Ասֆալթը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՍՖԱԼԹԸ

 

Նուրբ ոտքերով փոքրիկ սեղանը, դիմացի պատուհաններուն մէջտեղն էր։ Ընդհանրապէս անկողնին գլուխն էր ան։ Ատենին գիրքերով բեռցուած կ’ըլլար։ Միայն լապտերը կար վրան մինակուկ, սրդողած, աքսորուած։ Գետինը լուսեղէն շրջանակ մը կազմած էր։ Լուսամփոփը կլոր լոյս մը դրած էր առաստաղին վրայ։ Ատեն մը նայուածքը հոն, առաստաղին կլոր լոյսին վրայ յամեցաւ։ Չէր համարձակեր անկէ վար իջեցնել, գոհ էր նայուածքին ապաստան մը գտած ըլլալուն համար։ Գոհ էր, որովհետեւ նայուածքը ամբողջութեամբ առաստաղի լոյսի շրջանակին մէջ, սենեակին մէջը ըլլալով հանդերձ, սենեակին մէջ չէր, փախած էր լոյսին բացած ծակէն։ Բաւական ետքը վերադարձաւ լոյսի աղբիւրին։

Կանաչ մետաքսէ լուսամփոփը սենեակին կենսունակութիւն տուող միակ վայրն էր, ովասիսի պէս, սենեակին անապատին մէջ։ Նայուածքը հանգչելու տեղ մը գտած էր վերջապէս։ Այլեւս կրնար մնալ այդպէս հանգիստ, ոտքի վրայ, միշտ անշարժ, ինչպէս սենեակ մտնելէն ի վեր։ Ձեղնաջահը չէր վառած, միայն փոքրիկ լապտերը, փոքրիկ սեղանին վրայ, իր աղօտ լոյսը կը տարածէր սենեակէն ներս։ Հիւանդը պառկած էր կռնակին վրայ։

Պատուհաններուն կարմիր թաւիշէ ծանր վարագոյրները քաշուած էին։ Գորգը այնպէ՜ս կարմիր էր։ Ոտքերուն աղմուկը կը խեղդուէր հաստ բուրդին մէջ, երբ դուռը բացած երկու քայլ անդին կեցած էր, սենեակին մէջտեղը։ Լռութիւնը դամբանական էր, ոչ թէ այնքան աղմուկի բացակայութեանը պատճառաւ, որքան այն մթնոլորտին համար, որ ողբերգական շունչ մը ունէր եւ որ բնաւ չխանգարուեցաւ։ Միայն հիւանդին տկար ու թեթեւ շնչառութիւնը շրջան մը ընել փորձեց ու ընկղմեցաւ միջոցէն անցած ատեն իր իսկ բացած ակօսին մէջ, ինչպէս այն վտակները, որոնք հազիւ սկսած՝ անապատին աւազին մէջ կը խրին ու կը կորսուին յանկարծ։ Բոլորովին տարբեր կ’երեւակայէր ներս մտնելէ առաջ։ Կ’երեւակայէր որ անմիջապէս պիտի վազէր դէպի անկողին յուզումով, գլուխը պիտի դնէր հիւանդին ուսին ու ներողութիւն պիտի խնդրէր։

Հիմա անոր կողմը նայելու անգամ չէր համարձակեր։ «Սըւոր նայեցէք, այս կողմերը նայիլ անգամ չուզեր։ Հպարտ է, իրաւ հպարտ է եղեր։ Անմիջապէս որ ներս մտաւ, ես հասկցայ որ ինքն էր, նոյնիսկ դեռ ներս չմտած, նրբանցքին մէջ, ուր վրան գլուխը թօթուելու պէս ըրաւ, ինչպէս կ’ընէ մարդ պաշտօնական գրասենեակ մը կամ մեծայարգ ընտանիքի մը դահլիճը մտնելէ առաջ, դրան առջեւ։ Հարկաւ, ձեռքերով ըրաւ այդ թօթուելու շարժումները։ Արդէն չէր տեսներ, քանի որ նրբանցքն էր եւ դուռը գոց էր։ Գիտցայ, այդպէս բան մը կ’ընէր։ Միտքով ներսէն բաներ մը կը թափթփէր, նոյնիսկ թափթփածներուն ոտքի հարուածներ տուաւ քանի մը անգամ իրարու ետեւէ եւ յանկարծ ներս մտաւ դուռը լաւ մը գոցելով, պահ մը շունչը բռնած, երկու թեւերը դուռին վրայ յենած։ Յետոյ քանի մը քայլ առաւ։ Սենեակին մէջտեղը կեցաւ, գոհունակ դէմք մը առաւ ոտքերուն ձայնին բացակայութեանը համար, որովհետեւ, պարզ է, չուզեր որ գիտնամ հոս ըլլալը։ Բայց ես անմիջապէս հասկցայ, ըսել կ’ուզեմ թէ անմիջապէս զգացի իր ներկայութիւնը իմ մէջս, իբրեւ թէ իր ամբողջ զանգուածով իմ մէջս թափանցած էր իր զգացումներով, իր տրամադրութիւններով։ Եւ ես յստակ կերպով կը կարդայի ատոնք»։

Սիրտը ուռած էր, քարի պէս կարծր էր կուրծքին տակ, ինչպէս վշտահար մէկու սիրտը որ կը սեղմուի ջղաձգաբար սեղմուող ձեռքի մը նման։ Հիւանդին գլուխը ձախ կողմը հակած էր։ Աչքերը գոց էին։ Կը քնանար։ Հիւանդը կը քնանար։ Դէմքը նիհար էր։ Փոս ինկած դէմքին խորունկ յոգնութիւն մը կը դրոշմէր։ Մորթը լարուած էր ու թափանցիկ։ Կապտաւուն մազերակներ մաշած տեսք մը կուտային։ Աչքերը միշտ գոց էին կապտագոյն կոպերուն տակ։ Ամբողջ նայուածք մըն էր դէմքը, շեշտ ու կորսուած հեռաւորութիւններու մէջ եւ անյատակ յոգնութիւն մը կարտայայտէր։

Սիրտը ճմլուեցաւ, շրթունքները շարժեցան բառ մը արտասանելու պատրաստ, երբ արտառոց ճիչ մը բարձրացաւ անկողինէն։ Վերմակին տակ մարմինը կը պրկուէր ճիգով մը՝ որով բան մը պարպուիլ կ’ուզէր իրմէ, ինչպէս երբ երկու ձեռքով թաց լաթ մը կը պլորենք ջուրը քամելու համար։

Հիմա գլուխը աջ կողմը դարձած էր և ինք չէր տեսած անոր դառնալը։ Ո՞ւր էր։ Ո՞ւր գացած էր։ Ո՞ր երկինքներուն մէջ թափառած էր, որ չէր նշմարած բարձին վրայի գլուխին դառնալը։ Ի՞նչքան տեւած էր բացակայութիւնը։ Իրաւ, ինչքա՞ն ատենէ ի վեր հոն էր։

Դուրսը գիշեր ըլլալու էր արդէն։ Կ’ուզէր գիշերուան վրայ մտածել։ Շատ բաներու վրայ կ’ուզէր մտածել, միայն թէ չմտածէր իր անտարբերութեան վրայ, աչքերուն առջեւ գալարուող մարմնին տուայտանքներուն անհաղորդ ըլլալուն վրայ։ Միեւնոյն դիրքին մէջ կեցած էր սենեակին մէջտեղը ու կը նայէր անկողինին՝ ուր խորհրդաւոր բան մը տեղի կ’ունենար։

Աշխարհ մը չէր անկողինը՝ ուր կարելի ըլլար կորսուիլ չնշմարելու չափ եղած փոփոխութիւնը։ Ընդամէնը մէկ մեթր ութսունի եւ մէկ մեթր քսանի վրայ տարածութիւն մը, բայց անոր նայուածքին աշխարհ մը կը ներկայացնէր ան վերմակին ծաղկաստաններովը եւ անոնց սահմանին վրայ սաւանին սպիտակութիւնը, որ հիւսիսային բեւեռի մը համեմատութիւնները կրնար առնել ի պահանջել հարկին։

Գոյնզգոյն ծաղիկներու յափշտակութենէն ետք անհուն սպիտակութեան երազանքը, ուր հիմա սաւանին եւ բարձին հանդիպման կազմած ստուերէն ծնած գլուխը աջ կողմ դարձեր էր ստուերով լեցուն փոսը երեսին վրայ, ուր այտը՝ ցցուն կը շեշտէր դէմքին նիհարութիւնը։

Բարակ շրթունքներով բերանը մեղմօրէն բաց, երկար տագնապի մը առթած սպառումը ցոյց կուտար։ Վարագոյրներուն եւ գորգին կարմիրը, լապտերին հետ մարմնին ջերմութեան տուած կարմիրին կը խառնուէր այտին վրայ, որ գունատ էր ու կը կազմէր ջուրը ինկած վարդի թառամած թերթի մը պատկերը։ Թեւերը վերմակին վրայ երկարած էին անկամ, անտէր, լքեալ գոյքի մը նման։ Կարծես ուրիշի մը թեւերը ըլլային։ Թեւին մէկը փորձեց բարձրացնել, բայց անզօր՝ ինկաւ վերմակի ծաղիկներուն վրայ։ Յանկարծ ցնցուեցաւ։ Դժոխային պար մը կատարեց հալածուած անտեսանելի խարազաններու հարուածներէն։ Մէջքը վերցուց մռնչալով, պրկելով ու ամբողջ ուժը ամփոփած որովայնին կեդրոնը, ուրկէ կուտակուած բեռ մը կը հրէր ծայրայեղ պրկումներով։

Յետոյ թուլցաւ մեղմ մռնչիւն մը արտաշնչելով։ Անշարժացաւ։ Շունչը նորէն շրջան մը ըրաւ ու եկաւ թառեցաւ իր քունքերուն վրայ, ուր ան լսելի եղաւ այնքան բարակ որքան բարակ էր շունչը։

«Ի՞նչ կեցեր է այդպէս երկու ժամէ ի վեր հեռագրասիւնի պէս։ Կը նեղէ ինծի։ Թող երթայ եկածին պէս։ Արդէն վարժուած է երթալու, ինծի այս վիճակին մէջ ձգելէ ետք»։

–Գիտեմ, ըսաւ, հոդ ես, դուռը գոցէ։

–Գոց է, ըսաւ մեքենաբար եւ նոյն ատեն զարմացաւ իր խօսիլը տեսնելով, իբր թէ ինքը չըլլար խօսողը, «գոց է» ըսողը։ Սենեակին մէջ երրորդ անձ մը չկար, բայց տեսաւ մէկը որ ըսաւ «գոց է»։ Որոշակի տեսաւ միւսին շրթունքներուն բացուիլ գոցուիլը։ Նոյնիսկ տարուեցաւ լռել տալու։ «Սուս» պիտի ըսէր, Նիքոլը հիւանդ է», բայց միւսը նոյն բանը ընել կը պատրաստուէր։ Լռեց։ Շրթունքները որ շարժեցան ու մատնոցի ձեւ առին, իր շրթունքներն էին առանց դրացիներուն, առանց քիթին ու կզակին, առանց աչքերուն, ճակատին ու ականջներուն։ Միս մինակ, սենեակի շուքին մէջ շրթունքները ըսին «գոց է»։ Անկէ ետք լռութիւնը ծանրացաւ։ Կասկածի յաւելեալ ծանրութիւն մը ստացաւ։ Ծանրութեան մէջ գտաւ իր անձկութիւնը, որ յեղակարծ ինկաւ հոգիին վրայ, ինչպէս առաւօտուն Մօնիքին նամակը կարդալէն ետք։ Պանդոկին սանդուխներէն վազելով իջաւ տարօրինակ շփոթութեան մը մատնուած։ Ճամբուն տեւողութեան մէթրոյէն շոգեկառք ու կայարանէն մինչեւ հոդ, ինքնիրեն կրկնելով, «Ինչ որ ալ ըլլայ տեղի պիտի տամ»։

Այսպէսով կը ջանար դասաւորել մտքին շփոթութիւնը առանց ամբողջովին յաջողելու, վասնզի գնացքին անիւներուն թաւալումէն ծնած մեծադղորդ ժխորը բառերը տրորելով խիւսի վերածեր էր ուղեղին հետ։ Այդ խառնուրդն էր որ դուրս ձգած էր երբ հիւանդին սենեակը մտաւ։

Դուռը գոցած էր զգուշութեամբ, որպէսզի պղտոր զգացումները հետը ներս չմտնէին, բայց անոնք մասամբ յաջողած էին սպրդիլ դռնէն ներս հակառակ իր լարուած ուշադրութեան։ Այդ էր պատճառը որ զայն կեցուցած էր ուղիղ ու անշարժ սենեակին մէջտեղը, ամփոփելու համար ուժերը, որպէսզի կարելի ըլլար տեղի չտալ հիւանդին։

Դիւրին եղած չէր ներս մտնելը։ Պէտք եղած էր պայքարիլ իրեն հետ ներս մտնել ուզող զգացումներուն յամառութեան դէմ, ինչպէս երբ փողոցին մէջ անտէր շուն մը մեզի կը հետեւի հակառակ մեր յանդիմանութիւններուն եւ կը ստիպուինք ոտքի հարուածներով հեռացնել զայն, ինչ որ մտածել տուած ըլլալու էր հիւանդին թէ դուռը բաց մնացած էր, եւ իրեն ըսել տուած էր «գոց է», աւելի ինքզինքը ապահով զգալու համար դուրսը զսպուած խուժանին դէմ քան հրամայողին անսալու նպատակով։ Ինչ որ անոր դժգոհութիւնն ու անհամբերութիւնը կը կազմէին, հիմա գոց դրան ետեւն էր, միջանցքին մէջ վերջապէս շղթայուած, շնորհիւ երկու բառերուն այնքան զուսպ եւ հաստատակամ արտայայտութեան։

Իրեն թուեցաւ թէ անկողինէն եկող ձայնը որ ըսաւ «դուռը գոցէ՛» երկար ճամբայ կտրած էր իրեն հասնելու համար սենեակին միջոցը ճեղքելով, որուն տեւողութեան ընթացքին օգտուելով դուրսի շփոթութենէն մասնիկներ խառնուեր էին մտքին մէջ, ինչպէս հեռուներէն եկող սուրհանդակը հեւ ի հեւ եւ ուժասպառ նժոյգէն վար ցատկելով կը յայտարարէ, «Տէր Արքայ, թշնամին սահմանները բռնաբարեց»։

Ձայնը որ երկար ճամբայ կտրած էր իրեն հասնելու համար իր ներքին հեռաւոր տափաստաններէն եւ ըսած էր «դուռը գոցէ՛» նենգութեամբ բռնաբարած էր նրբանցքին մէջ ձգուած սահմանները, նուաղուն ու մարած ձայնը գրեթէ անիրական, կրցած էր բերել իրեն հետ դուրսը մնացած իր անձկութեան փշուրները։ Արքային պէս, որ վրդովիչ լուրը իմանալուն պէս ընդհանուր զօրակոչ կը յայտարարէ, նման պահ մըն էր որ ինքն ալ կծիկի մը պէս քակուեր ու ըսեր էր իր ամբողջ զայրոյթը։

Ամիսներէ ի վեր հեռու, իր սէրէն աքսորուած, իրաւ է, կամաւոր աքսորեալ մը, բայց նուազ ցաւագին չէր եղած իր կեանքը, թերեւս աւելի, որովհետեւ զղջումը գաղտագողի տեղաւորուած էր ցաւը խորացնելով։ Եւ սակայն ահաւասիկ, կրկին նոյն մարդն էր ստուերով լեցուն սենեակին մէջ, հիմա՝ իր շփոթութենէն պարպուած։ Կարճ կտրուկ շարժում մը ըրաւ ու տեղն ու տեղը անշարժացաւ։ Տեսաւ դիմացը «գոց է» ըսող բերանը, որ գոց էր, որովհետեւ սենեակին մէջ բարձրացող բառերուն մէջէն ծնաւ Նիքոլ, ինչպէս Ափրոդիտէն ծնաւ ծովուն փրփուրներուն մէջէն եւ ոչ նուազ դժուարութեամբ, վասնզի եթէ Ափրոդիտէն ծովէն ծնելուն համար պէտք եղաւ մաքառիլ ալիքներուն դէմ, Նիքոլ կռուեցաւ սենեակին ստուերներուն հետ եւ այդ կռիւէն յանկարծ դուրս եկաւ բոլորովին մերկացած, առնուած՝ կուսական լոյսի մը ծիրին մէջ։ Եւ ստուերները թանձրացան լուծելով իրենց մէջ Նիքոլի թէեւ թեթեւ ու երկու թաշկինակի մեծութեամբ, բայց եւ այնպէս անհունօրէն ծփծփուն հանդերձանքը, որպէսզի զինքը շրջապատող լոյսը թուի փառայեղ։

«Բերանը գոց էր» ըսելու ձեւ մըն էր անշուշտ, վասնզի բաց էր ան ինչպէս հրաշագործ տեսարանի մը առջև գտնուողի բերանը։ Ձայնը, որ եղաւ բառերը իրեն բերողը, անցեր էր սենեակի անջրպետէն ու հասնելով անոր գիտակցութեան, յաղթելէ վերջ տեսանելի ու աներեւոյթ անհամար խոչնդոտները, առեր էր շօշափելի ձեւ, յետոյ կերպարանք եւ ապա այդ լուսեղէն արարածը որ Նիքոլն էր, բառերը եղած կին։

Երեւութապէս պիտի կարծուէր թէ հիւանդը ուզած էր իր դժգոհութիւնը յայտնել հրամայելով կամ լաւագոյն պարագային խնդրանքով մը, երբ մանաւանդ գիտէր թէ հոն է, մինչդեռ ուրիշ էր իրականութիւնը։

Իրականութիւնը այն էր որ հիւանդը յանկարծ ուզած էր անտեղիտալի կամքով մը յայտնաբերուիլ, փոխել ճամբան հոգեւարքի մէջ տուայտող հիւանդին եւ մտնել հակառակ ճամբուն մէջ, որ լռութեան խզումն է, այսինքն՝ ծնունդը ձայնին մէջէն։ Ծաղիկը որ թաղարին մէջ է, ինչպէս եթէ դագաղ մը ըլլար թաղարը, ծաղիկը դեռ ծաղիկ չէ, բայց երբ բառը կը հնչէ օդին մէջ, բառը կամ անունը արձակուած շրթներէն իսկոյն կը յայտնաբերուի, ծաղիկը կ’ըլլայ ծաղիկ։

Բժիշկը եկեր ու կը քննէր հիւանդը։ Անոր ներս գալը չէր տեսած եւ հիմա ալ իրեն կը թուէր թէ չէր տեսներ զայն։ Միայն կը զգար անոր ներկայութիւնը ինչպէս միջատները կը զգան ծաղիկի ներկայութիւնը շնորհիւ անոր իգայէն տարածուող բուրումին, որ կը գինովցնէ զանոնք ու սիրահարիլ կուտայ։ Հակակրութեան զգացում մը կուգար բժիշկէն, որ այնքան վանողական էր որ զինքը տարած նետած էր պատուհանին առջեւ, իր եւ բժիշկին միջեւ անթափանցելի միջնորմ մը կանգնեցնելով։

Դուրսը չարչրկուած խաղաղութիւն մը կար աշնանային գիշերուան մէջ։ Երկինքը գորշ էր ու ցած։ Լռութիւնը վարի գետին պէս կը հոսէր անարգել ու յամառ սղոցումով մը։ Ոչինչ կը շարժէր օդին մէջ։ Ծառերուն վրայ դեղնած տերեւներ դողդղալով կը սպասէին քամիին որ չէր գար։ Բնութիւնը սպասման մէջ կախուած կը մնար։ Երկինքին երեսին սեւցող ու ծանրօրէն կուտակուող ամպերը, սեղմ ու թանձր, ասֆալթապատ պուլվարի մը կը նմանէին։ Միայն հեռուէն ամբարտակին խժլտուքը կուգար միալար ու կերկեր, խոնջած իրիկուան մէջ մօտեցող գիշերուան հանդիսութիւն մը տալու հեռանկարով՝ որուն մէջ կը լեցուէր դանդաղ ու յամառ սրսկումով մը, բան մը զոր կարելի է անուանել վերահասու դէպք, առանց իր սպառնական հանգամանքին, վասնզի վերահասու բառը ինքնին դժնդակ իրականութիւն մը կ’ենթադրէ, բայց այդ դէպքը ուրիշ բան չէր կրնար ըլլալ եթէ ոչ առաւօտը։ Առաւօտը որ պիտի ծնի գիշերէն, երբ գիշերը հեշտ մնալու ցաւով կը պայթի առաւօտեան տուած խուլ հարուածներէն, ինչպէս Նիքոլ լուսեղէն ժայթք մը եղաւ ձայն եղած բառերէն։

Այսօրուան համար չէ, ըսաւ բժիշկը։ Կէս գիշերուան դէմ նորէն կուգամ։ Բան մը չէ։ Առաջին անգամ ասանկ կ’ըլլայ յաճախ։

  Բան մը չէ որ չես ուզեր «ասանկ» կ’ըլլայ խորհեցաւ կամ այդպէս հասկցաւ։ Թերեւս այդպէս ուզեց հասկնալ։ Բժիշկին խօսքերը կասկածելի շեշտ մը ունէին։ Միայն խօսքերը չէին զինքը խռովողը, վասնզի խռոված էր բժիշկին ծուռ նայուածքէն, զոր ան նետած էր երեսին գաղտագողի՝ մեկնած ատեն, դրան սեմէն։ Աչքերէն չէր կրնար հանել անոր պատկերը, որ գունդ ու կլոր մարդու մը պատկերն էր։ Խոշոր գլուխ մը ունէր ուռած երեսներէն վար թափող այտերով, որոնց վրայ մազերակները այնքան առատ էին ու խճճուած, որ ճշմարիտ քարտէս մըն էր՝ ուր քիթը մրցումի ելած էր երեսներուն ուռուցքին հետ ու անոնց գոյնին, որ կապտաւուն էր։

Ծիւթի պէս փակած էր անոր պատկերը աչքերու ցանցին վրայ ու կը սուզուէր ծուլօրէն գիտակցութեան ոլորտներուն մէջ, ինքզինքը գտնելու համար ամբաստանիչ դատաւորին առջեւ որ լայնաքղանցք թեւը երկարած, դերասանական շարժուձեւերով մը կը մատնանշէ կարծեցեալ ոճրագործը։ «Ահաւասիկ մարդը»։ Ու մարդը կը պատրաստուի համակերպութեամբ ընդունիլ մատնանշումը յանուն հոգեկան անդորրին։

Սենեակ մտնելէ ի վեր բան մը տեղի կ’ունենար իր շուրջը, իր ներսը, առանց կարենալ ճշդելու թէ ո՞րն էր իր շուրջը, ո՞րն էր իր ներսը։ Տակաւին քիչ առաջ ինքն իր հետ խօսիլը կը տեսնէր։ Իր մէջէն մէկը, որ ինքն էր, իրեն կը նայէր խօսած ատենը, ինքը կը մտածէր, միւսը՝ կը խօսէր։ Չէ, կը փսփսար։ Խնդուքով խառն փսփսուք մը որ կանհանգստացնէր։ Կանհանգստացնէր, որովհետեւ ստիպուած էր խօսելու, թէեւ ինքը ամբողջ կամքով կը դիմադրէր։ Մէկը կը պարտադրէր իրեն որ խօսի։ Այդ մէկը կը գտնուէր իր շուրջը եւ իր ներսը։ Մէյ մը իր շուրջը, մէյ մը իր ներսը։ Դժուար էր գիտնալ թէ ո՞րն էր ինքը, ներսինը, թէ դուրսինը։

Երբ բժիշկը ներս մտաւ, ինքը եղաւ բազկաթոռին վրայ նետուողը ոչ թէ միւսը։ Բազկաթոռը հանդերձակալին եւ առաջին պատուհանին կազմած անկիւնն էր՝ ուր ապաստան գտած էր ամբողջովին բացակայ ըլլալու համար սենեակէն, բայց եւ այնպէս բժիշկին նայուածքը իրեն հասաւ նետի մը արագութեամբ ու նետի մը պէս շեշտ, երբ արդէն բժիշկը մեկնած էր ու զայն ուժաթափ եւ ապշած վիճակի մը մէջ գտնելով օգտուած էր անմիջապէս տեղն ու տեղը գամել զայն։ Թերեւս ատոր համար տեղէն ցատկեց, ինչպէս մահացու հարուածը ստացող զինուորը կ’ընէ, պատերազմի դաշտին վրայ դիտապաստ իյնալէ վերջ։

Ամէն ինչ տարտամ էր իր մէջ, ու մութ ու պղտոր, ինչպէս սենեակին միջոցը որ կը սղոցուէր խուլօրէն անկողնէն եկող մրմունջներէն։ Միայն պատկեր մը կը դիմանար այդ տաղտուկին, բժիշկին ոխակալ նայուածքը՝ անհետացած գոց դրան ետեւ, ուր անոր ներկայութիւնը զգալի էր տակաւին, նրբանցքին մէջ յարուցած սրսփուն շշուկովը։

Մտածում մը ծլեցաւ սենեակին մէջ ու մարմին առաւ իրմէ ներս, փշուր փշուր ընելով տրամադրութիւնը, որ արդէն շատ տոկուն չէր այն պահէն ի վեր ուր ոտք կոխած էր սենեակին սեմէն ներս, հո՜ն ուր գտած էր, ո՜հ պահ մը միայն, ոչ իսկ ակնթարթ մը, երբ առաջին քայլը դրան սեմէն ներս մտնելու կը պատրաստուէր, իր մանկական երբեմնի զուարթութիւնը, խաղերը, հոն, ուր իր հոգին պար բռնած էր, ինչպէս թիթեռնիկը ամրան արեւաշող օդին մէջ եւ պատճառ մը չկար որ այդպէս ալ չշարունակուէր եթէ, ի հարկէ, եթէ ամիսներ առաջ յիմարաբար փախած չըլլար։

Եւ ահա դուռը գոց էր։ Այս դուռը գոց էր։ Չէ՞ որ ինքն էր ըսողը «գոց է»։ Հետեւաբար դուռը գոց էր։ Կասկած չկար։ Կասկած չէր կրնար ըլլալ։ Դուռը գոցած էր դեռ հրաման չստացած, ինքն իր կամքովը։ Ինքզինքէն խոյս տալու համար, որովհետեւ ոչ ոքէն այնքան կը վախնար որքան ինքզինքին այն մասէն՝ որուն կը վերադառնար անխուսափելիօրէն, անսպասելիօրէն, ինչպէս յանկարծ վայրկեանի մը սպառումին՝ ուրկէ անհուն տխրութիւն մը կը հոսէր ու կը լեցուէր յաջորդ վայրկեաններուն ու ժամերուն մէջ, միշտ նոյն տխրութիւնը որ մտասեւեռումի մէջ կը պահէր զայն ամբողջ էութիւնը լարած դէպի ետ իր չարչրկուած մանկութիւնը։

Ոտքերը փափուկ գորգին վրայ կեցած էր որոշում տալու անկարող։ Եթէ վճռէր… Միայն մէկ որոշում կը ներկայանար մտքին։ Միայն մէկ։ Դուռը՝ որ այնքան վճռականութեամբ գոցած էր եւ ամուր։ Մութը զայն ծածկած՝ կը շփոթուէր պատին հետ։ Կարծես դուռ չկար։ Ստուերները դրան քով խտացած էին։ Այդպէս կ’երեւային աչքերուն, որպէս զի ինքզինքը բանտարկուած զգար ու բոլոր բանտարկեալներուն պէս միայն մէկ ցանկութիւն ունենար։ Դուռը բանալ եւ երթալ ուրիշ տեղ որոճալու իր վիշտը։

Պատը հրել պէտք պիտի ըլլար։ Գիտէր, պատը պիտի չբացուէր, չպիտի ճեղքուէր։ Շատ շատ ետ կրնար քաշուիլ ձեռքերուն ճնշումէն։ Սենեակը պիտի լայննար ձգախէժի նման ու ինքը պիտի մնար միեւնոյն տեղը, միշտ անշարժ, որովհետեւ բժիշկին նայուածքը դեռ վրան էր ծուռ, սուր ու ծակող, որ նետով ճեղքուած սիրտի ծանօթ պատկերը կը յիշեցնէր իրեն։ Յանկարծ սենեակին պատերը քանդուեցան, այնքան ուժով, իր յետին ուժերով հրած էր զանոնք, այնքան կոյր կիրքով, երկրաշարժի աղմուկ հանելով սենեակին ընդերկրեայ միջոցին մէջ, բայց իր մէջն է որ քանդուած էին անոնք։ Արագ ոստում մը ըրաւ։ Գնաց պատուհանին թաւիշէ ծանր վարագոյրին ետեւը իբրեւ ապաստան ու աչքերը մեծ մեծ բացած, սենեակին նայեցաւ։ Սենեակին մէջ ոչ մէկ բան փոխուած էր։ Միեւնոյն միապաղաղ աղօտ լոյսը գորգին ու վարագոյրներուն կարմիրով թրծուած՝ ինչպէս հրդեհէն ետքը տիրող տեսարանը։

Դուրսը խաղաղ էր։ Աշնան գիշեր։ Ամպերը փէշերնին ժողուած մեկներ էին։ Ո՞ւր մեկներ էին այնքան ամպերը։ Գլուխը վեր առաւ ու նայեցաւ երկնակամարին որ հեռու էր։ Երկինքը մութ կապոյտի փոխուեր էր, անաստղ, քաշուած իր սարսռազդեցիկ խորութեանը մէջ։ Ծառերն ալ մեկներ էին տեղերնին ձգելով իրենց ստուերներուն։

Աւելի մօտը կամուրջը եւ անկէ անդին լայն դաշտերն էին, աւելի զգալի քան տեսանելի ու գետը եզերող ծառերուն երկայնքին՝ նեղ արահետը՝ ուր պտոյտի կ’ելլէին հեծանիւով, Նիքոլ միշտ առջեւէն, սրնթաց, ծառերուն տերեւներէն մաղուած արեւը խառնած իր մազերուն։

Յանկարծ կանգ կ’առնէր, կը քրքջար երկար փայլատակող ծիծաղով մը իրեն հեծանիւի անվարժութեան վրայ։ Բայց պահ մը զինքը գրկելէ ու վիրաւորելէ ետքը, ծիծաղը մէկէն օտարոտի, այլանդակ դիրք մը կ’առնէր։ Վիրաւորանքը անմիջապէս սարսափի զգայնութիւն մը կ’ըլլար իրմէ ներս, որովհետեւ ծիծաղը արտաքնապէս ծիծաղ՝ ներսէն ողբ մըն էր։ Ծիծաղողը հայելիին շրջանակը, իսկ ցոլացնող մակերեսը աղիողորմ, քիչ մը հտպիտային դէմք մը կը պարունակէր, որ ի վերջոյ կ’ընկճէր զայն պարապը ինկած ըլլալու անակնկալէն զարնուած։ Այդ ծիծաղը արմատախիլ, անարմատ ծիծաղ մըն էր՝ որուն պատճառը անյայտ կը մնար։ Նոյն ատեն դէմքը կը ճերմկէր, կը ճմլուէր, աւելի արագ քան վիրաւորանքի եւ սարսափի զգայնութիւնը, որ անկէ իրեն կուգար։ Մարմինը կը ծռէր, գլուխը կը դնէր հեծանիւի ղեկին վրայ ու կը հեւար շնչահատ։ Ռունգերը կ’ընդլայնէին։ Սիրտը թունդ ելած՝ կը վազէր թեւերուն վրայ առած զայն կը տանէր, կանաչ խոտերուն վրայ կ’երկարէր, ծառերու վարագոյրին ետեւը։ Երբ անոր ցաւին հաղորդուելու ծարաւով կ’ուզէր փայփայել անոր ջերմոտ ճակատը, իր բարակ մատներուն, սուր ու երկար եղունգներովը կը մերժէր իր միջամտութիւնը, մինչդեռ կը քաշուէր մինակութեան մէջ՝ ձգելով ինքզինքը խոտերուն վրայ, մտալլկումի վերամբարձ արտայայտութիւնը երեսին ու երեսը երկինք մը եղած երկինքին մէջ։

Ուզած էր արգիլել հեծանիւով պտոյտները գետեզերքի ծառերուն երկայնքին, բայց Նիքոլ անդրդուելի մնացած էր։ Չէր ուզեր բաժնուիլ հեծանիւէն, որ իրեն կ’ընծայէր այդ նուաղանքը։ Կը փորձէր բռնութեամբ համբուրել, պղտոր տեսարանին խաղերուն մէջ ինկած, բայց Նիքոլ արագ ու վայրագ շարժումով կը մղեր գլուխը, որ երկնային մոլորակի մը նման պիտի իյնար իր վրայ ու սարսափելի նայուածքով մը կը ջլատեր իր վճռականութիւնը։ Այն ատեն տակաւին չէր գիտեր ինչ որ սորվեցաւ յետագային։ Ինչ որ, ահա, հոս հասցուցեր էր ամէն ինչ յիշատակի վերածելով անդառնալիօրէն։ Յիշատակ՝ թրթռուն պատկերները Նիքոլի մը, որ իրեն կ’երևէր պարտէզին մէջ, սուր ու նուրբ դունչը խօթած ծաղիկներուն գոգը շնչելով լիաթոք անյագուրդ գրեթէ տառապագին՝ անոնց օդին մէջ ծործոր ինկած բուրմունքը ու յանկարծ թեւատարած, պաղատագին, ծովը ինկող մանուկի մը պէս, կանչը՝ բուրմունքի ծովին մէջ խեղդուող Նիքոլին.

–Մինէ՜, Մինէ՜, շո՛ւտ շո՛ւտ եկուր ինծի թեւերուդ մէջ առ։ Շուտ պիտի մարիմ։

Արագ արագ կ’իջնէր սանդուխներէն ու խելակորոյս պարտէզ կը նետուէր։ Նիքոլը առած թեւերուն վրայ կը քալէր հարսանեկան քայլերով գետեզերքէն, չորս դին անցորդներուն ծիծաղը շարժելով։ Գինով, պաշտելի բեռը թեւերուն մէջ, կարծես աշխարհի միակ, առաջին բնակիչները ըլլային, երբ արդէն նայուածքի հարց չէր կրնար ըլլալ, քանի որ մինակ էին անսահման երկրագունդին վրայ։ Այո, ոչ մէկ նայուածք կրնար հասնիլ իրենց, նոյնիսկ նայուածքը իրենց սեփական աչքերուն, որ կոյր էին երջանկութեամբ։

Հիմա կար բժիշկին նայուածքը։ Տօքթէօր Գառլիէն՝ ընտանեկան ծեր բժիշկին նայուածքը։ Բժիշկը շատոնց մեկներ էր։ Անոր նայուածքը իր աչքերուն թաղանդին վրայ մնացած դուրս ցատկեց վարագոյրին ետեւէն ու նետուեցաւ դրան վրայ։ Բան մը փշրուեցաւ։ Գլուխը ծռեցաւ ինչպէս կը ծռի ծաղիկը ցօղունին վրայ։ Վիզը ծուռ մնաց։ Կուրծքը ուռեցաւ։ Աչքերը սկսան թրջուիլ։ Նուրբ ոտքերով սեղանին վրայէն լոյսը եկաւ բեկումներ կատարել աչքերուն ծայրերէն կախուած արցունքի կաթիլներուն մէջ։ Իրաւունք ունէր դուռին վրայէն շեշտակի նայող աչքը։ Սխալ տեղ ինկած էր։ Հիմա հասկցաւ։ Սրտին կսկիծը ուժանակի նման վազեցնելու կը մղէր։ Վազել, դուռը բանալ ու վազել։ Փախչելու վարժուած էր։ Մինչեւ ե՞րբ կը փախչէր։ Երբ վերջապէս պիտի կառչէր ցանկութեան մը զայն իրականութեան վերածելու համար։

Բայց գիտէր։ Իրաւ գիտէր։ Դուռը պիտի չբացուէր։ Ինչքան ալ վազէր պիտի մնար այդ սենեակին մէջ՝ որուն պատերը շատ պիտի քաշուէին, երկրին սահմանները։ Ամէն տեղ պիտի ըլլային Նիքոլներ, տօքթէօր Գառլիէներ։ Փախուստի ճամբայ չկար։ Միայն փախուստի անսպառելի տրամադրութիւն կար։

–Մինէ՜, ըսաւ անկողինէն եկող ձայնը։ Ի՞նչ կը մտածես։ Շունչդ հիւանդ բազկերակի պէս կը զարնէ։

«Ես Մինէ չեմ։ Մինէ կատուին կ’ըսեն։ Իմ անունս Մինաս է։ Ես Մինէ չեմ»։ Այդպէս ալ պիտի ըսէր։ Պատրաստ էր ըսելու, որպէսզի գիտնան թէ ո՞վ է ինքը։ Բայց հիւանդին դէմքը տառապագին դարձած՝ ցաւագին պրկումներ կ’ընէր։ Թեւերը, զորս բժիշկը մեկնելէ առաջ վերմակին տակ անցուցած էր կրկին։ Այդ սպիտակ, երկայն թեւերը որ գրկած էին զինքը, ինչպէս ծովային բուսական անասուններու շերեփուկները, որ անցնող որսին վրայ կը նետուին վայրկեանական, դաւաճանօրէն ու անխնայ կը գոցուին անոր վրայ հանդարտ ու շքեղ դալարումներով, կը սեղմէր անոր մարմինը շունչը կորսնցնել տալու աստիճան։ Յետոյ, քնքշօրէն, գգուալից, դառնալով Մոնիքին՝ կը բացագանչէր։

–Նայէ՛, Մոնիք, նայէ, իմ Մինէս, ինչ զարմանալի է։

Երկար, սրածայր մատներով կը շոյէր երեսները, մազերը, ինչպէս կ’ընեն հնազանդ կատուի մը, որ կը խռկայ, կ’ալեծփի գգուող մատներուն տակ, գոհ ու երջանիկ։ Հիմա կ’ըմբոստանար։ Կը մերժէր։ «Ես կատու չեմ»։ Բառերը կը կրկնէր իրարու ետեւէ, միտքը կը լեցնէր անոնց արձագանգով, որպէսզի կատուն հոն Մինասի փոխուի։ Ժամանակին անգամ չէր անդրադարձած, երբ գինովութեամբ կը վերանար զինքը կատուի վերածող թեւերուն մէջ։ Բառերը կը կրկնէր շարունակ կարենալ կանգնեցնելու համար կորսուած դէմքը, մտքին յոգնած անջրպետին մէջ։ Միայն հետզհետէ կարծրացող կէտ մը կը տեղափոխուէր անհանգիստ։ Չէր կրնար տեղ մը գտնել եւ ինք չէր կրնար բառ մը դնել վրան, որպէսզի անմիջապէս թանձրանար եւ ինքնութիւն մը ստանար։ «Այո, բառը ուժ է։ Եթէ բառը ըլլայ, ամէն բան կը պարզուի, կը պայծառանայ»։ Ի չգոյէ ճիշդ բառին, զայն անուանեց ընդվզում։ Եւ սակայն մերժեց։ Կամքը կը թուլնար արդէն, նախընտրելով կրկին յանձնուիլ մերկ թեւերու կախարդանքին, ինչպէս այն օրը Լիւքսէնպուրկի պարտէզին մէջ։ Մոնիքին զուարճալի բան մը պատմելու վրայ էր, մերկ թեւերը կը ճօճէր ծառերուն սաղարթէն մաղուող արեւին մէջ՝ ուր պարային ծէս մը կը կատարէին՝ հմայուած նուագէ մը որ իր ձայնն էր։

Այդ խեղճ սպիտակ թեւերը, անուժ ինկեր էին հիմա վերմակի ծաղկաստանին վրայ, լքուած, անտէր, հմայաթափ, իրեն խելաքար ճամբորդութիւններուն կարօտ հոգի առնելու եւ դարձեալ, գգուելու համար գլուխը, երեսները եւ կանչել «մինէ՜, մինէ՜» զուարճացնող ձայնով մը։ Խեղճ, խեղճ թեւեր, երկար ու բարակ, որ չէին կրնար Մինասին սա գազանացած հոգին կատուի փոխել։ Բան մը խլրտաց ներսիդին։ Արդեօ՞ք անկարելին սկսած էր կարելիին մօտենալ։ Բայց ո՞ւր էին բառերը, որ դէմք մը տային, մկրտէին։ Քիչ մնաց տեղէն պիտի շարժէր ու քալէր դէպի անկողինը գլուխ տալով այն արգելիչ ուժին, որ զինքը պահած էր անշարժ ու ծամածուռ։ Անշարժացաւ։ Մօտեցաւ անկողինին կատուի զգուշաւոր թաւշեայ քայլերով։ Իրաւ է, սիրտը տրոփուն, ամիսներու բացակայութենէ ետք, այս առաջին հանդիպումը բազում սպիացած կնճիռներ կը քակէր, կ’ալեծփէր, աւելի քան սկիզբները, երբ նոր կը հանդիպէր Լիւքսէնպուրկի պարտէզը։ Այն ատենուան կոյս հոգին չէր իր մէջ խլրտացողը։ Հիմա, յիշատակներով շղթայուած, ամէն ճիգ հերոսական չափանիշի կը հասնէր։ Կ’ուզէր անոր թեւերը ուսերուն վրայ առնել, գլուխը հանգչեցնել կուրծքին վրայ եւ ուրիշ բան չտենջալ։ Առաջին քայլին զոր նետեց կակուղ գորգին վրայ ու ազատ միջոցին մէջ, իրեն թուեցաւ թէ լեռը տեղէն կը փոխադրէր։ Հազիւ երկրորդ քայլը ուրուագծուած՝ կանգ առաւ։ Հիւանդը երկրաշարժի նման ցնցուելով պոռաց։

   Կարծես վերջին ճիչը կ’արձակէր ընդմիշտ անէութեան մէջ թաւալելէ առաջ։ Ճիչը թաղուեցաւ դէմքին վրայ ցոլացող ցաւին մէջ զսպուած, մարմինը մէջքէն երկուքի բաժնող պրկումով մը կորացաւ աղեղի մը նման ու միեւնոյն ժամանակ աղաղակելով։

–Պիտի սպաննէ զիս, Մինէ, պիտի սպաննէ։ Չուզեր դուրս գալ, չ’ուզեր, չ’ուզեր։

Ներս մտնելէն ի վեր առաջին անգամ ըլլալով սարսուռ մը ունեցաւ հիւանդին տառապանքին առջեւ։ Սարսուռը յանկարծ վախի փոխուեցաւ։ Աչքերը խոշորցան եւ պաղ լոյսով մը լեցուեցան։ Այն ատեն հասկցաւ։

Այդ լոյսին մէջ տեսաւ եւ հասկցաւ որ իր յուզումները կնոջ ցաւերէն չէին գար։ Ինչո՞ւ համար անթափանցելի մնացած էր։

Փայտ կտրած կեցած էր սենեակին մէջտեղը։ Հիւանդին ցաւագին արտայայտութիւնները կուգային ու կը բախէին սենեակին մէջտեղը կանգնած զանգուածին ու ետ ետ կ’ընկրկէին։ Կը մերժուէին անկէ։ Ինչ որ գիտակցութիւն կը կոչուէր եւ որ կար այդ փայտի կտորին մէջ, մեկնած էր անկէ։ Լքած էր զայն, վարագոյրներու բացուածքէն ու թափանցած՝ երկիր ու երկինքի միջեւ անծանօթ գօտիի մը մէջ։ Եւ սակայն յուզումը կը բարձրանար իր մէջէն գալարելով ու մտածումը բառ մը կը փնտռէր զայն անուանելու եւ գոյութեան բերելու ճիգով մը, երբ նորէն գլուխը դարձաւ մեքենաբար եւ տեսաւ պատուհանը։ Նայուածքը փախուստի ճամբայ կը փնտռէր։ Արդարեւ քիչ առաջ ներս մտած ատեն վարագոյրին ծայրը բաց մնացած էր, երբ ուզած էր բժիշկին մեկնումը հաստատել։

Գիշերը հասունցած էր արդէն, ժամանակը անցուցած պտուղի մը պէս պիտի իյնար։ Միջոցը խարխափելով մօտեցաւ պատուհանին։ Դուրսը անհունօրէն հեռաւոր թուեցաւ իրեն, անհասելի տեղ մը, որ թերեւս գոյութիւն ալ չունէր։ Գլուխը ետ դարձուց, արագ ու վճռական շարժումով մը, նետուելու համար սենեակին իրականութեան մէջ, բայց սենեակը ժամանակէն դուրս մնացած բեկոր մըն էր, անդադար հեռացող, որ կը խրէր լռութեան ծոցը։ Քիչ առաջ յուզումը վիժած էր հոն։ Առանց գլուխը դարձնելու աչքերը պտտցուց սենեակին չորս կողմերը ի խնդիր կենդանութեան նշոյլի մը ու հանդիպեցաւ լապտերին կանաչ լուսամփոփին, որ իրեն վերադարձուց իր իսկ ներկայութեան զգացումը։ Հիւանդը աչքերը խոշոր բացած իրեն կը նայէր անողոք ու անտեղիտալի յուսահատութեամբ մը։ Յուսահատութիւն մը՝ որուն առջեւ անզգայ կը մնար իրեն նայող աչքերուն՝ որոնց նայուածքին անտարբերութիւնը զինքը կորուստի կը մատնէր ատենօք։ Եթէ պատահաբար հաճոյակատար ճառագայթ մը իյնար անոնցմէ իր բիբերուն մէջ, չէր քնանար ուրախութիւնը չկորսնցնելու համար քունի խաւարին մէջ։ Աչքերը բաց կը պահէր անոնց երազանքին մէջ ուռճացնելով նայուածքին ակը, որ գետի պէս կը հոսէր ներքին աշխարհագրութեան հովիտներէն։ Ուզեց ժպտիլ։ Փորձեց։ Չկրցաւ։ Բան մը ներսէն ժպիտը երեսին վրայ ծամածռութեան կը փոխէր։ Արդէն ժպիտը անպատեհ էր նման ծանրակշիռ պահու մը։ Առնուազն միամտութիւն մըն էր ժպտիլ փորձելը, իսկ ժպիտը ի հարկէ պիտի ըլլար խօսք։ Բայց ան լուռ էր։ Չէր կրնար խօսիլ։ Կը սոսկար ձայնէն եթէ պատահաբար դուրս գար իր մարմինէն։ Ինչ որ հարկ էր տառապողին ցաւը իր սիրտէն ներս փոխադրելն էր, որպէսզի ան բարձրանայ դէմքին եւ իր աղեկէզ արտայայտութիւնը գծէ հոն։ Բայց մարդը ուրիշի ցաւին հետ հաղորդութեան մէջ մտնելու տարօրինակ ձեւ մը ունի։ Մխիթարելու պատրուակով՝ ան կը պատմէ իր ցաւերը, թերեւս երեւակայական, բայց սոսկալի եւ անմխիթար ցոյց տալով զանոնք, որ լռութեան կը դատապարտեն դիմացինին իրական ցաւերը։

Պէտք էր ըստ պատշաճի կարեկից դէմք մը առնել, ինչպէս կ’ընենք ընդհանրապէս, որովհետեւ այնքան դժուար է ինքզինքը փոխադրել ուրիշին մորթին տակ։ Փորձեց ցաւագին արտայայտութիւն մը դրոշմել իր դիմագիծերուն, հոգ չէ թէ ձեւացեալ, այնքան ատեն որ հիւանդին յուսահատական նայուածքը կը ծանրանար իր վրայ։ Յանկարծ իրական ցաւի մը դիմակը տեղաւորուեցաւ դէմքին վրայ։ Նախ անանուն ցաւ մը զգաց մարմինին մէկ անծանօթ անկիւնը եւ տարածուելով գրաւեց իր էութեան ամբողջ տարածքը։

Յետոյ տեղաւորուեցաւ ուղեղին մէջ՝ ուր եւ վերածուեցաւ խառնիճաղանճ պատկերներու թափօրի մը որ տեսակ մը կրկներեւոյթ էր Մայիս 28ի երեկոյթին։

Սրահը լեփ լեցուն էր եւ դեռ ոտքի մնացողներ շատ կային։ Անոնք կը խճողէին նրբանցքները՝ որոնցմէ անցնողները ստիպուած էին իրար հրմշտկել։ Անոնց մէջ կային, որ ուշադրութիւն կը հրաւիրէին իրենց լարուած ուշադրութիւնով՝ որով կը նայէին բոլոր ներս մտնողներուն։ Երբեմն ձեռքի ջղային շարժում մը կ’ունենային, (ինչ որ նաեւ կը փոխադրուէր դէմքին վրայ դիմագծելու արագ ու կարծր պրկումի մը դրոշմումովը), ձեռքը կը հրէր միւսը եւ անոր տէրը շուքի մը պէս կ’անհետանար ամբոխին մէջ։ Այս անդադար շարժման մէջ եղողները, իրաւ է, կը տեղաւորէին հանդիսատեսները, բայց անոնց դէմքերուն արտայայտութիւնը խոտոր կը համեմատէր իրենց պաշտօնին, որ կարգապահութիւնն էր։ Անոնց դէմքերը շեշտ ու խիստ էին, ինչպէս կռիւի պատրաստուող զինուորներուն դէմքերը։ Կռիւի այդ տրամադրութիւնը որ հետզհետէ կ’աճէր ակնյայտ կերպով, ի հարկէ, երթալ Հայաստանը ազատելու վճռականութենէ մը չէր որ կուգար, ինչպէս քիչ վերջը պիտի տեսնուէր, այլ օրուան հանդիսութիւնը հաւանական, աւելի որոշ քան թէ հաւանական, խանգարողներու դէմ առնուած որոշումէ մը։ Ամէն անգամ որ կասկածելիներու քովէն կ’անցնէին ուղիղ կը նայէին անոնց աչքերուն եւ ոմանք դիրք կը բռնէին անոնց շուրջը, ինչպէս մենաւոր կասկածելիներուն, որոնք սրահին խռնումին պատճառով չէին կրցած խմբուած մնալ ու հոս ու հոն նետուած էին, խլեակներու նման, սրահին մէջ իրարմէ հեռու։ Սրահին տօնական ու խանդավառ մթնոլորտին մէջ պղտոր զգայնութիւններ կը շրջագայէին մերթ ընդ մերթ եւ աղմուկը անոնցմէ մտահոգիչ վարակումներ կը ստանար։ Պահ առ պահ աղմուկը կը փրթէր դուրսի դուռէն ու սրահէն անցնելով զայն կ’ուռեցնէր փոթորիկի պատրաստուող ծովու մը պէս։ Դուրսը մուտքի դրան առջեւ, մայթին վրայ, հռմշտուքն ու կշտամբանքը կ’արձագանգէին մինչեւ սրահին ներսը՝ ուր միտքերը սկսած էին խռովիլ։ «Թռուցիկ կը ցրուեն կոր»ը որոնում մը դրաւ միտքերու մէջ, անծանօթը՝ ծանօթի վերածելու գործողութիւն մը, որ զուրկ չէր որոշ խորհրդաւորութենէ մը։ Նախադասութիւնը բերնէ ականջ սրահին շրջանը ըրաւ։ «Սրիկաներ» ըսուեցաւ հոսկէ հոնկէ, որ միտքերու տքնաջան որոնումին եզրակացութիւնն էր։ «Ճանըմ ձգեցէք թող ցրուեն, անոնք ալ հայ են» պոռաց մէկը, ձայնին անմեղ շեշտ մը տալով։ «Ձայնդ» պոռաց մէկը։ Ուրիշ մը մէջ նետուեցաւ. «Ձգեցէք եղբայր թող բաժնեն, ստիպուած չէք կարդալու։ Կռիւ կ’ելլէ վերջը»։ «Ձայնդ» պոռաց նորէն մէկը ու այսպէս շարունակաբար սրահին մէկ անկիւնէն միւսը մինչեւ որ յանկարծ լռութիւն եղաւ։ Բոլոր գլուխները բեմին կողմը դարձան։ Մէկիկ մէկիկ պատկառելի անձնաւորութիւններ ներս կը մտնէին ու կուգային նստիլ երկար սեղանի մը շուրջ՝ որ խոշոր դրօշակով մը ծածկուած էր։ Նոյն դրօշակէն դրուած էր սեղանին առջեւը նստողներուն կռնակը, պատին վրայ։ Սեղանին վրայ կար սրուակ մը ջուր ու գաւաթներ։ Պատկառելի անձնաւորութիւններէն մէկը մօտեցաւ բեմին առաջամասը, ժպիտը դէմքին, որ վայրկեանապէս ժպիտ ըլլալէ դադրեցաւ։ Այդ նոր դէմքին վրայ հիմա զայրոյթը տեղ բռնած էր։ Անոր վրայ կարելի էր կարդալ բաց գիրքի պէս սրահին անցուդարձերը։ Աղմուկի հսկայ հրդեհ մը ծայր տուած էր որուն կրակներուն մէջ մոխիր կը դառնային հայկական գեղեցիկ բառերը՝ «սիրելի հայրենակիցներ»։ Կարելի չէր երկրորդ բառ մը իմանալ, որովհետեւ հրդեհ֊աղմուկը սկսած էր անմիջապէս «սիրելի»ին հետ, կրցած էր միայն փաթթուիլ երկրորդ բառին ու խողխողել զայն տեղն ու տեղը, ձգելով որ դեռ պահ մը սաւառնէր սրահին վրայ նախադասութեան առաջին մասը որ սակայն օտարօտի, գրեթէ ծիծաղելի հնչականութիւն մը ունէր այլևս ու կը ծեքծեքէր մահապարի մը նման։

Աղմուկը սկսած էր զանազան օճախներէ միայնգամայն խոշորցած, յագեցած էր կշտամբանքներու եւ հարուածներու գերադաս բերքովը որ կրակին վրայ նետուած քարիւղի նման կը ճարճատեցնէր ժխորը։

Ամբողջ սրահը ոտքի ելած՝ իր զայրոյթը կ’աղաղակէր խափանարարներու դէմ։ Այն ատեն սկսաւ մեծ խառնակութիւնը։ Կռիւը։ Բռունցքի հարուածներուն կ’ընկերանային հոգոցները ու այն շնչառութիւնը, որ յատուկ է կռուող ամբոխին տրոփուն շնչառութեան։ Եւ սակայն ամբողջ ժխորը չէր հասներ խեղդելու այս միահամուռ աղմուկը, որ կը գոռար «Խօսք կ’ուզենք, կեցցէ Նոյեմբեր 29ը»։ Ու եկաւ պահը՝ ուր Մինաս այլեւս ոչ մէկ հնչիւն կը լսէր։ Խուլ էր։ Միայն աչքերը հրճուալից կը կը դիտէին ձիւնի փաթիլներու պէս սրահին վրայ ինկող թռուցիկները, որոնց ծրարը ծոցէն հանելով շպրտած էր օդին մէջ, մինչդեռ ամբողջ վոհմակ մը զինքը շրջապատած, ձեռքերէն բռնած, ամէն կողմերէն բռունցքի անխնայ հարուածներ կ’իյնային դէմքին, գլխուն, կողերուն։ Ոտքի հարուածներ՝ ծունկերուն վրայ ու երբ ուժասպառ գետին ինկած ագացիներու տեղատարափին տակ, սկսաւ երազել։ Մանուկ մըն էր, որ իր բաց թարթիչներուն տակ պահուըտած ծաղկազարդ մարգագետնի մը վրայ կը վազէր ծաղիկէ ծաղիկ, թիթեռնիկէ թիթեռնիկ ու ահա մայրն էր, որ կուգար յանդիմանելով ու փոքրիկ մարմինը գրկին մէջ կ’ենթարկուէր համբոյրներու տարափին, մինչդեռ քաղցրաշունչ ձայնը կ’ըսէր՝ «Ո՞ւր գացիր նորէն շան տղայ»։

Առտուան դէմ ցաւերը սկսան աւելի կրակոտ։ Անկողինն էր։ Անկապ ու պղտոր պատկերներ միտքը կը տրորէին։ Խուճապի մատնուած բազմութեան ոտքերուն տակ էր։ Յետոյ ոստիկանին դէմքը ու ծեծերու պատճառած, թմրութիւն ստեղծած երազային վիճակը ցնդեցաւ։ Ու ահա անկողինին մէջն էր եւ լոյսը պիտի ծագէր քիչ վերջը։ Ոտքի ելլելու առաջին փորձին խորտակեցաւ։ Կողերուն վրայ ցաւերը արթնցան ու սկսան գալարիլ, պրկուիլ ինչպէս գետինը ոտնակոխ որդը։ Տենդէն տրորուած՝ մարմինը կարծրացած էր։ Շարժում մը ահա՝ ոսկորները պիտի կոտրտուէին։ Մարմինին պէս հոգին եւս կարծր ու պիրկ էր։ Մտային ստուերներուն մէջէն իմացականութեան նշոյլ մը շեղակի ուղիներով կը յաջողէր մերթ ընդ մերթ առկայծել երակներուն վրայ՝ ուր դէպքերը հազիւ ուրուագծուած՝ կը մխրճուէին խորունկ յոգնութեան մը թմբիրին մէջ։

Երբ ոստիկանը զինքը գետնէն վերցուց, անոր նայեցաւ գրեթէ զղջումով։ Անոր միջամտութիւնը վերջ դրած էր երանելի վիճակին, որ իր մանկութեան վերադարձն էր շնորհիւ ստացած հարուածներուն։ Ծունկերը կը կթոտէին։ Երբ ոստիկանը զինք ազատել կը փորձէր ամբոխին ձեռքէն, մարմինը կը ծալլուէր ու պիտի իյնար եթէ կրկին ան չբռնէր անոր ուսերէն։ Աղօտ լոյսի մը մէջ կը տեսնէր իր շուրջը խռնուած մարդոց ստուերները եւ կը ժպտէր անոնց՝ որոնք միշտ պատրաստ էին ծեծի հարուածներ իջեցնելու իր վրայ։ Այդ միջոցին քովը կը շարունակուէր կռիւը։ Յանկարծ խուճապի մը ալիքը եկաւ ցնցել բոլորը։ Ոստիկանը հազիւ գլուխը այն կողմ դարձուցած՝ քովէն երիտասարդ մը բռունցքի շառաչուն հարուած մը տուաւ Մինասի քունքին ու ան գետին ինկաւ վերագտնելու համար կորսուած մարգագետինը, ուր երեւաց արեւին շողին տակ խայտացող մանկիկը եւ հեռուն՝ մայրը, որ կը վազէր իրեն։

Ոստիկանը արագ շարժումով մը բռնած ըլլալով ծեծողին ձեռքը, երկուքը միասին առաջնորդեց մօտակայ ոստիկանատունը։ Զինքը ծեծողներուն հանդէպ շնորհապարտ զգացում մը տուն կուտար ժպիտի մը եւ, միեւնոյն էր, ներքին խաւարին մէջ յամեցող տեսարանին ուրկէ յառաջացած մօրը երկարած թեւերը իրեն կը մօտենային, պիտի բռնէին, բայց քովէն, իրեն հետ բռնուած երիտասարդին ձայնը աչքերը վեր առնել տուաւ։ Դէմքը մռայլ էր, կարծես կը դողար երիտասարդը։ Վախը քթածակերը սեղմած էր։ Նայեցաւ անոր։ Ժպտուն նայուածքը երկար խուզարկեց մինչեւ միւսին դէմքը պայծառեցաւ։ Միւսը իրեն մօտեցաւ, կարծես իրմէ պաշտպանուելու համար։ «Մի վախնար, քիչ վերջը ազատ կը ձգեն»։

Ոստիկանատան մէջ տեսաւ Վազգէնը՝ որուն հանդիպած էր Աբգարին հետ անցեալ Մայիս Մէկ֊ին Սթրազպուրկ Սէն Տընի քառուղիին վրայ։ Արդարեւ Վազգէն ներսն էր ուրիշ ձերբակալուածներուն հետ։ «Պարոն քօմիսէր» կ’ըսէր Վազգէն, որ յանկարծ խօսքը կիսատ ձգելով նայեցաւ ներս մտնողներուն։ Ուրախութեան արտայայտութիւն մը ունեցաւ Մինասը տեսնելով։ «Պարոն քօմիսէր, վերսկսաւ գլուխը պաշտօնեային կողմը ուղղելով, թռուցիկ ցրուելը արգիլուած չէ։ Մենք ֆրանսական հանրապետութեան ազատութիւնները յարգել գիտենք»։

Ոստիկանապետը իր բարձր հասակէն զուարճացող ակնարկ մը նետեց այդ 15֊16 տարեկան պատանիին վրայ ու ձեռքով նշան ըրաւ ոստիկանին որ ազատ արձակէ զայն։ Մինաս նստաւ երկար սեղանին առջեւ եւ թեւերը դրաւ գլխուն տակ ու մտքով մեկնեցաւ փնտռել ներքին դաշտանկարը։

Յետոյ առաւօտ եղաւ։ Երբ ելլել փորձեց, կողերուն ցաւերը սրտաճմլիկ դէմք մը տուին իրեն։ Մարմինը կը գալարէր։ Ճիգով մը նորէն փորձեց ոտքի կանգնիլ։ Բայց արդէն ոտքի էր։ Զարմացաւ։ Ինչպէ՞ս այնքան դիւրութեամբ ոտքի ելած էր։ Աչքերը բացաւ։ Հիւանդը անկողինին մէջ գլուխը թեթեւ մը վեր առած իրեն կը նայէր աչքերը խոշոր խոշոր բացած։

­ –Մինէ, ի՞նչ ունիս, հիւանդ ե՞ս, մօտեցի՛ր, ինչո՞ւ ոտքի կեցեր ես։

Նոյն յուսահատութիւնն էր, այն որ ամիսներ առաջ ողողած էր զինքը, ինչպէս հալած ու մխացող ասֆալթը զոր բանուորները ծեփիչներով կը քշեն ու կը ծածկեն փողոցը։ Խոշոր խոշոր բացած աչքերը, ուր կար ներկայութիւնը դէպի ներս, դէպի ներքին աղջամուղջները ուղղուած նայուածքի մը, որ արտաքին աշխարհին հերքումն էր։ Չէր տեսներ դուրսի իրերը, մարդերը, որովհետեւ դուրս գոյութիւն չունէր։ Միայն կային պատկերներ, ներքին իրականութիւն մը աննկուն պարապութիւնով մը շրջապատուած։ «Այս ի՞նչ յուսահատութիւն է» մտածեց, բայց սխալ է ըսել թէ մտածեց։ Ինքը չէր մտածողը։ Ուրիշ մէկը, բան մը կը մտածէր իր տեղը։ Մտածումը կը մտածուէր իր մէջը։ Մտածում արտադրող մեքենայ մը կար գլխուն մէջ՝ որուն կոթը կը դառնար, կը դառնար անդադար արձակելով պատկերներ, անկապ, խառնափնթոր, այնքան որ անկարելի էր իրականացնել անոնց արձանագրութիւնը։

Ուրանալով ներկայի Նիքոլը, միայն հին Նիքոլի մը աչքերը կը տեսնէր ներկայէն անդին։ Աչքերը՝ որոնք կը լուսաւորէին ու կը գեղեցկացնէին ամէնէն հասարակ առարկաները, երբ անոնք կը հաճէին անոնց վրայ իջեցնել իրենց նայուածքը, յանկարծ, օր մը, անոր անհետացումովը, հին նողկանքը եկած գրաւած էր զինքը գլխէն վար թափուող հալած ասֆալթէ շապիկի մը նման։ Անկէ ի վեր տխուր նայուածք մը կը պտտցնէր մարդոց եւ իրերուն վրայ։ Յուսահատութիւնը կրկին տեղաւորուած էր ամբողջ էութեան սահմաններուն մէջ։

Ոչ մէկ բան կ’անդրադառնար հոն, նոյնիսկ արեւի մէկ ոսկի ճառագայթ, վարդի փաթիլ մը առանց աղտոտելու, առանց գորշ ընկալում մը ունենալու։ Ոչ, չէր կրնար ներել։ Ներե՞լի էր որ մտքին աչքերուն ընկալած որեւէ առարկայ այնքան շլացուցիչ շքեղութիւն ըլլալէ ետք, հիմա այնքան տգեղնար։ Տգեղնար նոյնիսկ սա լոյսերուն մէջ խայտացող գեղեցիկ աղջիկը, որ իր կինն էր, ոչ թէ հիւանդութեան պատճառով, այլ՝ իր յուսահատութենէն։ Տագնապը յանկարծ ծայր տուաւ նորէն։ Հոգոցները ցնցեցին սենեակին պատերը։ Հիւանդին մարմինը աղէկտուր գալարումներ կ’ունենար։ Մէջքը կը լարուէր տքանքով, կոտրտուելու աստիճան պրկուելով, հեւալով ու հրմշտկելով շղթայազերծ գազանը, որ կը հետապնդէր իր քրէական գործողութիւնը ուժասպառ մարմինին մէջ։ Աղեղուած մարմինը կը հանգչէր ուսերուն եւ ոտքերուն վրայ, կամուրջ կազմած, ցաւերէն փախչելու յուսահատական ճիգով մը ու աղէկտուր արտայայտութիւն մը դրոշմելով դէմքին։ Բերանը բաց, բառեր կազմելու անկարող, անճոռնի աղմուկ մը կրնար դուրս տալ միայն, կցկտուր, կտորները իրար միացնելու եւ աղմուկը խօսքի վերածելու անկարելի փորձութենէ չարչրկուած։

Կրկին հաստատեց իր անզգայութիւնը տառապանքի այդ տեսարանին առջեւ։ Զարմացաւ ու զայն վերագրեց ցաւին ահագնութեանը, որ արգելք կ’ըլլար ուրիշ տեղէ եկող դժբախտութիւն մը ընդունելու, ինչպէս ժամանակին Նիքոլին հանդիպումէն առաջ։ Թէեւ աւելի ընդհանրական էր այն ատեն, ազգային, քան թէ անհատական։ Ոչ ոք կրնար բան մը ընել այդ հոգեկան մրրիկին դէմ։ Փոթորիկը յեղակարծ կը փրթէր բնութեան մէջ անտառին ծառերը ցնցելով իր ճամբուն վրայ։

Արմատախիլ ընելով մենաւոր ծառերը ու ոռնալով հոն՝ ուր խմբուած ծառերու կը հանդիպի, կը մռնչէ ու կ’անցնի ետեւը ձգելով տարօրինակ ու խռովեալ հանդարտութիւն մը, որ ատեն մը կը շարունակէ մարսել իր աւիւնին մէջ որոտացող սարսափը։ «Որդին հօրը վրէժը կը լուծէ կոր» մտածեց վերջապէս առանց յուզումի ու գլուխը դարձուց պատուհանին կողմը։

Գիշերը հսկայ սեւ աչք մըն էր, որ կը նայէր սենեակէն ներս վարագոյրին ետեւէն։ Կէս գիշերը անցա՞ծ էր։ «Բժիշկը չվերադարձաւ»։ Նստած էր թիկնաթոռին վրայ ու կը նայէր պատուհանին բաց մնացած կողմէն։ Երկինքէն մաս մըն էր տեսածը։ «Վարագոյրը սկսեր է «յոգնիլ» գոյնը խամրելու վրայ է»։ Նայեցաւ գետինը ծածկող գորգին, որ նոյնպէս «յոգնած» երեւաց իրեն։ Նայուածքը ուղղեց սեղանին վրայի լապտերին լուսամփոփին, որ անոր համար ժպիտ մը ունեցաւ։ Լուսամփոփէն անդին հիւանդին գլուխը ծռեր էր ձախին։ Աչքերը գոց էին։ «Կը քնանայ կոր»։ Ո՞վ էր որ միշտ իրեն տեղը կը մտածէր։ Այս անգամ մտածումը գլխէն դուրս կը գտնուէր։ Եթէ շեշտօրէն նայելու ըլլար, պիտի տեսնէր խօսողին բերանը։ Բայց նայուածքին մէջ ուժ չկար։ Կրցաւ միայն մեղմօրէն ուղղուիլ անկողնին կողմը, անոր շրջանը ընել՝ պարպուող ծուլութեամբ մը։ «Անկողնին ծածկոցն ալ մաշած է»։ Ամէն բան հին, գօսացած թուեցաւ իրեն։ Յետոյ նայուածքը պտտցուց սենեակին չորս կողմերը։ Յուսահատական շունչ մը կը կաթկթէր ամէն բանէ կաթկթող կաթիլներէն։ Յանկարծ իրեն այնպէս թուեցաւ թէ սենեակը ժամանակէն դուրս վայրի մը մէջ անշարժացած էր։ Ամէն ինչ որ կար հոն, ժամանակավրէպ կը թուէր։ Շարժումները կորսնցուցած էին իրենց իմաստը, ինչպէս երբ մահը կը մօտենայ։

Ձեռքը ճակատին տարաւ, չէր գիտէր ինչո՞ւ համար։ Թերեւս քրտինքը սրբելու համար, բայց հակառակ ամէն կողմերէն գոց ըլլալուն, գիշերուան տաքութիւնը սկսած էր տեղի տալ մօտեցող առտուան զովութեան։ Ճակատին վրայ քրտինքի հետք չկար։ Ձեռքը աչքերուն առջեւէն տարած ատեն իրեն այնպէս թուեցաւ թէ օտար, արտառոց էակ մը գէշ տեսակի կատակ մը կ’ուզէր ընել, ինչպէս օրինակի համար, հսկայ խեցգետին մը, որ յանկարծ չարաշուք իմացականութենէ օժտուած ըլլար։ Սրտին վրայէն թեթեւ սարսուռ մը անցաւ առանց իր ինքնութիւնը ճանչցնել տալու, ինչպէս երբ հիւանդապահուհին վէրքին վիրաբուժական թելը հապճեպով կը բրցնէ ու դողը կը ծնի շարժուձեւէն եւ ոչ թէ ցաւէն, ճիշդ Մինասի մնայուն հոգեվիճակին պէս, որ միշտ աղէտի մը նախօրեակին կացութիւնն է։

Պատերէն թորելով, ժամանակը կը ծորէր սենեակին մէջ տագնապային մղումով մը։ Ժամանակը կը քրտնէր պատերուն երեսին ու պահ առ պահ յղութենէ յոգնած կաթիլ մը կ’իյնար սենեակին պարապութեան մէջ, ժամանակէն այրի մնացած սենեակին մէջ։ Կաթիլը ինկած պահուն չէ որ խուլ ուրախութիւն մը կ’ունենար, այլ՝ այն երկար տեւողութեան ընթացքին եւ անոր պէս աճող՝ կաթիլը կը կազմուէր ուռելով, կամաց կամաց, աղջնակի մը նորաբոյս ծիծին պէս, որ յամրաբար կը հասնի մայրական ստինքին լման հասունութեան։ Կաթիլին անկումը, հարկադրաբար խոր լռութեան մէջ հանդարտ ջուրին վրայ ինկող կաթիլներուն, որուն ուշադիր ունկնդրութիւնը սարսռազդեցիկ է ընդհանրապէս, փրկութեան լուսաշող զգայութիւն մըն էր անոր համար։ Հիմա որ երեւակայութեան մէջ սպասուած դանդաղօրէն պատրաստուող աղէտ մը բախտագուշակային յուշերով կը վխտար, նմանութեան ոչ մէկ եզր կը ներկայացնէր տարերային մրրիկին հետ, որ մանուկ հասակէն խլած էր իր էութիւնը արմատէն, բայց եւ այնպէս այդ արմատէն կ’առնէր իր սնունդը, ան է որ իր զանազան ձեւերով կը վերապրէր։ Իւրաքանչիւր իր պատրաստութեան ընթացքին մէջ, ըլլայ ան ընդհանրական եւ մասնաւոր, անոր հոգիին մէջ վերջալուսային բնոյթ կստանար։ Միայն դէպքը անցնելէ ետք կը զգար, որ համեմատութեան ոչ մէկ եզր կը ներկայացնէր ու երբ դէպքը կուգար ու կ’անցնէր, երանաւէտ զգացումով մը կը համակուէր, ինչպէս Մայիս 28էն առաջ, երբ ոտք դրաւ խմբագրութենէն ներս՝ ուր նոյնինքը, այդ մեծ աղէտը ապրեցնող մթնոլորտ մը գտած էր։

Թերթին խմբագրութեան մաս կազմած ըլլալուն պատճառ եղած էին իր բանաստեղծութիւնները։ Գրութիւններուն բանաստեղծական արժէքէն աւելի անոնց բանւորական բնոյթը գրաւած էր խմբագրութեան կազմին ուշադրութիւնը։ «Աբգարեան շրջան»ի բանաստեղծութիւններն էին անոնք, ինչպէս ինք պիտի անուանէր յետագային։ Առաւօտները եղանակներու հոլովոյթին մէջ ու աշխատանքի գացող մարդոց երազանքը փողոցներուն մէջ, ինչպէս Աբգարի բարեկամուհիներուն, մայթերու աղջիկներուն երգը, որոնցմով անոր հոգին ուրախանալու պատճառներ կը փնտռէր։ «Աբգարեան շրջան»ին յաջորդած «Նիքոլեան շրջան»ը՝ որմէ դուրս ելած էր յուսալքուած, եղաւ հեւքոտ ու մորմոք կեանք մը, որ սկիզբ առաւ օր մը Լիւքսէնպուրկի պուրակին ծառերուն տակ։ Սիրտը յանկարծ դադրեցաւ զարնելէ ուժգին խելայեղ տրոփիւններէ վերջ, թեւերը Նիքոլին մարմինը գրկած այնպէս ուժով մը որ կը վախնար թէ գետին պիտի իյնային։ Ամենօրեայ հետապնդումը, աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, ամէն օրերու մանկական ռազմավարութիւնը վերջապէս հասած յաղթանակին՝ պարտուած էր։ Անձնատուր եղած էր յաղթութեան պսակումին քան թէ տիրացած անոր բերքին։ Առաջին վայրկեանէն յաղթութիւնը պարտութեան տեսարան թուած էր մտքին աչքերուն առջեւ։ Երկար ատեն մնացին պարապնդուած, շունչ շունչի խառնած, անկարելի էր գիտնալ թէ ո՞ր շունչը որուն շունչն էր։ Կորսնցուցած էր թեւերուն զգայնութիւնը այնքան անոնք իրմէ անջատ՝ Նիքոլին մարմինին աղերսուած էին։

Երբ պարապնդումը թուլցաւ, թեւերուն իրեն վերադարձի շարժումին հետ, մտածումը ինքն ալ, պահ մը գործելէ դադրած, սկսաւ սողոսկիլ մտքի ոլորտներուն մէջ, ստուերոտ նախ, յետոյ լոյսի շառաւիղ մը, որ ճեղքելով ստուերները, մտածումներու շղթան վերակազմեց։

Առաջին անդրադարձումը եղաւ խորունկ անձկութիւն մը։ «Աստուած իմ, ի՞նչ պիտի պատահի ինծի»։ Չըսաւ «ի՞նչ կ’ըլլամ կոր» ինչպէս պիտի ըսէր խեղդամահ եղող մը, որ տակաւին ամբողջ գիտակցութեանը տէրը չէ դէպի կեանք վերադարձի սկիզբի շփոթութեան մէջ։ Միեւնոյն ժամանակ զղջումի զգացում մը ծնաւ անձկութեան զգացումէն, որ իրմէ ըրաւ դողդոջուն էակ մը՝ որուն դողդղան ափերուն մէջ փափուկ մարմինի մը գաղջութիւնը կը յիշեցնէր գոց ձեռքին մէջ թպրտացող տաքուկ ճնճղուկ մը, որ ամէն վայրկեան փախուստի անհանգստութիւն մը կը նշէ իւրաքանչիւր թեւափախումի փորձին։

Առաջ երբ սկսած էր սիրել Նիքոլը, գիտէր անոր յագման կէտը, որ ահաւասիկ այս վայրկեանն էր, Նիքոլը թեւերուն մէջ, որ սկիզբ մըն էր առանց յստակ կերպով գիտնալու թէ ի՞նչ պիտի ըլլար վախճանը։ Հոդ է որ զղջումը անորոշ համեմատութիւններ կ’առնէր վերածուելով անյագուրդ կարօտի մը։ Կարօտը՝ սկիզբին, Լիւքսէնպուրկի պարտէզին երբ կը վազէր փողոցներէն, անձկագին ու հեւքոտ, ինքնանպատակ։ Ու անցեր էին փողոցներէ, զարտուղի փողոցներէ, հոսկէ հոնկէ պատկերներու փշուրներ աչքերուն մէջ, խառնի խուռն բերուած ներքին տեսարանին վրայ՝ ուրտեղ դուրսէն առնուած պատկերները երազային իրականութիւն մը կը հիւսէին։ Նօթր֊Տամի ետեւի կամուրջին վրայ նայուածքը մտային խայտաբղէտ մակերեսը ճեղքեց ձուկի մը պէս ու ոստումով մը ջուրէն դուրս ցատկեց։ Կղզի կը մտնէին միշտ իրար կպած, թեւ թեւի, ուս ուսի, կարծես ըլլային նաւու մը կամրջակին վրայ, որուն նաւապետը Նիքոլն էր։ Անցան գետափի փողոցը, քալեցին գետին երկայնքին ու երբ կանգ առին պահ մը դրան առջեւ, «հոս է» ըսաւ Նիքոլ։ Մինաս նայեցաւ դրան։ «Հոս է» արձանագրեց սրտին մէջ Նիքոլին ձայնը։

***

  Կէս գիշերը շատոնց անցած ըլլալու էր։ Սոսիէթէ Սավանթի դռները գոց էին։ Քանի մը թափառական ստուերներ իրար կը խաչաձեւէին։ Չկրցաւ աւելի նայիլ այն կողմը։ Գլուխը դարձուց դէպի առաջ։

Վզին վրայ կոտտացող ցաւ մը կար։ Այդ պահուն զգաց որ ամբողջ մարմինը քայքայուած էր։ Քայլերը դանդաղ էին։ Ոտքերը մայթին քսուելով կը քալէր։ Ոտքին թմրութիւնը մարմինը ամբողջութեամբ համակած ըլլալով, մոռցեր էր ստացած հարուածներէն առած կոտրտուքի զգայնութիւնը, վզին վրայ յայտնուած ցաւին մէջ դէպի Սոսիէթէ Սավանթ նայած ատեն։

Յանկարծ շղթազերծ բազմութիւն մը աղմուկներու եւ ճիչերու ժխոր մը՝ խառնուած բռունցքներու ու ոտքերու հարուածներուն, կսկծանքի վերածեցին վզին ցաւը։ «Աղուոր ծեծեր են» խորհեցաւ խնդուքով մը, շէնշող ու ցաւագին, միանգամայն եւ իսկոյն ծամածռութեան փոխուեցաւ դէմքին վրայ։

Դեռ քիչ առաջ ոստիկանատունը կեղծ հպարտութեան մը կառչած, կրցած էր ինքզինքը ուղիղ բռնել ու որոշ զուարթախօսութիւն մըն ալ կրցած էր արժեցնել։ Հիմա ընկճուած ու խխում եղած։ Պուլվար Սէն Միշել դիմացն էր։ Ծանրաքայլ քալեց այն տրամադրութեամբ ինչպէս էր երբ Նիքոլը գրկած էր թեւերը թոյլ բայց այն ատենուան պէս չունեցաւ լուռ բացագանչութիւնը գետինը ինկող վիրաւոր զինուորին նման, բայց նոյն ուժգնութիւնը ունեցող մտավախութիւնը կը տիրապետէր։ « Աստուած իմ, ի՞նչ պիտի պատահի ինծի»։ Նոր չէ որ «ի՞նչ պիտի պատահի»ի սպասումին տակ կը գտնուէր։ Երկրէն ի վեր, հազիւ ծնած ու թերեւս դեռ չծնած, զինքը կերպարանաւորող սաղմին մէջ եւ ով գիտէ, անկէ առաջ, շատ առաջ երկրին ջուրին մէջ, դաշտերուն ու լեռներուն մէջ։ Սպասում մը որ երբեք յոյսի սպասում մը չէր եղած, միշտ վտանգի մը, կորուստի մը հեռանկարը միայն։ Ինքնաշարժ մը քիչ մնաց իրեն պիտի զարնուէր։ Վարորդը հայհոյեց ու անցաւ։ Հազիւ զգաց թէ վտանգէ մը կը ճողոպրէր, վասնզի այդ պահուն անիկա ոստիկանատունն էր՝ ուր քօմիսէրը կ’արձանագրէր իր յայտարարութիւնները, որմէ յետոյ գլուխը վերցնելով սեղանին վրայէն, ըսած էր «կրնաք երթալ»։ Բայց, ինքը գացած ըլլալու զգացումը չունէր։ Ոստիկանատան մէջ անցածներուն վրայ կը մտածէր, խորապէս համոզուած՝ որ ինքը չէր Տանթոն փողոցին մեջտեղը կեցողը։

  Քօմիսէրին գզրոցին մէջ թուղթերու վրայ արձանագրուած իր խօսքերն ու արարքները աւելի իրական էին քան թէ փողոցին մէջ կանգնած սա պատրանքը։ Որեւէ ատեն ոստիկանապետը կրնար բանալ այդ գզրոցը եւ անկէ դուրս հանել իր խօսքերը, իր արարքները, դիմացը հոգին քրքրել պեղել ուզածին պէս ու յանկարծ հարց տալ գաղտագողի, անպայման իրմէ պահուած յանցանքի մը խոստովանութիւնը կորզել, քաջ գիտնալով որ ամէն հոգիին մէջ անխոստովանելի զգացումներ կան։ Իրականութեան մէջ Մինաս վախկոտ մը չէր։ Վախ չունէր, միայն խորշանք ունէր կեանքը աժան բան եղած ըլլալուն։ Այդ արժեզրկումն էր որ մտածումները կ’որդնոտէր մտքին մէջ։ Անոնցմէ ոմանք դուրս կ’ելլէին կամքէն անկախաբար եւ իբր թէ իր վիրաւոր կեանքը դարմանելու համար եւ այդպէսով ուրիշներու քմայքին կ’ենթարկուէր։ Ուրիշներէ բռնուելիք տեղ մը կ’ունենար ու ամբողջ վերաբերմունքը կը կայանար այնուհետեւ անդադար բռնուելիք տեղերը լպրծուն դարձնելու, որպէսզի բռնել ուզողին ձեռքէն կարենայ սպրդիլ։ Հերոս մը չէր։ Ընդհակառակը անհանգստութիւններու, վտանգաւոր վիճակներու պահանջը ունէր անոնց թնճուկին մէջ պահուըտելու համար։ Ատիկա խաղ մը չէր։ Անհրաժեշտութիւն մըն էր կեանքէն պահուըտելու համար, ինչպէս ջայլամը որ գլուխը աւազին մէջ կը խրէ, մօտեցող թշնամիէն պահուըտելու նպատակով։ Հիմա կը հասկնար թէ ինչո՞ւ ոստիկանապետին հարցաքննութեան ատեն իր բոլոր յայտարարութիւնները միակ մէկ նպատակ կը հետապնդէին հաստատել զինքը ծեծող երիտասարդին անմեղութիւնը, անոր անմեղութեամբ հաստատելու համար իր անմեղութիւնը։ Քթին տակ ժպիտ մը բուսաւ, մանաւանդ յիշելով իր անառարկելի եզրակացութիւնը երբ կ’ըսէր ոստիկանապետին։

–Պարոն քօմիսէր, ասոնք ընթացիկ բաներ են գաղթականներու կեանքին մէջ։ Գաղթականի բորբոքած հոգին անիմաստ տարակարծութենէ մը անմիջապէս կը բռնկի։

Սէնթ Անտրէ տէ զ’Ար հրապարակը ճեղքած էր արդէն։ Մտեր էր Սէն Սէվըրէն փողոցը, նոյնիսկ Սէն Միշէլ պողոտային վրայ էր։ Բազմութիւնը դեռ հոծ էր հոս։ Քայլերը արագացուց եւ կեցաւ մայթին եզերքը։ Սենեակը հեռու չէր։ Քիչ մը անդին, Մօնթանեը Սէն Ժըընիվիէվ փողոցը։ Մէօսիէ լը Փրէնս փողոցի սենեակը Արշալոյսին ձգած էր։ Արշալոյսը՝ իրաւ, ի՞նչ էր եղած Արշալոյսը։ Աբգա՞րը։ Իրապէս դասալիք մըն էր։ Տարին անցեր էր առանց անոնցմէ լուր մը ունենալու։ Սէրը միայն կոյր չէ, ինչպէս կ’ըսեն, այլ նաեւ եսապաշտ է։ Որոշեց հետեւեալ օրն իսկ հետաքրքրուիլ։ Չէ, լաւ չէր ըրածը։ Հորթանս պահած ըլլալու էր Արշալոյսը։ Հորթա՞նսը։ «Աստուած իմ, այս ինչ ապերախտութիւն է։ Ահ, պառկիլ, քնանալ ու մոռնալ։ Չմտածել։ Բայց քուն չունիմ, միայն յոգնած եմ, շատ յոգնած»։

Իրեն թուեցաւ թէ սենեակը հասնելիք չունէր, թէ սենեակը շատ հեռու էր, քաղաքին միւս ծայրը։ Երբեք չպիտի կրնար տեղը հասնիլ։ Կը դիտէր պողոտային եռուզեռը գիշերային այդ ժամուն։

Կառքերը կը սուրային։ Փողոցը գետի պէս կը հոսէր երբ կառքերը կը սուրային։ Փողոցին յարածուփ հոսանքին վրայ խլեակ մըն էր, ինչպէս յարդի շիւղ մը փոթորկոտ ծովուն վրայ։ «Եթէ այսպէս շարունակէ վաղը գործի չպիտի կրնամ երթալ։ Վաղը հասցէները գրելու օրն է»։ Պահ մը միտքը հանգստացաւ։ Հասցէները գրելու օրը ամէնէն շատ սիրած օրն էր։ Տպարանին մէկ անկիւնը մինակ էր ամբողջ օրը, գրաշարներու շաղակրատութեան խառնուած մամուլի մեքենային համաչափ շրխկոցին հաստ վարագոյրին ետեւ ապաստանած։ Մինչդեռ ձեռքը մեքենաբար կը գրէր հասցէները երիզներուն վրայ, երեւակայութիւնը կը ճամբորդէր։ Միտքը կը կորսնցնէր վրան չոքած ծանրութիւնը։ Կը թեթեւնար։ Ամէնէն չսիրածը լուրերու թարգմանութիւնն էր, անվերջ «ըստ որում»ներով։

«Մինաս, քեզմէ բանաստեղծութիւն չուզեցինք։ Տղայ, սանկ շնորհքով լուր մը չե՞ս կրնար տալ։ Կը վարժուիս, կը վարժուիս, հոգ չէ։ Հասցէները պատրա՞ստ են»։

Խմբագրապետին խօսքերէն աւելի անոր ձայնին մէջ կուչ եկած շեշտն էր զինքը անհանգստացնողը, եթէ ոչ վիրաւորողը, քանի որ խօսքին վերջին երեք բառերը ըսել կ’ուզէին «հասցէները գրելէն զատ ուրիշ բան չես գիտեր»։ Արդէն խմբագրատունը խռովիչ բան մը ունէր առանց անոր ալ։ Չէր կրնար ըսել թէ ի՞նչ բան էր այդ։ Անսահմանելի, բայց շօշափելի էր հոգիին մէջ ստեղծուած խլրտումներովը։ Յանկարծ բան մը պիտի պատահէր։ Խմբագիրներուն զուարթաբանութիւններուն մէջ կը զգացուէր անորոշութիւն մը, որ կը խանգարէր իր հոգեկան ապահովութիւնը, թէեւ խմբագրապետին կեցուածքը ունէր տեսակ մը ինքնավստահութիւնը, որ նման էր մէկու մը, որ հարուածը տալէն ետք գիտէր նախապէս պատրաստուած թաքստոցին հասցէն։

Մայիս 28ի տօնը վերջացած էր իր ետեւը ձգելով կլիմայ մը, նման փշրուած սափորի մը՝ որուն կտորուանքները գետինը փռուած էին ցիր ու ցան։ Տօնակատարները ցրուեր էին հանդիսատեսները ըսելով։

«Շուտ, շուտ, հեռացէք, կրնայ ըլլալ որ սա տեղերը պահուած ըլլան»։ Այդպէս կը թելադրէր մթնոլորտը Սօսիեթէ Սավանթի առջեւ մայթերուն վրայ։ Ոչ ոք մնացած էր փշրուած սափորի կտորտանքները հաւաքող։ Խմբագրութեան մթնոլորտը իր տեղն էր, իրեն հետ կը պտտէր ուր որ երթար ու խրլտալով՝ ինչպէս աշնան առաւօտներուն գետին վրայ սրսփացող մշուշը, որ կը փռուէր սափորի կտորտանքներու վրայ, զանոնք իր հոգիին մէջ կ’ամփոփէր յամառ ճիգով մը։ Մինաս ցնցուեցաւ մայթին եզերքը կանգնած տեղը թօթափելու համար ներքին թափառական, անհանգրուան տպաւորութիւնները ու որոշեց քայլ առնել, Քայլ մը նետել փողոցին վրայ, փողոցին միջոցը իր կամքին ենթարկելու մտադրութեամբ։

Գլուխը վերցուց։ Դիմացի մայթին կողմը նայեցաւ։ Ճիշդ այդ վայրկեանին, հազիւ նայուածքը կպած էր դիմացի մայթին եզերքին, շուքի նման բան մը անկէ փրթաւ ու վազեց։

Մինաս տեսաւ այդ շուքը, որ տեղէն ցատկելէն ետք շուք չէր այլեւս։ Աներեւոյթ, անտեսանելի գոյացութիւն մըն էր որ իր մարդակերպ շրջագծով վայրկեանական յայտնութենէն վերջ իսկոյն սրբուեցաւ ցնդեցաւ օդին մէջ։ Դիմացի մայթին վրայ բազմութիւն մը կը շարունակէր իր անփոյթ տողանցքը, այնպէս ինչպէս իբրեւ թէ բան մը տեղի չէր ունենար, մինչդեռ մայթին եզերքը խուճապը կը կազմակերպուէր սպասողական ու հակառակ բազմութեան անտարբերութեան, անոր թաքուն ապրումներուն խտացած շունչը կը թուէր ըլլալ։ Ինչ որ ալ ըլլայ այդ շուքը կամ շունչը, դիւրայաղթ որսի մը վրայ յարձակող գազանի մը պէս ճեղքեց փողոցը եւ ուղիղ գծով վազեց Մինասին վրայ, առանց որ սուրացող կառքերը պատնէշ կանգնէին անոր առջեւ, նոյնիսկ այդ պահուն կառքերը իրենք ալ փախուստ տուած էին սարսափած։ Փողոցը պարապ էր։ Ամայութիւնը զոր Մինաս զգաց կուրծքին տակ՝ ուր անոր սիրտը դողդղաց ճիւղի մը վրայ հովէն ծեծուած դալուկ տերեւի մը նման։ Գլուխը ծռեց։ Ծունկերը կթոտեցան ու գետին ինկաւ։ Այդպէսով Մինաս ազատեցաւ դիմացի մայթէն արշաւող սոսկալի ուժին հարուածէն, որ երկնաքարի մը արագութեամբը եկաւ ու անցաւ քովէն։

–Մինէ, ի՞նչ ունիս, կրկնեց Նիքոլ, հիւանդ ե՞ս։ Մօտեցիր, ինչո՞ւ ոտքի վրայ կեցեր ես։

Հիւանդին այս անգամ մտատանջութեամբ արտասանած խօսքերը չիմացաւ։ Այդ պահուն էր որ գլխապտոյտին պատճառով ինկած ատեն ծունկը մայթին եզերքին զարնուելով սկրթած էր ու կը կոտտար։ Դէմքին մկանները խճճուած էին ցաւին դէմ մղած դիմադրական ուժէն։

Գիշերը սկսած էր տժգունիլ պատուհանին վրայ։ Վարագոյրին հսկումէն յոգնած կարմիրը գորշի կը զարնէր։ «Օդը գէշցեր է։ Անիծեալ բժիշկը չեկաւ»։

Սենեակին լռութիւնը թանձր էր արթնցող օրուան ծալքերուն մէջ։ Պատուհանին գորշութիւնը սկսաւ սենեակէն ներս սպրդիլ։ Պատերը, առարկաները յամրօրէն դիմակազերծ կ’ըլլային ինկող դիմակներուն տակէն յուսահատական մերկութիւն մը կը յայտնուէր ու կը թափանցէր ներկայ առարկաներուն։ Հիւանդին երեսները տժգուներ էին։ Յանկարծ յօրանջեց։ Ստորին կզակը երկար կախուեցաւ։ Բերանը խոշորցաւ քաշքշուելով, կրծելով դէմքին մէկ մասը եւ վէրքի նմանցնելով զայն։ Բարակ շրթները աւելի բարակցան, դէմքը տարածելով ու կատաղի ճիգի մը ներկայութիւնը զգացնել տալով։ Կտրուկ շարժումով մը գլուխը դարձուց յօրանջող տեսարանէն, բայց յիշողութեան մէջ սկսան տողանցել անհամար յօրանջող Նիքոլի պատկերները, մէկը միւսէն աւելի հմայիչ՝ վազելով օգնութեան կուգային իրենց հմայքէն մաս առ մաս տալով սա յուսահատեցուցիչ տեսարանին, որ իր խրտչեցնող տգեղութեան մէջ կը քաշէր անցեալի Նիքոլին գրաւչութիւնը ու գեղեցկութիւնը։

Նշանաւոր էին Նիքոլի յօրանջումները։ Անոնք մասնաւոր հրապոյր մը կուտային անոր, երբ ան իր երկար թեւերը կ’երկարէր գլխէն վեր տարերային լարուածութեամբը։ Մէջքը կ’երկարէր, ամբողջ մարմինը կը ձգտէր դէպի վեր դրսեւորելով մանր ծիծերը։ Բերանը հետզհետէ աւելի կը բացուէր, հոգոց մը կ’արտաքսէր ու մարմինը կը փլէր բազմոցին վրայ, աչքերը կը գոցէր ու կը քնանար, քնանալէ առաջ երեխայական քաղցրութեամբ մը հազիւ ամբողջացնելով «քուն ունիմ» մը, որ իրեն հետ կը բերէր յանցաւոր ժպիտ մը եւ զինքը կը նետէր Մորփէոսի թեւերուն մէջ։ Հրաժեշտի չքմեղանք մը։

Այդ մեկնումները Նիքոլին… մեկնումներ՝ որոնք իրենց ետեւը կը ձգէին աշխարհէն լքուած, մենաւոր, այլայլած Մինաս մը՝ որուն կորստեան զգացումը կուգար մանաւանդ անկէ որ քունի չաստուածին թեւերուն վրայ մեկնած Նիքոլին կեանքին մէջ այլեւս իրեն համար տեղ չկար, ուրկէ ինքը բացակայ էր, աքսորեալ մը։ Որեւէ ճիգ, ըլլայ ան գերմարդկային, անկարող էր կարենալ հետեւելու անոր այդ անթափանցելի մութ վայրերուն մէջ դանդաղօրէն մխրճուող Նիքոլին, գոնէ արհամահուած շունի մը պէս, որուն կը սաստեն չհետեւիլ, բայց որ քայլ առ քայլ, վարանոտ՝ այլ յամառ, դունչը կախ, պոչը սրունքներուն մէջ կը յառաջանայ։ Ժպիտը, որով ան կ’ընկղմէր, Մինասին համար անթափանցելի շրջաններուն մէջ, գուրգուրալի եւ հոգեշունչ երեւութապէս, խորքին մէջ սաստ մըն էր ուղղուած Մինասին։

Այդ ժամանակաւոր մահուան ընթացքին, թէեւ տրոփուն ու անձկանօք, Մինաս իր սիրոյն ամենափարթամ պահերը կ’ապրէր, ամէնէն ամբողջական նուիրումով։

Բազմոցին վրայ երկարած, իր կամքէն լքուած, կոպերը կլորցած ու մեղկ՝ փակ աչքերուն վրայ, զինաթափ, ստրուկ, քնացող գեղուհին թոյլ կուտար իրեն իր յաւերժական արգելքներէն ձերբազատ, որ անարգել մօտենայ անոր, եւ երկար երկար դիտէ իր տառապանքին պաշտելի առարկան։ Ամենայն զգուշութեամբ կը ծածկէր զայն բուրդէ ծածկոցով մը, մեղմօրէն գլուխը կը շտկէր այնպէս ինչպէս դագաղադրութեան ատեն, որպէսզի դէմքը յանձնուած ըլլայ միայն իր նայուածքին անթարթ, ուշադրութիւնը լարուած որսորդի մը նման, որ անտառին շշուկները կը վերլուծէ, ճակատին մանաւանդ աչքերուն կոպերուն վրայ կը հետապնդէր ամէնէն աննշմարելի շարժումը ջիղի մը, մազերակի մը թէ բան մը հոն իրեն համար կը բաբախէր։

Նոյն պահերու զգլխանքէն գինովցած, յաճախ տարուած էր կոկորդին վրայ, որ անմեղունակ իր տրամադրութեան տակ դրուած էր, ձեռքի սեղմումով յաւերժութեան դռներուն առջեւ թափառական Նիքոլը մէկէն ճամբել անվերադարձ դաշտերը՝ ուր միայն իր սեփականութիւնը պիտի ըլլար, մտածումին ու սրտին մէջ կալանաւոր եւ անգութ բռնաւորը, մոռցուած համայն աշխարհէն, բայց ոչ իրմէ։ Ու սարսափած կը հեռանար բազմոցէն հրաժարելով զննելէ կեանքի այդ միամիտ բաբախումները։

Գիշերը բաւական անցած էր։ Նիքոլ նստած էր բազմոցին ծայրը սրունքներուն վրայ, թեթեւ մը թիկունք տուած բազմոցին յենակին ու կը կարդար։ Ինքը կը գրէր ձախ արմուկը սեղանին վրայ, գլուխը յենած ձեռքին, մերթ ընդ մերթ աչք մը նետելով Նիքոլին վրայ, որ անդրդուելի մնացած էր։ Դէմքը միապաղաղ, անշարժ նայուածքը գրքին ծալքերուն կապուած, արձանացած, կ’ըսէր թէ որքան խոր էր վրդովումը։ Քէն ըրած չէր։ Սարսափը միայն մտավախ ըրած էր զայն, երբ Մինաս փորձած էր իրեն տիրանալ յանկարծ երկար փայփայանքներէն ու խեղդուկ մրմունջներէ ետք, զորս Նիքոլ ընդունած էր վայելքով մը, որ մեծ էր որքան մեծ եղած էր անոր յաջորդող սարսափը։ Կարճ պահ մը թաղուած մնալէ ետք նուաղանքին մէջ, յանկարծ, ժայթքումով մը դուրս ցատկած էր ու վայրագօրէն վռնտած զինքը ձեռքերով եւ ոտքերով, սենեակին մէջ հաստատելով, ընդհարումէն վերջ կռուադաշտին վրայ տիրող լռութիւնը։ Իր արարքէն յաղթուող Նիքոլ մըն էր։ Անդամները երկարեց, քաշքշեց ու յուլօրէն յօրանջեց, քիչ մըն ալ տուայտանքով։ Յօրանջումի մէջ գտնուող Նիքոլը միաժամանակ սխրալի եւ խոցելի էակ մըն էր։ ԱՆդիմադրելի հմայք մը եւ ցաւ մը կը պատճառէր։ Անոր յօրանջումները իր մեծագոյն վայելքները եղած էին, գութով ու զմայլանքով խառն զգացումով մը, ինչպէս գեղեցկօրէն իր կորստեան դիմող արեւը մայրամուտի հորիզոնին ետեւ մութ վայրերուն մէջ։

Բայց ահա անոր ներշնչուած դէմքին գիծերը ծուռումուռ եղած էին խզելով անոնց ներդաշնակութիւնը։ Կզակը դէմքէն բաժնուելու աստիճան ծռած դէպի ձախ խոտոր համեմատութիւն մը կ’առնէր աչքերուն հետ ու ամբողջ դէմքը հասարակ, անճոռնի արտայայտութիւն մը կը ստանար, ինչպէս հիմա, անկողինին մէջ պառկած, յօրանջեց ու յետոյ քնացաւ դէմքը բռնուած ցաւին արտայայտութեան մէջ։ Այդ լոյսին տակ դիտուած յօրանջումը եւ բոլոր նախկին յօրանջումները, ամբողջ սենեակը, ամբողջ աշխարհը, ամբողջ Նիքոլը, մէկ անգամէն, հասարակ ու անճոռնի իրականութիւն մը եղած էին։

Շրթունքները թեթեւ մը շարժեցան։ «Կը քնանայ կոր» ըսաւ, միայն իրմէ լսելի։ Լսածը բաւական էր որ զգար խոր յուսահատութիւն մը, ցաւ մը, կարծես ըսած ըլլար «կը մեռնի կոր»։ Հիւանդը որ ամբողջ գիշերը չէր քնացած, խորունկ քունի մը մէջ էր։ Դուռը բացաւ զգուշութեամբ ու գոցեց նոյնպէս։ Կօշիկները հանեց, ձեռքը առաւ, սանդուխներէն իջաւ ու տունէն ելաւ։

***

Քնաշրջիկի մը պէս կը քալէր անցեալի մէջէն։ Անցեալը եկած էր բռնի ուժով գրաւել զինքը, ներկան հալածելով իր անկարելի տեղաւորման տենչանքին մէջ։ Ամէն մէկ ծառէն, մէկ ծառէն միւսը, ձախին, ուրկէ անդին, ընդարձակ դաշտերն էին ու ճամբուն աջ կողմի գետը եզերող մացառներէն յիշատակները դուրս կ’ելլէին, ոչ թէ իբրեւ յիշատակ, այլ՝ որպէս իրականութիւն որ տեղի կ’ունենայ նոյն պահուն, առաջին անգամ ու յիշատակը յիշատակ ըլլալէ կը դադրէր, անցեալի ներկայի գրաւումով, անցեալը ներկային մէջ բռնուած՝ ստիպուած էր ներկայի պաշտօն կատարել։

Քանի կը յառաջանար ծառուղիէն միջադէպերու յանկարծական զօրաշարժը կը դանդաղէր, երկուքի կը բաժնուէր ու երկու թեւերով կը պաշարէր զինքը։ Պաշարումի գործողութիւնը լրանալէն ետք միջադէպերը մէկիկ մէկիկ կը ներկայանային իրեն, ինչպէս զօրանոցի բակին մէջ կարգի կեցած զինուորները կը ներկայանային զօրավարին, շարքէն դուրս գալով, քայլ մը առաջ ու ձեռքը ճակատին տարած բարեւելով։ Զօրավարը կը նայի զինուորներուն մեքենական շարժումներուն ու սիրտը տխրութեամբ կը լեցուի։ Չի կրնար համոզուիլ որ այդ զինուորներով տարած էր փառաւոր յաղթանակները։ Տեսակ մը հմայախաբութիւն կը զգար։ Այդ հմայախաբութիւնը չէ՞ր պատճառը անցեալի ոգեկոչումին, որով գոյութեան կը կանչուէին դէպքերը ու կը տողանցէին։ Անոնք սակայն նախկին բուն հմայքը չունէին: Ըլլալով հանդերձ նոյն անցուդարձերը կը տարբերէին իրենց անհատականութեամբ։ Տարբեր գունաւորում մը ունէին։ Մինչդեռ նախկին վիճակին մէջ հրաշափառ դիւթախաղ մըն էին, հիմա տգեղ ու աղտոտ իրականութիւն մը։ Անցեալէն ներկային անցքին վրայ կարծես հաստատուած ըլլար զտարան մը՝ ուրտեղ աչքերու եւ դիմագծերու լուսաւոր արտայայտութիւնները աղօտ ու անվայել արտայայտութիւններու կը փոխուէին եւ ուրտեղ կը գործէր, սմսեղուկ հետեւողականութեամբ մը, իր ծպտուած կամքը։ Եթէ արտաքին պատկերներէ առաջարկուած կամ քաջալերուած երեւոյթներու փոփոխութիւնը իրապէս մեքենական է, անշուշտ երեւակայութեան առատաձեռն մասնակցութեամբը, ամենայն դէպս, ինչպէս ինքն ալ հաստատեց, կամքն էր գլխաւոր դերը խաղացողը։

Ներքին թէ արտաքին այդ յարաշարժ երեւոյթները ոչ ինքնանպատակ էին եւ ոչ ալ մեքենական, քանի որ աննպատակ ոչինչ գոյութիւն ունի։

Դէպքերը են ինչ որ են, բայց անոնց վերջնական ձեւաւորումը ի վերջոյ անյայտ կամ յայտնի, ծպտուած կամ ոչ, կամքի մը դասաւորումին արդիւնքն են։ Ուրեմն այս մեքենականութեամբ սրտաբեկ, տգեղութիւն մը կը տեսնէր Նիքոլի յօրանջումներուն մէջ որոնք իր զեղումներուն պատճառ եղած էին, ինչպէս օրինակի համար, երբ անհամբեր կը սպասէր որ իր լրումին ու քունին հարուածին տակ գլորող Նիքոլը փռուէր բազմոցին վրայ, անոր վերադարձնելով երեխայական անմեղութիւնը։ Արդարև ոչ միայն տեսքը երեխայական էր ինչպէս իր վերջին ծայր տկարութիւնը, բերնին մատնոցի ձեւը եւ աչքերուն մէջ լալու տրամադրութիւնը, բայց նաեւ՝ մարմինին ծալլուած ձեւը, ինչպէս երբ երեխան մօրը արգանդին մէջ է։

Այդ տեսարանին առջեւ՝ ուր Նիքոլ ուժաթափ հազիւ կրնար լրացնել «քուն ունիմ» ըսելը, ծակած գնդակի նման յօրանջումին պարպուելու աստիճանին հասած՝ ուրկէ պիտի գլորէր անգիտակցութեան անդաստանին մէջ, ինչպէս պատերազմի դաշտին վրայ զարնուած զինուորը, որ «մայրիկ», բառը բերնին մէջ չամբողջացած կ’իյնայ մահուան անվերադարձ ճամբուն վրայ։

Այդ տեսարանին առջեւ կ’ունենար իր սիրոյն գերագոյն արտայայտութիւնը, որն է սիրուած էակը ամբողջովին սեփականացնելու բուռն զգացումը եւ զայն իրեն ենթարկելու անողոք կամքը։ Այդ կամքը կ’ենթադրէր մենաշնորհ մը՝ որ զինքը կը մղէր ցանկալու սիրուած էակին մահը, չցանկալ անոր յօրանջումին հետեւող մահաքունէն դէպի կեանք վերադարձը ի խնդիր այդ պահուած գեղեցկութեան յաւերժացումին։

Իր մէջէն բան մը իրեն տեղեկութիւն կը բերէր եւ գիտէր որ այդ տեղեկութեան մէջ դատողութիւնը բացակայ չէր, գործիքն իր կամքին, որ բան մը կ’ուզէր, կը փափաքէր որ ամէն բան ըլլայ իր ուզածին պէս, մասնաւոր կամեցողութեամբ մը, ինչպէս այդ պահուն Նիքոլի ուսերը թեւերուն մէջ եւ մարմինին մնացեալ մասը ոտքերուն վրայ ինկած՝ անոյժ, լքուած, կը դիտէր անոր դէմքին հիացած վերացումը։ Իսկ աչքերուն կոպերուն ու ռունգերուն վրայ աննշմարելի դող մը որովայնին ստորին վայրերուն ցանկայարոյց խլրտումներ կը ստեղծէր։ Ներքին տեղեկատու սենեակը իրեն կը հրահանգէր փնտռել արհամարհելի բիծ մը խորտակելու համար իր ցանկութիւնը։

Այնպէս ինչպէս որ էր գործողութիւնը եւ ոչ թէ տեսարանը, որովհետեւ հանդիսատես մը չէր ինք, այլ՝ գործող անձ մը տեղի ունեցող պատահարին մէջ։ Հեծէլանիւին նստատեղիին հետ սրունքներուն շփումներէն ծնած յուզումէն գինովցած՝ Նիքոլ ուզեր էր սեղմուիլ իր թեւերուն մէջ, որպէսզի բաժակը յորդեցնող վերջին կաթիլը պարպուի ու հակառակ Նիքոլին փոխանցիկ յուզումէն փակուած՝ խորհրդածող մասը կ’երթեւեկէր յիշատակէն ներկային ու փոխադարձաբար, ի խնդիր իր յամառ որոնումին, անպայման տգեղցնելու տրամադրութիւն մը ամէն ինչի որ կը վերաբերէր Նիքոլին։

Այսպէս որոշ, յստակ տրամադրութիւն մը, նոյնիսկ վճռակամութիւն կար իր մէջ քանդելու սիրած անձը եւ անոր հետ թերեւս ինքզինքը, աշխարհը։ Հեշտանքէն վիրաւորուած Նիքոլին գլուխը թեւերուն մէջ ակնապիշ նայեցաւ անոր դէմքին՝ ուրկէ քիչ առաջուան շառագոյն կարմիրը սկսած էր տժգունիլ։ Գիծերը կը թուլնային ու կ’ընկղմէին իրմէ դուրս անյայտ եսի մը մէջ եւ յանկարծ նշմարեց շրթունքին անկիւնը լուծուող կնճիռ մը, որ կը դիմադրէր կծկուելով ու կծկելով անորոշ ստուեր մը, որ գիծ եղաւ սեղմուելով։ Ու գիծը անշարժացաւ ստուերը խտացնելով իր մէջ։

Քով քովի երկու հեծանիւները կը սահին գետը եզերելով սաղարթներուն տակէն դանդաղ ու համաչափ։ Վիզը բարձր, գլուխը ետին նետած, Նիքոլ ոգեւորուած կը խօսի։ Ձախ ձեռքով հեծանիւը կը վարէ։ Աջը՝ գլխէն վեր պար բռնած է իր քաղցրահունչ ձայնին ելեւէջներուն հետ։ Աշնանային օրուան ծոցը յամեցող ամառնային օդին մէջ, ձեռքը իր հոգիին նուագախումբը կը վարէ։ Հմայուած դէմքը կը վերցնէ, կը նայի Նիքոլին յարաշարժ գիծերուն, որ կը խայտան աչքերէն արձակուած բոցերուն մէջ։ Յանկարծ Նիքոլ գլուխը կը ծռէ, նայուածքը, որ յուզումին գոյնը առած է, այսինքն՝ ամպոտած, կ’ուղղէ Մինասին երախտայայտ աչքերուն, մէկ ձեռքը անոր ուսին վրայ, երկուքով կը մնան անշարժ, աչք աչքի, երկար, այնքան երկար որ մէկը միւսին նայելով աչքերու ճամբայէն կ’անցնին իրար խառնուելու համար իրենց ինքնութիւնը կորսնցուցած՝ ուրկէ վերադարձը այնպիսի ճիգ մը կը պահանջէ, որ կ’ուռեցնէ անոնց սիրտերը։ Նիքոլ հառաչ մը կ’արձակէ ու կ’ըսէ.

–Ահ, ինչ տարօրինակ բան։

–Ի՞նչ բան տարօրինակ է, Նիքոլ։

–Որ դուն իմ ամուսինս եւ ես, կինդ, քու կինդ։ Մինէ, տարօրինակ չէ՞ որ ես քու կինդ եմ։

Եւ ոտքերուն արագ եւ ուժով հարուածովը հեծանիւը կը թռի, կ’անցնի աջ ու ձախ բարեւի կեցած ծառերու զոյգ շարքերուն մէջտեղէն։ Տերեւներուն արանքներէն արեւին սպրդող լոյսը ոսկիի հալոց կը կաթեցնէ անոր մազերուն մէջ։

Նիքոլ կը սուրայ հետզհետէ երկարող եւ ուղիղ ճամբուն վրայ, ճիշդ հոն՝ ուր գետը դէպի ձախ կը թեքի։ Ճամբուն զգալի կորութիւնը Մինասին նայուածքէն կը խլէ այն՝ որ քիչ առաջ իր կինն էր։

«Կինս», ըսաւ Մինաս շրթունքներուն թեթեւ բացուածք մը տալով։ Բառը այսպէս արտասանուած բերնին մէջ անսպասելիօրէն, թունդ գինիի պէս գինովցուցած էր զինքը ու կը դեդեւէր կեցած տեղը, դէմքը դարձուցած գետին կողմը, որ ամբարտակին անկման շառաչէն ետք կը հոսէր հանդարտ ու լուռ։ Հակառակ արեւին՝ օդը զով էր, ալ աւելի զովացած պաղ ջուրին ներկայութենէն, վրան պաղութեան պէս բան մը եկաւ։ Սարսռաց։ Ձախին ծառերու շուքէն անդին երկարող դաշտերը ամայի էին։ Մէկ երկու զոյգ անցան ուս ուսի։ Անոնց կարճ ներկայութիւնը չընդհատեց իր յուզումը, որ կը շարունակէր ուռիլ, ուռճանալ բառին ամէն տառէն բեղնաւորուած։ Հպարտութիւնը կը սպրդէր յուզումին մէջ տարածուելով, գրաւելով ամբողջութիւնը։

Մէկ բառով Նիքոլ անոր տուած էր իր մարդու յատկութիւնը, զոր իր ժողովուրդին ողբերգութիւնը խլած էր իրմէ։ Դեռ երէկ խմբագրատունը կամ հայերով խռնուած սրճարանները, հոգին կորսնցուցած մարդ մըն էր։ Միշտ հոգեկան աղքատութիւն մը կը զգար երբ հայերու հետ էր։ Բառերն իսկ ենթարկուած էին ատոր։ Բառերը չէին մաշեցնողը, բառերը՝ որոնք այս ժողովուրդը շալկած բերած էին դարերէն մինչեւ հոս, այլ՝ զանոնք իրար կապող ձայնը, որ երգ ըլլալէ դադրած էր այլեւս ու արցունքախառն ձայնի ունակութիւն մըն էր, որ կ’անդամալուծէր ուրախութիւնը։

Նայուածքը քակեց գետի տեսարանէն ու տարաւ ճամբուն հեռաւոր խորքը՝ ուրկէ անհետացած էր Նիքոլ, եւ անոր հետ իր բարակ շրթունքներով բերանը եւ անոր համբոյրի խելագար զգացողութիւնը։

  Նոյն պահուն ճամբու խորքէն ծայր տուաւ հեծանիւը, որ սուրալով հովի նման կը մօտենար։ Մինաս ցնցուած էր սարսուռէն ու արիւնը սիրտէն պարպուելով երակները կ’ուռեցնէր։ Այդ վայրկեանին անձկութիւնն ու երջանկութիւնը շփոթեցաւ բառին ու անունին հետ։ Յատուկ անունը տեղի տուած էր հասարակ բառին, անով ինքզինքը ազնուացնելով ու իմաստաւորելով։ «Կինս» ըսաւ փսփսուքով, մինչդեռ Նիքոլ իրեն կը մօտենար սրընթաց։

–Մինէ, բռնէ ինծի, պիտի իյնամ, շուտ, շուտ, գլուխս կը դառնայ։

Հեծանիւը մէկդի շպրտեցաւ յանկարծ ու ինկաւ Մինասի թևերուն մէջ։ «Նորէն» մտածեց, տեսնելով Նիքոլի տժգունած դէմքը զոր ներքին թշնամի մը իրեն կը քաշէր անգթօրէն։ Նիքոլ կը դողար Մինասի թեւերուն մէջ ցնցուող պրկումներով։

Այդ միեւնոյն տեղն էր։ Քանի անգամ ինքզինքը նետած էր խոտերուն վրայ, դողդոջելով, մարմինը գալարուն, դէմքին վրայ ծամածռումներով՝ ուր ցաւի եւ հաճոյքի խառն արտայայտութիւն մը կար։ Մաքառում մը։ Կռիւ մըն էր ներսէն սպառնացող թշնամիի մը դէմ, գիրկընդխառն։ Շրթունքները պրկումներ ունէին կարծես թշնամին ետ մղելու համար։ Ակռաները բան մը կը տրորէին, երբեմն կը կափկափէին։ Քովը նստած էր, ինքը, Մինաս ապշած։ Ի՞նչ ընելը չէր գիտեր։ Յանկարծ Նիքոլ կարթննար ցնցուելով։ «Կինս լուսնոտ է» խորհեցաւ վերջապէս։ «Կինս լուսնոտ է»։ Ու հանգստացաւ բացատրութիւն մը գտած ըլլալուն համար։ Ուրախացաւ։ Կարե՞լի է ուրախանալ այդ տեսակ հիւանդութենէ մը։

Հիւանդութենէ չէ որ ուրախացաւ։ Ուրախացաւ անոր համար որ հիմա գիտէր։ Գիտցած կամ պատճառը գտած ըլլալուն համար ուրախ էր։

Գաղտնիքը լուծուած էր։ Բաւական տեւած էր գաղտնիքը միտքը կրծելով։ Ոչ մէկ բան այնքան կ’անհանգստացնէ որքան անծանօթը։ Անծանօթը պարտուած էր։ Ամէն ինչ պարզացած՝ այդպէս, մէկէն ի մէկ, երբ այլեւս լուծումի չէր սպասեր։ Հետեւաբար կրնար ուրախանալ, բայց եւ այնպէս, բայց եւ այնպէս, ինչ անզգայութիւն։ Ինչո՞ւ չէր ցաւեր կնոջը վրայ։ Որովհետեւ փնտռելու չարչարանքէն փրկուա՞ծ էր։ Այո, փնտռելէն փրկուած ըլլալուն համար։ Գիտական ուրախութիւն մըն էր ունեցածը։ Գիտական լուծում մը։ Յանկարծ հետաքրքրութիւնը իր սեփական սահմանը անցած էր։ Հիւանդութեան եւ կնոջ միջեւ առընչութիւն մը ծագեցաւ։ Սիրտը տրոփեց։ «Կինս լուսնոտ է» ըսաւ ինքնիրեն։ Մեքենաբար ձեռքը սրտին տարաւ։ Անդիմադրելի զգայնութիւն մը ծայր տուած էր հոն, որուն ցաւ անունը տուաւ մտքին մէջէն։

Գլուխը որ ծռած էր մտածումներու ծանրութեան տակ, վեր առաւ ու նայեցաւ խոտերուն վրայ երկնցած կնոջը ու մէկէն ցաւը սաստկացաւ, մթագնեց մտածողութիւնը ու տիրեց ամբողջ մարմինին։ Մարմինին՝ որ միլիառ բջիջներով անսկիզբ ու անծայր ժապաւէն մըն է, որուն յիշողութիւնը բոյն դրած է որպէսզի մեզի օգնութեան հասնի ի պահանջել հարկին։ Բնութիւնը ինքնապաշտպանութեան անսպառ շտեմարան մըն է։ Երբ Նիքոլին նայեցաւ, զինքը պաշարող ցաւը սկսած էր տեղի տալ։ Նոյնիսկ ուրախութիւն մը ըլլալ։ Մանկութեան Մինաս երազած էր կին մը, որ ըլլար մոմի բոցին պէս վտիտ ու պլպլուն։ Ըլլար ոսկեծամ ու կաթնաթոյր, որովհետեւ իրեն համար դիւրաբեկութեան հոմանիշներ էին։ Մայրը խարտեաշ էր, երբ զինքը կը համբուրէր կուրծքին վրայ սեղմած ամբողջ ուժովը, իրեն այնպէս կուգար թէ ահա անոր շունչը պիտի փրթէր բարակ թելի մը պէս՝ մէկ վայրկեանէն միւսը։

Այդ պահերուն երեխայ Մինասը ապրած էր անձկութիւններու ամենէն հեղձուցիչները։ Այն ատեն մօրը կը փաթթուէր իր մանկական տկար բազուկներով, այնպէս մը սեղմելով, որ զգար զօրութիւնը իր ուժերուն որոնք պիտի յաղթահարէին սպառնացող վտանգը։ Վտանգը անցնելէ ետքը դեռ երկար կը մնար իր մօրը փաթթուած մինչեւ մաշած շունչին վերանորոգումը, բայց մայրը ժամանակ չէր տար, զինքը կ’առնէր թեւերուն վրայ ըսելով «ըսել է այդքան կը սիրես մայրիկդ հա՞»։ Ու անվերջ կը համբուրէր անոր երեսներէն, կարծես իր «այդքան» սիրուած ըլլալուն երախտագիտութիւնը ապացուցանելու համար, այնպէս որ Մինաս սիրող եղած ըլլալու հպարտութիւնով կը լեցուէր։ Ու հիմա կը խայտար։

Վերջապէս պիտի ըլլար այն որ ուզած էր պատանի Մինասը։ Ամբողջ մտածումը կեդրոնացուցած էր հիւանդ կնոջը վրայ խնամքով եւ հոգածութեամբ։ Նոյնիսկ կ’ուզէր տառապիլ անոր համար, այո, մանաւանդ տառապիլ, որովհետեւ սէրը տառապանք է, աստուածային անհանգստութիւն մը։ Աննշմարելի շարժում մը ունեցաւ։ Շարժումի մը ծնունդը աւելի ճիշդը, որուն մէջ կար խառն ի խուռն համբուրելու, գրկելու, գգուելու տրամադրութիւն։ Բայց ոչինչ ըրաւ։ Ձեռքը Նիքոլի ձեռքին մէջ բռնուած էր։ Նիքոլին ձեռքը ամբողջ ուժով կը սեղմէր իր ձեռքը։ Սեղմումը կը նմանէր վտանգի մէջ գտնուողի մը սեղմումին, որով օգնութեան կը կանչէ։ Նիքոլ օգնութեան կը կանչէր զինքը։

Կարծես անտեսանելի մէկը զայն կը փախցնէր ու Նիքոլ աւելի ուժով կը կառչէր ձեռքերուն։ Կը նայէր փոքրիկ դէմքին, խոռոչաւոր երեսներով ու ցցուն այտերով, որ լարուած ու սեւեռուն արտայայտութիւն մը առեր էր։ Աչքերը գոց էին։ Երեսներուն փոսերը աւելի խորանալու ձգտում մը կուտային, որով ապրելու գերագոյն կամքէ մը ոգեւորուած կը թուէին։ Դէմքը հետզհետէ աւելի գեղեցկութիւն մը կ’առնէր զարմանք պատճառելով իրեն՝ որուն ձեռքը կը սեղմէր միշտ ուժգին իր բարակ ու սրածայր մատներով։

Յուզումը սկսաւ շատնալ քանի նայուածքը կը կեդրոնանար դէմքի տեսարանին վրայ ու մանաւանդ յուզումէն ծնած ու զայն աճեցնող բառը մտքին մէջ։ «Կինս» արձագանգեց իր էութեան մէջ ու զինքը մղեց շարժում մը ընելու, գրկելու, պաշտպանելու համար դեռ չանհետացած վտանգին դէմ, երբ Նիքոլ ինքը փարեցաւ անոր սանձարձակ ուժով մը։

Երկու մարմինները գրկուած մնացին անշարժ, մինչեւ որ Նիքոլ արձակեց բազուկները։ Սրունքները թուլցան ու մարմինը բաժնուեցաւ Մինասի մարմինէն՝ լքուած ու անզօր։ Դիմագիծերը կակուղցան մտածել տալով թէ կեանքը անկէ կը քաշուէր Նիքոլը ձգելով երկնցած կանաչ խոտերուն վրայ վերջին երկու բառերը արտասանելով, հազիւ մրմունջ մը եղած՝ «կը մեռնիմ կոր» որ արդարեւ կարծես մեռած էր։

Աստուած իմ, նոպան սկսաւ նորէն։ Խեղճ Նիքոլ։ Հիմա բերանը պիտի փրփրէր։ Ինչ տառապագին ճամբաներէ անցնելով հիւանդութիւնը հասած էր նաեւ, մինչեւ բերանը՝ ուրկէ պիտի փախչէր փրփուր եղած։

Նիքոլի բերնէն փրփուր չէր ելած։ Նոպայի ոչ մէկ հետք կար։ Ընդհակառակը ամբողջ դէմքը ողողուած էր անբացատրելի երանութեամբ մը։ Կը քնանա՞ր։ Ի՞նչ արագ անկում քունի խոր վիրապին մէջ։ Նիքոլ հեռու էր։ Հեռու տեղեր գացած էր՝ ուրկէ թերեւս վերադարձ չկար։ Շուարած էր։ Չէր հասկնար թէ ի՞նչ տեղի կ’ունենար։ Կասկած չկար, բան մը ուրկէ հաւանաբար վերադարձ չկար։ Բայց թաքուն յոյսով մը կը սպասէր վերադարձին եւ սակայն կասկածը աւելի զօրաւոր սկսած էր կրծել սիրտը ներսէն։ Աչքերը սրբեց բաճկոնին թեւովը։ «Կուլամ կոր» ըսաւ։

***

Ինչպէս հանդէսին, որ տխուր կերպով վերջացած էր, աւելի յուսահատական քան տխուր, քանզի տխրութիւնը ունի իր գեղեցկութիւնը, ինչպէս յուսահատ սիրահարի մը դէմքին վրայ, Մինասը բերաւ այն եզրակացութեան թէ կեանքի մէջ ամէն շարժում ի վերջոյ կնճիռ մը կ’ըլլայ ամբողջ գորշութիւն ամբարած իր մէջ, ինչպէս ամէն անգամ Նիքոլի բերնին անկիւնը կազմուող բիծը՝ հոգիին մէջ տեղի ունեցած բոցավառումին իբրեւ հանգրուան, իբրեւ անխուսափելի վերջակէտ։ Մոխիր։ Նոյնը չէ՞ր «Հայաստան» խմբագրատունը՝ ուր մուտք գործած էր անպատում խանդավառութեամբ, որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ առօրեայ հասարակ տաղտուկ մը, յօրանջում մը՝ կամաց կամաց կծկուած ինքն իր վրայ եղած բիծ մը։

Հանդէսը յաջող ձեռնարկ մը եղաւ կազմակարպիչներուն եւ հանդիսատեսներուն համար։ Կարելի է ըսել կրկնակի յաջող, քանի յաջողած էր տեղի ունենալ հակառակ խռովութեան։ Այս պատճառաւ սրահը հպարտութեամբ ուռած ու արգասաւորուած աւելի հետաքրքրութեամբ ունկնդրեց ճառերը։ Ամէն մէկը, ունկնդիր թէ ճառախօս, յաղթանակի բաժին մը ունէին։

Կանուխէն սրահը կամաց կամաց լեցուեցաւ։ Տիկիններ ներս մտան, աթոռները գրաւեցին, նստելէ առաջ ու շրջանակի նայուածք մը նետելով, որ զուրկ չէր որոշ վայելչութենէ։ Օրիորդները աւելի լուրջ երեւոյթ մը ունէին, բայց յայտնի էր որ այդ լրջութիւնը քիչ մը շինծու էր, իբրեւ թէ անով անվտանգութեամբ անառիկ կ’ըլլային։ Այրերը տանտէրի քայլերով յառաջացան, ծանր՝ այլ ինքնավստահ։

Պահ մը Մինաս հպարտութիւն զգաց տեսնելով ցիրուցան հայերու հաւաքոյթը, որ իրենց ներկայութեան յայտարարութիւնն էր աշխարհի վրայ։ Տեսակ մը յաղթանակ կամ յարութիւն։ Միջամտողներուն առաջ բերած շփոթութիւնը օրուան համար աննպաստ նշան մը չէր։ Ոչ ոք երկու կողմէն նշմարեց թէ անցեալն ու ներկան կը միախառնուէին, կը պսակուէին։ Պատմութիւնը կը փորձէր իր հունին մէջ տեղաւորուիլ։

Առաջին թռուցիկներուն հետ, որ սկսած էր շրջագայիլ սրահին մէջ, խռովութիւն ծայր տուաւ։ Հակազդեցութիւնը եղաւ բիրտ։ Խռովարարները դուրս նետուեցան կարգապահ մարմինի անդամներուն կողմէ եւ ընդհանրապէս ներկաներուն մասնակցութեամբ ալ, մինչեւ ոստիկաններուն ժամանումը։ Խաղաղութիւնը հաստատուած կը թուէր երբ Մինաս եւ իր ընկերները, որ վերնատունն էին, առիթը պատեհ նկատելով սկսան իրենց քով գտնուած թռուցիկները լռելեան ցրուել։ Կռիւը վերնատուն փոխադրուեցաւ։

Վարը, բեմին վրայ ժպտերես յառաջացաւ առաջին խօսողը, թեւերը տարածած, կարծես լռութիւն խնդրելու համար նախքան խօսիլը։

Այն ատեն է որ Մինաս արթնցաւ։

Մարդը երկու քայլ եւս յառաջացաւ։ Կեցաւ։ Նոյն պահուն սակայն խնդուք մը ճարպի պէս հալեցաւ անոր այտերուն վրայ ու սահելով իջաւ բերնին ծայրերը փոսիկներուն մէջ եւ զոր երկարող խնդուքը բիծ մը ըրաւ։ Բիծը գրաւեց ամբողջ դէմքը։ Դէմքը ծամածռեցաւ ժպիտ մը ըլլալու համար։ Ահռելի տգեղութիւն մը եղաւ։ Զարմանալի, ի՞նչու համար այդ մարդուն յաղթական շարժուձեւը տգեղութիւն մը եղաւ։ Այն ատեն Մինաս սլացիկ շարժումով մը ձեռքերը տարաւ ծոցը, անկէ թռուցիկներու ծրարը նետեց վար բեմին վրայ մարդուն ոտքերուն՝ ուր ան ծանր բիրտ աղմուկ մը հանեց։ Բեմին ետեւէն մէկը վազեց, հաւաքեց ցիր եկած թռուցիկները ու դէզը ցոյց տուաւ դէպի կրակի պէս բացուած բերանէն։ Արդէն շուրջը բազմութիւնը խուժան եղած յարձակած էր անոր վրայ ու զայն անխնայ ծեծեր էր աքացիներով ու կրունկներով։

Մինասին աչքերը ծեծողներուն գլուխներուն վրայէն վարը՝ բեմին վրայ, մարդուն դէմքը կը փնտռէր անդիմադրելի քաշողութեամբ մը ու հոն կը տեսնէր թէ ինչպէս անոր ժպիտը կը ջանար իր տարտղնած կտորները հաւաքել ու չէր յաջողեր։ Վասնզի ներսը խլրտացող ոխը ժպիտը անհանդուրժելի կը դարձնէր։ Դէմքը, մանաւանդ անոր փայլատակող աչքերը ուղղուած դէպի վերնատունը տենդոտ անհամբերութեամբ մը կը սպասէին խաղաղութեան վերադարձին։ Երբ այդ աչքերը Մինասին աչքերուն հանդիպեցան երկվայրկեան մը Մինասին ուժերը լքեցին զինքը ու անհասկնալի կրաւորականութեամբ մը ձգեց որ ծեծուի անարգել։

Հետեւեալ օրը, երբ նախորդ իրիկուան մասին խօսք եղաւ խմբագրատունը, մանաւանդ խմբագրապետը, կուրծքը ուռեցուց ու գլուխը ետեւ նետած՝ քիչ մը սանկ՝ հեռուէն դիտելու պէս, ինչպէս կ’ընեն թանգարանը նկարի մը առջեւ, տեսակ մը համակրա֊հեգնական երեւոյթով մը ըսաւ։

–Չըսե՞ս հերոսացար երէկ իրիկուն։

–Հերոս մը որ աղուոր աղուոր տփոց կերաւ, ըսաւ երկրորդ խմբագիրը՝ որուն բերանը կիսովին բաց մնաց ատեն մը, դուրս տալու համար խնդուքի նման բան մը, որուն ընկերացաւ աչքի կտրուկ քթթում մը։

Մինաս անակնկալի եկած գլուխը վերցուց աշխատութեան վրայէն դէպի խմբագիրը, որ գողութեան վրայ բռնուածի պէս յանցանքը պարտկելու համար խնդուքը երկուքի ճեղքեց, բաժնեց երկու աչքերուն, բայց հոն պահելու դժուարութեան մատնուելով, բերանին բացուածքը մեծցաւ ատամնաշարերը մերկացնելով։ Մինաս անոր ատամներուն ու լինտերուն գծին վրայ տեսաւ սեւ բիծեր, որոնք որդերու պէս սողալով խնդուքին մէջ մտան։ Խնդուքը որդնոտած պանիրի տեսքը ունեցաւ։

­ –Չեմ հասկնար, ինչո՞ւ չէք կրնար ըմբռնել թէ տգեղութիւնը կրնայ մարդս զինաթափ ընել։ Անոնք եւ մենք զազրելի տգեղութիւն մը կը ներկայացնէինք որովհետեւ չկրցանք զիրար համոզել։

–Բանաստեղծ, ըրաւ խմբագրապետը իր ուսերուն բարձունքէն ու վարակիչ խնդուք մը շրջագայեց մէկէն միւսը։

 

***

Նստած էր թիկնաթոռին վրայ որ պատուհանին եւ հանդերձակալին մէջտեղն էր։ Հոն նստած էր անոր համար որ հանդերձակալին եւ պատուհանին կազմած խորշին մէջ, սենեակին անկիւնը, սենեակէն դուրս ելած ըլլալու տպաւորութիւն կը կրէր։ Արդարեւ, սենեակին այդ անկիւնը ծովախորշի մը կը նմանէր՝ ուր ծովուն ալիքները հանդարտ ծփանքով մը կը ծեծեն նեղ ծովափը օրօրուն երգ մը հիւսելով։ Փախած ըլլալու հանգամանքը որոշ էր ըստ իր նայուածքին, կծկուած ինքն իր վրայ ու դէմքին վրայ կեդրոնախոյս արտայայտութիւն մը։ Մէկ կողմէն հանդերձակալին խորութիւնը եւ միւս կողմէն պատուհանին թանձր վարագոյրը վրան քաշած, սենեակին ներկայութեան մէջ բացակայութիւն մը եղած էր ու յուշիկ յուշիկ կը քնանար։ Գլուխը աջ ուսին վրայ ինկած, աչքերը գոց ու բերանը բաց, դէմքը, սակայն խաղաղ միջավայր մը ըլլալէ աւելի, կը յիշեցնէր բեմ մը՝ ուրկէ դերասանները շատոնց մեկներ էին իրենց դերերը խաղալէ վերջ։

Դէմքը՝ խաղէն վերջ պարպուած թատերասրահի մը կը նմանէր նոյն ատեն՝ ուր սրբացած ու աւերակային լռութիւն մը կը տիրէր։ Գոց աչքերուն ետեւը նայուածքը յառած կը մնար տակաւին, տեսակ մը մտահոգութեամբ թրծուած, զղջումով մը գրեթէ, բեմին ինկած վարագոյրէն անդին մեկնած դերասաններու շաւիղին, դերասաններուն՝ որոնք արդէն մեկներ էին ու թերեւս մոռցած երեկոյթն ու խաղը, մինչդեռ անոր նայուածքին մէջ սրահին ու բեմին աւերակներէն յարութիւն կ’առնէին մեկնողներու ուրուականները ու խաղը կը վերսկսէր առինքնող ուժգնութեամբ մը։ Բայց մանաւանդ լսողութիւնն էր, որ լարուած՝ օգնութեան կուգար շարժման մէջ դնելու համար սառած պատկերները երկրորդ իրականութիւն մը տալով անոնց։ Ձայնի հատիկները կը կաթկթէին ականջներուն մէջ, ինչպէս բակի մը անկիւնը մենաւոր ծորակէ մը գուռին մէջ ինկող կաթիլները յամառ ու հետևողական միօրինակութեամբ մը, ամառնային լուսնակ գիշերուան մը լռութեան մէջ ու բակը կը լեցուի կախարդական դէմքերով ու պուպրիկներու բանակով մը, պարային քայլեր կազմած, երբ համայն աշխարհ քունի մէջ է լքած՝ հրապարակը։ Ձայնի այդ կաթիլները ականջներուն մէջ՝ ճակատին տակ կը բողբոջէին պատկերներու անվերջ կարաւան մը, ինչպէս խորհրդաւոր արհեստանոցի մը մէջ ուր կեանքի կրկնեւորոյթը կը կազմակերպուի ծաւալելով։ Այդ դէմքը երանութեան արտայայտութիւն մըն էր, բայց որ կը պղտորէր երբեմն, թեթեւ, անտեսանելի դողեր կ’ունենար, ծալք առ ծալք, նման արեւին տակ հանգչող ցորենի արտի մը՝ որուն վրայէն յանկարծակի եւ յաճախակի կը սահէին երկինքէն անցնող ու հովերէն քշուած ամպերուն ստուերները, կնճիռներ կազմելով հոն՝ ուր միապաղաղ խաղաղութիւն կը տիրէր։ Արդարեւ, մորթը սարսուռ կ’ունենար, ինչ որ զարմանալի չէր, քանի որ լոյսը սկսած էր պղտորիլ պատուհաններուն ապակիներուն վրայ, երկինքը գիշերային խորքէն վար իջած ըլլալով ու իր հետ բերած՝ նաեւ ցրտութիւն մը։ Կը փորձէր ազատուիլ ցրտութեան յառաջ բերած թմբիրէն ու մտային մթնոլորտին մէջ յամառօրէն դիտել ուզող պատկերներուն կշտամբանքէն։

Գորշ լոյսը տեղաւորուէր էր աչքերուն մեղկ կոպիճներուն վրայ՝ ուրկէ կը ջանար ներս թափանցել դժուարին աշխատունակութեամբ մը։ Լոյսին կը պակսէր ամառնային ջերմութեան զուարթ ու կենդանի մատնահարումները։ Ջերմութիւնը՝ որով կը բացուին աչքերը, կոպիճները ետ կը քաշուին յօժարութեամբ եւ դիւրութեամբ։ Եթէ ոչ տակաւին որոշ երախտիքով մը, երբ աչքերը բացուելով կը նային արեւին, որ պատուհանէն ներս կը մտնէ անուշ երգով մը ու կը լեցուի սենեակին մէջ, կը տարածուի պարելով ու կը խնդայ։ Աննշան ըլլալով հանդերձ պաղ լոյսին թափանցողական ներգործութիւնը՝ պատճառ միանգամայն մարմինին մէջ տարածուող թմբիրին, որ պահապանը կը հանդիսանայ ներքին պատկերներուն ու անոր տեւողութիւնը ապահովող, կը յաջողէր նոր դիրքեր գրաւել, հետզհետէ սեղմելով ներաշխարհի տարածքը եւ սեղմելով միեւնոյն ժամանակ կ’աւելցնէր անոր դիմադրութիւնը։ Ապացոյց որ ուժը՝ Սէն Միշէլի պողոտային դիմացի մայթէն մեկնած, ուժն էր, որ եկաւ գիծէն դուրս ելած խելակորոյս կառքի մը պէս եւ զգետնեց զինք մայթին եզերքը։ Այն ատեն բացաւ աչքերը։ Բայց նախքան աչքերը բանալը, զգացած էր նոր ծանրութիւն մը արտաքին մթնոլորտին մէջ, որ սենեակին մթնոլորտն էր, ծանրութիւն մը, որ գաղտնի սպրդած էր հոն խախտելով հաւասարակշռութիւնը ներքին եւ արտաքին մթնոլորտներուն միջեւ, ինչպէս երբ կշիռի մը երկու նժարներէն մէկը նոր առարկայ մը կ’ընդունի։ Այդ առարկան ստուերն էր, որ կանգնած էր հիւանդին սնարին մօտ եւ անշարժ, անթարթ աչքերով կը դիտէր հիւանդը։

Երբ բացաւ աչքերը, ընդոստ ոտքի ելաւ։ Փոխանակ դէպի հիւանդին անկողինը երթալու վարագոյրին ետեւը կանգնեցաւ, պատուհանին առջեւ, նայուածքը ուղղած դուրսի տեսարանին։ Տեսարանը լեցուած էր մառախուղով, որ նման էր թափանցիկ շղարշի մը, մինչդեռ գետին վրայ կաթնագոյն թանձր մշուշ մը կը թուէր բխիլ գետին հունէն ու դէպի երկինք ձգտումին մէջ ջուրերու պաղութիւնը զայն առկախ կը պահէր գետին մակերեսին վրայ։ Միջոցը լեցնող մշուշը կը քաշքշուէր հոս հոն առանց կարենալ բարձրանալու։ Լոյսը ծագած էր, բայց արեւը դեռ հեռու էր, անտեսանելի, կարենալ մարելու երկրին երեսը ծածկող մշուշը, որ կուգար քսուիլ պատուհաններու ապակիներուն ու խոնաւութեան խաւ մը դնել անոնց վրայ՝ ուր պահ առ պահ կաթիլներ կը կազմուէին ու կը գլորէին զիկ զակ արահետներ բանալով։ Գետին միւս եզերքը երկարող ուռիներու շարքերը եւ անոնցմէ անդին դաշտերը դեռ գիշերային քունի մէջ էին։ Անոր նայուածքը պատուհանէն անդին կը թափառէր սենեակէն փախուստ տալու ստոյգ միտումով մը, մինչդեռ ականջները սրած էր կռնակէն անդին։ Իրեն կը թուէր թէ անոնք խխունջներու ականջներուն պէս կ’երկարէին միջոցին մէջ, խուզարկելով այդ միջոցը ու խարխափելով եւ անկէ ձայնի հետքեր բերելու համար վարագոյրին ասդիի կողմը, ուր Մինաս երկու անձ դարձած էր մէկ անձի մէջ, այն պատճառով որ աչքերն ու ականջները իրարամերժ ուղղութիւններու մէջ ըլլալով չէին կրնար մէկտեղել իր զգայարանքներուն հետքերը, որովհետեւ հակամարտ, անոր համար որ իր մէջէն խուլօրէն կը բարձրանար յանցապարտութեան զգացում մը։ Ոչ թէ կը բարձրանար, այլ՝ կը խլրտար, նախապէս բարձրացած ըլլալով ոստումով մը, երբ ոտքի ելաւ ու պահուըտեցաւ վարագոյրին ետեւը։ Գիտէր, ի վերջոյ լսողութիւնը պիտի կապտէր սենեակէն ճամբայ բացող ձայնը։ Գիտէր եւ կը սպասէր խարխափելով հանդերձ անոր ընկալումը ճիգով մը, որ մերժում մըն էր ի յառաջագունէ։

Ձայնը պիտի գար թերեւս խիստ շեշտով մը, թերեւս մեղկ ու ակնարկալից, բայց պիտի գար մատնանշելու համար իր թերացումը եւ հետեւանքը իր թերացումին, այսինքն՝ «եթէ մեռնէր անգամ լուր պիտի չունենայինք»։ Մոնիքին փափկանկատութիւն չվերագրեց արտաքնապէս փափկանկատ նախադասութեան համար, որ անփափկանկատ էր ներքնապէս իր ծալքերուն մէջ, որովհետեւ ամբաստանութիւն մըն էր ուղղուած հասցէին, թէեւ անդէմ, այդ «պիտի չունենայինք»ը, այսինքն բժիշկը, Մոնիքը եւ ինքը։ Ինքը որ ստացած էր հիւանդապահի պաշտօնը եւ պարտազանց գտնուած էր ու «լուր պիտի չունենային»ը, բժիշկը եւ Մոնիքը, իրեն յանցանքով։ Չէ՞ որ յանցանքի զգացումէն կուգար իր փախուստը վարագոյրին ետեւ եւ ոչ թէ այն ընդդիմութենէն, որ կար իր եւ Մոնիքին միջեւ։ Անպայման կ’ուզէր համոզել ինքզինքը թէ իր փախուստին դրդապատճառը այդ ընդդիմադրութիւնն էր, չըսելու համար ատելութիւնը, անբացատրելի մնացած գոնէ մինչեւ այն օրը, որ տեղի ունեցած էր իր անայլայլ փախուստը տունէն։ Եւ սակայն յանցանքի զգացումը գերակշիռ էր հիմա որ Մոնիքին հանած վայնասունէն ի վեր, որովհետեւ ձայնը, որ եկած էր միջոցը խուզարկող միջոցին մէջ երկարած խխունջին ականջներուն կողմէ, ճշմարիտ վայնասուն մըն էր՝ սնած այն վախով թէ կատարուած էր աննորոգելին։ Ինքն իր մէջ փակուած, կծկուած, կտրուած որեւէ արտաքին յարաբերութենէ, իր նեղ ու խեղդուկ մտային տարածքին մէջ դէմ դիմաց կը գտնուէր յանցաւորի զգացումին հետ։

Ինքը պնդած էր եւ ստացած հիւանդին վրայ հսկելու մենաշնորհը։ Հիմա կը հասկնար որ այդ մենաշնորհը պարտականութիւն մը չէր իրեն համար, այլ՝ պարզապէս տարուած էր եսասէր հետաքրքրութենէ մը։ Այդ անսպասելի առիթէն օգտուելով ուզած էր լուծել Նիքոլի առեղծուածը, մնալով մինակ, գլուխ գլխի, ծուէն ծուէն պատռտելու համար առեղծուածը՝ ի վերջոյ մերկացնելով ու պարզելով մթնոլորտը։

Եւ սակայն երբ Նիքոլին հետ էր հիւանդի սենեակին մէջ, չկրցաւ գտնել սրտի զեղումներուն ճամբան, այնպէս ինչպէս երեւակայած էր նախքան սենեակ մտնելը, վազել դէպի անկողին, ծունկի գալ, գլուխը հիւանդին ուսին վրայ դրած։ Բայց միտքը թոյլ տուած չէր որ սիրտը բացուի։ Սիրտը պնդացած էր դեռ հեռաւոր ցաւէն ու միտքը առած կը քալէր, թափառելով հեռուները, ասդին, անդին ու, ահա, կանգնած էր սենեակին մէջտեղ ցուրտէն թմրած թռչունի մը պէս։ Եւ սակայն սկսած էր դողալ։ Սիրտը կը դողար վերահասու վտանգի մը նախազգացումով։ Սենեակէն չարաշուք տպաւորութիւններ կը հասնէին, նախ հեռաւոր, յետոյ կամաց կամաց մօտեցած, իրեն շատ մօտ, իբրեւ իրեն վերաբերեալ բան մը։ Քիչ մնաց պիտի փղձկէր, եթէ չհասնէր Մոնիքին ձայնը, որ զինք կրկին դրաւ նախկին անհաղորդ վիճակին մէջ։

–Բժիշկին հեռաձայնեցի։ Հիմա պիտի գայ։ Պէտք է անմիջապէս բուժարան փոխադրել։

Երբ բառերը իմաստ մը կազմեցին մտքին մէջ, զգաց որ իր կեանքէն մաս մը կը հեռանար, կը ձգէր զինքը։ Յանկարծ լքուած, որբացած մինակ զգաց ինքզինքը։

Բուժարան բառը իրեն համար անմիջական կապ մը ունէր անխուսափելիին հետ։ Այն ատեն աչքերը գոցեց, սեղմեց, ինչպէս գիշերը կը գոցեն դուռ ու պատուհանները եւ իջաւ իր մէջը ծանր բեռ մը շալկած, որ անխուսափելիին գաղափարն էր։ Երբվերջապէս աչքերը բացաւ, տեսաւ Մոնիքը կանգնած առջեւը, խոժոռ արտայայտութիւն մը դէմքին, որ իսկոյն այլայլեցաւ ու կարեկից ձայնով մը ըսաւ.

–Կուլա՞ք, ու լռեց, նայուածքը անշարժացած անոր արցունքոտ աչքերուն մէջ։

Մոնիքին ձայնին կարեկցութենէն յուզուած՝ ձեռքերը դրաւ անոր ուսին ու խորունկհանգստութիւն մը լեցուեցաւ հոգիին մէջ։ Առաջին անգամն էր, որ կը զգար մօտիկութիւն մը Մոնիքին հետ։ Մոնիքն ալ ձեռքը դրաւ իր ձախ ուսին հանգչող Մինասի ձեռքին վրայ։

–Բայց լալու պատճառ չկայ, այսքան պարզ բանի մը համար։

–Չէք գիտեր թէ որքան տառապեցաւ ամբողջ գիշերը։

Կծկուած նստած էր թիկնաթոռին վրայ, աչքերը գոց, զորս կը բանար երբեմն, նայուածքը կը վերցնէր անկողինին վրայ՝ ուրկէ հիւանդը տարուած էր։ Անկողինը ձգուած էր խառնշտկուած վիճակին մէջ։ Բարձին վրայ կը մնար դեռ գլուխին հետքը։ Դժնդակ տպաւորութիւն մը կուգար անկողինէն՝ ուրկէ հիւանդը վերջին նայուածքը նետած էր իր վրայ, մեղրածոր նայուածք մը, որ կորսնցուցած էր ուժը եւ ներքին անէութեան մէջ կը մխրճէր երբ կը փորձէր զայն երկարաձգել իր աչքերուն մէջ, անոնց կառչելու եւ հոն մնալու անկարելի ճիգով մը։ Կուրծքին ելեւէջները դանդաղ էին։ Կիսաբաց շրթունքներէն շունչը տեղատուութեան մէջ էր ամէն վայրկեան եւ կը հատնէր կաթիլ կաթիլ, պատգարակին վրայ՝ երբ երկու մարդեր կը տանէին զայն։

Ամբարտակներ փլցնող յորձանքի պէս բժիշկը ներս խուժած էր դռնէն ու իր լայնատարած մարմինը և շարժումները կը լեցնէին սենեակը։ Քունէն յանկարծակի արթնցողի պէս սենեակը շուարած երեւոյթ մը ունէր ու շուարած էր նաեւ ինքը, որովհետեւ բժիշկին նայուածքը ասեղի պէս ծակած էր գլուխը ու խորապէս թափանցած ներքին վայրերը՝ ուր յուզումները կը ծնին, կը տարածուին պղտորելով ամէն ինչ որ մտածում կ’ըլլայ։ Մերթ ընդ մերթ պղպջակներու նման որ ջուրին յատակէն կը բարձրանան ու ճեղքուելով կը պայթին մակերեսին, ընդվզումի փշրանքներ կը ցնցէին զինքը։

Հիմա որ մարդ չկար սենեակին մէջ, մանաւանդ բժիշկը, քանի որ բժիշկէն կուգար ընդվզումի իր կամայականութիւնները, անոր նայուածքէն՝ ուրկէ արհամարհանքը սեւ մաղձի պէս թորած էր իր մէջ յանկարծ մարմինը պզտիկնալու զգայնութիւնը ունեցած էր այդ նայուածքին տակ։ Տղայ էր եղած, երկչոտ ու խոցելի։ Ինչպէս ամէն անգամ որ ատելութեան նայուածքը կը մխրճուէր աչքերուն մէջ, պզտիկնալու, մանկանալու զգայնութիւն մը կ’ունենար։ Ոստում մը կ’ընէր իր մանկութեան մէջ, ուրկէ ի զուր կը փորձէր բարձրանալ յղելու համար իր բողոքի ձայնը։ Ոստումի ընթացքին էութիւնը ջղագար եղած էր ու զինքը մատնած անշարժութեան։ Շարժումը զոր կը կարծէր ըրած ըլլալ ցցուելու համար բժիշկին ամբարտաւանութեան դէմ, շարժումի ուրուագծում մըն էր, որ իրեն տրուած ուղղութեան հակառակ ուղղութիւն մը առած էր։ Ընդվզումի իւրաքանչիւր փորձ զայն աւելի կը սուզէր իր էութեան խորքին մէջ, մինչդեռ աչքերուն առջեւ կը կազմուէր հորիզոնէն անդին հետզհետէ կորսուող տղան որուն վրայ կ’իջնէ գիշերը։

Հորիզոնէն անդին, խաւարին մէջ կը խարխափէր ձեռքերը առջեւը երկարած կոյրի մը պէս, վախն ու սարսափը սրտին մէջ, ինչպէս արհաւիրքի տարիներուն, իր սիրելի ծննդավայրին մէջ, ուր ամէն մէկ մարդակերպ ոսոխ մահուան շուքը կը սփռէր իր շուրջ։ Քանի կը յառաջանար մատներովը շօշափելով խաւարը նոյն սպառնանքը աւելի որոշ կերպով կը յայտնուէր ու մութին մէջ ձեռքերուն վրայէն սահող ստուերներուն հպանքը սարսուռ կուտար։

Ստուերներուն՝ որոնց շրջագիծերը բարեբաղդաբար ճկուն ու կազային գոյացութիւն մը ըլլալով, ուսի շեղումով մը կ’անցնէր սարսափի սահմաններէն խոշոր ու ահաբեկած շունչ մը քաշելով։ Եւ ահա նման շունչ մը քաշած ատեն ինքզինքը գտաւ սենեակին մէջ, միշտ նստած միեւնոյն թիկնաթոռին վրայ, միեւնոյն դիրքի մէջ, այսինքն՝ ունկնդիրի, որուն լսողութիւնը վերջին ծայր լարուած էր։

Երբ աչքերը բացուեցան, մանկութեան մէջ կատարած ճամբորդութենէն վերադարձին, սարսափի տպաւորութիւնը դեռ իր փէշերը բոլորովին չէր քաշած անոր մէջէն։ Ինչ որ տեսաւ իր ձեռքերն էին ծունկերուն վրայ, երկար թեւերուն ծայրը ու անբնական խոշորութիւնով մը, որ առաջին ակնարկով վախի նոր աղբիւր մը եղած էր, կարծես հրէշի մը ձեռքերը ըլլային անոնք։

Առտուան աղօտ լոյսին մէջ ձեռքերուն կարմրութիւնը ուշադրութիւնը գրաւեց ու զարմացաւ։ Զարմանքը մտահոգեց զինքը, որովհետեւ ձեռքերուն կարմրութիւնը իրեն հասկցուց թէ խորապէս ապրած էր սարսափը, որ սրտին արիւնը առած տարած էր մարմինին ծայրամասերը։ Ձեռքերը վերցուց, աչքերուն մօտեցուց, բայց երբ աչքերը բարձրացան, տեսաւ սենեակը, որ իր սովորական տարածքն ու բնոյթը ունէր։ Այն ատեն նայուածքը կրցաւ քաշել ձեռքերէն ու պտտցուց իր շուրջը։ Նախ անկողինն էր՝ ուրկէ տարուած էր հիւանդը։ Խորհելով հիւանդին վրայ, ինքնաբուխ կերպով աղօթքի նման բան մը փսփսաց։ Աստուած իմ։ Այո, Նիքոլը այդ սրտաշարժ մթնոլորտին մէջ խաղաղութեան նաւահանգիստ մըն էր։ Հոգին ծունկի չոքեցաւ Նիքոլի առջեւ, սեղմուեցաւ, կծկուեցաւ մինչեւ որ արցունքի խաղաղ կաթիլներ ինկան աչքերէն վար։

***

Ոչ, ձեռքերուն խոշորութիւնը անբնական չէր։ Առաջին ակնարկով այնպէս թուած էին իրեն բաղդատաբար մարմինին, որ մանկացած էր։ Անկէ ուրկէ հիմա դուրս ժայթքած էր ու կը լողար աշնան տմոյն լոյսին մէջ։ Դեռ իրական սահմանները վերագտած չէր։ Ձեռքերը, շնորհիւ ինքզինքին տիրացած տեսողութեանը, կը վայելէին իրենց լեցունութիւնը, մինչդեռ մարմինը, որ զգայնութիւն մըն էր լոկ եւ ոչ թէ առարկայ, հետզհետէ սկսաւ գտնել իր թանձրութիւնը, երբ արդէն անարգանքին ցաւը գրեթէ դադրած էր։

Այն ատեն նայուածքը վերցուց անկողինէն՝ ուր երկարօրէն յամեցած էր հոն մնացած Նիքոլի պատկերին քով ու անով կրցած էր ինքզինքին հասնիլ անկէ կախուած երեւակայական չուանէ մը մագլցելով։ Չուանին ծայրը հասած՝ ինքզինքը թեթեւցած գտաւ։ Վրայէն նետած էր այն ծանրութիւնը որ էութիւնն էր եղած եւ որ անքակտելի կը թուէր իրեն։ Լայն շունչ մը քաշեց, ինչպէս երբ զառանցագին երազէ մը կ’արթննար յանկարծ եւ ինքզինքը իրականութեան վստահած՝ նայեցաւ իր շուրջ բոլորը, կարծես լերան մը կատարէն՝ որուն առջեւ ընդարձակ հովիտը կը պարզուի արեւոտ ու զեփիւռի մը քաղցր շունչէն ոգեւորուած։ Տակաւին մռայլ դէմքին վրայ շրթունքներուն ծայրը սկսած էր ծլիլ ժպիտ մը, որ աչքերուն վրայէն վար առաւ զանոնք ծածկող մշուշային վարագոյրը ու նայուածքը մէկ անգամէն կապտեց սենեակին տեսարանը։

Անկողինը խառնշտկուած վերմակով եւ բարձին վրայ հիւանդին գլխուն դրոշմած հետքովը, անկէ վեր՝ պատին վրայ փղոսկրէ փոքրիկ խաչը խաչուած Յիսուսով, զոր չէր տեսած ներս մտնելէն ի վեր։ Յետոյ աջ ու ձախ միւս պատերը։ Ձախ պատին մէջտեղը նրբանցք առաջնորդող դուռը եւ որուն երկու կողմերը մէկ մէկ ջրանկարները, մէկը՝ դրան ձախ կողմինը կը ներկայացնէր վառ գոյներով ձկնորսներու ծովախորշ մը, իսկ աջինը՝ հսկայ քար մը, որ Պրիթանիոյ մէջ պաշտամունքի առարկայ է։

Առաստաղին մէջտեղէն կախուած էր շքալապտեր մը, որ չէր վառուած յոգնութիւն չպատճառելու համար հիւանդին, վառ պահելով միայն սնարին փոքրիկ լապտերը իր կանանչ լուսամփոփով։ Գիշերը ովասիս մը եղած էր այդ լապտերը, հիմա աշնանային թորշոմած ածուի մը տպաւորութիւնը կուտար։ Այնքան աղքատ էր անոր լոյսը ցերեկուան լոյսին մէջ, որ ընդոստ գնաց մարելու, միեւնոյն ատեն բանալով անկողնին քովի պատուհանին թաւիշէ ծանր վարագոյրը՝ ուրկէ վտիտ արեւի ճառագայթ մը դողալով ներս մտաւ ու գետնի կարմիր գորգին վրայէն սողալով բարձրացաւ անկողինին վրայ։ Միւս պատուհանին վարագոյրը բանալու համար առած քայլը չկրկնուեցաւ։

Կանգ առաւ երկու պատուհաններուն մէջտեղը, հոն առժամապէս հիւանդին համար փոխադրուած փոքրիկ սեղանին առջեւ՝ որուն վրայ էր կանանչ լուսամփոփով լապտերը, ապշահար նայուածքը ուղղած պատին վրայի խոշոր նկարին։ Պատկերը կը ներկայացնէր քունը, մերկ կին մը՝ երկարած, շղարշներով անկողինի մը վրայ։ Ինչ որ ապշեցուցած էր զինքը, կնոջ՝ Մոնիքին նմանութիւնն էր։ Փարթամ ու վարդագոյն մարմին մը, գլուխը լուսնկայի նման կլոր սեւ մազերով շրջանակուած աչքերը գոց՝ իրենց կոպերուն տակ քունը կարծես ընդմիշտ հաստատուած։

Ետ դարձաւ։

Հիմա աչքերուն տակ ունէր անկողինը՝ որուն սպիտակ սաւաններուն վրայ արեւը սկսած էր փայլիլ արծաթի նման, մինչդեռ գետինը տախտակամածին գորգին կարմիրին վրայ բռնկելու զուր ճիգ մը կը փորձէր։ Գորգը փոխանակ ուժ տալու արեւին փայլելու, ճիգին, սենեակին մէջ ապաստանած փախստական արեւին այդ բեկորը կը խեղդէր իր բուրդին մէջ։ Բեկորը երբեմն նորոգ ճիգով կ’աշխատէր վերակենդանանալ, բայց ուժը կորսնցուցած՝ կրկին տեղի կուտար, գորգին անյագօրէն զայն ծծելու կամքին։

Այդ տեսարանին վրայ սրտառուչ բան մը կար, որ կապտած էր աչքերուն նայուածքը։ Գոյապայքարի նմոյշ մըն էր՝ որուն զուգահեռաբար ուրիշ տեսարանի մը պատկերները կը թափառէին։ Ու նայուածքը, թեթեւ անշարժացած գորգին ու արեւին տեսանելի գոյութեան վրայ, արշաւ մըն էր երեւակայական պատկերներու ետեւէն ու հասած այնպիսի վայրեր՝ ուրկէ ելքի ճամբայ կը փնտռէր ու չէր գտներ։ Մերթ ընդ մերթ գիտակցութեան սահմաններէն ներս կը թափանցէր շօշափելի իրականութիւն մը, յետոյ կը ցնդէր, կը հալէր իրեն բերելով անըմբռնելի պատկերներ, որոնց գումարը բուժարան գացած հիւանդին գիշերուայ մը մղած գոյութեան պայքարն էր։ Մարմինն ի վեր դող մը սողոսկեցաւ։ «Երկինքը ամպոտեր է»։ Արեւին առջեւէն անցնող սպիտակ ամպերուն վերագրեց գորգին վրայ տեղի ունեցող ողբերգական խաղը։ Պատուհանէն երկինքին նայեցաւ։ Երկինքը անամպ, անփայլ, այլ մաքուր կամար մըն էր։

Այդ միեւնոյն արեւը անկարող կռուելու գորգին ծծող բուրդին հետ, կրցեր էր փարատել երկրին վրայ ծանրօրէն փռուած մշուշը։ Անկէ ոչ մէկ հետք կար։ Հաւանաբար ուշամնաց, աչքերու կողմէ անկապտելի խաւեր դեռ կը յամենային միջոցին մէջ եւ ի զօրու եղած էին ամենակուլ արեւին տակաւին նման խաղեր ընել, պարտադրել անոր որ խեղճ, կիսամաշ գորգէ մը անարգուի։

Կռնակը պատուհանին դարձուց։ Նայեցաւ արեւին բեկորին, որ իրապէս բեկոր մըն էր հիմա, եւ որ տեղափոխուած էր ու մասամբ մաշուած, կրծուած յոգնութենէն։ Անկողինէն անդին քովի սենեակի դուռը բաց մնացած էր։ Դուռին բաց մնալը նայուածքին համար գայթակղութեան պէս բան մըն էր, որովհետեւ անոր գոց մնալը իր ապահովութեան պայմանն էր։

Յանկարծ յիշեց։ Յիշեց որ քովի սենեակէն հեռախօսը հնչած էր երբ դեռ մութ էր դուրսը եւ ինք վազած էր հոն։ «Տունէն մի շարժիր մինչեւ վիրաբուժական արդիւնք»։ Հեռախօսին միւս ծայրէն Մոնիքի ձայնը կ’ուզէր հանդարտ ըլլալ բայց դողդոջուն շեշտ մը ունէր։ Կարծես ձայնը պիտի կոտրէր ու Մոնիք ձայնին թելը շարունակ կը կապկպէր ու չէր յաջողեր։ Զուարթ շեշտով կ’ուզէր մոռցնել տալ իր ձախողութիւնը։ «Գիտե՞ս, ըսաւ ձայնը հաւասարակշռութիւնը գտնելով Նիքոլ շատ քաջութիւն ցոյց կուտայ»։

Գնաց դուռը գոցելու եւ արդէն իր մէջ տեղի կ’ունենար ինքնամփոփում մը, կծկում, երբ տեսաւ խոշոր լուսանկարը որուն վրայ ամիսներ առաջ աչքերուն առջեւ պարզուած էր տեսարանը, որ պատճառ եղած էր պարոն դատաւոր Ֆռըտոնիէի, Նիքոլին հօր աշխատութեան սենեակը, որ յետագային, իր մահէն ետք, երկու աղջիկները, Մոնիք եւ Նիքոլ հանգստեան սենեակ ըրած էին։ Պարոն Ֆըռըտոնիէ եւ իր կինը երկու տարի առաջ կառքի արկածի մը զոհ գացած էին։ Հեռախօսին գործիքը բազմոցին թեւին վրայ զետեղուած էր, որպէսզի անոր վրայէն դիւրին ըլլար օգտագործել, փոխանակ բազմոցին դիմացի պատին դէմ հանգչող սեղանին վրայ ըլլալու։

***

Վաղ առտուան կիսամութին մէջ հեռախօսին պատճառած ահազանգը իր մտատանջութեան մէջ օտար մտածումներու խուժում գործած էր։ Հիմա դրան սեմին վրայէն ուրկէ պարզուած էր տեսարանը նայուածքին առջեւ, իր ամբողջ պժգանքովը, խուժեց անոր մէջ։ Գլուխը վեր առաւ շարժումով մը ինչպէս այն ատեն, տեսարանը նայուածքին մէջ սրբելու վճռական դիտաւորութեամբ, բայց կէս ճամբուն վրայ հանդիպեցաւ երկու դիմանկարներուն, որոնք կախուած էին պատին վրայ, բազմոցին վերեւը։

Պատը ծածկուած էր միմոզայի ճիւղերով զարդարուած սպիտակ թուղթերով, որմէ կ’ոգեւորուէին երկու դիմանկարները, հակառակ արեւագոյն ծաղիկներուն եւ հոս֊հոն ցանցուած տերեւներուն խունացած վիճակին։ Ժամանակը իր երկար ճամբուն վրայ, դանդաղ, բայց ստոյգ կերպով կատարեր էր մաշումի գործը սողալով անոր վրայէն ու հոսեցնելով իր անտեսանելի թունաւոր հիւթը։ Նկարներուն գորշութիւնը եւ հանդարտօրէն գորշութեան դիմող զարդաթուղթին մակերեսը, երկու գորշութիւններ թաքուն համաձայնութեամբ մը կը գործակցէին ստեղծելով նոր ներդաշնակութիւն մը։ Օրուան ամէն ժամերուն ու ամէն եղանակներուն, վերջալուսային մթնոլորտ մը կը տիրէր սենեակին մէջ։

Պաղ սարսուռ մը անցաւ միսերուն մէջէն։ Նայուածքը բռնուած էր զարմանալի կէտէ մը, որ փոքրիկ բիծ մըն էր կանաչորակ, աջ կողմի նկարին ձախ աչքին մէջ, կարծես պատուհանէն ստացած լոյսէն կենդանութեան կանչուած ու մինակ, անկախաբար նկարին ամբողջութենէն, գաղտագողի։ Քովի նկարը պարոն դատաւորին կինն էր, խոնարհ արարած մը, գլուխը թեթեւ մը առաջ հակած, մտահոգ, ցաւագին, ինչպէս կ’ըլլայ քաղքենի կին մը, իբրեւ տեսակ մը վայելչութիւն, որ այս պարագային ուրիշ էր։ Կրաւորական հոգի մը, շարունակ ճնշումի մը տակ գտնուող հոգիի մը արտայայտութիւնն էր, որուն նայուածքը անձկութեամբ կը փնտռէր մխիթարութեան միջոց մը։ Կարծես նայուածքը կախարդուած ըլլար քովի, ամուսինին նկարին աչքէն, անոր ծիածանին մէջ վխտացող կանաչաւուն բիծէն՝ որուն խստութիւնը նետի մը պէս մխուած էր իր մէջ։

Ճիշդ այդ պահուն սարսուռ մը անցաւ իր միսերուն մէջէն, ինչպէս հաւանաբար ամբաստանեալները զորս ան դատելու պաշտօնը ունէր։ Այսինքն դատել, պարոն դատաւորին համար, որ կեանքը միայն իր յոռի կողմէն տեսնելու վարժուած էր, դատել իրեն համար կը նշանակէր պատժել։ Արդէն կատարեալ ամբաստանեալ մըն էր։ Վիզը ծուռ, կորաքամակ, կանգնած էր սեմին վրայ, առանց կարենալ անկէ հեռանալու, նայուածքը միշտ նկարին աչքին ծուղակին մէջ, սիրտը խռոված, հոն խլրտացող զգացումները չէր կրնար բառերով մարմնաւորել։

Գիշերը բժիշկին դէմ ըմբոստացած էր առանց կարենալ արտայայտելու իր ընդվզումը, հիմա պարոն դատաւորին առջեւ ամբաստանեալ մըն էր, որ կրնար միայն ինքնապաշտպանութեան խօսքեր ընել, գութ հայցել։ Դատաւորին նայուածքը արդէն մեկին նշանակութիւն մը առած էր, որմէ ծանրապէս ճնշուած՝ չէր հասներ բառերը շարահարել բերնին մէջ։ Բերանը ծամածռած էր։ Իր խորքին մէջ միայն բառերը իմաստ մը կազմեցին ու հոգիին բերնին մէջ պղպջակներու պէս պայթեցան, ոչ թէ մարմինին բերանէն, որ անհունօրէն հեռու էր միւսէն։ «Բայց պարոն դատաւոր, կը սիրեմ Նիքոլը, իրար կը սիրենք»։ Ու պատասխանը անմիջական, եկաւ զզուանքի շեշտով մը։ «Սըւոր նայեցէք, կորսուէ, բոպիկ օտարական։ Դուրս»։

***

Կամաց մը դուռը գոցեց։ Սրդողած տղու մը պէս դունչը կախ, ոտքի մատներուն վրայ քալելով մօտեցաւ անկողինին ու յանկարծ նետուեցաւ անոր վրայ։ Գլուխը դրաւ բարձին՝ Նիքոլի ձգած խոր հետքին վրայ։ Մարմինը երկարեց անկողինի խոռոչաւոր մասին երկայնքին, զոր Նիքոլին մարմինը դրոշմած էր ու ինքզինքը սեղմօրէն պարուրուած զգաց անոր թեւերով։

Իսկապէս Նիքոլին թեւերը կը գրկէին զինքը։ Կուրծքին շուրջ անոնց սեղմումը կը զգար ու կուգար անոնց կազմած օղակին մէջ իբրեւ գերագոյն ապաստան ուր սիրտը կը գտնէր իր հանգիստը։

Անշարժ մնաց, որովհետեւ անշարժութեան մէջ կը զգար իր խորանալը, զինքը գրկող բազուկներուն մէջ, հետզհետէ աւելի խոր, մինչեւ որ փակ կոպերուն տակ կատարուող պեղումին մէջ հանդիպեցաւ Նիքոլին։ Ամբողջ մարմինովը կը զգար անոր ներկայութիւնը։ Իրեն այնպէս կուգար որ իր տեղը ուրիշ մը կը շշնչար Նիքոլին ականջին «կը սիրեմ քեզ, Նիքոլ, կը սիրեմ»։ Ու կրած անարգանքը տեղի կուտար այսպէսով, որովհետեւ այդ սէրը իր միակ իրականութիւնն էր, որ կը կանգնէր, հաստատուն, իր անիրականութեան դիմացը, թէեւ Նիքոլ ինքն ալ իրմով իրեն իրականութիւնը կ’ըլլար քիչ մը։ Վասնզի անորոշ ու քիչ մը պղտոր կացութիւն մը կար, եթէ ոչ բառերուն, գոնէ ձայնին դրոշմին մէջ, երբ Նիքոլ կ’ըսէր «իմ հայրս» զինքը ցոյց տալով, օրինակի համար պարոն տը Լա Ֆօսին, համբաւաւոր կարի տան տիրոջը՝ որուն նոյնքան համբաւաւոր մանըքէնն էր Նիքոլ, իր նուրբ հասակով ու գեղեցկութեամբ։ Այո, հիացումը արտայայտելու համար նախադասութիւնը Նիքոլի շրթունքներուն վրայ քրէշչէնտօ մը կը գծէր ու յանկարծ վերջին վանկը ութնեակ անկում մը կ’ունենար, խոստովանքի մտերիմ շեշտ մը առնելով որ սակայն հեգնանքի մը տպաւորութիւնը կը ձգէր իր հիացումի առարկային վրայ եւ կամ ստորադաս մակարդակին վրայ կը դնէր զայն, ինչպէս երբ խօսքը ազնուացեղ շունի շուրջ կը դառնար։ Մինաս գիտէր որ այդ չէր Նիքոլի մտածումը։

Մեքենաբար Նիքոլը կը գլորէր իր անիրականութեան մէջ, ինչպէս պարապը կը քաշէ մեզ գլխապտոյտով մը։ Նոյնիսկ կը զգար, այդ պահուն, որ Նիքոլ փոխանակ ըլլալու իր իրականութիւնը, կը նախընտրէր որ երկուքով կորսնցնէին ոտքերուն տակ հաստատուն բեմը՝ ուր կեանքը կ’իշխէ իր օրէնքներով։ Օր մը Նիքոլ զգաց անշեղ բնազդով մը իր նախադասութեան ձգած վատ տպաւորութիւնը իր խօսակիցներուն վրայ, ոտքի ելաւ, երեսները շառագունած, պոռալով. «երբ մեր պապերը, կոլուացիները անտառաբնակ անպիտաններ էին, անոնք քաղաքամայրեր ունէին»։

Այդ պահերուն, Նիքոլ, որ անհոգ ու հաճոյքներու ետեւէ ինկած աղջիկ մըն էր, յանկարծ ուժեղ անհատականութիւն մը ստացած՝ գեղեցկութիւնը տարօրինակ հրապոյրով մը կը փայլատակէր, հրապոյր մը, որ զինքը անդիմադրելի կը դարձնէր։

Իր բարակ ու բարձր հասակը կը տիրէր ամէնուն վրայ եւ կայծակի նման ճառագայթող աչքերը չորս դին ընդդիմախօսներ կը փնտռէին։

Աւաղ, ընդդիմացողներու տեղ հիացողներ ունէր միայն։ Ու բարկութիւնը գործելու դաշտ չունենալով՝ յանցաւոր ժպիտ մը կը սփռէր իր շուրջը։ Սովորականին մէջ Նիքոլ աննշան կը թուէր։ Իր նիհարութիւնը ուրիշներու նայուածքին կառչելու տեղ չունէր։ Գլուխը փոքր ու հաւկիթաձեւ, ճակատը ցցուն՝ հովանի մը կը կազմէր խոշոր ու միշտ զարմացկոտ աչքերուն վերեւ՝ ուրկէ մոխրագոյն ծիածաններ անոր կուտային քնացող կատուի մը կերպարանքը։ Բայց երբ Նիքոլ կ’ոգեւորուէր, եղեգնի նման ալիք ալիք կը վէտվէտէր բարակ մարմինը զարմանալի ճկունութեամբ մը, ցցուն այտերը խնձորներու պէս կը կարմրէին ու աչքերուն մոխրագոյնը նախ կանաչի, ապա կրակի կը փոխուէին։ Քիթը, բարակ՝ արմատին, ծայրը կլոր ու թեթեւ մը սոթթուած դէպի վեր, օդին մէջ կը թրթռար։

Այդպէս երեւցած էր օր մը Լիւքսէնպուրկի պարտէզին մէջ։ Անցած էր աւազանի հրապարակէն, ուսը Մոնիքի ուսին, բարձրացած սանդուխներէն ու թափանցած պուրակին մէջ։ Հիմա նոյն կախարդիչ զգայնութիւնը ունէր կուրծքին տակ։ Շունչը բռնուած, հեւ ի հեւ, նայուածքը ի զուր կը փնտռէր պատկերը, որ երազի մը պէս ցնդած էր ու չապրուած երազի մը տուայտանքը ունէր։

Չէր դադրած ինքզինքին հարց տալէ թէ ինչո՞ւ Նիքոլ կը խուսափէր իր մերձեցումներէն։ Անլուծելի այդ առեղծուածը իրմէ խլած էր ամբողջ ժամանակը։ Անլուծելի նոյնիսկ բազմոցին վրայի տեսարանէն վերջն ալ, որ կասկածի սահմանէն անդին չէր կրցած անցնիլ, ըլլալու համար ստուգութիւն մը՝ որուն հետ այսպէս կամ այնպէս կարելի էր հաշտուիլ։ Կասկածը շարունակ կրծած էր սիրտը որդի մը պէս։ Անկողինին վրայ երկարած Նիքոլի երեւակայական բազուկներուն մէջ, կ’երթար թափառիլ Լիւքսէնպուրկի պուրակները։ Յանկարծ գլուխը կը վերցնէր, կը նայէր հեռուն՝ ուրկէ դէմք մը կ’ուրուագծուէր, յիշեցնելով Նիքոլը ու կը հասնէր կ’անցնէր քովէն, ուրախութիւնը տրտմութեան վերածելով, բայց անկարող յոյսը մեռցնելու։ Ինքզինքը փոխադրելով իր սիրոյն նախապատմութեան մէջ, յոյսին վերադարձի նախընտրութիւնն էր որով կը տեւէր յոյսը։ Կամովին ինքզինքը բանտարկած էր Լիւքսէնպուրկի պարտէզին մէջ։

«Լիւքսէնպուրկի բանտարկեալը» կը կոչէր ինքզինքը տեսակ մը տրտում խնդուքով մը։ Արդարեւ, կը մերժէր դուրս գալ, դուրսը ըլլալով ցրուածութիւն, երազանքին կորուստը, փողոցներու խճողում, որ վարագոյր մըն էր նետուած իր եւ իր ներքին միջոցին միջեւ։ Միայն պարտէզին մէջ հանդիպելու կարելիութիւններ կային։ Մէկ հանդիպումէն միւսը շարունակութիւնը կը հանդիսանային կարելիութիւններուն, որոնք գերագոյն երջանկութեամբ մը պսակուեցան այն օրը, ուր թեւը անցուցած Նիքոլի մէջքին քալեցին փողոցներէն, անցան անոնց խճողումներէն, ուրախ, իջան գետեզերք, կղզիին փողոցները ու կանգ առին տան մը առջեւ ու Նիքոլ ըսաւ «հոս է»։

***

Ժամը իննի ատենները հեռախօսը հնչեց։ Սենեակը մէկէն լեցուեցաւ հեռախօսին վայրագ ու բիրտ հնչումովը։ Փոխանակ տեղէն ցատկելու՝ տեղն ու տեղը շշմեցաւ։ Հետզհետէ ինքն իր վրայ կծկուելով այնքան սեղմուած թուեցաւ, այնքան կծկուած, որ օդէն աւելի թեթեւցած, նախ սենեակին մէջ կը բարձրանար դանդաղ ու յամառ պրկումով մը, որ տեղի կ’ունենար իր ներսը, իր կոյր էութեան կեդրոնը։ Հեռախօսը կը շարունակէր հնչել աւելի, հետզհետէ աւելի վայրագ ու անհամբեր, ջանալով խորտակել խոչընդոտները, որ արգելք կ’ըլլային հնազանդեցնելու ի գին ամէնայնի, այն ինչ որ նշանակուած էր իբրեւ նշանակէտ հեռախօսին միւս ծայրէն։ Իւրաքանչիւր զարկը, կրկնուելով ու ձգձգուելով, կը դիմէր ուղղակի այդ նշանակէտին, որ գրոհի ենթարկուած ամրոցի մը նման ինքզինքը պաշտպանել վճռած էր։

Ըստ երեւոյթին խոչընդոտներ գոյութիւն չ’ունէին։ Լքուած՝ անկողինին վրայ խլեակի մը նման կը տատանէր իր իսկ շնչառութեան ովկիանոսին վրայ՝ ուրկէ հասարակ կարթ մը կրնար զայն դէպի ցամաք բերել եւ սակայն զարմանալի դիւրութեամբ կը դիմադրէր զանգին յարձակումներուն, հետզհետէ աւելի ու աւելի խրելով միջոցին մէջ, քանի կը հեռանար յարձակման գօտիէն։ Այնքան ատեն որ այդ գօտիին շրջանակին մօտերը կը զգար ինքզինքը մտապատկերները կ’ամփոփուէին կը խտանային իրենց կորիզին շուրջ, այնքան որ անառիկ բերդի ապահովութեան բոլոր պայմանները կը լրացնէին։

Հեռախօսը հնչելէ առաջ Նիքոլին փոքրիկ բնակարանն էր, կղզիին քարափին վրայ։ «Հոս է» ըսելէն վերջ Նիքոլ աչքի նշանակալից քթթումով մը առաջարկեց հետեւիլ իրեն ու բարձրացած էին հինգերորդ յարկ, «պայմանաւ որ խելօք պիտի ըլլաք»։ Անգամ մը սենեակին մէջ ուղղակի պատուհան գնաց։ Դուրս նայեցաւ։ Հիանալի էր տեսարանը, լայն ու ազատ մինչեւ Պանդէոնի գմբէթը։ Վարը կը հոսէր գետը՝ ուր նաւ մը ետեւէն կը քաշէր 2 հաստատափոր բեռնատարներ։ Դիմացը քարափներու վրայ Քարթիէ Լադէնի անհատնում բազմութիւնը, որ հոսկէ խաղաղ ու լուռ կը տեսնուէր։ Երբ ետ դարձաւ տեսաւ որ Նիքոլ կանգնած էր իրեն մօտ, նուրբ մետաքսէ ներքնազգեստ մը հագած, ժպիտը երեսին՝ նայուածքովը կը հետեւէր իր նայուածքին թափառումներուն, ինչպէս շնիկ մը հլու կը հետեւի տիրոջը ոտքերուն։

Ինչ որ անոր նայուածքին մէջ գտաւ ու զայն խանդավառեց անմիջապէս այն անսահման վստահութիւնն էր, միացած անոր հիացումին, երբ կը վախնար թէ գութի զգացում մը արթնցած կրնար ըլլալ անոր սրտին մէջ։ Նոյն վայրկեանին կաչաղակ կտրած պատմած էր կեանքին լայն գիծերը։

–Ուրեմն հիմա խմբագիր է՞ք, ըրաւ Նիքոլ ակնածանքով, երբ վերջացուցած էր իր պատմութիւնը։

Սենեակին մէջ կը տիրէր վերին աստիճանի մտերիմ մթնոլորտ մը։ Խնդուքի եւ ուրախութեան յետսապահ շշուկներ դեռ կը յամենային ու իրերուն վրայ կենդանի շունչ մը կը պտտցնէին։ Կարծես թէ մինակ չէին։ Հակառակ Մինասին քիչ մը երեւակայական խանդավառութեան՝ տեսակցութիւնը պաշտօնական հանգամանք մը ունէր, թերեւս երրորդի մը ներկայութեան պատճառաւ, որ սենեակը ինքն էր՝ ապրող էակի մը պէս շնչող։ Յանկարծ յիշեց հարցումը՝ որուն պատասխանը կ’ուշացնէր։

–Ահ, ոչ, սխալ չհասկցուիմ։ Չկարծէք թէ ձեր առջեւ փայլելու փորձ մըն է ըրածս։ Մեր խմբագրութիւններուն մէջ խմբագիր մը ամէն բան է, թերթ ծալլող, հասցէները գրող, նամակատուն տանող, բաժանորդներուն ետեւէն վազող, անօթի չմնալու չափ վարձատրութիւնով մը։

Նայուածքը ետ առաւ բազմոցին ոտքերէն։ Զիրենք իրարմէ բաժնող սեղանին տակի ալճերական հաստ սպիտակ գորգին վրայ պտտցուց, յետոյ վեր առաւ պատերուն վրայ՝ ուր հիացումով նայեցաւ գերիրապաշտ նկարներուն, որոնց մէջ կրցաւ որոշել Արբ մը, Ֆրանսիս Փիքապիա մը, Ժուան Կռի մը, Իվ Դանկի մը ու նայուածքը կեցաւ աջ անկիւնի անգլիական ոճով գրադարանին վրայ։

–Աղուոր գիրքեր ունիք, ըսաւ։

Նիքոլ որ հետեւած էր իր նայուածքին պտոյտներուն, անմիջապէս պատասխանեց պարզութեամբ,

–Ատոնք իմս չեն։ Ձեր տեսածներէն ոչ մէկը իմս է։ Ես հոս կռնակի ունեցածներէս զատ բան մը չունիմ։

Մինաս մէկէն նայուածքը տարաւ Նիքոլին հարցական շեշտով մը.

–Այս բոլորը պարոն Տը լա Ֆօսին կը պատկանին։ Կը ճանչնա՞ք պարոն Տը Լա Ֆօսը։ Պարոն Տը Լա Ֆօսը իմ գործատէրս է։

Ակամայ նայուածքը գետին ինկաւ։ Սողաց առանց կանգնելիք տեղ մը գտնելու։ Ի վերջոյ կրցաւ թառիլ ձախ անկիւնը փոքրիկ Լուտովիկոս 15­րդ սեղանի մը վրայ կանգնած Սեւռի կապոյտ զմայլելի թաղարի մը վրայ։

Լռութիւնը խզելու համար Նիքոլ ըսաւ՝ քաղաքավար։

–Դուք հայերդ քաջ ժողովուրդ մըն էք։

–Օհ, ոչ, պարզապէս մենք չենք մերժած մեզի պարտադրուած պայմանները, կրցած ենք պատմութեան արանքներէն սողալով մինչեւ հոս հասնիլ։ Կը կարծէ՞ք որ խմբագիր ըլլալը քաջութիւն մըն է։ Քաջութիւնը տիկին Հորթանսը սորվեցուց ինծի։ Արդէն կ’ուզեմ անոր ինծի սորվեցուցած արհեստին վերադառնալ։

  –Լռեցէք, պոռաց մէկէն Նիքոլ, անձնապէս վիրաւորուած։

Կարծր գունդը սկսաւ քակուիլ կծիկի մը պէս։ Մտապատկերները, որոնք յամառ ուժով մը կրցած էին դիմադրել սենեակին մէջ բարձրացած ահազանգին, վերադարձան իրենց նախկին դիրքերուն։ Այն ատեն քաղաքին հեռաւոր անկիւնէն արձակուած ձայնը, որ կը ճչար հեռախօսին գործիքին մէջէն, հասաւ իր ականջին։

***

Նիքոլ մեռած էր։ Երեխան մեռած էր դեռ արգանդին մէջ, վստահաբար մօրը տունէն տարուելէն շատ առաջ, ինչ որ կը բացատրէ մօրը անսովոր հանգիստը։ Երեխային մաքառումներուն անհետացումովը, մօրը մաքառումները սարսափելի ցաւերուն դէմ վերջ գտած ըլլալով, ուժասպառ ինկած էր խորունկ թմրութեան մէջ։ Այդ պահէն արդէն երեխային մահը ստոյգ էր, ինչ որ հաստատած էր վիրաբոյժը եւ հակառակ կասկածելի ելքին, ստիպուած էր կատարել գործողութիւնը։ Մօրը մահը եղած էր անմիջական, չդիմանալով թմրեցուցիչ սրսկումին։ Երեխան խեղդամահ եղած էր պորտակապը պլլուած վզին շուրջ։ Երեխային պզտիկ մարմինը կասկապոյտ էր։ Գործողութեան սեղանին վրայ, պահ մը, Նիքոլ կէս քուն վիճակէն դուրս ցատկելով բժիշկին պաղատած էր սրտաճմլիկ ճիչով մը, «Տօքթէօր, փրկեցէք զիս, կ’աղաչեմ փրկեցէք զիս»։ Մոնիք այս մանրամասնութիւնները չէր տուած հեռախօսով։ Երբ Մինաս հեռախօսին ընկալուչը ականջին տարաւ, անքուն գիշերուան մը խռպոտ եւ վշտահար ձայնով մը, Մոնիք սկիզբը չէր կրցած ձեւաւորել բերնէն թափթփող վանկերը, որ իրար կը հրմշտկէին հեռախօսին խողովակին մէջ։ Կզակներուն կափկափումը կը լսէր, ինչպէս Մոնիք իր դիմացը ըլլար, երբ վերջապէս ըսաւ. «Նիքոլ մեռաւ»։

Ընկալուչը ձեռքէն վար ինկաւ ու ամբողջ օրը մնաց գործիքէն հեռու, բազմոցին վրայ, մահագոյժ բուի մը ամօթահար դիրքով։ Բան մը որ ենթադրել կուտար յուսահատութենէն աւելի՝ խուճապային վիճակ մը, ինչպէս ռազմադաշտին վրայ թշնամիին յարձակումներէն խուճապի մատնուած բանակ մը, որ զէնքերը նետած՝ նահանջի ճամբան կ’առնէ։

Բայց նահանջի ճամբան չէր առած, ընդհակառակը, առաջին վայրկեանէն իսկ կորսուած ըլլալու զգացումը ունեցաւ։ Արտաքնապէս խուճապի ոչ մէկ նշան ցոյց կուտար։ Դէմքին վրայ նոյնիսկ վշտի արտայայտութիւն չկար։ Շարժումները դանդաղ էին եւ միօրինակ, մեքենական։ Միայն մտածումները խառնի խուռն կը վազէին գլխուն մէջ եւ ստիպուած էր ճիգով մը գլուխը կանգուն բռնել ուսերուն վրայ։ Գանկը կրնար պայթիլ մտածումներու խօլ արշաւէն, որ դուրս յորդելու ձգտում ունէր։

  Զգոյշ քայլերով եկաւ ննջասենեակ, մօտեցաւ թիկնաթոռին ու մէկէն ինքզինքը նետեց անոր վրայ։ Ամբողջ օրը անշարժ մնաց հոն, աշխատելով մտածումները հալածել ու չմտածել, մինչեւ որ Մոնիք եկաւ։

  Այն ատեն է որ Մոնիք տուած էր բոլոր բացատրութիւնները, ասոնցմէ ի յայտ կուգար Նիքոլի փրկութեան հաւանականութիւնը եւ ըսած էր բացայայտ կերպով « կը հասկնա՞ս, եթէ գիշերը բուժարան տարած ըլլայինք, այս բանը պիտի չպատահէր»։

  Շատ լաւ կը հասկնար Մոնիքի մտահոգութիւնը, որ աւելի բան մը կ’ըլլար հետզհետէ, կսկիծ մը, մորմոք մը, կիզիչ խղճահարութիւն մը, խուճապային վիճակ մը, շարունակ կրկնելով ինքնիրեն «այս բանը պիտի չպատահէր» ու ծունկերը կը ծեծէր բռունցքներով։

Անոր խօսքերուն մէջ դիպուկ ակնարկութիւն մը պիտի տեսնէր եթէ նախապէս Մոնիք անսովոր կարեկցութիւն մը ցոյց տուած ըլլար իրեն։ Եւ կրկնութիւնները զգացած ցաւին խորութեան եւ անտանելիութեան արդիւնքն էին եւ ոչ թէ, ինչպէս կը տարուէր խորհիլ, մերթ ընդ մերթ, քօղարկուած ամբաստանութիւն մը, որ, բայց ու այնպէս, յաջողեցաւ ինքզինքը պարտադրել փարատելով միեւնոյն ժամանակ մտքին հորիզոնէն ցաւագինօրէն խճողող մտածումները։ Եւ ինչո՞ւ չէ, թերեւս Մոնիք իրաւունք ունէր։

Մոնիք իրաւունք ունէր։ Հիմա որ ան մեկնած էր, կը պատրաստուէր ընդունելու ամբաստանութիւնը, առանձնութեան մէջ անոր դէմ պայքարելու պատեհ առիթը չունենալով։ Նորէն կրաւորական եղած էր։ Անմիջապէս կ’ենթարկուէր յայտնուող մտածումին, այս պարագային յանցանքի ամօթահար դերին։ Մանաւանդ որ գիշերը հիւանդին սոսկալի գալարումներուն ի տես խորհած էր դուրսէն օգնութիւն կանչել։ Օգնութեան կանչուողը, ի հարկէ, միայն բժիշկը պիտի ըլլար, որ մեկնած ատեն ըսած էր «Եթէ բան մը պատահի ինծի կանչեցէք»։ Դրան մօտեցած ալ էր հեռախօսին երթալու համար, բայց կանգ առած էր դրան սեմին ու անմիջապէս դուռը գոցելով վերադարձած էր իր տեղը, սենեակին մէջտեղը, անշարժ, աչքը յառած հիւանդին։

Այդ պահուն գալարումները դադրած էին։ Հանգստացաւ։ Խղճին ձայնը լռեց։ Բայց չուշացաւ կրկին հնչել խուլ ձայնով մը, հեռուէն, բայց հետզհետէ հասնելով մտածումներուն առաջին գծին վրայ։ Այլեւս կասկած չկար։ Ճիշդ այդ պահուն՝ ուր թերեւս տեղի ունեցած էր պորտակապին վզին շուրջ պլլուիլը ու սեղմումը այն ուժեղ հարուածին, զոր հիւանդը տուած էր պրկուած փորին։

Եթէ բժիշկը կանչած ըլլար «այդ բանը պատահած պիտի չըլլար»։

Բժիշկը չկանչելէն աւելի աննարելի յանցանք մը գործած էր, որուն պատճառը բժիշկին հետ իր յարաբերութիւններն էին։ Իրաւ է, բժիշկը ըսած էր նաեւ «առաջին անգամ այսպէս կ’ըլլայ» ինչ որ կը հաստատէր անոր ախտաճանաչման անկարողութիւնը, վասնզի անպայման հիւանդին առաջին գալարումներէն իսկ պատահած ըլլալու էր պորտակապին դէպքը եւ եթէ երեխային գլուխը զգալի չէր բունոցին ելքին մօտ, թերեւս երեխան շրջած ըլլալով արգանդին մէջ, անոր փոքրիկ ոտքերը կը գտնուէին այդ մասին մէջ։ Այն ատեն հասկցաւ ծերունի բժիշկին մեծամտութեան ունայնութիւնը։

Անոր յաւակնոտ նախադասութիւնը, զոր ախտաճանաչութեան նուրբ հասկացողութեան տեղ առած էր, իրեն կը թուէր ունայնամիտ քմայք մը, անպատասխանատուութիւն մը, որ կ’ուռէր իր ատելութեան կոհակներով։ Քթին տակէն հեգնական խնդուքով մը կը կրկնէր բժիշկին բառերը, ջանալով զանոնք մտցնել ծիծաղելի մթնոլորտին մէջ՝ ուր անոնք ողորմելի հտպիտներ կ’ըլլային։ Առանց իրապէս գիտակցելու ամէնածանր բառը արտասանած ըլլար երբեւիցէ։ Փոխանակ դրան սեմին վրայէն ետ դառնալու, ինչո՞ւ քայլ մը, քայլ մը եւս չէր առած հեռախօսին խողովակին մէջ արձակելու օգնութեան կանչը, երբ զգաց որ կացութիւնը տագնապային վիճակին հասած էր, այն պահուն՝ ուր հիւանդը սոսկալի գալարումներու մէջ աղեխարշ տքնանքներով կը լեցնէր սենեակին ողբերգական հանգամանք ստացած մթնոլորտին մէջ։

Այդպէս, բժիշկին անտեղի նախադասութիւնը, ոչ միայն անոր ախտաճանաչման անկարողութիւնը կ’ապացուցանէր, այլ՝ նաեւ իրեն ուրիշին վիշտին եւ ուրախութեան հաղորդուելու անկարողութիւնը։ Հոս է գլխաւոր պատճառը՝ որով կորսուած էր Նիքոլ։ Նիքոլ որ առիթով մը ըսած էր իրեն « Դուք բանաստեղծներդ աշխարհի ամէնէն եսասէր մարդիկն էք։ Բայց մի վշտանար, սիրելիս, ատոր համար կը պաշտեմ քեզ»։

Նիքոլի խօսքերուն լոյսին տակ անդրադարձաւ գիշերուան իր վերաբերումին, ոչ առանց իրական կսկիծի։ Առաջին պարագան որ քննութեան ենթարկեց, դրան սեմին վրայ վարանումն էր, որուն պատճառը երեւցած էր բժիշկին հանդէպ ունեցած երկիւղը, որ արդիւնքն էր ատելութեան, խորքին մէջ ուրիշ էր։ Ատիկա լոկ արդարացում մըն էր, որուն կը դիմէ բնազդաբար ամէն ապրող էակ, բայց քանի որ քննական աչք մը պիտի նետէր դէպքերուն վրայ, արտաքինէն ներս թափանցումով մը, յստակօրէն տեսաւ այդ վարանումին բուն դրդապատճառը։

Այո տեսաւ, վասնզի ինքը նստած էր թիկնաթոռին վրայ, որպէս թաքստոցի մը մէջ, ուրկէ յիշեց իր քալելը դէպի դուռը, որ իր վարանումին պատճառը եղած էր ու դուռը ընդոստ գոցելով, եկաւ կանգնեցաւ սենեակին մէջտեղը, որ իրեն սահմանուած էր մինչեւ բժիշկին գալը, երբ յանկարծ նետուած էր թիկնաթոռին վրայ պատնէշ բարձրացնելով իր եւ բժիշկին միջեւ։

Պէտք էր նկատի առնել իր քննական պարապմունքին ձեւակերպութիւնը։ Ինքը չէ որ գնաց դէպի դուռը ու ետ եկաւ։ Ինքզինքը երկուքի բաժնած էր։ Ամբաստանեալը, այսինքն դուռը գացող եկողը, ինքը չէր։ Ինքը նստած էր թիկնաթոռին վրայ։ Իր եսասիրութիւնը չէր հանդուրժեր ամբաստանեալի դերը։ Երկրորդ անձ մը տեսակ մը պատգամաւոր, դուրս բերած էր իրմէ իբրեւ քննութեան ենթակայ եւ ոչ թէ ճշմարիտ քննութիւն մը ինչպէս սովորութիւն է քրէական գործողութիւններու մէջ։ Տեսակ մը թատերախաղ՝ ուր գործողութիւնը շրջուած է, այսինքն՝ երեւակայական փորձեր տեղի կ’ունենան խաղէն առաջ, մինչդեռ միւս պարագային դէպքն է որ տեղի ունեցած է նախապէս ու փորձերը կը կատարուէին հետեւաբար դէպքէն ետք, անոր տեղի ունեցած վայրին մէջ, ճիշդ այնպէս հիմա, ինքը, քննիչ դատաւոր, կը հետեւի ամբաստանեալին քայլերուն՝ որ դուռին կը մօտենան։ Դուռը կը բանայ։ Յանկարծ դրան սեմին վրայ ընկրկում մը ու ամբաստանեալը ետ կը քաշուի, կը կանգնի սենեակին մէջտեղը, անշարժ, աչքերը սեւեռուն՝ գրեթէ պարպուած իրենց նայուածքէն։

Հակառակ դատաւորի պաղարիւնութեան որով հետեւած էր յանցապարտին քայլերուն, այս վերջինը հազիւ ոտքը դրած սեմին ընկրկեցաւ, տեղի ունեցաւ անհաւատալին։ Իր նստած աթոռին վրայէն մեկին կերպով տեսաւ այն օրուան տեսարանը բազմոցին վրայ, քանի որ, ի վերջոյ, ինքն էր հալածողը եւ հալածուողը, որոնք յանկարծ նոյնացած էին դրան սեմին վրայ։

Դէպքին այս վերատեսութիւնը եկաւ հաստատել թէ ինքզինքին ստած էր եւ ամբողջ գիշերը տեղի ունեցած էր ծաղրախաղ մը՝ որուն զոհ գացած էր հիւանդը։ Ինչ որ ալ ըլլար այդ տեսարանը, ինչքան ալ պժգալի ըլլար ան, այդ պահուն իր հիւանդապահի պարտականութիւնն էր անոր վրայէն անցնիլ եւ տեղեկացնել բժիշկին հիւանդին տագնապներուն համար։

***

Այս անգամ դէմքի ծամածռութիւններով չէ որ ընդունեց յիշողութենէն յորդող ու թափուող մտապատկերները, որոնց հատուածները մէկը միւսը հրմշտկելով կուգային գրաւել բեմին յառաջամասը։ Միտքը այդ սահմանափակ միջոցին մէջ անցնող երեւոյթներուն վրայ կը նայէր թերահաւատութեամբ, որովհետեւ բժիշկին պարագայէն տեղեակ, անոնց ընթացքին մէջ կը զգար կեղծիքը։ Կեղծիքը որ անոնց վերյայտնութեանը, անոնց շարժումին դրդապատճառը եղած էր։ Առանց հեգնութեան չէ որ կը նայէր ծաղրախաղին ու հեգնանգը՝ ուղղուած իրեն, մեղայական ոգիով մը կ’ընդունէր ու կը ձգէր որ ենթարկուի անոր, վասնզի մտքի բացութեամբ մը հիմա կը տեսնէր իր հոգեկան խաղերը։

Իրաւ է, այն միջավայրին մէջ՝ ուր ըսուած էր իրեն «չըսե՞ս հերոսացար» տեսակ մը հեգնական ժպիտով, վասնզի իր արարքը ոտնձգութիւն մը կրնար ենթադրուած ըլլալ նորեկի մը կողմէ։ Եթէ այն ատեն տխրութիւն մը համակած էր զինքը, նոյնը չէր անոր արուեստական վերյիշումի պարագային հիւանդի սենեակին մէջ, հիւանդին աչքերուն առջեւ, ուր ինքզինքը կը տեսնէր վերաքննութեան պահուն, նոյն այդ «հեգնական ժպիտով»։

Արդարեւ, գթութեամբ խառն ծաղրով մը կը նայէր իրեն, հանդէսի գիշերուան դէպքերուն վերակազմութեան, նման լուսանկարի մը բացասական նկարահանումին, բաղդատաբար բուն դէպքերուն, որոնք կը ներկայացնէին, անոր մտքին մէջ, դրական նկարահանումը։ Ծամածռութիւններ, միմոսութիւններ էին պարզապէս, երբ հիմա կը մտաբերէր նախորդ գիշերուան հտպիտութիւնները, ուրիշ խօսքով, ողբերգական բնագրի մը ձախող ներկայացումը, որ զաւեշտի կը փոխուէր։ Անշուշտ որ խանգարուած տրամադրութիւնը այդպէս կը տեսնէր, քանզի եթէ իրապէս այդպէս էր, ինչպէ՞ս կրնար ըլլալ որ կրցած էր ստոյգ նպատակին հասնիլ, հիւանդին հաւատացնել իր անկեղծ կարեկցութիւնը, իր ցաւակցութիւնը, այն աստիճան յաջող իր դերասանութիւնը, որ հիւանդը այլայլած հարց տուած էր։ «Մինէ, ի՞նչ ունիս, հիւա՞նդ ես»։ Այո, հիւանդ էր, բայց հիւանդին հասկցած հիւանդութիւնը չէր։ Այդ հիւանդութիւնը իր եսասիրութիւնը յաղթահարելու անկարողութիւնն էր, զոր փորձած էր կարեկցութեան կարելիութեան վերածել ու ի վերջոյ յանգած՝ հիւանդին մահուան։ Մահը միայն կրցած էր հոգին տակնուվրայ ընել եւ իրական վշտի արցունքներով կը դիտէր հանգստաւէտ օթեակին մէջէն, որ թիկնաթոռն էր, ուրկէ կը նայէր բեմին գրեթէ ակամայ, այսինքն սենեակին մէջտեղը կանգնած միմոսութիւններ ընող դերասանին, որ ինքն էր։ Սակայն տեղի ունեցած էր աննորոգելին ու հիմա կը գտնուէր իր տխուր ճակատագրին հետ դէմ դիմաց, միս մինակ, նոյնիսկ անկարող՝ իր վիշտին խորութիւնը չափելու։

Ինչո՞ւ չէր հասկցած, իր ներկայութիւնը այդ սենեակին մէջ օգտակարութեան իմաստ մը ունէր. միայն հսկել հիւանդին վրայ, որպէսզի վտանգի պահուն, ահազանգ հնչեցնէր։ Բայց ինքը տարուած էր դերասանութեամբ, թերեւս դեռ չծնած երեխան խնդացնելու զաւեշտական դերով։

Առտուընէ ի վեր շատ բան անցած էր դուրսը։ Մարդիկ գործի գացեր վերադարձեր էին իրենց ընտանեկան յարկը։ Արեւը փայլէր էր դիմացի դաշտին վրայ, ուրկէ մեկներ էին արդէն ոտնագնդակ խաղացողները։ Մոնիք վերադարձեր էր քաղաք զբաղուելու թաղմանական հարցերով։ Գետափի ծառերն ու մացառները աշնան գոյներ հագած էին, կարմիր, դեղին եւ հողագոյն իրենց բոլոր երանգներով։ Տերեւները օրօրուելով կը թափէին իրիկնային խաղաղ օդին մէջ։ Ինքը նստեր էր թիկնաթոռին վրայ ու կը դիտէր ինքզինքը։ Ոստիկանատունն էր, ուր կը կարծէր համոզած ըլլալ քօմիսէրը ու ահա դուրս կ’ելլէր ոստիկանատունէն գոհ ու հպարտ իր փոքրիկ յաղթանակէն. «գաղթականի բորբոքած հոգին անիմաստ տարակարծութենէ մը անմիջապէս կը բռնկի»։ Կարծես թէ մարգարէութիւն մը ըրած էր առանց տեսնելու քօմիսէրին խնդուքը քթին տակէն, նախընթաց մը արձանագրած ըլլալուն համար իր տետրակին մէջ, որով իր հետագայ գործունէութիւնը կ’անճիտուէր։

***

Մոնիք, իր քովը, լեցուն բայց տժգոյն երեսները արտասուքով ողողուած բաներ մը կը մրմնջէր ամէն անգամ որ ձեռքը կը սեղմէին։ Աչքերուն մէջ ոչ մէկ կաթիլ արցունք երեւցած էր։ Ուրուականի մը պէս սկսած, ուրուականի մը պէս վերջացուցած էր արարողութիւնը։ Բայց անգամ մը որ տուն հասան, ինկաւ թիկնաթոռին վրայ, իրանը ուղիղ յենած թիկնաթոռին կռնակին՝ անդադար կուլար։ Արցունքը կը հոսէր աչքերէն կուրծքի ցնցումներով արագացած։ Հիմա որ մինակ էր արցունքը անարգել կը հոսէր, հակառակ որ աչքերը կը սեղմէր արցունքին ակը չորցնելու համար։

Պարոն Տը Լա Ֆօս ղեկավարած էր արարողութիւնը։ Ուսերէն բռնած բերած կանգնեցուցած էր զինքը Մոնիքին քով ու հրաւիրած միւսները, որ սկսին ձեռքի սեղմումները։ Նախ իրմէ սկսելով՝ համբուրած էր Մոնիքը երեսներէն։ Յետոյ կարգը իրեն եկած էր։ Հազիւ թէ Պարոն Տը Լա Ֆօս համբուրած էր երեսները, բնազդական մղումով մը ետ քաշուեր էր, բայց յաջորդ անձը արդէն իսկ երկարած ըլլալով ձեռքը, դէմքին պարագայական տխրութիւն մը, ինքզինքը շտկեց ու մտաւ խաղին մէջ։

Ցաւակցական արարողութիւնը երկար տեւեց։ Ինչքան բարեկամներ ու ծանօթներ կային, բոլորն ալ Նիքոլին կողմէ։ Գեղեցիկ աղջիկներու բանակ մը, Նիքոլի արհեստակիցները, մաննըքէններ, կարուհիներ, որոնք անդադար կ’անցնէին, կարծես թէ վերսկսէին շուրջպարը։ Տակաւին կ’անցնէին դառնալով գլխուն շուրջ, կ’անցնէին առանց անցնելու մինչ ինքը կը շարունակէր լալ, երբ Պարոն Տը Լա Ֆօսին դէմքը կանգ առաւ առջեւը ու Նիքոլին ձայնը հնչեց ականջներուն մէջ. «Այս բոլորը Պարոն Տը Լա Ֆօսին կը պատկանի։ Կը ճանչնա՞ք պարոն Տը Լա Ֆօսը։ Տը Լա Ֆօս իմ գործատէրս է»։

Կուրծքին վրայ հարուած մը զգաց։ Ցնցուեցաւ։ Արցունքները դադրեցան։ Կարծես կռիւի կը պատրաստուէր պաշտպանելու համար իր սեփականութիւնը, որովհետեւ արդէն սեփականացուցած էր Նիքոլը։ Ոչ մէկ ուժ կրնար բաժնել զինքը Նիքոլէն, քանի որ ինքն էր զայն սիրողը։ Բայց հիմա որ Նիքոլ չկար, այդ իրաւունքը կորսուած էր անոր հետ։ Այս էր աննընդունելին՝ որուն դէմ կռուելու շարժում մը տեղի ունեցաւ իր մէջ։ Կանգնեցաւ ու կրկին ինկաւ թիկնաթոռին մէջ, լխկած, ինքնիրմէն պարպուած։

Գերեզմաննոցէն վերադարձին, յանկարծ զգացած էր իր փլուզումին ամբողջ տարողութիւնը։ Թաղումի ու ցաւակցութեան արարողութեան ընթացքին եկեղեցիին մէջ, հոգիով պարպուած մարմին մըն էր։ Ձեռքը մեքենաբար կը բարձրանար ու կ’իյնար։ Կը բարձրանար ու կ’իյնար։ Անհատնում ձեռքեր սեղմած էին այդ ձեռքը։ Վերջանալիք չունէր։ Աստուած իմ… ե՞րբ պիտի վերջանար այս տանջանքը, որ կը շարունակուէր դեռ իր մենաստանին մէջ։ Մենութիւնը ուղղահայեաց կեանք մըն է, գիտէր, շարունակ դէպի երկրին խորը սուզուելու այդ զգայնութիւնը։ Կարծես պիտի խեղդուէր։ Ջուրին յատակը շարունակ զինքը վար կը քաշէր ու ինք կը տապլտկէր ջուրին երեսը ելլելու համար, բայց երբ գլուխը դուրս կ’ելլէր օդին մէջ, աչքերուն առջեւ հազար տօքթէօր Դառլիէներ ու պարոն Տը Լա Ֆօսներ տողանցք կը կատարէին։ Ու նորէն կ’իյնար ջուրին յատակը։

Բարեբախտաբար Մոնիք կար։

Այդ երկու օրերուն Մոնիք ովասիս մը եղած էր։ Անոր արցունքները երաշտ հոգիին բարեբեր անձրեւն էին։ Այնքան մօտ կը զգար ինքզինքը անոր։ Հիմա կը զղջար, խորապէս կը զղջար մերժած ըլլալը։ «Մեզի հետ եկուր, Մինաս, դուն քիչ մը Նիքոլն ես նորէն»։ Ու շինծու ոգեւորութեամբ մը աւելցուցած էր «Այս անցուդարձերը ստամոքսս պեղեցին, անօթի եմ, եկուր միասին ճաշենք»։

Ուրեմն ճաշելու չափ կ’ապրէր։ Այո, ճաշել, չէ՞ որ ուտելը կեանքն է ու զայն վայելելու հրաշալի միջոցը։ Բայց ինքը կեանքէն դուրս նետուած էր։

Նիքոլին հետ ինքն ալ քիչ մը մեռած էր, ինչպէ՞ս կրնար ճաշել։ Ուտելը այնքան տխուր ու ատելի թուեցաւ իրեն, ուտել, ուտել, իբրեւ թէ նախատինք մը եղած ըլլար Նիքոլի հասցէին։ Ու պժգանքի զգացումէն մաս մը գնաց փաթթուեցաւ Մոնիքին։

Աչքերը ուղղուեցան անկողինին կողմը։ Անկողինը տակաւին չէր շտկուած։ Նիքոլին մարմինին հետքը տակաւին վրան էր, բարձին վրայ գլխուն կազմած փոսը։ Ոչ, ոչ, Նիքոլ դուրս ելած էր։ Հիմա ուր որ էր պիտի գար։ Պիտի պառկէր այս անկողինին մէջ ու ցաւերը պիտի վերսկսէին։ Մարմինը պիտի գալարուէր, պիտի ցնցուէր։ Նիքոլ պիտի պոռար աղեկեզ։ Ու յանկարծ տեղի ունեցաւ ինչ որ անցեալ գիշեր չէր յաջողած։ Աղիքներուն մէջ սարսափելի ցաւ մը զգաց։ Ձեռքերը փորին տարաւ, սեղմեց, սեղմեց ցաւը մեղմացնելու համար։ Անկարելի էր։ Աղիքները պիտի փրթէին, դուրս պիտի թափէին։ Թեւերը վերցուցած գլխէն վեր, «Նիքոլ, Նիքոլ» պոռաց։

Անկողինէն ոչ մէկ ձայն եկաւ, ոչ մէկ նայուածք։ Անկողինը մութ փոս մըն էր։ Գոց գերեզման ուր չկար Նիքոլին այլայլած դէմքը, սարսափ եւ ուրախութիւն խառնուած աչքերը, բարակ ու անոյժ շրթունքները, որոնք դեռ անցեալ օր մրմնջած էին իր նենգաւոր միմոսութիւններուն ի տես «Մինէ, ի՞նչ ունիս, հիւա՞նդ ես»։ Հիւանդը մոռցած իր ցաւերը, անոր ցաւերուն անձկութիւնը կ’ապրէր։

Եւ սակայն ոչ մէկ ցաւ բաղդատելի էր այն ցաւին հետ, որ այդ պահուն իր ցաւն էր։ Աչքերը անսահմանօրէն խոշորցած իրենց խոռոչներէն դուրս պիտի գային։ Անոնք կատաղօրէն կը նայէին անկողինին բարձին վրայի փոսին՝ փնտռելով անկէ անհետացած աչքերը, որպէսզի անոնք տեսնէին իր տառապանքը։ Ահ, եթէ կարելի ըլլար ստեղծել այդ աչքերը եւ անոնց առջեւ փռէր իր տառապանքը ամբողջ մերկութեամբ։

Աչքերը կը շարունակէին տապլտկիլ իրենց խոռոչներուն մէջ, կարծես կ’ուզէին իյնալ բարձին փոսին մէջ, որպէսզի իր այդ փոխ տուած աչքերով նայէր իր ցաւատանջ դէմքին։ Ինքզինքը ցուցադրելու խելագար անկարելի ցանկութիւն, երբ գիտէր, տեսած էր հիւանդին պատգարակով անվերադարձ մեկնումը։ Նիքոլ չպիտի գար։ Նիքոլ գոյութիւն չ’ունէր։ Ան երազ մըն էր։ Երազի պէս անհետացած էր սենեակէն։

Ու երազեց երազին մէջ գտնել Նիքոլը ու տեսաւ զայն թէ ինչպէս Սէնի ջուրէն դուրս կ’ելլէր ու կը բարձրանար հինգերորդ յարկի բնակարանը, թեթեւ շղարշի պէս ուր իրիկուան սիւքը կը ծածանի օդին մէջ։ Ձայնը անսպասելիօրէն պայթեցաւ։ Ոչինչ գուշակել կուտար թէ յանկարծ պիտի պայթէր սենեակին երախտաշատ մթնոլորտին մէջ, պիտի փոխէր զայն արձակողին քնքոյշ վերաբերմունքը եւ մարմինը պիտի առնէր խստամբեր կեցուածք մը սենեակի փոխուած մթնոլորտին մէջ։ Մթնոլորտը այլայլած փախած էր եւ ուրիշ մը հաստատուած իր տեղը, թերեւս ալ այդ ուրիշը չէր եկած, քանի որ սենեակը պարպուած կը թուէր իր էութենէն։ Ձայնին հետ օդը ելած մարմինը առկախ մնացած էր պարապութեան մէջ եւ ստիպուած էր յաւելեալ ճիգ մը ընել վերադառնալու համար իր նախկին դիրքին։ Հիմա նստած էր դիմացը, աթոռին վրայ, նայուածքը շեշտակի ուղղած իրեն եւ ճիգին յանկարծական թափը զինքը նետած էր աթոռին եզերքը։ Կարծես անդունդին եզերքը կը գտնուէր հոն գլորելու վտանգին մէջ, միեւնոյն ատեն նմանելով նետի մը, որ կը ճեղքէ օդը։ Բայց օդը չճեղքուեցաւ, որովհետեւ մարմինը, որ սանձարձակ թռիչքով մը ճամբայ ելած էր, կաշկանդուած անդունդը գլորելու վտանգէն՝ կեցած էր անշարժ, աթոռին եզերքը։ Անդունդը իր զայրոյթին հետ միաժամանակ ծնած զղջումի զգացումն էր։

Ատիկա յայտնի եղաւ երբ ձայնը ճամբան չկտրած` բեկում մը ունեցաւ, ինչպէս ծառի մը ճիւղը յանկարծ կը կոտրի ծանր բեռան տակ ու կը կախուի։ Այդ պահուն թեթեւութիւն մը զգաց։ Այդ պահէն առաջ զգացած սարսափը մեղմացաւ։ Գլուխը վեր առաւ ու նայեցաւ անոր դէմքին։ Բերնին շարժումը նոյնպէս անաւարտ մնացած էր ձայնին կազմած վերջին վանկին վրայ շրթունքներուն թուլացումովը, որ իր կարգին ամբողջ դէմքին արտայայտութիւնը եղած էր։ Միայն կանաչ֊մոխրագոյն աչքերը կը պահէին սուր նայուածք մը՝ որուն մէջ լուսաւոր բիծ մը իր բացարձակ անշարժութեամբ սպասում կը խորհրդանշէր։

Այդ արտայայտութիւնն էր որ քիչ քիչ ամբողջ դիմագիծը կը յափշտակէր կրծելով, մաշեցնելով սկիզբի խստութիւնը։

Ձայնը, որ յանկարծ բրտօրէն բարձրացաւ սենեակին գոց միջոցին մէջ եւ անոր գոցութեանը պատճառով աւելի հնչեղ՝ ինքզինքէն տարբեր պարունակութիւն մը ունէր, ինքզինքին օտար, առանց որուն՝ ձայնը իմաստ պիտի չունենար, եթէ միեւնոյն ատեն միացած չըլլար տառերու արշաւանքին, որ սնած էր զայն: Տառերը վազեցին ժամանակին հետ, ձայնին մէջ պահուած, իմաստ մը տուին ձայնին փոթորիկին։ Իմաստ մը, որ անորոշութեան մէջ պիտի լողար դեռ, եթէ վրայ չհասնէին ձայնին դրոշմը ու երանգը։ Այս ամբողջին մէջէն ժայթքած էր ինքնութիւն մը։ Նիքոլի ինքնութիւնը։ Նիքոլ վերստին ծնած էր իր իսկ ձայնին մէջէն, ինչպէս ճուտը հաւկիթէն դուրս կը ցատկէ անոր կեղեւը կոտրելով։ Ինչպէս ճուտը հաւկիթին մէջ անտեսանելի գոյութիւն չունի մեր աչքերուն համար, սենեակին միջոցին մէջ ձայնին պոռթկումը, որ Նիքոլ ինքն էր, գոյութիւն չպիտի ունենար առանց ձայնին բեկանումը կատարող նորայայտ երանգին։

Արդարեւ Նիքոլն էր «լռեցէք» պոռացողը, մինչ այդ անծանօթ ձայնով նետուած սենեակին մթնոլորտին մէջ պայթեցուած ռումբի մը պէս, զինքը սաստիկ շփոթութեան մատնած էր։ Ձայնը իր աղմուկի հանգամանքով անըմբռնելի ըլլալով հանդերձ, վտանգի մը ներկայութեան առջեւ դրած էր զինքը։ Դէմքը դրօշակի նման պարզած օդին մէջ ձայնին իմաստը կ’որոնէր ոչ առանց վախի, կզակը ընդառաջ տանելով դէպի աղմուկին ուղղութիւնը, որ կանգ առած էր անկման կէտին վրայ։

Մտքին ծայրովը հետեւեցաւ ձայնին, մեկնակէտէն մինչեւ երկճիւղումը, ուր ուղեղը խորունկ շունչ մը քաշելով սկսաւ մտածել։ Տեսակ մը ապահովութեան զգացում մը սպրդեցաւ իր մէջ, բայց անոր ճշգրիտ պատկերացումը անյայտ կը մնար։ Տարտամ զգայնութիւն մըն էր, որ տակաւին զգացում չէր եղած իրապէս, բայց եւ այնպէս գոհ էր։

Գոհ էր, որովհետեւ ձայնին մէջ մուտք գործած էր կամ աւելի ճիշդը՝ անկէ սերած էր, այն պահուն՝ ուր ձայնը երկու հակառակ ուղղութիւններ առած՝ առաջին տպաւորութիւնն էր որ կը շարունակէր՝ սպառնական։ Իր անմիջականութեամբը բարկութեան ժայթքումը, այո, քանզի բարկութիւն մըն էր ձայնին մէջ յանկարծական յայտնութիւնը, բայց առաջին ակնարկով զուրկ էր ոեւէ պատճառաբանութենէ եւ արդէն կարելի չէր բնորոշել, երբ այնքան յեղակարծ եղած էր պակուցումը, որ շշմեցուցած էր զինքը։ Բարեբախտաբար ձայնին միացած ցասումը կը բարձրանար սենեակին մթնոլորտին մէջ՝ ուրկէ եւ իր ցնցող ազդեցութիւնը, կանգ առաւ մէկէն ի մէկ, ինքն իր վրայ անդրադարձումով մը։

Արդէն մտքին մէջ պատրաստ էր անմիջապէս ելլել մեկնելու գաղափարը։ Աչքերուն առջեւն էին իր ձախաւեր շարժումները, ոտքի վրայ, իր վարանումները, մեղմացուցիչ բառերու փնտռտուքը, իր ապաժամ մեկնումը բացատրող։ Եւ եթէ բառերը չէր գտներ, որովհետեւ իր մեկնելու որոշումին մէջ կար, որոշումին հետ ծնունդ առած՝ այդ արարքին իրականացումը կանխող անկարողութիւնը։ Այդ պահուն իսկ ձայնը կանգ առաւ ու զարմանալի հանգստութիւն մը տեղաւորուեցաւ իր մէջ։ Շարժումները ողորմելիօրէն թափեցան շրթունքները ծամծմելով ու վերջապէս անշարժացան։ Ձայնը, որ հրամայական թափով մը սկսած էր, անոր վախճանին գոյացած իւրայատուկ երանգը գունաթափ եղած՝ անմիջապէս նոր երանգ մը առած էր. նոր երանգին յայտնութիւնը հետզհետէ աւելի տիրող եղաւ սենեակին պահ մը մեղմացած մթնոլորտին մէջ։ Այս բոլորը տեղի ունեցած էր ոչ թէ բառին, այլ շրջագայող ձայնին մէջ, անոր վերջին վանկին վերջաւորութեան՝ ուրտեղ փոխուած պարունակութիւնն էր, որ պարտադրեց նոր երանգը ու անոր դրոշմը։

Անոր թուեցաւ թէ նաւու կամրջակին վրայ էր եւ նաւը կամաց կամաց կը մօտենար քարափին, որուն վրայ խռնուած էր հոծ բազմութիւն մը։ Քարափին վրայի բազմութիւնը անորոշ գոյութիւն մըն էր, խառնարան մը, բայց երբ հոն տեսաւ իրեն սպասող ծանօթները, յանկարծ ամբողջ քարափը իմաստ մը ստացաւ։ Քարափը եղաւ իր անձկութեան վախճանը եւ սկիզբը՝ իր ուրախութեան։ Քարափը այն վայրն էր, ուր, ծովուն վտանգաւոր տատանումներէ ետք, վերջապէս հաստատուն գետնի վրայ ոտք պիտի կոխէր։

Այսպէսով կրցաւ ձայնին վերջին երանգին մէջ պահուած իմաստին տիրանալ։ Բայց այդ իմաստը խուսափուկ էր, հազիւ անոր ծայրին դպած՝ արդէն կորսուած էր, տակաւին խառնուած ըլլալով մասամբ միւս երանգին, որմէ սերած էր։ Տեղափոխութիւն մը տեղի ունեցած էր։ Տեղափոխութիւն մը, որ ուրիշ բան չէր եթէ ոչ վերջին երկճիւղած վանկին արձագանգը իր սրտին մէջ, ուր տեղաւորուած էին երկու հակամարտ տարրերը՝ զղջում եւ դատապարտութիւն։ Արձագանգը իր մայր ձայնէն անկախ իրողութիւն մըն էր, ինքնավար եւ ինքնագոհ, ուր բնակութիւն ընտրած էին այդ տարրերը, կարծես բոլորովին խզած իրենց կապը մայր ձայնին հետ։ Ասիկա իր գոյութիւնը կորսնցուցած կը թուէր այլեւս, բայց ետքը իրականութեան պիտի կանչուէր այն պահուն՝ երբ իմաստը վար առաւ իր պղտոր դիմակը։ Պատահականութեան մը արդիւնքը չէր ասիկա։ Իր յամառ որոնումին մէջ, որմէ կախում ունէր ամիսներով հետապնդած երազը, մտքին մէջ կը մնար այն համոզումը թէ անիկա կախում ունէր պարզապէս իր ընելիք ընտրութենէն, այսինքն բաժնել նոր դրոշմը հինէն, առանց խորհելու նոյնիսկ թէ հինն ու նորը իրողութեան երկու երեսներն էին, հոն միանալու գերագոյն ճիգով մը։ Արդարեւ ամբողջութիւն քանի որ ձայն եւ արձագանգ միասնաբար, հետապնդուած արարքին առաջին եւ երկրորդ անդամները կը ներկայացնէին, այսինքն՝ խօսքին, որ ի յայտ եկաւ պոռալով արտասանուած բառին մէջ։

***

«Լռեցէք» պոռալով Նիքոլ անպայման լռութիւն չէր հրամայած թէեւ ինքզինքէն ելած եւ բրտօրէն դուրս ելած բառը հրամայողական էր, բայց յանկարծ բեկանելով զղջումի փոխուած էր։ Ու զղջումը նաեւ ցաւի զգացողութիւն մըն էր, որ կրցած էր փախուստ տալ բառէն եւ հասնիլ իրեն։ Ձայնին դրոշմին մէջ պահուըտելու անոր ճիգը պարունակութիւնը յորդեցուցած ըլլալով՝ գացած ապաստանած էր նայուածքին մէջ։

Նայուածքին մէջ տեսաւ անոր վիրաւորանքը, որ պղտորած էր պոռթկումէն ու բարկութիւնը փոխած տխրութեան։ Ամբողջ մարմինը վարակուած էր այդ տխրութենէն, որ հոգիին ոլորտներէն բարձրացած էր ձայնին հետ ու ձայնին անկման հունին վրայ նոր երանգ ու դրոշմ դարձած, մարմինը ընկճած ու դէմքին գիծերը թուլցնելով վար կախած էր։

Ձայնը անհետացած էր։ Իր դերը կատարած՝ մեկնած էր. տեղափոխութիւն մը ըրած՝ իր ակունքներուն մէջ կը քնանար, բայց քաշուած ատեն սենեակին մթնոլորտը ուրիշ բնոյթ մը ստացած էր։ Ծանր էր ան։ Ճնշիչ։ Լռութիւնը, որ հաստատուած էր ձայնին տեղ, բոլորովին լռութիւն չէր։ Ծայր աստիճան լարելով լսողութիւնը կարելի էր հաստատել ոչ թէ շշուկներ, այլ՝ անշարժացած շշուկներու հետքեր, որոնք իրենց ծանրութեամբ կը զգացնէին իրենց գոյութիւնը։

Գլուխը ծռած էր շշուկներու բեռին տակ, մերթ ընդ մերթ քաջութիւնը ունենալով գլուխը վերցնելու ու նայելու Նիքոլի դէմքին։ Դէպի առաջ ցցուած ճակատին վրայ փակ աչքերը սրտաշարժ բան մը ունէին ու շրթունքները, որոնք դեռ կը պահէին արտաբերուած բառին ձեւը՝ ըմբոստութիւն մը կ’աղաղակէին։ Ըմբոստութիւն մը, որ ինքզինքը լքած էր վշտին քշած ձայնին մէջ, պահելով հանդերձ առաջին արտայայտութիւնը՝ բիրտ ու պիրկ, որուն մէջ կը շարունակէր «լռեցէք» պոռացող ձայնին ներկայութիւնը։

«Ծովը, ծովն է նորէն» արտասանեց մտովի, որ մէկ փոփոխակն էր բանաստեղծին երգին՝ «հովն է, հովն է…»։ Երբ անակնկալ կերպով սիրտը ցնցում մը կը ստանար, բանաստեղծութիւն մը արտասանելու սովորութիւնը ունէր։ Բանաստեղծութեան մէջ ապաստանելով կը հեռանար անմիջական միջավայրէն՝ ուրկէ եկած էր աղէտը։ Բացակայութիւն մը կ’ըլլար, ըլլալով հանդերձ ներկայութիւն մը։ Բանաստեղծական բառերու ուժովը կը բացակայէր ներկայէն, ինչ որ յաճախ իր շրջանակին մէջ անզգածութեան կը վերագրուէր։

Իրականութեան մէջ խռովքը բնաւ յաղթահարուած չէր։ Ներքին փոթորիկին ու արուեստական խաղաղութեան միջեւ առժամեայ գոյակեցութիւն մը կը հաստատուէր, դէմ դիմաց կանգնած փոթորիկ եւ խաղաղութիւն. տեսակ մը խուսափուկ հաւասարակշռութիւն, որ գոնէ ինքն իր մէջ յստակ տեսնելու առաւելութիւն մը կուտար։

Ինչ որ չհասկցաւ ու պղտորեց մտքին հորիզոնը, այն էր, որ բերնին մէջ, թէեւ անշշուկ, հովին՝ ծովի փոխուիլն էր։ Ուզեց փնտռել, բայց չկրցաւ. ծով բառը միշտ կը պահէր իր գերակշռութիւնը։ «Ծովը, ծովը, ծովն է նորէն» կը կրկնէր շարունակ։ Ջուրի ոգեկոչումը կը հանդարտեցնէր հոգին ու կը ծածկէր փոթորիկը, որ իրեն կուգար Նիքոլի դէմքին այլամերժ արտայայտութենէն ու սենեակէն փախջելու կը մղէր զինքը։ Հովը, անշուշտ, իր սաստկութեամբը աւելի պիտի հրահրէր հոգիին կրակը։ Այն ատեն ոտքի պիտի ելլէր, դուռը բանար ու անհետանար, թերեւս ընդմիշտ։ Ու կը կրկնէր «ծովը, ծովը, ծովն է նորէն», խորհելով հանդերձ բանաստեղծին հանդէպ իր դաւաճանութեան, որ իմաստ կ’առնէր ցիր ու ցան «հով»էն փախչելու հեռանկարէն։ Արդարեւ բանաստեղծին «հովը» այն տարտղնող իրականութիւնն էր, ուր ապրիլը մահաշունչ բան մը ունէր. բանաստեղծը կը պոռար «հովը» սաստելու համար հովը, որ դադրի փչելէ եւ հանդարտի ծովին ջուրերուն պէս, ի յայտ բերելով դիմացի ազատ հորիզոնը։

Դիմացի պայծառ հորիզոնը, որ Նիքոլին դէմքն էր, ամպերուն ետեւ ծածկուած, բայց ոչ այնքան որ չտեսնուէր։ Իր ամբողջ գիծերով դէմքը տեսանելի էր, թէեւ քիչ մը դժուար, ինչպէս լուսինը, որ կը յայտնուի ամպերու յարափոփոխ ճեղքերուն մէջէն։ Ուշադրութիւնը ամէնէն աւելի գրաւողը ստորին շրթունքն էր, թեթեւ մը կախ, ստորակէտի մը ձեւ առած։ Նայուածքը պահ մը կեցաւ այդ շրթունքին վրայ, որովհետեւ հոն տեսաւ առաջուան սենեակին մէջ անսպասելիօրէն բարձրացած աղաղակին ամբողջ յեղաշրջումը, որ վճռկանօրէն հրամայողական ըլլալէն վերջ, ստորակէտի մը համեստ պաշտօնը ստացած էր, փոխանակ կանգնելու խրոխտ վերջակէտի մը վրայ, ինչպէս կը կարծուէր որ ըլլար սկզբնական ժայթքին տպաւորութեան տակ։ Անմիջապէս որ հասկցաւ նախադասութիւնը իր ամբողջութեամբը, ոտքի ելաւ ու գնաց պատուհանին առջեւ։ Դուրսը կեանքը անխնայօրէն կը շարունակէր իր թաւալումը։ Լայն հորիզոնին վրայ, տանիքներէն վեր, կը պսպղար պանթէոնի գմբէթը արեւմուտքէն եկող վերջալուսային ճառագայթներէն։ Դիմացը, Սէնի քարափներէն բազմութիւնը վխտալով կը շարունակէր անցնիլ ու բեռնատար հաստափոր նաւերը իրենց մեքենաներուն միօրինակ թոհուբոհով իրիկնային խաղաղութիւնը կը խանգարէին։ Իրիկունը կը սկսէր երազներով բնակուիլ ու բարակ վարագոյր մը կ’իջնէր իր նայուածքին ու տեսարանին միջեւ, զինքը մեկուսացնելով ինքն իր մէջ։ Քաղաքը իրմէ կը հեռանար։ Ինչպէս նաւ մը, որ շղթաները քակած կամաց կամաց կը բռնէ ծովուն բացը իր հետ տանելով ամբողջ մարդկութիւն մը, որ յանկարծ կը համակուի խորունկ մենութեան մը զգացումով։

Նորէն անորոշութեան ծիրէն ներս մտած էր։ Ամէն բան կը հեռանար իրմէ դանդաղ բայց ստոյգ սահանքով մը։ Լոյսը կը ճապաղէր, հիւլէները կը տարրալուծուէին ու լայնցող տարածութիւն մը զանոնք կը հեռացնէր իրարմէ։ Տեսարանը քիչ քիչ անիրական կը դառնար ու սիրտը կը սարսռար։ Կեանքը կը պարպուէր իրմէ, ինչպէս արիւնը՝ վիրաւորներու վէրքէն։ Աւերակներու մէջ թափառող ուրուականի պէս կը քալէր իրականութենէ զրկուած լոյսին մէջէն։ Ամէն ինչ անշարժ էր։ Լոյսը դադրած էր թափանցելէ իրերն ու մարդիկ եւ զուրկ՝ խորութենէ յանկարծօրէն, թափանցիկ վարագոյրի մը կը նմանէր, ինկած իր եւ աշխարհի միջեւ. սակայն կը քալէր անոր մէջէն այնպէս ինչպէս եթէ տարածութիւն եղած ըլլար։ Կը քալէր առանց մոլորանքի, վստահ քայլերով մէկու մը պէս, որ գրոհ կուտայ անտեսանելի թշնամիի մը վրայ։

Ամբողջ աշխարհը փէշերը սոթթած կը քնանար։ Ինքն էր միայն որ կը քալէր մեքենականօրէն, առանց ետ դառնալու, խրելով հեռաւոր հորիզոնին մէջ։ Անշարժութիւնը ձեւական էր, տեսակ մը նշան մերժումի, ուրացումի՝ անոր, որ համարձակեր էր մտնել իր կալուածին մէջ։

Մէկէն ետ դարձաւ։ Պատուհանին առջեւէն աչքը տեսաւ իր յառաջանալը ամբողջ մարմնով, զանգուածային շարժումով մը, առանց դէմքի եւ անդամներու օգնութեան. եւ սակայն կը քալէր ուղիղ, միշտ լոյսէ վարագոյրի մէջէն ու հասնելով պատուհանին եզերքը յանկարծ ներս ցատկեց ու միացաւ աչքին որ իրեն կը նայէր։ Այդ աչքն էր որ քիչ առաջ տեսած էր Նիքոլը եւ որ իրեն սոսկում պատճառած էր, որովհետեւ այդ Նիքոլը իրեն երեւցած էր ինչպէս որ էր դագաղին մէջ։ Այն ատեն կրցաւ երեւակայել իր վշտին սաստկութիւնը։ Հիմա որոշ էր. կեղծ զգացում մը մտած էր հոգիին մէջ միքրոպի պէս։ Ինչո՞ւ տեղի տուած էր այդ ստորակայութեան զգացումին եւ անոր հակադրել ուզելով՝ ինկած սնոտի պարծենկոտութեան մը մէջ, համակրելի մտապատկեր մը ներշնչելէ վերջ Նիքոլին, երբ ըսած էր. «Քաջութիւնը տիկին Հորթանսը սորվեցուց ինծի։ Արդէն կ’ուզեմ վերադառնալ անոր սորվեցուցած արհեստին»։ Պատասխանը անմիջական եղած էր «լռեցէք» որ գահավէժ անկում մըն էր, թռչունի մը պէս, որ թռած ատեն ստացած է կապարի մահացու հարուածը։

Նիքոլի կրած սրտաճմլիկ յուսահատութեան զգացումով նախադասութեան երկրորդ անարտայայտ հատուածը «լռեցէք» էն վերջ, ըսել կ’ուզէր «սիրտս կը տրորէք»։ Այդ հատուածը, որ լեզուական հասարակաց կալուածէն կուգար, առեղծուածը հասցուցած էր իր եզրակացութեան. իրաւ է, սովորական ասութիւն մըն է, անդէմ, յաճախ անտեղի, բայց Նիքոլ իր ձայնին իւրայատուկ դրոշմովը զայն սեփականցուցած էր ու խոր ողբերգութիւն մը եղած անձնական երանգաւորումով մը։

***

Լռութիւնը սենեակին մէջ տէր ու տիրական էր։ Մինաս կը զգար լռութեան հեղձուցիչ գործունէութիւնը կոկորդին մէջ։ Կոկորդին մէջ, ուրկէ օդին մէջ արձակուած հնչիւն մը պիտի բաւէր փրկելու կորստեան դիմող իր էութիւնը։ Դուրս ելլելու եւ ազատ օդին հասնելու իր փորձերը ապարդիւն էին։ Օդը հետզհետէ կը նօսրանար։ Քանի կը նօսրանար խոշոր ծակ մը կը բացուէր անոր մէջ եւ կը զգար որ այդ ծակին մէջ ինկած կ’իջնէր դէպի երկրին խորերը, միշտ կոկորդին մէջ խեղդուած աղաղակ մը, որ չէր կրնար դուրս գալ։

Պատուհանը՝ որուն առջեւ կանգնած էր, կ’ընկրկէր աչքերուն առջեւէն ու մութը հետզհետէ կը լեցուէր իր շուրջը սեղմուող միջոցին մէջ։ Այն ատեն զարմանալի համակերպութեամբ մը ջիղերը թուլցան, լքեցին զինքը ու մէկ անգամէն ինկաւ մինչեւ ինքզինքին յատակը։ Յատակին վրայ կրած ցնցումէն մակերեսին վրայ պղպջակներ կազմուեցան, բան մը որ Մինասին խորհիլ տուաւ թէ կը մտածէր։ Մտածումը կսկիծ մըն էր, որ հետեւեալ ձեւով կը բացատրուէր ինքն իր մէջ։ Իրաւ է, ան չէր ուզած խորհիլ ինքզինք Նիքոլին փայլու ցոյց տալու խմբագիր֊բանաստեղծ պիտակին տակ։ Ուզած էր անկեղծ ըլլալ ու իրեն ներկայանալ իր մերկութեամբը։ Այնպէս ինչպէս որ էր։ Իր գոյութիւնը պահպանելու համար գաղթականին ընտրութեան մը իրաւունքը տրուած չըլլալուն՝ ստիպուած էր ոեւէ զբաղում ընդունիլ։ Եթէ Հորթանսին անունը տուած էր, ոչ թէ անոր համար որ մրցորդ մը ներկայացնել ուզած էր, այլ՝ անոր համար, որ Հորթանս առաջինը կրցած էր հաշտեցնել ու սիրցնել իրեն աշխատանքը եւ կեանքը։

Եթէ Նիքոլ համաձայն էր, հաճոյքով պիտի վերադառնար նախկին աշխատանքին, որ աւելի բնական կը թուէր իրեն։ Սակայն խոր յուսախաբութեամբ մը հաստատած էր, որ պատրանքը աւելի հմայք ունէր քան թէ իրականութիւնը։ Իրականութիւնը միշտ աւելի խեղճ է քան թէ պատրանքը, որուն խորտակումը այնքան ցաւ կը պատճառէր Նիքոլին, որ ստիպուեր էր ցաւագին աղաղակ մը արձակել սենեակին համակրելի եղած մթնոլորտին մէջ ու զայն անբնակելի դարձնել։

Խօսքով յղի ձայնը կը տառապէր իր մէջ, ձայնը ձայն չէր կրնար ըլլալ առանց ներքին պատգամին, որ ջլատուած էր լռութեան պատուարէն եւ անկարելիութեան ցանցին մէջ բռնուած՝ կը խեղդուէր։ Միշտ բառին առաջին տպաւորութեան տակ էր։ Այնքան սուր սաստկութեամբ արտասանուած «լռեցէ՛ք»ը կ’արգիլէր որ անցնի ստորակէտէն անդին, թէեւ դիւրին էր եթէ ինքզինքը յանձնէր ձայնին բեկման այդ կէտէն սկսող անկման շարժումին ու հասնելով երկրորդ հատուածին, բառը նախադասութիւն մը ըրած, անոր քաջալերական պարունակովը ուղղած էր վեհանձն ժայթքումով մը «սիրտս կը տրորէք» յաւելուածով։

Այնպէս ինչպէս նստած էր, մարմինով ընկճուած ու դէմքով տրտում, միայն ցաւած սրտի մը հետեւանքը կրնար ըլլալ։ Անգամ մը եւս հաստատելով այն իրողութիւնը թէ իրապէս նախադասութեան կիսատ մասը «սիրտս կը տրորէք» էր, այնքան խորապէս զգացուած, որ սիրտը թունդ ելած կոկորդի սեղմումով մը ձայնը արձակուեցաւ։ «Նիքոլ» ըսաւ։

Կինը մէկէն գլուխը վերցուց, շնորհակալ նայուածք մը ուղղեց իրեն, ժպտեցաւ։ Այն ատեն անհուն խանդավառութեամբ, բայց նաեւ հեզութեամբ արտայայտուած, շրթներուն ծայրը սպասող բառը դուրս տուաւ, «ներողութիւն» ըսաւ, թէեւ կինը անմիջապէս, առանց ընկրկումի պատասխանեց «ես է որ ներողութիւն պէտք է խնդրեմ». բայց չ’անդրադարձաւ անգամ այդ խօսքերուն որոնք բաժնուած սիրտերը իրար կը զօդէին, ուրախութիւնը վերագտած, մանաւանդ անոր համար որ առաջին անգամն էր որ կ’արտասանէր անոր անունը եւ մէկ անգամէն իւրացուցած էր զայն. կնոջ ժպիտը եկած էր հաստատելու այդ, ըսելով «այո, Նիքոլ»։

Յոյսով լեցուած նախկին մթնոլորտը վերադարձաւ սենեակին մէջ։ Իրերը որ պահ մը հեռացած էին, եկան իրենց տեղերը գրաւելու, իրենց պաշտօններուն անցնելու։

Գրադարանը նորէն գրադարան եղաւ, պատերուն նկարները՝ նկար, աթոռները՝ աթոռ, եւ մտերմութիւնը վերջապէս ինքզինքը գտաւ։ Պատուհանէն անդին մայրամուտի հորիզոնը հասած արեւին վերջին ճառագայթները ամպերուն արանքներէն խուրձ առ խուրձ եկան զարնուեցան տանիքներուն, պատերուն վրայ բացուած պատուհաններուն ու յանկարծ մարեցան։ Մութը սենեակէն ներս մտաւ, սլըքտկաց ու տեղաւորուեցաւ փէշերը ծալլելով։

  Նիքոլ ոտքի ելաւ ու լոյսը վառեց։

***

Հազիւ լոյսը վառուած՝ դուռը զարնուեցաւ։ Նիկոլ եղէգի նման հասակը ճկելով գնաց դուռը բանալու։ Ներս մտնողը Տը Լա Ֆօսն էր։ Անմիջապէս որ մէկ ոտքը դրան սեմէն ներս նետեց՝ Պարոն Տը Լա Ֆօս ձեռքերը օդին մէջ բարձրացնելով, զարմացական արտայայտութիւն մը դէմքին վրայ, աղաղակեց.

–Ինչպէ՞ս, տակաւին պատրաստ չե՞ս, բայց չէ՞ որ ուշ մնացած ենք։

 

Պարոն Տը Լա Ֆօս Նիքոլին խօսելով մէկտեղ, նայուածքը Մինասին վրայէն վար չառաւ։ Կ’արծես անոր կ’ուղղէր խօսքը, թէեւ տարբեր իմաստով մը բեռնաւոր։ Ոչ այնքան տարբեր սակայն, տրուած ըլլալով որ դժգոհութիւնն էր անոր խօսքին իմաստ տուողը, բայց դժգոհութիւն մը, որ սա անծանօթին ներկայութենէն կուգար։

–Ծանօթացնեմ, ըսաւ Նիքոլ, աւելի Տը Լա Ֆօսին խօսքը կտրելու նպատակով քան թէ Մինասը ծանօթացնելու փափաքով։ Պարոն Մինաս Եէ… Եէ…։

Ձուկի փուշի պէս Մինասին անունը կոկորդին մէջ մնաց։ Դուրս չէր կրնար ելլել։ Ստիպուած, հակառակ իր կամքին, բայց Նիքոլին օգնութեան հասնելու փութկոտութեամբ, մէջ նետուեցաւ։ «Երազեան» ըսաւ ու դունչը կախելով լռեց, լռութեամբ իր ներկայութիւնը ջնջելու որոշումով։ Նոյնիսկ ոտքի ելլելու ու երթալու աննշմարելի շարժում մըն ալ ըրաւ, որ Նիքոլի ուշադրութենէն չվրիպեցաւ։

–Կեցէք, միասին դուրս կ’ելլենք, հիմա, երկու վայրկեանէն։

Եւ անմիջապէս աւելցուց աճող զուարթութեամբ մը, որ աւելի արուեստական էր քան թէ իրական։ Իրեն, այնպէս թուեցաւ, որ Նիքոլ, յանցանքին մէջ բռնուած՝ չքմեղանքի շարժումներով զուարթութիւնը կը հրահրէր։

–Գիտէ՞ք, ըսաւ, պարոն Եէ…Եէ… Երազեանը նշանածս է։ Այս իրիկուն նշանուեցանք։

Մինաս նստելու համար ճիգ մը ընելու պէտք չունեցաւ։ Նիքոլի խօսքերուն վրայ տեղն ու տեղը գամուեցաւ։ Մինչդեռ Պարոն Տը Լա Ֆօս, որ թէեւ դուռը կռնակէն գոցած էր, տակաւին կանգնած էր զարմացական արտայայտութիւնը դէմքին վրայ։ Ոստումով մը աւելի առաջ գնաց զարմանքին մէջ կարծես անվերադարձ կերպով, երբ Նիքոլ արտասանեց զարմանալի խօսքերը, որոնք նաեւ Մինասը ոչ թէ զարմացուցած, այլ շշմեցուցած էին։

Պարոն Տը Լա Ֆօս իր շարժումներուն տէրը չէր։ Օդին մէջ ձեռքերը խառն ի խուռն գիծեր կը քաշէին. դժուար էր անոնց իմաստը գուշակել։ Բան մը որոշ էր։ Այդ շարժումներով Նիքոլին խօսքերը կը ջանար աւրել, քարետախտակին վրայ գրուած անճոռնի պատկերներ աւրելու պէս, փութկոտ շարժումներով, որպէսզի անոնք չտեսնուէին, գոնէ տակաւին չտեսնողներուն կողմէ, իբրեւ թէ սենեակին մէջ լեցուն երեւակայական հիւրեր ըլլային եւ կամ թերեւս ալ Նիքոլի խօսքերուն հետ կը կռուէր կռփամարտիկի մը պէս, թէեւ այդ տապլտուքներուն պէտք չունէր։ Ինչ որ ալ ըլլար, Նիքոլի այդ զարմանալի թուող խօսքերը իր ուղեղին մէջ մտնել չէին ուզեր։ Վռնտուած մեղուներուն պէս փեթակին շուրջ կը դառնային առանց համարձակելու թշնամիին մուտք գործած փեթակին մէջ վերադառնալու։

–Վերջապէս, Նիքոլ, խենթեցա՞ծ ես։ Չեմ հասկնար ի՞նչ ըսել կ’ուզես։ Դուն, դուն նշանուա՞ծ։

Մինչ այդ քովի սենեակէն Նիքոլ շրջազգեստը բերած էր ու սկսած էր հանուիլ։ Արդէն մերկ էր, երբ աջ թեւը բարձրացուց դէպի Պարոն Տը Լա Ֆօս եւ ըսաւ.

–Տակաւին ամէն բան չէք գիտեր։ Գալ ամիս պիտի ամուսնանանք։

–Լաւ, լաւ, կը բաւէ, քեզմէ ամէն բան կարելի է սպասել, բայց ոչ լրջութիւն։

Արդէն հագուած էր։ Երկար, մինչեւ կրունկները իջնող շրջազգեստը, հիանալիօրէն պատրաստուած արծաթագոյն կերպասով, որուն վրայ ոսկի շիւղեր արեւի ճառագայթներ կը նետէին։ Ուսերուն մերկութիւնը կը մրցէր կերպասին արծաթին հետ եւ ոսկին իր գոյնը կը նետէր ժպիտով մը ոգեւորուած դէմքին յարաշարժ գիծերուն վրայ. մերկ ուսերը, երբ հագուելու գործողութեամբ զբաղած էր, անդադար կը պարէին շուրջը, կարծես սնուցանելու համար ժպիտը, որ մերթ ընդ մերթ խնդուքի պայթիւններ կ’ունենար։ Այդպէս է որ յանկարծ, արձանի պէս անշարժացած, լուսավառ նայուածքը շեշտակի Պարոն Տը Լա Ֆօսի վրայ, խնդուքի ջրվէժով մը ըսաւ.

–Գիտէ՞ք, Մինաս բանաստեղծ է, բարեկամդ Քորթոյին պէս, բայց հայ բանաստեղծ։ Հիանալի բանաստեղծութիւններ գրած է։ Գիտէ՞ք որ հայերէնը սքանչելի հնչիւններ ունի։

Պարոն Տը Լա Ֆօսին Նիքոլին ակնարկած անլրջութիւնը այս էր թերեւս։ Բառերը բերնէն կը թափէին ձրիաբար. անոնք սուտ պիտի նկատուէին եթէ ըսուած չըլլային անլուրջ լրջութեամբ մը, որ Պարոն Տը Լա Ֆօսը զարմանքէն ապշութեան տանելով անշարժացուցած էին ու խորունկ եւ հիացած գութով մը կը նայէր ան իր բարեկամուհիին։ Գլուխը թեթեւ մը շարժեց դէմքին վրայ անպատում յուսահատութեամբ մը, ինչպէս երբ մարդ հանճարեղ խենթի մը առջեւ կը գտնուի։

Մինաս, որուն շշմածութիւնը Նիքոլի անակնկալ յայտնութիւններուն բերումով, կամաց կամաց պայծառութեան փոխուած էր, սկսաւ մտածել։ Իր ներքին լոյսին մէջ մտածումը անջատօրն կը կազմուէր, գրեթէ իրմէ անկախաբար, ինչ որ իր վրայ կը ձգէր այն տպաւորութիւնը թէ ուրիշ մը կը մտածէր ու ինք կը հետեւէր անոր մտածումի ընթացքին։ Այդ մէկը իր քովն էր։ Եթէ շարժէր, կրնար անոր դպիլ, նոյնիսկ կրնար արգիլել անոր մտածումը, երբ մանաւանդ բացատրէր թէ Նիքոլի չափազանց խանդավառութիւնը ուրիշ բան չէր եթէ ոչ արգիլեալ բանի մը ընդունելութիւնը իր միջավայրին մէջ. իսկ իր պնդումները՝ որպէսզի մեղաւոր արարք մը բնական դառնայ դիւրամարս, ուրկէ սուտերուն չափազանցութիւնը՝ որով սուտ մը ճշմարտութեան մէջ կը տեղաւորուի։

Ատիկա յստակ կը տեսնուէր շարժումներուն մէջ։ Անգամ մը մտած այդ ճամբուն մէջ կը ճգնէր ոչինչէն իրողութիւն մը դուրս բերել, արուեստագէտին պէս, որ ոչինչէն իրականութիւն մը կ’ստեղծէ։

Մինաս Նիքոլի ստեղծագործութիւնն էր, իր շունչով շնչաւորուած եւ իր յարատեւութեամբ իսկ ի վերջոյ ինքն ալ շփոթած, նոյնացած էր ստեղծագործութեան հետ, նոր իրականութիւն մը մէջտեղ եկած էր եւ որ ոչ ինքն էր ոչ ալ Մինաս, բայց եւ այնպէս ինչ որ էր՝ իրենց սէրն էր։

Սէրն էր, որ պարոն Տը Լա Ֆօսին ներս մտնելէն առաջ կը լռէր։ Խոստովանութեան բառերը գտնելու անկարելիութեամբ միտքը անվերջ կը թափառէր հոգիին անծայրածիր անդաստանին մէջ։ Ծովափի աւազին վրայ նետուած ձուկին պէս որ կատաղօրէն կը թփրտայ փախչող կեանքին կառչելու համար, Նիքոլ իր մարմնական ու խօսքի տապլտուկներով հետզհետէ շնորհիւ իր ոգորումներուն անմերժելի կը փորձէր փրկել իր սէրը ուրիշներու ծաղրէն, որ հետզհետէ շնորհիւ իր ոգեւորումներուն անմերժելի իրողութիւն մը եղած էր արդէն։

Տեսնելով որ Նիքոլ պատրաստ էր, Պարոն Տը Լա Ֆօս գրպանէն հանեց ոսկեզօծ ծխատուփը, գլանիկ մը առնելով անոր մէջէն շրթունքներուն տարաւ, վառեց եւ աչքերը սեղմօրէն քթթելով նայեցաւ Նիքոլին։ Յետոյ ներշնչուած երեւոյթ մը առնելով անոր մօտեցաւ ու յափշտակութեամբ աղաղակեց.

–Իրապէս աստուածային ես Նիքոլ։

Պարոն Տը Լա Ֆօս սեւ մետաքսէ երեկոյթի հագուստ մը հագած էր։ Ձիւնասպիտակ օսլայուած շապիկ մը՝ որուն կուրծքի միակ կոճակը եւ դաստակներուն կոճակները մարգրիտի հատիկներ էին։ Թարմ սափրուած, մազերը անխնամ վայելչութեամբ մը՝ երեսէն մինչեւ ծոծրակը եւ առջեւէն, ճակտին վրայ ինկած էին։ Եթէ չըլլային քիչ մը կնավարի շարժումները, կարելի էր ըսել որ Պր. Տը Լա Ֆօս վայելուչ մարդ մըն էր։ Մէկ խօսքով արթիսթ անձնաւորութիւն մը։ Նիքոլին մօտեցած՝ գրպանէն հանեց գեղեցիկ տուփ մը։ Մատներուն ծայրերը փափկօրէն անկէ դուրս հանեցին ադամանդակուռ մանեակ մը, որ յանկարծ Նիքոլի վզին սկսաւ պսպղալ հազար ճառագայթներով։

–Աստուած իմ, ինչ գեղեցիկ է։

Պր. Տը Լա Ֆօս Նիքոլէն խնդրեց որ քիչ մը քալէ, ինչ որ Նիքոլ անմիջապէս կատարեց եւ մէկ րոպէէն միւսը, առաջին քայլին իսկ, հրաշալի տեսիլքի մը այլափոխուելով, քալեց այնպիսի երեւոյթով մը որ կարծես թէ ոտքերը գետին չէին դպեր։ Մարմինը, որ քալուածքին մէջէն սահանք մըն էր, հեռու ուշադրութիւնը իր վրայ հրաւիրելէ, աննիւթականացած էր եւ նայուածքները կը հրաւիրէին շրջազգեստին, վերացած հիացումով մը։

Պարոն Տը Լա Ֆօս կրկին աղաղակեց յափշտակուած.

–Նիքոլ գիտե՞ս որ քեզի նման անգտանելի մանըքէն մը հազար տարին հատ մը կը ծնի։

Յանկարծ, ձայնը իջեցնելով, ակնարկալից հարցուց։

–Ո՞ւր է Մոնիքը։

–Մոնի՞քը, Ժուանվիլ գնաց։

–Հասկցայ, ըսաւ Տը Լա Ֆօս հանելուկ մը լուծելու պէս։ Որպէսզի այն բանը չտեսնէ՞։

Մեկնելու ատենը եկած էր։

–Կը ցաւիմ որ ձեզի տեղ մը պիտի չկրնամ առաջնորդել պարոն, ըսաւ Պր. Տը Լա Ֆօս։ Արդէն ուշ մնացինք։

–Խնդրեմ, խնդրեմ, ըսելով Մինաս ոտքի ելաւ։ Այդ պահուն սրտին մէջ զարմանալի զգացում մը ծնաւ։ Նախ չհասկցաւ այդ զգացումը, որ տարտամ էր ու տարտղնուած ձեւով կը տարածուէր կուրծքին տակ, բայց երբ հասաւ ուռած կուրծքին վերջին սահմաններուն ամփոփուելով ու խտանալով նմանեցաւ ատելութեան։

Վարը, դրան առջեւ, անմիջապէս աջ կողմը դարձաւ։ Քայլերը արագ արագ իրարու խառնելով վազեց։ Քիչ յետոյ կռնակէն իմացաւ կառքի մը խռպոտ աղմուկը, որ մտրակուած՝ օդին մէջ խելագար պտոյտներ ըրաւ։ Յետոյ կառքը վայրկեանական հեռացաւ մութին մէջէն։

***

Դուռը բացուեցաւ եւ մէկը ներս մտաւ։

Խմբագրատունը, որ գորշ ու գոյութիւն ունենալէ յոգնած սրահ մըն էր սրճարանի մը յետնամասը, լուսաւորուեցաւ։ Լոյսին օճախը սրահին մէջտեղն էր, հոն՝ ուր կեցած էր ներս մտնողը, որ անտեսանելի էր լոյսին իսկ պատճառով եւ որ անկէ կը բխէր։ Լոյսը դողալով տարածուեցաւ սրահին մէջ։ Բայց այդ տարածուելու, ամէն բան գրաւելու մարմաջը ճակատագրական եղաւ իրեն։ Տարածուելով ուժերը ցրուած՝ լոյսը ինքզինքէն մաշուելով ցնդեցաւ։

Ու յայտնագործուեցաւ Նիքոլ, որովհետեւ նիքոլն էր ներս մտնողը, բայց յայտնուած՝ ոչ թէ իբր նախագոյ բան մը՝ այլ ոչինչէն ծնած յանկարծօրէն լոյսին անհետացումովը։ Իրականին մէջ բոլորովին տարբեր էր։ Նիքոլ սրահ մտած էր առանց դուռը զարնելու, ոչ թէ անշուշտ իբրեւ թերացում կամ իբրեւ արհամարհանք ներսը գտնուողներուն հանդէպ, այլ՝ պարզապէս անոր համար որ ըլլալով հանրային վայր մը, սրճարանի մը ետեւի սրահը այս պարագային, Նիքոլ հարկ չէր տեսած դուռը զարնելու, բայց դուռը չզարնելու հանգամանքը եւ անկէ յանկարծօրէն­– քիչ մնաց պիտի ըսէր՝ ուղխօրէն­ ներս ժայթքումը անակնկալի մը ներգործումը ունեցաւ։

Անակնկալը անոր ներս ժայթքելէն աւելի՝ ինքն իսկ էր, Նիքոլը, որ մագնիսական օճախի մը պէս բոլորին նայուածքները քաշած էր իր վրայ ու տեղի տուած վերը պատմուած լուսավառութեան, այսինքն՝ պատրանքի մը։ Բայց քանի որ գեղեցկութիւնը պատրանքն է, որ զարմանք յառաջ կը բերէ, բոլորին նայուածքները անշարժացած էին անոր վրայ զարմանքով։

Վայրկեանի մը շփոթութենէ վերջ, զմայլելի ժպիտ մը երեսին ու այդ ժպիտին հետ ծնած շրթունքներու շարժումը որով բերանը բացուեցաւ ըսելու համար, բայց չըսաւ, որ սակայն ըսել կ’ուզէր. «ահ, դո՞ւն» կամ «ահ, հո՞տ ես»։ Առաջին քայլը նետեց սրահին կուրծքին վրայ, մարմինը թեթեւ մը շեղելով Մինասին կողմը։ Մինաս, որ զբաղուած էր լուրերու թարգմանութիւնով, ձեռքը անշարժացած սեղանին վրայ ու դէմքը բարձրացած, կը նայէր Նիքոլին մէկու մը պէս որ յանցանքին վրայ բռնուած ըլլալ կը թուէր։

Երկու խմբագիրները նստած էին նոյն կարգի սեղաններուն առջեւ։ Նիքոլի ներս մտած պահուն անոնք զբաղուած էին մին՝ սրբագրութեան փորձերով, միւսը՝ որ խմբագրապետն էր եւ թերթերու դէզ մը ունէր առջեւը, զբաղած էր զանոնք թղթատելով։

Ասոնք ալ նոյնպէս անշարժացած էին եւ դէմքերը ուղղած նոյն կէտին, բայց անշուշտ ոչ յանցաւորի զգացումով, այլ՝ հարցական զարմացումով մը եւ բերանաբաց։ Այն պահուն՝ ուր Նիքոլ առաջին քայլը առաւ մարմինը շեղելով դէպի Մինաս, բոլորը արտաշնչեցին թոքերուն մէջ բռնուած օդը եւ բերանները գոցուեցան միաժամանակ։ Այդ միջոցին քովնտի փողոցին վրայ բացուող դուռէն՝ որուն դիմացն էր տպարանը, ներս մտաւ գրաշարապետը, մէկէն կանգ առաւ ու «ամմա կտոր է, հա» ընելով մօտեցաւ խմբագրին՝ որուն յանձնեց փորձի թուղթերը ու անկէ առնելով սրբագրուածները վերադառնալու վրայ էր, երբ խմբագրապետը, խզուած ժամանակը իր հունին բերելու միտքով, մէկ աչքը բռնած թերթին, ըսաւ…

Գրաշարապետը քայլերը կեցուց, ետ դարձաւ ու խօսքի մտաւ.

«Մէթրոյի աշխատաւորները նորէն գործադուլի պիտի սկսին։

–Եթէ ասանկ երթայ, մենք ալ պիտի սկսինք, ընկեր Կիւլեան, ո՞ր օրուան պահած էք մեր յաւելումները։

–Ձայնդ կտրէ, չե՞ս ամչնար, պրոլետարական թերթի մը համար…

Մինաս ոտքի ելած էր։ Քալեց դէպի Նիքոլ, որ մօտեցաւ դունչը երկարելով։ Մինաս հոն համբոյր մը դրոշմելով ըսաւ.

–Կը ներկայացնեմ կինս որ կը կոչուի Նիքոլ։

–Ծօ, ըսաւ խմբագիրը, երբէ՞ն ի վեր։

Նիքոլ տուաւ պատասխանը։

–Հիմակուընէ ի վեր։

–Ուրեմն մեր բանաստեղծը մեզմէ գողցաք, մէջ մտաւ խմբագրապետը։

–Բայց ես բան մը գողցած չունիմ։ Ան է զիս գողցողը, պատասխանեց Նիքոլ։

Գրաշարապետը յիշելով քիչ առաջուան իր բացագանչութիւնը, գլուխը կախ, մեղայական, մօտեցաւ Մինասին։

–Ընկեր Մինաս, կը ներես։ Աղէկ որ հայերէն ըսի։

Ընդմիջումը վերջացած էր։ Խմբագիրները ծռեցին գլուխները իրենց գործին վրայ։ Գրաշարապետը տպարան գնաց։ Մինաս ու Նիքոլ դուրս ելան։

Մինաս լուռ էր։ Նիքոլ անդադար կը ճառէր ձեռքերովը օդը ճանկռտելով, որով կ’արտայայտէր իր ուրախութիւնը։ Անոր ուրախութիւնը ինկաւ Մինասին մթագին հոգիին խորը խճաքարի մը պէս, որ հորի մը մէջ կ’իյնայ եւ ուրկէ պղպջակներ կը բարձրանան։ Մինաս գլուխը վեր առաւ ու նայեցաւ Նիքոլին ճառագայթող դէմքին ու թեթեւ, դանդաց ժպիտ մը ուրուագծուեցաւ այտերուն վրայ։

Աշնանային յէտմիջօրէի արեւը քնքշօրէն իջեր էր Նիքոլի շէկ մազերուն վրայ ու հով մը, որ անշշուկ կը սլքտար պուլվարին վրայ, ուրախ ու զուարթ կ’ընկերանար անոնց, նպատակ մը գտած ըլլալով հաճոյքով։

–Եթէ աւելի երկայն ըլլային, աւելի գեղեցիկ պիտի ըլլային, ըսաւ Մինաս մէկէն իր բուռն փափաքը ծածկելու աճապարանքով։ Սիրտը լեցուած էր այդ պահուն ու պարպուելու պէտք ունէր։ Այդպէս, արեւին ու հովին մէջ Նիքոլին գլուխը անսովոր գեղեցկութիւն մը ունէր։ Կ’ուզէր այդ գլուխը կուրծքին վրայ առնել ու ճզմել, ճմլել, երբ մազերու այդ աներեւոյթ պարբերութիւնը ինքնամուլ կերպով դուրս ելաւ բերնէն, կէս ճամբուն մէջ խեղդելով իր հոգեկան թռիչքը.

–Բայց ինչպէ՞ս կարելի է, ըսաւ Նիքոլ զարմանքով, հիմա այդպէս է մօտան ու դունչը տարաւ Մինասին բերնին, որ գնաց Նիքոլի բերնին մէջ թափելու երկարօրէն իր կրքոտ արշաւանքը։

Անցորդ մը քովէն անցած ատեն «կը բաւէ» պոռաց։ Երկու սիրահարները բայց եւ այնպէս կարեւորութիւն չտուին ու շարունակեցին համբուրուիլ։ Քիչ ետքը միայն անոնց շրթունքները խզեցին իրենց կապը։

–Մէյ մըն ալ ինծի «դուք» չըսես, ըսաւ Նիքոլ։

–Բայց Նիքոլ, դեռ երէկ անծանօթներ էինք։

–Իսկ այսօր, տես ինչպէս համբուրեցիր ինծի, պատասխանեց Նիքոլ չարաճճի։

–Համբուրուեցանք, ըսաւ Մինաս։

Մինաս թեւը անցուց Նիքոլին թեւին ու քալեցին մայթին վրայ հոծ բազմութեան մէջէն։ Նիքոլին ձայնը յանկարծ լրջացած՝ սկսաւ պատմել թէ այդ առաւօտ իսկ գացեր էր քաղաքապետարան արձանագրելու իրենց ամուսնութեան թուականը։

–Եկայ թուղթերդ առնելու։ Վաղը նորէն պիտի երթամ վերջացնելու համար արձանագրութիւնը։ Ամիսէ մը պիտի ամուսնանանք։

–Ինչպէ՞ս, ըսաւ Մինաս։

–Այդպէս, կրկնեց Նիքոլ, քանի որ զիս կը սիրես։

–Իսկ դո՞ւն, Նիքոլ։

Նիքոլ Մինասին թեւը սեղմեց մարմինին վրայ։ Ուսը ուսին ու գլուխը ծուռ քալեց, քայլերը Մինասի քայլերուն հետ ներդաշնակելով։

Մեթրոյին գլուխը կանգ առին։ Մինասին թուղթերը գրպանելէ վերջ Նիքոլ կամաց կամաց իջաւ սանդուխներէն, ամէն մէկ քայլին ետ դառնալով ու ցուցամատը շրթունքներուն տանելով։ Յետոյ արագացուց քայլերը եւ Մինասին տեսողութեան դաշտէն դուրս գալու վրայ էր, երբ տեսնելով Նիքոլին սաստիկ բարակ մէջքը, Մինաս չկրցաւ մտքին մէջ յայտնուած մտածումը խափանել։

Աստուած իմ, ո՞ւր պիտի դնէ տղան։

***

Յարութիւնին ձեռքերը սկսան աւելի արագ շարժիլ։ Տպարանին մէկ անկիւնը խոշոր սեղանի մը շուրջ ծալուած թերթերուն երիզները կը փակցնէին։ Քանի Մինասին ձեռքերը կը դանդաղէին, Յարութիւն երկու հոգիի գործ կը տեսնէր։ Վերջապէս Մինասին ձեռքերը բոլորովին անշարժացան։ Ճակտին վրայ քրտինքը աւելի առատ կը դառնար։ Սեւեռուն աչքերը իրենց կոպերէն դուրս գալու ձգտում ունէին։ Յայտնի էր այլեւս ներկայ չէր տպարանին մէջ հակառակ մեքենաներուն հանած ժխորին, որ թերեւս կը նպաստէր անոր հեռացումին իր միօրինակութեամբը ու կը յիշեցնէր շոգենաւին անիւներուն դղդրդիւնը։ Այսպէս է որ կը գտնուէր արուարձանի գնացքին մէջ, հեւ ի հեւ ու անհամբեր։ Հազիւ թէ Յարութիւն իր մեծ ու միամիտ աչքերը բացած ըսած էր. «Թէ տկար ես, գնա պառկէ։ Ես կը վերջացնեմ»։ Տեղէն ցատկած էր ու կը գտնուէր գնացքին մէջ, անկիւն մը մինակ նստած, ձեռքերուն մատները սրունքներուն մէջ, աչքերը խոշորցած ու քրտինքը միշտ առատ ճակտին վրայ՝ ուր սկսած էր հոսիլ։

Որովհետեւ, անգամ մը սկսած, մտածումը անդադար կը դառնար ու կը դառնար գլխուն մէջ, մերթ սողոսկուն մերթ թաթառի մը նման, դուրս չէր կրնար ելլել ու կը խեղդուէր։ Մտքին ամբողջ ուժովը կը փորձէր արտաքսել, բայց քանի ճիգը կը հասնէր իր ծայրագոյն աստիճանին, ուղեղը պայթելու փորձութեան կը մատնուէր։ Այդ ճիգն էր որ մտածումը արտաքսելու անկարողութենէն կը խոշորնար ու դուրս կը վանէր աչքերուն գնդիկները, գլխուն բջիջներուն ջուրը ու մատները չկրնալով երկարիլ՝ կը պրկուէին ծունկերուն վրայ։

Քանի օր է այդ մտածումը գաղտնի ոստիկանի մը պէս կը հալածէր զինքը նախ դուրսէն հեռուներէն վազելով, հետզհետէ մօտենալով զգուշութեամբ ու իր ուշադրութեան տկար մէկ պահուն, յանկարծ, ներս կը մտնէր։ Ու հոն կը տեղաւորուէր շարունակ զբաղած պեղելով ուղեղը, հազիւ կարճ դադար մը առնելով երբեմն, կարծես յոգնած իր տկարութիւն չճանչցող կամքէն, կրկին սկսելու համար իր սմսեղուկ հետապնդումը։ Գիշատիչ թռչուն մը ուղեղը մագիլներուն մէջ առած կը բարձրանար, ճանկերովը խուլ ցաւեր պատճառելով ու վարը՝ սիրտը կը հեւար անձկութեամբ, մինչ ամբողջ ուժովը կը ջանար զայն իր տեղը պահել, որպէսզի վար չիյնայ, որովհետեւ իրեն կը թուէր թէ սիրտը պիտի պոկուէր ու ամէն ինչ պիտի թաղուէր խաւարին մէջ։

Այդ վիճակին մէջ իջաւ գնացքէն ու սկսաւ վազել արագ այնքան արագ որ մոռցաւ տոմսակը տալու պաշտօնեային, որ զինքը կանչել տոմսակը պահանջելու տեղ, քովի պաշտօնեային ըսաւ գութով լեցուն տրտմութեամբ մը «Պարոն դատաւորին փեսան է, կնոջը մեռնելէն ի վեր ըրածէն լուր չունի»։

Ճիշդ ատենն էր։ Գերեզմաննոցին ներսը, դրան առջեւ կը սպասէին։ Ամօթէն պահ մը քայլերը կեցուց, բայց Պարոն Տը Լա Ֆօսը ընդառաջեց. «շուտ ըրէք, ձեզի կը սպասենք»։ Բազմաթիւ յուղարկաւորներ կեցած էին դագաղին ետեւը, զոր արդէն բարեկամներէն չորս այրեր ուսամբարձ ըրած էին եւ հինգերորդ մը երախային փոքրիկ դագաղը խաղալիքի մը պէս թեւին տակ առած էր։ Այսպէս կարգադրեր էր Պարոն Տը Լա Ֆօս ճամբելով դագաղակիր կառքը։ Ան է որ զինքը առաջնորդեց դագաղին ետեւը կանգնած Մոնիքին մօտ, որ՝ գլուխը վերցուց ու նայեցաւ իրեն յանկարծ անզուսպ հեծկլտուքով մը։ Յուղարկաւորներուն քովէն անցած ատեն իր տեղը երթալու համար, տեսաւ որ բոլորը գլուխները բարձրացուցած իրեն կը նայէին յուզիչ կարեկցութեամբ մը։ Անոնց գթալի նայուածքներէն եւ Մոնիքին իրեն երեսն ի վեր արձակած հեծկլտուքէն փոխանակ յուզուելու, գօտեպնդողղ զգացում մը համակեց զինքը ու երախտագիտութեամբ լեցուեցաւ սիրտը։

Այդ պահուն անդրադարձաւ մտածումին, այն մտածումին, որ զինքը հալածած էր օրերով, յետոյ նահանջած, բայց տակաւին չէր անհետացած։ Գիտէր որ դարանակալ կը սպասէր անկիւն մը։ Մտքին մէջ թաքուն սպասման վիճակ մը կար։ Մտածումին անակնկալ վերադարձէն կը վախնար։

Դագաղակիր այրերը սկսան քալել։ Անոնց ետեւէն հետեւորդները։ Քահանան սկսաւ իր մրթմրթոցը։ Լռութիւնը ծանրօրէն կը կախուէր անոնց քայլերէն, որոնք, քիչ ետքը, արահետներուն խճաքարերուն վրայ խուլ խժլտուք մը սկսան հանել, իւրաքանչիւր ոտնակոխին հետ դոփիւն մը բարձրացնելով, որ յանկարծ կ’իյնար ոտքերուն տակ, ճզմուելով ու աւելցնելով միջոցին մէջ կախ եկած սրտառուչ տխրութիւնը։ Արդէն հասեր էին թաղումին վայրը։ Բոլորը մէկ շարուեցան փոսին շուրջը ուր կը սպասէին գերեզմանափորերը թիերուն կոթերուն կռթնած երկու ձեռքերով։

Երբ դագաղները գետին դրուեցան, գերեզմանափորերը անմիջապէս հաստ չուաններ մեծ դագաղին երկու ծայրերուն անցուցին ու հապճեպով իջեցուցին փոսին մէջ, ոչ առանց յաջողելու որ դագաղը չզարնուէր փոսին երկու կողերուն, որոնք բրտօրէն դագաղը իրարու փոխանցեցին խորթ ու անսովոր աղմուկներ նետելով գերեզմանոցին մեռելային լռութեան մէջ։ Իսկ մեծ փոսին կից փոքրիկ փոսին մէջ ուրիշ գերեզմանափոր մը արդէն երկու ձեռքերով տեղաւորած էր փոքրիկ դագաղը եւ սկսած հողը լեցնել։ Մինչ միւս գերեզմանափորերը հողը կը լեցնէին փոսին մէջ թի մը հող ներկայացնելէ վերջ Մինասին եւ Մոնիքին, որոնք ափով հող նետած էին դագաղին վրայ խուլ աղմուկ մը հանելով, քահանան սկսաւ իր աղօթքը։ Աղօթքէն ետք, Պարոն Տը Լա Ֆօս ըրաւ դամբանական ճառ մը, որուն խօսքերը երկար ատեն պիտի հնչէին ականջներուն մէջ։

«Քաղցրութիւնը եւ զուարթութիւնը իր նկարագրին երկու մեծ առաքինութիւններն էին. իր զարմանալի գեղեցկութիւնը, լծուած իրաւ համեստութեան մը, զինքը կ’ընէին հաճելի եւ հոգեղէն ընկերուհի մը, եւ բացառիկ տեղ մը գրաւել կուտային անոր մեր կինը գեղեցկացնելու եւ գրաւիչ դարձնելու սահմանուած արհեստին մէջ։ Թող, չպիտի ըսեմ մեր տխուր, այլ՝ պայծառ մտածումները ընկերանան իր վերջին ճամբորդութեանը»։

Յետոյ ամէն մէկը ափ մը հող նետեց հողակոյտի վրայ եւ կարգով անցան Մոնիքին ու Մինասին առջեւէն անոնց ձեռքերը սեղմելով, ցաւակցական խօսքեր մրմնջելով։ Ամէնէն վերջը Պր. Տը Լա Ֆօս երկու ձեռքերով Մինասին ձեռքը սեղմեց ըսելով «խեղճ բարեկամս, քաջութիւն»։

Ու վերջացաւ։

Մոնիք ատեն մը մնաց իր տեղը, Մինասին հետ, աչքերը ուղղած հողաթումբին։ Բարեկամները կը տարտղնուէին, կը վարանէին քովնտի արահետներուն մէջ, սպասելով որ բոլորը միասին դուրս գային, բայց կամաց կամաց ցրուեցան ու անհետացան։

Երբ Մինաս ձեռքը Մոնիքի թեւին տարաւ, Մոնիք աղեկէզ հեծկլտուք մը փրցուց։ Մարելու վրայ էր երբ Մինաս թեւը մտաւ ու միասին քալեցին դանդաղ, համրուած քայլերով։ Մինասին թեւը կը ցնցուէր մերթ ընդ մերթ Մոնիքին հեծկլտուքէն։

Յանկարծ Մինաս կանգ առաւ։ Գերեզմաննոցին մէջ Նիքոլի բարեկամներուն վերաբերմունքին հետեւանքով մտածումին սկսած ընկրկումը հիմա ամբողջացած էր բոլորովին անհետանալով։ Մտքի պայծառութեան մէջ հասկնալի եղած էր եւ այդ հասկացողութեան ներգործութեան տակ մտածումը տեղի տուած՝ անհետացած էր։ Անոր շուրջ կազմուած կապանքներուն ցանցը քակուած՝ ոչնչացած էր։

Սկսաւ լիաթոք շնչել։ Կարելի չէ ըսել որ ուրախ էր, բայց գոհունակութիւն մը կար վրան։ Նիքոլի բարեկամներուն եւ բարեկամուհիներուն ցոյց տուած վերաբերմունքէն հասկցած էր որ զուր տեղը չարչարած էր միտքը ու հոն հաստատած այդ չարաբաստիկ մտածումը, որ զինքը կ’ամբաստանէր շարունակ, կը պեղէր ուղեղին փափուկ նիւթը, կը տեղաւորուէր անոր բացած ակօսներուն մէջ, թունաւորելով ամբողջ էութիւնը։

Տօքթ. Գառլիէ տանը մօտերը զիրենք տեսնելով փողոցը ճեղքեց, եկաւ թեւերը բարձրացուցած, Մինասին ձեռքերը առաւ իր ձեռքերուն մէջ եւ ըսաւ. «Կը ներէք որ յուղարկաւորութեան չկրցայ գալ, ահ, այս մեր անիծեալ արհեստը հիւանդները ժամանակ չեն տար որ մեր մարդկային պարտականութիւնը կատարենք։ Ամբողջ սրտով կ’աղաչեմ որ ընդունիք խորունկ ցաւակցութիւններս։ Մոնիք, զաւակս, մտածէ որ ամբողջ կեանք մը ունիս ապրելիք։ Ձգենք որ մեռելները թաղեն իրենց մեռելները»։

Այս անգամ Մինաս ամբողջովին թեթեւցած էր։ Ուրեմն ինքը չէր Նիքոլին եւ տղուն մահուան պատասխանատուն։

***

Դուրսը գիշեր ըլլալու էր արդէն։ Կ’ուզէր գիշերուան վրայ մտածել, պարզապէս չմտածելու համար։ Նոյն դիրքին մէջ կեցած սենեակին մէջտեղը, կը նայէր անկողինին՝ ուր խորհրդաւոր բան մը տեղի կ’ունենար։ Բարակ շրթներով բերանը մեղմօրէն բաց՝ երկար տագնապի մը խոնջէնքը կայ վրան։ Վարագոյրներուն ու գորգին կարմիրը լապտերի լոյսին հետ կը խառնուի այտերուն վրայ, որոնք գունատ են, ինչպէս մը ջուրին մէջ ինկած թառամած վարդի թերթը։ Թեւերը վերմակին վրայ երկարած են անկամ, անտէր, լքեալ գոյքի մը նման։ Կարծես օտարի մը թեւերը ըլլային։

Թեւին մէկը փորձեց բարձրանալ, բայց հազիւ վեր ելած՝ կ’իյնայ վերմակին վրայ։ Մարմինը կը ցնցուի, դժոխային պար մը կը կատարէ անտեսանելի խարազաններուն հարուածներէն հալածուած։ Մէջքը կը վերցնէ մռնչելով, պրկելով ու ամբողջ ուժը կեդրոնացուցած որովայնին վրայ՝ ուրկէ կուտակուած բեռ մը կը հրէ պրկումով։ Յետոյ կը թուլնայ մեղմ մռնչիւն մը արտաբերելով։ Կ’անշարժանայ։ Շունչը նորէն շրջան մը կ’ընէ ու կուգայ կը մարի քունքերուն վրայ՝ ուր լսելի կ’ըլլայ ձայնը այնքան յստակ, որքան բարակ եղած էր շունչը։

–Գիտեմ, հոդ ես, դուռը գոցէ։

–Գոց է, կ’ըսէ ու նոյն ատեն կը զարմանայ իր խօսիլը տեսնելով, իբր թէ ուրիշ մէկը ըլլար «գոց է» ըսողը։ Որոշ կերպով կը տեսնէ ըսողին շրթունքներուն բացուիլն ու գոցուիլը։ Քիչ մնաց «սուս» պիտի ըսէր, բայց միւսը արդէն «սուս» ընելու ձեւ մը տուած էր շրթունքներուն։ Կը լռէ։ Ինչ որ կը լռէ իր ներքին ձայնն է, որ կը բարձրանայ ու կը մարի շրթունքներուն վրայ, ինչպէս ալիքը կը ծծուի ծովեզրի աւազէն, բայց բոլորովին անհետացած չէ, ներկայ է ետեւը ձգած պղպջակներուն ու աւազին տամկութեան մէջ։

«Դուռը գոցէ» ըսած էր անկողինէն եկող ձայնը, նուաղկոտ ու դանդաղ յառաջացումով մը սենեակին միջոցէն ու իր մօտեցումին դանդաղութեան պատճառաւ իսկ տագնապալից։ Կանգնած է սենեակին մէջտեղը։ Կանգնած է ոչ թէ պարզապէս կանգնելու համար կամ իբրեւ հանդիսատես, այլ՝ զբաղած ըլլալով կարգի բերելու ներքին խուճապը։ Այն պահուն՝ ուր պատրաստ էր էութիւնը խռովող զգացումը յայտնաբերելու, հրամայական եղանակով արձակած էր «դուռը գոցէ»ն որ ուրիշ բան չէ իրականին մէջ եթէ ոչ հաշուեյարդարի հրաւէր մը։ «Դուռը գոցէ», արդարեւ կը նշանակէ «քանի որ եկեր ես, որովհետեւ գիտեմ թէ հոս ես, եկած ես խոստովանելու յանցանքդ, որպէսզի հաշտութիւն կնքենք»։ Փոխանակ ընդառաջելու հիւանդի խնդրանքին, ի՞նչ կ’ընէ ինքը։ «Գոց է» կը պատասխանէ եւ հարցումը կը պարպէ պարունակութենէն։ Հարցումը իրականին մէջ հարցում մը չէ, թէեւ անոր կերպարանքը զգեցած է, ինչպէս չէ պատասխան մը պատասխանը, որովհետեւ հարցումը միշտ յղի է իր պատասխանովը, եթէ ոչ արտայայտութիւն եղած, բայց ի զօրութենէ խօսք ըլլալու սահմանուած։

Հարցումը պարպուելով իր իրականութենէն, զգացումները կամ անոնց մասնիկները, որոնք ներս սպրդած էին դուռը գոցած պահուն եւ զրկուած իրենց ամբողջութենէն, կը տառապէին նոր ամբողջութիւն մը ըլլալու անկարելիութենէն, երբ հարցումը կուգայ խուճապահար ընել զանոնք, փոխանակ ամբողջացնելու իրենց նմանութեամբ իսկ, քանի որ նոյնն էր իր անկապ զգացումներուն նպատակը՝ դասաւորելով, միաւորելով ըլլալ ոչ միայն հարցումին պատասխանը, այլ եւ արարք մը, իրողութիւն մը, սկսուած եւ իր լրումին հասած, նախ քան դուռը բանալ գոցելը։ Վազել երթալ հիւանդին անկողինը, ծունկի գալով լալահառաչ ներողութիւն խնդրել։

Զգացումներուն այն ուժը, որ նամակը ստանալուն պանդոկէն մեկնած պահէն սկսեալ հեւ ի հեւ զինքը բերած էր հիւանդին սենեակը՝ ուր, ահա, կանգնած էր անկարող որեւէ շարժումի, որեւէ խօսքի, եթէ ոչ փախուստի ինքն իրմէ։ Ուրկէ պատուհանին առջեւ վարագոյրին հետ իր անհեթեթ խաղերը։ Ձեռքը կը դնէ վարագոյրին վրայ, որ ծածկած է պատուհանը, գոցելով փախուստի ճամբան։

Ճամբան, որ հարցումը իր պարունակութենէն պարպող պատասխանն է, թէեւ անկարող ամբողջովին պարզելու հարցումը, որ շարունակ կը լեցուի իր էութիւնով, միշտ պարապ եւ սակայն միշտ ալ լեցուն, կը թելադրէ իր շարժումները վարագոյրին առջեւ, մերթ ձեռքը վարագոյրին վրայ, մերթ նստելով թիկնաթոռին վրայ դէմքը առած ձեռքերուն մէջ չտեսնելու համար սենեակին տարածութեան վրայ իր վայրը, որ վայրն է հարցադրումին եւ ենթակայ անոր քաշողութեան, որովհետեւ այն պահուն որ նայուածքը կ’իյնայ օտար վայրին վրայ հարցումը կը ստանայ, ամբողջովին լեցուած, իր անհատնում գոյութեան իմաստը, իր գոհունակութիւնը, որ վերադարձն է դէպի յանցանքը իր գիտակցութեան՝ անդադար ներուելու պահանջին տակ, անդադրում պահանջ մը, որ սակայն հարցում մըն է միանգամայն, ինչո՞ւ մը, որ փոխանակ աճելու եւ լիութեան հասնելու, յանկարծ կը գտնուի հարցուպատասխանի հարուածին տակ՝ եկած անկողինին մէջ պառկած ցաւատանջ հիւանդէն, որուն կը նայի, կանգնած սենեակին մէջտեղը արձանային կեցուածքով մը։ Միշտ քանդուելու պատրաստ կեցուածքով մը, բայց միշտ ամուր, քարի պէս կարծր, յանձնուելու ու չյանձնուելու անորոշութեամբ պրկուած երբ բժիշկը ներս կը մտնէ, գունդ ու կլոր, գլորելով սենեակին դուռէն անկողին տանող տարածութեան վրայ մէկէն կանգ կ’առնէ հիւանդին սնարին մօտ ոչ առանց նայուածք մը նետելու իրեն վրայ, նայուածք մը, որ լռին կը հետեւի եւ ուր՝ հետապնդումով մը որ զինքը կը գամէ թիկնաթոռին՝ ուրտեղ ամբողջ մարմինը կը դողդղայ, բայց ներսը, որովհետեւ դուրսը տեսնուածը անշարժ զանգուած մըն է զուրկ ոեւէ զգայնութենէ եւ որ նայուածքին մէջ կը դնէ, անոր իրաւունք կուտայ նայուածքին մէջ դնելու ամբաստանող բառերը «հաւնեցա՞ք ըրածնիդ»։

Այդ բառերը կը մերկացնեն իր մտածումները, որ ահա դուրս եկած պղտոր հոգիէն իրեն այնքան ատելի կուգայ, բայց եկած ուրիշէն, որովհետեւ անհաճոյ, ընդոստ մերժումով մը իր ատելութիւնը կը նետէ դէպի բժիշկը։

Շարժումը, մտքին մէջ տեղի ունեցած մերժումի այդ շարժուձեւերը, որով ատելութիւնը կը տեղափոխուի դէպի բժիշկը, զինքը կը նետէ վարագոյրին ետեւը ուր կանգնած է, դէմքը պատուհանին, սենեակէն բացակայ եւ բացակայութեան մէջ գտնելով իր ազատութիւնը, որ իր վերագտնուած խանդավառութիւնն է՝ մտքին անծայրածիր թափառումները կարելի դարձնող։

Քիչ անդին ամբարտակին միալար աղմուկը կը վարագուրէ դիմացը գետափը եզերուած ծառերով ու ծառերուն եւ մացառներուն կազմած նեղ ճամբայէն կը սուրայ Նիքոլ հեծանիւին վրայ, ձեռքը ճօճելով օդին մէջ ու խնդուքով զարդարելով եւ կանցնին հրթիռներով բոցավառելով օդը։

Այդ քրքիչները ծնունդ կ’առնեն իր հեծանիւը գործածելու անճարակութենէն, որ կը ստիպէ Նիքոլին շարունակ ետ դարձ ընել սրընթաց վազքով մը ու ծաղրանքի խօսք մը նետելով անցած ատեն, բերանը բացած խոշոր, այնքան խոշոր որ ամբողջ դէմքը բերան մը կ’ըլլայ, ուրկէ անոր վրայ ունեցած առաւելութեան քրքշանքն է, որ կը թափի միջոցին մէջ, բայց երբ միջոցը ժամանակի կը վերածուի, ժամանակի անկիւնադարձին յանկարծ հեծանիւը խելակորոյս կը նետուի մացառներուն մէջ։ Այդ անկումը սակայն՝ զուրկ արկածի մը երեւոյթէն, ճշմարիտ խրախճանք մըն է անոր համար, որ կը յիշեցնէ պատերազմի թշնամի մարտանաւերուն վրայ նետուող ճաբոնական օդանաւերը, իրենց նաւորդներով ճանչցուած Քամիքազի անունով, որոնք մահուան մէջ կը գտնէին երկնքի արքայութիւնը։

Շպրտուած մացառուտի խոտերուն վրայ, հեծանիւը մէկդի, աչքերը գոց ու շրթունքները պրկուող ծամածռութիւններով, մարմինը գալարուն, կը նետուի իրեն վրայ, երբ կը հասնի անոր մօտ վախցած, ինքնակորոյս, Նիքոլ թեւերովը կը շրջապատէ զինքը ամբողջ ուժովը փարելով անոր ու համբոյրներու տարափով մը, մինչեւ որ թուլցած, կ’անշարժանայ երանութեան մը մէջ ու այն ատեն նուրբ մատներուն ծայրովը շոյելով իր երեսները մեղմօրէն, կը մրմնջէ «դուն աղուոր հեծանիւս, իմ սիրուն հեծանիւս»։

Հարցումը սենեակին միջոցը կը ճեղքէ։ Որովհետեւ միջոցը թանձրացած է հարցնողի խնդուքներով եւ հարցուողին տագնապովը, ծուռ ու մուռ ճամբայ բանալով կը հասնի հարցուողին քունքերուն։ Բնազդով կին՝ պատասխանը սպասման մէջ կը սպասէ։ Կը սպասէ քաղուելու համար հարցումին առնական մատներովը։

Բայց որովհետեւ հարցումը իր մէջ կը կրէ պատասխանը ի ծնէ, պատասխանը հարցումին գիտակից, անկէ ճանչցուած, ինքն ալ կը սպասէ։

Երկու սպասումները, մէկը միւսին մէջ իրականին մէջ հարցումն է, որ ծնած է սպասուած պատասխանէն՝ չ’աճապարեր, բայց կը տագնապի յամեցող պատասխանէն։ Պատասխան ըլլալու համար պէտք է որ ձայն ըլլայ ու այդ ձայնով հարցումը որ իր երկունքի տառապանքէն դուրս գայ, գոյութեան կանչուի։ Ամէն հարցում նախ տառապանք է հակառակ պատասխանը իր մէջ կրելուն, իրմէ չճանչցուած, դեռ կը սպասէ պատասխանին որ չի գար, քանի որ կը լռէ, կը յամառի ձայն չըլլալու որոշումին մէջ։ Ու այսպէս կը շարունակէ կեանքի մէջ բնակիլ, անդադար սպասելով որ պատասխանը ձայնի ալիքներուն օգնութեամբ հասնի հարցումին վաւերական իրաւասութիւն մը փոխանցելու համար, բայց այդ հանգամանքն է որ կը մերժուի իրեն, քանի որ պատասխանը կը շարունակէ լռել։ Կը շարունակէ լռել որովհետեւ, երբ հարցումը դիպուկ կերպով կը մօտենայ պատասխանին, յանկարծ, անսպասելիօրէն դիմակազերծ ընելով զայն, պատասխանը կը թաղէ անոր պարունակութիւնը իր խօսքին ոլորտներուն մէջ, ճիշդ այն պահուն, որ ներսի ձայնը, արթնցած, հաղորդակցութեան ճամբան կ’որոնէ ինքզինքէն պարպուելու գոհունակութեան համար։

Եւ այսպէս է, որ պիտի ըսէր։ Այո, բարձրաձայն պիտի ըսէր։ Պատրաստ էր ըսելու, բայց հիւանդին վերսկսող գալարումներէն աւելի, որ հաղորդակցութեան ճամբան կը գոցեն, իրեն տրուած անունը օգտագործելով, կը շեղէ ճամբան վիրաւորուած արժանապատուութիւնը փրկելու համար եւ սակայն խամաճիկային ըմբոստութիւն մը միայն կ’ըլլայ։ «Ես կատու չեմ։ Իմ անունս Մինաս է։ Ես Մինէ չեմ։ Մինէ կատուին կ’ըսեն»։

Ըմբոստութիւնը կարճ կը տեւէ, որովհետեւ արուեստական, պոռթկում մը՝ որ կը ծառայէ ետ մղելու ներսէն բարձրացող ձայնը, զոր հարցումը մերկացուցած է, ի յայտ բերելով ներքին իմաստը, որմէ վախնալով կ’ապաստանի «Մինէ»ի դրուագին ծոցը ու կ’իյնայ ջերմաչափի մը դիւրազգացութեամբ յուզական ոլորտներուն մէջ։

Հիւանդին թեւերը, զոր բժիշկը մեկնելէն առաջ վերմակին տակ անցուցած էր, կրկին վերմակին վրայ են։ Թեւերը մերկ են։ Սպիտակ, երկայն թեւերը, որ կը գրկէին զինքը, ինչպէս ընդծովեայ բուսական անասուններուն շերեփուկները, որ կը յարձակին դաւաճանութեամբ եւ անգթօրէն որսին վրայ ու կը գոցուին անոր վրայ հանդարտ ու շքեղ գալարումներով, կը սեղմէին անոր մարմինը, յետոյ քնքշօրէն ու գգուալից դառնալով Մոնիքին կը բացագանչէր. «նայէ, Մոնիք, նայէ իմ Մինէս ինչ տարօրինակ է»։

Երկայն ու վարդագոյն մատներով կը շոյէ երեսները, մազերը, ինչպէս կ’ընեն հնազանդ կատուի մը, որ կը խռկայ, կ’ալեծփի գգուող մատներու տակ, գոհ ու երանելի։ Կը սիրէ յանձնուիլ այդ թեւերուն եւ անոնց տուած բուռն խենթութեան, այնպէս ինչպէս երազած էր Լիւքսէնպուրկի պարտէզին մէջ Մոնիքին զուարճալի բան մը պատմած ատեն, մերկ թեւերը կը ճօճէր ծառերուն սաղարթէն կախուող արեւի կախարդական լոյսին մէջ՝ ուր պարային ծէս մը կը կատարէին քաղցր նուագէ մը հմայուած։

Այդ խեղճ սպիտակ թեւերը, անոյժ, լքուած, անտէր, հմայաթափ, իրեն խելագար համբոյրներուն կարօտ՝ կրկին գգուելու համար գլուխը, երեսները ու կանչել «Մինէ՜, Մինէ՜» իր զուարճացող ձայնովը։ Խեղճ, թեւեր, երկար ու բարակ թեւեր, որ չեն կրնար գազանացած Մինասը կատուի փոխել։

Բան մը կը խլրտի ներսիդին։ Անկարելի զգացումն է որ սկսած է կարելիի սահմաններուն մօտենալ։ Սահմաններուն՝ ուր ան խօսք պիտի ըլլայ ու ձայնի թեւերով հասնի հիւանդին ականջներուն, իջնէ հոգիին խորքը ու լոյս սփռէ հոն ու այդ լոյսէն լուսաւորուի նաեւ իր հոգին։ Թեթեւնայ ու սկսի ճախրել։

Ահա տեղէն պիտի շարժի։ Դէպի անկողինը շարժում մը կը գծէ մարմնին վրայ սաստելով այն նենգաւոր ուժը, որ զինքը անշարժ կը պահէ։ Կը մօտենայ անկողինին կատուի զգուշաւոր ու թաւշային քայլերով, սիրտը տրոփուն, որովհետեւ անկարող ամիսներու լռութիւնը խզելու եւ երթալ թեւերը ուսերուն վրայ առնել, գլուխը հանգչեցնել կուրծքին վրայ, զգալ վերջապէս սրտին ալեծածան օրօրումը։ Առաջին քայլը զոր կը նետէ գորգին վրայ ու ազատ միջոցին մէջ, բայց իրեն կը թուի թէ անխորտակելի պատի մը առջեւ կը գտնուի։ Հազիւ երկրորդ քայլը առնելու վրայ է, կանգ կ’առնէ։

Հիւանդը բուռն ցնցում մը կ’ունենայ ու կը պոռայ։ Կարծես վերջին ճիչը կ’արձակէ ընդմիշտ անէութեան ծոցը իյնալէ առաջ։ Ճիչը կը թաղուի դէմքին խճճուած գիծերուն մէջ ու ցաւը կը տուայտի, մարմինը ծայրագոյն պրկումով մը կորացած լայնալիճ աղեղի մը նման ու յանկարծ կ’աղաղակէ.

–Պիտի սպաննէ, Մինէ՛, պիտի սպաննէ զիս։

Փայտի պէս կեցած է սենեակին մէջտեղը։ Հիւանդին աղաղակը կը ցնցէ զինքը։ Գլուխը կը դարձնէ դէպի պատուհան։ Նայուածքը կը փախչի վարագոյրին բաց մնացած անկիւնէն, բայց չի հասնիր դուրսի ազատութեան։ Դուրսը անհունօրէն հեռու է, անհասելի տեղ մը, որ թերեւս գոյութիւն չունի։ Նայուածքը կը վերադառնայ պատուհանէն, դուրսէն ներս շուարած ոստում մը ընելով, պոչը ետեւի սրունքներուն մէջ ծուարած շունի մը պէս։ Աչքերը կը պտտցնէ առանց գլուխը շարժելու ու կը հանդպին լապտերին կանաչ լուսամփոփին, որ իրեն կը վերադարձնէ իր ներկայութեան զգացումը սենեակին մէջ։ Սենեակը ժամանակէն դուրս մնացած բեկոր մըն է, անդադար հեռացող ու խրուող մահաբոյր լռութեան մէջ։

Լռութիւնը համակած է ամբողջ էութիւնը։ Ոչ մէկ հնչիւն կը հասնի ականջներուն, երբ շղթայազերծ ամբոխը վրան կը յարձակի։ Միայն աչքերը կը դիտեն ձիւնի փաթիլներուն պէս սրահին վրայ ինկող թռուցիկները որոնց ծրարը ծոցէն հանելով շպրտած էր օդին մէջ, մինչդեռ ամբողջ վոհմակը զինքը պաշարած, ձեռքերը կաշկանդած, ամէն կողմերէն բռունցքի հարուածներ կ’իջեցնէ դէմքին, գլխուն, կողերուն անյագուրդ մոլուցքով մը։ Ոտքի հարուածներ ծունկերուն վրայ եւ ուժասպառ գետին կ’իյնայ աքացիներու տեղատարափին տակ։ Ու կը սկսի երազել։ Մանուկ մը գոց թարթիչներուն տակ պահուըտած ծաղկազարդ մարգագետնի մը վրայ կը վազէ ծաղկէ ծաղիկ, թիթեռնիկէ թիթեռնիկ ու ահա մայրն է որ կը կանչէ անդիէն, որովհետեւ կը կանչէ յանդիմանելով, երեխան կը փախչի իր փոքրիկ սրունքներուն ամբողջ ուժովը, բայց մայրիկը կը հասնի, կը բռնէ զայն ու պզտիկ մարմինը գրկին մէջ առնելով համբոյրներով կ’ապտակէ անհնազանդ փախստականը։

–Մինէ՜, ի՞նչ կը մտածես, շունչդ բազկերակի պէս կը զարնէ։

Առաւօտեան դէմ ցաւերը աւելի սոսկալի են։

Անկապ պատկերները միտքը կը պղտորեն։ Ինքզինքը կը տեսնէ խուճապի մատնուած բազմութեան ոտքերուն տակ, կը տեսնէ ոստիկանին դէմքը ու թմրութեան շնորհիւ ստեղծուած երազային վիճակը կը ցնդի։

Եւ ահա անկողինին մէջն է եւ լոյսը պիտի ծագի քիչ վերջը։ Ոտքի ելլելու առաջին փորձը կը ձախողի։ Կողերուն վրայ ցաւերը կ’արթննան։ Կը սկսի գալարիլ, պրկուիլ ինչպէս գետինը ոտնակոխ եղած որդը։ Տփոցէն տրորուած մարմինը կարծրացած է։ Շարժում մը եւ ահա ոսկորները պիտի կոտրին։ Մարմինին պէս հոգին եւս թանձր ու պիրկ է։ Մտային դարձդարձիկ ստուերներուն մէջէն իմացականութեան նշոյլներ շեղակի ուղիներով կը յաջողին մերթ ընդ մերթ առկայծիլ իրականութեան վրայ, ուր դէպքերը հազիւ ուրուագծուած կը մխրճին խորունկ յոգնութեան թմբիրին մէջ։ Երբ ոստիկանը զինքը գետնէն կը վերցնէ, անոր կը նայի գրեթէ զղջումով։

Ոստիկանին միջամտութիւնը վերջ դրած էր այն երանելի զգայնութեան, որ դէպի մանկութիւն վերադարձն է։ Երբ ոստիկանը կը փորձէ զայն հեռացնել ամբոխին հարուածներէն, ծունկերը կը կթոտին, մարմինը կը ծալլուի ու գետին պիտի իյնար եթէ կրկին ոստիկանը չի բռնէր ուսերէն։ Աղօտ լոյսին մէջ կը տեսնէ շուրջը խռնուած մարդոց ստուերները, կը ժպտի անոնց, որոնք դեռ պատրաստ էին հարուածներ իջեցնելու վրան։ Նոյն միջոցին քովը կը շարունակուի կռիւը։ Ոստիկանը հազիւ գլուխը միւս կողմ դարցուցած, քովէն երիտասարդ մը բռունցքի ուժեղ հարուած մը կուտայ քունքին ու գետին կ’իյնայ կրկին գտնելու համար կորսուած մարգագետինը՝ ուր կը յայտնուի արեւին տակ խայտացող մանկիկը ու հեռուն՝ մայրը, որ կը վազէ, կը վազէ իրեն կողմը, հեւքոտ ու սրտատրոփ։ Ոստիկանը արագ շարժումով մը բռնած ըլլալով բռունցքը իջեցնողին ձեռքը երկուքը միասին կ’առաջնորդէ մօտակայ ոստիկանատունը։ Ճամբան երանելի ժպիտ մը երեսին անմար կը մնայ ծեծողներուն հանդէպ գրեթէ շնորհապարտ զգացում մը տուն կուտայ այդ ժպիտին եւ կամ, միեւնոյնն է, ներքին խաւարին մէջ յամեցող տեսարանէն՝ ուրկէ յառաջացող մօրը երկարած թեւերը իրեն հետ բռնուած երիտասարդին ձայնը աչքերը վեր առնել կուտայ։

Առաւօտ է։ Երբ կը փորձէ ոտքի ելլել, կողերուն ցաւերը սրտաճմլիկ դէմք մը կուտան իրեն։ Մարմինը կը գալարուի։ Ճիգով նորէն կը փորձէ ոտքի կանգնիլ։ Արդէն ոտքի է։ Կը զարմանայ թէ ինչպէ՞ս այդքան դիւրութեամբ ոտքի ելած է։ Աչքերը որ վեր առած էր, կը բանայ։ Հիւանդը անկողինին մէջ գլուխը թեթեւ մը վեր առած իրեն կը նայի աչքերը խոշոր խոշոր բացած։

Մինէ, ի՞նչ ունիս, հիւա՞նդ ես։ Մօտեցիր, ինչո՞ւ ոտքի վրայ կեցեր ես։

Կը շարունակէ ոտքի վրայ մնալ, երկու ձեռքերով երեսները ծածկած։ Հիւանդին աչքերուն չի կրնար նայիլ։ Անսահման յուսահատութիւն մը իջած է վրան։

Հարցումը սենեակի միջոցին մէջ կը մնայ սպասելով պատասխանին, որ չի գար, բայց պատասխանը արդէն հարցումին մէջ է, հարցումին՝ որ ծնած է յամեցող պատասխանէն։

Յանկարծ կը հասկնայ։ Անսահման ու անտանելի յուսահատութիւնը, որ տարերային ուժով մը կը ծանրանայ սրտին վրայ, արդիւնքն է իր ներսը տեղի ունեցող մակընթացութեան եւ տեղատուութեան տեւական շարժումին, ներքին այն մտային խլրտումին որ չի ձգեր մտածումը որ լրումին հասնելու՝ շարունակ կազմուելու եւ լուծուելու դատապարտուած, որովհետեւ անհանդուրժելի է իրեն ընդունիլ դուրսէն եկած ամբաստանութիւնը իր պատասխանատուութեան, երբ ինքը ինքնաբերաբար պատրաստուած է ստանձնել նոյն այդ ամբաստանութիւնը։ Մէկուն մերժումը միւսին պարտադրութիւնը չքացնող տագնապէն յառաջ եկած յուսահատութիւնը զինքը կը պահէ ջլատիչ կրաւորականութեան մը մէջ, գամուած տեղն ու տեղը, անկարելի փախուստի մը ճամբայ փնտռելու դատապարտուած, թէեւ հիւանդին «ինչո՞ւ»ն պահ մը եկած էր քակելու ներքին տագնապը, երբ գրեթէ անգիտակցաբար պատասխանած էր «որովհետեւ» բայց իյնալով ու խեղդուելով ներքին խլրտումներու դրոյթին մէջ, առանց հետք ձգելու կը կորսուի։ Եւ սակայն ոչ բոլորովին կորսուած։ Անգուշակելի անկիւնէ մը յանկարծ դուրս կը ցատկէ, դրդուած ու գրգռուած Մոնիքի թաւ ու խիստ ձայնէն, որպէսզի, ակնարկութիւնը ըլլայ անխուսափելի, հասնի իր նպատակին, այսինքն գայ խայթել իր խիղճը սմսեղուկ վճռականութեամբ մը մեղրային հոսանուտ ընթացքի մը մէջ, ոլոր մոլոր յառաջանալով միջոցէն։ «Եթէ մեռնէր անգամ լուր պիտի չունենայինք»։ Մոնիքին փափկանկատութիւն չի վերագրեր, իր արտաքնապէս փափկանկատ նախադասութեանը համար՝ ուրկէ անփափկանկատութիւն մը կը ծորէր, որ ներքուստ ծալքերէն, որովհետեւ անբաստանութիւն մըն էր ան, բարեձեւ հանդերձանքով զգեցած եւ ուղղուած իր հասցէին, թէեւ անդէմ այդ «պիտի…չունենայինք»ը, այսինքն՝ բոլորը, բժիշկը, Մոնիքը, ինքը։ Այո, եւ ինքը։ Հոտ է որ խոցը կը պտտկի ճանճի մը պէս իր գանկին մէջ ու կ’իջնէ սրտին սահմաններէն ներս։ Ինքը՝ որ ստանձնած էր հիւանդապահի պաշտօնը՝ պարտազանց եղած էր եւ «լուր պիտի չունենային»։ Մոնիքը եւ բժիշկը իրեն յանցանքով։ Չէ՞ որ յանցանքի վրայ բռնուած ըլլալու զգացումէն կուգար իր փախուստը վարագոյրին ետեւ եւ ոչ թէ այն ընդդիմութենէն, որ կայ իր եւ Մոնիքի միջեւ, չըսելու համար ատելութիւնը տակաւին անբացատրելի մնացած։ Եւ սակայն յանցանքի զգացումը գերակշիռ է հիմա իր մէջ Մոնիքին հանած վայնասունէն ի վեր որովհետեւ ձայնը որ եկած է միջոցը խուզարկելով, միջոցին մէջ երկարած խխունջի ականջներուն նման, ճշմարիտ վայնասուն մըն է՝ սնած նոյն վախէն թէ կատարուած է աննորոգելին ինքն իր մէջ բնակուած, կծկուած, կտրուած ոեւէ արտաքին յարաբերութենէ, նեղ ու խեղդուկ մտային միջոցին մէջ դէմ դիմաց կը գտնուի իր յանցանքին զգացումին հետ։ Իրաւ է, ինքը պնդած էր հիւանդին վրայ հսկելու մենաշնորհը ունենալու համար, բայց ատիկա պարտականութենէ կամ հոգածութեան զգացումէ աւելի, եսասէր հետապնդում մըն էր օգտուելու համար տրուած առիթէն, գլուխ գլխի, ջանալով ծուէն ծուէն պատռտել առեղծուածը պարզելու համար մթնոլորտը եւ գտնել վերջապէս իր սէրը, որ երբեք չէր դադրած ըլլալէ Նիքոլը։ Եւ սակայն հիմա որ հիւանդին սենեակին մէջ է, չի կրնար գտնելսրտի զեղումներու ճամբան երբ այնքան դիւրութեամբ երեւակայած էր նախ քան սենեակ մտնելը, դրան ետեւը, նրբանցքին մէջ, կ’ուզէր վազել սրտատրոփ դէպի անկողինը, ծունկի գալ, գլուխը հիւանդին ուսերուն վրայ դնել ու արցունքներու հետ թափել ներողութիւն հայցող փրկարար խօսք մը։ Բայց սիրտը չի ձգեր որ միտքը բացուի։ Սիրտը պնդացած է ցաւէն։ Սիրտը կը դողայ վերահաս վտանգի մը առջեւ, որ ահա, պայթելու վրայ է։

–Բժիշկին հեռաձայնեցի։ Հիմա պիտի գայ։ Պէտք է անմիջապէս բուժարան փոխադրել։

Մոնիքին անայլայլ արտասանած խօսքերը զինքը կը մխրճեն իր մէջ կայծակի արագութեամբ ու յանկարծ լքուած, որբացած, միս մինակ է, մինակ է այն զգացումին հետ, որ մայիս 28­ի գիշերը Պուլվար Սէն Միշէլի դիմացի մայթէն եկած էր, երկինքէն ինկած քարի մը պէս, ու ճզմած էր զինքը ասդիի մայթին եզերքը եւ որմէ անդադար խոյս տուած էր եւ որ այս անգամ յստակօրէն կը յայտնուի իր մէջ, իր յանցանքը՝ եղած ամբաստանութիւն։ Այո, այո, միակ ամբաստանութիւնը որ ընդունելի է, այն է որ կուգայ իրմէ եւ իրմէ կ’ուղղուի իրեն։ Անսահման հանգստութիւն մը կ’իջեցնէ վրան։ Ներքին հանգոյցները կը քակուին, ամպերու պէս որ կը շարժին, իրար կը բախին, կը բաժնուին ու կը թափեն իրենց պարունակած ջուրերը երաշտ դաշտերուն վրայ։

–Կուլա՞ք կոր, կ’ընէ յանկարծ Մոնիք յուզուած, ձեռքը մեկնելով անոր ուսին։ Եւ որովհետեւ առաջին անգամն է որ Մոնիք կարեկցութիւն ցոյց կուտայ իրեն, հոգին անսահման բայց անտանելի երանութեամբ մը կը լեցուի։

Մոնիք միւս ձեռքն ալ կը դնէ Մինասի միւս ուսին վրայ։

–Բայց լալու պատճառ չկայ այսքան պարզ բանի մը համար։

–Բայց դուք չէք գիտեր թէ ինչքան տառապեցաւ ամբողջ գիշերը։

Եւ պիտի աւելցնէր… «իմ յանցանքովս» բայց չի կրնար։

Կռնակը պատուհանին դարձուցած նստած է թիկնաթոռին վրայ։ Աչքերը տակաւին բաց են ու սիրտը տրոփուն, որ սկսած է հանդարտիլ։ Կը նայի սենեակին կեդրոնին՝ ուրկէ նոր ազատած է, անոր թաւալուն, ճիրաններէն եւ որոշ անձկութիւն մը դեռ կը համակէ սիրտը։ Սենեակին կեդրոնը, թէեւ մօտ, իրեն կը թուի հեռաւոր վայր մը իրեն կապուած պորտակապի նման բանով մը՝ ուրկէ իր մէջ կը հոսի իր տառապանքին ծուէնները, որովհետեւ այդ վայրը իր տառապանքին վայրն է՝ ուր տեղի կ’ունենայ զգացումին խօսքի փոխուելու գործողութիւնը, բայց կամքին տկարութիւնը կ’արգիլէ անոր իրականացումը։

Ու ահա նստած է պատուհանին առջեւ, թիկնաթոռին վրայ ու կը նաւարկէ իր անկիւնէն սենեակին կեդրոնը եւ փոխադարձաբար անքակտելի կարօտով մը։ Հոն ուր որ է ազատութեան հով մը կը փչէ ու կ’արձակէ ստեղծագործ երեւակայութիւնը, որ իրեն կը վերադարձնէ իր գոյութիւնը հաստատող էակը։ Այսինքն այն պահը, որ իր խոստովանութեան պահն է։ Հիմա յստակ կերպով կը տեսնէ ինչ որ կուրծքին մէջ կը բարձրանար ու կը կորսուէր ներքին ոլորտներուն մէջ, պրկումով մը որ կը խեղդէր պահանջը իր սաղմին մէջ, առանց որ կարենար ըլլալ խոստովանութիւն, ինչպէս իրողութիւն մը չեղած Նիքոլին որովայնին մէջ իր սաղմէն ծլած որդին։ Պիտի ըսէ, պիտի պոռայ, բայց ըսելիքը անկարելիութեան մէջ կը գտնուի հասնելու համար նոյն վայրը, որ հիմա թաղուած է անցեալին մէջ։ Հոնկէ՝ ուր կը տուայտի վերադարձի կարօտովը, այս համատարած բացակայութեան մէջ, որ կ’երկարի մինչեւ կղզիի տունը, խաղաղ սենեակին մէջ՝ ուր Նիքոլ կը պատրաստուի խօսելու եւ վերջապէս կուրծքը ուռած կը խօսի, երբ վերջացուցած է իր տխուր պատմութիւնը ու կը լռեն։

–Ուրեմն հիմա խմբագիր էք։

Սենեակին մէջ կը տիրէ վերին աստիճանի մտերիմ մթնոլորտ մը, գաղջ խնդուքի յետսապահ շշուկներով բնակուած, սակայն անսովոր բան մը կը թպրտայ հոն, ինչպէս որդը պտուղին մէջ։ Կարծես թէ մինակ չեն։ Մէկը եկած կը խանգարէ այդ մտերմութիւնը։ Հակառակ իր քիչ մը երեխայական խանդավառութեան՝ տեսակցութիւնը պաշտօնական հանգամանք մը առած է, թերեւս երրորդի մը ներկայութեան պատճառով, որ սենեակը ինքն է եւ որ կ’ապրի առանձին իր շունչովը։

–Ահ, ոչ, սխալ չհասկցուիմ։ Չկարծէք որ ձեր առջեւ փայլելու փորձ մըն է ըրածս։ Մեր թերթերուն խմբագիրները յաճախ ամէն բան են։ Թերթ ծալլել, հասցէ գրել, բաժանորդներու ետեւէն վազել։

Նայուածքը ետ կ’առնէ բազմոցին ոտքերէն, սեղանին տակի ալժերական ճերմակ գորգին վրայ կը պտտցնէ, յետոյ վեր կ’առնէ պատերուն վրայ կը տանի՝ ուր հիացումով կը նայի գերիրապաշտ նկարներուն, որոնց մէջ կրնայ որոշել Արբ մը, Ժուան Կրի մը, Իվ Դանկի մը, Բիքապիա մը, Բիքասօ մը ու կը կենայ աջ անկիւնի կաղնեփայտէ գրադարանին վրայ։

–Աղուոր գրադարան ունիք։

Նիքոլ որ հետեւած է նայուածքին, կը պատասխանէ պարզութեամբ.

–Ասիկա իմս չէ։ Ձեր տեսածներէն ոչ մէկը իմս է։ Ես հոս իմ կռնակս ունեցածներէս զատ բան մը չունիմ։

Նայուածքը մէկէն կը տանի Նիքոլին վրայ՝ հարցական։

–Այս բոլորը պարոն Տը Լա Ֆօսին կը պատկանի։ Կը ճանչնա՞ք Պր. Տը Լա Ֆօսը։ Չէ՞ք ճանչնար։ Պարոն Տը Լա Ֆօս իմ գործատէրս է։

Ակամայ՝ նայուածքը գետին կ’իյնայ։ Կը սողայ առանց հանգչելիք տեղ գտնելու։ Ի վերջոյ կը թառի ձախ անկիւնը Լուդովիկոս 15րդ փոքրիկ սեղանի մը վրայ կանգնած Սեւռի կապոյտ թաղարին։

Լռութիւնը որ հաստատուած է հիմա, խզելու համար, Նիքոլ, քաջալերական, կ’ըսէ.

Դուք հայերդ քաջ ժողովուրդ մըն էք։

Օհ, ոչ, պարզապէս մենք չենք մերժած պարտադրուած պայմանները եւ կրցած ենք պատմութեան արանքներէն սողալով մինչեւ հոս հասնիլ։ Կը հասկնա՞ք շնորհիւ մեր համակերպութեան։

Ու յոխորտացած ըլլալու մտածումէն դժգոհ եւ մղուած նուաստացած ըլլալու սուր պահանջէ՝ անմիջապէս կը պատասխանէ.

Կը կարծէք որ խմբագիր ըլլալը քաջութիւն է։ Քաջութիւնը տիկին Հօրթանսը սորվեցուց ինծի։ Արդէն կ’ուզեմ անոր սորվեցուցած արհեստին վերադառնալ։

Այն պահուն սխալ ճիւղի մը վրայ կոխած ըլլալու զգացումը կ’ունենայ։ Քիչ մնաց պիտի իյնար եւ Նիքոլին պատկերը պիտի աւրուէր իր տեսողութենէն։ Ինչպէս միշտ, ինքը կը բանար փոսը՝ ուր պիտի գլորէր նորէն։ Նիքոլին դէմքը կարծրութիւն մը ստացած էր։ Ներքին խոր շարժումը դէմքին գիծերը լարած էր ու պահ մը այդպէս կը մնար։

–Տիկին Պէտիէ մեծ համբերութեամբ վարուեցաւ ինծի հետ։ Սկիզբները այնքան ձախաւեր էի որ ատենը մէյ մը պնակ մը կամ գաւաթ մը ձեռքէս կ’իյնար փշրուելով գետինը։ Իրապէս շատ ազնիւ էր տիկին Պէտէն։ Գիտէ՞ք կարծուածին չափ դիւրին չէ աման լուալը։ Բազմաթիւ պնակներ պէտք է առնել ձախ ձեռքին վրայ։

Թեթեւ, խեղճուկ խնդուք մը կ’ըլլայ կոկորդին մէջ, հասկցնելու համար թէ գրեթէ ձեռնածուի կարողութիւնը պէտք է ունենալ աման լուալու համար եւ այս առանց նայուածքէն կորսնցնելու աղջկան դէմքը։ Նայուածք մը թէեւ, անուղղակի, բայց այնպէս աղջկան դէմքը առած է իր շրջագծին մէջ, ինչպէս լուսարձակի մը ճառագայթներու ցանցին տակ։ Ամէն պարագայի իր մտահոգութեան առարկան աղջկան դէմքին վրայի խճճուող գիծերուն կարծրացումը արգիլել է։ Խորհելով թէ աման լուալու ստորադաս աշխատանքը կրնայ գթութեամբ անոր դիմագծերուն թուլութիւն բերել ու ժպիտ մը ուրուագծել անոնց տեղը, թեթեւսօլիկ խնդուքով մը շարունակ կը կրկնէ իր պատմութիւնը։ Բայց ինչ որ տեղի կ’ունենայ ճիշդ հակառակն է։ Աղջկան դէմքը կը մթագնի։ Զայրացած աչքերը կայծեր կ’արձակեն։ Բերանը բրտօրէն կը բացուի առանց տգեղցնելու այդ արտայայտութիւնը, նոյնիսկ վայրագ գեղեցկութիւն մը կը տեսնայ ու «լռեցէ՛ք» կը պոռայ մէկէն ի մէկ։

Շուարումը այնքան սոսկալի էր որքան կը խորհէր դիւրիմացութիւնը կարգադրած ըլլալ Հօրթանսը տիկին Պէտիէի վերածելով եւ յաջողած էր միայն շփոթութիւն մը ստեղծել իր ձախաւերութեան պատճառով եւ այդ, պահու մը՝ ուր, եթէ ոչ մարմինները, գոնէ սիրտերը իրար մօտենալու ճամբու մէջ էին։ Այո, պահու մը, որ վայել չէ երրորդ անձի մը միջամտութիւնը այնպիսի սմսեղուկ միջոցով մը որ է իբր թէ ապաւինելը գործնական արհեստի մը։ Այն կէտին՝ ուր հասեր էր «սրտերու մօտեցման» խախտումով, սխալ նախզգացումովը հետեւելիք անապահովութեան, մեքենաբար կը նետուէր անմիջական ապահովութեան տաք ջուրերուն մէջ, ինչպէս ծովը ինկողը օձին կը փաթթուի յանուն փրկութեան, ինքզինքը գտած է Հօրթանսի թեւերուն մէջ։ Ու յանկարծ վախով մը որ Նիքոլը կորսնցնելու վախն է, Հօրթանսը տիկին Պէտիէի հետ փոխանակելով յանգած է արհեստին, առանց խորհելու թէ երկուքը մետալի մը երկու երեսները կը կազմեն։ Ահա թէ ինչո՜ւ պատուհանին առջեւ կեցած քաղաքին մէջն ու վրան թափառելէ վերջ կուգայ նստած նորէն աթոռին վրայ, ականջները սրած կը մխրճուի ձայնին ներքին ոլորտներուն մէջ։

***

Հեռուէն հեռու, մութին մէջէն կառքին աղմուկին հետ ու անոր մէջէն, արագ եւ անընդհատ գնդացիրի նմանող խելացնոր պայթիւններ ականջներուն կը հասնին։ Ճարճատիւնը հետզհետէ կը թաղուի միջոցին մէջ, բայց հոն կը տեւեն դեռ անոր հարուածները, որոնք այլեւս կառքէն չեն, քանի որ արդէն կառքը հեռացած, գացած է քաղաքին խորքերուն մէջ։ Անոնք երկինքէն կ’իյնան, օդին մէջէն կ’անցնին ու կը զարնուին կուրծքին անդադար բաղխելով, մինչդեռ կը քալէ գետափին մատոյցին վրայէն, դանդաղ ու ինքնամփոփ կառքին գացած հակառակ ուղղութեամբ։ Կ’ուզէ արագ քալել կամուրջին վրայ, երբ կը դառնայ աջ արմուկին կողմը աւելի առաջ հասնելու համար սենեակը, բայց մեքենային պայթիւնները կարկուտի նման երկինքէն կը թափին իր վրայ, մէջքը կը ճկեն։ Քայլերը կը դանդաղին հակառակ արագ քալելու փափաքին։ Նոյնիսկ անկանոն քալուածք մը ունի նոր վիրաւորուած մարդու մը պէս։ Հասնելով կամուրջին ծայրը կանգ կ’առնէ Սէնթ Ժընըվիէվի յուշարձանին դիմացը, որ վերը բարձր սիւնին գագաթը, հորիզոնին վրայ ցցուած, կը հսկէ քաղաքին՝ որուն պահապան սրբուհին է։ Սրբուհին իր սլացիկ կեցուածքովը երկինքի խորքին իրեն կը յիշեցնէ Նիքոլը երբ Լիւքսէնպուրկի պարտէզին մէջ այդպէս կեցած նուրբ հասակովը, փոքրիկ գլուխը դարձուցած Մոնիքին, անդադար կը խօսի կրքոտ, Նիքոլը որ պարոն Տը Լա Ֆօսին հետ կառքով մեկնած է, ոչ թէ քաղաքին խորքը, փողոցներու լաբիւրիւնթոսին մէջ, այլ՝ օդապարիկով բարձրացած է գիշերային մթութեան մէջ, միշտ աւելի սուզուելով նման մեղուներուն՝ որոնք երկինք կը բարձրանան հարսանեկան թռիչք կատարելու համար։

Կառքին պայթիւնները մարած ու չքացած միջոցին մէջ՝ ուր երբեք եղած չըլլային կարծես, լուռ ու խուլ, որոտացող շարժումի մը ներկայութիւնն է իր մէջ, անհանգստացնող, որ կը թափառի սրտին ու թոքերուն շրջանները, մինչեւ ատամները որ կը սեղմուին, մինչեւ աղիքները, որ կը պրկուին, վերջապէս մուտք գործելով ուղեղին ոլորտներուն մէջ, յանկարծ մեծ աղէտի մը փոխուելով։

Մեծ դժբախտութիւն մը։ Դժբախտութիւնը բռունցքի ձեւին տակ ինկած է փորին վրայ, երկու ձեռքերը փորին վրայ զայն պաշտպանելու համար հարուածին դէմ, բայց միայն կրցած է իրանը ծռել, գրեթէ քառասունըհինգ աստիճաննոց անկիւն մը կազմել մարմնին վարի կէսին հետ ու սպասողական դիրքով։ Կը սպասէ։ Ի՞նչ բանի կը սպասէ։ Թերեւս կը սպասէ որ անցնի ցաւը։ Գոց աչքերով դէմքը ցցուած միջոցին մէջ, վզին ջիղերը պրկուած ամբողջ դէմքը հարցում մըն է։ Հարցում մը՝ տրուած ինքզինքին կամ ոեւէ մէկուն, քանի որ ամբողջ դէմքը հարցում մը ըլլալով հանդերձ, նաեւ օգնութեան կոչ մըն է։

Մէկը կ’անցնի քովէն, կը ծռի ու կը հարցնէ։

–Բա՞ն մը ունիք։ Պէ՞տք է օգնել։

–Ոչ, ոչ, կ’ընէ, բան մը չունիմ։ Ես ալ ինծի հարց կուտամ։ Բան մը չունիմ։

Բան մը չունի։ Սխալեր է։ Կը կարծէր որ մէկը դանակի հարուած է տուաւ փորին։ Բայց ոչ, բան մը չունի։ Կը նայի ձեռքերուն։ Ձեռքերուն վրայ արիւնի հետք չկայ։ Միայն Նիքոլն է որ վերը, երկինքին մէջ հարսանեկան թռիչք կը խաղայ։ Երկինքէն օդանաւ մը կ’անցնի խոշոր դղրդիւն մը հանելով։ Վառած լոյսերով օդանաւը կը ճեղքէ անջրպետը։ Նիքոլ նստած է պարոն Տը Լա Ֆօսին քով, օդանաւին մէջ, թերեւս ուս ուսի ու կը բարձրանան։ Կը բարձրանան, քանի որ օդանաւը կը կորսուի օդին մէջ տանելով Նիքոլն ու պարոն Տը Լա Ֆօսը հարսանեկան թռիչքի մը համար։

–Ի՞նչպէս, տակաւին պատրաստ չե՞ս, բայց չէ՞ որ ուշ մնացած ենք։

Պարոն Տը Լա Ֆօս Նիքոլին հետ խօսելով հանդերձ, նայուածքը իր վրայ է։ Նայուածքը դժգոհութիւն կ’արտայայտէ եւ այդ դժգոհութեան պատճառը ինքն է։

–Ծանօթացնեմ, կ’ըսէ Նիքոլ, պարոն Եէ… Եէ…

Անունը ձուկի փուշի պէս կոկորդին մէջ կը մնայ։ Չի կրնար հանել եւ ոչ ալ վար իջեցնել։ Մեքենաբար մէջ կը նետուի «Երազեան» կ’ընէ, ու դունչը կը կախէ օդին մէջ։ «Ուշ մնացած են… բայց ի՞նչ բանի համար»։ Կ’ուզէ հրաշքով մը ջնջել իր ներկայութիւնը։ Բայց որովհետեւ հրաշքը անկարելի է, կը փորձէ շարժում մը ընել ոտքի ելլելու համար, աննշմարելի շարժում մը, որ Նիքոլի ուշադրութենէն չի վրիպիր։

–Կեցիր, ամէնքով դուրս կ’ելլենք հիմա, երկու վայրկեանէն։

«Երկու վայրկեանէն պիտի երթան»։ Ծանր տխրութիւն մը կ’իյնայ վրան։ Անմիջապէս արտասովոր ոգեւորութեամբ մը Նիքոլ կը պայթի.

–Գիտե՞ս Ժագ, պարոն Եէ… ԵԷ… Երազեանը նշանածս է։

Մինաս նստելու համար ճիգ ընելու պէտք չ’ունենար։ Նիքոլի վերջին խօսքերէն շշմած տեղն ու տեղը կը նստի, մինչդեռ պր. Տը Լա Ֆօս, որ թէեւ կռնակէն դուռը գոցած է ու կանգնած դրան առջեւ զարմացական արտայայտութիւն մը դէմքին վրայ, ոստումով մը աւելի առաջ կ’երթայ զարմանքին մէջ, կարծես անվերադարձ կերպով, երբ Նիքոլ կ’արտասանէ իր անհեթեթ խօսքերը։

Պր. Տը Լա Ֆօս իր շարժումներուն տէրը չէ։ Ձեռքերը օդին մէջ խառն խուռն գիծեր կը քաշեն, որոնց իմաստը դժուար է գուշակել։ Բան մը որոշ է։ Այդ շարժումներով կը փորձէ Նիքոլին խօսքերը աւրել քարէտախտակի վրայ գրուած անճոռնի պատկերներ սրբելու պէս, փութկոտ շարժումներով, որպէսզի անոնք չտեսնուին գոնէ տակաւին չտեսնողներուն կողմէ, իբրեւ թէ սենեակին մէջ երեւակայական հիւրեր ըլլային եւ թերեւս ալ Նիքոլի խօսքերուն հետ կը կռուի ինչպէս կռփամարտիկ մը, թէեւ այդ տապլտուկներուն պէտք չունի։ Ինչ որ ալ ըլլայ, Նիքոլի քմայքոտ խօսքերը իր ուղեղին մէջ մտնել չեն ուզեր։ Փեթակին շուրջ ահաբեկած մեղուներու նման կը դառնան, կը դառնան առանց համարձակելու թշնամիին մուտք գործած փեթակներուն վերադառնալու։

–Վերջապէս Նիքոլ խենթեցեր ես։ Չեմ հասկնար ի՞նչ ըսել կ’ուզես։ Դո՞ւն, դո՞ւն, նշանուած։

Մինչ այդ քովի սենեակէն Նիքոլ շրջազգեստը բերած ու սկսած է հագուիլ։ Արդէն մերկ է երբ աջ թեւը բարձրացուցած դէպի Պր. Տը Լու Ֆօս.

–Տակաւին ամէն բան չես գիտեր, կ’ըսէ, գալ ամիս պիտի ամուսնանանք։

–Լաւ, լաւ, քեզմէ ամէն բան կարելի է սպասել, բայց ոչ լրջութիւն։

Ու ձայնը իջեցուցած, խորհրդաւոր, կը հարցնէ։

–Ո՞ւր է Մոնիք։

–Մոնիք Ժուանվիլ գնաց։

–Հասկցայ, կ’ըսէ Պր. Տը Լա Ֆօս հանելուկ մը լուծողի պէս, որպէսզի այս բանը չտեսնէ։

Գլուխը Մինասին կողմը կը ծռէ։

Մեկնելու ատենը եկած է։ Նիւքոլ կազմ ու պատրաստ է։ Շքեղօրէն հագուած կը քալէ սենեակին մէջ իր օրօրուն քալուածքովը։

–Իրապէս, կ’ըսէ Պր. Տը Լա Ֆօս յափշտակուած, աստուածային ես Նիքոլ։

Դառնալով իրեն։

–Կը ցաւիմ պարոն, ձեզ տեղ մը չպիտի կրնամ առաջնորդել, արդէն շատ ուշ մնացած ենք։

–Խնդրեմ, խնդրեմ, կ’ըսէ Մինաս ոտքի ելլելով։

Այդ պահուն սրտին մէջ ցաւոտ զգացում մը կը ծնի։ Նախ չի հասկնար այդ զգացումը, որ տարտամ է, տարտղնուած ձեւով կը տարածուի կուրծքին տակ, բայց երբ կը հասնի ծայրագոյն սահմաններուն, ամփոփուելով, խտանալով ատելութեան մարմնացումը կ’ըլլայ։

Վարը դրան առջեւ, անմիջապէս ձախ կը դառնայ, քայլերը արագ արագ իրար խառնելով կը վազէ։ Քիչ վերջը, կռնակէն կ’իմանայ կառքին խռպոտ աղմուկը։ Յետոյ գնդաձիրի ճիւաղային ճարճատիւնը ու կառքը վայրկեանապէս կը կորսուի մութին մէջ։

***

Յարութիւն սեղանին առջեւ է ամբողջովին կլանուած ձեռքերու շարժումներով։ Կզակը ծանրօրէն կախուած՝ կը հետեւի ձեռքերու շարժումներուն, կտրուկ ու արագ, կարծես ձեռքերը հպատակեցնելու համար մտքի աշխատանքին, որ քովի ձախ թեւին տակ պառկած տետրակին հասցէները երիզներու վրայ անցնելն է։ Մերթ ընդ մերթ շրթունքները կ’ուռին, բառերու ծուէններ դուրս կուգան օգնելու համար ձեռքին, որ երբեն կանգ կ’առնէ։ Կը մտածէ։ Բառերու ծուէնները բերնէն կ’իյնան աղօթքի մրմունջներու նման, բայց Յարութիւն չ’աղօթէր։ Այդպէս կը թուի, որովհետեւ անոր դէմքը վերին աստիճանի լուրջ է։ Յարութիւնին դէմքը երեխաներու լրջութիւնը ունի, երբ անոնք լեզուն դուրս հանած, ծայրը խածնելով սպիտակ թուղթին վրայ ցափրտուքներ կը գծեն այնքան խոր հաւատքով, որ կարծես աշխարհը կը վերստեղծեն։ Յարութիւն երեխայ մը չէ, բայց ան նոյնքան հաւատքով լեցուած է թերթին առաքելութեան նկատմամբ։ Քիչ վերջ, ծալլուած թերթերը, որ տպարանին մէկ անկիւնը իրեն կը սպասեն, պիտի երիզուին իր գրած հասցէներով եւ ուրիշներու պիտի տանին հաւատաւոր խօսքը։ Ու ան հպարտութիւն կը զգայ այդ աշխատանքին իր մասնակցութիւնը բերելով։ Եւ ինչո՞ւ չէ թերեւս ալ անոր համար որ այդ աշխատանքին փոքրիկ վարձատրութիւնը կուգայ թեթեւցնել իր ուսանողական դժուարին պայմանները։

Մինաս Յարութիւնին դիմացն է, սեղանին միւս կողմը։ Անոր ձեռքը դանդաղաշարժ է։ Գիրերուն ետեւէն չի վազեր, գիրերը կը սպասեն գիր ըլալու երկունքի ցաւերով, բայց Մինաս իր ցաւով խեղդուած չի կրնար յուզուիլ գիրերուն գիր ըլլալու տառապանքով։ Ականջներուն մէջ կը խոկայ գիշերուան մէջ մխրճուող կառքին ճարճատիւնը, որ շատոնց ցնդած է օդին մէջ։ Գլուխը ծռած է սեղանին վրայ աւելի դէմքին տխրութիւնը ծածկելու դիտաւորութեամբ քան թէ խռով մտածումներու բեռան տան գտնուելուն համար։

Խմբագրատան մէջ տիրող լռութիւնը աւելի կը խորացնէ մտածումներուն խոշտանգումը։ Պիտի ուզէր որ քիչ անդին նստած խմբագիրը գաւառի թղթակիցներուն գրութիւններուն ընթերցանութեամբ զբաղած, գրիչը ձեռքը շարունակ նախադասութիւններ կը շտկէ, կաւրէ, ամբողջ պարբերութիւնները, այո, պիտի ուզէր որ խմբագիրը գլուխը վերցնէր պահ մը ու վիրաւորական խօսք մը ընէր չկրնալով մխիթարական խօսք մը։ Լարուած ուշադրութեամբ կը հետեւէր անոր գրիչին հանած անլսելի աղմուկին երբ ան կ’երեւէր թուղթին վրայ, հեռանալու համար իր ներքին ժխորէն։ Յետմիջօրէի առաջին պահերուն, ապակիէ կիսորմէն անդին, որ սրճարանի սրահն է, պարպուած յաճախորդներէ՝ սրահը կը ննջէ աւելի խորացնելով ասդիի սրահին լռութիւնը։ Լռութեան մէջ անոր մտածումները ազատ համարձակը կը շարժին դաշոյններու նման, որ կը մենամարտին ու կը ծածկեն գանկին պատերը։ Մտածումները գազան կտրած չեն անսար իր կշտտամբանքին։ Կը գործեն այնպէս ինչպէս եթէ ինքը գոյութիւն չունենար, աւազակներու պէս, որ անպաշտպան տուն մը կը կողոպտեն ու ամէն ինչ տակնուվրայ կ’ընեն պահուած գանձ մը գտնելու համար։

Յարութիւն վերջացուցած է տետրակը։ Գլուխը կը վերցնէ, լայն շունչ մը կը փչէ շրթունքները ուռեցնելով։ Այտերուն վրայ գոհու հետեւելով Մինաս գլուխը կը վերցնէ։ Կը նայի անոր։ Յարութիւնին ժպիտը յանկարծ կը մարի, ինչպէս երբ արեւին առջեւ կուտակուած ամպերը ու վարը, երկրին վրայ, լուսաւորութիւն կը ստուերոտի, կը խոժոռնայ, ինչպէս Յարութիւնին դէմքը։

–Բա՞ն մը ունիս, կ’ըսէ։

–Գլուխս կը ցաւի։

Յարութիւն գիտէ։ Սիրտն է ցաւողը։ Միտքն է ուր մտածումները ամէն ուղղութեամբ կ’արշաւեն, խառն ի խուռն ու չի կրնար կարգի բերել անոր ուղեկորոյս ընթացքը։ Սիրտը կը սեղմուի, կը նեղնայ, կը պրկուի ու անճանաչելի ցաւերու խառնարան մը կ’ըլլայ։ Ինչքան պիտ ուզէր ճիշդ այդ պահուն, երբ մտածումները գլուխը առած պատէ պատ կը զարնէին, որ խմբագիրը իր ճմռթկած դէմքը ծաղրի առնէր ըստ իր սովորութեան, ոչ թէ չարամիտ կերպով, պարզապէս այն համոզումով որ ծաղրը բարենորոգիչ է։ Արդարեւ, փորձառութեամբ գիտէ որ ծաղրը սարսափի կը մատնէ անիշխանական մտածումները։ Անոնք խրտչած ասդին անդին կը փախչին գլխուն մէջ եւ ինք կրնայ այն ատեն անոնց տէր դառնալ, կազմակերպել ու ինքնապաշտպանութեան զէնքի վերածել։

Այդ պահուն ներս կը մտնէ խմբագրապետը, մտահոգ, յօնքերը պռստած։

–Ի՞նչ նորութիւն, կ’ըսէ խմբագիրին։

–Նոր բան չկայ, կը պատասխանէ խմբագիրը, թերթին նոր ելած թիւը անոր երկարելով։

Խմբագրապետը ոտքի վրայ է։ Թերթը տարածած է աչքին տակ երկու ձեռքերով։ Աչքերը կը պատին թերթին վրայ ձախէն աջ, յետոյ վերէն վար ու յանկարծ կուգան թերթին ամբողջ գլուխը գրաւող երեք գլխագիր տողերուն։