Գրականագիտութիւն

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՎԷՊԵՐԸ ԳՐԱԿԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ

Հռչակաւոր իմաստասէր Մաքս Նորտաու իր Paradoxes Psychologiques գործին մէջ սքանչելի կերպով կը բացատրէ թէ՝ ինչպէս մասնաւորաբար կիները՝ վէպերու ընթերցումներու հետեւանքով՝ ձեւով մը կը կորսնցնեն իրենց բնազդային ու ճշմարիտ զգայութիւնը կեանքին, և անմիջական ազդեցութեանը տակ կը մտնան իրենց կարդացած հերոսուհիներուն, որուն հետեւանքը կ’ըլլայ անտարակոս զանոնք կապկելու, անոնց ապրելու եղանակին ընտանենալու, անոնց զգացումները իւրացնելու ձգտումը։ Եթէ նկատի առնենք որ ընդհանրապէս շատ կարդացուած վէպերը գրական ամէն յատկութիւններէ զուրկ, հետաքրքրութիւնը շարժելու համար անբնական և այլանդակ արարքներով խճողուած և բռնազբօսիկ ու կեղծ զգացումներով տոգորուած վէպեր են, կը տեսնենք թէ անոնց ազդեցութիւնը որքան մեծ այնքան ապականիչ է ընկերութեան համար։

Սակայն, ամէն գէշ բնազդներու պէս, կնոջ այս վիպամոլութիւնը չափազանց շահագործուած է. ամէնէն քաղաքակիրթ երկիրներու մէջ գրական գլուխգործոցներու քով հաւասար կամ գերազանց արտադրութիւն մը կ’ըլլայ այս կարգի վէպերու. անոնք հրապարակը կ’ողողեն ըլլայ թերթօններու ձեւի տակ, ըլլայ առանձին հատորներով, պարբերական հրատարակութիւններով, թերթ առ թերթ հրատարակուելով Բարիզի մէջ հանդէսներ կան որոնք 15 օրը կամ շաբաթը անգամ մը կը հրատարակեն այս կարգի վէպերէն 5-6 հատը միանգամայն շարունակելի։ Ժողովրդական թերթերու յաւելուածական թիւերը ուրիշ բան չեն, բայց եթէ այլանդակ նորավէպերու հաւաքածոներ, կոմսուհիներու, դքսուհիներու առեղծուածային արկածներ, իրականութենէ զուրկ և հետեւաբար անբնական զգացումներու գերագրգռութիւններ, որոնք կոչուած են հանդարտիկ և համեստ գործաւորուհիին երեւակայութիւնը խռովելու և անոր սիրտին մէջ արթնցնելու ապօրինի տենչանքներու ծարաւը։

Նաեւ ոճիրներու, առեւանգումներու մանրամասն պատմութիւնները, յայտնի է որ միշտ գրգռելու հանգամանքը ունին մարդուս նախնական բնազդները։ Դիտուած է որ ամէնէն մեծ չարագործները ամէնէն շատ ընթերցողները եղած են թոյն-դաշոյնական վէպերու. միւս կողմէ չէ կարելի ուրանալ թէ անոնք շարունակական ազդեցութեանը ներքեւ եղած են ոճիրներու պատմութեան և իրենք իսկ երբեմն անգիակից վիճակի մը մէջ կատարած են իրենց մտադրած չարագործութիւնը։

Ասոր ապացոյց կուտան ընկերաբանները և մասնաւորապէս ոճրաբանութեամբ զբաղող գիտունները՝ այն պարագան թէ յաճախ ոճրագործ մը կ’ընդօրինակէ գրեթէ իր բոլոր մանրամասնութիւններու մէջ արդէն գործուած ոճիր մը կամ վէպի մը մէջ նկարագրուած մարդասպանութիւն մը։ Հետեւաբար որոշ կերպով կը տեսնուի թէ գէշ ճաշակով պատրաստուած ստորին վէպերը, թերթօնի և ուրիշ ձեւերու տակ, ընկերական մեծ պատուհաս մը կրնան դառնալ իրենց ապականարար և խոտորիչ հանգամանքովը ազդելով դիւրաբեկ հոգիներու վրայ։

Միւս կողմէ գիտենք, և ասիկա հաստատուած ճշմարտութիւն մըն է որ, կիները շատ աւելի վիպամոլ են. ասիկա անտարակոյս արդիւնքն է իրենց աւելի ջղային խառնուածքին որով միշտ ծարաւի են յուզմունքներու, ուժգին տպաւորութիւններու և զիրենք դղրդող զգայութիւններու։ Իրենց կրաւորական հանգամանքը ընկերութեան մէջ՝ իրաւ է թէ թոյլ չիտար իրենց գործոն ձեւով մը յայտնելու իրենց կրած գէշ ազդեցութիւնը, և ասոր համար է որ վէպերու ընթերցումը կնոջ մէջ նոյն երեւոյթը առաջ չի բերեր ինչ որ պիտի ընէր այր ընթերցողին։ Այսինքն հազուագիւտ է որ կին մը ոճրագործ ըլլայ, ընթերցումներու թելադրութեամբ. ատիկա իր խառնուածքին հակառակ է արդէն. բայց վէպերով սնած կանացի երեւակայութիւն մը ամէնէն աւելի ընդունակ է ոճիր մը գրգռող պարագաներ մէջտեղ հանելու։ Ձեւով մը կինը այդ պարագային իր կարդացած վէպերու հերոսուհիներուն դերը կը կատարէ կեանքին մէջ, էրիկ մարդուն նախանձը գրգռող բնազդներու ընթնցքով մը։

Եւ վերջապէս, եթէ կինը իր կրաւորական դիրքին պատճառաւ անմիջական վտանգ մը չէ ընկերութեան, միւս կողմէ պէտք չէ մոռնալ թէ ինքն է որ կուտայ վաղուան մարդերը. իր մայրութեան պատրաստուելու ժամանակին մէջ գիտենք թէ ինչ չափով կրնայ ազդել դեռ սաղմնային վիճակի մէջ գտնուող զաւկին հոգեկան տրամադրութիւններուն վրայ։ Յղի վիճակ մէջ արկածներու հանդիպող կիները ընդհանրապէս ջղոտ տղաքներ կ’ունենան. եթէ վայրկեանի մը կամ ժամուան մը սարսափը կարոէ այդքան հիմնովին փոփոխութիւն մը յառաջ բերել կազմուելու վիճակի մէջ եղող տղուն վրայ, ի՞նչպէս տարակուսիլ թէ առօրեայ վնասաբեր ազդեցութիւն մը յամրաբար բայց ապահով կերպով նոյնքան ազդեցութիւն պիտի չունենայ դեռ չծնող տղեկին վրայ։ Թերթօն-վէպերու այս ապականարար ազդեցութիւնը գրեթէ բացառութիւն չունի. աշխարհիս ամէնէն քաղաքակրթեալ կեդրոններէն ամէնէն յետին գաւառները նոյն երեւոյթը մէջտեղ կուգայ. հետեւաբար ամէն համեմատութիւն պահելով, պէտք է խոստովանինք որ վերոհիշեալ վտանգները նոյնը կը նման մեր կիներուն համար ալ, քանի որ գիտենք թէ անոնք կարդալ սորգելու վայրկեանէն խելայեղ ընթերցողներ եղած են վէպերու։ Զարմանալի է որ միւս կողմէ բուն իսկ գրական արժէքով գիրքեր կամ իմաստասիրական գործեր չափազանց քիչ ընթերցողներ կ’ունենան կիներու մէջ։ Ասիկա արդէն ապացոյց մըն էթէ ժողովուրդի մը մէջ ընթերցասիրութիւնը գրգռելու նպատակաւ ժողովուրդին մատչելի և անոնց գէշ բնազդները շոյող հրատարակութիւնները իրենց նպատակին չեն հասնիր. ընդհակառակը բոլորովին տարբեր արդիւնք կ’ունենան։ Ալ ընդունուած ճշմարտութիւն մըն է որ ալքօլի, նիքօթինի և ուրիշ այս կարգի նիւթերով թունաւորման ունակութեան պէս մոլութիւն մըն է նաև թերթոն-վէպերու ընթերցամոլութիւնը. մանաւանդ որ այս վերջին ունակութիւնը իր արդիւնքներուն մէջ տեղի չիտար առաջիներուն թէ իբրեւ ընկերական վտանգ մը և թէ ապասերող միջոց մը ժառանգականութեան միջոցաւ։