Գրականագիտութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՌԸՆԷ ԿԻԼ

Հաճոյքով է որ կը հրատարակենք Ֆրանսայի վերջին գրական շարժումներուն վարպետներէն մէկուն Պ. Ռընէ Կիլի իմաստասիրական տեսութիւնը որուն սկզբունքներուն վրայ իսկ հիմնուած է իր դպրոցը։ Պ. Ռընէ Կիլ instrumentite դպրոցին պետը՝ ոչ միայն հմուտ եւ գիտական միտք մըն է այլ կորովի ու միանգամայն նրբին բանաստեղծ մը որ թանկագին յատկութիւնը ունի իրերը իրենց գերագոյն գեղեցկութեանը մէջ տեսնելու։ Ռընէ Կիլի ինչպէս իր դպրոցին գլխաւոր յատկանիշը «լեզուն» է, այսինքն ուզելով ազատագրուիլ պայմանադրական լեզուէն մանաւանդ Ֆրանսերէնը որ աճապարանքով կազմաւորուած և չափազանց դասական մնացած է և վերադառնալ նախնական եւ տրամաբանական լեզուին, ձայներու զանազանութեամբ արտայայտուած՝ համապատասխան յայտնելիք «զգացումներու, յուզումին եւ մտածումին» ինչպէս եղած է արդէն առաջին բարբառը մարդուն եւ այդ բանաւոր օրէնքին հետեւելով բնական շրջումի մը հետեւանքով կազմաւորել լեզուն մարդուն հետզհետէ բարդ, հետզհետէ այլազան զգայնութիւններու հարստութեանը համաչափ ճոխացնելով զայն։ Հետեւաբար յայտնի է որ Ռընէ Կիլ այս տեսութիւնը թեթեւօրէն, մէկ օրէն միւսը չէր կրնար հրապարակել. որքան ալ մէկէն յանդուգն ըլլայ՝ անիկա այնպիսի գիտական եւ իմաստասիրական անյեղլի օրէնքներու վրայ հիմնուած է որ անմիջապէս ուշադրութիւնը գրաւած է Ֆրանսայի ժամանակակից գրական աշխարհին որ նոյն միջոցին արդէն փոխանցման շրջանի մէջ՝ շատ մը պարզուած անհիմն եւ յաւակնոտ տեսութիւններու մէջէն, (որոնցմէ շատերը հազիւ թէ մէկ քանի տարուան կեանք ունեցած են) երկար վարանումներէ ետքը ընտրանօք որդեգրած է անոնցմէ ոմանք։

Ռընէ Կիլի տեսութիւնը բաղդը ունեցաւ ապրելու, արդէն վստահութիւնը գրաւելով շատ մը հեղինակութիւն ունեցող վարպետներուն որոնցմէ մասնաւորապէս Սիւլլի Բրիւտօմ ուղղակի կերպով խրախուսած է զինքը իր հաւատքը յայտնելով անոր կենսական ազդեցութեանը համար դեռ նոր կազմուող գրականութեան մէջ։ Եւ այս առթիւ Art des Versի մէջ նուիրագործուած է Ռընէ Կիլի գրական տեսութիւնը։

Ռընէ Կիլ՝ խղճամիտ և անխոնջ աշխատող մը՝ մեծապէս հաւատքը ունի իր Ջանքին և իր բարեկամները որոնք հազուագիւտ բաղդը ունեցած են զինքը մտիկ ընելու գիտեն թէ ինչ անսահման խանդավառութիւն մը կը լուսաւորէ իր համակրելի և ազնուական դէմքը։

Ինչպէս արդի Արեւմուտքի ամէնէն խորունկ միտքերը, ինքն ալ չափազանց սիրող մըն է Արեւելքի եւ քանիցս յայտնած է արդէն թէ ներքնապէս ձգտում մը կը զգայ իր բոլոր գրական եւ իմաստասիրական գործունէութեան մէջ նկատողութեան առնելու ինչ որ արդէն Արեւելք արտադրած է իր վիթխարի քաղաքակրթութեամբը։ Մեզի ուղղած նամակներէն մէկուն մէջ կ’ըսէ.

«Կը հաւատամ որ մտաւորական եւ ցեղական տեսակէտով շարժում մը կը գծուի դէպ ի Արեւելքը որուն դերը ապահովաբար շատ ուժով, շատ լայն պիտի ըլլայ ապագային մէջ. ասոր հաւատքը ունիմ եւ նաեւ սիրելի յոյսը. արդէն դուք գիտէք իմ նախասիրութիւններս»։

Յայտնի է որ կրկին հաճոյք է մեզի հրատարակել Ֆրանսացի վարպետի մը՝ մեր խնդրանքին վրայ մեզի ուղղած այս տեսութիւնը, երբ գիտենք որ այդ շնորհը նոյն իսկ Արեւելքի համար ունեցած համակրութեան ապացոյցն է։

 

ԲՆԱՇՐՋԱԿԱՆ ԻՄԱՍՏԱՍԻՐՈՒԹԻՒՆ ՄԸ
[UNE PHILOSOPHIE EVOLTIVE]

ՌԸՆԷ ԿԻԼ

Ասկէ առաջ երբ առիթը ունեցայ բացատրելու իր գլխաւոր կէտերուն մէջ իմ բանաստեղծական-արուեստագիտական սկզբունքներս (բարբառային նուագարանականութիւն, Instrumentation verbale) կ’ըսէի թէ անիկա սերտ կերպով կապուած է իմ իմաստասիրական տեսութիւններուս եւ իմ «Երկ»իս (Oeuvre) հետ եւ թէ անիկա այս վերջիններուն անհրաժեշ ձեւն էր, քանի որ կարելի չէ ըմբռնել Խօսքը՝ անջատուած Գաղափարէն եւ Յուզումէն։

Քնանի որ այժմ ինծի շնորհը ընեն այդ իմաստասիրութեան համառօտ մէկ ամփոփումը ուզելու, պիտի ջանամ զայն բացատրել իր գլխաւոր գիծերուն մէջ, ներողամտութիւն խնդրելով իմ ջանքիս անտարակոյս յանդգնութեան համար որով ուզեցի զայն հիմնել նոյն իսկ Տիեզերքին նախակարգային օրէնքներուն վրայ։

Նախ եւ առաջ կարեծեցի թէ պէտք էր հնազանդիլ երկու օրէնքներու։ կամ աւելի ճիշդը երկու արիդւնք ունեցող մէկ օրէնքի. այսինքն բոլոր ֆիզիքական ինչպէս հոգեկան տեսակէ երեւոյթներու, ուրիշ խօսքով երկու ոյժեր տարածման կամ ընդլաման ()expansion ou dilatation եւ խտացման (condensation)։

Նիւթին այս երկու անհրաժեշտ յատկութիւններուն հետեւանքովն է որ ամէն յաւիտենականութենէ ի վեր աշխարհներու ստեղծումը ապահովուած է, ինչպէս նաեւ նոյնիսկ պահպանումն ալ Նիւթին, քանի որ խտացումէն կը ծնին ցայտուն ուժերը որոնք բնաշրջական զարգացումի մէջ կը դնեն բոլոր այլազգի մասնիկները, ուիրշ ձեւով այս կրկին օրէնքներով է որ կը վարուին մարդուն ֆիզիքական-հոգեկան վիճակներուն բարգաւաճումը եւ անկումը։

Եւ խտացումի նոյն օրէնքէն որուն կը հետեւին իրենց կարգին եռուզեղման (effervescense) ուժերը կախում ունի ֆիզիքական կազմութիւնը որ մարդկային ցեղին սերնդագործել պահպանել եւ բարգաւաճել կուտայ։

Արդէն բացատրեցի երկու առաջին բնախօսական շարժումները. երրորդը անոնց կենսաբանական հետեւանքն է կրնանք ըմբռնել ԹԵՐԱՏԻ (ellips) երկրաչափական ձեւով։ Գիտենք որ Վիքը իտալացին «Ամբողջը շարժման մէջի« ըմբռնումը ներկայացուց ԲՈԼՈՐԱՁԵՒՈՎ մինչ հռչակաւոր Կէօթէ զայն կը տեսնէ ԽԽՆՋԱՁԵՒի մէջ. ըմբռնման այս վերջին ձեւը սքանչելի է որովհետեւ անիկա կը յայտնէ Նիւթին եւ շնջաւոր էակներուն բնաշրջման ճշմարտութիւնը համաձայն բնաշրջական սկզբունքներուն, որոնք վերջին դարուն անջնջելի գեղեցկութիւնը կը կազմեն եւ որոնք իրենց կարգին ուրիշ բան չեն բայց եթէ Արեւելքին հրաշալի իմաստասիրական ներքնահայեցողութիւններու վերհաստատութիւնը։ Նոյն Արեւելքէն Յունաստան էր որ Թաղէսի եւ Հէրաքլիթի իմաստասիրութիւններով կը յանգէր արդէն հէկէլի սա վարդապետութեան թէ «իրերու ամբողջութիւնը յաւիտենական շրջումի մը մէջ է», թէ Նիւթը յաւիտենական Ըլլալ մըն է։

Բայց Կէօթէի խխնջաձեւը եթէ կը բացատրէ տարածման վարկածը, միւս կողմէ չի ներկայացներ խտացման վարդապետութիւնը, որ առաջինին անհրաժեշտ հետեւանքն է եւ որուն գոյութիւնը ակնյայտնի է ֆիզիքական, կենսաբանական եւ մարդաբանական տեսակէտերով։

Խտացումի վարկածէն գոյացած նոր վարկածն է, որ կը կազմէ տարրը տիեզերական զարգացումին եւ որ սակայն իր դերը կատարելէ վերջ շարժառիթը կը դառնայ յամրացումին եւ յարաբերական դադարումին (տարրալուծում)։

Ուրեմն այսպէս կը խորհէի ամէն բան կ’ըլլայ թերատական (elléptique) համաչափութեան մը համեմատ։ Նիւթը յաւիտենական եւ անսահման ըլլալով ներկայացուած է ընդհանրապէս Բոլորաձեւի միջոցաւ։

Բայց գիտելի է որ նիւթը ըստ բոլորաձեւին դառնալով անյեղլի կը մնայ. մինչդեռ եթէ անիկա շարժի ըստ թարատական ձեւին, յաւիտենականապէս եւ անհունապէս դուրս կ’ելլայ յաւիտենական եւ անհուն Բոլորաձեւէն։ Անիկա ակը յեղաշրջուի. անիկա կը ձգուի դէպ ի յաւիտենական ուղիղ գիծը, թերատը անդադար երկննալով դէպի այս վերջին ձգտումը, դէպ ի կատարեալ զուգաչափութիւնը։

Բայց քանի որ բոլորաձեւը անվերջանալի է, թերատն ալ անվերջանալի պիտի ըլլայ. եւ յաւիտենականապէս առանց կարենալ վերջի մը յանգելու. Նիւթը կը բնաշրջուի եւ կ’երթայ դէպ ի Աւելին, դէպ ի Լաւագոյնը...

Ուրեմն ի՞նչ բան Նիւթը այս թերատական ուղղութեան մէջ կը դնէ։

Այլաձեւական տեսութիւնը օրինաւոր կը դարձնէ «կեանքի համար պայքարը». բայց եթէ ուշադրութեամբ դիտենք այդ առաջադրութիւնը, կը տեսնենք որ հակասութիւն մըն է (ինչ որ գիտակցաբար կամ անգիտակցաբար ամենքն ալ գործեցին) հոն, կեանքի բնաշրջման նպատակ մը տեսնելը։ Անիկա միայն բնաշրջման միջոց մըն է որ կը ձգտի աւելի ներդաշնակութեան։ Ուրեմն Նիւթը տոգորուած է Նախստեղծիչ սիրոյ օրէնքով եւ ստեղծիչ Լաւագոյնին, քանի որ կը ձգտի ներդաշնակութեան։

Սէրը, իր յարակից Ուժը՝ (այսինքն իր ընդլայնումը տիեզերական ամէն մասերուն ներդաշնակութեան եւ հաւասարակշռութեան) Սէրը շարժման մէջ կը դնէ Նիւթը։ Նախնականապէս Նիւթը մէկ է (radio-actif տարրերուն գիւտը նոր ապացոյց մը կ’աւելցնէ այս հաստատութեան) եւ Նիւթին բնաշրջումը կը ձգտի ուրեմն կատարելու իր բոլոր տարրերուն եւ յատկութեանցը վերլուծումը որպէմ զի հետզհետէ գիտակից համադրութիւն մը կատարուի եւ գիտակցութեամբ այս միութիւնը վերաշինուի։

Արդ, Սէրը իր մէջ կը պարունակէ երկու տենջանք, երկու բեւեռներ որ զիրար ճանչնալու համար կը գործեն եւ այս գործողութեան հետեւանքն է երրորդը որանկէ կը ծնի եւ որ կը պատճառէ Բոլորաձեւէն դուս ելնելը դէպ ի Անծանօթը, Անգիտակցութիւնը։ Այսինքն բուն իսկ բնաշրջութիւնը յառաջ կը բերէ։

Այլ եւս Նիւթը կը ձգտի ինքնագիտակցութեան՝ զգայնութեան, բնազդին եւ Մտածման միջոցաւ։ Գիտութիւնը շարունակաբար կը կազմէ իր գիտակցութիւնը։

* * *

Ուրեմն թերատական ձեւին համեմատ հետզհետէ լայննալու յատկութիւնը, տարածման օրէնքն է որ նախապէս յայտնեցինք. բայց թերատը դժուարաւ եւ ընդմիջուելով կ’ելնէ, նախնական Բոլորաձեւին մասնակի տեւողութեանը յարակից պայմաններուն թերութեանցը մէջէն, այլ նախնաւան անվերջանալի եւ անսահման Բոլորաձեւին, որով կը պատկերացնենք միակ նիւթը։ Անխուսափելիօրէն, թերատը պարբերաբար քաշողութեան օրէնքովն իսկ ւկ կարճանայ դէպ ի սկզբնական ձեւկ։ Այսինքն բնաշրջութիւնը անսահմանօրէն եւ շարունակաբար տարածման մէջ չէ։ Առաւել կամ նուազ, թերաթէ կը մօտիկնայ Բոլորաձեւին երկրորդ հիմնական կեդրոնացման, խտացման օրենքին համեմատ։ Այս բանին կը համապատասխանեն վատթարացման ժամանակամիջոցները բնութեան եւ արարածներուն մէջ։

Այս երկու երկրաչափական ձեւերով ըմբռնուած՝ այս կրկին օրէնքներուն է որ կը հնազանդին երկնային մարմիններն ալ. իրենց բոցական շրջանէն մինչեւ բիւրեղացումը այդ օրէնքներուն է որ կը հպատակին մարդկութիւնը եւ մեր ֆիզիքական ու մտաւորական կեանքը, մեր առօրեայ գործածած ուժերն իսկ։ Անոնցմէ կախում ունին, ինչպէս քիչ մը վերը ըսինք, սերնդագործելու յատկութիւնները եւ ստեղծիչ ջանքը։

* * *

Ըսելէ առաջ թէ «բնաշրջական իմաստասիրութեան» մը սկզբունքներէն ինչ մարդկային եզրակացութիւն յառաջ կուգայ, կը դիտենք թէ վերջ կը դնէ Արեւմուտքի հին եւ երկայն վէճին ընդ մէջ Նիւթապաշտութեան եւ Գաղափարապաշտութեան։ Ահա այս իմաստասիրութեան մէջ երկու ձեւերը կը միանան եւ հակառակութիւնը կը լուծուի։ Որովհետեւ Գաղափարապաշտութիւնը՝ որ ինծի համար մարդկային Գիտակցութեան գերազանցն է, շարունակաբար յառաջ կուգայ բնաշրջուող Նիւթէն։ Այս նոր գաղափարապաշտութիւնը վերջապէս բանաւոր է եւ մաս կը կազմէ Տիեզերքի Նիւթին հետ։

* * *

Ուրիշ յօդուածի մը նիւթ պիտի կազմէր առանձին բացատրելը եւ վերլուծելը առաջին մասը եւ առաջին գիրքերը Երկ իս (այս է անոնց սկզբնական տիտղոսը) որուն մէջ կ’ընդլայնեմ մարդկային շրջանառումին մէջէն այս իմսաստասիրութեան կենսաբանական եւ ընկերաբանական հետեւանքները. (Այդ Երկ ին առաջին մասը եւ երկրորդ մասին երկու հատորները հրատարակուած են)։

Սայց պէտք է անմիջապէս ըսեմ թէ առաջին մասը (Dire du Mieux) եզրակացնելով, կը մղուիմ չափելու մարդոց անհատական արժէքը եւ փնտռելու թէ ինչ բարոյական հետեւանք մէջտեղ կ’ելնէ։

1. Նիւթը, Կեանքը կը ձգտին պահպանելու (պահպանման բնազդը)։ Ասիկա սկզբնական բնազդն է որ ամենէն բաղադրեալ երեւոյթներուն յանգած է։

2. Կեանքի այս օրէնքը կը մղէ մարդը ինքզինքը վերլուծելու ինքզինքը հետքհետէ աւելի ճանչնալ փորձելու (բնաշրջում) որպէս զի լաւագոյն ձեւով մը կարելի ըլլայ ապահովել կեանքին տեւողութիւնը։

3. Ամբողջին հետ համաձայն, Սէրը պէտք է ջանայ հասկնալ Տիեզերքը եւ ինքզինքը ու համադրութեան ձգտիլ. այսինքն վերաշինել գիտակից ամբողջը։

4. Ուրեմն մարդուն աւելի գիտնալը, աւելի գիտակցութիւնը, իր բարոյական արժէքը կը կազմէ։

5. Տէքարթին խօսքը ուղղելով կը հասնիմ իմ իսկ բանաձեւիս որ է. «Գիտեմ... ուրեմն եմ... »

* * *

Արդ, եթէ քան մը բառով նշանակենք Անհատին դերը ամբողջութեան մէջ, պէտք է ըսենք.

Որովհետեւ ամէն անհատական ծանօթութիւն կախում ունի հաւադիմական (atavique) համադրական ծանօթութիւններէ, Մարդը երախտիք եւ սէրը պարտական է Նախահայրերուն։

Եւ պարտական է Ապագային, ուրեմն պէտք է ձգտի, եթէ իր բարոյական արժէքը աւելի մեծ է, մղելու ուրիշ մարդիկն ալ իր գիտութիւնը բաժնելու համասէր (Altruiste) վարդապետութեամբ մը՝ եւ որ այլ եւ չէ հին համասիրութիւնը, (զգացում մը) ինչպէս ո եւ է առնչութիւն չուն գթութեան պարտականութիւններուն հետ. որովհետեւ գթութիւնը իր մէջ զոհողութիւն կը պարունակէ։

Հոս համասիրութիւնը Եսասիրութենէն չի բաժնուիր որ ինքնապահպանութեան բնազդին մէկ ձեւն է եւ որով անհրաժեշտ է եւ բնական բայց համասիրութիւնը պահանջելի կը դառնայ երբ Անհատը ինքզինքին համար ստացած է ֆիզիքական եւ բարոյական ապահովութիւն եւ ըսենք թէ աւելին... հոս ալ կնենսաբանական օրէնք մըն է որ ուղղակի կ’ազդէ մեր վրայ, որովհետեւ եթէ կենդանի էակ մը ստացած է նիւթի եւ ջղային ուժի Աւելի մը, այն ատեն կրնայ սերնդագործել, իր նմանկ ստեղծել։ Բնութիւնը չուզելով որ ինքն իսկ վնասէ անկէ։

* * *

Եթէ բազմաթիւ անգամներ Բնազանցութեան շրջանակին մէջ մտնալու երեւոյթը ունեցայ, հակառակը չպիտի ըսեմ. միայն թէ պիտի որոշեմ Բնազանցական բառին նշանակութիւն. «Ֆիզիքէն վեր», հոն տեսնելով ճիշդ այն իմաստասիրութիւնը որ Բնութենէն, ֆիզիքէն բղխելով առ հասարակ անկէց վեր իբր Ինքնագիտակցութիւն մը կը սաւառնի որ է յաճախ ներքնահայեցական համադրութիւն մը... ։

Գիտեմ նաեւ թէ շատ մը կէտերու մէջ հեռացած եմ Արեւմուտքի այսօրուան գիտական-իմաստասիրական Մտածումէն եւ բնաւ փոյթս չէ, որովհետեւ միեւնոյն ատեն մօտիկցած եմ մեծ Արեւելքի եւ Ծայրագոյն Արեւելքի իմաստասիրական ճշմարտութիւններուն։

Թարգմ. Զ. Ե.