ՆՈՐ
ԶԳԵՍՏԸ
Չըսեմ
ըսի
ամա,
չպիտի
ըլլայ,
գոչեց
Էլպիս
հանըմը
իր
ամուսնոյն։
Ինծի
նայէ՛,
Յակոբճան
աղա,
սա
ըսէ
մեր
Սեդրաքին,
էրկու
օրէ
ի
վեր
դպրոց
գացած
չունի։
Տունէն
դուրս
էլլալուդ
պէս,
նայիս
մեր
եատիկեարը
թըրըս
թըրըս
տուն
կու
գայ.
մէյէր
դպրոց
կ’երթամ
տէյի
մեզի
կը
խաբէ
կոր
եղեր,
վերի
փողոցէն
քեզի
կէօզէթլէմիշ
կ’ընէ
եղեր։
Ա՛լ
անկէ
ետքը
կրնաս
նէ
դպրոց
խրկէ,
պոռալուն
կանչուըռտելուն
սօնը
չի
գար։
Ա՛լ
չեմ
դիմանար
կոր,
դպրոց
գնա
ըսելով
պերանս
մազ
բուսաւ։
Դուն
խօսք
հասկցուր
սա
հայլազին։
-
Հո՛ս
էկու
նայիմ
ծօ՛,
ըսաւ
Յակոբճան
աղա
տասն-տասներկու
տարեկան
տղու
մը
որ
բազմոցին
մէկ
անկիւնը
կծկտեր
նստեր
էր
սարսափահար։
Տղան
տեղէն
չերերաց։
-
Ծօ
հոս
չի
գա՞ս,
շա՛ն
զաւակ,
պոռաց
այս
անգամ
այնչափ
ուժով,
որ
տղան
ընդոստ
տեղէն
ցատքեց
եւ,
իր
նիհար
ու
բարակ
սրունքներուն
վրայ
գինովի
պէս
տատանելով,
եկաւ
հօրմէն
երկու
երեք
քայլ
անդին
կանգնեցաւ։
-
Չէ՛,
չէ՛,
հոս
մօտս
էկուր,
ըսաւ
Յակոբճան
աղան
անոր
թեւէն
բռնելով
եւ
առջին
քաշելով։
Սա
ըսէ
նայիմ
ինչո՞ւ
դպրոց
չես
էրթար
կոր։
Տղան
չպատասխանեց,
գլուխը
կախած
եւ
աչուըները
գետին
խոնարհեցուցած։
-
Չըսե՞ս
ծօ։
Աս
մենք
քեզի
համար
պօշ
տեղը
վիրայ
փարա՞
պիտի
տանք
դպրոցին։
Ամէն
շաբթու
կլօխ
տուն
ծառքովդ
վարժապետիդ
կը
տանիս
կոր
քառսուն
փարան։
Քառսուն
փարա
վաստկած
ունի՞ս
էօմրիդ
մէջը։
Հայտէ՛,
ըսէ
նայինք
ինչո՞ւ
դպրոց
չես
էրթար
կոր։
Չի
պիտի
ըսես,
հա՞։
Եւ
իր
երկաթագործի
լայն
ու
կոշտ
ձեռքը
այնպիսի
ապտակ
մը
իջեցուց
տղուն
երեսին,
որ
Սեդրաք
բարձրաձայն
լացի
ու
հեծեծանքի
մէջտեղ,
գետինը
գլորեցաւ։
Էլպիս
հանըմը
տեղէն
ցատքեց,
զաւկին
քովը
գնաց,
եւ
իր
գիրկն
առնլով
զայն
բազմոցին
անկիւնը
տարաւ,
թաշկինակով
մը
անոր
արցունքները
սրբելով.
յետոյ
էրկանը
դառնալով,
-
Էյ
տուն
ալ
փէք
խայըն
էս,
մա՛րդ։
Վուր
տէտիք
իսէ
էօլտիւր
տէմէտի՛ք
ա
(
զարկ
ըսինք
նէ
մեռցուր
չըսի՛նք
ա)։
-
Քա
սէօյլէսին,
նէյէ՞
սէօյլէմէեօր
(
թո՛ղ
ըսէ,
ինչո՞ւ
չըսեր
կոր)։
Էլպիս
հանըմը
գիրկն
առած
էր
զաւակը,
եւ
զայն
փայփայելով,
-
Էյ
տուն
ալ
չըսե՞ս,
ի՞նչ
կ’ըլլայ,
քեզի
չպիտի
ուտենք
ա։
-
Ի՞նչ
զուրցեմ,
մայրիկ,
ըսաւ
վերջապէս
Սեդրաք
արցունքներուն
մէջէն,
աս
պատռտած
լաթերովս
ինտո՞ր
դպրոց
էրթամ,
ամէնքը
վրաս
կը
խնտան
կոր.
անցած
օր
վարժապետը
ըսաւ
որ
վրադ
գլուխդ
քիչ
մը
շտկել
չի
տա՞ս։
Ամէնքը
նոբ
նոր
հագուեր
են,
ես
մինակ
ասանկ
ծըւիկ
ծըւիկ
լաթերով
դպրոց
կ’երթամ
կոր։
Յակոբճան
աղան,
որ
ալ
հանդարտած
էր,
կնոջը
նայեցաւ
յուսահատութեամբ։
Զաւկին
խօսքերը
սրտին
դպեր
էին։
Ինքն
ալ,
իր
աղքատութեանը
մէջ,
հպարտ
եղած
էր
միշտ,
եւ
իր
զաւկինայդ
զգացումը
հաճոյ
կուգար
իրեն։
Կնոջը
ձեռքէն
առաւ
Սեդրաքը,
եւ
քովը
նստեցնելով,
-
Մի՛
լար,
տղաս,
մի՛
լար,
դուն
վաղը
դպրոց
գնա
նորէն,
ես
քեզի
աղուոր
ձեռք
մը
լաթ
կ’առնեմ,
աղուոր
աղուոր
կը
հագնիս։
Եւ
սիրտն
այնչափ
լեցած
էր
որ
աչուըները
թրջեցան։
*
*
*
Ըսելը
դիւրին
էր,
բայց
գործադրելն
ի՜նչքան
դժուար։
Գործերուն
վիճակն
յայտնի
է,
եւ
երկաթագործը,
արիւն
քրտինք
մտնելով,
հազիւ
կրնար
իր
ընտանեացն
օրական
ապրուստը
հոգալ։
Ո՞ւր
տեղէն
պիտի
կրնար
քով
քովի
բերել
չորս
հինգ
մէճիտ,
զաւկին
ձեռք
մը
զգեստ
առնլու
համար։
Եւ
սակայն
պէտք
էր,
առնելէն
զատ
ուրիշ
ճար
չի
կար։
Էրիկ
կնիկ
գլուխ
գլխի
տուին,
եւ
որոշեցին
հայթայթել
այդ
գումարը,
Յակոբճան
աղան
քիչ
մը
աւելի
աշխատելով
եւ
Էլպիս
հանըմը
քիչ
մը
աւելի
խնայողութիւն
ընելով։
Պակսած
մէկ
երկու
մէճիտն
ալ
երկաթագործը
տեղէ
մը
փոխ
պիտի
առնէր,
եւ
ա՛լ
պզտիկ
Սեդրաքը
չպիտի
ամչնար
իր
ընկերներուն
եւ
դասատուներուն
քով։
*
*
*
Եւ
իրիկուն
մը,
Յակոբճան
աղան
տուն
կը
դառնար
խնդումերես,
թեւին
տակ
մեծկակ
կապոց
մը,
զոր
բոլոր
հոգւովը
կը
սեղմէր։
Երբոր
տանը
դրան
առջեւ
հասաւ,
կը
մտածէր
վայրկեան
մը
ետքը
տեղի
ունենալիք
տեսարանին
վրայ։
Սեդրաք
դուռը
պիտի
բանար,
կապոցը
ձեռքէն
առնել
պիտի
ուզէր,
բայց
ինք
չպիտի
տար.
ի՛նչ
ըլլալը
պիտի
հարցնէր,
բայց
ինք
պիտի
պատասխանէր
թէ
իրեն
կէօրէ
բան
չէ։
Յետոյ
սենեակը
պիտի
երթային,
եւ
հոն,
անտարբերութեամբ,
տղուն
պիտի
ըսէր
որ
առնէ
բանայ
կապոցը,
եւ
այն
ատեն…
Դուռը
զարկաւ
տիրաբար։
Կ’սպասէր
որ,
ամէն
իրիկուան
պէս,
Սեդրաքը
անմիջապէս
դուռը
բանար
եւ
իր
ձեռքին
նայէր։
Քիչ
մը
ատեն
անցաւ,
եւ
որովհետեւ
բացող
չի
կար,
նորէն
զարկաւ,
այս
անգամ
ուժգնակի…
Է՜հ,
եթէ
ներսէն
գիտնային
որ
հետը
ի՜նչ
կը
բերէր։
Վերջապէս
Էլպիս
հանըմը
դուռը
բացաւ։
Երկաթագործն
անմիջապէս
նշմարեց
որ
կոտրածութիւն
մը
կար
դէմքին
վրայ,
երեսները
կախ,
շարժուածքը
դանդաղ։
Էլպիս
հանըմ
մեքենաբար
ամուսնոյն
ձեռքէն
առնել
ուզեց
կապոցը,
մինչ
երկաթագործը,
սիրտն
արդէն
անձկութեամբ
պաշարուած,
հարցուց
մտատանջութեամբ.
-
Ո՞ւր
է
Սեդրաքը,
տե՞ղ
խրկեր
էս։
-
Չէ,
ներսն
է,
պատասխանեց
կինը
կցկտուր
կերպով.
ցորեկին
քիչ
մը
քիթը
կախ
եկաւ
դպրոցէն .
հիմակ
կրակներուն
մէջն
է.
պան
մը
չէ,
տող
մ’ելլար
քէսկին
նէվազիլ
ըլլալու
է։
Երկաթոգործը,
կապոցն
ի
ձեռին,
հապճեպով
սենեակը
մտաւ։
Բազմոցին
վրայ,
Սեդրաք
պառկեր
էր,
վերմակ
մը
վրան։
Դրանը
բացուածքէն,
արթնցաւ,
յոգնած
աչքերը
հօրը
վրայ
պտտցուց
եւ
նորէն
փակեց։
-
Օղլո՜ւմ,
ի՞նչ
ունիս,
հիւա՞նդ
էս,
մէկ
տե՞ղդ
կը
ցաւի
կոր։
Եւ
որովհետեւ
տղան
չէր
պատասխաներ.
-
Հայտէ
էլիր
նստէ՛
նայիմ,
իմին
քա՛ջ
զաւակս,
իմին
ասլա՜ն
զաւակս։
Նայէ
քեզի
ի՜նչ
բերի։
Եւ
արտորանքով
կապոցը
քակելով,
վերարկուի
մը,
բաճկոնակի
մը
եւ
տաբատի
մը
ծայրերէն
բռնած՝
օդին
մէջ
երերցուց
ուրախութեամբ։
Սեդրաք
աչուըները
բացած
էր
արդէն։
Իր
մարած
նայուածքին
մէջ
անսահման
հրճուանքի
նշոյլ
մը
ցոլաց,
այլ
քիչ
յետոյ
աչուըները
նորէն
փակեց։
Այն
ատեն
երկաթագործն
հագուստները
բազմոցին
մէկ
անկիւնը
նետեց,
տղուն
մօտեցաւ,
ձեռքը
անոր
ճակտին
վրայ
դրաւ,
եւ
մարմնոյն
հրատապ
տաքութենէն
վախցած,
դարձաւ
իր
կնոջը,
որ
սենեակէն
ներս
մտած
էր,
-
Էլպի՛ս,
ըսաւ,
ասիկա
անակ
նէվազիլ
ի
պան
չէ։
Աճապա
էրթամ
էզաճին
կանչե՞մ։
-
Կեցիր
նայինք
մինչեւ
վաղն
առտու
ինտո՛ր
կ’ըլլայ,
անկէ
ետքը
պան
մը
կ’ընենք։
*
*
*
Հետեւեալ
առտու,
պզտիկը
աւելի
ծանր
վիճակի
մէջ
էր։
Դեղագործն
եւ
իրմէ
յետոյ
բժիշկը
եկան
հաստատել
թէ
տղան
կարմրուկէ
բռնուած
էր։
Համաճարակին
ատենն
էր
այս։
Երկաթագործին
եւ
կնոջն
համար,
ամէն
բան
իրենց
զաւկին
վրայ
կեդրոնացած
էր։
Խեղճ
պզտիկը
կը
տառապէր,
կոկորդէն
մանաւանդ,
եւ
յամառաբար
կը
մերժէր
դեղ
առնելը։
Հայրն
եւ
մայրը
ուրիշ
միջոց
չէին
գտած՝
բայց
անոր
նոր
հագուստները
դիմացը
կ’երերցնէին,
հազար
գգուական
խօսքերով,
կամ
իր
վերմակին
վրայ
կը
փռէին՝
որ
անոնց
հետ
խաղայ,
եւ
Սեդրաք՝
իր
նողկանքը
զսպելով՝
բերանը
կը
բանար
դգալին։
Հիւանդութիւնը
մահացու
էր
սակայն։
Ութ
օր
չանցած
խեղճ
պզտիկը
կը
մեռնէր։
*
*
*
Անշուք
յուղարկաւորութիւն
մը
ունեցաւ։
Երկաթագործը
տղու
մը
պէս
կուլար
իր
մէկ
հատիկ
զաւկին
դագաղին
ետեւէն։
Երբոր
տուն
դարձաւ
եւ
բոլոր
բարեկամները
ճամբեց,
կնոջը
քովն
ելաւ,
որ
վերի
սենեակը
քաշուած
էր
միայնակ։
Իրիկուն
եղած
էր
արդէն։
Ուղղակի
կնոջը
քով
գնաց,
որ
բազմոցին
անկիւնը
նստած
էր
լռիկ
եւ
անձայն։
Էլպիս
հանըմը
ծունգերուն
վրայ
տարածած
էր
հէք
Սեդրաքին
նոր
հագուստները,
եւ
զայնս
կը
դիտէր
թաց
աչուըներով։
Երկաթագործն
ինքն
ալ
ձայն
չի
հանեց։
Կնոջը
քովը
նստաւ,
հագուստներուն
մէկ
մասն
իր
ծունգին
վրայ
քաշեց
եւ
ինքն
ալ
սկսաւ
լռիկ
արտասուել։
Իրենց
անհուն
վշտին
մէջ,
բան
մը
չէին
գտներ
իրարու
ըսելու։
Վերջապէս
Էլպիս
հանըմը,
հեկեկեանքի
մը
մէջ
պոռթկալով,
-
Ախ,
ըսաւ,
խըսմէթ
չեղա՜ւ
որ
հագնի։
-
Եւ
երկաթագործը,
կուրծքն
հեւալով
իր
զօրաւոր
հեծկըլտուքին
տակ,
-
Ախ,
ըսաւ,
թո՛ղ
մէյ
մը
հագնէր,
անկէ
ետքը
մեռնէր,
պաշխա
պան
չէի
ուզեր։
Մուրատսըզ
մեռաւ
խե՜ղճ
զաւակս։
(
“Մասիս”,
15
Յունիս
1890).