Շերամի որդերը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՇԵՐԱՄԻ ՈՐԴԵՐԸ
       Անցեալ տարուընէ եկեր էր իրեն այս փափաքը, որ ամբողջ աշնան ու ձմրան հետզհետէ սաստկացեր, ծաւալեր, անդիմադրելի ըղձանք մը դարձեր էր իր մատղաշ երեւակայութեան մէջ, ու այս գարնան, շերամի որդ պիտի պահէ՜ր։ Վարպետ շերամաբոյծի մը պէս գիտէր արդէն ճերմակ պզտիկ հունտերուն հետզհետէ կրելիք կերպարանափոխութիւնները, որոց առջեւ ափիբերան մնացած էր, իր մանկական պարզ միտքը հմայուած, ընկճած, ինչպէս հրաշալի դիւթավէպի մը իր վրայ թողած տպաւորութեան տակ։ Իրեն հասակակից պզտիկ դրացուհիի մը տունը, անցեալ տարի, ամէն օր, ներկայ գտնուեր էր այս յամրընթաց ու սքանչելի աճման, ու այն ատենէն առաջադրեր էր ինքն ալ նոյն արարչագործութիւնն ի կատար հանել. ու այս մտածումը իր տասնամեայ պզտիկ աղջկան սրտին խորը արթնցուցած էր ընդհանուր, անծանօթ խանդաղատանք մը որուն գիտակցութիւնը չունէր ինք, իր ճակատագրական ստեղծիչ դերին խուլ ու նորածիլ փթթումը, իր բնազդական ներքին ձայնին այս խորունկ դրդումին առջեւ՝ ուրախութենէ արբշիռ։
       Անցեալ տարուընէ պահեր էր ուրեմն ափ մը հունտ, սիրուն աղուոր վարդագոյն տուփի մը մէջ, երկար ամիսներ պատելով զայն գուրգուրանքի ու խանդաղատանքի տաք մթնոլորտի մը մէջ, իր ամէն օրուան, ամէն ժամուան ուշադրութեանն առարկայ ընելով զայն։ Իր անզգաստութեան ամէնէն խեռ ժամերուն կարելի էր ուղղութեան բերել զինքն, սպառնալով վարդագոյն տուփին. այն ատեն անմիջապէս տեղի կուտար, լուրջ կերպարանք մը առնելով։
       * * *
       Գարնան տերեւներուն առաջին ընձիւղներուն, տենդոտ անհամբերութեամբ սկսած էր հետեւիլ բնութեան աստիճանական զարթնումին, օդին մեղմացումներուն, վախնալով սակայն լոյսին հանելէ իր կաթնագոյն պզտիկ հունտերը, դողալով որ որդերը չելլեն՝ դեռ թթենիի տերեւները չի հասած։
       Թթենիներուն ծլելուն հետ, մեջտեղ հանած էր իր հունտերը։ Այն ի՜նչ ուրախութիւն էր երբ իրիկուն մը իմացուց մեզ թէ որդերը սկսեր էին ելլել հունտերէն. սեւ պզտիկ կէտ մը որ նախ կը պիսակէր ճերմակ պզտիկ գնդիկը, յետոյ քիչ քիչ կը մեծնար, դուրս կը սողար իր պատեանէն՝ իր ետեւէն քաշքշելով զայն ընդ երկար, վերջապէս գտնելով իր ազատութիւնը եւ, արձակ շարժումի հրճուանքին մէջ, խօլական հոսումներով պտըտցնելով իր կակուղ լպրծուն մարմնիկը, անխոտոր դիմելով քաշուելով դէպի կանաչ տերեւը, ինչպէս երկաթի կտորը դէպի մագնիսը։
       Ալ այնուհետեւ Տիւրիւկին կեանքը կեդրոնացաւ այն սեղանին առջեւ ուր շերամի որդերը, հարիւրի չափ, օրէ օր կ’աճէին կ’ուռճանային, հետզհետէ աւելի որոշելով իրենց մարմնին ձեւը, իրենց գորշ պատեանը փոխելով մոխրագոյն գեղեցիկ մորթի մը, - կենդանի խայտուցի երիզ մը փողփող վէտվէտումներով։ Տիւրիւկին համար ամենամեծ յոգնութիւնն էր ա՛լ տերեւ ճարել իր որդերուն յարաճուն որկրամոլութեան։ Մեր պարտէզը թթենի չկար. ուստի կ’ստիպուէր իր բարեկամուհիներէն, փաղաքշական խօսքերով, աղաչանքով, պզտիկ նուէրներով, թթենիի տերեւ գտնել առտու իրիկուն։ Երբոր որդերը, առջի օրուան տերեւները կերած հատցուցած, անոնց խորշոմած ու ճմրթկած երեսներուն վրայէն կը պտուտքէին, ինք կը հասնէր յանկարծ, կարմրած, քրտնած, հեւ ի հեւ, լիաբուռն բերելով թթենիի տերեւները՝ կանաչ մետաղական փայլփայլումներով, եւ իրեն համար անճառ երանութեան պահն էր երբոր զմեզ ամէնքս գրեթէ բռնի կը տանէր սեղանին շուրջը, մտիկ ընելու որդին բբուկներուն միօրինակ ու յարատեւ խշրտուքը թարմ տերեւին վրայ, դիտելու անոնց երանաւէտ հեշտաթաւալ հոսումը կենսապարգեւ դալարին վրայ, իրենց լպրծուն մարմինն արբշռութենէ դողդողուն։
       * * *
       Որդերն ա՛լ մեծցեր էին տակաւ, Տիւրիւկին մատներուն չափ երկար ու հաստ։ Կաթնորակ պատեան մը ունէին հիմա, իրարու մէջ ընդելուզեալ օղակներէ կազմուած։ Իրենց մարմնին հետ, իրենց ախորժակն ալ մեծցեր աճեր էր, ու հիմա որկորաժէտ լափող անյագութիւն մըն էր եղեր, որուն առջեւ մեր խեղճ Տիւրիւկը ի՛նչ ընելիքը չէր գիտեր ա՛լ։ Օրը երկու երեք անգամ սնունդ պէտք էր անասնիկներուն։ Թարմ տերեւները սեղանին վրայ դրուելուն պէս, տեսնելու էր որդերուն հրճուանքը, իրենց մարմնին քսկռտումները եւ տատանումները դալարին ողորկ երեսին վրայ, ամբողջ գգուանք մը, փայփայանք մը, գլխու համաչափ օրօրումներով, ճիշդ ինչպէս մարդ գլուխը վարէն վեր խուսափումներով կը շարժէ՝ սիրած կնոջը ձեռքին շոյանքին տակ։ Որդերուն բերանը կը պտըտէր նախ տերեւին շուրջը, քիչ ատենէն գեղեցկահիւս ժանեակի մը փոխելով զայն։ Եւ ահա ուրիշ որդ մը որ գլուխը կը բարձրացնէր տերեւին մէջտեղէն, բոլորակի ծակելով զայն եւ հետզհետէ վեր սողալով, մինչ ուրիշ գլուխներ իրենց համար տեղ կը փնտռէին, հետզհետէ ծակծկելով կանաչը։
       Տիւրիւկ ա՛յդ միջոցին կը գտնէր իր հանգիստը։ Դէմքին վրայ անօրինակ լրջութիւն մը կար, իր դերին ամբողջ կարեւորութիւնն ըմբռնած, իր աշխատութեան այդ կենդանի արդիւնքին առջեւ հիացած, շլացած։ Կերպով մը նախաճաշակն էր այս այն անհուն գոհունակութեան զոր ապագային պիտի զգար, երբ իր կաթովը, իր էութեան խորունկէն մղուած կենսական հիւթովը պիտի սնուցանէր իր զաւակները։
       Այս գոհունակութիւնն էր որ մոռցնել կուտար իր ամէն օրուան չարչարանքները՝ սնունդ հասցնելու համար իր անասուններուն։ Որդերուն՝ ուտելէ դադրելու եւ խոզակ կապելու օրերը կը մօտենային եւ պէտք չէր մէկ օրուան մէջ փճացնել այնչափ երկար ատենուան արդիւնքը։ Ուստի անդին կը վազէր կ’երթար, հապճեպ, փութկոտ, ու իր պզտիկ գոգնոցը տերեւով լեցուն՝ յաղթական տունէն ներս կը մտնէր, մեծ բեռէ մը ազատած ըլլալու խնդութեամբ։
       * * *
       Իրիկուն մը, սովորականին պէս, Տիւրիւկին սենեակը ելայ՝ որդերուն վիճակը հասկնալու։ Դրան մօտ, հեծկլտուքի ձայն մը լսեցի ու ներս վազեցի։ Լայն սեղանին առջեւ, Տիւրիւկ, ոտքի վրայ, թաշկինակ մը խածատելով, կուլար ու կը հեծկլտար։ Արցունքները կը գլորէին իր սիրուն այտերէն վար, առատ, յորդ, ու հեծկլտուք մը կուգար մերթ իր կոկորդը սեղմելու։ Աչքերը, արցունքի քօղով մը ստուերոտ, յառած էին որդերուն սեղանին վրայ։ Վիշտը չէր այս պզտիկ աղջկան մը որուն պէպէքը կոտրած է կամ աղուոր գրքին վրայ մելան թափած, հապա ընդհանուր թախծութիւն մը, բուն ցաւը որ հոգւոյն ալքերէն կը բղխի, չափահասի գիտակցական կսկիծ մը որ գիտէ թէ անդարմանելի բաներ կան որոց առջեւ ա՛լ մաքառիլ կարելի չէ ու անձնատուր ըլլալէն ուրիշ միջոց չի կայ։
       Զիս տեսածին պէս, երկու թեւերը բաց վրաս վազեց եւ գիրկս նետուելով ու գլուխը կուրծքիս մէջ թաղելով,
       - Ա՜խ, ախպարի՛կ, կը մեռնի՜ն կոր։
       - Ի՞նչ, աղջիկս։
       Բերանը վրայ չի գնաց “որդերը” ըսելու եւ ձեռքէս բռնելով ու առջեւ քաշելով,
       - Նայէ՛, ըսաւ։
       Չորցած կռնծած տերեւներու կոյտի մը վրայ, ուր մերկ շիւղեր փռուած կը կենային՝ որդերը իրարու փաթթուած՝ սրտաճմլիկ տեսարան մը կը ներկայացնէին։ Լուվրի Թանգարանին մէջ հոյակապ պատկեր մը կայ, Ժէռիգոյի Լը ռատօ տը Մէտիւզը, յորում տասնի չափ նաւաբեկեալներ, լաստի մը վրայ ապաստանած, անօթութեան գալարումներով կը տանջուին, երեսի վրայ պառկած, գլուխնին դէպի վեր երերցնելով ողորմագին։ Ժէռիգոյի պատկերը միտքէս չելլեր հիմա։ Որդերը նոյն գալարումներն ունին, գլխու նոյն ողորմագին տատանումները դէպի վեր համբարձիկ, բան մը սպասելով կարծես վերէն, երկինքէն, որ կ’ուշանայ, չի գար։ Յետոյ, յուսահատութեամբ, վար կ’առնեն իրենց գլուխը, իրարու վրայ կը սողոսկին, իրարու կը փաթթուին, իրարու մարմինը կը լզեն, ամէնքը միասին խառնամառն անհեթեթ կոյտ մը ձեւացնելով, դարձդարձիկ շարժումներով չորցած տերեւներուն շուրջն որոցմէ պակսած է կենսական հիւթը։ Օրհասականներու ճգնաժամ մըն է որ աչքիս առջեւ տեղի կ’ունենայ։ Տիւրիկը եւ իր ցաւը մոռցած եմ։ Սեղմում մը սիրտս կը ճնշէ, կոկորդս կ’ուռեցնէ։ Կը յիշեմ այս ցաւը զգացած ըլլալ կեանքի ուրիշ դառն վայրկեաններու մէջ, ամէն անգամ որ հանդիսատէս գտնուած եմ կեանքէ ի մահ տանող, էութենէ դէպի ոչնչութիւնը մօտեցող գերագոյն ժամերու ոգորումներուն։
       Կը զգամ որ մէկը թեւէս կը քաշէ։ Տիւրիւկն է որ արցունքոտ ձայնով մը կը ճըւայ.
       - Բան մը չպիտի՞ ընես։
       - Դուն ի՞նչպէս չկրցար գտնել։
       - Ա՜խ, ամէնուն ալ գացի, տալ չեն ուզեր կոր. մայրիկնին ըսեր է որ թութերը կ’աւրուին կոր եղեր, ծառերը կտոր կտոր եղեր են։ Ա՜խ, դուն բան մը ըրէ։
       - Կ’ընե՛մ կ’ընե՛մ։
       Ըսելս ու դուրս նետուիլս մէկ կ’ըլլայ։
       Ի՞նչ պիտի ընեմ։ Չեմ գիտեր։ Մութը կոխելու վրայ է։ Փողոցներէն կ’երթամ մոլոր քայլերով, աչքս չորս դին դարձուցած։ Պարտէզներու քովէն կ’անցնիմ. ամէն ծառերը կան, տանձենիներ, սալորենիներ, ծիրանիներ, տունկեր, ծաղիկներ. թթենի՜ միայն չի կայ։
       Յանկարծ, պատի մը տակ կը կենամ։ Թութի ծա՜ռ մը, թութի ծառ մը հսկայ, խրոխտ, որ իր տերեւներն ամէն կողմ կը ղրկէ, պատէն դուրս երկնցած։ Ճիւղերը բարձր են սակայն. պէտք է պատին վրայ մագլցիլ։ Չորս դիս կը նայիմ, մարդ չի կայ։ Մանկական հին ճարպիկութիւնս կը գտնեմ մէկ վայրկեանի մէջ եւ պատէն վեր կը շուլլուիմ։ Պատին վրայ եմ, ձեռքս ինկած մեծ ճիւղ մը կը կոտրեմ, վար կը ցատքեմ եւ տուն կը վազեմ։
       Երբոր Տիւրիւկ խենդի պէս տերեւները ձեռքէս առնելով որդերուն վրայ նետեց, ցատքեց վզիս փաթթուեցաւ։ Հիմա նորէն կուլար, ու չեմ գիտեր ի՛նչ խանդաղատանք մըն էր որ իրմէ ինծի կ’անցնէր՝ իր սրտին վրայ իմ սիրտս ուռեցնելով եւ իմ արցունքներս խառնելով իր արցունքներուն։
       (“Հայրենիք”, 9 Հուլիս 1892).