Պատմութիւն հրակիզման Կոստանդնուպոլսոյ (1660 տարւոյ)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ներկայ յաւելուածին մէջ, 1660 տարւոյ հրդեհին մասին պիտի տանք եօթը Հայկական աղբիւրներ, որոնցմէ երեքը մի քիչ երկար, իսկ մնացեալ չորսը համառօտ են։Գրեթէ բոլորն ալ նոր տեղեկութիւններ պարունակելնուն պատճառաւ, պատմական կարեւորութիւն ունի։ Ասոնցմէ իւրաքանչիւրը զատզատ կը ներկայացնենք սկիզբը կցելով համառօտ բացատրական մը։ Յաջորդի պիտի ծանօթացնենք նաեւ՝Երեմիա Չէլէպիի անծանօթ կամ քիչ ծանօթ տաղերը։

1. 1661 ԹՈՒԱԿԻՐ «ՄԱՇՏՈՑ»Ի ՅԻՇԱՏԱԿԱՐԱՆԸ

Սոյն առաջին աղբիւրը Երեմիա Չէլէպիին գրչին պատկանելուն պատճառաւ, յարմար դատեցինք անով սկսիլ։ Ինք եւ հայրը՝ Տէր Մարտիրոս Քհնյ. Քէօմիւրճեան՝ 1661 տարւոյ Համբարձման տօնին օրըկ՚այցելեն, Արմաշու մօտ գտնուող Ղըչլայ գիւղի նորաշէն Ս. Գէորգ Եկեղեցին եւ միասին կը բերեն՝Խասկալցի Ղումրի անուն անձի մը կողմէ նուիրւած ձեռագիր « Մաշտոց եը։ Երեիմա Չէլէպի վերջաւորութեան գրի կ՚առնէ Յիշատակարան մը, որ շահեկան տեղեկութիւններ կը պարունակէ նաեւ 1660տարւոյ հրդեհի մասին։ Բնագիրը՝ ոչ ամբողջական կերպով նախ լոյս տեսած է, Յովհաննէս Տէրոյենցի (1801-1888) « Հայաստան » շաբաթաթերթին 3 Յունվար 1848 թուականը եւ 27. 80 համարը կրող թուին մէջ։

Երկրորդ անգամ հրատարակուած է՝ նոյնպէս Տէրոյենցի «Երեւակ»ին 1 Մարտ 1859 թուականը եւ 53համարը կրող թուին մէջ (էջ՝ 138-142)։ Սոյն բնագիրը՝թէեւ բազմաթիւ փոփոխութիւններ եւ անճշդութիւններկը պարունակէ, սակայն ամբողջական է։

Երրորդ անգամ ամբողջութեամբ հրատարակուած է Տօքթ. Վահրամ Թորգոմեանի (1858-1942) կողմէ « ԵրեմիաՉէլէպիի Ստամպօլոյ Պատմութիւն » գործին առաջին հատորին մէջ (էջ՝ 157-160)։ Ընդօրինակութիւնը կատարած է հոգելոյս Մեսրոպ Ծ. Վրդ. Նարոյեան (ապա ՊատրիարքՊօլսոյ) (1875-1944)։ Թորգոմեան տուած է նաեւՅիշատակարանին վերջին էջին լուսապատճէնը, որ ներկայ պատմութեան գրչութեան հետ նոյնն է։

Չորրորդ անգամ համառօտ կերպով լոյս տեսած է Տօքթ. Յակոբ Թօփճեանի (1876-1951) Արմաշու Ձեռագրաց ցուցակին մէջ (էջ՝ 391)։

Իսկ հինգերորդ անգամ ալ, շատ համառօտ կերպով հրատարակուած է Վազգէն Յակոբեանի (1913-1984?) « ՀայերէնՁեռագրերի ԺԷ. Դարի Յիշատակարաններ » աշխատութեան երրորդ հատորին մէջ (էջ՝ 963)։

Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ բնագիրները իրարուհետ բաղդատելով տեսանք թէ՝ լաւագոյնը Տօքթ. Վ. Թորգոմեանի հրատարակածն է, թէեւ հոն ալ մի քանիսխալներու հանդիպեցանք։ Հետեւաբար սոյն պատճէնը հիմ ունելով, ամբողջական բնագիրը ստորեւ կըներկայացնենք։

«Արդ օրհնեալ է Հայր գովեալ եւ Որդին եւբարեբանեալ ամենասուրբ Հոգին Աստուած ճշմարիտյաւէտ բաղձանաւք, ամէն։ Որ ետ կարողութիւն յայսմժամու արժանացուցեալ զմեզ փառաւորել զանհաս եւզանպատում զմեծ անուն իւր սուրբ եւ զգործս բազումմարդասիրութեան նորա որ ի դարս դարս գոլովարձանացուցին մեզ Հոգելից հարքն Սուրբ զանճառ եւզբազմազեղ ներողութիւն առ ազգս մարդկան, եւզմարդկանց եւս հաճոյ լինելութիւն առ արարիչն. զոմանց բարեաց վկայելով զի նմանեսցուք նոցա եւ ինոյն պողոտայ ընթասցուք. եւ զայլոց զչար ասացին զիմի լիցուք նման նոցա։ Որպէս եւ ի բազում բարեացնիազ բարիքս եւ որք չուառք ի բարեաց ի նախնականերկրէ ազգս մերային, որ եկեալ բնակեալ ի գաւառսՆիկոմիդաց(ւ)ոց ի սահմանս Արմաշ կոչեցեալ վանիցնՍուրբ Աստուածածնի ի գիւղս որ Ղըշլայ յորջորջի, չեւ եւս էին շինեալ յարկս աղօթից եւ ժամատունս։

Իսկ յետին ժամանակիս յետ բազում տար(ւ)ոյ, որ էրթուականն ՌՃԹ (1660) ի Հայրապետութեան տեառն Յակոբայոր ի Սուրբ Էջմիածին. եւ յառաջնորդութեան Ս. Երուսաղէմի տեառն Աստուածատրոյ վարդապետի. եւ իպատրիարքութեան տեառն Մարտիրոսի նորին աշակերտի. յորում ամի եղեւ հրակիզութիւն մեծ ի քաղաքնՍտամպօլ առ ի յեզրէ ծովուն Պոնտոսի ի Հիւսիսոյկուսէ որոյ անուն տեղ(ւ)ոյն Այասմաղափի յորջորջի. եւ հասեալ յարձակեալ անհուն մասամբ յարեւելից եւյարեւմտից ծովէ ի ծով տոչորէր եւ աւերս առնէրանպատմելի պատժիւ մինչ զի զաւուրն կատարածի ունէրզօրինակ, սարսափելի (1) եւ ահագին տեսողաց. եւ ո՞վկարիցէ ի գիր առնել զաղէտն սարսափելի որ եղեւյաւուրն այնմիկ կորուստ տանց եւ ապարանից եւամենայն շինուց. եւ չքաւորեցան համայն ազինք եւմիանգամայն բնակիչք, բազում արանց համասեռից իհուր կիզելոց։ Այլ եւ տապալումն Եկեղեցեաց եւ իհիմանց կործանումն բազում եւ աղէտ ի դէպ մարթանայզոր լռութեամբ զհամառօտն եւեթ գիտասցուք. եւ այժմկան հերարձակ եւ ծոցաբաց յարկք պատարագաց եւքաւարանք Սուրբք ի վերնոյն դիտելով զայցումն. եւեն քահանայք եւ պաշտօնեայք յանկիւնս աւերելոցն եւի հրապարակս դեգերեալք իբր ի մօրէ որբացեալք եւշը(ը)չին (այսպէս) կարօտեալք. եւ դեռ եւս մինչեւցարդ ոչ եղեւ հնար շինութեան վասն ամենայն մեղացմերոց. իսկ ի բարերարութենէ բարձրելոյն Աստուծոյ, սոցա պարգեւեցաւ ի բարի խորհուրդս հայ(ց)ելովկատարեցաւ իղձ (2) սոցունց ըստ երգոյն թէ Ամուլնծնաւ եօթն. զորոց զբարեբուղխ խորհուրդ սրտի կամացսոցա նոյն տուիչն բարեաց վտակօրէնս առատացուսցէ. եւ մի՛ արգելցէ ի գնացմանէ զարդարել զանդաստանառաքինութեան, ակն ունել հանդերձեալ յուսոյն իհաղորդակցութիւն սրբոց։

Եւ յորժամ շինեցին զեկեղեցին զբնակարան փառացնԱստուծոյ յանուն սրբոյն Գէորքեայ (այսպէս) միաբանութեամբ հանդերձ, եւ իւրաքանչիւր իւր կարիօժիտս պարգեւեցին եկեղեցւոյն, յորոց եւ մինն ինոցանէ Խասկալցի Ղումրին փափաքեցաւ եւ էառ զմեծ եւզհարուստ Մաշթոցս, որպէս եւ լի տեսանէք ամենայնզարդիւք գրեալ ի սմա անթերի, զոր ինչ պիտոյն էքրիստոնէութեան հաւատոյս մերում. եւ եդ յիշատակաստ ի պատիւ նորընծայ եկեղեց(ւ)ոյս եւ իւրննջեցելոցն. ծնողացն Մուրատին եւ Ճօհարին. պապոյնՄարգարին եւ մամոյն Նօնօֆարին. հօրեղբարցնՎախասին եւ Խազալին (3). եղբարցն Արզիմանին, Լադիֆին եւ Մարգարին. քվերն Թուրլուին եւ ամենայննախնեաց եւ զարմից նոցին, ամէն։

Եւ դուք հանդիպողքդ եւ վայելողքդ այսմ սուրբգանձինս ազգաց յազգս եւ յորդիս յորդ(ւ)ոց վառպահեսջիք զգիրքս խնամ տանելով. իսկ ո՛վ ոքյանդգնեալ ի գրաւ դնէ եւ կամ հանէ յԵկեղեց(ւ)ոյսկամ ի ծախ ինչ, ինքեանք դատապարտելոց են ի ՔրիստոսէԱստուծոյ մերմէ, այլ խնամ առնողք (4) ամենայն (5)օրհնին եւ վարձատրին ըստ վաստակաց իւրոց։

Այլ եւ յիշեսջիք ի Քրիստոս Աստուած եւ Աստուածողորմի ասասջիք վերոյգրեալ յիշատակագրի առնՂումրւոյ եւ ամենայն հանգուցելոցն (6) նաեւ ընդսոցունց եւ մեզ մասն լիցի որ դուզնաքեայ բանիւզյիշատակարանս արարաք առ ի խրախճութիւն (7)Մանկանց Սիոնի, եւ ի յիշումն ապագայիցն եկելոցզննողաց զեղանակիս գիտութիւն. եւ ի փառսամենակալին Աստուծոյ եւ ամենառատին բարեաց որկարող է ի քարանց ծնաներ (8) որդիս Աբրահամու եւյապառաժէ զջուր (9). որում փառք եւ երկիրպագութիւն(10) յաւիտեանս յաւիտենից ամէն։

Դարձեալ եւ զոր ասացաք ունել մասն ըստ սոցունցփափաքմամբ հրաւիրեմ բնածին գութ բարեսէր կամացընթերցողացդ որ լի էք շնորհօք Հոգւոյն Սրբոյ, չէ իդէպ վերստին, գրել բայց ի բաղձանաց հարկեալ մղեցայեւ ի յոյժ տենչմանէ զի զոր զայս տեսէքդ տեսէք եւզամենայն կահս եկեղեց(ւ)ոյս. զի ի միում կէտիկերտեցան ամենայն։

Եւ ես չնչինս ամենայնի եւ տրուպս Երեմիաս հանդերձհարազատաւ իմով Մարտիրոս երիցաւ ՌՃԺ (1661) յաւուրնհամբարձման Տեառն եկաք ի նաւակատիս եկեղեց(ւ)ոյսեւ ի պատճառս ուխտի Սուրբ վանիցն ՏիրամօրնԱստուածածնի եւ զթերին լցաք որպէս եւ ի կոնտակսնբացայայտեցաք եւ զայս եւս բերաք յԻստամպօլու եւեկեղեց(ւ)ոյս շնորհաւոր տեսաք որպէս եւ զյիշատակնի զկզբանց պատմէ համայն հաւատացելովք հանդերձ։ ՏէրՔրիստոս ողորմեսցի ըստ մեծի ողորմութեան իւրում. ամէն. եւ զհամայն ժողովուրդ փոքր գիւղիս օրհնելովօրհնեսցէ մինչեւ ի գալուստ իւր սուրբ քահանայիւքեւ պաշտօնէիւք սուրբ քաւարանիս. եւ անսայթաքպահեսցէ յանուն իւր Սուրբ ի կամս եւ ի հաճոյս իւր. եւ յետ աստի ելանելոյ ամէնօրհնեալ Սուրբ տեսոյնարժանացուսցէ հանդերձ ամենայն հանգուցելովք (11) իՔրիստոս Աստուած, ամէն, ամէնե։

2. ՍՏԵՓԱՆՆՈՍ ՎՐԴ. ՄԵՂՐԵՑԻԻՆԿԱՐԱԳՐԱԿԱՆԸ

Ստեփաննոս Վրդ. Մեղրեցի (? - 1674), որ 1670-1674 թուականներու միջեւ Պօլսոյ պատրիարք եղած է, 1660տարւոյ հրդեհի միջոցին, երբ Ս. Էջմիածնի նուիրակէր, պատահմամբ քաղաքիս մէջ գտնուած է՝ եւ աննախընթաց աղէտին ականատես ըլլալով, նկարագրականը Պօլսէն Ս. Էջմիածնի միաբաններուն ուղարկած է։ Բնագիրը՝ անոնցմէ մին եղող ԱռաքելՎրդ. Դաւրիժեցի (1590?-1670) ձեռքը անցնելով, զայն զետեղած է իր պատմութեան մէջ (Ամսդերտամ, 1669, էջ՝536-540)։

Թէեւ Առաքել Դաւրիժեցիի պատմութիւնը ՎարագԱռաքելեանի թարգմանութեամբ 1988-ին Երեւանի մէջ լոյստեսած է, սակայն նախընտրեցինք գրաբառ բնագիրը ներկայացնել, նկատի առնելով թէ՝ խրթին գրական լեզուով մը շարադրուած է եւ թարգմանութեանց մէջ միշտ իմաստի փոփոխութիւներ եւ անճշդութիւններ կրնան պատահիլ։ Այսպէս՝ ընթերցողներ, Ստեփաննոս Վրդ. Մեղրեցիի գրական կարողութեան մասին ալ գաղափար մը կազմելու կարելիութիւնը պիտի ունենան։

Կ՚արժէ նշել թէ՝ ապագայ պատրիարքը զոհերուն թիւը երեք հազար ըլլալով ներկայացուցած՝ իսկ հրդեհին տեւողութիւնն ալ վաթսունեւերեք ժամ ըլլալով արձանագրած է։

Սոյն վաւերագիրը, 1957-ին թուրքերէնի վերածելով՝զայն հրատարականծ ենք « Թիւրքիյէ Թուրինկ վէՕթօմօպիլ Գուրումու Պէլլէթէնի » անուն տեղեկագրին, նոյն տարւոյ Նոյեմբերի թուին մէջ (էջ՝11-13)։

Դաւրիժեցիի վերոյիշեալ առաջին հրատարակութենէն օգտուելով, պատճէնը ստորեւ կը ներկայացնենք նոյնութեամբ, միմիայն համառօտագրութիւնները վերցնելով։

Յաղագս մասնականի հրկիզութեան՝ որ եղեւ ՚իԿոստանդնուպօլիս մեծի քաղաքին։

Ծ.

Այսմ հրկիզութեան ոչ էաք մեք ականատեսք՝ քանզիմեք ՚ի սուրբ աթոռն Էջմիածին էաք յայնս աւուրսն։Այլ յեղբարց մերոց վարդապետաց պատահեցաւ ոմն անդ՚ի Կոստանդնուպօլիս՝ որոյ անունն յորջորջիւրՍտեփաննոս վարդապետ տեղեաւ գոլով ՚ի գեղջէնՄեղրոյ։ Որ իւրոց կենցաղավարութեանց զիրակութիւնգրեաց առ եղբարս՝ որք էին յԷջմիածին՝ յորումքարտիսի եւ զԿոստանդնուպօլսի մեծի քաղաքիզհրկիզութիւնն էր գրեալ՝ որում ինքն անդէն էր լեալականատես։ Զորոյ զքարտէսն առեալ զնոյն գրեալննովին շարադրութեամբ արդէն աստ գծագրեցի, այսցպատճառաց վասն։ Նախ զի զառձեռն պատրաստ գրեալն ոչ՚ի դէպ համարեցայ երկրորդել։ Եւ երկրորդ, վասնիմոյս բազմակի աշխատանացս՝ որով ձանձրացեալ եմ. զիարդէն ՚ի մետասան ամն մտի որ աշխատիմ ՚ի վերայ այսմպատմագրիս, վասն զի ՚ի հարիւր թուին (1651) սկիզբնարարի գրել, եւ արդ ՚ի հարիւր եւ ի տասնեւմէկ թիւն(1662) մտի, եւ տակաւին աշխատիմ ՚ի վերայ սորա։ Եւերրորդ զի ծերացեալ եմ եւ կարի պակասեալ ՚իզօրութեանց, եւ մահն եկեալ հանապազօր յանդիմանիմոցս աչաց կանգնեալ է, եւ գիտեմ թէ ես մեռանիմ եւայս գիրքս մնայ կիսակատար, կրեալ աշխատանքն իմամենեքեան ընդ վայր կորնչին, զի ոչ ումեք փոյթ էմտանել յաշխատութիւն եւ ՚ի զրաւ հանեալ կատարել. վասնորոյ փութամ, ճեպիմ, զի թերեւս հանից յաւարտ՝զի մի անկատար մնասցէ, եւ աշխատանքն իմ կորիցէ։ Եւգրեցեալն Ստեփաննոսի վարդապետին՝ զոր ՚իԿոստանդնուպօլսէ առաքեալ էր՝ այս է։

Բայց սակայն յաղագս Բիւզանդիոյ իրագործութեանցեւ վշտաբերականաց եղելութեանց՝ անբերելեացտառապանաց՝ եւ վսերականաց դիպւածոց ո՞վ կարէարտայայտել վիպասանութեամբ ՚ի ձեռն ներտառականիքարտիսի ըստ նունոյ տեսակի. վասնզի աստուածասաստէր այն բարկութիւն. եւ ստգտանք մեղանաց ամենիցանձանց ներհակաց շարժութեանց։ Վասնորոյ ըստնախախնամութեան Էին հասարակական զվճիռ առ միենթակային՝ իբր առ ՚ի զգաստութիւն բոլորին. ապա թէւչ զընդհանրականացն շահեսցին պատիժ յերկուսկեանս՝ ըստ Տէրունականի հրամանի եւ պայմանի՝ ըստաւուրց Նոյին գոլ. եւ ըստ ապագային առվախճանականաւ յաւիտենին։ Ուստի իրք զարհուրականք՝եւ տեսութիւնք երկիւղալիրք՝ ձայնք սաստկաբեղունքեւ ճայթմունք յոգնորակք. աղաղակք բազմազանք՝ եւտարակոյսք անսպառականք։ Այսպէս եւ ըստ այսմեղանակի արդիս նշանագործեցաւ. որոյ վասն տկարանամառ այս վիպասանութիւն։ Քանզի յամսեանն յուլիսի ՚իքսաներորդի եւ նախկնորդի ըստ հռօմայականիտումարի։ Եւ ՚ի թուականութեանս արամազեան վիճակիհազարերորդի եւ հարիւրերորդի եւ յիններորդի (1660)կալուածի. յաւուր շաբաթու յիններորդում պահուպատահի իրս չարաբաստութեան. եւ գործ կսկծալիրայսմիկ քաղաքի մեծի։ Զի ՚ի հիւսիսականէ կողմանէքաղաքին մերձ առ ծովու նորին լինի հրաձգութեանդիպուած յոյժ յոյժ անընդհատիւ երեւակայութեամբըստ վախճանի նշանի։ Քանզի սկսեալ ՚ի նորակերտէպալատէն (Թօփգաբուի, Գ. Բ. ) արքայիզառիվեր՝ եւ լայնատարածիւ եւ բազմաւ միջոցաւ եւսահմանաւ առնու զբորբոքումն վառմանհրայրեցութեան, մինչ ՚ի կամարն ջրաբերական (ՊօզտօղանՔէմէրի, Գ. Բ. ) ։ Եւ անտի ապա դարձեալ լայանայեւ երկայնանայ զառիվայր մինչ ՚ի նոյն տեղին ուստիսկսաւն. սաստկի վօռէասականի հողմոյննպաստութեամբ։

Եւ այսպէս յառաջս երկուս բաժանեալ ճարակմամբ եւսպառմամբ հասանէր մինչեւ ՚ի գագաթ բլրին. ուրանօրժողովարանք մեծամեծք այլազգեաց կառուցեալքերեւէին. առ արտաքին տեսութիւնս պատշաճագործեալքարժանի հիացման ըստ նունոյ դիտաւորութեան։ Եւանտուստ հապա իսկոյն եւ կանխագոյն յառաջս երիսբաժանիւր՝ եւ ըստ իւրաքանչիւրից ծայրից բաժանելոցփութացեալք լինէին առաջի եդեալս ինքեանց յիրինկատարակործանութիւն՝ ըստ ստիպման եւ բաղխմանյաջողակի հողմոյն. իբր պայմանաւ սահմանաւ եւտարազու իմն՝ ըստ բանականացն որակութեան։ Քանզի եւորպէս գրեցաւն ճախրառեալ երկուց եզերաց հանդերձ առմիջոցաւն. համանգամայն ՚ի մի վայր կողոպտէինլրապէս տապալմամբ եւ ապականութեամբ ամենիցշինուածոց զկառուցմունս. այսինքն բարձրաբերձիցաշտարակաց եւ ոսկեզօծից պալատաց. գեղեցկադրիցսարաւանդակաց՝ եւ յոքնածախակերտից ապարանից եւտանց։ Եւ զի երկուց ծայրից որպէս ասացաւն. միոյնիջանելով ՚ի գագաթէ անտի առ արեւելս կոյս. պարառեալ ընդ ծովեզերօքն, եւ անցանելով ընդ դրունսմաքսապետականին. եւ աւազակոչականին (Գումգաբու, Գ. Բ. ) վախճան առեալ առ տունն վանից (Պատրիարքարանը, Գ. Բ) ։ Իսկ ծայրն երկրորդի առ արեւմուտսճեմեալ սաստիկ ըստ իւրոյն զօրութեան. սառաչմամբ եւպարփակմամբ ըստ նունոյ եղանակի դիմեալ առաշտարակօքն եօթնակերտեան (Ետիգուլէ, Գ. Բ. ) եւ դոյզն ինչ բացակայութեամբ միջոցին. առ ծովուստորակայեալ եւ անցեալ ընդ դուռն նորակոչիկ (Ենիգաբու, Գ. Բ. ) հանդերձ միջոցականաւ եզերբն զետեղանանառ ծայրն առաջին։ Այսպէս եւ ըստ այսմ օրինակի վեցիցտասանց եւ երից ժամուց յամենից զարդուց իւրոցունայնացեալ գտաւ մայրաքաղաքն երեւելի, ըստհողմոց այլայլականաց պատահմանց. վօռէասականաց եւնօտոսաց, փոթորկաց եւ այլոց բազմաց։ Մինչ զիզքարինս այրեալ բնաւին յաճիւն կացոյց։

Եւ արդ՝ անդ էր տեսանել զտագնապ հասարակաց՝ զվիշտբոլորից՝ եւ զկականումն ընդհանրից։ Անդ էր տեսանելզբաղխումն կրծից՝ զաղաղակ բարբառից՝ եւ զարտօսրաչաց։ Անդ էր տեսանել զգալարումն աղեաց՝ զմորմոքսրտից՝ եւ զճիչ ձայնից։ Անդ էր տեսանելզանուրաձեւութիւն անձանց՝ զբեկումն միջաց՝ եւզթափումն մտաց։ Զի հուրն ստիպէր, յաւէտ բորբոքէր՝եւ զարհուրեցուցանէր։ Ապարանք փլանէին, որոտմունքլինէին եւ ցոլմունք երեւէին։ Ուստի փարթամքտարակուսէին, ռամիկք յուսահատէին եւ աղքատքվարանէին։ Վիրաւորք գոչէին՝ ծնօղք սգային՝ եւորդիք դառնապէս լային։ Վասնզի բարձան յոյս նոցա՝վերացաւ օգնութիւն յինքեանց՝ եւ մերկացան յամենիցընչից իւրեանց։ Տի՛ միանգամայն մեկուսացան ՚իմիմեանց՝ հեռացան եւ անյայտ եղեն։ Զի քայքայեցան՝փեռեկտեցան՝ եւ բաժանեցան հարք յորդւոց՝ եւ որդիք՚ի հարց՝ մարք ՚ի դստերաց՝ եւ դստերք ՚ի մաց. բարեկամք ՚ի բարեկամաց՝ եւ սիրելիք ՚ի սիրելեացիւրոց. անգիւտ լեալ տակաւին ՚ի միմեանց ըստՏէրունականի հրամանին։ Նաեւ ճանաչել ոչ կարէինզմեռեալս իւրեանց ՚ի թաղումն դիականց։ Զի ըստ երիցհազարաց ասացին գոլ արանց մեռելոց՝ ըստ յայտնիտեսութեանց՝ ըստ զննողաց հոգաբարձութեանցկարգեցելոց։

Ուստի տրտմութիւնք՝ ուստի հեծութիւնք՝ ուստիխռովութիւնք առաւելապէս ներտարածեցաւյընդանուրս, ըստ գրոյն թէ տարեկանք ձեր ՚ի սուգդարձցին։ Ահա կատարեցաւ այս ամենայն վասն մեղացմերոց. ի խրատ եւ ՚ի զգուշութիւն անձանց հակակայիցծայրից։ Եւ արդ սիրելի ոչ անկ հաւատացելոց՝ ՚իկորուստ եւ ՚ի կործանումն վարկանիմ արկանել ընդոտիւք զայսպիսի իրագործութիւն. այլ մանաւանդարժանի առնել պատմութեան. ապա թէ ոչ դուք ողջլերուք ՚ի Տէրն ամենի, ամէն։

Վերջաւորութեան նշենք նաեւ սա պարագան թէ՝Ստեփաննոս Վրդ., հրդեհի սկզբնական թուականը ՆորՏոմարաւ 21 Յուլիս ըլլալով արձանագրած է, ինչ որեօթը օրուան տտարբերութիւն կը ներկայացնէ, ԵրեիմաՉէլէպիի Հին Տոմարով նշանակած 14 Յուլիս թուականինհետ։ Մինչդեռ ԺԷ. դարուն հին եւ նոր տոմարներուտարբերութիւնը տասը օր էր։

3. «ՄԱՆՐ ԺԱՄԱՆԱԿԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐե ՀԱՏՈՐԻՆԲՆԱԳԻՐԸ

1956-ին Երեւանի մէջ լոյս տեսած՝ Վազգէն Յակոբեանի (1913-1984?) « Մանր ժամանակագրութիւններ, ԺԳ. -ԺԸ. դար եպատմական կարեւոր աշխատասիրութեան երկրորդ հատորին մէջ համառօտ տեղեկութիւն մը կայ։ (էջ՝272-273)։ Այս աղբիւրն ալ, հրդեհին ժամը նոյնպէս 9-ին սկսած ըլլալը արձանագրած է։ Սոյն ժամը՝ ներկայ ժամով մօտաւորապէս գիշերուան չորսին կը համապատասխանէ։ Կարեւոր է նաեւ՝ հրկիզութեան Երկուշաբթի օր ճաշի ատեն, այսինքն կէսօրին, վերջ գտած՝ եւ 15 Յուլիսին պատահած ըլլալը նշելունպատճառաւ։ Բնագիրը հետեւեալն է։

«Թվին ՌՃԹ (1660) յուլիսի ԺԵ( 15), օրն շաբաթ, Թ(9)սահաթին բռնկեցաւ Այազմախափուն. այրեցաւ մինչեւԵրկուշաբթի ճաշք. Ըստմբօլ բովանդակ չարսու եւզանչարսուն, Զնդանին դուռն, ՍուլթանՍուլէյմանաւն, Սառաճխանան, Վլանկա, պիթունչաքմինչեւ յԵթ(ե) էմէզ-թէք(ք)էն, Աթ-պազարն, Ախ-սարան, մինչեւ ՚ի Տաւութ փաշան. այս ամենայնպատուհասս, որ գիր արկելու չէ, եկն ՚ի վերայԸստամբօլսոյ, վասն ծովացեալ մեղաց մերոց. անհամարմարդ այրեցաւ եւ բազում եկեղեցիք Հայոց եւ Հռոմոցեւ բազում անհամար մզկիթ այրեցան, որ այլ այսպէսհուր այրաց ոչ էր եղեալ... ։

4. ՄԱՂԱՔԻԱ ՉԷԼԷՊԻ ՃԷՎԱՀԻՐՃԵԱՆԻ ՀԱՄԱՁԱՅՆ

Մաղաքիա Չէլէպի Ճէվահիրճեան (1665-1733-էն ետք), ԺԸ. դարու Պօլսահայ քաջածանօթ գրական դէմքերէն մին է։Իր թողած գլխաւոր անտիպ գործն է « Տարեգրութիւն եը, որ կ՚ընդգրկէ Փրկչական 552-1697 թուականները։ Բնագիրըկը գտնուի Վենետիկի Մխիթարեանց Մատենադարանը եւ կը կրէ 1645 թիւը։ Մի քանի տարի առաջ, Հ. Սահակ Վրդ. Ճեմճեմեան՝ որ արդի Մխիթարեան հայրերու ամենէնարդիւնաւոր դէմքերէն մին է, բարեհաճած էր մեզ ղրկել անոր լուսապատճէնը։ Հետեւաբար՝ 1660-ի հրդեհի մասին Ճէվահիրճեանի տուած տեղեկութիւնները, իր շնորհիւն է որ հոս ներկայացնելու կարելիութիւնը ունինք։

Կ՚արժէ նշել թէ՝ Ճէվահիրճեան ալ իր կարգին, հրդեհին 17 Յուլիսին սկսած ըլլալը յայտնելով, տարբեր թուական մը արձանագրած է։ Զոհերուն թուին ալ երեք հարիւր ըլլալը նշած է, ինչ որ ՍտեփաննոսՎրդ. ի տուած քանակին մէկ տասներորդն է։ Նոյնպէս՝ հրդեհին տեւողութիւնն ալ իր մօտ 66 ժամ նշանակուած ըլլալով, Մեղրեցիէն կը տարբերի։ Ճէվահիրճեան հետեւեալ տեղեկութիւնները կու տայ։

«ՌՃԹ (1660) - Ղալաթայ՝ եւ ՚ի բազում տեղիսհրկիզութիւն լինիւր։ Յուլիսի ԺԷ (17) իԿոստանդնուպօլիս մեծ հրկիզութիւն եղեւ(լուսանցքին մէջ՝ «յաւուր շաբաթուե)։ Բ. (2)եկեղեցի Հայոց. Է. (7) Յունաց. եւ բազումք ճամիք եւմզկիթք Տաճկաց այրեցան. եւ գճ(300) մարդ ընդ Տաճիկքեւ ընդ Քրիստոնեայս (լուսանցքին մէջ՝ «եւ այլաւելի յայտնիսե։ Զոր եւ կոչեցաւ հրկիզութիւնս այսՊէօյիւք եանկ(ը)ն (լուսանցքին մէջ՝ «մեծ եանդըն եւ66 ժամս տեւեաց հրկիզութիւնս այսե)։

5. ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ԹԱԳԱՒՈՐԱՑ ՕՍՄԱՆՑՈՑ ՁԵՌԱԳՐԻՆՀԱՄԵՄԱՏ

Մեր տրամադրութեան տակ եղող՝ եւ վերջաւորութեան14 Նոյ. 1783 թուականը կրող՝ անանուն հեղինակի մըՕսմանեան պատմութեան մէջ ալ համառօտ տեղեկութիւններ տրուած են 1660-ի հրդեհին մասին (էջ՝128-129)։ Սոյն աղբիւրին մէջ, աղէտի ընթացքին քաղաքինհինգ մասէն երկուքին՝ եւ երեսուն հազար տուներու այրած ըլլալը յիշուած է։ Կ՚արժէ նշել թէ՝ այրած անձերու թիւը, այստեղ ալ երեք հարիւր ըլլալով արձանագրուած է։ Բնագիրը ստորեւ կը ներկայացնենք։

«Յայս միջոց երկու ամաց եղեւ նախ հրդեհ մեծ ՚իԽալաթիայ. եւ այրեաց զբոլոր Խալաթիոյ եւ զՓէրշէմպէՓազարն։ Եւ յետ քանի մը ամսոց սորայ 1070 սէնէին. եւ՚ի թվին հայոց ՌՃԹ (1660). յամսեան յուլիսի եղեւհրդեհ յոյժ մեծ ՚ի Ստամպօլ. որով այրեցաւ երկումասն ՚ի հնգից մասանցն Ստամպօլու եւ այն փառայեղ եւշէն տեղիք նորա։ Սկսաւ հրդեհն ՚ի Հոճայ Փաշայէն ՚իմօտոյ արքունի պալատին. եւ լայնացեալ ընթացաւ առզառ ՚ի վայրիւ լերինն սկսեալ ՚ի գագաթանէն մինչեւ՚ի ծովեզրն. եւ այնու լայնութեամբ գնաց մինչեւ ՚իՊօզտուղան քէմէրն այրելով զբիւրաւոր տունս։ Իսկմէկ ծայրն սոյն հրդեհիս ՚ի Վլանկայ. եւ այրեաց զմեծմասն Վլանկայու։ Եւ յայսմ հրդեհի այրեցան տունքիբրեւ երեսուն հազարք։ Այլեւ յայսոսիկ երկոսինհրդեհս եղեալս ՚ի Խալաթիայ եւ ՚ի Ստամպօլ այրեցանինն եկեղեցիք քրիստոնէից։ Այրեցան նաեւ երեքհարիւր անձինք ՚ի նոյն հրդեհսնե։

6. ԸՍՏ` ՄԻՔԱՅԷԼ ՎՐԴ. ՉԱՄՉԵԱՆԻ

Հ. Միքայէլ Վրդ. Չամչեան (1738-1823), իր « Հայոց Պատմութիւն ե անուն ստուար աշխատութեան երրորդ հատորին մէջ, սոյն հրդեհի մասին ալ համառօտ տեղեկութիւններ տուած է (Վենետիկ, 1786, էջ՝ 691)։Նորութիւն ըլլալով՝ Չամչեան այրած անձերուն թիւը հինգ հազարի բարձրացուցած է։ Բնագիրը հետեւեալն է.

«Այլ ՚ի նմին ամի՝ յորում այս իրք գործեցան՝ միքանի մի ամսօք յառաջ անկաւ հրդեհ մեծ ՚ի Ղալաթիա՝յապրիլի 7. եւ այրեաց զբոլոր քաղաքն՝ որ ՚ի բերդի. եւ արտաքոյ պարսպին եւս զբազում տեղիս։

Եւ դարձեալ յետ երից ամսոց ՚ի յուլիսի 14. յաւուրշաբաթու՝ եղեւ ՚ի Կոստանդնուպօլիս զարհուրագինհրդեհ. որով եւ աւերեցաւ երկու մասն քաղաքին ՚իհնգից մասանց նորին. եւ այրեցան երեսուն հազարտունք. եւ իբր հինգ հազար անձինք. զորս ոմանք երեքհազար ասեն։ Այրեցան եօթն եկեղեցիք յունաց. այրեցաւ եւ եկեղեցի մի հայոց, այն է ՍուրբՆիկողայոս ՚ի Վլանկա. նոյնպէս այրեցաւ եւ մնացուածեկեղեցւոյ Սրբոյն Սարգսի. եւ հազիւ իմն զերծաւեկեղեցի Աստուածածնին։ Զայսմանէ գրէ եւ Ստեփաննոսվարդապետ մեղրցի ՚ի թուղթն իւր առ միաբանսԷջմիածնի. որպէս է տեսանել ՚ի գիրս Առաքելի. գլ. Ծ. երես 536։

Երկար գրէ զսոյն եւ Երեմիա Չէլէպի ՔէօմիւրճեանցԿոստանդինուպօլսեցի. եւ այլք ոմանքե։

7. ԸՍՏ ԳԱԲՐԻԷԼ ԱՐՔ. ԱՅՎԱԶՈՎՍԿԻԻ

Գաբրիէլ Արք. Այվազովսկի (1812-1880), իր ընդարձակ « Պատմութիւն Օսմանեան Պետութեան » աշխատութեան մէջ (Վենետիկ, 1841, հտ. Բ., էջ՝ 37), նոյնպէս համառօտ կերպով անդրադարձած է սոյն հրդեհին։ Իր տուած տեղեկութիւններուն միջեւ աչքառու են այրած շէնքերուն եւ անձերուն քանակները, որոնք նախորդ աղբիւրներուն համեմատ չափազանցւած են։ Իր ծանօթութիւնները ստորեւ կը ներկայացնենք։

«Այլ նուազեաց խնդութիւն թագաւորին ընդշինութիւնսն ՚ի հրդեհիլ մեծի եւ գեղեցիկ մասինԿոստանդնուպօլսոյ. զի բորբոքեալ ամենածախ հրոյնյԱյազմա գաբու, լիզաջինջ արար շուրջանակի եւ ընդերկայն զաւուրս երիս. եւ անցեալ ընդ մէջ մեծիձիարձակարանին եւ ձմերոցին ենիչերեաց. եհասմինչեւ ՚ի Գումգաբու եւ ՚ի Սամաթիա եւ ՚ի նաւակայանՏաւուտ փաշայի։ Այրեցան տունք երկերիւր եւ ութսունհազար, ապարանք երեք(հ)արիւր, իջեւանք հարիւր, եւմզկիթք բազումք, եւ մեռան ՚ի հրայրեացն ոգիքքառասուն հազարե։

8. ԱՇՈՒՂ ԱԶՆԱՒՈՒՐՕՂԼԻԻ ԹՈՒՐՔԵՐԷՆ ՏԱՂԸ

Աշուղ Ազնաւուրօղլի ԺԷ. դարու թրքաբարբառ Հայ ժողովրդական բանաստեղծ մըն է, որ եթէ չենք սխալիր, ծանօթ է միմիայն 1660-ի հրդեհի մասին գրի առած՝ եւ երկու մասէ ու 14 քառեակէ բաղկացած իր հայատառ թուրքերէն տաղով։ Իրեն սեպհական Տաղարանէ մը օգտուելով, զայն առաջին անգամ հրատարակած էՅարութիւն Քիւրտեան (1901-1976) Թորոս Ազատեանի(1893-1955) քաղաքիս մէջ լոյս ընծայած « Աստղաբերդ » հանդէսին մէջ (1952, Յունվար, թիւ 10, էջ՝ 195-197)։

Երկրորդ անգամ լատինատառ թուրքերէն ըլլալով մեր կողմէ հրատարակուած է՝ Turkiye Turing ve Otomobil Kurumu Belleteni հանդէսին մէջ (1957, Մարտ, թիւ 182, էջ՝ 14)։

Երրորդ անգամ դարձեալ մեր կողմէ լոյս ընծայուած է  Istanbul Ansiklopedisi հանրագիտարանին, Aznavuroqlu  յօդուածին մէջ (հտ. Գ., էջ՝ 1728 բ)։

Չորրորդ անգամ լոյս ընծայուած է Իհսան Հընչէրի (1916-1979) կողմէ Turk Folklor Arastirmalari հանդէսին մէջ տեղ գրաւող իր Turkce Siirler Vazan Ermeni Sairleri անուն յօդուածին մէջ (1959, էջ՝ 125)։

Իսկ հինգերորդ անգամ ըլլալով ալ հրատարակուած է Ճահիթ Էօզթէլլիի (1909-1978) Uyan Padisahim անունը կրող պատմական տէստան ներու հաւաքածոյին մէջ(Ստանպուլ, 1976, էջ՝ 629-633)։

Այժմ կը ներկայացնենք տաղը, որ շահեկան տեղեկութիւններ կը պարունակէ հրդեհի մասին։ Քիւրտեան կ՚ենթադրէ թէ՝ առաջին մասը 1652-ին պատահած հրդեհին կը վերաբերի։ Մինչդեռ իրականութեան մէջ երկուքն ալ 1660 տարւոյ հրդեհին մասին գրի առնուածեն։ Որովհետեւ առաջին մասին մէջ հրդեհին Օտուն գաբուսու կոչուած դռնէն սկսած ըլլալը նշուածէ։ Ատենին՝ ականաւոր պատմաբան Ռէշատ Էքրէմ Գօչու(1905-1975) ալ, երկու մասերուն մէկ քերթուած կազմելըմեզ յայտնած էր։

Ա. ԵՐՈՑՔԻ ՎՐԱՅ Է ԱՍԱՑԵԱԼ

Փայիթահտ Ըստամբօլ եանտը թութուշտու,
Պիլէմէտիք նէ աճայիպ հալ օլտու,
Անայ պապայ կիւնի պունճայ ասքէր իւշտու
Եաղմաճընըն տէրտի ըրըզք ու մալ օլտու։

Քիմիսի աղլաշըր հայ Պարի Հիւտայ,
Էվիմ պարքըմ եանտի կիթտի էլ ֆիտայ,
Նիճէքի թութուշտու էվէլ իփտիտայ,
Աթէշ Օտուն Քափուսունտան կէլմիշ օլտու։

Ֆեհմ էթտի տէրեայտէ օլան կէմիլէր,
Քիմի կիւլէր քիմի աղլար ինկիլէր,
Օ մուպարէք քիլիսէլէր ճամիլէր,
Հէր օլուր օլմազայ եաւլ օլտի։

Կըզըլճըմը ալէֆ կէոկի պիւրիտի,
Մինարէլէր շէրիֆէսինի էրիտի,
Յէտի յըքլըմ տեւրդ քեօշէտէն կիւրինտի,
Կեօկուն իւզու քըփ քըրմըզի ալ օլտի։

Քիմի աղլար եանայիւրում քաչամամ,
Պասրէրէթիմ պաղլանմիշ տիր աչամամ,
Վերան օլտու վահթլը վահթսըզ կէչէմէմ,
Շինտի պէզէստէն էթրաֆի պէլ օլտու։

Քիմի շիքեար ալտըմ տէյի եւ կունուր,
Քիմի հէնիզ եանմիշ քիմի սոյունուր,
Քիմի կեւրտում տաշլար ալմըշ տեւկունիւր,
Պազըսի աքլըն ալտըրտը տէլի աւլ(տ)ու։

Ազնաւուր օղլի տէր տինկլէն սեւզումի,
Պէն հաք(ք)ըմի տօղրու եյթիմ օզումէ,
Էլիմտէն ալտըրտըմ քեօրփէ քուզումու,
Ահ էտէր աղլարիմ, չէշմիմ սէլ օլտու։

Բ. ԵՐՈՑՔԻ ՎՐԱՅ ԱՍԱՑԵԱԼ

Ըստամբօլտայ եանկըն օլտուղու սէնէ,
Ֆըրընլարտան էքմէք ալընմազ օլտու,
Ճումլէ եանան յէրէ տէրլէր վերանէ,
Չարշըլարըն ատը անկըլմազ օլտու։

Հալըմ սանղայ մալիմ եայ խըտըր նէպի,
Եանկընտան աղլաշիր ճումլէ հալք հեբի,
Եանկըն օլտի պու կըթլըկըն սէպէպի,
Հէբ քուլլի ճումլէ շէյ պուլունմազ օլտի։

Եաքըն կէլտի յիւրէկիմին փարէսի,
Աչըք կալտի Ըստամբօլուն եարըսի,
Հէփ օնղուլտու ճումլէ զուլում եարէսի,
Եանկընըն եարասի օնղուլմազ օլտու։

Եանկըն տէյիլ պու զուլում տիր պիլէսին,
Կէնտինի փաք էտիպ քալմին սէվէսին,
Չիքարմիշլար չէշմէլէրին լուլէսին,
Պու ինսանայ եւկուտ օլունմազ օլտու։

Եանկըն տէյիլ զուլում տիր Ըստամբօլայ,
Եանկընը կէօրէնլէր կէլմէտի եօլայ,
Մէկէր շինտէն սօղրայ քարանլըկ օլայ,
Տէյէլէր քի կիւնէշ կեօրէնմէզ օլտու։

Տեօրդ պօլուկտէն պիր պօլուկէ տայանտը,
Թութիւնտէն ճումլէ ալէմ պօյեանտի,
Մէմէտիքի մաքսըմ պէշիքտէ եանտի,
Եանանլարըն լէշի սայիլմազ օլտու։

Ազնաւուր օղլու տէր քալմատի արըմ,
Կեւկէ տիրէկ օլտու ահըլայ զարըմ,
Կիւլեր իւզլու մէլէք սիմալի եարըմ,
Եաքընայ կէլէլի կեօրունմէզ օլտու։