ԱԶԳԱԴԱՒ ՈՃԻՐ ՄԸ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱԶԳԱԴԱՒ ՈՃԻՐ ՄԸ

Կիրակի օր Լիոնի մէջ հանդէսի մը ատեն շարքայիններ սրահէն ներս կը խուժեն եւ բեմին վրայ կը դաշունահարեն Խաչիկ Պետրոսեանը։

Մանրամասնութիւններ յաջորդ թիւով։

–Խեղճ Խաչիկ, կ’ըսէ խմբագրապետը թերթը սեղանին վրայ դնելով։ Այս առաւօտ մեռեր է հիւանդանոցին մէջ։ Դանակը սրտին դպեր է եղեր։

Սեղանին ետեւը կ’անցնի։ Կը նստի։ Գլուխը երկու ձեռքերուն մէջ կ’առնէ։ Կը մտածէ։

–Պէտք է յաջորդ թիւը շատ ուժեղ ըլլայ։ Շատ մանրամասնութիւններ։ Մանրամասնութիւնները շատ աւելի կը տպաւորեն։ Պէտք է արգիլել որ թշնամին ծռած գլուխը բարձրացնէ։ Ի՞նչ, տակաւին հասցէները չե՞ն տպագրուած խօսքը ուղղելով Յարութիւնին։– Պարապ տեղը ժամանակ կը կորսնցնէք։

–Շաբթուան վերջը, կը պատասխանէ Յարութիւն ոտքի վրայ երիզներու տրցակը բազուկին եւ իրանին մէջտեղ սեղմած։ Կիրակի օրուան թռուցիկներուն եւ տոմսերուն տպագրութենէն ետք։

–Ինչպէ՞ս թէ, կ’ըսէ խմբագիրը, պէտք է յետաձգել հանդէսը։ Սրահը օգտագործելու է բողոքի համար։

–Ատիկա լիոնցիներու գործն է, տեղւոյն վրայ։ Հանդէսը չենք կրնար յետաձգել շատ կարեւոր է։ Այդ գաղափարը յայտնուեցաւ քիչ առաջ ընկերներու հետ մեր հանդիպումին։

Խմբագրապետի ձայնին մէջ վճռակամ շեշտ մը կայ, որ առարկութիւն չի վերցներ։ Խօսակցութեան ընթացքը շեղելու համար, խօսքը կ’ուղղէ Մինասին զուարճասէր։

–Էհ, այսօր ինչպէ՞ս է մեր բանաստեղծը։

Մինաս կռուազան մտածումներով ծանրաբեռնուած գլուխը կը վերցնէ։ Սրտնեղ պատասխան մը տալու վրայ է, երբ մտածումները կանգ կ’առնեն, կարգի կը մտնեն հրաման ստացած զինուորներու պէս։ Անոնց հալածանքէն ազատած կը խաղաղի ու ժպիտով պատասխան կուտայ։

–Այսպէս։

Խմբագրապետը ծռած է սեղանին վրայ։ Կը պատրաստուի գրել իր «շռնդալից» խմբագրականը։ Սրահին մէջ վերահաստատուած է լռութիւնը։ Մինասի գլխուն մէջ մտածումները կը վերադառնան իրենց անկարգութեան։ Յարութիւն մեկնած է տպարան։ Սեղանին առթիւ մինակ է իր մտորումներով։ Ճակատը կը քրտնի ներքին պրկումներէն։ Ձեռքը, որ բռնած է գրիչը, կը սեղմուի։ Կը դադրի գրելէ։ «Ահ, եթէ այն իրիկուն ամէն բան ըսած ըլլայի…»։ Յանկարծ պոռալու անզուսպ ցանկութիւն մը կ’ունենայ, եւ քովնտի փողոցին դուռը կը բացուի։ Մէկը ներս կը մտնէ։ Կը յառաջանայ օրօրուն եւ վարանոտ քալուածքով, մերթ համարձակ, մերթ քաշուելով ու կը կանգնի սեղանին առջև։ Համակ աղապատանք եղած նայուածքով իրեն կը նայի։ Այտերը անհամարձակ կը լեցուին ժպիտով մը ու յանկարծ կը պարպուին։ Մոխրագոյն աչքերը կը մթագնին։ Գիտէ որ տեղի պիտի տայ այդքան տխրութեան առջեւ, բայց զայրոյթը կը բարձրանայ մինչեւ կոկորդը։ Կը պոռայ. «Ի՞նչ է փնտռածդ նորէն, ինչո՞ւ եկար։ Գնա, պարոն Տը Լա Ֆօսին գնա։ Ոհ, Ժագ, ինչ զարմանալի մարդ ես դուն։ Ժագը հոս, Ժագը հոն։ Անամօթ։ Ինչո՞ւ խաբեցիր ինծի։ Ի՜նչ պէտք ունէիր խաբելու, Նիքոլ, Նիքոլ…Նիքոոոլ…»։

Բայց Նիքոլ կը հեռանայ ետ ետ քաշուելով, սահելով, միջոցին մէջ հալելով։ Անոր պատկերը կը հասնի բաց մնացած դրան առջեւ՝ ուր կանգնած է Յարութիւն դէմքին վրայ խղճալի երեւոյթով մը։

–Շա՞տ կը ցաւի գլուխդ։

–Գլուխս չի ցաւիր, բան չունիմ։

Տուներ, ծառեր, ճամբաներ ու մաս մը երկինք, կը փախչին իրարու ետեւէ, իրարու խառնուած։ Միտքը կը վազէ անոնց ետեւէն, կը կառչի անոնց։ Անոնց հետ կ’երթայ հեռուները, դէպի ետ։ Միշտ դէպի ետ, բայց ոչ այնքան արագ որքան կը փափաքի։ Երբեմն միտքը ոստումներ կ’ընէ կտրել անցնելու համար շրջագծէն՝ որուն մէջ բանտարկուած է։ Գնացքը կը սուրայ իր իսկ աղմուկներուն վարագոյրին մէջէն։ Ժամանակն ու տարածութիւնը կը չքանան։ Մինակ է բաժնեակին մէջ։ Կիրակի կէսօրուան ժամուն գնացքները պարապ են։ Պարապութիւնը կը շարուի, կը կազմակերպուի շուրջը գնացքին աղմուկին մատներովը հիւսուած։ Դուրսը, պաղ ու գունատ արեւի լոյսին մէջ իրերը այլեւս չեն փախչիր։ Կեցած են գամուած՝ անշարժ պատկերներու պէս։ Միտքն ալ կեցած է ու ճիգ կ’ընէ տեղ մը հասնելու, բանի մը կառչելու։ Պատուհանէն դուրս կը նայի առանց տեսնելու։ Գլուխը պարպուած, թեթեւ կ’իյնայ ուսին վրայ՝ ուր մտածում չկայ։ Ոչ մէկ կամայականութիւն։ Գլուխը կը ցնցուի ուժով մը մեղկ վզին վրայ առաջին կայարանը, երբ գնացքը կանգ կ’առնէ։ Աչքին մէկը կը բացուի, կը գոցուի։ Միտքը, պահ մը ինքզինքին եկած կրկին կ’իյնայ թմբիրին մէջ։ Կը պահուըտի անոր մէջ։ Գոհունակ՝ շունչ մը կը քաշէ, երկար։ Վիզը կը ծռի ուսին վրայ։ Գլուխը կը կախուի, կզակը կուրծքին։ Միայն անիւներուն խուլ աղմուկը կը պտտկի անոր մէջ ինչպէս հովը աւերակ ապարանքի մը մէջ։

Բզքտուած պատկերներ կուգան, կ’անցնին ամէն ուղղութիւններէն, իրարու կը բախին, կը կորսուին գոց աչքերուն կոպերուն տակ, անոնցմէ ծծուած, արձակուած, անդադրում թաթառի մը ալիքներուն մէջ բռնուած։ Ժամանակը անվերջ, անհատնում կը տարածուի ամբողջ էութեան մէջ ու կը շփոթուի տարածութեան հետ, ամայի, անմարդկային սարսուռ կը սպրդի մորթին վրայէն։ Գնացքը երկրորդ անգամ կանգ կ’առնէ։ Նորէն կը շարժի։ Կը մեկնի ու կը սկսի ժամանակին հոսքը որ իր սահմաններուն վրայ անշարժութեան կը փոխուի։ Խորքին մէջ համաձայնութիւն կնքուած է անշարժութեան հետ՝ որուն մէջ կը տեղաւորուի կծկուելով ինքն իր վրայ։

Գնացքը երկարաձիգ շունչ մը քաշելով կանգ կ’առնէ քարափին երկայնքը, շուարած, լքուած ճամբորդներէն ու արդէն իր ժամանակաւոր հանգիստին մէջ նետուած, տրտմատեսիլ, ինչպէս ամէն բան որ դադրած է օգտակար ըլլալէ։ Առանց աչքերը բանալու կ’ընկղմի ինքն իր մէջ, կը ծալլուի ինքնիր վրայ գնացքին պէս որ շարուած է քարափի երկայնքին։ Քովի պատուհանին անկիւնը կը տեղաւորէ իր մարմինը, կզակը կուրծքին վրայ։ Մտքին մէջ բզքտուած պատկերները կը ձուլուին, խճճուած թելերու կը փոխուին ու երկարելով, ձգձգուելով կ’երթան կորսուիլ ներքին խաւարին մէջ։ Բաւական վերջ ձայն մը կը բարձրանայ ականջներուն։ Կամաց կամաց ձայնը գոյներու կը վերածուի ակնակոպիճներուն տակ։ Զուարթ, շէնշող դէմք մը կ’ըլլայ խաւարէն հազիւ ինքզինքը պոկելով, խաւարին մէջ լողալով մինչեւ մակերեսը։ Այն ատեն ձայնը փոխասացութեան մը կաղապարը կը զգենու։ Նիքոլին պատկերը անկէ դուրս կը ցայտէ մէկէն, ու ինչպէս կենդանի ըլլար. «Ախ, Մոնիք, նայէ, նայէ, ինչ զարմանալի է Մինէս»։

Աչքերը կը բացուին։ Մեղմօրէն գլուխը կը վերցնէ։ Դիմացը նստարանին վրայ զոյգ մը նստած է։ Կռուելու ձեւեր կ’ընէ։ Երիտասարդ աղջիկը թեւերը երկարած անդադար տղուն ուսերուն կ’իջեցնէ ձեռքերը։ «Ախ, Ժագ, ինչ զարմանալի տղայ ես, ինչո՞ւ հանգիստ չես ձգեր»։ Անմիջապէս ինքզինքին մէջ ընկրկելու շարժում մը կ’ունենայ, շփոթ փախուստի մը անել ճամբուն վրայ, որովհետեւ շարժումին դրդապատճառը ատելութիւնն է։ Բայց դիմացի երիտասարդը Պր. Տը Լա Ֆօսը չէ եւ ոչ ալ աղջիկը՝ Նիքոլ։

Արդէն ճամբորդները սկսած են լեցնել բաժնեակը։ Քարափին վրայ արագաշարժ կը դիմեն գնացքի միւս բաժնեակները։ Յանկարծ մտածումներէ ետ դարձած, կը յիշէ։ Իր մեկնումը տունէն, Նիքոլին պայուսակները ու Պր. Տը Լա Ֆօսի հետ ժամադրութիւնը կղզիի տունը։

Մտածումներու խառնակ վիճակ մը, ոտքի կ’ելլէ։ Ոտքերը կը սայթաքին ծունկերը նստողներուն ծունկերուն կը զարնուին։ «Ներողութիւն» մրմնջելով դուրս կ’ելլէ բաժնեակէն։ Նրբանցքին մէջ գինովի պէս, կը մոլորի, աճապարանքին մէջ կը զարնուի ճամբորդներուն։ Օ՜ֆ, քարափին վրայ է։ Կը կարծէր որ երբեք քարափին չպիտի հասնէր։ Քիչ մը անդին սիւնի մը ծայրը խոշոր, կլոր ժամացոյցին սլաքը չորսին մօտեցած է։ Ժամը չորսին գնացքը պիտի մեկնի։ Այս այն գնացքն է ուր կ’ուզէր նստիլ Նիքոլի պայուսակներուն հետ։ Արդէն ուշ էր։ Պարոն Տը Լա Ֆօս այդքան չէր սպասեր իրեն։ Ուրախութիւն մը կ’ըլլայ սրտին մէջ։ Ինչ լաւ է որ չէ հանդիպած Պր. Տը Լա Ֆօսին։ Շուտ, արագ արագ կ’երթայ վերադարձի տոմս մը կ’առնէ։ Երբ գնացք կը մտնէ, արդէն ան սկսած է շարժիլ տեղէն։ Օդին մէջ տօնական մթնոլորտ մը կը մտնէ, մանաւանդ երբ կ’արագացնէ երթը ու կը վազէ։ Կը վազէ իր կենդանութիւնը վերագտած։

Նորէն ծառերը, տուները, ճամբաները, դաշտերը ետ ետ կը փախին, երբեմն իրարու զարնուելով, իրարու խառնուելով արագ արագ, կայծակի նման ու կը ջնջուին աչքերուն առջեւ խառնակ, սպիտակ պաստառ մը պարզելով, որ օդին մէջ կը ծփծփայ դրօշակի պէս։ Միտքը կը պարպուի կը հանգստանայ, կը սրբուի։ Կուրծքին սեղմումը կ’անհետանայ, սիրտը կ’ընդլայնի, բայց կրկին կը սեղմուի երբ կը տեսնէ տունը, դիմացը, որուն սեմէն պէտք է անցնիլ։ Այդ չափը կը բաւէ որ մտածումները, պահ մը անհետացած, խուժեն մտքին մէջ ու ամբողջ էութիւնը դողդոջուն, տարրալուծուող բան մը ըլլայ։ Ներսը մարմնին մէջ հրաբխային վիճակ մը կայ։ Հրաբուխը անմիջապէս կը մարի։ Հոգին գոց սենեակ մըն է ըրած յամառօրէն մերժելով ամէն ինչ որ դուրսէն ներս թափանցելու ամենադոյզն կամէութիւն մը ցոյց կուտայ։

Մոնիք պարտէզի դրան առջեւն է։ Կը նայի իրեն որ կը մօտենայ։ Գլուխը ծռած է աջ ուսին վրայ։ Խոշոր աչքերը բացած կը նայի անթարթ, ուղիղ։ Կլորաձեւ գլխարկը մինչեւ ականջներուն վրայ։ Թեւերը կախ, ձեռքերը մորթէ ձեռնոցներուն մէջ։ Վերարկուին վարի ծայրը ծունկերուն վրայ։ Հաստ ու զօրեղ բումբերը կ’իջնեն նեղնալով, սրածայր, ոտքերուն ճղիկներուն վրայ։ Անշարժ, արձանացած կը սպասէ։ Երբեք այդպէս հմայիչ չէր երեւցած իրեն։ Երբեք այդպէս քննական աչքով չէր նայած անոր։ Յանկարծ տեղէն կը շարժի Մոնիք։ Կը քալէ արագ քայլով, վճռական, ժպտուն ու արդէն խօսելով հեռուէն։ Կը մօտենայ։ Անոր խօսքերը իր մտքին հրապարակէն ներս կը մտնեն անկոչ հիւրերու աներեսութեամբ ու հաստատուելու տեղ կը փնտռեն ոչ թէ հրապարակը լեցուն ըլլալուն համար, այլ՝ պարապութիւնը պաշտպանելու՝ որոշ դիմադրութեան

–Գիտե՞ս որ անպիտան ես, Մինաս ինչո՞ւ համար այս բանը ըրիր։

Ինչո՞ւ համար ըրաւ։ Իրաւ, ինչո՞ւ համար ըրաւ։ Մոնիքին թաւ ու թաւշային ձայնը կը հասնի ականջներուն։ Բառերը հատիկ հատիկ կը թմբկահարեն թաղանդին վրայ, գիւղական մունետիկի մը պէս, որ տեղական լուրերը կը հաղորդէ։ Ձայնը կը սողոսկի ներքին միջոցին մէջ գաղջ ջերմութիւն մը տարածելով։ Սիրտը կ’ընդլայնի, յուզումի աշխատանոցի մը կը վերածուի։ Մոնիքին ձայնը յանդիմանութիւն մը չէ որ կը յայտարարէ եւ ոչ ալ սրդողանք։ Ան քաղցր նուագ մըն է, որ վիրաւոր սիրտ մը ամոքելու համար ճամբայ ելած է։

Կը կարծես թէ չեմ գիտեր թէ ինչո՞ւ համար թերացար։ Բայց հոս չմնանք ցուրտ է։ Տես ծաղիկներուն թուփերը ինչպէս թառամած են։ Բոլոր թաղարները ներս առի։

Գիշերուան ցուրտէն վիրաւորուած վարդենիները իրենց մերկ ճիւղերը գլխահակ, խուլ պայքար մը կը ներկայացնեն ձմրան մահացու հարուածներուն դէմ։ Մանաւանդ յասմիկը, ահա, պարտէզին անկիւնը, հոն, իր վտիտ ճիւղերը միջոցին մէջ կարկառած, կեանքին կառչելու յենարան կ’աղերսեն երկինքէն ու սառած, անշարժացած են իրենց աղերսանքին մէջ։ Սիրտը կը սկսի տրոփել ի տես այդ անօգնական յասմիկի թուփին։ Նայուածքը յառած անոր վրայ, ամոքելու անկարող կամքէն շշմած, ինքն ալ աղերսանքի կը վերածուի։ Շրթունքները աղօթքի նման բառեր կը մրմնջեն։ Ամբողջ հոգիովը կը թախանձէ որ անոնք ապրին, կրկին ծաղկին ու Նիքոլ անոնց բուրմունքը շնչէ ու հիւանդանայ։ Ու պարտէզը կը ծաղկի գարնանային գաղջ արեւին տակ։ Յասմիկը հազարումէկ կուսական ծաղիկներով կը բեռնաւորուի, յղութեան ծանրութեամբ հպարտ։ Նիքոլ իր մանրիկ դունչը տարած յանգչեցուցած է անոր տերեւուտքին մէջ։ Շէկ մազերը արեւով լուսաւորուած կը մրցին ծաղիկներու անբծութեան հետ։ Կուրծքը ալեծածան ելեւէջներով լայնցած, ռունգերը կը ծծեն անոր բուրմունքը ու յանկարծ, դէմքը դէպի երկինք բարձրացուցած, աչքերը փակ, տառապագին կը պոռայ.

–Շուտ, շուտ Մինէ՜, եկուր ինծի թեւերուդ մէջ առ։ Պիտի մարիմ։

–Մինաս, եկուր սա պայուսակները վեր տանինք։ Շատ ծանր են։ Ինչպէ՞ս մինակդ պիտի բերէիր ասոնք։ Կը տեսնե՞ս ամէն ձախողանքի մէջ նախախնամութեան բարիք մը կայ։ Ժագին համար դիւրին էր կառքով։ Իրա՞ւ ճամբուդ վրայ չհանդիպեցար Ժագին։ Մեկնած էր երբ դուն եկար։

Այդ անունը իմանալով դէմքին գիծերը կը պրկուին տուայտագին ու ընդոստ ետ կը դառնայ։ Մոնիք կանգնած է ճիշդ իր քովը, դէմ դիմաց։ Իր խոշոր շագանակագոյն աչքերով կը չափչփէ Մինասին դէմքը՝ ուր զայրոյթը, ինքզինքէն սնած՝ կ’ուռճանայ, պիտի յորդի, բայց չի կրնար։ Ետ քայլով մը կը հեռանայ դիմագծերէն, որ թուլցած, պարպուած իրենց յորձանքէն, ցաւագին արտայայտութիւն կ’ունենան, կ’իջնէ կուրծքին տակ, կը մտնէ սրտին մէջ ու թոյնի պէս, թոյնի արագութեամբ կը վարակէ անոր հոգին։ Հակադարձ ճիգով մը կը փորձէ ինքզինքէն դուրս գալ ու աչքերը կը լեցուին արցունքով։ Կը խաղաղի, աչքերը կը բանայ Մոնիքի վրայ, որ այլայլած է ու մատնուած պիրկ անշարժութեան մը։ Մէկ աչքէն արցունքի կաթիլ մը կախուած կը մնայ երկու թարթիչներուն մէջտեղը ճզմուած։

–Այդքան կը սիրե՞ս, կ’ըսէ։

Կռնակը կը դարձնէ Մոնիքին, դէմքը ծածկելու համար անոր խուզարկու նայուածքէն՝ ուր ճզմուած կաթիլը կը փայլի ապակիի նման։

Փոքրիկ պարտէզը ցրտահար դէմքը զգեցած է նորէն՝ ուր հծծող վիշտ մը կը թափառի թուփէ թուփ։ Փողոցին եզերքէն հոսող գետին մրմունջը խեղդուած է ամբարտակէն եկող միապաղաղ աղմուկին մէջ, որ ջուրերուն վրայէն կը բարձրանայ ձգձգուելով դէպի երկինք, լեցնելով խուլ ու սղոցող մրմունջովը ամբողջ անջրպետը, որ հիմա փախած Նիքոլին հոգիին ճեմավայրն է։ Երբ վերը ննջասենեակը, իրիկունները պատուհանին կը մօտենայ, Նիքոլ անտեսանելի դարձած կուգայ սրսփալ պատուհանին ապակիներուն վրայ, կը պատահի որ Մինաս յեղակած բանայ պատուհանը, ձեռքը նետէ օդին մէջ ներս մտնել նկրտող բան մը բռնելու մատներու ջղաձիգ շարժումով մը։

***

–Մինաս, շիտակը ըսէ, կ’ըսէ Մոնիք, ինչո՞ւ չգացիր Ժագին։

Պր. Տը Լա Ֆօսի անունը իմանալուն պէս մեքենաբար գլուխը կը վերցնէ։ Աչքերը կկոցելով կը նստի սեղանին միւս կողմը նստած Մոնիքին քովը։ Ուսերը ետ նետած, գլուխը ուղիղ, սպասողական դիրքի վրայ, խոշոր աչքերուն մէջ փայլ մը, Մոնիք հարցումին անկրկնելի ու վճռական առաքինութիւն մը տուած է։ Նայուածքը անմիջապէս վար կ’իջեցնէ։ Հետզհետէ մթնցող աչքերուն մէջէն ան դուրս կը ցատքէ, կ’իյնայ Մոնիքին կուրծքին վրայ, ուր մետաքսէ կապոյտ վերնաշապիկին զոյգ կորութիւնները, քովքովի, յաւելեալ ցայտունութիւն մը ստացած են այդ կեցուածքին հետեւանքով։

Շունչ մը կը քաշէ ու կը պատասխանէ։

–Ըսի կարծեմ, չէ՞, քնացեր էի։

–Այո, բայց քնանալուդ պատճա՞ռը։

–Գնացքը այնքան տաքցուցեր էին, կ’երեւի թմրեր էի։ Յետոյ, դուրսի սառած, ճերմկոտած տեսարանը։

Պատասխանին սուտը շփոթ լռութիւն մը կը նետէ ճաշասրահին մէջ։ Երկու բազուկները սեղանի վրայ են պարպուած պնակը գրկելու ձեւով մը։ Ձեռքերը լայն բացած է։ Կը նայի ձեռքերուն։ Անոնք բոլորովին անշարժ են, անկենդան։ Միայն աչքերը շարժական են, որոնք ներքին անհանգստութիւն մը կը մատնեն։ Պտուղներու կողովէն կ’երթան գինիի սրուակին, գաւաթներուն ու անդին Մոնիքի սպիտակ ձեռքերուն որոնք սեղանին վրայ են նոյնպէս, բայց յանկարծ կը շարժին, կը կենան, մատները ջղաձգաբար կը պրկուին։ Յայտնի է որ անոնց տէրը դժգոհ է։ Դժգոհ է ստացած պատասխանէն։ Ձեռքին մէկը աննախատեսելի շարժումով մը կ’երթայ կողովին, նարինջ մը կ’առնէ ու կը սկսի կճպել։ Նարինջի կեղեւին բարկ հոտը կը տարածուի սենեակին մէջ առատութեամբ։ Յետոյ պտուղին հաճելի հոտը կը փորձէ սփռել կեղեւին գրգռիչ ազդեցութիւնը։ Ուսերու ցնցում մը կ’ունենայ։ Չի սիրեր զօրաւոր բուրմունքը։ Չի սիրեր ինչ որ զօրաւոր է։ Զօրաւորին դիւրին յաղթանակը։ Թերեւս անոր համար չի սիրեր Պր. Տը Լա Ֆօսը։ Ինչո՞ւ Մոնիք խնձոր մը չառաւ։ Կողովին մէջ խնձորներ ալ կային։ Կարծես իրեն բան մը հասկցնելու համար։ Հասկցնելու համար որ ինքն է ինքզինքը օտարացնողը։ Կը խրտչի։ Ոտքի կ’ելլէ։ Կ’ուզէր մեկնիլ, բայց, իրապէս անկրթութիւն պիտի ըլլար։ Աւելին՝ տկարութիւն։ Երկու քայլ կ’առնէ, կը մօտենայ ձախ թեւին կողմը պատին դէմ կանգնած ձայնասփիւռի գործիքին, ցուցամատը կը դնէ ստեղնին վրայ, կը սեղմէ։ Նուրբ նուագ մը կը հոսի սենեակին մէջ, մեղմօրէն, քաղցր ու հոգեպարար։ Նայուածքը կը վերցնէ ձայնասփիւռի գործիքին վերեւը կախուած միջին ծաւալով նկարին վրայ, գրեթէ իրենց սեղանին պէս Նադիւռմոռդ մը։ Պտուղներու կողով, նարինջ եւ խնձոր, գինիի սրուակ մը, կիսովին պարպուած երկու գաւաթ եւ ծաղկեփունջ մը կաւէ հողագոյն թաղարի մը մէջ, փափկօրէն դեղին զատկածաղիկներու փունջ մը։ Սեղանը ծածկուած է անբիծ սպիտակութեամբ ծածկոցով մը։ Սեղանի ետեւը պատուհան մը՝ որուն վարագոյրը քաշուած է։ Իրիկուն է։ Սեղանին վրայէն վերցուած են պնակները, դանակ ու պատառաքաղ։ Ճաշը լմնցած է։ Այդքան վառ գոյներու մէջ, որոնք ճաշողներուն բաւարարութիւնը կը յայտնեն, բաժակներու եւ սրուակին մուգ կապոյտը գիշերն է, կապոյտ երազը, որ հրաւէր մըն է երթալ ննջելու։

–Կարծեմ Կապրիէլ Ֆօռէ է, կ’ըսէ ու կուգայ կը նստի իր տեղը։

Խորհելով որ պատրաստ է ճշմարտութիւնը ըսելու, Մոնիք կը հարցնէ անմիջապէս որ Մինաս կը տեղաւորուի աթոռին վրայ։

–Վստա՞հ ես որ գնացքին տաքութիւնն էր քնանալուդ պատճառը։

–Ըսենք որ վստահ չեմ։

–Ուրե՞մն։

Մինաս տեղէն կը ցատկէ։

–Գիտես որ չեմ սիրեր Պր. Տը Լա Ֆօսին հանդիպիլ։

–Բայց ինչո՞ւ։

–Որովհետեւ կ’ատեմ զինքը։

–Բայց ինչո՞ւ, քեզի ի՞նչ ըրած ունի այդ մարդը։ Նոյնիսկ համակրանք ունի քեզի հանդէպ։

–Ըսենք որ ինծի համար պահանջ է այդ ատելութիւնը, որպէսզի դեռ կարենամ սիրել Նիքոլը։

–Դուն խենդ ես, կ’ըսէ Մոնիք հոգիին ամբողջ ուժովը։ Ու ձեռքը կ’երկարէ, կը դնէ Մինասի ձեռքին վրայ թեթեւ, անհամարձակ գգուանքով մը։

–Բայց չէ՞ որ զուր տեղ կը տառապիս։

–Թերեւս անոր համար որ ես հայ եմ։ Մենք հայերս շատ կը սիրենք տառապանքը։ Վարժուած ենք։

Աչքերը զորս յառած էր երիտասարդուհիին ձեռքին, որ իր ձեռքին վրան էր, տեսնելու համար որ մինչեւ ուր պիտի երթար, կը վերցնէ ու կը նայի անոր երեսին։ Խոշոր աչքերուն մէջ անհուն տխրութիւն մը կայ՝ խառնուած անորակելի յուզումի մը։ Այդ պահուն կրակէ փախցնելու պէս, ձեռքը ետ կը քաշէ։

–Նախանձոտ ես, կ’ըսէ դէմքը շուարումէն փրկելու ճիգով մը, թէեւ շեշտը յանդիմանական է ու քիչ ետքը արդէն արձանացած է խիստ արտայայտութեան մը մէջ։

–Յանցա՞նք է նախանձը։

–Ոչ, բայց, ինչպէս ըսել, երբ իր տեղը չէ։ Այդքան միամիտ ըլլալդ չէի գիտեր։ Ինչպէ՞ս կարելի է Ժագէ մը նախանձիլ։ Ժագէ մը…

Եւ խնդուքի փղձում մը կ’ունենայ։

–Ժագէ մը կը կրկնէ։

–Արհամարհոտ ես Մոնիք։

–Ինչպէս թէ արհամարհոտ։ Ամբողջ քաղաքը գիտէ Ժագին ինչ ըլլալը։ Եւ կը կարծուի թէ ատոր համար այդքան նրբաճաշակ վարպետ է եւ կրնայ վայելչօրէն հագուեցնել կիները։

–Մանաւանդ իր հոմանուհին։

Մոնիք կրկին կը քրքչայ զուարճացած։

–Չէ՞, ուղղակի զաւեշտական է։ Ըսել է չէիր գիտեր որ Նիքոլին հագած շրջազգեստները ցուցադրութեան համար էին։ Նիքոլը Ժագին ամենագեղեցիկ մանըքէնն էր, ուրիշ որո՞ւ կրնար վստահիլ զանոնք ներկայացնելը օբերայի կալաներուն։

Փողոցէն անցնող ինքնաշարժի մը լոյսերը դրան պատուհանի վարագոյրին կը զարնուին, կը մօտենան, այսինքն կը խոշորնան ու մէկէն կ’անհետանան։ Ինքնաշարժը կը լռէ։ Գիշերային լռութիւնը՝ իր տեղը կը վերադառնայ։ Մինաս վախէն ցնցուած է։ Ճակատին վրայ քրտինքի կաթիլներ կազմուած են։ Երկվայրկեան մը աչքերը կը գոցէ ինքզինքը գտնելու համար իր մէջ։ Բայց հոն կը գտնէ ինքնաշարժին խռկոցը, որ եթէ կարելի է այսպէս ըսել, անմարմին խռկոց մըն է։ Կամաց կամաց խռկոցը կը մխրճի գիշերային միջոցին մէջ հակառակ իր նետի նման արագ ընթացքին, որ հետզհետէ կը նուազի, կը հալի, կը վերջանայ։ Հազիւ ինքնաշարժը սկսած է իր անստուգելի խռկոցը լսելի ընել, ինքը արդէն դուրսն է ու կը սկսի վազել անոր ետեւէն։ Կը վազէ ամբողջ ուժերը հաւաքած, թէեւ այդ ուժերը զինքը կառքին խուլ թաւալումին կրցած են յանձնել, չեն կրնար կասեցնել անոր անձկութիւնը, որ կը խոշորնայ, կը յորդի իրմէ ու կը հասցնէ քաղաք։ Արդէն նստած է իր տեղը։ Վարագոյրը կը բացուի։ Նախերգանքը կը սկսի շքեղօրէն յուզիչ, բայց ան աչքերը չի կրնար հեռացնել Պր. Տը Լա Ֆօսի օթեակէն։ Նիքոլ հոն է, Պր. Տը Լա Ֆօսի հետ քով քովի, հագուած֊սքուած, ադամանդակուռ մանեակի մը ցոլքերուն մէջէն անվերջօրէն ժպտելով սրահին։

Իրեն կը թուի թէ Նիքոլ կը տուայտի տեւականապէս ճիգ մը ընելով ժպիտը երեսին վրայ պահելու համար։ Մէկ աչքին դուրսի կողմի ծայրին մութ փայլը, վէրքի մը պէս սրտայոյզ բան մը ունի։ Փախուստի ելք մը փնտռելու հետամուտ, աչքին այդ մասը խոտոր կը համեմատի իր ժպիտին։ Կարծես թէ կուլայ, ճիշդ այնպէս ինչպէս ժամանակին թշնամի սպայի մը իւրացուցած իր զարմուհին չափազանցուած ոգեւորութեամբ մը կ’ընդունէր զինքը, կը խօսէր, կը պատմէր անդադար ձեռքերու եւ գլխու խանդավառ շարժումներով, իբրեւ թէ բան մը պատահած չըլլար ու կը լողար երջանկութեան մէջ։ Բայց երբ դադրէր ու բերանը գոցուէր զարհուրելի թախիծ մը կը տեղաւորուէր դէմքին վրայ, ինչպէս վիրաւոր սրտէ մը հոսող արիւնը կը լերդանայ։

Գէշ երազէ մը արթնցողի պէս գլուխը կը պտտցնէ. չորս կողմը կը նայի։ Իրերը կուգան իրենց տեղերը գրաւել կատուի զգուշաւոր քայլերով։ Սենեակը ներկայ է։ Կողովին մէջ նարինջները արեւներու պէս կը վառին։ Սիրտը կը տաքցնեն։ Սիրտը կը կակուղնայ։ Սեղանին վրայ կապտաւուն սրուակը, երազի գոյն, քուն կը բերէ։ Նոյն դիրքին մէջ է, նստած սեղանին առջեւ արմուկները կռթնցուցած սեղանին վրայ, ձեռքերը բաց ու մէկ ձեռքին քով Մոնիքին ձեռքը, որ չէ համարձակած իր սողոսկումը մինչեւ իր ձեռքը։ Տրտում է, քաղցր յուզական տրտմութիւն մը, գլուխը ծռած է առջեւը, դէպի վեր կիտուած յօնքերով խոշոր աչքերը բացած կը դիտէ իր ճակատին վրայէն անցնող փոփոխական ստուերները։

–Ժագը ազնիւ է, քեզ չզրկելու համար Նիքոլին ներկայութենէն, ամէն անգամ հրաւիրատոմս ղրկած է։

  Չի լսեր անոր ըսածները։ Կ’իմանայ, այլ մտիկ չ’ըներ։ Չի կրնար մտիկ ընել։ Ամբողջ ուշադրութիւնը գրաւուած է Մոնիքի ձեռքով որ գաղտագողի ուղի կը փնտռէ իր ձեռքին հասնելու համար։ Ներքին թմրութիւնը, նայուածք եղած, բաց մնացած թարթիչներուն մէջէն կը ծործորի, անսխալ հետեւելու համար որդի նման ոլորուն շարժումներով ձեռքի խաղերուն։ Լռութիւնը զարմանալիօրէն յղի է դէպքով, որ տեղի չ’ունենար։ Ուրկէ՝ անհամբերութիւն, որով սիրտը սկսած է տատանիլ յուզումի ալիքներուն վրայ։

Մոնիք այդպէս դիրքը չէ փոխած։ Խոշոր աչքերը բաց են, անշարժ, լարուած, սեւեռուն նայուածքով։

Ձայնասփիւռը դադրած է նուագը։ Երկար խօսակցութենէն յոգնած՝ մթնոլորտը փոխած է իր բնոյթը։ Փոխուած բնոյթը, որ այնքան նպաստաւոր էր սիրտերը յոյզերով լեցնելու ու դիւրացնելու ձեռքերու մօտեցումը։ Ներքին թմբիրը խզած՝ Մոնիք անհանգիստ շարժումով մը, ոտքի կ’ելլէ, կ’երթայ կը քաշէ պատուհանին երկրորդ թանձր վարագոյրը։ Գիշերը կը մտնէ մինչեւ հոգիներուն խորքը։ Իր տեղը վերադարձին՝ նստելէ առաջ, Մոնիք վերջապէս ձեռքը կը դնէ Մինասին ձեռքին վրայ։

–Մինաս, չե՞ս ուզեր բանաստեղծութիւններէդ մէկ երկու հատը կարդալ ինծի, ինչպէս կ’ընէիր Նիքոլին։

–Ուշ է Մոնիք, կ’ըսէ Մինաս ոտքի ելլելով։ Ուշ է, վաղը շատ գործ ունիմ։

–Չար ես, ինչո՞ւ այդքան չար ես ինծի հետ այս իրիկուն։

–Ինչո՞ւ համար չար էիր ինծի հետ մինչեւ այս իրիկուն։

***

Պուլվարին վրայ հով կայ։ Հովը անառակ տղու մը պէս կը խաղայ, աջ ու ձախ կը վազէ, անցորդներուն ծունկերուն կը փաթթուի, կ’արգիլէ քալել։ Հովը իրեն խաղարան ընտրած ըլլայ կարծես Պուլվարը, մայթերու երկայնքին, հոն է որ կը գործէ սանձարձակ, հրելով, քշելով ամէն ինչ որ կը խափանէ իր վազքը։ Նոյնիսկ հսկայ զայրոյթով մը կը բարձրանայ խածնելու համար ականջներու եզերքները։

Ինքզինքը գրեթէ հրմշտկելով եւ զգուշանալով չարաճճի տղուն զարնուելէ, ծուռ ու մուռ կը յառաջանայ։ Կ’աճապարէ վայրկեան մը առաջ հասնիլ փրկելու համար երեսները կծու ցուրտէն եւ ուռած՝ հովէն։

Սրճարանին դրան առջեւ ինքզինքը ներս կը հրէ։ Պահ մը կը կենայ ներսի ջերմութիւնը հեշտանքով երեսներուն վրայ ընդունելու համար։ Շունչ մը կը քաշէ վտանգէ ազատած մէկու մը պէս, որ ապահով ապաստան մը հասած է վերջապէս։ Սրճարանատէրը վաճառասեղանին ետեւ կանգնած է ամբողջ հասակովը։ Խորունկ շնչառութեանը չափ երկարելով լայնցող ժպիտ մը կ’ունենայ, միեւնոյն ատեն գլուխը կը ծռէ լուռ բարեւ մը ձեւացնելու համար, որովհետեւ ձգձգուող շնչառութեամբը զբաղուած չի կրնար բերանը բանալ «բարեւ» ըսելու համար։ Բարեւ ըսելու եւ չկարենալու գործողութիւնը կը խանգարէ շնչառութիւնը կէս ճամբուն վրայ, խեղդուուքի տագնապ մը կ’ըլլայ։ Թուքը կլլելու պէս շունչը ետ կը ճամբէ ու զարմանքով կը նայի սրճարանապետին, որ փոխանակ սովորականին պէս գլուխը ծռելով կարճ ժպիտ ունենալու, դէմքի մկանային կտրուկ շարժում մը կ’ընէ։ Սրճարանապետին այդ անսովոր բարեւը սառնութիւն մը կը նետէ անոր մէջ, որ դուրսի ցուրտէն աւելի նեղացուցիչ է։ Արագաքայլ կը ճեղքէ սրահը։ Խմբագրատան մէջ զարմացած կը նայի չորսդին։ Մարդ չկայ։ Սրահը լքուած ըլլալու տպաւորութիւնը կը թողու։ Ինքն ալ ինքզինքը լքուած կզգայ։ Մինակութեան անտանելի զգացում մը կը պարուրէ զայն։

Քովնտի փողոցի դռնէն ներս կը մտնէ Յարութիւն, քիթը կախ։ Խօսելու տրամադրութիւն չկայ վրան, երբ կը հարցնէ.

–Մարդ չկա՞յ։

–Գացին։

–Ո՞ւր գացին։

–Նահանգապետարանէն մարդ եկած էր, Տիւրանը, հարցաքննութեան։

Յարութիւնին ձայնը իրմէ չի գար։ Ոեւէ տեղէ կուգայ, բայց ոչ իրմէ։ Երբ ձայնը մէկէ մը դուրս ելլէ, եկած տեղէն նիւթական հետքեր կը բերէ հետը։ Յարութիւնին ձայնը աննիւթական է։ Անմարմին։ Հեռաւոր տարածութիւններէ կուգայ, կը հասնի ականջներուն, չէզոքացած։ Անոր հիւանդ նայուածքը շուարած է։ անոր հետ, այդ նայուածքին, ան իր ուշադրութեան կեդրոնը մուտք կը գործէ։ Ամիսներէ ի վեր միասին են, միասին աշխատած, խօսած, վիճած են ու իրեն կը թուի թէ առաջին անգամն է որ կը տեսնէ Յարութիւնը, անոր բարձր հասակը, թեթեւ մը կորացած ուսերը, դէպի առջեւ կախ ինկած դէմքը, որ բերանը բաց կը պահէ մեղկօրէն։ Այտերը անկման ճնշումի տակ կը գտնուին ու սարսափած անասունի խոշոր աչքերուն նայուածքը հեռու, այսինքն կորսուած միջոցին մէջ։ Այդ բոլորը հաւկթաձեւ ու ցայտուն են։ Եթէ այդ դէպքը չպատահեր, եւ եթէ օր մը հարկ ըլլար զայն նկարագրել, հաւանաբար մէջէն չպիտի կրնար դուրս ելլել։ Ամէն չար դէպք կրնար այսպէս լաւ արդիւնք տալ եւ ուրախ է անակնկալ կերպով Յարութիւնը ճանչցած ըլլալուն։ Հիմա որ կը ճանչնայ զայն ու այնքան մօտ կը զգայ ինքզինքը, որ սրտի զեղումով մը կը մղուի երթալ զայն իր թեւերուն մէջ առնել ու չի գիտեր թէ մեղքնալուն համար է թէ պարզապէս հիացումէն։ Բայց տեղէն չի շարժիր։ Երկուքն ալ գամուած են իրենց տեղերը կարծես յանկարծական գոյժէ մը անդամալոյծ։

–Թե՞րթը։

–Վաղ առտուան մնաց։

Գարնանային հով մը պտտկի ծառերու ճիւղերուն մէջ։ Երբեմն կ’իջնէ գետնի մարգերուն վրայ։ Խոտի շիւղեր կը տատանին ու մարգերը կ’օրօրուին հովին անտեսանելի մատներով փայփայուած, քնքոյշ խաղ մը սիրային, պահ առ պահ չարաճճի, երբեմն նուաղկոտ, յետոյ մատնուած անշարժութեան, այն պահուն երբ հովը աչքերը բացած կը նայի տագնապով կանաչութեան։ Երկու աղջիկները կանգնած են, մէկը նրբակազմ, միւսը մարմնեղ։ Նրբակազմը գլուխը յենած է միւսին ուսին։ Անշարժ կը նայի դիմացի արձանին։ արձանը թեթեւ մը գլուխը ծռած է դէպի առաջ պարզելով իր ճաղատ գլուխը, լայն ճակատը։ Դէմքը խոհուն, բայց աչքերը ունին սուր ու միանգամայն մեղմ նայուածք մը։ Քիթը տափակ լայն երեսին վրայ՝ ուր ժպիտ մը պիտի արթննայ, բայց դառնութիւն է ի վերջոյ յաղթական։ Արձանը կանգնած է փոքր բացատի մը վրայ՝ շրջապատուած թուփերով։ Իրիկուան արեւին լոյսը կը հանգչի խոշոր գլուխին վրայ՝ ետեւէն, ծառերու մէջէն, մերթ ընդ մերթ երկինքէն անցնող ամպեր կ’ուգան սանտրել անոր ճաղատ գլուխը։

Երկու աղջիկները կը նային բանաստեղծին անմազ գլուխին՝ զոր երկինքը մեղմօրէն կը գգուէ գուրգուրանքով ու անկէ կ’ընէ երկինքի բնակիչ մը աքսորուած երկրի վրայ, Լիւքսէնպուրկի պարտէզին մէջ։ Թուփերու կազմած ցանկապատին հուպ, արձանէն ոչ շատ հեռու, նստարանին վրայ նստած է երիտասարդ մը։ Ան կը դիտէ անձկութեամբ բանաստեղծին առջեւ կանգնած երկու աղջիկները։ Աղջիկներուն ուսերը դպրտուն ելեւէջ մը ունին, որ երբեմն կը խաղաղի ու կը վերսկսի։ Դժուար չէ գուշակել անոնց քրքիջն ու յուզումը փոխն ի փոխ՝ դրդուած բանաստեղծին այծամարդու տեսքէն ու աղիքները ճզմող դառնութիւնէն։

Երիտասարդը ոտքի կ’ելլէ։ Կը քալէ վարանքով ու կը կենայ աղջիկներուն մօտ։ Յանկարծ նրբակազմ աղջիկը գլուխը ցնցելով վեր կ’առնէ։

–Ոհ, ինչ տգեղ է, կ’ըսէ եւ այդ պահուն կը տեսնէ երիտասարդը՝ որուն յաճախ կը հանդիպին պարտէզին պուրակներուն այդ մասին մէջ, միշտ իր անհանգստացնող խուզարկու նայուածքովը։ Անմիջապէս կը բռնէ ընկերուհիին ձեռքէն ու կը փախչին զիրար քաշքշելով։

Երիտասարդը կը մնայ իր տեղը, անհամարձակ, սրտատրոփ։ Կը նայի Նիքոլին ետեւէն՝ որ կը կորսուի ընկերուհիին հետ պուրակի թուփերուն ետեւ։

–Օդին մէջ խոնաւութիւն մը կայ, կ’ըսէ Յարութիւն խորունկ թախիծով մը։

–Դուռը, դուռը, կ’աղաղակէ յանկարծ. սրահը սառեցուցիր։

Մինչդեռ, գրաշարապետը երկու ձեռքերը առջեւը երկարած կը մօտենայ։ Ինքը տեղէն կը ցատկէ դուռը գոցելու համար ու դուրս կ’ելլէ։ Գլուխը ուսերուն մէջ խոթած պողոտայէն կ’անցնի։ Հովը հիմա երկինք ելեր է, գացեր չես գիտեր ուրկէ ամպեր գտեր, իրար խառնշտկեր ու նետեր է երկնակամարին վրայ, թանձր անձրեւային ամպեր, որ կ’արշաւեն խօլաբար։ Ու ահա կը բանան իրենց շտեմարանները։ Անձրեւը կ’իյնայ կոտրած կարասներէ թափող ջուրին պէս։ Հովը կ’իջչէ երկինքէն, կը մտրակէ, կը շառաչէ ջրակոյտերը։ Ջրակոյտ մը կուգայ կ’ապտակէ Մինասը, որ աջին բացուող փողոցը կը դառնայ ու կը մտնէ մէթրոն։ Մէթրոն սաստիկ խճողուած է։ Ճզմուելով անկիւն մը կը գտնէ, ոտքի կ’ելլէ։ Դռները կը գոցուին շրխկալով, երկաթի խլացուցիչ աղմուկ մը հանելով։ Մէթրոն կը մեկնի։ Օրօրուող մարմիններ կը կառչին ձողերուն, իրարու, պաշտպանուելու համար ցնցումներէն։ Խոժոռ դէմքով մարդիկ «ներողութիւն» կը խնդրեն դրացիէն։ Գիրուկ մարդ մը որ իր ոտքին վրայ կոխած է, խիստ նայուածք մը կը նետէ վրան ու անխօս հարցումին պատասխանին կ’սպասէ։ «Ներողութիւն» կ’ըսէ, բայց մարդը գրգռուած կ’ըսէ. «ի՞նչ կը ծաղրե՞ս»։ Մինաս կ’աշխատի դառնալ, կռնակը մարդուն դարձնել անոր սպառնական նայուածքէն խուսափելու համար, բայց միայն վիզը կրնայ ետ դարձնել։ Ճիշդ այդ պահուն Մէթրոն կայարան մտած կանգ կ’առնէ։ Դուռը կը բացուի։ Հրմշտուք մը։ Հրմշտուքին խառնուած՝ ինքզինքը կը յանձնէ դուրս ելլողներու յորձանքին։ Քարափին վրայ աջ ու ձախ բազմութիւնը ճեղքելով դուրս կ’ելլէ։ Կը քալէ։ Սէն Միշէլի կամուրջին առջեւ կը կենայ։ Դիմացի պալատին անկիւնի խոշոր ժամացոյցին երկու սլաքները շփոթուած են վեցին վրայ։ Անսովոր բան մը կայ ժամացոյցին վրայ։ Մէկ սլաքով ժամացոյց։ Մէկ սլաքով ժամ չի կազմուիր։ Անկարելի է գուշակել ժամերը։ Ժամերը չեն հոսիր։ Սլաքին մէկը կոտրած ըլլալու է։ Միւսը՝ որ կայ, այնքան խղճալի երեւոյթ մը ունի, որ անպէտ դարձած է։ Ուզածին չափ թող դառնայ, մեծը, մինակը, այլեւս ժամանակը չի ցուցներ։ Խօլ հոսք մըն է ժամանակէն դուրս։ Ո՞վ գլուխ պիտի վերցնէ իրեն նայելու համար, ինչքան ալ գեղեցիկ ըլլայ ան, ոսկեզօծ, մեծ, ակնապարար։ Որքա՞ն ըլլալու է տրամագիծը։ Անպայման… մը ըլլալու է։ Սլաքին ծայրը թագի նմանող բան մը կայ, որպէսզի զարդէն անդիի սուր ցուցական մասը աւելի սրութիւն մը ունենայ, պարզապէս տեւողական խաղով։ Իրականութեան մէջ աւելի սուր չէ, բայց այդպէս կ’երեւի ձեւերու տրամադրութեամբ մը եւ որու միակ նպատակը, նայուածքը անվրէպ կեդրոնացնելու համար ժամացոյցին կոր շրջանակին եզերքը շարուած փոքրիկ գիծերէն մէկուն վրայ եւ ոչ թէ անհունին, որուն ճամբան գոցուած է այդ թիկնապահերու նմանող գիծերով, ինչպէս հիմա իր նայուածքը բռնուած վեցին վրայ ու գիտէ թէ ժամը վեցուկէսն է, որովհետեւ մեծ սլաքն է, այն որ աւելի արագ կ’արշաւէ քան թէ փոքրիկը, որ հիմա ծածկուած է մեծ սլաքով եւ որուն գոյութիւնը, սովորութիւն գուշակուած, իր մտքին մէջ է։ Գոնէ այդ պահուն, իր նայած ատեն, ան, փոքրիկ սլաքը գոյութիւն չունի, որ մտքէն դուրս է, բայց մնացած՝ մեծ սլաքին տակ, անկէ անբաժան, անբաժանելի, որովհետեւ անոնց այդ հանդիպումովն է որ ժամը վեցուկէսն է հիմա։

Կամուրջին գլուխը այս անգամ ձախ թեւի վրայ, հրապարակի մայթին եզերքը, իր ցիցին գլուխը բազմած ժամացոյցին մեծ սլաքը ժամը եօթին մօտեցեր է։ Մեծ սլաքը առեր քալեր է, բաժնուեր է՝ փոքր սլաքը ձգելով իր ճակատագրին։ Իրականութեան մէջ ան ոչ եօթին վրայ է եւ ոչ ալ վեցին։ Երկուքն ալ հաւասար հեռաւորութեան վրայ են, ըսենք ուղղակի ժամը վեցուկէսին եւ ոչ թէ առաջին ժամացոյցին նման՝ վեցին վրայ։ Կ’երեւի միւսին փոքրիկ սլաքը ժամը մէկ ոստում կ’ընէ միայն, մինչդեռ հոս վայրկեաններու հետ կը քալէ առանց հանգիստի, մէկ սլաքը միւսին ետեւէն, անդադար, ժամը անգամ մը իրար կը փաթթուին, իրարու հետ կը նոյնանան, ինչպէս սիրահարները, ինչպէս պալատին անկիւնի ժամացոյցին սլաքները, որոնք տեղափոխուած, բայց միշտ վեցուկէս, իրեն կը թուի թէ ժամանակը կանգնած է իր կաղ ոտքին վրայ։ Վարպետ ժամագործը պալատի անկիւնի ժամացոյցին փոքրիկ սլաքին ժամը ոստում մը ընելու իրաւունք տուած է։ Ու հիմա, ինչ հաճոյք, նորէն տեսնել սլաքները իրար գրկած, սիրահարներու պէս, ինչպէս Նիքոլն ու ինքը, օրինակ՝ այն իրիկուն, բայց այդ պահուն, մեծ սլաքը կը բաժնուի փոքրիկ սլաքէն ու կը քալէ դէպի եօթը՝ վերջապէս ազատուած, գրեթէ բրտօրէն, Նիքոլը որ սլաքին պէս կը հեռանայ, կը բերէ ժամը վեցուկէսին վրայ եւ որովհետեւ Նիքոլ գինով է, հեշտութեամբ կը յանձնուի իր բրտութեան։

Առաջին կամուրջէն անցած է արդէն։ Կը զարմանայ հոսող ջուրին անցած չըլլալուն։ Կը նայի իբրեւ պարտականութիւն։ Գլուխը անմիջապէս ետ կը դարձնէ։ Հոսող ջուրը, որ իր ապշանքներէն է, ոչ մէկ հրապոյր ունի իրեն համար։ Կը շարունակէ քալել միշտ առանց տեսնելու անցորդներու բազմութիւնը, փողոցէն անցնող կառքերու անհատնում շարանը, նոյնիսկ դատարանի խոշոր ապարանքը՝ որուն առջեւէն կ’անցնի հիմա։ Միայն հնաւուրց ծառերու ստուերէն ղրկուած ապահովութեան զգացումով մը հանգիստ կը քալէ։ Նոյնպէս առանց աչք մը նետելու գետին՝ ուրկէ ապրանքատար նաւ մը կուգայ սահելով ջուրին վրայէն, կը կորսուի կամուրջին տակ։ Կամուրջին գլուխը ձախին, ժամացոյցին մեծ սլաքը եօթին մօտեցեր է։ Հոն է որ իր երկար խորհրդածութիւնները կ’ընէ։ «Հիմա տղաքը եկած ըլլալու են»։ Պուլվար Սէն Միշէլի ձախէն կը քալէ։ Պահ մը ՀԱՐՔՈՒՐին առջեւ կը կենայ՝ բազմութիւնը կը հոսի, կը հոսի։ Ներս չի մտներ, նոյն անկիւնը նոյն սեղանին շուրջ նստած են իր ծանօթները։ Կը քաշուի, չ’ուզեր տեսնուիլ։ Չէ՞ որ անոնց հետ կ’ուզէր անցնել երեկոյեան պահերը, բայց որպէս պատրուակ տուն չերթալու համար։ Հիմա տունը եղած պիտի ըլլար։ Մոնիք կը սպասէր սեղանին առջեւ, ձեռքը իր ձեռքին վրայ դնելու պատրաստուած։ Նորէն անխուսափելիօրէն Պր. Տը Լա Ֆօսին խօսքը պիտի ըլլար։ Ատեն մը խաղաղած էր երբ Մոնիք Պր. Տը Լա Ֆօսին գաղտնիքը պարզեց։ Գաղտնիք մը որ գաղտնիք չէ եղեր։ Իրաւ է, երբ Պր. Տը Լա Ֆօս Նիքոլը կը գրկէր, կը համբուրէր, յայտնի էր ցանկութեան բացակայութիւնը, այնքան ծեքծեքուն էր Պր. Տը Լա Ֆօս որ կարծես երկու կիներ ըլլային եւ սակայն ատեն մը խաղաղելէ ետք կրկին սկսաւ անհանգստանալ։ Հիմա ալ կ’անհանգստանայ, որովհետեւ չի կրնար չատել Պր. Տը Լա Ֆօսը։ Ատելութիւնը իրեն կը մօտեցնէ Նիքոլը, կը քաշէ անհասկնալի ուժով մը, կը տառապեցնէ, որպէսզի կարենայ սիրել։

ՊԻԱՌ­ի առջեւ կը հանդիպի Կարապետին։ Մացառներու պէս յօնքերով Կարապետին։

–Աբգարը տեսա՞ծ չունիս, կը հարցնէ։

–Չէ։ Ծօ ի՞նչ եղաւ այդ տղան, բնաւ եկած չունի այս կողմերը։

ՍՈՒՌՍԻՆ դրան մէջ կը կենայ։ Մտածելու ձեւ կ’առնէ։ Մտնե՞մ֊չմտնե՞մ։ Գլուխը դռնէն ներս կ’անցնէ, անմիջապէս ետ կը բերէ։ Պատուհանին առջեւի սեղանին ձախին, ամէն օրուայ պէս հաւաքուած են հայ մտքի վարպետները։ Կը վիճին, կը խօսին։ Ոեւէ ատենէ աւելի ինքզինքը անարժան կը զգայ ինքզինքը այլ մանաւանդ՝ ոչինչ։ Ոչնչութեան զգացումը կը խորտակէ տրամադրութիւնը։ Ինչո՞ւ համար չի կրնար նստիլ միւսներուն քով։ Տեղ մը շինել իրեն համար անոնց մօտ, հաստատուիլ, տեղաւորուիլ։ Միշտ փախչելու իր սովորութիւնը, հայկական այս հիւանդութիւնը, փախչիլ տունէն Հօրթանսէն, Նիքոլէն, Մոնիքէն։ Փախչիլ իր ընկերներէն։ Միշտ դժգոհ, երթալ հեռուները փնտռելու համար տեղ մը, որ պարապութիւնն է։ Իրեն յատուկ կեանքը։ Բանաստեղծութի՞ւնը հա, հա, հա, կը քրքչայ, կը ծիծաղի։ Բայց բանաստեղծութիւնն ալ իրեն համար տեղ մը կ’ուզէ։ Բանաստեղծութիւնը, իրեն համար, իր շնչառութիւնն է։ Առանց անոր շնչահեղձ պիտի ըլլայ։ Իբրեւ ի՞նչ պիտի ներկայանայ սրճարաններու հաւաքոյթներուն, որ իրենց Հայաստանն է։ Ի վերջոյ բանաստեղծութիւնը բանաստեղծ չէ։ Հասարակ բոյսն անգամ ծաղիկ պիտի ըլլայ, հունտ պիտի ըլլայ։ Այդ է անոր նպատակը։ Յանկարծ վախ մը կը փրթի սրտէն։ Կը դողայ։ Կը մսի։ Վախ մը թէ Նիքոլին սէրն ալ կրնայ դադրիլ նպատակ մը ըլլալէ։ Իրա՞ւ արդեօք ատոր համա՞ր է որ պէտք ունի ատել Պր. Տը Լա Ֆօսը։ Նիքոլը նպատակ մը ընել։

Քիչ վերջ Մօն Սէն Միշէլի առջեւ գրեթէ կը զարնուի Սեդրակին իր շփոթութեան մէջ կորսուած։ Սեդրակ, նկարիչի կտաւներ թեւին տակ, սրճարան մտնելու վրայ էր։

–Ո՞ւր ծօ այսպէս, ներս չմտնե՞ս։

Սեդրակ փոքրիկ գլխուն վրայ, մանրիկ աչքերը սեղմած լուսարձակներու պէս ուղղած է իրեն։

–Եկուր սա դէմքդ գծեմ մարդ չեկած։ Հետաքրքրական դէմք ունիս այս իրիկուն։

Չէ Սեդրակը վիրաւորելու համար չէ որ կը մերժէ։

–Հիմա տեղ մը ունիմ երթալիք, վերջը կուգամ։

Սուֆլօ փողոցին առջեւ, ձախ կողմը կը դառնայ արագացած քայլերով արդարացնելու համար ուշ մնացած ըլլալու պատրուակը։ Նորէն ձախ կը դառնայ ու փողոցին մէջ գտնուող սինեմայէն ներս կը մտնէ։ Սրահը լեցուն է արդէն։ Մեծ մասամբ ուսանողներ, որ աճապարանքով եկած են տեսնելու ՔԱՐԼ ՏԸՐԷՅԵՐԻ ժապաւէնը, ԺԱՆ տ’ԱՐՔը։ Հազիւ տեղ մը կը գտնէ, կը նստի։ Աչքերը խոշոր խոշոր բացած կը նայի լուռ պատկերներուն, որ կարշաւեն աչքերէն ներս։ Միայն վերջը, երբ խարոյկը կը պատրաստեն ու օրիորդ ՖԱԼՔՈՆԷԹԹԻՆ կը բարձրացնեն անոր վրայ, սրահին մէջ իր ներկայութիւնը իրապէս զգալի կը դառնայ իրեն եւ սրտի պրկումով մըն է որ իր մասնակցութիւնը կը բերէ հոն տեղի ունեցող տռամին։ Օրիորդ ՖԱԼՔՈՆԷԹԹԻՆ մազերը կտրուած մանչու մը պէս երկար գորշագոյն շապիկով, խարոյկին մէջտեղը ցիցի մը վրան կապուած է։ Կրակը որ սկսած է, կը սկսի տարածուիլ այնքան իրական որ անկէ բարձրացող բոցերուն ճարճատիւնը ահռելի է գրեթէ։ Աչքերուն մէջ բոցերը կը կարմրին։ Ժան տ’Արք, գլուխը բարձր բռնած, աչքերը դէպի երկինք դարձուցած, կամաց կամաց հրոյ ճարակ կ’ըլլայ։

  Դուրսը, փողոցը որ կ’երկարի թեթեւ կորութիւնով մը, կ’իջնէ Սորպոնի ամբողջ երկայնքին։ Քայլերը դանդաղ են, ծանր, իբրեւ թէ շղթայ անցած ըլլայ ոտքերուն։ Բաց օդին մէջ, ցուրտն ու հովը առեր տարեր են խարոյկին բոցերն ու օրիորդ Ֆալքոնէթթին մանչու գլուխով։ Հասնելով համալսարանին անունը կրող հրապարակին եզերքը, քայլերը կը մերժեն յառաջանալ։ Կը կենայ։ Գլուխը կը դարձնէ դէպի ձախ, հրապարակը՝ ուրկէ անդին բազմութիւնը կը հոսի պողոտայէն։ Հրապարակը կիսամութին մէջ է, բայց յանկարծ, անոր մէջտեղէն կը բարձրանայ խարոյկի մը իրար լափլիզող բոցերը։ Հեռուէն կնոջ մը ստուերը կ’ուրուագծուի բոցերուն մէջ, որուն գլուխը Ժան տ’Արք ի գլխուն նման մազերը կտրուած մանչու գլուխ չէ։ Ան շիկահեր է, կրակին լոյսէն շեշտուած շէկութեամբ մը, որ իրեն կը յիշեցնէ Նիքոլի գլուխը Լիւքսէնպուրկի պարտէզին մէջ արեւով պայծառացած։ Սիրտը թունդ ելած կը վազէ կը հասնի հրապարակին մէջտեղը, հոն՝ ուր կը խանձուէր Նիքոլին մարմինը, բայց կանգ առնելու պէս արդէն կրակը ցնդած է իր հիացող բոցերով եւ միայն հին, գորշ յուշարձանը իր յոգնած քարերը կը ցուցադրէ։

Կայարանին դռնէն դուրս, քանի մը քայլ անդին, տոմսերը հաւաքող պաշտօնեան ետեւէն կը վազէ։ Հիմա դիմացը կանգնած է, երեսը կիսովին ծածկուած գլխանոցին սեւ ու կարծր երեսնոցին տակ։ Դէմքը յանցանքի վրայ բռնուած մարդու մը արտայայտութիւնը ունի։ Գլխանոցին երիզին վրայ շոգեկառքի ընկերութեան սկզբնատառերը հազիւ ընթեռնելի են։ Մաշած գլխարկը եւ հագուստը կապոյտ եղած ըլլալու էին ժամանակին, գոյնը եւ գիրերը, ինչպէս նաեւ երբեմնի ոսկեգոյն կոճակները անորոշելի են եւ յուսահատական։

Ձեռքը երկարած է, ափը բաց։

–Ձեր տոմսակը պարոն Մինա…

Տարիէն աւելի է չէ կրցած հասկցնել որ հայերէն լեզուի մէջ բոլոր տառերը կը հնչուին։

–Պարոն Պեռնար, անունս Մինաս է, եւ ոչ Մինա, կը հասկնա՞ք, երբ զիս կը կանչէք, կը խորհիմ թէ ինծի համար չէ։

–Ներողութիւն պարոն Մինա, ներեցէք, Պր…Մինաս, գիտէ՞ք, մենք պարզ մարդիկս լաւ կը հասկնանք ձեզի, դուք՝ հայերդ շատ տառապած էք։

Պր. Պեռնարին դէմքը, որ թուխ է եւ սուր՝ դանակի շեղբի պէս, ժպիտով մը կը լուսաւորուի։ Մինաս կը խնդայ։ Ձեռքը կ’երկարէ, տոմսը կը դնէ երկարած ափին մէջ։ «Ներողութիւն»։

–Ցտեսութիւն պարոն Մինաս, էհ, Նիքոլը շատ աղուոր աղջիկ էր, շատ աղուոր։ Բայց Մոնիքն ալ աղուոր աղջիկ է։

Մոնիք կորսուեր է փողոցին մէջ։ Փողոցին լապտերները կը մսին։ Անոնց լոյսերը սմքած են մետաղէ լուսամփոփներու տակ, տեսակ մը տմոյն լուսապսակներ կազմելով իրիկնային ցուրտ ստուերին մէջ։ Դեռ կարելի է հասնիլ իրեն, բայց չ’աճապարեր։ Կայարանի պաշտօնեային ակնարկութիւնը ականջներուն մէջն է, թէեւ մտքին չէ հասած տակաւին մեկին կերպով։ «Բայց Մոնիքն ալ աղուոր աղջիկ է»։ Ուրեմն այս գձուձ ակնարկութիւնը արգելք կ’ըլլայ վազել հասնելու ետեւէն, բայց նայուածքը անյագ՝ մութը կը ճեղքէ Մոնիքը գտնելու համար։ Հաւանաբար, իրիկուան կերակուրի գնումները կ’ընէ նպարավաճառէն կամ մսագործէն։ Ահա մսագործի կրպակէն դուրս կ’ելլէ։ Քայլերը դանդաղ են, ծանր։ Մարմինին վրայ ալ ծանրութիւն մը կայ։ Ուսերը կքած են անտեսանելի բեռան մը տակ։ Մինաս քայլերը կ’արագացնէ։ Կայարանէն ելլող բազմութիւնը ցրուած է, անհետացած է։ Փողոցը ամայի է։ Մինակ են լայն պողոտային վրայ։ Երկու հոլերու պէս իրարու շուրջ կը դառնան։ Ո՛չ, միայն Մինաս հոլն է, Մոնիք հոլին շուրջ դարձողը, հեռուէն կ’ուզէ անպայման երեսը տեսնել։ Երեսը զոր կ’երեւակայէ տխրամած, իբրեւ թէ հոգին բաժնուած ըլլար մարմինէն։ Կը կենայ։ Կը նայի ետեւէն այդ հոգիէն լքուած մարմինին, որ կը պզտիկնայ։ Կը պզտիկնայ։ Հողին կը հաւասարի եւ իրիկուան ցուրտ ստուերը կուգայ հաստատուիլ անոր տեղը։

Ձեռքերը որ վերարկուին գրպանէն դուրս հանած էր, քայլերը արագացնելու ատեն կրկին գրպաններուն մէջ կը խօթէ։ Վիզը կ’ամփոփէ ուսերուն վրայ ու բան մը կը բաժնուի իրմէ, կը հեռանայ։ Գլխուն մէջ խզում մը տեղի կ’ունենայ։ Խոր տխրութիւն մը կ’իյնայ վրան։ Վրդովուած վիճակ մը՝ որուն մէջ կը տեսնէ ինքզինքը, որ կը վազէ։ Կը վազէ մինչեւ որ հասնի գերեզմաննոց ու կանգ կ’առնէ երկաթէ ճաղերով դրան առջեւ։ Գերեզմաննոցին դուռը գոց է։ Վրդովմունքը խուճապային վիճակ մը առած է։ Կանգնած, ձեռքերը վերարկուին գրպաններուն մէջ, մսկոտ, վիզը երկարած ու ցցուն, մշտադալար ծառերու մէջէն կը խօսի անհամբեր, բառերը իրար խառնելով սիրտին անկանոն զարկերուն պատճառով։ «Նիքոլ, կը պոռայ, Նիքոլ, կ’աղաչեմ չընդունիս, պէտք է անպայման դիմադրես։ Ես ի՞նչ պիտի ընեմ եթէ մոխիրները գաւառ փոխադրեն»։

Լոյսը ցուցափեղկերէն կը հոսի անուժ, ինչպէս մրմունջը շրթունքներու վրայ։ Բայց քիչ մը անդին կը կենայ բաղխելով օդին պաղութեան եւ խոնաւութեան։ Կաղինի մեծութեամբ գնդիկ մը կը գլորի լուսեղէն մասէն ու կը կենայ լոյսին եւ մութին սահմանին վրայ։ Գնդիկը կը խոշորնայ, դեղձի մը չափ կ’ըլլայ, դեղնորակ ու կարմիր։ Յետոյ կ’երկննայ։ Կը ծլի, ցօղուն կ’արձակէ ծայրը ծաղիկ մը կը բացուի ակնթարթի մը տեւողութեան մէջ, արագ, անմիջական, ինչպէս այն գիտական ֆիլմերուն մէջ՝ ուր վայրկեանական՝ բոյսը կը ծլի, ցօղուններ կուտայ, տերեւներ կը բուսնին, ծաղիկ մը կը փթթի թերթերու մէկիկ մէկիկ իրարու ետեւէ բանալով։

Երիտասարդ աղջիկ մը կրպակէն դուրս ելլելով, եկած կանգնած է լոյսի եւ մութի խաւերուն սահմանին վրայ, կռնակը լոյսին մէջ ու առջեւի կողմը՝ մութին։ Ձեռքին ծրար մը ունի, որ իր պայուսակը չէ։ Կ’երեւի պայուսակը միւս թեւին արմուկին անցուցած է, որովհետեւ բազուկը վեր բռնած է կնոջական քնքուշ ձեւերով մը։ Դիմացէն եկողը, որ զինքը կռահած է, պողոտային լայնքը կը ճեղքէ, կուգայ կը կենայ աղջկան քով։

Մինաս, կ’ըսէ աղջիկը, սա ծրարը առ, ծանր է։

  Ու քով քովի կը քալեն։ Պողոտայէն կ’իջնեն, որովհետեւ պողոտան թեթեւ մը կ’իջնէ դէպի գետեզերք։ Մերկ ծառերը արդէն քուն մտեր են։ Լապտերները կը հսկեն խոնաւ օդէն մաղուած լոյսերով։ Անոնք փողոցին կը նային արձանի փակ աչքերով։

–Երէկ իրիկուն չեկար, կ’ըսէ աղջիկը յոգնաբեկ աչքերով։

–Ինչպէ՞ս թէ չեկայ։

–Շատ ուշ, կէս գիշերը անց։

–Ժողով ունէինք։

Գետը հանդարտ է։ Ջուրերը ծանր են։ Լայն հունին մէջ պարփակուած հսկայ մրջնանոցի մը կը նմանի, որ ծանրօրէն կը շարժի, կը վէտվէտի ու կը յառաջանայ խուլ շրջիւնով մը լեցնելով օդը։ Կամուրջին լոյսերը արծաթափայլ շողեր կը դնեն փոքրիկ, աննշմար ալիքներուն կատարներուն վրայ։ Կամուրջին վրայ երկու հեծանիւներ կը դիմեն գետին դիմացի ափը, դէպի լայն դաշտերը։ Հեծանիւին մէկը առաջ կ’անցնի սուրալով, կը հասնի կամուրջին ծայրը ու կ’անցնի գետին միւս կողմը եզերող ճամբուն մէջ։ Նիքոլ որ առաջ անցած հեծանիւին վրայ է, մէկ թեւը օդին մէջ կը բարձրացնէ, կը շարժէ, թաշկինակ շարժելու պէս, ետեւէն յամեցող ընկերը յորդորելու համար, բայց ան չի հասնիր իրեն, որ կը սուրայ ճամբուն երկայնքին։ Մինաս, քանի որ ինքն է ետ մնացած հեծանիւին վրայինը, գիտէ թէ հիմա ճամբու ծայրէն ետ պիտի դառնայ արագընթաց, մէջքը ծռած ղեկին վրայ։ Ու դեռ իրեն չհասած, կէս ճամբան, խոտերուն վրայ պիտի իյնայ ջղագալար։ Ահա հեծանիւը կը շրջուի, մեքենավարուհին կը փռուի գետինը, ճամբու եզերքի խոտերուն վրայ։ Մինաս սրտադող կը հասնի արկածին վայրը։ Ապշած, կը մնայ կանգնած, կը նայի իր շուրջը, բայց ոչ Նիքոլին հետքը կայ եւ ոչ ալ հեծանիւին։

–Նորէն գերեզմաննոց գացեր էիր, կ’ըսէ Մոնիք, քովէն։

Նայուածքը դեռ գետին միւս ափն է։ Չի կրնար ետ բերել։ Գամուած մնացած է հոն։ Մոնիք պատասխանի կը սպասէ։ Պատրանքը դաշոյնի հարուածի մը պէս այնպէս վիրաւորած է սիրտը, որ կը զգայ թէ անէութեան մէջ կը գլորի կամաց կամաց, մինչդեռ, արիւնը կը հոսի վէրքէն ու պիտի յորդեցնէ, գետը։

Իրիկունը կը սկսի գիշերնալ պատուհանին մէջ։ Պարտէզէն անդին, գետին եզերքը, փողոցի լապտերը կը մտմտայ մութին մէջ, մենաւոր։ Աչքերը հեռուն, փողոցին լապտերէն անդին, գետին միւս ափը մնացած նայուածքը կը փնտռէ նայուածքը որ խոտերուն վրայ ջղագալար երկնցած Նիքոլը կը պարփակէ եւ Նիքոլէն պարփակուած է։ Ցաւագին խզումով մըն է որ ետ կը դառնայ երբ Մոնիք պատրաստած կերակուրին ամանը կը դնէ սեղանին վրայ։ Կը նստի, ձեռքերը սեղանին վրայ կը դնէ, շունչ մը կը քաշէ, եւ ծանրօրէն կը ձգէ ուսերը որ կ’իյնան։ Յետոյ ցցուելով ամբողջ իրանովը, կը սկսի ուտել։ Այն ատեն կը սկսի նաեւ իրիկունը։ Իսկապէս իրիկունը, կերակուրի արարողութիւնը։

–Ինչո՞ւ համար իմ պատրաստածս քու պատրաստածիդ համը չունի։

–Բայց շատ համով է Մոնիք, հաւատա, շատ համով է։

–Երբեք, երբեք։ Ի՞նչ է գաղտնիքդ։

–Գաղտնիքի հարց չկայ, շատ պարզ է, քու ըրածիդ պէս։

Բացարձակապէս քու ըրածիդ պէս։ Ամանի մը մէջ կը պատրաստես քաշուած միսը առատ սոխով։ Ուրիշ ամանի մը մէջ համեմը։ Լոլիկը մէջը լեցնելէդ առաջ կարագին մէջ կը դնես պճեղ մը սխտոր։ Սխտորը մոռնալու չէ։ Սխտորը, ինչպէ՞ս ըսեմ, սխտորը կը կազմէ համեմին համար ինչ որ նկարիչները կ’ընեն երբ կտաւին վրայ կը պատրաստեն ֆօնը։ Սխտորը համեմին ֆօնն է։ Համեմին տակէն կը բուրէ եւ կը տարածուի ամբողջ կերակուրին մէջ, նոյնիսկ անկէ դուրս մթնոլորտին մէջ։ Մթնոլորտը այն ատեն մաս կը կազմէ կերակուրին, այսինքն միջավայրին՝ որուն մէկ արտադրոյթն ենք մենք։

–Բայց նաեւ…

–Մնացեալը գիտես, քիչ մը աղ ու պղպեղ։ Եթէ կ’ուզես, ինչպէս նկարի մը համար, քիչ մը կարմիր ու կանաչ, հոս հոն, նարինջի կեղեւը որ համեմին հետ երկար պէտք է եփի։ Անոր հոտը վառ կարմիրի հարուած մըն է, վրձինի, իսկ ամէնէն վերջը փոքրիկ գաւաթ մը ՄԱՌԱՍՔԻՆՕ, կամ՝ մեր պարագային, ԿՌԱՆ ՄԱՌՆԻԷ, վերջին ԳՈՒՇն է որ նկարը կը վերջացնէ, կը ներդաշնակէ։ Բայց մանաւանդ ամէնէն վերջը, քիչ մը քաշուած ԲԱՌՄԷԶԱՆ պանիր որուն իւղը բոլոր մասերը կը միացնէ իր մէջ, ինչպէս իւղաներկին իւղը։ Համեմը այսպէսով կ’ըլլայ բոյրերու փունջ մը՝ որ կ’ոգեկոչէ գոյներու համադրոյթ մը։ Քու սխալդ եթէ սխալ մը կայ համեմ նկարիդ մէկ անկիւնը զօրաւոր գոյն մը զետեղած ես, այսինքն՝ դափնիի տերեւը զոր դրած ես քիչ մը շատ, կը խախտէ գոյներու ներդաշնակութիւնը։ Դիտող աչքը կը յոգնեցնէ նկարին կորսուած կեդրոնը փնտռելով։ Դափնիի մէկ տերեւը կը բաւէր, նոյնիսկ բնաւ տերեւ, աւելի լաւ կ’ըլլար։ Կը ներես որ աւելցնեմ բառ մը եւս։ Մաքարոնիդ շատ եփած է, լպրծուն է, ինչ որ հարկաւոր է որ ըլլայ համեմը օծուն թանձրութեամբ՝ ներելի չէ մաքարոնին համար։

Դուռ պատուհանին վարագոյրը բաց է։ Որպէսզի, խոհանոցէն եփած կերակուրին շոգին չտեղաւորուի անոր վրայ ու չաղտոտէ, Մոնիք սովորութիւն ունի վարագոյրը բանալու։ Ան բաց մնացած է դեռ։ Յառաջացած իրիկունը, մշուշով խտացած, եկեր կռթներ է ապակիին։ Ձեղունէն կախուած ջահը իր վարդագոյն լուսամփոփով երկրորդուեր է հեռուն, գետին հունին վերեւը նուաղուն ցոլքով մը, որ մտածկոտ դէմք մը տուած է իրեն։ Հատիկ հատիկ մօտեցող ոտնաձայներու պէս նօթաները ցածէն կը սկըսին վարանոտ, յետոյ համարձակ կենալով բոլորտիքը նայելու համար ու կրկին կը սկսի արագ, լայն ալիքներով, հնչեղ, նախերգանքը ինքզինքով կը լեցնէ սրահը։ Վարագոյրը կը բացուի։ Բայց իրեն համար տեսարանը ձախ կողմի օթեակին մէջ է։ Աչքերը անկէ չեն հեռանար։ Աչքերը օթեակին մէջն են, իրմէ բաժնուած, առանց նայուածքի, քանի որ նայուածքը աչքերուն հետ Պր. Տը Լա Ֆօսի օթեակին մէջ է, բեմը անտեսանելի կը մնայ իրեն։ Լոկ սպասում մըն է ամբողջ էութեամբ։ Սպասում մը Նիքոլին, Պր. Տը Լա Ֆօսին կողմէ գողցուած Նիքոլին, որ վերջապէս, պիտի վերադառնայ եւ ինք Նիքոլը թեւերուն մէջ առած պիտի առաջնորդէ տուն։

Երեկոյթը վերջացած է։ Բազմութիւնը դուրս կը դիմէ հոսելով նրբանցքներէն, սանդուխներէն։ Կը վազէ աջ ու ձախ, կորսուած բազմութեան մէջ, հրմշտուքով ու շնչահատ։ Նիքոլ չկայ։ Անգտանելի է։ Պահ մը դուրսի լայն սանդուխներուն վրայ, հեռուէն, Պր. Տը լա Ֆօսի դիմաստուերը։

–Նիքո՞լը Նիքո՞լը կ’ըսէ Պր. Տը Լա Ֆօս ուսերը փարտելով ու կ’անհետի։

Ոտքի կ’ելլէ։ Վարագոյրը կը գոցէ։ Կը կանգնի վարագոյրին առջեւ, ձեռքերը վարագոյրին կառչած, գլուխը կախ, Գետին վերեւը կախուած մշուշոտ ջահը կը հալի վարագոյրին սպիտակ միջոցին մէջ։

Նստած է սեղանին առջեւ, ձեռքերը երկարած սեղանին վրայ, հսկելով ձեռքերուն վրայ մտացի նայուածքով մը։

Մոնիք ձեռքը կը դնէ Մինասի ձեռքին վրայ, մատները բաց՝ որ կը գոցուին։

–Խեղճ Մինաս, բայց այդ ժամուն գոց կ’ըլլայ գերեզմաննոցը։

Ձեռքը ետ պիտի քաշէ։ Ձեռքը ետ չի քաշեր։ Իւրօրինակ խռովք մը կը գրաւէ զինքը։ Ձեռքը ետ չի քաշեր տեսակ մը երկչոտութենէ մղուած։ Աւելի, միւսը չանհանգստացնելու համար։ Խռովքը կ’անհետանայ մէջէն երբ ձեռքին կենդանութիւնը կ’առնէ։ Սեղանին վրայ ձռեռքը կը մնայ կրաւորական, անկենդան։ Ձեռքը սեղմող ձեռքին ճնշումը կը չէզոքանայ։ Կարծես երբեք գոյութիւն ունեցած չըլլար Մոնիքին որոշ յուզումով սեղմած ձեռքը։

–Ուրիշ անգամներ ալ գոց էր, բայց ցած ձայնով, շշուկով կը կանչէր։ Գերեզմաննոցին փողոցներէն ձայնը կուգար փսփսալով, երբեմն սրտակոտոր շրշիւնով։

Սեղանին վրայ, կողովին մէջ նարինջներ կրակ կտրեր են։

–Հօրեղբայրդ միշտ կը կրկնէ՞ հրկիզելու պատմութիւնը։

–Ի՞նչ մոռացկոտ ես Մինաս, գիտես որ այդ հարցը եղած վերջացած է։

«Եղած, վերջացած»։ Թերեւս այն օրը երբ Ժան տ’Արքը խարոյկին վրայ այրուեցաւ։ Մինաս կը լռէ յանկարծ։ Առաջին անգամ ըլլալով հոգին խաղաղցած կը զգայ։ Պղտոր խաղաղութիւն մը։ Լեզուն բերնին մէջ քարացած է։ Ատամները կը սեղմուին, կը կափկափեն, աչքերուն ծայրերը արցունքի ուռող հատիկները արգիլելու համար որ իյնան «եղած վերջացած է»։

–Ատոր համար չեկաւ։

Ձեռքը ետ կը քաշէ յանկարծ զզուանքի արտայայտութիւնով մը։ Կը զգայ որ կը պզտիկնայ աթոռին վրայ, կծկուելով։

–Կրակը, կրակին տուին Նիքոլին գեղեցիկ մարմինը դեռ չապրած տղուն հետ։

–Ի՞նչ ընէինք, հօրեղբօրս կամքն էր։

–Ինչո՞ւ սկիզբէն այդ կամքը չունեցաւ։

–Հայրիկիս կտակին համաձայն, մեր պիղծ մարմինները իրաւունք չունէին միեւնոյն դամբարանին մէջ զետեղուելու…։ «Ինչպէս կեանքի մէջ, մեռնելէ վերջ, մեզ մինակ թող ձգեն»։ Հօրեղբայրս գտաւ միջոցը։ Մարմինները մաքրագործել այրելով։

***

Ամբողջ մարմինը գիշերով լեցուած է։ Դուրսի գիշերէն աւելի խիտ ու թանձր։ Անդամները բամպակէ են։ Կը փորձէ ելլել։ Ծունկերը կը ծալլուին ու կ’իյնայ թիկնաթոռին վրայ։ Աչքերը մշուշապատ են։ Հազիւ կը նշմարեն դիմացը լոյսը։ Լոյսը բանտուած կանաչ լուսամփոփով, նուրբ ոտքերով փոքրիկ սեղանին վրայ, սնարին մօտ, վարանոտ, կիսովին մաշած, կ’անցնի կանաչութեան մէջէն, կը հասնի կիսամութ սենեակին մէջ պարող կնոջ ու մեղմօրէն կը գրկէ անոր մերկութիւնը։ Մարմինին սպիտակութիւնը՝ կանաչին խառուած, կը ստանայ դեղնաւուն երանգ մը, հողի գոյն, որ կինը կմախքի կը փոխէ։ Կմախքը կը պարէ, ծունկերը կը կծկուին, կը քակուին։ Ձեռքերը առջեւը երկարած, կ’իջնեն ու կ’ելլեն, կը ջանան անտեսանելի յենարանի մը կառչիլ ու կը ձախողին, անդադար վերսկսելով նոյն շարժումները։ Ուսերը ետ ու առաջ կ’երթան, կուգան, մերթ արագ, մերթ դանդաղ, կարճ ու երկար, միշտ խարխափող, երբեք չեն կրնար հասցնել ձեռքերը անգոյ յենարանին, հակառակ այն անսպառ ճիգին, որ պարը կ’ընէ կեանքի եւ մահուան մաքառում մը։

Ձեռքերը կը դնէ թիկնաթոռի թիկունքներուն։ Ձեռքերուն վրայ յենելով կ’ուզէ ոտքի ելլել։ Կ’ուզէ օգնութեան հասնիլ, կնոջը, որ հետզհետէ կը խրի, կ’ընկլուզի պարին ալետատան յորձանուտին մէջ, բայց յանկարծ կը կանգնի ու կը վերսկսի պարել, ճախրանքով, թեւերուն տալով թիավարելու երջանիկ շարժումը մէկու մը որ փոթորիկէն վերջ ծովափ կը հասնի ամրան օր մը արեւահեղ։ Դէմքին վրայ յաղթական խնդուք կը փթթի տեւելու վճռական կամքով քչիկ մը լրբենի նայուածքը սուր, խոժոռ, սուրի փալփլուն շեղբի մը նման։

Ձեռքերը ծունկերուն վրայ կ’իյնան։ Տեղէն չի կրնար շարժիլ։ Մարմինը ծանր է՝ անկարող հնազանդելու կամքին, որ կամեցողութիւն մըն է միայն։ Մարմինը լիճ մըն է լեռներու գոգին մէջ բռնուած, դատապարտուած անշարժութեան, միապաղաղ ակնճիռ։ Բզէզ մը կ’անցնի ջուրին մակերեսին գրեթէ հպելով։ Բզէզը կը բզզայ։ Խարտոցի խուլ աղմուկը ու հովը թեւաբախումին, որ ջուրին երեսը ծալք մը կը բանայ, որ կը լայննայ վէրքի մը պէս։ Յետոոյ սպի մը։ Վէրքը կը սպիանայ։ Հով մը նորէն, ծալք մը եւս ու սպիները կը շարուին ջուրին հանդարտ երեսին վրայ։ Կը կորսուին։ Լճին մակերեսը մութ հայելի մըն է՝ ուրկէ անհետացած են սպիները։ Անոնց յիշատակը կը մնայ միայն սրտահար ու դողդոջուն։

Փղձկում մը։ Ակամայ ճիգ մը հրթիռի նման կը բարձրանայ գիշերին մէջ, կը ձգձգուի, սնած իր սահմանուած ուժէն, որ կը սպառի հետզհետէ, բայց յամառօրէն տքնելով կը դիմէ իր նշանակէտին, խոնարհելով գլուխը, որ կը պայթի բիւր աստղեր տարտղնելով չորսդին, գոյնզգոյն։ Յետոյ կ’իջնէ գիշերուան անջրպետին մէջ դանդաղօրէն, յոգնած իր իսկ կատարած ճիգէն, վայելչօրէն, կազմելով հսկայ ձեռք մը, անտեսանելի ձեռք մը, որ գոյութիւն ունի իր բիւրաւոր մատներով, որոնց եղունգները միային կը փալփլին մարող աստղերու պէս գոց աչքերուն ետեւ։ Աչքերը կը բացուին տքնանքով։ Անքնութենէն ու յոգնութենէն թարախոտած թարթիչներուն մէջէն նայուածքը կ’ուղղուի սենեակին մէջտեղը սանձարձակ շարժուձեւերու լծուած տարօրինակ տեսիլքին՝ որուն միջոցին խառնուած շփոթ սահմանները քիչ քիչ կը քաշքշուին կեդրոնաձիգ ուժի մը ենթարկուած, կը գծուին, կը լրանան, ըլլալու համար կինը որ կը պարէ հեշտօրօր շարժումներուն անձնատուր։

Աչքերը կը բացուին, խոշորցած, վտարելով ճեպռը, որ քիչ առ քիչ տեսլային էակին մը վերածեր էր կինը՝ ստուեր սենեակին ստուերին մէջ ու կը դիտէ զարհուրանքով, յափշտակութեամբ կեանքի եւ մահուան տագնապը, որ հիմա վարանոտ շարժտուք մըն է։ Կոնքը կը հետեւի թեւերուն ետ ու առաջ գացող եկող շարժումներուն, ուսերուն ցնցումներուն, որոնցմով կը դողդղան ծիծերն ու յետոյքին թուշերը ճախրանքի մը վերածելով պարը, որ սակայն փախչող կեանքին ետեւէն հասնելու անկարելի փորձ մըն է։

«Կարապին պարը» կը մրմնջէ ու հակառակ ուրախութիւն ցայտող տրամադրութեան, որ պարն է, սրտաճմլիկ տխրութիւն մը կը պարուրէ սիրտը: «Կարապին երգը կը կրկնէ։

   –Մինէ, նայէ, նայէ, կը պարեմ, քեզի համար կը պարեմ։ Աղուոր է չէ՞, ոհ, գինով եմ, Մինէ, գինով եմ։

Պարը հետզհետէ աւելի արագ, անդամներու, իրանի, ուսերու ու սրունքներու խառնաշփոթ շարժտուք մըն է, որ կ’ընդլայնի իբրեւ յոգնութեան երեւոյթ, կը տարածուի, որ վերջին սահմանին հրթիռի նման աստղերու փշրանքներ եղած՝ կը նուաղի, կ’իյնայ անկողինին վրայ։

Ձկնիկ մը յանկարծ կը շարժի լեռնային լճին մէջ, պոչի կտրուկ ու արագ շարժումներ հոս հոն ծուռ ու մուռ, շուարուն, ահաբեկած, բերանը բաց խբելով, կը հասնի վերջապէս լճին երեսը, կը պայթեցնէ խաղաղ ջուրը վէրքի մը պէս։ Առաջին ձկնիկին ետեւէն ուրիշ մանր ձուկեր եւս կը վազեն լող տալով, ուղղաձիգ, դանակի հարուածներու պէս կը ճեղքեն ջուրը բոսորափայլ վէրքեր բանալով։ Ջուրին երեսը վէտվիտելով կը գրգռուի։ Գրգիռներու խառնաշփոթ փոթորիկ մը կը յարուցուի արծաթափայլ փալփլումով մը որ խուճապային է։ Լիճը պակուցումով կը յորդի։ Ջուրին յատակէն կը սահի հանդարտ, արքայական, փառահեղ, պոչի լայն, հանդարտ ու կշռութաւոր զարկերով անայլայլ, դունչը ուղղած դէպի վեր, ջուրին մակերեսը արքայի մը նման, որ դիտէ ընթրիքին պահն ու վայրը։ Ջուրին վրայ խաւարը կը ճաթռտի։ Կապարի գոյն երկինքը կը սկսի ի յայտ գալ պողպատի երանգաւորումներով։ Հեռաւոր տեղ մը այգը ճամբայ ելած է։ Սկսած է մօտենալ։ Արդէն հասած է։

Դուռին ծխնիին ցաւագին ողբը աչքերը թեթեւ մը կը բանայ։ «Պէտք է իւղոտել» կը մտածէ ու աչքերը կը գոցէ։ Բայց իսկոյն կը բանայ կրկին։ Աչքերը գոցած ատեն դրան վրայ աղօտ լոյսի մը մէջ կ’երեւայ կնոջ մը պատկերը, երկար, սպիտակ մետաքսէ գիշերանոցով եւ շրշիւնը, կուրծքին վրայ լայն բացուածքով, սրածայր, ուրկէ կը տեսնուէր մութ գիծով մը բաժնուած ստինքներուն վերի ծայրերը, կոր ու փափուկ, վարդագոյն ժանեակով մը երիզուած, գիշերանոցին բացուածքը, որ կ’երկարի կրծոսկրկին վրայէն անցնելով մինչեւ կռնակը ուր եւ կապուած է ստինքներուն տալով յաւելեալ կորութիւն մը, բարթամութիւն մը։ Անկէ վար կերպասին հոսանուտ անկումը կողերն ի վար, յունական աստուածուհիի մը կերպարանքը կուտայ կնոջ, որ կանգնած է դրան մէջ։ Ասովոր տեսարաններէն տարուած՝ կ’ուզէ աչքերը բանալ եւ տեսնել։ Թարթիչները ծանր են, կապարի պէս, իրարմէ չեն բաժնուիր։ Անոնց հորիզոնական բարակ ճեղքերէն լարուած հետաքրքրութեամբ կը նայի։ Անհամբերութեամբ մինչ ժամանակը կը սահի սաստիկ դանդաղութեամբ՝ գրգռելով անհամբերութիւնը։ Ստուերը կը շարժի, կը սահի, բայց չի մօտենար։ Կը մօտենայ, բայց առանց պակսեցնելու հեռաւորութիւնը եւ սակայն միշտ մեծնալով, խոշորնալով, հսկայական համեմատութիւններ առած եւ որուն միայն ձայնն է որ մօտէն կուգայ, թէեւ ձայնն ալ անմիջական ընդունելութիւն մը չի գտներ իր լսողութեան մէջ, կը դառնայ, կը պտտկի գլխուն շուրջ մեղուներու բզզոցով մը, ներս թափանցելու ուղի գտնելու համար։

–Դուռին տակը լոյս տեսայ ներս մտայ։

Թիկնաթոռին մէջ ընկողմանած կը նայի քիչ առաջուան ներս հոսող ստուերին, որ քովը կանգնած կինն է կարճահասակ ու լայնշի դրան մէջ. հիմա բարձրահասակ է բարտիի նման. «կին չէ, ծառ է» կ’անցնի մտքէն ու գլուխը կը վերցնէ մեծ ճիգով։ Վիզը կը պրկուի։ Կոպերուն եզերքները կ’այրին։ Այրուցքը կ’արգիլէ որ կոպերը գոցուին։ Եւ սակայն կ’ուզէ աչքերը գոցել չտեսնելու համար նայուածքին հորիզոնը խափանող պատուարը, որ կին մըն է նայուածքը ուղղելով հանդերձ յամառ պնդումով մը կնոջ հասակն ի վեր, կուրծքին, իրանին վերեւը բրգացած կուրծքին ու դէմքին ճանչնալու որոշ ձգտումով մը, բայց քանի կը նայի մտրակելով նայուածքին մարող ուժգնութիւնը անոր պատկերը ծուէն ծուէն կը փրթի, կ’աղաւաղուի, կը լուծուի, կը ցնդի։

Մեծ ձուկը իր արքայական սահանքով կը բարձրանայ լճին երեսը, հոն՝ ուր մանր ձուկերը խուճապի մատնուած են։ Պոչի ուժգին հարուած մը եւ ահա կը նետուի ահաբեկած ձկնիկներու երամին վրայ։

Աչքերուն առջեւ կնոջ պատկերն է, որ պարելէն խոնջած՝ ինքզինքը նետած է անկողնին վրայ, մերկ ու երկար, անվերջօրէն երկար սրունքները կախուած անկողնին եզերքը, թեւերը տարածած, դէմքը՝ որուն փակ աչքերուն նայուածքը առաստաղին վրայ է, մինչդեռ կուրծքը կ’ելեւէջէ արագ ու ընդհատ տատանումով մը փոթորկած ստինքներով։ Քիչ վարը փորը, փոքրիկ ու փափուկ փոր մը, որ կ’օրօրուի երազելով, այնքան դժուար կը հասնի հոն շնչառութիւնը, բայց նայուածքը կ’անշարժանայ, կը հաստատուի զիստերուն միացման կէտերուն վրայ, մութ մացառուտին՝ ուրկէ աչք մը, միակ աչք մը, շեշտակի կը նայի, իրեն։

Թիկնաթոռէն մէկը կ’ելլէ, կը քալէ դէպի անկողին քնաշրջիկի անհաւասարակշիռ քալուածքով, դեդեւուն, խախուտ։ Կ’ուզէ անոր ետեւէն հասնիլ, բռնել, բան մը ընել որ չ’իյնայ, բայց ան կը քալէ հետզհետէ սրտի աւելի մեծ զեղումով մը։ Արդարեւ՝ ինչպէ՜ս կը դողայ։ Շարժումները կ’ըլլան անկանոն ու ձախաւեր՝ որոնց լծուած են ձեռքերը, որ խմորի պէս կը շաղուեն կնոջ մարմինը, երբ յանկարծ կ’իյնայ անկողինին վրայ կինը գրկած թեւերուն մէջ։

Ամբողջ մարմինով ցնցուած՝ կը գոցէ աչքերը ներսէն վայելելու համար այն հոսանուտ զգայնութիւնը, որ ալիք ալիք կը տարածուի գրաւելով իր ներքին տարածութիւնները։

–Հիւա՞նդ ես, կ’ըսէ ձայնը քովէն։

–Հիւանդ ես Մինաս, ջերմութիւն ունիս։ Ձեռքերդ կրակ կտրեր են։ Բայց, գինով ես, Մինաս, դուն գինո՞վ ես, նորէն գինո՞վ, բուհ գինի կը հոտիս։

Մարդը կը վերադառնայ անկողին հանդարտ քայլերով, տիրական։ Կը մօտենայ, թիկնաթոռին՝ ուրկէ մեկնած էր խախուտ քայլերով ու մէկէն կը մտնէ անոր մէջ, կ’ընթանայ անոր հետ՝ որուն աչքերը դեռ կը մնան յառած անկողինին վրայ երկնցած մերկ կնոջը վրայ, կնոջը որ սկսած է անհետանալ ինչպէս երազը՝ որուն տակաւին կը կառչինք անձկութեամբ։ Այն ատեն ոտքի կ’ելլէ եւ ինքզինք կը գտնէ Մոնիքին հետ դէմ դիմաց։ Սարսափած անոր ներկայութենէն, աւելի ճիշդը անոր վկայութենէն, կ’ուզէ փախչիլ, բայց թակարդը ինկած անասունի նման կը թափահարէ, կը տապլտկի։

–Ինչ գաղտնի ոստիկանի պէս շուքդ կը պտտցնես շուրջս։ Ոճիր գործած եղանք։

–Ոճիրէն գէշ։ Մէկ հատը ճամբեցինք, հիմա ետեւէ՞ն երթալ կ’ուզես։

Ու ձեռքերը ուսերուն վրայ ուժեղ մը կը ցնցէ գլուխը։ Ուղեղին մշուշները կը ցրուին։ Աչքերը կը բացուին։ Մոնիք հիմա անոր նայուածքին տակ կը գտնուի, իրապէս շքեղ իր սպիտակ գիշերանոցին մէջ։ Բարկութիւնը զայն գեղեցկացուցած է։ Կը փայլատակէ։ Անհոգ, վճռակամ շարժումներով ձեռքերը կը քակեն փողկապը, կը հանեն բաճկոնը։ Մէկ վայրկեանէն արդէն հանուած է։

–Շուտ անկողին, այս վիճակով ինչպէ՞ս կրնաս գործի երթալ։ Ամբողջ գիշերը առանց քնանալու, զառանցելով, դուն խե՞նթ ես։ Անկողին մտիր, երթամ ասբիրին մը բերեմ։

Ոտքի վրայ վարանոտ, վատուժ, Մինաս կը կքի ծունկերուն վրայ։ Գետին իյնալու ատեն, թեւերով կը կառչի Մոնիքի ուսերուն։

–Գիտես, դուն շատ լաւ գիտես, որ զիս վռնտեցիր տունէն։ Հարկաւ կը գինովնամ Կը գինովնամ Նիքոլին հետ ըլլալու համար։

***

Կը ներէք, Ժագ, կը ներէ՞ք ինծի ձեզի պատճառած այս անժամանակ ձանձրոյթը։ Ներողութիւն ձեզի Ժագ կանչելուս համար։ Վերջապէս այս պահուս ինծի համար Նիքոլէն մնացած ժառանգ մըն էք դուք։ Եկած եմ ժառանգս առնելու։ Որքան լսած եմ Նիքոլին բերնով ձեր Ժագ կանչուիլը եւ այնպիսի սիրազեղ ու բեկբեկուն ձայնով մը, որ այսօր անդիմադրելի պահանջը կը զգամ կրկնելու, չեմ գիտեր ինչու թերեւս անկէ փոխ առնուած ձայնին մէջ փնտռելու համար հոն պահուած զգացումներու արձանացած արձագանքը։ Այս պահուս երբ կը փորձեմ ձայնս նմանցնել Նիքոլին ձայնին ձեզ Ժագ կանչելու համար, այդ արձագանգը կ’արթննայ, թարթիչները աննշմար թրթռացում մը կ’ունենան, ինչպէս արեւին տաք լոյսին մէջ կանգնած երանելի ճանճի մը թեւաբախումը ու աչքերը կը բանայ, կը նայի վախցած, սրտադող եւ ես անոնց մէջ դէմ դիմաց կուգամ հոն թաքնուած զգացումներուն հետ, որոնք, իրաւ է, զիս մահացու կերպով տառապեցուցին, որովհետեւ այն ատեն, զանոնք տարբեր ուղղութեան մէջ կը տեսնէի. ուրիշ խօսքով, սիրելի Ժագ, ահռելիօրէն կը նախանձէի ձեզի։

Ինչո՞ւ ցնցուեցաք Ժագ, իբրեւ թէ ըսածս սրբապղծութիւն մը ըլլար, քանի որ ինքնապաշտպանութեան կամ բողոքի ցնցում մը չէ որ ունեցաք։ Անակնկալ կերպով պիղծ բանի մը հանդիպած ըլլայիք։ Ցնցումէ աւելի ետ ետ քաշուելու, փախչելու շարժում մը գծեց ձեր մարմինը որ ինքն իր վրայ, կեցած տեղը, առանց միլիմեթր մը տեղափոխուելու։ Զզուանքի արտայայտութիւն մըն էր ան, երեւալուն պէս արդէն ահետացած։ Ատոր համար գործածեցի սրբապղծութիւն բառը, մանաւանդ, պէտք է խոստովանիմ, փոխանակ խորամանկ մէկու մը տեղ անցնելու զիս իմ կարծեցեալ գուշակութիւններովս երբ Մոնիքէն գիտեմ որ դուք ինծի նախանձել տալու անկարելիութեան մէջ կը գտնուիք։ Հիմա աւելի հաւատալի կը դառնայ Մոնիքին տուած տեղեկութիւնը, երբ նայուածքիս տակ ձեր ձեռքերը կ’երթան կուգան ձեւագիտութեան սեղանին վրայ, այս պահուս, եւ որոնք տեսակ մը իգութիւն կ’արտայայտեն երբ, օրինակի համար, ձեր ձեռքին մէկը կ’անշարժանայ դէմքին մօտ ինչպէս կին մը կերակուրին համը նայած ատեն։ Յետոյ դիմախաղերը։ Ինչպիսի դրսեւորում մօր մը՝ իր հարցասէր երեխային առջեւ։ Այո, Ժագ, այնպէս մանրազննին կը դիտեմ քեզ հաւաքելով այն բոլոր մանրամասնութիւնները, որոնք գերազանցապէս կը հանգստացնեն զիս, մանաւանդ անմազ մարմինդ։ Ոչինչ կը խուսափի նայուածքէս։ Գինով եմ, Ժագ։ Դուն ալ գիտես որ գինով եմ։ Ատոր համար կը լռեմ։ Քու ազնուութիւնդ կ’ուզէ անտեսել գինովութիւնս։ Գլուխդ երբեմն կը վերցնես գործիդ վրայէն, ինծի կը նայիս, կը ժպտիս կակսածելի ժպիտով մը, ինչպէս կ’ընեն գինովի մը, տղու մը կամ խենթի մը նայած ատեն ու ներողութիւն կը հոսի, նայուածքէդ: Կը դիտեմ քեզ անընդմէջ կը դիտեմ։ Ուրիշ բան ըրած չունիմ արդէն։ Միայն կը դիտեմ։ Կը խորհիք թերեւս թէ գինովութեան մշուշները ինծի կ’արգիլեն քեզ տեսնել։ Ընդհակառակը, աւելի յստակատես եմ։ Աչքերուս մթութեան մէջ նայուածքս ծակ մը բացած է։ Շատ նեղ ծակ մը, գնդասեղի գլխու մը չափ ու անկէ դուրս կը նայի, շիտակ, քու ուղղութեանբդ։ Եւ ես կը տեսնեմ, ըսե՞մ, կաթնային սպիտակութեամբ անմազ կուրծքդ եւ շապիկիդ թեւերը սոթտած մերկ բազուկներդ։ Շապիկիդ կուրծի կոճակները քակած ես, նաեւ փողկապդ ի հարկէ, որ պատէն կախած ես բաճկոնիդ վրայ։ Կուրծքդ պարզած ես դրօշակի մը պէս, մտացի հաճութեամբ մը, մանաւանդ անոր երկու ուռուցքները, փափուկ եւ սիրուն, որոնք կուրծքդ կնոջական կուրծքի կը նմանցնեն իրենց երկու խոշոր, թխագոյն պտուկներով։

Յանկարծ գործդ կը դադրեցնես։ Կը նայիս ինծի, ինչպէս տիկին մը ու թէյի բաժակները լեցնելէ յետոյ՝ ժպտերես կ’ըսես.

–Ներեցէք, ամառուան եղանակի նորաձեւութիւնը կը պատրաստեմ։ Հիմա ձերն եմ, ինչպէ՞ս էք։ Ես լաւ կը տեսնեմ։

Այո, Ժագ, լաւ եմ հիմա շնորհիւ ձեզի։ Ինչքան կը ցաւիմ, գիտնայիք, ձեզի հանդէպ սնուցած ատելութեանս համար։ Այդ ատելութիւնը համարժէք էր տառապանքիս, որ իրեն սնունդ ըրած էր ատելութիւնս։ Անոնք իրարմով կը սնանէին, ատելութիւնս եւ տառապանքս, ըլլալու համար այն դժոխային կացութիւնը, այն աստուածային անհանգստութիւնը որ սէրն է։

Այո, հանգիստ եմ, մանաւանդ հիմա։ Խաղաղած եմ։ Գիտեմ։

Եւ սակայն հոս մտնելէս ի վեր ահագին զղջում մը սիրտս կը տրորէ։ Ատենէ մը ի վեր Նիքոլ հեռացած է կեանքիս շրջանակէն։ Անկապտելի եղած է։ Առաջ ալ անբռնելի էր, իրաւ է, բայց միշտ կը ներկայանար, կը վայելէի իր ներկայութիւնը։ Միայն երբ ձեռքս կ’երկարէի, պարապին վրայ կը գոցուէր։ Պատրանքը, որ կը հետեւէր ատոր, չափով մը տանելի էր, գոհացուցիչ ինչպէս առաջ, երբ կամքէս զերծ կը պահէր զինքը, բայց եւ այնպէս տեսողութեանս տրամադրութեան տակ էր։ Այդ է պատճառը որով գինովութեան դիմեցի։ Եթէ գինովութեանս ընթացքին զգայարանքներէս կը խուսափի, գոնէ իր ներկայութիւնը կը գտնեմ մէջս, ջիղերուս ցանցին մէջ բռնուած։ Դուք եղաք, Ժագ, այդ ունակութիւնը ինծի պարգեւողը։ Անցեալ տարի ձեր ծննդեան տարեդարձին մեր գինովութեանը շնորհիւ տեղի ունեցաւ ճակատագրական դէպքը։ Ուստի եկայ ձեզի խորհելով որ ձեր մօտ կը գտնեմ Նիքոլը ձեր թեւերուն մէջ, ինչպէս սովորութիւն ունէիք ձեր թեւերուն մէջ առնել, համբուրելու, ահա, հիասթափութիւն։ Հիասթափութիւն, որ, իրաւ է, հանգստացուց զիս։ Եւ սակայն ահագին զղջում մը սիրտս կը տրորէ։ Կ’ուզէ՞ք դուրս վանեմ, Ժագ։ Կ’ուզէի որ իրաւ ըլլար կասկածանքս ու ես կարենայի հիմա ձեզ գրկել։ Ձեզ գրկելով՝ անգամ մը եւս տիրանայի անոր, ինչպէս դուք տիրացած էիք անոր։ Գոնէ այդպէս հաւատացած էի։ Նորէն կ’ատեմ ձեզ, ձեր մաքրութեամբը զիս կը զրկէք Նիքոլէն։ Ձեր համբոյրները, ձեր գիրկընդխառնումները հիացումի արտայայտութիւնն են եղեր, իրապէս, ինչպէս կը հաւաստէր Մոնիք, որովհետեւ ձեր կարուձեւի տան յաջողութիւնը մասամբ կը պարտիք Նիքոլին գեղեցկութեան եւ իր ՄԱՆԸՔԷՆԻ անփոխարինելի արուեստին։

–Գիտէ՞ք, Պարոն Մինաս, միայն դուք չէք որ մեծ բան մը կորսնցուցիք Նիքոլին մահովը։ Մեր ցուցադրութեան օրերուն հանդիսատեսներու աչքերը շրջող մանըքէներու մէջ Նիքոլը կը փնտռեն։ Բայց ինչո՞ւ չէք խօսիր։ Պատմեցէք, բնաւ չէք խանգարեր զիս։ Ընդհակառակը։ Գիտէ՞ք, կրնաք ծխել հոս։ Ներողութիւն սիկարէթ չունիմ։ Ես չեմ ծխեր։

Ժամ մըն է կը խօսիմ, Ժագ։ Ջրաղացի թեւեր կը դառնան անդադար գլխուս մէջ եւ դուն կ’ըսես, պատմեցէք։ Ըրածս ի՞նչ է։ Կը խօսիմ։ Կը խօսիմ ձեզի հետ, բայց, իրաւ բերանս վայրկեան մը բացուած չէ։ Շրթունքներս իրար փակած են, սեղմուած՝ կողպէքի տակ առնուած բանտի դրան մը պէս, այսքան օր դէմքս խոժոռ արտայայտութիւն մը ունի դիմացի հայելիին մէջ՝ որուն առջեւ կանգնած է Պր. Տը Լա Ֆօս, կարուձեւի տան տէրը՝ որուն չորս յարկնոց քարաշէն շէնքը այս պահուս վառած է իր շքեղ ջահերը եւ իրենց լոյսերը առատօրէն կը յորդին փողոցին մէջ եւ նոյնիսկ կը նաւեն մինչեւ երկինք։

Իրաւ կ’ըսեմ, Ժագ, երանի թէ Նիքոլը գրկած, համբուրած, ու գրկած ըլլայիր ցանկութեամբ, գրիգռով, ամէն բան ըրած ըլլայիր հետը։ Ինչ երախտագիտութեամբ հիմա պիտի գրկէի քեզ, պիտի համբուրէի շրթունքներդ եւ անոնց վրայ իր շրթունքներուն համը պիտի գտնէի։ Ինչ դժբախտութիւն։ Ընելիքս չեմ գիտեր։ Այսպէս յուսահատ ե՞տ պիտի դառնայի։

Գոնէ թոյլ տուէք ինծի, Ժագ, երթամ քիչ մը թափառիմ նրբանցքներուն մէջ, այն տեղերը՝ ուր Նիքոլ կը քալէր։ Քալեմ իր քայլերուն վրայէն, այնպէս ինչպէս ան կը քալէր ծունկերը թեթեւ մը կքելով, մէջքին փոքրիկ հարուածներ դրոշմելով, որոնք այնպէս օրօրուն ու շքեղ կը դարձնէին իր քալուածքը, մանաւանդ, եթէ կարելի է, ցուցադրութեան սրահը՝ ուրկէ երազի մը պէս կ’անցնէր ժպտուն դէմքին վրայ անխարդաւան նայուածքով մը, զոր ան կը պարուրէր վերջին ծայր շնորհալի դիմախաղերուն մէջ։

–Եթէ կ’ուզէք այցելել մեր աշխատանոցները, վարը՝ վաճառքի սրահները, խնդրեմ, պահ մը ետքը կուգամ ձեզի ընկերանալու…։

–Զիս քաղաքավարութեամբ ճամբելու միջոց մըն է ձեր հրաւէրը, որուն երախտիքով կ’ընդառաջեմ, բայց կ’ուզեմ հաւատալ նաեւ որ մտքի փոխանցումով կ’ընդառաջէք թախանձանքիս։ Շնորհակալ եմ։ Շատ հաւանական է որ այսպէս է Ժագ, որովհետեւ այնպէս ուժով, այնպէս խորապէս փափաքեցայ, որ կը հաւատամ թէ անզուսպ տենչանքս ձեզ ալ խռոված ըլլայ։

Վարագոյրին նեղ բացուածքէն արեւի կտոր մը ինկեր է անկողնին վրայ։ Բաց մնացած անկողնին սաւանին վրայ։ Լայն թիկնաթոռին մէջ նստած, նայուածքը կ’երթար կուգայ արեւի կտորէն փոքրիկ սեղանին վրայի ջուրի գաւաթին ու դեղի տուփին։ Առտուան անկարութիւնը տակաւին վրան է։ Գլխացաւը եւ փսխելու տրամադրութիւնը քանդած են ուժերը։ Պէտք եղած ուժը չունի ոտքի ելլելու, դեղահատ մը առնելու, գոնէ ձեռքը երկարելու կամ անկողին վերադառնալու։ Հրաշքի մը պէս բան մըն է սա արեւի կտորը, արեւի արծաթէ ճառագայթներով հիւսուած, որ կը խաղայ դողդղալով անկողնին սաւանին վրայ։ Գարնանամուտի մատղաշ արեւը, մեկնելէն սպառած, դեռ կը կառչի իր ուշամնաց խաղին, երեխային պէս զոր մայրը տուն կը կանչէ եւ ինքը չիմանալ կը ձեւացնէ յամառելով շարունակել խաղը։

Լոյսը կը պսպղայ շարժումի պատրանք ստեղծելով, բայց ինկող իրիկունը թեւէն բռնած կը քաշէ։ Կամաց կամաց տեղի կուտայ ու կը սահի, կը հասնի անկողնին եզերքը ու սայթելով գետինը կ’իյնայ, հաստ բուրդէ գորգին վրայ։ Կարմիր գորգը փոխանակ օգնելու արեւին փալփլալու, քրքջալու կենսախայտ ճիգին, իր մէջ կը լուծէ անոր փայլը ու պահ մը բռնկելէ ետք կը սկսի մարիլ ու վերջապէս կը հալի սենեակին գորշութեան մէջ։

Գլուխը կը վերցնէ դէպի պատուհան՝ ուր լոյսը սկսած է նուազիլ։ Տեսակ մը յոգնութիւն ցոյց կուտայ։ Արեւմուտքի հորիզոնին գծին վրայ, արեւը պահ մը սպրդած է վարագոյրին բացուածքէն ներս, խաղացած, պարած, անհետացած է։ Այդ պահուն կախ երեսին վրայ, ճիշդ աչքին մօտ, երեսին վրայ, անսովոր երեւոյթ մը կը զգայ։ Երեսին ջիղը կը դողայ։ Դողը կ’անդրադառնայ սրտին մէջ։ Գլուխը արագ ետ կը բերէ պատուհանէն։ Աչքերը կ’անշարժանան քովի բաց մնացած դրան վրայ։ Այդ դրան սեմին վրայ ենթարկուած էր Պր. դատաւորին արհամարահնքին, երբ վազած էր խելայեղօրէն հնչող հեռախօսին։ Հեռախօսին մէջ Մոնիքին ձայնը շուարած, ինքնակորոյս, ինքզինքը փնտռող, կը կոտրտուէր, հազիւ կտորտանքները հաւաքած, բայց տկար, վտիտ ուժասպառ, ձայնը կրցած էր ըսել «գիտե՞ս, Նիքոլ շատ քաջութիւն ցոյց կուտայ»։

Անշուշտ նախադասութիւնը սփոփարար էր։ Սփոփարար կ’ուզէր ըլլալ, բայց ձայնը որով ան ըսուած էր աւելի քան մտահոգիչ էր ահազանգի մը նման։ Նախադասութիւնը իր ամբողջութեամբ հանգստացուցիչ էր։ Հանգստացած էր։ Հաշտ էր։ Հիւանդին վերադարձին կը սպասէր խաղաղած միտքով եւ կը պատրաստուէր անոր վերադարձը ճշմարիտ տօնի մը վերածել։ Արդէն տունը շռայլ լուսաւորութեամբ մը ողողուած էր։ Խնդութեան աղաղակները կայծակներու պէս լուսաւորութիւնը կը ճեղքէին։ Ճշմարիտ հրախաղութիւն մը։ Բայց երբ նախադասութիւնը հաստատուեցաւ մտքին մէջ, կտոր կտոր եղաւ։ Անոր անդամները իրարմէ բաժնուեցան ու ամէն մէկը իր առանձնութեան մէջէն իրեն կը նայէր քինախնդիր, դունչը կախ, անմերձելի։ Ինչքան ալ բաժան բաժան ըլլային իրարմէ անկախ, աղօտ լոյս մը մէկէն միւսը կը շրջագայէր շնորհիւ փակագծին, որուն մէջ բռնուած էին, եւ ուրկէ չէին կրնար դուրս գալ։ Հակառակ գործածած ճիգին, ձգձգումին, Մոնիք կրցած էր պարտկել իր իսկ ահաբեկութիւնը եւ միայն երեւութապէս կրցած էր հանգստացուցիչ ըլլալ, ինչպէս այն դեղերը, որոնք ցաւը կը թմրեցնեն առանց յաջողելու ցաւը իր արմատէն կտրել։ Արդէն «քաջութիւն» բառը միսմինակ աւելի քան բաւարար էր ու սիրտը կրնար հետեւաբար ընթացք տալ իր խնդութեան սեղմումներուն, միայն թէ, այս միայն եթէ չըլլար «շատ» բառը իր անպիտան նայուածքովը իրմէ սերած աղօտ լոյսին մէջէն դէպի աջակողմեան դրացին, որ յանկարծ զայն շատցնելով, ուռեցնելով, անոր տուն տուող վտանգը հասցուցած չըլլար միաժամանակ իր մտահոգիչ համեմատութեան։ Ուրեմն վտանգի մը գոյութիւնը անուրանալի էր, որուն համար սովորականէն աւելի քաջութիւն մը պէտք էր։ Իսկ ի՞նչ ըսել այն «գիտե՞ս»ին, որ նախադասութեան ամբողջ պարունակութիւնը տանգապալից հանգամանքի մը կը հասցնէր։

Հիմա այդ ձայնը, Մոնիքին, համոզիչ ըլլալով հանդերձ թէ ամէն ինչ փրկուած է, որ ներքին տագնապանքով, ծածկուած, գէշ ծածկուած, անխուսափելի վտանգի մը համոզումովը կը շեշտէ, փշուր փշուր եղած, որբացած, ինքնահալած, ականջներուն մէջ կը պտտկի, թափառական, կը ծաւալի գլխուն մէջ, գլուխը պայթեցնելու աստիճան։

Յանկարծ ոտքի կ’ելլէ։ Կը զարմանայ թէ ինչպէ՞ս ոտքի ելած է, երբ ձեռքը չէր կրնար երկարել դեղի տուփին։ Ոտքի ելլելու որոշումին հետ ներքին լքուածութիւնը պրկուած էր, խտացած, ուժականացած եւ որոշումը գործօն մը եղած։

Պէտք էր նախ եւ առաջ դուռը գոցել։ Դուռին բացութիւնը պատճառ կ’ըլլար որ քովի սենեակէն ականջներուն հասնէին խռովարար աղմուկներ, պղտոր շշուկներ, բամբասանքի մրմունջներ, սպառող կեանքի բեկորներ, որոնք սակայն խառնարան մը, լաբիւրիւնդոս մը չէին, այլ՝ որոշ կարգ ու կանոն մը ունէին, կազմակերպուած, թափօր կազմած կը դառնային սենեակին մէջ, կը դառնային միշտ, ամէն անգամ դրան առջեւ հասնելուն անկէ ներս, ասդիի կողմը նետուելու ձգտումով մը եւ չէին յաջողեր։

Շուտ պէտք է դուռը գոցել։ Գոցել՝ որպէսզի սենեակը խաղաղի, երբ արդէն արեւը փէշերը քաշեր աշխարհը ձգելու վրայ է, աշխարհին ընծայելով այն պահը՝ ուր տրտմութիւնը կը հաստատուի ու մեռնող օրուան ստուերներուն մէջ չար ոգիներ իրենց միմոսային պակը կը սկսին։

Կը փորձէ, վարանումով ու յանկարծ, վճռական, առաջին քայլը նետել միջոցին վրայ։ Մէկ քայլը միւսին հետեւցնելով կը հասնի դրան առջեւ, ձեռքը կը դնէ վրան ու այդ վայրկեանին դուռը հրելու ուժը կը պակսի։ Դուռը բաց կը մնայ, ձեռքը՝ դրան վրայ, նայուածքը անշարժացած, ուղիղ բազմոցին կողմը։

***

Իր կանգնած տեղէն տեսնուած՝ բազմոցին վրայ երկարած է ձախէն աջ, գլուխը կակուղ բարձերու վրայ հանգչեցուցած, ուսը արմուկին վրայ յենած, ինչ որ կուրծքին լայն բացուածք մը կուտայ ու անոր վրայ ստինքներուն՝ խրոխտ ու մեծավայելուչ կեցուացք մը։ Մարմնին վարի հորիզոնական գիծը, կազմուած մարմինին ու բազմոցին հանդիպումէն, ճզմուած է յարաբերաբար կակուղութենէն, ոչ շատ սակայն, քիչ մը յորդած գիծէն դուրս, քանզի մասամբ ու տեղ տեղ մխրճուած է բազմոցին փափուկ մասերուն մէջ։ Վերի գիծը թեթեւ վայրէջքով մը կը շարունակուի մինչեւ մէջքը՝ ուր լիճ մը կը կազմուի կուրծքին եւ լանջին մէջտեղը, լանջին որ զգալի կորացումով մը կը բարձրանայ, կը բլրանայ ու մեղմ անկումով մը զիստն ի վար նեղնալով կը դիմէ մինչեւ ոտքերը։ Գիծը, բոյնին եզերքը շարուած ուլունքներու պէս ճնճղուկի գլուխներուն նմանող ոտքի մատներուն շրջանը ընելով, յետադարձ շարժումով մը կը հետեւի սրունքներուն մէջտեղէն, ծունկներուն վրայէն ոստում մը ընելով իրարմէ յորդող զիստերուն գիծին, որ կը յանգի ագռմէջին եւ ուր կանգ կ’առնէ սրունքներուն եւ աճուկներուն մէջտեղը թմբաձեւ կոնքոսկրին շուրջ երկճղելով։ Կոնքոսկրին մազոտ եռանկիւնը որուն սուր անկիւնը, վարը, զիստերէն եկող գիծին յանգման կէտին վրայ կը գտնուի, երկու լայնցող կողմերով փորին վրայ կը մագլցի, փորին ստորոտին մասը կը գրաւէ ամբողջովին, ուղիղ, հորիզոնական գծով մը իրար միացած։ Փորը կը շարունակէ բարձրանալ ծաւալելով, կորանալով ու յանկարծ նեղնալով, խորանալով կ’երթայ կը ձուլուի կրծոսկրին նեղ անկիւնին հետ։ Ձախ թեւը ուղիղ կը հետեւի իրանին վերի գծին, մինչեւ արմուկը՝ ուրկէ բազուկը բութ անկիւն մը կազմած կ’իջնէ փորին վրայ։ Ձեռքը ցցուն, կիսակլոր կոնքոսկրին սեւ մազերուն վրայ է, միջնամատին կեռ ծայրը փափկօրէն եռանկիւնին սուր խարսխին հանգչեցուցած, մինչդեռ միւս մատները, մսուտ ու վարդագոյն, մեղկ անշարժութեան մէջ են։ Թեւին ու բազուկին կազմած բութ անկիւնը, որովայնին գագաթին կազմած է խոր ու զօրեղ արտայայտութեամբ յագեցած պորտը։ Կրծոսկրին նեղ ծայրէն սկսած կ’ընդլայնի ու կուռի կուրծքը՝ որուն վերի մասը, լայնահուն, երկու ուսերուն միջեւ, երկու խոշոր, մսեղ ու պիրկ ստինքները։ Մէկը՝ վարինը, հազիւ զիջած է ծռիլ, բռնուած վարի թեւէն, միւսը՝ առաջինին վրայ հակած, առանց անոր հասնելու, կը պահպանէ իր կլորութիւնը, լեցունութիւնը։ Անոր վրայ կը հանգչի լայն կզակը ստորին շրթունքին տակ հորիզոնական ծալքով մը։ Լայն ու ոսկրուտ կզակը դէմքին կամակոր արտայայտութիւն մը կուտայ, խիստ ու մտամփոփ, որ մտածումի բացակայութենէն կուգայ եթէ նկատի առնուի բաց մնացած ակնաթարթափ աչքերը, պաղ ու սեւերուն, ուղղուած՝ հեռաւոր կէտի մը, սենեակէն անդին, անհունին մէջ մխրճուած, հակառակ անոնց վրայ ինկած պռստումով մը, թաւ յօնքերուն ու նեղ ճակատին, ինչպէս նաեւ, առատ ու խռիւ մազերուն, որոնք կը պաշարեն կլոր, գրեթէ քառակուսի գլուխը միջոցին մէջ սահմանափակ գոյութիւն մը պարտադրող, որ իրականութեան մէջ ցեց նկարագրի մը արդիւնքն է։

Երկրորդ մարմինը Նիքոլին կը պատկանի։ Առաջին մարմնին՝ Մոնիքին, մորթը վարդագոյնի կը զարնէ, տեղ տեղ մուգ խաւերով, ինչպէս կուրծքին վերի մասը, ուսերուն մէջտեղը, մինչեւ ծիծերուն հանդիպման գիծը, հոն բռնուած արիւնի գոյն ու թեթեւ մըն ալ կոշտ, խարտոցի հատիկներով հիւսուած ինչպէս զիստերուն մորթը, մինչդեռ երկրորդինը ողորկ ու կաթնագոյն է։ Կզակը օդին մէջ, բերանը թեթեւ մը բաց, ինչպէս աչքերը՝ որոնց անշարժ նայուածքը նոյնպէս սեւեռուն, Մոնիքին նայուածաքին խստութիւնը չունի։ Ընդհակառակը անորոշելի քաղցրութիւն մը անկէ անցած ըլլալ կը թուի ու անոր հետքը միայն մնացած է, այսինքն՝ թաղուած է թարթիչներուն կազմած հորին մէջ։ Մազերուն շէկութիւնը կը նպաստէ այդ քաղցրութեան որ միեւնոյն ատեն թախծութիւն է, այնքան դրացի են անոնք իրարու հետ շփոթուելու աստիճան, թերեւս անոր համար որ միեւնոյն աղբիւրէն կը սերին։ Նոյն նուաղանքէն։ Ճակատը խոշոր է փոքրիկ գլխուն կլորցող, առանց սահմանի խուսափուկ գիծովը։ Ճակատին վարը ուռած ոսկորին վրայ յօնքերը՝ փետտուած, մատիտով գծուած երկու կիսակլոր գիծեր են, երկու նորածին մահիկներ, որոնք քունի տպաւորութիւն կը ձգեն ու ամբողջ դէքին՝ լուսնային արտայայտութիւն մը, շեշտուած կզակին դէպի վեր տնկուած դիրքովը։ Այտոսկրները ցայտուն են ինչպէս անշարժութեան մէջ սառած բոլոր շարժումները կեդրոնախոյզ ուժի ենթարկուած են։ Մարմնին բոլոր մասերը իրարմէ բաժնուելու, հեռանալու, կորսուելու ձգտում մը կը ներկայացնեն։ Աջ թեւը բաժնուած է իրանէն, երկարած բազմոցին վրայ, ձեռքը Մոնիքին իրար սեղմուած ոտքերուն դրուած, բայց ոչ ուժով, անկամ, լքուած, կարծես քրոջը մարմնին ներսը շրջագայող աւիւնէն մաս մը իր մէջ փոխադրելու համար։

Իրանը, որ երկար վիզով մը փոքրիկ գլխուն կապուած է, իրանը, նեղ ու բարակ, առանց խորտուբորտութեան, ուղղահայեաց կ’իջնէ գետինը, եթէ չհաշուենք մէջքին վերին աստիճանի բարակութիւնը, որ շնորհալի տեսք մը տալով հանդերձ դիւրաբեկութեան զգացողութիւնը ապշեցուցիչ զարմանք մը կ’առթէ եւ որ իր անձին շնորհալիութեանը հետ ՄԱՆԸՔԷՆի գլխաւոր յատկանիշն է։ Ան է որ իր քալուածքին կուտայ այն օրօրումը որով ցուցադրուած հագուստը կը ստանայ բացառիկ շքեղութիւն մը։ Ի հարկէ մէջքին բարակութեան արկածէն զատ այդ միաձեւ իրանին վրայ, կարելի է արկածային նկատել կուրծքին փոքրիկ կորութիւնները՝ զուրկ զգալի թանձրութենէ, վար կը շեղին անզգալիօրէն հաւասարելու համար մորթին մակարդակին հետ։ Միայն ծիծերուն թուխ պտուկները, աւելի վարդագոյն քան թէ թուխ, ցայտունութիւն մը կը նշեն։ Ցայտունութիւն, որ անոնց գոյութիւնը կը հաստատէ, թէեւ աւելի գոյներու տարբերութեան շնորհիւ։

Իրանին վարի մասը, անմիջապէս մէջքին նեղ պարանոցէն անդին մորթին հետ համահաւասար, այսինքն՝ պորտը, իրարու ագուցուած երկու ստորակէտներու միաւորում մըն է։ Անկէ վար ձեռքն է, հաստ ու երկար ձեռքը ուղիղ ուսէն եկած թեւին ծայրը, յափշտակած է կոնքոսկրը ու որդեգրած անոր ուռուցքը։

Ճիշդ պորտին եւ կոնքոսկրին գլխամազերուն պէս շէկ մազերով եռանկիւնի հորիզոնական գծին մէջտեղը, քիչ մը խոշոր լերդացած արիւնի գոյն խալ մը ձիւնի վրայ ինկած արիւնի կաթիլի մը նման ու յանկարծ աջ ու ձախ մէջքին կորութիւնը, որ կը ձուլուի նուրբ զիստերուն։

Նստած տախտակամածի գորգին վրայ, ստորին անդամները երկարած գրեթէ զուգահեռաբար բազմոցին եզերքին, Մոնիքին կողմը, ձախ սրունքը քիչ մը հեռու աջէն սրածայր եռանկիւն մը կը կազմէ որուն նեղ անկիւնը ուղղահայեաց, կարճ ու կորնթարդ գիծ մը, որ այդ մասը պտուղի մը կը նմանցնէ։ Ձախ ձեռքը, որ աճուկին ծալքին մէջ է, մատները ծալլած, բացի միջնամատէն՝ որուն սուր ծայրը կը գտնուի ուղղահայեաց գծին վերի մասին վրայ։ Ոտքերուն մատները բաց են, իրարմէ բաժնուած։ Այնպէս ինչպէս նստած է, մասամբ շրջուած Մոնիքին կողմը, միայն յետոյքին ծածկուած թուշը գետնին հետ յարաբերութեան մէջ կը գտնուի, բայց ոչ ճզմուած Սահմանախոյս միսի ոչ մէկ հետք։ Միայն մէկ զիստը, որ շեղած է բազմոցին եզերքէն, պզտիկ ընդլայնում մը կը նշէ յանկարծ, ուժգնութիւն մը ընծայելով ամբողջ մարմնին։ Բազմոցին վրայ երկարած թեւին ու անցնելով իրանէն ու Մոնիքին կողմը շեղած ստորին անդամներուն ներկայացուցած գիծը իր յետադարձ շարժումովը փաստաթուղթի մը ստորագրութեան կը նմանի։

Արդարեւ դրան առջեւէն տեսարանը դիտող ապշած նայուծաքին համար տեսնուածը փաստաթուղթի մը իրողութիւնն է ու անոր հետեւանքով սարսուռ մը կը սկսի սողոսկիլ մորթին տակէն։

Ընդհանուր տպաւորութիւնը լքումի տպաւորութիւն է։ Երկու մարմինները հոն ձգուած են կարծես իրենց տէրերէն, որոնք մեկնած են անվերադարձ՝ ուրկէ սրտաճմլիկ տրտմութիւն մը։ Երկու դէմքերուն վրայ արտայայտուելու անկարող ճիգ մը, ճչալու անկարողութիւն մը, հակառակ անոնց լարուածութեան, մորթին տակ պահուած սրտաբեկ յոգնութիւն մը կայ, յոգնութիւն մը որ կռիւի մը յաջորդող յոգնութիւնը կը յիշեցնէ։ Այս տպաւորութիւնը գլուխներուն կեցուածքին մէջ, ստինքներուն ուժաթափ վիճակին ու որովայնին թուլութեան վրայ։ Միայն Նիքոլին ձեռքը Մոնիքին ոտքերուն վրայ, մէկ մարմինէն միւսը շրջագայող աւիւնի մը գոյութիւնը գուշակել կուտայ, որ մասամբ զիրենք կը կապէ իրարու եւ այս աշխարհին։

Մութը սկսած է թանձրանալ։ Անկիւններուն թաքստոցէն դուրս ելած կը պտտկի սենեակին տարածութեան մէջ, հետզհետէ աւելի սեւնալով ու ջնջելով տարբերութիւնները։ Բոլորովին աչքերուն առջեւէն անյայտանալէ առաջ կը շտապէ ոգեւորիչ տեսարանը անոր տալ անշարժութիւնը հաստատուելէ առաջուան շարժումները։ Երկու ձեռքերը որոնք հանգչած էին կոնքոսկրներուն վրայ, կը սկսին երերալ, մանաւանդ միջնամատերը իրենց յարաշարժ երթեւեկովը։ Երկու մարմինները արթնցած ուժէ մը պրկուած իրարու կը դիմեն, գալարումներով, իրարու կը մօտենան եւ ինչպէս կատուները կաթ կը լակեն ամանի մը մէջէն, կը սկսին վարդանման լեզուներով լիզել մէկը միւսը, բայց արդէն սարսափած՝ ցուցամատը կը դնէ ելեկտրական կոճակին վրայ ու լոյսը անկնթարթի մը տեւողութեամբ կը լեցուի սենեակին մէջ, երբ արդէն վազելով հասած է բազմոցին եզերքը ու կը բացագանչէ.

–Անկարելի է, անկարելի…։

***

Մէկը միւսին վրայ կարծես մէկ մարմին եղած են։ Մէկ փորը յենած միւս փորին վրայ։ Ամէնէն նախնական կշռութաւոր շարժումները ունին, որոնք դէմքին կուտան ամփոփ ու խորհրդաւոր արտայայտութիւն մը ինչպէս երկաթագործին մուրճին հարուածները սալին վրայ երբ հրաշէկ ու անձեւ երկաթը կը յանձնուի մարդուն յամառ տքնանքին ու կամաց կամաց կը ձեւաւորուի ըլլալու համար գեղեցիկ եւ օգտակար գործիք մը: Մերթ ընդ մերթ մարդը, որ Մինասն է, կը կենայ, կը նայի ձեւաւորուող առարկային, որ էգն է եւ որ լուսնային դէմքը մը ունի։ Բերանը բաց է։ Շրթունքները սոթթուած, ետ քաշուած, ինչպէս ծովը տեղատուութեան մէջ, ցոյց տալով երկու պսպղուն ատամնաշարեր, իրարու վրայ սեղմուած, պիրկ, եւ ուժով մը, որ կզակէն կը մեկնի մինչեւ կոնքը, եւ ուռեցնելով զայն, յորդեցնելով մէջքը, որ իր կարգին կը ցցուի ընդառաջելով մրճահարումներուն ընդունելու համար անոնց տքնութիւնը լիովին ու ամբողջութեամբ զայն իր մէջ փոխադրելու մոլուցքով։ Շարժումը կ’արագանայ, միշտ աւելի արագ, երբ շարժումը շփոթուած է անոնց հետ, եղած անանձնական շարժում, անձնական կամքէն անջատ, ջնջուած, ըլլալով տարերային իրողութիւն մը որ յանկարծ կանգ կ’առնէ ցնցումով մը։ Երկու մարմինները իրարու կը սեղմուին։ Թեւերը կը պլլուին մարմիններու շուրջ մոլեգին պրկումով մը եւ բիրտ ցնցում մը կը կոտրէ պարապնդումը։ Արուն գլուխը կնոջ վզին եւ ուսին կազմած փոսին մէջ կը մխրճէ, դէմքը կը ծածկէ բացակայելու համար վայրէն՝ ուր առարկաները կանգնած են անշարժութեան մէջ, ապշած ու թրծուած խորհրդածութեամբ մը որ զարմանալի հանդիսատեսներու կը վերածէ զանոնք. եւ իրենց չունեցած աչքերով կը նային, նայելու գերագոյն պրկուածութենէն իրենց երեսներուն վրայ բուսած աչքերով կը նային, մէկ աչք եղած, նոյն ուղղութեամբ ու շեշտակի։ Լռութիւնը թանձր գրեթէ շօշափելի, մրմունջ մը ունի շրթունքներուն փառաբանութիւն մը ընելու պատրաստ։ Իրերու ներկայութիւնը կը խուժէ անոնցմէ ներս, զանոնք կը բաժնէ իրարմէ, կը հեռացնէ, կը մօտեցնէ իբրեւ երկու անջատ անձնաւորութիւններ բազմոցին վրայ, ձայն մը կը բարձրանայ հաստատելու համար զանազանութիւնը։

–Սիրելիս, կ’ըսէ Մոնիք, իմ սիրելիս, զիս կին ըրիր։

Ու ձեռքը կը վերցնէ, մեղմօրէն կը տանի գլուխին հաստատելու համար անոր գոյութիւնը իրմէ դուրս ու մազերը կը շոյէ։ Կը շոյէ երկար։

Փոխանակ Մեթրոն մտնելու անմիջապէս որ կայարանէն դուրս կ’ելլէ, կը նախընտրէ քալել։ Խմբագրատունը շատ հեռու չէ, բայց երբ ուշ մնացած է աւելի լաւ է մեթրոն մտնել կորսուած ժամանակը շահելու համար։ Քանի կը յառաջանայ իրեն կը թուի թէ ետ ետ կ’երթայ։ Մօտենալու տեղ կը հեռանայ։ Բան մը իրեն մէջէն արգելք կ’ըլլայ, թէեւ ոչ մէկ մտածում կայ մտքին մէջ։ Յոգնութիւն մը թեւաթափ ըրած է զինքը, ինչպէս պարտութենէ մը, յուսահատութենէ ետք։ Քայլերուն բացուածքը կ’երկարէ։ Երկու քայլով երեք քայլ կ’առնէ։ Քայլերը կը համրէ, այսինքն՝ չի մտածեր, բայց այդպէսով կը կարծէ մտածել։ Եթէ իրապէս մտածէ ժամանակը պիտի երկարի ու երբեք չպիտի հասնի երթալիք տեղը։ Քա՞նի քայլ շահած պիտի ըլլայ երբ խմբագրատուն հասնի։ Իրեն կը թուի թէ երբեք այլեւս խմբագրատուն չպիտի հասնի։ Սրտին մէջ կը սահի ու կ’ոլորուի պրկող անհամբերութիւն մը։

Այդ պահուն երկինքին վրայէն ամպի շերտեր կը վազեն։ Անոնք երկարելով, ինչպէս յօրանջող գեղեցիկ կին մը որ կ’երկարէ վերին եւ ստորին անդամները, ու ձգձգուելով կը պատռտին ու այդ պատռտուքներուն մէջէն բացուած երկինքէն արեւը կ’ողողէ վարի պուլվարը։ Արեւին լոյսին մէջէն ոտքը կը դնէ սրճարանին սեմին վրայ ու քայլ մը եւս կը մնայ անշարժացած։ Ներս պիտի մտնէ բայց չի կրնար ներս մտնել։ Կը կարծէ թէ սխալած է։ Սխալ տեղ ոտք կոխած է։ Ամէն անգամ որ կը սկսի մտածել, տարակոյսը կը սպրդի մտածումին մէջ։ Ոչ, չէ սխալած։ Այս անգամ կամքը որոշում կ’առնէ, որովհետեւ հաշուեսեղանին առջեւ երկար հասակով մարդը սրճարանատէրն է, գլուխը իրեն հակառակ կողմը դարձուցած երեք քառորդով։ Բարակ քիթին սուր ծայրը արմատէն աւելի վար է, ինչ որ իրեն գիշատիչ թռչունի մը տեսքը կուտայ։ Ցցուն այտոսկրը աւելի նշմարելի է նիհար ու խոռոչաւոր երեսին վրայ։ Երկար դէմքը դանակի շեղբի մը կը նմանի։ Մարմինը գլուխին շարժումին չէ հետեւած, անակնկալի եկած՝ մարմինը գլուխին հետ դարձնելու ատեն չէ ունեցած։ Կիսատ շարժումի, կէս ճամբան մնացած շարժումի հետքը վրան մնացած է։ Երկու ձեռքերը անշարժ են գաւաթ մը սրբելու շարժուձեւին մէջ։ Մարմնին եւ դէմքին երեւոյթէն զգալի է նայուածքին անորոշ ըլլալը, կէտի մը յառած ըլլալը, ուրկէ դիւրաթեքութիւն մը ամբողջ մարմինին վրայ, որ խորհիլ կուտայ թէ բանէ մը վախցած է։ Յաճախորդները նոյնպէս անշարժացած են։ Կորսնցուցած են իրենց ոգեւորութիւնը։ Գլուխնին առջեւնին ծռած, արուեստական դիրքի մը մէջ, ձեռքերը սեղանին վրայ՝ խաղի թուղթերը սեղմած։ Զինքը չտեսնել կը ձեւացնեն, գիտեն որ հոն է սեմին վրայ արեւի լոյսին մէջ։ Պահ մը կը կենայ սեմին վրայ՝ շուարած։ Յետոյ քայլ մը կ’առնէ գլուխը կը վերցնէ արագաքայլ կը ճեղքէ սրճարանին լայն տարածութիւնը ու կը մտնէ ետեւի սրահը հաշուեսեղանին ծայրը գտնուող դռնէն անցնելով սրճարանատիրոջ առջեւէն։ Խմբագրատունը՝ ուրկէ աղէտ մը անցած է կարծես, սեղանները, աթոռները խառնի խուռն տեղափոխուած են ու թուղթերը, լրագիրները ցան ու ցրիւ ասդին անդին, իրենց պաշտօններէն հանուած, անօգուտ խեղճ, աւելցուքներու պէս մէկդի շպրտուած՝ յուսահատօրէն աղբամանին կը սպասեն, ինչպէս մեռելները կը սպասեն գերեզման տարուելու համար։ Սրահին մէջ աւերակներու լռութիւնը կայ՝ որուն մէջ թաղուած կանգուն մնացած է Յարութիւն։

Կինը հիմա կամաց մը կը շարժի, կը պրկուի, կը տեղաւորուի ու կը դիմէ կրկին կոնքոսկրին հոն՝ ուր կը զգայ վերսկսող կարծրութիւնը, որ զինքը կը փնտռէ յամառ որոնումով մը։ Խուլ խժլտուք մը կը շրջագայէ բազմոցին շուրջ ուրկէ հրթիռներուն պէս սենեակին միջոցին մէջ կը մեկնին թաւ ձայներ մէկ կողմէն ու միւս կողմէն տքնանքի աղեկեզ ձայներ, ինչպէս եթէ դանակի հարուածներ ստացած ըլլար եւ ոչ թէ ենթարկուած՝ այն գործողութեան, որ կոյսէ մը կին կը շինէ։ Յարութիւն միշտ հոն է, ոտքի վրայ, շրջապատուած թանձր լռութիւնով մը։ Ձեռքերը շուրջը տարածած, դէմքը այլայլած, կը նայի Մինասին, որ ներս կը մտնէ ու կանգ կ’առնէ անոր դիմացը։ Երկուքն ալ անխօս են, խօսելու կարողութիւնը կորսնցուցած, բայց խօսքերը իրենք իրենց լռութեամբ լռութիւնը ճեղքելով կ’երթան կուգան մէկէն միւսը, առանց իրարու հանդիպելու, խուլերու երկխօսութեան պէս։ Ձեռքերը թոյլ ու մեղկ դաստակներու ծայրը, ուսերը կախ, խորապէս ընկճուած, չորսդին տարածուող աւերակներու մէջ կանգնած ու ինչպէս Արտաւազդ հօրը դագաղին ետեւէն բարձրացող լաց ու կոծերը ականջներուն մէջ՝ Յարութիւն յանկարծ ուսերը կը թօթուէ, կը ցցուի ըմբոստ ու զայրացկոտ, կը նայի Մինասին իբրեւ թէ ան ըլլար ամբողջ հայ ժողովուրդը եւ անոր կ’ուղղէ իր յուսահատութիւնը։

«Դուն գնացիր

Եւ զերկիրս ամենայն ընդ քեզ տարար…

Ես աւերակաց ինչպէ՞ս թագաւորեմ¦:

Գետինը, ոտքերուն շուրջը, թերթին նոր երեւալիք թիւին փորձերն են, կարծես երկրին աւերակներն են անոնք։ Յարութիւն գլուխը ծռած անոնց վրայ կը նայի բնակիչներէն պարպուած բոյներուն նմանող աչքերով ու նուաղանքով լեցուն, բայց դեռ ունենալով բաւականաչափ ուժ անոնց վրայ կոխելէ զգուշանալու համար։ Ոտքերը կը զսպէ, նոյնիսկ կը սանձէ, որովհետեւ անոնք կ’ուզեն զինքը տանիլ Մինասին երթալ կախուելու անոր ուսերէն աղաղակելով լալագին՝ «ամէն ինչ վերջացաւ», բայց միայն կրնայ նայիլ անոր կողմը, նայուածքը մէջ ընդ մէջ բարձրացնելով անոր վրայ։ Ամբողջ անձկութիւն մը կայ հոն։ Օգնութեան կոչ մըն է նայուածքը, անհամբեր ու աղերսարկու, որպէսզի ան մօտենայ իրեն, ձեռքէն բռնէ ու դուրս հանէ զայն շրջագիծէն, եթէ ոչ ահա, չպիտի դիմանայ ու պիտի կոխկրտէ թերթին սրբագրութիւններով խծբծուած էջերը։ Ապակիէ կիսորմին ետեւ ձայները կ’ըսկսին երերալ օդին մէջ, իրարու կը բախին ու կը ցրուին։ Երկու խոշոր պատուհաններուն վրայ արեւին լոյսը կը մարի աստիճանաբար։ Սրահը կ’ըսկի մթնել։ Աչքերը կը բանայ փողոցին վրայ տեսնելու համար դուրսը շէնքերէն վեր կամար բռնած երկինքը՝ ուր ամպերը կը կուտակուին թաւալգլոր, վար կ’իջնեն մինչեւ տանիքները, սեփ սեւ, խոժոռ, խափանելով արեւը։ Մինաս ուսերը կը ժողուէ վզին շուրջ դիմագծերը պրկած, սեղմ ու չարաշուք, մահացու հարուած մը սպասող մէկու մը պէս։ Երկու պատուհաններուն մէջտեղը դուռը կը բացուի շռնթալից ու կը գոցուի նոյնյետայն ընդ միշտ գոց մնալու համար կարծես։ Դուռը գոցուած է սարսափահար քամիին աքացիներով, գոց մնալու դատապարտուած։ Միեւնոյն ատեն ամպերը կը ճաթռտին լոյսի զիկ զակ կրակներ արձակելով։ Պահ մը խորհրդաւոր լռութենէ վերջ քաղաքին մէկ ծայրէն միւսը որոտը կ’արշաւէ սպառնական, պատռտուելով ու ճաթոցներով։ Հազիւ որոտն ու կայծակները իրենց որջերը մտած, մեծ ժխորով տեղատարափը կը սկսի միօրինակ ու ատով իսկ՝ իր յաւիտենական բնոյթով։

Դիմացը, Յարութիւնին ետեւը, մերկ ու գունաթափ պատին վրայ կախուած է դեղնոտած խաւաքարտէ օրացոյցը, բոլորովին անտարբեր ներսի ու դուրսի դէպքերուն։ Խաւաքարտին կէսէն վերի մասին վրայ խոշոր գիրերով օրացոյցը պատրաստող հաստատութեան անունը։ Անունին տակը տարեթիւը, 1929։ Տարեթիւին տակ, իրարու կցուած քառանկիւն սպիտակ թղթիկներու տրցակը՝ որուն վերջինը, այսինքն՝ առաջինը որ իրեն կը նայի իր յամառ անտարբերութեանը մէջէն, կը կրէ տակէ տակ Ապրիլ 22, նմանապէս խոշոր գիրերով ու թուանշաններով։ Նայուածքը պատէն կ’իջեցնէ։ Պատին դէմը, բազմոցին վրայ մարդը արդէն թափանցած է, բայց շարժումները, զորս վերսկսած է, դեռ չեն ստացած ելեւէջի կանոնաւորութիւնը, որովհետեւ նոր է թափանցած յանկարծօրէն ու շուարած երեւոյթ մը կայ ամբողջ մարմինին վրայ, իբրեւ թէ անսպասելիօրէն ինկած ըլլար ինչպէս մարդ կ’իյնայ երազին մէջ։ Ամբողջութեամբ երկարած է կնոջ մարմինին վրայ, իրանը թեւերուն մէջ գրկած, սեղմ, մոլեգին։

Ծունկերը ծալլած է կնոջ լանջին երկու կողմերը, դրած բազմոցին վրայ ու միւսին սրունքները օդին մէջ, մէջքէն վեր, միացած երկու ոտքերով, մէջքին շարժումները կը սկսին խուզարկել անոր արգանդին խորութիւնները։

Կինը մարմինին կեդրոնը բարձրացուցած է, լարած աղեղի մը նման ի նշան մատուցումի, մինչդեռ թեւերը գլխէն վեր երկարած՝ փախուստի ճամբայ կը փնտռէ։ Դէմքը թեթեւ մը ծռած է աջ թեւին վրայ, բերանը բաց՝ քաղցր ու հնազանդ տառապանքի մը արտայայտութիւնը վրան։ Հիմա պիտի պոռայ։ Շրթունքները կը կծկուին ցաւի ներգործութենէն, ցաւի մը որմէ անկարելի է հրաժարիլ, որովհետեւ հաճոյքի մը որոնումն է։ Կուրծքին հետ ստինքները կ’ուռին՝ կ’ալեծփին դժուար շնչառութեան եւ արտաշնչումի լայն ալիքներէն եւ աղմուկը զսպելու ճիգով մը ակռաներու տակ՝ ուր կը փշրուի ինչպէս ջուրին յատակէն մակերեսին բարձրացող պղպջակները որ կը պայթին մէկը միւսին ետեւէն ու կը վերածուի խոշոր, տառապագին շշուկի մը՝ նման հոգեվարքի հոգոցներուն։ Քթածակները հետզհետէ կ’ընդլայնին թրթռուն ու սողոսկուն։ Դէմքը երանութեան հով մը կ’առնէ։ Գլուխն ի վեր երկարած թեւերը ոլորուն գալարումներ ունին։ «Մերինները ո՞ւր են» կը հարցնէ Մինաս յանկարծ անձկութենէ մը բռնուած, նոր որբացած տղու մը պէս։ «Չեմ գիտեր, գնացին» կը պատասխանէ Յարութիւն։ «Ինչպէ՞ս թէ գնացին»։ «Գնացին երբ անոնք եկան, այս դուռէն, սրճարանին կողմէն»։ «Փախան» կ’ըսէ Մինաս մտածկոտ։

Յարութիւն ձեռքերը կը բարձրացնէ անորոշ շարժումով մը, աչքերը խոշորցած, յօնքերը կիտած, յետոյ դանդաղօրէն կը ծռի գետնէն թուղթերը ժողուելու համար։ Հաւաքած թուղթերը կը դնէ սեղանին վրայ, կը նստի անոնց առջեւ, գլուխը կը կախէ։

***

Պուլվարին վրայէն կը քալէ դանդաղ։ Բայց միշտ մտածկոտ, յաճախ ընդհարելով անցորդներուն եւ ստիպուած ամէն անգամ «ներողութիւն» շշնչալու, մեքենաբար։ Երբեմն քայլերը կ’արագացնէ կռնակէն գալիք հարուածէ մը խոյս հալու համար, յանկարծ գլուխը ծռելով եւ ուսերը ժողուելով գլխուն շուրջ, որ իր անցեալէն մնացած յիշատակ մըն է մարմնին մէջ։ Հին ատենուան պէս ոեւէ անցորդ կրնար զինքը անարգել, ժխտել իր գոյութիւնը իր հետապնդումովն իսկ։ Կը քալէր ծուռ, սեղմուած, լարուած, աքցանուած ու վախնալով ետ դառնալու եւ աչք աչքի գալու հետապնդողին հետ։ Բայց եւ այնպէս կը փնտռէ անոր աչքը ուղիղ նայելու համար, որպէսզի վախը փարատի, մինչդեռ դողդղան անձկութիւն մը սիրտը կը պրկէ, կուրծքը կը կարծրացնէ արգիլելով շունչին ծաւալիլը իր մէջ։ Ու այդ անկարելիութիւնը ետ դառնալու՝ խեղդուուք մը կ’ըլլայ։ Մէկը զինքը կը խեղդէ կարծես։ Թերթին փակումով այնպէս կը թուի թէ պուլվարին վրայ քալելու իրաւունքը ետ առնուած է իրմէ։ Թշնամին կը շարունակէ հետապնդել զինքը, մերթ ընդ մերթ հպելով ուսերուն, իրեն յիշեցնելու համար պուլվարին վրայ քալելու արգելքը։ Գլուխը որ ծռած է մեղաւորի գլխու մը պէս, սրտին անձկութիւնը մոռնալու համար քայլերը կը համրէ մինչեւ որ անմեղութեան գաղափարը՝ տեղ գտնէ հոն ու հանդարտի, յանկարծ կը վերցնէ, կը շնչէ ազատօրէն։ Անցորդներուն կը նայի ժպտերես, հանգիստ, անոնցմէ ներուելու թախանցանքով ու ձախաւեր շարժումներուն պատճառով շփոթութեան մատնուած մէկու մը պէս կը զարնուի անոնց ու ժպիտը մէկէն կը մարի երեսին վրայ։ Երեսը կը մթագնի։ Այն ատեն է որ «ներողութիւն» կ’ըսէ ու մարդը ինքն ալ շփոթած անոր ձայնին խոնարհ շեշտէն, ձեռքը կը բռնէ ու «ներողութիւն» կ’ըսէ, կրկնելով մեքենաբար իրեն արտասանած բառը։ Քիչ մը անդին փողոցին անկիւնը արագօրէն կը դառնայ աջին, կը կանգնի շունչը բռնուած, քանզի մեծ վախով է կատարած այդ սխրագործութիւնը ու մէկէն ետ կը դառնայ գլուխը վեր բռնած։ Տանիքներէն վեր երկինքին նուաղուն կապոյտին վրայ ոլոր մոլոր սպիտակ ամպի քուլաներ կը թափառին, կը ցրուին ու կը քաշքշուին, կը վերակազմուին միակ խոշոր ամպ մը ըլլալու համար յարածուփ հօտի մը նման՝ որուն ոչխարները ինքնամոռաց կը հեռանան հոս հոն տարածուելով ու յանկարծ կ’ամփոփուին կարծես վախնալով կապոյտին անհունէն, իրարու կը սեղմուին։ Նայուածքը երկինքին մէջ, ինքզինքը լքած, թուլցած, շրթունքները կը շարժին, «փախան» կը շշնջէ։

Գետը յուլօրէն կ’երկարի տանը առջեւէն։ Իրիկնային հովը կնճռոտած է անոր մակերեսը։ Ստորակէտներու նմանող ալեակները իրարու ետեւէ կը վազվզեն անոր վրայէն։ Հովը թեթեւօրէն կը խաղայ յետմիջօրէի քունէն արթնցած գետին հետ։ Օդը պայծառ է։ Պարտէզին մէջ Նիքոլ գլուխը խօթած յասմիկի թուփին մէջ կը շնչէ անոր բարկ բոյրը, դէմքը վերացած, քիթին թեւերը կը թրթռան, հոլանի ուսերով ու եղեգնանման մարմինը զգեստին տակ սողոսկուն։ «Նիքո՜լ» կը պոռայ վերի պատուհանէն «Նիքոլ», եկուր կը մսիս, հովը զով է»։ Նիքոլ ականջ չի տար թախանձանքին։ Մերկ թեւերը կը բարձրացնէ գլխէն վեր, կարծես բռնելիք տեղ մը կը փնտռէ երկինքին մէջ ուր ճերմակ ամպի կտորներ կարած են։ « Մինէ, կը ձայնէ յանկարծ սիրտը թունդ ելած, Մինէ, շուտ, շուտ, զիս թեւերուդ մէջ առ, պիտի մարիմ»։ Արդէն ծունկերը կը կքին, կը ծալլուին ու խմորի նման թուլցած մարմինը գետինը կ’իյնայ։ Մինաս պատուհանին առջեւն է մարմինը կիսովին պատուհանէն դուրս, ինչպէս երբ կը կանչէր «Նիքոլ, եկուր, կը մսիս»։ Մինչդեռ տագնապած՝ կ’ուզէ մարմինը հեռացնել պատուհանէն, վազել երթալ Նիքոլը գրկած տուն բերել եւ ատիկա անմիջապէս, այդ վայրկեանին իսկ երբ տակաւին ուշ չէ։ Սրտի անպատում հատնումով ինքզինքը պատուհանէն ներս կը քշէ, ոտքերը կը վերցնէ եւ կ’ուզէ վազել, բայց աւաղ, տեղն ու տեղը գամուած ըլլար կարծես։ Քայլերը ջլատուած են։ Կուրծքին մէջ հեւքը կ’աճի, կը հաւաքուի ու կը կուտակուի։ Չի կրնար տեղէն շարժիլ։ Իրմէ անկախ ուժ մը զինքը կը բռնէ պատուհանին առջեւ, նայուածքը պարտէզին մէջ ինկած Նիքոլին վրայ եւ տեղէն չի կրնար շարժիլ, այսինքն՝ չի կրնար տեղափոխուիլ, որովհետեւ շարժում մը կայ որ զայն կը կարճեցնէ կանգնած տեղը, մարմինը կը ծալլուի, կը թուլնայ ու կը գլորի։

  Իրականութեան մէջ Մոնիքի վրայէն վար սահած է, բայց ոչ ինկած։ Մարմինը կիսովին անոր վրայ է, սրունքին մէկը մնացած անոր փորին վրայ միւսը՝ երկարած։ Գլուխը կառչած մնացած է Մոնիքին ուսին ու ձախ ձեռքը կուրծքին վրայ, մէկ ստինքին պտուկը ցուցամատին ու բթամատին միչեւ, անշարժ, անոյժ։ Նոր դադրած է ստինքը փայփայելէ ու անշարժացած է մէկէ ի մէկ, երբ ինկած է կարծես քունին մէջ, բայց ոչ տակաւին սառած անշարժութիւն մը, քանի որ շունչը դեռ հեւքոտ ելեւէջ մը ունի։ Քիչ վերջ, խորացող քունի ազդեցութեան տակ ձեռքին ու մատներուն մեղկութիւնը տեղի պիտի տայ դանդաղօրէն անշարժութեան, որովհետեւ հոգին՝ քաշուած՝ պիտի երթայ թափառիլ ուրիշ տեղեր։ Դրուած Մոնիքին կուրծքին վրայ՝ ձեռքը մարմինին միւս մասերուն ամբողջութենէն զատուած, օտարացած, զոր բազուկը ամբողջութիւնը կը կապէ իբրեւ անոր շարունակութիւնը, ինչպէս պորտակապը երեխան կը միացնէ մօրը։ Երկու մատներ, բթամատն ու ցուցամատը, որոնք, ստինքին վրայ ինկած են հիմա եւ երկու ստինքները բաժնող զոդաւոր գծին վրայ կը գտնուին՝ ինկած են անշարժութեան մէջ բայց շարժումը դեռ բոլորովին սպառած չէ, թէեւ կտրուած իր շարունակականութենէն մատներուն ծայրերուն վրայ քերուուտուքի պէս բան մը կը յամառի կառչիլ առանց կարենալ դիմադրելու հետզհետէ աճող ձգողութեան ուժին։ Մատներուն ծայրերուն վրայ շարժումը դեռ կը յամենայ թէեւ անտեսանելի, քանզի խուլ մաքառում մըն է ներքին, որ տագնապումի ներկայութիւնը յայտարարողն է։ Միւս երեք մատները մոռցուած ստինքին գմբէթին վրայ, անոնք ալ հրաժարած կը թուին իրենց առաքելութենէն, այսինքն՝ փայփայելու գործունէութենէն, կը գոհանան լոկ հանդիսատեսի դերով ու նայելով դէպի վար ինչպէս եթէ գտնուէին թատրոնի վերնատունը ողբերգութեան մը ներկայացումի ընթացքին։ Ինքզինքը կը տեսնէ փողոցին անկիւնը, ետ դարձած, թափթփած ուժերը հաւաքած, շտկած, դասաւորած գլուխը վեր առած կը համարձակի նայիլ վճռականութեամբ։ Կը նայի փողոցին ընդհանրապէս իսկ մասնաւորապէս անցորդներուն։ Անցորդները միայն մարդեր չեն։ Անոնք քաղաքացիներ են, որ գիտեն։ Ատոր համար անոնց կը նայի վճռականութեամբ ուղղակի աչքերուն մէջ, անոնց գլխուն մէջէն վանելու համար գիտցածնին։ Բայց չի կրնար նայիլ։ Չի համարձակիր, որովհետեւ անհամարձակութիւնը վախին քարացած վիճակն է։ Կը վախնայ անոնց հակադարձումէն «ի՞նչ եկեր ես մեր երկիրը խառնակելու, երկիրդ գնա»։ Անմիջապէս ինքն իր մէջ կը մտնէ ջայլամի պէս որ գլուխը աւազին մէջ կը խրէ թշնամիէն չտեսնուելու համար։ Այդպէս իրեն սպառնացողը չի տեսնուիր։ Միայն ինքն է ու փողոցը։ Փողոցին մէջ առանձնացած՝ ներքին ձայնին ունկնդիր, մեղադրանքը զոր ըրած էին զինքը հետապնդողները, այդ ներքին ձայնն է որ կ’ուզէին խեղդել բայց ով զարմանք այդ խեղդուուքէն, խեղդուուքը ճեղքած, ուրիշ բան մը կը բարձրանայ իր մէջէն։ Այդ ձայնը հպարտութեան ճիչն է մէկու մը, որ կրցած է արգիլուած բան մը ընել։ Ինչ որ ճնշուած էր իր մէջ, կրցած է ոտքի կանգնեցնել։ Փողոցը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ճամբայ մը՝ ուրկէ մարդիկ՝ կ’անցնին ինքնամփոփ, իրեն պէս իրենք իրենց մէջ մխրճուած, իրենց հոգերով եւ ուրախութիւններով։ Անոնք շատերու պէս կ’անցնին իր քովէն, սահելով։ Փողոցը լայն ու երկար, շատ երկար պողոտայ մըն է եզերուած հնաւուրց ծառերով՝ որոնց շուքէն մարդիկ կ’անցնին ինչպէս երազի մը մէջէն։ Արեւելքէն արեւմուտք պողոտան կ’երկարի ուղղագիծ, հոսանուտ։ Հիմա հանդարտութիւնը գտած է ան։ Բայց երբ կռնակը կը դարձնէ ու կը շարունակէ ճամբան, յանկարծ զինքը հետապնդողներ դուրս կ’ելլեն ստուերէն։ Ամբողջ քաղաքը հալածողներու թափօր մը կ’ըլլայ։ Կը կանգնի կեցած տեղը, մայթին մէջտեղը ու իրեն այնպէս կուգայ թէ ահա, զինքը պիտի շրջապատեն, պիտի տանին։ Կը սկսի քալել։ Երբ կը քալէ փողոցը կը հոսի եւ ինքն ալ քայլ կը բռնէ հոսանքին հետ, բայց յանկարծ քայլերը կ’երկարէ, կ’ուզէ վազել օգտուելով փողոցին երեւութական հանդարտութենէն։ Դէմքին վրայ վճռական մտադրութեան հետքերը կ’երեւին, այսինքն՝ կ’ուզէ փախիլ։ Դիմագծերը պրկած, նայուածքը լարած կը նայի մարդկային թափօրին մէջ ճեղք մը փնտռելով ու երբ կը կարծէ հասած ըլլալ իր նպատակին՝ քայլերը կ’արագացնէ, կը մտնէ ճեղքուածէն ներս ու կը ստիպուի հրմշտկել անցորդները բերանը լեցուն «ներողութիւն»ներով եւ այտերուն վրայ առատ ժպիտներով։ Հասնելով յաջորդ փողոցին անկիւնը, մեթրոյին մօտ, լրագրավաճառին քէօշկին առջեւ կանգ կ’առնէ։ Ներսը քէօշկին նեղ միջոցին մէջ, չորսդին կախուած թերթերուն ու հանդէսներուն տակ, գլուխը ծռած, լրագրավաճառուհին կը ժպտի իրեն։ Ինքն ալ կը ժպտի ինքնաբուխ մղումով եւ առաջին անգամ ըլլալով առտուընէ ի վեր խօսելու անյագ փափաք մը կ’ունենայ դրդուած կնոջը հաղորդական ժպիտէն։ «Ահ, ինչ անձրեւ էր, կ’ըսէ, կարծես երկինքը պիտի պատռտուէր»։ Ատոր վրայ կնոջը ժպիտը կը խոշորնայ, ամբողջ դէմքը կը գրաւէ։ Շրթուքները կը քաշուին ատամնաշարերը ցոյց տալով։ Մաքուր, ճերմակ, արծաթի պէս փայլուն ատամնշարերը լոյս կը վառեն քէօշկին կիսամութին մէջ։ Այդ լոյսը պահ մը իր աչքերէն ներս կը լուսաւորեն ներքին մթութիւնը։ Ուրախութեան վերադարձ մը կը զգայ ու խանդավառ՝ ձեռքը կ’երկարէ թերթերուն, աւելի ճիշդը՝ դէպի «Լը թան» բայց ձեռքը կէս ճամբայէն շեղելով կը դնէ «Աքսիօն Ֆրանսէզ»ին վրայ: Փոխանակ ամէն կէսօրուայ վերջի պէս «Լը թան»ը առնելու չհասկցաւ թէ ինչո՞ւ «Աքսիօն Ֆրանսէզ» առած էր։ Երբ թերթը կը բանայ ամբողջ լայնութեամբ ու անոր ճակատը բռնող անունը կը պարզէ դրօշակի մը նման, երկու ձեռքերով ուժով մը բռնած, բոլորովին նոր խաղաղութեամբ մը կը լեցուի։ Թերթին պատնէշին ետեւ ապաստանած ուշի ուշով կարդալ կը ձեւացնէ, ձախ աչքին ծայրը թերթին սահմանէն դուրս, քթին վրայէն նախորդ փողոցին անկիւնէն մինչեւ իր կեցած տեղը կտրած ճամբան կը դիտէ։ Քէօշկին կուշտը, մայթին եզերքէն մէկ մեթրի չափ հեռու կեցած է։ Նոյն աչքը երբեմն փողոցին կը նայի։ Կառքերը կ’անցնին անդադար իրարու ետեւէ հեծանիւներ, բեռնակառքեր ահագին ժխոր հանելով։ Փողոցը աղմուկի գետի մը կը վերածուի, ուրկէ դիմացի կողմը անցնիլ անկարելի է։ Կառքերու անդադրում գիծը պատ քաշած է առջեւը, բայց եւ այնպէս ամբողջ ուշադրութիւնը լարած կը հետեւի առիթի մը երբ յանկարծ ճեղք մը բացուի կայծակի արագութեամբ անցնի դիմացը զինքը հետապնդողները խաղի բերելով։ Լարած ուշադրութիւնը եւ մտադրութիւնը կատարելու անկարելիութիւնը պահէ պահ անձկութեան ալիքներ կը բարձրացնէ կուրծքին մէջ ու աչքերը խաւարումի բողբոջումներ կ’ունենան։ Անգամ մը ինքզինքը կը տեսնէ փողոցին մէջտեղը՝ ուրկէ անցնող արագավազ կառք մը ժամանակ չունենալով վազքը կասեցնելու զայն կը ճզմէ անիւներուն տակ իրարու վրայ սկրդուող երկաթի աղիողորմ ժխոր մը բարձրացնելով։ Աղմուկով խեղդուած միջոցին մէջ՝ նոյն ժխորը կոկորդին մէջ տեղի կ’ունենայ, միայն իրմէ լսելի, բայց որ զինքը անճանաչելի կը դարձնէ։ Այն ատեն երկու աչքերը կրկին կը բերէ թերթին վրայ։ Կարդալու գիրք կ’առնէ, գոնէ ինքզինքը համոզելու իր անմեղութեան համար։ Նման պահու մը միայն թերթին անունը պիտի բաւէր զինքը կասկածելի դարձնելու։ «Աքսիօն Ֆրանսէզ»ի ընթերցումը հաւանաբար նոյնքան վտանգաւոր էր գոնէ արհամարհելի, որքան «Հայաստան»ինը։ Ան ոստիկանական հսկողութեան տակ էր կիրակի օրերը եկեղեցիներուն առջեւ եւ շուկաներուն վրայ։ Այնպէս ինչպէս դրօշակի մը պէս պարզած է թերթը կրնար գրգռութեան տեղի տալ ու յանկարծ տեղէն ցատկելով կը փորձէ դիմացը անցնիլ ու հետքը կորսնցնել, բայց հազիւ դիմաց անցնելու գաղափարը յայտնուած մտքին մէջ, թերթը արագ արագ կը ծալլէ, կը ճմռթկէ ու նետելով քէօշկին ետեւը, անկէ քիչ մը անդին մայթին անկիւնը մեթրոյին սանդուխներէն կ’իջնէ առանց ետեւը նայելու։ Արեւին լոյսը անկանոն ծոպերով ինկեր է բազմոցին վրայ։ Մոնիքին դէմքը կէս մը շրջած՝ կը հանգչի Մինասին դէմքին մօտ։ Դէմքը սուր ու խիստ արտայայտութիւն մը առած է քիչ մը առաջ ունեցած տուայտանքի կծկումներուն իբր հետեւանք, մինչդեռ Մինասինը բոլորովին լքուած երեւոյթ մը ունի։ Դիմագծերը թոյլ են ու առած են ամբողջական բացակայութեան մը դրոշմը՝ զուրկ այլեւս ոեւէ կամեցողութենէ։ Ձեռքը սահեր իջեր է աղջկան փորին վրայ, սրունքը անոր սրունքին բայց մէկը միւսին անգիտակից, երկուքն ալ ինկած են, լքուած, թափուր իրենց առանձնութիւններուն մէջ, պահ մը ձուլուելու համար կատարած մաքառումէն վերջ։ Լոյսը քիչ քիչ կը քաշուի բազմոցին վրայէն, կը բարձրանայ սողոսկելով մերկ մարմիններուն վրայ, նախ Մինասին ու յետոյ Մոնիքին, ծոպերը հաւաքելով, կլորնալով խոշոր լուսինի մը պէս, որ հետզհետէ կը պզտիկնայ ու մէկէն կը ցատկէ պատին վրայ՝ կարճատեւ կենդանութիւն մը տալէ վերջ երկու անկենդան մարմիններուն ու հազիւ պատին վրայ՝ յանկարծ կ’անհետանայ կարծես պատէն ծծուած։ Վերը, իր շրջանակին մէջ, պարոն դատաւորին աչքերը վայրագ շեշտ մը կը ստանան գորշացող սենեակին մէջ։ Անկարող այլեւս հետեւելու բազմոցին վրայի տեսարանին աճող բարկութիւն մը կ’ուռեցնէ զանոնք։

Շունչը բռնած ու շուարած, թակարդի մէջ ինկած անասունի պէս կը ցատկռտէ, երբեմն գլորելով գետնի խորտուբորտութիւններուն վրայ։ Գնացքը շատոնց գացեր է, ինքը մնացեր է հոն, մինակ, ամայութեան մէջ։ Փապուղին անհունօրէն կ’երկարի կիսամութին մէջ։ Լապտերներուն անզօր լոյսը տեղ տեղ, հեռուէն հեռու, կը ճգնի լուսաւորել, բայց անոնց ճառագայթները մութէն կտրուած, մկրատուած, չեն կրնար տարածուիլ։ Հազիւ ծնած լոյսին ակէն՝ նուաղկոտ բիծեր կ’ըլլան անկարող աւելի հեռուն ճեղքելու մութը, մթութեան մէջ պահուըտած դեւերու աչքերէն որ վախ կը յառաջացնեն իր մէջ, թէեւ սպառնական ոչինչ ունին, աւելի զննող են քան թէ սպառնական որ շարժում կ’ենթադրէ, տեսակ մը կենդանութիւն եւ որուն կարելի է դիմադրել լարուած կամքով մը, մինչ այդ դիւային աչքերը իրենց լուռ ու պաղ նայուածքով յամառօրէն կը հետեւին իրեն, ետեւէն թէ առջեւէն կամ կանգնած պահուն, զինքը կը պարուրեն իրենց ամուր գոցուած շրջանակին մէջ։ Միայն լոյսի գօտիէն դուրս, մթութեան մէջ, քիչ մը շունչ կը քաշէ, միշտ տենչալով լոյսին ու սոսկալով անկէ, կը քալէ հանդարտ՝ ելքի մը հետամուտ այդ ուղիղ ու անվախճան ճամբուն վրայ։ Ելքերը շատոնց գոցուած են, ճաղերը քաշուած։ Գնացքները երկար ատենէ ի վեր իրենց հանգստարանները քաշուած՝ կը քնանան։ Այո, կը քնանան։ Միայն քունը կրնայ հանգստութիւն բերել։ Քնանալ, երկննալ գետինը ու քնանալ։ Չի կրնար քնանալ։ Եթէ քնացած մնայ այդպէս գետինը երբ առաւօտեան գնացքներու շարանը անցնի արդէն, ոսկորները կը կճրտան ականջներուն մէջ ու միտքը իրմէ կը հեռանայ պահ մը եւ այդ հեռացած պահուն է որ կը զգար իր ճզմուած մարմինին հոսիլը լավայի պէս, որ կ’երթայ ոլոր մոլոր մութ փապուղիէն՝ հանդարտ, անհասկնալի համակերպութեամբ մը, նոյնիսկ վայելչութեամբ ու այդ հոսքին հակառակ ուղղութեամբ դէպի իրեն հոսող մանկութիւնը որ անցնելով իր կեանքին փուլերէն կը հասնի այդ պահուն՝ ուր դեռ կը զգայ ոսկորներուն կճրտուքը ականջներուն մէջ։ Յանկարծ կը ցնցուի։ Կարծես այդ հոսանուտ մածուցիկ նիւթին վրայ օտար մարմին մը ինկած ըլլար, ինչպէս թթու մը, որ զայն կը կծկէ դողդղացնելով, իր շուրջը կը ժողուէ, կը միաւորէ։ Ահա ինքն է նորէն, կանգնած փապուղիին մէջ, լքուած արշաւող գնացքներէն, շնորհիւ մարմնին կոյր խորութիւններէն ինկած հրամանի մը, որ կը մտրակէ սրունքները որպէսզի քալէ, վազէ հասնելու համար լոյսին։ Կը վազէ ի խնդիր արշալոյսին, բայց արդէն ուշաթափ՝ ծունկերը կը կքին ու կը տապլտկի գետնի խորտուբորտ ցցուածքներուն վրայ, զորս կը խորհի թէ գետնուղիի երկաթագծերը բռնող փայտերն են։ Շունչը բռնած կը մտաբերէ։ Այո, գետնուղիին մէջ կը գտնուի եւ ոչ թէ այն անծանօթ ստորերկրեայ փապուղիին որ կ’երկարի նեղնալով, սեղմուելով իր շուրջը ու խորանալով։ Ապացոյց որ լոյսեր կան տեղ տեղ, իրարմէ հաւասար հեռաւորութեամբ, այնպէս որ ինքզինքը կը գտնէ մերթ լոյսի գօտիի մը մէջ, մերթ մթութեան։ Գնացքները շատոնց դադրեցուցած ըլլալու են իրենց երթեւեկը եւ գիշերը իջած, վերը, քաղաքին վրայ։ Բոլոր ելքերը գոցուած ըլլալու են, ճաղերը քաշուած։ Պահ մը կը կանգնի, շունչ մը կը քաշէ։ «Պէտք է սպասել» կը խորհի կը նայի չորս դին։ Աչքերը աղօտ լոյսի մէջէն պղտոր մթութեան կը հանդպին։ Ու մտքին սպասման վիճակը յանկարծ անդոհանքի տեղի կուտայ։ Հապա եթէ գտնուած տեղը գետնուղիին տեղ քաղաքին կոյուղիներէն է։ Ծանր, անտանելի յուսահատութիւն մը կը պաշարէ զայն։ Տեղն ու տեղը կը մնայ անշարժ, արձանացած, ու մտիկ կ’ընէ սարսափը որ կը բարձրանայ կոկորդէն ոչ թէ բերնէն դուրս թափուելու համար, այլ՝ կը խռնուի գլխուն մէջ եւ որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ անյատակ զգացում մը մինակութեան, լքուած աշխարհէն ու նետուած ստորերկրեայ խաւարին մէջ։ Աչքերը խոշոր խոշոր կը բանայ յուսահատ ճիգով մը խաւարը ծակծկելու, ու անկէ ելքի մը ճամբայ բանալու մոլեգին կամքով մը։ Ճիշդ այդ պահուն ականջներուն կը հասնին պոռչտուքներ, մարդկային խռպոտ ձայներ, անկանոն շնչառութեան հոգոցներ։ Որքան ալ տխուր ըլլայ երեւոյթը յոյսի նշոյլ մը կը տեսնէ այդ մարդկային ներկայութեան մէջ։ Հեռուն, աղօտ լոյսէն անդին, չինական ստուերներու նման, երկու մարդկային ձեւեր կը շարժտկին, կը վազեն, կը կենան, իրարու կը բախին, ձեռքեր կը բարձրանան օդին մէջ ու կ’իյնան։ Կռուողները յոգնած են։ Անոնց քայլերը կը քաշքշուին գետնին վրայ։ Այդ պահուն անոնց դէմքերը կը յայտնուին տարտամ լոյսին ֆօնի վրայ։ Մարդ մը եւ աղջիկ մը, որ անագորոյն մաքառումէ մը վերջ կը տքտքան։ Մարդը, վերջին ճիգով մը աղջկան դաստակէն բռնած, կը քաշէ իրեն։ Աղջիկը կը դիմադրէ ամբողջ ուժովը, բայց ուժը արդէն սպառած է, դէմքը այլանդակուած, արտառոց, ամեհի մոլեգնւթեան հասած, իբրեւ հուսկ ապաւէն բերանը պատռելու աստիճան կը պոռայ։ «Մինէ՜»։ Մարդը ետ կը դառնայ անմիջապէս, աչքերը բոց կ’արձակեն, սպառնական, իրեն կողմը վազելու փորձ մը կ’ընէ աղջիկը թեւերուն մէջ կաշկանդելով։ Այն պահուն՝ ուր մարդը ետ կը դառնայ կայծակի արագութեամբ անոր դէմքը կ’արձանագրուի մտքին մէջ։ Մարդը բազմոցին վերեւը կախուած նկարին՝ պարոն դատաւոր Ֆրըտօնիէի դէմքն է։ Մինաս տեղէն ցատկելով կը վազէ երթալ Նիքոլը ազատելու համար մարդուն ձեռքերէն, որ արդէն զինքը բռնած, գրկած գետին նետուելու վրայ է։ Մինաս կը վազէ, ժամանակին սկիզբէն ի վեր քալելէն յոգնած եւ չի կրնար յառաջանալ։ Ամբողջ հոգիովը ու մարմնովը լարուած, բայց կամքը ամէն մէկ քայլ առնելու փորձին կը կապկպուի, կը քարանայ։ Անկարող յառաջանալու, վազելու, կը նայի կոկոզավիզ, աչքերը իրենց խոռոչներէն դուրս, յուսահատ, հեռացող Նիքոլին, որ սահելով անհուն տարածութեան մը վրայէն, զիրենք անդադար հեռացնելով իրարմէ անհասանելիօրէն, կը հասնի մինչեւ հորիզոնը, կը գլորի անոր հորիզոնական գիծէն անդին, ինչպէս ամառուան իրիկուն մը արեւը երկինքէն կ’իջնէ ու հասնելով հորիզոնին կամաց կամաց, մէկէն կը կորսուի երկրին վրայ նետելով գիշերուան առաջին ստուերները, որոնք տրտմութիւն մը կը նետեն աշխարհի վրայ։ Ձայնը զուգահեռաբար իր հեռացումին ու միեւնոյն դանդաղութեամբ կը մարմրի, կ’անհետանայ։ Մութը կը թանձրանայ։ Յարութիւն ոտքի կը կանգնի ձեռքերուն վրայ յենուելով։ Սաստիկ յոգնած է։ Ուսերը կախ են։ Դէմքը թուլցած։ Եւ սակայն կը ծռի գետին, մէկ ձեռքով կ’առնէ «Հայաստան»ի լոյս չտեսած թիւին սրբագրուած փորձերը։ Յետոյ կամաց կամաց կը շարժի։ Կը քալէ։ Քովնտի փողոցին դուռնէն դուրս կ’ելլէ։ Դուռը կռնակն է։ Գոցած ատեն շրթունքները կը շարժին, «լմնցաւ» կ’ըսեն։ Ու Յարութիւն առանց անգամ մը իսկ տպարանին կողմը նայելու դանդաղօրէն մինչեւ փողոցին անկիւնը կը քալէ։ Հոն կը կենայ, գլուխը կարծես վախով ետ կը դարձնէ ու սեւեռուն նայուածք մը կը նետէ։ Յետոյ քայլ քայլի ետեւէ, հատիկ հատիկ ոտքերը կը յառաջացնէ լողալ չգիտցող մարդոց պէս ու կը քալէ Պուլվարին վրայէն իբրեւ թէ ովկիանոս մը ըլլար ան։ Գլուխը սահեցուցած է քիչ մը աւելի առաջ ուսին վրայ, ուսին եւ վզին կազմած անկիւնը նեղցնելով, որ մտմտուք մը կը դնէ դէմքին վրայ։ Դիմագծերը ամփոփ։ Երբեմն ստուերներ կը սողան ճակատին վրայ այդպէս կազմուած կնճիռներէն դուրս։ Թեւերը գրկած, կծկուած, տղուն անութին տակ սեղմած է գլուխը։ Ծունկերը ծալլած, մարմինը կողին վրայ շրջած, պզտիկնալու ճիգ մը ունի, ճիգ մը, որ զինքը կը նմանցնէ ապաստան փնտռող վիրաւոր անասունի մը։ Մարմինը շրջած ատեն միւսին ձեռքը սահած վար ինկած է ու հիմա կը հանգչի անոր աճուկին զոր աղջիկը կը սեղմէ հոն ինկած բռունցք եղած ձեռքին դէմ։ Ամբողջ մարմինը կեդրոնաձիգ, կծկուող շարժում մը եղած է ու դեռ չամբողջացած, կէս ճամբան մնացած ըլլալու տեսք մը ունի։ Շարժումին մէջ առկախ մնացած է։ Եւ դեռ հոն կայ դողի մը ներկայութիւնը, որ հիմա բացակայ է բայց զգալի՝ իր անցած ճամբուն մէջ։

Իրիկունը արդէն տեղաւորուեր է սենեակին մէջ, ոտքին մատներուն վրայ սահելով, ուրկէ փխրունութիւն մը օդին մէջ, որ սենեակին կուտայ հիւանդկախ երեւոյթ մը, հիւանդի սենեակի մը նման, ուր տառապանքը մաշեցուցած է ամէն բան եւ ուր յառաջացող գիշերուան մը մտատնջութիւնը սկսած է հիւսել իր ոստայնը։ Եւ սակայն հոգեպարար տեսարան մը կը բացուի դիմացը։ Սենեակին մէկ անկիւնը, բարձր պատուանդանի մը վրայ, երկարավիզ թաղարի մը մէջ կարմիր կակաչներ կամ զատկածաղիկներ կը փալփլին ներքին լոյսէ մը ողողուած, մեկուսի, առանց կարենալ թափանձելու իրիկուան ստուերներուն։ Կակաչները կամ զատկածաղիկները կը շողան իրենց անկիւնին մէջ լուսաւորելով միայն իրենք զիրենք, ինքնագոյ, ինքնաբաւ, որ կ’առինքնեն Մոնիքին նայուածքը։ Մոնիք յափշտակուած անոնց զարմանալի լոյսէն, տեղէն կը ցատկէ ու կը վազէ դէպի լուսաճաճանչ թաղարը, երկու ձեռքերը կ’երկարէ անոր, վախով մը սակայն որ ան կրնայ պատրանքի մը խաբկանքը ըլլալ։ Ու երբ զայն կը բռնէ երկու ձեռքերով ու կը բարձրացնէ անհուն հրճուանքով մը տանելու համար ռունգերուն, թաղարը գետին կ’իյնայ ու կը կոտրի։ Մոնիք սարսափած աչքերով կը նայի կոտրուած թաղարին։ Թաղարը պարոն Ֆրըտօնիէի, իր հօրը դիակն է ինկած, գետինը իր ամբողջ հասակով։ Մոնիք աղեխարշ ճիչ մը կ’արձակէ, կ’իյնայ տախտակամածին վրայ, կոտրած թաղարին մօտ ու կը կծկուի ջղագալար, կծիկ կ’ըլլայ ու կծիկը կը սկսի քակուիլ անվերջ, ինչպէս անվախճան ժամանակը։

Մեթրոն սրընթաց կ’արշաւէ երկաթէ անիւներուն աղմուկին հետ կռուելով։ Վակոնը խճողուած է անցորդներով, որոնք, իրարու վրայ դիզուած, անսովոր երեւոյթ մը ունին։ Իր անսովոր վիճակը անոնց մէջ փոոխադրած, ինքզինքը կը տեսնէ անոնց մէջ։ Անոնք մտազբաղ են, անխօս, լուռ, բայց ինչո՞ւ այդպէս կը պոռան։ Գնացքը տեղ մը չպիտի հասնի։ Իրօք, որքա՞ն ատենէ ի վեր կը ճամբորդէ։ Գնացքը կը սուրայ առանց տեղ մը կենալու եւ անցորդներուն անձկութիւնը կը շատնայ, կը մեծնայ։ Վախը թէ տեղ մը չպիտի հասնին անոնց սիրտը կը կրծէ ներսէն, բայց դէմքերը կը փոխուին, կը պարզուին։ Փապուղին հետզհետէ կը նեղնայ, կը սեղմուի գնացքին շուրջ, կը պաշարէ զայն, որ սակայն կը ճեղքէ պաշարումը՝ կարծր մտասեւեռումի մը անձնատուր, հեւալով կը բանայ անհունին գիրկը ինկած տարածութիւնը՝ ուր հանգրուան չկայ իրեն համար։ Ինչո՞ւ իրեն կը նային անցորդները իրենց նայուածքէն պարպուած աչքերով, որոնց մէջ նայուածքին տեղ կամովին դրուած՝ խոժոռութիւն մը կայ, որ յամառ սեւեռումով մը զինքը կը հալածէ։ Բայց իրեն նայող չկայ։ Ամէն մարդ ինքզինքով զբաղած է, ինքզինքին կը նայի աչքերը դէպի ներս ուղղած։ Այդ է պատճառը որով անոնք պարպուած կը թուին։ Ընդհակառակը ինքն է անոնց նայողը եւ այն ալ ինչ կասկածամտութեամբ։ Ինքն է կարծողը թէ անոնք կը կարդան իր մտածումները գլխուն մէջ բաց գրքի մը պէս ու երբ անոնց կը նայի հասկնալի մտահոգութեամբ, անմիջապէս գլուխնին մէկդի կը դարձնեն կամ իրեն այնպէս կը թուի եւ թերեւս ալ ինքը կ’ուզէ որ այդպէս ըլլայ որպէսզի զինքը չխռովեն այդ ամբաստանող նայուածքները։ Բայց իրականութեան մէջ չգիտեր թէ ինչ կ’անցնի կը դառնայ։ Հոգին թմրած, սիրտը կեցած, ո՞ւր կ’երթայ այդպէս։

–Մինաս, կ’ըսէ Մոնիք, կը վախնամ միս մինակ զիս թեւերուդ մէջ առ, սեղմէ զիս։

Մինաս կը գրկէ Մոնիքը։ Կը սեղմէ կուրծքին վրայ ու գլուխը կ’իյնայ անոր ուսին, մինչդեռ Յարութիւն դարձած է պողոտային անկիւնէն։ Միւս խոշոր փողոցէն քայլերը կ’երկարէ ու կը հասնի մեթրոյին գլուխը։ Հոն կանգ կ’առնէ պահ մը։ Յետոյ կ’անցնի լրագրավաճառին քէօշկին առջեւ ու ՓԱՌԻ ՍՈՒԱՌ մը կ’առնէ, աւելի սովորութեան ազդեցութեան տակ, ինչպէս կ’ընէր ամէն օր, բայց ամէն օրուան պէս ետ, խմբագրութիւն չ’երթար։ Ու այդ է արդէն ամէնէն ցաւագինը։ Այլեւս բնաւ խմբագրատուն չպիտի երթայ ՓԱՌԻ ՍՈՒԱՌ մը առնելէ ետք քէօշկէն, ինչ որ կը նշանակէ թէ ահաւոր բան մը պատահած է։ Մեթրոյին սանդուխներէն կ’իջնէ աչքերը բացած թերթին վրայ, զոր բռնած է երկու ձեռքերով։ Մեթրոն կ’արշաւէ վճռական որոշումով մը փապուղիին նեղ միջոցին մէջէն։ Ինչպէս երկինքէն սաւառնող օդանաւ մը։ Ինքզինքը յանձնած արշաւին ու մտածումները հեռացած՝ թեթեւութիւն մը կուգայ վրան։ Իր գոյութիւնը կշիռը կորսնցուցած է։ Գրեթէ մանկական հաճոյք մը կը զգայ, արշաւէն ինչպէս տօնավաճառի ատեն փայտէ ձիերուն վրայ հեծած մանուկները, երբ յանկարծ գնացքը կը կանգնի քարափի մը երկայնքին։ Դիմացի պատին վրայ գրուած խոշոր տառերով անունին կը նայի, որոնք կը կազմեն ՇԱԹԸԼԷ անունը։ Դռները շըխկալով կը բացուին ու բազմութիւնը դուրս կը խուժէ։ Քարափին վրայի բազմութիւնը ներս կը մտնէ հրմշտկելով կիսովին պարպուած կառքին մէջ ու կառքը կը սկսի տեղէն շարժիլ նախ դանդաղ, ապա արագ, հետզհետէ խելագար՝ գազանի մը պէս։ Մինաս կը ցնցուի, քովի ձողէն ուժով մը կը բռնէ երկու ձեռքերով ու աչքերը կը գոցէ։ Մոնիքին հրաւէրով մտադրութիւնը փարատելու համար կրկին մագլցած է անոր վրայ։ Երկու մարմինները մարզական շարժումներու անձնատուր, որ մէկզմէկ յաղթահարելու մաքառում մը կը ցուցաբերեն, երկու առանձնութիւնները միաւորելու ներքին հետապնդումով մը։ Մոնիքին վիզը երկարած, դիմագծերը պրկուած, աչքերը փակ, վտանգի մը դիմադրող արտայայտութիւն մը ցոյց կուտայ, ինչպէս Նիքոլ տղաբերքի պահերուն, երբ մահը քայլ առ քայլ կը հետապնդէր զինքը։ Նիքոլին պէս մէջքը լարած նետը արձակելու վրայ եղող աղեղի մը նման, որսալու համար Մինասը։ Մէջքի հարուածները ամբողջութեամբ, լայնքով ու երկայնքով հակառակ անոնց յարուցած ցաւագին գալարումներուն։ Մոնիքի իրանը գրկած բազուկներուն մէջ վերջապէս անոր թախանձած գօտեպնդումն է որ տեղի կ’ունենայ։ Անոնք մոլեգնօրէն սեղմուած են քամելու համար մարմինները իրենց էութենէն ու միջոցին մէջ եւ ոչ թէ իրենց ներսը կատարելու համար երազուած հանդիպումը։ Բայց երկու մարմինները կտրուկ, պարապին մէջ գլորուող շարժումով մը իրարմէ կը բաժնուին, կը հեռանան, կարծես միասին կենսական բան մը փնտռած, չեն գտած ու հեռացած են։ Մոնիք կը դառնայ աջ կողին վրայ, իսկ Մինաս ձախին, դէմք դէմքի դիմաց, փնչալով ու հեւալով, լքուած կրկին անգամ իւրաքանչիւրը իր առանձնութեան մէջ, անշարժացած, լերդացած, ինչպէս անկենդան։

Մայթին եզերքը կեցեր է։ Զարմանալի թեթեւութիւն մը կայ վրան, վերջապէս վտանգէ մը խուսափած մէկու մը պէս։ Անգամ մըն ալ կը թօթուէ ինքզինքը ու մեթրոյի բազմութեան մնացորդները իր մէջէն կը թափին մայթին վրայ, ոտքերուն շուրջը։ Լիաթոք կը շնչէ, թեւերը կը շարժէ, գլուխը կը բարձրանայ ու նայուածքը կ’իյնայ նահանգապետարանի պալատին վրայ, գետէն անդին՝ կղզիին մէջ։ Սրտի պրկում մը մտքին մէջ կ’ամփոփէ տաղտկալի օրուան մը պատկերները, որոնցմէ ազատած ըլլալ կը կարծէր։ Նայուածքը՝ կ’ուղղէ դէպի դուրս կամուրջէն անդին հին թագաւորական պալատին կողմը, որ հիմա արդարութեան պալատն է։ Կրկին շունչ մը կը քաշէ եւ սիրտը կը պարպուի պրկումին պատճառած ծանրութենէն։ Պալատէն վեր արքայական մատուռին սուր գմբէթը երկինքին մէջ խրած անվերջանալի աղօթք մը կը մրմնջէ քարէ նուրբ հիւսուածքներու մէջէն։ Վարը կամուրջին վրայէն կը խուժեն կառքերու անհատնում շարանները իրենց խուլ ու խլացնող հռնդիւնով։ Կառքերը պոչ պոչի կարծես տեղերնէն չեն շարժիր, պուլվարն ու հրապարակը խճողուած են։ Եւ սակայն երբ մօտէն կ’անցնին՝ անոնք կը սուրան ամէն րոպէ վտանգի դնելով անցորդները։ Ահա մէկը որ յանկարծ կը կանգնի փողոցին մէջտեղը, ձեռքերը օդին մէջ բարձրացուցած, բերանը այլանդակօրէն բացած կարծես սպառնալով մահը կուլ տալու համար, երբ կառք մը խժալուր աղմուկ մը հանելով կանգ կառնէ ճիշդ անոր քովը։ Վարորդը գլուխը կառքին պատուհանէն դուրս կը հանէ, կը պոռայ մարդուն վրայ, կը հայհոյէ։ Մարդը աւելի բարձրաձայն կը բղաւէ ոչ թէ վտանգէն ահաբեկած, այլ իր յանցանքը պարտկելու համար. փողոցը զուարճավայրի մը փոխուած՝ մէկ վայրկեանէն ահագին բազմութիւն մը կը կազմուի մարդուն ու կառքին շուրջ։ Փողոցը անանցելի կը դառնայ ու հրմշտուքը կ’աւելցնէ փողոցին թոհ ու բոհը։ Մարդը միշտ յանցանքը վարորդին վրայ բեռցնելու մտադրութեամբ անդադար ձայնը աւելի ու աւելի կը բարձրացնէ՝ կանգնած կառքին առջեւը արգիլելով որ շարունակէ իր ճամբան, մինչ հրապարակին վրայ անշարժացած կառքերը իրենց սուլոցներով օդը կը սղոցեն հազար ու մէկ տեսակի սուլոցներով։ Օդը կը խայտայ, կը ճռուողէ, տօնական պահ մը կ’ըլլայ իջնող իրիկուան մէջ։ Բայց յանկարծ օդը կը դադրի զբօսավայր մը ըլլալէ։ Ամէն մէկ կողմէ ոստիկաններ կը հասնին ահազանգի ձայն առած ամբոխի մը պէս։ Անոնց գալէն մէկ քանի մը վայրկեան վերջ կառքերու շարանը կը վերսկսի իր սահանքը պուլվարն ի վեր ու Մինաս տեղէն ցատկելով մեքենաբար կը բարձրանայ պուլվարէն քայլերը արագացնելով մէկու մը պէս որ ժամադրութեան ժամը փախցուցած է։ Թերեւս այդ է պատճառը որով դէմքը մտահոգ երեւոյթ մը առած է։ Դէմքը գոց դուռի մը կը նմանի՝ որուն առջեւ կանգնած է եւ արդարեւ կանգ առած է մայթին եզերքը ինչպէս հոսանքին առջեւ, որ գետի պէս հոսող փողոցն է։ Այդ խաղաղ վայրին մէջ՝ ուր մտամփոփումը կարելի կ’ըլլայ, կը սկսի մտածել, բայց մտածումին մէջ գրգիռ մը կայ ու մտածում ըլլալու դժուարին երկունքին մէջ կը գտնուի, ինչպէս շարժումը շարժում ըլլալու, երբ աւազի հատիկ մը ինկած է մեքենայի մը անիւներուն մէջ։ Այն ատեն է որ կը նշմարէ ձեռքին մէջ սեղմած «Աքսիօն Ֆրանսէզ»ը, զոր մեթրոն առնելէ առաջ նետած էր մայթին եզերքը։ Բայց չէր նետած իրականութեան մէջ։ Նետած ըլլալու տպաւորութիւն ունեցած էր մարմնապէս, որովհետեւ նետելու ժեսթը կատարած էր, ձեռքը բարձրացուցած էր նետելու համար երբ այդ պահուն անցորդ մը ծուռ նայուածք մը նետած էր իր վրայ ու ձեռքը ետ քաշած։ Յաճախ երբ ձեռքը կը սպաննէ՝ միտքը կ’անգիտանայ պահու մը՝ ուր մարմինը եւ միտքը անհաշտ կենակցութիւն մը ունին։ Հիմա մայթին եզերքը իր խաղաղ ապաստանին մէջ մինչդեռ իր շուրջը կառքերու եւ մարդկային բազմութեան յորձանքը անդադրում է. ներքին նայուածքով մը կը տեսնէ թերթը նետելու շարժուձեւը, որ կէս ճամբայէն ետ կը դառնայ, բայց այն ատեն մարմնական յիշողութիւնը աւելի գործնական քան թէ մտայինը, Մինասին մարմինը պէտք ունէր հաւատալու իր արարքին ամբողջականութեանը կարենալու համար մեթրոյին սանդուխներէն իջնել ու ճամբորդել, այսինքն՝ փախչիլ վտանգաւոր կարծեցեալ գօտիէն։ Այսուհանդերձ հիմա պարզ կ’երեւայ որ մեթրոյին մէջ անցուցած անձկութեան պահերը, լարուած վիճակը իր եւ ճամբորդներու միջեւ, ձեռքին մէջ սեղմած այդ անիծեալ թերթին պատճառով էր։ Անմիջապէս այս մտածումը կը կազմուի մտքին մէջ, այս անգամ ամբողջ գիտակցութեամբը ձեռքը կը վերցնէ եւ մէկ ու վճռական շարժումով մը թերթը կը նետէ փողոցէն անցնող կառքերուն անիւներուն տակ եւ իրեն կը թուի նոյնիսկ իմանալ անոր ճզմուելուն խեղդուկ աղաղակը։

Հիմա կը շարունակէ քալել դանդաղօրէն, նայելով անցորդներուն, խնդալով անոնց խնդուքով, երիտասարդ զոյգերու համբոյրները իր համբոյրները կ’ըլլան, ամէնուն հետ հաշտ, ազատ, թեւերը բարտելով կը քալէ առանց ընդհարելու անցորդներուն եւ հասնելով քիչ անդին ծանօթ սրճարաններուն առջեւ անոնցմէ ներս ակնարկ մը կը նետէ ու կ’անցնի։ Իր բարեկամները նստած են միեւնոյն սրճարաններուն մէջ, միեւնոյն տեղերը, երկար ատենէ սկսուած անհատնում խօսակցութիւններու կծիկը կը քակեն, բայց կծիկը միշտ նոյն կծիկն է, որ քակուելիք չունի։ Քանի կը քակուի կծիկը՝ կը կծկուի անդադար, ինչպէս ժամանակը, որ հոն կը դառնայ ինքն իր վրայ առանց երբեք նորոգուելու, միշտ հասնելով նոյն կէտին, որ մեկնակէտն է ու ժամկէտն է անվերջ, այն տպաւորութիւնը ձգելով իր վրայ թէ աշխարհը փոխուելիք չ’ունի, ինչպէս «Հայաստան» ճգնած է շարունակ ապացուցանել հակառակը։ Բան մը չէ փոխուած աշխարհի վրայ երբ կը նայի սրճարաններուն ներսը։ Բան մը տեղի չէ ունեցած, «Հայաստան» փակուած չէ, Նիքոլ չէ մեռած, Մոնիք բազմոցին վրայ հեռու Մինասէն, մինակ, ինքն իր մէջ թաղուած չէ նայուածքը պարապին մէջ։ Յարութիւն իր միամտութեանը մէջ չէ խորտակուած։ Զարմանալի հոգեբուժարաններ են այդ սրճարանները՝ ուր ամէն ինչ իր հակառակին կը վերածուի։

Պուլվարին վրայ բազմութիւնը իր ամենօրեայ շարժումները ունի անվախճան ու անսկիզբ, իբրեւ թէ յաւիտենութիւնը ըլլար։ Աւելի վերը սրճարանին առջեւ Սարգիս մէկէն կը բռնէ թեւը հետաքրքրութեամբ ոգեւորուած դէմքը ուղղած անոր.

–Ո՞ւր այսպէս, տղայ, քիչ մը ներս եկուր, խօսինք։

–Խօսելու տրամադրութիւն չունիմ։

–Կը հասկնամ, հարկաւ տխուր բան է, բայց ասոնք սովորական բաներ են, այսօր «Հայաստան» երէկ «Բանւոր»ը կը փակեն, սիրելիս, կը փակեն։ Վաղն ալ ուրիշ անունով ելլելիք թերթեր կը փակեն։ Էհ, այսպէս է աշխարհ։ Ինչո՞ւ կ’ուզես որ փոխուի։ Իմացա՞ր, կ’աւելցնէ յանկարծ ձայնը մեղմացնելով կարծես թէ իրենց մտիկ ընող ըլլար, Արշակը Գերմանիա փախեր է։ Շահպազը վախ չ’ունի, ան ֆրանսահպատակ է։

–Ցուցահանդեսէդ գո՞հ ես, կ’ըսէ Մինաս խօսակցութիւնը փոխելու նպատակով։ Քա՞նի հատ ծախեցիր։ Մեղք, յօդուած մը գրած էի այս թիւին մէջ, նոյնիսկ Շահպազը հաւնած էր, «ծօ աֆէրիմ Մինաս, ո՞ւրկէ գտեր ես այսքան բան Սարգիսին նկարներուն մէջ»։

Սարգիսին նկարները, դիմանկարներ ըլլան անոնք թէ հին եկեղեցիներու ներքնամասեր, հետաքրքրական առանձնայատկութիւն մը ունին։ Անոնք կը ներկայացնեն լմնցած ժամանակը։ Դարերը եկած յանգած են հայ ծերունիներուն դէմքերուն։ Այս է նկարիչին համար աշխարհի եղելութիւնը։ Ժամանակը ծալլուած, ծրարուած է այդ դէմքերուն վրայ, մանաւանդ անոնց նայուածքին մէջ՝ ուր երէկն է տեղաւորուած ոչ մէկ առընչութեամբ այսօրուան ու վաղուան հետ, ինչպէս կիսափուլ եկեղեցիներու ներքնամասերուն՝ ուրկէ ժամանակը շատոնց հեռացած կը թուի անյետադարձ, բան մը որ անոնց կուտայ թախծոտ լքուածութիւն մը, նոյնիսկ Աստուծմէ մոռցուած Աստուծոյ տունը, որմէ այլեւս աղօթքի ոչ մէկ մրմունջ պիտի բարձրանայ դէպի երկինք, դէպի վաղը։ Սարգիս, ինքը, վաղուան յոյսերով ոգեւորուած մարդ, արուեստագէտը մարդէն անկախաբար անցելապաշտ, անցեալը բռնած է գոյներու եւ ձեւերու ագուցուածքի մը մէջ՝ ուրկէ ժամանակը վտարուած է, աքսորուած առանց որ աքսորի ճամբու հետքը օր մը կրնայ երկարիլ ու հասնիլ մեզի։ Մեզի է որ նկարիչը միեւնոյն գործողութեամբ բանտարկած է անցեալին մէջ՝ ուր մեր նայուածքները կը կորսուին ու կորուստ մը կ’ընեն մեզմէ այսօրուան եւ վաղուան համար։

Այս տեսակ մտածումներու մէջ ինկած, որ գրած յօդուածին նիւթը կը կազմէին, Մինաս կը ձգէ Սարգիսը մայթին վրայ ու կը շարունակէ քալել։ Անմիջապէս ձախին, փողոցին անկիւնը կանգ կ’առնէ պահ մը, կը դիտէ շուրջը, դէմքը կը դարձնէ Պանդէոնին կողմը։ Յետոյ արագ արագ կ’անցնի ձախ թեւի վրայ բացուող փողոցը ու ներս կը մտնէ սինէմայէն՝ ուր տակաւին Տրէյերի «Ժան տ’Արք»ը կը ներկայացուի, բայց այս անգամ փախուստի ապաստան մը գտած ըլլալու յոյսով։

***

Առաւօտը զով է, բայց օդը գեղեցիկ։ Արեւը հորիզոնէն, Վէնսէնի անտառի վրայէն քաղաքին վրայ փռած է իր գարնանային լոյսը գեղագոյն գորգի մը պէս, բայց չի կրնար զգալի դարձնել իր ջերմութիւնը, որ հաւանաբար պատեհութիւնը չ’ունի երկինքէն վար իջնելու իր մատղաշ տոտիկներու տկարութեանը պատճառով։ Անոր լոյսը սակայն ժպտերես բացուեր է փողոցին վրայ՝ ուրկէ կը քալէ առանց աճապարանքի, աչքերը լոյսին յառած, գրեթէ յափշտակուած, թէեւ ժամանակը կը կարճէ գնացքին հասնելու համար։ Արուարձանի կայարանէն մինչեւ հարաւային կայարանը երկար ճամբայ չէ։ Ուղիղ կայարան գացող ճամբայէն կը քալէ նոր արթնցած քաղաքին մէջ ու գործի գացող մարդոց առընթեր։ Պայուսակը ձեռքէն կախուած է, թեթեւ։ Անոր մէջ քիչ մը փոխնորդ հագուստեղէն, ածիլուելու կազմը ու բանաստեղծութիւններու տետրակները նետած է վերջին պահուն, խառնիխուռն, երբ յանկարծ մեկնելու գաղափարը ունեցած է կիսաքուն վիճակի մէջ։ Մնացեալը հոն է, տունը, մանաւանդ գիրքերը, որոնք պիտի ծանրաբեռնէին զինքը։ Գիտէ որ այլեւս հոն չպիտի վերադառնայ սակայն երեւակայութեան մէջ միշտ Մոնիքին հետ է, Մոնիքը երկարած անկողինին մէջ՝ ուրկէ Մոնիքին մարմնին ջերմութիւնը կը բարձրանայ ու կը փաթթուի իրեն ինչպէս բաղնիքի տաք ջուրը, որ այնքան հաճելի է մարմնին, բայց հոգին է որ վարդի մը պէս կը բացուի ամրան աղուոր ու գաղջ օդին մէջ ու ծաւալելով իր բուրմունքը օդին մէջ շատ հեռուները։ Մոնիք երկարած անկողինին մէջ, հոգիին հետ մինակ, խոնջած, թուլցած ու թաղուած խորունկ քունին մէջ։ Յանկարծ սրունքին մէկը կը վերցնէ, իրմէ հեռու կը նետէ բան մը փնտռելու շարժուձեւով եւ որ իր ներկայութիւնն է։ Սիրտը կը թպրտայ, տեղէն պիտի փրթի։ Չըլլայ թէ Մոնիք անկողնէն վար գլորի ու թեւը կամ գլուխը վիրաւորէ։

Պայուսակը ձեռք կը փոխէ։ Աջ ձեռքը թմրած է ոչ ծանրութենէն, այլ՝ առտուան զովութենէն։ Աջ ձեռքը կը բանայ, կը գոցէ։ Կը մարզէ։ Պզտիկ ցաւ մը կայ ափին մէջ, որ ընդհատ ընդհատ կը յայտնուի ու կը խափանուի։ Ցաւը կը բաբախէ ափին մէջ սիրտի մը պէս։ Ձեռքէն աւելի ցաւին վրայ կը մտածէ, կը գուրգուրայ։ Ցաւը կը կսկծայ ջուրէն հանուած ձուկի մը պէս, որ աւազին վրայ հոգեւարքի մէջ բերանը կը բացխփէ, բայց ձուկը Մոնիքն է երկարած անկողինին մէջ, աչքերը գոց, բերանը կը բացխփէ պոռալու համար իր անձկութիւնը ու ձայնը իրեն չի հասնիր։ Արդէն մօտեցած է կայարանին, որ փողոցին ծայրն է, տարածուած ամբողջ լայնքովը ու աջին կը սլանայ երկինքին կապոյտին մէջ աշտարակը, զանգակատան մը նման, որ զանգակներուն տեղ խոշոր ժամացոյցներ ունի, չորս կողմերուն։ Ժամացոյցները միաժամանակ կը զարնեն ժամը ութը, հանդարտ հանդարտ ու հատիկ հատիկ ուլունքներու պէս համրիչի մը զոր պառաւ ձեռքի մը բթամատը կը քշէ մէկը միւսին վրայ, փոքրիկ հնչիւն մը հանելով ափին մէջ ինչպէս կսկիծը որ հիմայ կը կոտտայ իր ափին մէջ։ Փողոցը ուրկէ պիտի անցնի նորոգութեան մէջ է։ Փողոցին մէջ թափուող ասֆալթէն կծու հոտ մը կը բարձրանայ օդին մէջ ու ռունգերուն։ Ասֆալթը պարունակող կառքը դրուած է մայթին եզերքը։ Բանուորները դոյլերով տաք ու սեւ հալոցը գետին կը թափեն, շոգիի սպիտակ քուլաներ կը բարձրանան անոնցմէ, մինչդեռ ուրիշ բանուորներ անմիջապէս կը յարձակին տախտակէ ծեփիչներով ու կը տարածեն հալոցը։ Իրարու ետեւէ եկող դոյլերը կը թափեն իրենց պարունակութիւնը, որ անմիջապէս կը հարթուի, կը տափակնայ, ծածկելով փողոցը կուտրոնի սեւ հայելիովը, որ արդարեւ պահ մը փայլելէ վերջ ապակիի նման, սեւ, անթափանց գոյացութեան կը փոխուի։ Մինաս կառքին մօտեցած է։ Երբ բանուոր մը դոյլը կը դնէ բացուածքին տակ՝ ուրկէ ասֆալթը կը հոսի դոյլին մէջ շոգիի արագ քուլայ մը ճամբելով Մինասի երեսին, դէմքը կը գոցէ ձեռքերովը, կը հազայ խեղդուուքը փարատելու համար, երբ աչքերը կը բանայ, ճիշդ աչքերը բացուած պահուն, փողոցին մէջ ծեփուող ասֆալթին վրայ կը տեսնէ Նիքոլը, որ կը քալէ, ձեռքը Մոնիքի ձեռքին մէջ, հանդիսաւոր քալուածքով մը ուրախ, աւելի ուրախ ու աւելի շքեղ քան թէ հագուստներու ցուցադրութեան օրերուն։ Նոյն շքեղանքով հագուած ինչպէս Պարոն Տը Լա Ֆօսին հետ դուրս ելած առաջին իրիկունը, ադամանդակուռ մանեակով, կը յառաջանայ սեւութեան վրայէն աստուածային քալուածքով, ինչ որ իրեն կը վերագրէր Պր. Տը Լա Ֆօս երբ կ’ըսէր «իրաւ որ Նիքոլ աստուածային ես»։ Իրաւ ալ այդպէս իջնալու էին Ողիմպոսէն աստուածուհիները, որ կը ցնդէին անմիջապէս երբ իյնային մահկանացու նայուածքի մը տակ։ Այդպէս ալ կը քալէ Նիքոլ, շրջապատուած լուսեղէն երիզով մը դժոխային սեւութեան վրայէն, ձեռքը Մոնիքի ձեռքին մէջ, ետեւէն քաշելով զայն ու խրելով ասֆալթին մէջ իւրաքանչիւր քայլին քիչ մը աւելի։ Այս վերջնաշխարհեան տեսարանին առջեւ Մինաս կը ցցուի, կ’ուզէ վազել, հասնիլ Նիքոլին ու զայն առնել անգամ մը եւս գոնէ թեւերուն մէջ, սրտին վրայ սեղմել, ինչպէս երբ ան կը պոռար «Մինէ՜, շո՛ւտ, շո՛ւտ, պիտի մարիմ»։ Բայց Մինաս կեցած տեղէն շարժելու անկարող, ձայնը խեղդուած կոկորդին մէջ, ահագին ձեռք մը վզին վրայ, որ կը սեղմէ, կը սեղմէ, աչքերը կ’ուռին, մինչդեռ Նիքոլ Մոնիքին հետ կը խրի ասֆալթին մէջ։ Բանուորները կը շարունակեն ծեփել ասֆալթը ամենայն անտարբերութեամբ ու Նիքոլ կ’անհետանայ անոր տակ։

–Մինաս կը պոռայ Մոնիք վարի յարկէն, սուրճը։

  ՎԵՐՋ

ՅԱՌԱՋԱԲԱՆԻ ՄԸ ՏԵՂ

«Թեկնածուիս» հրատարակութեան առթիւ, որոշած էի յառաջաբանով մը ներկայացնել գործը։ Արդէն սկսած էի գրել երբ տեղի տուի այն հակումիս թէ գիրք մը ինքզինքը պաշտպանելու է առանց հեղինակին միջամտութեանը եւ կամ ուրիշի մը կողմէ։ Այդ գործը կը պատկանի գրականագէտներուն։

Գրական գործ մը աւարտելէ վերջ հեղինակը անկէ ընդմիշտ հեռացած է։ Այդ հրապարակ նետուած գործը միս մինակ պէտք է ինքզինքը պաշտպանէ հրապարակին վրայ ըմբշամարտիկի մը նման, ինք իր ուժերուն ապաւինած։ Այն պարագային ուր ըմբշամարտիկը ինքնապաշտպանութեան տուեալներէն զրկուած է, հեղինակը չէ որ այդ յետմահու պաշտպանութիւնը պիտի կրնար գլուխ հանել, եթէ նոյնիսկ զաջողի առժամապէս համակիրներու ալ օգնութեամբ։ Ի վերջոյ ապագայ սերունդներն են որ պիտի վճռեն անոր ճակատագիրը։ Եթէ միջոցը ուի իր լիճերը, ժամանակն ալ ունի իր լիճերը, այն տարբերութեամբ որ եթէ միջոցին լիճերը կենսատու են, ժամանակին լիճերը ճահիճներ են, կայուն ջուրերը զորս կայունութիւն չճանչցող ժամանակը կը մատնէ ճախճախուտի տարրալուծարանին, ուրկէ իր եզականութեան չքացումը անդէմ ընդհանրականութեան ծոցին մէջ։ Շատեր խորհեցան թէ կարգ մը գրուածքներուս մէջ մահուան գաղափարը մղձաւանջային վիճակ մը ենթադրել կուտայ, հոն ուր, ընդհակառակը, պէտք է տեսնել կենսախայտ խաղը, ծաղրը իբրեւ զէնք գործածուած երեւոյթներուն տակ դարանակալ ժամանակին հետ, որ կը գործէ դիմակով։ Ամէն անգամ որ մարդուն մտածումը կը զբաղի ժամանակով, ստիպողաբար կը յանգի մահուան գաղափարին, ժամանակը ըլլալով մահուան գործիքը։ Պատմուածքներուս ոմանց մէջ խաղը կը կայանայ խաբեբան դիմակազերծելու մէջ ու այդ խաղով ի յայտ եկած քանդիչին դէմքին վրայ փակցնել ամօթի մուրը։

Ի վերջոյ մեր օրերու գրականութեան մէջ մուտք գործած ժամանակի հարցը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ Աստուածաշունչին Յակոբին կռիւը հրեշտակին հետ, ընդունելով որ ժամանակը իր կարգին կը շփոթուի Աստուծոյ հետ իբրեւ անոր ստորոգելին։ Հիները յանուն կեանքին կը կռուէին Աստուծոյ դէմ յականէ անուանէ։ Բայց ինչպէ՞ս կռուիլ անհունին մէջ պարտկած անտեսանելիին, անչափելիին եւ անմատչելիին դէմ։ Այսօր մարդիկ աւելի խելացի կը թուին, ձգելով անպարտելին, իրենց թիրախ կը դարձնեն անոր հունաւորին մէջ գործող ներկայացուցիչին դէմ, որ ժամանակն է։ Գոնէ այսպէսով գիտենք թէ ի՞նչ բանի դէմ կը կռուինք, ինչպէս Յակոբ հրեշտակին դէմ, որ այս աշխարհի մէջ Աստուծոյ զինուորներէն է։ Մարդը յաւիտեանս անհաշտ պիտի մնայ այդ անարդարութեան հետ եւ պիտի կռուի իր ամբողջ ուժովը, կատաղի ընդվզումով մը երբեմն, իր գոյութեանը սպառնացող անխուսափելի ուժին դէմ, որ մահն է։

Ժան Փոլ Սարդը կը գրէ թէ Մալարմէի բանաստեղծութիւնը Աստուծոյ մահացու հարուածներուն դէմ մղուած անդադրում կռիւ մըն է եղած։ Աստուծոյ կողմէ մահուան դատապարտութեան օրէնքին ջնջումը։ Ի վերջոյ անտեսանելիին դէմ Մալարմէի մղած գօտեմարտը կը յանգի այն եզրակացութեան թէ Աստուածը ժխտելու միակ միջոցը անձնասպանութիւնն է։ Արդարեւ մարդը աստուածային մասնիկ մըն է, մասնիկը ոչնչացնելով ոչնչացուցած կ’ըլլանք նաեւ ամբողջութիւնը։ Ինչպէ՞ս կարելի է սակայն ակէ մը բխած ջուրին կաթիլները ցամքեցնելով, ամբողջ ակը ցամքեցնել։ Մարդը երբեք պիտի չհրաժարի կեանքի իր պայքարէն, որովհետեւ ան է որ կը սահմանէ եւ կ’երժեւորէ իր գոյութեան իմաստը, իր ինքնութիւնը, որպէս ազատութիւն։

Այս տողերը պիտի չգրուէին եթէ «Թեկնածու»ին առթիւ ստացած նամակներուս մէջ չըլլար այն նամակը, ուր գրողը ուղղակի մատը դրած է ժամանակի հարցին վրայ։ Արդարեւ Ռ. Բէն կը գրէր Թեհրանէն. «Յաջորդականութեան ընկալեալ եւ բութ սովորութեան խախտումը ու ժամանակի հոսքի փշրումը մեր գրականութեան համար նորութիւն է»։

Գիտեմ թէ Ռ. Բէն ի՞նչ ըսել կ’ուզէ, մանաւանդ որ քիչ մը աւելի վար կը գրէ թէ նամակի մը սահմաններուն մէջ անկարելի է տալ աւելի մանրամասնութիւն իր մտածումը ամբողջացնելու համար։ Ուրեմն ձեռնարկած բացատրութիւնս անոր չուղղուիր, այլ ընդհանրապէս անոնց որոնք նորութիւնը կ’ըմբռնեն զուտ թեքնիք անկիւնէ դիտուած։

Թեքնիքականութիւնը արուեստի գործին մահն է, անոր նպատակը ըլլալով միայն առարկաներ արտադրել։ Արուեստի գործն ալ, ի հարկէ, առարկայ մըն է, բայց ոգեւորուած եւ շնչաւորուած, արտադրողին շունչով։ Թեքնիքը հասարակ գործ մըն է որ կը ծառայէ արուեստագէտին ձեսռքին մէջ ստեղծուած առարկային յանձնելու առաւելագոյն չափով ոգեւորիչ ուժը, զգացումներն ու մտածումները որպէսզի ոգին եւ առարկան միաձուլուին նոր կենդանի իրականութիւն մը ի յայտ բերելու տրամադրութեամբ։ Թեքնիքը չէ մարդկային յուզումները ստեղծողը, թէեւ անոր կը պարտինք յուզումներուն առարկային փոխանցման կարելիութիւնը։ Այս կարելիութեան, ինչպէս վերը ըսի, առաւելագոյն չափն է որ կը յատկանշէ արուեստագէտը։ Մեր օրերուն տնաշինութեան թեքնիքը, օրինակի համար, ինքնեկ գիւտէ չի գար։ Ան պարզապէս նոր շինանիւթերու պատշաճեցումով յառաջ եկած է։ Մեր շինանիւթերը արդիւնք են կեանքի նոր պահանջներուն, բազմամարդութեան եւ արագութեան պահանջներուն։ Բայց որպէսզի կարելի ըլլար նոր թեքնիքը, պէտք եղաւ նոր գիտելիքներ աւելցնել հին գիտելիքներուն վրայ։

Այսպէս ալ արուեստի մէջ։

Վերջին յիսուն տարիներու ընթացքին գիտութիւնը զարմանալի արագութեամբ հարստացուց տիեզերքի, կեանքի ծանօթութիւնները։ Կեանքի սկզբնապատճառներուն քիչ մը աւելի տեղեակ ենք շնորհիւ բնագիտութեան գիւտերուն եւ զուգահեռաբար հոգեբանութեան որոնումներուն։

Հիները կ’ըսէին «նմանը նմանին կը միանայ»։ Այս վարկածը ինքնին կը բացատրէ հին ըմբռնողութիւնը, որ այսօր կը թուի դատապարտուած ըլլալ։ Այս տեսութեան վրայ հիմնուած արուեստի գործն էզոր հին կ’անուանենք, քանզի, այսօր գիտենք որ նմանը նմանին չի միանար, այլ իրար չնմանողներ հակասութիւններու ճշդուած օրէնքով որ տիալեքթիքան է։ Հիմա կարելի չէ ընդունիլ ժամանակին ուղիղ գիծով հոսումը, որ սխալ է, ըլլալով պատրանք, քանի որ ժամանակը շարժումին ծնունդ ըլլալով կը գործէ նոյնակեդրոն շրջանակներով, ուրկէ, օրինակի համար, անոր կիրարկումը Ալէն Ռոպ­ Կրիէյի վէպերուն մէջ, ուր ժամանակը շրջանակ կազմելով կը նմանի հրէշին որ իր պոչը կը խածնէ։

Թերմօտինամիքի օրէնքը թէ էնէրժին լոյսի կը փոխուի, իսկ լոյմը ջերմութեան որ կ’այրէ, կը փճացնէ գոյակցութիւնը, կ’ապացուցանէ որ մահը միայն կենդանական աշխարհի բաժինը չէ, չի մխիթարեր մեզ, ինչպէս չի մխիթարեր ուրիշի մը մահը, վասնզի ինչ որ ալ ըլլայ, տեղ մը կարգադրուած է մեր ժամադրութիւնը մահուան հետ։

Կը հետեւցուի թէ թէրմօտինամիքը իբրեւ տիեզերական ուժ եւ արարիչ տեւականօրէն ամէն այնինչի, օր մը ամբողջութեամբ ջերմութեան վերածուելով համայն տիեզերքին ոչնչացում պիտի պատճառէ, հակառակ այն կարծիքին թէ երկիրը պաղելով պիտի ոչնչանայ։ Հիները իրաւունք ուէին ուրեմն կրակին վերագրելով աշխարհին վերջը­ աթոմական ռումբ­։

Ժամանակի հարցը գրականութեան մէջ մեքենական կիրարկում չէ։ Քմայյք մը չէ։ Ինչպէս նաեւ կարծուածին պէս երկրորդական կարեւորութիւն ներկայացնող եզրմը։ Երբ Բրուստ յիշողութեան միջոցով անցեալը որսալու ելաւ, շատ հաւանական էոր մահուան դէմ կռիւ մը եղաւ անոր համար որ կը գտնուէր մահուան մնայուն սպառնալիքին տակ։ Պերկսոնի «Գիտակցութեան անմիջական տուեալներ» ու պատկերազարդում մը չէր։ Օգտագործում մըն էր իջնելու համար ժամանակին խորքը, ինչպէս Օրփէոս դժոխք իջաւ Եւրիտեսը աշխարհ բերելու համար։

Ժամանակին խորքը՝ ուր կը թաղուի մեր կեանքէն մաս մը ամէն երկվայրկեան, բերել մակերեսին, լծորդել ներկային, որ յաւիտենականութիւնն է, այսինքն անմահութիւնը, ներկայութիւնը որ միայն արուեստին միջոցաւ կ’իրագործուի։ Իր վիպաշարքին տասնըհինգերորդ հատորին վերջին տողը գրուած, երբ դադրեցաւ ժամանակին մնայնութիւնը, այժմ բանտարկուած արուեստի գործին մէջ, ժամանակը վերստացաւ իր ամենազօրութիւնը, փակաւ Բրուստի վզին։ Մահը կրնար այլեւս գործել անարգել։ Ինչ որ եղաւ։

Վերջերս Հանրի Թրուայա պատասխանելով հարցումի մը, կ’ըսէր թէ ինք հասարակ պատմութիւն պատմող մըն է։ Եթէ ասիկա կեղծ համեստութիւն չէ, կարելի է հետեւցնել որ յաճախ, եթէ ոչ միշտ, արուեստագէտը ինքն ալ կ’անգիտանայ այն թաքուն ուժը որ զինք մղած է գրելու։ Ընդհանրապէս վէպի մը պատմութիւնը պատրուակ է որով գոյութեան կը կանչուի, անծանօթ հետազօտութիւն մը, որ լինելութեան հարցն է։

Այսպէս, որպէսզի գործի մը քննադատութիւնը կամ ըմբռնողութիւնը իրաւ ըլլայ, քննողը պարտի մտնել գործին աներեւոյթ խաւերուն մէջ եւ ի յայտ բերէ անոր ներքին պատճառները։

Հանրի Թրուայա ինքն ալ չի գիտեր թէ ամբողջ կեանք մը անցնել հին Ռուսաստանի մարդոց պատմութիւնները պատմելով, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ ինքզինքը նոյնացնել «Յաւիտենական Ռուսաստան» գաղափարին, վասնզի հաւաքականութիւնները անմահ են, անհատներն են մահկանացու եւ հայապատկանութիւնը նոյնպէս կորնչական՝ աւանդութիւն դարձած հայկական դժբախտութիւններու պատճառով, ձեւով մը նորէն ժամանակի դէմ տարուած պայքարին յաղթանակին ձգտումն է։

Այն գիշեր ուր «Հալածուածներ»ուս երկրորդ հատորը սկսայ, «Թեկնածուն» առաջին հատորէն երեսունըեօթ տարի վերջ եւ յաջորդ հատորները իրարու ետեւէ իրագործելու վճռականութեամբ, տարօրինակ զգայնութեան մը մէջ կը գտնուէի։ Երիտասարդութիւնը անցեր էր եւ ծերութիւնը ժամանակին մէջ հեռաւորութիւն մը ցոյց չէր տար։ Սպառող կեանքի մը ժամանակին սահմանին վրայ աւելցնել եւ գիշերային այն ժամերը, գրիչը ձեռքիս, գլուխս հակած թուղթէ դէզին վրայ, հասկնալու համար այն վիճակը որով գրուած էր գիրքը քառասուներորդ գիշերը։ Գոց սենեակին մէջ, սեղանիս կրթնած երբեմն գրիչը մատներուս մէջ կ’անշարժանար ու մտածումս կը ճամբորդէր բառի կամ նախադասութեան մը հետամուտ։ Այդ պահուն էր որ ժամանակին հոսումը կը ստանար ուղղակի ֆիզիքական գոյացութիւն մը։ Ամբողջ միջոցը վարար գետի մը պէս կը հոսէր դէպի անխուսափելի վախճան, դէպի ովկիանոս։ Սեղանիս մէկ կողմը ես, յ միւս կողմը՝ ժամանակը, դէմ դիմաց, եւ այն զգայնութիւնը թէ ան իրեն հետ զիս առած կը տանէր, սմսեղուկ սպառնանքով մը ուրկէ վախը կը ծնէր։ Մերթ ընդ մերթ դուրսէն կառքի մը խուլ թաւալումը կամ խորհրդաւոր ոտնաձայները փոխանակ ինծի օգնութեան հասնելու աւելի կը շեշտէին, կը ծանրակշռէին անգթօրէն հոսող ժամանակին թշնամութիւնը։ Գիշերը միջոցը եւ ինչ որ կը պարունակէ ան լռութեան կը մատնէ, միչդեռ ժամանակին հոսքը կարելի է լսել առանց լսողութիւնը սրելու։ Ան կը պարտադրէ ինքզինքը իբրեւ համատարած, սղոցող ու ցեց աղմուկ։ Չի բաւեր ինքզինքը համոզել թէ, եթէ գիշերը կը սահի, առտուան լոյսին հասնելու համար է։ Ու ցերեկը կարծես ժամանակը կը հրաժարի, կը քաշուի իր սահմաններուն մէջ ու ձայները ուրախութեան փոխուած կարծես նոր գոյութեան կանչուած ըլլային։ Կ’անցնիս մայթերէն բազմութեան մէջ, կը լսես ոտնաձայներդ, թէ կաս եւ ոչինչ կը սպառնայ քեզի։ Ժամանակը ճամբադ չի կտրեր, քովէդ կը քալէ անվնաս, անզօր, կը հետեւի քայլերուդ առանց աբոց պլլուելու։ Իբրեւ թէ գառնուկ մը ըլլար հիմա հրէշը։

Քառասուներորդ գիշերը, երբ գրութիւնս լրացած էր, այն ատեն միայն անդրադարձայ թէ բան մը տեղի ունեցած էր այդ խառասուն գիշրներու ընթացքին։ Վէպին ժամանակին կոտորակումը եւ անոր հատուածներուն խառնիխուռն ու անկանոն կացութիւնը արդիւնքն էր իմ եւ անոր միջեւ տարուած կռիւին, անկէ ձերբազատուելու համար։ Արդարեւ աւարտած, անհուն գոհունակութիւն մը ունէի, յաղթանակի մը հպարտանքը, բայց ի հարկէ՝ այդ գոհունակութիւնը ոչ վէպին աւարտած ըլլալու զգացումէն եւ ոչ ալ կատարելութեան համոզումէն կուգար, քանի որ կըգիտակցէի անոր թերիներուն, պակասներուն։ Յաղթանակի հոգեվիճակս կուգար անկէ, որ ժամանակին հետ մարտնչում մը տեղի ունեցած էր եւ որ ժամանակն էր յաղթուողը, հիմա գետինը ինկած, կտոր, կտոր, ինչպէս պարտուած բանակի զինուորները դաշտին վրայ։

Երբ վէպին վրայ կը նայինք արտաքուստ, անխուսափելի չէ խորհիլ թէ անոր կառոյցին մէջ նոր վէպի հետեւողութիւն կամ նորարարութեան մարմաջ չըլլայ, ինչպէս արդէն գրուեցաւ։ Ըսուեցաւ նաեւ թէ ԹԵԿՆԱԾՈՒՆ կղկղանքի աղբանոց մըն է։ Նպատակս քննադատութեան պատասխանել չէր, այս տեսակէտը պարզելու գաղափարը ունեցած է դեռ ձեռագիրը հրատարակիչին յանձնելու ատեն։ Սիրոյ կամ աւելի ճիշդ սեռային հարցը որոշ չափով բացայայտ է գրքին մէջ, ինչպէս չէ եւ չէր կրնար ըլլալ ժամանակին հարցը։

Առիթով մը կարելի է բացատրել սեռային իմաստասիրութիւնը որ ի յայտ կուգայ վէպին մէջ, իբրեւ կեանքին պահպանութեան ազդակ, ոչ թէ միայն սերնդագործութիւն, ինչ որ պիտի նշանակէր թէ ամէն անգամ որ այր եւ կին անկողին կը մտնեն որդեծնութեան նպատակով ըլլայ։ Կայ հետեւաբար ուրիշ պատճառաբանութիւն մը։ Այդ պատճառաբանութիւնը պէտք է փնտռել։ Ուսեալ քննադատին պարտականութիւնն է զայն փնտռել։

ԵՐԿՈՒ ԽՕՍՔ

Ինչպէս կեանքի մէջ ամէն բան միայնգամայն պարզ ու խրթին է, ընթերցանութիւնն ալ նոյնպէս պարզ եւ բարդ գործօն մըն է։ Եւ դեռ աւլին, ընթերցանութիւնը ստեղծագործութիւն մըն է։

Ամէն ընթերցող, ով որ ալ ըլլայ ան, հասարակ կամ զարգացած մարդ, իրեն յատուկ հասկացողութեամբ կը մեկնաբանէ կարդացածը։ Եւ ասիկա մասնակի կերպով վէպի մը պարագային։

Վէպը ընթերցողին համար գրգիռ մըն է, որ իր մէջ անծանօթ հորիզոն մը կը բանայ եւ այդ հորիզոնին վրայ կը գրէ իր սեփական վէպը։ Վէպը այսպէսով կ’ըլլայ նախանիւթ՝ որով ընթերցողը կը շինէ նոր իրականութիւն մը։ Հետեւաբար այնքան վէպ որքան ընթերցող, սա տարբերութեամբ որ մինչդեռ առաջինը գրի առնուած է, միւսները տեղի կ’ունենան ընթերցողներուն երեւակայութեան մէջ։ Ինչ որ երեւակայութիւնը կ’աշխատցնէ գրութեան մը մէջ, այդ գրութեան մէջ պատմութիւնը չէ անպայման, այլ այդ գրութենէն ստացած զգայնութիւններն են, որոնք կը բնորոշեն անոր գեղարուեստական որակը։

Գրականութիւնը գրութիւն է իր սեփական օրէնքներով եւ կանոններով, որոնք լեզուական են եւ որոնցմով յառաջ կուգայ բանաստեղծութիւնը։ Այսինքն բանը ստեղծել եւ ոչ թէ պատմութիւնը պատմել։ Պատմութիւնը ինքը պէտք է դուրս գայ այդ կանոններէն, այլապէս գրականութիւն չըլլար։ Պատմութիւնը անպայման գրականութիւն չէ։ Անիկա միայն հետեւանք մըն է։

Կեանքին մէջ մարդուն լաւագոյն պահերը խաղն է։ Ընկերային պարտականութիւններէն անմիջապէս արձակուած, մարդը խաղին կը դիմէ իր վաստկած կեանքը վայելելու համար։ Նարտախաղ կամ թղթախաղ կը յիշեցնեն գրութիւնը, որմէ յետոյ կը սկսին մեկնութիւնները, բացատրութիւնները, որոնք քննադատութեան մասը կը կազմեն եւ որոնցմէ դուրս կուգայ խաղին մէջ հետզհետէ կազմուած պատմութիւնը։ Խաղէն, այսինքն արուեստէն յարուցուած մարդկային պատմութիւն մը։

Այս վէպը պէտք է ընդունիլ իբրեւ խաղ մը, ինչպէս օրինակի համար թատերական ներկայացում մը կը կոչուի խաղ։ Ասիկա կը գրեմ ըսելու համար որ խաղը նուաստացուցիչ ոչինչ ունի։ Ինչպէս բոլոր խաղերը, որոնք կը զարգացնեն եւ կը հարստացնեն երեւակայութիւնը։ Ի հարկէ արուեստի պարագային, խաղը նաեւ կ’ազնուացնէ։

Բայց այս վէպին պէտք է մօտենալ նման այն խաղին, անգլերէնով կոչուած բըծծըլ, որ կը կայանայ տուեալ պատկեր մը վերակազմելուն մէջ՝ փայտի խորանարդ կտորներով, որոնցմէ ամէն մէկ երեսին վրայ կը գտնուի մաս մը այդ պատկերէն։ Ինչոր ըսել է թէ դիւրին ընթերցում մը պիտի չըլլայ, ինչպէս դիւրին չէ բըծծըլ մը կազմելը։

Ինչքան դժուար ըլլայ խաղին կազմութիւնը, այնքան կը գոհանանք, որովհետեւ այնքան շատ կը գրգռուի երեւակայութիւնը։ Նոյնպէս հանելուկի մը պարագային։ Ինչքան դժուար ըլլայ հանելուկը, այնքան հետաքրքրական կ’ըլլայ, ինչպէս օրինակի համար հետեւեալը.

Ի՞նչ է, ինչ

նստի սգաւոր

կանգնի թագաւոր։

Դժուարութեան համեմատութեամբ լուծումը կը ստանայ ուժգնութիւն մը, որ հանելուկին նեղլիկ միջոցը կրնայ անհունօրէն տարածել։

Բայց ինչ որ ներելի է հանելուկին, ոչ միայն ներելի է, այլ եւ ցանկալի, որ հանելուկը կամ խաղը ըլլայ դժուարին, նոյն բանը կը մերժուի վէպին։ Կը պահանջուի որ վէպը անպայման ըլլայ դիւրըմբռնելի, դիւրամարս ինչպէս երեխային տրուած ծամուած կերակուրը, իբրեւ թէ տարեց մարդը երեխայ մը ըլլար։

Զարմանալի է որ այս պահանջկոտութիւնը կ’ուղղուի միայն վիպասանին, բանաստեղծին, եւ ընդհանրապէս արուեստագէտին, մինչդեռ գիտնականէն կամ բժիշկէն այդ տեսակ բան չի պահանջուիր։ Առանց հասկնալու գիտնականին ըսածները կ’ընդունինք, բժիշկին տուած դեղահատերը կը կլլենք, բայց կ’ուզուի որ վիպասանը անպայման հասկնալի ըլլայ, դիւրըմբռնելի ըլլայ։ Յանուն ինչի՞։

Եթէ կը կարծուի որ ժողովուրդները երեխաներ են, ատիկա շատ ալ պատուաբեր չէ անոնց համար։ Այն ատեն անոնց թող տրուի բըծծըլ խաղը եւ վերջացաւ։

Բայց հարցը ուրիշ է։ Գրականութեան մէջ գրականութիւնը չէ որ անհասկնալի է, այլ անոր մէջ մուտք գործած մերօրեայ գիտութիւնը։ Մեր միտքը դիւրութեամբ կը հետեւի գրականութիւնը վարող նեւտոնեան գիտութեան կամ ժամանակին ուղղագիծ ըմբռնումին։ Այսինքն՝ վէպը կը սկսի եւ ուղիղ գիծով իր վախճանին կը դիմէ, մինչդեռ մենք գիտենք թէ ուղիղ գիծ գոյութիւն չունի։ Ուղիղ գիծը պայմանադրութիւն մըն է։ Ուրիշ խօսքով, շինծու։ Իրական գիծը պարուրաձեւ (սբիռալ) է։ Եւ դեռ գիծը գիծ չէ։ Գիծը կէտերու շարունակութիւն մըն է, մէկ կէտէն միւսը պարապ միջոցներ կան։ Սղումին տարբաղադրութիւնը ցոյց կուտայ ներսը գտնուող շարժումներուն պարզութիւնը բայց քանի կը փորձենք խորանալ անոր մէջ, ամէն բան կը բարդանայ, կը խրթնի։

Այսպէս կեանքին մէջ պարզն ու բարդը միեւնոյն վայրին մէջ միատեղ են։ Երբ տարերային փոթորիկէն բըռոդիտներ յառաջ կուգան, գիտունը զայն կը հաստատէ, բայց չի հասկնար։ Այսքան ատեն է կը գործածենք ելեքտրականութիւնը, բայց անոր ի՞նչ ըլլալը ուրկէ գալը ոչ ոք գիտէ։ Անհասկնալի է։

Երբ վիպասանը կը փորձէ այդ անհասկնալիին մօտենալ ելեքտրականութեան նմանող հոգեբանութեան մէջ, պարզ է որ ինքն ալ անհասկնալի կը մնայ եւ ասիկա սակայն վիպասանի պարագային մեղքի մը տեղ կ’առնուի, բայց ոչ գիտունին ելեքտրականութեան նկատմամբ ունեցած անհասկացողութիւնը։

Քիչ վերը ըսի որ գիծը կէտերու շարունակութիւն մըն է եւ կէտերը բաժնուած են պարապ միջոցներով։ Ուղղագիծ ժամանակի գրականութեան մէջ այս բացերը լեցուած են հեղինակին ընդմիջումներով, որով գրողը վարժապետ կը դառնար, դաստիարակչական գործ կատարելով։ Այսօր գրողը վարժապետ ըլլալէ պէտք է դադրի եւ մնայ իր միջոցին մէջ, այսինքն չընդմիջէ։

Այդ է պատճառը, որ, օրինակի համար, իմ նախկին վէպս «թեկնածու»ն արտառոց յորջորջուեցաւ, ձախողած։ Եթէ ձախողած բան մը կայ այդ վէպին մէջ միշտ ձախողանք մը կայ ամէն բանի մէջ, որովհետեւ անկարելի է հասնիլ կատարելութեան­ ուրիշ տեղ է ձախողանքը։ Բայց ատիկա չէ խնդրոյ առարկան։

Միայն բնական գիտութիւնները չեն որ ընդարձակած են մեր մտադաշտը։ «Մարդկային Գիտութիւն» կոչուած գիտութիւններ, ինչպէս լեզուաբանութիւնը, ընկերաբանութիւնը, նաեւ ազգաբանութիւնները, հոգեվերլուծութիւնը ընդարձակած են մեր մարդկային ճանաչողութիւնը։ Այնպէս որ այսօր մարդը կը ներկայանայ այսօրուան գրողին իր նորառաք ներքին գաղթավայրերով։

Ժամանակին «գաղափարաց զուգորդութիւն» մը կար։ Այսօր այդ տեսութիւնը անբաւարար է։ Մարդկային հոգին մեզի կը ներկայանայ իր զանազան խաւերով։ Գիտակցականէն անգիտակցականը եւ ենթագիտակցականը խորհրդաւոր երթեւեկներ կան անդադրում կերպով նոյնիսկ դեռ չարտասանուած բառէ մը արծարծուած։

Երբ Բրուստի վիպաշարքը աշխարհ մտաւ, նոյնիսկ ամէնէն խելացիները զայն անընթեռնելի անուանեցին։ Լէօն Բիէռ քէնի պէս յառաջադէմ գրող մը եօթը անգամ սկսած է կարդալ «Կորսուած ժամանակին ետեւէն»ը եւ եօթերորդ անգամուն կրցած է վերջապէս վէպէն ներս թափանցել։ Բրուստ օգտագործած էր յիշողութեան ժամանակը, պատմելու համար իրարշաւը ժամանակին մէջ, մասամբ յենուելով Պերկսոնի «Գիտակցութեան անմիջական տուեալները» գիրքին, բայց ես կը խորհիմ որ անիկա ըրած է պարզապէս ինչպէս կ’ընէ ամէն մարդ եւ ամէն օր, ի հեճուկս գրողներուն, որոնք բանտարկուած էին իրենց պայմանադրականութեան մէջ։

Երբ մէկը սկսի մեզի բան մը պատմել, չ’ըսեր այնպէս ինչպէս կ’ըսեն ուղղագիծ պատմող վիպասանները։ Ան կը պատմէ անցեալէն ներկան եւ ապագան իրար խառնուած եւ մենք հաճոյքով մտիկ կ’ընենք այդ պատմելակերպը, որ բնական պատմելակերպն է եւ հաճելի բանաստեղծութեամբ մը թրծուած։

Պարապ տեղը չէ որ Ֆրէօյտ ըսած է, որ ամէն մարդ բանաստեղծ է։ Բայց երբ վիպասան մը պատմէ կեանքի մէջ գտնուած բնական մարդուն պէս բնական եղանակով, անմիջապէս զայն անբնական գտնողներ կ’ըլլան։

Այնքան աղաւաղուած են մարդիկ անբնականով։