Արձակ էջեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
3. ՀԱՏՈՒԱԾԻԿՆԵՐ
       Կը լսեմ որ էութեանս մէջ կը հեծէ անուշ սարսուռը սէրերուն, որոնք պիտի ծաղկին ցաւոտ սրտիս մէջ՝ ուր յիշատակներու փոշին կը քնանայ՝ հառաչանքի մելամաղձիկ օրօրներուն տակ:
       Ու կը փախչի՜մ, չեմ գիտեր թէ ինչէ՛, թերեւս իմ հոգիէս, իմ ցաւատանջ հոգիէս, ուր տառապանքը լոկ երգեց երգը անծանօթ ու խորին տրտմութեան՝ որ իմ էութեանս մէջ կ'ապրի:
       * * *
       Յորդառատ ծուխ մը կը պլլըւի տենչանքիս խորտակող բոցին, որ սուտակային գօտիի մը պէս կ'երկարի:
       Անծանօթ դիցուհիներու չարագուշակ ձեռքեր` մշուշի խոպոպներով կ՚աշնաներփեն երազագոյն հոգիս, որ կը թուի թէ կ՚անէանայ յամրօրէ՜ն, յամրօրէ՜ն: Մահերգի ուրուային թախծութիւններ, ջախջախող ու անբուժելի, հեռուներէն կը նուագեն ինծի մահը ծաղկատի աղջկան. «Մեռա՜ւ ան, ո՜վ դուն, անվերապա՜հ տարփաւոր, միամի՜տ տղայ, ու անկասկա՜ծ: Թափառիկ ու դիւրաբեկ ստուերայնութիւն, որ կրցար քու յոյզերդ պտըտցնել խաւարչտին ու անել բաւիղներու եզերքը, խեղդող պարապութեան մէջ, որ ծնրադրած կը թուէր քեզի` զգացումին ուժգնութեան առջեւ: Բայց, անխորհո՛ւրդ, գիտցի՛ր մեծ խորհուրդը ու կրկնէ՛ մեզի հետ. «Քնացա՜ւ, ու գուցէ ընդմիշտ չարթըննա՜յ. անիկա իր անգոյութիւնը կ՚ապրի հիմակ, ա՜հ, իր անգոյութիւնը…»:
       * * *
       Ալեակներու ընդհատ֊ընդհատ շաչող սրսփունքները, որոնք աւազին վրայ կը մեռնին դողահար, ու ծովափին խուսափուկ լոյսերուն ծիրանի երանգաւորումները, որոնք կը թօշնին յանկարծ, տարտամ գոյներու աղօտ ճաճանչումներ ու թերի լուսաժապաւէններու երազունակ գիծեր սփռելով գորշ ծովախորշին վրայ, կը թափանցեն հոգւոյս մէջ յաւիտենական գաղափարը խուսափուն գոյութեան ու մահագուշակ անդորրութիւններուն:
       Ա՜հ, լուսնային անհուն, կապոյտ, մետաքսէ քաղցրութիւննե՜րը… Փախչող վրդովմունքներու սպիտակ երազայնութիւնը… Ծովուն աղաբոյր շունչը՝ որ խորունկ զգացողութեան մը պէս կը ստուարանայ ու կը ճնշէ տակաւ հոգիիս:
       * զգայնութիւն մը` մահագոյն մտածութեանց միապաղաղութեան մէջ:
       Եւ մահական վանկեր՝ որոնք կը մագլցին սառ հանդարտութիւններու մէջ, նուագի մը պէս, որ կը թմրեցնէ՜, հեշտին…
       Բայց չի՜ լռեր երբեք աղաղակը հոգւոյս՝ որ դէպի կեանք կը վազէ, խանդավառ ու բաղձալից…
       1905