Գրականագիտութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՊԱՍԵՐՄԱՆ ՀԵՏԵՒԱՆՔ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ

ԵՐԿՐՈՐԴ ՅՕԴՈՒԱԾ

Երբ նախորդ յօդուածով կը ջանային բացատրել թէ հիւանդագին գրականութիւնը ամէն բանէ աւելի պատճառ կʼըլլայ ցեղերու ապասերման, միւս կողմէ մէջ կը բերէինք նաեւ թէ անիկա իր ժամանակին եւ իր միջավայրին բնական հետեւանքն է։

Անտարակոյս յոգնած մտաւորականութիւն մը որ իր կարգին սերտ կերպով կապուած է մարդուս ֆիզիքական եւ բարոյական յոգնութիւններուն հետ, արդէն մասամբ կը ներկայացնէ ապասերած սերունդ մը. ապասերման հետեւանք գրականութիւնը որ Անկապաշտ գրականութիւն անուան տակ ծանօթ է, գրեթէ չէ կարելի կղզիացնել. իր իսկ յատուկ բնութեան հետեւանքով անիկա ամբողջութիւն մը կը կազմէ իրեն յարակից շատ մը արուեստներու հետ. ասոր համար է որ գրականութեան վրայ խօսած ատեննիս յաճախ առիթ պիտի ունենանք ի նկատի առնելու գեղարուեստական ուրիշ արտադրութիւններ։ Քաղաքակիրթ մարդկութեան յարատեւ ջղագրգիռ վիճակը՝ որով իր բոլոր զգայարանքները մէկանց արթուն կը մնան եւ իր զգայարանքներու ամբողջութեամբն է որ կʼուզէ վայելել՝ առաջին նշանն եւ միեւնոյն ատեն առաջին պատճառն է արդի արուեստին ինքնայատկութեանց։ Որչափ նահանջենք դէպ ի հին ժամանակները բացի տարբեր պատճառներէ յառաջ եկան անկման ժամանակամիջոցները, ինչպէս միսթիքականութեան ժամանակը Քրիստոսի առաջին դարերուն որքան մխրճուինք առողջ ցեղերու, մէջ պիտի տեսնենք որ արուեստի արտայայտութիւնները ոչ միայն պարզ եւ դիւրըմբռնելի են այլ մէկ զգայարանքի վրայ միայն ազդեցութիւն կը ներգործեն։ Յունաց մէջ Եսքիլէսի թատերգութիւնները կը ներկայացուէին բացօթեայ տեղեր գրեթէ առանց decor ի. պատուանդան մը կը կազմէր տեսարանը եւ ետեւէն ինկած վարագոյրի մը վրայ կը տեղաւորցնէին դիմակ մը որ կը ներկայացնէր դերակատարը. այդ դիմակին տրուած դէմքի արտայայտութիւնը պէտք էր ամբողջովին եւ առաջուց գուշակէր տալ դերին ուրախ կամ տխուր հանգամանքը. հետեւաբար ունկնդիրներու միակ ուշադրութիւնը կեդրոնացած էր արտասանուելիքին վրայ, իր զգայարանքներէն միայն լսելիքն է որ գրգռման մէջ էր եւ որուն միջոցաւ միայն գաղափարները եւ յուզումները պիտի փոխանցուէին ուղեղին։

Պէտք  է ըսել նաեւ թէ այդ շրջանին մէջ Եսքիլէսի թատերգութիւնները իրենց ոճով եւ նկարագրութիւններու ժուժկալութեամբ ճիշդ նոյն նպատակին կը յանգին. հետզհետէ Սոփոկլէս կը սկսի աւելի բարդ դառնալ, նկարագրութիւնները ձեւերու գաղափարը կʼարթնցնեն, գոյներու յուզումը կուտան, եւ արդէն Եւրիբիտէս բոլորովին հեռացած է նախնական պարզութիւններէն, թատրոնը կը բարելաւուի, decor ը կը կազմուի, դերասաններ են որ իրենց դէմքին վրայ կը կրեն պայմանադրական դիմակը քիչ ատենէն բոլորովին մէկ կողմ դնելու համար զայն, ունկնդիրներուն ոչ միայն ըսելիքը գրգռման մէջ է այլ եւ տեսանելիքը, երկու զգայարանքներուն միացած գրգռումն է որ կրկին ուժով պիտի փոխանցէ յուզումը ուղեղին։

Եւրիբիտէսի ոճը բոլորովին կը զանազանի Եւքիլէսինէն. անիկա աւելի ճկուն աւելի յղկուած եւ աւելի պատկերալից կը դառնայ, տպաւորութիւնները ճշդիւ եւ նրբութեամբ հաղորդելու մտահոգութիւնը կը զգացուի. Եւրիբիտէս աւելի ճարտար գրող մըն է բայց արդէն ապասերման մէջ է, եւ ողբերգութիւնը ալ չպիտի կրնայ տեւել իր առջի կորովին եւ ուժին մէջ։

Մեր ժամանակներուն մէջ եղած գրական եւ արուեստագիտական յեղաշրջման պատմութիւնը նոյնը կը մնայ. այս ամենուն ծանօթ դասական օրինակը թոյլ կուտայ որ դիւրաւ կարենանք բացատրել թէ ինչպէս անկապաշտ գրականութիւնը սահմանուած ըլլալով զգայարանքներուն ամբողջութեանը վրայ ազդելու դերին՝ արդէն իսկ կʼըլլայ ապասերման հետեւանք եւ իր կարգին պատճառ։ Նաեւ ջղային դրութեան խանգարումներու մէկ հետեւանքն է յուզումներու ծարաւը, աւելին զգալու պէտքը, նոյն իսկ ծայրայեղ տուայտանքներու ենթարկուիլ ուզելը, փափաքը ցաւին, հեշտանքը տառապանքին. «Մտաւոր խանգարումներու եւ դիւրազգածութեան հետ ապասերածի մը մէջ կը դիտուի, կʼըսէ Մաքս Նօրտաու (Degenerescence) անշարժութեան եւ մտաւոր յուսահատութեան վիճակ մը որ պարագային համեմատ կʼառնէ յոռետեսութեան ձեւը, տարտամ վախ մը բոլոր մարդերէն եւ բնական երեւոյթներէն։ Այս հիւանդները, կʼըսէ նաեւ Մօրէլ շարունակական փափաք մը ունին, գանգատելու, հեծկլտալու, նոյն բառերը եւ նոյն հարցումները կրկնելու ամէնէն յուսահատեցուցիչ միօրինակութեամբ։» (Morel, du delire panophobique des alienes gemisseurs)։

Իսկ Հանրի Բօլէն կը պնդէ թէ «Իսթէրիքները ամէն բանէ առաջ զգայնիկներ են։»

Երբ ցաւն է որ միայն գերագոյն գրգռումը կուտայ ջիղերուն՝ արդէն այս պարագային մէջ վայելք մը դառնայ, քանի որ ամբողջ ջղային դրութիւնը լարուած թրթռալու, մինչեւ ջախջախուիլը, զգալու պէտքը ունի. ասիկա այնքան ճշմարիտ է որ առողջ մարդիկներ իսկ երբ երկարատեւ հիւանդութեան մը կամ բացառիկ յոգնութեան մը կʼենթարկուին իրենց խանգարուած ջղային դրութիւնը կʼարթնցնէ իրենց հոգւոյն մէջ այդ վատառողջ փափաքները, ու ցաւէ մը երկարօրէն տառապելէ ետքը հետզհետէ անոր պէտքը կը զգան, անկէ կʼօրօրուին, ցաւը իրենց խառնուածքին մէկ անհրաժեշտ մասը կը սկսի կազմել։ Բնականաբար այս տրամադրութեան տակ գտնուող արուեստագէտներ ցաւին հրայրքը պիտէ երգէին եւ կամ մահաբոյր տեսարանները եւ սարսափ ազդող մանրամասնութիւնները։

Հետեւաբար անկապաշտ գրագէտներուն նախասիրած նիւթերը կʼըլլան հիւանդները կամ մահը իր բոլոր քստմնեցուցիչ պարագաներով։ Ժան Ռիշբէն իբր սրճարանի մէջ արտասանելի կտոր ոտանաւոր մը գրած է որուն մէջ մեռեալ մը կը պատմէ իր գերեզմանը գրուած վայրկեանէն տարրալուծուելուն պատմութիւնը. զանազան կարգի դիակակեր որդերու ճշգրտութիւնը տարրալուծման բնական ընթացքը բացատրող տողերը իրաւամբ սարսափ կʼազդեն եւ կարող են շատ մը տկար միտքերու մղձաւանջներ տալ։ Պօտըլէռ զոր անկապաշտ գրականութեան պետը կարելի է համարել նոյն կարգի նիւթերէ ներշնչուած է ընդհանրապէս, ու ատեն մը եղած է որ ամբողջ Ֆրանսիայի գրական հունձքը անկապաշտ. վատառողջ, հիւանդագին ու ախտաւոր հանգամանք մը ունեցած է. պարզ եւ առողջ գրուած մը անհամ եւ տկար պիտի համարուէր, յոգնած եւ յափրացած միտքերը, ուժով համեմներու պէտք ունէին բայց միեւնոյն ատեն այդ յոգնած եւ հիւանդագին վիճակը չէր կրնար տեւել եւ չտեւել։ Անկապաշտ դպրոցէն ծնաւ Տպաւորականութիւնը որ արդէն յարակից էր իրեն կամ աւելի ճիշդը անկապաշտ գրականութեան գլխաւոր օժանդակը։

Հոս պէտք է ըսենք. թէ որչափ որ նկարչութիւնը երկար ատեն իր կարգին պահեց հիւանդագին ձգտումը յետոյ սակայն իրեն մասնաւոր եղող գեղեցիկ պատկերներ եւ տպաւորութիւններ մէջ բերելու հանգամանքով մեծ սատարող մը եղաւ անկման մէջ եղող գրականութիւնը փրկելու։ Նկարչութիւնը գոյներու միջոցաւ աւելի անմիջական ազդեցութիւն կրնայ ունենալ ջիղերուն վրայ. գիրք մը կարդալը եւ հասկնալը դժուար է բայց պատկեր մը շուտով կը տեսնուի եւ եթէ նոյն իսկ իր խորհրդանշական իմաստը անմատչելի մնայ շատերուն, գոյնին տպաւորութիւնը կը մնայ սակայն. գիտենք որ գոյները իրենց մասնաւոր յատկութիւնները ունին, օրինակի համար վարդագոյնը եւ ճերմակը ամոքող, ինչպէս մանիշակագոյնը յուսահատութիւն եւ մեղկութիւն ներշնչող։ Մանիշակագոյնը տխրութիւն կը բուրէ, անոր համար է որ տեսակ մը ցեղեր զայն սուգի գոյն կը նկատեն եւ նոյն իսկ մեզի համար չէ՞ որ կէս սուգ կը նշանակէ։ Անկապաշտ նկարիչներու պատկերներուն մէջ մանիշակագոյնին տիրապետութիւնը կը հասկցուի այսպէսով. Մօնէի գիւղանկարները որ անկապաշտ-տպաւորական դպրոցին գլուխ-գործոցներէն են, մանիշակագոյն երանգներու մէջ ողողուած են։

Բայց տպաւորականութիւնը որուն նպատակն էր արտաքին տպաւորութիւնները հաւատարմօրէն փոխանցել հետզհետէ պէտք ունեցաւ հանդարտ եւ ամոքող հորիզոններու, պարզ եւ անսեթեւեթ գիծերը ինչպէս գոյներու յուզող ընտրութիւնները յոգնած եւ տանջուող միտքերուն հանգիստի եւ խաղաղութեան սատարներ եղան. Բիւվիւս տէր Շավան իր պատի սքանչելի պատկերներուն մէջ գերազանցապէս յաջողած է ձեռք բերել այս յատկութիւնը եւ ուժով կերպով ազդած է ոչ միայն գեղարուեստներու այլ եւ գրականութեան վրայ։

Տպաւորականութիւնը բարւոքում մըն է արդէն եւ լաւագոյնին լոյսը ունի իր մէջ. իրմէն է որ պիտի ծնի խորհրդապաշտութիւնը որ ձեւով մը վերածնութիւնը պիտի ըլլայ անկապաշտութեան ժամանակամիջոցին։ Բայց տպաւորականութիւնը իր ամէնէն բարդ եւ բազմատեսակ երեւոյթներով բեղմնաւոր շրջան մը պիտի ունենայ եւ պիտի տեւէ երկար ատեն իբրեւ օժանդակ եւ իբրեւ անհրաժեշտ տարր արուեստի անկեղծ ըմբռնումներու։

Այլ սակայն, ինչպէս ըսինք, տպաւորականութիւնն ալ անկապաշտութեան պէս ոչ միայն ապասերման հետեւանք է այլ նաեւ պատճառ իր յօգնութիւն առաջ բերող՝ հետեւաբար ջլախտը եւ իսթէրին սնուցանող հանգամանքով. ուրիշ առթիւ պիտի խօսինք այս մասին. ըսինք նաեւ թէ խորհրդապաշտութիւնը իր մէջ ունի միսդիքականութեան սերմը ինչ որ նորէն սատար մըն է բարոյական վատուժութեան եւ սպառման։ Բոլոր այս բաներէն պէտք չէ հետեւցնել թէ ապասերուածը ապիկար մըն է, անկարող ո եւ է լաւ գործ արտադրելու, այդպիսի բան մը ընդունիլը ժխտելու հոմանիշ պիտի ըլլար վերջին դարու գրական եւ գեղարուեստական գեղեցկութիւնները. չպիտի վարանինք նոյն իսկ ըսելու թէ ապասերումը մասամբ կը նպաստէ տաղանդներ մէջտեղ հանելու։ «Պէտք չէ մոռնալ որ կʼըսէ Լը Կրէն, թէ ապասերուածը հանճար մը կրնայ ըլլալ. անհաւասարակշիռ միտք մը կարող է ամէնէն մեծ յղացումներու, մինչ նոյն մտքին մէջ կրնանք հանդիպիլ անանկ փցունութիւններու, պզտիկութիւններու որ մեզի մասնաւոր կերպով կը զարմացնեն երբ զանոնք կը գտնենք ամէնէն փայլուն յատկութիւններուն մօտ։»

Գրեթէ նոյն գաղափարը կը գտնենք Ռուպինօվիչ ի գործերուն մէջ։ «Ապասերուած մը կʼըսէ իր փայլուն կարողութիւնները կը գործածէ այնքան ազնիւ բանի մը համար որքան գոհացնելու ամէնէն ստորին մոլութիւնները։» Լօմպրօզօ կը յիշատակէ շատ մը հանճարներ որոնք միեւնոյն ատեն ջղագարներ եղած են Գաղղիացի գիտուն մը՝ Շասէկ սա գաղափարը յայտնած է որ շատ գործածական դարձած է. «հանճարը ջլախտ մըն է»։ Մանեան զանոնք կը կոչէ «degenere superieur»։

Բայց բոլոր այս հեղինակաւոր անձերուն կարծիքները որ այլ եւս հաստատուած եւ ընդունուած գաղափարներ եղած են, ապասերման հեղինակներու մտային անհաւասարակշռութիւնը հաստատող՝ ընդհանրապէս խորապէս ազդած են պարզ ապասերուածներուն վրայ, որոնք ո եւ է յատկանշական կարողութիւն չունենալով կը կրեն միայն իրենց մէջ սպառած եւ յոգնած սերունդի մը տկարութիւնները, ապիկարութիւնը եւ հոս առիթն է ըսելու եթէ հանճարը անպատճառ ջլախտաւոր մը չէ, նոյնպէս ամէն ջլախտաւոր հանճար չկրնար նկատուիլ։