Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
<1907>
      
       Ազնի՜ւ Օֆէլիա,
      
       Նամակիդ թուականին կը մտածեմ. Յունի՞ս. երկու ամիս մը եղաւ։ Անտարբերութիւն չէ, անհոգութիւն ալ չէ, ծուլութիւն ալ, այս հիւանդութիւնը. հապա, ինծի համար գոնէ գեղեցիկ քերթուած մը գրելու իտէալիս մէջ, լայն ու հանդարտ տրամադրութեան մը ապաւինելուս նմանող բան մը՝ պատասխանի այս ձգձգումը, այս հիւանդութիւնը։ Բայց հարկ կա՞ր, սիրելի՜, լեղի դեղահատով մը դարմանել փորձել այս հիւանդութիւնը։ Բայց կ’ընդունիմ բժիշկ ես, ուրախանալով նաեւ, որ առանց ատոր իսկ, քանի օր առաջ պատրաստեր էի նամակս։ Այսքանը գոնէ ըսել ու շեշտել ուզեց՝
       Շաւասպը