?
Դէմքը
կախ…
գոռոզ
ու
խըռով՝
Կը
նայի
յօնքերուն
տակէն
Եզան
պէս՝
որուն
դէմ
փակեն
Գոմը
հաստ
ծառի
կոճղերով։
Իր
առջեւ
կը
գոցեն
փառքին
Մեծ
ճամբան։
Բայց
ինքն
է
յամառ։
Ան
կ’ապրի
փրկելու
համար
Ազգն
ու
իր
ազգասէր
հոգին։
Խաղաց
ան,
շարունակ
խաղաց,
Բայց
խաղալ
չկրցաւ
վարպետ
Ազգային
գործիչներուն
հետ
-
Ամէն
մէկն
աղուէս
մը
կատղած։
Ուսումն
է
գանկին
մէջ
պակաս,
Միտքն
է
բութ՝
տառերուն
առաջ,
Բայց
ունի
սրտին
մէջ
հայ
խաչ,
Արեան
մէջ՝
թորգոմեան
բեգաս։
Ան
ունի
իշխանի
մարմին,
Շահի
կամ
խանի
մը
պէս
գէր,
Թաւամազ…,
անպատկառ
աչքեր,
Ձայն
մ’որմէ
բերդեր
կը
թափին։
Ան
գիտէ
ըլլալ
նաեւ
հեզ
-
Խօսելու
արուեստն
է
նրբին
-
Գիտէ
լալ,
դողալ՝
կարապին
Պէս,
յուզել,
արտասուել
տալ
մեզ։
Կը
ճառէ
ցաւէն
ազգային.
Նըման
է
ան
Հայկ
հսկային։
Աւարայր
կըռիւի
գացած
Խաչակիր
մը՝
Ղեւոնդ
Երէց՝
Ամբոխն
ան
միշտ
ոգեւորեց
Յիշելով
Սուրբ
Գիրքն
ու
Աստուած։
Ողբերգակ՝
բայց
զըւարճաբան
Նոյն
ատեն,
նոյնպէս
արուեստով,
Ան
գիտէ
գաղտնիքն
հոգեթով
Տալու
խինդ
եւ
խնդուք
անբան։
Ան
խաղաց,
անըսպառ
խաբեց
Տաղանդի
յուզիչ
դերին
մէջ։
Բարձրացուց
խանդն
իր
սընամէջ,
Վերածեց
հանճարի
մը
մեծ։
Ան
եղաւ
Համլեթ,
սարսըռաց
Մըտածմանց
բարձըր
կատարին։
Օր
մը
զինք
եկան
ու
տարին
Բեմէն՝
ուր
կ’իյնար
ըսպառած։
Ատեն
մ’ան
իբրեւ
աստղ
շողաց,
Արշաւեց
պաստառին
վըրան։
Դարձաւ
թոռ
ան
ցարի
թոռան՝
Ազգ
ու
խաչ
իր
ետին
թողած։
Բայց
ճերմակ
վարագոյրն
ելաւ
Լեզու,
օր
մ’հարկ
եղաւ
խօսիլ։
Աղէթ
մ’էր
չար,
տխրատեսիլ
Օր
մը
սեւ՝
օրերէն
վերջ
լաւ։
Ան
կեցած՝
որպէս
ցասկոտ
Բէլ՝
Կը
խօսէր
բազում
լեզուներ,
Որոնցմով
կրցեր
էր
խաբել,
Սակայն
զինք
ոչ
ոք
կ’ըմբռնէր։
Ետ
դարձաւ
ան
հայ
Աստըծուն,
Եկաւ
սուրբ
խաչին
առջեւ
ծունկ։
Բանաստեղծ
եւ
քաղաքագէտ՝
Ան
ըսաւ
«պիւլպի՛ւլ
եւ
վարդ»։
«Թանկագի՛ն,
անգի՜ն
իմ
երկիր…»
Լուծուեցան
խնդիրները
բարդ։
Յուզեցին
շեշտ
ու
կախման
կէտ։
Հայրը
հայ
ֆիլմին
անդրանիկ,
Ան
դարձաւ
հայ
թատերագիր,
Նախագահ
եղաւ
տարագիր
Գըրողաց
ու
զարկաւ
կընիք։
Ան
Ներոն՝
հայ
քընար
ձեռքին,
Եւ
Սամսոն
եւ
դերասան
Քին։
Խօսեցաւ։
Իր
ճառն
առասպել,
Ճառ
մըն
է
առասպելն
իր
հին։
Մեծ
զաւակ
Հայոց
Աշխարհին.
Գիտցաւ
միշտ
ճառել
ու
պատմել
Համաձայն
արեւին
ծագած՝
Միշտ
անկեղծ,
եւ
եղաւ
միշտ
լաց։
Այսպէս,
ան՝
փոխուած,
պարտասուն,
Մոռցած
իր
բաճկոններն
ըսպայի,
Ծերացած՝
Իգտիր
կը
նայի,
Կը
յիշէ
զաւակ
մը
լքուած։
Կը
ճառէ
աւելի
յուզուած։
Կը
յուսանք՝
կը
տրուի
իրեն
Յագեցում,
թողութիւն
եւ
սէր։
Կը
լսեն
զինք
անձեր
ազգասէր,
Կ’ընդունին
զինք
ներս
իր
երկրէն։
Եւ
կ’երթայ
ան
Էջմիածին,
Ծունկ
կուգայ,
կուլայ,
կը
հանգչի
Աստղին
տակ
Լուսաւորիչի,
Տալով
վիզն
արդար
պախուրցին՝
Կը
խաղայ
իր
խաղը
յետին,
Կը
լըռէ։
Ձեռքերով
դողդոջ՝
Կը
ներկէ
ան
դէմքը
Տիրոջ՝
Համաձայն
բեմի
արուեստին։