Աւերակներուն մէջ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Արեւը դեռ մարը չմտած, շտապեցինք երթալ աւերակները տեսնելու. կիները տունը մնացին ու միայն այրեր հետեւեցան մեզի, շատերը տանուտէր էին եւ ջղաձգուած շարժումով մը կը ցուցնէին իրենց տունին աւերակները: Չորս խանձած պատեր… տեղ տեղ պատերն ալ կը փլէին եւ օջախը կը կանգնէր մերկ եւ կմախքացած` չարագուշակ տպաւորութիւն առաջ բերելով. կային նաեւ այրած տուներու մէջ կիսաւարտ շէնքեր, որոնց տէրերը մեզի կը բացականչէին.

Աշխատեցանք ու չկերանք, տան տէր ու ընտանիքի հայր դառնալ տենջացինք… տարիներով զրկանքի ու կարօտութեան կեանքով ապրեցանք, ու հազիւ թէ մեր նպատակին պիտի հասնէինք, ամէն բան ջնջուեցաւ… մաֆ եղաւ…:

Հետզհետէ ամէն կողմերէն արկածեալներ եկան միացան մեզի. այլեւս ստուար թափօր մը կար մեր ետեւը… գլուխները կախ, սիրտերը այրած, ձեռքերը պարապ, տխուր, քստմնելի պատկեր մը կը ներկայացնէինք: Մեր մէջ կար նաեւ գիւղին քահանան, փոշոտած եւ մաշած վերարկուով, գունաթափ գլխանոցով… ու այդպէս կ՚երթայինք մարած օջախներուն, քանդուած տուներուն առաջքէն, ոտքերնիս մխրճուած թանձր մոխիրի մէջ եւ սիրտերնիս լեցուն դառնութիւնով եւ տխրութիւնով:

Մեր վրայ երկինքը հրաշէկ կարմրութեամբ մը կը կամարանար. աւերակներու մէջ ցցուն կէտերը կը ստանային այդ բոցեղէն ճառագայթները եւ մեղմօրէն կ՚արտացոլային մինչեւ կապտորակ եւ տմոյն անկիւնները, մոխիրներն անգամ մեր ոտքերուն ներքեւ վարդագոյն երանգով մը կենդանութիւն կը ստանային: Ու մինչ հեռուէն թուրք հանդարտ թաղերէն մուէզիննին երգը կը բարձրանար, ու մարդիկ իրենց տուները իրենց ընտանիքին եւ զաւակներուն քով կը դառնային, ասդին մեր արտակարգ թափօրը, անտուններու, թշուառացածներու եւ սգաւորներու թափօրը կը շարունակէր դեգերիլ աւերակներուն մէջ:

Ուշ ատեն հասանք դպրոց. մեր անցած ատեն քնացած շուները կ՚արթննային եւ մեր եղերական գնացքէն անհանգիստ, կզակնին բացած, վիզերնին ձգած դէպի երկինք` կը կաղկանձէին երկարօրէն:

Դպրոցը քառանկիւն փայտաշեն հաստատութիւն մըն էր, բարձրացած գրեթէ երկու մետր քարուկիր գետնայարկի մը վրայ: Երբ յարձակեր էին Ղարս-Բազարին վրայ, դպրոցի շինութիւնը դեռ չէր աւարտուած. այլ սակայն տեղին բնակչութիւնը հոն հաւաքուեր էր ինքնապաշտպանութիւն ընելու Ճին Թորոսի ղեկավարութեամբ: Այդ միջոցին շէնքին մէջ կային պատսպարուած շատ մը ընտանիքներ, այրիներ, մէկ քանի որբեր, որոնցմէ մէկը հիւանդ էր. հոն եղողներէն շատերը բարեկեցիկ ընտանիքի կը պատկանէին, բայց ամէն բան կորսնցուցած էին եւ հիմակ տէրն իր ծառային հետ, ագարակապետը իր հովիւին եւ մշակին հետ կատարեալ հաւասարութեան մէջ կը գտնուէին. իրենց փոխադարձ յարաբերութիւնները պարզ եւ խոնարհ էին, եւ ոչ դառնութիւն կար մէկ կողմէն ոչ ալ յոխորտանք միւս կողմէն… Պզտիկ խեղճուկ ծրարներ դիզուած իրարու վրայ կը նշանակէին իւրաքանչիւր ընտանիքին յատուկ անկիւնը, բայց սրահին մէջ ամէնքը խառը կը գտնուէին եւ մեզի ներկայացան իբրեւ մէկ ընդարձակ ընտանիք… Շատ յուզուած ու շատ վշտացած էին. բայց հետզհետէ իմանալով ուրիշ վայրերու մէջ պատահած քստմնելի ոճիրները, իրենք ամոքուած կը զգային մասամբ: Կռուեր էին եւ ինքզինքնին պաշտպանել, հպարտութեամբ ցոյց կուտային իրենց երիտասարդներուն դիրք բռնած տեղերը, ինչպէս նաեւ թշնամիին գնդակներուն հետքերը:

Շէնքին քարուկիր մասը եւ գետնայարկը բոլորովին անաղարտ մնացեր էին, բայց փայտաշեն մասին վրայ տեղեր կային, որ կատարելապէս ծակծկուած էին: Շատեր, եւրոպացի ականատեսներ, ձեռնհաս անձինք հիացումով խօսեր էին առաջուց Ղարս-Բազարցիներու ինքնապաշտպանութեան մէջ դրած ճարտարութեան մասին. ոմանք նոյնիսկ հրաշք մը կը նկատէին զայն: Ես այդ միջոցին, առանց կարենալ թափանցելու իրենց եռանդով բացատրած մանրամասնութիւններուն, կը խորհէի, թէ իրաւամբ ի՜նչ դժխեմ ճակատագիր է մերը, որ մեզի թոյլ չէ տուած բոլոր այդ արի, ընդունակ եւ օժտուած երիտասարդութիւնովը պարծենալու բարձրաձայն:

Առաջին անգամէն կարելի իսկ չէր գուշակել այդ գեղջուկներուն հոգեբանութիւնը, թեթեւ մը կորաքամակ, այրած դէմքով, խորշոմած ճակատով, երկայն բազուկներով, բայց կարճ եւ թանձր ձեռքերով մարդիկը կը ներկայանային մեզի իբրեւ պարզ մշակներ. այսպէս ալ ծներ, այդպէս ալ ապրեր էին, եւ յանկարծ, առաջին առիթին, արթնցել էր իրենց մէջ ցեղին ազնուական եւ արի երակը.

Քանի որ պիտի մեռնինք, թող շան պէս չմեռնինք…:

Այսպէս մտադրած էինք, կ՚ըսէր մեզի շիկնոտ եւ տարէց գիւղացի մը, որուն աչքերուն մէջ կը փայլատակէր արտակարգ հրայրք մը: Կ՚եզրակացնէր.

Ու կը տեսնէք, որ չմեռանք:

 

Կիներ բաժնուելով այրերէն, հաւաքուեցան մեր շուրջը ու մեզ տարին աոանձին սենեակ մը: Չափազանց մտատանջ էին իրենց լսած դէպքերու մասին.

Իրա՞ւ է, որ իսլամացած հայ կիները չեն ուզէր վերադառնալ:

Շփոթուած` իրենց այս անակնկալ մտահոգութենէն, տարտամ պատասխաններ տուինք: Բայց անոնք կը հետաքրքրուէին, կը պնդէին.

Ոչ ամէնքը, ոմանք, կ՚երեւի դեռ սպառնալիքի տակ են, կը վախնա՜ն…:

Գլուխնին կը շարժէին ու կը մերժէին այս երկդիմի բացատրութիւնները:

Յանկարծ, իրենցմէ մէկը մէջտեղ եկաւ եւ ձայնը բարձր, յստակ, գոչեց.

Ղարս-Բազարցի ոչ մէկ հայ կին թուրքի չերթար… միսերը կտրտէին` տեղէն չէր շարժեր… մեր կտրիճները տեսնողը իսլամի չերթար…:

Պահ մը լռեց. բազմաթիւ զոյգ եռանդուն աչքեր իրենց նայուածքով կը հաստատէին կնոջը խօսքերը, որ կ՚եզրակացնէր վերջապէս.

Մարդը` գեղեցկութեան, կինը կտրիճութեան կարօտ է՜… խեղճերուն յանցանքն ի՞նչ է, ինչո՞ւ ամչնան, թող իրենց մարդիկն ամչնան…:

Լաչակներու տակ ճակատները հակեցան… բոլոր Ղարս-Բազարցի կիները համաձայն էին…:

Դեռ միջոց մը խօսեցանք այլեւայլ շահեկան այժմէութիւններու վրայ: Կիները ճարտար. իմաստուն եւ խոհեմ էին եւ իրենց արտայայտուելու ձեւը մեծապէս գրաւիչ էր:

Նոյն միջոցին անդրադարձանք, որ անկիւնը նոր հարս մը կեցած էր. թանձր կարմիր քօղ մը կը ծածկէր զինքը բոլորովին. անխօս եւ անշարժ` հեռուանց առարկայի մը տպաւորութիւնը կ՚ընէր: Մօտիկցանք իրեն եւ քօղին մէկ անկիւնը վերցուցինք: Նոր հարսին այտերն ու ճակատը կարմրեցան խպնոտութենէն, բայց հետաքրքրութիւնը աւելի զօրաւոր ըլլալով, իր սեւ, գրեթէ մանկունակ աչքերը բարձրացուց գաղտագողի մեր վրայ ու երկայն թարթիչներուն ներքեւէն զգուշութեամբ ժպտեցաւ.

Բաւական է՛, բաւական է՛, կ՚աղերսէին մեր շուրջը տարէց կիներ, անհանգիստ` այս նորութենէն:

Ուրիշ ո եւ է առթիւ, բարբարոս եւ անհարկի պիտի գտնէինք այս հմամենի սովորութիւնը. բայց երբ քօղը մեղմիւ ծածկեցի դարձեալ, ինծի թուեցաւ, որ անիկա նուիրական հանգամանք մը ունէր եւ յուզուած` հնազանդեցանք Ղարս-Բազարցի պառաւներուն:

Այդ միջոցին գրեթէ անկարելի էր չմաղթել.

Քօղդ ծածկուած մնա՜յ, նոր հա՛րս, մինչեւ որ փեսադ ու սկեսուրդ չարձակեն քեզի:

Այս անսովոր, վրդովեցուցիչ մտածումներով տարուբերուած ատեն` պատին վրայ կախուած նշմարեցի զոյգ մը հրացաններ… որսի զէնքեր էին, բայց յարձակումի օրերուն գործածուէր էին: Ի՞նչ ջերմեռանդութեամբ ի՞նչ գուրգուրանքով կնոջ աչքերը կը դառնային այդ գործիքներուն… կողոպտուած եւ հրդեհուած ընտանիքի մը միակ ինչքն էր ան: Պատմեցին, թէ ի՛նչպէս շրջակայ եւ մերձաւոր ագարակէ մը, տան երիտասարդ մէկ անդամը, միայն այդ զէնքերուն շնորհիւ յաջողեր էր իր ծերունի ծնողքը, կինը եւ զաւակներն առաջնորդել դէպի Ղարս-Բազար ու ապաստանիլ դպրոցին մէջ: Յետոյ, դիմադրութեան բոլոր ժամանակին, այդ որսի զէնքերը գործեր էին անընդհատ:

Օրհնեալ է կամքն Աստծոյ, կմրմնջեր պառաւ մը քովս ի վեր, - մեր ընտանիքները սուրբ մնացի՜ն… սո՜ւրբ, սո՜ւրբ… տիւշմանը չկոխեց մեր շեմին վրայ:

Իր մարելու մօտ աչքերը դարձան պատն ի վար կախուած հրացաններուն եւ կարծես ամբողջ իր երկար կեանքին մէջ մութ մնացած բան մը լուսաւորուած ըլլար, մրմնջեց.

Ըսի ջահիլներուն, նոր հարսերուն եւ աղջիկներուն. ձեր փառքն ու զարդարանքը փոխեցե՛ք, մենք կոյր աշխարհ ենք եկեր, կոյր ենք ապրե՜լ. փեթռտելով հանեցէք ու ձեզմէ հեռու նետեցէք ոսկիի շարքերը, ապարանջանները, մետաքսեայ քօղերը…

Անգամ մըն ալ իր մարած աչքերը դարձուց դէպի պատը:

Ուշադիր ու երկիւղած` հոն հաւաքուած կիները մտիկ կ՚ընէին.

Ահաւասիկ մեր զարդարանքը, մեր փառքը, մեր մալը՜…

 

Երբ սենեակէն դուրս ելանք, ընդարձակ սրահին մէջ կրկին հանդիպեցանք թշուառատեսիլ քահանային. ձեռքերը ծալլած կուրծքին վրայ կը պտուտքէր արկածեալներու մէջ: Մեզ տեսնելուն` տխրօրէն ժպտեցաւ ու, իր բախտին համակերպած մարդու հանդարտութեամբ, կեցաւ մէկ կողմ: Իր քով գացինք ու պահ մըն ալ խօսեցանք իր հետ.

Եկեղեցին փրկեցինք, ըսաւ քահանան, բայց անիկայ հիմա ամբարանոց եղած է. գիւղացիները հունձքերը քաղեցին ու տեղ չունէին դնելու. եկեղ տարուան սերմնցուն փճացնէի՞նք, ձմեռուան պաշարը մէջտեղ ձգէի՞նք… եկեղեցիին դուռները բացի ու ըսի «Եկէ՛ք, տղաքներ, եկէ՛ք, բերէ՛ք ձեր արտերուն օրհնեալ պտուղները. ձեր քրտինքին արդիւնքը… եկեղեցին ձեր տունն է»:

Այս խօսքերէն ետքը, քահանան մեր աչքերուն մէջ կը նայէր վարանոտ տրամադրութիւններով, թէ լաւ՞ էր ըրածը, թէ` գէ՞շ էր արդեօք: Իր երկդիմութիւնը փարատեցինք մեր ջերմ շնորհաւորութիւններով: Այդ պահուն գոհունակութեան եւ ներքին լայն զգացումի մը հառաչանքը թռաւ իր կուրծքէն. իր չարչրկուած դէմքը պարզեցաւ. մօրուքը դողդոջեց կուրծքին վրայ, ու աչքերը լցուեցան վեհանձն յուզումով մը.

Աղօթքը հոս կ՚ընենք սեղանի մը վրայ, ըսաւ, մատովը փոքրիկ սեղան մը ցոյց տալով, ժողովուրդը մխիթարելու համար… բայց պատարագ չկայ…: Գլուխը շարժեց, միտքը թափառուն սարսափելի յիշատակներու մէջ. ու իր գեղջուկ քահանայի յատուկ իմաստասիրութեամբը աւելցուց.

Հոգ չէ՛, բիւրապատիկ անգամներ Քրիստոսի արիւնը թափեցաւ մեր ամեն մէկ չարչարուած նահատակին արիւնով… Աստուած լուսաւորէ իրենց գերեզմանները եւ անթաղ մեռելներուն հոգիները խաղաղեցնէ:

 

Մութն արդէն տարածուած էր ամէն կողմ, երբ մեկնեցանք դպրոցէն` մեզ հիւրընկալող տունը երթալու համար: Մեզի հետեւող թափօրը նուազ ստուար էր, բայց դարձեալ հանդիսաւոր եւ տխուր երեւոյթ մը կուտար մեզի…: Դիպուածով մեր դէմ ելլող Թուրքերը կը կենային ու երկարօրէն կը նայէին մեր ետեւէն:

Հոս ալ նշմարեցի, որ Թուրքերը նուազ տխուր երեւոյթ չունէին. կարծես ակամայ ամէնքն ալ, գիտակցաբար, թէ անգիտակցաբար, հաղորդակից էին զարհուրելի աղէտին, որ անցէր էր երկրին վրայէն:

Գիշերային պայծառ երկինքը կը նշուլէր իր անհամար աստղերով. թարմ հերկուած հողի բուրումնաւէտ արտաշնչում մը հաճելիօրէն կը բարձրանար դէպի մեզ. գեղջկական պարզ ընթրիքէն յետոյ նստած պատշգամբին վրայ մտիկ կ՚ընէինք տեղացիները. կիներն ու տղաքը քաշուած էին եւ մեր դիմացը, շուրջանակի, ծալլապատիկ նստած էին ամէն տարիքէ եւ աստիճանէ գիւղացիներ. մեր հարցումներուն կը պատասխանէին չափաւորութիւնով եւ լրջութիւնով: Դիտեցինք, որ մեծ անաչառութիւն կար իրենց դատողութիւններուն մէջ, եւ եթէ անոնք նոյնիսկ պահ մը չէին մտածած խոնարհիլ թշնամիին առաջք, միւս կողմանէ` ատելութիւն ալ չկար իրենց բացատրութիւններուն մէջ այն դրացի եւ խաղաղակեաց թուրքերուն համար, որոնք թշնամիին ցեղէն էին. նոյնիսկ երախտագիտութեամբ կը յիշատակէին բոլոր այն դրուագները, որոնցմով կ՚ապացուցանէին, թէ իրենց դրացի իսլամներէն շատեր վեհանձնութեամբ եւ կեանքերնին վտանգի դնելով պաշտպանել էին զիրենք.

Մեր տիւշմանը` իրենց ալ տիւշմանն է. օր պիտի գայ, որ ամէնքն ալ պիտի հասկնան…:

Մեզի պատմեցին Միւրֆէտ գիւղի դէպքը: Ղարսէն հինգ ժամ հեռու էր, երեսուներկու տնուոր. թշնամին կը յարձակի եւ կ՚այրէ եկեղեցին եւ տասնեօթը տուները. թէեւ գիւղացին ինքնապաշտպանութիւն կ՚ընէ, բայց գիւղը բացարձակ կործանումէ կ՚ազատի շնորհիւ Հիւսէին էֆէնտիի որդի Մահմուտ հօճային:

Կռիւն անհաւասար կ՚ըլլար, թէ՛ գիւղացիներու փոքր թիւին եւ թէ իրենց որսի զէնքերու տկարութեան պատճառով. բայց հօճան իր տունը կը հաւաքէ կռուողները, զիրենք կը սրտապնդէ, կը գերագրգռէ իրենց ինքնապաշտպանութեան սրբազան խանդը, ու երբ թշնամին կրկին յարձակում կը գործէ, կը գտնէ հօճան կեավուրներուն գլուխն անցած:

Յուզմունքի տաք-տաք արցունքներ կ՚իջնան սեւցած եւ խորշոմած դէմքերու վրայ, մինչեւ ուրիշ մը կը ներկայացնէ ուրիշ դրուագ մը.

Ես Պահճէ գիւղացի եմ, Ղարսէն չորս ժամ հեռու, մեր գիւղը կը բնակէր Պօյրազ Քէօսէ, որուն հայրն ու մեծ հայրը մեռած էին ժամանակաւ Զէյթունի մէջ Հայերու ձեռքով: Այդ ընտանիքին անդամները մեծ բարեկամութիւն եւ ակնածանք կը ցուցնէին Հայերու եւ չէին դադրեր պարծենալէ, թէ իրենց հայրն ու մեծ հայրը ճշմարիտ քաջերու ձեռքէ մեռած են: Դէպքը պատահեցաւ ու անոնք մեզի պաշտպանեցին. կտրիճ էին. ո՛չ թշնամիին թիւը, ո՛չ անոնց զէնքերուն տեսակը զիրենք կը վախցնէր. հարիւր յիսուն Հայ իրենց կեանքը կը պարտին Պօյրազ Քէօսէին: Օր մը իր բացակայաթենէն օգուտ քաղելով տիւշմանը եկաւ մեր վրայ. այն օրն ալ Քէօսէին կինը գլուխը կեցաւ եւ կրցանք մենք մեզի պաշտպանել:

Այս պատմութիւններն ընդհատուեցան Ճին Թորոսի երեւումովը. անիկա նոյն օրը գացեր էր շրջակայքը պտտելու եւ այդ պահուն միայն հասեր էր Ղարս-Բազար: Մեծ խանդավառութեամբ ողջունեցին զինքը, եւ մեր դիմացը բոլորակի նստող գիւղացիները տեղ բացին իրեն: Անիկա բարձրահասակ եւ յաղթանդամ մարդ մըն էր, որ ճորճորալով կ՚առաջանար պատշգամբին վրայ. մութ ըլլալուն` անմիջապէս չտեսանք իր դէմքը. բայց երբ անիկա իր կարգին ծալլապատիկ նստեցաւ, մէջտեղը դրուած խոշոր լապտերին լոյսով որոշեցինք իր դիմագիծերը: Թուխ էր միւսներուն պէս եւ դէմքը արեւին տակ կնճռոտած. իր աչքերը կը փայլէին արտասովոր, գրեթէ յիմարական փայլով մը, ու ինքը ամբողջութեամբ գինովի երեւոյթ ունէր. կարծես արբեցած ըլլար իր անակնկալ, իր արտակարգ յաջողութիւնովը: Երբեմն փառապանծ, երբեմն խոնարհ, անիկայ կը ճաշակէր իր յաղթանակը, իր լրութեան մէջ:

Պահ մը ամէնքն ալ լռեցին եւ նայուածքներով գգուեցին այդ հերոսը: Անիկայ Ղարս Բազարցիին շփացած տղան դարձած էր. տեղին երեւելիները իրարու հետ կը մրցէին` անոր ծխախոտ հրամցնելու. եւ անիկա երբեմն կը ծեքծեքէր, երբեմն կը պատասխանէր առնական խստութիւնով, երբեմն կը հեգնէր եւ ձեռքովը կը զարնէր ընտանեկաբար իր քովը նստած տարէց եւ լուրջ ագարակապետի մը ծունկերուն.

Էհ, հէ՜յ… ժամանակները փոխուեցան… ոտքերնուդ փոշին չէի, իսկ այսօ՜ր…: Մի՞տքդ է, Կիրոս Էմմի՛, մի՛ ուրանար, եթէ խաղաղ ատեն գայի` ափ մը ցորեն ուզէի կը մերժէիր, իսկ այսօ՜ր...

Այսօր ամէնքս մէկ ենք, հողի հաւասար եղանք, մալս միւլքս չմնաց… ես ալ իմ տեղս մարդ էի… դրամ չունեցողը զրօ է այս աշխարհիս մէջ…:

Դեռ քանի մը օր է, որ դրամ չունիս, ես միշտ այդպէս եմ եղած… բախտը կը փոխուի, ֆէլէկին անիւը կը դառնա՜յ…:

Իր հեգնութիւնը այդ տառապեալ մարդոց մէջ մեզի անհարկի կը թուէր ու անհանգիստ կը զգայինք ինքզինքնիս. բայց երբ կը խօսէր այն օրերուն վրայ, իր գինովի եւ խենթի արտայայտութիւնը կը մեղմանար, լուրջ, խոհուն եւ հանդարտ երեւոյթ մը կ՚առնէր ու կը յիշէր ինչպէս ամենէն նուիրական դրուագը իր կեանքին.

Ափսո՜ս այն օրերուն… կեանք կար ու կ՚ապրէի՜նք… է՜յ հէ՜յ… երբ ամէն րոպէ կը կարծես թէ վերջինն է, կեանքն ուրիշ համ մը կ՚ունենայ. հոգինիս ակռաներուս ետեւէն էր, եթէ քիչ մը թուլնայինք` կը մեռնէինք…:

Ուշ ատեն մեզ շրջապատող տեղացիները ցրուեցան, ու երկու պառաւներ, որոնք անքուն կը հսկէին մեզի, առաջնորդեցին չարտաքը, մեզի համար որոշուած տեղը…: Հակառակ՝ մարդկային կարողութենէ գէր ի վեր չափով մը յոգնած ըլլալնուս, չկրցանք քնանալ. աչքերնիս յառած աստղազարդ երկինքին մինչեւ արշալոյս, մտքերնիս աշխատեցաւ տարուբերուելով այլ եւ այլ տեսակէ պատմութիւններու մէջ…: Երբեմն ծերունին էր, որ կը ներկայանար իր դողդոջ մօրուքով եւ իր խօսքերուն դառն եւ անմխիթարելի իմաստով. երբեմն հայ կինն էր իր մազազուրկ եւ թշուառութենէ տգեղցած գլխով, իր բողոքներով եւ պաղատանքներով: Ահաւասիկ նաեւ ինքնապաշտպանութեան խրոխտ եւ ամոքիչ դրուագները, դպրոցը, նոր հարսի սենեակին պատն ի վար կախուած հրացանները, ու քահանան, ու Ճին Թորոսը ու Հայերը պաշտպանող Թուրքերը, որոնց մէկուն հայրը եւ մեծ հայրն ալ սպաննուած են եղեր Զէյթունի մէջ հայերու ձեռքով…:

 

Հետեւեալ առաւօտուն կանուխէն ճամբայ ելած էինք եւ միջօրէի արեւին շեշտակի եւ անողոք ճառագայթներուն տակ, սայլը կ՚երթար արդէն յոգնած իր անդադար գնացքէն: Ճերմակ եւ արեւակէզ ճամփուն վրայ ձիերուն պայտերը չոր եւ կտրուկ աղմուկ մը ունէին եւ իրենց հետզհետէ աւելի դանդաղող քայլերը փութացնելու համար` սայլապանին մտրակը կը բարձրանար շաչելով: Ծարաւը կը տանջէր մեզի, բայց ճամբուն վրայ հանդիպած բոլոր ջրհորները կասկածելի էին. դէպքի յաջորդող օրերուն այնքա՛ն շատ դիակնէր նետուած էին այդ հորերուն մէջ…:

Հարթ, տափարակ եւ մերկ տարածութիւններ մեզի կը շրջապատէին. արեւէն խանձած, ճղճիմ եւ հողին փակած վտիտ բոյսեր հազիւ թէ կը գունաւորէին արտերուն գորշութիւնը, մեր աչքն առածին չափ տեղ` ո՛չ մէկ ծառ, ո՛չ մէկ բնակութիւն, կարծես անապատի մը մէջէն կ՚երթայինք: Իրիկուան դէմ միայն, երբ մօտեցանք Օսմանիյէի, տեղ-տեղ նշմարեցինք կացինով տապալած ծառի բեկորներ եւ մոխրակոյտեր. խանձած ճիւղեր ասդին անդին տարածուած. մարդկային կմախքներու տպաւորութիւնը կը ձգէին. ասոնք հրդեհուած ագարակներու կամ քանի մը խրճիթներէ բաղկացած գիւղակներու հետքերն էին:

 

Ժամեր ու ժամեր կ՚անցնէին այսպէս. սայլը կը թաւալէր անդադար ճերմակ ճամբուն վրայ, ու մենք կռթնած բարձերու, ուժգնօրէն ցնցուելով ամէն րոպէ` կը ջանայինք մեր տպաւորութիւնները հաղորդելու իրարու: Բայց մեր խօսքերը կը կտրատուէին կարծես տապարի հարուածներով:

Աւելի յաճախ լուռ կը մնայինք ու աչքերնիս սեւեռած մեր դիմացը, կը հետեւէինք մեր յիշատակներուն ընծայած պատկերներուն… Երբեմն սայլը, սայլապանը, ձիերը մրափելու երեւոյթ ունէին. մտրակը կախ կը մնար ու կը քաշուէր հողին մէջ, ձիերը գլուխներնին կը խոնարհէին, ու սայլը կը գլտորէր ճամբուն պզտիկ քարերուն վրայ ոստոստելէն: Բայց ահա կառապանը կ՚ուշաբերէր, մտրակը կը շաչէր, ու ձիերուն պայտերը կը զարնուէին համաչափ եւ արագ հարուածներով:

Երկինքը անամպ եւ պայծառ կապոյտով մը մեզ կը շլացնէր. արեւը կը հակէր երկնակամարին վրայ ու մեր սայլին շուքը հետզհետէ աւելի կ՚երկարէր, երբ մեզ շրջապատող անապատային չորութեան եւ ամլութեան մէջ նշմարեցինք առաջին անգամ մութ կանանչ ծառերու անտառ մը…: Հովանաւոր եւ տարածուն այլեւայլ տեսակէ բազմերանգ կանանչութիւն մը ներկայացնող այդ խիտ բուսականութեան մէջէն անհամար նոճիներ կը սլանային… ասդին անդին կը տեսնէինք ճերմակ մինարէներու նրբին սիլուէդները. Օսմանիյէ հասած էինք:

 

Ո՞վ կրնար երեւակայել, թէ այդ հրաշագեղ գեղեցկութիւնը կը ծածկէր ահռելի ոճիր մը եւ աւերակներ: Շնորհալի եւ ճկուն նոճիները կը տատանէին իրիկուան հովին ներքեւ՝ որը դեռ մինչեւ մեզ չէր հասներ, բայց արդէն կուտար զովութեան եւ խաղաղութեան զգայնութիւնը մեր` տաժանելի ճամբորդութենէն պարտասած եւ հեղձուցիչ տաքէն պապակած մարմիններուն: Անիկա, առաջին անգամէն, երազի մը պէս էր եւ անհաւատալի, կարծես խուսափուկ եւ անիրական երեւոյթ մը ըլլար:

Հետզհետէ կը մօտենայինք:

Օսմանիյէ լռին էր, իբրեւ թէ անմարդաբնակ ըլլար. թռչուններու ճռուողիւնը եւ հաւերու կռկռոցը միայն կը լսէինք: Այլ եւս կը մտնայինք ծառերու հովանիին տակ ու կ՚անցնէինք ցանցառ քէօշկերու առաջքէն, որոնք շրջապատուած էին ընդարձակ պարտէզներով: Առաջին մարդկային արարածը որ տեսանք` թուրք կին մըն էր, պերճօրէն բարձր հասակով, որ արագօրէն կ՚երթար ճամփան եզերքէն: Իր քալուածքը, հագուստը, գլուխը բռնելու եղանակը գեղջկական ոչ մէկ բան ունէին: Ընդհակառակը քաղաքացիի եւ ազնուականի հով մը կար իր վրայ, որ մեզ կ՚ապշեցնէր: Երբ սայլը մօտիկցաւ, հետաքրքրուած անոր աղմուկէն, կինը կեցաւ ու մեզի նայեցաւ: Երեսը ծածկող սեւ գրեթէ թափանցիկ շղարշին ներքեւէն իր ծնօտին նուրբ գիծն ու աչքերը, որոնք յանկարծ ժպտուն դարձան եւ բարեւեցին մեզ:

Այդ չարիքի եւ ոճիրի անգիտակցութիւնը յաճախ պիտի ներկայանար մտքիս պահ մը յետոյ, երբ Օսմանիյէի աղէտը յայտնուէր մեզ, իր խուժդուժ, անողոք, հրէշային մանրամասնութիւններով:

Միջոց մը դեռ անցանք քէօշկերու առաջքէն: Ծառերուն սօսաւիւնը, թռչուններուն ճռուողիւնը, բնութիւնն իր այլազան արտայայտութիւններով կ՚ամօքէր մեր ճամփու յոգնութիւնները: Եւ ահա մտանք բուն իսկ քաղաքին մէջ, անցանք շուկայէն, ուր կրպակներու առաջք ցած աթոռներու վրայ նստած մարդիկ, անտարբեր երեւոյթով, աչքերնին դանդաղօրէն կը բարձրացնէին մեր վրայ: Պահ մը նարգիլէին կլկլոցը կը դադրէր` անմիջապէս վերսկսելու համար, ու Օսմանիյէի այդ ամենէն բազմամարդ ճամփուն վրայ կատարեալ լռութիւն կը տիրէր: Կարծես մարդիկ համր եւ խուլ էին. միայն երբեմն սառ ծախող տղեկի մը երկարաձգուող կոչը կը լսուէր ողբագին աղաղակի մը պէս:

Ո՞ւր պիտի կենանք, որո՞ւ պիտի դիմենք այս օտար քաղաքին մէջ. ո՞ւր պիտի ընտրենք մեր հանգրուանը. նախապէս գիտէինք թէ ո՛չ եկեղեցի մնացած էր, ո՛չ դպրոց. հայկական ո՛չ մէկ երդիք, ուր երթայինք հիւրընկալութիւն խնդրելու.

Կա՛յ, կա՛յ, կը գոչէ սայլապանը, անգամ մըն ալ շաչելով մտրակը, մէկ տուն մը միայն ազատուած է, որովհետեւ Թուրքերուն շուկային մէջ ըլլալուն` չեն ուզած զայն այրել շրջակայ իսլամ տուներուն չվնասելու համար, հոն ապաստանած են Օսմանիյէի մնացած Հայերը… այրիներ, եւ որբեր…:

Սայլը կեցաւ… մինչ տղոց երամ մը շրջապատեց մեզի, ամէն տարիքէ եւ սեռէ, ցնցոտիներ հագած, մազերնին թնճուկ, աչքերնին հիւանդոտ, շրթունքներնին վէրքոտ` կրելով այն մասնաւոր կնիքը, որ այլեւս մեզի ընտանի դարձած էր. արկածեալներու կնիքը:

Այն տունը. ուր իջեւանած էինք, ընդարձակ էր եւ բազմայարկ, շրջապատուած ընդարձակ պարտէզով մը, ամէն յարկերը լեցուն էին այլեւայլ աստիճանի արկածեալներով: Եղերական պատկերը, որ կը ներկայանար աչքիս` անմոռանալի էր. խումբ խումբ, թէ առանձին այրիներ` պատառատուն հագուստներով, սգաւոր մայրեր, խարխափող կոյրեր կ՚ողբային անդադար: Օրեր եւ շաբաթներ անցէր էին դէպքէն ի վեր, բայց իրենց սիրտերը բզկտող ցաւը չէր մեղմացեր. ապշահար տղաք կը դեգերէին իրենց ծնողներուն շուրջը եւ իրենց նայուածքներուն հասունութիւնը սրտառուչ էր: Երբ այրիները մեզի տեսան, պահ մը դադրեցան հեկեկալէ ու իրենց արցունքէ ուռած կարմրած աչքերը դարձուցին մեզի. ու կարծես իրենց ցաւն արծարծուէր մեր ներկայութենէն, վերսկսան արտասուել աւելի եռանդով:

Թշուառութիւնն ու աղտեղութիւնը աննկարագրելի էին. նոյնիսկ սանդուղներուն վրայ խճողուած կիներ ու տղաքներ կային. ծծկեր տղաք կը ճչէին իրենց մօրը պարապ կուրծքերէն կախուած, որովհետեւ յուզմունքն ու անօթութիւնն ամենէն հարուստ կուրծքէր անգամ ցամքեցուցած էին: Նորատի մայրեր ցաւագարի ծամածռութիւններ ունէին եւ յուսահատութենէ ջղագրգռուած կը գոչէին սուր ձայներով:

Տանը երկրորդ յարկը նոյնպէս խճողուած էր արկածեալներով. մեզի առաջնորդեցին այն սրահը, ուր ատենօք հիւրեր կ՚ընդունէին: Ծուիկ ծուիկ եղած բազմոց մը միայն հրաշքով թողուցեր էին թալանողները. այդ բազմոցին վրայ տեղաւորցուցին մեզի եւ սկսան շուրջերնիս հաւաքուիլ: Հետզհետէ ընտանենալով մեզի հետ` մօտիկցան մեզի. տաք եւ առատ արցունքներ կը հոսէին տանջուած դէմքերու վրայ եւ նախապէս ոչ ոք կրցաւ կանոնաւոր բան մը բացատրել: Զարհուրելի ատելութիւնով մը վարուէր էին Օսմանիյէի մէջ. բոլոր տուներն ու խանութներն այրած էին ու, այդ տունը ապաստանողներէն զատ, բոլոր մնացեալ քրիստոնեայ բնակիչներն ալ սուրէ եւ հուրէ փճացած էին: Անոնք, որ հրաշքով ազատած էին, խենդի պէս էին, որովհետեւ անընդհատ կ՚ապրէին այդ օրերու ահռելի յիշատակներովը:

Արկածեալները կցկտուր բառերով կը խօսէին եւ կը ջանային մեզի փոխանցել իրենց կրած տառապանքներուն ամբողջ արհաւրալի ի րականութիւնը: Իրենց կուրծքերը կ՚ելեւէջէին ամէն մէկ խօսքին ու մենք գրեթէ բան չէինք հասկանար ու միայն կը զգայինք իրենց անսահման, անմխիթարելի վիշտը:

Նոյն միջոցին` վրայ հասաւ հաճի Սառա, տարէց կին մը, որ ամենէն դժբաղդը արկածեալներուն, դարձեր էր նաեւ անոնց պարագլուխը: Բարձրահասակ եւ յաղթանդամ կին մըն էր եւ պատշաճօրէն հագուած սեւ հագուստներով: Մազերը նոյնպէս ծածկուած էին սեւ քօղի մը ներքեւ, իր վիշտով եւ դառնութիւնով լեցուն աչքերը կը փայլատակէին իմաստութեամբ: Իր սեղմուած շրթունքներէն ելած ամէն մէկ բառ հաշւուած եւ չափուած էր. անիկա ակնածանք կ՚ազդէր միւսներուն, որոնք կուրօրէն կը հնազանդէին իրեն: Իր ամէն փափաքները հրամաններու պէս անմիջապէս կը գործադրէին եւ այրիները իրենց տաժանելի եւ անել կացութեանը մէջ, անոր խորհուրդներուն կը հետեւէին:

Երբ Հաճի Սառա եկաւ նստեցաւ մեր մօտ, ծանրութեամբ բարեւեց, բարի գալուստ մաղթեց, եւ յետոյ, իմանալով մեր այցելութեան նպատակը, պատմեց դէպքն իր մանրամասնութիւններով եւ մեծ ճշտութեամբ.

Ապրիլ 2-ին գիշերը դեռ ոչ մէկ բանէ տեղեկութիւն ունէինք: Գիշերը գիւղերը լուր ղրկէր եւ րէտիֆները հաւաքէր էին: Այս բանը լսելնուս` քիչ մը շփոթուեցանք. իսլամ գիւղերէ եկողներ կը պատմէին, թէ մեծ գրգռութիւն կայ մէջերնին եւ սպառնալիքներով լեցուն են: Հետեւեալ առաւօտուն, կանուխ Օսմանիյէի Հայերէն քանի մը հոգի ժողովուրդին կողմէ Գայմագամին գացին եւ հարցուցին որ եթէ վտանգ մը կայ` ի՞նչ կրնան ընել ինքզինքնին պաշտպանելու համար. «Հոգ մի՛ ընէք, պատասխանէր էր անիկա, ձեզի համար բան չկայ»: Մեր մարդիկ դեռ չէին տուն դարձեր` երբ տիւշմանը յարձակուեցաւ մեր տուներուն վրայ: Չորս ժամուան մէջ ամբողջ քաղաքը փճացուցին. 600 հոգի մեռան սուրէ կամ հրդեհէ: 250 հոգի ապաստանած էին եկեղեցին, անոնք ալ ամբողջովին այրեցան: Կառավարութեան դիմողները սուինէ անցան, թուրք տան մը մէջ հայ կիներու աչքին առաջ 22 հոգի կացինով եւ դանակով մեռցուցին: Փախստականները հրացանով կը զարնէին ու անոնց կիները կը տանէին կառավարութեան յանձնելու: Տասներկու օր շարունակ, դէպքին միջոցին պահուըտած ու հետզհետէ երեւան ելլող մարդիկ սպաննեցին, ահաւասիկ…»:

Հաճի Սառա լռեց, իր շրթներն աւելի սեղմուեցան, կծկուեցան. աչքերը պիշ կը նայէին հեռուն, անորոշ կէտի մը. ու ատենը մէյ մը ուսերն անըմբռնելի ցնցում մը կ՚ունենային:

Դարձեալ մեզի դարձաւ ու խստութեամբ աւելցուց.

«Քանի մը խեղճ մարդիկ, ասդին անդին ծածկուելով եւ օրերով խոտ եւ հող ուտելով, ազատեր էին: Երբ տասնհինգ, քսան օր ետքը, երեւան եկան, կառավարութիւնն իրար անցաւ, շփոթուեցաւ, թէ ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ, ո՞ւր ծածկուեր էին, ինչո՞վ դիմադրէր էին…: Ու ձերբակալուեցան»:

Հաճի Սառա ուսերը թոթուեց քանի մը անգամ ու շարունակեց.

«Հարցաքննութեանց պահուն` այնպիսի հարցումներ ուղղէր էին, որ կարծես ըսել կ՚ուզէին. «Ինչո՞ւ ազատեցաք, ինչպէ՞ս կ՚ըլլայ որ կ՚ապրիք»…: Անդին` ոճրագործութիւննին ապացուցուած մարդիկ ազատ արձակուած են ու երբ մեր քովէն կ՚անցնին կը դառնան լրբութեամբ, կը նային երեսներնիս… ահաւասիկ»:

Հաճի Սառա իր պատմութիւնն աւարտած էր, երբ ասդին անդին ցրուած ցանցառ Հայեր լսելով մեր ժամանումը` եկեր էին մեզի տեսնելու. կիներ, դարձեալ կիներ, յետոյ Հաճընցի ուսուցիչ մը, որ ազատեր էր Զատկի արձակուրդի պատճառաւ մեկնած ըլլալով Օսմանիյէէն: Նիհար եւ պզտիկ մարդ մըն էր այս վերջինը, համակրելի երեւոյթով, որուն չքաւորութիւնը պարզապէս կ՚ըմբոստացնէր մեզի, մաքուր եւ ընտրուած ոճով մը կը խօսէր եւ նոյնպէս շատ չափաւոր էր իր բացատրութիւններուն մէջ: Աղէտէն անմիջապէս ետքը վերադարձած ըլլալով Օսմանիյէ, անմիջապէս ձեռնարկեր էր աշխատութեան եւ պատրաստեր էր այրիներու եւ որբերու ցանկը: Կարճ էր այդ ցանկը բաղդատմամբ ուրիշ տեղերու: Ու երբ յայտնեցինք մեր զարմացումը, բացատրեց.

Օսմանիյէի մէջ կիներն ու տղաքը հրդեհի զոհ գացին:

Ինչպէս ամէն տեղ, հոս ալ ընդառաջ երթալով մեր փափաքին` առաջնորդեցին մեզի աւերակները այցելելու:

Անգամ մըն ալ արկածեալներուն չարաբաստիկ թափօրը զգացինք մեր ետեւը: Բայց Ղարս-Բազարի պէս չէր. ամէնուն սիրտերը կը վառէին անդարմանելի սուգով… այրիներ ու մայրեր էին մեզի հետ եկողները: Ու մինչ որբերը վազելով կ՚երթային իրենց ընտանի ճամբաներուն վրայէն, սգաւորները լուռ եւ վշտահար կը քալէին սիրելիի մը յուղարկաւորութեան գացողի մը պէս:

Յանկարծ կեցան ու մենք ալ հնազանդեցանք իրենց: Դիմացնիս կը պարզուէր անվերջանալի յաջորդութիւն մը պարտէզներու. թթենիներու խիտ շարքեր տեղ տեղ անտառակներ կը կազմէին ու ծառերու մէկ խումբէն միւսը, մէկ պուրակէն միւսը պատատուկ, պտուտքող եւ մագլցող խօլ բուսականութիւն մը հովանիներ կը կազմէր, կլիսիններու ողկոյզներն իրենց ծանրութենէն կը դողդոջէին, ու որթատունկերու ծիլեր կը թրթռային ոստերուն վրայ: Կապոյտ եւ անբիծ երկինքին վրայ արեւը կը ճառագայթէր վեհապանծ գեղեցկութիւնով մը, ու անհամար ճաճանչներ մաղուելով տերեւներուն եւ խիտ ճիւղերուն մէջտեղուանքէն կ՚երթային կը խաղային շուքերու մէջ բեկբեկուելով եւ լոյսի քմահաճ խաղեր ու արատներ յօրինելով…:

Այդ պարտէզներուն մէջ էին Օսմանիյէի աւերակները:

Առաջին նայուածքով ո՛չ մէկ բան կարելի չ՚էր նշմարել: Թաղեր չկային հոն, այլ պարտէզներու մէջ առանձնացած տուներ, ու թշնամին մէկիկ մէկիկ այրած էր այդ տուները:

Խոր ու հանդիսաւոր լռութիւն մը կը շրջապատէր մեզ, կարծես բնութեան ներշնչած սքանչացումն ալ աւելի սուր ցաւով կ՚անդրադարձնէր մեզ աղէտին:

Քանի մը քայլ առինք ու, այդ շպարող գեղեցկութեան ներքեւ, երեւան եկաւ ցուրտ, գերեզմանային իրականութիւնը: Ընդարձակ տան մը աւերակն էր. տէրերը չկային, ամէնքն ալ սպաննուած էին, եւ աւերակներու մոխիրներուն մէջ խառնուած էր նաեւ դժբախտ տնեցիներուն աճիւնները, ո՛չ այրի, ո՛չ որբ կար այս տունէն, բայց ուրիշները կուլային աւերակներու վրայ եւ նոյն սրտագին եղանակով, որ կը խօսէին իրենց սիրելիներուն վրայ, կը խօսէին անհետացածներու մասին: Ու մինչ արկածեալները հետզհետէ աւելի եռանդով կը սգային, ինծի կը թուէր, որ տանը ոգին կանգուն կեցած մեր դէմ խոժոռ ու եղերական` մտիկ կ՚ընէր մեզի…:

Ետեւ դարձանք ու միջոց մը թափառեցանք թթենիներու պարտէզի մը մէջ… «Արդեօք կարելի է՞, կարելի է՞…» կը խորհէի մեքենաբար, երբ խելագարուած այրիի մը կցկտուր մէկ երգը սթափեցուց զիս. տղաքն ալ աւելի կը մօտիկնային մեզի, ցոյց կուտային շատ մը ուրիշներու ուշադրութենէ վրիպած կէտեր, կը շահագրգռուէին մեր խորհրդածութիւններով, մեր ցաւի եւ ըմբոստութեան աղաղակներով: Մեր առաջքէն վազելով գացողները կը վերադառնային մարդկային ածխացած ոսկորներով եւ կը պատահէր երբեմն, որ գտնուած կերպասի կտորէ մը կամ ո եւ է առարկայէ մը ճանչնային իրենց ծնողքներուն կմախքները…:

Արահետներէն անդին, որոնք ծածկուած էին գետնին վրայէն սողոսկող եւ մագլցող բոյսերու առատութեան մը ներքեւ, գտանք քանդուած օճախներ… փսիաթի խանձած կտոր մը հրաշքով մնացեր էր: Չափահաս աղջիկ մը մօտեցաւ կեցաւ դիմացը ու յետոյ մեզի դառնալով ըսաւ.

Հայրս հոս կը նստեր…

Իր թուխ ու համակրելի դէմքին վրայ արցունքները չէին թափեր ու ուրիշ բան ալ արտասանելու անկարող էր: Երբ իր մեռելի պէս ճերմակ շրթունքը շարժեց խօսելու, կարծեցինք, թէ իր վիշտն ու գանգատը պիտի յայտնէր, բայց անիկայ ցաւագին խելայեղ նայուածքը մեր աչքերուն յառելով կրկնեց պարզապէս.

Հայրս հոս կը նստե՜ր…

Հետզհետէ մեր սրտին անձկութիւնն այնպիսի սաստկութեան մը կը հասնէր, որ ֆիզիքական ցաւ կը պատճառէր: Անորոշ մրմունջ մը կը պտուտքէր այրիներու շրթունքներուն վրայ. կ՚երգէի՞ն թէ կ՚աղօթէին… իրենց ցաւին յիմարեցուցիչ արբեցութիւնը կը պատէր նաեւ մեր գլուխները. աշխարհիս վրայ ոչ մէկ տե՛ղ գոյութիւն չէ ունեցած այդպիսի դժբախտութիւն: Մայրեր քանի մը անգամ սգաւոր էին, այրիները չէին գիտէր, թէ իրենց ամուսինի՞ն, հօ՞րը, թէ եղբօրը վրայ լան. եւ իւրաքանչիւրին բազմապատիկ վիշտն ա՛լ աւելի կ՚ընդլայնուէր հաւաքական դժբախտութեան մէջ:

Երբեմն ալ քարացած ու անշարժացած իրենց ցաւին մէջ, անտարբեր կը թուէին, բայց յանկարծ ցաւագարի պէս աղաղակելով կը խօսէին ու կը խօսէին, լորձունքը կը վազէր թուլցած շրթունքներէ, արցունքները կը ժայթքէին ու գալարուած մատներով կուրծքերնին կը բզքտէին, մազերնին կը փեթտէին ու այսահարի պէս անդամներնին կը պրկէին մինչեւ որ անկենդան իրի մը պէս թաւալգլոր իյնային իրենց տանը մոխիրներուն մէջ:

Շատ տեղ Հայերը փախած ըլլալով հրդեհուած տուներէն, հրացանով զարնուած էին…: Դէպքին յաջորդ օրերուն դիակները թաղած էին աւերակներուն քով, այնպէս որ իւրաքանչիւր մոխրացած տան կողքին կը գտնէինք մէկ կամ երկու հողակոյտեր: Ամէն անգամուն արկածեալներու խումբին մէջէն հերարձակ մայր մը կը վազէր դուրս, եւ յաճախ ճերմակ մազեր, բամբակի ծուէններու պէս, կը թռչկոտէին մէր շուրջը: Իրենց ցաւին կատաղութիւնն այնքան սաստիկ էր, որ եղունգներով երեսնին կը ճանկէին եւ արցունքին հետ արիւնի կաթիլներ կը վազէին այտերէ վար… Յետոյ ամբողջ մարմնով ծածկելով հողակոյտը՝ կուլային ու կ՚երգէին…

«Նազլու էր զաւակս
վո՜ւյ, վո՜ւյ, վույ…
մարթինո՜վ զարկին զաւակս,
վո՜ւյ, վո՜ւյ, վո՜ւյ…»

Պահ մը կը կենայինք իրենց քով եւ ուրիշ այրիներ կամ սգաւոր մայրեր կը ջանային մխիթարել հողակոյտին վրայ լացող մայրն ու զայն հեռացնել իր զաւկին գերեզմանէն. բայց ասիկա անկարելի էր. իրենց ցաւէն արբեցած, աշխարհը մոռցած ու մեզի համար խուլ դարձած կը շարունակէին լալ: Ու երբ հարկադրուած կը մեկնէիք, իրենց աստիճանական հեռաւորութիւններէն այլ եւ այլ հողակոյտերէ կը լսէինք լացող ու ցաւագին երգը.

Նազլու էր զաւակս
Վո՜ւյ, վո՜ւյ, վույ…
Մուրա՜տդ չ՚առիր աշխարհէս,
Վո՜ւյ, վո՜ւյ, վույ…
Կարօ՜տս չառած քեզ կորսնցուցի
Վո՜ւյ, վո՜ւյ, վո՜ւյ…

Բայց ահա բարձրացաւ ահաւոր աղաղակ մը. ապառաժներ կարծես կը ճաթէին… մարդկային կուրծքէ՞ կ՚ելնէր այղ ողբը, թէ բնութիւնն իր տարերային զայրոյթը կը գոչէր. Հաճի Սառան էր իր տանը քով երեք կտրիճ զաւակներու հողակոյտին վրայ…

Մարթինով զարկին զաւակս,
Վո՜ւյ, վո՜ւյ, վույ…
Որդերո՜ւ կեր եղար զաւակս,
Վո՜ւյ, վո՜ւյ, վույ…
Յարալո՜ւ գլուխդ սեւ հողին դրիր,
Վո՜ւյ, վո՜ւյ, վույ…
Լո՜յս աշխարհը սեւ հողով ծածկեցին քէնէ,
Վո՜ւյ, վո՜ւյ, վո՜ւյ…

Մինչ հեռուներէն հետզհետէ աւելի մարմրելով կուգայ ուրիշ կիներու ձայնը

Նազլու էր զաւակս
Վո՜ւյ, վո՜ւյ, վո՜ւյ…

Ասդին աւերակի պատի մը կռթնած նշմարեցինք դողդոջուն ծերունի մը, որ արձագանքի պէս կը պատասխանէր այս ամէն կողմէ եկող ողբագին երգերուն.

—Օ՜ֆ… օ՜ֆ… օ՜ֆ…:

Երբ աւերակներու շրջանն ըրինք, գրեթէ այլեւս մինակ մնացած էինք. անկարելի եղած էր կիները քաշել հանել իրենց սիրելիներուն հողակոյտերէն…: Նոյն միջոցին մեր մօտը եկաւ Հաճընցի ուսուցիչը եւ առաջարկեց երթալ այրած եկեղեցիին տեղին վրայ: Միթէ այլեւս ուժ մնացա՞ծ էր մեր մէջ, զգալու եւ տառապելու, ի՞նչ նոր բան, ի՞նչ դժխեմ պատկեր կը սպասէր մեզի, անսահման յոգնութիւնով մը ջլատուած կը զգայինք ինքզինքնիս ու կարծես կը տենջայինք յաւէրժապէս քնանալ մեր վշտին մէջ:

Անցանք դարձեալ պարտէզներէ ու տեսանք ուրիշ անտէր մնացած աւերակները ու հողակոյտեր: Արեւը մարը մտնալու մօտ էր եւ ամէն բան մեր շուրջը վարդագոյն երանգ մը ստացած: Իրիկուան գաղջ հովը կ՚երգէր սաղարթագեղ ծառերուն մէջէն ու կառչելու ճիւղ փնտրող պատատուկ բոյսեր կը տարուբերէին միջոցին մէջ: Տեղ տեղ այրուած, արմատախիլ բուսականութիւն մը. աւերումը տարածուել էր մինչեւ հոն: Բայց մայր բնութիւնը կարծես շտապող եռանդով մը կը ծածկէր կոխոտուած հողը ու շատ մը խանձած ծառի կոճղեր ծիլեր կ՚արձակէին:

Վերջապէս հասանք եկեղեցի. չորս խանձած պատեր եւ ճերմակ մոխիրով ծածկուած գետին մը: Հոդ ապաստանող դժբաղդները ամէնքն այրած էին եւ գետինը, բառական իմաստով, ծածկուած էր մարդկային այրած ոսկորներու մանր մասնիկներով…: Արեւուն տակ ճերմակ էին անոնք սադափի տժգունութեամբ եւ պատերու շուքին տակ մանիշակագոյն երանգ մը ունէին… ու տեղացիները կը պատմէին, որ մութ գիշերներու մէջ փոսփորային լոյս մը ցայտելով այդ մասնիկներէն կը պտուտքէր գետնին վրայ:

Ցուրտ սարսուռով մը դողդղացինք: Եւ գետին ծռելով ափ մը առի այդ սրբազան մասունքներէն. ափ մը աճի՜ւն… ճերմակ, մանրիկ ոսկորի խանձած կտորներ… ի՛նչ փճացած կենսականութիւն, ի՛նչ մարած հրայրքներ ու աւիւն կը ներկայացնէք դո՛ւք, ի՛նչ տենջանքներ ու չիրականացած փափաքներ, ու նաեւ ի՛նչ սոսկում, ի՛նչ արհաւափ հոգեվա՜րք…

Մեր աչքերն այլ եւս նոյնիսկ արցունք չունէին թափելու:

Մարդկային հետքեր կային նաեւ պատերն ի վեր. արեան արատներ, որոնք ձեռքի մը պատկերը կը նշանակէին ու նաեւ ցայտած արիւնի հետքեր, պայթած երակներէ շատրուանի պէս բարձրացած արիւնի հետքեր, որոնք ո եւ է նկարագրութենէ աւելի պերճախօսութեամբ կը պատկերացնէին եկեղեցին ապաստանողներու վերջին ոգորումները…: Զարհուրելի բան էր ասիկա, մարդիկ մեռելներէ առաջ զիրար կոխոտած, իրարու վրայ բարձրացած ըլլալու էին. հոգեվարքներու եւ վիրաւորներու դէզերը ոտքի տակ առնելով ուզած էին փախչիլ ու ազատիլ, որովհետեւ մարդկային բարձրութենէ շատ վեր ձեռքերու հետքեր կը տեսնէինք ու երբեմն ալ ամբողջ թեւի մը պատկերը` պատին փակած նկարներուն ու բզկտուած երակներուն միջոցաւ… ու հոն Օսմանիյէի եկեղեցիին պատին վրայ գտանք նաեւ արիւնով գրուած արձանագրութիւն մը. մուխը եւ բոցը սողացեր էին մինչեւ հոն ու ետ դարձեր էին արտակարգ դիպուածաւ մը: Մեզ ընկերակցող ուսուցիչը կ՚ենթադրէր, թէ ուրիշ Հաճընցի ուսուցիչի մը գիրն էր ան, միակ անձը, որ ապաստանողներուն մէջ հրացան մը ունէր եւ հաւանական է, որ այդ նոյն ուսուցիչն էր, որ միակ հրազէնը պարպած էր Օսմանիյէի մէջ, եկեղեցիին պատուհանէն:

Արձանագրութիւնը հոն էր արդէն, պատուհանին կմախքին քով, կա՛րճ, կցկտուր բայց գերազանցապէս թելադրիչ. այդ երեք տողը ոչ միայն Օսմանիյէի աղէտը կը նկարագրէր, այլ ամբողջ ազգային դժբաղդութիւնը ու մեր ցեղին յամառող տենջանքը, մշտավառ եւ իսկական ջերմեռանդութիւնը եւ յուսահատութեան յիմարացուցիչ զարհուրանքը:

Արձանագրութիւնը կը սկսի այսպէս.

«Դէպքը սկսաւ ապրիլ 3ին»… Այդ պահուն դեռ յոյս կար, որ պիտի ազատին, դեռ յոյս կար, որ արձանագրութիւնը պիտի շարունակուէր, բայց ահա թշնամին հասել էր մինչեւ իրենց դուռը, հրացանները կ՚որոտային, մուխը կը սպառնար ու կը խեղդէր զիրենք, մահը կ՚իջնար իրենց վրայ մշտնջենական գիշերի մը պէս: Եւ գիւղացի հէք ուսուցիչը, որ շատ քիչ միջոց ունէր իր արեւի ու կեանքի ու պայծառութեան տենջանքը բացատրելու՝ գտեր էր, խաւարային ուժերու մատնուած ցեղին դարաւոր, հաւաքական ու միակ բառը ու գրեր էր առաջին տողին տակ.

«Լո՜յս, լո՜յս, լո՜յս»:

Ու ահաւասիկ սակայն դժոխային պատկերը, ժողովուրդը պատսպարող պատկերը կը պայթի, կը ճեղքրտուին, ու բոցը, հրդեհին բոցը, օձի պէս կը սողոսկի ներս, կը ճիւղաւորուի, կը բազմապատկուի ու կը ծառանայ, կը գալարուի ու կը սլանայ ու ահաբեկած մարդու ճիչերուն, աղաղակներուն, վայնասուններուն, ցաւի ու սոսկումի գոչերուն մէջ կը պտուտքի սուլելով ու լափելով: Դուրսը, թշնամին, անյագ ատելութիւնով վառուած, կը զարնէ փախչողները, կ՚ոռնայ պատուհաններուն ներքեւ: Ու մարդիկ կարմրած հրդեհի բոցերէն, դժոխքի մէջ այրող հոգիներու քստմնելի երեւոյթը կ՚առնեն ու զիրար կը բզկտեն, զիրար կը խածատեն, իրարու վրայ կը դիզուին ու յորդալով կ՚իյնան ածխացած ուրիշ դիակներու վրայ:

Ու այն ատեն ուսուցիչը, անկարեկիր Աստուածածինէն եւ անկարող Խաչելութենէն աչքերը դարձուցած, կ՚արձանագրէ իր երրորդ եւ վերջին տողը. -

«Այս պահուս Աստուած չկայ»:

 

Ափ մը մարդկային աճիւնը սեղմած կուրծքիս վրայ, հեռացանք եկեղեցիէն: Թէեւ ժամանակն ուշ էր, ուզեցինք նաեւ այցելել բողոքականներու ժողովարանը, ուր մէկ քանի քարոզիչներ նահատակուած էին Ժողովուրդին հետ: Այդ քարոզիչները պատահմամբ կը գտնուէին դէպքին գիշերը Օսմանիյէ. անոնք ճամբորդ էին եւ կ՚երթային Ատանա` տարեկան ժողովի մը մասնակցելու:

Նոյն աւերակները, նոյն քստմնելի պատկերը, մարդկային ոսկորները միայն աւելի ցանցառ էին. հոն գտանք պատառատուն եւ արիւնոտ շապիկի կտորներ, հագուստներ, եւն:

Գանկոսկր մը մեր ուշադրութիւնը գրաւեց: Վերցուցինք: Տեղացիներ ենթադրեցին, որ քարոզիչ Լեւոնեանի գանկը ըլլալու է:

Ժողովարանին մէջ անմիջապէս անձնատուր չէին եղած ու մանաւանդ քարոզիչներ կռուեր էին. բայց իրենց անհաւասար կռուին արդիւնքը յայտնի էր այն լճացած արիւնի արատներէն, որ կը գտնայինք տեղ տեղ. ու յետոյ վիրաւորուած փախստականներու հետքերը, որոնք կաթիլ կաթիլ ինկած արիւնով, գրուած էին գետնին վրայ, ու վերջապէս պարտէզի դուռին առաջքը գտանք այլ եւ այլ ուղղութեամբ գծուած արիւնի արձանագրութիւններուն վերջակէտը տարածուած արատ մը խտացած արիւնի պարտէզին դռան վրայ արիւնի կաթիլներ ժայթքած էին նաեւ մէկ քանի ուղղութեամբ:

Դիակները հոն մնացեր էին. ու արեւին եւ օդին ազդեցութեան տակ տարրալուծուած ու փչացած, այնպէս որ մաքրուած ոսկորները նահատակներուն ցրուած էին գետինը, այդ խտացած արեան շուրջը, ու հոն կային նաեւ Աստուածաշունչի եւ անգլերէն գիրքերու փեթռտուած էջեր, որոնց մէկուն վրայ կարդացի. «Համլէթ»:

Անգլիական միտքն այդ դժոխքին մէջ, այդ ոճիրով թաթաւուն հողին վրայ` հրէշային հակասութիւն մը թուեցաւ ինծի, երբ յանկարծ ցեղին յամառ ու անմարելի տենչանքը հաճընցի ուսուցչին ճգնաժամային արձանագրութեան յիշատակովը ներկայացաւ մտքիս.

«Լո՜յս, լո՜յս, լո՜յս…»:

Ու իմ ատելութեանս ու վրէժխնդրութեանս արտայայտութիւնը համադրական ձեւով մը ամփոփուեցաւ այդ հոգեցունց, այդ գերագոյն, այդ բեղմնաւոր կոչին մէջ.

«Լո՜յս, լո՜յս, լո՜յս…»:

Ու ինծի թուեցաւ նաեւ, որ այդ մոխրացած աւերակներէն, այդ ածխացած ոսկորներէն, մօր եւ այրիի արցունքէն ու նոյնիսկ որբերու ցնցոտիներէն կը ժայթքէր այդ անպարտելի, այդ կենսաբուխ հաւաքական տենջանքը ցեղին: Ու թշնամիին բոլոր սեւ դաւադրութիւններն անկարող պիտի դառնային անոր վերածնող եւ անմահական զօրութեան դէմ.

«Լո՜յս, լո՜յս, լո՜յս…»:

 

Մութը տարածուած էր ամէն կողմ եւ մենք հաւաքուած Օսմանիյէի միակ կանգուն մնացած տան մէջ. գիշերը հոն պիտի անցնէինք: Այդ պահուն դեռ նոր վերադարձած աւերակներէն եւ հողակոյտերէն, տխուր եւ անխօս կը հսկէինք մեր մտածումներուն վրայ. տղու ճիչեր, բեկբեկուած եւ հառաչագին ձայնով երգուած օրօրներ երբեմն կը խռովէին մեր լռութիւնը: Սրահը ընդարձակ էր եւ դիմացի կողմէն կը յառաջանար դէպ ի պարտէզ ընդարձակ պատշգամի մը նման: Անհամար աստղեր կը նշուլէին անամպ երկնքին վրայ. քիչ յետոյ լուսինն ալ բարձրացաւ եւ ծառերուն մեղմօրէն տատանող գագաթները արծաթեայ ցոլքերով պսպղացին:

Ծալլապատիկ, այտերնին կրթնցուցած ափերուն, պառաւները նստած էին մեր քովը. անդին ոտքի վրայ կեցած էին նոր հարսերը, ամէնքն ալ այրի. դեռատի աղջիկներ կ՚երթային կուգային ծառայութիւններ ընելով:

Մեր քովն է նաեւ հաճի Սառան, արձանի պէս անշարժ ու սեւ զանգուած մը կազմելով միւսներուն շարքին մէջ: Իր դէմքն աւելի խստացեր էր, յօնքերը խոժոռցեր էին ու աչքերն ուռած էին դեռ նոր թափած արցունքէն:

Վերջապէս աղջիկները բերին խոշոր լապտէր մը եւ դրին գետինը, մեր դիմացը: Աղօտ եւ տմոյն լոյս մը դողդոջելով իրիկուան հովէն, կը լուսաւորէր անշարժ ծունկերը արկածեալներուն եւ մինչեւ վերջ չէր բարձրանար, այնպէս որ դէմքերը մութի մէջ կը մնային: Այս ծանր ու տաժանելի լռութեան մէջ էր, որ վրայ հասաւ տեղին քահանան: Կիներու մէջ անորոշ շշունչ մը լսուեցաւ, եւ հաճի Սառա խախտեցաւ իր անշարժութենէն: Մութին մէջ տեսայ, որ իր աչքերը կը վառէին ատելութեամբ եւ արհամարհանքով:

Քաղաքավարական կարգ մը խօսքեր փոխանակելէ ետքը, քահանան յայտնեց, թէ իր այցելութեան նպատակն էր մեր միջնորդութեան դիմել, համոզելու համար այրիները, որպէսզի ընդունին կառավարութեան ներկայացուցած ծրագիրը շինութեանց մասին: Այդ խնդիրը հրատապ այժմէութիւն ունէր այն ատենը արկածեալներուն համար: Կառավարութիւնը յանձնաժողովներ կը կազմէր, ամէն հրդեհուած վայրերու մէջ ու անոնց կը յանձնէր ծրագրին մշակութիւնը: Ընդհանրապէս տարտամ բարոյականով մէկ կամ երկու հայեր կը գտնուէին այդ յանձնաժողովներուն մէջ, որոնք ստրկաբար ձայն կուտային տեղին մեծամեծներուն քմահաճոյքներուն համեմատ: Արկածեալ ժողովուրդին ատելութիւնն ու զայրոյթը չափ չունէր. կը ճնշէին, կը գոչէին, կը պաղատէին, ու յետոյ յոգնած, ամէն բան կը լքէին` առանձնանալու համար իրենց սուգին մէջ: Ու յանձնաժողովի հայ անդամներն օգուտ կը քաղէին այդ րոպէներէն:

Օսմանիյէի քահանան շինութեանց յանձնաժողովի անդամ նշանակուած էր. ու խրոխտացած` գայմագամին հետ յաճախ տեսնուելէ առիթ ունենալէն` իր գունաթափ վերարկուին փէշերը ժողվըտած կը խօսէր ու կը հրամայէր` առանց մտիկ ընելու այրիները. անէծքներ, նախատինքներ ու բողոքներ կը ծածկէին իր ձայնը. ժողովուրդը հրահրուած էր զայրոյթով եւ ամէնուն ատելութիւնը կը փայլատակէր արցունքներու ետեւէն:

Տեղի չպիտի տային. Հաճի Սառա գլուխ կեցեր էր. թշնամին այլեւս ի՞նչ կրնար ընել իրենց դէմ, զարնելու տեղ մնացե՞ր էր, որ զարնէին: Մայր մը դողդղալէն` կը հեծեծէր. «Զաւակներս հողին տակն են, իմ ինչո՞ւս պէտք, որի՞ համար օճախ պիտի շինեմ. թո՛ղ պակաս ըլլայ»: Չպիտի ընդունէին, ու ըմբոստացած իրենց եղած առաջարկէն, կը բացականչէին.

Հինգ կանգուն քառակուսի հիւղակ մը մէկէն մինչեւ հինգ հոգինոց ընտանիքի համար. գերեզմա՞ն կը շինեն կոր, ըսէ՛ք:

Երբ ճարահատ քահանան, գրեթէ վտարուելով արկածեալներէն, մեկնեցաւ, ներկաները հանդարտեցան ու նորէն իւրաքանչիւրն ինկաւ իր սուգին դառնութեան մէջ. կ՚ըսէին ու կ՚արտասուէին եւ ամէն մէկը կը մրցէր միւսին հետ իր ցաւով եւ վիշտով, գովասանքը կ՚ընէին անհետացողներուն եւ կ՚ողբային իւրաքանչիւրին վրայ առանձին. երբեմն սուր, տիրական հառաչանք մը օդը կը պատռէր, եւ ամէնքը լռելով մտիկ կ՚ընէին.

Վա՜խ… Նշանս, վա՜խ…:

Վարի յարկերէն ուրիշ ձայներ կը բարձրանային, կը խառնուէին հառաչանքներուն, կ՚ամբողջացնէին զանոնք.

Եավրո՜ւմ… եավրո՜ւմ…:

Հետզհետէ ձայները մարեցան ու մեզ շրջապատող պառաւները ցրուեցան ասդին անդին. գետինը տախտակամածին վրայ տարածուած կը քնանային: Անոնք, որ ցնցոտիներ ունէին գլուխներուն տակ, բաղդաւոր եւ հարուստ կը համարուէին: Մեր դիմացը լապտերին մէջ մոմը կը հատնէր եւ մենք վերջապէս յաղթուած հանգիստի պահանջքէն, կը դիմէինք այն անկիւնը, որ մեզի վերապահուած էր: Պահ մը ետքը ամէնքն ալ պառկած էին, միայն հաճի Սառային յաղթանդամ հասակը կը դեգերէր քնացող այրիներու շարքին մէջ…: Այդ քունը թեթեւ էր ու խռովուած էր մղձաւանջներով. ամէնուն սիրտերը կը վառէին ու մինչեւ որ մենք ալ քնացանք, լսեցինք մէյ մը մէկ, մէյ մը միւս կողմէն ընդոստ արթնացողներու կոչերը եւ կամ քունի մէջ եղողներուն զառանցանքները.

Եաւրո՜ւմ… վա՜խ, վա՜խ, վա՜խ:

 

Արեւծագին արթնցանք ծանր քունէ մը ետքը. դարձած էինք արեւելքին եւ արեւը խիտ եւ հարուստ բուսականութեան մը ետեւէն կը բարձրանար նազանքով. անիկայ մեզ կը լուսաւորէր առանց շլացնելու եւ զարմանքով կը դիտէինք իր հրաշագեղ բոլորակը: Երկնքին վրայ վարդագոյն եւ դեղին ամպի ծուէններ հետզհետէ կը մարէին եւ կապտորակ շոգի մը կը ծածանէր միջոցին մէջ յանկարծական ցոլքերով փալփլուն, այնպէս որ կարծես թէ ոսկիի փոշի կը մաղուէր մեր վրայ: Հարաւէն եւ հիւսիսէն մեր աչքերը առածին չափ կը տեսնէինք սեւ եւ սլացիկ նոճիները, որոնք մեղմօրէն կը տատանուէին անզգալի սիւքէ մը օրօրուն: Կարելի չէր երեւակայել աւելի քաղցր եւ ամոքիչ տեսարան մը: Ծառերու եւ պուրակներու յաջորդութիւն մը հետզհետէ իրենց հեռաւորութեան աստիճանով կը ներկայացնէին կապտորակ կանանչի անսահման երանգաւորում մը, որը ներդաշնակուելով հորիզոնի գիծին վէտվէտող ընթացքին հետ, երաժշտութեան մը պէս կ՚երգէր կարծես: Լոյսը, ջերմ ու կենսաւէտ ժպիտով եւ խանդավառութիւնով կը լեցնէր մեր աչքերը, եւ առատօրէն օդը, բուրումնաւէտ եւ գաղջ, փայփայանքի պէս կը խաղար մեր մազերուն հետ: Սիրտերնիս կ՚արթննար ուրախութունով եւ երջանկութիւնով, երբ յանկարծ յիշեցինք…: Երկինքը պայծառ էր ու արեւը կը շողշղղար հետզհետէ աւելի փառայեղ լոյսով եւ ջերմութիւնով. բայց մեր մտածումներն էին, որ սեւ ամպերով ծածկուած էին:

Շո՛ւտ, շո՛ւտ…

Սայլապանը կը շտապէր, մինչեւ ես կը խորհէի, թէ ինչպէ՞ս բնութեան այս գերագոյն գեղեցկութեան մէջ մարդիկ այնքա՛ն ահաւոր ոճրագործներ կը դառնան:

Սայլը կը սպասէր արդէն ու մենք կը պատրաստուէինք մեկնելու. բայց արկածեալներն ամբողջովին մեզ շրջապատէր էին ու թոյլ չէին տար, որ սայլ մտնենք.

Ի՞նչ, պիտի մեկնի՞ք, ինչո՞ւ եկաք, ինչո՞ւ կերթաք… մեզ մինա՞կ պիտի ձգէք, մեզ որո՞ւ պիտի ձգէք…

Կը ջանայինք իրենց բացատրել մեր կացութիւնը, մեր մեկնելու ստիպողականութիւնը, բայց անոնք մտիկ չէին ընէր, կը կառչէին մեզի, քղանցքներնէս կը բռնէին, կը բողոքէին, կը պաղատէին, կը սպառնային եւ նոյնիսկ կը բռնանային.

Կուգաք, կանցնիք, կ՚երթաք: Յուսացինք ձեզ վրայ, օրերով ձեր գալուն սպասեցինք, եւ հաւտացինք, որ մեր ցաւին տէրման մը պիտի գտնաք, հիմակ նորէն մինակ պիտի մնանք, վա՜յ մեր գլխուն:

Երբ կը բացատրէինք իրենց հաւատքին անհամեմատ մեծութիւնը մեր վրայ, մեր անկարողութիւնը, գլուխներնին կը շարժէին ու կարծես ալ աւելի եռանդով կը կառչէին մեզի.

Հոգ չէ՛, բան մի՛ ընէք, գերիդ ըլլա՜մ, բայց մեր քովիկը կեցեք…

ժամանակը կ՚անցնէր, սայլապանը կ՚անհամբերնար, ձիերը խրտչելով կը վրնչէին ու մտրակը կը շաչէր օդին մէջ: Թուրքեր տեսնելով այդ հաւաքումը, այդ վայնասունները խիստ աչքով կը նայէին մեզի: Եւ ահա վերջապէս միջոց մը յաջողեցանք բարձրանալ սայլը, որ անմիջապէս դղրդեցաւ ճամբայ ելաւ եւ թաւալեցաւ շուկային մէջէն:

Մեր ետեւէն լսեցինք հետզհետէ մարելով, այրիներուն եւ որբերուն կոչերն ու սրտաբեկ ականջ դրինք անոնց. այդ կոչերուն մէջ մաղթանք չկար, ո՛չ ալ բարի ճանապարհ, այլ բողո՛ք, գանգա՛տ ու թերեւս անէծք մեր անկարողութեան համար:

 

Քանի՛ ժամեր ի վեր ճամբայ ելած էինք եւ Օսմանիյէ իր նոճիներով եւ թաւուտ պարտէզներով շատոնց արդէն անհետացած էր վարդագոյն մշուշի մը ետեւ: Միջօրէի արեւն անգամ մըն ալ իր կիզիչ ճառագայթները կ՚ուղղէր մեզի:

Մենք կը խորհրդակցէինք մեր ճամբորդութեան ծրագրին վրայ. մտադրած էինք Սիսի մէջ հաւաքուած դրամը բաժնելով Էրզինի բանտարկեալներուն, անմիջապէս ճամբայ ելնել եւ նոյն իրիկունն իսկ հասնիլ Տէօրթ Եօլ: Մտահոգ էինք միայն մեր բանտը ընելիք այցելութեան մասին, որովհետեւ եթէ դժուարութեան հանդիպէինք եւ ուշանայինք ճամբան պիտի մնայինք, Էրզինի մէջ բանտարկեալներէ զատ Հայ չկար. ջանք կ՚ընէինք գիշերելու Տէօրթ Եօլի մէջ:

Օսմանիյէէն մեկնելնուս ի վեր դարձեալ ինկանք անապատային ամլութեան մը մէջ. տեղ տեղ միայն եղէգէ շինուած խրճիթներու խումբ մը մեր ուշադրութիւնը կը գրաւէր: Գաղթական թուրքերու բնակութիւններ էին. արտակարգ թշուառութիւն մը կար այդ գիւղակներուն երեւոյթին մէջ. սեւ, խոշոր գոմէշներ դանդաղաքայլ կը յառաջանան ու ծարաւէ ընդարմացած կը թուէին: Կիներ անհամար փաթթոցներով գլուխնին բեռնաւորուած, վայրագ եւ անասնային բան մը ունէին ու իրենց արեւէն ծամածռած դէմքերը տանջուած մարդու արտայայտութիւններ կը ստանային: Դիտեցինք նաեւ որ աղքատութիւնը, չարքաշ կեանքն ու թերեւս զիրենք չարչաչող ատելութեան միշտ վառ զգացումը այնքա՛ն այլափոխեր, կնոջական յատկանիշները ջնջեր են իրենց վրայ, որ կարելի չէր իրենց տարիքները որոշել. ամէնքն ալ խորշոմած պառաւի ձեւ ունէին: Խուսափուկ եւ շիլ նայուածքով կը նայէին մեր սայլին ու խթանը ձէռքերնին կը կենային պահ մը. բայց անմիջապէս գրեթէ Ասիացիի յատուկ անփութիւթիւնով աւելի ուժգին կը մխէին խթանը խեղճ եւ հանդարտ կենդանիին մորթին մէջ, ու կ՚անցնէին, կ՚երթային:

Ամայի՜, անծառ, անջրդի… հողը կարմրորակ կը դառնար ու ապառաժի պէս էր. զմրուխտի նման կանանչ մողէսներ կը քնանային հողին կուրծքին վրայ ու մեր սայլին աղմուկէն սարսափած սողոսկելով կ՚անյետանային տաքէն բացուած ճեղքերու մէջ: Երբեմն միայն կը նշմարէինք վտիտ եւ ծարաւի խոտի շիւղեր, որոնք գլխիկոր եւ յաճախ հողին փակած. կը չորնային. ու իրենց տեսքը աւելի կը շեշտէր շրջակայ երաժշտութիւնը. կարծես թէ ամէն բան, եղէգէ խրճիթները, գեղջկուհիները, կենդանիները եւ վտիտ բոյսերը ծածկուած էին մոխիրով:

Վերջապէս ովասիսի մը պէս երեւցաւ մեզ Էրզին, որ իր արտաքին երեւոյթով կը նմանէր Օսմանիյէի. ծառեր ու նոճիներ. մինարէներն աւելի բազմաթիւ էին: Զգացինք, որ թուրք գիւղաքաղաք մը կը մտնենք: Շուկային մէջ կեցաւ մեր սայլը եւ մենք շտապեցինք, քիչ մը կազդուրուելէ ետք կատարել մեր գործը. Րամազանի մէջ ըլլալով, պաշտօնատուները գոց, պաշտօնեաները քնացած գտանք: Անկարելի էր առանց տեղին կառավարչին արտօնութեան այցելել բանտը, ու հակառակ մեր անձնավստահութեան՝ որ գրեթէ միշտ կը յաջողէր, դուռները փակ մնացին մեր դէմ. մէկ պաշտօնատունէն միւսը վազելով վերջապէս 2 ժամ ետքը բանտարկեալներուն հետ յարաբերութեան մէջ մտանք:

Էրզինի հայ բանտարկեալները գրեթէ ամէնքն ալ Հաճընցի էին. իրենց մէջ կային փոքր թուով Տէօրթ եօլցիներ, հոն էին տակաւին Տէր Սահակ քահանան եւ այն մէկ-երկու քաջ երիտասարդները՝ որոնք ինքնապաշտպանութեան գլուխ կեցած էին:

Ոստիկաններու եւ պահակ զինուորներու ընկերակցութեամբ տարին մեզի բանտին դիմացը: Դուռը գոց էր. պզտիկ բացուածքի մը առաջքը կուգային բանտարկեալները` մեզ տեսնելու: Այդ բացուածքին մէկ կողմը նստաւ բանտապետը. ճերմակ գտակ մը կը ծածկէր իր ճաղատ գլուխը եւ վարդագոյն էնթարի մը հազիւ թէ կը պարտկէր իր խեղանդամ մարմինը. իր հաստ անձեւ ձեռքը զինուած էր գաւազանով մը. վտիտ դէմքին վրայ իր անհանգիստ եւ կասկածոտ բիբերը յարատեւ շարժումի մէջ էին. պեխն ու մօրուքը թափած էին եւ իր բորոտացած մորթին վրայ թարախոտ փշտիկներու մէջտեղ հազիւ թէ քանի մը մոխրագոյն մազի թելեր կը ցցուէին կարճ եւ կարծր: Իր դէմը տախտի մը վրայ, ուր քանի մը անկողիններ զետեղուած էին վրայէ վրայ, ընկողմանած էր պատկառելի ծերունի մը. ճերմակ գտակ մը ունէր նաեւ անիկա իր ածիլուած գլխուն վրայ, որուն մէջ կը ծածկուէին ականջներուն վերի մասերը. փառաւոր ճերմակ մօրուք մը կը ծածկէր կուրծքը. ձիւնափայլ էնթարի մը լայն թեւերով, ծալք-ծալք կը պարփակէր իր մարմինը: Ծերունին մէկ ձեռքը բռնած էր սաթէ համրիչ մը եւ միւսովը դանդաղ քէյֆով մը նարկիլէին ծխամորճը կը տանէր շրթունքին: Ատիկա այդ բարձրութենէն երբեմն կը բարեհաճէր իր հեղինակաւոր եւ լուրջ նայուածքը պտտցնել մեր վրայ: Երբ հարկ կ՚ըլլար նարկիլէին կրակն արծարծել կամ որեւէ ծառայութիւն ընել, բանտապետը կը փութար մեծ յարգանքով, եւ իրեն կ՚օգնէին երբեմն հոն դռանը քով հսկող զինուորները:

Այդ ծերունին շատ ծանր եւ ապացուցուած ոճիրի մը յանցանքով ամբաստանուած իսլամ բանտարկեալ մըն էր:

Տաժանելի էր մեր տեսակցութիւնը բանտարկեալներու հետ. հակառակ որ դիզուած էին դրանը ետեւ, մէկիկ մէկիկ կը տեսնէինք զիրենք, երբեմն միայն կը լսէինք զիրենք: Թուրք բանտարկեալներ շահագրգռուած մեր երեւումէն, կը հրէին, կը հրմշտէին ու կ՚ուզէին առաջ անցնիլ. մեր խօսակցութիւնը կ՚ընդհատէր յանկարծակի պայթող կռիւներով ու միջոց մը անլուր հայհոյութիւններ միայն լսելի կ՚ըլլային:

Վերջ դնելու համար այդ կացութեան, առաջարկեցինք մեզի ընկերակցող ոստիկաններուն, որ թոյլ տան եւ մենք մտնանք բանտ, ինչպէս կ՚ընէինք Ատանայի մէջ: Այդ ձեւը անյարմար դատուեցաւ` նկատողութեան առնելով թուրք բանտարկեալներու գրգռուած վիճակը. եւ մեր ստիպումներէն յոգնած, վերջապէս` համաձայնեցան մաս առ մաս դուրս հանել հայ բանտարկեալները, մեզմէ խօսք առնելէն ետքը, թէ չարաչար չպիտի գործածենք իրենց վստահութիւնը:

Քիչ մը անդին, բանտին դիմաց աթոռներուն վրայ նստեցանք: Մեր բանտարկեալները վեց առ վեց եկան մեզի: Հարկադրուած ըլլալով թուրքերէն խօսիլ, չէինք յաջողեր մեր ամբողջ զգացումները արտայայտելու. բայց կը տեսնէինք անոնց դժբաղդ դէմքերուն վրայ գոհունակութեան ժպիտը. ու ասիկա մեզի լալու չափ կը յուզէր:

Մեր բոլոր տեսակցութիւնը կը կայանար մէկ քանի սովորական խօսքերու փոխանակութեան մէջ: Յետոյ իրենց բաժին ինկած նպաստը կուտայինք. գրեթէ միշտ կը մերժէին. ցոյց կուտային կամ կը նշանակէին անունն անոնց, որոնք իրապէս պէտք ունէին նպաստի, ու կարծես թեւեր առած, ուրախութիւնով դէմքերնին պայծառ կը նայէին մեզի անսահման խանդաղատանքով: Յուզմունքէն մեր կուրծքերը կ՚ուռէին, բառերը թոթովելով կ՚արտասանէինք ու սեղմելով իրենց արի մարդու ձեռքերը` հրաժեշտ կ՚առնէինք. պահ մը ետքը ուրիշներ կուգային:

Ինչպէս Ատանայի մէջ, հոս ալ բանտարկեալներու միակ մտահոգութիւնն իրենց ընտանիքի անդամներուն վիճակն էր. մեզի կը յանձնարարէին ըսել իրենց կիներուն, մայրերուն եւ քոյրերուն, որ մտահոգ չ՚ըլլան, թէ իրենք շատ լաւ են բանտին մէջ, բան մը պակաս չէ, ու միայն կարօտով կը տանջուին, բայց համոզուած են նաեւ, որ շուտով պիտի արձակուին: Ու այս մխիթարութիւնները ղրկողներուն մէջ կային որ մահուան դատապարտուած էին:

Էրզինի բանտարկեալներու խումբին մէջն էր այն երիտասարդը, որ աւելի ուշ կախաղան պիտի բարձրանար, իր ընկերները կը կարծէին, թէ բան մը չի գիտէր ու մեզի զգուշացուցին այդ մասին խօսիլ իրեն հետ. բայց երբ անիկա մեր դէմ եկաւ ու դողահար յուզումով մը նայեցանք իր գրեթէ պատանեկան երիտասարդութեանը վրայ, անիկա ժպտեցաւ մարտիրոսի եւ տեսանողի անսահման ժպիտով մը.

Ի՞նչ կրնանք ընել քեզի համար, մրմնջեցի, երբ ուրիշներ զբաղած էին անդին միւս բանտարկեալներուն հետ:

Ոչի՛նչ, պատասխանեց անիկա անվրդով ձայնով. ինծի համար եղած վճիռը անկարելի է բեկանել տալ, ձեր ուժերը պահեցէք միւսները փրկելու համար. աւելորդ է ինծի համար ժամանակ կորսնցնել:

Ուրեմն գիտէ՜ր… սոսկալի բան: Իր թխահեր գլխուն վրայ արեւուն ճաճանչները կը խայտային, աչքերը լեցուն էին կեանքով ու կրակով: Ձեռքերնիս սեղմեց պինդ շարժումով մը ու գրեթէ թեթեւաքայլ հեռացաւ միւսներուն հետ:

Այս երիտասարդը սխալմամբ սպաննած էր Չէրքէզ մը, որ կուգար Հաճըն` Հայերու ինքնապաշտպանութեան համար կարգադրութիւններ ընելու:

Էրզինի բանտարկեալները մեզ իմացուցին, թէ Բայասէն հայ աքսորեալներ պիտի փոխադրեն կղզի մը. ասոնք խեղճ վիճակի մէջ էին եւ նպաստի կարօտ. շատեր իրենց յատկացուած դրամական նպաստը մերժած էին այն նպատակով, որ անիկա յատկացուի Բայասի բանտարկեալներուն. որպէս զի յաջողէինք հասնիլ աքսորեալներու մեկնումէն առաջ. պէտք էր, որ առանց րոպէ մը կորսնցնելու ճամբայ ելլէինք:

Ձիերը յոգնած էին ու մեզ կը քաշքշէին, քան թէ կը տանէին: Չորս ժամ ունէինք Տէօրթ Եօլ հասնելու ու անկէ ալ Բայաս երկու ժամ, ու պէտք էր նաեւ, որ գիշերը Բայասէն դառնայինք Տէօրթ Եօլ, որովհետեւ հոն իջեւանելու ոչ մէկ կարելիութիւն կար մեզի համար: Մեր ոսկորները գրեթէ ջախջախուած էին յարատեւ ցնցումներէն ու յոգնածութենէ. յուզումէ ալ սպառած էինք, բայց անհամբեր էինք Էրզինի բանտարկեալներուն շնորհած նպաստը անձամբ տանելու Բայասի բանտարկեալներուն, որովհետեւ համոզուած էինք, թէ դրամ չէ, որ կը տանէինք անոնց, այլ ընկերական ու եղբայրական խանդաղատանք, մեծհոգի ու վեհանձն զգացումներ ու մխիթարիչ արիութիւն…:

Շո՜ւտ, շո՜ւտ, սայլապան, ձիերը քշէ՛…

Սայլապանն ալ շահած էինք, ան ալ կը բաժնէր մեր խանդավառութիւնը, բայց ձիերը դանդաղեցան ու յամեցանք ճամբուն վրա…: Աւա՜ղ, մեր այնքա՛ն փափաքած այցելութիւնը չպիտի կարենայինք ընել բերդաքաղաքի աքսորեալներուն. որովհետեւ երբ Տէօրթ Եօլ հասանք` շատ ուշ էր. ըսին թէ աքսորեալները մեկնած ըլլալու են արդէն, ու հարկադրուեցանք մեր քով եղած դրամը բոսդայով ղրկել իրենց: