Դրացուհին

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԴՐԱՑՈՒՀԻՆ
       առ Ե. ՏԷՄԻՐՃԻՊԱՇԵԱՆ
       Այն իրիկունը՝ Սկիւտարի վերջին շոգենաւին ստորնայարկի սրահն էի։
       Դեկտեմբերի ամպրոպայոյզ իրիկուն մըն էր. անձրեւը կը տեղար մեծակայլակ ու մենակերպ, եւ մութ կապարագոյն կոհակներուն զարնուելով՝ եռացող պղպջակներու խուլ շառաչիւն մը յառաջ կը բերէր։ Հովին - անձրեւի յաւիտենական թշնամւոյն- յորձանքները կուգային անընդհատ խառնակել ու աւրշտկել այն ջրեղէն կանոնաւոր սիւներն որք միութեան անհատնում գծեր կը յօրինեն՝ երկնքէն մինչեւ երկիրը ձգուած։
       Շատ քիչ բան ծանօթ է ինձ այնքան սաստկապէս մելամաղձիկ որչափ վերջին շոգենաւու մը ստորնայարկը, մանաւանդ այդ տեսակ օդով մը։ Մեծ մասամբ շուկայի մարդիկ են անդ նստողները, յոգնած դադրած, ստեւեայ բազմոցներուն վրայ փռելով իրենց մարմնոյն խոշոր խոնջէնքը։ Տեսակ մը արհեստական գիշեր կը տիրէ այնտեղ, որուն լուսինն է ձեղունէն կախուած լամպարն՝ իր դեղնաշորթ պլպլուքով եւ որուն աստղերը կը կազմեն գլանիկի ծայրերն որք սրահին ամէն կողմէն կը ծակեն այդ խաւարը։ Ո՛չ լրագիր կը կարդան հոն, եւ ո՛չ կը խօսին ու կը խնդան բարձրաձայն. իւրաքանչիւր ոք, իր մտածմանը մէջ խորասոյզ, անհամբեր իր ընտանեկան յարկն երթալու ի գլուխ վառարանին, անսահման յոգնութեան նայուածքներ կը պտտցնէ չորս բոլորքը։ Անգիտակից թմրութիւն մը կը պատէ զքեզ այդ եղկ մթնոլորտին մէջ, որ զքեզ քու մէջդ կ’ամփոփէ եւ ներքին աշխարհ մը կ’ստեղծէ քեզ համար։
       Բարեկամ ու ծանօթ չկար քովս, եւ կիսովին ետիս դարձած, գոլորշուտ պատուհանէն կը դիտէի ալեաց գիսախռիւ կատարներն որք կուգային անընդհատ զարնուիլ եւ խօլական գծեր ձեւացնել այդ ապակւոյն վրայ, ի զուր իրենց մոլեգնութիւնը փորձելով այդ դիւրաբեկ ու միանգամայն գերազանցապէս հաստատուն մակերեւոյթին վրայ, - երբ զգացի որ մէկը եկաւ նստաւ քովս. ասդին դարձայ ընդոստ, ու, կէս մութին մէջ, ճանչցայ զինքը. Միհրանն էր, դպրոցական վաղեմի ընկերներէս մին զոր երկու երեք շաբաթէ ի վեր չէի տեսած։
       - Դո՞ւն ես, Միհրան, ըսի զուարթութեամբ. բար’ իրիկուն։
       Աստծու բարին, պատասխանեց այնպիսի շեշտով որ շատ տրամադրութիւն ցոյց չէր տար խօսակցութիւնն ատկից աւելի շարունակելու։
       - Ի՞նչպէս ես, աղէ՞կ ես։
       - Շնորհակալ եմ, հանգիստ եմ։
       - Շատոնց է չես երեւցած։
       - Ը՜հ։
       Այո՛, ակներեւ էր, անհանգիստ կ’ընէի զինքը։ Շրթանցը շարժուածքէն՝ որք հազիւ հազ կը բացուէին քանի մը բառեր թափթփելու համար, եւ ձայնին թոյլ ու քաշքշուկ շեշտէն կ’երեւէր յայտնապէս թէ այդ վայրկենին նախամեծար պիտի համարէր ինքնիրեն մնալ։ Եւ սակայն շատ տարուան բարեկամներ էինք, գրեթէ մտերիմ։ Դպրոցական երկար շրջան մը իրարու կապած էր զմեզ յիշատակաց անքակտելի կապերով։ Դասարանի մէջ քովս կը նստէր, եւ որովհետեւ այնչափ աղէկ չէր դասերուն մէջ՝ ինձմէ կ’ընդօրինակէր իր շարադրութիւններն ու պարտականութիւնները։ Ընկերներս եւ ես, ամէնքս ալ կը սիրէինք զինքը։ Գիրուկ ու կլոր դէմքով խոշորկեկ տղայ մըն էր, բարի, չափազանց բարի, այն տիպարներէ մին որոց կը պատշաճի ժողովրդական նկարագեղ բացատրութիւնը. “Բերանը ա՛ղ դիր մորթէ՛”։ Դպրոցէն ելլելէ վերջն ալ դադրած չէր մեր բարեկամութիւնը։ Փաստաբանի մը գրասենեակն էր ի Ղալաթիա, բաւական աղէկ վիճակ մը ունէր։ Ուրիշ ատեններ, երբ շոգենաւին մէջ տեսնէր զիս, օձիքս թող չէր տար, եւ, զուարթ ու շատզրուց, մոռցնել կուտար շոգենաւին դանդաղ ընթացքն ու անիւներուն դրնդիւնն որք ջուրը կը ծեծեն յուսահատեցուցիչ միօրինակութեամբ։ Այն իրիկուն ուրեմն ինչո՞ւ հեռու կը փախչէր ինձմէ։
       - Յոգնած կ’երեւնաս կոր, Միհրան, ըսի։ Չէ նէ մի հիւանդ ես։
       - Չէ՛, բան մը չունիմ։
       Լամպարին լուսով զինքը դիտեցի ուշադրութեամբ։ Նոյն խաղաղ ու անմեղ դիմագծութիւնն էր միշտ։ Աչուըներուն մէջ սակայն խուզարկու անհանդարտութիւն մը կար, թարթիչներն անդուլ կ’ելլէին կ’իջնէին ջղաձգաբար։ Ձախ ձեռքին ափովը ճակատը կը շփէր շարունակ։
       - Չէ՛ մի զուրցեր, դուն բան մը ունիս եւ ինծի չես ըսեր կոր։ Ինձմէ բա՞ն պահել սկսար։ Քեզի այսպէս տեսած չէի երբեք։ Ըսէ՛, վի՞շտ մը ունիս։
       - Չէ՛, կրկնեց խուսափողական կերպիւ։
       - Այդ չէէդ կը հասկցուի որ չեմ սխալեր։ Ներսիդին բան պահելը աղէկ չէ։ Ինծի չ’յայտնես որի՞ պիտի յայտնես։ Ըսէ՛, կը մխիթարուիս, սիրտդ կը թեթեւնայ։
       Այս անգամ երեսս նայեցաւ անսահման խանդաղատանքով, ու ձեռքս բռնեց։ Հակառակ ցուրտին, իր ձեռքը կ’այրէր։
       - Այո՛, աղէկ չեմ, ըսաւ։
       Ու ա՛լ չկրցաւ զսպել ինքզինքը. երկար շունչ մը առաւ. սիրտը պիտի պոռթկար կարծես։ Ու յուզմունքէն դողդոջուն ձայնով մը.
       - Ուրիշներուն չէի զուրցեր, որովհետեւ վրաս պիտի խնդային, բայց քեզի կ’ըսեմ։ Մեր սենեակը եկած ես. փողոցին վրայ պատուհանին քով կը նստիմ միշտ, կամ թէ՝ կը նստէի ասկից առաջ։ Դիմացը կարգ մը տուներ կան, որոց տակը խանութ է։ Օտարազգի ընտանիքներ կը բնակին այդ տուները, չես գիտեր աշխարհքիս ո՛ր կողմերէն եկած ինկած այդ տեղուանքը։ Ղալաթիոյ մէջ խանութ ունեցող մարդոց ընտանիքներ են ասոնք, որք տեղւոյ մօտութեան պատճառով յանձն առած են այդ խղդուկ շէնքերուն մէջ գալ մաշեցնել իրենց կեանքը։ Երբեմն երբեմն պատուհաններուն վանդակներուն բացուածքէն կիներ ու աղջիկներ տեսած էի, բայց կարեւորութիւն չէի տուած։ Կը ճանչնաս ինծի։
       “Ասկից եօթ ութ ամիս առաջ, Ապրիլին էր կարծեմ, օր մը դուրսը նստած ատենս, տեսայ որ ճիշդ դիմացի պատուհանին առջեւ պզտիկ աղջիկ մը նստած կար կը կարէր, գլուխը կախած։ Ալ աւելի ուշադրութիւն չդարձուցի։ Հետեւեալ օրը նորէն իր տեղն էր, ու կ’աշխատէր շարունակ, առանց գլուխը վեր վերցնելու։ Հետեւեալ շաբթուն, հետեւեալ ամսուն, ամէն օր անխախտ իր տեղն էր։
       “Քիչ քիչ նայուածքս վարժուեցաւ իրեն. առտուն եկածիս պէս, առաջին անգամ աչքս հոն կ’երթար մէյ մը։ Ինքն ալ իմ ներկայութիւնս նշմարած էր։
       “Կամաց կամաց համակրութիւն սկսայ ունենալ այդ աշխատասէր պզտիկ աղջկան համար, որ ասեղը ձեռքէն չէր թողուր։ Ուշադրութեամբ զինքն սկսայ դիտել։ Տասնըհինգ տարեկան կար չկար, սիրուն, անուշ դէմքով. երեսը գոյն չկար, ճիշդ իմ սիրածիս պէս, քիչ մը նիհարկեկ, խոշոր կապոյտ աչուըներով. մազերը դեղին էին, բայց աչքի զարնող դեղին մը, ոսկիի գոյն. առջեւի կողմէն այնպէս կը շտկէր զանոնք որ ամբողջ դէմքը կը շրջանակուէր պզտիկ խոպոպիքներով. Աստուածածնի պզտիկ դէմք մը, որ համբոյրի մը մէջ պիտի սեղմէր։ Հիւանդի այնպիսի դէմք մը ունէր, որ առաջին անգամէն սրտիս դպաւ. գլուխը ծռած ատեն, ճակտին ուռեցած կապոյտ երակները կ’երեւնային սուր աչուըներուս։
       “Հետզհետէ համարձակութիւնս եւելցաւ. եկածիս պէս իրեն կը նայէի, ինքն ալ ինծի կը նայէր մէյ մը։ Պատուհանը դիտմամբ աղմուկով կը բանայի առտուները, որ եկած ըլլալս հասկնար։ Օր մը բարեւեցի զինքը գլխովս. անուշութեամբ ընդունեց բարեւս։ Աւելի առաջ չուզեցի երթալ։ Առտուն կուգայի զինքը կը բարեւէի, եւ, մինչեւ իրիկուն, ինք իր պատուհանին առջեւ, ես իմ պատուհանիս առջեւ, իրարու կը ժպտէինք՝ երբ ինք կարելէն կը յոգնէր, ես ալ գրելէն։ Քրոջ ու աղբօր պէս բան մըն էինք եղեր։ Նորէն կ’ըսեմ քեզի, պատուհանէ պատուհան գռեհիկ սիրահարութիւն մը չէր, ինչպէս կը պատահի. չէ՛, պարզ բան մը, որ կը բաւէր իմ հանդարտ սրտիս։ Այդ դէմքին այնպէս վարժուած էի հետզհետէ որ եթէ զինքը օր մը չտեսնէի, այնպէս պիտի տխրէի երբ իրիկունը տուն երթալով մօրս կամ քրոջս դէմքը չտեսնէի։
       “Իր վիճակէն գոհ կ’երեւնար. երբեմն երբեմն քթին տակէն երգ մը կը մռլտար, որուն հեռաւոր շեշտերը մինչեւ ականջս կը հասնէին. Յետոյ ասեղը ցոյց կու տար յուսահատութեամբ. այո՛, կ’զգայի, իր ասեղին մէն մի հարուածը մէկ մէկ կաթիլ կը պակսեցնէր իր արդէն պակաս արիւնէն։ Դեղին էր, ա՜խ, շատ դեղին։
       “Օր մը, միտքէս չ’ելլար, ամառուան հրաշալի օդ մը կար, ինքզինքէս ելած, համբոյր մը ղրկեցի իրեն ձեռքովս. մատովը սպառնացաւ ինծի, ու համբոյրս չընդունեց։ Առաջին ու վերջին յանդգնութիւնս եղաւ այս։ Ինքն ալ չէր ուզեր մեր մտերմութեան հանգամանքը փոխել, եւ ես եղածովը շատացայ։ Ո՛չ իր անունը գիտէի, ո՛չ ի՛նչ ազգէ ըլլալը։ Եթէ ուզէի կրնայի իրիկուն մը սպասել իրենց դրանը առջեւ, իրեն ո՛վ ըլլալը հասկնալ, մեր բարեկամութիւնն աւելցնել. չէ՛, չէի ուզեր. այդչափ երջանկութիւնը կը բաւէր ինծի։
       “Երկու շաբաթ առաջ, առտու մը դարձեալ եկած ատենս դիմացը նայեցայ եւ զինքը չգտայ։ Օդերը աւրուելէն ի վեր, գոց պատուհանին ետեւ կ’աշխատէր։ Սիրտս ճմլուեցաւ. այն օրը ամբողջ, աչքս մէյ մը թուղթիս վրայ էր, մէյ մը դիմացը. հետեւեալ օրն ալ հոն չէր, յաջորդ օրն, ամբողջ շաբաթը։ Ինչ ընելս չէի գիտեր. կեանքիս մէջ պարապ մը կ’զգայի զոր ոչ մէկ բանով չէի կրնար կոր լեցնել։ Ինքնիրենս կ’ըսէի թէ հիւանդ ըլլալու էր մէկ քանի օրուան համար, եւ ասով կը մխիթարէի ինքզինքս։
       “Այս չորեքշաբթի, երեք օր է անկից ի վեր, նորէն պատուհանին մօտ նստած էի, մէկ աչքս դուրսը։ Սքանչելի օդ մը կ’ըներ առջ օրուան անձրեւներէն ետքը. ամառուընէ օր մըն էր մնացեր։ Յանկարծ փողոցէն եկեղեցական երգերու շփոթ աղմուկ մը լսեցի. բնազդաբար, պատուհանը բացի եւ գլուխս դուրս ծռեցի…”։
       Բարեկամս կանգ առաւ յանկարծ։ Շրթանցը վրայ ժպիտ մը ունէր հիմակ, տարտամ, անստոյգ անբացատրելի ծալք մը, որ բանով մը չկրնար սահմանուիլ, խնդութեան արտայայտութիւն ու լալու պատրաստականութիւն է միանգամայն։ Ա՛լ երեսս չէր նայեր, աչուըները կարծես հիմակ կը հետեւէին հեռաւոր տեսիլքի մը։ Ու երազի մը մէջէ խօսելու պէս շարունակեց.
       - Այո՛, ի՛նքն էր, դիմացի աղջի՜կը, հոն պառկած, դագաղին մէջ։ Յոյն քահանայներ կը հետեւէին դագաղին, ու ան ատեն առաջին անգամն ըլլալով հասկցայ թէ յոյն էր ինքն ալ։ Ճերմակ մուսլինէ շրջազգեստ մը հագցուցած էին իրեն, ճերմակ տանթէլներու մէջ առնուած էր գլուխը, բայց իր դէմքը անոնցմէ ալ աւելի ճերմակ էր։ Մեռա՞ծ մի, այդ աղջիկը. չէ՛, հաւատալս չէր գար։ Ինծի այնպէս կ’երեւնար որ իրեն կէս բաց աչուըները, որոնք դէպի վեր ուղղուած էին, ինծի կը նայէին տակաւին իրենց խենդեցնող անուշութեամբը, եւ իրեն կուսական բարակ կուրծքին վրայ խաչաձեւ դրուած ձեռքերուն մէջ ասեղ մը կար կարծես, ու մատները պիտի շարժէին զայն հի՛մակ, անմի՛ջապէս։ Արեւն ալ, տանթէլներուն մէջէն տեղ տեղ ստուերներ թափելով իր դէմքին վրայ, կենդանութեան հով մը կուտար իրեն։ Մեռա՞ծ մի, չէ՛, կարելի չէր։ Իրեն շրթունքներն ալ, որոց բացուածքէն կ’երեւնար ակռայներուն շարքը, համբոյր մը չէի՞ն ղրկեր ինծի։
       “Հոն կեցած էի քար կտրած, մարմինս աւելի պաղ պատուհանին երկաթներէն որոց կրթնցուցած էի գլուխս։ Քահանայներուն ու տիրացուներուն խռպոտ շարականները չէի լսեր ու դագաղին ետեւէն եկող մարդիկը չէի տեսնար բնաւ։ Աչուըներս չէի կրնար կոր բաժնել անոր դէմքէն։ Վայրկեան մը չը տեւեց այս, բայց սա գիտեմ որ տասը տարուան դէպքեր չը պիտի կրնային այնքան ազդել ուղեղիս վրայ որչափ այդ րոպէական թափորը։ Ինքիրմէս ելած էի։ Դագաղը կամաց կամաց յառաջանալով անյայտ եղաւ փողոցին ծայրէն, ու ինծի այնպէս կուգար թէ սրտէս պատառ մը կը տանէին այդ սեւ մարդիկը։
       “Չեմ գիտեր ո՛րչափ ատեն հոն մնացի այդպէս. գլուխս չէի կրնար կոր բաժնել այդ երկաթներէն. այն փողոցին անկիւնին մէջ բան մը պատահած էր, տխուր ու սոսկալի բան մը, խառնափնդոր երազի մը տպաւորութեանը պէս, որ բոլոր մտածումներս կը տարտղնէր։
       “Դուռը բացուեցաւ յանկարծ եւ ինքզինքս թոթուելով ետիս դարձայ. յաճախորդ մը եկած էր կարեւոր տեղեկութիւն մը հարցնելու. մէկ քանի խօսքով ճամբեցի զինքը. մարդը զարմացմամբ երեսս նայեցաւ ու ձայն չհանած դուրս ելաւ։
       “Գրասեղանիս առջեւ անցայ մեքենաբար. ստիպողական նամակ մը կար գրելիք. ութ անգամ սկսայ գրել, ութ անգամ ալ պատռեցի. գաղափարներս չկրցայ բնաւ ամփոփել։ Յուսահատութեամբ մէկդի նետեցի գրիչը, սենեակին դուռը գոցեցի եւ կանուխկեկ տուն դարձայ. տունը ըսի որ գլուխս կը ցաւէր քիչ մը, եւ պատառ մը բան ուտելուս պէս անկողին մտայ։
       “Հետեւեալ օրը նամակ մը գրեցի սենեակը եւ գործի չ’ինջայ։
       “Այսօր գացի սենեակը։ Ներս մտնելուս պէս նայուածքս դիմացի պատուհանին կողմը գնաց. ճիշդ նոյն տեղը ուրիշ աղջիկ մը եկեր նստեր էր, ու ան ալ կը կարէր գլուխը կախած, բայց կապկի ձագի պէս բան մը, սեփ սեւ, թափթփած հագուստներով. գլուխս ասդին առի, եւ անմիջապէս գրասեղանս սենեակիս միւս անկիւնը տարի ուսկից դիմացի պատուհանը չերեւնար։ Մինչեւ իրիկուն անգամ մը փողոց չը նայեցայ, ասկէ ետքն ալ չի պիտի նայիմ։ Ի՞նչ ընեմ, սիրտս կտոր կտոր կ’ըլլայ կոր քանի միտքս կը բերեմ մեռնողին դէմքը”։
       Շոգենաւը մօտեցած էր եւ քայլափոխներու դղորդը կ’զգայինք մեր գլխուն վերեւ խուլ շշուկով։
       Կը ներես, ըսաւ, եղբայրս վերը ինծի կ’սպասէ, երթամ գտնամ զինքը։
       Ձեռքս սեղմեց տենդային սարսուռով, եւ ընդհուպ տեսայ իր լայն ուսերուն կորսուիլը աճապարող բազմութեան մէջ։
       (“Մասիս”, 1 Հոկտեմբեր 1889).