու ամենահասարակ ոճրագործի անարգանքներով Հաճընէն Էրզին տարին զիս…: Նախատեցին ինծի եւ թոյլ տուին, որ իմ եղբայրներուս արիւնով կարմրած ձեռքեր վիրաւորեն ու խոշտանգեն զիս… երբ բոլոր այս բաները կատարուած տեսայ, աշխարհիս դէմ զզուանքս անչափ եղաւ…: Սրտիս ճրագը մարած էր այլեւս:

Մեր ամենէն սիրելի խօսակցութեան նիւթը Հաճընն էր ընդհանրապէս. ի՛նչքան ջերմ եռանդով մը կը փափաքէինք երթալ դէպի այդ չքաւոր այլ հերոսական հայութիւնը: Այլ եւ այլ պարագաներ արգելք կ՚ըլլային մեզի, ու եւս առաւել չյագեցած ծարաւով մը` տեղեկութիւններ ու դրուագներ կը հարցնէինք Ներսէս վարդապետէն եւ ուրիշ միաբաններէ:

Հաճըն ոչ միայն ամենէն շատ զոհ տուող վայրը եղած է, որովհետեւ իր բոլոր երիտասարդները աղէտին օրերը կը գտնուէին ցրուած Կիլիկիոյ բոլոր կողմերը, այլ նաեւ իր անհաւատալի պաշտպանութիւնով, իր վեհանձն ու մարտնչող ոգիովը ընդհանուր դժբաղդութեան մէջ այն բացառիկ անկիւններէն մէկն է, որուն մեր ազգային հպարտութիւնը պէտք ունէր կառչելու. Հաճընէն դուրս ալ արդէն ամէն տեղ Հաճընցիներ մեծ դեր են խաղացեր: Հերոսաբար աղքատ, չարքաշ, վարժուած լեռնական անընտել ու անհանգիստ կեանքի, արիւննին մտրակած ձիւնապատ լեռներու կողերէն փչող սառնաշունչ հովերէն, օժտուած պողպատի պէս ամուր ու չոր անդամներով, դիւրաշարժ, ճապուկ, վտիտ, լաւ որսորդ եւ հետեւաբար լաւ նշան առնող, Հաճընցիները, հակառակ զրկուած ըլլալնուն իրենց լաւագոյն եղբայրներուն բազուկէն, ըմբոստացեր էին թշնամի խուժանին արիւնատենչ յարձակումներուն դէմ եւ մտադրեր են մեռնիլ ու չյանձնուիլ: Ու իրենց խնամքին տակ գտնուած այրիներուն ու որբերուն պատիւն անբռնաբարելի մնացեր էր:

Այլ սակայն Հաճընէն դուրս մեռնող Հաճընցիներուն թիւն այնքան մեծ է, որ սուգի թանձր ամպ մը կը ծածանի իրենց վրայ, եւ տուն չկայ, որ այրի մը ու քանի մը որբ չունենայ իր երդիքին ներքեւ:

Երբեմն անդարմանելի կորուստներու, սարսափելի չքաւորութեան պատմութիւններէն տխրօրէն օրօրուած մեր միտքերը յանկարծ կը բոցավառէին հերոսական մաքառումի դրուագով մը: Ու պատմողին շրթունքներէն կախուած, սրտատրոփ մտիկ կ՚ընէինք, երջանիկ ու երախտապարտ անոնց՝ որոնք թոյլ տուին, որ մեր այս տաժանելի ճամբուն վրայ երբեմն կարենայինք հպարտութեամբ գլուխնիս բարձրացնել: Յաճախ յուզմունքն այնքան զօրաւոր էր, որ, հաւասար սարսափելի եւ ճնշող պատմաթիւններու, առատօրէն արցունք թափել կուտար մեզի…:

 

Մեր հասած օրը շաբաթ մըն էր. հետեւեալ առտուն, կիրակի` ներկայ եղանք պատարագին: Սիս քաղաքին մեծամասնութիւնը խռնուած էր եկեղեցիին մէջ. գլուխնին ճերմակ լաչակով ծածկած կիներու բազմութիւն մը կ՚երեւար վերնատունէն ու գաւիթէն. այրերը բաժնուած անոնցմէ` կը լեցնէին մնացեալ մասը: Լեւոնի գահը` կամ այդպէս կարծեցեալ մարմարակերտ պատուանդանը նոյնպէս մարմարեայ քանդակներով զարդարուած ամպհովանիով կը կանգնէր դասին մէջ` մեծադիր խաչ մը գագաթին վրայ: Ո՞ւր էր սակայն թագաւորը, ո՞ւր էին իշխանները, ո՞ւր էին այն զօրավարներն ու զինուորները, որոնք քանի մը անգամներ յուսահատութենէ քաջացան նոյն այս տեղերուն վրայ, ուր թերեւս դեռ իրենց փոշին կը ծածանի. եկան սրբազնանալու եւ ուժ առնելու այն խաչէն, որուն անունովը կը կռուէին: Երիտասարդ աղջիկնե՜ր ու կինե՜ր… ո՞ւր են այն քաջարի բազուկները, որոնց բարձրացուցած սուրերուն շուքին տակ կեանքը կ՚անցնէր ապահով եւ քաղցր երջանկութիւնով մը պարուրած: Պատարագին ամբողջ տեւողութեանը միջոցին ջերմեռանդութեան սարսուռ մը կը յուզէր բոլոր ներկաները. կիներն ու այրերը կրօնական արբեցութենէ բռնուած` անօրինակ եռանդով մը կ՚երկրպագէին ու կը խաչակնքէին այդ եկեղեցիին մէջ, որուն պատերը դեռ հին թագաւորական մատուռին կը պատկանին: Ես աչքերս յառած, երկարագլուխ արծուին Կիլիկիոյ Տան խորհրդանշանին որ կը սաւառնի խորանին վերեւ, ես կ՚ապրէի անցեալի երազներուն մէջ. ու պատրանքս այնքան զօրաւոր էր, որ դառն ու անագորոյն իրականութեանը` քանի մը ժամ օտար թուեցաւ ինծի եւ խորշելի, չարագուշակ մղձաւանջի մը պէս:

Նոյն օրը կէսօրէ ետքը բարձրացանք Լեւոնի Բերդը:

Որ՞ն է երազը, ո՞րն է իրականութիւնը. միտքս կը վարանի կանգ առնել ու բոլոր զգայնութիւններս շփոթուած են մինչ տաժանքով կը բարձրնանք սեպ լեռան կողն ի վեր…:

Ահաւասիկ մեր անցեալը` հսկայական գերեզման, որ կանգնած է աւելի բարձր, քան մեր ամենուս միացած կեանքերուն տափակութիւնն ու միջակութիւնը… Ու մինչ մենք հազուադէպ առիթներու մէջ սողալով կը հասնինք դէպի ան, ինքն անմատչելի կը թուի եւ կարծես մեր ստրուկի ներբանները երբե՛ք չպիտի կոխեն իր նուիրական հողին վրա…

Մոռնա՛լ անցեալը, ի՜նչ ոսկեզօծ ստութիւն… սպաննել զայն մեր յիշողութեան բջիջներուն մէջ, երբ մեր ծնած ատենը մեզի հետ կը բերենք զա՛յն… անկարելի, անկարելի բան է ատ. ո՛չ մէկ ատեն չեն յաջողած թումբ կանգնեցնել բնութեան անթափանցելի եւ իմաստուն տրամադրութեանցը դէմ…: Աշխարհիս բոլոր բռնապետները միացած անկարող են մարդկային կամքին անբռնաբարելի եւ անշօշափելի զօրութեան դէմ: Արիւնն իր առանձին օրէնքներն ունի, որուն իշխանութենէն չենք կարող ազատիլ, ի՞նչ դաշինք եւ ի՞նչ համարձակութիւն կրնար մեզի մոռցնել տալ անցեալը, երբ անիկա կ՚ապրի մեր արիւնին ամէն մէկ կաթիլին մէջ: Քնացնել, ու օրօրել զայն իր բնական ձգտումներուն օտար երազներով, ահա ի՛նչ որ կը յաջողինք առաջ բերել ժամանակի մը համար…:

Քարէ քար, ապառաժէ ապառաժ կը մագլցինք դէպի Լեւոնի Բերդը, որ տարածուած կ՚երկարի լեռան գագաթին ամբողջ ընդարձակութեանը վրայ: Սեւ ու խոշոր թռչուններ` առանց թեւերնին շարժելու կը սաւառնին ու կը կորսուին ամպերուն մէջ: Աւերակները տեղ-տեղ քանդուած` սեւ ու խորհրդաւոր փոսեր կը ներկայացնեն, մինչ ուրիշ մասեր կը կանգնին գրեթէ անեղծ իրենց վայրենի ճարտարապետութեան բոլոր խրոխտ գեղեցկութիւնովը:

Դէպ ի վե՜ր, դէպ ի վե՛ր… սեւ թռչուններն աւելի բարձր կը խոյանան. ու բերդը կը բարձրանայ կարծես, կը ձգտի դէպի ամպերը, որ սպառնագին կուտակուած են իր ժանեկաւոր պարիսպներուն վերեւ…: Մեր ուխտագնացութիւնը ո՛րքան հետզհետէ տաժանելի, ա՛յնքան նպատակին հասնելու փափագն ուժգին կը դառնայ: Մարմնով յոգնած ու շնչասպառ, մեր մտքերը լուսաւորուած են անցեալին յուշքերով, որոնք նորօրինակ տենդով մը կը վառեն մեր հարազատ արիւնը, ու այսպէս է, որ կը հասնինք պատմական եւ նուիրական բերդին աւերակները…:

 

Հսկայական պատեր, անքանդելի պարիսպներ, կարծես բնութեան ծոցէն դուրս խուժած եւ ուր մարդկային ձեռքեր դպած չըլլային, կը կանգնին տեղ-տեղ ճեղքուած meurtriéreներու անձուկ լուսամուտներէն…: Այն սրահները, ուր իշխանուհիներու բեհեզեայ շրջազգեստները պտտած են` ծածկուած են հողով եւ խօլ բուսականութիւն մը ազատօրէն կ՚ապրի իշխանազուններուն հետքերուն վրայ: Դողդոջուն ու կարմիր մեխակները, սգաւոր մանիշակագոյնը վայրենի ծաղիկներուն եւ անանուն տարտամութիւնը անհամար ինքնաբոյս կանանչութեան մը` ա՛լ աւելի բուռն կերպով կը շեշտեն դարաւոր գերեզմանի տպաւորութիւնը:

Այլ սակայն ի՜նչ պատերազմիկ ու ճգնաժամային կեանք մը եռացած է այս պարիսպներուն շրջափակին մէջ. ամբողջ Լուսինեան իշխանութեան պատմութիւնը կայ ամփոփուած այդ աւերակներուն մէջ. կարծես պարիսպները ժամանակին քմահաճոյքներուն ձեւակերպուած, անջնջելի տառեր են ցցուած երկինքին դէմ, որուն հետ փոխնիփոխ անօգուտ աղերսանքի, խրոխտ գանգատներու ու սրամտութեան մտածումներ կը փոխանակեն:

Սպառնագին ամպերը կը կուտակուին լեռան վրայ, ու բերդը, արեւին ճառագայթներէն զրկուած, աւելի մեռելային մռայլութիւն մը կը ստանայ: Այդ բարձրութեան վրայ, այդ հնադարեան բերդին մէջ` աշխարհէս բաժնուածի տպաւորութիւնն ունինք, ու մեր լռին ու հանդիսաւոր դարձած շրթունքներուն վրայ, կարծես, այլ եւս երբե՜ք, բայց երբե՜ք, մարդկային ժպիտը, իր զանազան ունայնամտութիւններով չը պիտի ծաղկի…

Երբ թշնամին կը մօտենար մեր սահմաններուն ու երբ ազատները ու պարոնները կ՚երթային կռուելու, տոհմիկ ընտանիքները կ՚ապաստանէին բերդին մէջ, ու թագաւորին տխրութիւնով օծուն նայուածքը յառած կ՚ըլլար սա հովիտէն անդին, ուր շրջապատող լեռներէն կրնար անցնիլ թշնամի բանակը: Այդ օրերուն բերդը վրդովուած կեանքով մը լեցուն կ՚ըլլար. մինչ յաղթանակի յոյսը ու պարտութեան մը ամօթը փոխնիփոխ բաբախել կուտային տիկիններուն սրտերը…

Այն ատենը՜… այս սրահը, որուն միայն տատասկներով զարդարուած հողին վրայ մողէսներն ազատօրէն կ՚անցնին եւ ուր գիշատիչ թռչունները բոյն են դրած, այս սրահը ժամադրավայրը կ՚ըլլար գերագոյն խորհրդակցութեանց, ուր մէկ ժամէն միւսը մեր ցեղին արդէն վճռուած ճակատագրին լրանալուն կը սպասէին… Այն ատենը ի՜նչ մթին նախագուշակութիւնով տանջուած են մտքերն անոնց, որոնք իշխանութեան բեռն ունէին իրենց ուսերուն վրայ, որ գրեթէ յաջորդաբար իբրեւ սարսափելի աղէտէ մը մեր թագաւորներն ուզած են փախչիլ ու ապաստանիլ վանքի մը լռութեան ու ապահովութեան մէջ… ի՜նչ մղձաւանջ իրենց անարիւնցած ուղեղները կը պաշարէր, ի՜նչ սեւ տեսիլք կը հալածէր զիրենք. ու ի՜նչ արհաւիրքով կը նայէին ապագային, ու ոչ մէկ ուրախութիւն, ո՛չ մէկ իշխանավայել խրախճանք իր փողերը չէր հնչեցնէր Կիլիկիոյ չորս կողմերուն վրայ:

 

Ընդարձակ մարգագետիններուն վրայ. որոնք կը տարածուին լերան շուրջը, ամպերու ներքեւ մարած արեւը մեղմ ու նրբին երանգներ կը մաղէ: Հեռաւոր լեռնագօտին անհաւատալի թափանցիկութիւն մը կը ստանայ. վարը, Սիս կորսուած է` հովտին մէջ. մենք ամպերու մէջն ենք գրեթէ. կամարակապ սրահին դիմացի բացուածքէն կը տեսնենք, որ թռչունները արագօրէն կը սուրան ու կը հեռանան, մինչ աչքերս յառած կիսովին աւրուած արձանագրութեան մը` կը ջանամ վանկերը կապել, մեզի կ՚իմացնեն, թէ պէտք է շտապել, որովհետեւ փոթորիկը մօտալուտ է: Մեր ետեւէն կայծակներ լռին կը ճեղքէն արդէն ամպերը իրենց լուսեղէն հարուածով:

Շուտով կ՚այցելենք նաեւ ուրիշ սրահներ, ջրամբարը, բանտը, ու կը սկսինք իջնալ լեռն ի վար: Ճամփուն վրայ կ՚երկարին դեռ պարիսպները, ու երկար ատեն անոնց մօտէն կը շարունակենք ճամփան:

Յանկարծ ամբողջ երկինքը կը դղրդի, սեւ ու կուտակուած ամպերը կը շարժին, ու կայծակը, առանց դադրելու, կը փայլատակէ:

Բնութեան այս վրդովմունքին մէջ է, որ կուրացած փայլակէն ու խլացած` որոտումի աղմուկէն, կը հասնինք վանքը` հոգինիս բեռնաւորուած անսահմանելի եւ քաղցր տխրութիւնով եւ ցաւով:

Միաբանները կ՚առաջարկեն մեզի, մեկնելէ առաջ, այցելել նաեւ եկեղեցիին թանգարանը, ուր կը յուսանք հնութիւններ գտնել: Դժբախտաբար սակայն, չեմ գիտէր, ինչո՞ւ վանքն աղքատ է հնութիւններով: Այլ սակայն Հեթում թագաւորի Աւետարանը, ուր Լեւոնի ուխտը կայ արձանագրուած, մեծապէս շահեկան եւ սրտագրաւ է մեզի համար. արծաթ ու ոսկեդրուագ գաւազաններ ու սկիհներ իրենց ծանրութեամբը արժէքաւոր ու իբրեւ արուեստի առարկայ եւ հնութիւն գրեթէ միջակ, կ՚անցնին մեր աչքերուն առաջքէն, երբ մէկէն պահարանապետ վարդապետը մեզ կը ներկայացնէ սկիհ մը, որուն մէջ կարմիր գիծ մը կ՚երկարի ու բաժակին խորութեան մէջ կաթիլ մը կը կազմէ: Վարդապետը կը պատմէ աւանդութիւնը. Կիրակոս Կաթողիկոս, որուն շինարար տաղանդը ամէն րոպէ աչքի կ՚երեւայ վանքին ու եկեղեցիին մէջ այնպէս, որ իր ներկայութեանը զգացումը կ՚ունենաս միշտ, ուշադրութիւնը հրաւիրէր է Թուրքերուն, որոնք խորթ աչքով կը նային եղեր իր` հայ վանքին բարեզարդութեանը տուած ջանքերուն. զինքը շատ հպարտ ու շատ օժտուած գտնալով րայաի մը համար, ամբաստաներ են ու որոշուեր է, որ իր պատիժը կրէ: Կիրակոս Կաթողիկոս մահուան դատապարտուէր է. ու Սիսէն մեկնելէ առաջ, վերջին օրը, վերջին անգամ պատարագած ատեն այն սեղանին առաջք, որուն պայծառութեանը աշխատելուն պիտի զոհուէր, դառնապէս լացեր է ու ցաւն այնքան մեծ է եղեր, որ սկիհի մէջ ինկած արցունքի կաթիլը արիւնոտ է… Այդ արիւնոտ արցունքին հետքն է որ կը տեսնենք եւ որուն համար վարդապետը կ՚ըսէր, թէ անջնջելի է:

Երեք օր վանքին մէջ հիւրասիրուելէ ետքը նահապետական վեյանձնութեամբ մը եւ զուտ հայկական անսեթեւեթ պարզութեամբ, մեծ ցաւով կը մեկնինք Սիսէն, տպաւորութիւնը ունենալով անոնց, որոնք իրենց հայրենի տան շեմը կ՚անցնին ա՛լ չդառնալու համար: Երկար ատեն այդ նուիրական վայրերուն կարօտը մեզ պիտի տանջէ. ու մեր տաժանելի ճամփուն վրայ յաճախ մեր նայուածքը պիտի դարձնենք դէպի ետեւ… բայց ի զուր… Այլեւս մինչեւ Տեօրթ Եօլ դարձեա՛լ աւերակներ, կոտորա՜ծ, սարսա՜փ, արկածեա՜լ ժողովուրդ, բանտարկեա՜լ, աքսորակա՜ն… ահաւասիկ, այն հեռանկարը, որ կը բացուի մեր առաջք` մինչ սայլը գինովի պէս աջ ու ձախ գլտորելով կը յառաջանայ մեծ ճամբուն վրայէն:

 

Արեւը մարը մտնելէն բաւական առաջ անակնկալ կերպով մը Ղարս-Բազարը կ՚երեւայ մեզի: Աչքերնիս վարժուած ընդարձակ եւ մերկ տարածութիւններու, յանկարծ կը զարմանանք տեսնելով թարմութեան եւ կանանչութեան այն փունջը, որ կը պարզուի մեր աչքին առջեւ: Դեռ բաւական հեռու ենք ու աւերակները չենք տեսներ: Քաղաքը ծածկուած է ծառերու մէջ ու մէկ քանի առանձին տուներու երեւումը` փոքրիկ, մաքուր, վանդակապատ տուներ` աւելի գեղջկական հանդարտ կենցաղի տպաւորութիւնը կ՚ընեն ու կարծես բարեացակամութիւնով կ՚ողջունեն մեզի:

 

Ընդհանուր ապշութեան եւ հետաքրքրութեան մէջ, որ մեր իրենց համար ունեցած անօրինակ երեւոյթն առաջ կը բերէ, կը յառաջանանք թուրք թաղին մէջէն անեղծ մնացած ու կը հասնինք տեղին երեւելիներէն հայ հողատերի մը տունը, որուն յանձնարարուած ենք:

Կին, տղայ, ծերունի, խառն ի խուռն կը դիմաւորեն մեզ եւ չափազանց ուրախացած մեզի տեսնելուն` կ՚աճապարեն մեր բեռները առնել, մեզ թեթեւցնել ամենափոքր ծրարէն… Ու իրենց խանդավառ թափորին մէջէն մինչ ծերունիները հանդիսաւորապէս կ՚առաջնորդեն մեզ եւ տղաքը կ՚ոստոստեն շուրջերնիս, կ՚երթանք լռին ու մտախոհ՝ բոլորովին ինքզինքնիս յանձնած իրենց հիւրասիրութեան կերպերուն:

Արագօրէն գորգեր կը փռուին այն սրահին մէջ, ուր կը մտցնեն մեզ ու բազմոցնէր կը տարածեն գետինը, որպէսզի հանգիստ ընենք, կակուղ բարձեր կը դիզեն մեր կռնակները ու երբ բոլոր ծառայութիւնները կը կատարեն, կին, մանուկ, այր ամէնքն ալ կը քաշուին, կ՚աներեւութանան:

Նոյն միջոցին է, որ տանտէրը առանձին կը մտնայ ներս ու բարի գալուստ կը մաղթէ մեզի: Միջին հասակով, միջին տարիքով, մորթը բացօթեայ աշխատութենէն թխացած, աչքերը երազուն եւ տխուր, ինչպէս գրեթէ բոլոր մեր շուրջը գտնուողներունը, համեստօրէն հագուած, բաւական հարուստ ագարակատէր մըն է, որը սակայն պարզ գիւղացիէ մը կը զանազանուի այն յարգանքով, որ իր ներկայութիւնը կը ներշնչէ զինքը տեսնողներուն: Առաջին քաղաքավարական խօսքերը փոխանակելէ ետքը` ատեն մը լուռ կը մնանք. այն աղիտալի փոթորիկը, որ անցած է իրենց վրայէն ալ, դեռ սարսափի ու ցաւագին զարմացումի մը մէջ կը համրացնէ զիրենք: Մեր ներկայութիւնը, կարծես, կ՚արծարծէ իր յիշողութիւները, երախտապարտ նայուածքով է, որ կը նայի մեզի, որ ուզեր ենք գոնէ երթալ իրենց մօտ ու իրենց տէրտը հասկնալ: Իր երազուն եւ տխուր աչքերը երբեմն կ՚ամպոտին եւ երբեմն ալ, ո՞վ գիտէ, ի՞նչ մտածումի անսալով, ամբողջ դէմքը կը ծամածռէ ու բոլոր այս լռին արտայայտութիւնները կը վերջացնէ ձեռքի շարժումով մը որ կարծես ըսել կ՚ուզէ. - Ի՞նչ օգո՜ւտ, ըլլալիք էր եղաւ… թափուելիք արիւնը երակին մէջ չի մնար…

Այլ սակայն Ղարս-Բազար շատ մը մխիթարուելիք կէտեր ունի. անիկա այն տեղերէն մէկն է, որ գետնաքարշ սարսափի մը մէջ անձնատուր չէ եղած ոճրագործներուն եւ իր պատիւն ու կեանքը պաշտպանելու յուսահատական ու բնազդական ձգտումով մը, ծառացած է թշնամիին դէմ: Ղարս-Բազարի ինքնապաշտպանութիւնը, իր թիւին անհամեմատական պզտիկութիւնով, իր ունեցած զէնքերուն տեսակի եւ քանակի անբաւականութիւնով այն հրաշքներէն մէկն է որ պարծանքով կրնանք արձանագրել մեր ազգային պատառատուն եւ ցաւագին պատմութեան մէջ:

Ապրիլ 2ին հինգշաբթի գիշերը, ժամը թրքական 6ին ատենները, Ճին Թորոս կոչուած հայ ոստիկան մը կուգայ Ղարս-Բազար եւ կ՚իմացնէ, թէ 2000ի չափ թուրքեր, զինուած մարթինիով, կուգան Հայերը ջարդելու: Քանի մը վայրկեան ետքը, ամբողջ գիւղն արթնցած է եւ տեղեկացած իրականութեան: Առանց պաղարիւննին կորսնցնելու` իրենցմէ ամենէն քաջերը եւ ամենէն կարողները կը հաւաքուին. կը խորհրդակցին եւ եղելութիւնը իմացնելով իրենց դրացի ազատասէր Թուրքերու, ինքնապաշտպանութիւնը կը կազմակերպեն: Տեղին թուրք երեւելիներէն Մուսաղ աղա, Վելի էֆէնտի, իրենց հետ ունենալով հարիւրապետ Ահմէտ եւ յիսնապետ Ահմէտ, ընդառաջ կ՚երթան ոճրագործ ամբոխին եւ ետ կը մղեն զայն:

Ուրբաթ առաւօտ արշալոյսին` ամբոխն ա՛լ աւելի ստուարացած կուգայ, կը պաշարէ գիւղը ու հրացանաձգութիւնը կը սկսի: Հայերը կը դիմադրեն, անձնատուր չեն ըլլար. ամբոխը կատղած` կրակի կուտայ հայ թաղերը:

Մինչեւ իրիկուն հրացանաձգութիւնը կը շարունակուի. Հայերը իրենց կիսաւարտ դպրոցը ապաստանած կը դիմադրեն միշտ, իրիկուան ժամը 1-2ին Սիսէն կը հասնի հիսնապետ Հիւսնի եւ 40-50 զինուորներով կը յաջողի ցրուել ամբոխը:

Երբ առաւօտուն տժգոյն արշալոյսը կը ծագի, դիմադրողներէն մէկ հոգի մեռած եւ մէկ հոգի միայն վիրաւորուած կը գտնուին, մինչ խանի մը մէջ ապաստանած եօթը Մարաշցիներէն վեցը եւ Հաճընցի մը, որ կառավարութեան դուռը դիմած էր, սպանուած էին: Քիչ յետոյ կ՚իմանան նաեւ, որ իրենցմէ շատերը ու իրենց այն ազգականները, որոնք քաղաքին շուրջը կը գտնուէին` անխնայ ջարդուած են: Այսպիսով է, որ քաջարի գիւղացիին ուրախութիւնը` երբ հասկացաւ, թէ իր դիմադրութիւնը յաջողած էր` անխառն չեղաւ.

Հազիւ թէ մեր սիրտերը կը բաբախէր յաղթանակի երջանկութիւնով, երբ ցաւի ու լացի աղաղակներ բարձրացան: Զաւակնին կորսնցուցած մայրեր մազերնին կը փեթռտէին ու մեզի դէմ կը սրտմտէին թէ ի՛նչու թոյլ չտուինք, որ մէկ գիշերուան մէջ իրենք ալ մեռած ըլլային ու աչքերնին չբացուէր այլեւս այս սեւ աշխարհին վրայ:

Այրիները, ապշած ու չհաւատալով իրենց սուգին, մեր ձեռքերուն կը նայէին. որբերը չէին հասկնար թէ որբացած են. դեռ հրացաններնուս փողերը տաք, ու ձեռքերնիս սեւցած վառօդէն, չէինք գիտէր, թէ ուրախանայի՞նք եթէ ոչ տխրէինք մեր յաջողութեան վրայ: Շատերն ալ տուներնի՛ն կորսնցուցած, ագարակներնին կողոպուտի տուած, մոխիրի վրայ նստած էին…: Ամէն վայրկեան սեւ լուր մը կուգար: Ղարս-Բազարի մէջ 60 տուն եւ 100 խրճիթ այրեցաւ եւ բոլորիս ալ մալերը մաֆ եղան…:

Մինչ տանտէրն իր հանդարտ ձայնովը կը պատմէր բոլոր ասոնք, տանը կիներն ու աղջիկները կուգան եւ իբրեւ թէ մեզ առաջին անգամ տեսնէին, յարգանքով կը մօտենան, կը բարեւեն ու կը շարուին մեր դիմացը: Տան տիրուհին տարէց ու պատկառելի, կը կենայ առաջին շարքին վրայ. լայն շալուար մը, որուն ձեւը կորսուած է ծալքերու առատութեան մէջ` կը վերջանայ բոպիկ սրունքներուն վրայ նեղ գօտիով մը: Մարմնին վերի մասը ծածկուած է տեղական կերպասէ շինուած գծաւոր չփակի մը մէջ, որ կը կաղապարէ իր բազմաթիւ զաւակներ սնուցած հարուստ կուրծքը. շալէ գօտի մը մէջքը կը գրկէ ու կը յառաջանայ մինչեւ փորին վրայ. գլուխը դրած է կարմիր ֆէս մը, որուն եզերքը զարդարուած է մանրիկ ոսկիներու շարքով. լաջակը ֆէսին վրայէն անցնելով կը ծածկէ քունքերը, կուգայ մինչեւ կզակը ու վերադառնալով կը կապուի գլխուն վրայ: Հակառակ իր մեծ հեղինակութեանը, որ յայտնի կ՚երեւայ թէ՛ իր կեցուածքին եւ թէ՛ իր նայուածքին մէջ, որով կը նայի աւելի երիտասարդ կիներու վրայ, անիկայ լուռ կը մնայ, կարծես` շրթունքները կապուած ըլլային լաջակին պինդ կապովը:

Մեզ կը հիւրասիրեն խահուէով, ձմեռուկով եւ օշարակով: Բոլոր այս միջոցին՝ ստիպուած ենք խմել եւ ուտել այնպիսի հանդիսաւոր եւ սառնային լռութեան մը մէջ, որ անհանգիստ կը զգանք ինքզինքնիս եւ մեր շարժումներուն մէջ զգուշաւոր: Բազմաթիւ զոյգ աչքեր միամիտ հետաքրքրութիւնով մը կը հետեւին մեր շարժուձեւին, ու հազիւ թէ վերջին կաթիլը դեռ մեր շրթունքներուն վրայ` քանի մը նորատի օրիորդներ անակնկալ դիւրաշարժութեամբ մը մեր դէմը կ՚ոստնուն, կը յափշտակեն գաւաթներն ու կ՚աներեւութանան: Եւ ահա դարձեալ տանտէրը, տանտիրուհին եւ բոլոր երէց անդամները ընտանիքին` մէկիկ մէկիկ կը մօտենան, ձեռքերնին կ՚երկարէն ու շրթունքնուն եւ գլուխնուն տանելով, կը մրմնջեն.

—Անոյշ հրամմեցիք…:

Բոլոր այս ձեւակերպութիւնները, որ կը կատարեն արարողութեան մը պէս, կրնային ծիծաղելի թուիլ մեզի, բայց ընդհակառակը, գորովանքով կը լեցուինք ու խորապէս կը զգածուինք. աւերուած, հրդեհուած ու ջարդուած Կիլիկիոյ մէջ, կորսուած գիւղի մը անկիւնը կը զգանք այն բնազդական կամքը, որով ափ մը Հայեր կ՚ուզեն տոհմային աւանդութիւնները պահպանել: Այս ալ ինքնապաշտպանութեան ձեւ մը չէ՞ միթէ. ու ակամայ մեր մէջ ալ այդ բնազդը կ՚արթննայ հաւասար ուժգնութեամբ, ու մենք ալ մեր հիւրասիրուածի դերը կը կատարենք լրջութեամբ ու պատկառանքով:

Քիչ յետոյ կուգան ուրիշ գիւղացիներ. տեղին վարժապետը, որ այրիներուն եւ որբերուն ցանկը կը բերէ. աւելի վարժ ըլլալով հայերէն խօսելու, մանրամասնութիւններ կը պատմէ, կը շեշտէ Ճին Թորոսի հերոսական դերը: Զինքը բանտարկել են ու հրացանն առնել ուզեր, բայց ինքն առանձին ըմբոստացեր է թշնամիներու դէմ. «Այս զէնքը տէօվլէթը յանձնած է ինծի, տէօվլէթը միայն ետ կրնայ առնիլ»: Յետոյ լսելով եւ տեսնելով բոլոր այն պատրաստութիւնները, որ կ՚ընէին կեավուրներու դէմ, սիրտն անհամբերութենէն կ՚եռայ ու տարօրինակ ճարպիկութիւնով մը կը ջանայ փախչիլ իր թուրք ընկերներու ձեռքէն: Ճամբան քանիցս կասկածի կ՚ենթարկուի ու միշտ օձիքը կ՚ազատէ ու հեւ ի հեւ, շնչասպառ, կը հասնի Ղարս-Բազար, կ՚արթնցնէ անգիտակից ու ապահովութեան մէջ քնացող հայրենակիցները ու այդպէսով պատճառ կ՚ըլլայ, որ յանկարծակիի չգան: Դէպքին բոլոր տեւողութեանը` Ճին Թորոս կը մնայ իր եղբայրներուն քով, իր զէնքն ու իր բազուկները կը դնէ անոնց տրամադրութեան ներքեւ, կը կազմակերպէ դիմադրութիւնը, ու իր անվեհեր քաջութեամբ, սիրտերը բարձր կը բռնէ:

Ճին Թորո՜ս…: Խանդաղատանքէ լալու պատրաստ են ամէնքը. երէկուան աննշան ոստիկանը, թերեւս հոգիով ու մարմինով թրքացած Հայը յանկարծ կ՚արթննայ իր ազգային ցաւին մէջ, ու իրենց նախախնամութիւնը կը դառնայ:

Երբ այր հիւրերը կը շատնան, կիները կը քաշուին կ՚երթան, բայց կից սրահին մէջ կը հաւաքուին ու դռանը մօտ, իրարու վրայ դիզուած, մտիկ կ՚ընեն ու կը դիտեն մեզի. կ՚ուզեն իրենք ալ հաղորդակից ըլլալ մեր բերած լուրերուն, մեր դիտողութիւններուն, մեր հաւանութիւններուն. իրենց խանդագին ու սեւ աչքերը սեւեռած են մեր վրայ եւ յետոյ հետաքրքիր են գիտնալու, թէ կրկին պիտի ենթարկուի՞ն նոյն սարսափներուն, նոյն սոսկումներուն:

Այրերն ալ նուազ ընկճուած չ՚են. գրեթէ զարմացած են իրենց արարքին վրայ. ո՛չ մէկ յոխորտանք, ո՛չ մէկ հպարտութիւն չ՚երեւար իրենց աչքերուն մէջ, ինչպէս ո՛չ մէկ յաւակնոտ բառ չի գար իրենց շրթունքներուն վրայ: Ընդհակառակը, ապշած մտիկ կ՚ընեն մեր քաջալերութեան ու հաւանութեան խօսքերը, ու կարծես աւելի միտում ունին հաւատալու, թէ իրենց յաջողութեան գաղտնիքն անիմանալի ու անբացատրելի դիպուածի կամ աստուածային տրամադրութեան մը մէջ է, քան իրենց իւրաքանչիւրին անհատական ինչպէս նաեւ հաւաքական քաջութեան ու տոկունութեան մէջ:

Տունը, ուր իջեւանած էինք Ղարս-Բազարի մէջ` նահապետական տուն մըն էր. տանը անդամները 25-30 հոգի էին, իսկ տղաքը բազմաթիւ: Աւանդական կարգապահութիւն մը կը կառավարէր բոլոր այդ բազմութիւնը, հակառակ որ այժմ ընտանեկան կարգ ու սարքը խանգարուած ըլլար, արտակարգ դէպքերու հետեւանքով եւ նաեւ այն պատճառով, որ շատ մը արկածեալներ եկած ապաստանած են հոն: Ամէն բան պարզ, տարրական ու գեղջկական էր. այն սենեակը ամենէն գեղեցիկը ուր մենք հիւրասիրուած էինք՝ գրեթէ մերկ էր եւ մեր աչքերուն առաջք է, որ փռեցին գորգերը ու բազմոցները. շարք մը նոյն կարգի սենեակներ կային քով քովի՝ որոնց ամէնն ալ կը բացուէին փայտաշեն ընդարձակ պատշգամի մը վրայ, որը բոլորովին բացօթեայ պիտի համարուէր՝ եթէ ձեղունով մը ծածկուած չըլլար: Դիմացը ընդարձակ պարտէզն էր, իր նոր հերկուած հողերով ու բանջարանոցով: Տեղ-տեղ պտղատու ծառեր իրենց ցանցառ հովանին կը տարածէին: Տաքութիւնը հեղձուցիչ էր առհասարակ, մժեղները յամառօրէն կուգային մեր գլխուն ու մեր ձեռքերուն շուրջը ու բզզալով կը դառնային մինչեւ որ տեղաւորուէին: Բոլոր ընտանիքը, օրուան բոլոր ժամերուն, բացօթեայ կ՚ապրէր. սա է պատճառը, որ սենեակը բնակուած ըլլալու երեւոյթը չունէր: Պարտէզին մէկ անկիւնը բազմայարկ չարտաքը բարձրացած էր որքան կարելի է վեր եւ ննջարանի կը ծառայէր ամէնուն. ու գիտէինք, որ գիշերը մենք ալ հոն պիտի անցնէինք:

Հիմակ այս ժամուն շրջապատուած էինք բոլոր այն երիտասարդներով, որ աղէտի օրերուն կռուեցան. իրենց մէջ մինչեւ անգամ տարեցնէր, հասուն տարիքով մարդիկ՝ գրեթէ ծերունիներ, խոհո՜ւն, մռայլ, մտածկոտ, հողի աշխատութիւնով կոշկոռացած ձեռքերնին ծունկերնուն վրայ, ծալլապատիկ նստած էին մեր դիմացը ու մեծ չափաւորութիւնով մը կը խօսէին դէպքին մանրամասնութիւններուն վրայ: Միշտ գետնին վրայ հակած մարդու կորացած ուսերնին անսահման խոնարհութեան դրոշմ մը կը դնէր իրենց վրայ. աչքերնին միայն, քաղցր ու ներողամիտ նայուածքով աչքեր, սեւ ու լոյսով լեցուն՝ կը շողային արեւէն ու հովէն սեւցած դէմքերնուն վրայ. ու այդ աչքերուն մէջ, որոնց լոյսը ընտանի էր մեր նայուածքին, կը գտնայինք անփոփոխ կերպով խաղաղութեան տենչանքը եւ ազատ ու արժանաւոր կեանքի մոլեռանդութիւնը:

Հիացիկ խանդավառութեամբ մը կ՚անդրադառնային մեր ձայնին վստահութեան, մեր խօսքերուն ազատութեան, անխոհեմութեան վրայ. իրենց դարաւոր տենչանքը անկաշկանդ շարժուձեւի, մտքի ու խօսքի ազատութեան` գոհացած կը գտնէին մասամբ, մեր մէջ, որ մէկ արիւնէ ու մէկ ցեղէ ենք: Ու կ՚ուզէին ապահովել. ճշմարտապէս հա՞յ էինք, իրենց կիներուն եւ աղջիկներուն պէս, ճի՞շտ էր որ ո եւ է ազատ ցեղի միջամտութիւն չկար մեր հարազատութեան մէջ: Ու երբ կ՚իմանային թէ ոչ միայն Հայ, այլեւ թրքահպատակ էի իրենց պէս, թէ` ո եւ է ոստիկան, ո եւ է պաշտօնեայ իշխանութիւն ունէր իմ վրաս, թէ կարող էին հրամայել ինծի ու արգիլել զիս, կացութունն անբացատրելի կը դառնար ու կասկածոտ մտատանջութեան մէջ կ՚իյնային:

Մեր խօսակցութիւնն ընդհատեցաւ դարաւոր ծերունիի մը երեւոյթով…:

Ամէնքը ոտքի ելան ու մէկը թեւէն բռնելով առաջնորդեց զայն: Հաստ գաւազանին վրայ կրթնած ու երկուքի ծռած պատկառելի ծերունին` կը յառաջանար թեթեւ մը դողդոջելով, պատւոյ տեղը տուին իրեն ու ներկայացուցին զինքը մեզի: Տանտիրոջը մեծ հայրերէն մէկն էր. շատոնց հարիւրը անցուցած. ներկաներէն ամենէն տարեցները կը խոստովանին, թէ միշտ զինքը ծերունի ճանչցած էին, անոնք, որ զինքը տեսած էին երիտասարդ ու տարիքի չափաւոր հասունութեան մէջ, տարիներէ ի վեր հանգչած էին արդէն հայրենի հողին մէջ ու իրենց ոսկորներուն հետքը չէր մնացած: Դէպքի միջոցին, ծերունին գտնուէր էր մօտակայ գիւղ մը ու քանի մը անգամ թշնամիին բազուկը բարձրացեր էր իր վրայ, բայց այն նախախնամութիւնը, որ երկար կեանք շնորհել էր իրեն` այս անգամ ալ զինքն ազատեր էր ու նահապետը կրցեր էր գալ իրեններուն մօտիկ:

Երբ իրեն յատկացուած տեղը բազմեցաւ, այն ատեն միայն ծերունին իր գօսացած վիզը կրցաւ բարձրացնել ու նայիլ շուրջը: Երկար ատենէ ի վեր արդէն աշխարհային հոգերը, ցաւերը անտարբեր ձգելու էին զինքը, որովհետեւ այնպիսի կատարեալ անշարժութիւն մը կար դէմքին վրայ, որ կարծես կեանքը անհետացած ըլլար անոր վրայէն: Հողի գոյն այտերը, փղոսկրեայ ճակատը, տժգոյն եւ թառամած շրթունքը ոչ մէկ կենսականութիւն ցոյց կուտային. գլուխը դրած էր անգոյն գտակ մը ու ճերմակ փաթթոց մը կը բոլորէր անոր շուրջը: Ճերմակ ու ցանցառ մօրուքը կ՚իջնար քունքերէն մինչեւ ծնօտը ու կը փռուէր կուրծքին վրայ… աչքերը ծածկուած ճերմկորակ եւ աղօտ քօղով մը` կարծես այլեւս չէին տեսնար ու երբ կը հանգչէին մէկու մը կամ առարկայի մը վրայ, կարծես թէ իրենց տրտմութիւնը կը դրոշմէին հոն… Մաշուած էնթարի մը կը ծածկէր իր չոր անդամները, որոնց անկիւնաւոր եւ վտիտ գիծերը կը կաղապարուէին կաղապարներին փէշերուն մէջ. աւելի մաշուած եւ գունատ խրխա մը կը ծածկէր իր ուսերը եւ կը հետեւէր իր կոր քամակին: Բարակ եւ մերկ սրունքները կը վերջանային ահագին ոտքերով՝ որոնք տրեխներ կը կրէին. ու ձեռքերը, սեւցած, չորցած, հին մագաղաթի պէս կարծր մորթով ծածկուած` հողէն նոր խլուած արմատներու կը նմանէին:

Քիչ յետոյ ամէնքն ալ մոռցան ծերունիին ներկայութիւնը ու կը խօսէին իրենց մշտնջենական տէրտին վրայ: Բաց դռնէն կիները միշտ իրարու վրայ դիզուած` մտիկ կ՚ընէին մեզի. անոնց թիւը շատցած էր, որովհետեւ նոյն տանը մէջ ապաստանող այրիներ ու որբուհիներ եկած միացած էին իրենց, ու նայուածքս յաճախ կը հանդիպէր թշուառութենէն ցամքած, մազէ զուրկ կնոջական գլխու մը` որուն անձկագին եւ պաղատագին նայուածքը կառչած էր ինծի…:

Ներկաներէն ամէնքն ալ գանգատներ ու պահանջքներ ունէին. տուներնին այրա՜ծ, ինչքերնին թալանուա՜ծ, ագարակներնին քանդուած… «Օ՜ֆ… օ՜ֆ… տարիներէ, տարիներէ ի վեր աշխատած էինք, հայրս այդ հողին վրայ ծռած` աչքերը գոցած էր, ամէնուս ճակտին քրտինքը թափած էր հոն ու քանդեցի՜ն, աւերեցի՜ն, մէկ օրուան մէջ խարապ ըրին ամէն բան…»:

Ակռաներնիս սեղմեցինք, քանի՛ մեր գլխուն զարկին` այնքան աւելի խոնարհեցանք, շարունակեց ուրիշ մը, լեզունիս, ազգութիւննիս ուրացանք, բերաննուս կտրեցինք իրենց տուինք, զաւակներնիս իրենց հախէն զրկեցինք` անոնց քէյֆը տեղը տարի՜նք… աս ալ պօ՜շ, ամէն բան պօ՜շ…:

Աս ապերախտ հողին վրայ տուած էմէկս` ապառաժներու տայի, կը բեղմնաւորուէին, ծերութեանս հանգիստ պատառ մը հաց կ՚ունենայի ու խաղաղութեան մէջ կը մեռնէի… ամբողջ կեանքիս մէջ օր մը գլուխս չկրցայ վեր հանել, աչքերս երկինքին դարձնել ու փառք տա՜լ… տատեցայ տատեցայ… ու մէկ օրուան մէջ ամէն բան փչացաւ, ամէն բան մաֆ է՜…:

Տարէց մարդ մըն էր ատ ըսողը, իր ժօռատ բերանը կարկամած կը մնար ու սրտին ցաւը չկրնալով ամբողջովին արտայայտել` երկու ձեռքերը գլխուն կը զարնէր ու ջղաձգօրէն գալարուած` կնկան պէս սկսաւ արտասուել: Արցունքը նախ տաժանքով կը ժայթքէր աչքերէն. կաթիլները կը մնային կոպերուն վրայ, ծանր ու խոշոր կաթիլներ, ու դանդաղութեամբ կ՚իջնային այտերէն ի վար: Իր յուսահատութիւնն այնքան բացարձակ ու մեծ էր, որ ամէնքն ալ մոռնալով իրենց իսկ ցաւը, կը նայէին իրեն ու կը մխիթարէին զայն.

Թիրոս Էմմի՛, քու տէրտ մինակ քուկդ չէ, ամէնուս գլուխներն ալ վառած են, քեզի՞ ով հացի կարօտ կը ձգէ՜… Թիրոս Էմմի, աւելի դժբաղդներուն նայէ ու մխիթարուէ՛, մալին ցաւն ի՞նչ է… կտրիճ զաւակներդ միտքդ բեր, արցունքդ անոնց համար պահէ…:

Մէկն ականջս ի վար մրմնջեց.

Թիրոս Էմմի մարաշցի է… հոնտեղի դէպքին իր չորս զաւակները զոհ գացած են, 14 տարի առաջ:

Այս խօսքերուն վրայ ծերունիին վիշտը կակուղցաւ ու արցունքը դիւրութեամբ ու առատութեամբ սկսաւ իջնալ այտերն ի վար… երբեմն երբեմն հեծկլտանքի սարսուռ մը կը ցնցէր իր ջղաձգուած անդամները…

Օ՜ֆ… օ՜ֆ…

Ուրիշ բան չէին կարող ըսել, ամէնուն դէմքերը հոգի եւ ցաւի արտայայտութիւններով ծամածռած էին. միայն հարիւրամեայ ծերունին անայլայլ ու անշարժ կը մնար եւ խոր լռութիւն մը կը պահէր, երբեմն-երբեմն միայն իր անգոյն եւ թառամած շրթունքը կը կծկուէին ու մօրուքը կը դողար կուրծքին վրայ… Կը լսէ՞ր պատմուածները, հասկցա՞ծ էր, թէ ինչ նոր բան պատահած է, թէ պարզապէս իր անդամալուծուած ուղեղին մէջ հնամենի դէպքերու յիշողութիւններ աղօտ կերպով կ՚արթննային, ու կը ջանար մտքովն անոնց հետեւիլ:

Հետզհետէ սակայն խօսակցութիւնն իր ձգտուած եւ ցաւագին հանգամանքը կը կորսնցնէր. կը խօսէին բանտարկեալներու վրայ, կը խօսէին ուրիշ տեղ պատահած զարհուրելի դէպքերու վրայ, ու յետոյ, որովհետեւ կեանքն իր անբռնաբարելի պահանջքները ունի` կը խօսէին ապագային վրայ…: Կառավարութիւնը խոստացած է վնասուած տուներուն հատուցում ընել. ճի՞շդ է. չէին կարող հաւատալ. շատերը յոռետես էին, վէճի կը բռնուէին լաւատեսներուն հետ: Երկար ատեն կը խօսէին ու կը վիճաբանէին, մանրամասնութիւններ մէջ կը բերէին, հաշիւներ կ՚ընէին. մեծամասնութիւնը համակերպած էր իր ունեցածին մնացած բեկորներուն վրայ նոր կեանք մը ստեղծելու… վերածնիլ ու շարունակել ապրիլ. այդ կոշկոռացած ու ձեւափոխուած ձեռքերուն մէջ մասնաւոր կամք մը կար: Քանի մը տարիէն նորէն այգիները պիտի պտղաբերեն, արտերը պիտի ծածկուին լեցուն եւ ոսկեգոյն հասկերով, ու ոճիրով պարպուած տուները պիտի լեցուին մանկական աղաղակներով…: Անջնջելի ու տառապագին ցեղը պիտի ապրի` հակառակ ամէն բանի եւ հակառակ բոլոր ոճրապարտ ըղձանքներուն…:

Թիրոս Էմմիի արցունքը դադրած էր, ու դեռ թաց թարթիչներուն մէջէն շահագրգռուած` կը նայէր իր դրացիներուն ու ինքն ալ կարծես բաղձալով իր բաժինը բերել այդ վերածնունդի ջանքին մէջ` խորհուրդներ կուտար յամր, բեկբեկ եւ իմաստուն բառերով…:

Շինութիւնները շուտով կը սկսին… եթէ նոյնիսկ կառավարութիւնը ձեռք չտայ մեզի` հինգ տարիէն առջի վիճակնիս կը գտնանք…: Աստուած մե՜ծ է…: Գացողներուն տեղն է, որ պարապ կը մնայ միայն…

Անոնց տեղն ալ պարապ չի մնար. մեր կիները մեր հողին պէս բեղմնաւոր եւ առողջ են…:

Ու ահա ինքնավստահութեան պայծառ ժպիտ մը կը լուսաւորէր ամենէն մռայլներն անգամ…:

Բայց նոյն միջոցին իսկ մեր ուշադրութիւնը դարձաւ դէպ ի հարիւրամեայ ծերունին. մեծ դժուարութեամբ ոտքի կեցած էր եւ իր վտիտ սրունքներուն վրայ ամբողջ մարմինը կը դողդոջէր. գաւազանը չը գտնալով անմիջապէս, իր երկու թեւերը երկարեց հաւասարակշռութիւնը պահելու համար. աղօտ բիբերը դուրս ցցուած, շրթունքը ծամածռած, մօրուքը դողդղալէն սկսաւ խօսիլ այնպիսի ձայնով մը, որ կարծես դարերու խորէն կուգար…

Աստուած երկար կեանք շնորհեց ինծի, չեմ գիտեր թէ անէ՞ծք մը թէ օրհնութիւն մըն էր ա՜յս…: Իմ աչքերս շատ բան տեսան ու ականջներս շատ բան լսեցին…: Քանի մը սերունդ իմ աչքերուս առաջք ծնան, տառապեցան ու մեռան. ու ամենուն կեանքը դաս մը եղաւ ինծի…: Ճշմարիտը կ՚ըսեմ ձեզի, այս հողն ապերախտ է ու խորթ մօր կը նմանի՜…: Թշնամիին հողին վրայ ո՛չ զաւակ ունենալու է, ոչ շէնք շինելու…: Մալի՜ վրայ կը խօսի՜ք, ապագայի՜ վրայ կը խօսիք, գացէ՜ք, գացէ՜ք սա սեւցած վերանէներուն վրայ նայեցեք… Զաւկի՜ վրայ կը խօսիք. գացէ՜ք անթաղ մնացած ոսկորներուն վրայ նայեցեք… ճշմարի՜տը կ՚ըսեմ ձեզի… մօրուքս հոգի եւ վշտի մէջ ճերմկած է… մտի՛կ ըրէք ծերունիին ձայնին. այլեւս հայուն համար յոյս չէ մնացեր. ասկէ ետքը հայուն միակ մալը թիւֆենկ մը պէտք է ըլլայ:

Խո՜ր մեռելային լռութիւն…

Գացէ՛ք սեւցած վերանէներուն նայեցէք…:

Ծերունին կը դողդոջէր իր անհաստատ սրունքներուն վրայ ու իր տարածուած բազուկներովը կարծես մեզի կը մատնանշէր աւերակները: Պահ մը իր աղօտ աչքերը մեզի հանդիպեցան. մեզի թուեցաւ, որ աղերսագին հրաւէր մը կար այդ զարմանալի ու մռայլ բիբերուն մէջ…: -

Երթա՜նք վերանէները տեսնա՜նք:

Այրերը հետզհետէ մեկնեցան. մէկը ուշաբերեցաւ եւ գաւազանը դրաւ ծերունիին ձեռքին մէջ, որն իր կարգին հեռացաւ դողդոջ քայլերով: Իր տրեխներուն համաչափ, ծանր ու դանդաղ աղմուկը երկար ատեն կը լսէինք դուրսը պատշգամին վրայ:

Միջոց մը առանձին մնացինք, նոյն պահուն էր, որ քովի սրահը դիզուած կիները մօտիկցան ու շրջապատեցին մեզ: Նախ չէին համարձակեր խօսիլ ու իրենց բոլոր արհաւրալից հոգին կ՚արտայայտէին իրենց սեւ, լայնաբիբ ու գեղեցիկ աչքերուն միջոցաւ: Յանկարծ մազազուրկ, վտիտ կնոջական գլուխը ցցուեցաւ, անձկալի աչքերը դարձան ինծի, ու նախ վարանումով, հետզհետէ վստահութիւնով` հէք կինը մօտիկցաւ.

Հոգերդ առնեմ, մտիկ ըրէք մեզի՜…: Ձայնը խեդդուեցաւ հեծկլտանքներու մէջ, ու մինչ ինքս անսահման յուզմունքէ դեդեւելով ստիպուեցայ նստիլ բազմոցին վրայ, ձէռքերուս վրայ զգացի գաղջ խոնաւութիւնը կնոջ արցունքներուն:

Երեսը ծածկած ծունկերուս, անիկա երկար ատեն արտասուեց. իր վտիտ քամակը ամէն մէկ հեծկլտանքին կը բարձրանար ու կ՚իջնար. ցանցառ անգոյն մազերը տարածուած էին գիրկիս մէջ ու երկու ջղաձգուած նիհար ձեռքեր կառչած էին շրջազգեստիս ծալքերուն:

Ցաւի ու գանգատի անվերջ յաջորդականութիւն մըն էր, որ անոր դողդոջուն շրթունքները կը թոթովէին. ու այն աստիճանի ուժգնութիւն կար արտայայտութեան մէջ, որ կը գիտակցէի, թէ այդ խոնարհ կնոջ միջոցաւ կ՚ընդունէի անցամաքելի ու անյատակ վիշտով մը վիրաւորուած եւ տառապած ցեղի մը կանացիութեան հաւաքական տէրտը:

Միւս կիները քարացած իրենց դիրքերում մէջ, ենթարկուած ցաւին հաղորդակցութեան, նոյնպէս լռելեայն կ՚արտասուէին: Երբեմն սրտագին հառաչանք մը կը սլանար այդ հեծեծող կուրծքերէն ու կրկին յուզումնալի լռութեան մը մէջ միմիայն ինծի կառչած կնոջը բարձրաձայն ու բողոքալի հեծկլտանքները կը լսուէին:

Երկա՜ր, տաժանելի՜ րոպէներ կ՚անցնէին այսպէս: Մանուկներ իրենց մօրը փակած, վաղահաս լրջութեամբ մը ականատես կ՚ըլլային ցաւի այս արտայայտութեան. իրենք ալ դղրդուած էին անգիտակից յուզումով. ճակատնին խորշոմած էր իրենց տարիքին անհամեմատ կերպով. աչքերու խորէն կը դիտէին անոնք մեր օտարականի երեւոյթը սրտմտութիւնով եւ գրեթէ ատելութեամբ, իբր թէ մեր ներկայութեան արդիւնքն ըլլար այդ երեւան եկած ցաւը:

Ես ու ընկերուհիս իրարու երես կը նայէինք ու մէկզմէկու տժգունութեան մէջ մեր վերջին ուժերը կը կորսնցնէինք. ոչ մէկ մխիթարող բառ, ո՛չ մէկ վստահութիւն ներշնչող վանկ չէր գար մեր ցամքած շրթունքներուն. ամենէն տգէտներէն աւելի անճարակ ու համր դարձեր էինք, մեր մեծ ճիգով պահպանած առերեւոյթ հանդարտութեան տակ մօտալուտ փոթորիկ կար ու վհատութիւն, ու արցո՜ւնք:

Ինչո՞ւ եկեր էինք իրենց մօտ, ի՞նչ ունէինք իրենց տալու, ծովածաւալ թշուառութեան, այդ բարոյական եւ անսահման պահանջքներուն փոխարէն. ի՞նչ ամոքող ապահովութիւն կրնայինք ընծայել իրենց:

Օտարները ժպիտով ու երգով ու նաեւ լեցուն ձեռքերով կը մօտենային արկածեալներուն, մենք միմիայն արցունքով… ու մեր խոժոռադէմ ու ջղաձգուած դէմքերուն վրայ ուրիշ բան չէին կարող տեսնել այլ միմիայն իենց իսկական ցաւերուն արտացոլումը:

Քանի՜, քանի՜ անգամներ մտադրած էինք ապառաժի պէս ամուր երեւալ ցաւագին ամբոխին, քաջաբար խեղդել մեր հոգիին խորը փոթորկող ցաւերն ու յուզումները, ետ դարձնել մեր աչքերն այրող արցունքները, ժպտադէմ ու անդրդուելի երեւալ վշտացածներուն, որպէս զի անոնք մեր հանդարտութեան եւ առերեւոյթ անտարբերութեան մէջ վստահութիւն եւ յոյս կարէնային գտնել:

Այլ սակայն այն օրը չյաջողեցանք մեր այդ դիտաւորութեան մէջ ու երբեք ալ չպիտի յաջողէինք:

Կինը միշտ փարած ծունկերուս` կ՚արտասուէր, ու իր գալարուած վտիտ անդամները, իր` քղանցքներուս կառչած ձեռքերը, մանկան, խելակորոյս մանկան երեւոյթը կուտային իրեն:

Ինչ որ ըսէ՛ք պարապ է, կը հեկեկէր անիկա. մեղք է մէզի՜… ձեզի պէս քանիներ եկան անցան, անուշ խօսքերով խաբեցին ու զուլումին օրերուն ձգեցին մեզի: «Ալ այդպէս բան չի պատահիր» կ՚ըսէք, ինչո՞ւ, ի՞նչ բանի համար չպատահի, քանի մենք աս հողին վրայ ենք, անոնց գերին ե՜նք…: Վա՜յ մեզի, վա՜յ մեր գլխուն… ո՞վ մեր ճարը պիտի նայի, ո՞վ մեր տէրտը պիտի հասկնայ. դժոխքի կրակի պէս անմոռանալի կրակ է անոնց ատելութիւնը…: Ելնենք երթանք, ամէնքս ալ երթանք ձեզի հետ. ձեր աչքերովը տեսաք, ձեր ականջներովը լսեցիք, մեզի հոս մի՛ ձգեք… կերած հացերնիս չենք մարսեր, հարամ է, բերանս պատառ մը դրած ատենս հանեմ նետեմ կ՚ըսեմ, ինչո՞ւ ապրինք, ի՞նչ բանի համար ապրինք…: Մեր մարդկութիւնն ուրացան, մեզի շունի տեղ անգամ չդրին… մեզի կը սպանէին ըսելով «դուք Աստուած չունիք. ինչպէս ձեր Քրիստոսը չարչարուելով մեռաւ, այնպէս ալ ամէն մէկդ չարչարուելով պիտի մեռնիք»… մի՛ ձգէք մեզի մեր թշնամիին ճանկին տակ… հետերնիդ տարէ՜ք, ամէնքս ալ տարէ՛ք… այս աշխարհիս վրայ ուրիշ երկինք չկա՞յ արդեօք, ուրի՞շ միլլէթ չկա՞յ… ի՞նչ դժոխք է…: Մեր ըսածները դեռ քիչ են, հազարին մէկը չէ՛… մի՛ ձգէք մեզի… մեր խօսքերուն մտիկ մի՛ ընէք, գացէք վերանէները նայեցէ՛ք, այս անիծուած հողին վրայ թափուած արցունքներով ծով կ՚ըլլա՜ր. ոչ մալէ խէր կայ, ոչ զաւակէ… մենք անոնց գերին ե՜նք… վա՜յ մեր գլխուն…:

Այդ միջոցին` մեզ շրջապատող կիները կարծես խուսափելով բողոքող կնոջը չարաբաստիկ խօսքերէն, մէկիկ մէկիկ հեռացան` քօղերնուն ծայրով աչքերնին սրբելէն: Ու մինչ երկար ատեն ծունկիս գլուխը դրած հէք կինը կը գանգատէր ու կ՚արտասուէր, դուրսէն կնոջական կուրծքէ ելած երկար հառաչանք մը արձագանք կուտար անոր: