Ղալաթիոյ “րէսդ”ը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ՂԱԼԱԹԻՈՅ “ՐԷՍԴ”Ը
       “Ամեն ինչ որ կ’ընէք՝ Տիրոջը փառքին համար է”։
       Գացե՞ր էք Ղալաթիոյ Րէսդը։
       Ղալաթիոյ ամէնէն աննշան ու միանգամայն ամէնէն հետաքրքրաշարժ վայրերէն մէկն է ասիկա։ Գաֆէ մըն է կերպով մը, ու միւս գաֆէներուն հետ ունեցած նմանութիւնը ան է մինակ, որ հո՛ն ալ անգործ ու պարապ մարդիկ կը յաճախեն։ Բայց մինչդեռ Կ. Պոլսի ծովեզերեայ այդ տարօրինապէս ինքնատիպ թաղին մէջ այլուր պիտի գտնէք միայն դէմքեր, որոնց վրայ մոլութիւնը դրած է իր ակներեւ դրոշմը եւ օղին ու ալքօլը փորած են բարակ ակօսներ, ու աչքերու մէջ անյագ տենչանքներու եւ ահռելի յուսահատութեան խօլ փողփողումները, վայելչազգեստ մարմիններու քով ծակծկած արմուկներ եւ տաբատներու ծըւիկ-ծըւիկ քղանցքներ, ու անփութութիւնն ու անպատկառութիւնը քով քովի, - ասդին, Րէսդի մէջ, ամէնքը մէկ կաղապարէ թափուած մարդիկ են, հանդարտ դէմքեր, խնամքով խոզանակուած հագուստներ, խորհրդակիր զգուշաւորութիւն մը, եւ աչքերու մէջ միշտ յոյսի ցոլքը։
       Անգլիացի միսիօնարուհի մը հաստատած է այս շէնքը Բէրշէմպէ-Բազար, իբր բողոքականութեան ծաւալման միջոց մը։ Շէնքը երկու սենեակի կը բաժնուի, սրճարան եւ ընթերցարան։ Մուտքը եւ ընթերցանութիւնը ձրի են, ու պարտաւոր չես բան մը առնելու։ Խահուէ, թէյ, կաթ եւ նմանօրինակ անվնաս ըմպելի մը կը բերէ քեզի սպասաւորը՝ եթէ ուզես. թէ ոչ՝ կարող ես առաւօտէն մինչեւ իրիկուն նստիլ հոն առանց փարա մը վճարելու։ Պատերուն վրայ գրուած են Ս. Գրքէն այլեւայլ հատուածներ, հայերէն, յունարէն, անգլիերէն, թուրքերէն։ Ամբողջ մատենադարան մը կայ հոն կրօնական հանդէսներու, որոնք առանձին հատորներով կազմուած են, եւ բաւական ստուար կոյտ մը կրօնական տետրակներու, որոնք տեղին սպասաւորը անուշ ժպիտով մը կը նուիրէ ձեզի. յաւիտենական վերնագիրներն են ատոնք իրենց բողոքական ծագումին յատկանշական դրոշմովը. - Զղջալ եւ Յիսուսի երթալ. - Յիսուսի նայինք. - Ամէն քրիստոնեայ Քրիստոսի գործաւոր. - Յանցանքն իմս չէ. - Ո՞յք են որ կ’ընդունին զՀոգին Սուրբ, եւ այլն։ Ժուժկալութեան ընկերութեան մը մասնաճիւղն է նաեւ Րէսդը. ընթերցատան մէջ, եռոտանիի մը վրայ, որ ծանրաբեռնուած է լրագիրներով ու տետրակներով, կայ այն քարտերէն մին, զոր ստորագրողը ինքզինքը պարտաւոր կը համարի հրաժարելու ոգելից ըմպելիէ եւ ծխախոտէ, ու լամբակէն անցնելու կապոյտ ժապաւէնի կտոր մը։ Այդ քարտին ճակատը գրուած է՝ Ամէն բան կրնամ ընել Քրիստոսով, որ զիս կը զօրացնէ (Փիլիպ. Դ. 13), եւ “Ժուժկալութիւն կամ Քրիստոնէական շարժում մոլութեանց դէմ” վերնագրին տակ սա բառերը. “Յիսուսի օգնութեամբ ոգելից ըմպելիքներէ եւ ծխելէ հրաժարելով՝ կ’ուխտեմ այլեւս չգործածել եւ օրինակ ըլլալ այլոց”, որոնց ներքեւ պէտք է դնել ստորագրութիւնը։ Մինչեւ հիմա Րէսդի հայ սպասաւորը միայն կարծեմ քաջութիւն ունեցած է իր անունը փայլեցնելու այդ քարտին ներքեւ եւ իր լամբակը զարդարելու այն յուսածիծաղ ժապաւէնով։
       Բողոքական տաճարի մը պարզութիւնը եւ մաքրութիւնը կը տիրեն հոն։ Սպասարկութիւնը կը լինի երկիւղած հանդարտութեամբ ու վայելուչ բարեկրթութեամբ. սրճարանին երկու ծառաները կարծես սրբավայրի մը մէջ կը քալեն։ Ու սովորութիւններ կան հոն, որոնք անվարժներու զարմանքն ու մերթ զայրոյթը կը շարժեն։ Ընթերցանութեան յատկացած սրահին մէջ արգիլուած է սիկառէթ մը ծխել, կամ սուրճդ հոն բերել տալ, - մինչ Րէսդի երկու կողմը, քիչ մը վեր կամ վար, կասկածելի գարեջրատներու խառնակեցիկ աղջիկներ - մրուրը մեծ քաղաքին ապականութեան - անցորդին առջեւ կը պարզեն իրենց յօսնական նայուածքները, խենէշ եւ լպիրշ նայուածքը։
       Հայեր ու Յոյներ միայն կը յաճախեն Րէսդը, աւելի շատ լուսաւորչական եւ օրթոտոխս, քան բողոքական։ Վարժարանէ նոր ելած երիտասարդներ են ասոնք մեծ մասամբ, անգործ դասատուներ, գործ փնտռող գրագիրներ, պաշտօնի հետամուտ բողոքական քարոզիչներ։ Հոն կը նստին ժամերով, պատուհանին մօտ, միշտ յուսալից եւ ակնկալու, ուշադիր՝ դռան իւրաքանչիւր բացուածքին եւ ներս մտնող մարդուն, որ գոգցես իրեն հետ պիտի բերէ այնքան ատենէ ի վեր ըղձացուած դասերը կամ պաշտօնը։ Ու մերթ, քիչ մը շարժում դնելու համար կարծես այդ խաղաղիկ միօրինակութեան մէջ, կրօնական վիճաբանութիւններ կը լինին, որոնց մէջ Յոյները աչքի կը զարնեն միշտ իրենց շարժուածքին ուժգնութեամբ ու ձայներուն բարձրութեամբ։ Եղած չէ սակայն վիճաբանութիւն մը, որ կռիւով վերջանայ. այդ մթնոլորտին մէջ չես գիտեր ինչ կայ իւղոտ ու թմրեցուցիչ, որ կ’ազդէ ամէնէն աշխոյժ մարմիններուն ու ամէնէն կրակոտ ուղեղներուն վրայ։
       Ընթերցարանին մէջ, տախտակորմով բաժնուած մաս մը կայ որ Րէսդի տեսչուհիին եւ անոր օգնականին յատկացուած է։ “Աւետարանական” միսիօնարուհիներ են ատոնք։ Իրենց մանկական ու միանգամայն վաղնջուց մագաղաթի պէս ճմրթկած դէմքը պատկառանք ու կարեկցութիւն կ’ազդէ քեզի։ Այդ կապոյտ աչուըներուն խորը կեանքի ի՜նչ աղեխարշ տռամ մը կը յայտնուի դիտողին։ Կը զգաս թէ հոգին ո՛ր աստիճան տիրապետած ըլլալու է մարմնին, - արդի ժամանակին մէջ ուր երազէն աւելի գործը, անդորրաւէտ խաղաղութենէն աւելի մարմնատանջիկ կրքերն ու խանդանքը, վայելքէն աւելի հեշտախտութիւնը, սէրէն աւելի միսը կը տիրապետեն յաղթապանծ, - որպէսզի այդ հէգ անգլիացի աղջիկները, կեանքին ամէն հաճոյքները արհամարհելով, օտար երկիրներու մէջ գան օտար ու անտարբեր մարդերու նուիրել իրենց ամուլ ծոցին բոլոր խանդաղատանքը։
       Երբեմն կ’երթայի ժամերով նստիլ այդ հանգստավայրը. Ղալաթիոյ անտանելի ժխորին ու եռացող ոգեւորութեան մէջ, անշարժ արձանի մը տպաւորութիւնը կ’ընէ քեզի այդ տունը, ուր գլուխները՝ մարմարեայ սեղաններուն վրայ հակած լռելեայն՝ կը կարդան Արեւելք, Աւետաբեր, Բիւրակն եւ անգլիերէն թերթեր։ Ընթերցարանին մէջ ալ մէկ-երկու հոգի կը գրեն մատենադարանին առջեւ։ Յոգնած ուղեղներու համար յարմարագոյն տեղն է ատիկա Ղալաթիա։ Հիմակ ա՛լ առջի ախորժը չունիմ այդ վայրին համար։ Օր մը սարսուռով դուրս ելած եմ անկից։
       Անցեալ Նոյեմբերին տեղի ունեցաւ ասիկա։ Հինգշաբթի օր մըն էր, լաւ կը յիշեմ։ Տրտում օդ մը կար. առջի իրիկուընէ ի վեր անձրեւ տեղացած էր, եւ Ղալաթիոյ սալայատակներուն աղտոտ կապարագոյն ցեխը աչքի զարնող հակապատկեր մը կը կազմէր երկնքին պայծառ կապոյտին հետ որ, թօնընկեց ամպերէն ազատած՝ անհունութեան մէջ կը պարզէր իր անծայրածիր մերկութիւնը։ Կծու ցուրտ մը կը տիրէր, ու քամին բիւր սլաքներով կ’ասղնտկէր մարմնին հոլանի մասերը։ Րէսդը մտայ յանկարծ, չեմ գիտեր ինչո՛ւ։ Մարմարեայ սեղանի մը առջեւ անցայ, ուր նստած էր բարեկամներէս մին, մշտնջենաւոր յաճախորդ այդ ներողամիտ հաստատութեան, ու պատկերազարդ հաւաքածոյ մը առնելով սկսայ մեքենաբար թղթատել։ Նոյն բազմութիւնը հոն էր միշտ, անդոյր ու անշշուկ, մեղմաձայն խօսակցութեամբ զբաղած կամ ընթերցանութեան մէջ խորասոյզ։
       Այդ միջոցին ճիշդ քովս եկաւ նստաւ տասնըինը-քսան տարեկան երիտասարդ մը, ֆրանսերէն բարեւեց դիմացի բարեկամս, անգլիերէն թերթ մը քաշեց առջին, փորձեց կարդալ եւ, երկու վայրկեան ետքը, արհամարհանքով մէկդի նետեց զայն եւ սկսաւ ձեղունը դիտել։
       Ուշագրաւ դէմք մըն էր, բոլորովին տարբեր այն խաղաղ ու տարտամ դէմքերէն, որոնց վարժուած էր հոն նայուածքս։ Մոլորուն ու խոր աչքեր ունէր, բայց խո՛ր, այնչափ որ բիբերուն ցոլքը այնպէս կը վառէր հոն ինչպէս սիկառէթի մը ծայրը գիշերուան խաւարին մէջ։ Այտերը այնչափ ներս քաշուած էին, ու վտիտ ա՛յնքան, որ բերնին մէջէն զիրար կը համբուրէին կարծես։ Պեխ ու մօրուք չունէր դեռ. ցից կզակին վրայ հազիւ կ’երկարէին քանի մը սեւ թելեր, որոնց հետ կը խաղար իր սուր ու ոսկրոտ մատներով։ Նիհար պարանոցը կը խրէր ուսերուն մէջտեղ, որոնք երկու կողմէն վեր կը բարձրանային պատուարներու նման։ Գլուխը դրած էր եւրոպական կլոր գլխարկ մը, տեղ-տեղ ճմրթկած ու ա՛յնչափ աղտոտ որ տարակոյս կ’ունենայիր սկզբնական գոյնին վրայ։ Բարակ վերարկու մը հագած էր, որ հազիւ մինչեւ մէջքը կ’իջնէր, եւ արմուկին ծակերէն միսը կ’երեւնար տժգոյն ու ողորմ, ուռուցիկ կապտորակ երակներու գալարումով մը։ Օձիք ու փողպատ չունէր, եւ աղտոտ շապկի մը բացուածքէն կ’երւնային լանջոսկրներուն երկու խոռոչները։
       Ընթերցումս թողուցի ու այդ դէմքը դիտեցի։ Այն հեզիկ մարդերուն մէջ հայհոյանք մըն էր այդ երիտասարդը։ Իր վիճակը սքօղելու երեւոյթ չունէր բնաւ, միւսներուն պէս, որոնք իրենց վերարկուն մինչեւ օձիքը կոճկած են միշտ՝ ծածկելու համար փողպատին պակասը կամ շապկին փեթռտուքը։ Աչուըներուն մէջ ո՛չ յոյս կը կարդացուէր, ո՛չ յուսահատութիւն. անտարբերութիւն միայն։ Թշուառութեան վարժուած ըլլալու էր եւ ատոր մէջ կ’ապրէր սիրայօժար։ Քոթանակ մը չէր թուեր այդ վիճակը իրեն համար, այլ պատմուճան մը։
       Կ’երեւնար որ անգլիերէն ու ֆրանսերէն գիտէր, եւ սակայն անգործ ըլլալու էր՝ այդ խղճալի կացութեան մէջ գտնուելու համար։ Ու, մէկէն, ուզեցի գիտնալ իր պատմութիւնը։ Բնութենէն ու ընկերութենէն անժառանգ այդ պատեանին ներքեւ ի՞նչ գաղտնիք կար ծածկուած։
       Բարեկամիս հետ խօսակցութեան սկսած էի իր կարդացած մէկ յօդուածին վրայ, որուն նիւթը կը պատմէր ինծի, երբ երիտասարդն ալ խօսքի խառնուեցաւ, մեր բարքերուն յատուկ վստահալից ընտանութեամբ։ Մաքուր հայերէն կը խօսէր, ու կ’երեւնար որ քիչ-շատ խնամեալ կրթութիւն մը առած էր։
       Բարեկամս վերստին իր ընթերցանութեան մէջ խորասուզուած էր, եւ խօսակցութիւնը վերջ գտած՝ հակառակ կամքիս, երբ երիտասարդը, որ երկու-երեք վայրկեանէ ի վեր աչքերը սեղանին մարմարին յառած էր անքթիթ սեւեռումով,
       - Կը ներէ՞ք, ըսաւ յանկարծ. եւ առնելով ծխախոտի տուփս, որ սեղանին վրայ կը գտնուէր, սիկառէթ մը բոլորեց ընդփոյթ, վառեց, եւ դէմքը պահ մը կորսուեցաւ ծուխի յորդառատ յորձանքներու մէջ։ Ամէնէն մոլեռանդ ծխողներու քով իսկ չէի տեսած այն անյագ ցանկութիւնը, որով ներս կը քաշէր մուխը եւ յետոյ դուրս կու տար քթէն, բերնէն, աչքերովը հետեւելով կապտորակ պարոյրներուն, անճառ երանութեամբ։ Մոխիրը հետզհետէ կ’իյնար կուրծքին վրայ, շապկին բացուածքէն ներս, ու կը սահէր նորածիլ թելերուն վրայէն։ Ու սիկառէթը ծխեց մինչեւ ծայրը, մատներն ու շրթունքը այրելու աստիճան, եւ երբ վերջապէս հարկադրուեցաւ նետել, ըղձական նայուածք մը ունեցաւ աչուըներուն խորը։
       - Ֆրանսերէնէն ու անգլիերէնէն զատ ուրիշ լեզու ալ գիտէ՞ք, հարցուցի խօսք մը ըրած ըլլալու համար։
       - Այո՛, ըսաւ կերկերեալ ձայնով մը որ կարծես կը քեղրթէր կոկորդին ձայնական լարերը, գերմաներէն ալ գիտեմ, քիչմըն ալ տաճկերէն։
       Նորէն նայեցայ իրեն. անհանգիստ կ’երեւնար, գլուխը այս ու այն կողմ կը շարժէր, ու մերթ նայուածքը կը յառէր ծխախոտիս տուփին։
       - Սիկառէթ մըն ալ կը շինէ՞ք, ըսի։
       Պատասխան չը տուաւ, արդէն իր երկար մատները կը խաղային ծխախոտի թելերուն մէջ, ու յաջորդ վայրկեանին իր սիկառէթին ծուխը պահ մը դարձեալ իր դէմքը կը ծածկէր տեսութենէս։
       - Կ’երեւնայ որ շատ կ’ախորժիք ծխելէ, ըսի, առիթ մը ունենալու համար իրեն հետ խօսակցելու։
       - Այո, ըսաւ, կեանքիս էն մեծ հաճոյքներէն մէկն է. թո՛ղ որ թիւթիւնը ուրիշ աղէկութիւն ալ ունի, անօթութիւնը կ’անցընէ։
       - Դեռ ճաշած չէ՞ք, ըսի անգիտակցաբար։
       - Չէ՛, երէկ իրիկուընէ ի վեր բերանս բան մը դրած չեմ, պատասխանեց անփութօրէն։
       Այս անգամ շեշտակի նայեցայ իր աչուըներուն մէջ։ Չէ՛, կատակ չէր ըներ. իր թալկահար եւ գալարատանջ դիմագիծերը ապացոյց էին ըսածին։
       - Անուննիդ շնորհ կ’ընէ՞ք, ըսի։
       - Արմենակ Սիմանեան։
       Սիմանեան անունը իմացեր էի, հայ-բողոքական հասարակութեան մեծահարուստ ու ազդեցիկ անդամներէն մէկուն անունն էր։
       - Ազգականութիւն ունի՞ք Սիմանեան Յակոբ էֆէնտիին հետ։
       - Հօրեղբայրս է։
       Զարմանքէ զարմանք կը գլորէի։ Չորս լեզու գիտէր, երիտասարդ էր, այնչափ հարուստ ազգական մը ունէր, եւ քսան ժամէ ի վեր բան մը կերած չէր։ Ա՛լ անխորհուրդ եղայ։
       - Ի՞նչպէս կ’ըլլայ ուրեմն… որ այս վիճակին մէջ կը գտնուիք։
       - Է՛հ, ձգեցէք, չարժեր պատմել, կարեւորութիւն չունի։
       Նորէն սիկառէթ մը շինեց, եւ սկսաւ մեծ ճարտարութեամբ բերնովը օդին մէջ ղրկել ծուխի բոլորակներ, որոնք նախ թանձր ու խիտ, երթալով կ’անօսրանային, մինչեւ որ ծիրը կը քայքայուէր եւ աներեւոյթ կ’ըլլար։
       Երբ սիկառէթը սպառեց, ինծի դարձաւ եւ, ժպիտով մը, որ գերեզմանի մը եզրը բուսած ծաղկի մը տպաւորութիւնը ազդեց ինծի՝
       - Հը՛, ըսաւ, կը տեսնեմ որ հետաքրքիր էք կեանքս գիտնալու։ Կեցիք պատմեմ քանի մը խօսքով։ Նախ եւ առաջ սա ըսեմ ձեզի որ ես բողոքական չեմ, չէ՛, բողոքական չեմ։ Թէ որ բողոքական ըլլայի, ինծի այս վիճակին մէջ չէիք տեսնար, բայց չուզեցի, կամ չկրցայ, ձեռքս չէր։ Ամէն ատեն ալ այս վիճակին մէջ գտնուած չեմ. ես ալ աղէկ օրեր ունեցած եմ, մաքուր հագուած եմ, եւ խմած թիւթիւնս ուրիշէն մուրալու պէտք ունեցած չեմ…։ Չէ՛ մի ըսէք, տեսակ մը մուրալ ալ աս է։ Հիմակ ալ եթէ ուզեմ կրնամ աւելի մը կոթ ըլլալ. բայց անա՛նկ զզուած եմ կեանքէն, անա՛նկ զզուած, որ բոլորովին թող տուած եմ ինքզինքս։ Քիչ մը առաջ հօրեղբօրս անունը տուի, զարմացաք հարկաւ որ անանկ հարուստ ազգական մը ունենալովս մէկտեղ աս վիճակին հասեր եմ. սա գիտցէք որ իմ դժբաղդութեանս միակ պատճառը ինքն է։ Հիմակ կը հասկնաք։
       “Լուսահոգի հայրս ալ բողոքական չէր։ Երբոր հօրեղբայրս բողոքականութիւնը ընդունած էր, հայրս, որ իր կրօնքին վրայ շատ հաստատ էր, եղբօրմէն բաժնուած էր, ու անկից ի վեր քէնով էին իրարու հետ, բնաւ չէին տեսնուեր։ Հօրեղբայրս բախտին բերմունքով առաջ գացած էր, խոշոր վաճառատուններ հաստատած. հայրս առջի խանութպանը մնացած էր, հինգ վաստկելով, հարիւր փառք տալով Աստուծոյ։ Գործը այնչափ աղէկ չէր, նեղ օրեր կ’ունենար, բայց ակռան կը սղմէր ու եղբօրը չէր դիմեր։ Ինծի ալ այդպէս մեծցուց։ “Պապերուդ լուս հաւատքին վրայ խավի կեցիր, օղլում”, կ’ըսէր երկու խօսքին մէկը։ Մեռած ատենը, միտքէս չելլար բնաւ, տասուերկու տարու էի ան ատեն, անկողնին քովը կանչեց ինծի եւ շատ մը խրատներ տալէն ետքը վերջին խօսքը սա եղաւ. “Նստէ՛, Արմենակ, զաւակս, ես կը մեռնիմ կ’երթամ կոր, աշխարհքիս վրայ մինակ ես, ամուճադ հէլպէթ քովը պիտի առնէ քեզի, պիտի լոլոզէ, պիտի անուշբերնէ, ֆախատ չուրանա՛ս հաւատքդ, հարըդ քեզի օրինակ, չէ նէ երկու ձեռքս եախադ ըլլայ”։
       “Հօրմէս բան մը չմնաց ինծի։ Ա՛ս մեռելի ծախք է, ա՛ս պարտք է, ա՛ս չեմ գիտեր ինչ է, լմնցաւ գնաց։ Տասուերկու տարու էի, աշխարհքս ինչ էր չէի գիտեր. մայրս արդէն մեռած էր, չըսի կարծեմ։ Նոյն իրիկունը հօրեղբօրս կողմէն մարդ մը եկաւ առաւ զիս եւ իրենց տունը տարաւ։ Չը մոռնամ ըսել որ հօրեղբայրս հօրս մեռելին եկած չէր։ Դրացիներէն պատուական մարդ մը կարգադրած էր ամէն բան։
       “Մինչեւ ան ատեն չէի տեսած հօրեղբայրս։ Գլխարկաւոր, երկու քովէն մօրուօք, անգլիացիի դէմքով ցուրտ մարդ մըն էր։ Դիմացը նստեցուց ինծի, քիչ մը ատեն պտըտեցաւ սենեակին մէջ եւ ըսաւ որ պէտք էր հետեւեալ օրուան համար պատրաստուէի Րոպէրդ Գօլէճը մտնելու, գիշերօթիկ։
       “Չորս տարի կեցայ հոն. կեանքիս էն անուշ, էն խաղաղ ժամանակը ան ատեն եղած է։ Դասերուս մէջ առաջիններէն չէի ալ նէ, վերջիններէն չէի։ Կ’աշխատէի, դասատուներս եւ ընկերներս կը սիրէին զիս. հոն սորված եմ, ինչ որ գիտեմ։ Ամսագլխուն հօրեղբօրս տունը կ’երթայի։ Շատ չէի համակրեր իրեն, բայց չէի ալ ատեր։ Միշտ առջի ցուրտ վարմունքը կը բռնէր ինծի նկատմամբ, յառաջդիմութեանս համար գոհունակութիւն կը յայտնէր ու կը յորդորէր ա՛լ աւելի աշխատիլ։ Այո՛, շատ հանգիստ էի այդ տանը մէջ, եւ սակայն երբ պէտք կ’ըլլար հոն երթալ՝ սիրտս կը սեղմուէր։ Գլխաւոր պատճառը ան կիրակի օրերու աղօթքներն էին, որ կ’երգուէին հոն։ Հօրեղբօրս մեծ աղջիկը բիանօին առջեւ կ’անցնէր, ամէնուն ձեռքը մէյ մէկ երգարան, ու մեծ ու պզտիկ, դուրսէն ալ հրաւիրուած մէկ քանի բողոքական ընտանիք միասին կը սկսէին երգել ժամերով։ Գիրք մըն ալ իմ ձեռքս կու տային, երգուած կտորին տեղը կը ցուցնէին եւ կը ստիպէին որ ձայնակցիմ։ Եւ սակայն, ի՞նչ ընեմ, ներսէս չէր ի գար, օր մը ընկերացած չեմ իրենց երգերուն, հակառակ հօրեղբօրս ինծի ազդած պատկառանքին։ Լեզուս բերնիս փակած էր կարծես. քիչ-քիչ գիրքը վար կ’առնէի, մէկդի կը դնէի, ու երեսս անդին կը դարձնէի։
       “Տասնըվեց տարու եղայ այսպէս. թէեւ բաղդատաբար պզտիկ, սակայն վիճակիս կատարեալ գիտակցութիւնը ունէի. դժբաղդութիւնը կը հասունցնէ մարդս։ Ամսագլխու մըն էր, դարձեալ տուն եկած էի։ Կիրակի առտուն, հօրեղբայրս իր սենեակը կանչեց ինծի. իր դէմքին վրայ այնչափ ծանրութիւն ու խստութիւն տեսած չէի երբեք, մինչեւ իսկ ամէնէն ջերմեռանդ աղօթքներուն ատեն։ - “Արմենա՛կ, ըսաւ յանկարծ խիստ ու շուտ ձայնով, տարիքդ ա՛լ եկաւ լեցաւ, հիմակ չարը բարիէն կրնաս որոշել։ Մինչեւ հիմա ձայն հանած չէի, որովհետեւ կ’ուզէի որ նախ լաւ մը վարժուիս՝ ապա ընդունիս մեր կրօնքը։ Կը հասկնաս անշուշտ ըսածներս. վայելուչ է որ դուն ալ քրիստոնեայ ըլլաս։ Վաղը անունդ արձանագրել կու տամ մեր Ազգապետարանը եւ մնացեալ գործողութիւններն ալ մէկ քանի օրէն կը կատարենք”։
       “- Ես ատանկ բան չեմ կրնար ընել, պատասխանեցի հանդարտ բայց հաստատ ձայնով։
       “Կարծեցի որ վրաս պիտի վազէր։ Դէմքին ո՛չ մէկ գիծը փոխուեցաւ, տասը վայրկեանի մը չափ կեցաւ մտածեց, յետոյ,
       “- Դուն վաղը նորէն Գօլէճ գնա, եկող ամսագլխուն կը կարգադրենք. բայց գիտցած եղիր որ այս բանը պիտի ըլլայ։
       “Ան ամիսը, հաւատա՛, սուտ չզրուցեմ, ամէն գիշեր երազի մէջ տեսայ հայրս որ ինծի կը նայէր մերթ աղաչական, մերթ զայրացկոտ աչքերով։ Ես բողոքակա՜ն ըլլայի. չէ՛, կարելի բան չէր ատիկա։ Յաջորդ ամսագլխուն երբ տուն դարձայ, հօրեղբայրս նորէն իր սենեակը տարաւ ինծի եւ այս անգամ անուշ ձայնով մը,
       “- Է՜հ, Արմենակ, հարկաւ մտածեցիր, ըսաւ։ Կը նայիմ որ դեռ տղայ ես. աշխարհքիս վրայ յամառութենէն օգուտ մը չի կայ։ Ես քու ապագայիդ համար աղէկ խորհուրդներ ունիմ։ Տիրոջը շնորհիւ շնորհքով մարդ մը կ’ըլլաս։ Քեզի Եւրոպա կը ղրկեմ իմ առեւտրական գործերուս համար։
       “Ու կռնակս ծեծելով,
       “- Ե՞րբ երթանք Ազգապետարան։
       “- Ներեցէք, հօրեղբայր, պատասխանեցի, արդէն ըսի ձեզի։ Ես հաւատքս չեմ կրնար փոխել։
       “Այս անգամ դեփ դեղին կտրեցաւ, կ’երեւնայ որ նայուածքէս ու շարժուածքէս հասկցաւ թէ չպիտի կրնայ յաղթել ինծի, թեւէս քաշեց ու դռնէն դուրս հրելով՝
       “- Անանկ է նէ ա՛լ աս տունը գործ չունիս, պոռաց։ Կորսուէ՛, մէյ մըն ալ երեսդ չտեսնամ։ Նայինք ան քու սիրած մարդիկդ ի՞նչպէս պիտի պահեն քեզի։ Հայրդ ալ քեզի պէս էր, բայց վերջը անօթութենէն սատկեցաւ։
       “Ինքզինքս զսպեցի՝ հօրս յիշատակին դէմ եղած այս նախատինքին վրէժը չը լուծելու համար, սանդուղներէն վար վազեցի խենդի պէս, հազիւ խելք ըրի գլխարկս առնելու փողոցին դրանը քովէն եւ դուրս նետուեցայ”։
       Երիտասարդը ընդհատեց պատմութիւնը, գլուխը աջ ձեռքին մէջ առաւ, բութամատովն ու ցուցամատովը սեղմելով քներքին երակները։ Շատ դառն յիշատակներ արթնցած էին անշուշտ մտքին մէջ։ Զինքը ուրիշ բանով զբաղեցնելու համար, սիկառէթ մը շինեցի եւ ծխախոտին տուփը իրեն առջեւ քշեցի։
       - Չէ՛, ըսաւ, հերի՛ք է, ա՛լ չեմ ծխեր, սիրտս կը ճմլէ կոր։ Գլուխ ցաւցուցի, շուտ մը պատմեմ լմնցնեմ։
       Պահ մը ամփոփեց մտածումները, ու շարունակեց, այս անգամ արագ ու հապճեպ, ձեռքը միշտ գլխուն տանելով ու ափովը մազերը քներքին վրայէն ուժով տրորելով դէպի ետ, կարծես իբր վանելու համար գէշ երազի մը տպաւորութիւնը։
       - Ան օրէն մինչեւ հիմակ ան տունը ոտք կոխած չեմ։ Դուրս ելլալէս ետքը չեմ գիտեր ուր գացի, երկու-երեք ժամ պտըտեցայ ասդին անդին։ Գրպանս նայեցայ, երկու մէճիտիէի չափ ստակ կար։ Ո՞ւր պիտի երթայի, ի՞նչ պիտի ընէի։ Մտածեցի որ մօրս մէկ հեռաւոր ազգականը կար, շոգենաւով վար իջայ, եւ գիշերը անոնց տունը գացի։ Արմացած զարմացած մնացին երբ ըսի որ ա՛լ հօրեղբօրս տունը չպիտի դառնայի, բայց պատճառը չզուրցեցի։ Ըրածս չի պիտի հասկնային, խեղճ մարդիկ էն, պիտի մեղադրէին զիս կամ խրատ տալու պիտի ելլային։
       “Հետեւեալ օրուընէ Պոլսոյ սալայատակները իմ սիրական տեղուանքս եղան։ Առտուընէ մինչեւ իրիկուն կը պտըտէի, գիշերն ալ յոգնած դադրած անկողին կ’իյնայի։ Գլխուս զարնուածի պէս բան մըն էի եղեր։ Դեռ ինծի պատահածը չէի կրնար կոր հասկնալ, իմ պզտիկ գանկիս մէջ չէի կրնար կոր սեղմեցնել ատոր բացատրութիւնը։ Գէշը ան եղաւ որ ատ տարիքիս մէջ, ուր դեռ ուրիշները բանդոլոնը կը մաշեցնեն գրասեղաններուն վրայ, ես ինք իր գլխուս մնացի՝ կեանքին վրայ շատ գէշ գաղափարով։ Ամսէ մը ետքը, ասդին անդին իյնալով, կրցի գործ մը գտնել կեսարացի վաճառականի մը քով. բայց չկրցայ հոն մնալ. մարդը իր ուշախին պէս գործածել կ’ուզէր զիս. վարժուած չէի ատ կեանքին, ձգեցի գացի։ Անկէ ետքը ուրիշ տեղ գտայ, բայց տեղ մըն ալ չկրցայ մնալ։ Սիրտս նեղցեր էր։ Երկու-երեք ամիս ետքը արդէն ելած էի այն ազգականներուս տունէն, որոնց վրայ չէի ուզեր բեռ ըլլալ, ու հոս մօտերը պզտիկ սենեակ մը վարձած էի տան մը է՛ն վերի յարկը, տանիքին տակ։
       “Հինգ տարի անցած է անկից ի վեր, ու չեմ գիտեր թէ ի՛նչպէս ապրած եմ։ Սոսկալի վայրկեաններ ունեցած եմ. զարմանք է որ մինչեւ հիմա չեմ մեռցուցած ինքզինքս։ Հետզհետէ ինկայ, ու գէշ ինկայ։ Առջի խղճահարութիւններս չմնացին, կամքիս հակառակ բաներ ալ ըրի, ասդիինին-անդիինին դիմեցի, բայց ուրիշ կերպ կարելի չէր։ Չմուրացի մինակ, թէեւ անօթի մնացի։ Միտքէս սակայն օ՛ր մը չանցուցի հօրեղբօրս դիմել։ Ինք քանի մը անգամ գրեց ինծի որ եթէ ուզածը ընէի, կը ներէր ինծի ու նորէն քովը կ’առնէր։ Պատասխան անգամ չտուի։ Եթէ իրեն դիմելու աստիճանին ըլլամ, կը բռնեմ ծովը կը նետեմ ինքզինքս, կը լմննայ կ’երթայ։
       “Հիմակ ահա այս կերպով կ’ապրիմ, թէ որ ասոր ապրիլ կ’ըսեն։ Մէկուն մէկալին գիրերը կը գրեմ երբեմն-երբեմն, ձեռքս քանի մը ղուրուշ կ’անցնի. հոս մօտերը ճաշարանի մըն ալ լիսդաները կը գրեմ եւ իրիկուընէ իրիկուն երկու պնակ կերակուր կու տան ինծի։ Բան մըն է կ’երթայ կոր, թող կու տամ կոր որ երթայ։ Աղէկ կամ գէշ ըրած ըլլալս չեմ գիտեր, բայց խիղճս հանդարտ է”։
       Ոտք ելաւ ընդոստ ու ձեռքս սեղմելով,
       - Շատ խօսեցայ ու փորս անօթեցաւ, ըսաւ խնդալով։ Երթամ քիչ մը բան ուտեմ։ Մնա՛ք բարով։
       Ու դռնէն դուրս ելաւ, եւ տեսայ որ, կծու ցրտին դէմ պատսպարուելու համար վերարկուին օձիքները դարձուցած եւ ուսերը տնկած, դիմացի փողոցն ի վար սկսաւ քալել աճապարանքով։
       Տակաւին հինգ վայրկեանի չափ մնացի Րէսդը, կարծես գամուած այդ սեղանին առջեւ։ Վերջապէս ոտք ելայ։ Դուրս ելած ատենս աչքիս զարկաւ դրան ճակատը դրոշմուած արձանագրութիւնը. “Աստուած սէր է”, եւ անոր հանդիպակաց կողմը միւս վերտառութիւնը. “Ամէն ինչ որ կ’ընէք՝ Տիրոջը փառքին համար է”։
       ( “Մասիս”, 1 Սեպտ. 1889,
       “Մուրճ”, Նոյեմբեր 1901)։