Որբացող մարդիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԱՐԱԳՈՅՐ ԵՐՐՈՐԴ

Երբ դրան զանգը հնչեց՝ հազիւ ժամը երկուքը կար, կէսօրէ վերջ։ Տիկին Վարդանեան դժկամացեկաւ։ «Ո՞վ կարող է լինել էս ժամին... »։ Կիրակի էր եւ կարեւոր ընդունելութեան մը օրը, - Տիկին Վարդանեանի եօթանասուներորդ տարեդարձը։Հրաւիրեալներէն հազիւ մէկ երկուքը գիտէին այդ հանգամանքը։ Դեռ բաւական բաներ մը ունէին պատրաստելիք եւ երեքէն առաջ մարդու չէին սպասեր։«Բրնձէ փիլաւին» մանաւանդ հարկ էր հսկել. գործ որ չէր սիրեր վստահիլ «իր որդուն»։ Հայկ դուռը բացաւ։ Ապշանքը հազիւ կրցաւ զսպել։ Միջանցքէն պոռաց մօրը.

-Չե՛ս կարող երեւակայել թէ ո՛վ է...

Մայրը, փայտէ մեծ դգալը ձեռքին, տհաճութիւնը դէմքին, մրթմրթալէն, ծիծաղաշարժօրէն ցասկոտ, երեւցաւ խոհանոցի բերնին. «Դէ մի վառի՛ր, է՛... » Նոյնքան եւ աւելի մեծ ապշութեամբ մըն ալ ինք համակուեցաւ։ Լոյսին տակ ճանչցաւ որ այցելուն Արփիկ Գափլանեանն է։ Մէկ քանի երկվայրկեանի մէջ խել մը բաներ մտքէն անցան եւ իր առաջին հակազդեցութիւնը եղաւ գայթակղած, խորունկ բարկութիւնը։

Մտաբերեց Հրանտէն բաժնուելու անոր առաջին օրերը։ Իր խոր վիշտը եւ մեծ փութկոտութիւնը՝ դժբախտութիւնը դարմանելու։ Այս աղջկան, իր քոյրերուն անորակելի ընթացքը որով իր բոլոր զգաստութեան յորդորները, անասնական նախնականութեամբ, իրենց հանդէպ թշնամութեան վերագրուեցան եւ դարձան շանթաժի առարկաներ։ Վերյիշեց անոնց գոռոզութեան կատաղութիւնը եւ իր հանդէպ ալ ձգած նախատինքի յորձանքը։ Երեք տարի է ահաոստիկանատունէ ոստիկանատուն, ատեանէ ատեան կը թափառին։ Գաղութին մէջ իրենց մակդիրը «քոմիսարիաի քոյրեր» դրեր են։ Շանթաժէ-շանթաժ, կորսուած արարածներու յատուկ կուրութեամբ, դրամ քաշելու համար, իրենց ամբողջ էութիւնը  կպցուցած երկու բառի՝ փանսիոն ալիմանթեռ... Ահա արդի ընկերութեան մէջ, կնոջ վերին իտէալը, - փանսիոն ալիմանթէռ...

Իրենց խարդախ կեանքին քողազերծուած մոլութիւնները կրկին ծածկելու համար, Հրանտին ու իր ընտանիքին հանդէպ երեք տարիէ ի վեր, արձակած զրպարտութեանց սեւ ալիքները։ Օսմանեան կայսրութեան նախկին մաժնսթրաին խորհուրդովը, պառաւ աղջիկներու մռայլ տեսչուհի, զառամած մարդոց հաճոյքի հայթայթիչ՝ «Տիկին Քիրպիի» ընկերացած, տունէ տուն, երեք տարի, արիւնոտ ռոպ մը ցուցադրութեան հաներ են։ Շանթաժի ու ցածութեան բոլոր հնարքները սպառելէ վերջ, իր ոտքը գացած ու տուն հրաւիրող ամուսնին իբր պատասխան՝ ծաղրանք, նախատինք հրամցնելէ վերջ, երեք տարի՝ դատարանէ դատարան։ Եւ, խելքի գալ, դարձեա՜լ գայթակղութեա ձեւին տակ, այժմ միայն, կղերականներու, ասոր անոր ոտքը իյնալով։ «Ես  ամուսնիս հանդէպ ո եւ է մեղադրանք չունիմ... Կ՚ուզեմ տուն երթալ... » Այս բոլորը մտաբերեց մէկ քանի տասնեակ երկվայրկեանի մէջ եւ իր առաջին հակազդեցութիւնը եղաւ՝ թքնել այս ոճրածին քիւլօով կարճահասակ հրէշի երեսին ու վայրկենական վռնտել իր յարկէն։ Եւ սակայն բարդ ու ծաւալուն հետաքրքրութիւնը որ մարդու կիրքերուն փոքրագոյնը չէ՝ եղաւ իր երկրորդ եւ յաղթական հակազդեցութիւնը։ Ուստի, «հը-ը-ը՛» մը ըրաւ, իմաստներով ծանրաբեռն որ դուրս գալով հրաբորբոք դէմքի քարքարուտէն, աչքերու կրակէն, ինքնին, ամբողջ սեւ զաւեշտ մըն էր։

Արփիկ՝ կափ կարմիր, իր «խոնարհ քրիստոնեայի» այն արտայայտութիւնը ունէր որ դիմացինին պաշտպանութիւնը կը հրաւիրէր եւ որ յիշեցուց այս տեսքէն իր չարաչար խաբուիլը, իր՝ եօթանասուննոց կնոջ խաբուիլը։ Համակուած մեծ զզուանքով մը, իր զաւկին փորձարկութենէ՛ն ալ եկած ճմռթկումովը, հիմա գիտէր թէ այդ «անմեղութեան» ետեւ պահուած չարագործ էակ մը կը խլրտար։

-Էդ ո՞նց է որ դու մեզ յիշել ես, ըրաւ, անագորո՛յն։

-Միշտ ալ յիշած եմ, բայց... պատասխանեց մեղմութեամբ, աչքերը երկչոտօրէն, խարտեաշ, երկար թարթիչներուն տակէն բարձրացնելով եւ ցուցադրելով թէ՛ պաղատանք մը թէ՛ բարոյական իսկական թշուառութիւն մը։ Միւսը յիշեց թէ ի՞նչ աստիճանի սիրած էր ժամանակին այդ թարթիչներուն արտայայտութիւնը, «նրա մատոննաի դէմքը»... Ծայրայեղութեանց հակամէտ էր խառնուածքին, ակնթարթ մը թուեցաւ, որ ան ո՛չ բոլորովին «հրէշ» մըն է ո՛չ ալ բոլորովին նախկին մատոննան...

-Ախր ի՛նչ բայց, հը՛...

-Չէ՞ինք համարձակեր...

-Չէիք համարձակե՜եր... վրայ բերաւ, դիմագծային խօլ կծկումներով եւ երկար կոթով դգալը, անզգայաբար, սպառնագին շարժելով - Տիկին Քիրպիներին, Թօփուզեանների, եպիսկոպոսների ետեւից վազելու համարձակութիւն ունէք, երեք տարուց ի վեր, քոմիսարեաները, դատարանները մտնել ելլելու, փաստաբանների, շիլ գործակատարների հետ սիլի-պիլի անելու համարձակութիւն կը գտնէք, իսկ ինձ մօտ գալու՝ չէք համարձակուի... Գժուե՛լ են, գժուե՛լ, աւելցուց, զաւկին ուղղուած, ղորթ եմ ասում, այժմու աղջկերքը գժուել են...

Դիւրագրգիռ նկարագիր, մաղձի տոպրակը մասամբ պարպելէ վերջ, մանաւանդ իր պէթ նուառներուն դէմ, իր մէջ տիրապետեց արթիսթներին պաշտպանողը։ Եւ տեսաւ որ դեռատի կինը, պատն ի վեր, «խեղճացել է, կուջ է եկել... » Եւ ո եւ է երիտասարդ աղջիկ՝ կամ արթիսթ է՛ր արդէն, կամ արթիսթի թեկնածու՛։ Պայմանով որ իր հեղինակութեան նուիրականացումէն անցնէր նախ։ Վասնզի ուժեղ էր իր մէջ տեսակ մը տեսչուհիի, վերակացուի, մայրիկի, պատշտպանողի խառնուրդ բռնակալ կինը։

-Դէ՛ ինչ ենք մնացել քորիդորում, հէ՛, վրայ բերաւ Հայկ։

-Փլաւը՛, փլաւը... յանկարծ «պղաւեց» մայրը, գունտու կլոր, անդիմադրելի ծիծաղաշարժութեամբ, խոյացաւ դէպի խոհանոց, փայտէ դգալովը միւս երկուքին աչքունքը վտանգի տակ դնելով...

-Հը՛, դէ ասա՜, ասա տեսնեմ ի՛նչ ես ուզում... «Փլաւին» սոքը քչիկ մը առեր էր, աւելի կարմրցնելով սակայն քան թէ սեւցնելով։

Միւսը իբր պատասխան, նախ, «Կրնա՞մ օգնել ձեզ... » Միտքը սակայն սեւեռած մէկ կէտի՝ ի՞նչպէս, ո՞ր կողմէն բռնէ այս կինը։ Ասիկա միւսներէն զգալաբար աւելի դժուար կ՚երեւայ։ Ի՜նչ մեծ թիւով, ինչպիսի՜ վարպետութեամբ ճարած էին կիներ, մարդիկ, եւ իրենց բացարձակապէս գործիք դարձուած։ Մոլեռանդօրէ՜ն։ Անշուշտ ան ալ ունի իր «կակուղ կողմերը»։ Բայց միեւնոյնները չեն թուիր ըլլալ։ Ասոր զսպանակին գործածութեան մէջ ինք անվարժ է, ձախաւեր։ Միւսներունը՝ շահն էր, շահին մէկ երանգը, էնթէրէն... Եւ կամ գութը։ Խեղճ, «անպաշտպան որբեր» էին զոր պէտք էր պաշտպանել տալ... Աս մէկը, աս մէկը... նոյնը չէ։ Աս մէկը գործիք դարձող պտուղ չէ։ Եւ սակայն, եթէ ուզէր, ամէնէն ազդեցիկը՝ իր գործերը կարգադրելու համար։

-Հրանտը դեռ կը սիրէ՞ ինծի՜ի... ողբագին ձայնով մը դուրս տուաւ, վերջապէս։

Միւսէն չխուսափեցաւ ե՛ւ շեշտին քոմէտին ե՛ւ հարցումին թագուն իմաստը։ Ան կը նշանակէր այս ցուրտ սրտին համար, «Հրանտը նորէն նոյն աւանա՞կն է, կամ, կարելի՞ է որ նախկին աւանակին  վերածենք դարձեալ»։ Վերյիշելով նաեւ «իր որդուն» Մարինա Կէօլճիւքիէֆը, դեռ այնքան Մարինաներ ու անոնց տեսակ-տեսակ խախկութիւնները՝ իր ցասումն ու գայթակղութիւնը տեղի տուին անհուն ապշանքի մը, - Ախր, ի՛նչ, ի՛նչ են հետապնդում է՜... ի՞նչ են ուզում կեանքից, իրանցից ու ի՛նչ ն անում կեանքի բոլոր սրբութիւնները...

Երբ եւ իցէ իր հարցումը այսքան խստօրէն իրեն չէր զգացուցած սեւ առեղծուածը մոլորութեան մէջ տապլտկող ընկերութեան, վասնզի երբ եւ իցէ այս արարածն ու իր նմանները, յանկարծ, խոշորացոյցի տակ չէին ինկած, որուն մէջէն տեսաւ կեանքը՝ խլրտուն կոյր անմտութեամբ, աւերիլչ մոլութիւններով։

Այս այն րոպէն եղաւ ուր ակնթարթ մը չափեց յիմարութիւնը ու կեանքին մէջ անոր գործած աւերին մեծութիւնը։ Մտածեց որ մարդոց փորձութիւններն ալ, վերջի վերջոյ կ՚ենթարկուին հիւանդութեանց դիմաշրջումին։ Ո՞ւր է, կը հարցնէր իւրովին, ապաքինման ասոնց փրկարար շրջանը... Անմիջապէս վերջ, թատերական գործի մը հոլովոյթը աւելի ցցուն կերպով պատկերազարդեց կացութիւնը։

Հիւանդութեան ինչպէս թատերգութեան մը ամբողջական արտայայտութիւնը կրնայ բաւականանալ երեք կամ չորս վարագոյրով։ Խախտուած մարմինը այս փուլերէն արագութեամբ կ՚անցնի եւ immunise արիւնով մը կը դիմէ հաստատաքայլ դէպի իր նախկին առողջ վիճակը, դէպի դեռ աւելի՝ ամրացած բնականոնը։ Նոյնիսկ բազմապիսի փտութիւններով նկարագրի պտուղը, ջախջախիչ մեծամասնութեամբ, աշնան որդերու աւերիչ աշխատանքէն, կ՚ապահովէ քաղցըրութիւն մը որով կ՚ընծայաբերուի ճաշակումին, կ՚արդարացնէ գոյութեան իրաւունքը որդերուն, կը հանդարտեցնէ մտքին ընդվզումը՝ եղծանումի գոյութեան դէմ, եղծանումի անըմբռնելիութեան դէմ։

Ինչ աստիճանի խորը ըլլալու էր ախտը որ երրորդ վարագոյրը կը բացուէր հոգեկան անկումներու այնպիսի ցուցադրութեան մը վրայ որ չէր մտներ ո՛չ թէ թատերական գործի մը շրջափակէն ներս, այլ նոյն իսկ, իր մոլեգնավատութեամբը, կը մերժուէր, առարկայական ժամանակագրութեան մը հետապնդումներէն։ Եւ սակայն, չէր դադրեր ընկերային ախտահոգեբանական երեւոյթ մը ըլլալէ։ Եւ իր անհաւատալի թիւովը, համաճարակային նկարագրովը, կամայ ակամայ կը հանդիսանար որպէս ժամանակաշրջանը բնորոշ, նկարագրի հիւանդութեան ախտանիշերը։ Փաստեր որ կը խմորեն այն կեանքը ուր կը տիրապետէ, միահեծան, նորին վեհափառութիւն Յիմարութիւնը՝ աւերիչ ու արիւնարբու... Այդ ցասմնալից գայթակղութեամբ էր որ ձեռքին զգալը սեղանին զարկաւ ու.

-Ո՜չ, նա քեզ էլ ո՛չ սիրում է ո՜չ էլ ուզում է անունդ  լսել... յայտարարեց աւելի հեղինակութեամբ քան խնդրոյ  առարկայ անձր ինք պիտի ընէր։ - Երբ նա ոտդ եկաւ քեզ տուն տանելու՝ ի՞նչ էիր անում էն ժամանակ։

Մտաբերեց անոնց գոռոզութեան ահագնութիւնը որուն մէջ կը թաւալէին եւ որ նոյն կերպով, միայն ախտաբանականով հնարաւոր էր բացատրել։

-Տիկին Քիրպին ըսաւ... եթէ երթաս... փլէնթտ ետ առնել պիտի տայ եւ քեզի դարձեալ դուրս ընէ, ողբաց, զոհի կերպարանքով, մանկապարտէզի ոտանաւոր արտասանող  մանուկի անճարակութեամբ։

-Չեն ել ամաչում... «Տիկին Քիրպին ըսաւ»... Հապա երբ քո փլէնթը... թի՛ւ, էս կեղտոտ բառերը, ահա էս սերունդի յատկանիշը... հապա երբ փլէնթդ տալու եւ ետ ալ չառնելու անպարտուութիւնը  կրեցիր... դատարանները ինկար, երբ, քո ամուսնուն դատապարտել տուիր նա, նոյն օրը, նո՛յն ժամին, դատարանց դուրս ելլելուց։ Փալէ տը Ժիւսթիսից, մինչեւ Փալէ Ռուեալ, Էլի չաշխատեցա՛՞ւ քեզ համոզել որ տուն գաս, պատասխանի՛ր, հը՞, պոռաց, սարսափելի դէմքով, պատաստանի՛ր, այո՛ թէ ոչ «քրիստոնեայ  Հայուհի»...

-Այո՛, խոստովանեցաւ, անզգամ, բութ աչքերով։

-Իսկ դու՜ ինչ պատասխանեցիր, հը՜, դու՛ ինչ ասացիր...

-Ես... ես կը վախնայի... Ուրիշներ աչքս վախցուցին... Այդ քու բոլոր ըրածներդ յետոյ պիտի  յիշէ եւ անկարելի է որ ո եւ է մարդ կարողանայ ներել... Ես ալ ճիշդ է, ըսի որ եթէ ունեցած հարըստութիւնը վրաս ընէ՝ կ՚ընդունիմ առաջարկը՝ տուն երթալու... -Եւ դու էլ փոխարէն թուղթ էիր ստորագրելու  որ պարկեշտ կին պիտի լինես... ամբողջացուց աննկարագրելի ծամածռութեամբ մը...

Ահա, տարիներէ ի վեր, կը մտածէր իւրովին, այսպիսի տրտմէ մը վերջ, ցաւագար արարածի  խելապատիկին  մէջ ուրիշ շարժում տեղի չէր ունեցած։ Ի՜նչ ալ վախեցողի աչքեր ունէր եւ ունէին՝ իր քոյրերն ալ որ, միասնաբար, կատղած furieներու նման, տղամարդոց վրայ գիտէին յարձակիլ, դուռ պատուհան կոտրել... Եւ եթէ հարստութիւնը իր անունին ըլլայ՝ վախը երկվայրկենական կը փարատի... Եւ այս առաջարկն ալ այն արարածներուն  կողմէ որ իրենց հեռացման առաջին օրերուն սպառնացած էին, տուն տեղ աճուրդի հանել տալ եւ Հրանտին ալ՝ բա՜նտ... Այսքան խորամանկ արարածներու կողմէ  այսքան անմտութիւն՝ գլխու պըտոյտ  կուտար պառաւ կնոջը։

Ան կէտ առ կէտ վերյիշեց ի՛ր գլխուն եկածներն ալ, ի՛ր ալ հարսին կոյր ու սպաննիչ, անձուկ ու անձկացնող նիւթամոլութիւնը՝ որոնցմէ «կարող էր գժտել»։ Լեռնային աւազակախումբի  մը նման, ինչպէս աս իր քոյրերուն հետ, ան ալ մօրը հետ, մտած էր իրենց տունը, քանդած հիմնայատակ ոսկեղէն ու ինչք գողցած, մուր ու կեղտ ձգած, հեռացած... «Ախր սա ի՜նչ նպատակ է, հը՜, սա ի՞նչ նպատակ կարող է լինել կեանքի մէջ... », կը հարցնէր իւրովին, ուղեղային կշռոյթը վտանգող գայթակղութեամբ։

-Եւ այժմ որ ալ բոլորովին դիմակդ վար է ինկել, նրա մօրը, եղբօրը հասցէին զզուելի զրպարտութիւններ  տարաձայնելէ  վերջ, ուզում ես որ քեզ էլի՞ ընդունի։ «Հրանտը ինծի կը սիրէ՜է... » ըրաւ, միւսին կերպը ընդօրինակելով, խորունկ ցաւի մը մէջ որ միեւնոյն ատեն չէր դադրեր  ծիծաղաշարժ ըլլալէ...

-Մե՛նք գէշ բան չենք ըսած. ուրիշները կ՚ըսեն... Ան ալ մեզի՜ համար ըսած է։

Դուք միայն անիկա կը պաշտպանէք։ Եւ մի խորհիք որ ձեզի... այնքան ալ բարեկամ է։ Ինչե՜ր կ՚ըսէր մեզի ձեր վրայ...

-Ի՜նչ կարող է ասել, մի՛ բան էլ չէ ասած։

-Հա՜, մի բան էլ չէ ասած... այդպէս խորհեցէք... վայ այն կնկան որ Տիկին Վարդանեանին թշնամին դառնայ, այնպիսի էնթրիկներ կրնայ ընել. մէկ օրէն միւսը՝ այնպէս կրնայ սեւցնել որ լեզուդ բերանդ կը չորնայ... Մենք ձեզի չէինք ճանչնար. անիկա կ՚ըսէր... Մենք... Մէկու մը որ հակառակ իյնայ՝ կատարեալ վհուկ մըն է, վտանգաւոր կնիկ մըն է... Մե՜նք, մեր կրթութիւնը, մենք ուրիշի մասին...

Տիկին Վարդանեան այս վերջերս  քիչ մը նեղացած էր Հրանտէն։ Կը խորհէր որ ան ինքզինք հեռու կը պահէր իրենցմէ։ Այսօր ալ, օրինակ, այսպիսի նուիրական առիթի մը պատրուակ մը գտեր էր, ներկայ չըլլալու։ Անսահման էր ատկէ ստացած  վիշտը որ երբեմն  անցողակի ու մակերեսային թըշնամութեան մը կը վերածուէր։ Կը մոռնար որ Հրանտ կ՚անգիտանար ընդունելութեան առիթը։ Եւ ըստ իր դիւրաբորբոք նկարագրին լեցուեցաւ Հրանտին դէմ, չյաջողելով վարկ չտալ եթէ ոչ յերիւրածոյ գոնէ բոլորովին այլափոխուած այդ խօսքերուն։

Հայկ որ քովի սենեակը սեղանը  կը շտկէր՝ խոհանոց եկաւ արագաքայլ։ «Ի՞նչ էք պղաւում բոլոր ժամանակը, է՛՛։ Ուզում էք որ հիւրե՞րն էլ իմանան, ի՛նչ է, չէք լսում որ զանգահարում են...

Այս կարգի պարագաներուն մէջ Հայկ այնպիսի ամբողջականութեամբ կը յանձնուէր իր գոյնզգոյն մանր կիրքերուն որ կիսաճաղատ գլխով, տասնըերկու տարեկան պատանի մը կը դառնար։ Այդ հանգամանքը սիրելի կը կացուցանէր զինք եւ իր ընկերակցութիւնը՝ թեթեւ ու զովացուցիչ։

Իսկապէս ալ իր զուարճալի խստութեամբ յանդիմանանքը տալէ վերջ՝ շուտափոյթ գնաց դուռը բանալու։ Հիւրերը  սկսած էին ծայր տալ։ Քանի մը րոպէ վերջ սակայն, մինչ անսովոր ուժգնութեամբ զգալը կը շարժէր փլաւի կաթսային մէջ, անգամ մը եւս, սաստկագոյնս, զգաց այս աղջկան ու իր քոյրերուն  բացառիկ հոգեկան վատութիւնը։ Եկեր է, յուսահատ, բոլոր միջոցները սպառելէ վերջ, իրեն կառչելու որ տուն մտնէ, եւ նոյն ատեն, սրբապղծութիւններու  մեծագոյնը կը կատարէ, օճախի մէջ, ամուսին կնոջ անբռնաբարելի մտերմութեան մը պահուն յայտնուած կարծիք մը - միայն նուիրական աւանդ - այսպէս ցածութեամբ ոչ միայն հրապարակելով, յանձնելով հանրային պղտոր մոլուցքին, այլ չարափոխելով կամ ամբողջովին հնարելով զանոնք... Ու այս կրկնակ սրբապղծութիւնը՝ ո եւ է ծանօթի մը հետ, ո եւ է մէկուն, հեռաւոր թէ մտերիմ, անոնց տունը, ոտքը երթալով... Ոտքի ելլել, կեանքը ամբողջ, ամուսնական խորանին առջեւ, սրտերու ամբողջական յանձնումի պահերուն ծորած մրմունջները ծախու հանելու, անոնց Թրաֆիքին  նուիրուելու...

Խեղճ կինը աշխատեցաւ, կամքի մեծ ուժով մը, այդ հաստատումին  յառաջ բերած հակազդեցութիւնը չեզոքացնելու, վանելու զգայութեանը մէջէն, զգալով որ, տառացիօրէն, կրնայ գլտորիլ մտային  խախտումի մը մէջ...

Մատէնճեաններն  էին եւ երկու քայլի տարբերութեամբ՝ Տոքթորը։ Պետրոս իր լուրջ , խելօք, սիրալիր տրամադրութեան մէջ էր, պատրաստ մտնելու բարձր եւ վերացական նկատառումներու մէջ։ Մազերը ենթարկուած էին առաւօտուայ իրենց երկար խնամքին եւ կը պարագծէին հինցած  դէմքին մորթը՝ գալարուն առատութեամբ։

Երբ յօգնէր՝ կնճիռները, մեծ առատութեամբ, վայրկենապէս կը բազմանային, կը խորանային եւ այն ժամանակ մազերուն նիրկուած ըլլալը, եբենոսի սեւութեամբ, դժնեայ եղանակով մը կը հակադրուէր  դէմքի զառամին։ Մտած էր հոգեբնախօսական նոր փուլի մը մէջ որուն մասին Հրանտ յստակ տպաւորութիւն չունէր դեռ։ Անձնասպանութեան խնդիրը իր հրապոյրը մասամբ կորսնցուցած կը թուէր։ Խափուսիկ էր նաեւ իր խելօք, սանձուած  արտաքինը։ Հրանտ լսած էր որ վերջի շրջանին ուժեղ մէկ երկու բախում ունեցած էր այնպիսի  մարդոց հետ որոնց եթէ բացայայտօրէն պարտականը չէր գոնէ միայն բարեացակամութիւն կը պարտէր։ Անոնցմէ մին կը Տոքթ.... որ բազմաթիւ նամակներ  ստացած էր իրմէ շատ օտարոտի պարունակութիւնով ... Յամենայն դէպս հարիւր առ հարիւր անտեղի... Իր լաւագոյն  կերպարանքը, դարձեալ, ընկերութեան մէջ էր...

Էտիթ իր լուսոսկեայ վարսերու երանգին համադրած էր շողշողուն կանչով պարեգոտ մը որ, մէն մի հակումին, կը ցուցադրէր առատ, հոլանի ու պիրկ կուրծքէն լայն շերտ մը։ Երկուքն ալ, ամուսին կին, որպէս կարեւոր դէպքէ մը վերջ խելի եկածի տարածուն արտայայտութիւն մը առած էին։ Բժիշկին հետ սկսան դարձեալ խօսիլ Աշխէնի մասին որ քննած էր երէկ չէ առջի օր։ Ամուսնին դարձած, եւ շտապելով հոգ մը նետել վրայէն.

-Կը տեսնա՞ս, կրկնեց, փուսէնը  բան ըն ալ չունի... բան մըն ալ չէ եղածը...

-Չէ՛, ըսաւ Տոքթորը, եղածը լուրջ բան մըն է եւ շատ ալ աւելի ծանր կրնայ  ըլլալ. թէ՛ անարիւնութիւն սկսած է թէ՛ ոսկերներու շեղում...

Էտիթ տարօրինակ դէմք մը առաւ, շիրին, եւ մէկ աչքը գաղտնի գոցեց, դժուար գուշակելի իմաստով ինչ որ նշան տալով բժիշկին։ Ապա, պայքարելէ յոգնած, յայտնեց որ մարդիկ չար են եւ կեանքը գէշ է։

-Յափրացած եմ, աւելցուց, մեղմութեամբ մը որ կը մատնէր սակայն ներքին բեկանում մը, չափրացած եմ, կը հասկնա՞ք Տոքթոր, սաթիւռէ եմ մարդոց չարութեամբը։

Տոքթորը հաճոյքով կ՚ունկընդրէր։

-Մենք մեր ջիղերուն փիլիսոփայութիւնը ունինք, պատասխանեց. մեղմ եւ հազիւ գծագրուած  ժպիտով մը։

-Այն ժամանակ, աստիճան մըն ալ առաջ երթանք եւ ըսենք՝ մենք մեր աղիքներուն փիլիսոփայութիւնը ունինք, աւելցուց Պետրոս, նոյնքան մեղմ շեշտի մը տակ պահելով իր ամբողջական անհամաձայնութիւնը։

Էտիթ ելաւ եւ պատուհանէն դուրս սկսաւ նայիլ։ Նիւթը կը սպառնար խորանալ եւ գլուխ ուռեցնել։ Այս լէ զ՚արմէնիէնները փոխանակ քէֆ ընելու խօսի՜ն, խօսի՜ն, լեզու շարժեն ու բարկանան...

Մինչ իրեն հաար վերջերս ձեռք ձգած սաթիւռէ բառին նոր փայլն էր հրապուրիչը որ իրեն վրայ զարգացած կնոջ արագ երանգ մը կը ձգէր։ Անկէ անդին լա պարպ...

Տէր Հայրն ալ ներս մտաւ։

-Լաւ չեմ, պատասխանեց, Էտիթին իրեն ուղղած հարցումին, ժպիտով մը մեղմելով այն որ անհարկի կրնար ըլլալ խանգարուած  առողջութեան  մը յայտնումին մէջ։

-Ինչու՞, հարցուց Պետրոս, կարի հոգածու։

-Մարսողութի՜ւնս... Ո եւ է բան մարսել չեմ կրնար, կը քացխի, ջու՛ր ալ խմեմ, ջուրն ալ կը քացխի, հը սա՝ տեղս կրակ կը մաղուի, ամբողջացուց, կուրծքին վերնամասը ցոյց տալով։

-Մեր Տիկինը ալ ի՜նչ եփելը, ինչպէ՛ս եփելը չի գիտեր... շարունակեց։

Այլազան  քննութիւններ կատարեցին մարսողական խողովակին վերաբերմամբ եւ զանազան խորհուրդներ տուին  իրարու։ Տոքթորը մտիկ ըրաւ եւ ի վերջոյ հասարակ մահկանացուի մը բոլորովին ընթացիկ մէկ կարծիքը յայտնեց։ Ասիտ գոյանալու է։ Երբ ըսուեցաւ  որ ասփիրինը կ՚օգնէ, ան՝ հակառակ չարտայայտուեցա՛ւ, գլխու հանելուկային շարժում մը ըրաւ։ Թաքուն վճռականութեամբ հակառակ էր հիւանդ ընկերութիւնը լուսաւորելու գործին։ Դարմանագիտութիւն ըսածդ խորհրդաւոր մշուշով  մը պէտք է որ պատուած ըլլայ միշտ, որպէսզի ազդեցիկ դառնայ։

Տէր Հայրը յայտնեց որ անտեսուած աղօթքներուն հետեւանքով հոգեկանին բարելաւող հրաշքը, մարմինին վրայ, տեղի չունենար։

Աղօթքի մասին կատարուեցաւ երկար քննութիւն։ Ըստ Էտիթին ան մաս կը կազմէր մանուկներու էտիւքասիօնին։ Պիէն էլըվէ մանուկ մը պէտք է որ ատեն մը իր աղօթքները ընէ։ Թէպէտ «բոլոր ժամանակը» Տիկին Վարդանեան եկեղեցի  կ՚երթայ, բայց տունը աղօթել մէյ մը սովորութիւն չէ ըրած։

Պետրոս յատկանշական գտաւ որ գիտական միտք մը որպիսին էԱլէքսի Քարէլ կը հռչակէ աղօթքին ամենազօրութիւնը։ Աղօթքը բիւր արտայայտութիւն ունի։ Ո եւ է պարտականութիւն կատարել՝ աղօթքի լաւագոյն ձեւերէն մին է։ Տէր Հայրը, զուսպ ոգեւորութեամբ, վանելով կացութիւնը  տիրապետելուոեւէ շարժում, մանր ժպիտը միշտ փոքր, յարաշարժ, խորամանկ  աչքերուն, յայտնեց որ իր խորունկ համոզումն է, գիտականապէս  ալ հաստատուած, որ աղօթքը ամենազօր է։ Եւ զարմանալի է որ մարդիկ չեն գործածեր իրենց ձրի տրուած այդ հրաշարար միջոցը...

-Ամէ՞ն ինչ կրնայ աղէկցնել, հարցուց Էտիթ՝ զմայլած։

Տէր Հօր հաստատական պատասխանին վրայ.

-Ամէ՞ն ինչ... կրկնեց դարձեալ։

-Ամէ՛ն ինչ։

-Քանսէ՞րն ալ կ՚աղէկցնէ։

-Քանսէ՛րն ալ, պատասխանեց Տէր Հայրը, հանդարտօրէն, անուշ ժպիտով։

Երբ Հրանուշ Ադամեանը եւ Թօփուզեանն ալ ներս մտան՝ աղօթքի նիւթը աւելի հրահրուեցաւ։ Հրանուշ իր կեանքէն փաստ մը պատմեց որուն համեմատ աղօթքը ո՛չ թէ ժամանակի ընթացքին իր դերը կատարած էր, այլ գործած՝ րոպէական հրաշքի ձեւով։

Տէրտէրին թղզը յաղթական էր, իր ուզածէն քիչ մըն ալ աւելի յաղթական՝ ըսես։ Եւ այս անգամ իր անվնասօրէն խորամանկ բիբերն էին որ քչիկ մը թերահաւատութիւն կը կրէին, ըսես...

-Իմացա՞ք նորութիւնը, յանկարծ ընդմիջեց Հրանուշ, Արփիկը, Արփիկ Գափլանեանը, երեք  տարի փողոցները սլքակալէ վերջ, ֆրանսացի տղոց  հետ գաղտնի քսուըռտուելէ վերջ, դատարանէ դատարան քաշկռտուելէ վերջ, զղջումի եկա՜ծ է։ Միջամտութիւն խնդրելու համար որու՛ ոտքերը իյնալը չի գիտեր. ամէն տեղ. «Տուն կ՚ուզեմ երթալ... » կ՚ըսէ եղեր։

Խօսքը բերանը մնաց որովհետեւ Էտիթ ցուցամատը բերնին տարաւ եւ տագնապալից նշաննաեր տուաւ։ Հասկցուեցաւ որ Արփիկ ներկայ է եւ խոհանոցը՝ Տիկին Վարդանեանին կ՚օգնէ։

-Քոյրերը տունը քանդեր են... Ամուսին կնոջ քիթը մտած՝ րոպէ մը առանձին չեն ձգեր եղեր, եւ միշտ ամուսնին դէմ քոյրերուն ֆիթ կուտան եղեր, շարունակեց Հրանուշ ցած ձայնով։

-Քոյրերը ետեւէն քաշել, միեւնո՜յն յարկաբաժինը, ամուսնութեան առաջի՜ն իսկ օրերէն սկսեալ ա նօ՜- անօ՜... վրայ բերաւ Էտիթ, համոզուած գայթակղութեամբ մը որու մասին ո եւ է մարդ, ոեւէ տեղ, այլ կերպ չէր կրնար զգալ։ - Ես, ես, օրինակ մարդ, իր տանը մէջ, կը սիրէ թեթեւ հագուիլ, ամառ թէ ձմեռ, ա նօ՜, անօ՜... Ես, օրինակ, սենեակս, գրեթէ բան չեմ հագուիր, կը սիրեմ սենեակէ սենեակ, ա փուալ... անօ՜, սա նը վա փա... Քոյրերը ետեւէն քաշել...

Յայտնի է որ կեանքի այս էական պահանջին  խափանումը Էտիթին համար, անմիջականօրէն, օրէնքով արգիլուելիք բան մըն էր։

-Ի՛նչ կ՚ըլլայ, ճանը՜մ , մասնակցեցաւ վերջապէս Թօփուզեան, հաշտարար ու կերթ ձայնով, ակնոցներուն տակէն բոլորը լաւ մը քննելէ եւ ուղեղին մէջէն այլազան  հաստատումներ ու հաշիւներ անցընելէ վերջ, - Ի՜նչ կ՚ըլլայ, մեծ քոյրն է, շատ բնական է որ միւսներուն պիտի պաշտպանէ, ամէն զոհողութիւն ալ պիտի ընէ, ըրածն ալ անշուշտ ամուսնին կռնակէն պիտի ըլլայ... Բնական է ճանըմ, բնական է...

Պետրոս տեղեակ էր որ այս աղուէս գործակատարը իրեն գոհ նպատակին, կատաղօրէն, Արփիկն է դարձուցած է լոյսեր կը սնուցանէ։ Ա՛, ուրիշին կնիկէն աւելի անուշ բա՞ն կայ... Ա՜, սանկ, մէյ մը... աղուոր մը... Մինչ Պետրոս հասկցած  էր որ այդ «քրիստոնեայ» աղջիկները աղուէսինալ մատի վրայ կը խաղցնէին եւ անառակ կիներուն ալ մատ խածցընել կուտային։

-Քոյր պաշտպանելը ի՜նչ կապ ունի գողութեան, շնութեան ու սուտին հետ։ Քոյր պաշտպանելը Հրանտի՛ն պիտի սորվեցնենք ան առաջին օրէն զանոնք իր տունը առեր, խմցուցեր, կերցուցեր է։ Այն որ սալօնի մէջ մենք կը քարոզենք ան, ինքնաբուխ մէկ շարժումով գործադրեր էր արդէն։ Ան ուրի՛շ բան է՛, աս ուրիշ բան է, աւելցուց կտրուկ ու քիչ մը տաքցած։ Հապա վերջը՜, այդ արիւնոտ  րոպը, տունէ տուն, տարիներ պտտցնել... Շիտակը մեր հայ աղջիկներն ալ բան մը որ ընեն՝ աղէկը կ՚ընեն...

-Անիկա պարապ անօթ մըն էր, մեղմօրէն ընդմիջեց Տէրտէրը, եւ մեր պատուական ջութակահարին կ՚իյնար անօթը լեցնել...

-Այո՛, ըրաւ Հայկ, Պետրոսի ականջին, ձեռքը բերնին, այո՜, անօթ մըն է, բայց... գիշերային անօթ եւ... լեփ լեցուն անօթ։ Ինքը առանձին սկըսաւ խնդալ, իրանի մեծ շարժումներով։

-Հա՛յկ, Հայկ... ըրաւ Հրանուշ, չարաճճիօրէն ցուցամատը շարժելով, կը լսեմ, հա՜...

Հայկ սկսած էր «գժանալ» բայց մեծ ճիգեր կ՚ընէր ինքզինքը զսպելու, իրենց իսկ տանը մէջ ըլլալնուն համար։ Կը մտածէր թէ այս աղուէս Տէրտէրը զիրե՛նք խաբել կ՚ուզէ թէ ի՛նք խաբուած է «պարապ անօթէն»...

Այսքանը ըսաւ միայն.

-Անօթը քանի՛ տեսակ կարող է լցուիլ, Տէր Հայրը...

-Բնական է ճանըմ, բնական է, կրկնեց գործակատարը, նուազ բարեհամբոյր, որ հակաճառուիլ չէր սիրեր, ինչ ալ ըսէր, որու՛ կողմէ ալ որ ըլլար։ Ո՜վ հէտտ ունէր Օսմանեան Կայսրութան նախկին մաճիսթրաին հակաճառել։

-Երէկ իրիկուն, մօտիկ մէկը, անունը չի տամ, շատ յարգելի, հա՛, շատ, պատուական, մեծ ընտանիքէ, անունը չի տամ. «Իմ մօրս՝ հայրիկիս ըրածները՜, կ՚ըսէր, ամանուլլահ... Գողութիւն ալ, սուտ  ալ, ուրի՜շ բան ալ... » Ամէն մէկ խօսք կը նետէր ներկաներու երեսին՝ պիլլի մը սեղանին  վրայ զարնելու պէս։ Կ՚ըլլա՜յ, կին են, կ՚ընե՜ն... Յետո՜յ, ճանըմ, ամօթ է, գողութիւն ըսածնիդ ինչ է, ինչ պիտի ըլլայ, երկու փարանոց բաներ...

-Ի՛նչ կ՚ըսէք, պէ՛, ի՜նչ կ՚ըսէք, երեք քոյր միացած, յարձակիլ  տղուն վրայ, փայտ կոտրել գլխուն, ջանախ-ջոփլափ կոտրտել, առաջուընէ սերտած դասերով, փլէնթ  տալ, շանթաժի ելլել, բանակցութիւններու մէջ մտնել, հարիւր հազարներ  ուղել, փանսիօն  ալիմանթէռներ հետապնդել...

Էտիթ ոտքի ելաւ. միջանցքը քննեց, դուռը խնամքով գոցեց եւ դարձեալ, ցուցամատը շրթներուն, լռութիւն յանձնարարեց։

Տոքթորը յայտնեց որ մարդը, ինչպէս գիտութիւնը, բարոյական ըմբռնումներու հիմնայատակ յեղաշրջան նախօրեակին կը գտնուի։

-Հեռու չէ այն օրը, աւելցուց, խորաթափանց գերակայութենէ մը բխած անտարբերութեամբ, հռետորականը ամբողջապէս վանած, հեռու չէ այն օրը, ուր, օրինակ, գողութիւն պիտի ըսենք նոյն ներքին հակազդեցութեամբ ինչպէս եթէ միկրէն ըսէինք. նոյն մտավիճակով պիտի արտասանենք սուտ-ջերմամիզութիւն, շնացում-յօդացաւ, դաւաճանութիւն-չիպան, ոկրամոլութիւն-սիֆիլիզ, եւ այլն։

Մանր եւ կերթ ժպիտ մը առաւ, հաստատելով ընդհանրական զարմացում մը։ Նոյնիսկ Տէր Հայրը յանկարծակիի եկաւ այդ մտածումի նոյնքան նորութենէն որքան յանդգնութենէն։ Բնազդաբար զգաց որ ինք համախոհ չէր կրնար ըլլալ անոր, եւ.

-Չէ՛, տոքթոր, չէ՜, ըսաւ, այդպէս չէ... Սուտն ու գողութիւնը, այդպէս դիւրին դիւրին...

-Դիւրին բան չկայ։ Այժմեան ներքնածոր դեղձերու, հորմոններու, վիթամիններու ուսումնասիրութիւնը դեռ իր խանձարուրին մէջ է։ Խռովիչ կարելիութիւններու առջեւ ենք։ Գիտութիւնը վերջի երկու անհպելի ամրոցներուն (թոք, սիրտ) տիրանալէ վերջ, այնպիսի ձեւով մը կը միջամտէ օրկանիզմին  որ ցարդ մարդկութիւնը չէր իսկ երազած։ Ցարդ ան ծնկաչօք խնդրած էր միայն... Այժմ՝ կը հրամայէ անոր... Ան, երկիւղալի յանդգնութեամբ մը, բնութեան մեծ գաղտնիքներուն դուռը կը ծեծէ... Առնենք օրինակ, ալքոլամոլութիւնը՝ մեղք-հիւանդութիւնը... ինչպէս ամէնէն ծանր ալքոլամոլը շաբթուան մը զարմանումով կ՚աղէկցնենք, այնպէս ալ կլանտ փիթիւիթէռ կլանտսիւրէնալ, ուրիշներ, եւ դեռ անծանօթ մնացածներ իրենց հորմոններով այնպիսի առեղծուածներ պիտի լուծեն, առանց խօսելու շողարձակ նիւթերու ներգործումը մարմինէն ներս, որ այդ Աւետարանին այդ բիւր դարերու եօթը մեղքերը  մեր թոռներուն համար ժպիտ տուող յիշատակ մը միայն պիտի դառնայ...

-Այն ժամանակ, եկեղեցի, տէրտէր ու պատուելի պիտի ջնջուին, դիտեց Հրանուշ խնդալով, անանկ չէ՝ Տոքթոր։

-Հապա ի՜նչ, ճանը՛մ, դարձեալ խօսք առաւ Թօփուզեան, իր կաող-թափող շեշտովը...

Գլխաւոր երկու արտայայտութիւն կ՚առնէր իր անձը, երկուքն ալ թրքական ծագումով, մեծ, զգոյշ ծայրաստիճանի խոհեմ, հիւանդագին օրէն շրջահայեաց, վերապահ, աւանդապաշտ, կիրթ, լուռ, սիրալիր... Անձնազոհ դարանակալ։ Միւսը՝ ըտրող-թափող յաւակնոտ, սինիք, անագորոյն, ֆրանմասոն...

-Հապա ի՜նչ, ճանըմ, ես կը զգայի արդէն բժիշկին ըսածները։ Գոյութիւնն ինչ է, առաքինութի՛ւնն ինչ է, պատի՜ւն ինչ է... Բոլո՛րն ալ, ի վերջոյ, մէկ հաշիւ... Պլէ պլէ Պսքըմ... Ըհը՛ գիտութիւնը եկեր, մարդուն աղուոր մարմնին վրայէն, առաքինութիւն ու մոլութիւն, մէկը միւսէն աւելի հինցած ցնցոտիները առեր, խառնի խուռն, միեւնոյն կրակարանին մէջ կը նետէ... Կ՚անցնի, կեանքը կ՚անցնի՜, Տիկին Հրանուշ... (Անուղղակի ու սքողուն իր հրաւէր ակնարկութիւնը ծածկեց իր խօսքին շարունակութեամբը ) Խիստ մի՛ ըլլաք... ի՜նչ է այդ դեռատի կնոջ, խեղճ քոյրերուն ետեւէն առեր անցեր էք...

-Անոնց ետեւէն դու՛ն անցեր ես, կ՚ըսեն, վրայ բերաւ Պետրոս, ընդհանուր քրքիչ արթնցնելով, ժուռ ֆիքս ունիս, կ՚ըսեն, շաբաթը անգամ մը ճաշի ես իրենց սենեակը... Թօփուզեանին  համար ոչինչ  կրնար գերազանցել անպատշաճութեան գայթակղութիւնը քան թէ շիտակ խօսքը։ Շիտակ խօսողէն խորհրդաւոր վախ մը կը զգար։ Կ՚ընեէր չէր ըներ, յարմար առիթին կը ձգէր ու, առանձինն, կը սիրաշահէր  «շիտակ խօսողը»... Շնութիւն, զոհողութիւն մինեոն թերիներ էին շիտակ խօսելու «ցաւին» բաղդատմամբ որ նկարագրին սիֆիլիզինն էր։ Շիտակ խօսիլը ո՛րն է, ճանըմ... Մարդ էշ-գեղացի, միամիտ, յետամնաց, լուսնէն ինկած ըլլալու է՝ շիտակ խօսիլը դեռ Թէրկ ըրած չըլլալու համար... Իսկ շիտակ չխօսելու արուեստը ունեցողը այնպիսի հիացում, այնպիսի հեշտանք կու տար իրեն որ ոչ ոք եւ ոչ մէկ գլուխ գործոց կրնար կատարել...

-Եւ յետոյ, սպասեցէք  քիչ մը, շարունակեց Պետրոս, գիտութիւնը դեռ իր այդ հրաշքները չէ գործած...

Թօփուզեան նախընտրեց անոր այդ «անյարկի» ընդմիջումը մասնաւորապէս իրեն ուղղուած չնկատել։ Տէր Հայրը ուզեց ընդհանրական ներողամտութեան մէջ հաշտեցնել բոլոր խորհրդածութիւնները։

-Ուր մնաց որ, ամբողջացուց իր մտածումը  Տոքթորը, տնտեսական, ընկերային, քաղաքական կալուածներուն մէջ ալ ձեռք ձգուած  յարաճուն յառաջդիմութիւնները պիտի բարելաւեն մարդը։ Պէտք չէ որ սակայն խափանենք  զանոնք՝ հինցած ցնդաբանութիւններով, ներեցէք Տէր  Հայր, խօսքս բնաւ ձեր մասին չէ։ «Աշխարհք  միայն կարելի է վերակազմել Աստուծոյ գաղափարին վրայ հիմնելով»ի պէս զառանցանքներով։ Ատոնց ժամանակը անցած է ալ։

-Մենք միեւնոյն կերպ չենք մտածեր, յայտնեց Տէր Հայրը որ սովորութիւն չունէր նետուած ձեռնոցներ վերցնելու։ Մնաց որ ձեռնոց չէր նետուած։

-Ըսել է, հարցուց Պետրոս, գիտութիւնը մեղքը դարմանելով, իսպառէ սպուռ ջնջելով, պիտի ջնջէ նաեւ երկրին երեսէն եկեղեցին։

-Արդէն կեանքը այդ ցոյց կուտայ, պատասխանեց Տօքթորը։ Տեսե՜ք, կարծեմ դարձեալ Վոլթէռի խօսքն է. «J nest pas etrange guun athe vive le plus chretiennement possible mais il est curieux gue  les chretiens vivent le plus amoralement possible gue les plus grands crimes se commettent an nom du Christ».

-Ըսել է, դարձեալ հարցուց Պետրոս, կեանքին մէջ, աշխարհիս մէջ միայն անականը գոյութիւն ունի, անբանականը ո՛չ գոյութիւն ունի, ո՛չ ալ մարդուն անհրաժեշտ է, էակա՛ն։

-Քսաներորդ դարուն մէջ ենք, Պարոն Պետրոս խնդրե՜մ... պատասխանեց Տոքթորը բարի ու բարեկամական գերակայութեամբ մը։

-Ա՛յդ է երեւի պատճառը որ ամէն տեղ ընդհանուր կազմալուծում տեղի կ՚ունենայ, կեանքի ցատըները կը տարտղնուին... հետեւցուց Պետրոս, աւելի ինքնիրեն։

-Ինչպէ՞ս թէ, հարցուց Տէրտէրը որ վերին աստիճանի որկրամոլ էր ընտանեկան  խնդիրներու, անոնց իւղոտ մասերուն, մանաւա՛նդ իւղոտներուն։

-Ճի՞շդ էր որ Պօղոսեանին կնիկն ալ փախեր է։ Քսանըհինգ տարիէ ի վեր ամուսնացած, հասած զաւակներ, նշանուած աղջիկ մը։ «Կա՜մ միլիոններդ վրաս պիտի ընես, կամ տուն չեմ գար... » Ճի՞շդ է, հարցուց Հրանուշ։

-Բան մը չէ, ճանը՛մ, բան մը չէ... Ան կնոջն ալ մորթին մէջ մտէք հըլէ...

-Կին են, աշխարհ է, կ՚ըլլայ, կրկնեց Թօփուզեան։

Յետոյ աչքէ անցուցին վերջի կազմալուծումները։ Երեք ամսուայ հարս մը ամբողջ գիշերը դուրսը կ՚անցընէ, առաւօտուն կը պատասխանէ իր ամուսնին. «Ծթրած մարդիկ էք դուք, քարանձաւներու, գերութեան շրջանին կը պատկանիք։ Մօն վիէօ, մենք ազա՛տ ենք, ազա՛տ։ Ըսէ խնդրեմ, ինչ վնաս կայ որ ուրիշի մը հետ պառկեցայ։ Գոհ եղիր որ կինդ հաճելի ժամանց մը ունեցաւ։ Այդ նախանձները վայրենութեան նշան են։ Քսաներորդ դար ենք։ Մօն վիէջ, քսաներո՛րդ... «Նոյն նոր հարսը, քանի մը ամիս վերջ կը յայտնէ ամուսնին որ յղի մնացած է բայց վիժեցուցած։ Լմնցաւ, աղեկցաւ հիմա... Ցաւակոծ ապշութեանը ամուսնին որ անձկալի՝ զաւակի մը կը սպասէր. «Հոգ մի ընե՛ր, կը պատասխանէ էմանսիփէ նոր հարսը, քեզմէ չէր... »

Մէկ ամուսայ նոր հարս մը, եղբորը միացած լաւ մը կը թակէ ամուսնին որ իր սպասածին չափ հարուստ դուրս չէ եկած։ Էթուալի թաղը կը գտնուի իր հասցէն, ինչպէս է որ աւելի հարուստ չէ... Կը կազմակերպեն.. Իրիկուն մը ամուսինը ուշ  ատեն գործէն կուգայ որ իր տունը Թէրմիթներու ներգործօն ու լրիւ աշխատանքին  ենթարկուած է։ «II ny a pas de vol entro mari et femme».

-Բան մը չէ՛, ճանըմ, բան մը չէ՛, կրկնեց դարձեալ Թօփուզեան։ (Քիչ) մը սրտնեղած Տրամաթիզէ մի՛ ընէք... Կը պատահի, կին են... Մենք հայերս ամէն ինչ ողբերգութեան կը վերածենք... Կ՚երթայ, վերջն ալ կուգայ, հետը բաներ մը կը տանի, վերջն ալ կը բերէ, ուրիշի մը հետ կը... ներեցէք, ատիկա չարգիլեր որ ամուսնին ալ դարձեալ յաջորդ գիշերը աղուոր մը... Կը պատահի, թամփղրամանի հազար ու մէկ բանի խնդիրներ կան, ձգելու է որ... հանդարտին, Թասէ ըլլան, կը հասկնա՞ք, Թասէ ըլլան։ Գէշ  բան է երբ մարդուս մէջ՝ Թաւէ չէ եղած... Ձգեցէք որ Թասէ ըլլայ ճանըմ, խե՛նթ էք, ինչ էք... կրակի հետ կը խաղաք... ձգեցէք...

Տիկին Վարդանեան գրեթէ վերջացուց իր աշխատանքը։ Երջանիկ էր որ այնտեղ, քովի սենեակը իր բարեկամները կը զուարճանային։ Մէկուն կամ միւսին հրաւէրին. «Գալի՛ս եմ, գալի՛ս... » մը կը նետէր։ Հայկ, նոյնքան զուարճացած, աւելի կը շեշտէր մօրը խօսքը, Ղարապաղի հնչումովը... «Գեալիիս ըմ, գեալի՛ս... »

Վերջապէս, Արփիկին հետ ներս մտաւ։ Երբ ձեռք սեղմումի արարողութիւնը կ՚ունենար, Արփիկ խորապէս հեզ, քրիստոնեայ արտայայտութեամբ, գրեթէ հերոսուհիի մը պէս մուտք գործեց։

Այդքան «անմեղ» մեղքերու համար խստօրէն կը դատէին զինք... Արփիկ կաճ փնտռտուքէ մը վերջ այնպէս յարմարցուց որ «այն տեսակ կիներու» կողքին չնստի։ Տեղ գրաւեց Տէր Հօրը քով։ Եթէ ոչ եկեղեցիին գոնէ եկեղեցիի պաշտօնեային շուքը վրան իյնար։ Ներկաներէն մէզ հոգիմիայն նշմարեց Էտիթը։

Նոյն այն կիրակին որ Տիկ Վարդանեանին տարեդարձն էր, Հրանտ արթնցաւ յոգնած։ Տարօրինակ երազներ էր տեսեր։

Երանային ներշնչումով ջութակ նուագեր էր։ Նուագելու ժամանակ յանկարծ սոլը փրթեր էր։ Անմիջապէս ուզեր էր կտորը վերջացնել ութեակներու փոփոխութեամբ՝ բայց միւսերեք լարերը թուլցեր էին։ Իր բոլոր պայքարը իզուր էր անցներ. անհընարինէր եղեր լարել ջութակը։ Արթնցեր էր ամբողջ զգայութիւնը դժնդակ տպաւորութեամբ թրթռուն։ Ժամ մը կարդալէ վերջ՝ վերստին քնացեր։Վերստին սկսեր նուագել։ Փականինիի ամէնէն դժուար կտորները դարձեր էին դիւրին խաղեր... Ջութակը ալ անկարելին չէր ճանչնար... Բայց լարերը անընդհատ, դուագիպր յամառութեամբ կը թուլնային... Այդ երազը, ինչպէս երբեմն կը պատահէր, ցնցում մը եղած էր։ Երբ արթնցաւ, մարմինը յօգնած եւ տրամադրութիւնը թառամած էր։

Անիէռ։ Սրտատրոփ՝ զանգը հնչեցուց։ Լսեց մեղմ աղմուկը հողափաթերուն որ, ինչպէս միշտ, յամրօրէն շարժեցան, խուլ աղմուկ մը հանեցին, հասան նեղ միջանցքը, աւելի դանդաղեցան, լոյսը վառեցին, արագցան։ Դուռը բացուեցաւ։ Մայրը՝ իր տժգոյն դէմքովը որ յանկարծ կը կենդանանայ այդ անակնկալ այցելութենէն։

Հրանտ, լուռ, կը նստի սեղանին առջեւ։ Մայրը կը դարձնէ ռատիօին պտուտակը եւ ինքն ալ կը գրաւէ իր բազկաթոռը անոր դիմաց։ Մէկ ակնարկով գուշակած է ապահովօրէն անոր խռովքը։ Նոյնքան ապահովութեամբ գիտէ թէ ի՛նչ եւ ինչքան քիչ բան հարկաւոր է ցրուելու համար ջիղերու ցանցին պըլլուած ախտավարակ մառախուղը։

Իր առաջին խօսքը կ՚ըլլայ.

-Հրա՜նտ, հիմա, րոպէ մը առաջ, Տուորժաքի քոնսերթօն, լա մինէօռ, ամբողջութեամբ տուին։ Ի՜նչ խորունկ հոգի։ Մինչեւ հիմա, ինծի համար անունը կար, ինք չի կար։ Մէկ անգամէն իր աշխարհը պարզուեցաւ։ Ալեկոծ, տառապող։ Կը տեսնես որ Արուեստագէտը մարտիրոս մըն է. օրերը մէկ առ մէկ կը վառին, բոլորը մարդոց օրերուն սառը հալեցնելու, ջերմութիւն տալու համար։ Անպայման սորվիր։ Շա՛տ տառապած, շա՛տ չարչարուած ըլլալու է։ Անպայման պիտի սորվիս։ Ատ ինչ շեշտեր է գտեր, յանկարծ, մեծ բնանկարներու այդ ի՛նչ երանութիւն...  Պիտի սորվիս անպայման որ մայրիկիդ համար նուագես... Հոգիս թարմացուց։ Մարդ կարողանար երթար-տեսնար զինք։ Երթայի, ճիչ բան չէ, սպասուի ըլլայի քովը... Հրանտ ապշած կը մնար մօրը ոգեւորութիւններուն կուսականութենէն։ Նոր գիւտ մը ըրած մէկու մը խռովուած աչքերը, նոր գանձի մը տիրացած մէկու մը արբշռանքը։ Յանկարծ երջանկացեր էր։ Բորբոքեր էին այլասիրութեան իր մղումները, բերեր զինք բազկատարած ծնրադրումի, աղօթքներու ամբողջ պարտէզի մը ծաղիկներուն որոնց բարումին կը հրաւիրէր հիմա իրեններն ու բոլորը։

Այդ պահերուն էր որ ան կը ստանար իր դէմքին այլազան արտայայտութիւններուն ամենէն անուշը, երիտասարդացածը շողարձակը...

Ու կը խորհէր Հրանտ որ ահա, իսկապէս, բարերար ներգործութիւնը կատարուեցաւ, իր  ներքին մշուշը փարատեցաւ... Հոգիի երիտարութեան քով, իսկապէ՛ս, մարմինը, քսանամեայ, շարժուն դիակներունը՝ ծառայ ու ստրուկ է միայն։ Երբ առաջինը, ցմահ, ամէն օր քիչ մը կ՚աճի, միւսը, ամէն օր քիչ մը կը նուազի։

Ժամ մը վերջ ուղղուեցան դէպի Փորթ տը Սէն Քլու։ Հրանտ կը զգար սակայն որոշապէս որ երազին ազդեցութիւնը չէ չքացած վրայէն եւ օրուան բոլոր ծրագիրը տեղի կ՚ունենար ոչ թէ ընթացիկ եղանակով մը, այլ, խուլ ու բռնագիր հրամանի մը տակ։ Բնական էր որ գաղափարը ունենար Վարդանեաններուն երթալու եւ սակայն այդ գաղափարը հրամանի մը նկարագիրը առեր էր։ Այդ վճիռը չառնըւեցաւ սովորական քննութենէ մըվերջ, ինչպէս առհասարակ տեղի կ՚ունենար։ Ան յանկարծ թառեցաւ գիտակցութեանը, անառարկելի թելադրանքի մը նման որ քննութեան առարկայ չէ։ Զգայութեան դաշտը դարձած էր խլրտուն ուր որսի չուներ արձակուած էին ի խնդիր խորհրդաւոր հրամաններու գործադրութեան։

Ժամանակ չունեցաւ հաստատելու առնչութիւնը  իր կրկնուած երազին եւ յորդող ու խուժող դէպքերուն...

-Կարծես՝ սա մեր Տիկին Արշակուհի՜ն է, լռութիւնը խզեց Տիկին Նազարեան որ կառքի պատուհանէն դուրս կը նայէր, երբ Սէն Քլուի հրապարակը հասան։

-Ի՜նչ գործ ունի այստեղ, ծանր վալիգ մըն ալ քաշ կուտայ, այդ տարիքին, եթէ կրնաս՝ կեցուր սա տեղ։

Արդարեւ՝ Տիկին Արշակուհին էր, ութսունի մօտ կին մը։ Կքած, հին, դեղին, անկենդան. գետին թափող միսերով եւ սակայն դեռ շարժելով ներկայութեամբը ուժերու զարմացնող քանակութեան մը։ Մէկ հատ առկայ չունէր։ Շրթունքներու  լայն շերտերը կը խուժէին բերնին անդունդն ի վար եւ կըրկապէս կը շեշտէին մարմնեղ քիթի մը ժայռանիտ կեռը։ Բեմերու սարսափազդու վհուկի կերպարանք որ սակայն հիմնոջին կը բարեխառնուէր, անմիջապէս որ աչքերը տարածէին անոր վրայ իրենց լոյսը։ Անխարդախ հանդարտութիւն մը կար հոն խառնուած ուշիմութեան եւ բարութեան մը միանգամայն։ Առաջի օրուայ շաբաթապահներէն էր եւ այդ աղանդին՝ տեղական սիւներէն մին։ Հրանտ բազմաթիւ անգամ հանդիպած էր անոր Անիէռ  ուր, կարգ մը ընտանիքներու մօտ, ինչպէս իր մօրը, անալին գործեր կը կատարէր։ Ան կ՚ընդունուէր սակայն գրեթէ հաւասար հաւասարի, հակառակ իր կատարած խոնարհ աշխատանքին։ Միշտ կը պահէին զինք՝ միասնաբար ճաշելու եւ կային ալ որ պատիւի երանգ մը կը համարէին իր ընկերակցութիւնը։ Ըսուելիք չըսուելիքի արուեստին անթերիօրէն կը տիրանար։ Ասկէ ալ կը տարածուէր իրմէ յարգանք պարտադրող կարծրացած արժանավայելչութիւն մը։ Եթէ տարիքի բերմամբ հաւասարակշռոյթի խախտում մըն ալ տեղի ունենար, այն ալ այդ կալուածին մէջ չէր բնաւ, այլ  շատ-շատ, կրօնական նրբերանգներու անշահախնդիր  այլ սակայն մոլեռանդ քննութեանց մէջ... Ամէն մարդ գիտէր որ ութսունը անց, միս մինակ աշխարհիս վրայ, տարիներու իր խնայողութիւնը մէկ անգամէն, ամբողջութեամբ, տարած յանձնած էր սովետական հիւպատոսարան, Հայաստան զրկուելու համար։ Իր ամբողջ ներքին ու արտաքին գործունէութիւնը մէկ աղբիւրէ կը մեկնէր՝ կրօնակա՛ն։

-Ի՜նչ կ՚ընես այստեղ, Տիկի՜ն Արշակուհի, այս ծանր վալիզն ալ, այսպէս...

Տիկին Արշակուհի շատոնց կորսնցուց էր անակնկալներէ զարմանալու շարժումը, ըլլային անոնք պատահարներու մէջ թէ մարդոց նկարագրին։ Այնքան պաղ ու տաք էր տեսած մարդոց քով, տուներէ ներս... Ուստի անայլայլ իր հանդարտութեամբն էր  որ պատասխանեց։

-Աս տեղուկս մէկուն տունը կը փնտռէի՝ չգտայ։ Հասցէին թուղթը կորսնցուցեր եմ, փողոցին անունն ալ միտքս չէ. ծերացեր եմ ալ։

-Տէ եկուր նայինք, եկու՜ր, ըսաւ Տիկին Նազարեան, օգնելով որ կառքը մտնէ եւ խորհելով զինք կերպով մը իր տեղը հասցնել։ Հրանտ անոր պայուսակը զետեղեց իր քովը։

Մեծ եղաւ անոնց զարմանքը երբ տեղեկացան որ փնտռուած հասցէն պարզապէս Տիկին Վարդանեանինն է։ Իսկ այդ քիչ մը օտարոտի այցելութեան պատճառը հասկնալու ատեն չունեցան վասնզի հրապարակէն մինչեւ տուն՝ րոպէ մըն ալ չէր առներ։ Գիտէին որ այս կինը, զինուած խորհրդաւոր ուժերով, աշխատանքէն  մնացած բոլոր ժամանակը կը յատկացնէր  ասոր անոր օգնութիւն մը ապահովելու կամ զայն հասցէին հասցնելու գործին, առանց հաշտուելու այն խնամքները որ սիրայօժար կ՚երթար տալ անդամալոյծ, տարիքոտ կիներու որոնց  առթած նողկանքը ո՛չ դրամով ո՛չ ալ արհեստով հիւանդապահուհիներու կարելի կ՚ըլլար ընդունիլ տալ։

Տիկին Վարդանեան ենթարկուեցաւ ուժգին խռովքի որ զինք նետեց խօսքի եւ շարժումներու կոհակներուն։ Մեծ էր ուրախութիւնը տեսնելով Հրանտը որուն ալ չէր սպասեր եւ շուարումը որ կը ստեղծէր Արփիկին ներկայութիւնը։ Խորամանկ «քրիստոնեայ» հարսը վերահասու  եղած էր արդէն եւ քաշուած խոհանոցին մէկ խորշը։ Անմիջական մէկ բան կար ընելիք՝ առաջնորդել զանոնքն հիւրասենեակ եւ ժամանակ շահիլ։ Աչքով լռութիւն պատուիրեց ներկաներուն որոնցմէ ոչ ոք կը խորհէր արդէն անզգուշ արտայայտութեան մը բրտութիւնը գործ  դնել։ Հրանտ պատմեց իր երազը։

-Տարօրինա՛կ է, աւելցուց, ամբողջ զգայութիւնս կը թրթռայ խորհրդաւոր խռովքի մը տակ եւ դեռ մինչեւ հիմայ ալ...

Երազը եւ գերբնականը դարձան խօսակցութեան նիւթ որուն կլանումէն օգտուելով, Տիկին Արշակուհի  եւ Էտիթ ցած ձայնով խօսակցութիւն ը ունեցան։ Էտիթ ըլլալով վրէժխնդիրը հեղինակը այս օտարոտի հանդիպումներուն՝ կը հանդարտեցնէր պառաւ կնոջ վրդովուած զարմացումը։

Տոքթորը երազները կը նակտէր արդիւնք բնախօսական ազդեցութեանց։

-Իրիկունը ֆասուլիա կեր, հարկա՛ւ գիշերը ֆանթասթիք բաներ կը տեսնես...

-Այսօր, ալ, պարզապէ՛ս յաառութիւն է չընդունիք, վրայ բերաւ Պետրոս, երազներուն նախագուշակ նկարագիրը, ե՛ւ հեռազգացողութիւնը, ե՛ւ վեցերորդ  զգայարանքը, ե՛ւ վացսուներորդ զգայարանքներու ալ կարելիութիւնը, բնութեան խորհըրդաւոր ծոցին մէջ։ Seul lorgueuil du savant est illimite, աւելցուց։ Ինչ որ չենք գիտեր՝ գոյութիւն չունի... շարունակեց, չյաջողելով գայթակղութիւնը զսպել։

Պետրոս խոր ատելութիւն մը կը սնուցանէր «դրական» մարդոց նկատմամբ որոնց համար շօշափելի նիւթէն դուրս բոլոր մնացեալը ամէնօրեայ արհամարհանքի մը առարկայ է միայն։ Ծանրակըշիռը՝  ամէնօրեայ ըլլալն էր... Եւ դեռ անոնց «դրական»  հանգամանքէն ալ աւելի իրենց այդ յանձնապաստան արհամարհանքին անթափանց հաստութիւնն էր որուն բրտութեամբ կը հակադրուէր իր խառնուածքը։

Չբաւարարուած կիրքով, պահ մը մտածելէ վերջ, պոռթկաց.

-Ի՜նչ կը խօսիք... Եթէ բնականը եւ գերբնականը իրարու քով բերենք, բնականը զէրոյի կը վերածուի։ Բնական բան գոյութիւն չունի արդէն։ Ամբողջ արարչութիւնը գերբնական է, միմիայն գերբնական, մենք միայն անո՛վ ենք շրջապատուած, անո՜ր մէջ կը լողանք, ինչպէս մեր մարմինը՝ օդին մէջ... Հա՛, մէկ բան միայն «բնական» է, ճղճիմ է, ախտավարակ՝ մեր միտքը՜, մեր սիրտը՛...

-Ու մնաց որ, վրայ բերաւ Տէր Ղեւոնդ, իր կիսաժպիտովը, անո՛նք ալ գերբնական են... Աստըւած անծայրածիր գիտակցութիւն ըլլալով՝ կեանքը երբեք վերջնականապէս չմեկնաբանուող հրաշքն է...

Տիկին Արշակուհի մասամբ հանդարտեցաւ։ Մեծապէս կը սիրէր խօսակցական սուսերամարտերը։ Յայտնեց որ հրաշքին կը հաւատայ, բացարձակ եղանակով ։ Յայտնի էր որ մէկէ աւելի փաստեր ունէր եւ ախորժակը՝ զանոնք պատմելու։

Տիկին Վարդանեան հասունօրէն մտածելէ վերջ որոշեց յայտնել իրականութիւնը։ Զգուշութեամբ՝ Հրանտին քովի սենեակը տարաւ։ Մեկուսացան պատուհանին մօտ։ Հրանտ շառագունեցաւ. չկրցաւ զսպել ցնցում մը որուն տիրապետեց  բաւական արագութեամբ։ Յիշեց երազը...

-Հոգ չէ՛... յայտնեց, շուարուն։

-Կարո՞ղ եմ ներս բերել։

-Ինչպէ՛ս որ ուզէք... Ակնթարթ մը ներուժօրէն մտածելէ վերջ. - Եղած են օրեր ուր ուզած եմ արդէն գոնէ անգամ մը հանդիպիլ անոր... նոյնիսկ անոնց...

Քանի՜, քանի անգամ որոշում առած էր կեանքի կոչել, բառով մը թէ արարքով մը, պարունակութիւնը սրտին երբ ան ողողուած էր ամբողջական թողութեանց ցօղերովը։ Քանի՜ անգամ տաք արեւը ինկած էր իր օրերուն երբ այդ պատուէրը գործադրելու կամքը ունեցած էր, ջնջելով  ամօթխածութիւնը եւ դիմագրաւելով վտանգը ծիծաղելի ըլլալու։ Քանի՜ անգամ, շաբաթներով մզկատած էր, երբ այդ կամքը դաւաճանած էր իրեն։ Ու քիչ առաջ այդ տաք ալիքները սեղմած էին սիրտը... Հարկ էր ունենալ կամքը՝ ըլլալու անյիշաչար, ինչքան ալ մեծ ու աւերիչ ըլլար մոռցուելիքը։ Ու քիչ առաջ, այլազան  երգեր յանկարծ սկսած էին մրմնջել հոգիին մէջ, այն երգերը որ այս յարկին տակ լսած էր կամ երգած... Եւ դեռ այնքան ուրիշնե՜ր...  Ուզեց ունենալ կամքը որ այդ րոպէներուն վրայ իշխէ պատրանքի թագաւորութիւնը։ Կը բաւէր յամառիլ կապոյտ ակնկալութեանց  աշխարհին մէջ որպէսզի ան դառնար աւելի մեծ, աւելի իրական քան մռայլ փաստերու իրականը... Յետոյ, այն որ անհանդուրժելի խոց մըն էր, բաժանումէն վերջ այդ տիրած կացութիւնն էր, հիւսուած հաստ անհեթեթի մը պաստառին վրայ, գոռոզութեան, նիւթամոլութեան, ատելութեան, ալսահար հակումներու բոլոր թելերովը, ուր օտար կիրքերու ոջիլները ճարպ կը կապէին... Այդպիսի դըժբախտութենէ մը վերջ, հանդիպիլ պահ մը իրարու, լռին՝ կուլ տալ արցունքներ, արտասանել անվնաս բառ, մը գէթ բառը պայմանագրական ողջոյնին, որոնց ետեւ, երկուստեք, զգային որ օր մը սէրը գոյութիւն ունեցած էր, որ երկու էակ սրբութիւններով օր մը միացած էին իրարու... Որ անկարելի էր հաշտուիլ չքացումին հետ գերագոյն եղելութեան մը, աննկատ կորուստին հետ, ճզմուած ճանճի մը նման...

Որ հոգին կարողանար շնչել, կարելիութիւնը ունենար, իբր ալ բարեկամ սոսկական գոնէ իր վեհանձնութեամբը ողողելու զայն... նման, անհետացած ասուպէն վերջ, աչքերուն դեռ պահած անոր լոյսին... Աղէտահար բոլոր հասարակ մահկանացուները, բոլոր դժբախտ զոյգերը ունեցած էին այդ տարրականօրէն մարդկային հակազդեցութիւնը... Միայն ինքն է որ... Հարկ էր, անգամ մը եւս դիմագրաւել ծիծաղելիութիւնը եւ խոնարհութեան վճռական աքթի մը ջերմութեան  տակ՝ հալեցնել ամբողջ  այդ ձրի անհեթեթը, վատը, չարը, գոռոզը, գձուձը...

Երբ Տիկին Վարդանեան Արփիկին հետ ներս մտաւ, խօսակցութիւնը դանակով կտրուեցաւ, Մէկէ աւելի դէմքեր, կատաղօրէն, հետաքրքրութիւն ցոլացուցին։

-Բարե՛ւ Արփի՛կ, ըսաւ Հրանտ, ձեռք երկարելով առաջինը՝ ինք, նկատելով անոր շուարումը եւ դէմքին ճակնդեղի կարմիրը։ Որպիսութիւնը հարցուց պարզութեամբ, տիրող պրկումը քայքայելու համար։ Արփիկ շշնչումով մը պատասխանեց։ Սենեակը արդէն որ շատ մեծ չէր՝ լեցուած էր ամբողջովին։ Ոչ ոք տեղ առաջարկեց անոր։

Արփիկ, յանկարծ լքուած բոլորէն, գրաւեց խարխուլ աթոռ մը որ կը գտնուէր սենեակի գրեթէ շեմքին, աւելի միջանցքին մէջ քան թէ սենեակէն  ներս։ Հազիւ նստած՝ մազ մնաց վար իյնար։ Այն ժամանակ, ինչպէս առաջ երբ կը սիրէր, Հրանտ չտեսաւ այն որ բոլոր միւսները կը տեսնէին անոր դէմքին։ Ան տեսաւ այն աղջիկը որուն արժանավայելչութիւնը, հպարտութիւնը, երջանկութիւնը դարձուցած էր իրենները եւ պաշտպանած զանոնք աւելի մոլեռանդութեամբ քան թէ իրեններն իսկ։

-Այստեղ աւելի ապահով է, յայտնեց մեղմութեամբ եւ ձեռքէն բռնած՝ նստեցուց իր իսկ աթոռին վրայ։

Ապշահար լռութենէ մը վերջ, շատեր առաջարկեցին Հրանտին իրենց աթոռը։ Տիկին Վարդանեան իրը պարտադրեց։

Անգամ մը եւս տիրեց լռութիւն՝ կապարով թափուած։ Հրանտ իւրովին կը կրկնէր. «Օգտուելու է՝ քանի սիրտը անչար է, օգտուելու է՛, շտապելու է օգտուիլ։ Խուսափելու պահն է ափսոսանքի  կրակներէն, շտապելու է, շտապելու է քանի կամքը պըրկուած է, շտապելու է խորին գոհունակութեանց  գանձանակը դահեկանով մը հարստացնելու... »

Եւ յիշեց որ ճիշտ այդ յուզումն էր որ կը սեղմէր կոկորդը երբ, այս աղջկան իր օճախը լքելէն քանի մը ամիս վերջ, ամանորի տօներուն ինչպէս եւ իրենց  ամուսնութեան առաջին տարելիցին, հեռաձայնեց երկու անգամ, արցունքներ ձայնին մէջ.

«Տօն օրեր են... այսպէս պէտք չէ որ ըլլայ, կարելի բան չէ, պէտք է որ, տօն օրեր են, գորովանքի լորձանքները մեզ... Յիշեց թէ ինչպէս ծանակի ենթարկեցին զինք, նուիրուած էնթրիկներու, սակարկութիւններու, քանի մը հարիւր հազար կորզելու համար, որպէսզի  սքանտալ չընեն...

Եւ ճիշդ ու ճիշդ, այդ արիւնոտ յիշատակներու բրտութենէն չպարտւոելու համար՝ կը կրկնէր... «Շտապելու է, շտապելու է... »

Այն ժամանակ, շեկնած դէմքը, տառապալիր աչքերը բարձրացուց եւ ըսաւ մեղմ ձայնով ուր սակայն առնուած վճիռի մը պրկումն ալ կը զգացուէր.

-Ես կ՚ուզեմ, Արփի՛կ, ես կ՚ուզեմ ներողութիւն խնդրել այն բոլորին համար որ կրնայի չընել, որ կրնայի արգիլել... Պէտք չէ այսպէս մնալ... Կարելի չէ ապրիլ ատելութեան մէջ...

Արփիկ եթէ ջուրին տակէն դուրս բերէին աւելի շշմած ու բութ պիտի չըլլար։ Չխպնող ու չարագործ բրտութիւն մը չորցուց դէմքը։ Տարօրինա՜կ էր։ Այսքա՛ն ալ նախնակա՜ն, ժառանգազուրկ... Ո եւ է ազնիւ երեւոյթ շուարումի մը մատնէր զիրենք։ Անսահման էր դէմքին ստացած խեղճութիւնը։ Ոչ մէկ հակազդեցութիւն, ոչ մէկ թրթռացում, ոչ մէկ ռէզօնանս... ինչպէս միշտ, փնտռեց իր միակ ապաւէնը՝ խորամանկութեան խոռոզը։ Բայց որպէս զի ան գործէր՝ ժամանակի կը կարօտէր. պէտք էր որ ուղեղը սկըսէր շարժիլ, իր ճճիի նախնական շարժումները ընէր, ուղեղային ըղկղանք մը արտադրուէր որուն մէջ թաղուած՝ ինքզինքը ապահուվ զգար... Խաղ մը խաղցըւած էր... Ո եւ է ինչ, կեանքի մէջ, խաղ մըն էր։ Խաղ մը խաղցուած էր՝ հարկ էր չխաբուիլ... Հարկ էր պղտոր, պղտոր ալիքներ տարածել իր չորս դին որոնց ետեւ իր ահաւոր խեղճութիւնը ապաստան գտնէր։ Իր ամուսնին, ներկաներուն սրտին մէջ թաւալէզ ու արտայայտուող կեանքի ալիքները, ողբերգութիւն, ամէնը զէրօ՜, անգո՜յ  էին իր համար։ Խաղ մը խաղցուեր էր, հարկ էր խորամանկութեան  բոլոր առագաստները բանալ, անհեթեթի ու գարշաբոյր տխմարութեանց հովերուն։

Այդ աշխատանքը որպէսզի տեղի ունենար կը կարօտէր միւս երկու գործակիցներուն, այդ միւս երկու տխեղծ արարածներուն... Եւ այդ էր որ փնտռեցին բնազդաբար իր աչքերը... Վատութեան եւ շահամոլութեան - այն ալ՝ փոքր, փո՛քր շահերու, - գետինէն դուրս, ո եւ է այլ տեղ իրենց զգայական ոտքերը անատակ էին շարժելու... Ցիրքերուն մէջ երբեմն «գիտուն ոջիլներ» կը ցուցադրուին։ Անոնցմէ մին ապահովաբար, մարդկայնօրէն նուազ  ամօթով դուրս պիտի գար... Եւ տեսնել որ այս «միամիտ» տղան այսքան իտէալականացուցած էր ոչ իսկ «գիտուն ոջիլը», ողբալի բան մըն էր... Երբ ուրիշներ մէկ ակնարկով չափած էին ասոնց եթէ ոչ վատութեան անհունը, գէթ փողոց ձգուած աղջիկներու ամբողջ  հոգեկան  գռեհկութիւնը, ինք՝ Տեղտեմոնտ ու Շառլոթ բնակեցուցած էր անոնց մէջ... Տարօրինա՜կ, տարօրինա՜կ...

Թօփուզեան յանկարծ խորհեցաւ, Արդեօք այս տղան անանկ բաներ ըրած է որ մարդ չի գիտեր... »

Վատ, «դրական» անհատին իրական պատիժը այն կ՚ըլլայ որ միանգամ ընդ միշտ իրեն կ՚արգիլուի

-Մտեա կ՚արգիլէ - ազնիւին տեսքը։ Այդ մէկ պատուհասը  բացառութիւն չի ճանչնար։ Ո՜վ որ ճրագը  մարէ՝ կը մնայ մութին մէջ։ Ատիկա, ի վերջոյ, պատուհաս իսկ չէ։ «Ազդեցութեան» մը անյեղլի հակաազդեցութիւնը։ Մաեա այդպէս կարգադրած է։ Աշխարհի գոյութենէն ի վեր։ Իրականին մէջ պատիժ չկա՛յ։ Պատիժը, ինչպէս պաղը, տաքութեան բացակայութիւնն է... ԱՆյեղլիօրէն անխուսափելի...

Պետրոս բացարձակ աչքեր առաւ, ցաւով կծկուած իր դէմքին վրայ...

«C՚est un peu fort... » կրկնեց Էտիթ։

Հայկ չյաջողեցաւ զսպել իր ցասումնալից գայթակղութիւնը որ, ատենէ մը ի վեր, յաճախակի եւ դիւրութեամբ կ՚ունենար։ Ան Մովսէսական պատուէրին հակազդեցութիւնները կը կրէր միայն, եւ բան մըն ալ աւելի - մէկ աչքին տեղ՝ մէկ ու կէս աչք։ Ո եւ է այլ կեցուածք անըմբռնելի էր եւ փնտռել կու տար զարմանազան դրդապատճառներ։

Տիկին Վարդանեան նմանապէս միշտ գայթակղած վիճակի մէջ էր եւ զայն արտայայտելու համար ո եւ է բառ ու ձայնարկութիւն, ո եւ է տեղէ փոխ կ՚առնէր։

նօ՛, ա նօ՛, էլ միայն էս էր պակաս, դերերը շրջուե՜լ են, աշխարհ փուլ է գալիս...

«Հիւանդագին միսթիցիզմ է... » յայտնեց Ճէմալոֆ, խորունկ հեգնանքով, Թօփուզեանին ուղղուած։

-Մի տգէ՛տ, չար, խաբեբա աղջիկ, կրօնքը շահագործելով մտնի մի ազնիւ արթիսթի կեանքին մէջ, կեղտոտի, ցեխոտի, շանթաժի բոլոր ձեւերը գործ դնի, եւ էլի տղա՛ն նրանից ներում խնդրի՛... Ախար ինչո՞ւ, հէ՛, բանի համար, հէ, ինչ բանի համար... չկրցաւ չպոռթկալ Տիկին Վարդանեան։

-Սա ինչ եահուտա-մասոնական բարքեր են, Եանքէների երկրից ներմուծուած։ Տղայմարդը դառել է կնոջ կատարեալ ստրուկը... Ճիշդ եմ ասում, Հրանտ, ա՛լ, չեմ ծածկում, չէի սպասի քեզանից...

-Ե՛ս էլ չէի սպասում... ընդգծեց մայրը։ Ըսես իրե՛նց իսկ հպարտութիւնը վիրաւորուած ըլլար։

Պետրոս նմանապէս յամառօրէն ակնարկը ձգեց անոր դէմքին։ Բոլորին կողմէ լռելեայն պարտադրանք մը եղաւ անկէ բացատրութիւն մը իմանալ։ Այն ժամանակ.

-Ո՛չ մեղքին կատարումը, յայտնեց Հրանտ մեղմ ձայնով, տժգունած, ակնարկները գետին, ոչ ալ մեղքին մեծութիւնը կը որոշեն մեղաւորները։ Ո՛վ որ աւելի գիտակից է՝ ա՛ն է մեղաւոր... Իմ պարագայիս մէջ, աւելցուց, ակնթարթ մը խորհելէ վերջ, դառն ժպիտով մը, դժուար չէր աւելի գիտակից դուրս գալ...

-Չե՛մ իմանում, չե՛մ իմանում... կը կրկնէր Տիկին Վարդանեան, դանակի հարուածներով բոլորովին անբաւարար։

Պետրոս անգամ մը եւս հաստատեց թէ ինչ աստիճանի այս բոլոր մարդիկը, այս երիցս այլասերած «բողոքականը» խեղճ խամաճիկներ էին միայն, կեանքի մէկ երկու, հաստ թելերէն քաշքշուած։ Անոնք իրենց իսկական կեանքը գտեր էին արթիսթի ներաշխարհին մէջ։ Իսկ հոն՝ մերթ խորհրդաւոր հաշուեյարդարներու ահեղ բախումներ կը կատարուէին...

Տիկին Նազարեան եթէ ոչ վիրաւորանքի գոնէ աւելորդ բան մը կատարուածի հակազդեցութիւնը ունեցաւ առաջի բերնով։ Իր տղան ո՛ւր, այս աղճատուած արարածը ո՛ւր որ արժանի ըլլար անոր հոգեկան գանձերու ցուցադրման... Տակաւ վերյիշեց իր ամուսնութեան առաջին շրջանները, իր ալ հանդիսատես եղած ըլլալը հեզութեան մեծ արարքներու եւ... բաւականին արագութեամբ ջնջուեցաւ իր համար անոր նուաստացնող կամ անհարկի հանգամանքը... Ափսոսալու բան չկա՛ր, չկա՛ր... Թող կարմրէին անոնք որոնց սիրտը՝ գորովանքի ո եւ է շարժումի անատակ, ոեւէ օր. ոեւէ դէպքի առջեւ, մեծ թողութեանց տրոփիւնին օտար կը մնար... Ափսոսալու բան չկար...

-Սրանք կեանքի առարկայական զգացողութիւնը կորցրել են... ոբյէքտիւ կերպով կը վերլուծէր Ճէմալոֆ, Թօփուզեանին ուղղուած։ Հէնց դրա համար էլ կեանքը մի ինչ որ սուտ բան է դառել սրանց համար։ Թաղուել են ինչ որ մի միսթիցիզմի մէջ... Հրանուշ կրեց մեծ զարմացումի զգացում մը։ Այս այնքան «գոռոզ» ջութակահարը եւ... ինչպէս շատեր որ, իրեն նման, այդպէս կը կարծէին... Արդէն զարմացած էր երբ լսած էր որ «անոնց ոտքն է գացեր» եւ խնդրեր որ կինը տուն գայ... Մերժուելէ, ծաղրուելէ տասնըհինգ օր վերջ՝ նորէն «անոնց ոտքն էր գացեր»... Եւ հիմա, ա՛լ, ա՛լ իր ականջներովը լսեց...

Տիկին Արշակուհիին մէջ, արագօրէն, ճշմարտութիւնը իր պայծառ դէմքը ցոյց տուաւ... Այս երեք «քրիստոնեայ քոյրերը» մազ էր մնացեր որ շատ ծանր արարքներու մեղսակից ընէին զինք... Վա՜յ, վա՜յ... փա՜ռք Աստուծոյ, մեծ է զօրութիւնը...

«Վա՜յն ի գլխուն, կրկնեց Տիկին Նազարեան, նոյնպէս խռովուած, մեղմաձայն, որ իր դրացինը՝ Տէր Ղեւոնդ հազիւ կը լսէր - Վա՜յն ի գլխուն, լաւ օր մը չտեսաւ... Ո՛ւր է որ օր մը նոր հարսի պէս հագուէր, կապուէր... Ո՛չ ամառը՝ ծով, ոչ ձմեռը՝ լեռը, գոնէ անգամ մը չճամբորդեց ամուսնին հետ, վա՜յն ի գլխուն, նոր հարս պիտի ըլլար... Եւ... ի՜նչ սէր, ինչպիսի սէր էր ինկած վրան... Ո՛չ վայլեցուց, ո՛չ վայլեց... Մսխու՜մ, մսխո՜ւմ... Աշխարհը կատղէր՝ ամէն ինչ մսխելու է ելեր։»

Հրանտ ունեցաւ անսահման հանգստացում մը, տղաբերքէ վերջ հաստատուող անէացման նման։ Նման այն հանգստացումին որ մարդ կ՚ունենայ տիրոջը հասցնելով, կորուստի վտանգին տակ, թանկագին աւանդ մը։ Կար դեռ այլ կէտ մըն ալ։ Այս տղան ամբողջ կեանքը, երբ խիղճը զինք չարչրկած էր, այդ եղած էր մեծամասնաբար մտացածին պատճառներով։ Մշտապէս անօթի անձկութիւն մը հոգիին մէջ՝ սնունդ կը պահանջէր։ Եթէ ոչ ամբողջը, մեծագոյն մասը անգոյ՝ իր երեւակայութեան իրեն վերագրած թերացումներն էին։ Բացարձակին կարօտը, կատարեալին անհասանելիութեան յատկանիշը չարչարանք մըն էր իր համար։ Այդպէս է որ, տարիներէ ի վեր, միտքը դրած էր որ ինք ուրիշին ճառ կարդալ կը սիրէ։ Իր քարոզած սկզբունքները ինք չի կիրարկեր, գոնէ ամբողջութեամբ։ Չկիրարկուած մասը ըլլալով կարեւորագոյնը։

Ոչինչ աւելի մեծ չափով բարոյական նողկանք կը յառաջացնէր իր մէջ որքան արհեստով քարոզողներուն պատկերը։ Ան կը նկատէր որ անբուժելի անարիւնութեան ենթարկուած ընկերութեանց ցայտուն ախտանիշ այդ մեծապատիւ, մակաբոյծ քարոզներուն աճումը կը կազմէ։ Եւ երբ խօսքին ու գործին մէջ կը հաստատուի այս աստիճանի խորութեամբ անջրպետ մը՝ ծանր ախտանիշ է։

Ինչքան աւեի պայքարած էր այնքան աւելի իրական թուած էր այդ թերիէն իր ալ անմասն չըլլալը։ Ինչպիսի մոլեռանդութեամբ ընդունած էր եւ հռչակած, օրինակ, ապահարզանի անընդունելի ըլլալու պատուէրը, ամուսնական նարօտի անխզելի նկարագիրը։ Քանի անգամ, ինչպիսի վարակիչ ջերմութեամբ, ցուցամատը՝ բարձր, կրկնած էր. «Malheur a celui qui dans les premiers myments d՚une liaison d՚amour, ne croit pas que cette liaison doit etre eternelle... » Եւ իրաւ ալ, քանի օճախ անոր կը պարտէր, որ կրակը չէր հանգած, որ ձեղունը չէր փլած...

Ինչպիսի ջերմութեամբ քարոզած էր ներողամտութիւն։ Ե՛րբ ալ ըլլար ինչ բանի համար ալ, որո՛ւ հանդէպ ալ... Եւ ահա, կեանքը եկեր, դէմը կանգներ կը քրքչար... «Համեցէ՜ք, կ՚ըսէր, ա՛յ համեցէ՜ք... » Ինչքան աւելի ճգնաժամային է պահը, այնքան աւելի մեծ խորութեամբ հարկ է ընդունիլ իր անկումները։ Ունէ՞ր թէ չունէ՞ր այդ ուժը... Եւ եթէ հարկ էր ծիծաղելի ըլլալ՝ թող ա՛յդ ձեւով ըլլար։ Թող այդ ձեւով կրէր հետեւանքները... Հրանուշ, - հազուադէպօրէն կը պատահէր - ելած էր իր սովորական ամրափակ փափկանկատութենէն դուրս։ Պոռթկումի մը մէջ իրերը իրենտ բուն բառովը կը որակէր։ Էտիթին ուղղելով մանաւանդ.

-Սիրելի՛ս, ո՛չ գեղեցկութիւն ո՛չ ազնուութիւն ո՛չ ընտանիք ո՛չ դրամ ո՛չ կրթութիւն, ո՛չ տան տիկին, կատարեալ աւանդիւռիէռ մը որ իր խաղը կրօնքի ստութեան տակ ծածկելով, եկաւ գաղութին մէջ եւ, անշո՛ւշտ, այս ինչքա՜ն կեղտոտութիւն թափեց... Ամէն տուն, շաբաթը մէկ երկու անգամ, այդպիսի ոչինչ բաներ կրնան... Այդպէ՜ս, տունէ տուն պարտիլ, մինչեւ դատարանները արիւնոտ լաեր ցուցադրե՛լ... Իրա՜ւ կ՚ըսեմ, իբրեւ սպասուհի իսկ տունդ չես առներ, սպասուհին աշխատիլ պէտք է գիտնայ։

-Ու այս բոլորը՝ դրա՛մ քաշելու համար։ Դրա՜մ, դրա՜մ։ Ատոր տակն ալ՝ ծուլութի՛ւն։ Քա անո՛ւշս, հիմակուայ աղջիկներուն իտէալը՝ առտուն 12ին անկողնէն ելլել եւ նախաճաշը անկողնին մէջ ընել։

-Եւ որպէսզի աւելի՛ համով ըլլայ թարթինը, ընդմիջեց Էտիթ, անպայման ամուսնէն՝ պէտք է որ սպասարկուի...

Հրանուշ սկսաւ խնդալ.

-Հա՜, հա՛, ճիշդ է... Կեանքի իտէալը՝ քաֆէ-քրէմը անկողնին մէջ եւ ամուսնէն սպասարկուած...

-Ֆամ անթրըթընիւնիւներուն իտէալն է... յայտարարեց Էտիթ՝ յանկարծ մռայլ։

-Ա՜, կը պոռար գրեթէ զարմացած, ես ալ՝ ատիկա՛ չեմ հասկցած։ Առտուն կանուխ մարդ չելլէ՛, աղուո՛ր մը քիթ ու բերան չմաքրէ՛, սենեակներուն օդը չփոխէ՜, սեղանին շուրջ չբոլորուի իրեններուն հետ՝ ի՞նչ կ՚արժէ... Ես այն օրը որ միտքս դրած գործերս ամբողջութեա՛մբ կատարեմ, ինչքան ալ յոգնած, ուրախութիւն մը ունիմ որ հիչ բանի մը հետ չեմ փոխեր... (Ցած ձայնով, աչքերը մեծ բացած եւ վախցած դէմքով), ծուլութի՜ւն, ծուլութի՜ւն... ըրաւ։

-Եւ միտքերնին՝ ծռած, ուղեղնին՝ ճմըռթկուած...

Թէպէտ զարմանալի՝ իրենց այսքան համարձակութեամբ դատապարտող շեշտը, բայցհարկ է յայտնել որ Էտիթ միշտ ալ կը նուիրուէր աշխատանքի մը, գոնէ ունէր անոր փափաքը, իսկ Հրանուշ՝ բացառիկ չափերով եւ շատ մը ճիւղերու մէջ՝ վերին աստիճանի օժտուած։

-Տարօրինակը հոն է որ, մէջ մտաւ Պետրոս, մեղմ ձայնով եւ հեգնանքով, ուրիշ տեղ, ուրիշ տուներու մէջ երկո՜ւ կողմէ ալ, այլազան չափերով, այսպէս կամ այնպէս, բաներ մը կ՚ըլլայ... Այստեղ, իրա՛ւ որ... խե՛ղճ Հրանտ... հայ աղջիկ մը առնել ուզելու ոճիրը գործեց...

Քիչ մը մտածելէ վերջ, մեծ զարմանքով մը.

-Խնդիրը հոն է որ այսքան մե՛ծ խորո՜ւնկ փտութիւն մը դիւրաւ-դիւրաւ չի գոյանար. մէկ կեանքի, մէկ սերունդի գործ չէ... Մե՜ծ, շա՜տ մեծ մեղսակցութիւն մը կայ, իր քոյրերէն, իր թաղէն, քոնսիէրժներու աշխարհէն տարածուելով մինչեւ օրէնքի շիլ մարդոց դասակարգերը, մինչեւ ցամաքամասե՛ր... Գոյութիւն չունի աւելի մեծ ընկերային վէրք մը, ընկերային հարց մը....

Արփիկ լալ կը ձեւացնէր, թաշկինակը մերթ քիթին, մերթ աչքերուն տանելով կը մրթմրթար։ Ահաւոր ատելութիւններ կը կայծկլտային աչքերուն մէջ։ Այս մարդիկը իր ուզածին պէս չեն համաձայնիր գործածուիլ։ Ինչպէս չղջիկը լոյսէն, այս աղջիկները ճշմարտութենէն կը սոսկային, բացառիկ չափով, կը վերածուէին անուժ փաեասոնի մը...

-Յանցանքը ի՛մս է, կը կրկնէր Հրանտ, նեղուած կծկումով, ձեռքը ճակտին տանելով, յանցանքը ի՛մս է, հասկցէ՛ք...

Թօփուզեան մէկ քանի հակադիր անձեր կը կրէր իր մէջ։ Երբ թուրք պաշտօնեան կը հեռանար, յաճախ տեղ կուտար Թարթիւֆին։ Դարձեալ ապշած եւ քաջալերուած Հրանտին ելոյթէն։

-Մի մոռնաք որ կին մըն է, ճանըմ... ան ալ իր ներկայութեան... Կին ըսածդ, ճանըմ... մարդս վեհանձն ըլլալու է... Կնոջ վարդով իսկ... չէ մի եա...

-Ա՛յ քեզ բան... Մարդիկ խելագարուել են... Չեմ հասկանում, չեմ հասկանում.... կը կրկնէր Տիկ. Վարդանեան, գլուխը պարբերաբար դէպի ետ ցնցելով։

Դուռին զանգը։ Յայտնուեցան Ալիս եւ Զարուհի։ Մէկը ուսէն կախ եղած կեղտոտ փոկով պայուսկ մը, ճերմակ պլուզի մը վրայ, միւսը՝ շէֆթէնի համազգեստ։ Տեսնելով որ իրենց քոյրը կ՚ուշանայ՝ մտահոգուեր են։ Եկեր են տեսնել թէ ի՛նչ տեղի կ՚ունենայ։ Աչքերնին կը խաղայ՝ թակարդ ինկած առնէտներու նման։ Հա՛, այս համազգեստը։ Առտուն շէֆթէններու հաւաքոյթ մը կար։

Մինչդեռ Արփիկ, ընդհակառակը, յայտներ էր որ Սիւրիայէն եկած ծանօթներու այցի են գացեր։ Տիկին Վարդանեան քմծիծաղ մը ունեցաւ։ Յանկարծ զգաց ճղճիմ արարածի մը ամբողջ ոչնչութիւնը, ամէն ինչ կտորէ ու կերպասէ սպասող արարածներուն...

Յիշեցին թէ քանի՛ քանի անգամ ընդունուեր էին այս յարկին տակ, գուրգուրանքով, որպէս «հրեշտակներ», «անպաշտպան հայուհիներ»։ Տիկին Վարդանեան, իր ջիջէկ հարսին ալ կսկիծը իր մէջը, կը հաստատէր որ այս վատասերած երեք աղջիկը քանդեցին Հայուհիի միթը որ եօթանասուն տարի սրտին մէջ օրօրած էր։ Հրաւիրեալներուն թիւը կ՚ամբողջանար։ «Պրոֆէսոր»ը՝ տկար, պիտի չգար։ Ամէնէն ուշ մնացողներն ալ հասան՝ ետեւէ ետեւ - դերասանուհիներ Օր. Աճէմեան, Տիկ. Նադշեան։

Հայկ որ հետեւած էր Թօփուզեանի խօսքերուն շարունակութեան, Ճէմալօֆին ուղղուած, եւ տեսած իրենց գերակայութենէն եւ ուրիշներու դժբախտութենէն իրենց ունեցած հրճուանքը որ ալ չէր պարտկուէր եւ կը պտղէր իրենց դէմքերուն, կատաղութեան նոպայէ մը բռնուեցաւ։ Իր ալ կրած նոյնօրինակ վատութիւնները աւելի քան սաստկացան ու արիւնեցին սիրտը։ Այս անգամ, սակայն, իր մոլուցքը փոխանակ վեր ժայթքելու, վար ուղղուեցաւ։ Ցած ձայն մը գործածեց, անտարբերութեան լրիւ շեշտով մը, ուսանողական խնդիր մը պարզաբանելու առարկայականութեամբ։

-... Իմանո՛ւմ էք թէ բանը ինչումն է։ (Բոլորն ալ սկսան հետաքրքրուիլ)։ Օրէնքի մի առաջարկ կայ որ մի խումբ երեսփոխաններ ներկայացրել են քուէարկութեան... Նրանք ասում են որ ընկերային վէրքերը բուժելու համար բնաւ հարկը չի քննելու թէ մի յանցանք գործուել է թէ ոչ։ Ամէն առաւօտ, պարզապէս, ժամը ութից ութ եւ կէս...

-Ամա՛ն, խենթ բաներ կ՚ըսէ-է՜... (Հրանուշն էր)։

Նախաճաշիկից առաջ... Նախաճաշիկը էլի տալու է, կերցնելու է, էտ սրա հետ կապ չունի... Միայն թէ, ամէն առաւօտ, ինչպէս մարմնին քամիները հարկ է վանել որ չթունաւորուի, էնպէս էլ, հոգիին քամիները վանելու համար, ժամը ութից ութ եւ կէս...

«Ինչ բան, է՛, ի՛նչ բան», հարցուցին շատեր, զուարճացած։

-Մեղքը կիներունը չէ... Մեղքը, դիտաւորեալ կերպով, էս օրէնքներունն է, իմացա՞ք... Դրանք այլասերում են նրանց եւ կանայք դրամական մանր գումարներ ապահովելու համար ինքզինքնին էլ կը ծախեն, իրանց օճախն էլ, իրանց մայրն ու աղջիկն էլ... «Ուստի՛», ոնց որ ասում են, էտ բոլոր  կանանց, ամէն առաւօտ, ժամը ութից եւ կէս... Ա՜յ, մի խնդաք, ես լուրջ եմ ասում...

-Ի՞նչ բան է, ի՞նչ բան...

-Ամէն առաւօտ, ժամը ութից ութ եւ կէս՝ տաեախ, ոնց որ թրքահայերդ ասում էք... Կող ոսկոր կոտրելու աստիճան... Մի քանի տարի... Յետոյ նայելու է... Մի խնդաք, ես ձեզ լուրջ բան եմ ասում... Ծրագիրը դրուած է երեսփոխանական ժողովի սեղանին վրայ... Ներեցէք Տիկին Նազարեան, մեր խօսքը, անշուշտ, էս էմանսիփէ կանանց մասին է...  Ես ձեզ ասում եմ՝ ութից ութ եւ կէս... Եթէ նրանց հոգեկան նեխութիւնը, աղետաբեր պովարիզմը, գլխու հովերը, սրտի մգլոտումը չչըքանան՝ ես իմ գլուխն եմ կտրելու...

-Անհրաժեշտ է սակայն որ ուշաթափումներ  տեղի ունենան, այլազան արիւնահոսումներ, եւ առհասարակ՝ ոսկորների  այլազան կոտորատում... Էն ժամանակ կը տեսնէք թէ փողոց չափող էս վռստուածները, ոնց որ թրքահայերը ասում են, ինչպէ՜ս  մեղմանան, ի՜նչ անուշ ձայներ ստանան, ի՜նչ քընքուշ աչքեր, հոգեկան ի՜նչ փափուկ շարժուձեւեր...

Ծաղկաման կոտրել, դուռ-ապակի ջախջախել՝ հեռաւոր, անհաւատալի յիշատակներ դառնան։ Միայն թէ՝ ժամը ութից ութ եւ կէս...

Հայկ որ ներքին կատաղութեամբ սկսած էր, վերջապէս, ընդհանուր զուարճութենէն ինքն ալ վարակուեցաւ եւ իր ոխն ալ Ճէմալոֆին հանդէպ առժամապէս չքացաւ...

Իրենց՝ Հրանտին եւ Ճեմալոֆին բարեկամութեան գաւաթ մը տաք ջուրը պաղեր էր։ Սկիզբները շատ տարիներ առաջ, Հանրապետութեան անկումէն  վերջ երբ Երեւանէն փախած, Փարիզ հասած էր, իր վրայ մնացած էր Հայաստանէն  հով մը։ Խօսակցութիւնը կը կրէր Էջմիածնի կնիքը։ Այդ բոլորը աւելցուած իր մանրավէպերու պաշարին, իր պատմողի  զուարթախոհութեան՝ դարձուցած էր իր ընկերակցութիւնը ոչ զուրկ հրապոյրէ։ Տիկին Նազարեանին առաջ բերած շարժումովը ընդհանրապէս մեր «գիւղին»՝ Անիէռի հայերը մրցումի ելան, տարիներ ամբողջ, այս կամ այն եղանակով նուազեցնելու դառնութիւնը նորահաստատ գաղթականի իրենց կեանքին։ Հետզհետէ սակայն մին կամ միւսը նշմարեց որ մեր երկու օրուայ նախարարը, երկու տասնեակ օրուայ հայկական «պարլամենտի» երեսփոխանը, ի պաշտօնէ «օպոզիցիայի» պետը իր դիւրահաղորդ մարդուկի արտաքինին տակ կը պահէ վարժ լուղուորդ մը, ժուլիկ «մտաւորական» մը մեծ պնակալէզ մը եւ առաջնակարգ էնթրիկան մը։ Կեանքը հետզհետէ երեւան բերաւ արտակարգ չափով քէնոտ մարդը որ ոչ միայն մեր գիւղին այլ ընդհանրապէս մեր գաղութին ամէնէն այլասերած տիպարներուն հետ սկսաւ դաշնակցիլ։ Թօփուզեանին հետ, օրինակ, զարմացնող արագութեամբ դարձաւ անբաժան գործակից։ Այն որ բոլորին հիացումը միահամուռօրէն գրաւեց՝ մարդ գտնելու եւ զայն շահագործելու իր նրբին արուեստը եղաւ։

Մեր ժողովուրդը, կիսամտաւորական զանգուածը «խենթ է մտաւորականի»։ Քրոնիք էկզէմաի, անուշ քերուրտուք մըն է այդ պահանջը որ բաւարարելու համար ան ընդունակ է զոհողութիւններ ընելու։ «Ճէմալօֆի պէս մտաւորականը» բացատրութիւնը դարձաւ եւ շրջանառութեան մէջ մտաւ։ Թօփուզեանի եւ այլոց կողմէ, որպէս ազդու եւ հասութաբեր նշանախօսք։ Ու հոն ուր նոյն արհեստին պատկանող ուրիշներ ձախողած էին՝ Ճէմալոֆ յաղթական դուրս եկաւ։ Այսինքն վաւերական Հարփակոններ՝ ինչպէս երկարահասակ, ծանծաղամիտ Սարաֆեանը, Կարապետ Միհրանեանը, Լեւոն Մկրտչեանը եւ ուրիշներ պարբերաբար կրեցին քերուրտուքին հետեւանքները։ Ուրիշ խօսք որ մեղրալուսինը հազուադէպօրէ՛ն երկար կը հետեւէր։

«Մեր մտաւորականը» կը գտնէր, կը ծծէր, քանի մը թունաւոր խօսք ալ կը ներարկէր ու, շնորհազուրկ հարճ, մէկդի կը նետէր քարուրտուքէ բռնոածը։

Պարոնեանական շրջանը ան շատոնց փակած էր։ Երգիծաբանին Մեծապատիւ Մուրացկանները դարձած էին անվնաս, ծիծաղելի սիրելի խամաճիկներ, Թօփուզեան-Ճէմալօֆ ահաբեկող քէլէխճիներուն քով, որոնք անպարագիծ սինիզմը դարձուցած էին նոր օրերու, նոր մարդոց նշանախօսքը։ Այդպէս է որ, օր մը, մեր գիւղը սկսաւ շրջիլ հեռախօսով իրարու յայտնուած Թօփուզեան Ճէմալօֆ տիալօկ մը։ «Այսօ՞ր որ աւանակը հրաւիրած է։» «Մի քանիսը կայ, դեռ ուրիշներ էլ լինելու են մինչեւ նախաճաշ։ Ո՛ր աւանակը որ աւելի մեծ աւանակ դուրս գայ՝ նրանց ենք գնալու... » Այդ լուրին տարածումէն վերջ՝ շատերու աչքէն մէկէն ինկաւ։ Ուրիշներ որոշեցին «աւանակներու» դասակարգէն կամաց մը դուրս գալ։ Շատեր խորհեցան թէ մօտ է օրը ուր աւանակներու թիւը պիտի սպառի վերջնականապէս։ Միամիտներ էին անոնք...

Ոչ ոք կը մտածէր որ անսպառ կրնար ըլլայ  աւանակներու թիւը։ Կը բաւէր միայն դժուարահաճ չըլլայ։ Ու անգրագէտ կառավարը, նախկին ճեմարանական բանւորը, ընկերոջ կին, քոյր, քենի, այլազան տուտուներ, Պոլսեցի թէ թրքախօս տիպարներ կազմեցին որսի մեծ դաշտը։ Մերթ ընդ մերթ սակայն նոր ալիք մը կը տարածուէր, «Ճէմալօֆի պէս մտաւորականը թռուառութեան մէջ է... Փողոց մնացած է... Վերարկու չունի... »։ Գործակից մը կը լծուի նոր փրօփականտի  եւ դրամ հաւաքումի գործին։ Գժտումը, անփոփոխօրէն, տեղի կ՚ունենար դրամական խնդրով։

Ուրիշ խօսքով այս մտաւորականը յաւիտենական տոնելիքուորն էր հայ ժողովուրդէն։ Մեր գիւղը, մեր գաղութը միշտ եւ բաւականին մեծարուած չէր զգար «Ճէմալօֆի պէս մտաւորական մը» ունենալէ։

Ամէնէն passionnant կէտը մեր հերոսներուն բարդ հոգեբնախօսութիւնն էր։ Ճէմալօֆ իր «տեսակէտը» կ՚ունենար ըստ իր վերջի զոհին։ Տեսակէտ, ընկերային կամ հասարակական կարծիք որոնք կը ստանային այն գոյնը որ կը տիրէր իրենց վերջի զոհին տանը մէջ, այնքան ատեն որքան ատեն անոնց սեղանը կը կազմէր իրենց ասպատակութեան առարկան։ Յաջորդ շաբաթը կամ յաջորդ օրը կամ յաջորդ ժամուն գոյնը կրնար հիմնովին փոխուիլ, եւ իրենք՝ գործակալները նախորդ օրուայ հակոտնեայ կարծիքներու։ Մէկ  հաւաքականութենէն միւսը, մէկ տունէն միւսը, որքան կարելի է դուռ մըն ալ միշտ կիսաբաց կը պահուէր, յանուն ապագայ շարժումներու։ Իրենց դժբախտութեան շրջանը կը սկսէր այն ատեն երբ մեր գիւղին մէջ կամ իր մէկ տանը մէջ, պառակտումը չտիրէր։ Ինչպէս  բժիշկին համար տեւող հիւանդութիւնը, փաստաբանին համար մրցումի ելած երկուստեք կիրքերը, մեր մտաւորականին համար անհատական կամ հասարակական պառակտումն էր էականը։ Այդ ի՜նչ նրբութիւններու հասցուցած էին իրենց միջամտութեան սակարկութիւնը, ի՜նչ անսայթաք շարժումներով մէջ կը մտնէին, դատաւորի, Սողոմոն իմաստունի բարձունքներէն, այնպէս մը որ բոլորէն եւ նախ եւ առաջ, ենթականերէն աննկատ կ՚անցնէր յօնք շինելու տեղ իրենց աչք ծակած ըլլալը։ Մայր ու աղջիկ իրարու դէմ հանել, ամուսին կին իրարմէ բաժնել, երկու ընկեր վերջնականապէս գժտեցնել, այլազան միութիւններու եւ ձեռնարկներու մէջ անմերձենալի խրամատներ բանալլ կը դառնային արդիւնքը՝ իրենց ընկերութեան։ Շահագործման ենթարկել մէկուն մէկ անուշ յիշատակը, միւսին նուիրական մէջ կորուստը, ուրիշի  մը մէկ թարմ շիրիմը... Վարպետ է՜ին, վարպետ... Խումբ մըն էին ուրեմն, միացած, ասպատակութեան ընդհանուր նպատակին էջ, իրար կուրօրէն օգնելու համար։ Կը լարէին, ի՜նչ անկեղծ ու սրտցաւօրէն, իրենց գաղափարականը ըստ այդ օրուայ շահատակութեան։ Տեւականապէս ժառանգ  մը բաժնելու, ապուր մը եփելու գործովը կլանուած էին։ Ասոնք ալ գիտէին իրենց բերանը լաւ սրբել, հա՜...

Անոնց բախումներն ալ իրենց երանգները ունէին։ Ոմանք բուռն բախումէ, նախատինքէ վերջ, վերջնական էին։ Ուրիշներ՝ ընկերացած «խնայումներու», այլ շահատակութեան մը հեռանկարովը։ Ուրիշներ կը պահուէին Թօփուզեան-Ճէմալօֆ քլիքի կողմէ այլազան շանթաժներու տակ, նայած ենթակայի անհատական կամ հանրային դիրքին։

Բուն իսկ հասարակական ասպարէզին մէջ իր վիրթիւօզիթէն նուազ փայլուն դուրս չեկաւ։ Իբր թէ օպոզիցիա բայց դաշնակցական շէֆ մը լաւ գիտէր որ ոչ ոքի վրայ աւելի ապահովօրէն կրնայ ոտքը դնել քան Ճէմալօֆին։ Իբր թէ կատաղի հակահամայնավար, բայց ոչ ոք գիտէր աւելի լաւ Ազգ-Ճակատի նախագաւիթներուն մէջ սլքտկայ, ձեռքի տակէ, անհատական գիծով «Հայաստանի» գիրգ ու թերթ առնել տալու պատրուակներով՝ կապ, մտերմութիւն պահել։ Աչք տնկել Հօկի նախագահութեան... Յօդուածները կը գրէր իբր թէ բացարձակ անաչառ օպեէքթիվ գետնի վրայ կեցած, դաշնակցութիւն քննադատելու հերոսութիւններով ալ դեռ, դաշնակցական մամուլին մէջ իսկ, ի վերջոյ, դուրս գալով աւելի նենգ պաշտպանողականի տակ, ամէնէն աւելի տարրալուծիչ ու դաւաճան տեսակէտներուն։ Այդ խաղը Թօփուզեանին բերնէն ջուրը կը վազցնէր, ինք որ համիտեան առումով, խոհեմ էր եւ շրջահայեաց եւ որուն իտէալն էր Ֆուշէն, Պապը Ալիի չափանիշով... Մարդ խաղցնել՝ ա՛յս էր անոնց գերագոյն կիրքը եւ հեշտանքը...

Ան ի վերջոյ հոն հասաւ որ ո՛չ թէ իր գաղափարներուն - շատոնց ծախուած եւ միշտ ծախու - այլ իր կարծիքներուն, իր առօրեայ մէկ արտայայտութեան ընտրութիւնը կը կատարէր պզտիկ, նիւթական շահերու առուտուրի մը համաձայն։ Ընկերութեան մէջ իր ստեղծած կարծիքի շարժումը տեղի կ՚ունենար ըստ այդ առուտուրներէն մէկուն։ Ճաշի խոստումով մը ան հրապարակ կը նետէր իր դատաստանը եւ կիրքերով արդէն բաժնուած հակամարտ խումբերու պայքարը աւերիչ կը դառնար։

Ամէն մարդ բան մը կը ծախէ։ Մեր օպոզիցիան իր կարծիքները։ Այդ կարծիքներուն միջոցով՝ հայ Գրականութիւնը, Պատմութիւնը, նուիրականացած հերոսները, Խորհր. Հայաստանը, սրբութիւնները...

Այս գործառնութիւնը տեղի չէր ունենար գիտակցութեան աստիճանական խոտորումով, կարծրացումով, աթրոֆիով, քերաթինիզասիօնովը, այլ, խորարմատ սինիզմով մը, որուն ակր կը կազմէր խորունկ արհամարհանք մը մարդուն հանդէպ։ Ինչ որ մարդը ունի ազնիւ՝ այդ էր անոնց հեգնանքի առարկան։ Ինչքան աւելի՝ դրական, այնքա՛ն աւելի մեծ՝ սինիզմը, ամբողջական՝ արհամարհանքը դէպի ճիշդին մտահոգութիւնը։ Պառակտումի գործը, քլիքին կողմէ, կը կիրարկուէր սադրանքներու եւ մարդուն բոլոր բացասական գիծերու բորբոքումովը։ Ու մեր հանրային կեանքին հոտած պանիրը կը վխտար փտութեան որդերով։ Խմորումներ ուր շիտակը կ՚արձակէր անլուր ճիչեր... Պանտին շէֆն էր ան, այսպէ՛ս, ձեռք ձգած ըլլալով մեծ ձեռնհասութիւն, պառակտումներու կազմակերպութեան մէջ, բացասական ու նահանջողական հոգեբանութեան լարումին մէջ, անհատի աւերիչ կիրքերու հրահրումին մէջ։ Կեանքը դարձած էր խաղ մը։ Ճատրակի փարթի մըն էր մէն մի օր, խեղկատակ զաւեշտ մը, մռայլ մարզանք մը... Աստուածները ինկած էին խեղդամահ՝ քանդուած կամարներու տակ...

Արաքսի վերջացուց իր երգը։ Պէռժէռը կը տեսնէ որ իր ժամադրութեան ուրիշ պէռժէ մըն է եկեր. Սիրոյ կոչունքը յամենայն դէպս տեղի կ՚ունենայ... անծանօթ պէռժէին հետ։ Նոյնքան համով... կեանքը կարճ է, թրա-լա՛-լա՛...

-Անբարոյական է այս երգը. ըսաւ Արաքսիին ամուսինը՝ քաղցր վրդովումով մը։

Ժամանակավրէպ թուեցան ե՛ւ իր խորհրդածութիւնը ե՛ւ իր «անբարոյական» բառը բոլորովին պարպուած իմաստէ ե՛ւ ինքն իսկ։ Այդ բառն ու զայն գործածողները շատոնց արդի ժամանակը բանադրանքի ենթարկած ու նետած էր աւելորդ կոտըրտած առարկաներու խուցը, տէպառաի  սենեակը, աւելորդ խճողումներու առարկաներուն անլուսամուտ բաժնեակը...

Սեղա՜նի, սեղանի շուրջ... Ախա՛ր, ինչ էք մտածում, է՞, պոռաց Տիկին Վարդանեան Հրանտին որ սթափեցաւ։ Բոլորը տակաւ անցան քովի սենեակը որուն ամբողջ  երկայնքին՝ սեղանը կը յորդորէր  կարի ախորժաբեր աղանդներէ, ձուկի սպասէ ու պաղ, այլազան կերակուրներէ։ Հակառակ պայմանադրական սիրալիրութեան, ներքին վանողական հոսանքներ հաստատուած էին, բնախոսօրէն զիրար չտանող կարգ մը կոչնականներու միջեւ եւ ստեղծած խուլ անհանգստութիւններ։ Թէպէտ բոլորն ալ այս կամ այն շրջանին եղած մտերիմներ եւ ուրախութեան  սեղանակիցներ, բայց, կեանքը ենթարկած էր զիրենք իր բիւրեղացումներուն եւ քշած ամէն մէկը դէպի իր բեւեռումին։ Ինչքան ալ հակասական թուի՝ ոչի՛նչ աւելի ընթացիկ է սակայն քան այս կացութիւնը, մեր գաղութին մէջ, յարկի մը տակ թէ հարապարակային հաւաքոյթի մը մէջ։ Հրանտ, Տիկին Վարդանեան, Հայկ, նոյնիսկ Պետրոս կ՚ենթարկուէին  ցուրտ այդ հոսանքներուն, որ կու գային Ճէմալօֆ-Թօփուզեան կեդրոնէն։ Եւ փոխադարձաբար։ Կային հրաւիրեալներ  ալ որ մասնակից չէին թշնամութեան այդ խուլ շարժումներուն եւ խօսակցութեան կրակը վառ կը պահէին։

-Չեմ գիտեր ինչու՜, բայց գոհունակութիւնը հեռացեր է սրտէս, յայտնեց Արաքսի, շինծու անփութութեամբ մը մասամբ մեղմացնելով յօղազերծումը իր ծանր անձկութեան։

-Եւ սակայն... ըրաւ Հրանուշ, ժպտելով։

-Այո՜, այո՜, ճիշդ է, նոր եմ ամուսնացեր,

Արուեստը, արուեստս, տունս, երիտասարդութիւնս, գործս, ամէն ինչ, բայց...

-Անկեղծ ըլլալու համար, լարեց Օր. Նագշեան, իր մեծ եւ սեւ աչքերուն մէջ ուշիմ ժպիտով մը, ե՜ս ալ կորսնցուցեր եմ տեսակ մը ուրախութիւն  որ տասնըվեց տարեկանիս, օրինակ, ունէի։ Ամէնէն ուրախ առիթն  ալ հազիւ սկսած արդէն կ՚ընկերանայ հիասթափութեան ստուերին։

-Որովհետեւ, յայտնեց Հրանտ, մեղմօրէն, այդ բոլորին ետեւ իտէալ մը չկայ։ Ներեցէք... ըսածս մեծ հասարակ-տելիք մըն է, բայց...

-Արդեօ՞ք... հարցուց Արաքսի, անյագ աչքերով ուր առատ լոյս կար եւ կրակ, ակնյայտօրէն այդ մասին երբեք մտածած չըլլալով։

-Աւելի քան ցորեանն ու երգը՝ աղօթքն է անխուսափելի, էակի մը ինչպէս ընկերութեան մը առողջութեան համար։ Այլապէս անհատը դէպի յուսահատութեան, անձնասպանութեան կ՚երթայ։ Մինչեւ այդ ծայրայեղութեան հասնի թէ ոչ՝ երկրորդականէ։ Մեր հոգիի յետնամասին, դարանակալ, ձանձրոյթը կը սպասէ մեզի։ Կը բաւէ որ առաջին երիտասարդութեան թեւպարը վերջանայ...

Թէ Տիկին Նազարեան, թէ Տիկին Վարդանեան հաստատեցին որ իրենց երիտասարդութիւնը, չափահասութիւնը, երջանիկ անցած էր որովհետեւ ամէն մարդ գիտէր թէ ինչու՜ կ՚ապրէր, որովհետեւ գիտէր ի՜նչ բանի համար հարկ էր մեռնիլ, կամ աւելի ճիշդ, պահանջն ալ չէր զգար փնտռելու...

-Ի՞նչ բանի համար, ա՛խ Տիկին Նազարեան, վրայ բերաւ Հրանուշ, որուն համար մեռնիլը սարսափազդու մտահալածանք մըն էր։

-Մեր շրջանի՜ն... ըրաւ, տրտում ժպիտով մը, թէյին շաքարը հալեցնելէն, եւ բառերը փնտռելով։

Պետրոս, ինքնաբուխօրէն, արտածորեց.

-Քու երգերէդ, երգ մը տուր ինձ

Ես երգելով կ՚ուզեմ մեռնիլ...

Շատեր մանր ու տարօրինակ ծամածռութիւն մը ըրին։ Այդ«շրջանները» անցեր էին եւ իրենց հետ, մեռած՝ իրենց աստուածները...

-Այո՛, բայց, խնդիրը նրանումն է որ էն ժամանակ ամէն ինչ, ասես, իր տեղն էր ընկած, եւ առատ սեղանները, եւ՛ երգելը, եւ՛ աղօթելը... ուզեց իր մտածումը բացատրել Տիկ. Վարդանեան եւ  անբաւարար մնաց։

-Կարելի չէ ապրիլ՝ առանց գիտնալու թէ ինչու՛ պիտի մեռնիս... յայտնեց Պետրոս, քիչ  մը հանելուկային։ Եւ եթէ պիտի ապրիս, շարունակեց բառերը փնտռելով մարդ ըսածդ լա՛ւ բան մը դնելու է րոպէներուն մէջ։

-Կենքին ամբողջ համը տուողը՝ գէ՛շն է, եղբայր պատուական, ընդմիջեց Թօփուզեան, կեղծ ոգեւորութեամբ մը կեղծ խնդուքով մը, քչիկ մն ալ ձեւացնելով որ ի՜նքն ալ չի հաւատար իր ըսածին։ Գէշն է անոր եթէ ոչ միակ, հիմնական զսպանակը...

Յետոյ դարձաւ Ճէմալօֆին որ ումպ մը խմելէ վերջ. Տիկ. Վարդանեանին իսկ պատրաստած քաթաէն կը ճաշակէր։

-Ի՞նչ ըսիր, կասպուտին Ճէմալօֆ, հարցուց բարեկամօրէն հեգնալիք եւ միշտ համախոհներով քլիքով շարժելու իր միտումին անսալով։

Ոչինչ աւելի դժնդակ էր Հրանտին՝ քան այն յարաբերութիւնները ուր յարգանքը իսպառսպուռ կը չքանար։ Ամբողջ մտերմութիւնը կը կորսնցնէր իր արեւը եւ կը վերածուէր յելուզակներու խումբի մը կապին.

-Ներեցէ՛ք, Տէր Հայր, բայց, իրաւ որ, առանց ստելու՝ կարելի չէ չհաստատել որ գէշն ու լաւը կը գործեն կեանքին մէջ։ Ինչպէս տաքն ու ցուրտը։ Եւ ցուրտը շա՜տ աւելի, այո, շա՛տ աւեի։ Ո՛չ մեծի, ո՛չ պզտիկի կը նայի... յայտնեց Արաքսի, տառապանքի երանգով մը։

-Այն ժամանակ ինչու կ՚ուզես որ պէռժէռը շատ բարակ նայի եւ փնտռէ թէ ի՛ր պէռժէռն է սիրոյ ճաշին եկողը թէ ուրիշ՝ պէռժէ մը... Կարեւորը այն է որ այդ ժամը անցնի ձանձրոյթի թունաւորումէն զերծ... Ներեցէք, Տէր Հայր, բայց... խնդալով յայտնեց Օր. Նագչեան.

-Այո՜, ըրաւ Տէրտէրը, մեծ շունչ մը քաշելով, ուշիմ բարութեան ժպտաչուի արտայայտութեամբ եւ առանց խռովուելու, առա՛նց գէշին՝ լաւը չի՜ կրնար ո՛չ յայտնուիլ, ո՛չ աճիլ... հոս է փափուկ կէտը... լէմօն տուզիին օրինակը յաճախ տուած եմ... Դարերէ ի վեր, կասկածի տեսաբանութեան մեծ զէնքը ատիկա է... Այդ ձեւը ըսած ճամբան, սակայն, շատոնց ծանօթ է։ Հաճոյքներու ճամբան է մարդիկ շատոնց գացած են ու ետ եկած։ Կանխահաս թէ ի ծնէ ծերերու ընտրած ճամբան է... Ծայրը՝ յուսահատութիւնն է դարձեալ...

-Ղորթ որ, մի՛ մի՛ լիմոնտուզին հարկաւոր է, լաւ համ է տալիս, անպիտանը, է... վրայ բերաւ Հայկ որ երբեմն յանկարծակի կ՚անցնէր թշնամի բանակը, դիւրին հիացումով մը։ Այստեղ այդ մէկ բառին տարօրինակութիւնն ալ բաւական էր իր անցողակի ընկրկումին։

-Այն ժամանակ ալ ի՜նչ գլուխ կը յոգնեցնենք, յայտնեց Պետրոս, գայթակղութիւնը զսպելով, կեցցէ՛ լիմոն տուզին, նոյն իսկ զէիրը եւ բոլոր զէիրները...

-Կիրքերով ոչ մի խնդիր չի լուծուի, հեղինակութեամբ խօսք առաւ Ճէմալօֆ։ - Ա՛յ, մի րոպէ ենթադրենք որ մեր հանրային կեանքից, դէմքերից, հրաշքով, ոնց որ ասում էք, լիմոնտուզի ու զէիր չքանան, ասում եմ մի՛ րոպէ ենթադրե՛նք, էլի՜... Ինչքա՜ն կեանքը անհա՛մ, անջի՛ղ, մո՛ւթ է դառնալու։ Ինչքա՜ն յիմար կը լինի նա... Լաւ է վա՛տ լինի քան թէ ամպակ, վարդագոյն...

-Յիմարը միշտ կ՚ընկերանայ գէշին... յայտնեց Հրանուշ։

-Ոչ մի՛շտ, ո՛չ միշտ, չեզոքացուց Թօփուզեան, այնպէս խելացի «գէշ»եր կան ո՜ր...

-Խորամա՛նկ՝ այո, բայց ո՛չ խելացի...

-Իրա՛ւ, ինչ կ՚ըլլայ եթէ կեանքէն դուրս նետենք լիմոնտուզին, մանուկի ոգեւորութեամբ յայտնեց Արաքսի, իբր թէ սալօնի խաղ մը ըլլար իր առաջարկը։

-Ա՛յ, ըսաւ Ճէմալօֆ, սուտ հեգնանքի մանր ժպիտով մը, մի րոպէ, մտովին, վերցրէք զայն մեր կարմրուկներից, պոէտ նասիօնալից, արեւելեան Եւրոպայի միակ օրկանի խմբագրից, նրա չիչէք կողակցից, ոնց որ ասում էք թրքահայերդ, ա՜յ, նոյնիսկ մեր սիրելի Տիկին Վարդանեանից, մեր բարեկամ Թօփուզեանից... նրանք կը դառնան մի մի կատարեալ բարի խրտուիլակ, բարի վարուց մրցանակ ստացած աշակերտներ,,, Մի մի ստեպղին, շողգամ... Մի խօսքով՝ շատ խեղճ բաներ...

-Հա՛ հա՛ հա՛, ըրաւ Թօփուզեան, իր թրքական խնդուքովը, եփած անժուր սփանախ չըսե՛ս... Յանկարծ խնդուքը դադրեցուց. - Իրա՛ւ, քաջութիւնը ունենանք իրականի երեսին նայելու... Լաւ, գրական, ազնիւ, արժէք, պօշ բառեր են...

-Օ՛ ըրաւ Օր. Նագշեան, ձեռքը ճակտին ու աչքերուն սեղմելով, Աստուա՛ծ իմ, իրա՞ւ այսքան մեծ է գէշին համեմատութիւնը մեր կեանքին մէջ, կեանքին մէջ, ըսել կ՚ուզեմ...

Եւ ես որ... Je croyais, je regardais dans l՚avenir, comme dans les yeux de ma mere... արտասանեց, ցած ձայնով, յանկարծ յիշելով իր վերջին դերին այս տողերը։

-Էս էսպէս՜ է՜, միլիոնաւոր դարերից ի վեր, շարունակեց Ճէմալօֆ, եւ պատճառ չկայ որ մի օր, փոխուի... Միայն ի ծնէ տիրացուներն են ու վճարովի պաշտօնեաները որ մեռցուցին մեզ իրանց քարոզներով։ Ոնց որ Թօփուզեանը ասում է, դարձուցին մարդը եփած սփանախ։ Իրանց քարոզներով ցանեցին միայն ձանձրոյթ ու մղեցին մարդը իգացումի....

-Լա՛ւ, ճանըմ, ըրաւ Պետրոս որուն գայթակղութիւնը ցասումի վերածուեր էր, կեցցէ՛ սուտը, կեցցէ բոզութիւնը, կեցցէ գողութիւնը... ներեցէք... Ո՛վ աւելի գող, ա՛ն աւելի ուժեղ... Առիւծին՝ ժանիք, եղնիկին՝ սրունք, իժին՝ կճոց, մարդուն՝ գողութիւն - բոզութիւն...

-Կեցցէ՛ այն ինչ որ է՛, ինչ որ եղած է՜. կեցցէ իրականը, անկցի աչքկապուկը... Եւ այն որ եղած է, ա՛յն է թէ՝ ամէ՛ն մարդ գող է... Չկայ մարդ մը որ գող չըլլայ... գողութեան էթիքէթը կը փոխուի միայն... կուսակցութիւնը, եկեղեցի, վարժարան, գոյնզգոյն խաչեր, եւայլն, պոռթկաց Թօփուզեան։

-Ա՜տ ա՛լ նորութիւն չէ, դարձեալ լարեց Տէր Հայրը, նոյն անխռով մեղմութեամբ, այդ ճամբան ալ մարդ գացած եւ անկէ ետ եկած է։ Անոր ալ ծայրը՝ «Ինչքան աւելի գութ, այնքան աւելի ուժեղ»ն է։ Երեւան եկած է որ այդ «ուժեղը» տկարութեան ամէնէն եղկելի տեսակներէն մին է եւ... հակաբնական։

Արաքսի իր անձկութիւնով լեցուն աչքերը Հրանտին դարձնելով.

-Ինչպէ՞ս... ի՞նչ կարելի է ընել, այս կեանքը, կեանքը՛... հարցուց որպէս թէ իր ուժերէն վեր երկաթէ գունտ մը ըլլար ան, թեւերուն վրայ...

-Ես այն գիտեմ որ մարդը «գերի» պէտք է ըլլայ... Հետզհետէ աւելի՛ երկար՝ անչափելի շղթաներով կապկպուի. Կը բաւէ որ նայինք մեր չորս կողմը... Մարդ հեթանոս կը դառնայ։ Գէշը անոր ձեռքէն բռնած կը տանի ուրացումէ ուրացում. Ճար չկայ, այդ ճամբան է, կամարներու տեղ քարանձաւներու խոռոջը հռչակող ընկերութեանց։ Հարկ է որ մարդը մտնէ տաճար, մոլեռանդօրէն... Ինչպէս ան չի կրնար գոյութիւն ունենալ եթէ զինք ծնող մայրը չունենար, այնպէս ալ չի կրնար ապրիլ եթէ հայր մը չունենայ... Առանց կապանքի, առանց կամարներու մարդը կորիլն է։

-Ախա՜ր, ի՛նչ կամար, հէ՛ ընդմիջեց Հայկ, իր միշտ չհամաձայնողի եւ դպրոցի իմաստասիրութեան իր դասերը չմոռցած աշակերտի խիստ յաւակնութեամբ։ Հրանտ պահ մը կանգ առաւ։

Նայեցաւ անոր դէմքին որ, եթէ ոչ անկապանք, բայց լխկած կապերով ծփծփացող անհատը կը մատնէ արդէն։ Զգաց ողբերգութիւնը նախ մեր կեաքին ուր մարդիկ ստուերներ դարձեր էին, անդասակարգելի միաւորներ, տեղ-տեղ խելայեղօրէն կառչած Էրզրումէն, Մուշէն կամ Ատապազարէն բերուած երբեմնի արոյրէ կապին որ այժմ թրջած կանեփ իսկ չէր... Անդրադարձաւ նոյնհետայն որ Արեւմուտքի մեծ տարածութեանց վրայ, այլ փրոցեսներով նոյն երեւոյթը կը տիրէ միահեծան, ուր, որպէս թորշոմող նանուֆարներ կտրուած ցօղերով, մարդիկ կը ծփծփան անծայրածիր ճահիճներու երեսին... Զգաց ակնթարթ մը շեշտին սրտաճմլիկ զարկը, վիթխարի եղերերգութեանը որ կը ծորէր տաճարները քանդած արդի մարդու ժամանակաշրջանէն... Եւ դեռ անոնք հազուաթիւ, որոնք ամէն առաւօտ, ցեղայինին քիչ մը աւելի սեղմուած, քիչ մը աւելի կարծրացած պարաններով կը զարնեն իրենց ողնասիւնը ցցուած, եւ որոնց եղերերգութիւնը, ճողփիւն հոսանքն ի վեր զարնուող թիակներու, հեկեկանքի զարկերով...

Թօփուզեան շուարեցուցիչ, հաստաբեստ ինքնագոհութեամբ մը եւ հեգնանքով մը դէպի բոլոր հոգեիմացականը որ կը բարձրանայ վեր մամուլի մակարդակէն կամ ընթացքիկ հասարակ տեղիքներէն.

-Այո՛, բայց, կամաց-կամաց, լոյսը՝ կամաց տուէք ժողովուրդին, ինչպէս կ՚ըսէր Խրիմեան հայրիկ, Եւրոպայէն եկող համալսարանականներուն, եթէ լոյսը մէկէն տաք՝ ժողովուրդը կը կուրանայ... Կամաց կամաց...

Թօփուզեան կը բացատրէր բարեկիրթ հեգնութեամբը, հսկայական յանձնապաստանութեամբ մը որմէ առաւել եւս խօսքը կարծր էր ու արհամարհող, ընկերացած փոքրիկ ժպիտի մըն ալ որուն նոյն կարգի ժպիտով մը պատասխանեց Ճէմալօֆ, հատիկ-հատիկ դանդաղ-դանդաղ։

-Ճիշտն ասաց, ես էլ շատ չեմ հասկանում էդ կամարների խնդիրը. Սիմվոլիք եղանակով են խօսում... Ախտը մի սա յստակ մեր իմացած հայերէնով խուրտա արէք, տեսնենք ի՛նչ էք ասում... (Որ  ըսել են թէ բան չէք ըսեր։ Եւ այս համոզումը ժայռի պէս անխախտ էր)։

Հրանտ տարիներ առաջ, այս յոխորտացող, յարաճուն նախնականութեան առջեւ կ՚ընկճուէր եւ կը ժանտուէր խուճապի... Աչքին առջեւ կը բերէր զանազան կենդանիներու տեսակներ, ինչպէս եւ մարդոց ջախջախիչ մեծամասնութիւնը որ հազարաւոր դարեր եկեր, ապրեր, հեգներ, գացեր էր, առանց երբեք գիտակցական շողշողումը աստիճանով մը սաստկացնելու... Այժմ սակայն, վհատելու տեղ, կրկնակ ուժգնութեամբ կ՚ամրապնդուէր իր ըմբռնումին մէջ, որուն համեմատ եթէ մարդը մնացած էր ցարդ նախնական, սակայն կար հիմնական, անհուն տարբերութիւն մը իր եւ ստնտուներու տեսակներուն միջեւ - մարդը ունէր կարելիութիւնը յառաջդիմելու, աճեցնելու իր գիտակցական ուժը, եւ այդ՝ անհունս....

Ուստի շարունակեց առանց մասնաւորելու իր պատասխանը. - Ան վայրի յովատակի մը նման, արձակուած է աւերակներու, անբերրի քարքարուտներուն... Հարկ է որ մեծ Արտառոցին, ճահիճներուն ձգողականութիւնը բեկանուի... Նախ հարկաւոր է ասիկա՝ գիտնալ, երթալու համար, կամարէ կամար նոր գմբէթի մը շինութեան... Գտնելու համար յաւերժական գմբէթին տակ, բառերը նոր Աղօթքին... Մեր ժամանակաշրջանը մռայլ մղձաւանջներու մէջ, գտնելու է ելած իր աստուածը... Ես փնտռողներուն հետ ե՛մ։ աւելցուց անսպասելի կիրքով մը որ շատերու անբացատրելի մնաց, եւ ոչ թէ ճահիճէն հաճոյացողներուն... Կապանքնե՛ր՝ շղթանե՛ր, առանց որոնց մարդը կորիլ մըն է... անո՛նց հետ եմ որ սրբազան տառապանքը ունին կեանքը բարեփոխելու... Անկարելի է ինծի ապրիլ առանց մոլեռանդութեան... - Կ՚ատեմ կրակէ զրկուած հոգիները... (Դէմքը արիւն խուժած էր եւ դժուարաւ կը տիրապետէր կզակներու շարժումին։) Մարդը իր նախատիպարին է վերադարձեր, եւ գէշին մերազնեայ ախոյեաններուն նման...

(Հազիւ այս վերջի խօսքը ըսած՝ զղջաց։) Վասնզի «գէշն» ալ դաւանելու երկու տեսակ կայ։

-Մին, տառապելո՛վ խաբուած սիրահարի մը նման որ մէկ բան կը բաղձայ՝ համոզուիլ իր խաբուած չըլլալուն... Միւսը՝ «սիրահարի» մը նման որուն սիրելու գործիքը միանգամ ընդ մի՜շտ ջախջախուած է... Միանգամ ընդ մի՜շտ... ըսաւ՝ երազալի՛ն։ Ուզեց սրբագրել։ Չեմ գիտեր... Չեմ գիտեր թէ միանգամ ընդմի՛շտ կը ջախջախուի... Հաւանաբար ո՛չ... (Հաւատալիր) Ո՛չ, ո՛չ, յոյսն ալ հարկ է որ ըլլայ անմահ...

-Նորէն եկանք ինկանք դժողքին ու արքայութեան մէջ, մրթմրթաց Թօփուզեան մաղձոտ հեգնանքով։ Սրբութիւն-մրբութիւն, սրբութեան կարօտ ալ այնքան լսեցինք որ... Ճէմալօֆ, տոկունօրէն քինախնդիր, իր բուն դերին մէջ մտաւ.

-Կան մարդիկ որ իրաւունք չունեն դատելու, յայանեց, ակնոցներուն ետեւ, պղտորուած աչքերով, ի մասնաւորի նրանք որ ընդհ. դատախազի տրամադրութեան տակ են գտնուում եւ իրենք դատուելու վրայ են... Նաեւ նրանք որ մոռնալով իրանց իսկ դաւաճանութիւնը՝ կարմիր թմբուկ են զարնում...

Ճէմալօֆ կ՚ակնարկէր այն ամուսնալուծման վիճակին ուր, իր խաչեղբօրը՝ Թօփուզեանի եւ շիլ հոգիով կնոջ մը՝ Տիկին Քիրպիի խորհուրդով, ինը ամիս հազիւ կին մնացած քրիստոնեայ չիչէկը, փողոցներու կանչին ձգողութեամբը, գռիհները նետուած, իր ամուսինը մխրճած էր...

Տիկին Վարդանեան յանկարծ խենթեցաւ։ Բռունցքը զարկաւ սեղանին.

-Սրիկանե՜ր, է՜լ բաւական է, բաւակա՜ն է...

Տիրեց մահահոտ լռութիւն...

Կրնայ ոչ ոք չհաւատալ՝ բայց ահա ճշմարտութիւնը, - «Սրիկաներուն» կողմէ ո՛չ մէկ հակազդեցութիւն... Ճէմալօֆ շարունակեց կապարագոյն դէմքով, լիմոն քամել իր կարմիր խաւեարին վրայ, իսկ Թօփուզեան, ամբողջովին կլանուած ուտելով, Հրանուշէն ձեռքի նշանով խնդրեց որ փլաքիին պնակը իրեն մօտեցնէ...

-Ա՛, ըսաւ Հրանուշ, ցած ձայնով, միայն դերասանուհի Նագաշեանէն լսելի, մարդ անսիրտ ըլլալու է, գիտնալով միասին, այս աստիճանի հեգնելու համար այսպիսի զոհի մը դժբախտութիւնը, անոր մօրը ներկայութեան...

Երբ Հայկ առաջարկեց՝ Առաքսի անմիջապէս անցաւ դաշնակին առջեւ եւ սկսաւ երգել Զինուորին Երգը։ Ներկաներէն շատեր ելան սեղանէն, եւ ցրուեցան խումբ-խումբ, իրար կից երկու սենեակներուն մէջ։ Նագշեան էր Քօնթ տը Լիլէն վերջ՝ Ս. Կապուտիկեանէն արտասանեց։ Հայ արուեստը որ անխտրաբար այդ խումբին փրկութեան լաստն էր, փարատեց մթնոլորտին դժնէութիւնը եւ ստեղծեց որոշ ջերմութիւն։

Եւ սակայն զոյգ մը ատելութիւն իրար կը փնտռէին տարերային մղումով։

Արփիկին «սինէմա» գացող, «ներկուող», «տեսակ մը» աղջիկներ պէտք էին, տեւականապէս ցածցնելու համար զանոնք, որպէսզի «իրենք՝ քրիստոնեայ աղջիկնե՛՜ր» բարձրանային... Նախատինքներ, մէկ երկու տարիէ ի վեր, փերեզական մէկէն միւսին, այդ մասնագիտութեան նուիրուած տուտուներէ որոնց թիւը անհանգստացնող չափերով կ՚աճէր մեր ընկերութեան մէջ, պատուաստած էին կիրքերը, արդէն ապերախտ հողերու վրայ...

Էտիթ բազմաթիւ պատճառներ ունէր միւսը ատելու։ Սկիզբը՝ նախանձ մը իր դերը կատարած էր։ Ապա, Արփիկ տեսակ մը հայելի եղած էր ուր Էտիթ իր դէմքը տեսած եւ այդ պատկերէն ունեցած էր ինքզինքը ատելու նոպաներ։ Աւելի ուշ, բազում տուայտանքներէ վերջ, համոզուած որ թէպէտ ինք բանով մը բարձր անկէ, հանրային կարծիքը միւսի՛ն է որ աւելի բարձր կը դասէ։ Մինչ, մեր գաղութի հրապարակներուն վրայ, անոր դոյլ-դոյլ թափած կեղտը, երեք վհուկներու տուած տարածութիւնն ու տեւողութիւնը գայթակղութեան մը որ ամբողջովին շինծու էր, իրեն տուած էր դիտաւորութիւնը՝ օր մը դիմակազերծելու զանոնք։ Նէվրօզէ կնոջ մտահալածանքով ատիկա դարձած էր ծրագրուած նպատակ։ Մէկ քանի թունալից ակնարկութիւններէ վերջ, ինչպէս Մոք Պարիլ, լղրճուկ ժպիտով մը.

-Լսեցի՞ք ինչ աղուոր գաղափարներ յայտնեց Պ. Թօփուզեանը, մանաւանդ ձեր ամուսինը... Ալ չեմ զարմանար... Առաջին գնդակը նետեց Արփիկ։

Մէկ անգամէն Էտիթ «կարմիր տեսաւ»... Այնպիսի խռովք մը կար իր կերկերան ձայնին մէջ որ արագօրէն ուշադրութիւն գրաւեց։ Յամրաբար լռութիւնը տարածուեցաւ։

-Դուք համաձայն չէ՛ք, պատասխանեց Էտիթ, զուսպ մոլեգնութեամբ։

-Մե՛նք... Ի՞նչ բանի... (Ամբողջ ռոման մը կրնար լեցնել այս երեք այլասերուածներուն «մենք... »ը։)

-Որ ամէն մարդ գող է։ Կամ, աւելի ճիշտ, որ դուք, օրինակ, գող էք...

-Մե՛նք... Ցաւը հոն է որ ձեզի պէս կինե՛ր... Այդ վերջին բառերը լսելը գիտցաւ... Էտիթ մէկ ոստումով հասաւ միջանցքը։ Վերադարձաւ վալիզովը։ Անհաւատալի կատաղութեամբ, բանալէ աւելի բղքտելով, երկուքի բաժնե՛ց զայն։ Սենեակին մէջտեղը թափեցան ու կոյտ մը կազմեցին տղու զոյգ-զոյգ գուլպայ, անդրավարտիք շագանակագոյն քոմփլէ մը, չգործածուած փողկապներ, մետաքսէ ճերմակ շապիկներ ուր ասեղնաբանուած էին Հ. Ն. սկզբնատառերը։

Երեք փանսիոն ալիմանթէռները (մեր գիւղին մէջ այդ մակդիրը տրուեցաւ Գափլանեան քոյրերուն։ Եւ ընդհանրապէս, ոստիկանատուն ու դատարան ինկած եւ ամսական ապահովելու նուիրուած աղջիկներուն փանսիօն ալիմանթէռ մակդիրը կուտային), երեք փանսիօն ալիմանթէռները իրարու աչքունք ըրին եւ յանկարծ հոգեւոր երգ մը ձգեցին, բարձրաղաղակ։

-Լռեցէ-է՜ք... պոռաց Տիկին Վարդանեան, խելայեղ սաստկութեամբ եւ բռունցքը սեղանին  զարկաւ։ Տեսան որ «չբռնեց»... Տեղի տուին...

-Հոգեւոր երգեր էք ուզում երգել՝ ժողովարան գնացէք, եւ ոչ թէ լուսաւորչական մեր եկեղեցին, ինչպէս անում էք ամէն կիրակէ, բոլոր ժամանակը...

Էտիթ Տիկին Արշակուհիին թեւէն քաշելով

-Ո՞վ տուաւ, ո՞վ տուաւ ատիկա ձեզի եւ միւս երկու վալիզներն ալ որ ձեր տունն են, սաւանով սրբիչներով լեցուն, ըսէք Տիկին Արշակուհի, ո՛վ տուաւ ձեզի եւ ի՞նչ սուտերով... Եթէ չըսէք՝ գէշ բան մը ըրած կ՚ըլլաք...

-Մե՜ղք ունի, այս բաները մեղք ունին... կը կրկնէր խեղճ պառաւը, դեղնած եւ ցաւակոծ...

Միւսը որուն մօտ տխմարութիւնը իր մեծութեամբը կը հեգնէր տարրական ողջամտութիւնը եւ կը մտնէր ազատ ֆանթէզիի կալուածները, ուրիշ բան չգտաւ քան սա ուրացումը որ իր կորուստը ապահովեց,

-Ատիկա մենք չե՛նք տուած... ես, ես չեմ գիտեր...

Այդ հաւաստիքին բացայայտ ստութիւնը ցնցեց խեղճ պառաւը, իր անառարկելի նկարագրովը։ Նոյնհետայն փարատեց իր մէջ կասկածի մնացորդ մը, ընտանեկան խնդրի մը փոխադարձ պատասխանատուութեան վերաբերեալ։ Որոշ եղաւ ալ իր համար որ բացառիկ չափով փիշկիւն էակներու հետ է որ գործ ունեցած է։

-Մեղք ունի, աղջիկս, հապա ո՞ւրկէ ասոնք իմ ձեռքս անցան, սենեակս գտնուող միւս երկու վալիզներն ալ եւ... ասոնք ալ...

Այս անգամ, ձեռքի իր պայուսակէն դուրս հանեց փոքրիկ ծրար մը։ Բացաւ գորշ թուղթ մը ապա բարակ, մետաքս թուղթ մը։ Սեղանին վրայ երեւցան, խառնի խուռն, զանազան ոսկեղէն առարկաներ, շղթայ մը, զանգուածեղ մատանի մը, ուրիշ մը՝ աւելի ծանր։ Տասնեակ տարիներէ ի վեր տեսած ըլլալով Հրանտի ճկոյթին, Հայկ ճանչցաւ զայն, առաւ եւ բարձրաձայն կարդաց անոր վրայ ձգուած լուսնոսկիէ սկզբնատառերը՝ Հ. Ն. ։

Այնքան ալ ընկճուած չէր մեր «քրիստոնեայ» հարսը որ յանդգնօրէն.

-Ամուսին կնոջ միջեւ՝ գողութիւն չկա՜յ, յայտարարեց։ Թու տը մէմ, ես աղջիկ մտայ այդ տունը...

-Հը՜... այսի, ըրաւ Հրանուշ.

-Saints des cieux... մրմնջեց Օր. Նագշեան, թատերական նմանօրինակ տեսարան մը յիշելով, երկու ձեռքերովը քունքերը սեղմած.

-Խղճի խայթ ալ չունեցաք... ութսունը անց կին մը մեղքի մէջ պիտի խոթէք։ Ձեր խղճալի դէմքէն խաբուեցայ... Առտու մը, լալէն, լալէն տուն եկան, երեքը մէկ... Ամուսինը միեւնոյն տան մէջ, վրայի յարկը, մէթրէս կը պահէ, պատմեցին... (Ապշած աչքերը մէկէն միւսին ուղղելով՝ շարունակեց։)

Ամէն իրիկուն վերը կ՚ելլէ եղեր, մեղա՜յ, մեղա՜յ, յետոյ իր անկողինը կը մտնէ... Ամէն օր կինը կը ծեծէ... Ամէն օր անօթի կը ձգէ... Երկու օր առաջ ալ լաւ մը ծեծեր, քիթը կոտրեր, փողոց նետեր է... «Սենեակ մը չունի՞ք, հարցուցին, պաշտպանեցէք մեզի... որբ աղջիկներ ենք, քրիստոնեայ, բողոքական... թէեւ շատ լսած ենք շաբաթապահներու մասին... »

-Ապժէքթ քռէաթիւռներ, ըրաւ Էտիթ, զուսպ զզուանքով մը, խեղճ պառաւը ուզեր են կաշառել, տկար կէտին դպնալով... Ձեւացնելով շաբաթապահութեան յարիլ...

-Յետոյ, շարունակեց , ռոպ մը հանեցի, արիւնով լեցուն... Վերջը իմացայ օր ռոպը տունէ տուն կը պտտցնեն, մեծ դրամներ կ՚ուզեն, փանսիօն տը ֆամիյ... -Ախա՛ր, ի՛նչ փանսիոն տը ֆամիյ հէ՛, ընդմիջեց Հայկ։

-Հա՛, ես ալ զարմացայ... Տռամը գիւ՞ղը, փանսիօն տը ֆամիյի մէջ տեղի ունեցած է, ցած  ձայնով հարցուց Արաքսի  Հրանուշին, երեւակայութիւնը շարժանկարային դրուագի մը ցնցումը  կրելով։

-Փանսիոն  ալիմանթէ՛ռ  մէ շէռ. փանսիօն  ալիմանթէ՛ռ, այն տեղուանքը չէք։ Դուք այս դարէն չէք... Մենք կ՚ապրինք փանսիօն ալիմանթէռ, ասիսթանս ժիւտիսիէռ, փանսիօն ատ լիթէմ ավուէ հիւսիէ, ավուէ ա լա քուռ տ՚աբէլ, փլէնթ, ապան տոն տը ֆամիյի... դարաշրջանը։ Ասոնք ետ մնացեր են, ըրաւ հեգնանքով, պզտիկին դարձած, ասոնք ավուէներու, ոստիկանատուներու մութ կրպակներէն չեն անցած... Շարունակէ՛, խեղճ Տիկին, շարունակէ՛, խնդրեց Տիկին Արմենուհիէն։

-Կը խմէ՞ր, կը գինովնա՞ր, հարցուցի։ Կը գինովնայ  եղեր... Իմ աս տարիքիս՝ մեղքի մէջ պիտի խոթէին... Հա, ազգին մեծաւորները իրարու քով գկած են, բանտ պիտի նստեցնել տան, մեզի պէս անպաշտպան աղջիկներուն հետ խաղա՜յ... Մենք անոր պիտի սորվեցնե՜նք... Մեզի Գափլանեան կ՚ըսեն...

-Մէկ բան մը եւս կ՚ուզեմ գիտնալ, յարեց Էտիթ, մեծ ախորժակ մը ձայնին մէջ, ինչպէ՞ս է որ ահա երեք տարի է, գաղութին մէջ մարդ չձգեց, Սրբազանէն, աւագ գահանայէն, փառք Աստուծոյ։ Տէր Հայրը ներկայ է, փաստաբաններէ, գրողներէ սկսեալ որպէսզի միջամտեն  եւ վերադառնայ ամուսնին որ ամէն իրիկուն մէթրէսին քով... կը բարձրանար, որ ամէն օր կը ծեծէր զինք, որ կը գինովնար, որ զինք ու քոյրերը անօթի կը պահէր...

Մեր քնքո՜յշ հարսը, յանկարծ, վառարանին վրայէն ծաղկաման մը վերցնելն ու նետելը մէկ ըրաւ։ Էտիթ շատոնց կռահած էր սակայն անոր դիտաւորութիւնը։ Ծռեցաւ վար։ Ճերմակ բիւրեղէ ծաղկամանը փշրուեցաւ պատին դէմ։

-Հը՜, ըրաւ Էտիթ՝ անդրդուելի, քնքո՜յշ, ծեծ ուտող, խե՜ղճ որբուկներ... Ահա թէ ինչպէս տունը ո՛չ արձան, ո՛չ յախճապակի, ո՛չ ծաղկաման, ո՛չ կարասի մնացած է...

(Յանկարծական պաղատանքով) Տիկին Վարդանեան կը խնդրեմ, Պ. Թօփուզեան, Պր. Ճէմալօֆ, կը խնդրեմ, դուք ճշմարտութիւնը սիրող մարդիկ էք, րոպէ՛ մը, րոպէ՛ մը եւս, Աստուծո՛յ սիրոյն, յանուն ձեր ամէնէն սիրած բանին, քչիկ մը եւս համբերեցէք...

-Նու՛, աստ, տէ ասա՝, հրամայեց Տիկին Վարդանեան։

Ճէմալօֆ, պատուհանին մօտ նստած, մռայլ, գլուխը կախած էր։ Թօփուզեան, խորապէս դժգոհ, կը մրթմրթար։

-Մարդ միայն լերան գագաթէն չէ՛ որ կտրած ճամբան դիտել կ՚ուզէ, շարունակեց Էտիթ, անզուսպ բորբոքումով։ Աւելի մեծ ուժգնութեամբ, փոսի՛ն մէջէն, իւիսօին մէջէն մարդ կ՚ուզէ ետ... դէպի վար կտրած ճամբան դիտել... Խօսք չկայ որ երկուքս ալ, ա՛ս ալ, ե՛ս ալ կորսուած արարածներ ենք։ (Ձեռքով Արփիկին ցոյց տուաւ որ վայրի կատուի արտայայտութեամբ՝ կծկուած էր։) Սակայն, փառտոն, պզտի՛կ տարբերութիւն մը։ Կնայ պատահիլ որ, ես, օր մը րոպէ մը, ակնթարթ մը ըլլամ այնպէս ինչպէս էի երբե՜մն... երբ տասըչորս տարու էի... Կրնայ ըլլալ որ ընտանիքի աղջիկ մը (մեծ, ծանր, հրահրող, չարչրկող էր այդ երկու բառերուն իմաստը այս կնոջ համար. իր դրախտն կորուսեալը) կամ, օրինակ, Տիկին Նազաերեանը, րոպէ մը, ինծի հանդէպ համակրանքի շարժում մը ունենայ։ Ձեզի հանդէպ՝ կարելի չէ ատիկա... Ասիկա ոչինչ բան մը կը թուի, բայց ինծի համար՝ շա՛տ մեծ տարբերութիւն մըն է... Առանց ատոր, թերեւս ես սարսափելի բաներ ընէի... «Ատիկա» թոյլ կուտայ որ ես շարունակեմ ապրիլ։ (Երկար շունչ մը առնելէ վերջ) Տիկին Նազարեանին մօտ ամէն մարդ իր կիրակնօրեայ հագուստը կը հագնի։ Ես՝ կիրակնօրեայ շրջազգեստ չունիմ... բայց վարձու կ՚առնեմ։ Երբ ան ինծի հետ կը խօսի՝ ես կը կարծեմ որ լաւ աղջիկ մըն եմ, ինչպէս տասնըչորս տարեկանիս, ընտանիքի աղջիկ մը... «Հապա՜, ես երբեմն վարձու կ՚առնեմ... Ես եթէ չառնեմ՝ կը տառապիմ... Մէկ-մէկ՝ կ՚առնեմ, րոպէով մը, ժամով մը, մէկ երկու օրով... Յետոյ՝ ատ ալ ուրիշ խօսք որ դարձեա՜լ, հօ՛փ, ռիւիսօին մէջ... Մինչդեռ դուք՝ կարծրացեր էք։ Ինչպէս ըսեմ, չորցեր էք... Հագուստի տեղ՝ քարէ՛ շրջազգեստի մէջ է ձեր սիրտը։ Քարէ՜ն ալ աւելի կարծր՝ կեղծիքի շրջազգեստի՛ն...

-Մե՜նք, մեր ծնողքին կրթութի՛ւնը... Մենք Նոր Տարիին աղքատներուն հագուստ եւ ուտելիք կը բաժնէինք... Ձեզիպէսները... ըրաւ անոնց շեշտը նմանցնելով, զարմացնող հարազատութեամբ։ Ապա անյագ, շարունակեց.

-Հը՜, «ինծիպէսները»... Երկուքս ալ - ինծիպէսները, քեզիպէսները- կուսուած ենք... Մեզմէ ալ ընելիք չկայ... Մէկ մէկ քարի կտոր... Բայց, կրնայ  ըլլայ որ, օր մը, ակնթարթ մը, եթէ զարնեն՝ իմ քարէս կայծ մը դուրս գայ։ Քու քարէդ երբե՜ք, ո՛չ մէկ օր, ո՛չ մէկ ակնթարթ...

-Մե՜նք, մենք կը նախընտրենք կորսնցնել  մեր կեանքը այստեղ...

-Հը՜, ըրաւ Էտիթ, ատիկա՝ ժամանակի՛ն էր որ իր ազդեցութիւնը ըրաւ. «Մենք կը նախընտրենք... » Ատիկա առաջ էր որ ինծի կը տառապեցնէր, առա՜ջ, երբ իմացայ որ Պ. Հրանտը բոպիկ աղջիկ մը առեր է բայց հոգիով հարուստ, ջերմեռանդ, կոյս... հա՛ հա՛ հա, լէսէ մուա ռիռ... նօ, նօ ատիկա առա՛ջ էր, հիմա ալ չեմ տառապիր։ Հիմա՜, «ինծի պէս աղջիկը» քեզի պէս ճանճիկը այսպէս բռնած, երկու մատովը, կեղտոտ թեւերէն, այսպէ՛ս, ամէն կողմէ կը դիտէ, մատիկին վրայ կը խաղցնէ, կոյս ճանճիկը...

Արփիկ կ՚ուզէ հեռանալ իր փանսիոն ալիմանթէռ քոյրերուն հետ որ շատոնց անհամբերութեան  նշաններ ցոյց կուտան։

-Ես Վալանսի ձեր նշանածը, ձեր նախկին, բազմաթիւ նշանածներէն  մին լաւ կը ճանչնամ, գիտէ՞ք, Տիկին Արփիկ... վրայ բերաւ Էտիթ։ Անըսպասելիօրէն յառաջացաւ, ականջին բան մը փսփսաց, վերստին իր նախորդ տեղը գրաւեց, պառաւ շաբաթապահուհիին քով, հանելուկային եւ յաղթական ժպիտով մը։

-Բայց, մի՛ վախնար... այդ մասին հոս բան պիտի չըսեմ... կամ քեզմէ՜ կախուած է... Կեցի՛ր այդտեղ, անշարժ, հրամայեց, երկու խօսք եւս ունիմ... յետոյ երեքդ մէկ, անմիջապէս, պիտի կորսուիք... (Տարօրինա՜կ էր... յանկարծ այդ կացութիւնը այնքա՜ն ճիշդ թուեցաւ... նոր հարսը այնքան բնական գտաւ որ այդպէս հրամայուի իրեն... ) Միւս կոյս քոյրերուն հետ մնաց անշարժ... Սկսան վախնալ... Էտիթ միւսներուն դառնալով.

-Այս կոյս ճանճիկը թունաւոր է սակայն... հոգեկան ժանտատենդը  կը վարակէ... Հարցում մը պիտի տամ իրեն եւ յետոյձգեմ որ իր միւս փանսիօն ալիմանթէռներուն հետ մեկնի... Երբ չյաջողելով միանուագ միլիոն մը ֆրանք ստանալ, զրպարտութեամբ եւ կեղծ վկայագիրներով Հրանտին քանի մը ֆրանք տուգանքի դատապարտել տուիր, նոյն օրն իսկ, նո՛յն օրը, կը հասկնա՞ք... (դարձաւ միւսներուն), նոյն օրը դատարանէն մինչեւ Օփէրա, Հրանտ եկա՞ւ, համոզե՞ց , հրաւիրե՞ց քեզ տուն երթալ...

Արփիկ դարձեալ ելաւ, մեկնելու։ Էտիթ բոլորովին ուրիշ պատմութիւն մը սկսաւ ուր քոյրերը  կարեւոր դեր կը թուէին խաղալ եւ որմէ իրենց ապագայ փլանները կախուած էին... Ապուր մը եփելու վրայ ըլլալու էին... Պզտիկ փանսիօն ալիմանթէռը որուն կանսային միւս երկուքը, կարեւորը բոլոր պարագաներու մէջ, նախամեծար համարեց թելադրել որ քոյրը պատասխանէ։

Այն ժամանակ մեծը գլխով հաստատական նշան ըրաւ Էտիթին։

-Լա՛ւ, շարունակեց Էտիթ։ Իսկ դու՛ն՝ մերժեցի՞ր։ Ի՞նչ պատասխանեցիր ի վերջոյ Հրանտին «տիպողական հարցումին որով մերժումիդ պատճառը կ՚ուզէր գիտնալ...

-Բերնիս ի՛նչ եկաւ՝ դուրս տուի... ուզեց  խուսափիլ։

-Նօ՜ նօ՜, չեղաւ։ Ի՜նչ պայման դրիր։

-Ըսի որ պատռէ ամուսնական պայմանագիրը եւ, այո՛, ունեցածը վրաս ընէ... Մենք ատանկ բաներուն ինչ ըլլան ալ չենք գիտեր... Մենք դրամինկարեւորութիւն չենք տար... Մենք նկարագրին կը նայինք։ Նօթէռը, Տիկին Քիզպին, նա՜, Պր. Թօփուզեանն ալ ըսին որ ամուսինս տարիքոտ ըլլալուն, ինձմէ առաջ պիտի մեռնի, լաւ է որ ինչ կ՛ըլլայ, ինչ չըլլար, ես խեղճ հայուհի մը...

-Պօն, ըրաւ Էտիթ, Այսքա՜ն, կը բաւէ՜... Ֆինիթա գօմէտիա... է պռավօ...

-Մենք ըթ նախընտրենք  երկնաւոր կեանքը  կորսնցնել, այստեղինը շահիլ... Չէ՜, աման, ի՜նչ կ՜ըսեմ...  Այստեղինը կորսնցենլ, այնտեղինը շահիլ, հասկցա՞ք... Ընտանիքը  վէմի վրայ պէտք է, հասկըցա՞ք... Մեր ծնողքը՛, մեզի՛... Եկուր Ալիսի՜կ ... խեղճ քոյրերս... Ասանկ քենիներ   ունենա՜լ...

Անսահման վրդովումի կիրքը յաճախ, մեր կենցաղին մէջ սկսած էր, ախտաբանական առումով, խենթութեան անցողակի նոպայի մը վերածուիլ։ Ողջախոհութեան վերջին շարժում մըն էր որ արգիլեց Էտիթին ողողել սենեակը՝ հալերու թանձր պերճախօսութեամբը միակը որ կը պատշաճէր ապականութեան այդ կոթողային ցուցադրութեան... Ուստի, լուրջօրէն սկսաւ բարկութիւնը թափել բոլորովին ուրիշ մարդոց նման, ցնդի բառերով եւ ակամայ զաւեշտական.

-Վաշինզնխի,... վէրպոթն... աշթունկ... պանտա փութինօ ընդ փութինէթօ... ըրաւ Էտիթ, մինչ դուռը գոցուեցաւ անոնց վրայ, երբ մեկնեցան...

Հրանտ որ քովի սենեակը, անկիւն մը քաշուած էր, տագնապալի դէմքով յառաջացաւ։ Ձեռքը տարաւ ճակտին որ անձկութեան սաստկութենէն կնճռոտած էր թեթանոսին նախորդող գլխացաւի կծկումովը.

-Անորը չէ յանցանքը, կ՚ըսեմ, մրմնջեց, ինչո՞ւ չէք հասկնար, անորը չէ՛...

զուր կրնաք խորհիլ, շարունակեց, Ճէմալօֆին, Թօփուզեանին ակնարկ մը ձգելէ վերջ, ի զուր կրնաք խորհիլ որ վեհանձնութեան ռոմռնթիք  շարժումներ են այս բառերը... Անորը չէ մեղքը...

-Այո՛, այո՛, ըրաւ Տիկին Վարդանեան՝ նեղսրտած, էլ անգիր ենք արել. «Յանցանք եւ չգիտնալ հոմանիշ են... » Ես պիտի ուզենայի գիտնալ թէ շանթաժի, սուտ ամբաստանութեան, կեղտոտ զրպարտութիւններից վերջ, տրուած մեծ վտանգի ապացոյցներից վերջ, ո՛վ կարող էր անել այն, ինչ որ դուք արիք։ Իբրեւ կին՝ էլի տուն հրաւիրել մի վտանգաւո՛ր արարած, պարզապէս սկզբունքների հաւատարիմ մնալու համար։ Այո՜, միլիոնների մէջ, ո՛վ կարող էր անել... Օ, լա լա՜, ըրաւ յանկարծ սպառած, էս ի՜նչ էակներ, ի՜նչ հրէշներ... Սիպտակ մազերով կին եմ, ախար... Երեխի նման խաբեցին, խաղցրին մեզ...

Միեւնոյն ժամանակ սակայն կը դիտէր Հրանտին տժգոյն, նիհարցած դէմքը, անձկութեամբ լի աչքերը ու կը խորհէր որ աւելի քան անոր ջութակը, իրականին հանդէպ անոր անզիջող նկարագի՛րն էր թանկագին։ Անոր զգացումներն էին որ իր կեանքին իբր առաջնորդ կը ծառայէին եւ ո՛չ թէ կեանքն էր որ կ՚առաջնորդէր անոր զգացումները... Յիշեց այս մտածումը վէպէ մը եւ չյաջողեցաւ գտնել ո՛չ վէպին տիտղոսը, ոչ ալ անոր հեղինակը։

Ոչ ոք ուզեց դեռ մեկնիլ։ այնքան որ ամէն մէկը կը զգար իր մէջ անվերջ խմորումներ եւ պարպուելու անտեղիտալի պահանջ։ Էտիթ խօսուն մեքենայ մը դարձեր էր որ ոչ ոք կը յաջողէր լռեցընել։ Հազար կտոր կ՚ըլլար իր այս կամ այն կիրքը փոխանցիկ, պայթուցիկ դարձնելու համար։ Դեռ ինքզինք ամբողջովին հովացած չէր զգար։ Հաւանական է որ, իր ակնարկները միայն պեղած էին անոնց անկումին մռայլ անդունդը...

-Ե՜ս, ե՜ս, կրկնեց չհանդարտող բաղդատութեան անվերջ մոլուցքով, ես կեանքը կեղտոտ բանի մը կը վերածեմ, խօսք չկա՛յ։ Անո՜նք... անոնք՝ կեղտոտութեան մը որ կը խմորուի անսահման յիմարութիւնով մը եւ կը դարձնէ զայն ամէն րոպէ յայտնուող նոր հրէշութիւն մը։

-Մե՜նք, մեր ծնողքը, մեր դաստիարակութի՜ւնը... Մեքենաբար  դուրս տուաւ Արաքսի, զանոնք կեղծելով։

-Անոնց համար, շարունակեց Էտիթ, աւելի բորբոքած, խորհելով որ լաւ չի հասկցուիր, անոնց համար, օրինակ, մայրը «բան» մըն է որ ատենը հեղ մը հարսին գոհարեղէն մը պէտք է տայ, եւ անկիւն մը նետուած, իրենց համար բուրդ հիւսէ։ Եւ այսքա՜ն։ Մեծ հայրը «բան» մըն է որ ժառանգ մը պիտի ձգէ։ Ե՞րբ պիտի մեռնի։ Եւ այսքա՛ն։ Զաւակը «բան» մըն է որ ցուցադրութեան առարկայի  պիտի վերածուի։ Վեց-եօթը տարեկանէն սկսեալ՝ մօրը քոփինը, գործակալը։ Եւ այսքա՛ն։ Երգ, գրականութիւն՝ մէկ-մէկ աթրափ-մուշ, էրիկ որսալու համար։ Եւ այսքա՛ն։ Մէկ լեզուէ մը կը հասկնան՝ մետաղինը։ Այն ալ ո՛չ թէ ազնիւինը, այլ, մանրու՜ք պղնձէ՜, ժանգոտած պղինձինը, ձեռք ձգուած  սուտով, զեղծարարութեամբ, գողութեամբ... (Նոր սաստկութեամբ) Հայրենի՜քը, հայրենիքն  իսկ «բան» մըն է որ դեռ աքաղաղը չկանչած, տասն անգամ կ՚ուրանան...

դէպ, ընդմիջեց Հրանուշ, ճի՞շդ է այդ «Արմէնի»ի խնդիրը...

-Ես ներկա՛յ էի դատավարութեան, յայտնեց Պետրոս՝ մռայլ եւ հանդարտ։ Ահա իր բառերը, դատարանին մէջ. «Եթէ բոլոր Հայերը սա մարդուն պէս վայրենի են, այստեղ Ֆրանսա է... »

-Ես ալ քիչ մը ասոնց նման ընկերուհի մը ունեցած եմ, յայտնեց Արաքսի։ Ցուրտ խառնուանքներ են։ Անթափանց, անճառագայթ, շողաբեկ... (Մարդ չգիտցաւ թէ ի՛ր  խօսքերն էին թէ՛, ինչպէս յաճախ իր մէկ դերէն մէջբերումներ)  Չկայ պարագայ մը կեանքի մէջ ուր ներքին էակը իրենց մէջ՝ յանձնուի։ Յանձնուելիք բա՛ն չկայ։ Բոլոր մարդկային շփումները, ամբողջ կեանքը կը վերածեն մուկ ու կատուի խաղին։ Իսկ երբ անդրադառնանք որ այդ խաղին մէջ կ՚աղարտեն կեանքը կազմող էական դէպքերը, պատկերը կը դառնայ քստմնելի...

-Իր շատ մը գիտցած բաները Էտիթին, անոնց մէջէն գալով, կը յայտնուէին որպէս նորութիւններ որոնցմէ կը մնար ցնցուած, ապշած, գայթակղած, խենթենալու  աստիճան...

-Ասոնք կորսնցուցեր են թէ՛ սիրելու պահանջը թէ՛ սիրուելու։ Իրենց ամբողջ կեանքը՝ դաւ սարքել...

Ե՛ս ալ երբեք չեմ խօսիր, երբեք չեմ գործեր ճըշմարտութեան համաձայն, բայց գիտեմ որ ան կա՛յ, հո՜ն է...

-Մե՜նք, մեր դաստիարակութի՛ւնը... ըրաւ Արաքսի, գլուխը գետին հակած, աչքերուն մէջ խորունկ անմեղութեամբ մը, ձայնին մէջ խոնարհութեան, զոհի այնպիսի հարազատ շեշտ մը որ շատերու զարմանք պատճառեց. այնքան որ բնագիր ու պատժէն նմանէին։

-Օրինակ, շարունակեց Էտիթ, ատոնց համար «այսօր անձրեւ կուգայ» չկա՛յ։ Անձրեւը կուգայ կամ չի գար նայած թէ իրենց չարագործ ուղեղը, իր խեղճ հաշիւներովը, ի՛նչ որոշած է առաջուց... Մինչ ինծի համար երբ անձրեւ կու գայ, ընդհանրապէս, անձրեւը կու գայ... Եւ եկած ատենը եթէ չի գար ըսեմ այնքան ալ գոհ չեմ։ Մինչդեռ անոնք, գիտե՛մ, գիտեմ, կը խայտան՝ եթէ եկած ատենը չի գար, չեկած ատենը՝ կու գայ ըսեն ու հաւտացնեն...

Քանի անկումներու ցուցադրութիւնը կը սաստկանար այնքան աւելի կը սաստկանար ցաւը Տիկին Նազարեանին։ Իր համոզումը աւելի կը շեշտուէր, - այս բոլոր մարդկային արարածները ուրի՛շ բաներ կրնային ընել եւ ահա թէ ի՛նչ կ՚ընեն... Միտքը խուժեցին, մէկը միւսին ետեւէն, բազմաթի՜ւ, անթի՜ւ փլուզումի փաստեր։ Բիբերուն մէջ մանուկիապշանք մը կը քարանար որ մարդիկ ունենալով ընտրութեան կարելիութիւնը, ա՜յս կ՚ընէին փոխանակ ...

Վէրքը շատ մեծ է, անծայրածիր, իրենց «գիւղէն» կը տարածուի ամբողջ երկիրներու, ցամաքամասերու ընկերութեանց  վրայ։ Իրենց այնպէս եկաւ որ վիթխարի, չարագործ ձեռք մը բռներ-նետեր էր միլիոնաւոր մարդիկ, մեծ ու պզտիկ, կին ու մարդ, թիթեռնիկներու անհամար տարմեր, տեսակ մը ճահիճի մէջ ուր անոնց թրջուած թեւերը չէին յաջողեր վեր հանել իրենց մարմինը։ Ալսահար, միայն՝ թապլակիլ, իյնալ - ելլել, թապլակիլ...

Հրեշտակներու, Քերովբէներու, սուրբերու, հերոսներու բանակը կը նահանջէ՞ր, ի՛նչ , ի՛նչ , կը նահանջէ՞ր...

Անձկութիւնը տագնապի սրութիւն առաւ։ Դէմքը աւելի ճերմկցաւ եւ մատները կարծրացան, սառեցան։ Աչքերը, անկարելի սաստկութեամբ հայցեցին օգնութիւններ որ շա՛տ, շա՛տ մեծ պէտք էր որ ըլլային... Աչքերուն մէջ մայր տաճարներ իրենց մեծ օրերու ղօղանջները ձգեցին, ի լուր երկրի, ի լուր երկնքի։ Բոլոր սուրբերը, բոլոր հերոսները հարկ էր որ լսէին, ու՛ր ալ ըլլային, ե՛րբ ալ եղած ըլլային։ Հարկ էր որ միանային իրարու։ Շու՛տ։ Մեծ զինակոչութեանց ժամը հնչած է... Ծանր բաներ կ՚անցնին կը դառնան... Օգնութիւնը մե՛ծ, շա՛տ մեծ հարկ էր որ ըլլար...

Երբ պահ մը իր մօտ գտնուեցաւ.

-Տիկին Արմենուհի՛ս, ըսաւ ցած ձայնով, ինչպէ՜ս թոյլ տուիր որ գայթակղութիւնը ցուցադրուի այսպէս ու ալ աւելի մոլորեցնէ մարդիկ։ Ծոց ըսածդ եղած է որ երկու ծիծերուն կռիւը մարդ չիմանայ...

-Ի՜նչ գիտնամ  օղուլս, ի՛նչ գիտնամ... Ատեն կայ մարդ ինչպէս ընելը չի գիտնար, մեղքի տակ  չմտնալու համար։ Եկա՜ն, որբ աղջիկնե՜ր, փողոցը նետուա՛ծ... Կաթոլիկները շահագործեր են. ըսին, բողոքականները խահագործեր են. լուսաւորչականները շահագործեր են, ամէն մարդ շահագործեր է...

-Եւ, ընդմիջեց Էտիթ, պատրաստ նոր կրօնք ընդունելու, հը՜...

Ութսունի մօտ խեղճ պառաւը այնպիսի անկեղծ  սաստկութեամբ մեղայի  կուգար որ միամիտ, շուարած բիբեր առաւ։ Խորհած էր երեք աղջկայ հոգին փրկել, իր տարիքին, արքայական պատառ մը... «Հոգի փրկելու» այդ կիրքին քով կը նսեմանար խաղի թէ ալքոլի մոլութիւնը, նոյնիսկ Րաբունիին   բանը ամբողջութեամբ։ Բայց, անկարող չարիքի եթէ վարակուած  էր այդ մոլութենէն, միեւնոյն ատեն ունէ՛ր գիտակցութիւնը մոլորումին, եւ անոր դէմ պայքարի մըն ալ շարժումները անգոյ չէին։ Այժմ կը զգար որ այդ մոլութեան հետեւանքով, իր աքիլլէսեան կրունկը, թէ՛ այս «քրիստոնեայ հայուհիները» թէ՛ Էտիթ խաղի բերած էին իրեն։

Ակնթարթ մը անոնց «հեզ» դէմքերը աչքին առջեւ բերելով մտածեց. «Մեղա՛յ, մեղա՛յ... արիւն կը վազէ ատոնց երեսներէն... »

Ինքզինքը մեծ խստութեամբ դատապարտող հակազդեցութիւն մը ունեցաւ։  Այս «քրիստոնեայ» աղջիկները ի՛նչ վարպետութեամբ  շահագործեր էին «հոգի փրկելու» իր ազնիւ կիրքը։ Խոստովանեցաւ  իւրովին որ իսկապէս կուրցած էր երեք, որբ աղջիկներ փրկելու յոյսովը...  Մեծ հաւաստիքներ տուաւ ինքզինքին, - անգամ մըն ալ մարդ զինք պիտի  չբռնէր այդ մեղանչումին մէջ...

-Ու-ու-ու՜, ըրաւ Հրանուշ, նմանապէս վախի երանգ մը աչքերուն, մարդ մեղքի մէջ խոթելու համար մէկ հատիկ են...

Գլուխը կ՚երերցնէր յիշելով սկզբնական շրջանը ուր յաջողեր էին, կարճ ատեն մը, իր բոլոր գիտցածը Հրանտին մասին մոռցնել տալ... Հայկ որ հետեւած էր խօսակցութեան՝ յանկարծ սկսաւ բարձրաձայն խնդալ։ Բոլորը իրեն նայեցան։

-Սրանց բոլորին սարսափի են մատնել...

-Մարդ ի՛նչ ընէ, իրե՛ն ընէ, մրմնջեց Տիկ. Նազարեան։

-Ու-ու-ու՜, մատ մը աղջիկներ... Մեզ բոլորս ջուրը կը տանին  ծարաւ կը բերեն, ու-ու-ու՜... գլուխը կը շարժէր Հրանուշ։

-Փո՜րձ, փո՜րձ, փիշկին...

-Մարդ ի՜նչ ընէ, իրե՜ն կ՚ընէ։

-Վարպե՜տ, սատանա՜յ...

-Ճանավա՜ր, ճանավա՜ր... Ամբողջ գաղութը տակն ու վրայ ըրին, ապականեցին, աւելցուց Հրանուշ։

-Մարդ չմնաց  որ զրպարտութեան  մասնակից չընեն...

-Վարպե՜տ, վարպե՜տ... Մէկուն՝ տակը պառկիլ, միւսին՝ սիլի-պիլի, ուրիշի մը՝ դրամ, ուրիշի մը՝ գործ ու յաճախորդ... Ամէն մէկուն իր տկար կէտէն...

-Մեղա՛յ, մեղա՛յ, կ՚ընէր Տիկին Ամենուհի ցաւակոծ։

-Ճանաւա՛ր, Ճանաւա՜ր...

-Որո՛ւ կ՚ընեն։ Կեսուրս կ՚ըսէր, կրկնեց Տիկ. Նազարեան տրտմօրէն, մարդ ի՛նչ ընէ, իրեն կ՚ընէ...

-Պաղ-տաք տեսած կիներ ենք վերջապէս, ե՜ս, խեղճ Տիկին Արմենուհին, Տիկ. Վարդանեանը, Տիկ. Նազարեանը, բոլորիս ասպէս մատի վրայ խաղցուցին, վրայ բերաւ Հրանուշ։

-Սաւանկս, հը՜, սաւանկս, ըրաւ Հայկ, խընդալով, Պոլսոյ բարբառէն հաճոյանալով, սաւանկս... Ու ցուցամատի ծայրին պզտիկ պուպրիկ մը կպցուցած, խամաճիկի շարժումներ ընել կու տար, ամէն մէկուն, զատ-զատ քթին առջեւէն սահեցնելով, սաւանկս, ա՛յ, սաւանկս... Եւ սակայն, իր ներսը, սեւ ամպրոպներ կը գալարուէին  որոնց խուլ աղմուկը խեղդելու համար կը խնդար եւ ինքզինքը խամաճիկով խամաճիկի կը վերածէր...

-Ճիւաղնե՜ր են սրանք, մռլտաց մայրը, տառացիօրէն ապշահար, որուն երեւակայութեան մէջ իր հարսին պատկերին հետ, տասնեակ ուրիշներ ալ ձուլուած էին ասոնցինին։

-Մարդ ի՛նչ ընէ, իրեն կ՚ընէ։

Թօփուզեան որ ժամանակին մէկ հարուածով թափանցած էր այս երեք «քրիստոնեաներուն» կեղծիքի հրաշալի գործիքին, կը հաճոյանար նուրբ մասնագէտի մը նման կենդանաբանի մը նման, օրինակ, որուն իր այնքան հմտութեամբ ուսումնասիրած կենդանիներէն հազուագիւտ նիմունէ մը կը ցուցադրեն։ Նոյնիսկ երկու գործիքները, իբր եւ «անմեղ հարսինը», չափուած էին արդէն անգամ մը իրարու հետ... Թուրք պաշտօնատարի վայրագ կիրքը սակայն բացառիկ սաստկութեամբ մը բռնկած կորսնցնել տուեր էր զգուշութեան եւ տոզի իր վարժութիւնը ... Եւ սակայն, դարանակալ, կը սպասէր իր ժամին... Իսկ առայժմ կը խաղար հանդիսատեսի  հագուստին մէջ մտած։

Ճէմալօֆ քողածածկ կ՚ըմբոշխնէր նմանապէս ուրիշի տրամին դիակը որպէս թիւ մէկ հանդիսական... Մասնագէտներ՝ երկուքն ալ։ Թօփուզեան կը ձեւացընէր մեր գիւղի կարգ մը տուտուլական անհեթեթ ակզբունքներուն ի՛րն ալ ըլլալը։ Քիչ մը անոնց ախոյեանի դերին մէջ։

-Ճանըմ, հայ աղջիկ են. «Շեշտը հային վրայ). ճահիլ են, կը պատահի... որբ աղջիկներ են...

Հայկ գլխու ինկաւ անմիջապէս։ Պետրոսին նշան մը ընելով.

-Սրանք մեզ ձեռ են առել... Ըսաւ հանդարտօրէն։

Երբ երկուքին ակնարկները իրարու հանդիպեցան, Թօփուզեան-Ճէմալօֆ, հազարումէկ մկան իրենց դէմքին շարժման մէջ մտան. Երկուքէն միայն ընդ նշմարելի։ Գերագոյն լեզուով  մը հասկնալի։ Այս անգամ Ճէմալօֆ «թրքահայ»  կիսամտաւորականը կեղծելով.

-Ճանըմ, իրտասարդ Հայուհիներ են, ջերմեռանդ զգացումներով տոգորուած...

Դեռ աւելի վերջը երեւան եկաւ որ շարք մը մարդիկ, Ճօմալօֆ-Թօփուզեանէն  զատ, մեր հացկատակ փռէթ նասիօնալն ալ, «ջերմեռանդ Հայուհիներուն» սենեակը ճաշասեղանի  շուրջ կը հաւաքուին, «քընքուշ» եւ «սիրուն» սպասարկութեան մը զեփիւռներուն տակ...

Կան մարդիկ որ հովանոցը կը պահեն անձրեւէն դեռ շատ վերջն ալ։ Թօփուզեան եւ քոնսոր կը պահեն զայն ամառն ալ։ Իսկ երբ տեղատարափ է՝ անոնք ամէն տեղ են ի բաց առեալ հրապարակէն, բաց օդէն... Իրենց հանրային անձնուիրութիւնը կեդրոնատեղի ընտրած էր իրենց դրամապանակին մէջ։ Իրենց բարեկամութիւնները ժպիտի մը մէջէն, քննութիւնն էր կարելի շահագործման մը եւ կրքոտ  ակնկալութիւնը «բարեկամներու» անկումին. Ի վերջոյ, Թօփուզեանե քըմփընի աղքատ, շա՜տ աղքատ  մարդիկ էին։ Իրենց քաղաքավարութիւնը երբեք չէր մտներ սիրալիրութեան սահմաններէն  ներս։ Իրենց սէրը երբեք դուրս չէր գար իրենց անձի սէրին բանտէն։ Իրենց հայրենասիրութիւնը, գործելու համար, կը սպասէ՜ր, կը սպասէ՜ր... Ատենը չէր... Մինչ այդ սակայն, յանկարծ, մէկուն կամ միւսին երեւցող ու նոյնհետայն  անհետացող  դունչը, ո՛չ միայն նահանջներու այլ եւ հազարումէկ դաւաճանութիւններէ մէկուն մէջ... Խոհե՛մ մարդիկ էին... Աղքատ մարդիկ էին աղքա՛տ, որբացա՛ծ...

Պետրոս որոշած էր թէպէտ չխօսիլ բայց չկրցաւ դուրս չտալ Հայկին.

-Չեմ գիտեր թէ գոյութիւն ունի անկումի աւելի ցած մակարդակ մը քան այն հոգիներունը ուր հիմնական մէկ երկու կապ կ՚աղճատուին։ Մայր մը որ իր աղջիկը կը գործածէ իր էնթրիկներուն։ Կին մը որուն համար իր ամուսինը դրամապանակ մըն է։ Քոյր մը որուն համար իր քոյրը ուրիշ բան չէ եթէ ոչ իր գձուձ եսամոլութեանը ծառայող առարկայ։ Այդ նպատակին համար հոգ չէ թէ անոր երջանկութիւնը, երիտասարդութիւնը, մայրութիւնը իր մոլութեանց մուխին ու ծուխին մէջ ցնդին։ Դժուար է ըսել թէ ո՞րն է գերագոյնը այս կապերէն։ Բայց եթէ անպայման ընտրել հարկ ըլլար, հաւանաբար ամուսնականը կը պարունակէ ամէնէն աւելի մեծ չափով խորհուրդ ու սրբութիւն։ Կինը որ կը պղծէ այդ սրբութիւնը որ չի գիտեր զայն գերիվեր պահել բոլոր միւսներէն, որ չի լեցներ իր ուժերուն սափորը այդ ակէն, որ չի հակադրուիր միւսներուն, կինը որ կը պղծէ այդ սրբութիւնը աւելի վերջնական յատկանշով կորսուած հոգի մըն է, աղբիւր այսահար այլասերումներու քան թէ մայթերու յետին պերճագիծը...

Պետրոս որոշ ամոքում մը կ՚ունենար հաստատելով այս երեւոյթին, ինչպէս եւ իր «պարագային» ալ անհուն բազմացումը, թաւալումը... Օտարոտի կը գտնէր, բնականն ու անբնականն իրար խառնող աստիճանով մը, որ քու իսկ ոճախիդ մէջ, քու իսկ հարազատ կինդ տար օտարին անմիջականօրէն, ամբողջականօրէն, առանց այլ եւ այլի, իր տրամադրելիութեան զգացումը որով բռնկած ենթական հրաւիրուի ենթադրելի ո եւ է «կոչունքի»... Ասիկա կը մտածէր, պեռժէի ու պերժէռի խնդիր չէ։ Անկէ շատ աւելի այլանդակ բան մը... Իր ամուսինը տեսակ մը թշնամի զինուոր է, հակառակ բանակէն բռնուած, տեւականապէս պահուած բարոյական կառանթինաի տակ... Ու զայն այդ կացութեան մէջ պահելու համար դահիճի համազգեստով իր կինն իսկ է որ նշանակուած է պահակ...

Այդ երեւոյթին «օտարոտի» հանգամանքը տանիլը իր ուժերէն վեր էր։ Մեծ աւերներու նախազգացումը կ՚ունենար... Լռութենէ մը վերջ.

-Մարդուն գոյութենէն ի վեր կիները բաժնուած են երկու յաւերժական խումբերու, յայտնեց։ Անոնք որ կը միանան այր մարդուն՝ աններող, մեծղի, մահացու, խորհրդաւոր ատելութեան մը հաշույարդարը կատարելու համար, որ պատրաստ են տալու ո եւ է մէկուն սէր եւ անձնուիրում, որոնց համար ամուսինը ի՛նչ ալ ըլլայ՝ կը մնայ թիւ մէկ թշնամին եւ օճախը՝ զայն ջախջախելու համար գրաւուած միջնաբերդը։ Իսկ միւսները, նոյնքան անյեղլի մղումով, կը կատարեն իրենց առաքելութիւնը այսինքն կը միանան տղուն որպէս իրենց կէսին, առանց որուն իրենց կեանքը կը դադրի կեանք ըլլալէ, ինչպէս եթէ զրկուած ըլլար իր սրտէն...

Էտպիսիները, առաջիններին եմ ակնարկում, պոռալով վրայ բերաւ Հայկ, ոչ ոքի էլ չեն կարող տալ ո՛չ սէր ո՛չ անձնուիրում։ Էտ ուրիշին բաշխուած սէրը իրանց ամուսինը բզքտելու կատաղութեան մի տեսակն է...

Պետրոս յոգնեցաւ։ Յանկարծ յափազանց դժգոհեցաւ։ Հայկին թեթեւ-թեթեւ ու դիւրութեամբ կատարած խորհրդածութիւններու ձեւը հասցուց իր կրած տհաճութիւնը ախտաբանական սաստկութեան։ Նեղսրտութիւն մը ամբողջովին գրաւեց զինք։ Ամէն ինչ անցաւ խաւարումի տակ։ Նողկանք, ապրելու պարտասանին հետ թեւանցուկ, պոռթկաց մէն մի բջիջէն։ Հա՛, ալ գիտեր թէ ի՜նչ ըսել է ատիկա... Ատիկա՝ ծանր ջլաթափումի, խանգարուող հոգիին մռայլ նախերգանքն էր... Ո՛վ որ կար սենեակին մէջ, Բոլորը, ամէն ինչ ահաւոր յոգնութիւն դարձաւ իր համար եւ նողկանքի աղբիւր... Բիբերու լոյսին՝ վարագոյր ինկաւ, դէմքի գոյնին՝ փոշի կապար...

Տիկին Նազարեան մտիկ կ՚ընէր, եւ չէր յաջողեր ձերբազատուիլ մածուծիկ կարեկցութենէ մը որ անընդհատ կրկնել կուտար իրեն իւրովին, իրար վրայ ինկող համրիչի հատիկներուն չխկոցովը. «Վայն ի գլխուն... » Արդէն տրամադիր անցեալին մէջ բնակելու, այս բոլորը անընդհատ կը տանէր զինք իր առաջին երիտասարդութեան օրերուն որ վեշտասնամեայ աղջնեկի մը օրերն էին։ Հարս գացեր էր ճշմարիտ մեծատան կեանքէ մը ելլելով եւ մտնելով խրճիթի մը մէջ։ Խոնարհած էր որ կը սիրէ իր ընտրածը. սիրած էր զայն. սիրած՝ ամբողջական, անյեղլի յաւերժական երաժշտութեամբ։ Շատոնց մոռցեր էր լռին տառապանքը, արդիւնք երկու կեանքերու կոպիտ փոփոխութեան, ուժերէ վեր աշխատանքին, թէպէտ սիրող բայց անխուսափելիօրէն կեսուր կեսրոջ մը պարտադրած համակերպումներուն... Շատո՞նց մոռցեր էր... Բնազդական, անդուլ, տարիներու ներքին աշխատանքով մը գեղեցկացուցեր էր անոր կեսրոջը պատկերը։ Զայն կորսնցնելէն ի վեր դարձուցեր իւղանկարը անստուեր ու տակաւ տիպարը աւանդական առաքինութեանց։ Օր չէր անցներ որ անոր կորուստին իր ցաւը ոչ թէ ցամքէր այլ մասնիկով մը յաճէր։ Կը յիշէր զայն յաճախ ու երբեք չէր յիշեր առանց խորունկ ափսոսանքի. «Ողորմած հոգի կեսուրս, լուս իջնայ վրան, կ՚ըսէր՝ ո՛վ ինչ ընէ, իրե՛ն կ՚ընէ... »

Հրանուշին կնոջական ակնարկները սկսած էին տակաւ պեղել աններող ճշգրտութեամբ, իսկական խորութիւնները անոնց անկումին։ Պժգանք մը ֆիզիքական զգայութեան կը վերածուէր երբ աչքին առջեւ կուգային «խոնարհ արարածներու» անոնց ուրուագիծերը։ Կօշմարներու մէջ կը յայտնուին մարդկայինի դիւայինի խառնուրդ այդ կերպարանքները որոնք իրենց տրուած հրաշալի խաղալիկը, կազմուած հրաշագործ մասերով, մոլեթաթաւ կիրքով մը ոտքի տակ առած կտոր-կտոր կ՚ընեն։ Յետոյ, փոխանակ լալու, կը թքնեն, կը խնջեն, կը ցեխոտեն դեռ բաբախող խլեակները... Մոլուցքը ատով ալ չի հանդարտիր։ Մեր ուժեր կը ճարեն, կը զինակոչեն օտարներ որ իրենց հետ թքնեն, խնջեն...

Առաջին մեկնողներէն մին շաբաթապահ պառաւը եղաւ։ Երբ, դեդեւուն, դէպի դուռը կը յառաջանար, բացարձակ ուժգնութեամբ մը զգաց Յայտնութիւն Յովհաննու գուշակութեանց ճշմարտութիւնը եւ մրմնջեց. «Ա՛լ աշխարհի վերջն է... » Եթէ «վերջը» սկսէր յանկարծ այդ րոպէին իսկ՝ ապահովաբար ի՜նք չէ որ զարմացած մը պիտի ունենար... Միջանցքին մէջ դեռ տնտնած սակայն։ Ականջ տուաւ Ճէմալօֆին որ հետզհետէ աւելի կիրքով, կ՚ըսէր.

-Դուք կ՚ուզէք աշխարհը շտկել մոլութիւնները վերցնելով։ Աշխարհը կանգուն է մոլութիւններու սիւներուն վրայ։ Քանդեցէք սիւները աշխարհ փուլ կուգայ։

-Կեցցե՜ն մոլութիւնները, ընդմիջեց Պետրոս։

-Միայն թէ այն կայ որ մոլութիւններուն ալ աղէկն ու գէշը, մեծն ու ճղճիմը կայ... Խնդիրը մեծն է՜, մեծը...

-Ես ուզում եմ իմանալ Հրանտի կարծիքը, ա՛լ, պահանջեց Հայկ։

-Այո, ըրաւ Թօփուզեան՝ սինիք անոր կարծիքը որ ամբողջ կեանքը անկեղծութիւն կը քարոզէ...

-Ճիշդ է Ճէմալօֆին ըսածը, յայտնեց Հրանտ, առանց վարանումի։

Ներկաները պաղեցան, լռեցին։ Հրանտ անցողակի խորհրդածեց թէ ինչ աստիճանի թիւրիմացութիւն ունին մարդիկ մէկը միւսին ճանաչողութեան մէջ։ Սխալներէն աւելի մեծ ու ծանրակշիռ։ Վասնզի թիւրիմացութիւնը խորթ քոյրն է սխալին եւ անոր աղախինը։ Կայուն է ան եւ միշտ թմբիրի մէջ... Սխալը պայթուցիկ է, մեղքին հետ, եւ ուղիղ գիծով կապուած ճշմարտին հետ։ Իր ներքին կանոնն է նկուղներուն մէջ թէ գէշ կրպակներուն, փնտռել ճիշդը, ցմահ իր թշնամին, իր յաւերժական ոսոխը, եւ, օր մը չէ օր մը, կատարել իր հաշուեյարդարը... Երբ նոյն իսկ թիւրիմացութեանց ամպերը քաշուին օր մը եւ ցուցադրեն կապոյտ երկինքը, ատիկա գրեթէ միշտ աննկատ կ՚անցնի։ Դատողութեան մարմնին ձգուած դեղին շապիկ որ կեանքի մինչեւ վերջին րոպէն կրնայ չփոխուիլ...

Տեսնելով որ կը սպասեն Հրանտ յայտնեց մեղմութեամբ.

-Տարակարծութիւնը՝ անոնց գոյութեան վրայ չէ. մին եւ միւսը մոլութիւն եւ առաքինութիւն կը պահեն իրենց զօրագունդերը կեանքի մէջ։ Խնդիրը հոն է որ ոմանք կը հաւատան երկրորդի զօրացման ու յաղթանակին, իսկ ուրիշներ կը նպաստեն առաջինին...

-Արդեօք բնութիւնը իսկապէս այդպիսի դիտաւորութիւն ունի՞... Թէ՞, ամբողջական, սարսափելի կերպով անտարբեր է մէկուն ալ միւսին ալ հանդէպ...

-Elle s՚en fiche... վճռեց Հայկանուշ, քէնոտ...

-Ո՞վ elle... հարցուց Նագշեան։

-Բնութիւնը՛, quil... յարեց Արաքսի։

-Բնութիւնը իսկապէս, կը թուի խաղի եկած ըլլալ։ Ան իր ծրագիրները կը հետապնդէ իբր միութիւն (unite) ընկերութիւնը առնելով, ո՛չ թէ անհատը... Իսկ անհատը, գլուխն առած, այնպիսի ցնցումներ կը պատճառէ, չկռահուած, ծրագրի մէջ չեղած ճամբաներու ետեւէն է որ բնութիւնը մնացեր է շշմած... Բնութիւնը պէտք չէ որ շշմի... Եթէ չշշմի՛, չի բարկանար... Կարհես թէ մօտ է այս անգամ բարկութիւնը... յայտնեց Հրանտ։

-Շատ մօտեցած է, շա՛տ... ցնծութեամբ վրայ տուաւ Տիկ. Արմենուհի ու շարունակեց, Տէր, մանուկին ու որբեւայրիին երեսը դուն նայէ... Դուն հեռացուր բարկութեան որոտումներդ...

-Շատ մօտեցած է, շա՛տ... կրկնեց դարձեալ, մէկիկ մէկիկ ներկաներուն երեսը նայելով.

-Եթէ բնութիւնը նոյն բուրվառովը կը խնկարկէ Ահրիմէնն ու Ահուրամազտան, անհատի՛ն է մնացեր, ատիկա գիտնալով, կողմ բռնել... առարկեց Թօփուզեան։

-Ամբողջ հարցը հոտ է... մրմնջեց Հրանտ, յանկարծ վշտագնած... Հարկ է որ մարդը գիտնալով հանդերձ ատիկա գիտնալով հանդերձ, կողմ բռնէ... մելեռանդօրէն։

Մեկնումի ժամանակ Տէրտէրը Տոքթորին ընկերացաւ։ Երբ վեր վար ընելով, քարափին վրայ, մէթրոյին կը սպասէին.

-Աս սիրտս որ կը քացխի, Տոքթո՛ր, ի՛նչ պիտի ընենք հարցուց։

-Ի՞նչ, սիրտերնի՞դ... բժիշկը յիշեց նոյն օրուայ իրենց խօսակցութիւնը, անոր հռչակած աղօթքին ամէնազօր նկարագիրը, անհուն ապշանքով։

-Պիտի ուզէի որ մեծ մասնագէտի մը...

Մինչ Տոքթորը այդ նպատակով ժամադրութիւն մը կուտար, ստիպեցաւ խորհիլ որ Տէր Հօր համար ալ ամէն ինչ յարաբերական ըլլալու էր, նոյնիսկ «հրաշաբար աղօթքները»...

Կառաշարին աղմուկը, տիրող ժխորը կը մղէին Տոքթորին այլազան խորհրդածութեանց որոնք մեղմացուցին իր քիչ առաջուայ ապշանքը եւ քշեցին զինք իր իսկ տագնապին բերանը որ, մեծաղմուկ, արթնցող հրաբուխին խառնարանին կը վերածուէր.

-Դուք այստեղ պիտի չիջնայիք, կարծեմ, յայտնեց Տէրտէրը, երբ Վէնսէն հասան։

-Չէ՛... ըրաւ բժիշկը... Տէր Հայ՛ր, թէպէտ, քիչ առաջ կ՚ըսէի որ, օրինակ, գողութիւն գլխու ցաւ Գիտութեան աչքին միեւնոյն բաներն են, բայց...

-Օրհնա՛ծ... ըրաւ Տէրտէրը յանկարծ մտերմացած, թացիկցած, բայց առանց անդրադառնալու խօսակցին սուր անձկութեանը։ Ինչ որ կ՚իմաստասիրէր պատանեկութեան սորվուած դասի մը նման էր։ Արմատ չունեցող խոտեր էին իր մտածումները։

-Չէ՛, չէ՛, շարունակեց բժիշկը, կարելի բան չէ... Առանց ետեւ առջեւ նայելու, այդպէ՛ս, յախուռն... Տարբերութի՛ւն մը կայ... Մարդ երբեմն, զարմացնելու մարիֆէթէն կը բռնուի... Տարբերութի՛ւն մը կայ... մե՛ծ... Նոյիսկ շա՛տ մեծ... նիւթը եւ Շունչը միեւնոյն բանը ըլլալով հանդերձ բոլորովին միեւնոյն բաները չեն... Հոս է յափշտակիչ կողմը, առեղծուածը, չարչարանքը... Ի՞նչ կ՚ըսէք Տէր Հայր... Գողութիւն-ջերմամիզութիւն օրինակ, ոչ միայն միեւնոյն բաները չեն այլ ծանր բան է անոնք իրարու նմանեցնել, հրէշութիւն է... Այո՛, Տէր Հայր, հաւատացէք, ոճիր է... Ի՜նչ կ՚ըսէք ի՞նչ կ՚ըսէք դուք...

-Օրհնա՛ծ, գիտութիւնը, կամաց կամաց, նայի՜նք... Ըսածիդ մէջ, գիտես քի... Ո՞ր գիտնականը...

Բժիշկը յանկարծ չորցաւ, կարծրացաւ։ Իր օճախին ալ վրայ շատոնց սեւ հաւը կանչեր էր... Ընկերութեան աչքը շլացնելու համար դեղին, գորշ, սեւ անագնապղինձի պատառոտած ծուէններ կը ձգուէին անոր աւերակին ու խլեակներուն վրայ։ Ու ինչպէս յաճախ կը պատահի, ներքին բորբոքումը ստացաւ ամոքային կատաղութիւն։ Բարձրացուց երկու բռունքը.

-Դո՛ւն է որ, Տէրտէր, դո՞ւն... Չե՞ս տեսներ որ ատիկա... ժխտումն է Աստուծոյ... Ա՛, Տէրտէ՛ր, Տէրտէ՛ր, միջնաբերդ մոլութեանց ու մոլութեանց, կեդրոնատեղի սատանէից, բէէղզաբուխեան սպայակոյտ...

-Օրհնա՛ծ...

-Ոճի՛ր է, ոճիր, Տէրտէր... Դո՛ւն է որ այդպէս դիւրութեամբ... Եթէ այդպիսի բան ըլլայ՝ Մարդը մարդ ըլլալէ կը դադրի։ Մարդ միաւորը չէ՛, այլ ամբողջ մարդկային տեսակը կ՚այ-լա-սե-րի... Ուրիշ գոյացութիւն մը որ յղանալ կարելի չէ... Կապիկէն վար, շա՛տ ցած գոյացութիւն մը... Չէ՛, չէ՛, մէկ ճար կայ... Կեցցէ՛ գողութիւնը... Աւելի՛, աւելի՛ թող սաստկանայ գողութիւնը, սուտն ալ, շնութիւնն ալ, աւելի՛, աւելի... դուրս ժայթքեցին լաւաները։

-Եւ ըսել որ՝ դիւրութեա՜մբ, Տէրտէր կը համաձայնիս... Չե՞ս տեսներ, չէ՞ք տեսներ... Ատիկա ուղղակի՛... Աստուած կա՛յ, ինչպէս կայ ո եւ է մէկ բջիջ մեր մարմնին մէջ, ինչպէս ո եւ է մէկ հիւլէն մեր արիւնին, անոնց մէջ, անոնց միջոցով, անոնց մէջէն, անոնց վրայ, անոնցմէ առաջ, անոնցմէ վերջ։ Եւ ըսել որ... այդպէ՜ս, դիւրութեա՜մբ...

Գլուխը արիւն խուժած էր։ Վրդովում ու գայթակղութիւն, հասած անբնականոն զայրագնումի, կը տանէին զինք խենթութեան։ Երբ անգամ մըն ալ կը կրկնէս. «Եւ ըսել որ... » դարձեալ բռունցքը բարձրացուց Տէրտէրին վրայ որ իր կուտակուած թշնամութեանց պատահական մարմնացումը դարձած էր, բայց ձեռքը ինկաւ վար։ Նոյնհետայն քիթը փլաւ։ Արիւնը սկսաւ հոսիլ առատօրէն որմէ Տէրտէրին սեւ կապան իր մասը ունեցաւ։

Տոքթորը հեռացաւ առանց հրաժեշտ առնելու, առանց գիտնալու թէ ո՛ւր կ՚երթայ... Մէկ ձեռքով թաշկինակը սղմած էր քիթին, միւս բազուկը ցցած երկինք, գլուխը հակած ետեւ... «Չե՜ն տեսներ, չեն տեսներ որ... » կը կրկնէր, ինչպէս եւ շատ մը ուրիշ բաներ կը մրթմրթար որոնք կը մնային անիմանալի։ Իր փլչող օճախին քիթը զարնուեր էր իր սկզբունքներուն եւ արիւներ... «Մէյ մը այսպէս եղեր է, այսպէս ալ կ՚երթայ», կը դաւանէր առաջ, աշխարհի մասին։ Իր սկզունքներուն քիթը զարնուէր էր իրականութեան արոյրէ լամբարներուն եւ արիւներ... Հոգին, այժմ, մերկ, տկլոր, սոված, գալարուն, մղձաւանջային, անձկայրեաց փնտռելու էր ելեր օժիվներ ուր ապաստանի։

Բազմաթիւ ժամեր Հրանտ Մոնմարթր, Կրաֆթի կարմիր բազմոցներուն վրայ անցուց, ուր առաջնորդած էր Հրանուշ։ Նախ մեծ գաւաթով սուրճ։

Անդրադառնալով օրուայ դէպքերուն, գտան որ Տիկին Վարդանեան չի ծերանար։

-Որովհետեւ յայտնեց Հրանուշ, կարեւորին հետ հազարումէկ յիմարութիւններու ալ կառչած է։ Պէտք է շա՛տ, շա՛տ յիմարութիւն, կեանքի մէջ։

-Ատիկա կեանքը ապրիլ չէ, այլ՝ ո եւ է ձեւով զայն մոռնալ։

-Բայց՝ պէ՜տք է, չէ՞ք խորհիր, պէ՛տք է, եթէ ոչ՝ սարսափելի է ծերանալ։

-Եթէ մարդ ծերանալ չի՛ գիտեր։ Ծերանալը երիտասարդութիւն ձեռք ձգելուն մէջ կը կայանայ։ Բնութիւնը, կեանքի ո եւ է մէկ շրջանին մէջ, նոյնքան երիտասարդութիւն կը պարգեւէ մարդուն։

-Ինչպէ՞ս թէ, ըրաւ Հրանուշ սուր աչքերով ուր ամբողջ ընկերութիւններու անձկութիւնը խտացած էր։

-Կ՚ուզեմ ուտե՛լ, խմե՛լ, հագուի՛լ, դո՛ւրս ելլել, շամփա՜յն խմել, գիշե՛ր լուսցնել։ Հիմա որ ատոնց բուն համը գիտեմ...

-Ըսածս փարատոքս մը չէր։ Ծերանա՛լ հրաժարիլ է։ Հրաժարի՛լ՝ երիտասարդանա՞լ։ Մանր հազարումէկ հրաժարումներ։ Ատիկա՜ է ամէնէն ապահով աղբիւրը՝ նո՛ր ուժի մը հոսումին։ Իսկական երիտասարդութեան ուժին։ Միշտ զինուո՛ր մնալու է, կեներալիսում ըլլալու համար...

-Այն ժամանակ՝ դուք կեանքը չէ՛ք սիրեր, հետեւցուց։ (Պահ մը մտածելէ վերջ) Կեանքը կը սիրէ՞ք...

Հրանուշ կարծեց որ Հրանտ չհասկցաւ հարցումը։ Ընդհանրապէս մտացիր է եւ կարծես՝ առանձին։

-Կեանքը կը սիրէ՞ք, կը հարցնեմ, կրկնեց։

-Հայո՛ւ մը պէս, պատասխանեց Հրանտ, այսինքն՝ զզուելի՛ սաստկութեամբ...

-Այսի՞նքն...

-Այն պահուն իսկ ուր ինկած էի փլչող օճախիս գերաններուն, փոշիներուն տակ, այն պահուն, պատրաստ էի կապել փողկապը սպիտակ եւ՝ բռնել եկեղեցիի ճամբան, նոր նարօտէ մը յափշտակուած... Հազար կեանք բաւական չէ՞ ապրելու ախորժակիս...

-Այն ժամանակ՝ կը վախնա՛ք մեռնելէ։ Ես ... ես սարսափելիօրէն կը վախնամ։ Երբեմն գիշերներ, քուն չունիմ ատոր համար...

-Ե՛ս ալ, պատասխանեց Հրանտ։

Հրանուշ աղօտօրէն կը սպասէր քաջութեան ցուցադրութեան մը։

-Դո՛ւք ալ... ըսաւ քիչ մը հիասթափ։

-Ո՛չ այժմ, սակայն, կամ, հազուադէպօրէն այժմ ու ակնթարթ մը միայն։

-Ինչպէ՞ս ըրիք, Աստուծոյ սիրոյն...

-Ինչպէս ըրի-ի՜... Ըսի՛ արդէն։ Հարկ է իսկապէ՛ս «ծերանալ» սկսիլ «չմեռնիլ»... Վասնզի բնութիւնը չի գիտեր թէ ի՛նչ է մահը...

Հրանուշին ատիկա շատ խառնաշփոթ, անբաւարար, անկարելի թուեցաւ։ Մարդիկ, մեծ անձկութեանց ճարակ, հոգեվարք մը պիտի ունենային՝ անվերջ մղձաւանջ։

Հրանուշ նիւթը փոխեց։ Բոլորովին առանց պատճառի իր ստացած նախատինքին վէրքը յանկարծ վերսկսաւ արիւնիլ։ Փանսիոն ալիմանթէռ քոյրերը կը հրահրէին տեւականապէս  բանսարկութիւն մեր «գիւղին» մէջ։ Ան «ազատ կեանք կը վարէր», յաւակնոտ էր, փառամոլ, վեղարաւորներու Տիանը...

-Չեմ գիտեր թէ ես լա՛ւ կին մըն եմ, բայց, կը վստահացնեմ, մարդու գէշ բան մը չեմ ուզեր ընել, չեմ սիրեր, կը սոսկամ արդէն... Իմ վերաբերումս  ուրիշներու հանդէպ՝ ինձմէ կախուած է։ Ես ամէն ինչ կ՚ընեմ որ ան միշտ սովորական սիրալիրութենէն անդին անցնի։ Եւ կ՚անցնի։ Արժանիք մըն ալ չունիմ ատոր մէջ որովհետեւ հաճոյք կ՚առնեմ՝ այդպէս ընելո՛վ միայն, եւ կը տառապիմ եթէ հակառակ, ընեմ։ Իսկ իմ անհատական կեանքս որ միայն ինծի կը վերաբերի, ի՜նչ ալ տեղի ունենայ հոն ուրիշներ չէ որ կը կրեն անոր հետեւանքը։ Եւ տեղի կ՚ունենա՛յ, լեցուն սխալներ առանց իմ կամքիս...

-Ամէնէն ընթացիկ յարաբերութիւնն ալ մեր մերձաւորին հետ, ըսաւ Հրանտ, այնպիսի թանկագին տարր մը կը պարունակէ որ դիւրութեամբ պէտք չէ համաձայնիլ զայն փշրել...

Հրանուշ երջանիկ էր որ իր հակումները սկզբունքի կը վերածուէին եւ, աչքին առջեւ, իր անձնաւորութեան լաւ մասը կ՚ուռճանար։

-Աստուա՛ծ իմ, ինչո՞ւ ուրիշներ կ՚ապրին՝ կեղտոտելու համար... Երբեմն օրեր, գիշերներ ամբողջ՝ կը մնամ թունաւորուած, ո՛չ կրնամ աշխատիլ, ո՛չ ո եւ է բան ընել... Կեղտը՛, կեղտը՛, կեղտին դէմքը աշխարհիս վրայ, խորհրադւոր վիշապ, կը վախցնէ զիս, հանգիստս կը պղտորէ վերջնականապէս...

Մինչ Հրանուշ կը սպասէր, Հրանտ ծռեցաւ գետնէն պռէզէլի կեղտոտ կտոր մը վերցուց եւ անոր առաջարկեց։

Հրանուշ.

-... Ապշած, ետ քաշուեցաւ։

-Եթէ կ՚ընտրէք, այդքան խնամքով, ըսաւ Հրանտ, ձեր աղիքին տրուելիքը, սիրտը, հոգին, ինչով անկէ վար կը մնան...

Լռութենէ մը ետք քիչ մը կենդանացած.

-Ձեր ուժերու հարիւրին իննիսունը իննը կու տաք ստամքոսին սնունդին ընտրութեանը եւ ո՛չ իսկ հարիւին մէկը՝ հոգիի սնունդին...

Հրանուշ յանկարծակիի եկաւ.

-Բայց կ՚ուզեմ... բողոքեց։ Ինչո՞ւ այնպէս եղած է որ այսքան դժուար ըլլայ միւսը...

-Եթէ դժուար չըլլար՝ քիչ պահանջուած պիտի ըլլար մեզմէ եւ հետեւաբար ձեռք ձգուածը աժան պիտի ըլլար... Մինչդեռ այդ մէկ առ հարիւրն ալ յաճախ...

-Կարծես թէ Աստուած չուզեր օգնել մեզի, ոչ թէ չուզեր, այլ անտարբեր է... ո՛չ թէ անտարբեր է այլ բոլորովին ուրի՛շ բան է, ուրիշ բաներ են...

-Աստուած ալ շուարեր է մարդուն ձեռքը... Բնութիւնը անհատին միջոցով չէ որ կ՚ուզէ իր ծրագիրները իրականացնել... Յայտնի էր որ այդ կէտը խորապէս խռոված էր Հրանտին եւ չէր ուզեր մեղուն կամ մրջիւնը մարդուն նմանցնել։

-Իրաւ որ՝ ես կ՚ուզե սակայն եւ՝ րոպէներ կան՝ շա՛տ մեծ ուժգնութեամբ... Այդ ամբողջը ի զուր կ՚անցնի, ո՛չ ոք կ՚օգնէ որ օգտագործուի, մինչդեռ ստամոքսը պաշտպանող ուժերը աւելի մեծ են, կը մնան յաղթական... Ես կ՚ուզե՛մ, որովհետեւ՝ ես կ՚ուզեմ...

-Մեր այդ ուզելը յումպէտս կը կորսու՞ի իսկապէս...

-Ստամոքսը ամէն ինչ կը մարսէ։ Հոգի՛ն ալ ան է՝ ստամոքսն է որ կը մարսէ...

-Կարելի բան չէ, ըսաւ Հրանտ, պէտք է որ խելքի գայ...

-Ո՞վ։

-Ստամքոսը։

Աղուոր լոյս մը եկաւ անոր աչքերուն որով սկսաւ, անյագօրէն, Հրանտին դէմքը դիտել։

-Ինչ լա՛ւ են ժամերը, ձեր ընկերութեան մէջ... Մարդ կը զարմանալ յանկարծ հաստատելով որ ի՛նք ալ լաւ մէկն է... Կը սկսի շնչել եւ... կեանքը կ՚երեւայ բոլորովին ուրիշ կերպ քան մինչ այդ... (Լռութենէ մը վերջ) Ուրիշ բան մըն ալ պիտի հարցնեմ, անմիջապէս, եթէ ոչ ուրիշ ատեն մը կրնամ երբեք չհամարձակիլ...

Հրանտ ընկողմանած էր օթոցին վրայ, երկու ձեռը գրպանը, ոտքերը երկարած սեղանին տակ՝ կը նայէր իւղանկարներուն եւ չէր տեսներ։ Պահ մը միտքը կը գործէր պատասխանելու համար, ու յետոյ կ՚իյնար դարձեալ իր թմբիրին մէջ։ Աշխարհը նոր-նոր ալիքաւորումներու տակ կը յայտնուէր, վհատեցնող... յափշտակիչ... Գլուխը յամրօրէն դարձուց անոր։

-Պէ՞տք է ջնջել... հարցուց Հրանուշ։ Շարժուն դիակ մը կը դառնամ եթէ ջնջեմ...

-Ի՞նչ բան (Յանկարծակիի եկած)։

-(Նեղուած) Մոլութիւննե՛րը... մոլութիւնը-ը... ընդհանրապէս։

-Ընդհանրապէս՝ այո՛։

-Մասնաւորապէ՞ս։

-Ի՞նչ մոլութիւն։

-Օրինա՛կ, օրինակ... կիրքինը... (Դժնդակ ճիգով մը) Օրինակ ցոփութիւնը՛...

Երկուքն ալ պահ մը լռեցին։ Լրջութեան նոր ալիք մը ողողեց Հրանտին դէմքը որ մեղմեց անոր յոգնած արտայայտութիւնը։ Ցած ձայնով.

-Ո՛չ... պատասխանեց։ Յետոյ աւելցուց. - Ձեզի՛ համար՝ ո՛չ... Ավանթիւռն է անհատը նուազեցնողը... Պէտք չէ նուազեցնել մարդուն մէջ բնազդներուն ուժերն ալ...

-Չկայ արուեստի ճիւղ մը որ անոր՝ հեշտանքին հարկատու չըլլայ... Ո՛չ ալ բարձր ազատութիւնը անհատին որ անոր սանձահարումէն չտարածուի...

(Պահ մը, ներումօրէն, աչքերը հանդիպակաց ապակորմին, եւ իւրովին) վասնզի, ի վերջոյ, խնդիրը հովիւներուն ազատութիւնն է...

-Հօտինը կարեւորութիւն չունի՞, ըսել է։

-Միւսներո՛ւն ձեռքն է ան...

-Ա՜... ըրաւ, աւետիս մը առնողի նման... Կը չարչարէր ասիկա ինծի։ Ազատութեան չէ՛, տռիփի՛ն, ըսենք՝ տարփանքի՛ն խնդիրը... Ես իմ մէջս կը զգայի, բայց, չէի համարձակեր... Ուրա՛խ, ուրա՛խ եմ...

-Պայմանո՛վ մը՝ մենք, պէտք է որ, աստիճանաբար վարենք զանոնք, եւ ոչ թէ միշտ անոնք... մեզ։ Եթէ անոնք չըլլային, օր մը, յաղթանակ մը տանելու - մեծագոյններէն - առիթը տրուած չէր ըլլար...

Իրենց խօսակցութիւնը կ՚ընդմիջէր երկար լռութիւններով։ Հրանտ զոյգ մը քուփ եւս ապսպրեց, երրորդ անգամը ըլլալով։ Հրանուշ, մէկ անգամով, գաւաթ մը ջուր ըլլար, պարպեց բաժակը։ «Միակ խմիչքն է որ կու գայ ինծի... » Արեւը ինկաւ աչքերու դաշտին որ յեղակարծ լեցուեցաւ գարնայնի ծաղիկներով...

-Հիմա ալ կը խորհի՞ք դարձեալ որ ամուսնական կապը յաւիտենական է, հարցուց, սիրտ առնող քաղցրութեամբ։

-Այո-ո...

-Եթէ ամուսինս ստէ, նախատէ, գինովնայ, գողնայ, կնոջը գոհարեղէնները ծախէ, զաւակներուն բերնէն կտրէ ու խաղայ, դաւաճանէ՝ դարձեալ պէտք է՞ որ մնամ անոր կինը...

-Այո՛, յարեց Հրանտ, աւելի վճռական քան քիչ առաջ։

Հրանուշ գլուխը գաւաթին հակած՝ մտածեց։ Ապա բարձրաձայնելով զայն.

-Ի՞նչ բան կը դառնայ կեանքը այն ժամանակ, ի՞նչ բան կը դառնայ կինը՛, մայրը՛... կատարեալ ծաղրա՛նք, ստրու՛կ... Տեղի կ՚ունենայ անվերջ եւ ամէն կարգի կաշի միայն...

-Այն կինը որ չի կրնայ ուրիշ կերպ ընել եթէ ոչ մնալ իր ամուսնին մօտ եւ տանիլ այդ կեանքն ալ, ան՝ ճակատագրի շաւիղին մէջ է եւ գիտէ որ ի՛ր կեանքը կեանք ունի... Հակառակ ընթացքի մը ստեղծած կեա՛նքը պիտի ունենար...

Հրանտ պատմեց անոր որ իր մեծ մայրը լացած էր եւ մազերը փետած երբ զինք, հազիւ պատանի, ծովեր կտրել տալով, գիշերօթիկ ղրկած էին։

-Այդ դէպքը, անմար վառարան, բիւր անգամ աւելի կշիռ ունեցաւ հոգիիս կազմաւորման մէջ քան թէ ամբողջ կեանքիս ընթացքին ինծի ուսուցուածներուն ու թելադրուածներուն զանգուածը... կեցէ՛ք, կեցէ՛ք, աղէկ միտքս ինկաւ, երէ՛կ աչքս ինկաւ վէպի մը սա տողերուն։ Տա՛ Աստուած որ գտնեմ... (Գրպանէն տրցակ մը թուղթ հանեց, փնտռեց, գտաւ) Ահա՛։ Լսեցէք, աղուոր է... Esclavage noble, eleve! C՚est en lui justement que reside le sene eleve de la vie de la femme. De l՚effroyable amas de notions qui s՚est fait dans tous le temps de mes relations avec les femmes, j՚ai conserve dans mon souvenir comme un filtre, non pas des idees ni des grands mote, ni de la philosophie, mais seulement cette extraordinaire soumission au destin, cette extraordinaire pitie, ce pardon de tout... Այսպէս էր հայ կինը իր ծննդավայրին մէջ, աւելցուց, վայրագ շեշտով մը։

Չհակաճառելու փափկանկատութեամբ Հրանուշ բաւական ժամանակ վերջը միայն.

-Կը խոստովանիմ որ ես... չպիտի կրնայի...

-Դուք հայ չէ՛ք, յարեց Հրանտ, կտրուկ։

Հրանուշ երկար ատեն խօսեցաւ ֆէնիզմի յառաջդիմութիւններուն եւ իրաւունքի մասին։

-Ինչքա՛ն պահպանողական էք այս կէտին մէջ, ձայնեց Հրանուշ։

-Իրաւունքի գերաճող զգացումը մեր ժամանակաշրջանին քաղցկեղն է։ Ո՛չ ոք աւելի զզուելի է քան ան որ իր կեանքը կը դարձնէ իրաւունքներու հետապնդումը, եւ ընկերութիւնները որ կը մղեն զայն այդ կորստեան... Մեծութիւնը կը սկսի իրաւունքէն հրաժարելու Ուժէն...

Վերջի դէպքերէն ի վեր բազմաթիւ ամիսներ անցած էին երբ առաւօտ մը Հրանտ նամակ մը ստացաւ Պետրոսէն, տարօրինա՛կ, շա՜տ տարօրինակ։ Գրուած անգիծ, փայլուն, ութը մեծադիր թուղթի վրայ, միջնադարեան «գրիչի» մը նախանձը շարժող անթերի կանոնաւորութեամբ, հատիկ-հատիկ, մարգարտեայ, շա՛տ, շա՛տ մանր տառերով որ առանց խոշորացոյցի անկարելի էր կարդալ։

Այդ ամիսներու ընթացքին ուր իր հոգեբեկ  վիճակն ու կամքը պայքարի մէջ էին, ուր ան նուիրուած էր իր ներքին միութեանը նուաճումին, Հրանտ շատ ուժ չէր գտած նուիրելու իր շրջապատին։ Յամենայն դէպս մէկ քանի անգամ հանդիպա՛ծ էր Մատէնճեաններուն։ Երկու անգամ ընկերացած Տոքթորին, իր սանուհիին՝ Աշխէնին այս կամ այն հիւանդութեանը առթիւ։ Այդ այցելութիւններէն առաջ սակայն, հեռաձայնով ժամադրութիւն մը առնելէ  վերջ, պաշտօնական, Պետրոս եկած էր կարեւոր խնդրի մը շուրջ տեսակցելու։ Ան ծրագրած էր գրավաճառի  խանութ մը բանալ եւ իրմէ կ՚ակնկալէր փոխառութիւնը  բաւականին մեծկակ գումարի մը։ Հրանտի շնչին մաս մը միայն կարելի եղած էր տրամադրել։ Շատ չանցած, մեր գիւղին մէջ տարաձայնութիւններ շրջեցան։ Պետրոս ոչ թէ վարկաբեկող պատմութիւններ կ՚ընէր Հրանտին շուրջ այլ՝ չէ՛ր քաշուէր բացայայտ թշնամութիւն մը ցոյց տալու։ Թշնամական արտայայտութիւնները ո՛չ թէ օրէ օր կ՚աճէին, այլ՝ լրջօրէն կը սպառնային գործի վերածուիլ... Շատ երկար եւ մանուածապատ  դրուագներու հետեւանքով՝ երեւան կուգար որ Հրանտ միակ պատճառն է Պետրոսի նիւթական եւ բարոյական քայքայման։ Ան՝ ո՛չ թէ դրամ փոխ ուզած է, այլ. Հրա՛նտ է որ չէ ուզած վերադարձնել իր հօրը ժամանակին անոր փոխ տուած գումարները, երբ Հրանտ ուսանող էր...

Այս պատմութիւնն էր որ, օտարոտի ճարտարութեամբ, փաստացի ու ժամանակագրական երեւոյթով մը ներկայացուելէ վերջ, կը յանգէր սպառնալիքներու... Սպառնալիքներ կը վերջանային հայհոյանքներով... Ի՜իչ հայհոյութիւն... Հարկաւոր էր Տանդէական երեւակայութիւն, միացած Միւլլէրի եւ Լավրանսի սեռային մոլուցքին։ Սպառնալիքները բացորոշ էին- ճշդուած օրը, ժամը ուր մահացնող գնդակը պիտի ստանար ան, եթէ այլ օր մը, այլ ժամու մը, ութը հարիւր վաթսուն հազար հինգ հարիւր վաթսունը եօթը ֆրանքի գումարը... չվերադարձնէր։ Հրանտ սրտի կսկիծով մը, յիշեց այն փրփրեռախ ու մոլորած արտայայտութիւնը  որով մէկ քանի ամսուայ իր կինն ալ կը հայհոյէր իրեն, իր հօրը, մօրը, եղբօրը իր տարիքին, սեռին ու վիճակին խօլօրէն, մռայլօրէն հակադրուող, մոլորուն եղանակով մը որմէ Հալերու բեռնակիրներն  իսկ պիտի նեղուէին։

Օր մը Հայկ հեռախօսով իմացուց որ Պետրոս անձնասպան  եղած է։ Հրանտ ճամբեց աշակերտները եւ հապշտապ ուղղուեցաւ դէպի անոնց տունը։ Ճամբան ծանր մեղադրանքներով կը չարչրկէր ինքզինքը երբ մէկը թեւէն բռնեց։ Տէր Հայրն էր։ Շատոնց իրար չէին տեսած։ Բոլոր կերածը միշտ կը քացխէր եւ ան չէր մտածած դեռ աղօթքի հրաշաբար ուժին դիմելու... Հրանտ յայտնեց եղերական լուրը եւ անոնք Կառ տը լ՚Էսթէն մինչեւ Շաթըլէ քալելով գացին։ Աշուն էր արդէն, սեպտեմբերի  վերջը։ Արեւը սակայն այդ օրը, մաքուր երկինքէ մը ինկած, մեծապէս տաք էր։ Խորունկ հաճոյք մըն էր, Պուլվար Սէպաստափոլի երկայնքին քալել, արեւը՝ իրենց կռնակին։ Հրանտ որուն մտածումը աբողջովին կլանուած էր իր մանկութեան ընկերոջը վախճանովը եւ խղճի դալարումներով, Կռան Պուլվարներու մերձ, ընդվզած, յորդեցաւ.

-Չըլլա՛ր, Տէր Հայր, չըլլար, կարելի չէ, մարդկային էակի մը ուժերը սահմանափակ են, ամէն մարդու տրուած չէ Գեթսեմանի պարտէզներուն մէջ թափառիլ... Նոյնիսկ Ա՛ն, Ա՛ն...

-(Մտքի աւերիչ շարժումով մը) Ս. Գրոց պատուէրները նոյնքան ճիշդ են որքան թիւր... Ահա՛, աս տղան անսաց Աստուածաշնչական օրէնքին. նկատեց որ ինք ունի բաւականին բարոյական ում ամուսնութիւնը յաւերժական նկատելու, բայց՝ կեանք չէր, ատիկա կե՜անք չէր, նօ՜, նօ՜... ըրաւ գլուխը խեռ ժխտականութեամբ շարժելով։

-Քիչ մը կամաց քալենք, եթէ կարելի է, խնդրեց Տէրտէրը։ Է՜, ըրաւ ապա ժպտագին, այդ ոչկեանքին հակառա՛կն ալ կեանք չէ... Նորէն անկէ է որ...

-Նօ՜ նօ՜, ամէն էակ բանի մը վիճակուած է. կովը՝ կաթ կու տայ, շերամը՝ մետաքս...

-Իժը՝ թո՛յն, ընդմիջեց Տէրտէր, գուշակելով անոր մտածումը, չխռովուող խառնուածքի մը հեգնանքը իր մանր աչքերուն։

-Այո՛, ճիշդ այդ է որ կայ, իժը՝ թո՛յն։ Միայն թէ թոյնը ներարկելուն ալ տեսակները կան։ Երկու՛ տեսակը կայ։ Օձը կը ներարկէ, եւ իր ներարկումէն  կ՚աշխուժանայ, կը կազդուրուի, մինչեւ պատրաստութիւնը ներարկումին յաջորդ քանակութեան։ Երկրորդ տեսակը՝ մարդը կը թունաւորէ յանուն իր վատթարացման հեշտանքին... Արուեստը արուեստին համար... Նօ՜, նօ՜, մարդ բան մը պիտի ընէ որ ընդունելի ըլլայ  վերջապէս, եւ  ոչ թէ կեանքը ըլլայխոզին հեշտանքը աղբին մէջ... Ու՞ր է շարժումը շունչը...

-Մարդ-խոզը անյեղլիօրէն խո՞զ է, հարցուց Տէրտէրը, մինչ խոզը՝ յաւերժապէս խոզ է։

-Լա՛ւ... Ե՞րբ պիտի դադրի ան խոզ ըլլալէ, կամ գոնէ ե՞րբ դադրելու ճամբան պիտի առնէ։ Ինչքա՜ն, ինչքա՜ն ժամանակ անցած է, ե՞րբ պիտի դադրի հապա... Ինչու՞ իր ոչ-խոզ մասը այսպէս սեղմ պահուած է, այսքան դժուար կը յայտնուի... (Յանկարծ սաստկացած կիրքով մը).

-Հապա՞ եթէ մինչեւ վերջը տեւէ, հը՞, Տէր Հա՛յր, հապա՞ եթէ մինչեւ երկրագունդի վերջը տեւէ, հը՞, այն ժամանա՛կ հապա, հը՞...

-Ըսելէ Աստուծոյ չէք հաւատար...

-Աստուծոյ կը հաւատա՛մ... Լաիլահէ իլալլաճ...

Բայց, վախնամ, մե՛նք, մե՛նք փորձարկութեան առարկայ մը ըլլանք միայն, տիեզերքի  անծայրածիր փորձասենեակին մէջ...

-Եւ սակայն այդ դժուար յայտնուող մասը այնպիսի թանկագին բան մը ըլլալու է անշուշտ որ Աստուած մը անոր համարր իր արիւնը տուաւ...

-Նօ՜, նօ՜, մարդ ըլլալու բեռը մարդուն ուժերէն վեր է... Ինք նշանախեցի մը չափովն ալ պատասխանատու չէ ատոր... Անմարդկային են իրեն տրուած պատուէրները... Առ նուազն, ինչքանոր մարդ կայ, նոյնքան անգամ հարկ է որ Նազովրեցի մը Ձիթենեաց լեռնէն վար իջնէ...

-Օրէնսդիրները Մարդը նկատի առած են։

-Սթանտար մարդ մը... կամ, իտէալ մարդը...

Ո՛չ առաջինը ո՛չ երկրորդը գոյութիւն ունի...

Հասած էին Շաթըլէ։ Հրանտ լռեց։ Նայեցաւ կամուրջներու շարքին, անոնց կամարներուն, եզերուած սաղարթախիտ ծառերով, որոնց մէջէն Սէնը կ՚անցնէր, Նօթրը Տամին, Փալէ տը Ժիւսթիսին մեծ երանները գրկած։ Տէրտէրը յանկարծ երեսը թըթուեցուց.

-Կը տեսնա՛ք... Առտուն պուտ մը կաթ եմ խմած, նորէն քացխեցաւ...

Սէն Միշելի հրապարակը բաժնուեցան։ Տէրտէրը յայտնեց որ թաղման արդէն ներկայ պիտի ըլլայ։

Հրանտ կը խորհէր որ շատ տեսակ ողբերգութիւններ կան։ Ասոնցմէ ամէնէն դժնէն, հայ մտաւորականինն  է, ան որ ընթացիկ մահկանացուէ մը քառապատիկ աւելի ուժ պէտք է վատնէ՝ մնալու համար քլոշառ մը, մակաբոյծ մը, ռաթէ մը, ո եւ է կնոջ մը կամ ո եւ է փողոցի մէկ կնկան քնանցքին ապաւինած... Մեծագոյն ողբերգութիւնը՝ արմատխիլ ըլլալով՝ նոր միջավայրին յարմարելու անկարողութիւնը։ Մինչ նոյն երեւոյթը Թրաֆիքանին, լուանթէնին ուժերը կը հրահրէ միայն...

Յարկաբաժնի դրան առջեւ՝ խառն աղմուկներ... Երբ ներս մտաւ, կէս օրը շատոնց անց, ժամը երկուքը ըլլալու էր։ Էտիթ, Աշխէն Ռէքսի եւ... Պետրոս բոլորն ալ տունն էին։

Սեղանը կէս կիսատ գրուած էր։ Սենեակին օդը՝ անշնչելի։ Թանձր ու գարշաբոյր՝ երեսին զարնուեցաւ։ Չնորոգուած օդի, կերակուրի, պտուղի, շան, հետքարանի խառնուրդ հոտ մը։ Աշխէն, կեղտոտ եղունգներով, չլուացուած, տժգոյն, աչքերուն անկիւնները՝ գեղին կեղտերով, գետին նստած, Ռէքսին կողքին, այլազան առարկաներու հետ կը խաղար։ Պետրոս նմանապէս չլուացուած, գիսախռիւ, զինուորականի, քաքի, լայն վերարկու մը ունէր հագին՝ որպէս սենեակի շրջազգեստ։ Էտիթ լուացուած էր բայց դեռ ոչ չպարուած։ Հրանտ բարեւելու եւ իր զարմանքը կուլ տալու ատեն չունեցաւ։ Իր ետեւէն կրնկոխ, ներս մտաւ ելեկտրականութեան գանձիչը, ստացագիրը ձեռին։ Անոնց անունը դիտաւորեալ ծամածռութեամբ մը արտասանելէ վերջ, թնդագին ձայնով գոռաց գանձելի գումարին թիւը։ «Ա՜ սըթը կոս. Թուժուր տան մէ ժամպ», ըրաւ Էտիթ, ագացի մը տուաւ Աշխէնին եւ Ռէքսիին, գզրոցը բացաւ, երե հատ հազարնոց հանեց, նոպայի սաստկութեան մը մերձ ջղայնութեամբ Պետրոսին երկարեց որ վճարումը կատարէ։ Աշխէն, դադրեցաւ խաղալէ, լուռ, արմուկը սկսաւ շփել, աչքերը գետին։ Ռէքսի ոստիւն մը կատարեց, հազիւ լսելի կաղկանձիւնով մը։ Պահ մը վերջ, Աշխէն շանը ականջէն քաշելով՝ յարմար նկատած տեղը պառկեցուց զայն, իր կողքին։ Ռէքսի, կամակատար, թոյլ տուաւ որ մարմինը ենթարկուի իր բնազդներուն հակընթաց այդ շարժումներուն։

-Վրադի՞րը հապա, հարցուց Էտիթ ամուսնին, ատելութեան արտակարգ խմորումով մը, վայրագ դէմքով, ձայնի արտակարգ բրտութեամբ։

-Գիտես որ կէսօրէն վերջը (կէսօրէն վերջը) տեղ պիտի երթամ...

Էտիթին դէմքը յանկարծ չորցաւ։ Մորթը պրկուեցաւ քիթին երկու զառիվարներուն վրայ։ Ցատկեց Պետրոսին քով, երկու բռունցքը օդը, ճակատը գրեթէ անոր դէմքին.

-Հանէ՜ հանէ՜ անմիջապէս, տուր սա դրամը եթէ ոչ չտեսած բաներդ տեղի կունենան... փառազիթ քլոշառ, հը՞, եթէ կրնաս, պատասխանէ, մաքրօ՛, մաքրօ, նա...

Պետրոս սեղանին վրայ նետեց վրադիրը, հարիւր վաթսուն ֆրանքի մօտ գումար մը, եւ դանդաղաքայլ յառաջացաւ դէպի խոհանոցը։ Ոչինչ աւելի նուազ կը համապատասխանէր անոր կրքի յագեցումին քան թէ այդ դրամին վերադարձը որ կը փակէր խնդիրը։ Որոշ էր որ Պետրոս շատոնց քաթալօկէ ըրած է այդ կարգի բախումներուն մէջ ըլլալիքն ու իր բռնելիք դիրքը։ Այդ է որ անհունս հրահրեց միւսին կատաղութիւնը։ Ու ինչ որ անվերջ դուրս տուաւ՝ չհովացուց իր փոթորկած սիրտը։ Թող կորսուի երթալ, հազար անգամ վռնտած է, ամօթ չունի, եթէ տիվօրս ըլլան՝ ինչ հազար անգամ աւելի «երջանիկ» պիտի ըլլայ, սալ օրիանթալ, սալ Հայաստան, քլօշա՜ռ, քլօշա՛ռ, նա՛...

Էտիթ անցաւ յարդարման մութ սենեակը։ Մազի չափ չէր հովացած... Բազմաթիւ րոպէ լռութիւն տիրեց։ Մանր աղմուկներ Աշխէն միայն կը հանէր որ յանկարծ, կէս մը թաւալեցաւ գետինը, պրկուեցաւ, մռայլեցաւ ու, ցաւակոծ շեշտով.

-Անօթի եմ ես, մամա...

-Չոռ ու զղխում ուտէք...

Րոպէ չանցած, անգամ մը եւս պրկուելէ վերջ, շտկուեցաւ։ Ռէքսիին ականջէն բռնած քաշեց բերաւ միւս կողմը անասունին երկարած մարմինը եւ շարունակեց դարձեալ այն որ կ՚ընէր... Էտիթ յանկարծ դուրս եկաւ, յօնքերը պռստած։ Դէմքը կնճիռով պատուած էր։

-Գնա անմիջապէս Տիկին Շէնին եւ ծրարս բեր, ալէ՜, հուստ...

Հուսթ, Հուսթ ըսելով, ուսէն հրելով քշեց զայն  դուռնէն դուրս։ Առնուազն երեք քառորդ ժամ վերջ Պետրոս վերադարձաւ։ Այդ ընթացքին երեսին մազերը աւելի շատ բուսան քան ամբողջ գիշերուան մէջ։ Վրայի քիաքի, զինուորականի  վերարկուն կրկին լայնցաւ։ Կոպերուն տակ՝ դիակնային, կապտորակ ճերմակ մը։ Չորսն ալ սովալլուկ գայլերու փայլուն աչքերը առած էին։ Մէկ հարուածով ամէն ինչ սեղանին վրայ դրուեցաւ։ Հողէ մեծ ամանի մը մէջ խոռված հաւի մը հետ՝ փոմ փայ։ Հողէ ամանը կը հանգչէր, առ ի զգուշութիւն, Պեւարոսին երկու հատորներուն վրայ։ Կար մահուն եւ երեք տեսակ պանիր։ Ասոնք փէն պրիոշէով  եւ մասնաւոր շիշ մը Մոնպազիյաքով պիտի ճաշակուէին։ Էտիթ պտուղներէն շատ գոհ չէր, անոնք լիւքս պտուղներ էին, ծաղիկի պէս դիտուելիք, բայց ոչ ուտուելիք... Ծխնելոյզի մարմարիոնին վրայ՝ մեծ մոքա մը կը հանգչէր իր խաւաքարդէ տուփին մէջ։ Աշխէն ետեւ դարձած, ճաշը ընդհատած , շանը շաքարի կտոր մը տուաւ։ Ամէնէն աւելի զուսպ՝ Ռէքսին էր որ ինքզինքը կը պահէր։ Իր բնազդները սանձահարած, ան մնաց երկու թաթերուն վրայ, բացաւ երախը եւ առանց յափշտակելու ո եւ է շարժումի, առաւ ակռաներուն տակ ու մեծաղմուկ փշրեց շաքարի կտորը, բացայայտօրէն մոլութեան աստիճանի հասած հաճոյքով մը։ Յետոյ, սրտաշարժ մեղմութեամբ, դրաւ դունչը անոր զիստին, աչքերը սեւեռած անոր դէմքին, սպասեց։ Պահ մը վերջ՝ հեռացաւ։ Դունչը գնաց դրաւ Պետրոսի զիստին, տրտում աչքերը անոր դէմքին յառած այս անգամ։ Եւ այսպէ՜ս, եւ այսքա՜ն...

Շաքարի կտորին ուտելու երանութիւնը փռուած էր իր աչքերուն մէջ այնպիսի բնակութեամբ, ուժգընութեամբ ու եախտագիտութեամբ որ տարերային  զօրութեամբ Հրանտ զգաց որ այդպէս միայն կըրնար ըլլալ եւ բացարձակապէս ո՛չ այլ կերպ... Մտածել այլ կերպի մասին՝ մեծղի անհեթեթութիւն մըն էր։ Աշխէն որ մնացած էր բոլորովին հսկողութենէ  զերծ, արտակարգ ձեւեր ունէր ճաշելու։ Ճաշը կը վերսկսէր ո եւ է բանով ըստ իր քմայքին։ Ու, երեքը մէկ, սկսան խղճմտօրէն շարժել կղակները։ Հրանտ յանկարծ տեսաւ անոնց երեքին ալ աչքերուն մէջ կիրքերու աստիճանական հանդարտումը եւ շողշողումը նոյն այդ տարերային անճառելի բաւարարութեան, տարերային զօրութեամբ, գերագոյն կարգադրութեամբ հաճոյքի ու երախտապարտութեան երանգով... Հրանտ տրտմեցաւ, բացառիկ սաստկութեամբ։ Անգամ մը եւ զգաց իր նմանը դատելու վիթխարի անհեթեթութիւնը եւ միեւնոյն ատեն, անպայման անբարի եղանակով ու նախատինքով, անպայման անոնցմէ ուրիշ բան մը սպասելու իրենցմէ ուրիշ բան մը ընելու, իրենց կեանքէն... Անգամ մը եւ, խղճմտանքի ահաւորօրէն սուր ցաւով, անդրադարձաւ որ մէ՛կ բան հնարաւոր էր ընել իր մերձաւորին, տալ ու անցնիլ... Պահանջել ուրիշ բան, յանուն յարկադրանքներու ինչ ալ ըլլային անոնք, նոյնքան անբնական էր որքան անհեթեթ, ե՛ւ անմարդկային, ե՛ւ անխիղճ այդ երեք արարածներէն ինչպէս եւ նոյն կերպով...  չորորդէն...

Փութկոտութեամբ համաձայնեցաւ Հրանտ մասնակցելու կարկանդակին, ու սուրճին։ Գաւաթ մըն ալ գրէմ տը քաքաօ։ Երեք տեսակ խմիչք կար, այնպէս որ Հրանտ կրնար իր ընտրութիւնը կատարել։ Նոյն ատեն, նորոգ ու արտակարգ ուժով որոշեց, վերջնապէս, այդ սրտի շարժումին կշռոյթովը, հիմնովին վերաքննութեան ենթարկել իրեն պատահած դէպքերը եւ... դալուկ սիլուէթները երեք աղջընակին վասնզի, անառարկելի զօրութեամբ զգաց որ այդ շարժումն է ու իր պարտադրած կեցուածքը կեանքի մէջ՝ միա՛կ ընդունելին... Վասնզի ներող ըլլալէ վերջ դեռ հարկ է աւելի ներող ըլլալ, ու կտրել թողութեան ճամբան որ անհուն է... Ու ատիկա բաւական է՝ կեանքը ապրելու համար, կեանքը այդ բանին գործածելու...

Ֆրանսացի դրացուհին, տարօրինակ շարժումներով, դուռը կիսովին բացաւ ու, ճեղքէն, խորհրդաւոր դէմքով, հանելուկային ակնարկներ  պտտցուց մէկէն միւսին։ Հարկ եղաւ որ ընդունի հասուն մեծ դեղձ մը։ Լա՛ւ, լա՛ւ, քիչ յետոյ կ՚ուտէ։ Ուրեմն, cest entendu. Ժամէ մը Էտիթ պատրաստ կ՚ըլլայ... Նոյնպիսի տարօրինակ դէմքով ու շարժումներով  սահեցաւ դրան ճեղքէն, անհետացաւ։

Պետրոս, կնոջը ուղղուած սատանէական խընդուքով մը.

-Ա՛ս ալ լսած է... ըսաւ, գլխով Հրանտը ցոյց տալով եւ ակնարկելով իր անձնասպանութեան լուրին։

-Est-quil a une tete a ca՞ հարցուց կինը Հրանտին, ոտքի ելլելով, թարախի նման թանձրացած արհամարհանքը դէմքին

Քովի սենեակը գնաց՝ պատրաստուելու։ Շաբաթ էր եւ ժամէ մը Սիփրիանոն պիտի գար զինք իր ալպօովը տանելու։ Մանրքէններու տողանցքը պիտի երթան տեսնեու... Սիփրիանօ՞ն... Էտիթին վերջի բարեկամը, Սպանիացի։ Կօշիկի գործարանատէր. տասնըվեց բանւոր։ Կալան, թխահեր, հուժկու, մազոտ, կարճահասակ եւ պուլտոքի տեսքով... Ահա տղամարդու մը իսկական բարեմասնութիւնները։ Կալան, կը հասկնա՞յ, կալան... էթրանժէներուն դժուար է ատիկա հասկնալ...

Անո՜նք, օտարնե՜րը, անոնք իրենց կեանքը կանցընեն, ժամացոյցին պտուտակները քննելով եւ այդ քննութեամբ մաշելով։ Իրե՛նք, իրենք պարզապէ՛ս ժամը կը նային եւ... կը հաճոյանան ժամացոյցին եղանակը մտիկ ընելով... (Այս օրինակը Պետրոսին կողմէ ընդգծուած, տպաւորած էր զինք եւ ատեն մը այդ պատկերը իբր դրամագլուխ, «մտաւորական» խաղաց։)

-Քեզի բան մը պիտի կարդամ, աղէկ յիշեցի, ահա թէ մեր խելքի պտուկը ինչ բանի կը յատկացնէ իր ժամանակը... Ֆրանսերէն գրելով սիւքսէ պիտի ունենայ... Ունեցաւ, ունեցաւ... սիւքսէի նուիրականացումը մերժումը չէ՞... Ամէն մարդ մերժեց տպել, խմբագիր, տպագրիչ... մտիկ ըրէ...

-Ձգէ՜ ատիկա, պոռաց Պետրոս, կարմիր կտրած, բայց առանց տեղէն շարժելու...

Էտիթ դարակէն քանի մը էջ դուրս հանեց եւ սկսաւ արագ-արագ դարձնել։

-Հա՛, ա՛ս էջը կ՚ուզէի, մտիկ ըրէ...

-Vous autres les Armeniens, նախնական մնացած էք, վաշկատուն ցեղախումբի բարքերով։ (անշուշտ վէպի մէկ անձնաւորութիւնն էր որ կը խօսէր)։ Ամուսինը իրիկունը տուն գայ, ճաշէք, ուրախանաք... Ինչ ուրախութիւն, սափրիսթի, ի՞նչ ուրախութիւն... Կը փոխո՜ւի, կը փոխուի՜... Կնոջ ժամանակաշրջանն է, ժամանակաշրջանն է ուր կինը պիտի տայ հրամանները... Ֆէմինիսթներուն ըսածները՝ ցնդաբանութի՜ւն... Տղոց իրաւունքէն՝ մաս մը կնոջ ալ... Belle affaire! Ո՛չ, ո՛չ... Ո՛չ թէ իրաւունք՝ կնոջ տրուած, այլ կինն է որ պիտի մատակարարէ իրաւունքներու քանակութիւնը։ Մինչեւ հիմա խօթեցիք-պահեցիք զայն բանտերու մէջ, աղուոր անուններ դրիք վրան՝ օճախ, տուն, նամուս, նուիրական... Վերջացան ատոնք... Ձեր ականջներն ալ խցուած են... Ամբողջ դարաշրջանը կրիյոնի թաղումը ելեր է կատարելու... Գիտէ՛ք եա, այն կրիյօնին որ ծխնելոզին մէջ կը բնակի, օճախին... Առաջ տունը, հիմա՝ փողոցը, առաջ՝ ընտանիքը, հիմա՝ ընկերութիւնը, առաջ՝ ներս, հիմա՝ դուրս, առաջ՝ նախ հոգի, հիմա՝ նախ մարմին... Առաջ՝ կապեր էիք, խեղդեր էիք մեզ մայրական, կնոջական, քրոջական ցնդաբանութիւններով... Նորէն աղէկ դիմացան այդ կապերը... Հիմա փտեր են ալ, կապե՛րը, կապե՜րը փտեր են... Հիմա՝ էգը միայն... Ազատագրուած... Ճշմարիտ ազատութեամբը, ամբողջական ազատութեամբ...

Ca te choque, ca te choque?... Չէ՞ք լսեր, չէ՞ք լսեր թաղումի երգե՛րը... Կը թնդա՛ն սակայն... «Գործէն յետոյ՝ մարդ, կին, պիտի ուղղուին մեծ հիմնարկութիւնները որ ո՛չ սրճարան են, ո՛չ ճաշարան, ո՛չ տանսինկ, ո՛չ միւզիք հօլ, ո՛չ քապառէ, ո՛չ... Անոնք նոր անուն մը պիտի ունենան, օրինակ օրինակ, թերեւս, կնարան, որ այդ բոլորը պիտի ըլլայ ուր բոլորը բոլորին պիտի ըլլան... Վերջացա՜ւ կեանքը ուր անհատականը եւ տղամարդը կը տիրէին... Սկսած է արդէն ժամանակը ուր կինը, ընկերութիւնները կը տիրապետեն... Առաջ միաւորը  ա՜նձն էր... Հիմա, միաւորը՝ հաւաքականութի՛ւնը...

Առաջ, մէկ մարդը՝ մէկ էր... Հիմա, հազարաւոր մարդոց  խու՛մբն է մէկը... Ժամանակաշրջանն է Թէքնիքին որուն լեզուն կինը կը հասկնայ... Անոր միակ հզոր դաշնակիցը... Նոր ժամանակներու թեւխաղը սկսած է, պարպաչին՝ Ամերիկուհին կը շարժէ թաշկինակը որուն կը ժպտի Եւրոպուհին...

Վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ, եղկելիիս... Ամէն ինչ կը փոխուի, կը շարժի... Կարելի չէ չշարժիլ... Ամէն մարդ կ՚երթայ առաջ։ Ես իմ կեցած տեղս ալ չեմ կրնար մնալ, - կարելի չէ չշարժիլ- ես՝ ես ե՜տ կ՚երթամ... դէպի նախնիքս , սարսափելիօրէն, մոլեռանդօրէն...

-Վա՜յ ինձ, վա՜յ ինձ, եղկելիիս... »

Աշխէն յանկարծ յիշեց որ իր կէս մեծութիւնը ունեցող պուպրիկը փիփի ընել կ՚ուզէ։ Վերցուց զայն իր աթոռին քովէն եւ բռնեց, հորիզոնական, գլխէն ու ծունկերու տակէն, գիշերանօթին վրայ։

(Կոկորթիլոսի մորթով թղթապանակ մըն էր, շքեղ, որ գիշերանօթի տեղ կը ծառայէր։ Խառն ի խուռն հոն նաեւ կային մեծերու պատկանող առարկաներ որոնց հետ Աշխէն կը խաղար, առանց դիտողութեան ենթարկուելու։ Հրանտին ուշադրութիւնը գրաւեց ոսկեայ պատեանով ինքնահոս գրիչ մը, ինչպէս եւ, անոր դաստակին, տուպլէ, մեծի՝ ապարանջան ժամացոյց մը։)

Պահ մը վերջ սկսաւ ցնցել զայն, ինչպէս ըրած էին իրեն, որպէսզի վերջին կաթիլներն ալ կաթին... Ապա, այն խորհրդաւոր շարժումովը  որով թռչուններուն, մանուկներուն մէջ յանկարծ վճիռ մը կ՚առնուի ձգեց  պուպրիկը, եւ ուլիկի նման սկսաւ ոտընկոխ, իր մայր-այծին հետեւիլ... Իր համար շրջազգեստի  ծրագիր մը կայ, նոր եւ մե՜ծ  խնդիր մը՝քառանկի՜ւն թէ՜ եռանկիւնի տէքոլթէ...

Րոպէ մը դարձեալ նոյն քմայքով, - կապո՜յտաշխարհի ուր քամայքն է նստած ուղեղին տեղ - լքեց այծ-մայրը եւ եկաւ պուպրիկին։ Գտաւ որ անոր գլուխը կը ցաւի։ Ձեռք-գաւաթով պէկամինի (վէկանին) հապ մը առնել տուաւ...

Բարակ միջնորմին ետեւէն.

-Կը տեսնեմ որ նոյնքան տգէտ մնացեր ես կնոջական հոգեբանութեան մէջ, յայտնեց Էտիթ այն յանդգնութեամբը որ կը ստանար երբ իր գուրթիզանի լրիւ գործունէութեան շրջանին մէջ էր եւ յանձնուած՝ գայթակղեցնելու մոլուցքին.

-Կնոջ մը դրամ ունենալը՝ երկրորդական է։ Իր վրայ գումար կը ծախսե՞ն... ահա էականը... Ինչքան վրաս շատ ծախսեն՝ այնքան ուժե՛ղ կը զգամ ինքզինքս, երջանիկ... (Պահ մը վերջ՝ շարունակեց։)

-Անոր գործը, ապագան, ընտանիքը, զաւակները, սեւ ճլան վրայ ալ նստին, եթէ անթրըթընիւ ամանթը անկեղծ է, իսկական պոռնիկ մը, պիտի ըսէ որ իր հոգը չէ... Երբ ծախսուող գումարը սկսի նուազիլ, անոր հետ միասին քոքոթին արժէքն ալ կը նուազի։ Քուրջի կը վերածուի, փաեասոնի... Պէտք չէ մոռնալ որ ես ֆամ մառիէ մըն եմ, ca se paye... C՚est plus cher... Գոնէ ասիկա (Պետրոսին ցոյց տալով) բանի մը ծառայած կ՚ըլլայ...

Աշխէն վերադարձաւ, պանիրէն, պտուղէն, կարկանդակէն վերջ, դարձեալ փոմ փայի փառթիի մը ձեռնարկեց... Քանի կ՚ուտէր այնքան կը սահէր աթոռն ի վար։ Պատառաքաղը ձեռքը, օդին, գլուխը աթոռին յենարանի կիսուն, փոքր ցցուած, մնաց անշարժ, անկարող ոեւէ շարժումի։

Պետրոս եւս կ՚ուտէր, անբնական կերպով։ Ամբողջ ցանկը խղճմտօրէն վերջացնելէ վերջ, պարբերաբար, սուրճի շաքար մը կը նետէր բերանը։ Շաքարամանը պարպեց... Կը պատահէր որ այս վերվերս Պետրոս երկու քիլօ սուրճի շաքար ուտէր օրական։

Փողոցէն լսուեցաւ քլաքանի ձայնը։ Նոյնհետայն այլապէս մոլեթաթաւ, դրացնուհին բացաւ դուռը։ Կարի սրարբուն դէմք մը ցուցադրեց, նշանակալից ակնարկներով՝ Էտիթին. դաշնակցելու, զինակցութեան խորհրդաւոր պղտորութիւն մը... Էտիթ փութկոտ, ներս մտաւ։ Շլացուցիչ էր... Գիտէր շպարուիլ։ Յանկայարոյց, մոլեթաթաւ, վտանգաւո՛ր...

-Չե՛ս տեսնա որ կօշիկս չէ՛ կապուած, պոռաց։

Պետրոս չոքեցաւ՝ անլուր հեշտանքով... Գէշը, կեանքի մէջ, երկու գինովութեան միջեւ մնալն է...

-Բանի՜ մը գոնէ օգտակար եղիր, սափրիսթի... քլոշառներն իսկ բան մը կ՚ընեն կեանքերնուն մէջ... Չե՞ս տեսներ որ Աշխէն կը քնանայ, չե՞ս լսեր որ Սիփրիանօն քլաքսօնէ կ՚ընէ... (Հրանտին դառնալով) Մոն վիէօ, դո՛ւն, կը ներես, հը՛... (Իր մեկնումին կ՚ակնարկէր)։

Դեռ տասը րոպէ մըն ալ առաւ, մինչեւ մեկնիլը։ Անընդհատ կ՚երթար կուգար եւ անընդհատ ձեռքովը կը շփէր շրջազգեստը, վերէն վար, մերթ՝ փորը, մերթ՝ յետոյքը։ Մարդ չէր գիտեր մարձելո՛ւ թէ սեւ մետաքսը հարթելու... Հրանտ յանկարծ յիշեց այդ նոյն շարժումները, մեքենական, որ, սրճարանները, բոլոր վայելուչ աղջիկները կ՚ընէին, թուալէթէն իրենց սեղանը, իրենց սեղանէն թուալէթ երթալու ատեն...

Հրանտ մնաց երկար ատեն դեռ նստած իր բազկաթոռին մէջ, թղթատելով պատկերազարդ ամսաթերթ մը։ Յետոյ, քանի մը ձեռագիր էջ Պետրոսէն, որ գետին ինկած էին։ Զարմանքով տեսաւ որ ան, բազմաթիւ անգամ, արձանագրէր է. «Պէտք է որ զգուշ ըլլամ... Պէտք է որ զգուշանամ բարկութենէն... »

Ուրիշ տեղ մը.

Ելլայ հէրսիկ (1)

կտրէ գլխիկ,

իջնայ հէրսիկ,

Չգտնայ գլխիկ։

Ուրիշ էջի մը վրայ, լուսանցքին.

«Բարկութեան մեղքը ըլլալով հանդերձ եօթը գլխաւորներէն մին՝ անոնց չի նմանիր։ Ասորմէ  ուղիղ կերպով, ոճիրի հոտ կուգայ։ Միւսներէ՛ն  ալ, բայց անուղղակի, եւ երկար ճամբայէ վերջ միայն... »

Բազմաթիւ էին արձանագրութիւնները, գիր այլազան մեծութեամբ եւ, անգամ մըն ալ, կարմիր մելանով. «Պէտք է որ զգուշանամ բարկութենէն... »

Պետրոս երկարեցաւ  օթոցին վրայ եւ նուիրուեցաւ, լուռ, ակռաներու մանրակրկիտ պեղումի մը։ Հրանտ ելաւ մեկնելու, Պետրոս մօտեցաւ անոր եւ տարօրինակ, օտարոտի շեշտով մը.

-Անձնասպա՛ն եղած էի, հը՞... ըրաւ։

Հրանտ զարմացումով կը հաստատէր որ ամէն ինչ, տպաւորիչ կերպով, օտարոտի դարձած էր Պետրոսին մօտ։ Մածուծիկ, մերթ անվերլուծելի  եղանակով մը՝ օտարոտի։

-Տեսա՛ր, ըրաւ, անձնասպան չեղա՛յ։ Ո՛չ ալ պիտի մեռնիմ։ Պիտի ուտեմ, պիտի պառկի՛մ, պիտի... ըրաւ ցած ձայնով, ցցուած անոր դէմ։ Ինչ ալ պատահի՝ կնի՜կսալ պիտի պահեմ... Կօշիկին կապերը՝ հի՛չ... Գիշերը, Սիփրիանօին շանտէլն ալ պիտի բռնեմ, բայց՝ պիտի ապրիմ...

-Պիտի ապրիս, ըսաւ Հրանտ, գաղթահայի մը պէս, ինչպէս ես, ինչպէս բոլորս...

-Այսինքը ը՜ն, ըրաւ Պետրոս յարձակողական եւ հեգնալից։

-Դէպի  ե՛տ երթալով... գօսացած ուղեղի, գոսացող զգացումի, նոյն իսկ յուզումի կարողութիւնները զետեղուած մեր բնազդներովը... Մոլորած զայրագնած, սարսափած մեր բնազդներովը...

-Եթէ ա՛տ է՝ հոգ չէ... ըրաւ Պետրոս, քըստմնելի հանդարտութեամբ մը։ Կարեւորը ապրի՛լն է, տզրուկի, կէնէի, փուլփի, հազար անգամ վիրաւորուած կատուի կեանքովը, բայց... ապրի՛լ... Գիտե՛ս եա, ինչպէս ըսած են, կարեւորը այն է որ նախ քալես կեանքին մէջ, ինչպէս կը քալէ հոգին մէջ մխրուճած խոփը... Մնացեալը՝ յետո՛յ, յետո՛յ... Եթէ ոչ, մնացեալը - Չար, Բարի, Իտէալ եւ այսկարգի բաներ - հո՛վ է, քամի՜, տիւտի՛ւկ... Ես  քեզի բան կ՚ըսեմ, ինչո՛ւդ պէտք, մնացեալը՝ յետո՛յ, յետո՛յ. Կարեւո՞րը, - տասն անգամ վիրաւոր էգ կատուն է որ, տանիքին վրայ, մէկ կողմէն արիւն կորսնցնէ, միւս կողմէն որձիին հետ զուգուի... Կարեւորը զուգուիլն է, մնացեալը՝ հի՛չ, զըֆը՛ռ, արժանավայելչութիւն, ազգ, Աստուած՝ յետո՛յ, յետո՛յ... Կրնա՞ս՝ արնաթաթախ տանիք բարձրանալ, ցուիքին ծայրէն քալել, ամէն մէկ ամիսը մարտ ամիս դարձնել... Ահա՛ խնդիրը։ Դուն ասիկա գործադրէ՝ մնացեալը, մնացեալները՝ ինքնիրեն, իրենք իրենց կը կարգադրուին, անբողոք ու հնազանդ...

-Այո՛, Պետրո՛ս, սիրելի՛ս, յարեց Հրանտ, զուսպ վրդովումով, բայց ատիկա բան մըն է, ի վերջոյ, բանի մը երթալու համար... Ատով՝ բան մը պէտք է ընել, եւ ոչ թէ... Ես Արփիկը սիրեցի, ինչպէ՜ս սիրեցի, սակայն...

-Նօ՛, նօ՛, նօ՛, ըրաւ Պետրոս թշնամական, բոլոր մնացեա՛լը՝ յետո՛յ, նախ՝ ա՛ս, ապրի՛լ, առանց ասոր՝ մնացեա՛լն է ոչինչ։ Մնացեալը՝ յետո՛յ, յետո՛յ...

-Չէ՛, այսքան մը չկրցաւ չըսել Հրանտ, եթէ ապրիլ կը նշանակէ յանուն համբերանքի, գործնական ելքի, հանրային կարծիքի թէ գայթակղութեան վախին հանդուրժել արժանապատուութեանդ ամենօրեայ ոտնակոխումը, արժանապատուութենէն վերջ, տանդ մէջ իսկ, քուկիններուդ ուղղուած նախատինքը, քուկիններէդ վերջ, արհամարհանք՝ քու ազգիդ հանդէպ, ազգէդ վերջ՝ ատելութիւն քու լեզուիդ, կատաղութիւն քու աստուածներուդ դէմ, չէ՛, ես ատիկա ապրիլ չեմ կրնար կոչել, վասնզի՝ արօրը հողին մէջ պէտք է որ մխրճուի եւ ո՛չ թէ կոյուղիին... Ապրիլ՝ փտիլ չէ, անվերջ ծաղկում է. եւ երբ եւ իցէ ծաղիկները աւելի վառ, աւելի բուրումնալից, աւելի առատ չեն քան մահ ի մերձ...

Անմիջապէս յետոյ Հրանտ լռութիւն պահեց։ Եւ  սակայն ոչինչ կրնար աւելի հրահրել միւսին յարձակողական, հոգեկան անիշխանութիւնը քան թէ այդ լռութիւնը։

-Քարոզ չկարդա՛ս, հա՛, քարո՛զ չկարդաս... ըրաւ, աչքերու սպառնական յառումով։ Գիտե՛նք, ատոնք գիտե՛նք, մէօսիէօն ապացոյցը տուաւ որ կրցաւ սէրը զոհել արժանավայելչութեան... Գիտե՜նք, tu nous as assez casse les oreilles avec ca... Ո՛չ թէ ապրելէն, երջանկութենէ՛ն ալ աւելի բարձր՝ արժանավայելչութիւնը կայ, իբր թէ... Գիտե՜նք, ատո՛նք բոլորը  գիտենք...

Լռեց։ Խոժոռ... Աչքերուն մէջ տարածուեցաւ պղտոր լոյս մը։ Դէմքը՝ կապարագոյն։ Յանկարծ գլխուն թոպի հարուած մը ստանար.

-Ինչու՞ կ՚ուզէք որ մեռնիմ, պէ՛-է-է, ինչու՞ կ՚ուզէք... սկսաւ բառաչել... խենթեցած։ Ինչու՞ կ՚ուզէք որ մեռնիմ, պէ՜-է՜...

Սկսաւ լալ։ Մարմնի ցնցումներով։ Շարունակեց  ցած ձայնով, քստմնելի հարցականով մը, սագտանքի շեշտով մը որ մարդկային ուժերէ վեր էր տանիլ։

-Ինչու՞ կ՚ուզէք որ մեռնիմ... Մեղքը ի՞մս է որ չեմ ուզեր մեռնիլ... Կարելի՞ է ասկէ աւելի մեռնիլ... Ողջ մարդ կա՞յ մեր գաղութին մէջ...

Մէկ քանի մեծ կաթիլ սահեցաւ ու կասեցաւ։ Նիթրօկլիսէրինի կաթիլներ... Ըսել է՜, իր անմերձենալի հպարտութեանց իր սրածայր յոխորտանքներուն ժայռուտքը  ցցուած ըթ պահէր տկարութեան մը անդունդին եզերքներուն վրայ... Ըսել է, այսքա՜ն տարի, ճիգերու ի՜նչ պրկումներով, ժայթքելով ցցած էր զանոնք անդունդին եզերքը... Եւ այժմ վարագոյրը  վայրագօրէն պատռտուած... Նիթրօկլիսէրինի կաթիլները փշրած էին սրածայր ժայռերը եւ նետած անդունդն ի վար... Ըսել է՜, այսքա՛ն տարի... Հրանտ յանկարծ զգաց հերոսի մը, անկեալ իշխանի մը դէմ գտնուիլ, լսել գահընկէցութեան մը հեկեկանքներն ու անդունդն ի վար գահաւորակի մը թաւալումը...

Դուռը զարնուեցաւ։ Պետրոս կարգի բերաւ դէմքը։ Աշխէն որ ուռած, կէս թմրած, մնացած էր աթոռին վրայ, սթափեցաւ, ցատքեց, վազեց դուռը բանալու։ Այս երկու-երեք տարուան մէջ մեծ փոփոխութեան ենթարկուած էր։ Մարմինը կոպիտ աճումի մը ճարակ, երկար ու նիհար, յայտնապէս չէր յաջողեր իւրացնել հարկ եղած սնունդը։ Ողնասիւնը  սկսած էր թեքուիլ։ Սրունք ու թեւ՝ «լուցկի»։ Խառնուածքով արդէն կանխահաս, լքուած կրթութիւնը ու Էտիթին վերաբերումը դարձուցած էին զայն բարոյապէս, կարելի է ըսել, արդէն կազմաւորուած։ Իր միակ ընդունելի հաճոյքը՝ մեծերու խօսուըռտուքը, հակազդեցութիւնները։ Կնոջական սին հետաքրքրութիւններու, սնոպիզմի, խոռամանկութեան, դիւանագիտութիւններու, կոյր անձնասիրութեան, հաճոյքներու ախորժակին ուտիչ թթուները  վառած էին իր մէջ մանկականը։ Արդէն կեանքը զգալու իր աստիճանաչափը, նոր ու հատու, իր մօրն էր, Ալ, այ հոգիին մէջ, շատ տեղ չէր մնացեր, ուր կարելի ըլլար հաստատել... Ճշմարտի մէկ գործառնութիւնը։ Այդ կարգի հետաքրքրութեան մը զսպանակն էր զայն ցատքել տուաւ իր աթոռէն։ «Աշխէ՜ն», պոռաց հայրը բրտօրէն։ Ո՛չ մէկ պատասխան։ Հայրը կրկնեց։ Ոչ մէկ պատասխան։ Պետրոս կիսովին ծռեցաւ եւ տեսաւ որ քիչ առաջուայ դրացնուհին է։ Աշխէն իր մօրը ընկերուհիին ալ ընկերուհին էր։ Կը խօսէին ցած ձայնով, դաշնակից-մեղսակից, պղտոր թրթռացումներով։ Պետրոս անգամ մը եւս պոռաց աղջկան անունը... խտացած զայրոյթով։ «Ուի-ի՜... » ըրաւ պզտիկը, աներեւակայելի շեշտով մը որ կը յայտնէր միեւնոյն ժամանակ. «Ոչ միայն աւելորդ ես հոս, այլ եւ պէտք է որ սափրես մեզի, լա պարապ. ձայնդ քեզի քաշէ, քու ինչու՛չ պէտքն է թէ ես ու մայրս ինչ կ՚ընենք... »

Պետրոս բացարձակապէս անոր հայրը չէր ալ... Այդ շփումը բաւական եղած էր որ ինչ որ հիմնական կայ կեանքի մէջ, հայրութիւնը՝ օրինակ, վայրկենապէս չքանար... Միւսն ալ, մեծն ալ նոյն բաները կ՚ըսէր իր անխլիրտ, խենթեցնող հանդարտութեամբը, լռութեամբը... «Հա՜ դուն ես եղեր, հա՜ շուն մը... »

Եւ Պետրոս Խենթացաւ... Երկու ձեռքերը պըրկուեցան  բազկաթոռի թեւերուն։

-Ի՞նչ կ՚ուզէք, Տիկին... Ինծի չըսէ՜ք, պոռաց խեղդուողի գոռոցով։

-Mais rien grand Dieu Oh la la,,, Celui-la alors

-Ահա այսպէ՜ս է... ըսաւ Հրանտին, ցած ու ճերմակ ձայնով։ Շիկացած ճերմակով։ Այն կայծակովը որ կը տեսնուի, որուն որոտումը  չի լսուիր։

Նետուեցաւ տեղէն։ Նոյնհետայն ոճիրի հոտ մը տարածուեցաւ յարկաբաժնին մէջ։ Հրանտ, տժգոյն սրտի մեծ հարուածներով, ինքն ալ ելաւ տեղէն։ Պետրոս, այսահար «Դու՜րս, դու՜րս... » պոռաց։ Տիկինը երբեք վախցողի դէմք չառաւ։ Աշխէ՜նն ալ վախնալու երեւոյթ չունեցաւ։ Արիւնի հոտը չէի՞ն  առներ... Թէ՞, կը կատարուէր արդէն չափշտակութիւնը արեան սեւ արբեցումին, այն արիւնին որով՝ իրենց ճակատագիրը գրուած էր...

-Ես քու տունդ չեմ, ըսաւ օտարուհին, նոյն անխռով հանդարտութեամբ, ես Էտիթին տունն եմ...

Հրանտ՝ համոզկեր ակնարկներով, տագնապալից, արագ, դուռը բացաւ, դուրս ըրաւ կինը մէկ թեւով, մինչ միւսովը կը դիմադրէր Պետրոսին։ Ռէքսի բարձրացուցած էր մեծաղմուկ ֆանֆառի մը  թնդիւնը, ընկերացած  վայրագ  լեռնապարի մը որ շատ  ապահովութիւն չներշնչեց տիկնոջ։

Երկուքն ալ, կարկամած, տժգոյն, լուռօրէն, գրաւեցին իրենց աթոռները։ Պետրոս, հակառակ նստած ըլլլալուն, չկրցաւ իր գողը խեղդել։ Աշխէ՜ն մնացած էր դրան մօտ, անխլիրտ, մեծ, անշարժ հրկիզուած բիբերով, աջ ցուցամատը ակռաներուն մէջ... Անբնականոն հակազդեցութիւն մը կը կրէր։

Խորհրդաւոր պարտութիւն մը պրկած էր զինք։ Երբ Հրանտ ընդնշմարեց այդ դէմքը, չկրցաւ չենթարկուիլ խորին զզուանքի մը շարժումին։ Ակնթարթ մը միայն։ Ամօթահար։ Յիշեց որ մանուկ մըն էր. այսպէս կամ այնպէս՝ մանուկ մըն էր... Այդ մանուկին մէջէն, պարտութեանը դառնութեան մէջէն ձայն մը ելաւ եւ սպառնաց...

-Մամայիս պիտի ըսե՛մ...

-Այն ատեն՝ ա՜ս ալ աւելցուր... Պետրոսին ցատքելն ու ապտակ մը իջեցնելը մէկ եղաւ։ Այնպիսի յանկարծակի արագութեամբ որ ուշ էր արդէն երբ Հրանտ դրան քով նետուեցաւ։ Աշխէն գետին տապալեցաւ։ Ձախ այտն ու ականջը կրակի գոյն առին։ Չլացաւ, չպոռաց... Քիչ առաջ՝ ո՛չ, բայց հիմա կը վախնար... Գետին նստած, երկու ձեռքը հօրը կարկառած, սկսաւ պաղատիլ։

-Մոն փափա մոն փրթի փափա, կրկնեց նաեւ այն կոչականները որ մայրն ու հայրը իրեն կուտային, եւ որոնք կը պարունակէին իր անբարբառ, ամբողջ պաղատանքը։

-Մոն փափա պիժու, փրթիթ անժ, մոն փրթի փափա...

Ռէքսի անցած էր իր համանուագի  ալլէկրօին... Ոստիւնները կրկնապատկած, շարժուն պատեան մը կազմեցին իր ամէնօրեայ խաղակցին շուրջ։ Ափսո՜ս որ իր կեանքը չի կրպնար տալ զայն պաշտպանելու համար վասն զի միւսն ալ՝ իր մեծ տէրն է... Բոլորովին անբնական կը գտնէ ան բարեկամ-թշնամիիայս մէլի-մէլօն, բոլորովին անբնական... Այս ի՛նչ երկընտրանքի առջեւ դրեր էին զինք...

Ա՞ս ինչ ըսել է... Գայլը՝ գա՜յլ է, հովիւն ու ոչխարը՝ հովիւ-ոչխար... Ինչպէ՞ս կարելի այս կարգի շփոթութիւն... ինչպէ՞ս գայլ ու ոչխար իրենց մորթերը փոխփխեն, մտնեն միեւնոյն փարախը... Հովիւը յանկարծ անճանաչելի դառնայ, կորսուի, չքանայ... Ալ ո՞վ որու պիտի հպատակի... Եւ սակայն հարկ է հնազանդիլ՝ ապրելու համար... Մարդ ըլլալու է, ասանկ դիւային բաներ ընելու համար... Չի հասկնար, շիտակը իր խելքէն վեր է տակը բան մը ըլլալու է... Պետրոս բազկաթոռին կոտրած ոտքը առաւ ինկաւ Ռէքսիին վրայ... Գազանային պատկեր մըն էր տեսնել այդ անասունը անպաշտպան նոխազի դերին մէջ... Յաճախ կը պատահէր որ ան անիրաւօրէն կիցի հարուածներ ստանար բայց այսպիսի «արկածի» երբեք չէր հանդիպած... Իր ժառանգած հազարաւոր դարերու բնազդը որով պաշտած էր այս կուռքը՝ գրեթէ անճանաչելի կը դառնար... Եւ կամ մարդիկ խենթեցած են։ Ուրիշ եզրակացութիւն չկայ...

Հեղձուցիչ էր օդը... Հիմնովին քանդուող օրէնքներէն, անպատուար հոգիներուն մէջ, կը մահանար ինչ որ մարդկային մնացորդ մըն էր, կը մարէր՝ ինչ որ լոյսի ո եւ է շող էր...

Հրանտ գրկեց Աշխէնը, բերաւ պառկեցուց օթոցին վրայ։ Բան մը ընելու համար՝ դէմքին վրայէն մազերը ետ տարաւ։ Թաշկինակին ծայրը թաթխեց օ տը քօլօների սրուակին մէջ եւ սրբեց անոր կարմիր այտն ու մոռցած բլթակով ականջը որոնցմէ կրակ կը թափէր։ Իր ըրած հարցումին, «Լաւ չեմ զգար... պատասխանեց, սիրտս կը խառնուի... », ու փոքրիկ գլուխը դէպի պատը դարձուց։

Հրանտ տեսնելով որ ոչ ոքի հետ կրնայ խորհրդակցիլ. «Ի՛նչ ընենք, Աստուած իմ, ի՞նչ ընենք արդեօք... » մրմնջեց իւրովին։ Աշխէն սակայն.

Բժիշկ բերել տուէք, ըսաւ, լաւ չեմ զգար... Ու այդ պահանջը սարսափելիօրէն յուզեց Հրանտը որ մեծ ճիգերով յաջողեցաւ չփղձկիլ։

Յետոյ մեղմօրէն, թելադրեց, ստիպեց որ քնանայ։

-Սպասէ քիչ մը... խնդրեց, անմիջապէս համաձայնելով հանդերձ։

Հրանտ չէր կրնար հեռանալ, հակառակ ինքզինք փողոց նետել ուզելուն։ Քանի մը րոպէ վերջ, մրմունջներով, Աշխէն դարձեալ դարձուց փոքրիկ գլուխը եւ... «Յոգնած եմ... », ըսաւ, եղնիկներու աչքերուն գամուած տրտմութեամբը, որոնց համար ապրիլ-մեռնիլ այնքան դիւրին է, ու գրեթէ նոյն բաները...

Հակառակ որ զինք այնքան չարչրկող աղջնեկը ալ հանդարտ պառկած է օթոցին վրայ, եւ ինք անոր ոտքին երկարած, Ռէքսի դեռ չէ բաւարարուած, չէ հանդարտած, կոկորդային խեռ կաղկանձիւններ դուրս կուտայ, մերթ ընդհատուած՝ հաջոցի ուժգին ու միակ հարուածով մը։ Չի գիտեր թէ ստացած հարուածին ցա՞ւն է թէ՝ մարդոց գործերէն զգացած իր վրդովումը որ կողկողագին կը լացնէ զինք... Միեւնոյն ատեն կը ճգնի մեղմացնել իր խռպոտ աղմուկը, յարգելու համար իր տէրերուն խորհրդաւոր ցասումները... Երբ եւ է, ո եւ է այլ տեղ, թախիծը չի կրնար աւելի խտանալ քան այս պահուս, իր բիբերուն մէջ։ Որոշ է որ լուրջօրէն վիրաւորուած է, նոյնքան որոշ է որ ա՛յդ չէ իր անմիջական հոգը։ Իր հոգը՝ Անոնց՝ Միւսներուն ոռնացող քամիներն են, քամիներէն Անոնց ստացած իր ցնցումն է... Այս է իր հոգը եւ... ա՛յս է որ չի հասկնար։ Ուստի, ստիպուած, կը յանգի նոյն եզրակացութեան, - Մարդիկ կատղեր են. կատաղութեան անտեսանելի մանրէն մտեր է իրենց մէջ տեղ մը, մարդիկ խենթեցեր են...

Պետրոս, շնչահեւ, անլուր բաներ դուրս տուաւ, - Սիֆիլիզը արիւններուն մէջ չէ՛, հոգիներո՛ւն մէջն է... Հոգիի ֆրանկախտով կը ծնին... Եթէ կրնա՛ս, եթէ կրնա՛ս հասկցուր իրենց ո եւ է բան որ ուղիղ է... Կ՚ատեն, բնազդօրէն, տարերային ուժգնութեամբ, ինչ որ շիտակ է։ Լռութեան մը ընթացքին, կեանքէն նոր երեսակ մը, նոր կատաղութեան ալիք մը բերաւ։ - Դարձեր է մօրը հետ, սա կաւատ կնոջ հետ քօփէն-քօփին... Երդուեալ, ցմահ դաշնակցութիւն որուն ի սէր, մէկ վայրկեանէն՝ փը՛ֆ... հա հա՛յրն է եղեր հա՛ շուն մը... Դաւել, դժգոհիլ, աչք տնկել, դաւադրել՝ դժգոհուիլ... յանուն ինչի՞, յանուն ո՛ր շահերուն... Այս ինչ կատաղի, վիթխարի կիրք, Ալլա՜հ, դաւել-ուրանալ... Կիրք՝ որուն կրակներուն մէջ բոլոր միւսները աւելի ուժ չունին քան մեղրամաոմը արեւին տակ... Ո՞վ ըրաւ, ո՞վ ըրած է այսպէս, ինչո՞ւ այսպիսի տարերային մղում դէպի կեղծ ու խարդաւանանքը եւ այն ալ՝ այսպիսի՛ արագութեամբ, դիւրութեամբ միս ու արիւն եղած, որոնց բաղդատմամբ, տարրական պարկեշտութիւնը աւելի դժուար է իւրացնել, քան կապիկին մա՛րդ ըլլալը... Գերագոյն հեշտանքը իրենց՝ կիրարկել հակառակը՝ ամբողջ արարչութեան հրամաններուն... Մանուկը ակնթարթի մը մէջ մտերիմ փողոցի ո եւ է մէկ կնոջ հետ՝ հօրը դէմ... Կինը պատրաստ բոլոր զոհողութեանց ոեւէ բոզի համար, առանց ոչ մէկ ակնկալութեան, պարզ որպէս ընկեր-դաշնակից՝ ապականութեանց սապպաներուն... Աղջիկը ակնդէտ՝ ծնողքներու  մահուան, յանուն վայելքի... Եւ ոչ իսկ բնական մահուան, այլ՝ չարչրկումէ, նախատինքէ, անլուր վատութիւններէ վերջ... Ալլա՜հ, Ալլա՜հ... ֆրանկախտը ի ծնէ հոգիներուն մէջ՝ մարդկութիւն մը...

Պետրոս ի վերջոյ լռեց, գերեզմանային լռութեամբ։ Մնաց անըմբռնելի։ Անշարժ։ Պատանդազուրկ ցցուած Ղազարոս... Մտաւ վերջապէս իր եթերային անձնաւորութեան մէջ։ Երբ Հրանտին ակնարկները իր վրայ ինկան՝ կենդանացաւ։ Ճերմակ դէմքը սրտմտութիւն, անհամբերութիւն արտայայտեց, այնպիսի հրամայական սաստկութեամբ որ Հրանտ հասկցաւ, ու մեկնեցաւ ընծայելով անոր իր բացակայութիւնը։

Դուրսը, մինչ կը քալէր։ ո եւ է տեղ, ո եւ է փողոցի մէջ, գիտէր որ հիմա Պետրոս, ծնկաչոք՝ Աշխէնի օթոցին առջեւ, թողութիւն կը խնդէ անկէ, երդումներ կ՚ընէ, խոստումներու հեղեղներ կը ձգէ, կը գալարուի, ինքզինքը կ՚ուտէ... Ապրիլն ու մեռնիլը միեւնոյնը համարող փոքրիկ աղջիկը արդէն անմիջապէս յօժարած է ներել... Այսպէս կամ այնպէս, իր փոքրիկ սիրտը կը սիրէ այս օտարոտի մարդուկը, որքան ալ օտարոտի եղանակով մը, անո՛ր ալ կը սիրէ... Մանաւանդ որ միեւնոյնն է, քանի որ միեւնոյն բանն է ապրիլ կամ մեռնիլ... Որքան ալ իրական, բայց այդքան արագօրէն, առանց քէնի, առանց սպառնալիքի, առանց պայմաններու տրուած թողութիւնը ոչ միայն չի հանդարտեցնէր միւսին գեհենային խռովքը, այլ՝ աւելի՛ կը հրահրէ զայն... Իր դաստակի ժամացոյցէն, իր ինքնահոս գրիչէն, իր կոկորդիլոսի մորթով թղթապանակէն վերջ, ի՞նչ կրնայ տալ անոր որ տեղի ունեցածը իրակա՛ն հատուցումի մը նկարագիրը առնէ...

Իսկապէս ալ, այդ տուայտանքներուն, այդ մղձաւանջին անձնատուր, Պետրոս համակուեցաւ յուսահատութեամբ մը որ այդ սաստկութեամբ, մինչ այդ, չէր զգացած... Լքեց յանկարծ օթոցը, ոտքի ելաւ, ծառացաւ իր եթերային անձնաւորութեանը մէջ, երկու թեւերը, սեղմ բռունցքներով, վեր բարձրացուց, առաստաղին քսուող հասակով՝ սկսաւ նզովել։ «Արեւմո՛ւտք, Արեւմու՛տք... Քար քարի վրայ չմնայ... » Եւ, ժամանակին, այլամերժ, բացարձակ ամփոփումով իր Ս. Գրոց յատկացուցած եօթը տարիներէն՝ տողեր խառնի խուռն խուժեցին բերնին... «... Զի հպարտացան դստերք եւ գնացին ի բարձր պարանոց, յօնօք ակնարկէին, ոտիւքն կաքաւէին... Յաւուր յայնմիկ հանցէ Տէր զփառս հանդերձից նոցա եւ զպատմուճանս նոցա, Եւ զհիւսս եւ զծամակալս եւ զմահիկս, Եւ զզարդ երեսաց նոցա եւ զպատմուճանս զարդու փառաց նոցա եւ զքօղէս եւ զապարանջանս եւ զգինդս Եւ զմատանիս նոցա, Ջրեհեղն եւ զերկնագոյն եւ զկարմիր շղաշատեռն եւ զճամկաւորն եւ զոսկեճամուկն եւ զոսկէ ատուն։ Եւ եղիցի փոխանակ հոտոցն  անուշից՝ փոշի եւ փոխանակ կամարացն՝ չուան գօտի եւ փոխանակ ոսկի զարդու գլխոյն՝ կնտութիւն, վասն գործոց քոց եւ փոխանակ ոսկեհուռ տիպակին՝ քուրձ զգեցցիս։

«Եւ թշուառասցին եւ սուգ զգեցցին սապատք դարձուց ձերոց, եւ մնասջիր միայն եւ յերկիր կործանեսջիր։

«... Երթ եւ ասա ցժողովուրդն ցայն, լսելով լուիջի եւ մի՛ իմասջիք եւ տեսանելով տեսջիք եւ մի՝ գիտասջիք։ Զի թանձրացաւ սիրտ ժողովրդեանդ այդորիկ, եւ ականջօք իւրեանց զանունս լուան, եւ զաչս իւրեանց կափուցին զի մի՛ երբեք տեսանեցին աչօք եւ լուիցեն ականջօք, եւ իմանայցեն սրտիւք, եւ դառնայցեն եւ բժշկեցից զնոսա։ Եւ ասեմ, Մինչեւ յե՞րբ Տէր։ Եւ ասէ, մինչեւ աւերեսցին քաղաքք ի բնակչաց, եւ տունք առ ի չգոյէ մարդկան, եւ մնասցէ երկիրդ աւերակ... »

Երկու օր վերջ Էտիթ հեռաձայնեց որ Պետրոս ձերբակալուած էր, իր դէմ տրուած փլէնթերուն հետեւանքով։ Շատեր ողողած էր ոչ միայն անլուր հայհոյանքներով այլ եւ մահուան բացորոշ սպառնալիքներով։ Բժշկական քննութենէ մը վերջ, նոյն օրը, փոխադրեր էին զինք Սէնթ Ան...

-Ալ հիմն կրնաք երեւակայել թէ ի՛նչ քաշած եմ ձեռքը... Խե՜ղճ Էտիթ, առանց ո եւ է օգտուի, երիտասարդութիւնը մաշեցուց խենթի մը քով... Ինծի պէս աղջիկ մը ինչե՛ր չէր կրնար ընել... աւելցուց, ինքզինքն  ափսոսալով, անհուն լրջութեամբ...

Գոցեցին պայուսակը որ Աշխէնին հագուստներն ու իրերը կը պարունակէր։ Բոլորն ալ պատրաստ էին- Հրանտ, Տոքթորը, Էտիթ։ Աշխէնը պիտի տանէին Դպրոցասէր, որպէս գիշերօթիկ։ Հրանտ  մէկիկ մէկիկ ցուցադրեց անոր աղուոր շապիկները, թաշկինակները, գուլպաները, փոքրիկ շրջազգեստները։ Աշխէն մելամաղձոտ, նայեցաւ բոլորին, համակերպած, ծանր ակնարկներով եւ սակայն անձկալից։ Կարելի չեղաւ ոգեւորել։ Ցուցադրութիւնը տուփ մը շոքոլայի, տուփ մը հանգստապատառի՝ աւելի յաջողութիւն չունեցաւ։ Նստած անշարժ, սրունքները աթոռէն կախ իր իրանին մեծութեամբ պուպրիկը գրկին, դիտեց անտարբերութեամբ։ Ակնարկները նոյնքան  հարցական ու տրտում։ Տոքթորը սիւսէթ  մը երկարեց։ Մէկ ձեռքով պուպրիկը պահեց գրկին, միւսով՝ շաքարին փալտէն բռնեց բայց բերանը չտարաւ։ Ինչ որ ըսին իրեն, - շատ մը ուրիշ փոքրիկ աղջիկներու, տղոց հետ պիտի խաղար, ամէն օր մաման պիտի երթար զին տեսնելու, ուզած ատենը հեռաձայնով պիտի խօսէր բաբաին հետ, կնքահայրին հետ, շաբաթ օրերը տուն պիտի գար, մտիկ ըրաւ սրտակեղեք համակերպութեամբ։ Մազաչափ սակայն չփարատեցաւ անձկութիւնը բիբերուն մեծ հարցականը։

-Մոմիայի պէս նստած ապուշ-ապուշ կը նայիս, ոտքի չելլե՞ս, ըսաւ մայրը եւ՝ ձեռքէն բռնելն ու աթոռէն վար առնելը մէկ ըրաւ։ Սիւսէթը ինկաւ գետին, բաժնուեցաւ երկու մասի։

-Grand Dieu l աւելցուց, ջղային բրտութեամբ. Gest fou les ammerdements quun gosse peut donner...

Էտիթին այդ օրուայ ամբողջ ծրագիրը խանգարուած էր։ Աշխէն չվշտացաւ այդ բոլորէն։ Ատոնք ոչինչ էին այն միւս, իր կրած ան միւս ցաւին քով որ իր մանրիկ սիրտը կըթ ճմռթկէր։ Միայն մեքենականօրէն, սկսաւ դաստակը շփել։ Իր համար մէկ իրականութիւն կար որ մէկ պատասխանի կը կարօտէր - իր անձկութիւնը, իր անսահման անձկութիւնը...

Կայարան, շոգեկառք, բնանկարներու շարան որ կը նետէին զայն սովորաբար շաղակրատ ոգեւորութեան մը մէջ մնացին անազդու։ Այդ բոլորը իր խուճապային անձկութեանը մէջ, միայն սպասման սրտէ մըն էր ուրկէ, շուտով, պիտի մտցնէին զինք վիրաբուժական սենեակը...

Շոգեկառքին մէջ հրանտ զայն իր ծունկերուն վրայ առաւ։ Իր մինչ այդ գործածած միջոցները սնանկ դուրս եկան։ Անդրադարձաւ  որ ան սիւսէթի  շրջանէն շատ աւելի առաջ գացած է։ Ինք էր՝ Աշխէնը որ մեծի մը պէս, ձգեր էր զիրենք եւ կը նայէր թէ ի՛նչ պիտի ընեն «պզտիկները»...

Ուստի սկսաւ լրջօրէն խօսիլ, ականջին, եւ տրամաբանել, չափահասի տրուող բացատրութիւններով։

-Ի՞նչ բանէ կը վախնաս... Աղուոր գիշերօթիկ դպրոց մը պիտի երթաս... Անգամ մը չխնդացիր... Ի՞նչ ունիս...

Անոր մանրիկ շրթները գտան որ կը յարմարէին իրեն, իր մօրմէն այնքա՜ն անգամ լսած խօսքը եւ շարժեցան հազիւ լսելի ձայնով մը...

-Դժբախտ եմ...

Դպրոցը, ուսուցչուհիներէն իրենց շռայլուած սիրալիրութիւնները, տարեկից փոքրիկներուն տեսքը, պարտէզը, ամէն ինչ անդրադարձան իր վրայ որպէս նոր, օտար բաներ, որպէս խորհրդաւոր թակարդներ որոնցմէ իր անձկութիւնը աւելի զայրագնեցաւ, զայն զսպուած պահելու իր ուժերը աւելի լարուեցան։ Բիբերուն հարցականին խառնուեցաւ անխօս պաղատանք մը։ Կը նայէր, այսինքն կը հայցէր, իր անբարբառ խնդիրքը ուղղած մէկուն, միւսին...

Ոչ ոք կ՚ուզէր տեսնել որ իր մահացումը տեղի կ՚ունենար։ Ոչ ոք կ՚ուզէր տեսնել որ ինք, ահա տասնեակ մը տարի վերջ, իր շարժուն դիակը պիտի դառնար։ Ա՛ն կը զգար միայն որ իր հոգեվարքին մէջն էր եւ կ՚աղաղակէր։ Ոչ ոք կ՚ուզէր հասկնալ իր աղաղակին իմաստը։ Սիւսէթ մը խոթած էին մանրիկ ձեռքին... Հոգ չէ թէ անկարեկիր, բայց իր մայրն էր, հոգ չէ թէ մոլեթաթաւ, բայց իր մայրն  էր, հոգ չէ թէ դաժան, բայց իր մայրն էր։ Առանց անոր, անկէ հեռու՝ ամէն ինչ հարամ կը դառնար, ամէն ինչ թոյն էր իր համար։ Չէ տրուած դեռ իրեն  անտեսանելի սնունդէն այնքան մը որ իր մանրիկ հոգիի թոքերը շնչեն, օտարի ու խորթի մթնոլորտին մէջ։ Հոգ չէ թէ դաժան, բայց իր մայրն էր։ Ու ամբողջ աշխարհին բոլոր գուրգուրանքներուն արեւէն՝ շող մը չիյնար իր սրտին։ Ագացիի, խստութեան սառնամանիքն իսկ մայրական ըլլալով, աւելի շող ու ջերմութիւն կը պարունակէ իր համար։ Ամբողջ աշխարհին բոլոր բնակիչները չի փոխեր մօրը ստուերին հետ։ Աշխարհի բոլոր կարկանդակներուն հետ՝ չի փոխեր չոր հացի կտորը, բայց մօրը ձեռքովը տրուած։ Ինչքա՜ն ալ բիրտ, բայց իր մայրն էր։

Պարտէզէն մինչեւ դուռ երեսը ուռեցաւ, կարմրեցաւ շրթները կարկամեցան, աչքերը պղտորեցան։ Հրանտ եւ Տոքթորը արդէն փողոց մտան։ Մօրը տրուած համբոյրէն վերջ, երբ կառավարչուհին գրկեց զայն եւ Էտիթ իր կարգին վարժարանի բակէն անցաւ  փողոց, Աշխէնին աղաղակը յանկարծ պայթեցաւ, երկինք բռնեց... Դաւադրութեան գործադրութիւնն էր ահա... Դաւաճանութեան րոպէ՛ն... Ահա՛ իր սպանդը... Բոլոր մեծերը միացեր էին զինք դաւաճանելու համար, զինք կորստեան մատնելու համար։ Ուրեմն կը համաձայնէին, ուրեմն վճռած էին որ մահանայ, դիակ դառնայ... Խուճապային, խելայե՜ղ ահաւորօրէ՜ն ամբաստանող... Գիտե՜ր, գիտէ՜ր որ պիտի խաբէին զինք, գիտէ՛ր որ իրենց շաքարն ու շոքոլան խաբելու համար էր...

-Մամա՜, մամա՜...

Կացինը իջած էր նոխազի վզին...

Հրանտ ամբողջ կեանքի ընթացքին պիտի չլսէր աւելի մեծ անձկութեան մը պայթումը։ աւելի մեծ չափով բեռնաւոր ազդարարութեամբ, անլուր ամբաստանութիւններով, որոնցմէ, սկսած իրմէ, սկսած իր շրջապատէն, քաղաք, ծագէ ծագէ, ո՛չ ոք կրնար իր բաժինը չունենալ...

-Մամա՜, մամա՜...

Ճիչերը լեցուցին մթնոլորտը լեցուցին փողոցը անծանօթներով, կրկնուեցան՝ փոքրիկ մարմնին գալարումներուն մէջէն, քառապատկուած ուժովը...

Խեղդուողի մը նման մատղաշ էութիւնը կը փարէր մօրը, որ հազիւ մայրական շիւղ մըն էր...

Բռնի ուժը տնօրէնուհիին եւ երկու ուսուցչուհիներուն յաջողեցան  բաժնել, բզքտել զինք իրեններէն, գոցել մեծադիր դուռը՝ այդ փոքրիկ մարմնի տարերային ուժերու վրայ...

Հրանտ խորտակուած էր... Աղաղակները, անընդհատ, կը թնդային ականջին... Հետզհետէ, տարօրինա՜կ, անոնք սկսան արձակուիլ մէկ քանի մերձաւոր ծանօթ բերաններէ, ապա, տակաւ, բազմացան, դարձան հազարաւոր, միլիոնաւոր ճզմուած հոգիներու աղաղակը, արձակուած դարաշրջանի մեծղի հազագէն, աւելի՛ փոքր, ամբողջականօրէն մոլորուած, որբացող մարդոց շրթներէն, իրենց մայրը փնտռող «անչափահասներէն», անպատսպար հոգիներէ, անյատա՛կ, անձեղու՜ն, անկամա՛ր սենեակներու բնակիչներէ...

Անցա՛ն օրերը, անցան այն ամիսները, արբեցութեան մէջ լողագին, որ պատմութիւն չունին, -կենսուժերու փթթում կախարդական։ Նստիլ կողք կողքի ու մերթ ըսել, նոյն լիալիր հեշտութեան մէջ, անտարբեր բառեր, ու մերթ բանալ անտեսանելի պարկեր, ուրկէ խոստումներու ոսկին ինչպէս ամրան բերանէն  պարպուի անդադար։ Խոստովանանքներ որ երազներու գոյները ունին՝ յարափոփոխ, երփներանգ, մոգական։ Ուր մռայլ գոյութեան անելներուն առջեւ պողոտաներ կը բացուին, ուր կեանքի դեւերը, հնազանդ, կը մտնեն գառագեղ։

Անցան գարուն ու ամառ Մէօտոնի անտառներէն թէ Շըվռէօզի թաւուտներէն, ուր

Եարս գուգուել՝ սէյրան կ՚երթար.

Հագած կապած ալուան շորեր...

Անցա՜ն, ուր

Նա մի նազ ունէր, նազ ունէր, նազ ունէլ,

Ձեռին սազ ունէր, սազ ունէր, սազ ունէր.

Չալելով սէյրան կ՚երթար.

Դարձել էր ճէյրան՝ կ՚երթա՜ր...

Եկան դարձեալ, նոր-նոր, գոյներու յորդագեղ կարասներ որ, խորհրդաւո՛ր, լեցուեցան ու պարպուեցան, Սաքռէ, Քէօռի գմբէթներուն։ Սէն Վէնսան տը Փոլի կամարներէն՝ աղաւնիները, թեւաբա՜խ, նորէն եկան, տանիքներուն, լուսամուտներուն, նորէն գացին՝ ցուիքներուն անտեսանելի։ Այն որ սէր սէր կ՚ըսէր, ի՞նչ էր։ Ամէն օր, ամէն րոպէ, սրտէն բղխող ու սփռուող լո՜յս, առեղծուածայի՜ն հոսանուտ որ նստած մեկնող մէն մի վայրկեանի վարավանդին, կը սուրար ամէն տեղ, կը թափանցէր ամէն ինչի։ Ու նոյնհետայն, ամէնէն գորշ շարժումը կը ստանար գոյն հրավառ, կը դառնար արարք պայծառ, կը դառնար բոց աշտանակող։ Պահերուն պարունակութիւնները առտնին՝ կը դառնային տօնակատարութիւններ խնդութեանց։ Հոգին, երախտապա՛րտ, թրթռո՛ւն՝ ծունկի կուգար։ Խնկարկո՛ւմ երանային։ Գոյութեան խաւերը, անոր արշաւանքէն, կը գրաւուէին աւելի լրիւ՝ քան մէկ եղանակէն բնութեան։

Այդ հոսանուտն էր որուն բխումը կասեր էր։ Այդ աղբիւրն էր որ դարձեր էր չորցած աղբիւր։ Այդ լոյսն էր որ ալ չէր իյնար աշխարհի երեսին վրայ, երեսէն ներս, երեսէն վեր։ Այդ աշխարհն էր որ դարձած էր գորշ, մարդիկը որ դարձած էին գորշ, ծառերը, ծաղիկները, Ռոպէնսոնի պուրակները, տաճարները դարձած էին գորշ։ Սուլոցները կայարաններուն՝ դարձած էին գորշ։ Ալ մէկնում չկար, ո՛չ հողին վրայ, ո՜չ հողէն վեր։ Կամ մութ էր, կամ գորշ։ Մնայուն գորշութեամբ, թանձր, անջնելի, ծանր, խորտակող գորշութեամբ։ Ամէն ինչ կասեր էր, ամէն ինչ չորցեր, բնակարանները ամայացեր, ամէն ինչ գողցուէր...

Սիրտս նման էր էն փլած տների

Կոտրեր գերաններ, խախտեր են սներ...

Ամէն ինչ չորցեր, ամէն ինչ գողցուեր... Գողցած էին նաեւ գուլպաները, գուլպաները ծակ... Մեղանչումն ալ ունի իր «մեծութիւնը» եւ զայրագնումը իր պղծութեան՝ երբ ճղճիմ է։ Գողցած էին նաեւ ծակ գուլպաները... Ո՛ւր էր, գողցուէին ադամանդներ միայն, որոնց հետ գողցուած ըլլար գէթ վայելչութիւն մըն ալ... Քստմնելի՜...

Տօ լա՜ճ տնաւեր...

Mythe մը եւս կը չորնայ, կը գողցուի, կը փտի.

«Հայ աղջիկ»... Միթ մը որ կեանքի ապարանքին մայր սիւներէն մին էր։ Գողցած էին նաեւ ծակ գուլպաները... Խաւարում մը իջաւ հոգիներու աշխարհին։ Այսպէ՜ս, մէկը միւսին ետեւէն, հեղձամըղձուկ, կ՚իյնային պատրանքները, կը փտէին միթերը։ Սէ՛ր «հայ աղջիկ», նամուս՝ ստութիւ՜ն, միթ խաբեպատի՜ր... Ու խաւարումի սաստկացող թանձրութեան մէջ, նաեւ ջութա՛կ, արուե՛ստ, արի՛ւն մայրութի՛ւն, հայրենի՛ք ... Ոչ մէկը ո՛չ մէկը որ դիմանար, որ փտող միթ մը չդառնար... Կը բաւէր քշել հեռու՝ պատուարները ժամանակին, կը բաւէր քանդել միայն՝ սահմանները տարածութեան...

Պէօքլի՜ն, Պէօքլի՜ն, ի՞նչ պատահեցաւ քեզի, ի՜նչ սեւ ձիւն իջաւ գլխուդ որ կտրեցիր բոլոր լարերը նուագարանին, որ մէկ լար ձգեցիր միայն քնարին ու նետեցիր զայն անապատացած երկրագունդի մէկ կէտին, կապուած աչքերով աղջկան մը գրկին։ Ինչպէ՞ս չտեսար որ այդ կամարաթեք  իրանը, որ այդ կապուած աչքերը գեղաոլոր աղջկան, որ այդ միալար քնարին կառչած մատները մոլի՝ գողցան նաեւ գուլպաները, ծակ գուլպաներդ... Կարէ՜ այդ վերջին լարն ալ, կտրէ՜... Կայ յոյս մը, վատութեամբ պրկուած, որ մարդը անասուն կը դարձնէ, եւ կայ։

Յոյսըոր հորիզոնները կը դիտէ... Յոյսը որ ալ չի հաւատար, որ ալ չի սիրեր՝ լոյս չէ... Կտրէ՜, կտրէ, այդ վերջին լարն ալ, քանի որ կապած ես արդէն քնարակիր, ուղեկորոյս, մոլեթաթաւ, ծպտեալ աղջըկան աչքերը։ Կտրէ՜... Պղծութեանց դէմ ծառացող ցասումիդ տիտանեան սաստկութեամբը զա՛րկ երկրագունդիդ ու խորտակէ պիղծ աղջիկն ու քնարին իր շալկած՝ ամայութեան մէջ Տիեզերքին։

Վերջին հաշուով, իր խառնուածքն էր աւագ աղբիւրը իր ցաւին։ Սիրել միեւնոյն  կինը՝ անհնարին էր։ Սիրել ուրիշ աղջիկ մը՝ նոյնքան անհնարին։ Ապրիլ առանց Սէրի՝ անկարելի։ Կեանքին ոեւէ մէկ րոպէն պարպուած էր իր պարունակութենէն։ Առաջարկուած դասական ու արդի դարմանները, սրտմըտում ու հեգնա՛նք միայն։ Ժամանա՛կը, հաճոյքնե՜րը, դեղհատնե՛րը. արուե՛ստը... Իրականին  մէջ, ո՛չ իսկ վերջինը ազդու։ Նուազ քան ոեւէ ուրիշ մը նոյնիսկ։ Թերեւս՝ շատ աւիլի ու՛շ, երբ մրուրները նստին, երբ կեանքի գինին դառնայ բիւրեղ։ Աշխատա՛նքը... Կէս հիւանդներուն եւ աւելի՝ առողջներուն կը պատշաճի։ Սաստիկ տագնապի շրջաններուն՝ ան  տարապարհակ կը դառնայ, ճերմակ անձնասպանութիւն։ Այն որ բնական է, այդ ալ բնախօսական հաճոյքի կաթիլն է որ կը պտղի մէն մի րոպէի տրոփումէն։ Առանց այդ կենսաբանական գործառնութեան, մարդը կը նմանի իներսիի զօրութեամբ շարժող կառքի մը որուն ինքնաշարժ մեքենան դադրած է բանելէ։ Այդ շարժումը աւելի է քստմնելի քան մահուան անշարժութիւնը։ Առանց սէրի՝ մարդը գետինը լքուած երկանիւ սայլակ։ Սէրը զայն կը վերածէ երկրին վրայ թեւածող ու երկինքը մխրճուող սաւառնակի։

Յաւերժական հասարակ տեղիք, յաւերժական յամառութեամբ ոտնակոխուած։

«... Արիւնի ցնծութիւն ու տռփական մոլուցք՝ պէտք է փոթորկեն սիրոյ ժամը։ Այս է միայն իրականը։ Մնացեալը՝ ինքնախաբէութիւն... »

Հրանտ մտիկ կ՚ընէր շշմած, դարուն հագազէն պրծած պատգամները։ Իր տրտմութիւնը կրկնակի թանձրութիւն ստացաւ։ Օտարոտի պատկերներ իրար կը յաջորդէին ուղեղին մէջ։ Հնդիկներու, խափշիկներու ցայգապարեր, խարոյկի շուրջ ողջակիզուող էակի մը ճենճերահոտին մէջ, դիմակաւոր, կախարդներու գեհենային կանչերուն տակ, արնածարաւ առեւանգումներէ վերջ Դարերը, ամբողջ ընկերութիւններ կատարեր էին այդ փորձը, վիթխարի նախնականութեան ու շփոթի գիրկը եւ շրջուեր դէպի վերջնական կորուստի մութ կլափը։ Հրանտ հետզհետէ աւելի մեծ յստակութեամբ կ՚անդրադառնար որ իր եւ իր սերունդի տղոց հոգեկան մղձաւանջը ուրիշ տեղ պահուած է։ Հիմնական վերիվայրումը դարաշրջանին դեռ նուազ նշանակութիւն ունեցած էր քան քարուքանդ աւերակը այն կեանքին ուրկէ սնուած էին իրենք։ Այդ բախտորոշ դիեցումը անկարելի կը դարձնէր իրենց մէկ նոր արմատաձգումը։ Եղած բոլոր փորձերը կամ հոգին նետուած ձուկի թրպրտում կամ համայնական ուրացում։ Ո՛չ ոք կ՚ուզէր այս տղաքը, ոչինչ կ՚ուզէր զիրենք, ո՛չ մէկ կեանք կ՚ուզէր ընդունիլ զանոնք։ Անոնց հոգեկենսաբանական բարդ գործառնութիւնն էր խախտուած։ Վերջնականապէս խլուած էր անոնց ձեռքէն անձնաուղթերը որով ներկայանային գաղափարաբանութեան մը դեսպանութեան։ Իրենց ամբողջ ըրածը՝ մաքսանենգութիւն էր։

Մարդկային հոգիին ենթայատակը՝ ծուարած է Ձանձրոյթը։ Հոգիի ծայրամասին՝ նստած է Կասկածը Տագնապները որ Հրանտ ունեցած էր, տարակոյս չունէր հիմա, այդ պատճառներէն կը յառաջանային։ Երբ կ՚անցնէր անոնց մղձաւանջային սրութիւնը, ձգելով հիւանդ հանդարտութիւն մը։ Հրանտ, բնազդներուն խելայեղ մղումովը, կ՚ուզէր կառչիլ բանի մը։ Ո եւ է բանի։ Բայց՝ կառչիլ։ Հրէշային չափով անբնական է մարդը առկախ։ Սատանան իսկ չէ գտած դեռ այդ մէկ աղէտը վասնզի ան իսկ կ՚ագուցէ մարդը բանի մը, Երանի՜ անոնց որ կը քնանան թանձր քունքով, կը կանգնին ամուր գարշապարներու վրայ, կը հասկնան ամէն ինչ։ Ամէն ինչ բնական է անոնց համար։ Երանի անոնց որ արոյրէ աղջամուղջներու ետեւ, թանձր գիտակցութեան կռաններուն տակ, չունին յաճախանքը հրէշներուն։ Չկայ աւելի մեծ պատուհաս քան դատապարտութիւնը «չպատկանելու», մնալու անպատկան... Անոնք ամէն տեղ եւ ո եւ է ժամանակ՝ մնայուն անբաղձալիները, անընդունելիներն էին։ Անքուններն էին անոնք որոնց գլխին տակ ո եւ է բարձ չէր դրուեր...

Կ՚ըսեն որ Հնդկաստանի մէջ մահացուօրէն խայթող օձը կը բնակի այն թուփին իսկ տակ որուն տերեւները կը պարունակեն իր հակաթոյնը։ Թերեւս, ու ամէն բանէ առաջ, հարկ էր ընել այն որ մարդը ըրած էր երկրագունդի վրայ, իր գոյութենէն ի վեր։ Ըլլալէ վերջ մնաուկ, ըլլալ սիրահար, ըլլալ ամուսին, ըլլալ հայր, եւ դեռ մեծ հայր... Խելայեղօրէն փարիլ իրերայաջորդ սէրերուն, մտնելու համար Սէրին կամարներէն ներս ուր կը գտնուէր փրկարար տերեւներուն հակաթոյնը, մարդուն մէջ ծուարած հրէշներուն, օձերուն դէմ...

Կէս գիշերը անց էր երբ ամայի կածաններէն, իր քայլերու աղմուկին կշռոյթովը, Հրանտ կ՚իջնէր Մոնմարթրի բարձունքներէն, քսուելով թուփերու ու ծառերու, եւ ճարակ խառնաշփոթ խորհրդածութեանց տերեւաթափի մը, հակադարձ մտածումներու հիւրընկալութեամբ։ Դեռ ոտքերուն առջեւ չէր ձգուեր դէպի պողոտաները առաջնորդող նեղլիկ փողոցներուն խուրձը՝ երբ կանգ առաւ։ Առանց այլեւայլի, առանց ազդարարութեան, առանց տաճարային զանգահարումի, առանց արարողութեան տեղի ունեցաւ իր կեանքի մեծագոյն եղելութիւնը, - ուրախացաւ... Ներքին ուրախութեան մը կրակը տարածուեցաւ մարմնին մէջ, հիւլէական խորութեամբ... Իրա՞ւ, ա՛ն էր... Ա՛ն էր, ա՛ն, իր ուրախութիւնը, իր անգին ուրախութիւնը, իր առանց պատճառի ուրախութիւնը, մեծագոյն յուռութը իր կեանքին... Ճանչցա՛ւ, ճանչցա՛ւ, անոր ձայնն էր, անոր ջերմութիւնը, անոր ամէնազօր փայփայանքը...

... Երկինքներէն իջնող աննիւթ սիրուհի, անլուր Առատութեանց Եղջիւր, աւետաբեր քրմուհի, առանց պատճառի ուրախութեանց պարիկ...

Հրանտ շտապեց տուն։ Ինչպէս երբեմն, անտեղիտալի կարօտով, հապշտապ, առաւ ջութակն ու ճպոտը։ Ինչպէս երբեմն, դրաւ սուրտինը. կապեց անոր երանը ապարոշօվ մը, քաշուեցաւ, յառաջացեալ ժամուն, իր խորքի սենեակը եւ սկսաւ նուագել Մոցարթի հինգերորդ քոնչէրթօն։ Անկէ յետոյ, երկրորդ՝ սօլ մաժէօռով։ Մին է միւսը զարմանալի՛, ծայրէ ծայր, առանց ընկրկումի։ Րոպէն, բացարձակ կերպով, Մոցարթի երանգապնակէն կը զգենուր։ Ու  երբ, քնաշրջիկի անսայթաք զգայարանքներով, նետուեցաւ ռէ մինէօրով քոնչէրթոյին վրայ, չնկատեց իսկ որ ան դաշնակի համար էր։ Տիրապետող ճշմարտութիւնը իր համար այն էր որ, այս անգամ, ե՛ւ Պրիւնօ Վալթէր, ե՛ւ Թիպօ, ե՛ւ Հէֆէց, ե՛ւ Եահուտի Մընուին չէին հասկցած երգահանը, կէս հասկցած էին, այլ կերպ հասկցած էին...

Օրհնուա՛ծ ըլլայ րոպէն ուր ներքին գերագոյն լիութեանց մէջ, կեանքի եղերական օրօրումներէն անմիջապէս յետոյ, Խորհուրդը, յանձնուող տարփուհի, վառ կ՚առնէ դիմակը։ Տարածութիւն - Ժամանակ կը դառնայ կախարդանք ու ոգիները անմահ երգահաններուն կու գան հպելու իրենց շրթները, ջութակահարներու դալկացած ճակատներուն... Արտայայտութեան զանգուածեղ իր մարմարը, ահա կեանքին անտես մրճահարումէն, այս անգամ ի՛ր, իր իսկ հոգիին մարմինը կ՚առնէ...

Ոչ մէկ ստրջանք...

Օրհնուա՜ծ ըլլայ պահը ուր կը մատուցուին վերին հաղորդութեանց կոչունքները...

Օրհնուա՜ծ ըլլան տառապանքները, անձկութիւն, մղձաւանջ, նոպաներ տագնապներուն լաւայէ, եւ այսահար ճօճումները սիրոյ ու մահուան միջեւ, քանի որ կու գան անոնք կեանքի կեանքին վկայութեան...

Սէն Վէնսան տը Փօլի գմբէթը շատոնց քաշած էր վարդագոյն սպածանելին իր կանաչ ժանգին վրայ, շատոնց սեպտեմբերան պայծառ ու զով առաւօտուն, զրկած էր իր աղաւնիները  կտցահարելու պատուհանները, երբ Հրանտ կը շարունակէր ամբողջացնել, ներքին գարունին, ձիւնահայ  ջուրերուն վազքովը, առանց պատճառի ուրախութեան վարաւանդին, տարիներէ  ի վեր իր լքած քոնշէրթօն։

Առաջին ջութակը որ վարդագոյն պարեգօտ մը կը կրէր միայն, որ հրատոչոր աչքեր ու տառապող ու հայցող ակնարկներ ունէր եւ որուն կուրծքը զարդարուած էր մուգ բոսոր վարդով մը. Սպահանի արիւնասեւ վարդերուն բոցովը, մեղմօրէն շարժեց գլուխը։ Առատածոր, երենոսէ վասերուն  թանձր խուրձը նետուեցաւ հոլանի այլ, ամրակազմ  ուսերուն։ Ապա կուրծքէն արձակեց աքոռներու խումբ մը որով սիրտը նուագարաններուն բազմահամար եւ այլաձեւ, յեղակարծ, լեցուեցաւ հեշտութեամբ, առօրեային մառախուղները դարձան անիրական ու չքացան եւ ձայնական խորհրդաւոր եւ թագաւորութիւնը  հաստատուեցաւ, քարանձաւային դարերէն՝ աստուորին յուզական ծովերովը ալետատան։ Համոզկեր, վերջնական առանց յաւակնութեան յայտնեց  ունկնդրող նուագամբոխին։

-Ամէն մարդ դժբախտ է վասնզի չի սիրեր։ Մանուկը կու լայ որովհետեւ չէին ուզեր սիրել զինք որ իր ապրելու միաւ եղանակն էր։ Ուղեկորոյս ճամբորդ մը անձնասպան կ՚ուզէ ըլլալ որովհետեւ  իր համար, սիրելը անկարելի դարձուց։ Այլ  աստուոր մը կրկէս խուժող ցուլի խեռ ցնցումներ ունի, որովհետեւ շապիկն իսկ ծախեց բայց սէրի տեղ ատելութեան գեհենին կրակները բարձրացան իր մէջ ու իր շուրջ։ Այն երազատեսը դժբախտ էր որովհետեւ  իր կեանքին ջահը նետուեցաւ փողոց ու, ծխացող մէկօ, սկսաւ այրիլ յումպէտս։  Ու սերունդներու կեանքերուն ջահերը կը լքուէին սալարկներուն, գռիհներուն, նետուած մէկօ, կ՚այրէին յումպէտս։ Ու տրտում տղայ մը, վարդագոյնին ու կապոյտին տեսանող  յամառ ու այլամերժ՝ արթնեցաւ սիրոյ արբեցումէն ինչպէս երկու կառքերուն աղետալի բախումմէ  մը, ինչպէս Ամրան Գիշերուան մը Երազանքէն... Հմուտները դժբախտ էին վասնզի, դիւային թեթեւութեամբ, ոտնակոխած ըլլալով սէրը, պղծելու, էին ելեր երկինքինն ալ։ Ու դարաշրջանը դժբախտ էր վասնզի ոչ մէկ կամար, ոչ մէկ օժիով, ոչ մէկ Զուարթնոց ուր մարդիկ կարողանային ուղղել իրենց քայլերը։ Ոչ մէկ գմբէթ, ուր մարդիկ կարողանային բարձրացնել իրենց աչքերը։ Անոնցմէ ամէն մէկը մանր դրամի վերածուած, ամբողջ կանքը ծախսած էր, շռայլած, մսխած։ Շատ հեռաւոր հուներ են ուրկէ կուգան տեղատարափ ու կարկուտ որով կ՚անդամալուծուի մարդը ու կ*արգիլուի իրեն կատարել իր վերին գործառնութիւնները։

Ջութակներու ընկերութիւնը որ սկսած էր մըրմընջել, անհամբերութեան նշաններ ցոյց տուաւ, միջամտեց, բաւականին վճռական բայց լոյսի շողերով, ձայնական թելերով, բեհեզեայ մեղմութեամբ։

-Բայց ո՛չ, բայց ո՛չ, վարպե՛տ, ինչպէ՞ս չես տեսներ որ այդ արգիլումներուն շնորհիւ է նաեւ որ, գոնէ անոնցմէ ոմանք, պիտի հասնին գործառնութեանը սիրոյ այլ երանգի մը, սիրոյ ճանապարհի բարձրադիր մէկ քարուանսարային, ինչքա՜ն հեռու այնքան լաւ։ Քանի որ այնտեղ միայն Մարդը կը գտնէ սրտի բաբախումը հարազատ, իր ներքին դղեակին անքանդելի ներդաշնակութիւնը, հոն ուր սրբութեան շղթաները կը չքանան, ինչպէս մառախուղը արեւածագի լոյսերէն։ Հոն ուր մարդիկ ազատ են, վասնզի կը գերեվարուին անվերջ կամարներու անտեսանելի այլ գերհզօր պատսպարումներէն։

Ճիշդ այդ րոպէին, յանկարծուստ յայտնուող գումարտակ, սեւեռաբիբ, թաւջութեր ու թաւջութակներ մեծահագադ կարդացին իրենց հրովարտակը։ Թէպէտ այլազան հնչիւններով, որոշ վերապահութեամբ, անոնք ընդհանուր առումով, անհամամիտ չէին ջութակներուն։ Ընդհակառակը, մեծաւ մասամբ, հաստատեցին անոնց յայտարարութիւնները։

- ... Երբ բարձրանան իմացական ծովերուն վրայ մեծ նաւաբեկութեանց թաթառները, Մարդը, խելայեղ, պիտի փնտռէ յետին տախտակը, իր յետին ցուցմունքներովը օրէնքին։

-Առանց արտեւաններու ոսկեջուրէն օծուած Տախտակին, հոգին կ՚այլայլի աւելի թանձր խաւարի մը մէջ, քան թէ զգայարանքէ զրկուած մարմինը՝ մութ անասնութեան մէջ։ Առանց կատարներէն իջնող պատուէրներուն՝ Մարդը կ՚երթայ յափսեթերս...

-Գերագոյն յայտնութիւնը, յայտարարութեանց աւազաններուն մէջ լիւղ եկող ընկերութեանց, ահեղ հանդիպումներէ վերջ, կատարներէն իջնող Մովսէսներն են։

-Ծայրագոյն թշուառութիւնը, մարդուն թէ ընկերութեանց, անօրէնն է։

-Տարրալուծող ազատութեանց դէմ, գերութիւնը Ձիթենեաց Լերան ոստերուն։

-Ու մարդիկ կը լքեն հրէշութեանց ուղիները, կը վերագտնեն իրենց դէմքին պատկերը ծննդական, երբ մին անոնցմէ, Ընտրեալը, գայ եւ կատարէ վաճառքը, զոհողութեանց անպարփակ մեծութեան  ոսկիներովը։

Հասուն կին մը թաւջութակ, դարպասող փայտափողերու շքախումբի մը, հեզասահ, ընկերացած, աշնաշառայլ պարեգօտ մը հագին, որ կը կրէր զըմրուխտայեռ ողկոյզ  մը կուրծքին, այսպէս թաւերգեց.

-Այդպէ՜ս չէ, բայց այդպէ՜ս չէ։ Եթէ ըսէք որ Բընութիւնը ուրիշ եղանակ չունի, որ բացարձակապէս անյղանալի է այլ եղանակ մը քան իր ստեղծած  կեանքինը  որուն միջոցով մարդուն նիւթը դարձնէ գիտակցող  նիւթ, այնժամանակ , ես ձեզի կ՚ըսեմ ահա, - ինչքա՜ն, ինչքա՜ն ուրիշներ, գրեթէ բոլորը, կը ծինին գիտակցութեան որոշ քանակութեամբ մը, եւ կը մեռնին կորսընցուցած զայն։ Իրենց կեանքը գործածած կ՚ըլլան զայն կորսնցնելու գործին, կաթիլ առ կաթիլ, պուտ-պուտ, ամէն օր... Ո՞ւր է, ուրեմն, Բնութեան դիտաւորութիւնը...

Բարձրացաւ աղմուկ, թաւջութերը խառնուեցան պայքարերգին։

Այլազան ջութակներու բանակը, արձակելէ վերջ իր հեղեղատին հնչիւնը տարտղնուեցաւ մանր ճշմարտութեանց մարգագետնին վրայ։ Այն ժամանակ, յառաջացաւ գալարափողը՝ միս մինակ, նիհարակազմ ու թխահեր աղջնեկ, շուշանի անթափանց սպիտակութեամբ, որ ձայնեց մանկական ցաւին անճառելի ճշտութեամբը եւ վարակեց համայն թռչնապարը ձայնարձակ գործիքներուն.

-... Ա՜, ի ծնէ մուրացող հոգիներ որ պիտի մահանան առանց արքայական գանձի մը տիրապետումին։ Անոնք պիտի մնան հաշմ, ու պիտի հաճոյանան  միայն ձեռք երկարելով, միայն նետուած ողորմութիւնը յափշտակելով։ Տրտու՜մ հանելուկ, խա՜ղ եղերական որ զուարճացած է անոնց սիրտը դարձնելու մուրացիկի թաս...

Երբ փոքրիկ աղջիկը սկսաւ հեկեկալ, ամբողջ խումբ մը սրինգներու եւ թաւփողերու՝ վրայ հասաւ եւ շարունակեց տարմային հաստատակամութեամբ ու առքթորային։

-... Ո՜չ թէ շահին բեռը շահելով՝ կորսուելու համար, այլ կորսնցնելով շահին բեռնակշիռը, սաւառնելու համար։ Վասնզի հարկ է շահերու եւ մոլութեանց ստրկացումը շռնդալից փշրել, անցնիլ աղքատութեանց ահեղ լոյսերուն, անցնիլ աղքատութեան հարստութեանը մէջ, որպէսզի կուսացած հոգին տիրանայ  իր ազատութեան, դառնայ դէպի Արեւելք, ու ծնրադրէ վերագտնուած կամարներուն տակ, վերաքանդակուող Սկզբունքներու ոտքին...

-Մէն մի րոպէ Մարդուն տրուած ընծան պահելու համար, հարկ է որ ան արժանի ըլլայ անոր։ Արժանի չըլլալ, կայծակնային գործառնութեամբ կորսնցնել է։ Այս է Օրէնքը...

Երբ, յանկարծ, չափահաս պղնձափողեր խուժեցին, տրուող հաւաստիքները մարտական երանգ ստացան։

Անոնց արձակած առաջին բառերուն, թաւթմբուկները բարձրացուցին իրենց բազուկները ու թնդացին։

-Պայքա՜ր, պայքա՜ր, պայքա՜ր՝ ամէ՛ն տեղ ամէ՛ն ատեն, ամէ՛ն առթիւ։ Պայքար՝ յառաջանայ է։

Պիրկիրան ու մեծաչուի սրնգափողեր ճըշդեցին։

-Պայա՜ր, բայց ո՜չ միշտ հրապարակներուն վրայ, դարձուղիներուն ու պողոտաներուն վրայ, պայքա՜ր՝ անհատի ներքին շուկայէն ներս, մանաւանդ՝ ներքին խուցերուն մէջ։ Պայքա՜ր, վասնզի ան փոփոխում է, փոխարկուում է, ոգիացում է...

Ջութակը շատոնց տեղի տուած էր եւ քաղցրութիւնը իր մեներգին դադրեցուցած։ Տեղի ունեցաւ լայն խմորում։ Տեղի ունեցաւ բիւրեղացում, համայն մեղուապարին մէջ նուագարանային։ Ու այս անգամ, ձայնական անթիւ շողերու խուրձն էր որ ողողեց միջոցը միասնաբար, իր թնդագին լոյսովը։ Ու մեծ բողոք մը, ու արիւնագոյն ստգտանք, ու շեշտ հաշուեպահանջ, ու համակերպող աղերսանք կազմեցին մէկ քանի երանգը, բարձրահնչիւն  լոյսին որ կը ստանար պարբերական ցայտքեր, ծնծղաներու պղընձահարումէն։

-Ոչինչ կարելի է երեւակայել, Ստեղծագործութեան մէջ, որ առաւել չափով, ըլլայ անիրաւուած մը՝ քան Մարդը։ Նուազագոյն հատուցումը՝ տալն է, ի ծնէ զոհին՝ Մարդուն գորովանքի անհուն քանակութիւն մը։ Ատոր փոխարէն ան կը բզքտուի ատելութեան ժայռուտքին բիւր ցիցերէն։ Ատելութեան  թոյնը - ո՛վ հեգնանք - իր ձեռքովը թորուած  իր մատներովը շրթներուն կը տարուի։ -Որքա՜ն  աւելի մեծ մեղանչող մըն է ան, այնքան աւելի մեծ անիրաւուած մը կ՚ըլլայ։

-Գողգոթայի  երեք խաչերէն՝ միջինը չէ որուն  գործուած անիրաւութիւնը մեծագոյնը ըլլայ։ Պատուհասել անմեղ մը, զայն զոհ մը դարձնել է։ Պատուհասել մեղաւոր մը, զայն կրկնակ զոհ մը դարձընել է։ Եւ որովհետեւ ո եւ է մարդ, ո եւ օ պահու, ո եւ է հորիզոնի տակ, մեղանչող մըն է, մեղքերուն ամբողջութեամբը, ապա ուրեմն  կրկնակ, բիւրապատիկ գոհ մը, յաւերժական Զոհը։ Ինչու՞ այս խաղը։ Ո՞ր անծայրածիր  վայրագութեամբ սիրտն է որ դեռ չէ յափրացած...

Երբ ձայնական ընկերութիւնը զգաց որ վարպետը՝ Ջութակը իր  մենանուագով պիտի պատասխանէ, թաւթմբուկ ու լայնչի պնակ ծնծղայի՝ անշարժացան։ Տիրեց լռութիւն, վասնզի երաժշտական ցեղախումբին հետաքրքութիւնը սաստկացաւ մոլեռանդ ագահութեամբ։ Իր վարդագոյն պարեգօտին, իր վարդագոյն այտերուն մէջ, տառապող ակնարկները փակեցին իրենց թեւերը, ինչպէս ճիւղին  վրայ հանգչող տարմ  մը թռչնոց։

Ու շարժեցաւ կենսացայտ իրանը ճպոտին ու մեծ ներդաշնակութեանց գաղտնիքովը, կշռաձայնեց.

-Ա՜յդ է ճանապարհը կատարելութեան։ Այդ է անիմանալի դիտաւորութիւնը Արարչութեան որուն արոլրէ ցուցամատը կերտուած է մարդուն ադամանդացող ցաւէն։

-Եղբայ՛ր, իմ եղբայր բախտակից, ուր ալ ըլլաս, երբ ալ ըլլաս, ինչպէս ալ ըլլաս, ըրէ լաւագոյնդ եւ լռէ... Ըրէ եւ լռէ, ըրէ, լռէ, ըրէ, լռէ...

Չհամոզուած գալարափող մը, անխարդախ, շաժեց արտեւանունքը.

-Չէ՜, չէ՜, Արարչութեան օրէնքը՝ քմա՜յքն է։

Յանկարծ, աղագուն սրինգներուն հետ, սրընդափողային պարմանուհիներ. կապոյտ եւ վարդագոյն պարեգոտով, վրայ հասան թեւանցուկ.

-Անոր նոյնքան հաճելի է կատարեալը որքան մռայլ թաւալումը անկատարին։ Մէկուն եւ միւսին՝ Ան անտարբեր է։

Չափահաս թաւջութակը, հանդարտ դէմքով, լաւ սնուած, վճռեց տիրաբար։

-Մարդուն մարմինը ինչքան պէտք ունի շնչելու, հոգին նոյնքան՝ օրէնքի։

Միւս թաւջութակները, թաւջութերն ալ, բոլորն ալ խելքը գլուխը չափահասներ, հաստատ թրթռացումներով, ուժ տուին.

-Ճի՛շդ է, ճի՜շդ է... Մարդը աւելի լաւ չի կրնար հասկնալ խաղը Արարչութեան, քան մըրջիւնը՝ խաղը Մարդուն։

Այն ժամանակ, անգամ մը եւս, միաձայնութիւնը տիրեց ազգի ազգի ձայնական համախումբին մէջ։ Վարպետը ինքն ալ միացուց իր մեղեդին՝ շեփորներու, այլազան պղնձափայլ էակներու հագներգին որ դեռ թնդաց թմբուկներու, թաւթմբուկին  զարկերէն.

-Մարդը շնչելու համար՝ պէտք ունի օրէնքի։ Ազատ ըլլալու համար՝ կապկապուելու։ Ան երբ եւ իցէ պիտի չըլլար աւելի դժբախտ քան այնժամանակ երբ կորսնցնէ իր «գերութիւնը»։

-Կարելի չէ որ մարմինը լծուի վերածելու քարը ցորեանի, առանց որ գերմարմինը ուռճանայ ոգիով։

-Մարդուն մեծ հրամայականն է՝ կառուցանել կամարներ, եւ մտնել իր մայր տաճարներու օրհնութեան տակ կաթողիկէ։

Ծնծղաներուն լայնատարած շրթները բաղխեցան թրթռագին՝

-Սանձակոծ յորդող կեանքին գետը հարկ է որ հոսի, մոլեռանդօրէն, մշտանորոգ նուիրապետութեանց հուներու մէջէն։

Ողորկ ու գնդաւոր մանուկները փոքր թմբուկներուն, ընկերացած մետաղեայ, եռանկիւն պատանիին, անդադրում կրկնութեամբ, ընդգծուած զիլ ձայնով, պահանջերգեցին...

-Նա՜խ՝ քարը՛ ցորեանի, քարը՛ ցորեանի...

Մնացեալը՝ յետո՛յ, յետոյ...

Ընդհանուր համերաշխ Անտանթէին յաջորդեց զուարթ ալլէկրօ մը։ Լուսաբացի,, գովերգող անտառին մէջ, հարցնելու ու պատասխանելու խայտանք մը փրփրեցաւ ու դարձաւ նորոգիչ, իմացութեան խոյանք անտեղիտալի.

-Իր զօրութեան ո՞ր աստիճանէն կը սկսի պատասխանատուութիւնը անոր՝ Չարի՛ն։

-Գիտակցական ընդդիմութեան շարժումի՞ն։

-Պատճառ չկայ աւելի որ փառաւորուի ան որ կը զոհաբերէ քան դատափետուի ան որ սպանանելէ վերջ՝ կը ժպտի։ Մին եւ միւսը գործադրողը չե՞ն։ Առեղծուածի անհուններէն կայծակող հրամաններու։

-Գիտակցիլ՝ հակազդեցութիւն ունենալ է։ Ո՞վ է ըրեր անտեսանելի այլ անպարտելի զսպանակները սպիտակ հակազդեցութեանց- Մայրութիւն՝ սիրոյ, զոհաբերումի, - եւ սեաւական հակազդեցութեանց. - Մայրութիւն՝ մեղանչումի գիտակցական նուազումի՜։ Ինչու՞ մէկուն տրուած է կրել սեւը, միւսին՝ սպիտակը։

Կարճ շրջան մը ջութակը դարձեալ տիրապետեց, լայնօրօր լարկօ աֆէքթիւոզօի մը մէջ։

-Ամբողջ հրաշքը՜ հոտ է, քանի որ մարդուն կոչումն է սեւը սպիտակի վերածել։ Տրուա՛ծ է իրեն այդ զօրութիւնը։ Եւ ա՛յդ է Արարչութեան առաջարկը՝ Մարդուն։ Արդէն, ո՛չ սեւ, ո՛չ սպիտակ գոյութիւն ունի։ Մէն մի յաղթահարուած սպիտակ ստեղնաշարի բարձունքէն՝ նախորդը գորշ կը դառնայ։ Ու համարը աշտանակուող սանդուխին՝ եօթն անգամ բիւր աստիճան ունի։

-Գիտակցող ու ինկող ընդդիմադիրը աւելի մեծ զոհ չէ՞, թրթռաց աղու ձայն մը որ եղջերափողի կանաչ շեփորումը ունէր։ - Ան պատնէշին վրայ ծառացած լեգէոնական չէ՞ որուն կ՚արգիլուի թէ՛ նիզակ թէ՛ վահան...

Հաստորովայն պղնձափող մը, գայթակղած դիտել տուաւ.

-Եթէ Չնարը անմահ է ու էական՝ այնքա՛ն այնքա՛ն ինչքան Բարին, այն ժամանակ, ընդունեցէ՛ք, ողբալի՛ է վիճակի պատնէշին վրայ ծառացած  լեգէոնականին։

Ջութակը որ չէր դադրած մրմնջելէ՝ անգամ մը եւս կիսալռութեան մը մէջ հաւաստեց.

-Կեա՛նքն է կեանքին նպատակը։ Ու արբեցնող յափշտակիչ է գոյամարտը՝ Ահրիման-Ահուրամազտա։

Թաւջութ մը հեգնական ժպիտ մը առաւ եւ մուգ երանգով կրկնեց.

-Թող զսոցա զի ոչ գետին զինչ գործեն։

Թաւջութակներ բարձրաձայն խնդացին.

-Թող զսոցա եւ շտապէ, ուղիղ, առաջնորդել թէ՜ գիտցողը, թէ՛ չգիտցողը աքայութիւն։ Կըրկնապէս պատուհասուած են անոնք որ «գիտեն» եւ ուրիշ կերպ չեն կրնար ընել եթէ ոչ մեղանչել։

Թաւջութակներու ամբողջ խումբը միահամուռ սաստեց թաւջութերուն ու, թէպէտ պատկառանքով բայց հարց տուաւ.

-Անհուն է զոհողութիւնը Նազովրեցիին, Ժամանակին ու Տարածութեանց անսպառ մեծութիւնը լեցնող, բայց ո՞վ է աւելի ողբալին, Որդի՞ն Աստուծոյ, մին զոյգ մը աւազակներէ՞ն թէ՛ Նեռը ինքը...  Ինչ որ պատահեցաւ առաջինին՝ թաւալեցաւ մշտապէս երկնային փառքերու մէջ։ Երկրորդը չգիտեցաւ թէ ինչու՜ մեղանչեց, ո՛չ ալ թէ ինչու՞ խաչուեցաւ։ Ան չընդվզեցաւ որ, իրմէ անկախ, զինք աւազակ ըրեր էին եւ բնական ալ գտաւ որ խաչը հանեցին զինք։

Ջութակը, կապոյտ ցասումով, ձաղկեց.

-Խենթութի՜ւն, խենթութի՜ւն... Անբաղդատելի է խաչելութիւնը Նազովրեցիին վասնզի աստւածային խոշորութեամբ գիտակցութեան մը թնդիւնովը կրեց պսակը տատասկէ։

-Աւազակին մահացումը մրջիւնի մը մէկ բջիջին, մէկ բջիջի մէկ հիւլէին դիպուածն է լոկ, վասնզի, ինչպէս ամէն ինչ, այն ցաւը որ չի գիտակցուիր՝ գոյութիւն չունի։ Աստուածային Միջինին պսակը հիւսուեցաւ բոլոր ժամանակներու մարդոց կրած ու կրելիք տատասկներուն ամբողջութեամբը, որով բոլոր ժամանակներու մարդիկ խոցուեցան ու պիտի խոցոտուին։

Յամառ ծանրութեամբ, բութ թաւալումով, թաւջութերը կրկնեցին.

-Ո՜չ ոք աւելի արժանի է գթութեան գերագոյն մեծութեանը քան Նեռը, վասնզի անոր կտրելիք վերադարձի ճամբան ո՛չ ոքի տրուած է կտրել, եթէ երբեք ածայր չէ։ Ան այն աստիճանի Չարն է որ ալ կը դադրի արարածային հակազդեցութեամբ չար ըլլալէ։

Ջութակային ամբողջ ցեղը միացաւ ու կազմեց կապոյտ երկինքին գմբէթը որուն վրայ Մայր Ջութակին արեւը ձայնեց.

- Դրալա-լա՜, դրալա-լա՜... Հարկ է պարզապէս մխրճուիլ կեանքին մէջ, ինչպէս  ալ ըլլայ ան, ուր ալ ըլլայ ան, ե՜րբ ալ ըլլայ ան, մխրճուիլ՝ ինչպէս գութանը հողին մէջ։

Դրօշակ մը ձեռին։

Հիւսիսահողմերէն լիածածան...