Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
<Կ. Պօլիս , 25 Յունիս, 1907-Մալկարա>
      
       Կը տեսնեմ, որ «Ծիածան»ը նշանակելի խոստում մը եղած է բոլոր գրախօսներուս համար ալ ու կը դողամ մտածելով, թէ այդ խոստումը պիտի կրնար գուցէ լուսաւոր ու խաբուսիկ պատրանք մ՚ըլլալ մեր գրական նորածագ բոլոր երեւոյթներուն պէս։ Բայց ուրախութիւնը ունիմ վստահացնելու Ձեզ, թէ բաւական արիութիւն ունեցեր եմ սնապարծութեան եւ վատօրէն գոհունակ ծուլանքի ճահիճներու մօրին մէջ բռնուած չմնալու, եւ թէ՝ «Նոր տաղեր»ս, առանց ծարաւիս յագեցումն ու փառքիս լրումը ըլլալու, պիտի կարենայ սակայն կատարուած խոստումին ճակատաբաց շարժուձեւը զգացնել։ Իմ մտահոգութիւնս, իմ մեծ ծարաւս իսկատիպ գրականութեան մը գաղափարին իրականացումն է։ Եւ ասոր համար, գէթ իմ մասիս անհրաժեշտութիւնը կը զգամ հողին ու ջուրին ու քարին հետ ապրելու։
       Մեծարենց