???
Ես
կ’երթայի
ատեն-ատեն
այցելել
ծեր,
Ծեր՝
սակայն
դեռ
ապառաժի
նըման
կայտառ
Վեթերանի
մը
դեմոկրատ,
որ
կը
գործէր։
Արիւնն
իր
դեռ
երակներուն
մէջ
կը
խայտար։
Շէնքն
ամէն
օր
իր
հիմերէն
կը
տատանէր
Մեքենայէն։
Կըմախք
մը
վեր
կը
փորձէր
գալ
Մութ
մառանէն՝
քաշկռտելով
հաստ
շըղթաներ
-
Գաղափարի
զոհ
մը
վշտոտ
ու
ոխակալ։
Աղքատ
մ’ամէն
առտու
կ’երգէր,
կը
թախանձէր
Խանութին
դէմ՝
ուր
ծուխ
մը
գորշ
միշտ
կը
ծըփար,
Խորհուրդի
խորշ՝
ուր
մեքենան
կուտար
գանձեր։
Կը
դողային
սարդոստայն,
գիր,
թուղթ
ու
կապար։
Ես
կ’երթայի
մարդուն
համար
եւ
ոչ
թէ
տան,
Որուն
մըրոտ
պատերէն
ջուր,
ձէթ
կը
վազէր,
Փարամազի
եւ
Մուրատի
ընկեր՝
տիտան
Հայ
գործիչին
բազմավաստակ,
համայնասէր։
Հաստ
էր,
ահեղ,
վարազավիզ։
Մազերն
առատ՝
Կը
յորդէին
ականջներէն։
Յետոյք
ու
փոր,
Հսկայ
գըլուխ։
Կեանքի
պոռթկում
մ’էր
դեմոկրատ
Վեթերանն
այս՝
ու
պայքարի
հըզօր
շեփոր։
Իր
ուժն
էր
մեծ
եւ
հաւասար
փիղի
ուժին։
Եւ
ան
ունէր
կորով,
ուղտի
կամք
մը
յամառ,
Մեծ
ախորժակ
–
կ’ուտէր
երեք
մարդու
բաժին։
Ան
կը
տիրէր
իր
շէնքին
մէջ
խըրոխտաբար։
Բերանն
էր
փոքր
ու
անատամ,
բայց
քիթ
մը
վէս
Ունէր
դէմքին
լայն՝
քիթ
մը
մեծ,
նըման
ձըկան։
Ու
դունչ
մը
տիկ,
աչքեր՝
պզտիկ
բայց
հեռատես.
Աղուէս
ու
վեհ,
շըքանշուած
զինուորական։
Ամառ-ձըմեռ
ոտքին
ունէր
ծակ
մուճակներ։
Տաբատն
էր
կախ,
վըրան
երեք,
չորս
կարկըտան։
Օձիք
չունէր,
ոչ
ալ
փողկապ։
Ան
կը
հագնէր
Տօնէ
տօն
լոկ
սեւ
հագուստն
իր
դեմոկրատեան։
Ու
հովիւն
այս
ժողովրդեան
միշտ
կը
հոտէր
Քրտինք,
նախիր
եւ
աշխատանք։
Իր
ծոծրակին
Մազերուն
մէջ
ճերմակ՝
գոզոտ
խոզի
աղտեր
Ունէր,
վըրան
կերակուրին
ճենճն
ու
շոգին։
Մուրին
մէջ
էր
իր
դէմքը
խիստ,
դաժան
ու
խիստ։
Բազուկներն
իր
բաց
էին
միշտ,
մազոտ,
մըսեղ։
Թերթ
կը
հանէր։
Կը
շարժէին
վիզ,
փոր
ու
զիստ։
Չէր
հանդուրժէր
կեանքին
հանգիստ,
շըռայլ,
ու
զեխ։
Եւ
թերթն
իր
այդ
կը
թաւալէր
մերթ
աջ,
մերթ
ձախ՝
Գըրողներով՝
որ
գիտէին
հազիւ
հեգել,
Բայց
կը
բերէր…։
Կ’արհամարհէր
ծանրափայծաղ
Մարդն
այս
գըրիչ,
փառք
ու
երազ.
հայրն
էր
Հեկել։
Օր
մը
տեսայ
զինք՝
զայրացած
կը
մագըլցէր
Սանդուխէն
նեղ՝
ծովահէնի
պէս
մարտավար։
Արձակելով
իր
աչքերէն
վախի
կայծեր՝
Մեռնիլ
գացող
մահապարտի
պէս
կը
հեւար։
Մառանէն
վեր՝
ձայն
մ’ողբակէզ
կ’այպանէր
զինք.
-
Հայ
բանուորի
արիւն
ծըծող
հրէ՛շ,
ազգադաւ,
Քու
հոգըդ
չէ
թէ
ձեռքիդ
տակ
մենք
կը
հիւծինք…»
Աղքատն
երգե՜ց,
երգե՜ց,
երգե՜ց
տըխուր
ու
թաւ…
Բայց
ողողեց
յուզում
մը
մեծ
այդ
օրը
մեզ։
Վեթերանն
այս՝
մոռցաւ
խօսքերն
անարգական,
Իջաւ
մառան։
Ինչե՞ր
ըսաւ։
Ու
ցասմակէզ
Բանուորներն
իր
յուզուած՝
գինի
խըմել
եկան։
Ու
մշտափակ
պատուհանն
իր
բանալով՝
ծեր
Գործիչն
այս
հայ
չորս
սու
նետեց
ողորմաբար
Մուրացկանին
օտար,
որ
դեռ
կը
կասկածէր,
Դրամն
ափին
մէջ՝
կը
յուզուէր
այդ
հրաշքին
համար։