Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
11. ՁԵՌՔԵՐԸ
       Ծովեզերքի պատշգամին վրայ նստած, լուսաբաղձիկ մանուկի յափշտակութիւններով, ու քիչ մը վախով, ու քիչ մը արցունքով, լոյսերուն մեկնիլը կը դիտէի ամէն իրիկուն:
       Ամէն իրիկուն, մթնշաղին ստուերախառնութիւններէն անդին, լեռնագիծ հորիզոնին հուսկ բոցին մէջ, զոյգ մը ձեռքեր` թափանցիկ լուսեղէն ձեռքեր՝ կ՚անրջագծուէին։։
       Երանգներու եւ լոյսերու յամեցումին մէջ, քիչ մըն ալ դեռ ձեռքերը ցոլարձակ կը մնային հոն, ու երբ մութին հոծ ծուխը կ՚իջնէր ու կը շրջագծէր զանոնք, ձեռքերը գլխիվայր դարձած զոյգ մը շուշաններու կը փոխուէին, որոշակի կը շեշտուէին իրենց զանգակի ձեւերուն մէջ՝ ոսկեծայր թակաղներով:
       Բայց լուսաւորներու առաջին ծիծաղին հետ շուշանները կը թօշնէին յանկարծ, կ'ինքնամփոփուէին, յետոյ երկու բոլորշի կաթնաթոյր լոյսերու կը փոխարկուէին, յետոյ կը պզտիկնային, զոյգ մը փոսուռաներ` զոյգ մը արծաթ զանակներ կ՚ըլլային ու վերջապես կը խեղդուէին ստուերներու մածնումին մէջ։
      
       * * *
       Ծովեզերքի պատշգամին վրայ նստած, լուսաբաղձիկ պատանիի յափշտակութիւններով, ու քիչ մը վախով, ու քիչ մը արցունքով, տակաւին լոյսերու մեկնումը կը դիտէի ամէն իրիկուն:
       Ամէն իրիկուն, մթնշաղին ստուերախառնութիւններէն անդին, լեռնագիծ հորիզոնին հուսկ բոցին մէջ, զոյգ մը ձեռքեր` լուսեղէն, թափանցիկ ձեռքեր` կ'անրջագծուէին դեռ: Իրիկուն մը, այդ կենսական ձեռքերուն ճերմակ դիւթանքին մէջ ընկղմած իրիկուն մը, խռովանքի կոհակ մը անցաւ հոգիէս, ու հեռաւոր ճերմակ ձեռքերուն վրայէն մշշական նրբաթել քողքը փեթըռտեցաւ, ինկաւ. աչքերս արթնցան անոնց հրաշալի գեղին վրայ…
       Տեսայ որ ձեռքերը զի՜ս կը կանչէին…
       Առաջին րոպէին, յանկարծածին խանդավառութեանս մէջ, ուզեցի վազել, վազե՜լ այդ տեսլական ձեռքերու գրգանքին. բայց անհունութիւն մը կ՚անջրպետէր մեզ. ու խորհեցայ այն ատեն բոլոր այն բաներուն վրայ` զոր պիտի կրնայի երկարաձգել կամուրջի պէս` մինչեւ սպիտակ ձեռքերուն կայքը. բայց մտածումս ամէն բան պզտիկ գտաւ հոգիիս մէջ…
       Միւս իրիկունը նստայ դարձեալ պատշգամին վրայ, թաղարներէն ցայտող բոյրերուն ողողումին տակ. եւ սպիտակ ձեռքերը` անգամ մըն ալ հորիզոնի լոյսերուն մետաքսէ վարշամակը թօթուելով ծաղկեցան իրենց անրջական ձիւնաթոյր, նրբենի մատներուն գրգոտ շարժուձեւին մէջ։
       Սպիտակ ձեռքերուն այդ շարժուձեւը կո՞չն էր արդեօք, աղապատանքի կաթոգին հրաւէ՞րը, թէ դրժումը, դաժան, դաժա՛ն դրժումը. չէի հասկնար, ու վարանքը կը պարապնդէր հոգիս:
       Եղաւ որ՝ երազի այդ հրեղէն իրիկուններուն մէջ, կոչին կէս գիտակցութիւնով արբեցած, եղաւ որ՝ հոգիս սահի֊երթայ մինչեւ հանդիպակաց ծովափունքը, իրիկուան արեւին ջուրին վրայ գծած շառայլ ուղիներէն, եղաւ որ՝ վազեմ մինչեւ կէս ճամբան՝ բայց այդ պահերուն, ձեռքերը՝ ճիւաղային դժնէ տեսիլներու փոխուած, յանկարծ կը ցցուէին քարացած, ժխտական շարժուձեւով, ու ես ահաբեկ, անսահման զզուանքով տուն կը դառնայի նորէն:
       Երբեմն ալ, խաղաղիկ իրիկուններ կը կարծէի լսել ձայն մը համբոյրներէն աւելի գգուոտ` որ հոգիս կը փայփայէր. երկարաձիգ, մեղեդի սլւլիւն մըն էր ան, բուրումնաւէտ ժապաւէն` որուն հեշտութենէն ռունգերս կը սարսռային, ու ճիշդ այդ պահուն կը տեսնէի զոյգ ձեռքերը՝ որոնք հեշտին ծափի մը մէջ կը համբուրուէին. եւ յետոյ կը բոլորուէին անտեսանելի բերնի մը շուրջ. ձայնին ժապաւէնը դեռ կ'երկարաձգուէր. ու ես արդէն կենսանուաղ…
       Այսպէս, ծփացի շարք մը իրիկուններ այդ տարուբերումին մէջ, եւ ալ բնաւ, բնա՛ւ չտեսայ նախկին շուշանները, փոսուռաները, զանակները, ձեռքերը, հիրիկի հեշտալի ձեռքեր միայն կը մնային՝ անփոփոխ իրենց բացխփիկ շարժուձեւին մէջ:
      
       * * *
       Ծովեզերքի պատշգամին վրայ նստած, լուսաբաղձիկ յափշտակութիւններով, ու քիչ մը վախով, ու քիչ մը արցունքով, լոյսերուն մեկնիլը կը դիտէի ամէն իրիկուն:
       Ամէն իրիկուն, մթնշաղին ստուերախառնութիւններէն անդին, լեռնագիծ հորիզոնին հուսկ բոցին մէջ` զոյգ մը լուսեղէն թափանցիկ ձեռքեր կ'անրջագծուէին: Իրիկուն մը, վերջապէս, անշիջանելի աւիւնի իրիկուն մը, վարանքին պարապնդումը ի սպառ թօթափած, անցայ զիս տեսիլքէն բաժնող անջրպետին յօրանջումին վրայէն, սուրացի մինչեւ ծովափունքը, ու վեր, մինչեւ ձեռքերուն հորիզոնը. ու հոն տեսայ, որ երկու լուսեղէն աղջիկներ դիւթական պարտէզ մը ցոյց կու տային ինծի…
       * Վերադարձիս մութը արհաւիրքի պէս թանձրացեր էր, ձեռքերուն տեսիլքը չկար:
      
       * * *
       Ծովեզերքի պատուհանին վրայ նստած, անհուն թախծանքով, հիմակ ալ լոյսերուն մեկնումը կը դիտեմ դեռ, ամէն իրիկուն: Ամէն իրիկուն, մթնշաղին ստուերախառնութիւններուն մէջէն, կը յառիմ լեռնագիծ հորիզոնին բոցին` ուր դիւթական ճերմակ ձեռքերուն տեսիլքը թօշնեցաւ` ա՛լ չվերածաղկելու համար…
       Եւ ամէն իրիկուն, հոգիիս մէջ` հեռաւոր ձայն մը կը կանչէ պաղատագին.
       «Ո՛վ իմ հորիզոնիս վրայ շուշանացած ուրուային ձեռքեր, անգամ մը, անգա՛մ մըն ալ գէթ երեւցէք ինծի. ո՛վ շուշանէ ծաղիկներ, անգա՛մ մը գոնէ յիշել տուէք ձեր վաղնջուց լռութիւններուն երգը մոռցուած, ո՛վ լուսոռոգ փոսուռաներ ու զանակներ, հեղ մըն ալ գէթ պսպղացնէիք ձեր փառփառ շիթերը` հորիզոնին մութին մէջ»:
       Ձայնը ա՛յնքան յուզիչ է՝ որ հեռաւոր հորիզոնին մութին մէջ ձեռքերու տեսիլքին տեղը՝ բոց մը կը փայլատակէ` որ սակայն՝՝ աւա՜ղ, վաղեմի սպիտակ շուշանական տեսիլքը չէ՜: