Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
7. ՏԿՃՈՐԻՆ ԵՐԳԸ (Արձակ բանաստեղծութիւն)
       Իրիկնալոյսին ծիրանի ծովուն մէջ կղզիացած արտասուող ուռիներու շուքին տակ, հովիտին խորը, ահա՛ւասիկ իմ երգս, արօտներուն շունչովը լեցուն. ահա՛ւասիկ իմ երգս, առուեզերքի անուխին ու ռեհանին խունկովը օծուն. ահա՛ւասիկ իմ երգս, հնձուած արտերուն ու հերկուած հողերուն բոյրովը, արեւեփ խաղողներուն ու մեղրացած թուզերուն անուշոյքովը ակաղձուն. իմ երգս` իղձի պէս, արցունքի մը պէս պարզ ու վճիտ՝ որ իրիկուան ոսկի հրեշտակին հետ թեւ առած կը թռչի, սարերն ի վեր, կապո՜յտն ի վեր:
       Աւանները, անշարժ անդորրիկ իրիկուան մէջ, իրենց ծխնելոյզներէն փթթող ծուխի մանիշակները կ'ոսկեջրեն. տարածուն ու դաշնաւոր քաղցրութիւն մը կը մշշանայ անդաստաններուն վրայ, ջուրերուն վրայ, գիւղակներուն վրայ: Իրիկունը շէկլիկ հերարձակ, առոյգ արքենի իրիկունը շահասպրամներով, մանիշակներով, վարդերով զարդարուած, իրիկունը, ոստոստուն, կը սահի֊կ'անցնի քովէս: Ես իրիկուան տարփաւորն եմ, ու իմ երգս, պարզ, պարզ իմ երգս, անանուն դողերով, անհամար թրթռումներով լեցուն է հիմակ, ուռիներու շուքին տակ, հովիտին խորը:
       Ցերեկուան արեւին հուրքովը գինովցած պարտասուն հոգիներ, ճերմակ լաթերով դաշտի՜ մշակներ, եկէք ունկնդրել իմ երգիս. իմ երգիս, որ բիւրազան բուրմունքներու խուրձ մըն է, իմ երգիս, ուր ձեր քրտինքին, ձեր երանութեանց ու ցաւերուն աղաղակը, ձեր սիրական հովերուն, ձեր սիրական ջուրերուն, ձեր սիրական մտերիմ, դրացի արագիլներուն ու թռչուններուն համերգութիւնը կայ թառած: Ահա՜ կ՚անցնի իրիկուան բամբիշը. ահա անցան իրիկուան օդանոյշները, ջրանոյշները. ա՜լ թողէք բահը. հերի՛ք հերկեցիք, հերի՛ք հողին նայեցաք, հերի՜ք անոր հակեցաք այսքա՜ն ատեն. ստուերները կը լճանան տակաւ. իրիկուն է. անգամ մըն ալ վե՜ր նայեցէք, դէպի կապոյտին փառքը, ու ձեր մտածումը, հողին գորշութենէն յափրացած, թող սաւառնի հոն. եկէք շարուիլ ծառերու շուքին տակ. թող երազնիդ վազէ՜` անծանօթ նազելի հուրիներուն ետեւէն, դէպի անտես նիմփարաններ. նայեցէք անծայր, անծիր դաշտերուն, ծաւալական ջուրերուն, մինչեւ որ հեռապատկերներուն յոգնութենէն ձեր կոպերը խտղտին, պրկուին, փակուին. ու փակաչք` ունկնդրեցէք իմ երգիս: Ո՜վ բարի մշակներ, ականջ դրէք իմ երգիս, ուռիներու շուքին տակ, հովտին խորը:
       * վար իջնող ստուերի փերթերուն հետ, ծիծեռնակները՝ իրենք ալ թանձրացած֊մարմնացած ստուերները՝ խուսափական լոյսերուն հետ գրկուած կը պարեն իրենց իրիկնային պարը. կը դառնան, կը դառնան, եւ իրենց շրջշրջումին մէջ երբեմն ա՜յնքան կը մօտենան, կը հպաւորին իմ կուրծքիս, ա՜յնքան, ա՛յնքան որ` նոր անծանօթ յորձանք մը իմ երգս կ՚ալեկոծէ եւ անոնց թռիչքին երգը, պլլըւած իմ նուագիս, իրիկնավերջի սղոխին փայլուն դաշնակութեան հետ, վիտակ֊ վիտակ կը գծգծուի ասմազուն միջոցին մէջ՝ որ հետզհետէ կ՚ամպարծաթի: Ես պիտի թրթռամ, տերեւներուն հետ, թռչուններուն հետ, հովին հետ. բոլոր ձայներուն, բոլոր երանգներուն, բոլոր բուրումներուն հետ, ես տակաւին պիտի սարսռամ հոս իմ երգս, ուռիներու շուքին տակ, դալարաստուեր հովտին ծոցը:
       Դարձէ՛ք ձեր օրուան աշխատութենէն, դարձէ՛ք, բարի մշակներ. գիշե՛ր կիսալուսինը ոսկեզօծ. ձեր միգապատ տուներուն ծիրանացոլ բիբերը կը փթթին բլուրին կատարէն. ձե՛զ կը կանչեն. դարձէ՛ք, դարձէ՛ք. եւ ահա՛ տանիքներուն վրայ ձերինները կը պարեն, ձեռքերնին իրենց ճակտին քիւ ըրած, հորիզոնին լուսալիճ անդորրին մէջ երազուն ձեր սիլուէթներուն ետեւէն թափառելով. ամբողջ տունը թեւաբաց կը սպասէ ձեզի, դարձէ՛ք, դարձէ՛ք: Երդիքին ետին, արուսեակը մշտածիծաղ կը թարթափի, հեռաւո՜ր, պայծառ ու լուսարձակ` ինչպէս ձեր խղճին ձայնը՝ որ ձեր աշխատանքին արեւոտ տիւէն վերջ, ձեր գոհունակ հոգիներուն զովասուն երջանիկ գիշերին մէջ կը ճառագայթէ: Օ՜ն, դարձէ՛ք, ձեր օրուան աշխատութենէն, դարձէ՛ք: Տունը դեռ գրկաբաց կը սպասէ ձեզի: Տունը՝ որ գիտէ ձեր յոգնութիւնները, ամբողջ օրուան մը ձեր չարքաշութիւնները, ձեր բովանդակ հոգերն ու հոգին. եւ ինչպէ՜ս գիտէ ժպտիլ, ամոքել, սիրե՛լ։։ Դարձէ՛ք, դարձէ՛ք, ու երբ տանիքներու վրայ փռուած ձեր անկողիններուն մէջ, լուսաւորներու աննիւթ անձրեւումին տակ անդորրաւէտ քնանաք, կիսալուսնին ոսկելոյս համայիլն ալ պիտի առկախուի, մնայ հոն` ձեր երդիքներուն վրայ: Օ՜ն, դարձէ՛ք ձեր օրուան աշխատութենէն, դարձէ՛ք. որովհետեւ իմ երգս ալ ահա՜ գիշերուան մէջ կը հալի՜, կը հատնի. որովհետեւ չեմ ուզեր ա՜լ փեթռտել երջանիկ լռութիւններուն ծաղիկ ցայգերգը՝ որ թօ՛շ՝ կը բացուի հովտին խորը, ուռիներու շուքին տակ: