Նամակներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Տիգրա՜ն , ախպըրուկ,
       Ուրեմն ահաւասիկ կեանքը՝ զոր կ’ապրիս, ու կը տժգունիս ալ անով, մինչ մենք, սենեակի ապրողներ՝ տակաւին մեր պատուհաններէն կը դիտենք զայն ու կ’իմաստասիրենք։
       «Տժգոյն» է կը գրէ Օֆէլիան. ինչպէ՜ս չտժգունիլ հիւանդներուն հետ, քանի որ լերան քարերն անգամ հոգեքաղ վերջալոյսին հետ կը դալկանան։ «Իմ գեղջուկներս», «իմ հիւանդներս» կ’ըսես անշուշտ իւրովի եւ իտէալներդ շօշափելու հազուագիւտ երջանկութիւնը կ’ունենաս։ Ու յետոյ կը փայփայես ծաղիկներդ ալ, ու վարդը՝ է՛ն առաջ. ո՞ր դիւթաշխարհի վարդենիքէն ծնած արդեօք . եւ միթէ իր հոպոպիկներուն, իր այտերուն բոյրն ու երանգը չծծեցի՞նք միասին հոս։ Օֆէլիային նամակին մէջէն, որքա՜ն կը ճանչնամ զինքը։
       «Պիտի ջանամ կազդուրել», կը գրէ Օֆէլիան. բաժակին դառնութենէն վերջ, յետամնաց համագրաւ քաղցրութի՜ւնը ուրեմն, որ վերստին տոչորել տայ շրթունքները՝ լեղի բաժակին ծարաւով. բայց ինչո՞ւ լեղի բաժակ անուանել կեանքը՝ որ աչքդ պարտականութեան կը բանայ՝ լուսոռոգ պատուհանի պէս, փոխանակ , երջանիկ կուրութեանե մը մէջ զայն փակելու։ Կեանքը միշտ պիտի ունենայ իր հիւանդները, իր տառապողները, եւ անձնական երջանկութիւն մը, հետեւաբար, մեծագոյն անիրաւութիւնը պիտի ըլլար միշտ։ Հիւանդի խուցերուն տխրութիւնով սարսռալ, ու բազուկը բազուկին երկարել քիչ մը կեանքի յոյզ ու յոյս ներարկելու բաղձանքով, եւ յետոյ սփոփե՜լ. պիտակուած դարմաններու հետ մա՛նաւանդ տալ անպիտակ ու հարազատ դարմանները, հոգի՛ին դեղերը, յոյսի ճառագայթալիր վիրակապեր, համակրութեան գորովի բալասանին վրայ. օ՜հ, այս ամէնը, ամէնը ու պզտիկ լռութիւն մը, սիրտերու համատրոփ զարկը, ու գորովով եղբայրացած աչքերուն աննիւթ ու հոգեշօշափ վճա՜րը բայց ուրիշ ո՜ւր կարելի էր փնտռել երջանկութիւնը, միակ ու հարազատ երջանկութիւնը՝ պարտականութեան կատարումին գոհունակ ճառագայթումը. ուրիշ ո՜ւր կարելի էր փնտռել ու գտնել զայն առանց ամպերուն տակ սքողելու այն այգաստղը, որ խիղճ կը կոչուի։
       Կը քակեմ փունջդ . կ’ուզեմ գգուել ծաղիկներդ, ինծի անծանօթ սիրականներ, խաչծաղի՜կդ, հի՜ն հաւատալիր ժողովուրդ՝ որ իր նայուածքները ժամուն արծաթ ու ոսկի խաչերուն պատկերովը ողողած, կը ցանէ զանոնք դաշտերուն ու բլուրներուն վրայ ալ. հողին հեթանոսութիւնը կ’առնէ, ժամուն մէջ զետեղելու , եւ հոգիին քրիստոնէութիւնը կը նուիրէ անոր իբրեւ նախընծայ։ «Առիւծբերան»ը շատ կը խօսի ինծի, հակադարձաբար «Լադենի»ին, համր ու համակրելի անծանօթ, որ ոչինչ ունի ըսելիք, եթէ ոչ իր սիրելութիւնը։ Որքա՜ն կ’ուզէի խմել հիմակ արեւակէզ «թաւշածաղիկ»ին բարկ բոյրը , ու զոյգ ձեռքերուս մէջ բռնել , մոմծաղիկեներ բոլոր ժամուոր բլուրներուն ու դաշտերուն հետ՝ ա՛յն պատարագին մէջ, որ արեւներով կենսաւէտ տիեզերքին շարժումն ու ուժը կը կազմէ։
       * «Քափուր»ը այդ անծանօթ մանուկը՝ զոր կը գրկես վեր կ’առնես աչքերս համբուրել տալու համար , պիտի դարձնէ քեզի այն համբոյրները՝ զոր շրթունքներս կը յօրինեն ճերմակ ճակատիդ համար, դեղին ու ճերմակ ու կարմիր վարդերով երջանկացա՜ծ ճակատիդ։
       Շաւասպ