Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
2. ՑԱՅԳԱՆՈՒԱԳ
       Պարզկայ գիշերուան համատարած սպիտակ լոյսերուն մէջ ո՞վ չզգար խորհուրդն անծայրածիր Գոյութեան. ո՞վ չի լսեր ձայները` որոնք միջոցին մէջ յաւիտենութեան անծայրածիր գաղափարը կ'երգեն: Ծնունդի խորհրդասքօ՜ղ գիշեր, ուր հոգիները կը վերածնին ու Մտածումները կը սլանան դէպ ի անհուն բարձունքը դարաւոր խորհրդանիշին. ադամանդէ երազունակ ու լայնալիճ նայուածք, որ հոգիներու վրայ կը քրթի ու կը հալածէ մշուշն անոնց ըստուերոտ ծալքերուն:
       Զանգակները կը հնչեն, երգերը կ՚ոգեւորեն, ու բոլոր ձայները ցնծագին համերգութեան մը մէջ կը միանան. հոգիներու ծնո՜ւնդն է:
       Լուսաւորները կը վառին, խունկերը կը բուրեն, լոյսերն ոսկի բոցերով կը փայլին. հոգիներու ծնո՜ւնդն է:
       Շրթունքները մեղմագին կ'աղօթեն, նայուածքները կը բոցափայլին, ու ձեռքերը կը վերանան, կը վերանա՜ն. հոգիներու ծնո՜ւնդն է:
       Տաճարին մէջ, լուսավառ սեղաններուն վրայ, ոսկեհուռ թաւիշէ բահուանդներով միստիք գիրքեր փակ ու լռին կ'աղօթեն. վայրկեանի լռութիւն մը հոգիներու մէջ անծանօթ դողեր կը թափանցէ, ու նայուածքները, գութի ու գորովի տամկութիւններով լեցուն, կը պսպղան. հոգիներու ծնո՜ւնդն է:
       …Երգերը կը վերսկսին, զանգակները դարձեալ կը հնչեն, մրմունջներն անդուլ կը բարձրանան, կնդրուկներն անընդհատ կը բուրեն, եւ սիրտերը միշտ, մի՛շտ, անհուն սլացքներով, կը վերանան. հոգիներու ծնո՜ւնդն է…
       * * *
       Քու խորհուրդիդ վեհութեան առջեւ, ո՜վ սիրական ու պաշտելի գիշե՛ր, կը զգամ որ ձեռքերս, ներքին հզօր ազդեցութենէ մը մղուած, կը միանան, ծունկերս կը խոնարհին, շրթունքներս կը դողդոջեն, ու նայուածքներս կը մոլորին իրենց տենդայոյզ թափառումներուն մէջ:
       Ո՛վ սուրբ գիշեր, հոսեցուր սրտիս մէջ կաթը քու սպիտակ խորհուրդիդ եւ զիս քու ամբիծ գորովանքիդ յաւիտենութեանը մէջ ապրեցուր, քու հրայրքիդ բոցավառ ծիածանը շողացուր հոգւոյս խաւարին մէջ եւ էութեանս պարապը քու յոյզերովդ, քու սուրբ ու կենսառատ յոյզերովդ լեցուր:
       Դուն որ Կեանքը տուիր ինծի, ո՜վ Տէր, ապրի՛լ սովրեցուր, ցօղէ իմ հոգիս ցօղովն անհուն գթութեան, ու թող ձիւնէ սրտիս մէջ յաւերժական սպիտակութիւնը քու սրբութիւններուդ, տո՛ւր ինծի, ո՛վ Տէր, քաղցր մոռացօնքն աշխարհի մորմոքներուն եւ յետադարձ մոլորանքին ցաւն ինծի խնայէ:
       Քու սատափէ երազիդ գունագեղ շողերուն մէջը զիս թաղէ, ո՛վ սուրբ գիշեր, եւ յագեցուր անսահման պապակն որ անդադար կ՚այրէ հոգիս: Մանուկը` որ կը նիրհէ իմ հոգւոյս խորը, արթնցուր եւ հնչեցուր դարձեալ վաղեմի ձայնը` որ լռած էր սրտիս մէջ։
       Ո՛րքան քաղցր է սուզուիլ քու պայծառ խորհուրդիդ ջինջ անհունութեան մէջ. թո՛ղ որ հանգչեցնեմ յոգնաբեկ ճակատս սփոփանքիդ շողերով ու մոռնամ պահ մը անսահման խանդաղատանքիդ մէջ փանաքի վրդովումներն աշխարհի ունայնութիւններուն, ո՛վ սուրբ ու պաշտելի գիշերը հոգիներու Վերածնունդին…