Կրակէ շապիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԿՐԱԿԷ ՇԱՊԻԿ

 

Այն ժամանակ հազիւ տասը տարեկան էի: Մենք կը բնակէինք Սկիւտար, միայարկ, խարխլած ու փայտաշէն տուն մը, որ կը գտնուէր Բիւլբիւլ Տէրեսիի վերեւը երկարող տուներու մէջ:

Ամառ թէ ձմեռ ձորին մէջէն կը թաւալէր թանձր ու մթագոյն աղբը, դանդաղ ընթացքով: Չեմ գիտէր ինչո՞ւ այդ գարշահոտ ու բաց կոյուղին, որին անունով կը կոչուէր թաղը, կը կրէր այնքան բանաստեղծական անուն: Թերեւս միայն այն պատճառով, որ ձորէն անդին կը տարածուէր թրքական գերեզմանատունը եւ որուն մշտադալար եւ տխրատեսիլ նոճիներուն մէջ բոյն դրած էին սոխակներ:

Իմ մանկութիւնս անցած է այդ ձորին վերեւի ափունքներուն վրայ: Թաղին բոլոր երեխաները դեռ օրօրոցէն շնչած են այդ գարշահոտութիւնը: Աւելի ուշ անոնք կ՚աճէին եւ կը մեծնային պղտոր խոնաւութիւնով թրծուած զառիթափներուն վրայ, որոնց նոյնիսկ սեպ դարվարները ընտանի դարձած էին մեր ճապուկ քայլերուն:

Ամառուան մէջ, երբ հարաւային քամին կը փչէր, մեծերը երեսները կը թթուեցնէին եւ իրարու կ՚ըսէին լոտօս է: Այդ բառը ինձ սարսափ կը պատճառէր, այդ օրերուն մայրս աւելի սրտնեղ կը դառնար, հօրս մարած աչքերը աւելի կը յուսահատէին, եւ չնչին պատճառ մը առիթ կ՚ըլլար, որ մայրս կատաղութեամբ յարձակուէր հօրս չքաւորութեան վրայ: Գանգատներ եւ յուսահատական աղաղակներ կը պայթէին տանը տրտում մթնոլորտին մէջ, ընդմիջուած շառաչուն ապտակներով, որ իմ կամ եղբայրներուս այտերը կ՚ընդունէին անտրտունջ:

Այդ օրերուն Բիւլբիւլ Տէրեսի գարշահոտութիւնը անհանդուրժելի կը դառնար: Երբեմն ալ քամիի ալիք մը դիմացի գերեզմանատունեն մինչեւ մեզ կը բերէր ուրիշ տեսակի արտաշնչում մը: Մայրս խորհրդաւոր եւ սարսափահար երեւոյթ մը կ՚առնէր, երբեմն մեզ կը փակէր տան մէջ եւ կ՚ըսէր.

Դուրս մ՚ելլէք, կոռելը [1] նոր սատակ [2] թաղեր են:

Այդ օրերուն իրիկունները, երբ հայրս ու մայրս կը խօսէին իրենց անհատնում հոգերուն վրայ, մօրս շեշտը աւելի դառն էր եւ հօրս պատասխանները աւելի վհատ:

Մարդ աստծոյ, կ՚ըսէր մայրս յուսահատութեամբ ձեռները ծունկներուն զարնելով, ճար-ճարակ ըրէ, մախսմներս [3] ազատէ այս դժոխքէն:

Հայրս լուռ կը լսէր, գլուխը մէկ կողմին հակած եւ իր արեւահար ճակատին վրայ ունքերը կը բարձրանային, կը պռստուէին, երբեմն ալ կը պարզուէին, իրեն տալով լսածներէն ապշած մարդու արտայայտութիւն:

Ճար չկար: Չքաւորութիւնը չոքած էր մեր ընտանիքին վրայ, ինչպէս մշտատեւ պատուհաս: Հայրս եազմաճի էր եւ չարաչար կ՚աշխատէր. ամէն առաւօտ մութնուլուսին կ՚երթար քէլ Նիկողոսին փաւլիքան. այնտեղ ներկ կը պատրաստէր, եազմաները խազան կ՚ընէր, ամառուան տօթին ու ձմեռուան ցուրտ բուքին բանուածները կը տանէր ծովեզերք` լուալու համար եւ թացերը կռնակը բեռցած զառիվերէն կ՚ելլէր արիւն քրտինք թափելով: Մայրս ալ կ՚աշխատէր. թեզկեահի վրայ եազմայ կը բանէր, հակառակ որ վեց զաւակի տէր էր եւ տանը հոգը բոլորը իր վրայ էր:

Ձմեռուան երկար գիշերներուն, երբ մեր անկողինները կը փռէին յատակին եւ զոյգ-զոյգ կը պառկէինք մայրս կը շարունակէր աշխատիլ մինչեւ ուշ ատեն, լամպայի վտիտ լոյսով: Հայրս բազմոցին վրայ երկարած պահ մը կը մրափէր, յետոյ կ՚արթննար ու կը խօսակցէին: Քոյրերս ու եղբայրներս շատոնց քնած կ՚ըլլային, բայց իմ քունս թեթեւ էր եւ կը ջանայի հետեւիլ ըսուած խօսքերուն:

Երբեք չեմ լսած, որ այր ու կին իրենց այդ մտերմական ժամերուն անուշ խօսք մը ըսեն իրարու: Անոնք երկարօրէն կ՚որոճային իրենց մտմտուքները. մայրս յոգնութիւնէ տքալով, ակռաները սեղմած, մէկ կողմէն կատաղութեամբ կը բանէր եւ միւս կողմէն հօրս անկարողութեան առաջ, անխնայ կը շարէր սպառնացող հոգերը. պարտատէրեր, որ վաղը «դուռը ձեռք պիտի առնէին, ածխավաճառը, որ մերժեր էր ապառիկ տալ, հացագործը, որ ձիուն սանձը քաշեր գացեր էր առանց հաց ձգելու…

Հայրս խոր հառաչանք մը կ՚արձակէր եւ երբեմն ալ կ՚ըսէր.

Չիկային աչքը քեօռնա…

Այն ատեն մայրս գերագրգռուած գործը կ՚ընդհատէր, թեզկեահը անդին կը հրէր եւ ոտքի կանգնելով կը գոչէր.

Այ մարդ, չըսե՞ս աղքատութիւնը կրակէ շապիկ է:

Մօրս վտիտ իրանը սենեակին կիսախաւարին մէջ կարծես աներեւոյթ զօրութեան մը կը դիմադրէր, աչքերը հրացայտ, կզակը ցցուած, խելագարի պէս կը նայէր ասդին անդին, հայրս քնաթաթախ աչքերով կը հետեւէր անոր շարժումներուն եւ կամացուկ մը ձեռքը կը տանէր իր ցաւոտ ոտքերուն, որոնք կը կսկծային խոնաւ եւ կարկտուած գուլպաներուն մէջ:

Մօրս բարկութիւնը միշտ ինձ անձկութիւն կը պատճառէր. սիրտս կը սեղմուէր եւ կ՚ուզէի պոռալ, բայց այդ բարկութեան իմաստը չէի հասկնար: Գիտէի, օ՜հ, շատ լաւ գիտէի, որ անյաղթելի դժբախտութիւն մը կը ծանրանար մեր ընտանիքի վրայ: Գիտէի, որ հոգ մը կար, ճնշիչ հոգ մը, որուն լուծը կը քաշէին մեծերը, երբեմն համբերութեամբ, երբեմն ըմբոստանալով: Այդ ցաւը մեր ամէնուս երկվայրակ եղբայրն էր, մեզ հետ աշխարհ եկած էր, մեզ հետ կը մեծնար. աւելի ուշ հասկցայ, որ ան իր բազմատեսակ երեսներով քստմնելի չքաւորութիւնն էր, եւ այն օրէն, որ հասկցայ, իմ վրաս առի յաղթել այդ հրէշին:

Բայց այն ժամանակ փոքր էի եւ մատղաշ: Եւ երբ ծնողքս կ՚ըսէին` «հացի մը փարայ ճարենք…», կամ երբ յուսահատօրէն կը յուսային, որ «գործերը քիչ մը բացուին…», չէի կրնար ըմբռնել, որ իրաւմամբ չարաչար աշխատանքով չոր հացի մը փարայ կը վաստկէին եւ թէ` գործերը բացուէին թէ ոչ, իրենց եւ իրենց պէսերու համար որեւէ յուսալիք բան չկար:

 

Բացի երկու փոքրիկ քոյրերէս, որոնցմէ վերջինը դեռ ծծկեր էր, մենք չորս մանչերս կ՚երթայինք թաղային վարժարան: Մենք ձրի չէինք: Մայրս երբեք չէ զիջած երթալ դիմումներ կատարել «աղա»-ներուն:

Դպրոցին մէջ, սրահին պատերուն վրայ կախուած գեղագիր բնաբանները, վարժապետին խօսքերը, ըսուած առակները եւ եղած ընթերցումները նպատակ ունէին մեզ տոգորելու այն զգացումով, որ «ուսմունքով եւ աշխատանքով մարդս կը հասնի ամէն բանի»: Ես եռանդով ու ջանքով կ՚ուզէի ձեռք բերել այդ ուսումը: Եղբայրներս անտարբեր էին այդ բոլորին. անոնք կեանքով եւ ուժով լեցուն, շարժման մէջ կը դնէին իրենց բոլոր ֆիզիկական եւ մտային կարողութիւնները խաղերու եւ ծեծկվրտուքներու մէջ: Անոնք կերպով մը կ՚անցընէին դասերու ժամերը ինչպէս պարտադիր անախորժութիւն եւ անմիջապէս կը վազէին զբօսայգի: Երեկոյին, երբ կ՚արձակուէինք, անոնք ուրիշ մանչերու հետ ռումբի պէս դուրս կը նետուէին դպրոցէն եւ դեռ տուն չի հասած, փողոցներու մէջ անձնատուր կ՚ըլլային շահատակութիւններու. եւ վա՜յ անոնց, որ իրենց ճամփան կտրէին կամ արգելք ըլլալ ուզէին: Ես թէեւ հիացումով կը հետեւէի անոց խաղերուն, բայց մասնակից չէի ըլլար, որովհետեւ կը շտապէի տուն դասերս պատրաստելու:

Մայրս անտարբեր էր թէ՛ իմ փութաջանութեանս եւ թէ՛ միւս տղաքներուն անզուսպ վարմունքին: Կը բաւէր, որ զինքը չխանգարէինք իր անդադար աշխատանքին մէջ: Չեմ յիշեր մայրական գորովոտ համբոյր մը կամ ժպիտ մը: Ա՛յ, թող ըսեն ինչ որ կ՚ուզեն, թող խօսին եւ գրեն մանկութեան քաղցր յիշողութիւններու վրայ…

Ադոնք անծանօթ են անոնց, որ ակռաները մեղմած կուրծք կուրծքի անդադար կը կռուէին կեանքի դժուարութիւններու դէմ: Մայրս ժամանակ չունէր գուրգուրալու իր զաւակներուն վրայ: Նոյնիսկ երբ փոքրիկ քոյրս կը ճչար օրօրոցին մէջ, միայն սրտնեղութիւն կ՚երեւար մօրս խոժոռ դէմքին վրայ: Երբ ճիչերը շատ բարձրանային, կ՚առնէր մանկիկը, ծիծ կ՚ուտար եւ ինքը ակնապիշ կը մնար, մինչեւ որ երեխան յագենար: Այսօր միայն կը հասկնամ, որ իր արիւնը կը չորնար քրտինք թափելով մեզ համար, այսօր կը գիտակցիմ, որ իր կեանքը մաշած է մեզ համար, բայց այն ատեն իմ մանկութեան հոգիս անյագ կարօտ ունէր գուրգուրանքի եւ մօրս դաժան կամ թթուած դէմքը մռայլ տխրութիւն կը ներշնչէր ինձ: Բայց ես նպատակ մը դրեր էի իմ կեանքիս եւ կը մխիթարուէի` ինքզինքս զգալով զօրեղ գալիք օրերու մէջ:

Հայրս ընդհակառակն մեղմ էր եւ կարծես պատրաստ էր սրտազեղումներ ունենալու: Այն ժամանակ հազիւ քառասուն տարեկան էր, բայց իր մարդկային կերպարանքը կորսնցուցած էր ծովի աղի քամիին հարուածներուն տակ: Սեւ եւ տխուր աչքերը մարած էին: Ճերմկած եւ ցանցառ մազերը կը փակչէին գագաթին եւ քունքերուն: Անիկայ լռակեաց մարդ էր եւ իր զգացումները եւ մտածումները կ՚արտայայտէր աչք ու ունքով: Իր ճակատի բազմածաւալ կնճիռները կը կծկուէին կամ կը պարզուէին եւ այդ պարագային դժգոյն գիծեր կը կազմէին արեւահար ճակատին վրայ: Անոր խունացած, կարկտաններով պիտակուած հագուստները ո՛չ գոյն ունէին եւ ո՛չ ձեւ, եւ այդ բոլորէն կ՚արտաբուրէր բարկ հոտ մը աղի քրտինքի եւ պոտասի, որ ինձ սիրելի էր եւ ընտանի, որ գերազանցապէս հայրս էր: Բայց ինչ որ մասնաւորապէս կը յիշեմ, ցաւագինօրէն կը յիշեմ, այդ իր կօշիկներն էին…

Հօրս եւ մօրս վաստկած դրամն հազիւ ծայրը-ծայրին կը բաւէր մեր ապրուստին, բայց այդ եազմայի գործի մէջ կային անգործունէութեան շաբաթներ, մանաւանդ ձմեռը, երբ կա՛մ ներկերը կը սառէին հողէ ամաններուն մէջ եւ կա՛մ սառնամանիքի պատճառով անկարելի կ՚ըլլար եազմաները տանիլ լուալ ծովեզերքը: Այն ատեն թաթիլ էր [4]: Երբ այդ չարաբաստիկ բառը կ՚արտասանուէր տանը մէջ, գիտէինք, որ մեր նեղ օրն ա՛լ աւելի պիտի նեղնար: Այդ թաթիլը իմ մտքիս մէջ կը ներկայանար զզուելի եւ թաւ սարդի մը պէս, որ անկիւն մը դարանակալ կը սպասէ եւ միշտ կը սպառնայ մեր կեանքը թունաւորելու: Այլապէս, երբ գործ կար, կերպով մը կ՚ապրէինք: Տունը, ուր կը բնակէինք, ժառանգութիւն մնացեր էր մօրենական պապէս, որ եղած էր ձկնորս եւ քաջ նաւավար: Հայրս շաբաթական կը ստանար երեք մեճիդիէ եւ դեռ կը համարուէր լաւ վճարուած խալֆայ, որովհետեւ տասներկու տարին ի վեր կ՚աշխատէր քէլ Նիկողոսի փաւլիքան: Հայրս շաբաթականը կ՚առնէր կ՚երթար շուկայ եւ կը գնէր երկու ոչխարի գլուխ: Այդ էր մեր մսեղէնը: Երբեմն փոփոխութիւն մտցնելու համար, փոխանակ գլուխը, կը բերէր ոչխարի փորոտիք: Այդ պարագայում վախվխելով կը մտնէր սեմէն, որովհետեւ մայրս կը յարձակէր իր վրայ, մեղադրելով, որ դժուար գործ կը բանայ իրեն: Դէպի հինգշաբթի օխա մը ճերմակ խաշած լուբիայ կ՚ամբողջացնէր մեր շաբաթական ուտեստեղէնը: Երբեմն, սակայն, երբ Վոսփորի ջուրերը առատութեամբ կու տային խամսին կամ բալամուտ, հայրս խուրձ մը բողկի հետ ձուկ կը բերէր: Տունը կը լցուէր տապակածի կամ խորովածի ուրախ բուրմունքով եւ նոյնիսկ հօրս դէմքը կը պարզուէր, երբ բազմոցին վրայ երկարած կը սպասէր, մինչ մայրս կասկարային կամ ունելիին հետ ծեծկուելով ճաշը կը պատրաստէր: Այն ատեն հայրս իր ներքին գոհունակութիւնը արտայայտելու համար տասնոց մը կու տար մեզի, որ երթանք ախտերէն [5] շաքարեղէն գնենք մեզ համար:

Ճաշէն յետոյ, բացառապէս, հայրս ու մայրս մանգալին շուրջ կը դանդաղէին եւ խահուէ մը կը խմէին, լուռ, բայց համերաշխ իրենց բարօրութեան զգացումին մէջ:

Բայց ասոնք շատ հազուադէպ օրեր էին մեր կեանքին մէջ: Հօրս վաստակը պէտք է բաւեր մեր բոլոր ծախքերուն, որովհետեւ մայրս անվերջ եւ անդադար պարտք կը վճարէր: Նախ կար պարսիկը, որ քառապատկուած գիներով ապրանք կը բերէր եւ որով գէշ-աղեկ կը հագնուէինք: Այդ անիծեալ պարսիկը մեր թաղին մղձաւանջն էր. ամէն շաբաթ օր կ՚անցնէր, կը հանդիպէր գրեթէ ամէն տուն եւ մաս-մաս կը գանձէր առնելիքները: Եթէ մէկնումէկը չկրնար վճարել, պարսիկը կը զայրանար, կը գոռար, կը հայհոյէր, կից կը զարնէր պարտատիրոջ դռան, սպառնալիքներ կ՚ընէր…

Աճեմը կենէ այսօր պոռաց…– կը տեղեկացնէր մայրս նոյնիսկ մեզի, երբ տուն կը դառնայինք:

Բացի պարսիկը, կային ուրիշ պարտքեր: Երբ թաթիլ ըլլար, հացագործին դրամը չէր վճարուէր շաբաթէ շաբաթ, կը դիզուէր, կը դառնար խնդիր մը: Ասկէ զատ ձմեռը ածուխ գնելու եւ ուրիշ պիտոյքներու համար հարկ կ՚ըլլար վաշխով դրամ առնել գործատէրէն: Մայրս անդադար կը բանէր եւ վաստկածին «վրան չնայած» կու տար պարտքի: Եւ դեռ մենք բախտաւոր էինք… Հայրս սովորութիւն չունէր գինետուն երթալու, կային, որ որբ էին եւ ծանրացած իրենց մօրը աշխատանքին վրայ, կային որ անօթի կը մնային, որովհետեւ իրենց հայրը գինետունը կը թողուր վաստակը, եւ կային, որ հիւանդ ունէին… Մենք բախտաւոր էինք, պայմանո՞վ որ բացառիկ եւ անհրաժեշտ ծախք մը չներկայանար, եւ կը ներկայանար երբ հարկ կ՚ըլլար հայրիկիս կօշիկ առնել:

Խեղճ հայրս… հակառակ իր խոնարհ ծագումին եւ չարքաշ կեանքին փափուկ ոտքեր ունէր, որոնց մորթը կը փշտէր, երբ կոպիտ կօշիկներ հագնէր: Այդ պատճառով կ՚երթար Ստամբոլ, մեծ շուկան եւ այնտեղ իրեն ծանօթ խանութէ մը կը գնէր ոտքին չափէն մեծ կօշիկներ: Անոնք սովորական կօշիկներ էին, երկու կողմերը լաստիկով, որոնց մէջ ոտքերը կը մտցնէր ինչպէս մոյկի մէջ: Այդ մեծկակ կօշիկներու երեսները մէկ քանի օրէն ծալքեր կը շինէին, ծայրը թեթեւ մը կը բարձրանար, փոշին կամ ցեխը հետքեր կը թողնէին անոր խորշոմներուն մէջ եւ անոնք կ՚ունենային ցաւագին եւ սրտառուչ արտայայտութիւն մը:

Այդ կօշիկներուն յիշողութիւնը վառ գոյնով կը պատկերացնէր մտքիս հօրս կեանքը: Անոնցմով կ՚երթար ծովեզերք եազմաները լուալու, անոնցմով կը բարձրանար զառիվերը մէջքը կքած թաց եազմաներու բեռին տակ, անոնցմով կ՚երթար ոչխարի զոյգ մը գլուխներ գնելու իր հալալ վաստակով, որպէսզի չօլուխ-չոճուխ ուտեն կշտանան: Անոնցմով կ՚երթար քէլ Նիկողոսին գլուխ ծռելու, իբրեւ շնորհ խնդրելու մէկ կամ երկու ոսկի, հարիւրին երկու հարիւր տոկոսով, երբ թաթիլ ըլլար, կամ տաղաւար մը վրայ հասնէր աղէտի մը պէս: Եւ անոնցմով է, որ դարձեալ կիրակին եւ տօն օրերը ինձ հետ «կ՚երկննար» դէպի բարձունքը, ոչ շատ հեռու, որովհետեւ մշտնջենապէս յոգնած մարդ էր... եւ սիրտ չէր ընէր քսան փարանոց խահուէ մը խմել որեւէ զբօսատեղիի մէջ:

Եւ ինչ որ իր աչքերը չէին արտայայտէր, ինչ որ իր շրթները չէին արտասանէր, կարծես կը գրուէին այդ կօշիկներուն վրայ. իր հոգիի շարժումները, իր թաքուն ըմբոստութիւնները եւ իր անսահման գորովանքը իրեններուն համար կը դրոշմուէին այդ ցաւագին, այդ տրտում կօշիկներուն վրայ:

Վաղուց է, որ հայրս կը հանգչի Սկիւտարի հինաւուրց գերեզմանատան մէջ: Անոր չարքաշ ոսկորները փոշի դարձած են բազկատարած թմբիներու հովանիին տակ եւ երբ այսօր կը մտաբերեմ զինքը, կսկիծ մը հերիւնի պէս կը ծակէ սիրտս:

Ինչո՞ւ այն ատեն չգիտցայ իրեն ըսել այն խօսքերը, որ այսօր գիտեմ եւ որոնք անշուշտ իր յուսահատ չքաւորութիւնը պիտի փոխէին յուսառատ պայքարի: Ինչո՞ւ երբեք չգիտցաւ, որ իր կոշտացած ձեռքերը ուրիշ բիւրաւոր ձեռքերու հետ կը կերտէին ապագան եւ իր ոտքերը, որ այնքան վհատութեամբ կը դեգերէին փոշոտ կամ ցեխոտ ճամփաներու վրայ, արդէն իսկ կ՚առնէին քայլեր, որ իրենց որդիները պիտի վերածէին յաղթական քայլերու:

 

Մեր դպրոցի աշակերտներուն մէջ կային տասնեակ մը հարուստ տղաքներ, մօտ յիսուն ձրիներ եւ երկու հարիւրէ աւելի էսնաֆի տղաք: Մենք ստուար մեծամասնութիւն կը կազմէինք, բայց մեր մէջ ալ տարբերութիւններ կային: Ոմանք կ՚երթային կը քսքսուէին հարուստի տղոց եւ նոյնիսկ կը ծառայէին, մինչ անոնք կը մնային անտարբեր եւ գոռոզ թէ՛ ուսուցիչներու եւ թէ՛ քծնող ընկերներու հանդէպ: Ձրիներուն խօսքը չէր ըլլար: Էսնաֆի տղաքն էին, որ կու տային ամենէն առաջադէմ եւ փայլուն աշակերտները եւ մեր մէջ էին նաեւ ամենէն քաջերը, յանդուգն ու նետուող տղաքը, «ստահակ»-ները, ինչպէս կը կոչէր տնօրէնը: Դպրոցի ուսուցիչները եւ «վերին մարմինը» ուզէին թէ չուզէին մեզ հաշուի կ՚առնէին: Այդ զանգուածին մէջ խումբ մը տղաքներ, որոնց մէջ էինք մենք, չորս եղբայրներ, ամրակուռ կորիզ մը կը կազմէինք եւ հեղինակութիւն ունէինք բոլոր աշակերտներուն վրայ, ինչ որ ձեռք անցուցեր էինք մեր բռունցքներու ուժով: Դեռ մինչեւ այսօր որոշ հրճուանքով կը յիշեմ կուրծք կուրծքի անհաւասար կռիւներ, որոնցմէ յաղթական դուրս կ՚ելլէինք: Մենք էինք, որ զբօսանքի ժամանակ պարագլուխ կը դառնայինք յանդուգն ու երբեմն արգիլուած խաղերու, եւ մենք էինք, որ ստանձներ էինք «արդարութիւն ընել», երբ հարկ ըլլար: Հարուստի տղաքը կը զգուշանային մեզ հետ գործ ունենալէ, իսկ ձրիները վախվխելով կը դառնային մեզմէ եւ երբեմն ալ հլու հնազանդութեամբ մեզ կը մատնէին: Այդ լալկան, միշտ նկուն տղաքը ինձ զայրոյթ կը պատճառէին: Այլ սակայն ձրիի մը պատճառով քիչ մնաց որ վռնդուէին դպրոցէն:

Օր մը չեմ գիտեր ի՛նչ պատճառով, ընդհանուր հսկիչը քանակով զարկաւ տղու մը մատներուն: Անիկայ տխեղծ պատանի մըն էր, որ միշտ կը դողդղար մաշած հագուստներուն մէջ: Ցուրտ էր եւ նոր աւարտեր էինք զբօսանքը. տղուն ճաթռտած մորթով ձեռքերը ուռած էին եւ կապտած: Յանկարծակիի եկած քանակի հարուածներէն, ան շշմեցաւ եւ սկսաւ լուռ արտասուել: Ցաւած ձեռքերը դրեր էր ծոցը եւ կը մղկտար, երբեմն ձեռքերէն մէկը դուրս կը հանէր, վրան կը նայէր եւ աւելի առատ արտասուք կը թափէր:

Յանկարծ ինքզինքէս դուրս եկայ: Տեսակ մը տառապագին գթութեան զգացում երբեմն անսպասելի կը գրաւէր ինձ: Ես գիտէի իմ այդ ներքին թուլութիւնը եւ կ՚ամչնայի ու կը փորձէի յաղթել անոր: Անիկայ դառն զգացում մըն էր, անգթօրէն կը տանջէր ինձ եւ փոխանակ ինձ մեղմացնելու կը դարձնէր հէրսոտ, յարձակողական:

Երբ նայուածքս տղուն վրայէն դարձաւ հսկիչին, որ անտարբեր իր արարքին` կ՚անցնէր գրասեղաններու առաջքէն, աչքս դարձաւ եւ ակնթարթի մը մէջ, ինչ որ գտայ ձեռքիս տակ` նետեցի գլխուն: Ամբողջ սրահը տակնուվրայ եղաւ, ուզեցի փախչիլ հսկիչի հալածանքէն, բայց ահա տեսայ, որ հսկիչը կը փախչէր ինձմէ: Ոտնամաններս հանէր, ձեռքս բռներ էի եւ պատրաստ էի ինքնապաշտպանութեան. կ՚ելլէի գրասեղաններու վրայ, կը ցատկէի յանկարծ հսկիչին ճամփան կտրելով. ան առաջքէս, ես ետեւէն կը վազէինք նստարաններուն միջեւ եղող նեղ անցքերէն: Մեր խումբին ընկերները, որոնց շարքին եւ եղբայրներս, առաջացած էին սրահին կենտրոնը եւ ձեռքերնին խօթած տաբատներուն գրպանները, նայուածքով լուրջ կը հետեւէին այս անսովոր տեսարանին. վերջապէս հսկիչը յաջողեցաւ սրահէն դուրս սպրդիլ եւ քիչ յետոյ երեւցաւ տնօրէնին սիլուետը:

Ինձ տարին խորհրդարան, ուր հաւաքուած էին ուսուցիչները, եւ տնօրէնը սկսաւ խօսիլ: Արիւնս գլուխս խռնուած էր, ականջներս կը բզզային եւ բառ մը չէի հասկնար: Միայն կարծես մշուշի մը մէջէն կը տեսնէի հսկիչին մեռելի պէս դժգոյն դէմքը եւ Քեօսէ Մինասը, քարտուղարը, որ մեծ տետրակին մէջ բան մը կը գրէր ինձ վերաբերեալ: Աւելի ուշ իմացայ, որ ոչ մէկ կապ չէին տեսեր քանակին հարուածներուն եւ իմ արարքիս մէջ, որ վերագրեր էին անսանձ ստահակութեան:

Բայց այդ դէպքը պատճառ մը եղաւ, որ սերտ բարեկամութեամբ կապուիմ նորեկ աշակերտի մը, Պլութեան Պետիկին հետ:

Անիկա տասներեք տարեկան մը կար եւ վերի դասարաններէն էր: Դասի դադարին ինձ մօտեցաւ եւ ըսաւ.

Իրաւունք ունէիր, մարմնական պատիժը արգիլուած է:

Ադ չէր պատճառը, ըսի դիտմամբ եւ կաս-կարմիր դառնալով, խարեզ [6] ունէի:

Պետիկ նախ զարմացական, յետոյ ժպտուն հայեացք մը ուղղեց ինձ:

Թո՛ղ այդպէս ըլլա, ըսաւ, ու թեւս մտնելով հեռացուց ինձ տղոց խումբէն, որ մեզ շրջապատեր էր:

Անունդ ի՞նչ է, հարցուց մեղմութեամբ:

Անունս Կարպիս Սեդրակեան է:

Եազմաճի Սեդրակին տղա՞ն ես...

Իմ հաստատական պատասխանիս վրայ պահ մը մտածեց եւ աւելցուց:

Արտաշ հօրեղբայրս ճանչնալու է հայրդ. կրնայ ըլլալ, որ քեզ դպրոցէն վռնդել ուզեն. դուն հոգդ մ՚ընէր, ես կը խօսիմ Արտաշ հօրեղբօրս:

Պետիկի ընտանիքը հռչակաւոր էր Սկիւտարի մէջ: Մեծ հայրը` Պլութ, նշանաւոր եղած էր իր խիզախ քաջութեամբ եւ շահատակութիւններով: Կ՚ըսէին թէ ան իր երիտասարդ տարիները անցուցած էր Սաբանջայի լեռները եւ չէրքէզ էշկեաներու պետը եղած էր չէրքէզի անունով: Անիկայ փոխնիփոխ եղած էր խաչախանի, աւազակ եւ յարատեւ կռուած էր դէտերու եւ կառավարական ուժերու դէմ: Ըմբոստ, քաջ կռուող, միեւնոյն ատեն կ՚ըսէին թէ եղած է բարի եւ հոգածու իր «իշխանութեան» սահմաններու մէջ եղող գիւղացիներու համար, առանց ազգի խտրութեան: Հայրապետ ամուճաս, որ Ենի Մահալլէ կը բնակէր, երբ այցելութեան կու գար եւ օղի մը կամ երկուք նետած կ՚ըլլար, կը պատմէր Պլութի ստեղծագործութիւնները եւ կ՚ըսէր.

Երբ գեղ կ՚իջնար, չոճուխի պէս անվնաս մարդ էր, ամա, պիտի ըսես, ինչո՞ւ լեռ կ՚ելլէր:

Հարկաւ խելքի մը կը ծառայէր, կ՚ըսէր մայրս:

Բնիկ սկիւտարցի, Պլութ օր մըն ալ վերադարձեր էր տուն, ամուսնացեր եւ մէկ-երկու տարի ապրեր էր խաղաղ: Յետոյ դարձեր էր ջրհանկիր, ջրհանկիրներու ռայիզ, եւ վերջապէս օր մը սպանուեր էր. երիտասարդ ջրհանկիր մը, որուն համար կ՚ըսէին թէ կաշառուած էր, նենգութեամբ, կռնակէն, դաշոյնով զարկեր էր Պլութը: Այն ժամանակ Պլութի եղերական մահը ողբալու համար, սկիւտարցի աշուղները տեսթաններ շիներ էին: Հայրապետ ամուճաս գոց գիտէր այդ տեսթանները եւ կ՚երգէր: Երբեմն էլ յանկարծ կանգ կ՚առնէր եւ կը գոչէր.

Հէ՜յ գիդի Պլութ, հէ՜յ... դուն մեռնելո՞ւ մարդ էիր, պէ՜...

Պետիկի հայրը, Պլութ օղլու Խաչիկ, ողորմելի մարդ էր, բայթախ սրունքներով, աստուածավախ, գլուխ խոնարհող, շուքէն վախցող եւ որ սակայն ձեռքէ ձեռք կը քաշէին, որովհետեւ կ՚ըսէին թէ զօռլու նեֆէս [7] ունի: Կ՚ըսէին թէ անոր անէծքը եւ աղօթքը կը բանի: Հիւանդին տէրերը կը կանչէին զինքը. անիկայ ձեռքերով եւ մատներով խորհրդաւոր շարժումներ կ՚ընէր, Աւետարան մը կը կարդար, քանի մը անիմանալի կախարդական խօսքեր կ՚ըսէր յաճախակի ընդհատուելով եւ հո՜ւ, հո՜ւ փչելով հիւանդին վրայ: Անգամ մը եկած է իմ վրաս ալ աղօթելու եւ դէմքիս վրայ նողկանքով զգացած եմ իր գարշահոտ «նեֆէսը»:

Խաչիկ օրուան մէջ կ՚աշխատէր փաւլիքան. անիկայ խէժ կը կոխէր եազմաներու վրայ: Բանուորները որքան կը սիրէին իր եղբայրը, Արտաշէսը, այնքան կ՚ատէին զինքը: Արդէն երկու եղբայր երբեք հաշտ չէին եղած իրարու հետ: Ամէն անգամ որ Արտաշէս իր եղբօրը հանդիպէր, իբրեւ արհամարհանքի նշան թուքի ժայք մը կը նետէր շեղակի: Խաչիկ թաւ յօնքերը կը պռստէր եւ ջրագոյն աչքերը կը տնկէր եղբօրը վրայ:

Ծօ՜, կ՚ըսէր Արտաշէս բարձրաձայն, ադ աչքերով գնա պառաւ կնիկները վախցուր...

Արտաշ անհարազատ որդին էր Պլութին: Ինքն էլ ջրհանկիր, քանի անգամ մարդ ազատած էր հրդեհի բոցերուն մէջէն: Անիկայ հուժկու մարդ մըն էր, ոլոր բեղերով, մութ կարմիր ֆէսը ծուռ դրած գանգուր մազերուն վրայ, մէջքը, պինդ կապած կարմիր գօտի եւ կարճակոթ դաշիւնը միշտ գօտիին մէջ: Արտաշ ալ եազմաճի էր, բայց կանոնաւոր չէր աշխատեր, որովհետեւ միշտ կռիւ կ՚ընէր գործատէրերուն հետ: Կ՚ըսէին, որ Ենի մահալլէի եւ Սիլիհտարի բանուորուհիները խենթ կ՚ըլլան իր վրայ, մէկ խօսքը երկուք չեն ըներ: Իսկ երբ հրդեհ ըլլար, առաջինը կը վազէր եւ հրդեհը մարելէն ետքը, իր յաղթական նաղարայով [8] կը թնդացնէր թաղերը:

Պետիկ հիացումով կը խօսէր ինձ իր հօրեղբօրը վրայ: Անիկայ մեր պատանեկան երեւակայութեանը կը ներկայանար ինչպէս առասպելական հերոս: Ինչ որ կը ցանկանայինք, ինչ որ կար մեր մէջը` ձգտում եւ իղձ, մարմնացած էր Արտաշի մէջ: Ան իր գոյութիւնով կարծես ամէնուս վրէժը կը լուծէր: Թաղական, հոգաբարձու կը դողային իրմէ: Աղքատախնամի աղաները անտրտունջ կը յանձնէին իրեն ինչ որ պահանջէր, որպէսզի տանի բաժնէ այնպիսի աղքատներու, որոնք մուրացիկութիւն չէին կրնար ընել: Եւ ան այդ բոլորը խղճմտութիւնով կը կատարէր: Երբեմն ալ կը չարանար, դուռ, ապակի կը կոտրէր եւ քանի մը օր կ՚իյնար տխրութեան մէջ: Թաղին թուրք ոստիկանները այդ բոլորը չտեսնելու կու տային, որովհետեւ կը զգուշանային գործ ունենալ իրեն հետ, եւ այդ հանգամանքը թաղեցիներու աչքին բացառիկ հմայք մը կու տար Արտաշին:

 

Այն տարուան ձմեռը անսովոր կերպով խիստ եղաւ: Դեկտեմբերի սկիզբէն սկսաւ տեղալ առատութեամբ: Աղքատիկ թաղերու մէջ տնակներու տանիքները կքեցան ձիւնի ծանրութեան տակ: Գործերը դադրեցան եւ բանող ուտողներու համար հացը եւ ածուխը պակսեցան: Գիշերները հիւսիսային քամին կը փչէր մրրիկի պէս եւ մեր տունը կը տատանէր ճարճատելով ինչպէս ալեկոծութենէ բռնուած նաւ: Առաւօտ եւ երեկոյ թիփին [9] կը տեղար սեղմ եւ արագ, ձիւնեղէն մշուշ մը կը կազմէր, որուն մէջէն անցորդները եւ մէկ սեմէն միւսը փոխադրուող շուները պիտակուած կ՚երեւէին: Վոսփորի վրայ երթեւեկող շոգենաւերու սոյլը` երբեմն թաւ, երբեմն սուր, կարծես անվերջ աղէտ մը կ՚ազդարարէր: Շուկացիները տունը մնացին, դպրոցը գրեթէ թափուր մնաց եւ վերջապէս փակուեցաւ:

Ամէն օր սակայն, կէսօրի մօտերը, թիփին կը դադրէր, արեւը կը ծագէր եւ համատարած սպիտակութիւնը կը շողշողար անհամար նշոյլներով: Երբ տունէն դուրս կ՚ելլէինք, կը շլանայինք եւ աչքերս քթթելով կը խարխափէինք, մինչեւ որ վարժուէինք այդ անսովոր եւ ցուրտ պայծառութեան:

Մենք միացած մեր թաղին տղաքներուն, կ՚օգնէինք մեր դրացիներուն, որ տան առաջք դիզուած ձիւնը պարպեն բահերով, տանիքներու վրայ բեռցած ձիւնը թեթեւացնեն, բայց աւելի յաճախ անձնատուր կ՚ըլլայինք ձիւնագնդակի խաղերու եւ մեր աղաղակներով կը թնդացնէինք ամայացած փողոցները: Երբեմն ալ ձիւնէ մարդ եւ արջ կը շինէինք: Մեր ընկերներէն մէկը, Սարգիսը, մասնաւոր յատկութիւն ունէր ձիւնը կաղապարելու: Թաղէ թաղ «փողոցի տղաքը» իր թանկագին աջակցութիւնը կը խնդրէին:

Անիկայ գալըպ քազան [10] Միհրանին տղան էր: Հայրը եղած էր ճարտար գծագրիչ եւ արհեստաւոր: Մեծերը կ՚ըսէին, որ ձեռքը անանկ պիլեզիկ [11] մը ունէր, որ տունի տեղի տէր կրնար ըլլալ: Բայց ան հովարտայ մարդ էր, վաստկածը կ՚ուտէր դուր դրացիով: Կը պատմէին, որ երբեմն նոյնիսկ լի օրերը, կէս ոչխար կը բերէր տուն, կնոջը խորոված պատրաստել կու տար, կ՚երթար շիշերով գինի կը բերէր եւ փողոցէն անցնող դարձողը կը հրաւիրէր, որ սեղանակից ըլլան ու շէն ու շէնլիք ըլլայ: Ինք ալ քանոնը [12] կ՚առնէր ծունկերուն վրայ եւ կը նուագէր:

Բայց գալըպ քազան Միհրան աւելի յաճախ գինետուն կ՚երթար, կը խմէր անվերջ, մինչեւ որ զգայազիրկ վիճակի մէջ բերէին զինքը:

Ռամազանի մէջ, օր մը, կէսօրէ ետք, գինով վիճակի մէջ գացեր էր Գըզըքլը եւ այնտեղ աղբիւրին գլուխը հարֆ [13] նետեր էր թրքուհիի մը: Կնոջը արձակած ճիչերուն վրայ մօտակայ սրճարանի մը իսլամները թափեր էին վրան եւ լաւ մը ծեծ քաշելէ ետք յանձներ էին ոստիկանատուն` ըսելով, որ «կեաւուրը համարձակեցաւ աչք բարձրացնել իսլամուհիի վրայ, ռամազանի սուրբ օրով»:

Դատ դատաստանէ յետոյ գալըպ քազան Միհրան դատապարտուեր էր բերդարգելութեան եւ առանց կինը ու զաւակը տեսնելու, անդարձ անհետացեր էր:

Սարգիս մեծցեր էր որբ: Մայրը տարիներէ ի վեր, սուգի սեւ պոյաման կապած գլխին, եազմայ կը բանէր եւ զաւակը կը մեծցնէր դժուարութեամբ: Անիկայ վտիտ, կապոյտ ու երազուն աչքերով տղայ մըն էր, գլուխը քիչ մը հակ մէկ կողմին, որովհետեւ խոյլոտ էր եւ վզին մէկ կողմը կար էր սպիներով: Յաճախ կը բացակայէր դպրոցէն, որովհետեւ գրեթէ միշտ հիւանդ էր, բայց երբ հարկ ըլլար ձիւնը կաղապարել, անիկայ յանկարծ մէջտեղ կ՚ելլէր: Ընդհանրապէս հեզ եւ մեղմ, անիկայ այդ պարագային կը դառնար տիրական եւ մենք կամովին կը հնազանդէինք անոր: Անիկայ կը դեգերէր տեղին վրայ եւ աչքերը կծկելով կը դիտէր շուրջը, մինչեւ որ բարձրութիւն մը ընտրէր: Իր պատուին համեմատ կը դիզէինք ձիւնը, մինչեւ որ հսկայական զանգուած մը կազմուէր: Սարգիս, ձեռքերը տաբատին գրպանները դրած, կը ղեկավարէր մեր «աշխատանքը»: Երբ ձիւնը բաւականին դիզուած կ՚ըլլար, տարօրինակ բան մը տեղի կ՚ունենար: Սարգիս նախ դանդաղ կը մօտենար դէզին եւ յետոյ կը խոյանար վրան:

Տեսակ մը դիւային պար շարժման մէջ կը դնէր անոր ամբողջ մարմինը եւ այդ շարժումին ինքնայատուկ ռիթմովը, միշտ դէզին շուրջը դառնալով, ծունկերու, ներբաններու, արմունկներու, ձեռքերու եւ մատներու հարուածներով եւ ճապուկ հպումներով կը կաղապարէր ձիւնը, մինչեւ որ հսկայ արջ մը ցցուէր մեր առաջ իր սպառնական դունչով եւ կողերու ողորկութեան վրայ եղունգներով ուրուագծուած ստեւներով:

Մենք բերանբաց կը մնայինք այս արդիւնքի առաջք: Սարգիս իր գործը կատարելէ ետք սրսփալով կը հեռանար, որովհետեւ հակառակ ձիւնին եւ ցուրտին` քրտինքը կը վազէր քունքերէն: Դեռ կը յիշեմ իր տխեղծ սիլուետը, ուսերը վեր տնկած, գունատ մազերը փակած ծոծրակին: Մենք ալ կը շինէինք ձիւնէ մարդ, աղուէս, շուն եւ ուրիշ կենդանիներ, բայց Սարգիսի շինածը ուրիշ բան էր: Ան չէր ուզեր ածուխի կտորներով աչք շինել, ոչ ալ ողորկուած աղիւսով` լինդեր: Բայց իր արջերը կը նայէին եւ կարծես պիտի նետուէին: Մթնշաղին` շուները սարսափած կը կաղկանձէին` մեզ խելայեղ ուրախութիւն պատճառելով: Մեր գոռում գոչումը կը թնդար թաղերուն մէջ, երբեմն անցորդ մը կը ժպտէր եւ կը քաջալերէր, բայց աւելի յաճախ մեր հասցէին կը լսէինք հայհոյութիւն եւ անէծք:

Դպրոցին մէջ ոչ ոք անդրադարձած էր Սարգիսի թաքուն յատկութիւններուն: Կային մի քանի գծագրութեան ընդունակ աշակերտներ, որոնք ուսուցչին հսկողութեան տակ սիրուն պատկերներ կը շինէին եւ որոնք կը յարմարէին ամենուն ճաշակին: Սարգիսի հոգիին մէջ ուրիշ եւ մեծղի երազ մը կար: Անիկայ մեռաւ անշուք, դեռ արբունքի չհասած, իր թշուառ տնակին մէջ:

 

Այդ օրերուն դժկամութեամբ տուն կը դառնայի: Թաթիլ էր եւ չքաւորութիւնը աւելի խիստ չոքել էր ինչպէս մեր թաղի տուներուն, այնպէս եւ մեր տան մէջ: Հացագործը մերժեր էր ապառիկ հաց տալ եւ հայրս կ՚երթար փուռէն կ՚առնէր օրական հացը, որ դարձեր էր մեր միակ սնունդը:

Ա՜յ մարդ, կ՚ըսէր մայրս, անգործ ձեռքերը գալարելով, խաթըխ [14] չկայ չոր, օխա հացը հերիք չէ:

Ժում ըրէ, խորհուրդ կու տար հայրս:

Բայց հացի անբաւականութիւնէն աւելի մեծ զրկանք էր ածուխի սակաւութիւնը:

Ունեւորները եւ նոյնիսկ բարեկեցիկ էսնաֆները գարնան, աժան գինով կը գնէին իրենց տարեկան ածուխը եւ կ՚ամբարէին ձմեռուան համար: Բայց մեզի պէս օրը-օրին ապրող բանուորի ընտանիքները ստիպուած էին իրենց շաբաթական, նոյնիսկ օրական ածուխը գնել քեօմիւրճի Աւագէն, որ անխնայ գիները կը բարձրացնէր: Քանի ձմեռը կը յառաջանար, քեօմիւրճի Աւագը կը դառնար ահազդեցիկ մարդ մը, որուն ձեռքն էր մեզ տալ քիչ մը ջերմութիւն կամ մերժել: Քանի ցուրտը կը սաստկանար, այնքան կրակարանին մոխիրին մէջ նշուլող մճիրը կը սակաւնար: Մայրս խնամքով մէկ կողմ կը դնէր մեծ կտորները, էլլեմեները, որպէսզի գիշերը մոխիրին մէջ թաղէ եւ առաւօտուն կրակ ունենայ: Բայց յաճախ այդ մեծ կտորները կը ծխային եւ սենեակը կը լցնէին թունաւոր արտաշնչումներով:

Աստուծմէ գտնայ, - կ՚անիծէր մայրս, նորէն մարսըխ [15] քշեր է:

Եա ի՞նչ գիտցար, կ՚ըսէր հայրս, մեզի պէս անճարներու բռնար [16] քեօմուր պիտի տա՞ր...

Մայրս ամէն անգամ կ՚ըմբոստանար, երբ հայրս անճարութեան քոսք կ՚ընէր: Եւ ամէն անգամուն ինձ կը թուէր, որ մայրս անծանօթ եւ խորհրդաւոր ուժի մը կը կռթնէր, երբ կը պատասխանէր.

Քա ինչո՞ւ անճար պիտի ըլլանք... Գիշեր ցերեկ աշխատող մարդը անճար չէ: Թո՛ղ քո քեօմիւրճի Աւագդ մեր տեղը անցնի, բոյը կը տեսնենք... ան ատեն կը հասկնանք ո՛վ է անճարը...

Մարդուն գործն է, Նունի՛կ, կ՚ըսէր հայրս հեշտաբար, կնիկը ամէն տարի նոր քիւրք կ՚ուզէ...

Թերմաշ մնա վրայէն...

Օրերը կ՚անցնէին տաժանքով: Պստիկ քոյրս հիւանդացաւ կարմրուկով եւ միւսն ալ վարակուեցաւ. պէտք էր սենեակը տաք պահել: Քեօմիւրճի Աւագին բարի կամ վատ կամեցողութիւնը դարձաւ մահու եւ կենաց խնդիր:

Դժուար է ինձ համար մանրամասնել այս օրերու դաժան կեանքը. փոքրիկ քոյրս մեռաւ. եղան օրեր, երբ մեր կրակարանին մոխիրը պաղեցաւ, անհաց եւ անլոյս պառկեցանք մեր ցուրտ անկողիններուն մէջ: Միւս քոյրս դեռ հիւանդ էր գիշերնիբուն կը հազար: Անկրակ սենեակին մէջ օդը ցուրտ եւ բորբոս կը հոտէր: Մօրս խիստ դէմքն աւելի դաժանացած էր. անիկայ իր արցունքը կուլ կու տար եւ մեզ կը նայէր խելագարի պէս: Կարծես մեր դէմ լցուած էր ցասումով, որովհետեւ մեզմէ ամեն մէկը իրեն կը յիշեցնէր իր կորսնցուցած երեխան:

Երբ դպրոցը վերաբացուեցաւ, առաջին օրն իսկ ուրախութեամբ գտայ Պետիկը: Անիկայ դուրսի դռան սեմին վրայ ընկերոջ մը կը սպասէր. երբ ինձ տեսաւ, մօտեցաւ եւ սկսաւ խօսիլ: Անոր գռուզ եւ խիտ սեւ մազերը գդակին ներքեւէն դուրս կը յորդէին. ածուխի պէս սեւ աչքերը կանգ կ՚առնէին խօսակցին վրայ եւ կարծես համոզիչ կը դարձնէին իր խօսքերը: Ես թէ՛ հպարտ էի եւ թէ՛ խորապէս ուրախ, որ Պետիկի արժէքով «մեծերէն» մէկը ուշադիր էր ինձ նկատմամբ: Ես առաջուց իր ամէն մէկ խօսքին համաձայն էի, բայց անիկայ կ՚ուզէր, որ հասկնալով համաձայն ըլլամ: Պետիկ սովորութիւն ունէր ամէն ինչ դատելու իրաւունքի տեսակէտէն եւ ինձ ալ կը մղէր տրամաբանելու:

Իրաւո՞ւնք էր, որ բարեկեցիկ տուներու մէջ լեցուն փայտածուխ ըլլար եւ ահալին [17] կոտորուէր առանց ածուխի...

Խնդիրն այն էր, որ սող, աժան, քեօմիւրճի Աւագին քով ածուխ չէր մնացած: Միւս ածխավաճառներն ալ չունէին: «Ոսկիի գինով քշեցին իրենց մթերանոցներու փոշին եւ քարով խառը մճիրը». ասիական գիւղերէն ածուխ չէր կրնար գալ, որովհետեւ ճամփաները գոցուած էին ձիւնով: Բայց լուր էր տարածուէր, որ նաւամատոյցը Ռումելիի փայտածուխ պիտի հասնէր առագաստանաւերով:

Կարպիս, վերջացուց Պետիկը իր խօսքը, հօրդ ըսէ, ականջը չորս բանայ:

Ես գիտէի, որ հայրս գիտնար թէ ոչ, միեւնոյնն էր տունը տասնոց մը չկար: Բայց ես այդ չէի ուզէր խոստովանիլ: Դեռ այն ատեն կը կարծէի, որ չքաւորութիւնը ամօթ մըն է, ընտանեկան գաղտնիք մը եւ պիտի ուզէի մեր տան վիճակը ծածուկ պահել նոյնիսկ Պետիկէն: Բայց ան կարծես ինձ հասկցաւ եւ մտերմօրէն ժպտելով յարեց.

Հոգ մը ընէր, ամէն բան տեղը կ՚երթայ, Արտաշ հօրեղբայրս...

Ու ինձ խօսեցաւ երկարօրէն Արտաշի բերած աջակցութեան մասին տնանկներու: Քանի կը խօսէր, կարծես ծանր բեռ մը կ՚ելլէր հոգիիս վրայէն, կարծես փակ դռներ կը ճռնչէին իրենց ծխնիներուն վրայ: Պետիկ կը կրկնէր ինձ այն խորհրդածութիւնները, որ լսեր էր հօրեղբօր բերնէն: Եւ այդ բոլորը այնքա՜ն ներդաշնակ էր, այնքա՜ն տրամաբանական:

Ինձմէ մի՛ գիտնար... հօրեղբայրս խօսեր է եւ քէլ Նիկողոսին բանուորներու վիճակին վրայ, ան ալ ըսեր է, որ աղքատախնամ կայ, եկեղեցի կայ, թաղ, թաղական կայ, կարօտները թող դիմեն:

Յիշեցի մօրս արդար հպարտութիւնը եւ ես ինքս իմ արժանապատուութեանս մէջ վիրաւորուած աքլորի պէս կարմրեցայ եւ գոչեցի յօնքերս պռստելով.

Այդ բաները մեզի համար չեն...

Պետիկ յանկարծ խնդաց եւ գլուխը զուարթօրէն թոթուելով, ըսաւ.

Հօրեղբայրս խօսքի տակ մնացող մարդ չէ, ան տուել է քէլ Նիկողոսին պատասխանը, ըսեր է` աշխատող մարդը մուրացկան չէ. դու անոնց սայիյէն [18] տունդ, տեղդ լեցուցեր ես, անոնք կը բանին դուն կ՚ուտես. ես քու խէրդ կ՚անիծեմ, լէշդ կը փռեմ, եթէ դու բանուորներուդ մէկ-երկու ոսկի փոխ չտաս աս նեղ օրերուն:

Ես ալ խնդացի, բակին մէջ զանգակը զարկաւ. մեր դասարանները ուղղուեցանք գրեթէ վազելով. Պետիկ նրբանցքին մէջ պոռաց.

Առանց ֆայիզի [19]...

Ամբողջ օրը չկրցայ ուշադրութիւնս սեւեռել դասերուս վրայ: Միտքս շարունակ կը դեգերէր Արտաշի խորհրդածութիւններու շուրջ: Խելքս շատ չէր հասներ, բայց անոնք իմ յուզուած հոգիին մէջ ալիքի պէս բարձրացող մտահոգութիւններուն պատասխան մը կու տային:

Կը սիրէի Արտաշը իմ թարմ հոգիիս ամբողջ աւիւնով: Ինձ կը թուէր, որ ան արդէն բռներ էր մեր վրայ չոքած հրէշին կոտոշներէն: Բռունցքներս կը սեղմէի տաբատիս գրպաններուն մէջ եւ կ՚երազէի, որ ես ալ օր մը Արտաշ ըլլամ եւ իմ սեփական ուժովս արդարութիւն հաստատեմ աշխարհիս վրայ: Սիրտս կուրծքիս մէջ կը թպրտար ուժգնօրէն. ամբողջ մարմնէս յուզմունքը կ՚անցնէր սարսուռի պէս. կը խորհէի այն օրերուն, երբ ճակատաբաց եւ համարձակ պիտի նետուէի պայքարի մէջ եւ մահու վտանգն իսկ կը դիմաւորէի ժպտելով:

Երբ դպրոցէն արձակուեցանք, ուզեցի Պետիկը գտնալ եւ կրկին խօսիլ իրեն հետ. բայց ան տարեկից ուրիշ տղաքներու հետ կը խօսէր եռանդով. իր տաք եւ համոզիչ ձայնը հասաւ ականջիս.

Իրաւո՞ւնք է, որ:

Հեռուէն ինձ ժպտեցաւ, ձեռքով բարեկամական նշան մը ըրաւ եւ երեսը անդին դարձուց: Այն ատեն դժկամութեամբ եւ գլխիկոր տանս ճամփան բռնեցի:

Մեծ եղաւ զարմացումս, երբ տուն հասնելով գտայ Արտաշէսը եւ մայրս դէմառդէմ նստած հրահրուած կրակով լեցուն կրակարանին առաջ: Մօրս դէմքը արտակարգ արտայայտութիւն մը ստացեր էր. անիկայ արտորալով խահուէ կ՚եփէր կրակարանին մէկ անկիւնը:

Երբ ներս մտայ, մայրս ինձ համար անծանօթ հպարտութեամբ մը ըսաւ Արտաշէսին.

Կարպիսս դասերուն մէջ աղէկ է, ուսմունքի սէր ունի:

Արտաշէս ինձ նայեցաւ ժպտելով, յետոյ խոր հառաչեց եւ ըսաւ.

Նայէ՛, տղաս, որ մեզի պէս չըլլաս. ուսմունքը հիմակ թօփ ու թիւֆենկ է. ձեռք բե՛ր, ամէնուն հախէն կու գաս:

Ես ձեռքը համաբուրեցի եւ տեղաւորուեցայ մօրս թեզկեահին առաջ: Բացի գիրքերս եւ տետրակներս, եւ այնպէս ձեւացուցի, որ դաս կը սորվիմ: Իմ ամբողջ նպատակս այն էր, որ մնամ այդտեղ, Արտաշի հրաշալի ներկայութեան:

Մայրս եւ Արտաշ իրենց ընդհատուած խօսակցութիւնը շարունակեցին:

Հաշիւը դիւրին է, կ՚ըսէր Արտաշ մօրս, համոզիչ շեշտով: Ունեւորները մարտին, ապրիլին իրենց տարեկան փայտածուխը կ՚առնեն աժան գինով, կը լեցնեն մաղազաները, հանգիստ կ՚ապրին: Թո՜ղ ձիւն ձմեռ ըլլայ... անոնց համար քէֆ մըն է, մեզի համար` փորձանք...

Մայրս լռիկ մտիկ կ՚ընէր:

Բաղդադը հոն է, հաշիւը հոս է, քանիի՞ կու գայ իրենց, ապրիլին էլլեմէն տասը, շատ-շատ տասներկու փարայ է, հեմ ալ ի՜նչ էլլեմէ... ջուալին ածուխն ալ ութ փարայ... համա մեզի քանիի՞ կը նստի:

Անոնք ուրիշ, մենք ուրիշ, ըսաւ մայրս քէնոտ ձայնով, հարուստին խորոզը անգամ հաւկիթ կ՚ածէ...

Արտաշ պահ մը մտածկոտ մնաց եւ յետոյ ըսաւ.

Քո՛ւրս, ատ իրաւ էս, նոր չէ... ըսել անցնիլն ալ բան մը չէ... մենք ամէն մէկս օրը-օրին կը բանինք, կ՚ուտենք, լեօքիւմ [20] փարայ չունինք, որ ատենին, շնորհքով մեր ածուխը առնինք, ամա որ միանա՜նք... նայէ՛ մեզ պէսները քանի՞ են, քո՛ւրս, հարիւրնե՜ր, հազարնե՜ր, մենք ամէն զէնգին էն զէնգին [21] կ՚ըլլանք:

Մօրս աչքերը կը փայլատակէին, այտոսկրները կրակին դիմաց կարմրեր էին, ջղային շարժումներով բաժակները տեղաւորեց ափսէին մէջ եւ սուրճը լեցուց:

Արտաշ մեքենական շարժումով մէկ բաժակը առաւ եւ մէկ կողմէն ումպ-ումպ խմելով խօսքը շարունակեց.

Ունեցողը օխան ութ, տասը փարայի ածուխը կ՚առնէ, հեմ ալ աղէկ տեսակէն: Մենք ձմեռը քարին մոլօզին կու տանք մինչեւ քսան փարայ, քսանհինգ փարայ. աս տարի մինչեւ քառասուն փարայ տուինք օխային:

Մայրս անձկալի նայուածքով կը հետեւէր Արտաշի խօսքերուն եւ վերջին բառերուն վերյիշելով դաժան պահեր, ցաւի եւ վիշտի հառաչանք մը արձակեց.

Ա՜խ, ա՜խ...

Մինակ ածուխը չէ, շարունակեց Արտաշէս, այսօր բանուոր չկայ, ֆայիզով փարայ չառնէ. ամբողջ տարին կը դադիս, խէր մը տեսած ունի՞ս...

Ի՞նչ խէր պիտի տեսնեմ, աղբարս, գոչեց մայրս, գլուխը ցցելով, մենք այս աշխարհիս անիծուածներն ենք...

Մայրս ակռաները սեղմած, բուռն ցասումով կը հեւար:

Տեսայ որ Արտաշէսը յուզուեցաւ, անիկայ գլուխը խոնարհեց եւ կարծես միտք մը զինքը կը տանջէր. յետոյ ծխախոտի տուփը հանեց եւ սկսաւ սիգարեթ մը ոլորել:

Ծանր լռութիւն մը տիրեց սենեակին մէջ. ես մտահոգ էի այն մտքով, որ թերեւս Արտաշէս սրդողեցաւ. բայց անմիջապէս նշմարեցի, որ անիկայ կարեկից նայուածքով կը դիտէր մօրս տանջուած դէմքը. աւելի մեղմ, ինչպէս եթէ երեխայի մը խօսէր, ան վերսկսաւ.

Քո՛ւրս, Բաղդադը հոն է, հաշիւը հոս է. ամէն մէկս մինակ բան չենք կրնար ընել. մեզմէ ամենէն խապատային [22], որ մինակ մնայ ոտքի տակ կ՚երթայ... աս աշխարհս ասանկ է, ես խէրն եմ անիծեր աս աշխարհին, եթէ մենք միանալով ամէնուն հախէն չգանք: Վաղը-մէկալ օրը գործերը կը բացուին, մարդդ ալ կ՚աշխատի, դուն ալ: Ամէն շաբաթ քանի մը ղուրուշ մէկ կողմ դրէք, ըսէք, չկայ, կերանք... Քու ղուրուշներդ, իմ ղուրուշները, ամէնուն ղուրուշները կը միացնենք, ապրիլին մեր ածուխը կ՚առնենք... կը դնենք մաղազաները, դռները կը կղպենք, վէսելա՛մ... ատիկայ չըլլալիք բան մը չէ, կամք ընենք` կը կատարենք...

Մայրս իր չորս մատներուն վրայ լռելեայն հաշիւ կ՚ընէր. վերջապէս գլուխը բարձրացուց եւ ըսաւ.

Ես խօսք կու տա՛մ...

Նայէ՛, դեռ մտածէ՛, մարդուդ խօսէ, տանըշմիշ [23] եղիր, ինձի անանկ պատասխան մը տուր:

Խօսքս խօսք է, ըսաւ մայրս յօնքերը պռստելով, մարդս կը համոզուի:

Աս տարի մեծ բան մը չենք կրնար ընել, աւելցուց Արտաշէս, քիչ ատեն ունինք, եկող տարի դուն իմ աչքս նայէ՛… աս ի՞նչ հալ է, պէ՜… գոչեց յանկարծ զայրոյթով, քէլ Նիկողոսին պէս հ էրիֆ մը, վրան փչես` վար կ՚իյնայ, ասլան դարձեր, թաթը դրեր է մեր ամէնուս վրայ, չոր հացի մը գինով մեզ եսիր դարձուցեր է… Բայց դուն կեցի՛ր, կը տեսնե՜ս… ըսաւ Արտաշ գլուխը կրակարանին վրայէն դէպի մայրս երկարելով, դուն կը տեսնես, մենք ամէնքս մէկ ըլլանք, անոր ալ հախէն կու գանք, քեօմիւրճի Աւագի հախէն ալ կու գանք…

Կրողը տեսնա երեսնին, արձագանք տուաւ մայրս, գլուխնուս աժդահայ դարձեր են:

Եկող տարի պարտքէն ալ կ՚ազատինք. խազա պելայ սանտըղի մը կը հաստատենք. թաթիլ ըլլողը փոխ կ՚առնէ սնդուկէն, երբոր աշխատինք կը վճարինք` ֆայիզն ալ ձեզի պա՜շխ…

Վո՜ւյ, երնեկ ըլլա՜ր… ամա ատանկ բան կրնա՞յ ըլլալ. այն մալիւլեայ [24] է, աղբա՛րս, մալիւլեա՜…

Դուն ինձի կը ճանչնաս, ըսաւ Արտաշէս լրջօրէն, ես քեզի խօսք կ՚ընեմ կոր: Քո՛ւրս, ըսաւ եռանդով, աս ասանկ չկրնար քալել. արդարութիւն կա՞յ թէ չէ…

Անոնք նորէն ճարը կը գտնեն, մեզ ամէնքս պուտ մը ջուրի մէջ կը խեղդեն, գոչեց մայրս սրտմտութիւնով:

Անո՞նք, ո՞վ անոնք… թո՛ղ անոնք վախնան մեզմէ… ես անոնց ամենէն զօռբային մարը…

Մայրս խնդաց հայհոյութիւնը լսելով եւ կարծես սիրտը զովացաւ. այլեւս Արտաշէսի շրթունքէն կախուած, անշշուկ մտիկ կ՚ընէր. Արտաշէս երկարօրէն բացատրեց, որ պէտք էր շահիլ բանուորները եւ բանուորուհիները. «ինչքան շատուոր ըլլանք, այնքան շուտ մեր կամքը կը կատարենք». վերջապէս մայրս իր վրայ առաւ համոզել Բիւլբիւլ Տէրեսիի բանուորուհիները:

Նունիկ հանըմ, ըսաւ Արտաշէս գոհունակ, ես գիտէի որի կը խօսէի կոր, եւ ոտքի ելաւ:

Երբ Արտաշէս մեկնեցաւ, կարծես հիմնական բան մը փոխուած էր տան մէջ: Մայրս այնքան ոգեւորուած էր, որ ինձ խելք դրաւ եւ սկսաւ խօսիլ Արտաշէսին ծրագիրներուն վրայ: Աւելի ուշ հասկցած եմ, որ մայրս ո՛չ թերահաւատ էր, ո՛չ ալ յոռետես. ընդհակառակն ան պատրաստ էր թեւաւորուելու, գործի եւ պայքարի մէջ նետուելու: Մայրս մեծ եռանդով յայտնեց, որ Արտաշէս նաւամատոյցէն պարկ մը ածուխ ղրկեր էր եւ թէ հաշիւը պիտի տեսնէինք, երբ բանուորները համաձայնէին եւ գումար մը գոյանար:

Օղո՜ւլ, ըսաւ վերջապէս մայրս, կարծես իր զեղուն զգացմունքները յայտնելու համար, ելիր ինձի ջուր մը բեր:

Եւ նայուածք մը յուզումով լի կը հետեւէր շարժումներուս:

 

Մութը արդէն կոխեր էր, երբ հայրս եկաւ ձեռքերը բեռնաւոր ծրարներով:

Նունի՛կ, ըսաւ դռնէն ներս մտնելով, քէլ Նիկողոսին մեռնիլը մօտեցեր է…

Սենեակին մէջ եղբայրներս եւ քոյրս շարուեր էին կրակարանին շուրջ եւ ունելիին վրայ հացի շերտեր կը խորովէին:

Մայրս թեզկեահին վրայ սփռոցը փռեց եւ հօրս բերած ծրարները բացաւ մէկիկ-մէկիկ. հետզհետէ մեր զարմացած աչքերուն կը յայտնուէին ճերմակ պանիր, ձիթապտուղ եւ ընկոյզ:

Այդ միջոցին հայրս նստած բազմոցին եզերքը, ձեռնարկած էր արդէն կօշիկները հանելու եւ միեւնոյն ատեն կը պատմէր, թէ ինչպէս գինետուներու փողոցը քէլ Նիկողոսը քովը եկեր էր եւ երկու ոսկի սահեցուցեր էր ձեռքը, ըսելով, որ այս գէշ օրերուն շատ մտածեր էր բանուորներուն վրայ եւ առանց ֆայիզի փոխ կու տար:

Գէշ մարդ չէ, Նունի՛կ, կ՚ըսէր հայրս, զգացուած գործատիրոջ վարմունքէն:

Անկէ աղէկը կ՚ըլլայ, ըսաւ մայրս խստութեամբ:

Այս անակնկալ պատասխանին վրայ հայրս լռեց եւ ամբողջովին անձնատուր եղաւ իր ամենօրեայ դժուար գործին: Երկու ձեռքերով բռներ էր կօշիկը եւ կը քաշէր կենտրոնացած եւ զգոյշ ճիգով մը: Վերջապէս խոր հառաչանք մը արձակեց: Տնեցիները սովոր էին այս արարողութեան եւ անտարբերութեամբ կը հետեւէինք անոր փուլերուն, բայց մայրս երբ ուզէր հաճոյ ըլլար, իր սրտին գորովը յայտնել, առաջուց ջուր կը տաքցնէր, եւ երբ հայրս կօշիկները հանէր, կը բերէր տաք ջուրով լագանը, կը դնէր ոտքերուն առաջք եւ մեղմ ձայնով կ՚ըսէր.

Ոտքերդ ջուրը դիր, կը դինջանաս…

Այսպիսի օր մըն էր այդ իրիկուն. երբ հայրս իր ցաւած ոտքերը դրաւ տաք ջուրին մէջ, դէմքը պարզեցաւ եւ աչքերը քաղցրութեամբ կը նայէին մօրս, մեզ, տանը, պատերուն եւ իրերուն:

Աս կրակը ուրկէ՞ ճարեցիր, Նունիկ, հարցուց վերջապէս հայրս:

Այն ատեն մայրս պատմեց Արտաշէսի այցելութիւնը, անոր խօսքերը եւ բերած առաջարկութիւնը:

Ես լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւի հօրս դէմքին, որուն վրայ յօնքերը երբեմն կը պռստուէին, երբեմն կը բարձրանային, սեղմելով կամ պարզելով ճակատին կնճիռները: Եւ ո՞վ գիտէ ինչ մտածումներ կ՚անցնէին անոր տանջուած եւ փորձուած մարդու գլխէն:

 

Այն օրէն մայրս այլափոխուեցաւ: Անիկայ նախ մեծ եռանդով տունը տեղը մաքրեց, լուացք ըրաւ, մեզ ամէնքս լուաց մեծ լագանին մէջ, ինքն ալ բաղնիք գնաց եւ յետոյ սկսաւ գործի:

Ամէն առաւօտ սեւ շալը գլուխը առած կ՚երթար դրացիներուն դուռը կը զարնէր: Թաղին մէջ ամէնքը իրար կը ճանչնային, բայց գործի ատեն ժամանակ չունէին, իսկ թաթիլ օրերուն սիրտ չունէին իրարու այցելութեան երթալու, զրոյց ընելու: Մօրս այցելութիւնները երբեմն կ՚անցնէին յաջող, երբեմն անյաջող: Երբ բանուորուհի մը դիմադրութիւն կը ցուցանէր Արտաշէսի առաջարկին, մայրս կրակ դառած կը դառնար տուն եւ կը սկսէր բարձրաձայն խօսիլ.

Կ՚ըսեն կոր քի Արտաշը գինով շունին մէկն է, փարաները կ՚առնէ կ՚ուտէ…

Ես կը փորձէի բողոքել այդ ենթադրութեան դէմ, բայց մայրս խօսքս կը խափանէր…

Ես ալ ըսի` թո՛ղ ուտէ, անուշ ըլլա…

Ինձ կը նայէր խիստ աչքերով, ինչպէս թէ ես ըլլայի Արտաշը ամբաստանողը. բայց անմիջապէս կը մեղմանար եւ կը խրատէր.

Օղու՛լ, նայէ, որ մեզի պէս էշ չմեծնաս, այս աշխարհս ասանկ է, այնչափ մէջքերնիս ծռեր ենք, որ գլուխնիս վեր հանելու, արեւին արդար լոյսը տեսնելու կը վախնանք:

 

Բոլոր բանուորական թաղերու մէջ իրարանցում կար: Ամէնքն ալ չարաչար տառապեր էին խիստ ձմեռէն եւ ոմանք զոհեր տուեր էին եւ առաջիկայ տարուայ համար ածուխի պահեստ մը ունենալու հեռանկարի չափերը կը համարէին գործնական եւ իրագործելի: Այդ օրերուն Հայրապետ ամուճաս յաճախ կու գար այցելութեան եւ մեզ կը պատմէր ուրիշ թաղերու անցուդարձերէն: Արտաշէս շատ համակիրներ ունէր. ասկէ զատ ամէնուն աչքը կը բացուէր. տուներու մէջ կիները, իսկ սրճարաններու մէջ բանուորները անդադար կը խօսէին եւ կը վիճէին եւ կը սկսէին ճար փնտրել իրենց հոգերուն համար:

Ամէն մէկս մեր իւղին մէջ կը տապկուէինք, կ՚ըսէր Հայրապետ ամուճաս, բայց եթէ միանանք, շատ բան կրնանք ընել:

Ինքը դարբին էր, ուրիշ էսնաֆէ, բայց եազմաճիներու ձեռնարկած գործը կը գտնէր օրինակելի:

Դուք շատուոր էք, կ՚ըսէր մօրս, ասկէ զատ ձեր էսնաֆին մէջ էրիկ կնիկ կ՚աշխատին... մեր կնիկները տունի հանըմ են, չեն ուզեր ատանկ գործերու խառնուիլ, մեզի ալ թող չեն տար:

Բայց եազմաճիներուն մէջ ալ կային դիմադրողներ եւ իրիկունները հօրս եւ մօրս խօսակցութիւնէն կը հասկնայի, որ հայրս ալ շատ հաւատք չունէր:

Ա՛յ մարդ, կ՚ըսէր մայրս սրտնեղած, տահայ ի՞նչ կ՚ըսէք, կովը ռաֆը մի հանէք... մենք ի՞նչ գործ ունինք տեօւլեթի [25] հետ. ինչո՞ւ պիտի վախնամ եղեր, երբէ՞ն ի վեր քեօմիւր առնելը յանցանք է... Քա՛, գողերը, աւազակները քոքոռ-քոքոռ կը պտտին, ուշտ [26] ըսող մը չկայ, աչքնին մեզի տնկեր են. ըրածնիս ի՞նչ է, մեր հելալ աշխատանքով վաստկած փարաները պիտի միացնենք, ածուխ պիտի առնենք, ուրիշ բան մը կա՞յ:

Ասոնք աղուոր բաներ են, ամա մեզի համար չեն, կ՚ըսէր հայրս:

Մայրս կ՚ատաղութիւնէն կը փրփրէր եւ լուտանքներ կը թափէր անոնց հասցէին, որ կ՚ուզէին գործը խառնակել.

Դուն ինձի ան ըսէ, որո՞ւ օգուտ ունի մեր քեօմիւրսի մնալը... քէլ Նիկողոսին, քեօմիւրճի Աւագին... անանկ չէ՞... ա՜յ մարդ, մենք բանուոր չենք, եսիր ենք իրենց ձեռքը... աս մէյ մը աղէկ գիտցիր... ձեռքերնուն գայ, մեզի կը խեղդեն պուտ մը ջուրի մէջ:

Այն ատեն հայրս թոյլ ձայնով աւելի հանգամանօրէն կը խօսէր վտանգի մը մասին.

Ժամանակները գէշ են, Նունիկ, խելքդ գլուխդ ժողվէ... Նորէն կոմիտաճիներ բռներ են... մէկը ինձի ըսաւ. Սեդրա՛կ, դուն քեամիլ մարդ ես, հասկցիր... Տունէ տուն փարայ կը ժողվէք կոր եղեր. կառավարութիւնը որ իմանայ, ծուռ մտքի կ՚երթայ, վազ անցէ՜ք...

Ո՞վ է ատ փեզեւենկը, թո՛ղ մէյտան գայ, պատասխանը առնէ. խրատ տուող շա՜տ... Երբ չոճուխս պաղ տունին մէջ չդիմացաւ մեռաւ, դռներնիս զարնող մը չեղաւ:

Մեռած զաւակին յիշողութիւնն ա՛լ աւելի կը հրահրէր մօրս զայրոյթը. անոր այտերը կը կարմրէին, աչքերը հուր կը ժայթքէին եւ ջղաձգօրէն գլուխը շարժելով, ան կը գոչէր.

Ա՛լ դանակը ոսկորներնուս հասեր է, ասկէ անդինը չկայ. ի՜նչ կ՚ուզէ թող ըլլայ. կռուիլ պէտք ըլլայ` կը կռուինք... մէյ մը ոտքի ելնենք, թո՛ղ տեսնեն:

Այս յուզմունքներու մէջ անցան նոր տարիի եւ ծնունդի տօները: Վլվլուկը հասեր էր մինչեւ բարեկեցիկ եւ ունեւոր տուները: Թաղերու աղքատախնամները բացառիկ հանգանակութիւն մը ձեռնարկեցին, որուն լայնօրէն մասնակցեցին հարուստները եւ որոնց ցանկին գլուխը կ՚անցնէր քէլ Նիկողոսը: Հակառակ որ ցուրտը մեղմացեր էր, ածուխի նոր բաշխում մը եղաւ աղքատներուն:

Սուրբ Խաչի առաջնորդ եպիսկոպոսը եւ Սուրբ Կարապետի վարդապետը իրենց տօնական քարոզներուն մէջ խոհեմութեան խորհուրդներ տուեր էին «բարեպաշտ ժողովուրդին» եւ յորդորեր էնայ ունեւորները` լայն բանալ իրենց քսակները. միւս կողմէ հրաւիրել էին չքաւորները համակերպութեան եւ համբերութեան, «զի նոցա է աղքատութիւն երկնից»:

Մայրս երբեք եկեղեցի չէր երթար, բայց դրացիներէն լսեր էր այդ բոլորը եւ կ՚ըսէր.

Վա՜յ գլուխնուդ, գալիք արքայութիւնը ձեզի ըլլայ, մենք այսօրուանը նայինք:

Կանխելու համար հետզհետէ աճող իրարանցումը բանուորական թաղերու մէջ, թաղական խորհուրդները որոշեր էին քսանական օխա փայտածուխ բաժնել այն չքաւորներուն, որոնք աղքատախնամին չէին դիմեր իրենց բաժինը առնելու համար: Թաղին քեխեան կ՚առաջնորդէր համալը, հետը ունենալով լուսարարը, որ կշիռքը կը կրէր ուսին վրայ: Երբ մեր դռանն էլ զարկին, մայրս պատուհանէն վռնդեց.

Յայտէ՜, արապանիդ քաշեցէ՛ք, ձեզմէ բան ուզող կա՞յ, ես ձեր միտքը գիտեմ, մեզ խաղք ընել կ՚ուզէք. մենք աշխատող մարդիկ ենք, մուրացկան չենք... Խօսք ունիս, գնա՛ քէլ Նիկողոսին ըսէ թող բանուորչէքը աւելցնէ, հաշիւներուն մէջ խամին [27] չընէ, մենք աս օրին չենք հասնիր:

Մայրս մնաց անդրդուելի: Բիւլբիւլ Տէրեսիի թշուառ թաղին մէջ շատերը հետեւեցան մօրս օրինակին եւ այդ դէպքը ուշադրութիւն գրաւեց:

Նոյն իրիկունն իսկ քէլ Նիկողոս հայրս տարեր էր գինետուն եւ մէկ-երկու օղի խմցնելէ ետք, ըսէր էր.

Գիտեմ, յանցանքը քուկդ չէ, կնիկդ է այդ բոլորը ընողը, բայց դուն ալ էրիկ մա՞րդ ես մի, չէ խօսքդ անցուր, չէ նա կնկանդ փէշը յագուէ, տունդ նստիր:

Ծնունդի տօնին տաներէց քահանաներն իրենց ծուխերուն այցելելով խօսեր էին այս դէպքերուն վրայ եւ պախարակեր էին Արտաշէսի եւ անոր հետեւողների վարմունքը, «երկպառակիչ» կոչելով: Ցած ձայնով խօսեր էին նաեւ Արտաշէսի հօր Պլութի մասին, լեռը քաշուող աւազակ, ապստամբ` իշխանութեան դէմ. Արտաշն ալ հօրը հարազատ որդի. «բայց վերջը գէշ է... հօրը օրինակը թող խրատ ըլլայ... »:

Մեր տաներէցը Տէր Արսենն էր, բայց երբեք չէր գար այցելութեան. այս անգամ եկաւ: Մայրս խահուէ մը եփեց, հրամցուց եւ լուռ նստեցաւ: Տէրտէրը բազմոցին վրայ կ՚ելլէր, կը նստէր եւ իր փէշերէն խունկի հոտ կը տարածէր: Ես եւ մեծ եղբայրս մինակ ներկայ էինք: Քահանան եղբօրս ուղղելով խօսեցաւ «ազգի ցաւերուն վրայ»: Գաւառներէ գէշ լուրեր կային... «մեր հայ ժողովուրդը կը կեղեքուի... »: Միքէ՛, ըսաւ վերջապէս Տէր Արսեն, դուն արդէն տասնչորս տարեկան եղար, խելքդ գլուխդ տղայ ես, հայրդ յոգնած, մաշուած մարդ է. ա՛լ դուն տիրութիւն պիտի ընես մօրդ եւ եղբայրներուդ, քեզ նայիմ, ազգը քեզի պէս մարդոց պէտք ունի, ա՜խ, ա՜խ, հառաչեց խօսքը վերջացնելով, լուրերը գէ՜շ են, գէ՜շ...

Յանկարծ անդրադարձայ, որ վերջերս եղբայրս գրաւուած էր մտածումով մը եւ այդ միջոցին տէրտէրին խօսքերը կը լսէր մռայլ երեւոյթով: Մտաբերեցի, որ անիկայ դպրոցէն արձակուելուն այլեւս չէր երթար միւսներուն հետ փողոցը խաղալու եւ մօրս իրարանցումին կը մնար անտարբեր:

Մարդս ինչո՞վ մարդ է, աւելցուց Տէր Արսեն. անբանները միայն իրենց փորին կը մտածեն... մարդ ըսածդ նիւթականէն անդին կը խորհի... Որդի՛ք, շարունակեց խօսքը մեր երկուքին ուղղելով, մեր ազգը գերի է անօրէններու ձեռքը. պէտք է որ ազատուի, օգնութեամբ «թագաւորաց քրիստոնէից». ձեզ ալ օր մը տեսնեմ «զինուորեալ մանկանց նոցա» շարքին մէջ... է՜հ, Նունիկ հանըմ, ըսաւ վերջապէս մօրս դառնալով, խնկամանդ բեր, տունդ օրհնեմ:

Խնկաման չունիմ, պէտք չէ՛, ըսաւ մայրս չոր ձայնով եւ երեսը անդին դարձուց:

Տէր Արսէն ոտքի ելաւ, փէշերը հաւաքեց մէկ ձեռքով, սեւ մօրուքը շոյելով նայեցաւ մեր երեքին վրայ. յետոյ մեր երկուքին գլուխներուն վրայ խաչակնքեց եւ մեկնեցաւ գլուխը շարժելով: Դռանը առաջ պահ մը վարանեցաւ եւ յետոյ ըսաւ մօրս.

Ատ գինով Արտաշին շատ երես մի տար... նայէ՛, խօսք կ՚ընեմ կոր...

Դուն հոգդ մ՚ընե՛ր, ըսաւ մայրս կտրուկ:

Երբ սենեակը մտանք, մայրս պատուհանները բացաւ, որպէսզի «մեռելի հոտը» փարատի եւ մտախոհ նստեցաւ կրակարանին առջեւ, յետոյ նայուածքը սեւեռեց Միքէին վրայ:

Ես կ՚երթամ կոր…, ըսաւ Միքէ դուրս ելլելով:

Մայրս ինձ դարձաւ եւ բան մը պիտի ըսէր, երբ յանկարծ գոչեց.

Օղո՜ւլ, ի՞նչ ունիս… ինչո՞ւ դեղներ ես:

Երկու-երեք շաբաթէ ի վեր լաւ չէի. սիրտս յաճախ կը խառնուէր, եւ առտուները գլուխս շատ ծանր էր: Մայրս բարձ մը տուաւ, որ բազմոցին վրայ երկննամ: Կը կարծէր, որ խունկի հոտն էր պատճառը, որ իրեն ալ գլխի ցաւ կու տար: Այս խորհրդածութիւնները լսեցի, մինչեւ որ բազմոցին վրայ երկնցայ եւ պառկեցայ. յանկարծ սենեակը դարձաւ շուրջս, աչքերս մթնեցան եւ գիտակցութիւնս կորսնցուցի:

 

Ամէն տարի գարնանամուտին եւ աշնան, տիֆոյի համաճարակը նախճիր կը գործէր Սկիւտարի մանաւանդ աղքատիկ թաղերուն մէջ: Այս անգամ մեր տունէն ես իմ տուրքս կը վճարէի: Օրերով տենդէ բռնուած եւ անգիտակից` տատանուեր էի մահու եւ կենաց մէջ: Այս միջոցին գործերը վերսկսեր էին: Մայրս թէ՛ ինձ խնամեր էր եւ թէ՛ գործ առեր էր: Երբ առաջին անգամ աչքերս տեսան եւ ճանչցայ ինձ ընտանի շրջապատը, մայրս թեզկեահին առաջ եազմայ կը բանէր. անիկայ աւելի նիհարցեր էր. մազերն անխնամ կը թափուէին երեսին վրայ, որու ցցուն այտոսկրները կարմիր էին: Ես դեռ չէի ազատուած մղձաւանջի մը սարսափէն: Երազը եւ իրականութիւնը կը շփոթուէին մտքիս մէջ: Երազիս մէջ փոխադրուեր էի մեռել լուացող Մարիամին տունը, որ հրդեհուած վայրի մը աւերակներուն մէջ հիւղակ մը կը բնակէր առանձին. Մարիամ յանդիմանական շեշտով կը խօսէր սրունքները մերկ, միայն շապիկ մը հագած գէր մեռելի մը հետ, որուն այտերուն վրայ շէկ մօրուքը կը ցցուէր ստեւի պէս:

«– Հիմա հասկցա՞ր ինչ է շատ ուտելը. այնչափ կերար, խմեցիր, որ սատկեցար»:

Մեռելը խռպոտ ձայնով անորոշ պատասխան մը կու տար: Ուրիշ մեռելներ արդէն լուացուած եւ պատանքուած, արձագանք կու տային գէր մեռելին խօսքերուն եւ ես զարհուրանքով, ուրուականի մը պէս կը դեգերէի այդ բոլորին մէջ:

Մարիամ ուղղուելով ուրիշ դիակի մը, որ մէկ կողին ինկած փայտէ արձանի մը կը նմանէր, կը գոռար.

«– Է՜հ, դուն ի՞նչ կը տանիս կոր հետդ… խալխին արիւնը կը քամէիր, չէիր կշտանար… ձեռքդ ի՞նչ մնաց, անկո՛ւշտ շուն, արշին մը պատանք…»:

Մայրի՛կ, ըսի… ու մօրս աչքերը իմ վրաս սեւեռեցան. մեռելները կը խօսի՞ն…

Քա եաւրո՜ւմ, ըսաւ մարյս եւ տեղէն ելլալով քովս եկաւ. ինձ տուաւ դգալ մը դեղ, ճակատիս քրտինքը սրբեց եւ անձկութեամբ սկսաւ դէմքս դիտել: Բայց արդէն սթափուած էի:

Գէշ երազ տեսայ, մայրի՛կ…

Մարըդ մեռնի քու արեւիդ…

Անիկայ կը հեկեկար առանց արցունքի եւ ինձ կը նայէր սարսափած:

Բարեբախտաբար դրացի կին մը վրայ հասաւ:

Քա՛ գիտցայ քի հոգէառները կը տեսնայ կոր…

Ա՛լ անցաւ, ա՛լ բան չկայ, հոգդ մ՚ըներ, Նունիկ հանըմ, դրացուհին կը հանգստացնէր մայրս, ինքզինքին եկաւ, աղէկ դարձաւ, ըսել է` օրերը անցուց:

Ապաքինման երկար շրջանիս, կեանքը, որ ընդհատուեր էր ինձ համար, վերադարձաւ իր հոգերով, յոյսերով եւ պայքարներով, հիւանդութիւնը հասունցուցեր էր միտքս, կարծես տարիներ անցեր էին վրայէս: Պետիկ յաճախ կու գար ինձ տեսնելու. ան ինձ կը պատմէր թէ ինչե՜ր կ՚ընէին Արտաշի ձեռնարկը ձախողեցնելու համար:

Իրենց ի՜նչ , ըսի զայրացած:

Իրենց ի՜նչ մի…– ըսաւ Պետիկ: Դուն հաշիւ ըրէ, որ բանուորուհիներու աշխատանքը ձրի կու գայ քէլ Նիկողոսին. անոնք ամբողջ տարին պարտք ու ֆայիզի փոխարէն կ՚աշխատին: Ինչչափ բանուորները բեխաբար մնան իրենց շահերուն, այնքան ամէնուն գործին կու գայ, հօրեղբայրս ըսաւ:

Այն ատեն դեռ ո՛չ ես, ո՛չ Պետիկ, ո՛չ իսկ Արտաշ չէինք գիտեր եւ չէինք կրնար ըմբռնել, թէ ինչ կարգի պայքարի մէջ կը մտնէինք: Մենք ամէնքս կոյրերու պէս կը խարխափէինք մթութեան մէջ եւ երբ լոյսի նշոյլ մը երեւէր, մեր թշնամիները կը փչէին վրան, կը մարէին: Մեզմէ ոչ մէկը, մեծ թէ պստիկ, գաղափար չունէինք դասակարգային պայքարի վրայ, եւ բնաւ չէինք գիտեր, որ աշխարհիս ամէն կողմերը մեզ նման մարդիկ կան եւ թէ մենք ոչ թէ հարիւրներ, հազարներ ենք, այլ միլիոններ… Չէինք գիտեր, որ չքաւորութիւնը, այդ կրակէ շապիկը, դօշակ է դարձած մեր անծանօթ ու հեռաւոր եղբայրներու ձեռքը, չէինք գիտեր, բայց գիտէինք մեր ապրած կեանքով եւ մեր կրած թշուառութիւնովը, որ քէլ Նիկողոսներ եւ քեօմիւրճի Աւագներ բռներ էին մեր կոկորդներէն եւ մեր արիւնը կը ծծէին: Մենք այն ատեն դեռ չէինք հասկնար թէ ինչու թաղին աղաները մեզ շահագործողներու հետ էին, նեցուկ կ՚ըլլային անոնց, իսկ մեզ պէս մարդոց միացումը` նոյնիսկ ածուխ գնելու համար, կը համարէին ընդհանուրի վտանգ: Մենք այդ բոլորը չէինք գիտեր այն ատեն, բայց դեռ այն ատենէն զգացինք, որ մենք կը մտնէինք անհաշտ պայքարի մէջ:

Իմ անկողնիս շուրջ սկսան ուրիշներ ալ գալ, դպրոցական ընկերներ, դրացիներ եւ մասնաւորապէս դրսեցի ուսուցիչ մը, որուն Միքէն կապուէր էր ինչպէս ես Պետիկին: Անիկայ մաշած հագուստներով, նիհար դէմքով ղարիբ մարդ էր, բայց երբ խօսէր դէմքը կ՚այլափոխուէր եւ տարօրինակ հմայք մը կը ստանար. մայրս քաղցրութեամբ կը վարուէր այդ «պանդուխտ վարժապետին» հետ եւ երբեմն գլուխը շարժելով կ՚ըսէր.

Ան ալ մար ծներ է…

Օր մը դրսեցի ուսուցչին խօսեցայ Արտաշէսի մասին, անիկայ լուռ լսեց եւ հառաչեց.

 

Մեղք որ ատանկ ուժեր իզուր կը սպառին անկարեւոր գործերու մէջ:

Յետոյ ինձ խօսեցաւ գաւառներէ եկած լուրերու մասին, պատմեց թէ ինչպէս բռնի կը մահմետականացնեն, տուրքերի գանձումի պատրուակով կը կեղեքեն, կը թալլեն, կը սպանեն, աղջիկներ կը փախցնեն…

Զարհուրած մտիկ կ՚ընէի այդ խօսքերը, սիրտս ուժգին կը բաբախէր եւ կը նայէի իր մաշած դէմքին եւ տխուր աչքերուն, որ այդ բոլորը տեսեր էին:

Դուն դեռ պստիկ ես, եզրակացուց ան, երբ մեծնաս, կը տեսնես, որ այդ նիւթական խնդիրներէն վեր եւ դուրս վեհ նպատակներ կան… եւ այդ նպատակներուն հասնելու համար պէտք է, որ ամբողջ ազգը, հարուստ, աղքատ միանան:

Յիշեցի Տէր Արսենի խօսքերը, Միքէի վարմունքը, միտքս պղտորեցաւ եւ հետեւեալ օրը խօսեցայ այդ մասին Պետիկին հետ:

Պետիկ լսեր էր, որ Միքէն յաճախ գաղտնի ժողով կ՚երթար. իրեն ալ խօսեր էին եւ ուզեր էին «գրել»: Բայց երբ իմացեր էր, որ քեօմիւրճի Աւագին տունը կը հաւաքուին եւ այս վերջինն ալ «անոնցմէ» է, հրաժարեր էր:

Արտաշն ալ մերժեր էր եւ զայրացեր ըսելով.

Մենք մեր գործին նայինք, անոնցմէ գալիք խէրը թող սատանայեն գայ:

Եազմաճի բանուորներու ձեռնարկած գործը, հակառակ բոլոր յարուցուած դժուարութիւններուն, ստացեր էր յաջող ընթացք: Բանուորները, բայց մանաւանդ բանուորուհիները, վարկ կ՚ընէին Արտաշին եւ արդէն փետրուարի վերջերը հաւաքուած դրամը անցեր էր քսան ոսկին: Հետզհետէ թերահաւատները եկեր միացեր էին: Եազմաճիներու էսնաֆի ռէյիզը, որ մինչեւ այդ միւշեւեշ [28] դիրք բռնած էր, սկսեր էր քաջալերել Արտաշը, որովհետեւ կ՚ուզէր մասնակցիլ անոր յաջողութեան: Արտաշ մտադիր էր երթալ գիւղերը, առաջուց պայմանաւորուելու համար ածխագործներու հետ:

Նոյնիսկ հայրս սկսած էր ոգեւորուիլ:

Մեր ածուխը, կ՚ըսէր ան , ամենէն աղէկը պիտի ըլլայ: Աւագին բերանը չի բացուիր կոր: Մենք չըլլանք, որո՞ւ պիտի քշէ, ան ալ բարձր գիներով, իր խխումթաց մճիրը. հերու, չամչնալով բացէիբաց կ՚ըսէր` երթամ սեւ ձիուս ջուր տամ [29] Թող աս տարի ալ ըսէ…

Մայրս լուռ կը ժպտէր եւ կը զգուշանար հօրս երեսին տալու իր կասկածները:

 

Մարտ ամսու սկիզբը քոյրս` Արուսեակ, հիւանդացաւ, անիկայ ութ տարեկան էր, մեր աչքին չէր երեւար, բայց դրացիները կը նշմարէին անոր փափուկ գեղեցկութիւնը:

Ճանըմ, որո՞ւ ալ ելեր է, կ՚ըսէին իրարու, աղուորիկ, նազուկ աղջիկ մը պիտի ըլլայ:

Յանկարծ սկսայ ուշադրութիւն դարձնել քրոջս եւ մտահոգուիլ անոր առողջութիւնով: Անիկայ արտակարգ կերպով զգայուն էր բնութեան տեսարաններուն. կարծես իր աչքերը կը տարրալուծէին գոյները եւ ամենանուրբ երանգները կ՚որսային: Իրիկունները, վերջալոյսին, երբ երկինքը կը շառագունէր սեւ նոճիներու ետեւէն, Արուսեակ աչքերն անքթիթ կը յառէր լուսածիր ամպերուն, որոնք անզգալիօրէն կը ձեւափոխուէին եւ գոյն կը փոխէին: Ան կրած տպաւորութիւններու սաստկութիւնէն տառապագին դէմք կը ստանար: Դրսէն եկած ձայները, նոճիներու երկարաձիգ սօսափիւնը, թռչունի մը ճիչը, ձորէն հոսող ջուրերու խոխոջը զինքը կը փոխադրէին ուրիշ աշխարհ: Անիկայ մեղմիկ եւ քնքուշ, կ՚ապրէր մեզ հետ ինչպէս ուրիշ տեսակ էակ եւ կարծես զգուշանալով զգալի դարձնել իր ներկայութիւնը:

Հակառակ որ Արուսեակ երբեք չէր գանգատեր, մայրս անդրադարձեր էր, օրէօր «ճարէ կ՚իյնայ», չուտէր եւ կը հազայ. իսկ գիշերները, արթուն կ՚ըլլար թէ քունի մէջ, անդադար կը հեծէր, ինչպէս եթէ մշտատեւ ցաւ մը ունենար:

Վերջապէս մայրս կանչեց հեքիմ Ռուբէնը: Անիկայ խլխլիկ ծերունի մըն էր, որ կը կրէր զինուորական մաշած եւ ոսկեթափ համազգեստ: Ժամանակին ծառայած էր զինուորական թուրք բժիշկի մը եւ որոշ փորձառութիւն ունէր, բայց որովհետեւ արտօնուած չէր բժշկութիւն ընելու, շատ փոքր վարձք մը կ՚առնէր եւ այդ պատճառով դարձեր էր բանուորական ընտանիքներու բժիշկը. ասկէ զատ, խոնարհ մարդ էր եւ դիւրաւ կը մտնէր աղքատիկ ընտանիքներու դրութեան մէջ. մայրս կ՚ըսէր, որ հալէ հասկցող հեքիմ է:

Անիկայ քննեց քրոջս կուրծքը եւ կռնակը, նայեցաւ բազկերակը, դիտեց բազուկները եւ գլուխը շարժեց տարակոյսով:

Կարմրուկէն հետքեր մնացեր էին, պէտք էր արեւ, մաքուր օդ, լաւ սնունդ. այդ բոլորին փոխարէն պատուիրեց ձկան իւղ:

Մայրս շուարած մնացեր էր, երբ Հայրապետ ամուճաս եկաւ հօրս մօտ: Բացի Միքէէն, որ սկսեր էր համ առնել ուսմունքէ, միւս երկու եղբայրներս, Արթին եւ Օհան, մէկը տասնմէկ եւ միւսը տասներեք տարեկան, յամառօրէն կը դիմադրէին դպրոցական կեանքին. ո՛չ յորդորները օգուտ ունեցեր էին, ո՛չ պատիժները. ծնողքս մտադիր էին երկուքն ալ դպրոցէն հանել եւ արհեստի տալ: Հայրապետ ամուճաս Արթինը պիտի առնէր իր մօտ աշակերտ, իսկ Օհանը յանձնարարեր էր ուրիշ երկաթագործի: Մայրս շատ գոհ չէր երեւեր այս յանձնարարութիւնէն, բայց Հայրապետ ամուճաս կը համոզէր…

Ուժերնին, լուսերնին տեղն է, թող երթան արհեստ մը սորվին. դուք ալ քիչ մը կը թեթեւնաք եւ աս չոճուխին կը նայիք, կ՚ըսէր ան քոյրս ցոյց տալով, որ բազմոցին վրայ պառկած, անտարբեր շուրջը անցած դարձածին, կը ժպտէր տխրօրէն, կարծես աներեւոյթ բանի մը:

Տնեցիներուն մէջ, քոյրս ամենէն շատ ինձ մտերմացած էր. յաճախ իր տենդոտ եւ քրտնած ձեռքը դնելով ձեռքիս մէջ կ՚աղերսէր.

Աղբարի՛կ, ինձի տխուր պատմութիւն մը պատմէ:

Ես կը ջանայի պատմել ուրախ պատմութիւններ, բայց ան անտարբեր կը մնար. անոր դէմքին վրայ նոյնիսկ ժպիտը սիրտ ճմլող տխրութիւն մը ունէր. սեւ, լայն բացուած աչքերը կարծես զարհուրած էին, եւ այդ արտայայտութիւնը այնքան խոր ցաւ կը պատճառէր ինձ, որ երբեմն պատմութիւնս կիսատ կը թողնէի, կը նետուէի փողոց եւ բոլոր ուժովս կը վազէի զառիվերէն, մինչեւ որ հեւասպառ մնայի. այն ատեն սիրտս կը խաղաղէր եւ տուն կը դառնայի:

Գարնանամուտի այն գաղջ երեկոյին, երբ տուն դարձայ, մայրս խոհանոցի դռան առաջը ամանները կը լուար: Ցեխոտ կօշիկներս հանեցի եւ գուլպաներով բարձրացայ սենեակ. մթնշաղ էր. մէջտեղը դրուած կրակարանին մէջ կրակները կը փայլփլէին, բայց անոնց լոյսը կ՚աղոտնար շոգիի մէջ, որովհետեւ երկաթէ եռոտանիին վրայ դրուած թենճերէով մեր ընթրիքը, լուբիան, կը խաշէր գթգթալով: Անոր բուրմունքը, որ խաշած մսի հոտին կը նմանցնէի, հաճելի էր ռունգերուս, բայց այդ միջոցին աւելի ծարաւ էի, քան անօթի, շրթներս կը տոչորէին: Երկար դեգերումներս գարնան իրիկուններու յատուկ տենդոտ մթնոլորտին մէջ, կը ջլատէին սրունքներս եւ թեւերս, տեսակ մը երազային մշուշ գրաւեր էր միտքս եւ կարծես պատրաստ էի լալու կամ խնդալու: Յանկարծ աչքիս երեւցաւ Հրանոյշը, քրոջս ընկերուհին: Անիկայ կը հագնէր վարդագոյն գոգնոց եւ սեւ մազերու թանձր հիւսկէնը, կռնակին վրայ, կապուած էր կարմիր ժապաւէնով: Հրանոյշ սիահճի [30] Օհաննէս աղային աղջիկն էր. անոնք հին ընտանիք մըն էին եւ կը բնակէին Սելամսըզի թաղը, իրենց պապենական փայտաշէն եւ մեծ տունին մէջ, որուն ճակատը եւ շահնըշիրները զարդարուած էին կլիսիններով: Մօրս կարծիքով Օհաննէս աղան քիպար մարդ էր, խելացի եւ ուսեալ, որ զանազան դէպքերու հետեւանքով քառասուն տարեկանէն յետոյ արհեստ սորվեր սիահճի եղեր էր, բայց ինչ որ Օհաննէս աղայի արժանիքը կը կազմէր, այն էր, որ դիւրահաղորդ էր բանուորներու համար: Անիկայ աշխատանքի յարգը գիտէր եւ չէր զլանար խղճամիտ խորհուրդներ տալ անոնց, որ իրեն կը դիմէին: Անիկայ իր արհեստանոցը հաստատեր էր Ենի Մահալլէի խանին մէջ, ուր չորս աշխատաւորներու հետ ինքն ալ կ՚աշխատէր: Հրանոյշ հօրը պէս դիւրահաղորդ էր եւ բարեկամացեր էր քրոջս հետ:

Մէկէն զգացի, որ կը յուսայի Հրանոյշը գտնել քրոջս մօտ, բայց տեսայ քոյրս մինակ, դէմքը բարձին պէս ճերմակ եւ անշարժ:

Ան չէր քնանար, բայց միտքը սեւեռած կը թուէր խորհրդաւոր բանի մը վրայ, երբ մօտը գացի, տենդոտ ձեռքը դրաւ ձեռքիս մէջ եւ տարօրինակ ժպիտով մը, որ հազիւ կ՚ուրուագծուէր եւ կ՚անյետանար դէմքին վրայ, ըսաւ.

Աղբարի՛կ, քեզի գաղտնի բան մը պիտի ըսեմ, խօսք կու տա՞ս, որ մայրիկին չես ըսեր:

Գլխովս հաստատական շարժում մը ըրի:

Ուրիշ մարդու ալ չես ըսեր:

Ո՛չ, չեմ ըսեր:

Հետզհետէ դէմքս մօտեցուցեր էի քրոջս դէմքին եւ կը սպասէի:

Ես շուտով պիտի մեռնիմ, ըսաւ ան եւ երանութեան ժպիտ մը սեւեռեցաւ իր դէմքին վրայ:

Խե՜նթ, ըսի սարսափած, ինչո՞ւ ատանկ բան կ՚ըսես:

Գիտեմ, պատասխանեց Արուսեակ, եւ գոհ եմ… Ինձ պիտի դնեն ճերմակ սնդուկի մը մէջ, վրան ալ կապոյտ ժապաւէններ, ետքն ալ երկինք պիտի երթամ…

Աչքերը յառեց մթնցող երկինքին վրայ մեղմօրէն անցնող գորշ ամպերուն. անոնց վերեւէն ճերմակ ամպի ծուէն մը երկարած թեւերով կը սաւառնէր եւ կը յառաջանար արագ:

Արուսեակ մատովը ցոյց տուաւ այդ ամպը:

Ինձ լուր բերաւ, ըսաւ մրմնջելով, անիկայ հրեշտակ մըն է. ես ալ հրեշտակ պիտի դառնամ:

Եւ ինձ նայեցաւ աղիողորմ նայուածքով:

Այդպէս բան չկայ, գոռացի ինքզինքէս դուրս եկած…

Այդպէս բան չկայ, սո՛ւտ է, սո՛ւտ, Արուսեակ:

Զարուհի՛ն ըսաւ, պատասխանեց շնչասպառ. Զարուհին ըսաւ, որ երբ պստիկները մեռնին, երկինք կ՚երթան:

Քեզ խաբեր է այդ ջլդիկը, պնդեցի, իրաւ է նա թո՛ղ ինքը երթայ… սո՛ւտ է…

Զարուհին Պլութ օղլու Խաչիկին աղջիկն էր, քոյրս ձիւնհալէն ի վեր դպրոց կ՚երթար, եւ հոն ճանչցեր էր Զարուհին եւ Հրանոյշը:

Ինձ այնպէս կը թուէր, որ եթէ քոյրս համոզուէր, որ այդ բոլորը ճիշտ չէ, չի պիտի մեռնէր:

Սո՛ւտ է, գոչեցի կրկին, եւ աղիքներս գալարուեցան, որու կ՚ուզես հարցուր, սո՛ւտ է, Արուսեակ, պէտք չէ մեռնիլ… մեռելը կը թաղեն եւ հող կը դառնայ. ուրիշ բան չկայ, Զարուհին քեզ խաբեր է:

Ինչո՞ւ, ինչո՞ւ, կը հեծեծէր քոյրս, եւ ձեռքերը կը գալարուէին վերմակին վրայ, յետոյ սկսաւ արտասուել, գլուխը բարձրացուց դրաւ ուսիս, եւ կը շարունակէր հեծկլտալ:

Դուն պիտի աղէկնաս Արուսեակ, ըսի մազերը շոյելով, երբ մենք մեծնանք, միասին կ՚աշխատինք, Իճատիէ տուն մը կը բռնենք, պարտէզ ալ կ՚ունենանք, մէջն ալ վարդի ծառ կը տնկենք…

Արուսեակ արցունքոտ աչքերը դարձուց ինձ եւ սկսաւ վիճիլ.

Ես յասմիկ կ՚ուզեմ, նուշի ծառ մըն ալ կը տնկենք, աղուոր ծաղիկ կու տայ, անա՜նկ կը սիրեմ նուշի ծառը, երբ ծաղկի, Կարպիս, անա՜նկ… ինչպէ՞ս ըսեմ:

Վարդ ալ կը տնկենք, յասմիկ ալ, նուշի ծառ ալ, ուզածդ ադ թող ըլլայ. մինակ թէ մէյ մըն ալ Զարուհիին պատմութիւններուն մի՛ հաւատար:

Արուսեակը գլուխը կրկին բարձին դրաւ եւ լուռ մնաց, յետոյ հառաչեց.

Աղուոր պատմութիւն էր…

Սո՛ւտ է, Արուսեակ…

Թո՛ղ սուտ ըլլայ… երբոր մեծնամ, պիտի գրեմ…

Ու երկար մնացինք քով-քովի, խօսելով ամպերուն, Իճատիէի մեր ապագայ տան, ընկերներու եւ ընկերուհիներու վրայ եւ ամէն անգամ, որ Հրանոյշին խօսքը կ՚ըլլար, ջերմութիւն մը կ՚անցնէր ամբողջ մարմնէս, ինչպէս եթէ դոյլ մը տաք ջուր թափին գլխէս վար:

 

Այս իրիկուն հայրս ուշացաւ. մայրս մտահոգ էր եւ շարունակ կը կրկնէր.

Աս մարդը ո՞ւր մնաց աս սհաթին…

Կ՚երթար վարագոյրները մէկ կողմ կ՚առնէր եւ անձկութեամբ կը նայէր մութին մէջ, վերջապէս չկրնալով համբերել, ըսաւ.

Քուզո՛ւմ Կարպիս, գնա նայէ, ո՞ւր է, ֆէսֆէսէի [31] մէջ եմ:

Գիշերը գաղջ էր եւ հակառակ որ լուսին չկար, պայծառ երկինքին վրայ նշուլող աստղերը կը ճերմակցնէին ճամփաս. հեռու պարտէզներու մէջ գորտերը կը կռկռային եւ օդին մէջ ցիրուցան բուրմունք մը կար: Ձեռքերս տաբատիս գրպաններուն մէջ անցայ Թառքապաշիէն: Բարեկեցիկ տուներու շարք մը իրենց լուսաւորուած պատուհաններէն վարդագոյն եւ դեղնորակ ցոլքեր կ՚արձակէին: Ժանեակէ վարագոյրներու երտեւէն երիտասարդ աղջիկներու գլուխներ կ՚երեւէին: Տապակած մսի կամ ազնիւ տեսակէ ձուկի հոտը կ՚ընկերանար քայլերուս: Բաց պատուհանէ մը կը լսուէր դաշնակի ձայնը… Ինչքա՜ն տարբեր եւ օտար աշխարհ մըն էր այդ: Անորոշ անհանգստութիւն մը սիրտս սեղմեց եւ քայլերս արագացուցի: Անցայ Սելիմիէի շուկայէն, նայեցայ մէկիկ-մէկիկ սրճարաններուն մէջ, որ այդ ժամուն արդէն դատարկ էին, եւ մէկ-երկու յետամնաց ճամփորդներ ունէին: Վերի սրճարաններէն մէկուն մէջ քէլ Նիկողոսը պահակատան թուրք ոստիկաններուն հետ նստած, թուղթ կը խաղար: Անցայ, եւ հասնելով զօրանոցին առաջ, պահ մը վարանեցայ եւ վերջապէս մտայ գինետուներուն փողոցը:

Հայրս գտայ երրորդ գինետանը: Անիկայ նստած էր ցած սեղանի մը առաջ Արտաշէսի եւ քեօմիւրճի Աւագին հետ: Կաթի պէս ճերմակ ջուրով խառն օղիով լի բաժակը կը տանէր շուրթերուն եւ դէմքը կը ծամածռէր: Երբ ինձ տեսաւ, ուզեց տեղէն ելլել, բայց ընկերներն արգիլեցին եւ ինձ ալ կանչեցին: Արտաշ ձեռքը դրաւ գլխիս, գինեպանին լոկում մը ապսպրեց ինձ համար, եւ շարունակեցին իրենց խօսակցութիւնը:

Քեօմիւրճի Աւագ հայրս գտեր էր փաւլիքայէն դուրս ելած պահուն, եւ միասին տարեր էր գինետուն, ըսելով, որ Արտաշին հետ համաձայնութեան պիտի գայ: Հայրս կը ցանկար, որ ամէն ինչ կարգադրուի հաշտութիւնով: Քեօմիւրճի Աւագ կ՚առաջարկէր Արտաշին կրկնապատկել բանուորներէ հաւաքած դրամը եւ ընկերովի գնել փայտածուխը:

Ցած գին մը կ՚որոշենք, կը մնանք ադ գինին վրայ… Խալխըն ալ շահ կը գտնայ, ես ալ:

Արտաշը իր ոլորուն բեղերուն տակէն կը խնդար լիաթոք.

Վա՜յ քու տունդ քանդուի, Աւա՛գ, որո՞ւն փարան որու պիտի տամ:

Աւագ ծոծրակը կը քերէր, նոր օղի կը պատուիրէր եւ հօրս դառնալով կ՚ըսէր.

Սեդրա՛կ, աղէկ մտիկ ըրէ, դուն չօլուխ չոճուխի տէր մարդ ես. քու աղէկութեանդ համար կ՚ըսեմ կոր: Ձեր ունեցած փարայով առիք երկու, երեք չորս արապայ ածուխ…

Տասը, տասներկու, ընդմիջեց Արտաշ:

Թո՛ղ ըլլայ, եաւրում, տասը, տանսերկու: Է՛հ, ըսենք, որ այս տարուան պէս ձմեռ մը ըրաւ, ո՞ր մէկերնուդ պիտի բաւէ ադիկայ: Ձիւն ձմեռուայ մէջտեղը նորէն քեօմիւրսիզ կը մնաք: Ձեզի պէսներուն համար ասդին դառնաք, անդին դառնաք, մէկ է, կենեկո… կենեկո… ի՞նչ պիտի ընէք, նորէն քեօմիւրճի Աւագին դուռը պիտի առնեք…

Հաշա՜, գոռաց Արտաշ:

Ճանը՜մ, պոշ խօսք մըներ, ուզէք չուզէք ձեռք պիտի առնեք…

Հայրս հաւանութեան նշաններ կ՚ընէր: Արտաշ վերջապէս գոչեց Աւագին երեսին.

Ծօ՜, դուն ինձն ո՞վ գիտցար… ես թաղական աղա՞ եմ, ի՜նչ եմ, որ խալխին էմանէթ [32] փարան առնիմ գրպանս դնեմ եւ ինձի համար գործ բանամ… Գնա՛, մասալդ ուրիշին կարդայ:

Դուն գիտես, օղլում, ըսաւ Աւագ, ես գործը անուշ տեղը կապել կ՚ուզեմ կոր, քու աղէկութեանդ համար կ՚ուզեմ կոր… մեղքը քո ի գլուխ քո, ետքը գէշ ըլլէ նէ, չըսես որ Աւագը ըրաւ…

Ես ու հայրս ոտքի ելանք: Արտաշ կարճ վերարկուն ուսին նետեց եւ մեզ հետեւեցաւ: Աւագ անհետացաւ մութ փողոցին մէջ:

Ճամփան Արտաշ հօրս կը պատմէր.

Տահայ ի՜նչ կը հնարեն, երէկ ալ քէլ Նիկողոսը եկեր ինձի կ՚ըսէր կոր, որ աղէկ տեղէ աղջիկ պիտի տան եղեր ինձի… Ծօ՜, ի՜նչ է ըրածնիս, որ ասչափ իրար անցեր են, եղածը չեղածը ան է, որ քանի մը ոսկի հաւքեր ենք, աժան ատենը ածուխ առնելու համար… վէսելա՜մ…

 

Այն տարի մարտ ամիսը կը ծաւալէր արեւոտ օրերս շարքի մը մէջ: Ամէն առաւօտ արեւի ջերմ ճառագայթներ անհամար նշոյլներով կը զարդարէին ցօղաթումբ խոտերը, որ կանանչ թաւիշի պէս կ՚եզերէին մեր տան փողոցը: Դրացի պարտէզներու մէջ պտղատու ծառերը ծաղկեր էին եւ վարդագոյն ու ճերմակ ծաղկաթերթեր, դառն նուշի բուրմունքով, կը թռչկոտէին օդին մէջ, երբ հովը փչէր: Բայց Բիւլբիւլ Տէրեսիի խորքէն միշտ կը թաւալուէին գարշահոտ կոհակները եւ երբ հարաւային քամին փչէր, անոնց նողկալի հոտը ոչ միայն կը խափանէր ծաղկեալ ծառերուն թարմ բուրմունքը, այլ նոյնիսկ կը խուժէր փակ տուներէ ներս:

Բայց մարդ սիրտ չունէր ուշադրութիւն դարձնելու այդ բաներուն: Երէկ շաբաթէ ի վեր հրդեհներ տեղի կ՚ունենային Ենի Մահալէի, Սելամսըզի, Տեղ Համամըի եւ Իճատիէի խիտ թաղերուն մէջ: Ցորեկները յաճախ կարմրազգեստ նեօպետհին [33] նիզակը ձեռքը կը վազէր փողոցներէն, երթալ իմացնելու համար աղէտը գլխաւոր պահականոցին, եւ եօթ անգամ թնդանօթները կը թնդային:

Գիշերները յաճախ կ՚արթննայի գիշերապահի երկարաձիգ աղաղակներէն.

Եանկուն վաա՜ա՜ր…իճատիետ է՜՜… Մանտաբոլ սոգաղնտաա՜՜…

Եւ ճոկանին հարուածները քարի մը կամ սեմի մը վրայ.

Տա՜նկ… տա՜նկ… տա՜նկ…

Դարձեալ թնդանօթի եօթ հարուածներ կը թնդային եւ բոլոր թաղերէն, հեռաւոր եւ մերձաւոր, գիշերապահներու թաւ կամ խռպոտ ձայները չարագուշակ կանչելով կ՚երկարաձգուէին աստիճաններով:

Յաճախ մայրս կ՚ելլէր, պատուհանը կը բանար եւ կը դիտէր դուրսը: Շուները կը կաղկանձէին, քամիի հեւք մը շնչասպառ ոգիի մը պէս կ՚անցնէր միջոցին մէջէն. երբեմն ալ կը տեսնէինք հորիզոնը բոցավառ կարմիր ցոլքերով:

Գիշեր թէ ցորեկ հայ ջրհանկիրները ոտքի վրայ էին. անոնց կու գային կը միանային յոյն եւ թուրք թաղերու ջրհանկիրները եւ փողոցները կը լեցնէին իրենց հեւքոտ վազքերով, մրցումներով եւ աղաղակներով: Կառավարական հրշէջները, թասլը- ները, գրեթէ միշտ կը հասնէին հրդեհի մարելէն ետքը եւ յաճախ ենթակայ կ՚ըլլային թաղերու ջրհանկիրներու ծաղրանքին եւ նախատինքներուն:

Օրէօր կացութիւնը կը դառնար սպառնական. զանազան շշուկներ շրջան կ՚ընէին. տուներու մէջ փսփսալով կ՚ըսէին, որ խունտախճիներու [34] խումբ մը կայ, որ հրդեհ կը ձգէ կողոպուտի նպատակով: Թաղերու պահականոցներն անտարբեր կը մնային, ոստիկանները իրենց եղած ցուցմունքները ականջի ետեւ կը ձգէին:

Վա՜յ գլուխներնուն, կ՚ըսէր մայրս, մունտառները գող աւազակներու հետ մէկ եղած են, իրենց բաժինը ունին:

Ոմանք ալ կը կարծէին, որ ապահովագրական ընկերութեան մարդիկ են այդ հրաձիգները, որովհետեւ հրդեհի վախը կը մղէր ամենէն անտարբերները ապահովագրուելու: Եւ ճիշտ է, որ ամէն անգամ հրդեհէ մը անմիջապէս ետքը, սիկուրդաճի [35] - ները տունէ տուն կը պտըտէին եւ իրենց ծառայութիւնը կ՚առաջարկէին:

Վերջապէս Բիւլբիւլ Տէրեսիի, ինչպէս եւ ուրիշ բանուորական թաղամասերու մէջ ազգաբնակչութիւնը կազմակերպեց պահակութիւն: Փոխնիփոխ փողոցի մը մէջ մէկը կը հսկէր, եւ որեւէ անծանօթ մարդու մը անցքը կ՚ենթարկուէր խիստ քննութեան: Եւ հրդեհները դադրեցան:

Այդ իրարու յաջորդող հրդեհներու միջոցին, Արտաշ միշտ վազեր էր հրդեհին վայրը, թողեր էր գործը, դարձեր էր սրտնեղ եւ յարձակողական եւ անձնատուր եղեր էր հարբեցողութեան: Կասկածն սկսեր էր սպրդիլ մտքերու մէջ. շատերը չէին խօսիր, բայց կը մտածէին. ի՞նչ եղան հաւաքած դրամները: Արտաշ գինետուներէն դուրս չէր ելլեր. կը պատմէին, որ յաճախակի կռուի կը բռնուէր մէկին եւ միւսին հետ, գինետան ապակիները կոտրեր էր, եւ վերջապէս ոստիկան կանչեր էին զինքը զսպելու համար. բայց Արտաշ աչքը դարձած, երբ տեսեր էր ոստիկանը, նետուեր էր դիմացը եւ նայուածքով ոտքէն գլուխ չափելով գոռացեր.

Վա՞ր մը պանայ եան պախան [36]

Գինետան մարդիկ միջամտեր էին.

Ծօ՛, Արտա՜շ, մ՚ըներ, մեղք է արեւիդ… խէրդ կ՚անիծեն:

Դուք հոգ մ՚ընէք, իմ վրաս ձեռք դնողը դեռ մօրմէ չէ ծնած… Ինձի Պլութ օղլու Արտաշ կ՚ըսեն…

Եւ ճիշտ է, որ ոստիկանը ընկրկեր եւ հեռացեր էր:

Այս լուրերը, որ կը տարածուէին տուներու մէջ, թէ՛ հիացում կ՚ազդէին, թէ՛ սարսափ:

Մայրս մտիկ կ՚ընէր հօրս բերած տեղեկութիւնները եւ բերանը չէր բացած խօսք մը ընելու, կարծիք յայտնելու: Պարզ էր սակայն, որ մտատանջ էր, բայց յամառօրէն կը յուսար, որ Արտաշէս խելքը գլուխը պիտի հաւաքէ եւ ստանձնած գործը պիտի կատարէ:

Առտու մը կանուխ, երբ մայրս դռան սեմին վրայ հացագործին կը սպասէր, դրացի կին մը յառաջացաւ եւ ըսաւ.

Քուրու՛կ, նորէն երէկ գիշեր Արտաշ ապուր մը կերեր է, ճամ-դուռ կոտրեր է, փոլիսը կանչեր են…

Մայրս կարծես խայթուած, գլուխը ցցեց.

Ի՞նչ ըսել կ՚ուզես, Աղաւնի հանըմ։

Ի՞նչ ըսել պիտի ուզեմ, շաշխընի պէս փարաները ձեռքը դրինք, մեխանէները կը խնդան կոր…

Քու տուած փարադ ինձմէ գիտցիր, ըսաւ մայրս եւ դուռը գոցեց դրացուհիին երեսին:

Բայց բակին մէջ անիկայ երկու ձեռքերով գլուխը բռնեց եւ սկսաւ հեծկլտալ: Ծանր վիշտ մը կը քարանար սրտին վրայ եւ խելագարի պէս չորս կողմը կը նայէր, կարծես օգնութիւն մը յուսալով:

Մտադրեցի Պետիկին խօսիլ, բայց ան ալ քանի մը օրէ ի վեր դարձեր էր խուսափուկ:

Պետիկն ալ տխուր էր եւ մտատանջ, եւ կարծես շարունակ անլուծելի հարցումի մը պատասխանը կը փնտրէր: Բայց ինչ որ ամենէն աւելի ցաւ կը պատճառէր ինձ, այն էր, որ մեր թշնամիներն սկսեր էին ուրախանալ եւ կարծես կը յաղթանակէին:

Քէլ Նիկողոսը փաւլիքային մէջ ծիծաղելով հարցուցեր էր բանուորներուն.

Է՜… ածուխը ե՞րբ կ՚առնէք կոր, եւ հօրս դառնալով, Նունիկ հանըմին ըսէ, մաղազան պատրաստ բռնէ…

Քեօմիւրճի Աւագ դռնէ դուռ կը պտտէր եւ բանուորուհիները կը գրգռէր Արտաշի դէմ:

Իմացայ, որ այս շաբթու աղէկ ածուխ պիտի իջեցնեն գեղերէն, ըսէ՛ք Արտաշին, թող նայի. ե՞ս պիտի առնեմ, ինչուս պէ՜տք, ամա ձեր աղէկութեան համար կ՚ըսեմ կոր:

Ոմանց ալ կը յայտնէր.

Լսեցի, որ եկող շաբթու գիները պիտի բարձրանան, ատենն է, օր մի կորսնցնէք:

Եւ իրաւմամբ գիւղերէն ածուխով բեռնաւորուած սայլերը կ՚իջնէին Սկիւտար, կանգ կ՚առնէին հայոց գերեզմանատան անկիւնը: Յաճախորդները կ՚երթային, կը դիտէին, խորհրդածութիւններ կ՚ընէին փայտածուխին եւ գինին վրայ, եւ իրար կը քաջալերէին գնելու համար:

Հետզհետէ լուր տարածուեցաւ, որ մեծատուններն իրենց ածուխը կը գնեն: Բայց ինչ որ խայթեց բանուորները, այն էր, որ եազմայի գործատէրերը կը շտապէին իրենց տարեկան փայտածուխը մթերելու: Դռնէ դուռ, պատուհանէ պատուհան, թաղերու մէջ կիները կը խօսէին:

Կոկանենք երկու արաբայ առեր, ներս նետեր են. Չեւիկենց արաբան լեռան պէս բարձր էր… Աւուրտենք ետ պիտի կենային, միտքը փոխեցին, առին, անոնք իրենց ըրածը գիտեն…

Բայց ամենէն մեծ չարիքը կը գործէր Արտաշի եղբայրը` Խաչիկ: Անիկայ սրճարաններուն եւ գինետուներուն մէջ կը գրգռէր բանուորները Արտաշին դէմ.

Ծօ՜, խելքերնուդ պտուկը սիրեմ… աղբարս է, ամա ես շիտակը խօսող մէկն եմ. ի՞նչ խէր ունեցեր է ինքզինքին, որ իրմէ խէր սպասէինք… Հիչ անոր չուանով հոր կ՚իջնուի՞…

Յետոյ խորհրդաւոր կերպով կ՚աւելցնէր.

Ինձմէ գիտցած մ՚ըլլաք, այս գործին վերջը գէշ է… իրեն հետ խալխն ալ պիտի վառէ… մնացածը դուք գիտեք…

Է՜, բանը բանէն անցեր է, կը պատասխանէին Խաչիկին, ալ հիմա ի՞նչ կրնանք ընել…

Գացէ՛ք ետ ուզեցէք ձեր փարաները:

Այս լուրերը մեզ կը բերէր Հայրապետ ամուճաս, եւ կը նկարագրէր թէ ինչպէս Սիլիհտարի եւ Ենի Մահալլէի բանուորները եւ բանուորուհիները յուզմունքի մէջ էին. յետոյ դանդաղօրէն սիկառեթը ոլորելով կը խորհրդածէր.

Ողորմած հոգի հարըս կ՚ըսէր, որ երեսուն տարին մէյ մը խազեպ [37] մը աշխարհ կու գայ: Բայց աստուած ըրածը գիտէ… Բանով մը կը զսպէ… շատ անգամ կին աշխարհ կու գայ… տունէ տեղէ հեռու ըլլայ, ատանկներն իրենց շուրջը կ՚երեն, կը մըրկեն, բայց կնիկութիւնը կը զսպէ… Տնէն դուրս բան չեն կրնար ընել. Արտաշ ալ խազեպ է… ան ալ զսպողը չքաւորութիւնն է…

Բայց անմիջապէս Խաչիկին ակնարկելով, կ՚աւելցնէր.

Ան ալ շիքեար մը չէ եա՜… խօսքն ալ արժէք չունի… երկու աղբար միշտ շուն ու կատու եղած են…

Ես պիտի երթամ Արտաշին խօսիմ, ըսաւ իրիկուն մը մայրս վճռականութեամբ:

Հայրս ու հօրեղբայրս միջամտեցին.

Նունի՛կ, ատանկ բան չընես… դուն չես ճանչնար Արտաշը. գիտե՞ս ինչ դարձեր է… հետը խօսիլ չըլլար…

Պիտի երթա՛մ, ըսաւ մայրս եւ բռունցքը զարկաւ թեզկեահին, երթամ պիտի, խօսիմ հետը… իմ պոչիս կոխել չըլլար… թող հասկնայ, որ բաղնիքը խենթ կայ եղեր… պիտի երթա՛մ…

Եւ շարունակեց կատաղութեամբ բանիլ:

 

Հետեւեալ օրը, երեկոյին, երբ դպրոցէն վերադարձայ, զգացի, որ արտակարգ բան մը պատահած է: Քոյրս եւ եղբայրներս շշմած էին, եւ ինձ կ՚ուղղէին անձկալի նայուածքներ: Մայրս թեզկեահին առաջ նստած կ՚աշխատէր: Ձախ ձեռքը դրեր էր ճակատին, եւ աջ ձեռքով վրձինը կը քսէր եազմայի գծագրուած ծաղիկներուն վրայ: Ամէն անգամ, որ ներկի հողէ ամանը կը տեղափոխէր, կը տեսնէի, որ անոր վտիտ մատները կը դողային: Նշմարեցի նաեւ, որ աչքերը կարմրած էին: Դիտեր էի, որ երբ մայրս վիշտ մը կամ յուզմունք մը ունենար, երբեմն կը հեծկլտար, բայց երբեք չէր արտասուեր. անիկայ չոր աչքերով եւ լռելեայն կը մաքառէր իր ներքին զգացումներուն հետ: Մօրս աչքէն արցունք կը ժայթքէր միայն, երբ բարկութեան ծայրայեղ աստիճանին կը հասնէր, եւ յայտնի էր, որ այդպիսի բան մը պատահած էր:

Երեկոյին, երբ հայրս տուն եկաւ, հասկցայ մօրս բարկութեան պատճառը: Արտաշ անհետացեր էր. մեկներ էր առանց որեւէ բան ըսելու, եւ գինետուներու, սրճարաններու, փաւլիքային եւ թաղերու, տուներու մէջ կ՚ըսէին, որ ան ելեր գացեր էր բանուորներու դրամը մէջքի գօտիին մէջ կապած:

Լուռ ճաշեցինք եւ լուռ սպասեցինք, որ մեր պառկելու ժամանակը գայ: Հայրս բազմոցին վրայ իր սովորական մրափէն արթննալով, սկսաւ խօսիլ մօրս հետ: Անոր ձայնը թախիծով լի էր եւ կը պատմէր, թէ ինչպէս դուշմանները կը խնդային իրենց վրայ: Քեօմիւրճի Աւագը գինետան մէջ հաւաքեր էր «իր նմանները», կը խմցնէր եւ կը պատմէր, թէ ինչպէս Արտաշ իր հօրը պէս խաչաղ եղեր էր:

Չօլուխ չոճուխի բերնէն կտրեցինք, կ՚ըսէր հայրս լալագին, փարաները ձեռքը դրինք, ուրիշին ալ սեբեբ [38] եղանք… Նունի՛կ, կ՚աւելցնէր ան յանդիմանական շեշտով, տեսնողը երեսս վար կ՚առնէ կոր, յանցաւորի պէս եմ, մարդու երես տեսնելու հաւէս չի մնացեր…

Մայրս միշտ լուռ կը մնար, եւ երբեմն անհամբերութեան հառաչանք մը կ՚արձակէր: Կամաց-կամաց հօրս խօսքը սակաւեցաւ, մօրս լռութիւնը դարձաւ սպառնական: Վերջապէս լոյսը մարեցին եւ պառկեցան: Բայց մինչեւ լուսաբաց լսեցի մօրս հեւքոտ շնչառութիւնը: Մենք երկուքս անքուն էինք, կը տառապէինք, եւ զգացի, որ մօրս եւ իմ ցաւս մէկ էր:

Երբ առաւօտուն ծանր ու երկարատեւ քունէ մը ետքը աչքերս բացի, մայրս կրակարանին առաջ խահուէ կը պատրաստէր: Սեւ հեղուկը զեղեր էր տաք մոխիրին մէջ, եւ այրուած խահուէի հոտով լեցուեր էր սենեակը. մայրս աչքով ունքով մինակը կը խօսէր եւ շրթները կը դողային:

Անցան օրերը այս լարուած վիճակին մէջ. անցաւ շաբաթը եւ ահա ամէն մարդ համակերպած էր, երբ ուրախ լուրը պայթեցաւ թաղերու մէջ: Արտաշ գիւղերը գացեր էր տեղուոյն վրայ գնելու համար փայտածուխը:

Ուրբաթ, շաբաթ եւ կիրակի, անընդհատ եազմաճի էսնաֆին ածխաբարձ սայլերը կ՚իջնէին գիւղերէն, կու գային Թօփհանէ Օղլուի լայն պողոտայէն, կանգ կ՚առնէին գերեզմանատան առաջ: Երբ Սելմասըզի եւ Իճատիէի ունեւորները եկեր էին փայտածուխը ընտրելու, սայլապանները յայտարարեր էին. «Ծախու չէ, եազմաճիներու ածուխն է»:

Սիլիհտարէն, Ենի Մահալլէէն, Վանքին Պաղէն, Բիւլբիւլ Տէրեսիէն, Տաղ Համամէն բանուորուհիները բան-գործ թողած կ՚երթային տեսնելու «իրենց ածուխը»: Քեօմիւրճի Աւագը, կ՚ըսէր հայրս, «ամօթէն ծակ մը մտեր է»: Մայրս հազիւ սթափած իր ցասումէն եւ յուսախաբութենէն, շուարուն ձեւ մը առեր էր: Անիկայ վերջապէս, յուզմունքէն զինաթափ, հօրս խոստովանեցաւ.

Ա՛յ մարդ, երբ որ լսեցի, գիտես, որ սիրտս վեր ելաւ… մի՛ մեղադրէք ինձի, խենթ ղուշ դարձեր եմ… չիյտեմ քի խնդամ մի, լամ…

Շաբաթ իրիկուն Հայրապետ ամուճաս եկաւ մեզի: Կարմիր թաշկինակին մէջ կապած չոր թուզ բերեր էր «չոճուխներուն» համար: Անիկայ ուրախութենէն կը խայտար: Գացեր տեսեր էր եազմաճիներուն ածուխը եւ դեռ դրան սեմին վրայէն սկսաւ գովքը ընել:

Վա՜յ Արտաշ, վա՜յ, կը գոչէր խօսքը ընդհատելով, որդի հարազատ, Պլութ քէնտիսի [39]

Եւ սրտին զեղումը արտայայտելու համար սկսաւ խօսիլ Պլութի վրայ: Պատմեց անոր քաջագործութիւններն եւ անոր մահը եւ իր բեկբեկ ձայնով սկսաւ տեսթան երգել.

Հէ՜յ գիդի Պլութ, հէ՜յ, դուն ալ մեռնելու մարդ էի՞ր պէ՜…

Առաւօտ կանուխ հայրս գնաց շուկայ եւ երկու ոչխարի գլուխ բերաւ մեր կիրակնօրեայ խնճոյքին համար: Եղբայրներս գացեր էին ածուխի սայլերը տեսնելու եւ քոյրս սենեակին մէջ դպրոցական երգ մը կ՚երգէր իր քաղցր ձայնով: Ես կ՚օգնէի մօրս տնական գործերուն: Երբեմն կ՚երթայի մօրս պատուէրին վրայ նպարավաճառէն բան մը գնելու եւ դարձիս միշտ կը գտնէի մայրս իր զուսպ ուրախութեան մէջ: Անոր նալըն [40] -ներուն համաչափ ձայնը խոհանոցի սալաքարերուն վրայ, լուացած պնակներու իրարու բախումը ծնծղաներու պէս ուրախ կը հնչէին եւ կ՚արտայայտէին մօրս զգացումները: Անոր սեւ աչքերը երբեմն կանգ կ՚առնէին վրաս եւ կ՚ըսէր սրտագին.

Օղո՜ւլ…– առանց խօսքը ամբողջացնելու:

Ճաշէն յետոյ հայրս առաջարկեց ինձ, որ քիչ մը երկննանք բարձունքը:

Սա մեր սովորական պտոյտն էր. կը քալէինք անխօս, նոյնիսկ երբեմն իրարմէ հեռու: Կ՚անցնէինք Սելամսըզի թաղէն, ուր հին ընտանիքները, մեծ մասամբ «տեօւլեթ դիւշկիւնի [41] », իրենց հին փայտաշէն տուներու մէջ կ՚ապրէին ամրափակ, Սուրբ Խաչ եկեղեցիին շուրջ բոլորը: Սելամսըզէն կ՚անցնէինք Իճատիէ, որ առաւելապէս բնակուած էր գաւառացի վաճառականներէ: Կը հասնէինք վերջապէս հայկական թաղերու սահմանը, ուրկէ յետոյ մեր առաջք կը բացուէին դաշտեր եւ արտեր, եւ հեռուէն կը տեսնէինք մեծ եւ փոքր Չամլըճաները: Հայրս կը նախընտրէր նստիլ դաշտին մէջ, գետինը, խոտերուն վրայ եւ սիգառեթ մը ծխել, բայց ես կը ջանայի մղել զինքը դէպի հրէաներուն գերեզմանատունը, ուրկէ յետոյ կը հասնէինք Ֆրենկի լեռը: Այնտեղ Դարուերի գագաթին, մեր առաջ կը պարզուէր Վոսփորի մէկ զմայլելի տեսարանը: Հայրս գոհ կ՚ըլլար, ըսելով թէ հով կայ, անուշ կը փչէ, եւ ես աչքերս բացած հիացումով կը կրէի բնութեան տեսարանին սփոփարար տպաւորութիւնը:

Այս անգամ, սակայն, երբ դաշտերը հասանք, հայրս ցոյց տալով մեր սովորական ճամփուն հակառակ կողմը, ըսաւ.

Եկո՛ւր այսօր միւս կողմը երթանք:

Ես խայտալով վազեցի իր առաջքէն: Կտրեցինք դաշտը եւ հասանք Բոսթայի ճամփան: Գարնանային արեւը մեր ոտքերու առաջք կը փռէր լուսահեղձ ճանապարհը: Կառքերու անցքին` փոշին ամպի պէս կը բարձրանար եւ կը խափանէր մեր տեսողութիւնը, բայց արդէն հեռուէն կը լսէինք գոռում-գոչում, ուրախ ճիչեր եւ բազմութեան ժխորը: Ամէն թաղերէն մարդիկ եկեր էին տեսնելու անսովոր իրողութիւնը: Նոյնիսկ դաշտին մէջ, հեռուները, խումբ-խումբ մարդիկ խանդով կը խօսակցէին: Անոնք յայտնի առեւտրականներ էին եւ կը զգուշանային առաջանալ եւ խառնուիլ բազմութեան: Բայց ատենը մէյ մը, իրենցմէ մէկը կ՚անջատուէր կու գար, կը դիտէր եւ տեղեկութիւններ կը տանէր խումբերուն: Այդ միջոցին ես ու հայրս կը մօտենայինք բազմութեան. նիհար եւ բարձրահասակ մարդ մը, որ խումբերէն եկեր էր, ուզեց ինձ հրել առաջ անցնելու համար: Ես հազիւ թէ սայթաքեցայ, եազմաճի բանուոր մը բռնեց թեւէս եւ սոսկալի հայհոյութիւն մը ուղղեց մարդուն հասցէին, անիկայ կանգ առաւ եւ փոխանակ եազմաճիին պատասխանելու, խիստ հայեացքով մը նայեցաւ ինձ: Իմ յիշողութեանս մէջ մնացած է անոր նոր սափրուած եւ պիրկ այտերուն փայլը, բեղերը, որ ցուցամատով եւ բթամատով կը սանտրէր դէպի դուրս: Հայրս այդ ակնարկէն ազատելու համար ինձ, թեւերէս բռնեց եւ առաջացուց, եւ իմ հարցական նայուածքիս պատասխանելով ըսաւ.

Նեքես [42] Սարգիս աղան է… չամչնայ նա ինկած քեօմիւրները կը ժողվէ տուն կը տանի…

Բայց արդէն մեր ուշադրութիւնը ամբողջովին դարձաւ սայլերուն եւ անոնց շուրջը խռնուած բազմութեան վրայ:

Այնտեղ էր Պետիկը եւ իր դասարանի ընկերներէն մէկ քանին: Այնտեղ էին նաեւ քէլ Նիկողոսը եւ քեօմիւրճի Աւագը. անոնք ածուխ գնելու պատրուակին տակ կը մօտենային սալերուն եւ ցած ձայնով կը խօսակցէին իրար հետ: Այնտեղ էին նաեւ զանազան թաղերու ոստիկանները, որոնք կարգը պահպանելու համար կը միջամտէին եւ երբեմն ալ իրենց մտրակները շաշեցնելով, դէպի ետ կը մղէին հաւաքուած բազմութիւնը: Բայց երբ «երեւելիի» մը հանդիպէին, ձեռքերնին իրենց ֆէսին կը տանէին բարեւելու համար եւ ճամփայ կու տային, որ անցնին:

Այդ բոլորը չէին վրիպեր ուշադրութիւնէս, բայց իմ ամբողջ մտածումս սեւեռուած էր սայլերուն վրայ, որոնք դիւրին էր որոշել, որովհետեւ զարդարուած էին կանաչ ոստերով եւ նոյնիսկ սայլատար գոմէշներու ճակատները եւ եղջիւրները կը կրէին կլիսիններու ողկոյզներ:

Հայրս թուշը ցցած կը նայէր զմայլանքով: Անոր խորշոմած դէմքը պարզուեր էր եւ շրթները սեղմուած էին հիացիկ լռութեան մը մէջ: Իմ ուրախութիւնս կատարեալ եղաւ, երբ Պետիկ քովս եկաւ եւ իր թեւը դրաւ ուսիս. անոր հանդարտ նայուածքը լի էր գոհացումով. յանկարծ ինձ բան մը մատնանշեց, աչքերս դարձուցի այն կողմը եւ տեսայ Արտաշը սեւ ձի մը հեծած. անիկայ վարդ խոթեր էր ֆէսին մէկ կողմին, ականջին վրայ եւ յաղթական կ՚անցնէր սայլերուն քովէն: Կարճ կոճուկը բաց էր կուրծքին վրայ եւ կարմիր գօտին պիրկ կը պարուրէր անոր մէջքը եւ կուրծքը: Մէկ ձեռքով բռնած էր ձիուն սանձէն եւ միւս ձեռքը դրեր էր մէջքին` կարճակոթ դաշիւնին վրայ:

Հետիոտն ոստիկանները կ՚ընկրկէին իր ձիուն քայլերուն առաջ, բայց անոնք խոժոռ էին եւ խոհուն: Հետզհետէ աղաները կը հեռանային, բայց եազմաճի բանուորները եւ բանուորուհիները կը մօտենային սայլերուն եւ խօսքեր կ՚ուղղէին Արտաշէսին:

Եաշա՜… Արտաշ, մէկ օրդ հազար ըլլայ…

Կտրիճ մարդ ես, Արտա՛շ, մեր թեւ ու թիկունքը դուն ես…

Արտաշէս կը ժպտէր ամէնուն, վերջապէս ձեռքով նշան մը ըրաւ սայլապաններուն եւ ռէյիզին, եւ ածխաբարձ սայլեր սկսան մէկ-մէկ առաջանալ:

Ծաղկազարդ գոմէշները կը քաշէին ճռնչացող սայլերը, որոնցմէ կանանչ ոստեր կիյնային գետին: Բոսթայ Եօլին տօնական երեւոյթ մը ստացեր էր: Յանկարծ լսուեցաւ Արտաշի գոռ աղաղակը.

Եազմաճի էսնաֆին քեօմիւրն է, ճամփայ բացեք…

Սայլերը կը հետեւէին սայլերուն, կ՚իջնային դէպի թաղերը: Պատուհաններէն կիներ մինչեւ մէջքերնին կախուած իրարու կը հաղորդէին.

Եազմաճիներուն քեօմիւրն է, ես տասը արաբայ համրեցի:

Տասը արաբային խօսքը՜ կ՚ըլլայ…

Մեր քեօմիւրն է…– կ՚ըսէին պատուհանէ պատուհան բանուորական թաղերու մէջ եւ հպարտութեամբ կը յայտարարէին.

Էսնաֆը, որ միանայ, ինչե՜ր չի կրնար ընել…

Ես հայրիկիս ու Պետիկին հետ հետեւեցայ սայլերուն մինչեւ Բէյլերին պարտէզը եւ յետոյ շտապեցի տուն մայրիկիս լուր տալու համար:

Այն իրիկուն Բիւլբիւլ Տէրեսիի տնակներուն մէջ լապտերները ուրիշ փայլ ունէին եւ բոլոր դէմքերը կը խնդային: Գիշերը վրայ հասնելէն ետքն ալ դեռ դրացիները տան սեմերու վրայ կը դանդաղէին եւ իրարու կ՚ըսէին.

Քուրի՛կ, դեռ մինչեւ օրս ատանկ քեօմիւր չէ մտած քիպարներուն տունը…

Եազմաճի էսնաֆը վիւգելայ [43] եղաւ… քա՛, ասանկ բան ո՞ւր տեսնուած էր:

Տուներուն դռները բաց էին եւ բակերը կը բզզային փեթակներու պէս: Երբ վերջապէս ամէն մարդ իր տան մէջ փակուեցաւ, դեռ կարծես հաղորդակցութիւնները չի դադրեցան եւ ես զգացի, որ սիրտս կը տրոփէր ամէնուն կուրծքերուն մէջ:

 

Մայրս զուսպ էր իր ուրախութեան մէջ, բայց իր գոհունակութիւնը կը ժայթքէր իր աչքերէն, իր շարժուձեւէն եւ մանաւանդ իր անսովոր գորովէն, որ կը զեղուր մեր ամէնուս վրայ: Անիկայ հոգածութեամբ շտկեց քրոջս վերմակը, երբ պառկեցաւ, եւ իր տենդոտ ձեռքը իմ ճակտիս դրաւ, որը վերածուեցաւ փոքրիկ ապտակներու այտերուս վրայ:

Ա՛յ մարդ, ըսաւ վերջապէս հօրս դառնալով, որ կօշիկները հանելու դժուարին գործով էր, նէ խենթ եմ, նէ խելօք… ոտքերուդ ջուր տաքցուցեր եմ, պիտի մոռնայի…

Ու ճաշեցինք համերաշխ, յագեցած մեր ուրախութիւնով:

Ու գիշերը տարածուեցաւ մեր վրայ ինչպէս խաղաղութեան հովանի եւ մինչեւ ուշ ատեն լսեցի հօրս եւ մօրս, որ այնքա՜ն տարբեր էր ուրիշ օրերու խօսակցութեան մրմունջէն:

 

Եազմաճիներուն ածուխը մթերուած էր Ենի Մահալլէի խանին նկուղը: Մթերանոցը կղպուած եւ կնքուած էր եւ բանալին իբր աւանդ կը մնար էսնաֆի քեհեային քով: Տուներու մէջ բանուորուհիները եռանդով կ՚աշխատէին եւ անդադար կը շաղակրատէին դէպքերու մասին: Մեր տան մէջ մայրս այլեւս չէր խօսեր անցուդարձերու վրայ, բայց շարունակ նոր ծրագիրներ կը կազմէր: Կարծես միտքը բացուեր էր նոր հորիզոններու վրայ եւ իրիկունները հօրս կը հաղորդէր իր մտադրութիւնները:

Չօլուխ չոճուխը հագուեցնելու համար, կ՚ըսէր ան, ինչո՞ւ աճեմէն առնենք: Կրակի գին ապրանք կը բերէ: Ես Բեբրոնին խօսեցայ, Էլպիսն ալ խօսք տուաւ: Մէյ մը պարտքերնիս տանք, այլ ապրանք չպիտի առնենք: Քիչ մը ատեն ակռայ կը սեղմենք, աճեմին տուածնիս մէկ կողմ կը դնենք, շուկայէն կ՚առնենք նաղտ փարայով, մեր մէջը կը բաժնենք: Ո՞վ կը խառնուի մեզի...

Հայրս գլուխը կը շարժէր եւ իր թերահաւատութիւնը կը յայտնէր.

Ասնք աղուոր բաներ են, Նունի՛կ, ամա մեզի համար չեն:

Մայրս տեղի չէր տար: Բայց փոխանակ զայրանալու, կը ջանար համոզել հայրս.

Մենք ախմախ ծներ, ախմախ մեծցեր ենք... ադոր համար ալ տիրացեր են մեզի, ինչ կ՚ուզեն կ՚ընեն...

Այն ատեն հայրս ձայնը ցածցնելով կը խօսէր դարձեալ խորհրդաւոր վտանգի մը մասին, որ կը թեւածէր մեր գլուխներուն վրայ: Շշուկներ կային, բան մը կը պատրաստուէր... Քեօմիւրճի Աւագ գինով վիճակի մէջ ըսեր էր բանուորներու.

Ադ ձեր ուրախութիւնը փորերնիդ պիտի մնայ:

Ա՜յ մարդ, կ՚ըսէր մայրս անհամբերութեամբ, ի՞նչ կը ծամծմես, շիտկէ շիտակ չըսե՞ս...

Հօրս սարսափը կը փոխուէր հիացիկ ոգեւորութեան եւ թուշը տնկած, աչքերը քթթելով, կը փսփսար.

Կ՚ըսեն կոր... Ռուսը պիտի գայ, մեզ ազատէ... ամա մինչեւ գայ... ո՞վ ողջ կը մնայ, ո՞վ կ՚երթայ... կ՚ըսեն կոր արիւն պիտի թափի...

Վո՜ւյ, կ՚ըսէր մայրս գլուխը շարժելով, ռուսը որի՞ն ձեռքէն մեզ պիտի ազատէ... Ռուսը մեզի հաց, քեօմիւր պիտի բերէ՞... Քեօմիւրճի Աւագն է ատ խօսքերը մէջտեղ ձգողը, ատանկ չէ՞... Կ՚երեւի իր գործին կու գայ... Ռուսը չէ, Աստուած երկինքէն իջնայ, մեզի համար մէկ է... մենք մեր գործը նայինք, բոշ խօսքերու ալ ականջ մի՛ կախեր:

Թաղերու մէջ սակայն այդ զրոյցները շրջան կ՚ընէին. աստիճանաբար աշխատանքի թափը կը թուլանար: Մէկ կողմէ սարսափը եւ միւս կողմէ անորոշ յոյսը մարդոց մտքերը կը շեղեցնէին անմիջական խնդիրներէն: Երբ մայրս դրացուհիներէն մէկուն հետ կը խօսէր իր ծրագիրներուն մասին, այլեւս անորոշ պատասխան կը ստանար.

Կեցի՛ր նայինք, քուրուկ, ժամանակները խառնակ են... սպասենք, տեսնենք ի՛նչ պիտի ըլլայ:

Իրիկուն մը ուշ ատեն մեր դուռը զարնուեցաւ: Հայրապետ ամուճաս էր. անիկայ դժգոյն էր եւ սրունքները կը դեդեւէին: Երբ սենեակ մտաւ, դեռ չի նստած յայտնեց, որ ձերբակալութիւններ եւ խուզարկութիւններ կատարուեր էին:

Սիմոնենց տունը կոխեցին, երկու տոպրակ թուղթ տարին, տղան բռներ են: Նալբանդենց տունը բոմբա փնտրեր են: Դպրոցը պիտի կոխեն եղեր: Երկու դպրոցի վարժապետներ բռներ դիմաց անցուցեր են:

Հետեւեալ առտու կանուխ լսեցինք, որ Արտաշն ալ բռնուեր է:

 

Մղձաւանջային օրեր կ՚անցընէինք: Ամէն րոպէ հրազէններու պէս մեր ականջներուն կը պայթէին կոմիտաճի, հնչակ, բոմբա, ռուսը պիտի գայ, Անգլիա սուլթանին բարկացաւ եւ այլ այս կարգի խօսքեր: Սարսափը տարածուեցաւ բոլոր թաղերուն մէջ, կասկածը սպրդեցաւ ամէնուն սրտին մէջ: Քեօմիւրճի Աւագը հարցաքններ էին, բայց անմիջապէս արձակեր էին: Թաղին ոստիկանները դարձան երկիւղ ազդող անձեր եւ շշուկ տարածուեցաւ, որ հայ լրտեսներ կան, «պատերը ականջ ունին»... Վախը մտաւ նաեւ բանուորական տուները, որովհետեւ Արտաշէսը ձերբակալուած էր որպէս պետութեան թշնամի եւ վտանգաւոր ապստամբ, նոյնիսկ լրագիրները գրեր էին, որ դրամ հաւաքեր էր «այպանելի նպատակը իրագործելու, բոմբա պատրաստելու համար»:

Մայրս ընդվզեցաւ այդ ամբաստանութեան դէմ եւ հակառակ հօրս յորդորներուն, առաւօտ մը կանուխ, սեւ քօղը դրաւ գլխուն եւ գնաց Մօրուք Կարապետը տեսնելու, որ դատական գործերով կը զբաղէր եւ կապեր ունէր իշխանութեանց հետ:

Մօրս կարծիքը այն էր, որ եթէ բոլոր բանուորները եւ բանուորուհիները, որոնք հանգանակութեանը մասնակցած են, հաւաքապէս բողոքեն եւ վկայեն, որ Արտաշէս դրամ հաւաքած է ածուխ գնելու համար, խնդիրը կը պարզուի: Բայց Մօրուք Կարապետ խորհուրդ տուեր էր ետ կենալ այսպիսի քայլէ մը.

Պարապ տեղը ահալին կ՚երես, բոլոր մասնակիցները միւզուր [44] կը դառնան, Արտաշի գործը գէշ է, գէ՜շ, ֆենայ [45]...

Դպրոցը Պետիկին յայտնեցի այս խօսակցութեան մասին: Ան գլուխը շարժեց յուսահատ եւ առաջին անգամ ինձ պատմեց Արտաշէսի ձերբակալման պարագաները: Տունը շրջապատեր էին մեծ բազմութիւնով, զէնքերը պատրաստ եւ, երբ դռանը զարկեր էին, Արտաշէս հասկցեր էր եւ նետուեր էր առաջ կռուելու համար, յետոյ միտքը փոխեր էր, «անոնց ալ ուզածը ատ է» ըսելով: Յետոյ յանձնուեր էր ոստիկաններուն եւ մեկնած պահուն ըսեր էր Պետիկին.

Պետի՛կ, օղլո՜ւմ, սիրտդ ֆերահ [46] բռնէ, ես ինքզինքս կ՚ազատեմ ասոնց ձեռքէն, մեր դիւշմաններուն ալ խէրը կ՚անիծեմ... օր մը անունս կ՚իմանաք...

Պետիկ գետինը կը նայէր եւ յաճախ կ՚ընդհատէր իր պատմութիւնը: Ձայնը յուզմունքէն կը դողար: Վերջապէս ըսաւ.

Կարպի՛ս, ես ա՛լ հօրս երեսը չեմ կարող տեսնել: Ան էր մատնողը...

Քանի մը օր ետքը Պետիկ փախաւ տունէն: Ան մտեր էր օտար շոգենաւ մը իբր փախստական եւ հեռացեր էր Պոլսէն:

 

Անցան շաբաթներ, յետոյ ամիսներ: Կառավարութեան հրամանով եւ խուզարկութեան պատրուակով բացուեցաւ եազմաճիներու ածուխի մթերանոցը: Ոստիկանները յայտնի համարձակ, պարկերով ածուխին լաւագոյն մասը բեռցուցին ձիերը եւ իրենց տուները ղրկեցին եւ մնացեալը տուին եկեղեցիներուն, որ անոնք աղքատներուն բաժնեն:

Քա՛, մենք ո՞վ, ձմեռուան քեօմիւր առնողը ով, կ՚ըսէր մեր դրկից հարեւանուհին, առանց վհատելու մօրս խոժոռ լռութիւնէն: Աղքատութիւնը միսերնուս փակած է, բոշ տեղը չէ կ՚ըսեն կրակէ շապիկ է... Ան պիտի հանենք, պատանքը պիտի փաթթուինք...

Եւ մայրս յամառութեամբ գլուխը կը շարժէր ժխտական։

Այդ օրերու ընթացքին, թաղերու մէջ, նախ անհատներ եւ յետոյ խումբեր գլուխ բարձրացուցին եւ սկսան բողոքել կատարուած անարդարութեան դէմ: Արտաշէս որեւէ կապ չունէր կոմիտաճիներու հետ եւ հաւաքական ուժերով ձմեռուան ածուխը գնելը ոչ մէկ օրէնքի դէմ չէր: Եազմաճիները կը ստիպէին իրենց քեհեան, որ երթայ Դուռը, Փաշայ Քաբուսին եւ բողոքէ: Բայց ան օրերէ ի վեր տունէն դուրս չէր ելեր եւ դիմողներուն կ՚աղերսէր.

Ոտքերնիդ պագնեմ, ինձ զօռը մի դնէք, չոլուխ չոճուխի տէր մարդ եմ, չեմ ուզեր ողջ գլուխս աւետարանի տակ դնել:

Թի՛ւ, կը թքնէին երեսին բանուորները, աս ալ մարդ է, որ քեհեայ ընտրեր ենք:

Բանուորուհիները գողունի դրամ կը հաւաքէին դատաւորները կաշառելու եւ Արտաշէսը ազատելու համար: Իսկ սրճարաններու եւ գինետուներու մէջ բանուորներէն ոմանք յայտնապէս կ՚ըմբոստանային թէ՛ զեղծարար ոստիկանութեան դէմ եւ թէ՛ եազմայն գործատէրերուն դէմ, որոնց մատը կայ, կ՚ըսէին, պատահած դէպքերուն մէջ: Ամէնքը համաձայն էին, որ էսնաֆը իր ոտնակոխուած իրաւունքները պէտք է պաշտպանէ, բայց ոչ ոք որոշ ծրագիր մը կ՚առաջարկէր:

Այդ միջոցին մայրս բանը-գործը թողած, հակառակ որ սըխլեթ [47] էր, ամէն օր փողոցները կը չափէր: Ան կ՚երթար Ենի Մահալլէ, Սիլիհտար, Տաղ Համամ, աշխատակցելու այն բանուորուհիներուն, որոնք ամէն վտանգ աչք առած մտադիր էին Արտաշն ազատելու համար գումար մը գոյացնել:

Մայրս կրկին գնաց Մօրուք Կարապետին եւ կաշառք խոստացաւ:

Ադ ուրտեղէ՞ն է ձեր փարան, հարցուցեր էր Մօրուք Կարապետ կասկածելով:

Մայրս հասկցեր էր, որ պէտք չէ ընկերները բերան տայ եւ ըսեր էր.

Տունս կը ծախեմ, կու տամ: Իմ խօսքս բերնէ կ՚ելլէ:

Եկեղեցին եւ թաղական խորհուրդն էլ իր հերթին դիմումներ կ՚ընէր բանտարկեալներն ազատելու համար: Պատրիարքարանը դիմեր էր դեսպանատուները ձերբակալուած հայերու ազատ արձակումը խնդրելով: Միքէն ինձ հաղորդեց այդ մասին եւ ըսաւ թէ սուլթանը կը դողայ դեսպաններէն: Պայրամը մօտ էր եւ կը յուսացուէր, որ այդ առթիւ սուլթանն ընդհանուր ներում շնորհէ կոմիտաճիներուն:

 

Կարճատեւ սըխլեթէն յետոյ, որու միջոցին շատերը չէին կրցած աշխատիլ, չքաւորութիւնն աւելի դաժան եւ աւելի անողոք տեղաւորուեր էր մեր տուներու մէջ: Դարձեալ աճեմը կատղած կիցեր կու տար մեր դռանը: Թաթիլները իրարու ետեւէ կը հասնէին եւ հացագործը յաճախակի ձիուն սանձը կը քաշէր եւ կ՚անցնէր առանց մեր դռանը զարնելու: Դարձեալ քոյրս դժգոյն եւ նիհար երկնցեր էր բազմոցին վրայ եւ տան տխուր լռութիւնը կը խզէր իր հազովը: Իրիկունները հայրս օր-օրի աւելի կքած եւ հետզհետէ աւելի անգթօրէն տառապելով իր ոտքերէն, կը տքար, մինչ մայրս կը բանէր թեզկեահին վրայ եւ երբեմն ապան կը սրբէր պատռելու ճչող աղմուկ մը առաջ բերելով: Դարձեալ գիշերուան ժամերուն, երբ մենք պառկած կ՚ըլլայինք, հայրս կը խօսէր ողբագին ձայնով, անվերջ հոգերու վրայ: Մայրս ընդհանրապէս լուռ կը մնար, բայց դէմքը կը ստանար երբեմն դառն հեգնութիւն եւ երբեմն ալ ցասումի արտայայտութիւն, բայց յաճախ ան կը մնար մտախոհ, ինչպէս մէկը, որ իր էութեան խորն անդրդուելի յենարան գտած է:

Այսպէս կ՚անցնէին օրերը, երբ վերջապէս պայրամը եկաւ եւ սուլթանական ներում շնորհուեցաւ: Սկիւտարի բանտարկեալները վերադարձան իրենց տուները, բացի Արտաշէսէն եւ երկու դրսեցի վարժապետներէն, որոնք ըսուեցաւ թէ իրենց բնիկ գաւառները ղրկուեցան: Եազմաճիները ժամեժամ կը սպասէին Արտաշէսի վերադարձին: Բայց օրերը կը յաջորդէին իրարու եւ Արտաշէս չէր երեւար: Մայրս տենդագին անհամբերութեան մէջ էր. վերջապէս չդիմացաւ եւ ինձ հետ անգամ մըն ալ գնաց Մօրուք Կարապետին:

Ցանցառ մօրուքով, կարճահասակ, կնդած գլխուն ճերմակ գդակ մը դրած, մանր եւ խուսափուկ աչքերով, Մօրուք Կարապետը լսեց մօրս խօսքերը: Մայրս կը գանգատէր, թէ բոլոր կոմիտաճիները տուն դարձան, մինակ Արտաշէսը, որ այդ գործերուն հետ կապ չունէր, մնաց:

Այն ատեն Մօրուք Կարապետ ըսաւ խորհրդաւոր կերպով մը.

Խօսեցայ գատըին [48] հետ, կաշառք ալ խոստացայ: Մարդս կը ճանչնամ, հազար անգամ գործ ունեցած եմ իրեն հետ: Այս անգամ ճար չկայ: Անիկայ ինձ ըսաւ. «Կարապե՛տ, դուն մի՛ խառնուիր Արտաշէսի գործին, գէ՜շ, գէ՜շ գործ է: Անոր կերած ապուրը հեչ մէկուն կերած ապուրին չի նմանիր... Երանի՜ թէ կոմիտաճի ըլլար... »:

Այն ատեն ո՛չ ես եւ ո՛չ մայրս հասկցանք այդ խօսքերուն իմաստը, եւ երբ վերջապէս մայրս սթափեցաւ իր ապշութենէն, ձեռքս բռնեց եւ դուրս ելանք:

Անցանք փողոցներէն առանց իրարու հետ խօսելու: Մայրս կը քալէր գլուխը բարձր, աչքերը հրացայտ, այտերը վառած տենդագին կարմրութիւնով: Անոր քայլերը չոր եւ համաչափ կը հնչէին սալաքարերուն վրայ: Երբ տուն մտանք, տեսայ, որ կը դողար բոլոր մարմնովը: Հանեց գլխուն սեւ քօղը, նետեց մէկ կողմ եւ խելագարի պէս գոչեց, բռունցքը ցցելով.

Օղո՜ւլ, մենք աս աշխարհիս անիծուածներն ենք...

Եւ անգամ մըն ալ ցասումի արցունքներ ժայթքեցին մօրս աչքերէն:

 



[1]     Պոլսոյ ժողովրդական բարբառով կը նշանակէ թուրք գերեզմանատուն:

[2]     Իբրեւ արհամարհանքի արտայայտութիւն` թուրք մեռելը կը կոչէին սատակ:

[3]     Անմեղ, ակնարկելով երեխաներուն:

[4]     Հանգստանում էր:

[5]     Մանրավաճառ:

[6]     Ոխ:

[7]     Ուժեղ շունչ:

[8]     Աղաղակ:

[9]     Մանր ձիւն:

[10]   Եազմայի գծագրութեանց կաղապարները յօրինող եւ կազմող արհեստաւոր-գծագրիչ, փոխադրող:

[11]   Բառացի` ապարանջան, փոխաբերաբար` արհեստ:

[12]   Լարային նուագարան մը:

[13]   Խօսք նետել:

[14]   Հացի հետ կերած որեւէ ուտելիք:

[15]   Ծխացող ածուխ:

[16]   Լաւ տեսակի ածուխ:

[17]   Հասարակութիւն:

[18]   Շնորհիւ:

[19]   Վաշխ, տոկոս:

[20]   Դիզուած:

[21]   Հարուստ:

[22]   Քաջ, լօթի:

[23]   Խորհրդակցել:

[24]   Խաբկանք, երազ:

[25]   Պետութիւն:

[26]   Շունը վռնդելու համար գործածուած վանկ:

[27]   Խարդախութիւն:

[28]   Երկդիմի:

[29]   Ակնարկութիւն փայտածուխը ջրելուն, որպէսզի ծանր կշռէ:

[30]   Եազմայի սեւ գծագրութիւնը ……:

[31]   Մտահոգ:

[32]   Աւանդ:

[33]   Հրդեհի լուրը տանող սուրհանդակ:

[34]   Հրձիգ:

[35]   Ապահովագրող:

[36]   Մարտահրաւէր. բառացի` «կա՞յ արդեօք ինձ ծուռ նայող»:

[37]   Պատուհաս:

[38]   Պատճառ:

[39]   Ինքն իսկ (Պլութն ինքն իսկ):

[40]   Փայտեայ ոտնամաններ:

[41]   Իշխանութենէ ինկած:

[42]   Ժլատ:

[43]   Բարձր դասակարգ:

[44]   Կասկածելի:

[45]   Գէշ:

[46]   Պայծառ:

[47]   Ստիպողական պատուէր:

[48]   Դատաւոր: