ՍԻՒԶԷՆԻԻ
ՎԱՐՊԵՏ
Պարզ
պատմութիւն
մըն
է
ընելիքս։
Պատմութիւն
բուն
բառը
չէ.
մտացածին
ու
երեւակայական
դէպքերու
այնպիսի
ընկալեալ
գաղափար
մը
կայ
այդ
բառին
մէջ,
որ
ճշդիւ
չ’համապատասխաներ
իմ
ներկայացնելիք
իրական
պատկերիս։
Վերջ
ու
սկիզբ
չունի.
շատերուն
ալ
հետաքրքրութիւն
չ’ազդէ
գուցէ։
Մեր
ընտանեկան
խոնարհ
յարկերու
մէկ
պարզ
դրուագն
է.
ու
եթէ
բանի
մը
չ’ծառայէ,
գէթ
գաղափար
մը
կուտայ
թէ
չքաւոր
ընտանիք
մը
ի՛նչ
միջոցներով
կ’ապրի
Կ.
Պոլսոյ
մեր
այլազան
հայ
ընկերութեան
մէջ։
*
*
*
Էրկանը
նամակին
վրայ,
Կարինէն
Պոլիս
եկեր
էր
Մարիամ
տուտուն
չորս
զաւկներովը,
երեքը
աղջիկ
ու
մէկը
մանչ։
Յակոբ
աղան
հինգ
վեց
տարիէ
ի
վեր
իր
քաղաքէն
Պոլիս
պանդխտած,
խահուէճիութիւն
ընելով
կը
ճարէր
իր
ապրուստն
եւ
աւելցուցած
դրամը
կը
ղրկէր
հայրենիք,
ամսէ
ամիս
անդ
դառնալու
յուսով։
Ամիսներն
ամիսներու
յաջորդեր
էին,
տարիներն
ալ
եկեր
անցեր
էին
հետզհետէ,
եւ
Յակոբ
աղան,
տեսնելով
որ
դժուար
պիտի
ըլլայ
իր
գործը
թողուլ
եւ
սրտին
մէջ
տակաւ
աւելի
բուռն
զգալով
կարօտն
իր
կնոջ
եւ
զաւկներուն,
որոց
կրտսերագոյնին
երեսն
իսկ
տեսած
չէր
դեռ,
Պոլիս
կանչած
էր
զանոնք։
Խեղճ
մարդը
երկար
ատեն
չպիտի
վայելէր
այդ
երջանկութիւնն
որ
տարիներով
իր
երազները
խռովեր
ու
իր
սրտին
առօրեայ
հնհնուքն
էր
եղեր։
Կնոջն
ու
զաւկներուն
Պոլիս
հասնելէն
երեք
չորս
ամիս
ետքը,
ժանտատենդը
առեր
տարեր
էր
զինքը,
գերեզմանին
մէջ
գտնելու
այն
հանգիստը
զոր
ի
զուր
որոներ
էր
աշխարհիս
վրայ։
Իր
վերջին
վայրկեաններու
մտածումը
իր
ընտանիքին
վիճակն
եղած
էր.
խեղճ
Մարիամը
ի՞նչ
պիտի
ընէր
իր
չորս
զաւկներով,
այս
մեծ
քաղաքին
մէջ
ուր
ոչ
ոք
կը
ճանչնար
եւ
ուր
յանկարծ
կը
մնար
անօգնական
եւ
մինաւորիկ։
Առջի
մէկ
քանի
օրուան
ցնցումէն
ետքը,
Մարիամ
տուտուն
ինքզինքը
ժողվեց։
Գաւառացի
կնոջ
այն
կորովի
եւ
հաստատ
բնաւորութեամբ՝
որ
տարակայ
պանդխտին
տունը
կանգուն
կը
պահէ
գաւառաց
մէջ,
սրտին
խորը
թաղեց
իր
վիշտը,
արցունքը
սրբեց
եւ
գործի
սկսաւ։
Իր
մեծ
տղան,
Մկրտիչը,
որ
տասներեք
տարու
կար,
քաշեց
հանեց
թաղային
վարժարանէն
եւ
եազմաճիի
մը
քով
տուաւ,
որ
իրենց
դրացի
էր։
Շաբաթականը
որոշուեցաւ
հինգ
ղրուշ։
Թէ՛
մօրը
եւ
թէ՛
տղուն
ծանր
եկաւ
վարժարանէն
այս
յանկարծական
բաժանումը.
Մարիամ
տուտուն,
առանց
որոշ
գաղափար
մը
ունենալու
կրթութեան
վրայ,
կարծիք
կազմած
էր
թէ
իր
զաւակը
գրել-կարդալ
գիտնալով
միայն
պիտի
կրնար
ճշմարիտ
նեցուկ
մը
ըլլալ
իր
ընտանիքին։
Զարմանալի
է
արդարեւ
թէ
կրթութեան
կարեւորութեան
մտածումն
ի՛նչ
խոր
արմատ
կապած
է
հայ
ընկերութեան
ամենայետին
խաւերուն
մէջ
իսկ.
ամէնէն
չքաւոր
Հայը,
պալըխճի
թէ
թուլումպաճի,
իրական
ցաւ
մը
կ’ունենայ
իր
զաւակը
վարժարանէն
“քաշած
հանած”
ատեն,
եւ
դպրոցական
թոշակին
դժուարութիւնը
կամ
իր
զաւկին
մէկ
քանի
ղրուշի
շահը
միայն
կ’արդարացնէ
զինքն
յաչս
իրեն
եւ
օտարներուն։
Մեր
մէջ,
կրթութիւնը
պարտաւորիչ
ընելու
օրէնքի
մը
պէտքը
չպիտի
ունենանք
բնաւ,
գէթ
ծնողաց
համար.
կարողութեան
տէր
ամէն
Հայ
իր
զաւակը
վարժարան
պիտի
տայ.
տարբեր
բան
է
թէ
տղան
բան
մը
չպիտի
սորվի
հոն,
եւ
մէկ
երկու
տարի
իր
գլուխը
բթացնելէ
յետոյ
բան
բանի
հոլովելով,
օր
մը
մէկդի
պիտի
նետէ
գիրքն
ու
գրիչը
եւ
իր
արեանը
մէջ
զգալով
յանկարծական
յոյզն
այն
անկախութեան
եւ
ազատութեան
տենչին
զոր
հօրմէն
ժառանգեր
եւ
ապրած
միջավայրէն
ընդուներ
է,
ծովեզերք
պիտի
վազէ
գայլախազներուն
հետ
խաղալու
բոբիկ
ոտուըներով
կամ
սխրանօք
պիտի
դիտէ
ջրհանին
սրարշաւ
անցքը՝
կաշմբուռն
թեւերու
վրայ
համբարձիկ։
Մարիամի
երկրորդ
գործը
եղաւ
տունը
փոխել։
Երկու
սենեակով
տուն
մը
կը
նստէին,
ամսական
երեք
մէճիտի։
Ինք
խրճիթի
պէս
բան
մը
վարձեց
որ
մէկ
ընդարձակ
սենեակ
ու
պզտիկ
խոհանոց
մը
ունէր.
տախտակամածներուն
բացուածքէն
երկինքը
կը
տեսնուէր
ու
հովը
անարգել
կը
մտնէր
կ’ելլէր
ամէն
ծակ
ու
ծուկէ.
բայց
հանգիստը
նայելու
ժամանակ
չէր,
“գլուխը
խոթելու
տեղ
մը
ունէր”,
կը
բաւէր
իրեն,
մանաւանդ
որ
ամսական
վարձքը
երեսուն
ղրուշ
էր
միայն։
Իր
էրկանը
ժառանգութեամբն
զբաղեցաւ
ապա։
Յակոբ
աղան
բան
մը
չէր
թողուր
իր
այրիին
եւ
զաւակաց,
բայց
եթէ
իր
վարձած
սրճարանին
աթոռակները,
մէկ
քանի
կոտրած
թիկնաթոռները,
աղտոտ
սեղաններ,
մէկ
երկու
երկոտասանեակ
թաս
ու
գաւաթ՝
իւրաքանչիւրը
տարբեր
տարբեր
տեսակէ,
մէկ
քանի
գունատ
պատկերներ
ճանճերու
բիծերէ
արատաւորեալ
շրջանակներու
մէջ,
որք
Ռուսիոյ
կայսրը
կամ
Եորկիոս
թագաւորը
կը
ներկայացնէին՝
իր
կնոջն
եւ
զաւկներուն
հետ,
վերջապէս
խեղճուկ
սրճարանի
մը
բոլոր
կահ
կարասիքը։
Այդ
ամէնը
աճուրդի
հանեցին,
եւ
Մարիամի
ձեռքն
երկու
հարիւր
ղրուշ
անցաւ։
Այդ
երկու
հարիւր
ղրուշը՝
ամիս
մը
հազիւ
կրնար
բաւել
իրեն։
Պէտք
էր
որ
ինքն
ալ
գործի
ձեռնարկէր
լրջութեամբ։
Կար
կարել
չէր
գիտեր
որ
օրական
մէկ
քանի
ղրուշ
ճարէր։
Ուրիշ
բան
չէր
կարող
ընել
բայց
եթէ
լուացարարութիւն,
եւ
թաղին
մէջ
շուտով
գտաւ
մէկ
քանի
յաճախորդներ։
Առջի
օրը
ամէն
կողմէ
յանդիմանութիւններ
լսեց
իր
անճարակութեանը
համար.
պուղատան
լաւ
չէր
կրնար
ընել.
չիթիին
համար,
շիտակը,
խօսք
չկար.
իր
ջղուտ
ու
զօրաւոր
ձեռուըներուն
մէջ
լաթը
կը
ճզմուէր
ու
կը
ճմլուէր,
ու
մէկ
քանի
վայրկեանի
մէջ
ձիւնի
ճերմակութիւն
մը
կ’ստանար։
Բայց
քիչ
քիչ
վարժուեցաւ.
տանտիրուհիները
գոհ
էին
իր
անխօսուկ
աշխատասիրութենէն,
մաքրութենէն
եւ
մանաւանդ
եռանդուն
տոկունութենէն,
որով
մութին
գործի
կ’սկսէր
եւ
մութին
կը
վերջացնէր։
Բերնէ
բերան
կը
տարածուէր
իր
համբաւը,
ու
շատ
տեղերէ
կուգային
կը
փնտռէին
զինքը։
Իր
մեծ
աղջկանը՝
Թագուհիին
համար
ալ
պէտք
էր
բան
մը
ընել.
տասներկու
տարեկան
էր
եւ
արդէն
ընտանեկան
գործերու
մէջ
իր
մօրը
աջ
բազուկը.
երբոր
մայրը
լուացքի
կ’երթար,
ինք
իր
տասնամեայ
քրոջը
հետ
կը
հսկէր
իրենց
պզտիկ
եղբօրը
վրայ,
երկու
տարեկան
հաստ
ու
կարմիր
մանչ
մը,
ու
վերէն
վար
կ’աւլէր
կը
սրբէր։
Եւ
սակայն
չէր
կրնար
այդպէս
մնալ
մինչեւ
վերջը։
Մարիամ
գնաց
գտաւ
սիւզէնի
բանող
համբաւաւոր
կին
մը,
որ
իր
քով
պզտիկ
աղջիկներ
կ’առնուր,
եւ
աղաչեց
որ
իր
աղջիկն
ալ
աշկերտութեան
ընդունի։
Թէպէր
հանըմը
չէ
չըսաւ.
մինչեւ
որ
Թագուհին
“վարպետ
ելլար”,
իր
բանածը
տիրուհւոյն
հաշուոյն
էր։
Իրաւ
է
որ
տանը
մէջ
մեծ
պակաս
մը
պիտի
ըլլար
իր
ցերեկեայ
բացակայութիւնը,
բայց
իր
երկրորդ
աղջիկը
կը
բաւէր
հսկելու
համար
մատաղատի
մանչուն
վրայ,
իսկ
տանը
գործերը՝
առտուները
եւ
իրիկունները
կրնար
կարգադրել։
Մարիամ
գործերը
այսպէս
կարգադրելէն
ետքը,
ակռան
սեղմեց
ու
…ապրեցան։
Ամսական
իրարու
վրայ
հարիւր
ղրուշ
կը
շահէր
լուացարարութեամբ։
Մկրտիչ,
մէկ
երկու
ամիս
ետքը,
շաբաթական
տասը
ղրուշ
կ’առնէր,
եւ
ցերեկին
տասը
փարայի
հաց
ու
տասը
փարայի
պանիր
կամ
ձիթապտուղ
ուտելով,
մնացեալ
եօթը
ղրուշը
կը
բերէր
մօրը
կը
յանձնէր
շաբաթ
երեկոյին։
Տանը
վարձքը
վճարելէ
յետոյ,
իրենց
կը
մնար
հարիւր
ղրուշի
չափ։
Ամէն
շաբթու
գլուխ,
քսան
օխա
հացը
մէկէն
կ’առնէին,
օթեկ
հաց,
հատը
երեսուն
փարայի,
եւ
շաբաթ
մը
կ’ուտէին
զայն.
չոր
հացը
քիչ
կ’ուտուի,
խնայողութիւն
մըն
է.
հացին
հետ
սովորական
խաթըխն
էր
պանիր
կամ
ձիթապտուղ,
այն
ալ
գիշերները
միայն.
առտուները
ջուրի
մէջ
թաթխելով
կ’ուտէին
զայն.
եթէ
երբեմն
խաշած
լուբիա
ունենային,
հարկինք
մըն
էր
իրենց
համար։
Տղայոց
հագուստներուն
համար
բարեբաղդաբար
ծախք
մը
չունէին.
բարեսիրտ
տանտիրուհիներ
Մարիամի
կուտային
հին
կօշիկներ,
մաշած
շրջազգեստներ,
ներբանէն
եւ
քիթէն
ծակած
գուլպաներ,
զորս
մայր
ու
աղջիկ
կը
ձեւէին
կը
յարմարցնէին
իրենց
եւ
պզտիկներուն։
Իրենց
հագուստները
հին
էին,
բայց
պատռած
մը
կամ
քակուք
մը
չկար
վրանին։
“Ապրանք”
չէր
այս,
գիտէր
Մարիամ
տուտուն,
բայց
ի՞նչ
ընէր,
ձեռքէն
ի՞նչ
կուգար.
եթէ
կարենար,
ամէն
օր
լուացքի
կ’երթար.
իր
վաստկած
օրական
տասը
ղրուշովը,
ամսական
երեք
հարիւր
ղրուշով,
“վարդի
պէս
կրնային
ապրուիլ”.
բայց
գործը
ո՛ւր
էր
ամէն
օր։
Տունը
մնացած
օրը
երբեմն
խապա
կարեր
կը
կարէր,
օրական
վաթսուն
փարայի
չափ
շահելով,
եւ
անով
կը
գնէր
ածուխը
կամ
կազը։
Ընտանեաց
բոլոր
յոյսը
Թագուհիին
վրայ
էր։
Թէպէր
տուտուն
կը
խոստովանէր
թէ
իր
բոլոր
աշակերտներուն
մէջ
ունեցած
չէր
այդչափ
աշխատասէր
ու
բանիբուն
աղջիկ
մը.
եթէ
ասանկ
երթալու
ըլլար,
տարիէ
մը
վարպետ
կ’ելլար։
Սիւզէնիի
վարպե՜տ.
այս
էր
իրենց
երազը.
մայր
ու
աղջիկ
շատ
գիշեր
գլուխ
գլխի
տուած
կը
մտածէին
այն
հանգստութեան
օրերուն
վրայ
զորս
պիտի
վայելէին
այդ
ըղձացեալ
տիտղոսին
ստացումէն
ետքը։
Սիւզէնիի
վարպե՜տ։
Լաւ
բանող
մը,
եթէ
մանաւանդ
աթլաս
բարձեր
շինէ,
կրնայ
դիւրաւ
օրական
հինգ
ղրուշ
վաստկիլ.
սովորաբար,
եթէ
այդքան
դժուար
գործեր
չ’բանի,
երեք
ղրուշ
կամ
հարիւր
փարա
կրնայ
շահիլ.
իրաւ
է
որ
առջի
շահերը
մնացած
չեն,
շատ
բանողներ
ըլլալուն
համար
գիները
կոտրած
են,
բայց
դարձեալ
Թագուհին
պիտի
կրնար
հարիւր
ղրուշ
շահիլ
ամիսը,
եւ
այն
ատե՜ն…
Սիւզէնին
տեսակ
մը
ասեղնագործութիւն
է
բաւական
տարածուած,
որովհետեւ
տիվալէն
եւ
անէվաթոյէն
աւելի
դիւրին
է։
Սիւզէնիով
կը
բանին
ընդհանրապէս
բարձեր,
ծածկոցներ,
շրջազգեստի
քղանցքներ,
սրմայով,
իփէքով,
կլապտանով,
կերպասի
վրայ,
Պրուսայի
բարակ
կտաւի
վրայ։
Մայրաքաղաքիս
մէջ
բաւական
յարգի
է,
այլ
աւելի
շատ
կը
ղրկուի
Եգիպտոս,
Սուրիա,
եւ
քիչ
շատ
ալ
Եւրոպա։
Փայտէ
մաղի
մը
վրայ
կ’անցունեն
կերպասը,
կարկահի
մը
պէս
ձգտելով,
եւ
յետոյ
բանողը,
ցուցամատին
մետաղեայ
թըռնախ
մը
անցուցած,
իր
յատուկ
ասեղովը,
որուն
ծայրը
կեռ
է,
կը
հիւսէ
թելը։
Սիւզէնիին
առաւելութիւնը
այն
է
եւրոպական
գործարաններէ
ելած
նմանօրինակ
արտադրութեանց
վրայ,
որ,
օրինակի
համար
թիւլ
վարագոյրներուն
վրայ՝
ասեղները
սմքած
են,
մինչ
ձեռքով
բանուածին
մէջ՝
թասլախ
կը
զարնուի,
այսինքն
ուլունքի
պէս
հիւսքերը
հատիկ
հատիկ
են։
*
*
*
Տարին
անցաւ
այս
խեղճութեան
ու
այս
յոյսերուն
մէջ։
Մկրտիչ
շաբաթական
մինչեւ
երեսուն
ղրուշ
կը
“շտկէր”
հիմակ,
Մարիամ
ալ
աւելցուցած
էր
իր
յաճախորդներուն
թիւը,
բայց
հանգստութիւնը
պիտի
գար
Թագուհիին
վաստակին
հետ
մէկտեղ։
Եւ
այդ
օրը
կը
մօտենար
հետզհետէ։
Թէպէր
հանըմը
յայտարարած
էր
թէ
Թագուհին
արդէն
վարժուած
էր
իր
արհեստին
եւ
շատ
չանցած
վարպետ
պիտի
հանէր
զայն։
Բաղձացեալ
օրը
եկաւ
հասաւ
վերջապէս.
շաբաթ
իրիկուն
մըն
էր
որոշուած,
“վարպետ”ի
տիտղոսը
Թագուհիին
տալու
ձեւակերպութեանց
բոլոր
արարողութիւնը։
Շաբաթ
մը
առաջ
պատրաստութիւններն
սկսած
էին.
այն
իրիկուան
համար,
“դուռ
դրացին”
հրաւիրուած
էին։
Մարիամ,
ամէն
կերպ
զոհողութիւն
յանձն
առնելով,
շաբաթ
առտուընէ
ալիւրով
հէլվա
մը
կոխած
էր
եւ
սերկեւիլի
անուշ
պատրաստած,
զոր
հիւրերուն
պիտի
հրամցնէին.
Մկրտիչ
ալ
իր
ընկերներէն
տղայ
մը
պիտի
բերէր,
որ
լաւ
արմոնիք
կը
զարնէր։
Իրիկուան
իրենց
ճաշը
կանուխ
ըրին։
Հրաւիրեալները
հետզհետէ
կու
գային,
դրացի
պալըխճի
Համբարձում
աղան
իր
կնոջը
եւ
զաւկներուն
հետ,
եազմաճի
Խաչիկ
աղային
ընտանիքը,
էսկիճի
Սեփոն
աղային
ընտանիքը
եւ
ուրիշ
մէկ
քանի
կիներ։
Թէպէր
հանըմը
էն
վերջը
եկաւ,
եւ
բազմոցին
անկիւնը
բազմեցաւ,
ակնոցը
հանեց
քիթը
անցուց,
սիկառէթ
մը
բոլորեց
եւ
սկսաւ
ծխել։
Կ’զգար
իր
կարեւորութիւնը,
գիտէր
թէ
իր
մէկ
այո՛ն
կամ
ո՛չը
ի՜նչ
ահեղ
նշանակութիւն
ունէր
այդ
գերագոյն
վայրկենին,
ուստի
խրոխտութեամբ
բազմած՝
արհամարհական
նայուածքներ
կը
նետէր
չորս
կողմը։
Սենեկին
մէկ
անկիւնը,
դրան
մօտ,
աթոռակի
մը
վրայ,
Թագուհին
կծկտած
նստած
էր,
սպասելով
այն
հանդիսաւոր
վայրկենին,
յորում
բոլոր
ներկայք,
դատաւորի
պէս,
իրենց
վճիռը
պիտի
տային
իր
վարպետութեանը
մասին։
Իսկ
սրահին
մէջտեղը,
սեղանին
վրայ,
մաղը
դրուած
էր,
կերպասին
տակ
ծածկուած,
որուն
վրայ
պիտի
կատարուէր
փորձը։
Անուշը
բերին,
թիթեղեայ
ափսէի
մը
մէջ
չորս
արծաթ
դգալներով
զորս
Մարիամ
իր
բարեսրտ
յաճախորդներէն
մէկէն
փոխ
առած
էր։
Չորս
դգալը
չէր
օգտեր
այդ
չափ
բազմութեան,
ուստի
Մարիամ
տուտուն
մէկ
կողմէ
դուրս
կը
տանէր
կը
լուար
աղտոտ
դգալները
ու
նորէն
կը
բերէր։
Խահուէն
ալ
երկու
անգամէն
բերուեցաւ։
Յետոյ
խնդրեցին
Մկրտիչին
բարեկամէն
որ
բան
մը
“չալէ”։
Տղան
նախ
ալաթուրքա
կէզինթի
մը
ըրաւ,
յետոյ
ճէզայիր
մը
նուագեց։
“Ապրի՛ս,
աֆէրի՛մ”ները
չորս
կողմէն
տեղացին։
Վճռական
վայրկեանն
հասած
էր։
Թէպէր
հանըմը
տեղէն
ելաւ
յամրաբար,
ակնոցը
շտկեց,
սեղանին
մօտեցաւ,
մաղը
ձեռքն
առաւ
եւ
Թագուհիին
դառնալով,
-
Եկո՛ւր
նայիմ,
աղջիկս,
մարիֆէթդ
ցուցուր։
Թագուհին
դողդղալով
մօտեցաւ,
թըռնախը
մատն
անցուց,
ասեղը
ձեռքն
առաւ,
աթոռի
մը
վրայ
նստաւ
եւ
ծունգերուն
վրայ
զետեղեց
մաղը։
Ձգտեալ
կերպասին
վրայ,
ծաղկանց
հիանալի
նկար
մը
հիւսուած
էր,
որուն
մէկ
ծայրը
վարդի
մը
գիծերը
միայն
բաց
մնացած
էին,
զորս
Թագուհին
պիտի
լեցնէր։
Նորատի
աղջիկը
գործի
սկսաւ,
Թէպէր
հանըմը
նորէն
իր
տեղն
անցաւ,
հրաւիրեալք
մէկ
երկու
վայրկեան
ուշադրութեամբ
դիտեցին
ասեղին
ելեւէջը,
յետոյ
աստին
դարձան,
մտիկ
ընելու
արմոնիքին
մէկ
նոր
նուագը,
տաճկերէն
երգ
մը,
որուն
հիմա
կը
ձայնակցէին
Մկրտիչը
եւ
ուրիշ
մէկ
քանի
տղաք։
Կէս
ժամ
յետոյ,
վարդը
աւարտած
էր.
ամէնքը
մէկէն
իրենց
տեղէն
ելան
եւ
եկան
սեղանին
շուրջն
հաւաքուեցան.
հաւանութեան
եւ
հիացման
ձայներ
չորս
կողմէն
կը
լսուէին։
-
Ապրիս,
քըզըմ,
կ’ըսէր
Համբարձում
աղան,
ապրիս,
իշտէ
ես
քեզի
վարպետ
հանեցի,
մէկալներուն
խօսք
չիյնար։
-
Վո՜ւյ,
խերըթ
տեսնաս
հէմէն,
Մարիամ
տուտու,
կ’ըսէր
անդիէն
ուրիշ
կին
մը,
աս
ի՜նչ
ալլըման
հիւսուածք,
պունճուխի
պէս
փառ
փառ
կը
վառի։
Թէպէր
հանընմը
տեղէն
չէր
շարժած.
մաղը
անոր
առջեւ
տարին.
ակնոցը
նորէն
դրաւ
եւ
ուշադրութեամբ
սկսաւ
դիտել
բանուածքն.
ամէն
ոք
անոր
բերնէն
կախուած
կը
մնար.
եւ
ահա
ծանր
ձայնով
արտասանեց
նուիրական
բանաձեւը.
-
Էյ
ապրի՛ս,
արթըխ
վարպետ
եղար,
մարըդ
խերըդ
տեսնայ,
սա
ծառքս
պագ
նայիմ։
Թագուհին,
ուրախութենէն
կաս
կարմիր
կտրած,
ծռեցաւ
անոր
ձեռքն
համբուրեց,
եւ
անմիջապէս
դուրս
ելաւ՝
որպէսզի
հիւրերուն
հրամցուելիք
հէլվան
բերէ,
մինչդեռ
սենեկին
մէջ
ամէնքը
կը
գովէին
իր
ճարտարութիւնը
եւ
աշխատութիւնը։
Հէլվան
բերուեցաւ
մէկ
երկու
սկաւառակի
մէջ,
եւ
մէկը
ուտելուն
աւարտելուն
պէս,
սկաւառակին
մէջ
նորէն
կը
լեցնէին
եւ
ուրիշի
մը
կը
հրամցնէին։
Յետոյ
նորէն
արմոնիքնին
ձայնը
լսուեցաւ,
նորէն
երգ,
եւ
կամաց
կամաց
սկսան
մեկնիլ։
Մկրտիչ,
լապտեր
մը
ի
ձեռին
ընկերացաւ
Թէպէր
հանըմին
մինչեւ
իր
տունը.
իր
թեւին
տակ
լաթի
մը
մէջ
փաթթուած
խոշոր
բան
մը
կար.
“վարպետչէք”ն
էր
այդ,
այսինքն
Թէպէր
հանըմի
տրուած
նուէրը.
սովորաբար
վեց
արծաթ
դգալ
է
այդ
նուէրը,
բայց
Թէպէր
հանըմ,
գիտնալով
Մարիամի
վիճակը,
հաւանած
էր
ընդունելու
մեծ
թէնճիրէ
մը,
սան
մը,
զոր
հիմա
Մկրտիչ
թեւին
տակ
կը
տանէր։
Երբ
ամէնքը
մեկնեցան,
կրկնելով
իրենց
“խերը
տեսնաս”ը
ու
իրենք
իրենց
մնացին,
Մարիամ
գիրկը
առաւ
իր
աղջիկը,
կաթոգին
սեղմեց
զայն
իր
նիհար
լանջքին
վրայ,
ու
արցունքի
կաթիլներ
իր
այտերն
ի
վար
սկսան
գլորիլ,
այս
անգամ
սակայն
գոհունակութեան
արցունքներ՝
որք
իր
քաշուած
դիմագծերուն
անճառ
երանութիւն
մը
կը
պարգեւէին։
(«Մասիս»,
1
Մայիս
1890).