Վերջին բաժակը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

 

  Ինծի ըսիր. «Կ’ուզեմ քու հոգիդ ճանչնալ»։ Ահա՛ իմ խոստումս կը կատարեմ վերջապէս եւ կը սկսիմ գրի առնել իմ տպաւորութիւններս եւ արձանագրել այն ժամերը՝ զորս ապրեցայ երջանկութեամբ եւ յուզումով։ Ես արուեստով գրող չեմ՝ եւ վարպետ չեմ իմ զգացումներս ու ապրած վայրկեաններս ներկայացնելու այնպիսի ճարտարութիւնով մը, որ ընթերցողին գրական եւ գեղարվեստական հաճոյք պատճառէ։ Բայց իմ սիրտս այնքան զեղուն է եւ էութիւնս այնքան գրաւուած է իմ հրաշագեղ վէպովս, որ քու խնդրանքիդ հաւատարմօրէն գոհացում տալու ատեն՝ հաճոյքով կը մտածեմ թէ ասիկա առիթ մը պիտի ըլլայ որ ես ինքս անդրադառնամ իմ ապրած ժամերուս գեղեցկութեան եւ անդորր երջանկութեան։

Յայտնի է որ իսկական գրող չեմ. ես կը շեղիմ ընդհանուր կանոնէն։ Ընդհանրապէս գրագէտները ներկայացնելու արժանի կը համարեն միայն դժբախտութիւնը, անձկութիւնը, եղերական դրուագները, կեանքի սոսկալի ժամերը։ Կարծես պայծառ երջանկութիւնը իր պատմութիւնը չունի, կարծես կեանքի քաղցրագոյն պահերը զուրկ են շահեկանութենէ։ Երբ նոյնիսկ մարդկային էակ մը կը ներկայացնեն իր կեանքի գագաթնակէտերէն մէկուն վրայ. անոր համար է որ այդ բարձրութենէն անիկա աւելի սոսկումով պիտի տեսնէ այն վիհը, որ իր ոտքերուն առաջքը կը բացուի։ Իսկ երբ պատահի որ դժբախտ արգելքները, չարաբաստիկ դիպւածները վերջ գտնեն, երբ պատահի որ մէկը յաջողի յաղթանակել եւ հասնիլ խաղաղութեան հանգրուանի մը, հոն կը վերջանա այլեւս վէպը ու պատմութիւնը կը լռէ։

Բայց իմ ի՞նչ փոյթս է ընկալեալ սովորութիւնները, իմ ի՞նչ փոյթս է գրական մեթոտները. ես իմ սիրտս կ’ուզեմ արտայայտել, ես իմ ուրախութիւնս կ’ուզեմ երգել, ես կը գրեմ միմիայն քեզի համար, սիրելիս...

 

* * *

Ես միակ ու շփացած աղջիկը եղած եմ հայրիկիս. մայրս մեռած է կանուխէն՝ սրտի հիւանդութենէ. ես ինքս սրտի կազմութեան մէջ թերութիւն մը ունեցած եմ որ մանկութիւնս դարձուցած է փափուկ եւ ուշադիր խնամքի կարօտ։ Յաճախ զգացեր եմ հօրս դողդոջուն ձեռքը իմ ճակատիս վրայ եւ տեսեր եմ անոր անձկալի աչքերը՝ երբ երկիւղով կ’անցնէին իմ տժգոյն եւ վտիտ էութեանս վրայէն։ Չէ կարելի բացատրել թէ ի՞նչպէս իմ հիւանդագին մանկութիւնս զիս նախասահմանած է բարդ եւ նուրբ զգացումներու, եւ ինծի տուած է երազելու եւ իմ մէջս ամփոփուելու թանկագին ընդունակութիւնը։ Երբ փոքր աղջիկ էի եւ զիս կը տանէին արեւոտ ու ծովափեայ գիւղեր, կազդուրելու համար իմ մշտնջենական վտանգի ենթարկուած կեանքս. երբ բացօթեայ կախ-անկողնին մէջ երկարած, աչքերս սեւեռելով երկնքին, կը մնայի ծուլութեան եւ գրեթէ անշարժութեան մէջ, հոգիս հետզհետէ կ’ընդլայնէր՝ վայելելու համար հապճեպելով ինչ որ այդ պահը կը ներկայացնէր գեղեցիկ ու շողշողուն, եւ կեանքի երազը բիւրազան երեսներով կը փալփլար իմ երեւակայութեանս մէջ, որովհետեւ ապագան մշուշոտ էր ինծի համար եւ յաճախ սարսափելի, եւ միմիայն կարենալ ապրիլը երազ մըն էր։ Երբ փոքր աղջիկ էի եւ ժամերով առանձին կ’օրօրուէի սօսիի մը երերուն եւ մրմնջող հովանիին ներքեւ՝ իմ ձանձրոյթս եւ ծուլութիւնս կը զարդարէի պատմութիւններով, զորս եւ ինքզինքիս կը պատմէի եւ որոնց մէջ փոխն ի փոխ թէ՛ դերակատարն էի, թէ՛ ենթական, թէ՛ լրացուցիչ անձնաւորութիւնները, եւ իմ հոգիիս մէջէն կ՚անցնէին զանազան վիճակներու նոյնիսկ հակասական յուզումները, ալիքներու պէս։ Երբեմն այդ յուզումներէն մէկը զօրաւոր ակօս մը կը թողուր եւ քանի մը օր կ’ապրէի իմ իսկ ստեղծած տրամադրութեան մէջ. այդ օրերուն աշխարհը օտար կը դառնար ինծի, արտաքին պայմանները ո՛չ թէ պատճառ՝ այլ առիթներ հազիւ կրնային ըլլալ, որոնք կը ձուլուէին իմ կեդրոնական մտածումիս մէջ։ Տիրական ձայնը Եսիս ձայնն էր ու անկէ է որ կը բղխէին իմ երջանկութիւններս ու դժբախտութիւններս, ինչպէս նաեւ իմ մէջս է միայն որ ապաւէն եւ օգնութիւն կը գտնէի, եւ իմ մէջս է որ կ’որոնէի այն գանձը, որ կեանքս պիտի զարդարէր պերճանքով, լոյսով ու փառքով։

Որոշ տարիքէ մը ետքը իմ ֆիզիքական վիճակս բարուոքուեցաւ. կեանքը վերադարձաւ ինծի առատութեամբ եւ ամբողջապէս կանխահաս մահուան յաղթանակած ըլլալու ուրախութիւնը զիս դարձուց բարեմիտ եւ լաւատես, եւ ինծի շնորհեց նաեւ կեանքը լիուլի վայելելու մասնաւոր տրամադրութիւն մը, որ արբեցութեան մը պէս կը շլացնէր զիս երբեմն։ Բայց իրերու բնական ընթացքով այլեւս մտած էի սովորական մարդոց սեղմ շարքերու մէջ, ու անկէ ետքը իմ կեանքս նման եղաւ այնքան ուրիշ կեանքերու, որոնց իրենց առանձին պատմութիւնը չունին գրեթէ։ Ուրախութեանց ու տխրութեանց սովորական մակընթացութիւնն ու տեղատուութիւնը կը տարուբերէր զիս կեանքի պայմանադրական եզրերուն մէջ։ Իմ կենսուրախ ու հարուստ անհատականութիւնս երբեմն դժկամակութեամբ կը սահմանափակուէր, եւ ժայթքումներու, ոստումներու աննպատակ բաղձանքներ երազանքի մէջ կը պահէին զիս, բայց իմ կորովս կը սպառէր՝ առանց ցնցումներու այդ երազներուն մէջ իսկ, եւ կեանքը իր առօրեայ դժուարութիւններով ու պզտիկ յաղթանակներով կը վերադարձնէր զիս իրականութեան։

Ե՞րբ ծագեցաւ ինձի համար երջանկութեան արեւը, ե՞րբ փարատեցաւ իմ տարտամ կեանքիս մշուշը. ահաւասիկ ինչ որ պիտի ջանամ դասաւորել եւ պատմել ճշգրիտ մանրամասնութեամբ, անկեղծօրէն եւ անվերապահ կերպով։

 

* * *

Փետրուար ամսուան վերջերն էր. մեր երկիրներու կանխահաս գարունը սկսած էր ժպտիլ եւ երկար անձրեւոտ օրերէ ետք ջերմ արեւը կը ճաճանչէր ամպի ճերմակ ծուէններուն ընդմէջէն, որոնք հետզհետէ կը խուսափէին եւ կը ցրուէին։ Պարտէզներու շարք մը կը տարածուէր ննջարանիս պատուհաններուն առաջքը, եւ անձրեւէն մաքրուած ծառերու սեւ ճիւղերուն եւ ոստերուն վրայ նորածիլ բողբոջները իրենց մատղաշ ծայրերով կը ճեղքէին կեղեւը։

Գարնանածաղիկներու ածու մը ճիշտ իմ դիմացս իր անհամար ծաղիկներով կը ծաղկէր. աչքերս յառած մանիշակագոյն եւ ճերմակ բաժակներուն՝ տարտամօրէն կը խորհէի։ Հետեւեալ օրը հիւրեր պիտի ունենայի ճաշի, ընելիք կարգադրութիւններուս մասին խօսելու համար ամուսինս մօտս եկաւ, ձեռքը դրաւ ուսիս եւ ըսաւ հանդարտ ձայնով։

Վաղը, գիտե՞ս, Ատրինէ, իմ ընկերներէս, իմ վաղեմի ընկերներէս մէկն ալ պիտի գայ ճաշի։

Ինչքա՛ն անգամներ անկից ի վեր վերյիշած եմ այն առաջին պահը, երբ դուն յայտնուեցար ինծի. ի՛նչքան անգամներ կրկին ու կրկին ապրած եմ այդ պահը՝ մտաբերելու համար թէ ո՛եւէ խորհրդաւոր դրդում, ո՛եւէ հոգեկան ցնցում ինծի յայտնե՞ց արդեօք թէ այդ վաղեմի ընկերը ի՞նչ վճռական ազդեցութիւն պիտի ունենար իմ կեանքիս մէջ։ Թերեւս իմ պատմութիւնս գեղեցկացնելու համար անհրաժեշտ էր ըսել. «այո՛, այդ պահուն իսկ զգացի ու խռովուեցայ», բայց ես վիպասան չեմ ու պարտական եմ ըսել միմիայն ճշմարտութիւնը, եւ իրականութիւնը այն է որ կատարեալ անտարբերութեամբ ընդունեցի այդ յայտնութիւնը եւ նոյնիսկ այդ պահուն անունդ չհարցուցի։

Բայց անհրաժեշտ է նախապէս ներկայացնել քեզ իմ կեանքիս պայմանները, այն բարոյական մթնոլորտը, ուր կ’ապրէի, ամուսնոյն հանդէպ իմ դիրքս, եւ այն վիճակը, որ կը տիրէր մեր մէջ։ Երիտասարդ տարիքի մէջ ամուսնացած եմ, եւ ահա՛ թէ ի՛նչպէս։ Միքայէլ զիս կնութեան ուզած էր մեր ամուսնութենէն հինգ տարի առաջ, երբ տակաւին տասնութը տարեկան դեռատի օրիորդ մըն էի. կ’ըսէին որ սիրուն, սրամիտ եւ եռանդուն աղջիկ մը եղած եմ. ճիշտ է որ ամէն տեղ սիրով ու գորովանքով կ’ընդունէին զիս եւ ամենէն խստաբարոյ կիներն ու մարդիկը ներողամիտ էին իմ արձակունակ զուարթութեանս համար, որ դիւրաւ կը զեղուր եւ դուրս կ’ելլէր ընդունուած եւ գծուած սահմաններէն։ Իմ շնորհս, ճաշակս ու մանաւանդ դիւրահաղորդ բնաւորութիւնս համակրելի կը դարձնէին զիս, եւ առաջին անգամէն զինաթափ կ’ընէին ամենէն խոժոռները. իսկ ես հաճոյքով կ’անդրադառնայի իմ յատկութիւններուս։

Սակայն հայելին շատ շողոքորթիչ չէր ինծի համար, գոնէ ես ինքզինքս չէի գտներ գեղեցիկ, թէեւ շատ կանուխէն ականջներս սովոր էին լսել հիացմունքի մրմունջներ՝ իմ շագանակագոյն առատ մազերուս, իմ մորթիս յղկուն մաքրութեան եւ իմ աչքերուս անսովոր պայծառութեան նկատմամբ։ Ասոնցմէ զատ իմ հարուստ եւ զօրեղ կենսականութեանս անհամար ու յարափոփոխ արտայայտութիւնները չէին կարող իմ ուշադրութիւնս հրաւիրել, քանի որ ես հայելիին մէջ կը փնտռէի միայն գեղեցիկ գիծեր եւ թերեւս նաեւ պայմանադրական գեղեցկութեան գիծեր, որոնցմէ զուրկ էր իմ դիմագիծս։ Հաստատ համոզուած ըլլալով որ կը սխալին զիս սիրուն գտնելով, գոհ էի սակայն որ կը սխալին, եւ յոյս ունէի որ երկար ատեն պիտի սխալին։

Իմ հայրս բարեկեցիկ, բայց մանաւանդ համբաւ ունեցող մարդ մըն էր, եւ իր շուքէն բան մը կը զարդարէր նաեւ զիս. այնպէս որ ես չեմ ունեցած վարանումի եւ սպասումի այն տարիները, որ այնքան կը դառնացնեն օրիորդներու կեանքը եւ զանոնք կը դարձնեն կեղծ, խորամանկ ու ճարպիկ։ Տակաւին գրեթէ երախայ էի, երբ սկսած էին զիս ամուսնութեան ուզել եւ հայրս ժպտելով կը գանգատէր. «Ի՞նչ սատանայ ունի այս աղջիկը իր մէջ. հանդարտ չեն կրնար նայիլ իրեն»։ Ինքը հակառակ իր փորձառութեանը չէր հասկնար, բայց ես արդէն գիտէի որ իմ թեկնածուներս յաճախ կը տեսնէին այսինչին աղջիկը եւ ո՛չ թէ զիս։ Թէեւ մեծ դրամներ չունէի, բայց ոմանք մեծ յոյս կը դնէին իմ հօրս ազդեցութեան վրայ, իրենց ասպարէզին մէջ յառաջանալու համար։ Մէկ խօսքով շատ մատղաշ հասակէս վարժուած էի տեսնել թէ մարդիկ կան՝ որ ինծի կը դարպասեն ո՛չ թէ իմ անձիս ներկայացուցած առանձին արժանիքներուն համար, այլ մղուած փառասիրութենէ եւ նոյնիսկ սնապարծութենէ։ Բայց ասոնք սովորական բաներ են որոնց առհասարակ շուտով կ’ընտանենան իմ դիրքիս մէջ գտնուող օրիորդները։ Ես անմիջապէս ունեցայ այն բարեմիտ հեգնութիւններէն մէկը, որ զիս պաշտպանեց դառն յուսախաբութիւններուն դէմ, եւ տեսակ մը զուարճութիւն կը զգայի՝ փնտռելով մարդոց դրդիչ պատճառը։ Երբ Միքայէլ Յովսէփեանը, ծանօթ իրաւաբան եւ փաստաբան, զիս կնութեան ուզեց, անմիջապէս մերժեցի զինքը. իմ անմիջական շրջանակիս մարդը չէր, քանի մը տարիներով մեծ էր ինձմէ, իրեն ընտանեցած չէի, մինչ իմ շուրջս կային սիրուն, քաղաքավար, փայլուն յատկութիւններով օժտուած պատանիներ, որոնց մէկուն կամ միւսին վրայ ուշադրութիւնս կը կենար ատեն մը։ Ոմանք իրենց տաղանդով, ուրիշներ ապագայի մը յոյսով կը յուզէին զիս, բայց նաեւ զգայուն էի մասնաւորապէս անոնցմէ մէկուն, որուն գողտր եւ տխուր նայուածքը, իր գորովագին վերաբերմունքը զիս յաճախ ուշադիր կը դարձնէին, եւ մտքովս երբեմն կ’ըսէի՝ «թերեւս»։

Ինչքա՛ն տարբեր էր Միքայէլ այն մտապատկերէն՝ որ ամէն աղջիկ կ’ունենայ տակաւին չյայտնուած ասպետին նկատմամբ։ Անիկա խիստ, գրեթէ դաժան դէմքով մարդ մըն էր. չափազանց թուխ եւ նիհար էր, լռակեաց ու ինքն իր մէջ ամփոփուած. երբ իր հայեացքը հանդիպէր ինծի, նոյնիսկ իր ամենէն սիրալիր ժամերուն, խոժոռ խստութիւն մը կը ստանար. կը զգայի այդ ատենէն որ իրեն համար ամէն ինչ հանդիսաւոր, գրեթէ կրօնական ծանրակռշութիւն մը ունենալու էր։ Այնպիսի մարդոցմէն մէկն էր որոնց համար չկան ժպտուն, զուարթ եւ դիւրահաս ժամեր, որոնք անընդունակ են անփութութեամբ թափառելու կեանքի կողմնակի ուղիներուն մէջ՝տարտամ յոյսովը անակնկալ եւ վաղանցուկ հաճոյքներու. անիկա պիտի երթար միշտ ուղիղ ճամբէն՝ առանց աջ ու ձախ նայելու, եւ ինքը չճանչնալով հաճոյքն ու դառնութիւնը մարդկային մեղքերու, աններող եւ խիստ էր նաեւ ուրիշներուն համար։ Իր խօսքերը կտրուկ էին, վճռական եւ անառարկելի. կարելի չէր որ ուշադրութիւն չհրաւիրէր, ու ինծի տեսակ մը յարգալիր սարսափ կը պատճառէր... Բայց ահա՛, ինչ պատճառներով որ զինքը մերժած էի գրեթէ սոսկումով, այդ նոյն պատճառներով կ’ընտրէի զինքը հինգ տարի ետքը, մղուած տեսակ մը հետաքրքրութենէ, հրապուրուած այն սարսափէն իսկ, որ կը ներշնչէր ինծի, բաղձալով զգալ ճնշումը այդ խստութեան, եւ մանաւանդ, զգացուած այն խոր, յարատեւ ու անսասան սիրոյ զգացումէն, որ այդ խոժոռ ու պատկառելի անձնաւորութիւնը ունեցած էր իմ նկատմամբ։

Դժուար է բացատրել ճշգրտօրէն այն զգացումը, որ զիս մղեց այդ ամուսնութեան. իմ էութեանս մէկ խռովեալ եւ նոյնիսկ պղտոր ժամանակամիջոցին արդիւնքն էր անշուշտ։ Զիս կը սիրէր ու շատ կը սիրէր. անիկա չվհատեցաւ իմ արհամարհանքէս, իմ ցրտութենէս, իմ գրեթէ նախատալի վերաբերմունքէս։ Սէրը իր մէջ հզօր էր, եւ ես վերջ ի վերջոյ զգածուեցայ այդ ուժէն։ Հակառակ որ չափազանց դիւրազգած էր իրեն հանդէպ ցոյց տրուած ամենադոյզն յարգանքի պակասութեան, անիկա մեծ համբերութեամբ ու տառապելով կը տանէր իմ յարափոփոխ ու քմահաճ վերաբերմունքս. անիկա երբեմն իմ դէմքէս կախուած կը մնար որսալու համար նոյնիսկ վաղանցուկ ժպիտ մը, քաղաքավարական ժպիտ մը, ու կը մեկնէր անմիջապէս, կարծես վախնալով որ տրամադրութիւնս փոխելով՝ կարող էի հակազդել այդ պահու շնորհած երջանկութեան։ Ինչպէ՛ս կը սիրէր զիս, եւ ինչպէս կը սարսռայի՝ մտածելով այդ սիրոյն եւ խորհելով թէ կարող եմ խոնարհիլ այդ սարսափելի ուժին առջեւ։ «Երբե՛ք, երբե՛ք» կը կրկնէի բարձրաձայն, երբ մինակս սենեակիս մէջ կը խորհէի իր վրայ, բայց եւ այնպէս գիտէի թէ ինչ որ շրթներս կ’արտասանէին, համապատասխան չէր այն ներքին խռովեալ զգացումին, որ զիս կը նախասահմանէր արդէն իսկ իրեն։

Այդ հինգ տարուայ ընթացքին, որ տառապանքի, վարանումներու, կասկածներու երկար տարիներ եղան Միքայէլի համար, բայց երբե՛ք վհատութեան, անիկա ա՛լ աւելի դառնացաւ. եւ կարծեմ յաղթանակելու, անպատճառ յաղթանակելու դիտաւորութիւնը գերակշիռ դեր մը խաղաց իր յարատեւութեան մէջ. ուրիշ կերպ չէ կարելի բացատրել այն համբերատարութիւնը, այն մաքառումը, որով տարաւ շատ մը վհատեցուցիչ դէպքեր։ Ազատելու համար իր հետապնդումէն՝ պատրաստ էի կոյրզկուրայն նետուելու ո՛եւէ յիմար ամուսնութեան մէջ, եւ քանի մը անգամներ փորձութիւնը ունեցայ։ Ամէն անգամ որ նոր թեկնածու մը կը յայտնւէր եւ այնպէս կը ձեւացնէի որ իմ ուշադրութիւնս կանգ առած է նոր անձի մը վրայ, Միքայէլի դէմքը աւելի տխուր խստութիւն մը կը ստանար, իր տառապագին եւ մեղադրող նայուածքը ծանրօրէն կ’իյնար իմ վրաս գրեթէ ոխերիմ արտայայտութեամբ, բայց եւ այնպէս տիրական հայեացքով, եւ ես զգացի որ տկար որս մըն եմ, որ իր ձեռքերուն մէջ եմ արդէն, թէ տակաւին անզօր ջանքեր կ’ընեմ խուսափելու, ու այդ զգացումը թէ՛ սարսափ կը պատճառէր ինծի, թէ՛ զայրոյթ, բայց եւ տեսակ մը սուր եւ ցաւագին հեշտանք։

Հետզհետէ խռովքներու, յուզումներու եւ ուժգին հակասական զգացումներու ալիք մը կը բարձրանար իմ հոգւոյս մէջ. չէի սիրեր զինքը, ո՛հ, ո՛չ, երբե՛ք չեմ սիրած զինքը, բայց իմ հզօր խառնուածքս համապատասխան էր այն խառնուածքին, որ կը յայտնուէր ինծի. տափակ ու միօրինակ կեանքը, առանց յուզումի եւ առանց ելեւէջի, անապատի պէս ամուլ եւ ձանձրացուցիչ կը թուէր ինծի։ Միքայէլ միակ անձն էր որ հարուստ արիւնս կը մտրակէր, զիս կը յուզէր խորապէս, իմ ուշադրութիւնս կը սեւեռէր իր վրայ ու թէեւ տհաճութեամբ, բայց յաճախ խորհիլ կու տար իր մասին. անիկա ճշմարիտ մարդ մըն էր. եւ միայն կիները գիտեն թէ որքան հազուագիւտ բան է ճշմարիտ մարդ մը։ Մեծամասնութիւնը մեզ շրջապատողներուն, մարդկային երեւոյթներ են, ո՛չ թէ մարդեր. տեսակ մը կանգուն եւ շարժուն դիակներ, որոնք կեանքի նմանութիւն մը փոխ առած են դուրսէն, իրենց էութենէն օտար աղբիւրներէ։

Պիտի ջանամ յստակ կերպով բացատրել իմ միտքս։ Մարդիկ՝ այր թէ կին՝ ընդհանրապէս այն չեն ներկայանար ինչ որ են իրապէս. ու այն կեղծ հանդերձանքը, որ կը ստանան յաճախ, անգիտակցութեամբ է, բայց այդ այդպէս է. դեր մը կ’ընտրեն կեանքի մէջ ու այդ դերը կը կատարեն. դերը կ’ընտրեն երբեմն ինքնիրենից, որովհետեւ ատիկա գեղեցիկ կը գտնեն, բայց եւ յաճախ կ’ընտրեն այն դերը, զոր ուրիշները գեղեցիկ կը համարեն։

Մարդկային հոգին, զոր ամէն մարդ իր հետ աշխարհ կը բերէ, այսպէսով կը խեղանդամուի մանկութեան ժամանակէն իսկ. հոգին չի մեռնիր ի հարկէ. բայց անիկա խրտչտած կը կզկտուի ու կը պահուըտի անկիւն մը ու այլեւս երբե՛ք չի համարձակիր յայտնուելու։ Մարդիկ կան որոնց կեանքին այս կամ այն ժամուն հոգին յայտնուած է ու տէր դարձած կացութեան. բայց եւ որքա՛ն մարդիկ կան որոնց հոգին միշտ ընդարմացած մնացած է, ու երբեք զարթումի ժամը չէ հնչած իրենց համար։ Եթէ ոեւէ արտասովոր պարագայ, մեծ յուզում մը, մեծ զգացում մը, կամ մանաւանդ՝ մեծ ցաւ մը թափանցէ մինչեւ հոգին, ու անիկա, եթէ նոյնիսկ զարթումի տարտամ շարժումներ գործէ, մարդիկ, անհանգիստ՝ կ’օրօրեն զայն, կը քնացնեն զայն, որովհետեւ նոյնիսկ իրենց սեպհական հոգիին զարթումը կը սարսափեցնէ զիրենք։ Ինքզինքնուն անծանօթ են եւ երբեք պիտի չհամարձակէին իրենց հոգիին անսահմանութեանը նայիլ, ու կը շարունակեն ապրիլ փոխ առնուած զգացումներով, փոխ առնուած սկզբունքներով, դուրսէն ստացած ձեւերով ու կերպերով, եւ ոչինչ, բայց ոչինչ չի բղխիր իրենց ներքին աշխարհէն, իրենց էութենէն, իրենց հոգիէն։

Այսպէս է որ մարդիկ կ’ըսեն. պատշաճ է այս ինչ բանը, այն ինչ բանը. լաւ պիտի ըլլար այս ինչ պարագային այս կերպ վարուիլ, այն կերպ վարուիլ. ու կը դատեն ու կը դատապարտեն ուրիշները, որովհետեւ այսինչ վարմունքը այնինչ պարագային մէջ համաձայն չէր վարուելու ընդունուած ձեւի մը։

Ոչ ոք կ’ըսէ. ի՞նչ ներքին եւ անդիմադրելի դրդումի հպատակեցաւ, ոչ ոք կ’ըսէ. ի՞նչ կ’ուզէ իմ հոգիս, ինչ նուիրական եւ առանձին օրէնքներ կը թելադրէ իմ սեպհական էութիւնս։ Այս եղանակով է որ կը խորհին ամուսնութեան եւ նոյնիսկ սիրոյ վրայ. իրենց ընտրութիւնը կ’ընեն հաշուով, կանխակալ զգացումներով եւ որոշ պայմաններով։ Բայց ինչ որ զարմանալի է, այն է որ ուրիշներու կարծիքը նոյնիսկ այդ բոլորովին անձնական գործին մէջ յաճախ գերակշիռ է։ Պէտք է որ ուրիշները հիանան, զարմանան, հաւանութիւն յայտնեն եղած ընտրութեան վրայ. ու այն ատեն ամէն ինչ պատշաճ կերպով կատարուած կ’ըլլայ։ Այսպէս է որ մարդիկ կը տեսնենք՝ որ ճշմարիտ մարդեր չեն. զգացումներու կը ծանօթանանք՝ որոնք ճշմարիտ զգացումներ չեն, ու կը տեսնենք որ մարդիկ մէկ հոգ ունին, ո՛չ թէ ապրիլ ու կեանքի բոլոր ժպիտները վայելել բնութեան իրենց ընծայած հնարաւորութիւններուն ամբողջական լիութեամբը, այլ առաւել կամ նուազ լաւ կատարել իրենց ստանձնած կամ ուրիշներէն իրենց տրուած դերը. եւ կեանքը տխուր է, անշահեկան ու ձանձրալի, ինչպէս անտաղանդ թատերագիրի մը կատակերգութիւնը։

Հազուադէպ կերպով մարդիկ կան որ զանազան բարեբախտ դիպւածներու հետեւանքով կամ թերեւս անձնական բացառիկ ընդունակութիւններով կը թօթափեն իրենց տրուած աշխարհիկ եւ կեղծ դաստիարակութեան պատեանը ու կը փնտռեն ինչ որ կորսնցնել տուած են իրենց, կը փնտռեն ինքզինքնին, իրենց հոգին, ու կը յանձնուին անոր։ Այդպիսիները չեն ձանձրանար, երբ առանձին են, երբ մտիկ կ’ընեն իրենց հոգւոյն երգերն ու վէպերը։ Անշուշտ, մշուշներ կը շրջապատեն զիրենք եւ իրենք ալ յաճախ դեր մը կը կատարեն, բայց տարբերութիւնը այն է որ երբեմն կը սթափին եւ կը գտնեն իրենց սեպհական հոգին։ Ու ի՞նչպէս արդեն շատ շատերը պիտի գտնէին իրենց հոգին. երբեք առանձին չեն ինքզինքնուն հետ եւ նոյնիսկ կը սոսկան այդ առանձնութենէն. կեանքը կ’անցնի շատերուն համար աղմուկի, մրցակցութիւններու, իրենց էութենէն օտար նպատակներու հետապնդման մէջ։ Ինչ որ ունին իրենց մէջ, իրենց տրամադրութեան ներքեւ՝ երջանկութեան եւ վայելքի տարրերը, կը փնտռեն հեռուն, իրենց հասողութենէն դուրս կէտերու մէջ, եւ, քանի՜ կարծեն թէ իրենց նպատակները անհասանելի են, այնքան կը խորհին, որ իրենց կեանքը հետաքրքրական է ու կ’ապրին հերոսներու նման. երբեք չեն սթափիր, ժամանակ չունին սթափելու, որովհետեւ իրենց խճողուած կեանքին մէջ առանձնութիւն չունին։

Այն հազուադէպ մարդիկը, որ բացառապէս կ’ապրին իրենց հոգիով, անմիջապէս կը ճանչցուին իրենց գործերուն, զգացումներուն, շարժումներուն ինքնաբուխ, միամիտ եւ յստակ պարզութեամբը։ Անոնց հոգին խրտչելով չէ ապաստանած իրենց էութեան մէկ անկիւնը, այլ մակերեսն է բարձրացած, կը շողշողայ իրենց դէմքին վրայ, կը ճառագայթէ իրենց անձէն դուրս, կ’երգէ ու կը ժպտի անիկա եւ մարդ անասուն կը բարձրացնէ իր բարձրագոյն ոլորտին. թեւեր կու տայ անոր ու կարծես անզգալի կը դարձնէ մարդկային ստորնաքարշ պայմաններու ճակատագրական նուաստութիւնը։ Ի՞նչ փոյթ այն ատեն որ անհամար դիպուածներու դասաւորում մը զայն դրած է այսինչ կամ այնինչ ընկերական դիրքին մէջ. ի՞նչ փոյթ թէ ֆիզիքական ի՞նչ կերպարանքով մարմնացած է անիկա։ Աստուած իր մատը դրած է անոր ճակատին վրայ. անիկա ճշմարիտ ընտրեալներէն մէկն է ու կ’ապրի, կ’անհետանայ այս աշխարհէս, լուսաւոր հետք մը ձգելով իր ճամբուն վրայ։

Դուն այդպիսի ընտրեալ մըն ես, սիրելի՛ս, դուն անոնցմէ մէկն ես որ Աստուծոյ այցելութիւնը ընդունած են. հոգիս զգաց քու հոգիդ, եղբայրացաւ անոր հետ ու ատոր համար է որ քեզ սիրեցի ա՛յնքան խոր, որքան անակնկալ եղանակով մը։

 

* * *

Բայց ես կ’ուզէի քեզ խօսիլ Միքայէլին մասին։ Այն բոլոր սիրունիկ, լաւ հագուած, սրամիտ ու փայլուն փեսացուներուն մէջ, որոնք սուտ մարդերու տպաւորութիւն կ’ընէին իմ վրաս, Միքայէլ ճշմարիտ մարդ մըն էր, բայց իր մռայլ ու տխուր հոգին անհաշտ էր իմինիս եւ այդպէս ալ մնաց մինչեւ ետքը։ Մենք ամուսնացանք, զաւակներ ունեցանք. երկար տարիներ ապրեցանք միասին՝ գրեթէ համակերպելով մեր կեանքին, բայց մեր հոգիները իրարու ո՛չ միայն օտար մնացին, այլ կարծես իրարմէ կը խուսափէին։ Իմ հոգիս միշտ օտար եւ առանձին մնաց։ Հակառակ որ անկեղծօրէն կը փափաքէին հաշտութեան եզր մը գտնել ու ներքին ներդաշնակութիւնը ստեղծել մեր միջեւ, բայց ատիկա անկարելի բան էր։ Մեր ամենէն մտերմական ժամերուն իսկ իմ հոգիս բացակայ էր, եւ այդ ժամերուն մանաւանդ բացակայ էր։ Ժամանակի ընթացքին տեսակ մը վարժութիւն տանելի դարձուց՝ ինչ որ յուսահատութեան տագնապներ պատճառած էր ինձ երբեմն։ Ժամեր եղած են որ իր մէկ շարժումը, իր մէկ որոշ շեշտն իսկ բուռն զայրոյթներ պատճառած են ինձ, եւ գերմարդկային ջանքեր ըրած եմ ինքզինքս սանձելու եւ հանդարտելու համար։ Երբեմն իմ զսպուած ջղագրգռութենէս արցունքներ կը խուժէին աչքերուս մէջ, եւ այդ յուզումները, որ աննպատակ եւ տարտամ կը թուէին իրեն, պատճառ կը դառնային կասկածներու եւ ըմբոստացուցիչ ենթադրութիւններու։ Մէկ փափաք ունէի, առանձին մնալ ու գտնել իմ խրտչած հոգիս, եւ, հոն փնտռել այն մխիթարութիւնները եւ այն ոյժը, որ տանելի եւ խաղաղ պիտի դարձնէին իմ կեանքս։

Իմ հոգեկան անհաշտելիութիւնս արգելք չէր տեսնելու Միքայէլի յատկութիւնները։ Անիկա պարկեշտ եւ առաքինի մարդ մըն էր։ Մեծ փափկութեամբ եւ անշահախնդրութեամբ վարուեցաւ իմ դրամօժիտիս նկատմամբ. նեղ օրեր ունեցաւ, բայց երբեք չխորհեցաւ օգուտ քաղել իմ սեպհական միջոցներէս, հակառակ որ ես բոլորովին անփոյթ էի այդ մասին եւ պատրաստ էի ամէն ինչ տրամադրելու ընտանիքին բարօրութեան համար։ Հօրս մահուընէ ետքը իմ ժառանգութիւնս անձեռնմխելի համարեց եւ իմ անուանս արձանագրելով միացուց իմ օժիտիս, որ նոյնպէս իմ անուանս կը մնար։ Յաճախ նոյնիսկ ըսած է ինծի թէ պիտի ուզէր որ ես բոլորովին աղքատ ու խոնարհ դասակարգէ եւ անշուք աղջիկ մը եղած ըլլայի, որպէսզի համոզուէի թէ միայն իմ անձիս համար սիրած էր զիս։ Հակառակ իր երեւոյթին եւ խիստ կերպերուն՝ անիկա իր մտերմութեան մէջ ունէր մասնաւոր եւ գորովագութ քաղցրութիւն մը, որ նոյնիսկ յուզիչ էր մանաւանդ այն պատճառով որ կը զգայի՝ թէ չի թափանցեր իմ հոգւոյս, ու ասիկա տարօրինակ կերպով դառն եւ տխուր բան մըն էր թէ՛ ինծի եւ թէ իրեն համար։ Յամառ աշխատող մըն էր եւ կորովի՝ իր մտածմունքներուն մէջ ալ։ Տասը տարուան ամուսնութենէ ետքը անիկա նո՛յն եռանդով, նոյն հրայրքով կը սիրէր զիս. ի՞նչ կ’ըսեմ, կը շարունակէր հետապնդել զիս, որովհետեւ, հակառակ որ երբեք այդ մասին ո՛եւէ խօսք չէր արտասանուած մեր միջեւ, անիկա կը զգար որ իմ հոգիս կը խուսափէր իրմէ, թէ ինձմէ մաս մը, լաւագոյն եւ էական մասը իմ անձիս, չէր միացած իրեն հետ։ Այս վիճակը երբեմն զիս կը յոգնեցնէր, երբեմն կը զայրացնէր, բայց եւ յաճախ տեսակ մը խանդաղատանք կը ներշնչէր։ Ես կը ցաւէի իր անօգուտ մաքառումին համար, բայց եւ այնպէս գիտէի թէ տառական կերպով իմ պարտաւորութիւններս կատարելէ անդին չէի կարող անցնիլ եւ թէ իմ հոգւոյս դռները բացարձակապէս ու անդառնալի կերպով գոցուած էին իրեն համար։ Երբեմն ալ կը խորհէի. «Թերեւս ես սիրտ չունիմ, զգալու ընդունակութիւն չունիմ. հետաքրքրութիւն եւ տեսակ մը բարութիւն... ուրիշ ոչի՛նչ, ոչինչ... »։

Բայց ահա՛ հարկ եղաւ որ իմ հոգիս զգայ քու հոգիդ, որպէսզի անոր դռները լայն բացուին, զգացումներու եւ յուզումներու փոթորիկ մը որոտայ իմ մէջս եւ ես գիտնամ ու տեսնեմ բոլոր շքեղութիւնը այն գանձերուն, որոնք իմ մէջս կը կրէի ու որոնց գիտակցութիւնը չէի ունեցած տակաւին։ Աւելին կ’ըսեմ. կարծես հոգիս ամրափակ եւ անհաղորդ՝ կը սպասէր քեզի, կը սպասէր յոյսով եւ հաւատքով, եւ ինչ որ գալիք օրերը կը խոստանային իրեն, ինքը գիտէր, անոնցմով կը հրճուէր նախապէս, ու իր ժպիտները եւ ուրախութիւնը յաճախ կը ծաղկէին իմ դէմքիս վրայ։

 

* * *

Պէտք է ներկայացնեմ իմ կեանքս ամբողջովին ու քեզի խօսիմ նաեւ քեզ ճանչնալէ առաջ իմ զգացական կեանքիս վրայ։ Բայց կը տեսնես որ դժուարաւ ինքզինքս կը զսպեմ՝ որոշ դասաւորման ենթարկելու համար գրելիքս, ու ամէն րոպէ հոգիս դէպի քեզ կը սուրայ, քեզ կը տեսնեմ ամէնուրեք եւ նոյնիսկ անցեալին մէջ, որովհետեւ դուն կայիր միշտ ինծի համար, ու չեմ կարող նոյնիսկ երեւակայել պահ մը իմ կեանքիս մէջ, ուր դուն բոլորովին բացակայ եղած ըլլաս։ Ինծի կը թուի որ այդպէս է նաեւ քեզի համար, թէ ուրիշ կերպ չի կրնար ըլլալ եւ թէ նախասահմանեալ զգացումներու բարեպատեհ հանդիպում մըն էր մեր հանդիպումը։

 

* * *

Յաճախ կը պատահի, եւ նոյնիսկ երբեմն անգիտակցաբար, որ կիները ինքզինքնին արդարացնելու համար տխուր կամ եղերական գոյներով կը ներկայացնեն իրենց կեանքը եւ մանաւանդ իրենց ամուսինը. ես պէտք չունիմ այդպիսի միջոցներու դիմելու. նախ որ արդարանալու պատճառ չեմ տեսներ, իմ զգացմունքիս խորքը այնքան մաքուր է, այնքան յստակ, որ ամէն մարդ կրնայ նայիլ անոր՝ առանց աչքերը պղտորելու, իմ զգացումս արեւի պէս կարող է ճառագայթել եւ նոյնիսկ իր ջերմութեամբ եւ պայծառութեամբ փառաւորուիլ։ Արդարանալու համար պէտք է ամչնալ, եւ ամաչումը յառաջ կրնայ գալ միմիայն պղտոր եւ անխոստովանելի ներքին զգացումներէ։ Եւ ինչո՞ւ ամչնալ յաղթանակէ մը, որովհետեւ վերջապէս ամենամեծ յաղթանակը մարդուս իր սեպհական երջանկութիւնը գտնելը չէ՞։

 

* * *

Եւ յետոյ, սիրելի՛ս, կ’ուզեմ որ համոզուիս թէ իմ դէպի քեզ ունեցած հակումս դժբախտ ու անյաջող կեանքի մը մէկ հակազդեցութիւնը չէ։ Կ’ուզեմ որ գիտնաս թէ ես նպատակներ չունիմ, բաղձանք չունիմ եւ ոչ մէկ հանգրուանի կը ձգտիմ։ Իմ երջանկութիւնս զիս կը լիացնէ, ու զայն անեղծ ու պայծառ պահելու հոգը միայն կարող է զիս արթուն ու ուշադիր դարձնել։ Մարդկային եւ սովորական մտահոգութիւնները անհետացած են իմ մէջէս։ Իմ զգացումս պղտորուած չէ իրմէ օտար ոեւէ զգացումի հետքէ եւ նոյնիսկ ինձմէ հեռու կը վանեմ սիրուած ըլլալու փառասիրութիւնը։ Կը սիրեմ քեզի, ու երջանիկ եմ սիրելով, ու երջանկութեանս բոլոր աղբիւրները ինձմէ կը բղխին, ու բոլոր ծաղիկները կը քաղեմ իմ հոգիիս մէջէն։ Այդ պատճառով է որ ես մտահոգ ու անհանգիստ չեմ պզտիկ կամ մեծ հոգերով, անստուգութիւններով ու կասկածներով։

Կարծես մեծափայլ արեւ մը ծագեցաւ իմ կեանքիս հորիզոնին վրայ, եւ բոլոր մշուշներն ու բոլոր ամպերը փարատեցան. եւ ես հիացած ու զարմացած կը նայիմ անոր ճաճանչներուն բազմազան խաղերուն եւ երջանիկ եմ, հոգիս զեղուն յոյզերով ու քաղցր վրդովմունքով, երջանիկ եմ, ամէն բացատրութենէ գերիվեր չափով մը։

 

* * *

Ինչպէս ըսի արդէն, այն հինգ տարիները, որ կանխեցին իմ ամուսնութիւնս, խորապես դառնացուցած էին Միքայէլի հոգեկան վիճակը, որ առանց անոր ալ տառապելու եւ չարչարուելու ընդունակ խառնուածք մը ունէր։ Անիկա տխուր էր, եւ այդ տխրութիւնը երբեք չփարատեցաւ. անիկա գիտէր թէ զինքը ընտրելէ առաջ վարանումներ ունեցած էի, եւ անհանգիստ ու նախանձոտ էր։ Կը նախանձէր այն մարդոցմէ, որ իրմէ առաջ իմ ուշադրութիւնս գրաւած էին, ու կը նախանձէր նաեւ ծանօթներէ, նոր բարեկամներէ։ Անիկա շարունակ կը տանջուէր աներեւոյթ վտանգի մը կանխահոգութիւններով։ Իր կասկածամտութիւնը, իր բծախնդրութիւնը, իր գրեթէ հիւանդագին հսկողութիւնը, ինծի մօտեցող բոլոր անձերու նկատմամբ, զիս խորապէս կը վիրաւորէին։ Երբեմն ես ինքս կը դառնանայի, եւ կեանքը անտանելի կը թուէր այդ պայմաններուն մէջ, ու վրէժս լուծելու կամ պարզապէս իմ դժգոհութիւնս փարատելու համար երբեմն կը խաղայի այդ զգացումին հետ։ Ցաւալի բան է, բայց ստիպուած եմ ճշմարտութիւնը ըսել. նախանձի զգացումը ամենէն ուժեղ հնչող լարն էր իր հոգիին, եւ ես յաճախ կը սիրէի լսել այդ լարին ողբերգական հնչիւնը։ Հզօր զգացումներու արտայայտութիւնը, ի՛նչ բնոյթ ալ որ ունենայ, միշտ հրապուրած է զիս։ Քանի՜-քանի՜ անգամներ իր ցասումներուն, իր յուսահատութեանց հանդէպ ինքզինքս յուզուած զգացած եմ տեսակ մը դառն ու հաշտագին արբեցութեամբ։ Երբ իր տառապանքը իր գագաթնակէտին կը հասնէր, երբ կը տեսնէի իր աւերուած դէմքին արտայայտութիւնը. իր մինչեւ ոճիրի միտող զայրոյթները, հաճոյք կ’ունենայի բառով մը, ստուգութիւնով մը զինքը հանդարտեցնելու եւ տեսնելու թէ ի՛նչպէս իր ալեկոծուած հոգին իմ մէկ ժպիտովս, իմ մէկ վանկովս կը հանդարտէր հետզհետէ եւ կարծես ոտքերուս առաջ մրմնջելով հոսող գետի մը հեզասահ խաղաղութիւնը կը ստանար։

Այդ խաղը զիս կը զբաղեցնէր եւ իմ կեանքիս պարապը կը լեցնէր երբեմն. իմ հոգիս ուժեղ թափեր ունէր, որոնք անգործ եւ ապարդիւն կը մնային. եւ բացի մայրական զգացումէն, որ մասամբ զիս գրաւած էր, ուրիշ առիթ չունէի իմ հոգեկան կորովս սպառելու։

Երբեմն կ’անդրադառնայի իմ վարմունքիս եւ ինքզինքս կ’ամբաստանէի. «Ես չար կին մըն եմ» կը խորհէի եւ կը ջանայի ինքզինքս ուղղել եւ իմ մէջէս արմատախիլ ընել գէշ խոտերը. բայց եւ այնպէս կը շարունակէի զինքը չարչարել այնքան անօգուտ կերպով։

Այսօր միայն գիտեմ թէ չարութեան հետեւանք չէր ատիկա, եւ թէ այն ինքնաբուխ ոյժը, որ կար մէջս, պէտք էր որ սպառէր մէկ կամ ուրիշ կերպով։ Ու ճիշտ է որ այդ կարգի դէպքերէ ետքը ինքզինքս յոգնած ու սպառած կը զգայի եւ խաղաղութեան կը ցանկայի, բայց երբեմն այդ խաղաղութիւնը կը խանգարուէր անիմաստ պատճառներով։ Այն ատեն յոգնած ջիղերս զիս կը տանջէին, կը յուսահատէի ու ժամերով կ’արտասուէի, խղճալով ինքզինքիս վրայ եւ անզօր ջանքեր ընելով ազատելու համար ինքզինքս՝ զիս կաշկանդող կապանքներէն։

Իմ հօրս ունեցած յարաբերութիւնները, ամուսնոյս դիրքը եւ նոյնիսկ իմ լաւ դաստիարակուած կնոջ համբաւս մեր շուրջը կը համախմբէին, այսպէս ըսելով, մեր հասարակութեան ծաղիկը։ Ամէնքն ալ գիտէին Միքայէլի հիւանդագին կասկածամտութիւնը եւ շատ զգոյշ էին զինքը չվիրաւորելու համար։ Բայց բնութեան անյեղլի եւ անյաղթելի օրէնքները կան, որոնց դէմ ո՛չ մէկ կերպով եւ ամենէն հնարամիտ մարդն իսկ կարող է պաշտպանուիլ։ Այն ընթացիկ եւ պայմանադրական օրէնքներուն համեմատ, որով մարդիկ կը կաշկանդեն զիրար, ես հաւատարիմ մնացի Միքայէլին։ Բայց խորապէս եւ բացարձակապէս կարելի՞ է ստել, ստել ինքզինքին եւ ըսել թէ փորձութիւնը, սէրը եւ նոյնիսկ զանազան կարգի ցանկութիւնները չխռովեցին զիս։ Եւ ի՞նչպէս կարելի էր ուրիշ կերպ ինծի համար, որուն հոգին պատրաստ էր ալեկոծուելու ամենադոյզն քամիէն։ Ես տառական իմաստով հաւատարիմ մնացի մասնաւորապէս անձնական մաքրութեան բնազդով, եւ որովհետեւ զզուելի կը գտնեմ ոեւէ գռեհիկ սիրային պատահար, որովհետեւ իմ ճաշակս եւ իմ դիւրազգածութիւնս անյաղթելի արգելքներ էին եւ զիս կը պաշտպանէին պատահական քմահաճոյքներու դէմ. բայց մանաւանդ, ինչպէս շատ մը կիներու համար, իմ պայմանադրական պարկեշտութիւնս տեսակ մը պչրանք էր, ամենէն անդարմանելի պչրանքը թերեւս, որով կը զարդարուէի եւ նոյնիսկ կը հպարտանայի։

Կը տեսնե՞ս, սիրելիս, որ ես ալ իմ դերս կը կատարէի, ես ալ ստացած էի որոշ եւ փոխ առնուած կերպարանք մը եւ գոհ էի, երբ այդ կերպարանքով հիացում ու մանաւանդ զարմանք կը ներշնչէի...

Բայց իմ սիրտս... քանի՜-քանի անգամներ ուժգին յուզումով մը բաբախած է անիկա... Իմ շուրջս կար գրեթէ միշտ զսպուած զգացումներու յորձանք մը։ Ձեռքի սեղմում մը, ակնարկ մը, երկդիմի խօսք մը, յամառող նայուածք մը՝ յաճախ իմ դիմացս կը բանային յուզումներու եւ զգացումներու անծայրածիր հորիզոն մը։

Պէտք է պարզաբանեմ սակայն այս կէտը։ Իմ սիրտս թափառած է մէկէն միւսը, առանց կանգ առնելու երկար ատեն անհատի մը վրայ. երբ իմ խանդավառութիւնս կը մարէր եւ իմ ուշադրութեան առարկայ եղած անձը կը սկսէր անտարբեր թողուլ զիս, այնքան կատարելապէս կը մոռնայի զինքը որ զարմացած կը վերյիշէի իմ յուզմունքի րոպէներս եւ իմ հոգեկան առեղծուածին առաջք կը մնայի շուարած։ Կը ծիծաղէի իմ սեպհական զգացումներուն վրայ, կը մտաբերէի իմ յուզեալ օրերս ու հեգնութիւնով, անխնայ հեգնութիւնով կը փարատէի այդ կերպ վերյիշութեան մը առթած տհաճութիւնը. «Ի՜նչ փոփոխամիտ եմ, ի՛նչ անկայուն տրամադրութիւններ ունիմ», կ’ըսէի ինքնիրենս։ Բայց այսօր գաղտնիքը պարզուեցաւ ինծի համար. ասոնցմէ ոչ մէկը երբեք ճշմարիտ եւ անկեղծ սէրը եղած է։ Նախ որ ինծի կը թուէր եւ փորձը ցոյց տուած էր որ երբեք ինքնաբերաբար իմ կողմէս առաջինը՝ ուշադրութիւն չեմ դարձուցած մէկու մը. ուրեմն միշտ իմ նախասիրութիւնս ինձ յայտնուած զգացումի մը առաւել կամ նուազ սիրալիր պատասխանը եղած է, ուրիշ ոչինչ։ Ինձմէ չէ որ բղխած է իմ զգացումս, այլ ենթարկուած եմ ուրիշին զգացումին առաւել կամ նուազ ուժգնութեամբ, ու զիս յուզող դրդապատճառը բուն իսկ սէրը չէ եղած, այլ սիրուած ըլլալու փառասիրութիւնը, համբաւաւոր մէկու մը ինձ ընծայած ուշադրութեան սնապարծութիւնը կամ հետաքրքրութիւնը, ու մանաւանդ հետաքրքրութիւնը։

Եւ յետոյ, կայ նաեւ ուրիշ բան։ Իմ հոգիս ծարաւի էր մեծ զգացումներու, հիացումի, քաղցրութեան եւ նաեւ մեծ զոհողութիւններու։ Իմ հոգիս պիտի նախընտրէր սասանեցնող եւ նոյնիսկ մահացու զգացումները՝ ցուրտ եւ հանդարտ քունէն. անիկա կ’ուզէր սթափիլ, յայտնուիլ ու ապրիլ իր բոլոր զօրութիւնովը, իր հզօր թափովը, ու այս ձգտումները, այս որոնումները զիս կը մոլորեցնէին, զիս ենթակայ կը դարձնէին սխալմունքներու։ Ես իմ մէջս կը քաշէի այն յատկութիւնները, որոնցմով կը զարդարէի այս կամ այն անձը. ես կը կազմէի իտէալ մը եւ կը հիանայի իմ կազմած ու զարդարած տիպարիս վրայ. ինքնախաբէութիւնը այնքան կատարեալ կ’ըլլար որ առաջին օրերը բոլորովին անձնատուր կ’ըլլայի իմ ուրախութեանս. կարծես թեւեր կը ստանայի, կարծես կեանքս կը լուսաւորուէր իր սեպհական արեւով, բայց այդ բոլորը պատրանք... եւ յուսախաբութիւնը չէր ուշանար, եւ, այն մարդը, որ կը կարծէի սիրել, կը ներկայանար յանկարծ ո՛չ թէ այնպէս ինչպէս որ ես կը տեսնէի. այլ այնպէս ինչպէս որ էր իրապէս... Կը ծիծաղէի իմ վրայ, իմ սեպհական զգացումներուս վրայ եւ կը շնորհաւորէի ինքզինքս որ ոեւէ անդարմանելի կամ գռեհիկ բան տեղի չէ ունեցած եւ իմ սովորական դիւրազգածութիւնս եւ ճաշակս անգամ մը եւս զիս փրկած են սխալ քայլէ մը։ Ի հարկէ, այդ բոլոր մարդոց մէջ կային որ իրապէս արժանի էին հիացումի եւ սիրոյ, եւ երբ իմ խանդավառութիւնս մարած է ոեւէ պատճառաւ, երբեմն շատ աննշան պատճառաւ մը, իմ մտածումս արդար եղած է իրենց նկատմամբ, եւ ինչքան ալ շուտ սթափած ըլլամ իմ երեւակայութենէս, շատերը կան որոնց յիշատակը բուրմունքի մը պէս մնացած է իմ հոգւոյս մէջ։

Մէկ անգամ ճշմարիտ եւ տառապեցնող սէրը բոյն դրաւ սրտիս մէջ՝ ու փոփոխամիտ չգտնուեցայ այդ անգամուն։

Անիկա քաջ էր եւ իր խիզախ ասպետի գեղեցկութիւնը կը կրէր իր դէմքին վրայ։ Իմ հօրս պաշտօնակիցներէն մէկուն որդին էր. յաճախ տեսած էի զինքը իմ մանկութեանս տարիներուն, բայց իմ ամուսնութենէս ետքը շատ ցանցառ կերպով հանդիպեցայ իրեն։ Երբ փրփրոտ երախով եւ կայծակնացայտ սմբակներով իր սեւ ձիուն վրայ թեթեւ մը նստած կը բարձրանար Սկիւտարի բարձունքներն ի վեր, իր յանդուգն եւ տիրական տեսքը չէր կարող հիացում չազդել. բայց այդ բոլորը միայն աչքի վայելք մը եղած էր մինչեւ այս ատեն ինծի համար։ Անիկա արագութեամբ յաջողած էր զինուորական ասպարէզի մէջ, եւ իր հրամանատարութեան յանձնած էին հետզհետէ կարեւոր պաշտօններ։ Երբ վերջին անգամ վերադարձեր էր տունը, սոսկալի, դժնդակ օրեր էին մեզի համար, այնպիսի օրեր, որոնց դառն ճաշակը կ’ունենանք գրեթէ պարբերաբար, սարսափն ու սպառնալիքը կախուած էին մեր գլուխներուն վերեւ ու զայրոյթը, վրէժխնդրութիւնը, արիական խոյանքները, զսպուած կատաղութիւնը ամբողջ ժողովուրդին, վեր ի վայր կը շրջէին բոլոր հոգիները։ Այդպիսի իրիկուն մըն էր։ Շքեղ եւ արենագոյն վերջալոյսի պահ մը. եղերական գեղեցկութիւնը մեծ ոստանին կը տարածուէր Վոսփորի ափունքներուն վրայ. գարնանային ջերմ հով մը կը հեւար միջոցին մէջ, ու ծառերը սարսռալով իր ճերմակ ծաղիկները կը թափթփէին։ Մինակս ու տրտում հոգիս լեցուն անսահմանելի անձկութեամբ, կը դիմէի Սկիւտարի բարձունքներէն մէկը, ամբողջ օրուան մը ջղագրգռութիւնս ամոքելու յոյսով. միանգամայն կը շտապէի, որպէսզի Միքայէլէ առաջ տուն հասնիմ, որովհետեւ նոյնիսկ այդպիսի օրերու մէջ անոր կասկածներն ու նախանձոտութիւնը չէին դադրեր զիս հալածելէ, ու այդպիսի հոգեկան տրամադրութիւններով ատիկա բոլորովին անտանելի էր ինծի համար։

Արդէն հասած էի որոշ բարձրութեան. յանկարծ նշմարեցի որ մինակ եմ, բոլորովին մինակ... այդ վայրը, որ ամէն իրիկուն խճողուած կ’ըլլար շրջագայողներու բազմութեամբ մը, թափուր էր բոլորովին։ Վախի զգացումը զիս գրաւեց. ամէնուրեք՝ շրջակայ բլուրները, հովիտները, դիմացս ու ետեւս՝ ամայի էր բացարձակապէս. տարօրինակ լռութիւն մը կը տիրէր. նայուածքս սահելով կ’անցնէր ծաղկազարդ մարգարիտներուն վրայէն, Վոսփորի շողշողուն մակերեսէն, հեռաւորութեանց մէջ կոհակաւորուող բարձրութիւններու երանգաւոր կապոյտներէն, առանց թափանցելու անոնց գեղեցկութեան։ Կարծես այդ առանձնութեան ու լռութեան մէջ իմ հոգիս կը թեւաբախէր եւ կը սարսռար։ Զանազան կարգի մտածումներ, սարսափ ու զայրոյթ, վաղւան դէպքերու, հաւանական ոճիրներու կանխահոգութիւնը, ինչպէս նաեւ յաղթանակի յոյսեր, անհաւասար պայքարելու յատուկ մոլեռանդութիւն մը, խուճապով կ’անցնէին մտածումիս մէջէն։ Վախս փարատեցաւ ու քանի մը քայլ առի, պիտի երթայի որոշ կէտ մը. ես ստրուկի աղջիկ չեմ, իմ հոգիս անսովոր յանդգնութիւններ ունի. կարող եմ մեռնիլ վախէս, բայց երբեք չեմ ընկրկիր ու պիտի երթամ մինչեւ հոն, ուր պիտի երթայի... քայլերս զիս կը տանին, իմ հպարտութեան զգացումս թոյլ չի տար որ նոյնիսկ աննպաստ բանի մը մէջ տեղի տամ վախի զգացումով։

Բլուրին միւս կողմը անտանելի էր տակաւին ու կը յառաջանայի գլուխս բարձր բռնած, աչքերս յառած վերջալուսային ամպերու, որոնք կը շարժէին դէպի հիւսիս, ձեւափոխուելով, կծկուելով, ընդլայնելով հետզհետէ...

Յանկարծ տեսայ զինքը. բլուրին միւս կողմէն կը բարձրանար դարձեալ սեւ ձիու մը վրայ։ Ինչո՞ւ անմիջապէս չհեռացայ. ինչո՞ւ կեցա հոն, բարձունքին վրայ առանձին, մինչ երեկոյեան քամին քմահաճ կերպով կը տարուբերէր գլխարկիս քօղը երեսիս վրայ. ինչո՞ւ։ Զգացի՞ որ դէպի ինծի կու գար, երբ ձիուն առաջին սմբակները աւելի հապճեպով կը թափահարէին զառիվերը եւ հողի շեղբեր ցայտելով կը գլտորէին դէպի վար։ Անգիտակից պչրա՞նք մըն էր իմ կողմէս, իմ կանացիութեան բնազդնե՞րս էին որ տիրապետեցին ինծի այդ պահուն. չեմ գիտեր, ճշմարտապէս չեմ գիտեր... Կը յիշեմ միայն որ զարմանալի բայց հեշտագին դող մը խռովեց ամբողջ էութիւնս. կրնայի դեռ մեկնիլ. բայց այդ մտածումը այլեւս բոլորովին խուսափած էր իմ մտքէս։ Կարծես զգացումը ունէի որ մեծ վտանգի մը կը խիզախեմ, ու այդ կը բարձրացնէր իմ տրամադրութիւններս ու անօրինակ յանդգնութիւնով մը եւ հպարտութեամբ կը լեցնէր զիս։

Երբ անիկա հասաւ իմ մօտս, իջաւ անմիջապէս ձիէն ու մեծ յարգանքով եւ իրենց սովորութիւններուն համեմատ բարեւեց զիս։ Նոր վերադարձեր էր ու իր անյաջող արշաւանքը յոգնած եւ յուսաբեկ մարդու խոհուն տխրութիւն մը դրած էր իր դէմքին վրայ։ Իր աչքերը լայնացան ու գորովանքով եւ հիացումով պարուրեցին զիս։ Ես իմ նայուածքս հեռացուցի իրմէ եւ սեւեռեցի տարտամ կէտի մը վրայ, արիւնս խուժած էր դէպի գլուխս, եւ քունքերուս մէջ կը զգայի անոր արագ շրջանին հարուածները։

Այսպիսի խռովեալ օրուան մը մէջ չէ՞ք վախնար մինակ այս ամայութեան մէջ...

Ո՛չ, ըսի, ես ո՛չ մէկ բանէ կը վախնամ։

Հակառակ ինծի՝ ձայնս թշնամական էր, ու կարծես ինծի օտար շեշտով կը հնչէր։

Այլ սակայն մեծ, մեծ անխոհեմութիւն էր ձեր ըրածը... լռեց ու շուարած մնաց. իմ խոնարհած աչքերս տեսան որ ձեռքը կը դողդոջէր մտրակին վրայ։

Հեռուէն տեսայ ձեզ, ըսաւ երգի պէս գորովագին ու ներդաշնակ ձայնով մը, չէի կարող ձեզ ճանչնալ, բայց զգացի որ դուք էք...

Դարձեալ լռութիւն, իր դողդողացող եւ տենդագին մատներուն մէջ մտրակը կը գալարէր խորտակելու աստիճան։

Ու սիրտս ինձմէ առաջ, ձիէս առաջ դէպի ձեզ սուրաց... Արիւնի տաք ալիք մը բարձրացաւ դէպի այտերս դէպի ճակատս... զգացի որ չափազանց կարմրեցայ, ու խիզախելով ինքզինքիս, խիզախելով իրեն, գլուխս բարձրացուցի ու իմ աչքերս համարձակօրէն սեւեռեցի իրեն...

Դուք չէք կարող երեւակայել, ըսաւ գրեթէ հապճեպով, թէ ո՛րքան գեղեցիկ էք այս պահուս, որքան խռովիչ կերպով գեղեցիկ...

Ի՞նչպէս բացատրեմ այդ իմ գահավիժող զգացումներս։ Կարծես իր ջղագրգիռ մատները հպան իմ սրտիս, եւ սուր ցաւ մը զգացի, տեսակ մը կսկիծ։ Ամէն ինչ հիմունքէն կը խախտէր իմ մէջս. չէի կարող հասկնալ՝ գո՞հ եմ թէ դժգոհ... իրականութեան զգացումը կորսնցուցած էի ու կարծես մեծ հարուածներով կը բախէին իմ հոգւոյս դռներուն։ Գինովի զառանցական տարտամութիւն մը գլխապտոյտ կը պատճառէր ինծի, երբ անիկա կը շարունակէր խօսիլ, բայց կցկտուր բառեր կը հասնէին միայն իմ հասկացութեանս։

Ես քու գերիդ եմ... քու ոտքերուդ փոշին. ղուրպան ըլլամ քեզի... դուն ինծի համար անմատչելի, անկարելի երազ մը եղած ես... քու յիշատակդ ամէն տեղ հետս տարած եմ ու ամէն կնոջ մէջ քեզ փնտռած եմ... ես գիտեմ թէ որքան հեռու եմ քեզմէ. թէ ամէն ինչ կարող էի զոհել քեզ համար, ամէն ինչ... նոյնիսկ եթէ ուզէիր...

Ձին յանկարծ քանիցս վրնջեց, ու հովը աւելի արագ անցաւ, ծածկելով դէմքս իմ ծփացող քօղով...

Ի՞նչպէս մեկնեցայ... ի՞նչպէս խուսափեցայ իրմէ, ես ինքս ալ չեմ գիտեր. յուզմունքի եւ վրդովմունքի այնպիսի հոգեկան վիճակներէ անցայ, որ գրեթէ հիւանդացայ... Բայց սոսկալի օրեր էին այդ օրերը, եւ նոյնիսկ Միքայէլ, առանձին ուշադրութիւն չդարձուց իմ յուզուած վիճակիս։

Ամբողջ ժողովուրդը սարսափի մատնուած՝ կը սպասէր մէկ վայրկեանէն միւսը զարհուրելի դէպքերու։ Մեքենաբար կը հետեւէի ես ինքս եղելութեանց, ու զաւակներուս կեանքը ապահովելու համար ունեցած մտահոգութիւններուս մէջտեղ կը տեսնէի զինքը միշտ կանգուն բարձունքին վրայ, յարգանքով խոնարհած գրեթէ շուարուն, իր արեւակէզ դէմքը խոր յուզումէն գրեթէ տժգունած, մինչ նայուածքը տիրաբար կը պարուրէր զիս գորովանքով։

Այլեւս ոչ մէկ կերպով յաջողեցայ մոռնալ զինքը. այդ օրերուն մանաւանդ, երբ կը խօսէին ինծի ու զիս կը զբաղեցնէին զանազան հոգերով, յանկարծ կարծես հոգիս կը բացակայէր, միտքս կը ցրուէր, եւ ուժգին յուզմունքի ներքեւ հիւանդի պէս կը դողայի։ Երբեմն ալ մոռցած ամէն ինչ՝ կ’երազէի երկարօրէն եւ անդրադառնալով մէկին իմ յոռի բնազդներուս, ամօթն ու զղջումը կը գալարէին զիս ցաւով եւ նուաստութեան տաժանելի զգացումով մը։ Կարծես թէ հոգիս բռնաբարուած էր, եւ ո՛չ միայն ես անհատապէս, այլ մենք հաւաքաբար կը կրէինք այդ բարոյական նուաստութեան նախատինքը։ Ի՜նչպէս կ’ուզէի ինքզինս ազատել այդ ճնշումէն եւ անոր առթած բանաւոր եւ երկբայական վրդովմունքէն, բայց իմ ջանքերս ապարդիւն էին։ Սոսկալի եւ նոր դէպքեր կը խարազանէին զիս սոսկումով եւ զզուանքով։ Անողոք եւ դաժան պայմաններ մեզ կը բաժնէին իրարմէ, արեան հեղեղներ կային մեր միջեւ ծովացած։ Այն երբեք ը, որ արտասանեցի ինքնիրենս, պատասխանելով իմ վրդովուած էութեանս, անկեղծ եւ անտեղիտալի երբեք ն էր... Այլեւս խուսափեցայ զինքը տեսնելէ, այլեւս բնաւ իր աչքերը չհանդիպեցան ինծի։ Եւ ես խստութեամբ հետեւեցայ այն արգելքին, որ ինքզինքիս հարկադրեցի, բայց եւ պէտք է խոստովանիմ, զգացումը մնաց իմ մէջս ու յարատեւեց։ Սեւ ամպ մը կարծես մթագնեց իմ սիրտս, բայց եւ այնպէս չյաջողեցայ մոռնալ զինքը։

Երկու ամիս ետքը նամակ մը ստացայ իրմէ, կը մեկնէր երկար ու անորոշ ժամանակով, վտանգաւոր պաշտօնի մը համար։ Այդ նամակով կը յայտնէր դարձեալ իր անխախտ զգացումները։ Կ’ըսէր թէ գիտէ ինչքա՜ն ատելութիւն ու նոյնիսկ խորշանք ունենալու եմ իրեն համար, թէ ինձ գրելու համար կ’ընտրէ այնպիսի րոպէ մը, երբ ես ինքս գիտեմ թէ ոեւէ յոյս չի կրնար ունենալ, բայց եւ կ’ուզէ հաստատել թէ ինքը նման չէ այնքան ուրիշներու եւ թէ իր սիրտը ճշմարիտ ու մաքուր զգացումներու ընդունակ է, թէ երբեք պիտի չմոռնայ այն կինը, որ տեսաւ այն իրիկունը եւ թէ բաղձանք մը ունի, այն է որ սխալ դատած չըլլամ զինքը եւ ոչ թէ տաժանելի, այլ քաղցր հետք մը մնացած ըլլար իրմէ իմ յիշողութեանս մէջ։

Չէ՛, սխալ դատած չէի զինքը եւ չէի մոռցած... բայց թէ ինչքան տաժանելի ու եղերական բան էր այդ զգացումը ինձ համար, երբեք պիտի չկրնամ բացատրել։ Իմ տխրութեան թէ ուրախութեան օրերուս անոր յիշատակը կը վերադառնար ինձ ու կը կանգնէր իմ մտածումիս մէջ. անիկա իմ հոգւոյս խորքին մէջ մնացած էր. ու չէի կարող վտարել զինքը իմ էութենէս։ Երբեմն հաշտ, եւ նոյնիսկ գորովագին զգացումով մը կ’անդրադառնայի այդ անշօշափելի եւ յարատեւ ներկայութեան, բայց եւ յաճախ թշնամիի պէս կը տեսնէի զինքը։ Այս բանը կը համարէի տեսակ մը մղջաւանջ, հոգեկան ախտ, ուրկէ կ’ուզէի բուժուիլ բայց եւ կը զգայի թէ անդարմանելի է։

Ո՞վ կարող էր երբեք երեւակայել այն տռամը, որ իմ հոգւոյս մէջ կար, երբ զիս կը տեսնէին ժպտուն, խաղաղ, հանդարտ իմ շարժումներուս եւ խօսքերուս մէջ։ Գիտնալով թէ ի՜նչ սոսկալի բան մը կը կրեմ էութեանս մէջ, կը խորհէի ուրիշ մարդոց եւ կիներուն նայելով... «Ո՞վ գիտէ, ի՜նչ կայ խորքերուն մէջ»։ Այդ ցաւը. այդ թաքուն ու խոր ցաւը զիս ներողամիտ կը դարձնէր ուրիշներու նկատմամբ, որովհետեւ ինչ որ ալ գործէին եւ ինչ որ ալ խորհէին, չէին կարող այնքան մեղապարտ զգացումներ կրել իրենց մէջ՝ որքան ես, եւ ես ինքզինքիս համար խիստ դատաւոր մըն էի, անողոք կերպով խիստ դատաւոր։

Բայց դուն ներողամիտ եղի՛ր ինձ համար, սիրելի՛ս. գոնէ ջանա՛ ներողամիտ ըլլալ։ Այն հոգին, որ քեզ ընդունելու համար լայնօրէն բացուեցաւ, պիտի ուզէի որ ըլլար մաքուր եւ յստակ լոյսի պէս եւ ոչ մէկ ստուեր, ոչ մէկ բիծ արատաւորած ըլլար անոր պայծառութիւնը։ Բայց մարդս ճակատագրական կերպով ենթակայ է մեղքերու. այս այսպէս է, ու քանի որ այսպէս է, ուրեմն ուրիշ կերպ չէր կարող ըլլար։ Խորհէ՛ որ թաքուն եւ յարատեւ կերպով մը տառապած եմ. հոգիս գալարուած է ցանկութիւններով, ամօթով, զզուանքով ու սիրով միանգամայն։ Իմ մոլորուած երեւակայութեանս մէջ զինքը տեսած եմ այնպիսի պահերու՝ որ ցաւի աղաղակը դժուարաւ զսպած եմ կոկորդիս մէջ։ Երգի որոշ եղանակներ, որոշ երանգներ, վերջալուսային շողիւն մը, այն վայրերը, ուր հանդիպած էի իրեն, կ’ոգեկոչէին զինքը ու անիկա իմ մօտս կը զգայի ու իր տաք շունչը իմ էութեանս վրայ։ Ո՞վ կարող էր երեւակայել։ Այսպէս է որ կինը յաճախ մարդոց կը թուի անթափանցելի ու խորհրդաւոր, որովհետեւ իր հոգիին ալիքներուն խորերէն վաղեմի յիշատակներ եւ կերպարանքներ, նոր կենդանութեամբ մը կը բարձրանան ու կը յայտնուին։ Այդ պատճառով է որ յանկարծ իր ձեռքը կը դողայ ձեր ձեռքին մէջ, իր շրթները կը մերժեն ձեր համբոյրը եւ անակնկալ տժգունութիւններ կամ կարմրութիւններ կ’անցնին իր դէմքին վրայէն։ Այսպէսով է որ յանկարծ իր ուրախութիւնները կը մարին, կամ տխրութեան մէջ կը ժպտի, եւ իր նայուածքը կը դառնայ տարտամ ու անհանգիստ, որովհետեւ պահ մը մոռցած ձեր ներկայութիւնը, անիկա կը դիմաւորէ յիշատակները իր բարեբախտ կամ դժբախտ սէրերուն։ Այսպէս է որ անակնկալ կերպով կինը կը գտնէք քաղցր ու գորովագին, որովհետեւ զղջումը եւ ամօթը ուրիշի մը խորհած ըլլալուն, զինքը կը դարձնեն հեզ ու խոնարհ, մինչ ուրիշ պահեր իր անցեալ ժամերու յիշատակներուն մէջ կը գտնէ անսպասելի արիութիւն դիմադրելու եւ խրոխտանալու։ Ու այդ բոլորը անթափանցելի գաղտնիքներ են ոչ միայն մարդոց, այլ յաճախ նոյնինքն կնոջ համար, որովհետեւ սովորութիւններու, զգացումներու, պայմանադրական վերաբերումներու թանձր մշուշին ընդմէջէն անիկա շատ հազուադէպ կերպով յստակօրէն կ’անդրադառնայ ինքզինքնին։

Այսպէս է որ երբ զիս կը տեսնէին հանդարտ ու ժպտուն, չէին կարող երեւակայել թէ ի՛նչ տագնապներ կը գալարէին իմ հոգիս։ Կարծես երբեմն անոր ջղագրգիռ մատները կը հպէին իմ ցաւի բաբախուն սրտիս։ Երբեմն կը խորհէի անձնատուր ըլլալ իմ զգացումիս, սիրել ու մեռնիլ, ոտնակոխել բոլոր արգելքները, սաւառնիլ բոլոր վիհերուն վրայէն... ու ահա յանկարծ, նոյնիսկ կայծակի արագութեամբ եւ միմիայն մտածումով այդքան սոսկալի կերպով մեղանչած ըլլալուս համար տխրութեան եւ յուսահատութեան տագնապներ կ’ունենայի, ու ամբողջ եղերականութիւնը հոգեկան այս կացութեան, երբեմն զիս օրերով յուզուած եւ դողդոջուն վիճակի մէջ կը պահէր։

Ազատելու համար այդ սեւեռեալ մտածումէն, կը ջանայի ոչ մէկ անզբաղ վայրկեան ունենալ, օրուան ժամերս կը տրամադրէի այնպէս, որ հեւ ի հեւ առանց դադարի զանազան կարգի զբաղումներով գրաւուած ըլլայի։ Երբ յոգնութենէ սպառած, առանձնանալու եւ հանգչելու ժամը հնչէր, պէտք էր որ կարդայի, կարդայի մինչեւ որ քունը մթագնէր գիտակցութիւնս ու տարիներ, տարիներ այսպէս, հակառակ որ ոչ մէկ լուր կը ստանայի իրմէ եւ մեր շրջանակներուն մէջ ոչ ոք կը խօսէր իր մասին։

Օր մը, սակայն, անակնկալ կերպով մը արտասանուեցաւ իր անունը. սոսկալի ժամ մը եղաւ ատիկա ինձ համար։

Պալքանեան պատերազմի օրերն էին. թրքական բանակին անյաջողութիւնները այլեւս գաղտնիք չէր նոյնիսկ թուրքերուն համար։ Կէս օրէ մը ետք, պտոյտէ վերադարձին, ամուսնոյս բարեկամները եկած էին մեզ մօտ հանգստանալու համար։ Կը խօսէին օրուան դէպքերուն վրայ։ Յստակօրէն կը յիշեմ թէ ի՜նչ հոգեկան տրամադրութեան մէջ էի այդ օրը, ի՜նչ մանրամասնութիւններ կային շուրջս, դէմքի ի՜նչ արտայայտութիւններ ունէին ամէն մէկը։ Պահեր կան մեր կեանքին մէջ որ իրենց բոլոր յարակից, նոյնիսկ աննշան հանգամանքներով կը յաւերժանան. կարծես ժամանակը կանգ կ’առնէ, չի թաւալիր ու վարագոյր մը կը բացուի մեր անկարողութեանց դիմաց, ու գրեթէ կը տեսնենք անտեսանելին։

Օդը ցուրտ էր այն օրը եւ սպասուհին հակած էր նոր փայտեր դնելու համար վառարանին մէջ։ Պատուհաններու վրայ անձրեւը կը մրմնջէր եւ նոր վառուած փայտերու աղմկալի ճարճատիւնը եւ հուրհուրալը ուրախութեամբ կը պատասխանէին անձրեւի մրմունջին։ Իմ խաղաղ եւ յոգնած օրերէս մէկն էր այն օրը. հոգիս կարծես կը քնանար ու մանկական զուարթութիւն մը հաճոյակատար եւ եռանդուն կը դարձնէր զիս. այս այնպիսի տրամադրութիւն մըն էր, երբ մարդս կարծես առիթը կը փնտռէ հաճոյք մը պատճառելու, քաղցր խօսք մը ըսելու, գուրգուրալու՝ բանի մը վրայ։ Կարծես մարդուս սիրտը յուզումնալի սիրով զեղուն կ’ըլլայ եւ կ’ուզէ սպառել այն աւելին, որով վերջապէս անհանգիստ պիտի ըլլայ։

Սեղանին վրայ մեխակի թաղար մը ծաղկած էր իր կարմիր ծաղիկներով։ Շարժելու, ժպտելու, երգելու փափաքս ստիպուած էի զսպել, որովհետեւ Միքայէլի խուզարկու նայուածքը սեւեռած էր վրաս. Միքայէլ կը սկսէր կասկածիլ այնքան, երբ տխուր տեսնէր զիս, որքան երբ անսովոր կերպով զուարթ ըլլայի։ Բայց իմ ինքնաբուխ եռանդիս չկրնալով հանդարտ նստիլ, մօտեցայ թաղարին, բարձրացուցի զայն եւ դէմքս ծածկեցի ծաղիկներուն մէջ։ Վերջալոյսի շողիւն մը, թանձր ամպերէն թափանցելով, միակ ճառագայթ մը ուղարկեց դէպի մեզ. աչքերս ժպտեցան այդ ճաճանչին, որ հետզհետէ կը մարէր, բայց ադամանդներու պէս պսպղուն կը դարձնէր ապակիներու վրայէն սահող անձրեւի կաթիլները։

Ի՜նչ տարօրինակ երեկոյ մըն է, ըսաւ մէկը։

Միւսը իր պատմութիւնը կը շարունակէր. կը խօսէր թէ ի՜նչպէս մէկ քանի սպաներ արիաբար ուզեր էին դիմադրել եւ առաջքը առնել նահանջին, բայց անկարող դարձեր էին ու ինկեր պատերազմի դաշտին վրայ. անուններ արտասանեց, որոնցմէ մէկը անոր անունն էր։

Ատրինէ՛...

Կարծես կապարի հարուածներ բազուկներս ջլատեցին ու թաղարը ինկաւ ձեռքէս. գլխու պտոյտի մը մէջ հեռացայ շտապով ու առանձնացայ սենեակս։ Ո՛չ, չկրցայ արտասուել, չկրցայ աղաղակել բայց մեռելային ցուրտ մը ինձ պատեց, ու ահա յանկարծ գոհունակութեան, չարաբաստիկ եւ հրէշային գոհունակութեան հակազդեցութիւն մը յառա եկաւ իմ մէջս։ Ուրեմն այլեւս չկար, չկար, չկար... այլեւս այս աշխարհիս վրայէն իր մարմնեղէն ձեւը անհետացած էր ու այն սարսափը՝ թէ ոեւէ օր մը ոեւէ տեղ մը դիպուածով կրնամ հանդիպիլ իրեն, անհետացած էր նաեւ ընդմիշտ.. ։ Բայց միանգամայն ինձ թուեցաւ որ ժամանակի եւ հեռաւորութեան օրէնքները ինկած էին այլեւս իրեն համար, եւ թէ իր հոգին թերեւս իմ շուրջս կը թափառէր այդ պահուն, ու ինձ թուեցաւ նաեւ որ անօրինակ հրայրքով մը իմ հոգիս ամենաքաղցր ու գորովագին խօսքեր կը մրմնջէր անոր։

Դուռը ընդոստ բացուեցաւ ու Միքայէլ երեւցաւ զայրացած ու անհանգիստ։ Ինքն էր որ գոչեր էր իմ անունս, խռովուած իմ զուարթութենէս եւ եռանդէս, տարօրինակ գտնելով որ հիւրերու ներկայութեան խանդաղատանքի այդքան անսովոր ցոյց մը կ’ընեմ մեխակներուն։ Իսկ հիմա եկած էր հասկնելու իմ տժգունութեանս պատճառը, իմ վրդովմունքս, իմ ցաւս։ Չեմ գիտեր թէ գաղափարներու կցորդութեամբ մը հասկցա՞ծ էր իրականութիւնը թէ ոչ. բայց իր նայուածքը խիստ էր ու անկարեկիր իմ տառապանքիս։

Ի՜նչքան հիւանդ էի եւ ի՜նչքան տառապեցայ չարչարուած Միքայէլին կասկածներէն, խստութիւններէն ու նոյնիսկ բրտութենէն։ Բայց այս բոլորը անգամ մը եւս յոգնեցուցին զիս ու բուն ցաւս անհետացաւ սրտնեղութիւններու, ձանձրոյթի ու միօրինակ հարցապնդումներու մշուշի մը մէջ։

Անկէց ի վեր դարձեալ տարիներ անցեր էին, ու յաճախ իր յիշատակը վերադարձեր էր իմ մէջս, մի՜շտ նոյն կսկիծը, նոյն դառն ու տաժանելի զգացումը արթնցնելով։ Միայն ամօթը անհետացեր էր։ Մահը կը սրբագործէ ամէն ինչ եւ այդ է պատճառը թերեւս որ կրցայ իր մասին գրել այսքան երկարօրէն, մինչ առաջ նոյնիսկ յիշատակին վրայ չէի ուզեր, չէի կրնար րոպէ մը աւելի կանգ առնել։

Ահա իմ բոլոր անցեալս իր լաւ ու վատ կողմերով։ Ես ուզեցի ամէն ինչ ըսել քեզ, ամէն ինչ պարզել, որպէսզի իմ արտակարգ հոգեկան շարժումներս գաղտնիք չունենան քեզ համար։ Ես համոզված եմ որ ամէն մարդկային հոգի, եթէ ոչ նման, գոնէ համարժէք բարդութիւններ ու փոթորիկներ ունեցած է։ Բայց տարբերութիւնը այն է որ ամէն մարդ կամ ամէն կին չի ճանչնար իր հոգին, յստակ կերպով չանդրադառար անոր բաղձանքներուն եւ առանձին օրէնքներուն եւ կոյր՝ ինքզինքին համար, աններող եւ խիստ է ուրիշներուն նկատմամբ։ Մարդիկ սովոր են ըսել. «Ես այս ինչ սկզբունքները ունիմ, ես այսպէս կը վարուիմ այս ինչ պարագային մէջ, այնպէս՝ այն ինչ պարագային. կը սիրեմ սա կարգի մարդիկը, կ’ատեմ նա կարգի մարդիկը»։ Բոլոր ասոնք տգիտութեան յանդգնութիւններ են։ Մարդիկ չեն գիտեր որ իրենց իսկ մէջ կը կրեն անսահման եւ յարափոփոխ բան մը։ Իր առանձին եւ մեզ անծանօթ օրէնքներով, որոնք նման չեն մարդոց հարկադրած օրէնքներուն։ Անիկա անծայրածիր ծով մըն է որուն ափունքները չեն տեսներ երբեք եւ որուն փոթորիկները եւ խաղաղութիւնները կը կրենք ու կը վայելենք առանց գիտնելու յաճախ թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս։

Բայց մանաւանդ երբե՛ք, երբեք մոռնալու չէ սա բանը՝ թէ մենք իշխանութիւն չունինք մեր հոգիին վրայ եւ թէ անիկա կ’ալեկոծուի մեր կամքէն դուրս գտնուող պատճառներէ. եւ ահա թէ ինչո՞ւ պէտք չէ դատել զիրար եւ անսահմանօրէն եւ անկեղծօրէն պէտք է ըլլալ իրարու նկատմամբ։

 

* * *

Իրիկուն մը, մինչ զաւակներս քնացած էին ու ես մինակս ըլլալու երջանկութիւնը ունէի, վառարանին քով թիկնաթոռիս մէջ ընկողմանած կը խորհէի հանդարտութեամբ։ Ահաւասիկ իմ երիտասարդութիւնս անցնելու վրայ է եւ ես, կարելի է ըսել թէ իմ կեանքս ապրեցայ։ Իմ հոգիս ճանչցաւ մարդկային զգացումներու ամենաբարձր եւ զանազան յուզումները։ Ամեն ինչ ուրիշի մը կեանքին մէջ տափակ ու գռեհիկ պատահար մը պիտի ըլլար, իմ մէջս, շնորհիւ բնական տրամադրութեան մը, դարձաւ հրաշագեղ երազ մը, կամ հրահրուած բոց մը, կամ շողշողուն երկնակամար մը։ Ես իմ հոգւոյս մէջ որոնեցի եւ գտա այն գոհարները, որոնցմով զարդարուեցաւ կեանքս եւ քանիցս յաղթանակեցի ժամանակին եւ միջոցին, քանի որ պահեր եղան, ցաւի կամ ուրախութեան պահեր, որոնց միջոցին հոգիիս թեւաբախումները զգացի յաւիտենականութեան մէջ։

Հանդարտօրէն մտածեցի ամէն անոնց վրայ, եւ բազմաթիւ էին անոնք, որոնց մասին հիացում, սէր, ու նոյնիսկ վաղանցուկ գորովանք մը ունեցած էի եւ ամենուն համար ալ բարեացակամ եւ սիրազեղ զգացի ինքզինքս։ Երախտապարտ էի բոլոր անոնց՝ որոնք իրենք կա՛մ տաղանդով, կա՛մ հոգիի գեղեցկութեամբ, կամ իրենց անձին ոեւէ մէկ ուշագրաւ արտայայտութեամբ սեւերած էին մտածումս եւ աղբիւր դարձած էին ինձ համար յուզումներու, բուռն զգացումներու, գորովանքի եւ նոյնիսկ տառապանքի։ Ժամանակի տեւողութեան մէջ երջանկութիւնը ու տառապանքը նոյն բաներն են եւ արժէք ունի միայն իրենց առաւել կամ նուազ ուժգնութիւնը։ Ուրեմն իմ կեանքիս մէջ քանի մը գարուններ ծաղկեր էին եւ փոթորիկները որոտացեր ու անցեր էին առանց սուգ եւ աւերում յառաջ բերելու։

Իմ զաւակներս առողջ էին կորիւններու նման, եւ իրենց աչքերուն մէջ կը ժպտէր իմ աչքերուս ժպիտը, ու իրենց շրթներուն վրայ կու գային իմ հոգւոյս վանկերը։ Իրենց մատղաշ սրտերուն մէջ կը ճանչնայի ուրախութիւնը կեանքին, ապագայ օրերու գեղեցկութեան բողբոջները եւ վստահ էի որ հաղթանակելով պիտի անցնէին իրենց սահմանուած կեանքի ընթացքին մէջէն։

Իմ ցաւերս այս պայմաններու մէջ չէին կրնար դառնութեան եւ անդարմանելի յուսաբեկութեան հետքեր թողուլ։ Ես կանգուն եւ հպարտ անցեր էի կեանքի բոլոր դերբուկներէն։ Գետնաքարշ նուաստութիւնը չէր խոնարհած երբեք իմ գլուխս եւ եթէ դառնապէս արտասուեր էի երբեմն, ոչ ոք իմ արցունքներս տեսած էր եւ այդ իսկ պատճառաւ ժպիտը միշտ պատրաստ եղած էր ծաղկելու տակաւին խոնաւ աչքերուս մէջ։ Գիտցեր էի իրենց նուազագոյն արժէքին վերածել կեանքին տաղտկալի ու ցաւագին ժամերն ու գերագրգռել ուրախութեան ճաճանչները։ Եթէ համակերպելով Միքայէլին բռնակալ սիրոյն եւ կասկածամտութեան, ջանացեր էի զերծ մնալ անոր պոռթկումներէն, ասիկա չէր եղած երբեք հեզութեան եւ նուաստութեան զգացումներով, այլ տեսակ մը գիտակցութեամբ իմ գերազանցութեան մասին եւ ապաւինելով իմ հոգւոյս պայծառութեանը, ուր չէր կարող թափանցել ո՛չ Միքայէլին եւ ոչ ալ ուրիշ ոեւէ մարդու չարակամութիւնները եւ պղտոր բնազդներու հետեւանք եղող հոգեկան դժբախտ տգեղութիւնները։ Այդ բոլորը փրփրեր ու անցեր էին իմ էութեանս ափունքներուն վրայէն, առանց զիս պղտորելու եւ առանց մանաւանդ իմ էութեանս յատուկ տրամադրութիւնները խախտելու։ Ես մինակ, անկեղծ ու հպարտ մնացեր էի ինքզինքիս մէջ, սպասելով եւ հաւատալով, քանի որ երբեք չէի դաւաճանած իմ սեպհական զգացումներուս եւ իմ հոգւոյս առանձին օրէնքներուն։ Բնազդո՞վ թէ գիտակցութեամբ՝ ամենէն նուիրական օրէնքները համարեր էի անոնք որ իմ էութեանս խորքերէն, իմ իսկութենէս կը հետեւէին եւ վերագնահատելով իմ ապրած օրերս, գոհ էի ինքզինքէս։ Տարօրինակ խաղաղութիւն մը եւ հանդարտութիւն մը զիս ողողեց եւ իմ կեանքիս գեղեցիկ օրուան վերջաւորութեան նայեցայ առանց վրդովմունքի եւ առանց ցաւի։

Բայց այդ պահուն չխորհեցայ, սիրելի՛ս, թէ իրիկնամուտը տակաւին հեռու էր եւ վերջալուսային ժամերը կային, այնքա՛ն գեղեցիկ ու այնքան երկարատեւ մեր երկիրներուն մէջ, եւ որուն շողշողուն գեղեցկութեանը մէջէն սահմանուած էի քեզի հետ անցնելու։

Երեկոյեան ուրախ էի եւ այցելութեան գացի իմ մէկ բարեկամուհիիս։ Հոգւոյս մէջ խռովայոյզ երգ մը կը հնչէր։ Ասիկա ինծի յաճախ կը պատահէր։ Փոքր հասակիս մէջ դաշնակի դասեր առած ու անիմաստ պատճառներով թողած եմ։ Բայց այն ժամանակէն, երբ դեռ իմ անվարժ մատներս դժուարաւ կը գտնէին նօթերը կամ թէ կը դանդաղէին ձայնանիշի մը վրայ, պատճառը այն էր որ տարբեր ու ներքին երաժշտութեան մը մտիկ կ’ընէի։ Երբ մինակ էի, ու պէտք էր դասերս պատրաստել, երբ իմ վտիտ ու անճարակ մատներս կը թափառէին ստեղնաշարին վրայ, գրեթէ խարխափելով կը գտնէի այն երգը՝ որ հոգւոյս մէջ կը լսէի եւ որուն նմանը ո՛չ մէկ նուագարանէ եւ մէկ մարդկային շրթներէ եղանակաւորուած է։ Անոնք իմ սեպհական երգերս էին, իմ հոգւոյս ձայները, որոնք կ’ընկերանային իմ տխրութիւններուս կամ ուրախութիւններուս, բայց եւ ոչ մէկ կերպով չէի կրնար արտայայտել։ Երբեմն առանձին նօթ մը շեշտ մը, աղաղակ մը, մրմունջ մը կը մոլորուէր ու դուրս կ’արձակուէր այդ ներքին համադաշնակութենէն, բայց այդ էր բոլոր, ու իմ երգս, ու իմ երգերս կը մնային ինձ համար միայն լսելի։ Երբեմն հոգիս կը լռէր ամիսներով, տարիներով, եւ ահա՛ յանկարծ, չեմ գիտեր ի՞նչ դրդումով, ի՞նչ ներքին եւ անթափանցելի պատճառներով անիկա կ’երգէր իր եղերերգութիւնը կամ բարձրագոյն ուրախութիւնները։

Այսպէս էր նաեւ այդ օրը։ Կարծես մեծ անտառի մը սօսաւիւնը կ’ելեւէջէր իմ մէջս երկարօրէն, խաղաղօրէն, եւ ես մտիկ կ’ընէի այդ դաշն ու գրաւիչ համերգին։ Րոպէական լռութիւններ կը նախապատրաստէին զիս հրաշալի վերսկսումներու՝ որոնց միջոցին կը լսէի նաեւ հեռաւոր եւ սաղարթախիթ առանձնութեան մը մէջ ջուրի կաթիլներու հատիկ-հատիկ անկումը մամռապատ ժայռի մը վրայ…։ Աւելի հեռաւոր կը հնչէր թռչուններու շատախօսութիւնը, որը երբեմն կը ներդաշնակուէր եւ երբեմն ալ կը խանգարէր դառն սօսաւիւնը անտառին. բայց կարծես տիրապետելու եւ խեղդելու համար օտար ճիւղերն ու ձայները, փոթորիկի մը պէս կը բարձրանար սօսափիւնը եւ իր խռովայոյզ ու ցասմնալի երգովը լեցնելէ ետքը ամբողջ տարածութիւնը, աստիճանաբար կը խաղաղէր ու կը լռէր։ Այդ դադարի պահուն ծառերու զոյգեր կը շարունակէին առանձինն մրմնջել եւ յոյզերու սարսուռ մը կը փոխանակէին իրարու հետ, մինչ անծանօթ եւ սաղարթախիտ հեռաւորութեան մէջ ջուրի կաթիլները հատիկ-հատիկ միշտ կ’իյնային մամռապատ ժայռի մը վրայ։

Հետեւեալ օրը, կը յիշե՞ս, դուն չեկար ճաշի։ Հիւրերը հասած էին արդէն եւ քեզի կը սպասէինք. բոլորովին հանդարտ էի ես ինքս, ու իմ սպասումիս մէջ անհամբերութիւն չկար. բայց որովհետեւ մտադրած էինք կէս օրէ ետքը դէպի Չամլըճա բարձրանալ, որոշեցինք այլեւս չսպասել քեզ եւ սեղանատունը անցանք։ Կէս ժամ ետքը հասաւ քու հեռագիրդ՝ որով ներողութիւն կը խնդրէիր եւ կ’ըսէիր թէ անսպասելի պատճառ մը քեզ կ’արգիլէր Սկիւտար գալու։

Երբ լաւ կամ գէշ վճռական բան մը պիտի պատահի մեր կեանքին մէջ, կարծես անիկա նախասահմանեալ բան մըն է, ու ամէն ինչ, նոյնիսկ աննշան դիպուածները, օտար պատահարները կը միանան, կը հանդիպին իրարու եւ կը նպաստեն անոր յառաջ գալուն։ Այսպէս, այդ օրուան քու բացակայութիւնը պատճառ եղաւ որ քու մասին խօսին երկարօրէն, քեզ ներկայացնեն եւ այսպէս ըսելով կարելիութիւնը ընծայեն որ ձեւով մը քու բարոյական պատկերդ կազմեմ։ Կարծես ամէնքը կ’աշխատակցէին իմ այդ մտաւոր եւ տակաւին անգիտակից ջանքիս մէջ։ Բայց կ’ուզեմ ճշդել կէտ մը. այն է՝ որ ուրիշներուն գովեստները եւ դէպի քեզ լաւ տրամադրութիւնը չէ որ ազդեցին իմ վրաս ու իմ մէջս յարուցին յուզմունքներու փոթորիկ մը։ Ո՛չ, ո՛չ։ Երբ տեսայ քեզ եւ անկից ետքը դեռ քանի մը անգամներ, սիրտս հանդարտ էր եւ միայն համակրելի ու ազնիւ մարդու մը խօսելու սովորական հաճոյքը ունէի…։ Այն բանը, որ վեր ի վայր շրջեց իմ հոգեկան վիճակս, կայծակի արագութեամբ կատարուեցաւ։ Ես ինքս չեմ գիտեր թէ ի՞նչպէս կատարուեցաւ, բայց որոշապէս եւ հաստատապէս կարող եմ ըսել. այս այն հազուադէպ, բարեբախտ եւ օրհնեալ րոպէներէն մէկն էր որ ամենէն հարուստ մարդկային կեանքին մէջ հազիւ թէ երկու-երեք անգամ մը պատահի, որ երբեմն մէկ անգամ կ’ընծայուի մարդուս, յաճախ՝ երբեք, երբ երկու հոգիներ, երկու առանձին աշխարհներ ո՞վ գիտէ ի՜նչ խորհրդաւոր եւ աստուածային զօրութեամբ մը թափանցելով բոլոր արգելքներէն, բոլոր խաւարային ճնշումներէն եւ մշուշներէն հանդիպման կէտ մը կը գտնեն եւ երկու լոյսի կաթիլներու նման իրար հետ կը նոյնանան եւ զիրար կը ճաճանչեն…

 

* * *

Բայց պէտք է ջանամ կարգով պատմել ու ներկայացնել եթէ ո՛չ բոլորը, գոնէ կարեւոր երեսները այս պատմութեան, ամբողջական գաղափար մը տալու համար այն հրաշագեղ վէպի մասին, որով ապրեցայ եւ որով տակաւին կ’ապրիմ։ Կը յիշեմ որոշապէս. ճաշի միջոցին յաճախ անունդ արտասանեցին. հիւրերէն մէկը ըսաւ.

Արշակ Սերոբեան շատ քաղցր բնաւորութեամբ ազնիւ մարդ է։ Ուրիշ մը պատմեց թէ ինչպէս նախապէս երաժշտութեան մեծ տաղանդ ցոյց տուած ես եւ յետոյ զանազան պատճառներէ դրդուած հետեւած ես բժշկութեան։

Սովորական մակարդակէն վեր բարձրացող անհատականութիւն մըն է, ըսաւ մէկը։

Անով իսկ զարմանալի է, հաստատեց բանաստեղծ մը, որ քեզ ճանչցեր էր արտասահմանի մէջ, մարդ ծանօթանալով Արշակին՝ միտքէն չ’անցըներ բնաւ որ արուեստագէտի խառնուածք մը պիտի գտնայ։ Ասիկա հաճելի կերպով անսպասելի է։

Խօսակցութիւնը մոլորեցաւ հետզհետէ եւ սկսաւ թափառիլ եւ անօսրանալ աւելի ընդարձակ նիւթերու շուրջ։

Անակնկալ կերպով գարնանային արեւ մը կը ճաճանչէր երկնակամարին վրայ, ուրկէ բոլոր ամպերը անհետացած էին։ Սեղանատան ճակատի պատուհանները բացած էինք եւ թաց հողը արագօրէն շոգիանալով իր կենսայոյզ բուրումը կը ղրկէր դէպի մեզ։ Խռովիչ եւ գաղջ մթնոլորտը տոգորուած էր հեռաւոր եւ կանխահաս ծաղիկներու փափուկ բուրումներով. երբ ուզէինք մեր աչքերը դարձնել դէպի դուրս, հորիզոնը կ’ընկրկէր վարդագոյն եւ լուսեղէն մշուշի մը մէջ. երկու ալիքները զոյգ մը Չամլըճաներուն ներդաշնակ եւ մեղմ կերպով կը կոհակաւորուէին, իրենց երկարաձիգ կորութիւնը տարածելով անսահմանօրէն։ Ի՜նչքան քաղցր էր կեանքը ու խաղաղ՝ այդ րոպէին. օդը, որ կը շնչէինք, մեղրի համ ունէր մեր շրթներուն վրայ. մտածումները, որ կ’անցնէին մեր մտքերէն, թափառուն եւ լոյսէ գինով թիթեռնիկներու նման, գեղեցիկ էին, գունագեղ թեւերով, բայց հրաշալիօրէն սնոտի։

Ես այլեւս չէի հետեւեր խօսակցութեան եւ անձնատուր էի այն լոյսի եւ բուրումի երազին, որ գարունը կ’ընծայէր։ երբ սեղանէն պիտի ելլէինք, իմ քովի հիւրս ինծի դառնալով ըսաւ յանկարծ.

Մե՜ղք որ Արշակը չկրցաւ գալ. վստահ եմ որ շատ պիտի հաւնէիք իրեն։

Ու այդ պահուն քու անունդ, իմ մտածումիս մէջ խառնուեցաւ այդ գարնանային երազին։

 

* * *

Զարմանալի է, Միքայէլ, որ այնքան դժուարահաճ եւ բծախնդիր մարդ է, որ այնքան ժլատ է գովեստի մէջ, մանաւանդ իմ ներկայութեանս ուրիշ մարդոց նկատմամբ, ամբողջ շաբթուան ընթացքին անդադար ինձ խօսեցաւ քու վրադ։ Այնպէս որ քեզ տեսնելէ առաջ քու անձիդ ու նկարագրիդ առանձնայատկութիւնները գիտէի արդէն. ընտանի դարձեր էիր ինձ ու հետաքրքիր էի քեզ տեսնելու։ Մասնաւորաբար ուշադրութիւնս գրաւեց սա բանը՝ թէ ամէնքն ալ համաձայն են որ վերին աստիճանի նրբազգած մարդ ես, թէ այսպէս ըսելով, սահմանուած էիր աւելի բարձր եւ լայն կեանքի, քան սահմանափակ կեանքը՝ որուն մէջ ապրելու հարկադրուած ես։ Իմացայ նաեւ որ ամուսնացած ես տարիներէ ի վեր, կապուած ես ընտանիքիդ եւ զաւակներուդ, որոնցմէ կրտսերը՝ իր փափուկ առողջութեան պատճառաւ մասնաւոր հոգածութեան առարկայ է, թէ՝ եղած ես ուղղամիտ, պարկեշտ եւ մաքուր դէպի ընտանիքդ ու հասարակութիւնը, եւ քու պարտաւորութիւններդ միշտ կատարած ես խղճամիտ չափաւորութեամբ մը։

«Հաւասարակշիռ մարդ մըն է», կ’ըսէր Միքայէլ, կարծես անդրադառնալով իր յիմարական կասկածներով եւ կիրքերով չարչարուած եւ յուզումնալի կեանքին։

Շաբաթ մը ետքը միայն անձամբ քեզ ծանօթացայ։ Այս պահուս որոշապէս չեմ գիտեր թէ ի՜նչ առանձին տպաւորութիւն կրեցի, որուն մէջ յայտնուէին հետզհետէ գալիք օրերը. ոչի՜նչ, ոչի՜նչ…։ Քեզ տեսայ ներկայացումէ ետք ուրիշ անձերու հետ. իմ ուշադրութիւնս ցրուած էր զանազան մարդոց վրայ, բայց նշմարեցի որ մասնաւոր հոգածութեամբ մը կը վարուէիր ինծի հետ ու ատիկա միշտ հաճելի է կնոջ համար։ Զգացի որ իմ մասիս խօսած էին քեզ ու մեծ հետաքրքրութիւն կար մէջդ, բայց նաեւ այդ հետաքրքրութենէն աւելի՝ անսպասելի բանի մը առաջ գտնուելու զարմացումը։ Այո՛, որոշապէս կը զգայի որ կը զարմացնէի քեզ, ինչո՞ւ, ի՞նչ բանով, չե՛մ գիտեր։ Թերեւս բոլորովին տարբեր պատկեր մը կազմած էիր Միքայէլի կնոջ նկատմամբ, թերեւս ֆիզիքական կամ բարոյական մասնայատկութեամբ մը քու ուշադրութիւնդ գրաւելու բախտը ունէի. այնպիսի մասնայատկութիւն մը, որուն համար առանձնապէս զգայուն էիր։ Խօսելով ուրիշներուն հետ, ժպտելով ու սրամտութեամբ մրցելով խօսակիցներուն հետ, թէեւ բոլորովին ուրիշ տեղ զբաղած ըլլալու ձեւ ունէի, բայց կը զգայի այդ բոլորը եւ ինձ շատ հաճելի էր ատիկա գորովանքի մը նման. ուրիշ ոչինչ։ Երբ ուղղակի ինձ կը դառնայիր խօսելու համար, կը ստանայիր տեսակ մը պաշտօնական ցրտութիւն, բայց իմ փորձառու եւ սրամիտ կնոջ աչքերս չէին կարող խաբուիլ այդ արտաքին արուեստակեալ երեւոյթէն։ «Ո՛չ, կ’ըսէի մտքովս, Պարոն Արշա՛կ Սերոբեան, դուք այն չէք՝ ինչ որ կ’ուզէք երեւալ, բայց անտարակուսելիօրէն աւելի ազնիւ տեսակի բան մըն էք, քան թէ կ’ուզէք երեւալ»։ Մնաց որ այս բոլորը սովորական ուշադրութիւններ էին որ կարող էի ընծայել ոեւէ մարդու, նոյնիսկ անցորդի մը։

Քու ֆիզիքական երեւոյթդ հաճելի թուեցաւ ինձ. գոնէ ոչ մէկ բան կը խանգարէր այն բարոյական տպաւորութիւնը, որ յառաջ կը բերէիր։ Բարձր հասակդ, խրոխտ կեցուածքդ, նոյնիսկ ճերմկիլ սկսած մազերուդ խարտեաշութիւնը, առանց խորշումի դէմքդ, որ տարիքին ոչ մէկ հետքը կը կրէր տակաւին, հարազատօրէն կը պատկերացնէին ներքին իսկութիւնդ։ Առաջին ակնարկէն կարելի էր գուշակել քու հոգեկան շարժումները արտայայտութեանը մէջ քու դէմքիդ՝ որուն գիծերը իրենց վերջնական նկարագիրը ստացած էին անշուշտ յարատեւ բարոյական տրամադրութիւններու ազդեցութեամբը։ Քու կարճատեսի աչքերդ մասնաւոր ուշադրութեամբ մը կը յամենային խօսակիցիդ վրայ եւ հետզհետէ անոնց նայուածքը կը դառնար տարտամ, ու քաղցր, հաւանականաբար յոգնութեան հետեւանքով։

Բարեմիտ եւ վճիտ հոգիդ գորովանքով կը ժպտէր շրթներուդ վրայ, որոնք միաժամանակ տարօրինակ եւ ինքնամփոփ լրջութիւն մը կը ստանային երբեմն։

Չեմ գիտեր անշուշտ թէ ինչպէս եղած ես երիտասարդ տարիքներու մէջ, բայց միտքդ պայծառ էր, անխարդախ, եւ քու գնահատումները ցոյց կու տային անոր բարձր ընդունակութիւնները։ Ինչ որ սակայն մասնաւորապէս ուշագրաւ էր քու վրայ, այն խոհուն եւ միանգամայն ժպտուն դէմքի արտայայտութիւնն էր որ կարծես ցոլքն էր պայծառ եւ ինքնագոհ հոգիի մը։ Դէմք մը, որուն հաճելի է նայիլ տխրութեան եւ ուրախութեան օրերուն մէջ, որովհետեւ անոր վրայ կը ծածանէր այն անսահմանելի լոյսը, որ հեշտութեամբ հաղորդակցութեամբ կը մտնէ ուրիշ հոգիներու հետ։ Բայց այս բոլորը իբրեւ նօթեր կ’արձանագրեմ առանց մասնաւոր կարեւորութիւն մը ընծայելու։ Այն ինչ որ պատահեցաւ, պիտի պատահէր ի՛նչ որ ալ ըլլար եւ ուր որ ալ հանդիպէի քեզ, եթէ հոգիդ ըլլար այն որ է եւ եթէ ընդնշմարած ըլլայ այդ հոգին ոեւէ բարեբախտ րոպէի մը, ինչպէս որ պատահեցաւ։

 

* * *

Ապրիլի յետմիջօրէ մըն էր։ Միքայէլ առաւօտուն կանուխէն մեկնած էր զանազան գործերուն համար եւ շատ ուշ պիտի վերադառնար։ Տղաքս գացած էին զբօսնելու եւ ժամը չորսի թէյին համար կը սպասէի մէկ քանի հին բարեկամներու։

Այդ բոլոր անձերը կը սիրէի նախապէս ընկերական հանդարտ բարեկամութեամբ մը. բայց այսօր իմ զգացումս այնքան եղուն, այնքան յորդ էր որ մեծ գուրգուրանքով, գրեթէ յուզումով կը խորհիմ անոնցմէ իւրաքանչիւրին համար, որովհետեւ անոնք ակամայ եւ անգիտակցաբար հանդիսատես եղան այն ամենամեծ խորհուրդին՝ որուն բարձրութեանը կը ձգտինք մեր աշխարհ եկած օրէն։

Սպասաւորէն խնդրեցի որ պատշգամը փոխադրէ թէյի սեղանը։ Պատատուկ վարդենին կը բարձրանար մինչեւ մեր հովանին եւ նորածիլ ոստերը, մատղաշ եւ նորափթիթ տերեւներու փնջիկներով դէպի դուրս ձգտուած, կ’օրօրուէին գրկելու ճիւղ փնտռելով։ Օդը գաղջ էր, գրեթէ տաք՝ եւ հարաւային հովը լայն ալիքներով մեզ կը բերէր մօտակայ եւ հեռաւոր պարտէզներու անհամար եւ բազմատեսակ բեղմնափոշին։ Մեղուներ եւ բզէզներ, արբեցած արեւէն եւ արբեցած մթնոլորտի բուրումներէն, բզզալով կը պտուտքէին խօլ պարի մը մէջ ու իրենցմէ ոմանք յանկարծ կը սլանային դէպի վեր, դէպի հեռուն, կարծես օդային երազ մը երեւակայական եւ անկարելի ծաղիկ մը հետապնդելով։

Պատշգամը դէպի արեւմուտ էր եւ արեւը սկսած էր հակիլ երկրակամարին վրայ։ Վոսփորը կը փալփլար անհամար նշոյլներով եւ լոյսի կայծկլտումներ կը սլանային զանազան կէտերէ։

Վարդենիին բուրումնաւէտ հովանիին տակ ապաստանած, աչքերս կը թափառէին դիմացի հորիզոնին վրայ, հեշտագին թմրութիւն մը արբեցուցած էր զիս լոյսով եւ ջերմութեամբ։ Կ’ուզէի կարդալ, բայց գիրքը ծունկերուս վրայէն սահեցաւ վար եւ չուզեցի նոյնիսկ շարժիլ զայն վերցնելու համար։ Այս այնպիսի պահերէն մէկն էր՝ որու միջոցին կարծես մարդուս հոգին կ’ընդլայնի անծանօթ եւ խորհրդաւոր բան մը ընդգրկելու համար եւ այդ ձգտումը, այդ բաղձանքը ամբողջ էութիւնը կը դղրդէ անբացատրելի եւ աննպատակ վրդովումով մը։ Աչքերս եւ շրթներս կը ժպտէին բնութեան եւ լոյսին, գարնան ու վարդերուն, բայց եւ միանգամայն պարտաւոր էի արտասուելու, այնքան դողդոջո՛ւն յուզումով մը հոգիս ընդառաջ կ’երթար բնութեան գեղեցկութեան։

Հիւրերէս մէկը կանուխ եկաւ եւ ընդհատեց իմ հոգեզմայլութիւնս։ Սովորական խօսակցութիւններու ցանց մը սքօղեց հետզհետէ ինչ որ կար այդ պահուն ճշմարտապէս իմ հոգւոյս մէջ եւ թերեւս նաեւ իր հոգւոյն մէջ։ Կը խօսէինք զանազան ընթացիկ խնդիրներու վրայ, մեզի անտարբեր ձգող մարդոց վրայ եւ իրեն հարցերուն պատասխանելով եւ նոյնիսկ ես ինքս հարցեր դնելով կ’ըսէի մտովի.

Ի՜նչքան ձանձրացուցիչ բաներու մասին կը խօսինք, ինծի ի՜նչ, ի՞նչով զիս կը հետաքրքրէ ատիկա…

Քիչ յետոյ ուրիշներ եկան եւ խօսակցութիւնը ոգեւորուեցաւ։ Բնութեան գեղեցկութիւնը հետզհետէ կը թափանցէր ամենուն։ Հիացումի հառաչանքներ կ’ընդհատէին մեր խօսքերը։

Օ՜հ, գեղեցիկ է, գեղեցիկ է, ի՜նչպէս գեղեցիկ է…

Բարձրագոյն յուզում մը կ’ելեւեջէր մեր մէջ ու մեր մտածումներուն մասնաւոր կշռոյթ մը կու տար։ Այս պահուն բզէզները անհետացեր էին ու հանդիսաւոր լռութիւն մը կը տիրէր միջոցին մէջ, ուր կարծես միայն ճաճանչներու լուսաւոր խաղեր զիրար կը խաչաձեւէին եւ ձեւեր կը կազմէին յարափոփոխ արագութեամբ մը. լուռ էր նաեւ մօտակայ թաղը, լուռ էին հեռաւոր թաղերը եւ ամբողջ մայրաքաղաքէն շշուկ մը իսկ չէր բարձրանար։ Յանկարծ, հեռաւոր եւ թաւ աղմուկը օտար ծովերէ եկող շոգենաւի մը սոյլին, տիրապետեց լռին միջոցին, թաւալեցաւ, ծաւալեցաւ եւ ձայնի թրթռացումները հետզհետէ հեռացան մեզմէ ալիքներով, վերստին զօրանալով արձագանգներու մէջ։ Այդ պահուն էր որ մտար սրահ։

 

* * *

  Ժամանակը յառաջացած է ու արեւը մարը կը մտնէ։ Պատշգամին վրայ վարդենիին շուքերը կը թանձրանան ու կ’երկարին։ Մենաւորիկ թռչուն մը իր սիրոյ եւ գարնանային երգը կ’երգէ մենաւորիկ եւ մօտակայ նոճիին մը մէջ։ Տարօրինակ հանգիստ եւ անդորրութիւն կը զգամ, ջերմ եւ գորովագին բան մը, աննշմարելի փայփայանք մը զիս կ’ողողէ, նոր ծաղկած եղրեւանին իր սուր եւ թափանցող բուրումը կը ղրկէ, մինչ վարդերը ապրիլեան այդ տաք օրէն արագօրէն հասունցած եւ սպառած՝ իրենց թերթիկները կը թափեն մեր վրայ։ Ամէն անգամ որ դէմքս քեզ կը դառնայ, աչքերդ կը տեսնեմ, որոնք քաղցրօրէն եւ գորովագին փայփայանքով մը կը հանգչին իմ վրաս։

 

* * *

Հոգիիս մէջ լոյսի եւ բուրումի երգ մը կայ։ Լայն ու յամր շարժումներով բնութեան բոլոր բուրումները լուսեղէն ալիքներու փոխանցուած կ’ելեւէջեն դաշն հրճուանքով մը. հոգիիս մէջ քաղցր եւ երանաւէտ երգ մը կայ, ուրկէ հրաշագեղ հրթիռներու պէս անակնկալօրէն ճաճանչներու եւ կայծերու ժայթքումներ կը սլանան։

Այլեւս բան մը չեմ լսեր խօսակցութենէն, այլեւս բան մը չեմ տեսներ։ Ինքզինքիս մէջ ամփոփուած, կ’ընեմ ինքզինքս, որովհետեւ ամէն անգամ որ դէպի քեզ կը դառնամ, քաղցր եւ յուզուած դէմքդ կը տեսեմ միայն. եւ աչքերդ, որոնք գորովանքով կը ծանրանան իմ վրաս ու այդ նայուածքիդ ներքեւ ինձ կը թուի որ յամրօրէն, բայց հրաշալիօրէն իմ հոգւոյս տաճարներէն մէկուն մէջ, տարօրինակ եւ գեղեցիկ ծաղիկ մը կը ծաղկի…

 

* * *

Իրիկնամուտը մօտ է, արեւը մտած է ճաճանչագեղ եւ ծիրանագոյն երկնքի մը պերճանքին մէջ։ Աւելի վերեւ երկայն եւ մութ մանիշակագոյն ամպի ծուէններ հատու եւ տարօրինակ ձեւերով կը գալարուին, կարծես ստորագծելու համար շքեղութիւնը վերջալոյսին. աչքերըս կը յառեմ անոնց եւ պահ մը կը հետեւիմ անոնց աննկատելի ձեւափոխման։ Կարծես իմաստ մը կայ այդ սուտ եւ անկիւնաւոր ձեւերուն մէջ եւ կարծես անոնք մեզ անիմանալի մտածումներ կը փոխանակեն։ Աւելի բարկ եղրեւանիի ծաղիկները կը բուրեն, աւելի՛ սրտագին կը հնչէ մենաւորիկ նոճիին մէջ մենաւորիկ թռչունին սիրոյ երգը… ու ես կը զգամ որ հանդիսաւոր ընթացքով մը հոգիս իր գագաթնակէտերէն մէկուն կը բարձրանայ։ Դարձայ քեզ ու մեր աչքերը հանդիպեցան իրարու. ա՜յնքան յուզուած էիր եւ ինքնամփոփ՝ որ գրեթէ տժգոյն եւ տխուր էիր…։ Այդ պահուն էր որ զգացի թէ անծանօթ հեռաւորութեան մը մէջ, լոյսի եւ բուրմունքի դաշնակութեան, մեր հոգիները կը գիրկընդխառնուէին եւ մենք այդ հանդիսաւոր եղելութեան ծանրութեան ներքեւ էինք։

 

* * *

Կը յիշե՞ս, սիրելի՛ս, երբ ոտքի ելար մեկնելու համար, սովորական եւ առօրեայ խօսքեր փոխանակեցինք իրարու հետ, բայց արդէն իսկ բառերու հասարակ իմաստին ներքեւ, մենք գիտէինք խօսիլ ճշմարիտ բարբառը հոգիներու։ Ես անմիջապէս զգացի ու հասկցա որ այն շարժումը, այն գերագոյն յուզմունքը, որ յառաջ եկաւ հոգիիս մէջ, միաժամանակ վրդոված էր քու հոգիդ, եւ այսպէս ըսելով սահմանները վերցած էին մեր երկուքին միջեւ…։ Թերեւս տակաւին չէիր հասկցած ամբողջովին քու հոգեկան վիճակդ, թերեւս սարսափած կամ վրդովուած էիր այդ անակնկալէն, բայց ինչ որ պատահած էր քու մէջդ, ինձ համար գաղտնիք չունէր, ինձ համար տարօրինակ չէր, նոյնիսկ չզարմացուց զիս, որովհետեւ մարմնոյ աչքերով չէ որ կը տեսնէի քեզ, այլ հոգւոյ աչքերով՝ եւ անոնք աւելի լայն ու աւելի հրաշագեղ հայեցակէտներ ունէին…։

 

* * *

Լոյսի եւ բուրումներու երգը ցնծութեան ու յաղթանակի երգ մըն է այլեւս իմ հոգւոյս մէջ, ու ինչքա՜ն գոհ եմ որ հիւրերը մեկնեցան եւ ես մինակ եմ եւ առիթը ունիմ սքանչելիօրէն անդրադառնալու ինքզինքիս։

 

* * *

Բայց յուզմունքս այնքան սաստիկ է որ կը դողդոջեմ գրեթէ, գլուխս կը դառնայ եւ ես արբեցած եմ սիրով, նման լոյսէ ու բուրումէ արբեցած բզէզի մը։ Երախտապա՜րտ եմ քեզի… որովհետեւ կը զգամ որ հոգիս գարնանային պարտէզի մը նման կը ծաղկի իր բոլոր ծաղիկներով, եւ, ա՛յնքան արտասովոր հոգեկան վիճակի մէջ եմ որ ինձ կը թուի թէ ամէն ոք, նոյնիսկ բազմոցին վրա երկարաձգուող կատուն, իր կիսախուփ աչքերով կը հետեւի իմ շարժումներուս, կը զգայ ու կը հասկնայ թէ ի՛նչ պատահած է ինձ։

 

* * *

Փոթորիկ հոգւոյս մէջ, փոթորիկ բնութեան մէջ։ Ապրիլի երեկոներու յատուկ փոփոխականութեամբ քիչ մը առաջուան ճաճանչագեղ երկնակամարին վրայ կուտակուած են ամպեր, սեւ ու խոժոռ ամպեր։ Տղաքս վերադարձած են պտոյտէ եւ իմ մօտս կը փութան դաշտային ծաղիկներ բերելով ինձ։ Ի՜նչքան կը սիրեմ զիրենք, ու այս իրիկուն աւելի կը սիրեմ զիրենք. ամէնքը կը սիրեմ, ամէն ինչ կը սիրեմ այս իրիկուն ու կարծես հոգիս իր թեւերը կը տարածէ ամբողջ տիեզերքը գրկելու համար։

 

* * *

Մոռցեր էի Միքայէլը, կատարելապէս մոռցեր, որոտացող ամպերը զինքը յիշեցուցին ինձ։ Ի՜նչ լաւ ներշնչում կ’ունենար եթէ եղբօրը տունը մնար այս իրիկուն փոթորիկին պատճառաւ։ Բայց չէ, կարելի չէ այդպէս, բան յուսալ. ճակատագրին պէս անխուսափելի է անիկա։ Սիրտս կը շարժի սակայն, երբ իր վրայ կը խորհիմ, աւելի լաւ որ պիտի գայ։ Իմ անսահման գորովանքս կը պարփակէ նաեւ զինքը։ Ճիշդ է, անհամբեր եմ զինքը տեսնելու եւ իրեն ըսելու այնպիսի քաղցր խօսքեր, որոնց միշտ ակնկալու մնացած է եւ զորս երբեք իմ շրթներս չեն արտասանած իրեն համար։

 

* * *

Գարնանային ամպերը կ’որոտան ու կ’անցնին եւ կ’անձրեւէ, գիշերն ի բուն կ’անձրեւէ եւ ես չեմ կրնար քնանալ։ Անսահման, անչափելի հորիզոն մը լայնածաւալ կը բացուի դէմս եւ ես հիացած ու զմայլած կեցած եմ անոր առաջ։

Անձրեւը կ’երգէ տանիքին ու պատուհաններուն վրայ եւ ջրդոններէն հեղեղներ կը թափուին։ Կը խեղդուիմ յուզումէս եւ քուը այնպէս մը հեռացած է ինձմէ՝ որ կարծես այլեւս երբեք պիտի չմերձենայ ինձ։ Պատուհանը կը բանամ եւ կը նայիմ. խոնաւ ու գաղջ մթութիւնը վիհի մը պէս կը տարածուի դիմացս. կ’ուզեմ պառկիլ եւ երազել… բայց տակաւին ամէն ինչ շատ շփոթ է իմ մէջս։ Կը լսեմ տեղատարափը եւ հետզհետէ աւելի գոռ որոտումները ամպերուն։ Կայծակի հարուածներ կը պատառոտեն շուրջս տիրապետող խաւարը եւ ի՜նչքան հաճելի է ինձ այս փոթորիկը, բնութեան այս յուզումը եւ տագնապալի աղմուկը, որովհետեւ կը ներդաշնակուի այն փոթորիկին՝ որ յարուցուած է իմ հոգիիս մէջ եւ մինչեւ առաւօտ, առանց կարենալ խաղաղելու եւ անդադա՛ր քեզի կը խորհիմ, սիրելի՛ս…

 

* * *

Դժուար է լիակատար եւ ամբողջական երջանկութեան գաղափարը արտայայտել. անիկա անկիւն չունի, որուն կարենամ կառչիլ, գիծ չունի՝ որուն կարենամ հետեւիլ. այլ լայնածաւալ ու անսահման՝ կը տարածուի իմ մտքիս բոլոր հորիզոններուն վրայ… որովհետեւ անդադար, ամենուրեք եւ ամէն ժամու կը խորհիս քու վրադ։ Նոյնիսկ երբ կը խօսիմ կամ կը մտածեմ ուրիշ նիւթի կամ ուրիշ խնդրի մասին, դուն կաս ու կը մնաս մտածումիս խորքին մէջ եւ ամենէն տարօրինակը այն է որ նոյնիսկ քեզմէ բոլորովին օտար մտածումներն ալ կու գան եւ զարմանալի ճարտարութեամբ մը կը յանգին քեզի։ Երազի մը պէս, գանձի մը պէս կը կրեմ քու յիշատակդ իմ հոգիիս մէջ եւ դուն տիրական ու կեդրոնական մտածումը, դրդիչ պատճառն ես իմ էութեանս։ Ինձ կը թուի որ նոյնիսկ իմ ամենասովորական ու մեքենական շարժումներս քեզի համար կ’ընեմ, իմ ամենէն ստիպողական եւ առօրեայ խօսքերս քեզի համար կ’արտասանեմ ու այսպէսով է որ կեանքիս ամէն մէկ վայրկեանը գեղեցկացած է եւ իր գերագոյն ուժգնութիւնը ստացած է քու մտածումովդ։

 

* * *

Ես այժմ կը հասկնամ թէ ինչո՞ւ առհասարակ մարդիկ չեն կարող գնահատել երջանկութիւնը, չեն կարող լիուլի ճաշակել զայն… որովհետեւ շատ մը գէշ խոտեր արգելք կ’ըլլան անոր ծաղկումին ու նոյնիսկ կը խեղդեն զայն, եւ այդ այդպէս ըլլալուն համար չէ՞ որ մարդիկ երջանկութիւնը կ’ընդնշմարեն երկվայրկեանի մը մէջ եւ չեն կարող ապահովել անոր տեւողութիւնը։ Կասկածներ, վարանումներ, անստուգութիւններ եւ նպատակներ կը խանգարեն ամէն ինչ, բայց իմ մէջս ո՛եւէ ստուեր չկայ, ես չունիմ կասկածներ ու վարանումներ, որովհետեւ ես չունիմ նաեւ նպատակներ. ստուգութիւնը իմ մէջս է, անոր հասած եմ արդէն՝ քանի որ պէտք չունիմ երջանկութեանս ապացոյցները փնտռելու ինձմէ դուրս կամ նոր հանգրուաններու հասնելու։ Ես կը սիրեմ ու երջանիկ եմ. իմ զգացումս զիս կ’երջանկացնէ եւ նոյնիսկ չեմ խորհիր թէ դուն ի՞նչ կը մտածես իմ մասիս, թէ նոյնիսկ կը մտածե՞ս երբեմն…։

Թերեւս իմ ապահովութեանս պատճառը այն է, որ իմ ուժգին ու խոր զգացումս պայծառատեսութեամբ օժտած է զիս, եւ ես շատ աւելին կը տեսնեմ՝ քան սովորական ատեն, եւ ես գիտեմ թէ դուն ինչ հոգեկան դրութեան մէջ ես ինձ նկատմամբ։ Բայց կը խորհիմ, եթէ նոյնիսկ չգիտնայի, եթէ նոյնիսկ գիտնայի թէ անտարբեր ես ինձ համար, պիտի դադարէի՞ քեզ սիրելէ։ Վստահ եմ որ, ո՛չ։ Ես կը սիրեմ եւ կ’ամփոփուիմ իմ զգացումիս մէջ, ինչպէս թրթուրը իր հիւսած բոժոժին մէջ, եւ կը պարուրուիմ անով։ Անիկա կը դառնայ իմ նոր աշխարհս, իմ նոր օրէնքս ու երջանկութիւնս կը քաղեմ իմ խորքերէս։ Իմ հոգիիս մէջ է որ կը բղխին անոր վճիտ աղբիւրները, իմ հոգիիս մէջ է որ կը ծաղկին անոր գեղեցկագոյն ծաղիկները եւ հո՛ն է որ ծագած է սքանչելի եւ նոր արեւը։ Եւ ինչ որ զիս ամենէն աւելի կը սքանչացնէ, այն ամէն պահու նոր եւ թանկագին զգայնութիւններս են որ կը գտնեմ ինքզինքիս մէջ։

 

* * *

Կը մտածեմ… սնափառութիւն եւ հպարտութեան զգացում. գիտնալ անպատճառ թէ մեր ունեցած զգացումը փոխադա՞րձ է թէ ոչ։ Ինչո՞ւ անհանգիստ անհամբերութեան մը մատնուիլ։ Յստակ կերպով եւ առանց ջղագրգռութեան մտածելով այդ բանին վրայ, գիտեմ թէ աստուածային երանութեամբ մը պիտի նուիրագործուէր իմ զգացումս, եթէ որոշ կերպով գիտնայի քու հոգեկան վիճակը։ Բայց այդ տեսակ ստուգութիւն մը, որքան ալ բարեբաղդ ըլլար, ոչինչ պիտի փոխէր իմ զգացումիս իսկութենէն։ Անիկա ցանկալի էր այն յոյսով միայն, որ աւելի մեծ խորութիւն մը ու գերագոյն ուժգնութիւն մը պիտի ընծայէր իմ սեպհական զգացումիս…։

Ես ըսի արդէն ուրիշ առթիւ. կ’ուզեմ իմ հոգիէս վանել բոլոր այն զգացումները, որոնք օտար են իմ սիրոյս։ Կ’ուզեմ վանել նոյնիսկ սիրուած ըլլալու փառասիրութիւնը։ Կ’ուզեմ շեշտակի նայիլ իմ հպարտութեան անպարտելի զգացումին, որ կը գոռոզանայ իմ մէջս իմ ամենէն վճռական ժամերուս։ Կ’ուզեմ որ անստուգութեան, կասկածներու, վարանումներու բոլոր ամպերը փարատին, ու հոգւոյս երկնակամարին վրայ իմ սիրոյս արեւը ճաճանչէ առանձինն եւ երկարատեւ պայծառութեամբ։

 

* * *

Ի՞նչ խօսք, ի՞նչ բառ երբեք պիտի փոխարինէր այն պահը, որ ապրեցանք պատշգամին վրայ. երբ զգացի որ իմ հոգիս կը միանար քու հոգիին։ Մարդկային շրթները սիրոյ բառեր հազիւ թէ թոթոված են մինչեւ այսօր, եւ ոչ մէկ ստուարը այն անսահման երանութեան չէ կարելի բանաձեւել ոեւէ հնչականութեան մէջ։ Ո՛չ, աւելի լաւ է լռել ու լսել հոգւոյն երաժշտութիւնը։ Լռել երկարօրէն, մինչ աչքերը իրարու կը հանդիպին ու սիրելիին ներկայութիւնը խնկաւէտ կը դարձնէ մթնոլորտը։ Լռել, երբ սիրտերը կը խօսին փափուկ եւ գերանուրբ բարբառով, որովհետեւ որքան ալ արուեստով եւ որքան ալ ճարտարօրէն արտասանենք նուիրական բառերը սիրոյ, դարձեալ անիկա կոպիտ եւ աններդաշնակ աղմուկ մը պիտի ըլլայ, որ պիտի խափանէ կամ խանգարէ աստուածային համանուագը երկու հոգիներու, որոնք իրարու կը մրմնջեն ամենասուրբ խորհուրդին մէջ մեր անգիտակցութեան։

 

* * *

Այսօր կրկին պիտի տեսնեմ քեզ եւ երջանկութեան բեռին տակ ճնշուած կը զգամ ինքզինքս։ Դիմացս դափնեվարդի մշտադալար ծառ մը կայ, որ հիւսիսային ուժգին հովին ներքեւ կը հակի բոլոր հասակովը։ Ամէն անգամ որ անոր ճիւղերը գալարուելով կը ծռին եւ տերեւներու երկու երեսները աւելի մութ ու աւելի բաց կանանչներով փոխն ի փոխ կը յայտնուին, իմ պատկերս կը տեսնեմ այդ ծառին մէջ։ Յոգնած կը զգամ ինքզինքս, ու բան մը կայ որ զիս կը կքէ այլեւս իր բեռին ներքեւ։

 

* * *

Երբ դրանը վարագոյրին ստուերին մէջ զգացի ներկայութիւնդ, կարծեցի որ սիրտս դադրեցաւ բաբախելէ։ Կարծես անսահման խորութեան մը մէջ անսահմանօրէն անկումի զգացումը ունէի։ Ուրիշ կերպ չեմ կրնար բացատրել այն տագնապալի վայրկեանը, որ անցուցի։ Ամէն ինչ մթնցած ու անէացած էր իմ շուրջս, գոյները եւ ձեւերը իրենց սովորական արժէքը կորսնցուցած էին, եւ անշունչ առարկաներն իսկ կարծես ձուլուած էին իմ հոգիիս մէջ։ Միայն ես կայի ու կը նայէի քեզ։ Կը ժպտէիր ինձ գրեթէ ցաւագին շփոթութեամբ մը, եւ ես տեսայ որ շրթներդ տժգունած էին յուզումէն։

Իրականութեան զգացումը գտայ պահ մը ետքը։ Բայց ի՞նչ ճամբորդութենէ մը վերադարձեր էի որ ինքզինքս կը զգայի տարօրինակ կերպով յոգնած ու սպառած։ Գլուխս կռթնցուցած թիկնաթոռին՝ մտիկ կ’ընէի քեզ, ու ձայնդ զիս կ’ամոքէր։ Կը խօսէինք հեռաւոր եւ անտարբեր նիւթերու վրայ, բայց մեր հոգիները այդ մշուշին ետեւէն ուրիշ բաներ կ’ըսէին իրարու։ Բառերը, սին, սովորական եւ ընթացիկ բառերը ուրիշ եւ հանդիսաւոր նշանակութիւն մը ստացած էին, ու անոնք երբեմն այնքան յստակ կերպով կը թափանցէին մեր հոգւոյն՝ որ կը լռէինք։ Այդ լռութեան րոպէները կը թաւալէին ծանրաբեռնուած այնպիսի յուզումով մը որ շնչատ կը դարձնէր մեզ։ Կարծես մեր մօտը եւ մեզմէ անկախ կերպով անդառնալի եւ վճռական եղելութիւններ տեղի կ’ունենային, եւ մենք անզօր ու վրդովուած հանդիսատեսներն էինք։

Կարծեցի որ անհրաժեշտ չէր գիտնալ թէ դուն ի՞նչ զգացում ունէիր ինձ նկատմամբ։ Այդպէս կարծեցի թերեւս, որովհետեւ արդէն իսկ գիտէի։ Բայց այսօր, երբ ստուգութիւնը բարեբաղդ կերպով դիմաւորեց իմ զգացումներս, այսօր միայն ճաշակեցի լիակատար երջանկութիւնը։

Այս պահուս, առանձնացած իմ սենեակիս մէջ, կը մտածեմ. մարդիկ ինչո՞ւ չեն համարձակիր երբեք ըսել թէ կատարելապէս երջանիկ են։ Մի՞թէ ամէն մէկ մարդկային արարածի համար չէ հնչած այս ժամը։ Անցեալի դառնութիւննե՞րն են, թէ՞ ապագայի խռովքը, որ կը խափանեն իրենց երջանկութիւնը, կամ այն հազար ու մէկ կողմնակի ու ձանձրալի պարագաները, որոնցմով խճողուած է ամէն կեանք։

Բայց ինձ համար չկայ այլեւս երէկ ու վաղը. կայ այսօրը իր երանաւէտ շնորհներովը։ Ուժգնօրէն եւ լիուլի կը զգամ թէ այս իսկ է երջանկութիւնը։ Բոլոր տաղտուկները, բոլոր արգելքները, բոլոր ստուերները անհետացած են այսօրուան պայծառութեան մէջ։ Ի՞նչ դժբաղդութիւն եւ ի՞նչ տաղտուկ կրնայ դիմադրել իմ ամենակարող եւ բացարձակ ուրախութեանս, որ տաւիղի մը պէս կը հնչէ։ Իմ կեանքս ամբողջովին լոյսով ողողուած է, ու մեծ եւ փոքր դժբախտութիւններու ուրուականները խուսափելով անհետացած են անոր բոլոր հորիզոններէն։ Այլեւս ոչ ոք եւ ոչ մէկ պարագայ կրնայ բռնաբարել իմ հոգիս, որուն մէջ սէրը արծիւի մը պէս յաղթականօրէն կը սաւառնի։ Ու իմ երջանկութիւնս կզգամ այնքան ամբողջական, այնքան բացարձակ, որուն չեմ համարձակիր նոյնիսկ անդրադառնալ, որովհետեւ կարծես թէ այլեւս դուրս ելած եմ մարդկային օրէնքներէն եւ ճակատագրէն։

 

* * *

Ի՜նչպէս խռովուած էիր ու գորովագին՝ վերջին պահուն։ Ձեռքերս բռնեցիր տենդագին ձեռքերուդ մեջ ու երկարօրէն նայեցար ինձ։ Ոչ մէկ խօսք արտասանեցինք, բայց երբ զգացի շրթներդ ձեռքերուս վրայ, երբ զգացի այն անբացատրելի եւ մեծ զգացումը, որ կ’ելեւէջէր մեր մէջ, կարծես կշռոյթովը մեր սրտի տրոփիւններուն, երբ տեսայ քեզ բարձրագոյն յուզումի ազդեցութեան ներքեւ խորապէս լրջացած եւ գրեթէ տխուր, ինծի թուեցաւ որ հոգիս վերջնականապէս կը թօթափէր իր բոլոր ցաւերը, ամօթները եւ զղջումները եւ կը ստանար իր իսկական բնույթը, աստուածային բնոյթը։

 

* * *

Հայելին կը ցոլացնէ իմ դէմքս, եւ ես կը նայիմ անոր ներողամիտ եւ ժպտուն զգացումով մը։ Յոգնած եմ ու տենդագին բան մը կայ իմ աչքերուս մէջ։ Բայց երբեք ես ինքզինքս չէի տեսած սիրոյ եւ յորդ զգացումներու այս լուսապսակին մէջ։ Կարծես բան մը կը ճառագայթէ իմ աչքերէս, ամբողջ անձէս ու լուսաւոր քօղի մը նման կը ծփայ դէմքիս վրայ։ Աւելի արագ արիւնը թարմացուցած է զիս, ու յանկարծական կարմրութիւններ ամպերու պէս կ’անցնին իմ ճակատիս ու այտերուս վրայէն։ Ով որ տեսնայ զիս, կը զգայ թէ անսովոր հոգեկան վիճակ մը կը տիրէ իմ մէջս, եւ ատիկա անտարակոյս խռովիչ հրապոյր մը կու տայ ամէն կիներուն։ Կը տեսնեմ որոշապէս եւ կը զգամ յստակ կերպով. սէրը զիս գեղեցկացուց, ու կը սիրեմ իմ աչքերս, որոնք քու աչքերուդ հանդիպեցան, կը սիրեմ շրթներս, որոնք այնքան յուզումով պատասխանեցին քու յուզումիդ, կը սիրեմ իմ մազերս, իմ դէմքս, իմ ամբողջ անձս, որոնց վրայ այնքան գուրգուրանքով քու նայուածքդ յամեցաւ, ու կը սիրեմ իմ ձեռքերս, որ դողացին քու ձեռքերուդ մէջ տենդով, սիրով եւ գորովանքով։

 

* * *

Հարաւային քամին առագաստի նման կ’ուռեցնէր պատշգամին վարագոյրները, որոնք երբեմն ընդոստ շաչումներ ունէին։ Խօսակցութիւնը կը դանդաղանար եւ ես աչքերս խոնարհած կը սպասէի։ Սիրտս անհամբերութիւններ ունէր եւ զարմանալի բաղձանքներով եւ յոյզերով վրդովուած էի. երբ մէկը խօսքը ինծի ուղղէր, աչքերս կը բարձրացնէի զգուշութեամբ, որպէսզի չտեսնեմ Միքայէլի տժգոյն եւ խիստ դէմքը, որ դարձած դիմացի հորիզոնին, իր լռութեանը մէջ հետզհետէ դաժան կը դառնար։ Կը պատասխանէի հիւրերուս հանդարտ ձայնով, բայց յարատեւ կերպով կը խորհէի ուրիշ բանի։ «Ինչո՞ւ ուշացաւ». իրականութեան մէջ չէիր ուշացած, բայց ինծի կը թուէր որ պէտք էր աւելի շուտ գայիր, պէտք էր որ շտապէիր նշանակուած ժամէն առաջ։ Երբ գիտեմ որ հեռու ես եւ ոչ մէկ յոյս կայ քեզ տեսնելու, իմ սպասումը քաղցր է ու երազներով թեթեւցած։ Այդ պահերուն ինծի կը թուի որ ոչ հեռաւորութիւնը, ոչ ժամանակը կարող են իրապէս մեզ բաժնել, եւ ես քեզ կը զգամ հարատեւ կերպով ներկայ եւ հոգիս ընդլայնուած քու ներկայութեամբ։ Բայց երբ ժամերը կը մօտենան ու ամէն րոպէ, յոյսը կը փայլատակէ ու կը մարի, անձկալի անհամբերութիւն մը կը չարչարէ զիս, բայց այդ չարչարանքն ալ իր քաղցրութիւնը ունի, քանի որ անիկա քեզմէ կու գայ ինձ, սիրելիս... ։

 

* * *

Իմ մօտս ես այլեւս եւ քու ներկայութիւնը խնկաւէտ կը դարձնէ մթնոլորտը։ Իմ մօտս ես ու աչքերս կը հանդիպին քաղցր ու յուզուած դէմքիդ, ու հոգիս կը սլանայ մինչեւ այսօր ինձ անծանօթ ոլորտներու մէջ։ Կը խօսակցին, կը վիճաբանին, բայց ես եւ դուն հեռու ենք ամէն մարդկային մտահոգութիւններէ։ Ես ու դուն մինակ ենք, ու եթէ ամբոխ մը իսկ ալեկոծուէր մեր շուրջը, մենք ինքզինքնիս դարձեալ մինակ պիտի զգայինք։

Յանկարծ կը զգամ որ ուշադրութիւնդ կը հեռանայ ինձմէ ու կը խռովուի։ Ես ալ ուշադիր կը դառնամ խօսակցութեան։ Կը պատմեն կնոջ մը մասին, որ տունը, ամուսինը եւ նաեւ զաւակները թողած գացած է սիրականին հետ։

Մէկը կ’ըսէ խանդավառութեամբ.

Ճշմարիտ կին մըն է եւ անսացեր է իր կոչումին։ Փոխանակ կեղծելու եւ ստելու, ոտնահարեր է բոլոր նախապաշարումները եւ ուզեր է ապրիլ իր զգացումներուն եւ սրտին համաձայն։ Ինծի համար ոչ թէ մեղադրելի է, այլ ամէն յարգանքի արժանի։

Հոգիս կը խայտայ ու մտածումի փայլատակումներ կ’անցնին, զիս շլացնելով։ Ապրի՜լ իր սրտին ու զգացումներուն համաձայն, առանց ստելու, առանց կեղծելու... ։ Ինքզինքս կը զգամ ամենազօր իմ երջանկութիւնս պաշտպանելու։ Ես ալ ճշմարիտ կին մըն եմ։

Հապա զաւակնե՞րը...

Հոգիս կը մթագնի, մտածումս կը թափառի իմ զաւակներուս թխորակ գլուխներուն վրայ։ Սուր ցաւ մը կը գալարէ հոգիս։ Չէ՛, երբեք, երբեք, նոյնիսկ տրտմութիւն մը պատճառել անոնց, նոյնիսկ վաղանցուկ տրտմութիւն մը պիտի թունաւորէր իմ հոգեկան անդորրութիւնս, ու ես այլեւս պիտի դադրէի ես ըլլալէ։ Աչքերս կը հանդիպին քու աչքերուդ։ Դուն ալ կին մը ունիս եւ զաւակներ ու շատ կը սիրես զաւակներդ։ Անձկալի եւ խռոված նայուածքդ կը դիմաւորէ իմ մտածումս։

Միքայէլ կը պատասխանէ խիստ եւ մտրակող խօսքերով։ Իր բոլոր դառնութիւնը, վախերը ու հոգեկան ցաւերը կը ժայթքեն հզօր պերճախօսութեամբ մը. ամէնքը կը լռեն ու մտիկ կ’ընեն զինքը։ Իր իրաւաբանի տրամաբանութիւնը ջախջախիչ է։

Կինը, որ դաւաճանէ իր զաւակներուն, որ անհաւատարիմ է իր ամուսնոյն, գործով թէ խորհրդով, անարժան կին է, ու սիրականը պէտք է գիտնայ որ օր մը կը դաւաճանէ նաեւ իրեն։ Երբ յարգանքի լուսապսակը կը վերանայ կնոջ մը վրայէն, փողոցի աղիճին հաւասար է անիկա։ Այլեւս ո՞ւր կը սկսին եւ ո՞ւր կը վերջանան իրեն համար պատիւը, պարտականութիւնը եւ կնոջ յատուկ առաքինութիւնները։ Թեթեւամտութիւն է լեզուի ծայրով խօսիլ ու գովաբանել վիճակ մը, որ ծանրակշիռ բաներ իրենց հիմունքէն կը խախտէ։ Կ’ուզէի՞ք որ ձեր կինը ըլլար նման այդ կնոջ, կ’ուզէի՞ք որ անիկա պատրաստ ըլլար «անսալով իր զգացումներուն», տեղի տալու մէկու մը, որ ուրիշէ մը աւելի յանդուգն գտնուէր։ Պիտի սիրէի՞ք խորապէս կին մը ու յանձնէիք անոր ձեր զաւակներուն դաստիարակութիւնը, եթէ կարելի ըլլար զայն քաշքշել երբ որ ուզէին, ուր որ ուզէին... ու այդ պարագային կինը գեղեցիկ ալ է, ոչ մէկ հրապոյր ունի։ Կարելի է մօտենալ անոր նոյնիսկ ձանձրոյթով, նոյնիսկ զզուանքով, մղուած միմիայն սովորութենէ եւ անխոստովանելի պահանջներէ... ։

Իր սրտմտած եւ խիստ նայուածքը մասնաւորապէս ուղղուած էր ինձ, կը սեւեռէր զիս աններող զայրոյթով մը, կարծես ես ըլլայի խնդրոյ առարկայ կինը. ու ինքզինքս խռովուած զգացի։

Բայց յանկարծ իմ հոգիիս հարազատ եւ մաքուր զգացումը բարձրացաւ սիւնի պէս։ Չէ՛, դուն չես կարող զիս վախցնել ոչ քու իրաւաբանի տրամաբանութիւնովդ եւ ոչ ալ քու ցասումէդ ու կատաղութենէդ բղխած նախատինքներով։ Բոլոր շղթաներն ինկած են այլեւս ինձ համար ու ինքզինքս ազատ կը զգամ վայրի թռչունի մը պէս... ։ Եթէ ես կը խօսիմ ամենուն լարուած ուշադրութեան առաջ, դէմ այդ կնոջ, որ տունը եւ զաւակները թողեր ու գացեր է իր սիրականին հետ, ո՛չ Միքայէլին համար է, ո՛չ դրացիներուն եւ ո՛չ այն օրէնքներուն, որ այդպէս սահմանած են կարգ ու սարքը, այլ որովհետեւ իմ զաւակներուս ժպտուն աչքերը կը տեսնեմ, որոնցմէ արցունքի ամպեր կրնային անցնիլ իմ սեպհական երջանկութեանս պատճառով, որովհետեւ չեմ ուզեր որ ես ըլլամ մայրը իրենց վիշտերուն, որովհետեւ նաեւ ինծի համար չկան պայմանները երջանիկ ըլլալու համար, ու ես բաղձանքներ չունիմ, ապագայ կեանքի ծրագիր ու երազ չունիմ, ես զերծ եմ ու ազատ ցանկութիւններէ եւ այն բոլոր գռեհիկ կնճիռներէ, որոնք մանր հոգերով կը չարչարեն մարդիկը։ Այնպէս որ անկեղծ եւ իմ հոգիիս խորքերէն կը բղխին, երբ կ’ըսեմ.

Անկարելի է ուրիշներու դժբախտութեան գնով երջանկութիւնը կազմել։ Այդ կինը, ուշ թէ կանուխ, դժբախտ պիտի զգայ ինքզինքը։ Յիշելով իր զաւակները եւ անոնց սրտաբեկութիւնը, իր կեանքին բոլոր ճառագայթները պիտի մթագնին։ Իր սեպհական երջանկութեանը համար իսկ պէտք չէր որ այդ երկընտրանքին մէջ դնէր ինքզինքը։ Իսկ եթէ ընդունակ է մոռնալու իր զաւակները... ես կը խորհիմ թէ անընդունակ է նաեւ ոեւէ մեծ զգացում ունենալու։ Այսուամենայնիւ պէտք չէ մեղադրել զինքը, այլ կարեկցիլ իր անկարողութեան... ։ Դուն ինձ նայեցար քաղցրութեամբ ու գորովանքով, ու անգամ մըն ալ զգացի որ ոչ միայն մեր հոգիները, այլեւ մեր մտածումները կը ներդաշնակուին իրարու։ Եւ ահա այդ զգացումը խաղաղեցուց իմ ձգտուած ջիղերս։ Արտասուելու փափաք ունիմ, բայց աչքերս կը ժպտին։ Ես աւելին ըսի քան արտասանեցի։ Ես ուզեցի ըսել քեզի, սիրելի՛ս, որ օրէնքները ու զայրոյթները չեն որ կը հակակշռեն մեր զգացումներէն իսկ բղխող դիւրազգացութիւնները։ Ես ուզեցի ըսել, զոհողութիւն չէ որ կ’ընենք. այլ կը հետեւինք մեր հոգեկան նրբութիւններուն ու այդպէսով միայն հաշտ կը մնանք ոչ թէ ուրիշներուն, այլ ինքզինքնուս հետ. որովհետեւ վերջապէս իմ զաւակներուս, այլ եւ քու զաւակներուդ տխրութիւնը անհանդուրժելի է ինձ, որովհետեւ ինծի սիրելի ու թանկագին են բոլոր անոնք, որոնց վրայ նոյնիսկ վաղանցուկ կերպով մը քու սէրդ ու գուրգուրանքդ կանգ առած է, եւ եթէ րոպէի մը մէջ տեսնէի ցաւի կամ զղջումի ստուերը քու աչքերուդ մէջ, ամբողջ հոգիս պիտի մթագնէր անդառնալի կերպով։

 

* * *

Վերին Վոսփոր գացեր էի այցելութեան. ինչո՞ւ ունեցայ մտածումը երթալ տեսնելու ազգականներ, որոնց չէի հանդիպած տարիներէ ի վեր։ Ներքին եւ անբացատրելի դրդում մըն էր ատիկա։ Երբ առաւօտուն արթնցայ ու զարթումի առաջին պահը ինծի վերադարձուց իմ յիշողութիւնս, քաղցրահամ ճաշակը կեանքին զգացի շրթներուս վրայ։ Ուզեցի դուրս ելնել իմ սովորական շրջանակէս ու իմ երջանկութիւնս տանիլ ուրիշ մթնոլորտներու մէջ, զայն սերմանել ամենուրեք ու կայծ մը, ցոլք մը թողուլ թերեւս տրտում եւ ձանձրացած մարդոց սրտերուն մէջ։

Վերադարձին ուշ մնացի, այնպէս որ արեւը մայրը կը գտնէր արդէն, երբ հասայ Պէպէքի նաւամատոյցը, ուրկէ վերջին շոգենաւով մը պէտք էր փոխադրուէի Սկիւտար։ Հարկ էր կէս ժամ սպասել, բայց ես գոհ էի ծովահայեաց սպասման սրահին մէջ, ուր անցորդները ցանցառ էին, եւ իմ միտքս կը թափառէր իմ երեւակայութեանս թափովը։ Կարծես կը սպասէի ոչ թէ շոգենաւին, այլ բարեբախտ դիպուածի մը, այնպէս որ նոյնիսկ զարմացումը զիս չցնցեց, երբ յանկարծ տեսայ քեզ։ Ինչո՞ւ հոն էիր այդ ժամուն, նոյնիսկ անհաւատալի է։ Ինծի բացատրեցիր որ պէտք էր կամուրջէն Գատը Գիւղ անցնէիր, բայց մտածեցիր Պէպէք գալ, առանց գիտնալու թէ ինչո՞ւ, ներքին եւ քմահաճ դրդումի մը անսալով։

Ինչո՞ւ... ինծի համար, ինծի համար, սիրելի՛ս, մտածեցի։

Առաջին անգամը ըլլալով մինակ էինք բացարձակապէս իրարու հետ, եւ այդ բանը մեզի անսովոր շփոթութիւն մը պատճառեց անմիջապէս. ծանր լռութիւններ կ’ընդհատէին մեր խօսքերը։ Կարծես վախը ունէի որ նոր վիճակ մը պիտի յայտնուէր, որ պիտի խանգարեր իմ հոգեկան դրութիւնս, ու խուսափելու համար աներեւոյթ վտանգէն, կը զգուշանայի քեզ նայելու ու ուշադրութիւնս սեւեռած էի անցնող մարդոց վրայ, իբր թէ ամէն մէկին ձեւը եւ շարժումները կենսական նշանակութիւն ունենային ինձ համար։

Այլ սակայն երկար չտեւեց այս անհանգստութիւնը. ներդաշնակութիւնը հաստատուեցաւ մեր մէջ, եւ վստահութեամբ ապաւինեցայ քեզ։ Առաջին օրէն իսկ ես կորսնցուցած էի բոլորովին իմ կնոջական պչրանքներս, ճարպիկութիւնս ու նոյնիսկ փորձառութիւնս. քեզ հետ ես կը գտնուէի գրեթէ մանկական միամտութեան եւ պարզութեան մէջ ու յանձնուած էի բոլորովին իմ բնազդիս։ Դուն չէիր գիտեր թերեւս, բայց այնքան բոլորանուէր զգացումով մը տոգորուած էի որ կարող էիր իմ կամքս վարել ինչպէս որ ուզէիր։ Այդ վիճակը զիս մտահոգ չէր ըներ, որովհետեւ նոյնիսկ գիտակցութիւնը կորսնցուցած էի այդպէս ըլլալուն։ Այդ պատճառով է որ չմտաբերեցի նոյնիսկ թէ ուշ էր, թէ շոգենաւը կրնայինք փախցնել. մոռցայ Միքայէլը ու ամէն ինչ եւ անշշուկ հետեւեցայ քեզ, երբ ըսիր.

Կ’ուզէ՞ք, երթանք սպասենք պարտէզը։

Սքանչելի երեկոյ մըն էր։ Ծովեզերքէն կը յառաջանայինք առանց խօսելու, կարծես ուշադիր մեր սրտի ձայներուն. կ’երթայինք կարծես փառքի մը մէջէն դիմելով դէպի մեր ճակատագիրը։ Զմայլելի գեղեցկութիւնը բնութեան կ’ազնուացնէր ու կը նուիրագործէր մեր սէրը։ Ալիքները մրմնջելով կու գային կը մարէին ափունքին վրայ, ու ասդին-անդին կեցած ձկնորսի նաւերը կը տատանէին մեղմօրէն։ Ջուրին մէջ մխրճուող թիի մը ճողբիւնը կ’ընդհատէր մրմունջը ալեակներուն, որոնք կու գային ու կը վերադառնային, վարդագոյն փրփուր մը ձգելով մեր ոտքերուն առաջ։

Արեւը մայրը մտած է, բայց երկնակամարը կը շողար տակաւին լուսեղէն ամպերու վէտվէտումի մը մէջ։ Նոր անհետացած արեւին տեղ երկինքը ոսկեղէն եւ վճիտ թափանցիկութիւն մը ունէր. կարծես կը բացուէր ուիշ եւ անծանօթ աշխա՜րհի մը վրայ, ուրկէ ճաճանչներու արձակներ կ’արձակէր, շամփրելով ամպերու գունագեղ թանձրութիւնները։ Ու այդ բոլորը կը հրաւիրուէր ամենազօր կեանքով մը, եւ լուսեղէն գերագրգռութեանը ընթացքին կայծկլտումներու ու ցոլքերու անձրեւ մը կը տեղար քաղաքին ու Վոսփորի վրայ, որը նազանքով կը փալփլար իր անհամար եւ յարափոփոխ ալեակներով։

Սթամպոլը կը տարածուէր բոցավառ հորիզոնին վրայ, հակադրելով իր մթին սիլուէթը. ոսկի երիզ մը կ’անջատէր իր ձեւը երկինքէն, գծելով կարծես միջոցին մէջ իր մինարէներուն սլացումները եւ մզկիթներու գմբէթներուն կորութիւնը։

Ասիական ափունքը անորոշ եւ հեռաւոր հողամասերու նման կը քօղարկուէր մանիշակագոյն մշուշի մը մէջ. ամենուրեք ոսկի եւ սեւ գիծեր։ Մինարէները եւ նոճիները կը մխրճուէին ոսկեղէն ծովու մը մէջ։ Քաղաքին ձայները մարած էին, բայց բան մը կը մրմնջէր միջոցին մէջ. մրմունջ ալ չէր, այլ տեսակ մը հեւք, որ կ’անցնէր մեր գլուխներուն վերեւէն։ Կարծես աշխարհս կը սարսռար իր գեղեցկութեան զմայլանքին մէջ։

Չեմ գիտեր ինչ համանմանութիւն մը, ինչ ներդաշնակութիւն մը կար մեր հոգիներուն եւ բնութեան մէջ։ Անցնող, թառամող եւ վերջացող բաներու տրտմութիւնը քաղցրութեան մը փոխուէր, այնքան ամէն ինչ պայծառ էր եւ պերճափայլ։ Մոռցեր էինք երկիրը, մոռցեր էինք ժամանակը, կարծես հեռացեր էինք մեր աշխարհին սահմաններէն, որուն ցաւագին աղմուկը եւ ճակատագրական անբաղդութիւնը յաղթահարուած էին անանցանելի գեղեցկութենէն, ու ամէն ինչ կ’անհետանար մեր թեւեր առած էութեան ներքեւէն։

Մեր վերջին սէրն էր ասիկա, սիրելի՛ս, վերջին բաժակը... որով պիտի արբենայինք յամրօրէն, շնորհով եւ գեղեցկութեամբ, ինչպէս վերջալոյսը երկնակամարին վրայ, որը անակնկալ լոյսի ժայթքումներու եւ գունագեղ ցոլքերու մէջ կը յամենար, մինչ ամէն վայրկեան կը սպասէինք որ պիտի մարի, մինչ կը կարծէինք թէ արդէն իսկ մարած է։

Վերջին բաժակը... ու անիկա ամենէն զգլխիչն էր ու ամենէն աւելի լիուլի յուզումով, կեանքով եւ սքանչացումով։ Մեր կեանքի ամբողջ ընթացքին տարուբերուեր էին զանազան տխրութիւններու եւ ուրախութիւններու մէջ, կարծես յանգելու համար այս ժամին, որ մեր կեանքին գեղեցկագոյն ժամը ըլլալու սահմանուած էր։

 

* * *

Շոգենաւը շատոնց մեկնած էր, եւ առագաստանաւով մըն է որ պիտի անցնէինք ասիական ափունքը։ Պահ մը ետքը նաւը կը տանէր մեզ հանդարտ ջուրերուն վրայէն աննկատելի տատանումներով։ Բայց իմ էութիւնս այնքան յոգնաբեկ է եւ դիւրազգած որ գլխու պտոյտ ունիմ եւ գլուխս կռթնցուցած եմ ուսիս։ Սքանչելի տկարութիւն մը կը զգամ, կարծես յոգնած կեանքէն ու անոր ընծայած շնորհներէն։ Երաժշտութեան մը պէս կը լսեմ սրտիս բաբախումները, որոնք կը պատասխանեն իմ սրտիս, ու այդ պահուն կը զգամ որ անբաժանելիօրէն միացած ենք իրարու։

Մութը հետզհետէ մեզ կը շրջապատէ իր ստուերներով։ Մեր նաւը միակն է որ իր առագաստը բացած է հովին, ու ծովը վրդովիչ խորութիւններ ունի, ու հակառակ որ այլեւս հասած ենք ասիական ափունքին ստուերին մէջ, ինծի կը թուի որ մեր ճամբան պիտի շարունակուի այսպէս անսահմանօրէն, եւ մեր նաւը այլեւս երբեք ափունքի մը պիտի չհասնի...

 

* * *

Մեկնումի պահուն ըսի.

Վաղը պիտի տեսնե՞մ քեզ...

Վաղն ալ, միւս օրն ալ, սիրելի՛ս, եւ բոլոր օրերը եւ ժամերը իմ կեանքիս...

Խօսքդ չվերջացուցիր. մութ էր, ու չտեսայ քեզ, բայց ձայնդ կը հեծեծէր հառաչանքի մը պէս։

 

* * *

Երբ տանս սեմէն ներս մտայ, տարօրինակ լռութիւն մը զիս դիմաւորեց. կարծես ամէնքն ալ բացակայած էին։ Տղաքս քնացած էին, եւ սպասուհին մտատանջ կը հսկէր։ Երբ մտա սրահը, տեսայ Միքայէլը անհաւատալի կերպով տժգունած ու այնպիսի աւերումներով խորշոմած որ չհամարձակեցայ կրկին նայիլ իրեն։ Բայց ես կարծես թէ երազի մը մէջ կը քալէի, ու տեսնելով եւ զգալով այդ բոլորը, ինծի հեռաւոր եւ անցած բաներու տպաւորութիւնը կ’ընէին եւ կարծես ոեւէ կերպով առնչութիւն չունէին ինձ հետ։

Իմ հոգիս կը ցոլանար դէմքիս վրայ, ու կը ժպտէի իմ յիշատակներուս, կը ժպտէի քեզի, ու կը ժպտէի նոյնիսկ զիս շրջապատող ամէն բանի, որովհետեւ ամէն ինչ կը խօսէր ինծի քու մասիդ։ Ես դուրս էի սովորական եւ մարդկային շրջանակներէն ու իմ երջանկութեան զգացումս այնքան հզօր էր որ մահն իսկ ցանկալի պիտի ըլլար, որովհետեւ եթէ այդ պահուն մտնէի անգիտակցութեան մէջ, անոր սարսափները եւ մշտնջենական խաւարը լուսաւորուած պիտի ըլլային իմ երջանկութեանս երազներովը...

 

* * *

Շաբաթներէ ի վեր ընդհատած եմ գրութիւնս եւ հիմակ որ դողդոջուն ձեռքով գրիչս կ’առնեմ վերստին, հեռու եմ քեզմէ, ու քու սիրելի ներկայութիւնդ զգալու ոեւէ յոյս չկայ այլեւս... Կ’ուզեմ քեզի ըսել սակայն թէ իմ հոգեկան տագնապներուս եւ ֆիզիքական ցաւերուս մէջ զիս չլքեց երբեք իմ սիրոյ եւ երջանկութեան զգացումը, եւ ես ոչ միայն ամրացայ այդ զգացումով, այլ նաեւ անիկա գեղեցկացուց իմ ցաւս, զայն դարձուց սուր բայց հեշտագին զգայնութիւն մը։ Ամէն անգամ զգալով իմ տառապանքիս ծանրութիւնը, սիրեցի ցաւս, ու անիկա չունեցաւ անդարմանելի դառնութիւն, որովհետեւ խորհեցայ թէ քեզի համար կը տառապիմ։

Միքայէ՜լ, ա՜հ, դժբախտ եւ անկարող մարդը, չհասկցաւ թէ ի՜նչ կ’ընէր, ու չգիտցաւ բնաւ որ երբ զիս կը սպաննէր իր զայրոյթներով ու նախատինքներով, արմատախիլ ընելու համար իմ երջանկութիւնս, չգիտցաւ որ կը հրաւիրէր զայն, որ մոլեռանդութան կը հասցնէր զիս, եւ ես հեշտանքով ու տարփանքով կը զգայի ցուրտ սարսուռները ու տենդի տագնապները, մտածելով որ թերեւս կը մեռնիմ, քեզի համար կը մեռնիմ, սիրելի՛ս...

 

* * *

Իմ յիշողութիւնս պարապներով լեցուն է, բայց պիտի ջանամ գրի առնել այն սոսկալի ժամերը, որ անցան եւ որ մեզ իրարմէ հեռացուցին, բայց անզօր եղան մեր հոգիները բաժնելու։

Այն իրիկունը… կէս գիշերը անց էր, ու ես նոյնիսկ մոռցեր էի Միքայէլի տագնապալի վիճակը։ Իմ սենեակս առանձնացած էի եւ թիկնաթոռիս մէջ երկնցած կ’երազէի, վերստին ապրելով այն սքանչելի րոպէները, որ ապրեցանք քեզի հետ այնքան ուժգին կեանքով մը։

Միքայէլ դրանս կը զարնէր, բայց ես կը շարունակէի ժպտիլ ու սիրտս կը զեղուր այնպիսի զգացումով մը որ կարծես կ’ողողէր ամէն ինչ, եւ նոյնիսկ միամտութիւնը ունեցայ խորհելու թէ ինքն իսկ պիտի վարակուէր անկէ, եւ վերջապէս ոչ ոք իրաւունք ունէր խափանելու իմ սիրտս…։

Դուռս բացուեցաւ. կայծակի արագութեամբ խորհեցայ՝ ստե՞լ, կեղծե՞լ… երբե՛ք։ Եթէ նոյնիսկ մտածումս մոլորուէր եւ ուզէի վարուիլ այնպէս ինչպէս սովորաբար կիները կը վարուին, գտնել ոեւէ բանաւոր պատրուակ մը ուշ մնալուս, չէի կարող։ Ոչ թէ բարոյական սկզբունքի մը կը հետեւէի այդ պահուն, այլ ֆիզիքապէս անկարող էի ստելու։ Բայց ես ի՞նչ տեսայ, երբ գլուխս դարձուցի Միքայէլին։ Անիկա տժգունած էր մեռելի նման եւ իր աչքերը յիմարական արտայայտութիւն մը ունէին։ Մարդու աչքեր չէին անոնք, այլ տեսակ մը անբացատրելի սեւեռում, որուն ներքեւ ամբողջ մարմնովս սարսռացի։ Սոսկալի բան մը պիտի պատահէր ու ես շունչս բռնած, աչքերս գոցեցի ու սպասեցի։

Ա՜հ, մարդիկ յիմար են առհասարակ ու անկարող իրենց սեպհական երջանկութիւնը պաշտպանելու։ Եթէ այդ միջոցին Միքայէլ ինծի խօսէր իր վշտին ու ցաւին վրայ, թերեւս իմ յուզուած էութեանս մէջ վերադարձ մը տեղի ունենար, որովհետեւ այդ պահուն իմ բոլոր զգացումներս իրենց հիմունքներուն մէջ խախտած էին եւ բուռն զգայնութիւններու ազդեցութեան ներքեւ ամէն ինչ անկայուն, տարտամ եւ անորոշ դարձած էր ինձ համար։ Եթէ նոյնիսկ Միքայէլ անսալով իր կիրքէ կուրացած վիճակին, բրտութեամբ վարուէր ինձ հետ, թերեւս իր հարուածող ձեռքին ներքեւ զսպուած զգայի ինքզինքս, բայց անիկա այս անգամ ալ սխալեցաւ, այս անգամ ալ չգտաւ իմ սրտիս ճամբան։ Զգացի որ իր մէջ կար մէկը եւ կամ միւսը ընելու տիրական բաղձանքը, բայց անիկա փոխանակ անսալու իր էութեան դրդումներուն, զսպեց զանոնք, հակառակ իրեն թերեւս, ինկաւ բոլորովին խոտորնակ ճամբու մը մէջ։ Անիկա ինձ նախատեց անկրկնելի բառերով, անիկա զիս հեգնեց ու զրպարտեց։ Արտասանեց ամենէն թունաւոր բառերը ու հայհոյեց իմ սուրբ եւ պայծառ զգացումներուս։ Ոտքի ելայ փախչելու համար. ոտքի ելայ ու քանի մը քայլ հազիւ առած էի, կեցա դարանի մը կռթնած։ Ծունկերս կը կթոտէին ու պաղ քրտինք մը զգացի ծոծրակիս ու ճակատիս վրայ։ Ուզեցի խօսիլ ու բացատրել իրեն՝ թէ չէ, թէ իրենց օրէնքներուն եւ պայմանադրական կարգերուն համաձայն մեղաւոր չեմ ես, թէ մեր մէջ չէ պատահած այնպիսի բան մը, որ մարդիկ առհասարակ անքաւելի կը համարեն... ։ Բայց հազիւ թէ առաջին վանկը արտասանեցի, անիկա հասաւ իր զայրոյթին ծայրայեղ աստիճանին ու կարծեց թէ պիտի ստեմ... ու իր ձեռքը զգացի բազուկիս վրայ աքցանի մը պէս սեղմուած... ։ Շուրջս ամէն ինչ դարձաւ ու անհետացաւ, աչքերս մթնցան եւ զգացի որ գիտակցութիւնս կը կորսնցնեմ... ։

 

* * *

Պառկած էի անկողնիս մէջ ով գիտէ քանի օրերէ ի վեր։ Եթերի հոտը կը ծածանէր ռունգերուս մօտ։ Լոյսի պղպջակներ կ’անցնէին կիսաբաց աչքերուս առաջք... ուրիշ ոչինչ... ։

 

* * *

Հետզհետէ տեսայ մարդոց ստուերներ. ինչո՞ւ կու գային ինծի այնքան մօտիկ որ խափանէին շնչառութիւնս, որովհետեւ ինծի կը թուէր որ ոչ միայն կը մօտիկնային ինծի, այլ իրենց բոլոր ծանրութեամբը կը հպէին ամբողջ մարմնոյս, մանաւանդ գլխուս, որուն մէկ կողմը անսահմանօրէն խոշորցած էր կարծես։ Երբեք պիտի չկրնամ այդ ծանրութիւնը վերցնել, կը խորհէի, ու ժամերով այդ սնոտի մտածումը կը կառչէր ինծի ու կը չարչարէր մտածումս։

 

* * *

Լուռ էր եւ ամէն ինչ անշարժ, ու անսահմանելի վախ մը գրաւած էր զիս։ Եթէ բան մը շարժէր սենեակին մէջ կամ շշուկ մը լսելի ըլլար, կարծես զարհուրելի դէպքեր յառաջ պիտի գային ատկէ։ Սիրտս, ա՜հ, խեղճ սիրտս ճնշուած, կը սպասէի անձկանօք, ու ժամեր, ժամեր այսպէս... մինչեւ որ մտածումս մթագնէր բոլորովին։

 

* * *

Առաջին օրը, որ յիշողութիւնս ինձ վերադարձաւ, պատառատուն էր եւ պարապներով ընդհատուած։ Մեր տան սովորական բժիշկը մօտս էր բայց զինքը կը տեսնէի մասնակի կերպով ու իր անձին մէկ մեծ մասը կը խուսափէր իմ տեսողութենէս, կարծես թէ ամպի մը մէջ կորսուած ըլլար։ Իմ մատները միայն կ’երեւային տարապայման կերպով երկարած ու նայուածքս զանոնք կը տանէր ուր որ կ’ուզէր, առաձգական բաներու պէս, ու անոնք կ’երկարէին ու հանգոյցներ կը կազմէին ու ես կը չարչարուէի այդ սոսկալի զիկզակներուն հետեւելով։

 

* * *

Հրատոչոր մարմինս յանկարծ զովացած է ու ես անսահմանելի հեշտանքով մը կ’անդրադառնամ որ սիրտս այլեւս խրտչած երիվարի պէս ոստումներ չ’ըներ կուրծքիս տակ։ Խաղաղ եւ հանգիստ. գլուխս սակայն միշտ ծանրացած է բարձիս վրայ ու եթերի, նաեւ ուրիշ հականեխականի մը հոտը կը բռնէ ամբողջ շնչած օդս։ Նողկանք կը զգամ, կ’ուզեմ շարժիլ, բայց ահա յանկարծ դուն կը ներկայանաս իմ յիշողութեանս, ու կը տեսնեմ քեզ այնքան կատարեալ յստակութեամբ որ կ’ուզեմ ժպտիլ, բայց ամբողջ հոգիս կը դղրդի ու կը սկսիմ արտասուել հեծկլտալով, երախայի մը պէս հեծկլտալով։

 

* * *

«Ո՞ւր են զաւակներս»... ։ Յամառօրէն կը կրկնեմ ու կ’արտասուեմ, մինչ բժիշկը ու հիւանդապահուհին հակած իմ վրաս կը խորհրդակցին նշանացի։ Մեռելի պէս տարածուած եմ անկողնիս վրայ եւ ոչ մէկ շարժում կրնամ ընել։ Հետզհետէ հեծկլտանքները կը դադրին ու իմ ձայնիս բեկբեկ շեշտը զիս կ’օրօրէ ու կը քնացնէ։ Քուն չէ ասիկա, այլ կէս անգիտակից վիճակ մը, որու միջոցին նոյնիսկ փակ աչքերով կը տեսնեմ հիւանդապահուհիին շարժումները սենեակին մէջ։ Գլուխս կը պաղի սառի դէզի մը տակ եւ կ’ուզեմ հարցնել թէ ինչ եղած է ինձ, բայց կը խօսիմ ուրիշ բաներու մասին, կը զառանցեմ գրեթէ անդադար, ու գիտեմ որ կը զառանցեմ, եւ խօսքերս չեն համապատասխաներ մտածումիս, բայց միանգամայն անկարող եմ ուրիշ կերպ ընելու կամ պարզապէս խօսելէ դադրելու, որը ինծի տարօրինակ կերպով կը յոգնեցնէ։

Առաւօ՞տ է թէ երեկոյ։ Ժամանակի տեւողութեան զգացումը կորսնցուցած եմ։ Երբեմն օրերը վայրկեաններու պէս կ’անցնին եւ երբեմն ալ րոպէները կը յաւերժանան, կարծես կենալով իրենց ընթացքին մէջ։ Այս առաւօտ հասկցայ սակայն ու յիշեցի։ Այն իրիկունը անկումիս միջոցին գլուխս զարկեր էի դարանին ու ճակատս ճեղքուեր էր։ Հետզհետէ յիշողութեանս մէջ կ’արթննան կցկտուր պարագաներ ու, սիրելի՜ս, դուն կը վերադառնաս ինձ։ Ցաւագին ու խոր հեշտանք մը կը դղրդէ ամբողջ էութիւնս, ու աչքերս փակ կ’արտասուեմ առանց հեծկլտալու ու ասոնք այլեւս տխրութեան արցունքներ չեն։

 

* * *

Որքան կատարելապէս եւ անպայման կը սիրեմ քեզի։ Հոգիս կը դողդողայ, երբ կը յիշեմ քեզ այս կամ այն վայրկեանին մէջ ու ամբողջ հրաշալի վէպս կ’ապրիմ կրկին ու կ’անցնիմ ոչ միայն անցեալին ու ներկային մէջէն, այլ նաեւ քեզի հետ իմ երեւակայութեանս թեւերով կ’երթամ մինչեւ հեռաւոր սահմանները ապագային. ու դուն կաս ու կը մնաս ձուլուած իմ հոգիիս այժմ եւ յաւէտ, եւ ոեւէ չար դիտաւորութիւն անկարող է անբռնաբարելի ու անշօշափելի զօրութեանը դէմ մեր զգացումներուն... ։

 

* * *

Առաւօտ է. տենդս իջած է եւ կարող եմ իմ սոսկալի գլուխս բարձրացնել քիչ մը մեծ ճիգերով, երբ բժիշկը զբաղած է վէրքս փոխելու։ Արեան բարակ գիծ մը կը սողոսկի քունքիս վրայէն ու կ’իյնայ շապիկիս վրայ... աչքերս կրկին կը մթննան։ Այդ կաթիլ մը արիւնը երեւակայութեանաս մէջ կը լայննայ, արիւնի լիճ մը կը դառնայ ու ամբողջ օրը կ’ապրիմ այդ սոսկումի զգացումին մէջ։

 

* * *

Ի՜նչ սքանչելի ելք մըն էր մահը, որ այնքան մօտէս անցաւ ու սակայն զիս չտարաւ։ Այսօր իմ վրդովուած էութեանս ամենագէտ պայծառատեսութեան մէջ կը զգամ թէ ինչ սերտ կապ մը կայ մահուան եւ սիրոյ մէջ, բայց չեմ կրնար բնորոշել ինչպէսը։ Մահուան սարսուռները, որ անցան իմ վրայէս ու դղրդեցին ամբողջ էութիւնս, նման էին այնքան յուզմունքի սարսուռներուն, երբ քու նայուածքիդ տակ կը զգայի որ ամբողջ աշխարհը կ’անէանար ինծի համար։ Յանդգնութիւն պիտի ըլլար բառերով բացատրել։ Բայց իմ ամբողջ հիւանդութեանս ընթացքին, երբ գիտակցութեան նշոյլներ կ’ունենայի ու կը խորհէի քեզի, մահը գերագոյն հեշտանքի մը պէս հզօր էր եւ ցանկալի։

 

* * *

Ու այն ատեն, սիրելի՛ս, երբ ինքզինքս կը զգայի ֆիզիքապէս սպառած ու անկարող նոյնիսկ շարժելու, տարօրինակ եւ սքանչելի զգացում մը կը գրաւէր ամբողջ էութիւնս, ու ցաւերն իսկ, սարսուռները տենդին, դեղերուն հոտը ու վտանգը այնքան սերտօրէն կապուած էին իմ սիրոյ զգացումիս հետ՝ որ երբ բժիշկին մատները կը ծանրանային վէրքիս վրայ, սիրտս կը նուաղէր յոյզերով եւ տարփանքով... ։

 

* * *

Արեւը կրկին ծագեցաւ ինձ համար... ։ Ի՞նչպէս յաջողեցար մինչեւ իմ մօտս գալ, սիրելի՛ս... ։ Ուզեցի խօսիլ ու իմ ուրախութիւնս արտայայտել։ Աղմկալի շփոթութեամբ մը բոլոր մոռցուած ձայները հոգիիս սկսան երգել ու սիրտս, խեղճ սիրտս այնքան արագ կը բաբախէր ու յիմարական խուճապի մը մատնուած էր։ Կարծեցիր որ չտեսայ քեզ, չճանչցայ քեզ, բայց այդ պահու քու ցաւագին ու պաշտելի դէմքդ դրոշմուած է իմ մտքիս մէջ ու երբ իմ տժգոյն ու նիհարցած ձեռքս բռնեցիր, յուզմունքի եւ երջանկութեան բեռին տակ ընկղմեցայ անէութեան մէջ։

 

* * *

Օրն ի բուն կը լսէի աղմուկը եւ շփոթութիւնը իմ շուրջս, եւ կը զգայի բժիշկին ջանքերը, բաց կուրծքիս վրայ դրած պաղ եւ ցնդող դեղերը, բայց ոչ մէկ կերպով կրնայի ինքզինքիս արտայայտել եւ ըսել՝ «ոչ, մեռած չեմ, հանգիստ թողուցէք զիս»։

Ոչ խօսք, ոչ շարժում կարող էի ընել, բայց գիտակցութիւնս ամբողջովին վերադարձած էր, եւ վերջ ի վերջոյ անփոյթ դառնալով ուրիշներուն մտահոգութեան, մտածեցի քու վրադ, միմիայն քու վրադ եւ հեշտագին ծուլութեամբ մը անձնատուր եղայ իմ գեղեցիկ երազիս...

 

* * *

Ապաքինումի շրջանս եղաւ երկար ու դանդաղ։ Գլխուս վէրքը բուժուած էր, բայց սիրտս հիւանդ էր տակաւին ու բժիշկը պատուիրած էր բացարձակապէս զերծ պահել զիս ոեւէ յուզումէ։ Ոչ մէկուն այցելութիւնը կրնայի ընդունիլ եւ պատշգամին վրայ աթոռին մէջ երկարած, հիւանդապահուհիին խիստ հսկողութեան ներքեւ, ժամերը կ’անցնէին անդորր դանդաղութեամբ մը։

Օրուան մէջ մէկ անգամ միայն տղաքս կը բերէին, որոնց անձկալի եւ տրտում աչքերը վախով կը նայէին ինձ։ Խե՜ղճ փոքրիկները... երբեմն իրենց մեկնելէն շատ ետքը տակաւին կը խորհէի իրենց եւ կը մտաբերէի այն յուզմունքները, որ պիտի ապրին իրենց կարգին ու այն արցունքները, որոնցմով պիտի ամպոտին իրենց աչքերը ու սիրտս կը լեցուէր խանդաղատանքով։ Բայց միանգամայն կը խորհէի այն երջանկութեանց եւ թանկագին ուրախութիւններուն, որ կեանքը վերապահած էր իրենց, եւ դիմաւորելով այդ գեղեցիկ ժամերը, որ պիտի հնչէին զաւակներուս համար, կը ժպտէի երկարօրէն։

 

* * *

Այն առաւօտ հիւանդապահուհին ըսաւ ինծի.

Պարոնը գոհ մեկնեցաւ այսօր։

Չհարցուցի «ո՞ր պարոնը». գիտէի որ դուն էիր, գիտէի որ մօտս էիր ամէն օր, եւ թէեւ չեմ կարող թափանցել թէ ի՞նչպէս յաջողեցար Միքայէլին դաժան խստութեանը հակառակ վարուիլ քու սրտիդ եւ զգացումներուդ համեմատ, բայց անգամ մը եւս սիրտս լեցուեցաւ երախտապարտութեամբ ու քաղցր յուզումով։ Այդ բաներուն կը խորհէի, երբ հիւանդապահուհին ըսաւ ակնածանքով.

Որքա՜ն կը սիրէ ձեզի։

 

* * *

Միքայէլ ժամանակը եկած համարեց վերջին տեսակցութեան մը համար. ո՜ւֆ, ինչպէս կը սիրէ բացատրութիւնները, այսպիսի դժնդակ տեսարանները։ Հիւանդութեանս ամբողջ ընթացքին ոչ մէկ օր ատելութիւն կամ քէն չունեցայ իրեն համար, որովհետեւ բացարձակապէս վտարուած էր իմ յիշողութենէս. բարի եւ ծերունի բժիշկս արգիլեր էր իրեն ոեւէ անախորժ հանդիպումէ. բայց հիմա՞կ։

Մինչեւ նշանակած ժամը հակառակ ինձ մտածեցի իր վրայ։ Զարմանալի կերպով իր մասին ունեցած խղճահարութիւններս անհետացեր էին. ոչ մէկ պարտաւորութիւն կը զգայի իրեն հանդէպ եւ ոչ մէկ իրաւունք կը ճանչնայի իրեն, բայց սիրտս ճնշուած էր եւ եթէ կարող ըլլայի, ոեւէ ոստումով կը խուսափէի այդ տեսակցութենէն։

 

* * *

Սրահը կը սպասէր ինձ. տարօրինակ վախ մը պաշարեց զիս, բայց մեծ ջանքով յաջողեցայ գոնէ պաղարիւնութեան երեւոյթ մը պահել։ Սենեակէ մը անցած ատենս տեսայ հայելիին մէջ ինքզինքս ուրուականի մը պէս տժգոյն ու մեղքցայ ինքզինքիս։ Բայց մինչեւ սրահը հասնիլս հակազդեցութիւնը չուշացաւ, եւ մտածելով թէ ինչ հանդիսութիւն կու տար այս տեսակցութեան տխուր հեգնութիւնով մը տոգորուեցայ. ի՜նչպէս նման էր ինքզինքին։ Ինչքան աւելի լաւ պիտի ըլլար թէ՛ իրեն եւ թէ ինծի համար, եթէ բացարձակ լռութիւն պահէինք այն բաներու մասին, որ պատահած էր մեր մէջ։ Բայց անիկա օրերէ եւ շաբաթներէ ի վեր պատրաստուած էր այս տեսակցութեան, ու գիտէի որ ոչ մէկ բանով ինքզինքը կը զրկէր այդ տաժանելի հանդիպումէն։ Գիտէի որ ատելութեան եւ նախանձի օձը յարատեւ կերպով գալարուած էր իր դժբախտ սրտին մէջ, ու այդ չարաբաստիկ ազդեցութեան ներքեւ որոշուած էր ընելիքը։

Անորոշ սարսափով մը կը մտածէի թէ ինչ հնարք գտած էր արդեօք իմ սիրտս վիրաւորելու համար, բայց այդ պահուն իր հետ դէմ առ դէմ գտնուելու սոսկումս կը գերակշռէր ամէն ինչ։ Ինձ կը թուէր որ ատիկա անկարելի բան մըն էր եւ թէ մեր աչքերը այլեւս պէտք չէր որ իրարու հանդիպէին։

Երբ սրահ մտայ, իմ կրած տաժանելի զգացումս գերազանցեց կանխահոգութիւններս. ծունկերս կթոտեցան եւ կարծեցի որ պիտի իյնամ. ու տեսայ որ անիկա անկարելի խստութիւնով մը դիմաւորեց իմ տկարութիւնս։ Իրմէ գթութիւն չէի սպասեր բնաւ, բայց գաղափարը թէ ոեւէ մարդկային արարած կրնայ այդ դաժան աններողամտութեան հասնիլ, սիրտս շարժեց ու զսպուած արցունքներս այրեցին կոպերս։ Սիրտս այնքան ճնշուած էր որ գրեթէ ֆիզիքական ցաւ կը պատճառէր ինձ եւ գերմարդկային ջանքեր կ’ընէի յաղթահարելու համար իմ հոգեկան եւ ֆիզիքական տագնապիս։ Յետին ճիգ մը ըրի եւ աչքերս բարձրացուցի։ Իր արդէն իսկ նիհար դէմքը այնքան վտիտ դարձեր էր որ այտերը խոռոչացեր էին ու ռնգունքը գրեթէ լուսանցիկ փափկութիւն մը ստացեր էին։ Աչքերը անքուն եւ տառապագին գիշերներու ընթացքին մարեր էին գրեթէ. ոտքի վրայ կեցած էր եւ կը զգուշանար ինձ նայելու։ Նստայ թիկնաթոռին վրայ ու գլուխս կռթնցուցի բարձին։

Ատրինէ՛, ըսաւ վերջապէս դողդողացող ձայնով մը եւ ընդոստ ետեւ դարձաւ. թերեւս արցունքները կը ծածկէր ինձմէ. ձեռքը գրպանը տարաւ ու թաշկինակը հանեց եւ դանդաղ ու կարկամ շարժումներով սրբեց ակնոցները։

Ո՜րքան տաժանելի էր այս բոլորը, եւ սիրտս կը սկսէր նուաղումներ ունենալ։

Ատրինէ՛, կրկնեց վերջապէս անսպասելի կերպով աղերսող ձայնով մը, պէտք է մեկնինք այս քաղաքէն։

Մեկնի՞նք… Դո՛ւն, սիրելի՛ս, ներկայացար ինձ ու սրտիս բոլոր դռները գերեզմանի պէս փակուեցան իր դէմ։

Գլխովս ժխտական շարժում մը ըրի։

Միքայէլ խստացաւ. իր յօնքերը խոժոռեցան եւ ակնոցին ներքեւէն նայելով ինձ, ըսաւ հրամայողական շեշտով մը.

Պէտք է որ մեկնինք…

Եթէ մեկնինք, ես կը մեռնիմ, հեծեծեցի։

Շրթները պրկուեցան ու դժուարաւ ինքզինքը զսպեց, բայց ես գիտցայ թէ ինչ ըսել ուզեց։

Աւելի լաւ է որ մեռնիս…

Անկէց ետքը խօսակցութիւնը առաւ աւելի հապճեպ եւ խիստ հարցաքննութեան մը ձեւը։

Դուն միշտ զինքը կը սիրե՛ս, ըսաւ գրեթէ շնչատ ձայնով մը։ Աչքերս խոնարհեցի իբր հաւանութեան նշան։

Դուն կը յամառի՞ս ուրեմն քու մեղքիդ մէջ…

Աչքերս գոցեցի եւ կոյր ու խուլ եղայ իրեն համար։

Ես զաւակներուս հետ կը մեկնիմ. կա՛մ մենք, կա՛մ ան. պէտք է ընտրես վերջապէս։ Կը մեկնինք անմիջապէս եւ ոեւէ լուր եւ տեղեկութիւն մի յուսար. գիտցիր որ անողոք խստութեան մը կը հանդիպիս իմ կողմէս։ Ես քեզ կը համարեմ անարժան մայր…

Ձայնը դողաց ու պահ մը լռեց։ Կը զգայի թէ ինչ մեծ ճնշումի ներքեւ էր նաեւ ինքը։ Կ’ուզէի մօտենալ իրեն ու ամոքել իր ցաւը, բայց վստահ էի որ պիտի մերժէր զիս։ Կ’ուզէի ըսել իրեն թէ ես յանցաւոր չեմ, թէ ինքը ի զուր ստացեր է դատաւորի այդ տաժանելի դերը, թէ ինչ դժբախտ ընդունակութիւն էր ատիկա եղերական վիճակներու մէջ մտնալ, երբ կարելի էր պայծառ ու հանդարտ կերպով մը նայիլ այս խնդրին վրայ, փոխանակ գալարուելու անկարելի չարչարանքներու մէջ։ Կ’ուզէի ըսել իրեն ներողութեան եւ խաղաղութեան խօսքեր եւ վերադառնալով իմ մեկնումի մերժումիս, ըսել իրեն թէ պատրաստ էի ամէն ինչ ընել ամոքելու համար զինքը, քանի որ, սիրելի՜ս, իմ հոգիս չէր կարող ոեւէ ազդեցութիւն կրել արտաքին պայմաններէ, որքան ալ դժուարին ըլլային անոնք։ Բայց կը լռէի, չեմ գիտեր ինչու, եւ շրթներս չէին հնազանդեր իմ մտածումիս։

Անիկա միշտ կեցած էր իմ դէմս իր խիստ եւ վշտացած դատաւորի երեւոյթով։ Ձեռքերը կը գալարէր աթոռին յենակին վրայ ու կարծես թէ կը վարանէր խօսելու. թերեւս ինքն ալ իմ մտածումներուս համապատասխան խօսքեր ունէր ըսելիք, որովհետեւ յանկարծ ինծի դարձաւ ու մոլորուն նայուածքով, բայց գրեթէ մեղմութեամբ շարունակեց.

Եթէ շուտով անդրադառնաս քու կացութեանդ, եթէ շուտով վերադառնաս մեզ մօտ, քու զաւակներուդ մօտ, վերստին կ’առնես քու դիրքդ, իսկ ես կը ջանամ պատշաճութեան սահմանները պահպանել մեր զաւակներուն եւ օտարներուն դիմաց քեզ հետ ունեցած վերաբերմունքիս մէջ։

Հեռացաւ սենեակէն առանց ետեւ դառնալու, առանց կարեկցելու իմ տկարութեանս, առանց ըսելու խօսք մը, որ սիրտս բանար իրեն։

Պատշաճութի՜ւն, օտարնե՜ր, ընտրութի՜ւն… ա՜հ, ինչպէս դժբախտ ու անճարակ գտնուեցար, Միքայէ՛լ, ինչպէս քո բոլոր գիտութիւնդ, հասուն մարդու յաւակնութիւններդ օդը ցնդեցան եւ չօգնեցին քեզի քու կեանքիդ ամենածանր ժամուն, որովհետեւ երբ մարդ կ’ուզէ սիրտի մը խօսիլ, պէտք է դառնալ երախայի մը պէս անկեղծ ու միամիտ, ի՜նչ փոյթ նոյնիսկ, եթէ իր արտայայտութեան եղանակները ըլլան բիրտ ու կոպիտ։

Կը մտածէի. մարդիկ այլեւս չեն համարձակիր սպաննել սուրով եւ զէնքով, բայց կը սպաննեն խօսքերով. մտածեցի նաեւ. այնքան կարճատես եւ անմիտ է, ինչպէս մարդոց մեծամասնութիւնը, որ եթէ գիտնար ճշգրիտ կերպով մը թէ ինչ եղած է բնոյթը իմ զգացումներուս, աւելի ներողամիտ պիտի ըլլար եւ ինքզինքը անդարմանելի կերպով նախատեսուած պիտի չհամարէր իր իրաւունքի, պատուախնդրութեան պայմանադրական զգացումներուն մէջ։ Մնաց որ ինչ որ ինքը անքաւելի մեղք կը համարէ, կրնար վերջապէս արդիւնքը ըլլալ վաղանցուկ քմահաճոյքի մը, զգայարանքներու մոլորանքի մը։ Կրնայի իրեն խօսիլ ու մեղմացնել իր տառապանքը, կրնայի սուգի ու վիշտի բեռը վերցնել իր հոգւոյն վրայէն, եթէ յաջողէի համոզել զինքը իրականութեան, բայց իմ տեսակէտս տարբեր էր եւ գիտնալով թէ յանցաւոր չեմ իմ ըմբռնած եղանակովս, գիտէի նաեւ որ այն հոգեկան կապը, որ հաստատուած էր իմ եւ քու մէջ, անանցանելի եւ անխզելի էր եւ որով միշտ շղթայուած պիտի մնար իմ մտածումս եւ սիրտս։

 

* * *

Մեկնեցան վերջապէս եւ Միքայէլ գոհ էր որ իր վրէժը լուծեց. մեկնեցան եւ ես մենակ մնացի քեզի հետ. բայց այս նոր կացութիւնը անսպասելի կերպով շփոթութիւն եւ դառնութիւն պատճառեց մեզի. մենք զգացինք եւ լռելեայն համաձայնեցանք որ գռեհիկ բան պիտի ըլլար մեզմէ անկախօրէն յառաջ եկած վիճակը շահագործել, եւ մենք աւելի ցանցառ կերպով իրարու հանդիպեցանք ու աւելի վերապահ դարձանք։ Քանի Միքայէլը հոս էր, դիւրաւ կը մոռնայինք իր ներկայութիւնը, բայց իր մեկնելէն ետքը իր չարաբաստիկ ուրուականը յարատեւ կերպով կեցած էր մեր մէջ, եւ ո՞ր անծանօթ խորքերէն մեր հոգիներուն ստւերներ երկարեցան ու մթագնեցին մեր երջանկութիւնը։

Դուն չհասկցար թէ ինչո՞ւ ես ալ որոշեցի մեկնիլ. դուն չգիտցար երբեք որ այդ դժուարին որոշումը առնելէ առաջ հոգիս գալարուեցաւ ճգնաժամային պայքարներով։ Երբ կը մտաբերէի քու վիշտդ ու տխրութիւնդ, երբ կը մտաբերէի սրտագին խօսքերդ, որոնցմով քանի անգամներ յայտնեցիր ինձ թէ դառն յուսաբեկութեան պիտի մատնուէիր, եթէ յանկարծ հեռանայի։ Կարծես բոլոր կորովս կ’անհետանար. բայց, սիրելի՛ս, ես մայր եմ, ու հոգիիս մէջ ձայն մը կար որ աւելի բարձր հնչեց, եւ ես զգալով որ ժպիտը եւ ուրախութիւնը հետզհետէ կը մարին իմ սրտիս մէջ, որոշեցի իմ կոչումիս հետեւիլ եւ երթալ զաւակներուս մօտ։

Ահա թէ ինչո՞ւ ես որոշեցի մեկնիլ, ոչ Միքայէլին համար եւ ոչ ալ օտարներուն համար, որ պիտի դատէին զիս։ Ես մեկնեցայ, որովհետեւ զաւակներէս հեռու ըլլալու ցաւը ամօթ եւ վհատութիւն կը պատճառէր ինձ, եւ զգացի որ իմ պայծառ հոգիս կը մթագնի հետզհետէ. որովհետեւ նաեւ ուզեցի երթալ ու վերագտնել իմ անդորր երջանկութիւնս, աւելի լայն հորիզոն տալ մեր սիրոյն, եւ որովհետեւ վերջապէս «մարդը» սկսաւ յայտնուիլ մեր մէջ, սիրելի՛ս, իր ցանկութիւններով եւ անկարելի երազներով, եւ ես զգացի որ այն դիւրաբեկ անօթը, որ կը պարփակէր սուրբ եւ լուսաւոր խորհուրդը մեր զգացումներուն, կրնայ իյնալ իմ դողդոջուն ձեռքերէս…։

 

* * *

Շոգենաւը մեկնելու կը պատրաստուէր ու կը կարծէի որ քու սրտմտութեանդ մէջ յամառելով, պիտի չգայիր վերջին անգամ զիս տեսնելու։ Բարեկամներու եւ ազգականներու բազմութիւն մը զիս կը շրջապատէր, եւ ես կը ջանայի սիրալիր ըլլալ ամենուն հետ եւ հաճելի հետք մը ձգել ինձմէ, բայց երբ դուն վերջապէս երեւցար, մոռցայ ամէնքը, մոռցայ աշխարհը, ու ինձ համար միայն դուն կայիր, դուն ներկայ էիր եւ քեզ կը տեսնէի միայն։ Երբ իմ աչքերս քաղաքավարութեամբ կը դառնային ուրիշներուն, հոգիս լեցուն էր քեզմով եւ ուշադիր միմիայն քու ներկայութեանդ։ Սթամպոլը իր ամենագեղեցիկ վերջալոյսերէն մէկը կ’ընծայէր մեզի եւ ոսկի կը տեղար մեր վրայ։ Լոյսի եւ ճաճանչներու շքեղութիւն մը կը պարզուէր հորիզոնին վրայ եւ ոսկեղէն ցոլքեր կը բոցավառէին մեր դէմքերը։ Մեր ամէն մէկ քայլէն գետնի փոշին կը բարձրանար փալփլալով, ու բնութիւնը նազանքներ ունէր մեզի համար, ու ամպերը իրենց անսահմանօրէն երանգաւոր թափօրովը կը տարածուէին յամենալով մարիլ եւ մեր վերջին օրուան գեղեցկութիւնը կը յաւերժացնէին։ Պէտք էր մեկնիլ վերջապէս. երբ թեւս կը զգայի քու թեւիդ վրայ ու կը սուրայի ամբոխին մէջէն, ինծի կը թուէր որ այդպէս դէպի երջանկութիւն կ’երթայի եւ ոչ թէ մեկնումի մը, ու այդ քանի մը քայլերը, որ առինք միասին, յաւիտենականութեան մը ճամբուն վրայ էր։

Ի՜նչպէս գորովագին յուզում մը կար քու ձայնիդ ու ամբողջ անձիդ վրայ, ու քաղցր տրտմութիւնը, որ կ’երկարաձգէր մեր վերջին խօսակցութիւնը, անգամ մը եւս մեզ կը կապէր իրարու։

Ու իմ ձա՞յնս էր որ կ’ըսէր.

Որքան գոհ եմ քեզ վերջին պահուն տեսած ըլլալուս։

Ու քու ձա՞յնդ էր որ կը մրմնջէր տրտում շեշտերով, ու չէ՞իր զգար այդ պահուն որ մեր խեղճ բառերը, մարդկային բառերը անկարող էին արտայայտելու այն բոլոր խռովայոյզ զգացումները, որոնք փոթորիկի մը պէս կը բարձրանային մեր հոգիներուն մէջ։

Ու հարկ եղաւ բաժնուիլ, ու դուն չես գիտեր, սիրելիս, որ երբ համակերպած իմ որոշումիս, հրաժեշտի համբոյրովը շրթներդ կը ծանրանային ձեռքերուս վրայ, երբ կ’ուզէի աչքերդ դարձնել ինձմէ անոնց խոնաւութիւնը ծածկելու համար, դուն չես գիտեր, սիրելի՛ս, երբ ձեռքս սեղմած չէիր ուզեր զիս թողուլ, ես տժգոյն էի, լռին եւ անշարժ բայց այդ պահուն կարծես բան մը գահավիժօրէն կործանեցաւ իմ մէջս, եւ եթէ զիս տանէիր հետդ, այլեւս կուրօրէն, խելայեղօրէն ամենուրեք կը հետեւէի քեզի…։

Շոգենաւի թաւ սոյլը թրթռալով տարածուեցաւ քաղաքին վրայ, կարծես մեր ազնուական ցաւը ծանուցանելով, եւ քու վերջին պահու դէմքիդ յուզեալ տխրութիւնը դրոշմուած աչքերուս մէջ առանձնացայ իմ խցիկս։ Յուզմունքի եւ զգացումներու ուժգին թափին ներքեւ գինովի պէս կը դեդեւէի։ Դէմքս ծածկեցի բարձիս վրայ եւ դառնօրէն ու երկարօրէն արտասուեցի, որովհետեւ յաղթանակի մը ծանր եւ տաժանելի փառքին ներքեւ կը կքէի այլեւս…։

Հիւանդ էի, սիրելիս, բայց այդ տկարութիւնը պատճառ եղաւ որ հետզհետէ ամոքուի իմ ցաւս, եւ սկսայ ապրիլ իմ հրաշալի սիրոյ վէպս, մինչ շոգենաւը զիս կը հեռացնէր անդադար։ Քեզի հետ թեւ թեւի անցանք բոլոր ծաղկեալ ոլորտներէն իմ երեւակայութեանս, յուզմունքի եւ սիրոյ բոլոր բարեխառնութիւններէն անցնելով եւ ճաշակելով կեանքը իր բոլոր ցաւերով եւ ուրախութիւններով. ու ճշմարտապէս ո՞րն է երազը, ո՞րն է իրական կեանքը, քանի որ քու սիրելի հոգեկան ներկայութիւնդ յարատեւօրէն զգալով, հոգիիս բոլոր ժպիտները վերստին ծաղկեցան իմ տակաւին տժգոյն դէմքիս վրայ։

Ուշ ատեն հասանք Իզմիր։ Կամրջակին վրայ էի մինչեւ իրիկնամուտը։ Երկինքին վրայ ամպեր կը տարածուէին առանց կուտակուելու. սեւ ստուերներ հորիզոնի չորս կողմերէն զիրար կը դիմաւորէին եւ կարծես անծանօթ հեռաւորութեան մը մէջ լոյս մը մարեցաւ։

Հակառակ ամառային գաղջ օդին ամբողջ մարմնովս կը դողամ, մինչ շոգենաւը խարիսխ կը նետէ…։ Ու ոչ մէկ յետամնաց ցոլք երկնքին վրայ, ոչ մէկ աստղ…։

Հոգիս խռովուած է, սիրելիս, եւ անձկութեամբ կը խորհիմ քեզի։ Ահա գիշերը, որ կ’իջնէ մեր վրայ սեւ ու ծալ-ծալ խաւարով. այս գիշերը աստղ չունի, երազ չունի եւ իր մէջ նոյնիսկ փոթորիկի մը սպառնալիքը չկայ։

 

ՎԵՐՋ