Երկրէ երկիր. Իր ժողովուրդին հետ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԵՍ ՏԵՍԱՅ ԵՓՐԱՏԸ
      
       Ուրեմն այս ճամբաներուն վրայ…
       Այս արտերով։ Այս ծառերով։ Այս քարերով։
       Արտերը տեսան։ Ծառերը տեսան։ Քարերը տեսան։
       Մենք ոչ իսկ հետքերը տեսանք։
       Արտերը լացին։ Ծառերը լացին։ Քարերը լացին։
       Մենք այդ սփոփանքն ալ չունեցանք։
       Անոնք յոյս մը ներշնչեցին։
       Մենք ո՞ւր էինք, այդ օրերուն։
      
       *
       Քիչ մը կամաց, կառավար։
       Տակաւին 60 քիլոմեթրի վրայ ենք։ Այս ինքնաշարժը կրնայ սուրալ ժամը մինչեւ 110-120 քիլոմեթր։
       Կամաց, կամաց։ Տարիներ, տարիներ առաջ, երբ կարաւանները վայրենօրէն կը քշուէին այս ճամբաներուն վրայ, աքսորականները օրական ութ-տասը քիլոմեթր ալ չէին կրնար քալել։ Կ’իմանա՞ս։ Օրական ութ-տասը քիլոմեթր։ Անօթի։ Ծարաւ։ Քուրջերով ծածկուած։ Ոտքերը արիւնլուայ։ Մէկ օրը մէկ տարուան ծանրութիւն ունէր։ Կ’իմանա՞ս։ Ծնած չէիր դուն եւ անշուշտ չես գիտեր։ Եւ կամ շատ քիչ բան գիտես։
       Բայց գիտեմ, որ այս խճուղին չկար այն ատեն։ Պարզ ճամբայ մըն էր խորտուբորտ, քարքարուտ, յաճախ անանցանելի։
       Ճիշդ ատոր համար ալ տասն անգամ աւելի վտանգաւոր։ Աքսորականներ ուժասպառ եւ բոպիկ։ Խարազան, հրացան։ Բիր եւ քար։ Սպառնալիքներ արիւնածարաւ…
       Կամաց, կամաց։ Սա ծառին տակ երիտասարդ մայր մը իր նորածինը թաղեց։ Եւ ինքն ալ շնչասպառ ինկաւ ճամբան, խարազանը գլխուն։ Չէր կրնար քալել, կարաւանին հասնիլ։ Ծառը դողաց, քարը հառաչեց։ Երիտասարդ մօր վերջին շունչը խառնուեցաւ դաշտին հովերուն, որ կը սուլէին ողբաձայն։
       Անդին երեք թշուառներ ինկան դանակին տակ, ի փառս մարգարէին։
       Աւելի անդին, հինգ նոր դիակներ։ Ոստիկանները անխնայ տրորեցին հինգն ալ, ի խնդիր դրամի եւ գոհարեղէնի, մնացեալը ձգելով գիւղացիներուն եւ ագռաւներուն։
       Եւ ահա նոր արշաւ մը կիներու եւ աղջիկներու դէմ։ Կիներ եւ աղջիկներ չէի՞ն, մեծ մասով աքսորական բազմութիւնները այս ճամբաներուն վրայ։
       Հաւնածդ առ տար, Ալի։ Այս մէկն ալ քեզի, Մէհմէ՛տ։ Կ’ուզես երկուքը միասին տար, Սիւլէյմա՛ն։ Ալլահ ու էքպէ՜ր, այս օրն ալ տեսանք…
       Աստուած, Աստուած, դուն ողորմէ։ Երկուքը աչքիս առջեւ մորթեցին։ Երրորդը ահա կը տանին…
       Մայրիկ, մայրիկ, չե՞ս տեսներ, կը տանին։ Ախ, օգնութիւն, օգնութիւն… Զմելի՞ մըն ալ չունիք…
       Մայրեր գետին փռուեցան արիւնաթաթախ։
       Մայրեր խենդեցան լեղապատառ։
       Մայրեր, երկինքէն յուսահատ, իրենց ակռաներով բզկտեցին հողը, որպէսզի ճեղքուի, բացուի, դառնայ անդունդ կամ ծով։
       Պահ մը դանդաղ։ Աւազակներու խումբ մը կտրեց կարաւանին ճամբան։ Մանուկներ, մանուկներ ցիրուցան, ինչպէս խուճապահար ճնճղուկները հրացանի ձայնէն։ Եւ ծերունիներ, որ մահ կ’աղերսեն Աստուծմէ։ Մարդերէն։ Գազաններէն։
      
       *
       Աւելի արագ, Օհան։ Քշէ՛։
       Ուրուականներ։ Ծառերը լեզու ելած կ’աղաղակեն։ Քարերը կը խօսին։ Դեւերու գլուխներ թուփերուն վերեւ։ Քշէ։ Չե՞ս լսեր ձայները։
       Վարդգէս. - Ոստիկանութեան վերատեսուչին գացեր էի, ետ առնելու համար «Ազատամարտ»ի գանձէն յափշտակուած չորս հարիւր ոսկին, ինչպէս խոստացած էին։ «Մենք ալ քեզ կը փնտռէինք», պատասխանեցին, եւ ահա թէ ուր ինկանք։ Երբ յեղափոխութեան կրակը նետուեցայ, գիտէի թէ այս էր մեր ճամբան։
       Զօհրապ. - Խումբ մը ոստիկաններ խուժած էին մեր տունը, առաջնորդութեամբ թրքացած Հայու մը։ Բողոքեցի, երբ կը փորձէին կաշկանդել զիս։ - «Այսպէ՞ս կը վարուին Օսմ. Խորհրդարանի մէկ անդամին հետ»։ - Այդ օրերը անցան, պատասխանեց թրքացած Հայը։ Եւ ահա թէ ուր կ’երթանք։ Մահէն չեմ վախնար, բայց գոնէ դատէին…
       Վարդգէս. - Եթէ այդ քաջութիւնը ունենային, մենք ինչո՞ւ իյնայինք այս ճամբաներուն վրայ։
       Այսպէս։ Խօսեցա՞ն թէ խօսիլ ուզեցին երկու մահապարտները, արիւնկզակ պահնորդներու ժանիքներուն տակ։ Մինչեւ Ուրֆա, ուր…
      
       *
       Կամաց, Օհան, կամաց։ Գիւղ մը կ’երեւայ։
       Պապ։ Կայան վայրենաբարոյ ուր տեղացին ալ տասնորդուած կարաւանները կը դիմաւրէր չարախինդ քրքիջներով։ Ուր արիւնի եւ աւարի գիշատիչ ախորժակը նոյնպէս խնջոյքներ սարքել կուտար, դահիճներուն հետ։
       Թերեւս որդիները չեն գիտեր ինչ որ տեղի ունեցաւ երէկ։ Բայց հայրե՞րը, որ շարուած են սա պատին տակ եւ ճամբուն վրայ, «էնթարի»ն ժողված եւ աղտոտ համրիչ մը ձեռքերուն մէջ։ «Երանելի օրեր էին», պիտի ըսեն աս ու ան։ Շողիքը բերնին, վաւաշը աչքերուն մէջ։
       Այսպիսի տխրահռչակ աւան մըն ալ՝ Դամասկոսի ճամբուն վրայ։ Զարտուղի պարագաներ՝ ընդհանուր ներդաշնակութեան մէջ։
       Աւելի արագ, Օհան, մինչեւ յաջորդ կայանը։
       Մումպիճ։ Այստեղ չէ՞ր որ օրն ի բուն կը հառաչէր ու կ’աղօթէր ծերունի հայրապետը։
       Արիւնարբու կուսակալ մը հոս աքսորած էր Կիլիկիոյ Կաթողիկոսը, որպէսզի արմատախիլ բազմութիւնները չկարենան համախմբուիլ շուքի մը տակ։ Որպէսզի կորսնցնեն ամէն յոյս եւ համակերպին անդառնալի հրամանին, - ոչնչացում։
       Ծերունին, Մեծն Սահակ, համարձակած էր աղաղակել, ճակատագրական պահու մը։
       Ո՞ւր տեսնուած է այսպիսի արհաւիրք։ Հարիւր հազարաւոր անմեղներ ջարդուած… Ուրիշ հարիւր հազարներ սովամահ… Կիներ մօրէ մերկ, եօթը-տասը տարեկան մանուկներով։ Աղջիկներ ծախու փողոցներու մէջ։ Ո՞ւր է տեսնուած…
       Դեռ աւելին կը տեսնէք, պատասխանած էր հրէշը։ Դեռ չէք լսած ամէն բան…
       Դեռ չէի՞ն լսած ամէն բան, անոնք որ անցան այս ճամբաներէն։
       Մենք լսա՞ծ ենք ամէն բան։ Մենք որ չտեսանք այս ճամբաները։
       Պատմութիւնը արձանագրե՞ց գոնէ տասնէն մէկը։ Այսքան տարիներ վերջը…
      
       *
       Օ հէ՜յ, գետն է, գետը։ Եփրատ։
       Դարաւոր հսկան հոսուն, փռուած հազար մեթր լայնքի մը վրայ։ Ջուրը պղտոր (միայն Սէ՞նն է պղտոր)։ Հոսանքը ուժաթափ։ Շրջապատը ամայի։ Ափերը լպրծուն, պարբերական յորդումներու հետքերով։
       Գարնան մինչեւ այստեղ կը հասնի։ Սա բարձր ամբարտակն ալ կ’անցնի։ Հարեւան արտերը կը դառնան ջրակոյտ։ Ո՛վ չէ տեսեր Եփրատին կատաղութիւնը, բա՛ն չէ տեսեր։
       Դիմացը՝ թրքական գիւղեր։ Եւ երկաթեայ կամուրջ մը, որ երկուքի կը բաժնէ գետը։ Սահմանագիծ։ Աւելի հեռուն՝ բոյներ դաւադիր։
       Ահա թրքական պահականոցը, գլխուն վերեւ՝ մահիկը արիւնազանգ։ Երկաթեայ կամուրջին վրայ՝ պահակ մը, որ ման կուգայ սպառնագին, հրացանն ուսին։
       Գետափն ենք արդէն ութ-տասը ուղեկիցներով եւ ան դիրք բռնած՝ կ’ազդարարէ մութ ձայնով մը. - Մի՛ մօտենաք։
       Գետը մե՞րն է թէ ձերը, այ մարդ…
       Հրացանն է, որ կը պատրաստէ պատասխանը, կասկածելի շարժումներով։
       Քանի՞ լուսանկար կրցար քաշել, Կարպիս։
       Յետոյ կ’իմանաս։ Ձեռքերդ ջուրը թաթխէ, որ հոգիդ զովանայ։ Կեցիր սա թումբին առջեւ, հատ մըն ալ փորձեմ:
       Նորէն պահակը նշանաձիգ. Եասա՛ք։
       Բիրտ ուժն է, որ կը յոխորտայ. Ես յաղթական, դուն պարտեալ։ Ես պետութիւն, դուն ամբոխ աշխարհացրիւ։ Ես միջնաբերդ սպառազէն, դուն բեկոր վտարանդի։
       Ո՞ւր էիր դուն, երբ հայերէն կը խօսէին այս լեռները, այս գետերը, այս դաշտերը…
      
       *
       Ջուրդ ինձ օգնական, Եփրատ։
       Ահա դէմ դիմաց։ Դուն դարաւոր հեղեղ յորդահոսան, ես՝ ազազուն տերեւ, որ կը դողայ աշնան հովերէն։
       Հոգիս քեզ մատաղ, Եփրատ։
       Ժողովուրդ մը կար քեզի դրկից, դարակից։ Ո՞ւր է։
       Ժողովուրդ մը, որ կ’օրհնէր քեզ, կը հաւատար քեզի, կը ժպտէր քեզի։
       Ժողովուրդ մը այս կամուրջէն անդին։ Մինչեւ Տարօն Արածանի՜։ Մինչեւ Բարձր Հայք, - Սրտաձոր։
       Եփրատ, գետ ամեհի եւ ապերասան։ Աւելի ըմբոստ քան Արաքսը։
       Դեւ անսանձ, որ կը թաւալիս անդնդախոր ձորերու մէջ, օձապտոյտ գալարմամբ, սարսելով գահավէժներն ահարկու։
       Դուն, որ ժայռերը կը ճեղքես ահեղագոռ շառաչումներով եւ ջրամոյն կը հարթես ամբողջ տարածութիւններ։
       Ի՞նչպէս դարձար մեղսակից գազանաբարոյ մարդոց վատութեան։
       Ի՞նչպէս թոյլ տուիր, որ բարեբեր ալիքներդ օրերով դառնան գերեզման հազար ու հազար անմեղներու։
       Դառնայիր ջրհեղեղ։ Պատուհաս։ Յաւիտենական անէծք անոնց, որ դէպի մահ կ’առաջնորդէին անզէն, անզօր բազմութիւններ։
       Մահասարսուռ սաստ հազարամեակի մը համար։ Բովանդակ մարդկութեան համար։
      
       *
       Երբ մայրեր, քոյրեր եւ մանուկներ հողմացրիւ եւ խելագար,
       Եւ անոնց ետեւէն՝ ամբոխները արիւնախանձ,
       Այրեր կալանաւոր, ձեռքերը կռնակի վրայ կապ երկուքով, երեքով, չորսով,
       Եւ մտրակը անոնց գլխուն։ Նաեւ կացինը, սղոցը, ուրագը։ Ապա քարեր ու գնդակներ տեղատարափ,
       Եւ աղաղակները լեղապատառ, որոնք բաւական էին երկինքը երկուքի ճեղքելու,
       Ի՞նչպէս ափերդ չդարձան հրաբուխ եւ ջուրերդ լաւա հրահոսան, իրենց դժոխքին մէջ մրկելու համար դահիճները դժոխածին։
      
       *
       Եփրատ, հանգոյց տիեզերական,
       Երբ խուժանը ողջակէզներ կը սարքէր ափերուդ վրայ,
       Երբ ամբողջ բազմութիւններ կը քշէր ափերդ ի վար, շաչեցնելով սուր, հրացան, խարազան,
       Երբ խառնաձայն ոռնոցներու Սոդոմ-Գոմոր մը դիւային քրքիջներ կ’արձակէր անպատիժ,
       Ի՞նչպէս չցամքեցան ջուրերդ, կազմելով անապատ մը հրակէզ։
       Կամ խաւարամած անտառ մը լի օձերով, իժերով, գազաններով։
      
       *
       Եւ հիմա, Եփրատ, գետ արգասաբեր Հայաստան աշխարհի, այլեւս ամայի.
       Ի՞նչ կը բանին ջուրերդ, կամուրջէն անդին։
       Կը շարունակուի՞ ջրտուքը, - հօ՜յ, հօ՜յ։
       Կա՞ն մշակներ ածուներուն եւ արտերուն մէջ։ Դաշտերուն եւ հովիտներուն վրայ։
       Դեռ կ’երգե՞ն ծիծեռնակն ու արտոյտը։
       Կը հնչէ՞ շինականին երգն անուշ։
      
       *
       Եփրատ, գետ միջերկրական.
       Հարեւաններդ կիրակնօրեայ հագուստ են հագեր արդէն, կամուրջէն ասդին։ Ազատութիւն։ Հայրենիք։ Արեւելքէն արեւմուտք։ Մինչեւ ծովափ։
       Եփրատ։ Արքայազուն անժառանգ,
       Ժողովուրդ մը կը ծաղկի հարեւան Արաքսի ափերուն վրայ։
       Իսկ դո՞ւն։ Դեռ երկա՞ր «ի վերայ աւերակաց»։ Դէմ դիմաց համատարած ամայութեան, ուրկէ բուերն անգամ խոյս կուտան խուճապահար։
       Ե՞րբ կը բացուի խորհուրդը խոժոռ ալիքներուդ, որ կը թաւալին սա կամուրջէն վար։
       Եփրատ, անգիր պատմութիւն ազգային եւ միջազգային,
       Բարութիւն, զօրութիւն, խորութիւն,
       Ամբողջ բազմութիւններ կը հալին ձայնիդ կարօտէն։
       Ե՞րբ կը շաչեն փրփրադէզ ալիքներդ, իբրեւ շեփոր աւետաբեր։
       Ե՞րբ ջուրերդ վերստին կը դառնան օրհնաբեր անձրեւ Հայաստանեայց արտերուն, այգիներուն, ածուներուն։
       Լուսացնցուղ շատրուան Ազատութեան եւ Աշխատանքի։
      
       Ապրիլ 1948, Հալէպ