ՕՏԵԱՆ ՏԻԳՐԱՆ (ԱՍՕ)

Ծն. Վան 1880ին եւ հոն ստացած նախ. կրթութիւնը։

Ուսուցիչ Պարսկաստան 1896-1906, որմէ յետոյ մտած Հնչ. շարքին մէջ, աշխատակցելով նոյն կուսակցութեան օրկաններուն եւ այլ թերթերու՝ զանազան ծածկանուններով։

Հրատարակած է Երկիր թերթը։ Հեղինակ Կարմիր օրեր, Հաւսէ, Դատաստան, Վահէ, Դիւցազնուհին եւն. գրքոյկներուն։

Հնչ. կուսակցութեան վարիչներից, որոնք հակառակ Քէօսթէնճէի ծանօթ ժողովին համամիտ չըլլալնուն՝ մինչեւ ապստամբութեան օրը (4/17 Ապր. 1915) բանտը կը մնան Վան եւ հոն կ’սպաննուին Ճէվտէթի հրամանով, մինչ անդին կը շարունակուէր համակուսակցական եւ համաժողովրդական հերոսամարտը, Դաշնակցականներու ղեկավարութեամբ։