Ցեղին սիրտը

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՆԵՄԵՍԻՍ

Պաշտէ՛ դահանակէ աչքերով աստուածուհին, ո՛վ Ժողովուրդ, երբ բռնակալութիւնները կործանես, կործանէ՛ այլեւս զինքն ալ, եւ դո՛ւն բարձրացիր իր պատուանդանին վրայ` շուշան մը ձեռքիդ մէջ:

Քերթողն հըսկայ, մըրըրկավարս, հըրաչուի,
Նըւիրական արուեստանոցն իր մըտաւ,
Եւ փակեց լայն պողպատ դըռներն հապըշտապ.
Փակեց փեղկերն երկընքին դէմ, որոնց նեղ
Ճեղքերուն մէջ մընացին
Արեգակին մազերն ոսկի, սանտըրուած:
Լեռնակուտակ զանգուած մ’ընտիր մարմարի
Այդ շէնքին մէջ մըթընշաղ
Կը սպասէր` ձեւն հագնելու հին դիւցազնի.
Եւ կամ գուցէ կը յուսար
Որ աստղերէն իջնելով`
Պիտի աստուած մը գայ իր մէջ բընակիլ:
Զանգուածը այդ ապառաժ մ’էր բարբարոս`
Որուն մէջ դեռ կը մընար
Կիսաւեր բոյն մը արծուի.
Եւ խորն իր մէկ խոռոչին
Օձ մ’էր ծուարած ու կը նընջէր հանդարտիկ:
Քերթողն ինքզինք պահ մ’անհունին մէջ հոգւոյն
Ըզգաց Աստուած: Սոթտեց թեւերը ջղուտ,
Ոսկեղէն մուրճը ափին մէջ, տըժգոյն, վեհ,
Մարմարին դէմ, գըլխեբաց,
Հըսկայի պէս կանգնեցաւ…
Նըշմարեցին աչքերը ձեռք մ’այն ատեն
Մութին ծոցէն` կարկառուն`
Որ վիթխարի բըռնած սափոր մը` պարպեց
Խորն իր հոգւոյն լայնալիճ
Տիեզերքին ըստեղծահիւթն հողաբոյր:

Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Եւ քանդակեց, քանդակեց:
Արուեստանոցին բիւզանդական գըմբէթէն
Յոյսի ձէթով լի սուրբ գանկ մը կախուած
Կ’ըլլար ջահն իր լուսատու:
Ան կը տեսնէր մարմարին շուրջը ձեւուած
Հըզօր երազն` որ միս կ’առնուր եւ ծալքեր:
Մըտածումն իր` այդ քարին կոյս ծոցին մէջ`
Իր արմատներն յուշիկ յուշիկ կը խըրէր
Ծառի մը պէս ձիթենի:

Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Եւ քանդակեց, քանդակեց…
Ամէն մէկ բուռն հարուածին տակ յաղթ մուրճին`
Ինչպէս թէ ռումբ մը պայթող`
Ուղխ մը կայծեր, քարերու հետ խուռնախիտ,
Կ’անձրեւէին պատերն ի վար խաւարչուտ
Պսակի պէս քայքայուող:
Դուրսն ողկոյզներն յասմիկին
Կը թափէին մուրճին մէն մի թընդիւնէն
Փեղկերն ի վար իրենց կապոյտ ծաղիկներ:
Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Եւ քանդակեց, քանդակեց.
Մինչեւ որ բիրտ վայրենութիւնը քարին
Նըւաճուեցաւ, եւ ահա գլուխ մը կնոջ
Մարմարին մէջ թարմօրէն
Ծաղկեցաւ բա՜րձըր շուշանի մ’հանգունակ:
Չըքնաղ էր ան, միանգամայն էր ահեղ.
Հելլէնական արձաններու կուրութեամբ
Կը յառէին խորունկ աչքերն` որոնց մէջ
Կարծես հոգին, անդունդն ի վեր մագըլցող
Կարիճի պէս` կամաց կամաց կ’երեւնար:

Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Եւ քանդակեց, քանդակեց…
Բանաստեղծն իր բազուկին տակ կենադրոշմ
Կը փորագրէր կարծես քերթուած մ’ահաւոր.
Խոր ծալքերուն մէջ կեանք առնող մարմարին
Մէն մի հարուած դաշնակութիւն մ’էր քնարի,
Յանգ մ’էր, տուն մ’էր, եւ կամ էր շեշտ մ’օդասլաց:
Մէն մի հարուած ռըմբագոռ
Ըմբոստ երգ մ’էր ոսկի մուրճով երգըւած`
Որուն Աստուած երկընքին մէջ կ’ունկընդրէր:
Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Ու աւասիկ ճոխ գանգուրներն այդ կընոջ
Զերդ ողկոյզներ իրար խըռնուած օձերու
Ուսերուն վրայ թափեցան:
Կերտեց թիկունքն եւ թիկնամէջըն շըքեղ,
Կերտեց թեւերն ամազոնի` որոնք թէ`
Կարող էին արձակել
Ոսկի փըքինը սիրոյ,
Եւ թէ հրաշէկ կայծակը` տէգ մահընկէց:
Եւ քանդակեց, քանդակեց,
Եւ քանդակեց, քանդակեց…
Ո՛հ, ի՜նչ փոյթ թէ անցան անքուն գիշերներ
Եւ ցորեկներ` անդադար.
Ծիծե՜րն ահա, ծիծե՜րն ահա արձանին,
Այնքա՜ն մաքուր կըլորցըւած, պաղպաջուն,
Որ անշուշտ կաթն անոնց մէջ պէտք էր ըլլալ
Կամ լոյս` սառած, եւ կամ արծաթ` հալըւած:
Կողերն ահա, ահեղօրէն շընչաւոր,
Որոնց ներքեւ կարծես արեամբ մեծնային
Արդարութեան, վրէժի սաղմերն երկուորեակ:
Շինեց ողն, յո՜յր բումբերն, ազդրերը ողորկ.
Շինեց ե՛ւ պորտն` որ զանգուածին մէջ յանկարծ
Քաոսէն ծնող աստղի պէս
Ճառագայթներ դուրս պոռթկաց:

Օ՛ն, հարուա՜ծ մ’ալ, հարուա՜ծ մ’ալ…
Գանկ ջահին մէջ, ձէթն ըսպառիլ ըսկըսաւ.
Օ՛ն, հարուա՜ծ մ’ալ, հարուա՜ծ մ’ալ…
Եւ քանդակեց, քանդակեց…
<Եւ քանդակեց, քանդակեց…>
Կերտեց գուճերն եւ սրունքներ.
Կերտեց ոտքերն` որոնց տասնեակ մատերէն
Ժահրով, մեղրով խառնըւած
Դըդըչահոս լոյսի վտակներ բըխեցան:
Եւ շինեց ան վերջապէս
Կնոջ մէջքէն վար ահեղ
Սուր մ’երկսայրի, սուր մ’անպատեան, սուր մ’անբիծ,
Եւ Աստուծոյ պէս արդար:
Այն ատեն հոն մարմարիոնին խորշին մէջ
Քընացող օձն արթընցաւ
Եւ փաթթելով զինք մեղմօրէն այդ զէնքին`
Կաթիլ կաթիլ ըսկըսաւ թոյն մը կաթել:

Օ՛ն, հարուա՜ծ մ’ալ, հարուա՜ծ մ’ալ դեռ, եւ ահա
Պիտի գործն այդ աւարտի:
Քանդակագործ քերթողն յանկարծ խորշոմեց
Մարգարտապսակ ճակատը ջինջ քըրտինքով.
Այդ ի՞նչ արձան, անունն ի՞նչ էր այդ կընոջ.
Գորգոնա՞ մ’էր, Հերա՞ն քինոտ, թէ Իսիս.
Պատուանդանին վրայ հըսկայ
Փորագրեց. Նեմեսիս:
Ահա երազն իր, կը շընչէր, կը խորհէր.
Իր երազն այդ մարմարեղէն` զոր երկար
Ատեն սըրտին հանքերուն մէջ ան կըրեց:
Արդարութեան եւ Վրէժի
Դիցուհին այդ` աղջիկն էր իր կորովին
Զոր յըղացաւ, ողնածուծովը սընոյց
Այն օրէն վեր` երբ հըլութեամբ հարսնացաւ
Ժողովուրդին արեան հետ
Գիտակցութիւնն իր բեղուն:
Այլեւս ի՛նչ փոյթ թէ մնաց թաղուած օրերով
Արուեստանոցին դամբանական մութին մէջ:
Ի՛նչ փոյթ թէ արդ ճակատէն վար կը հոսի
Բարի քըրտինքն յոգնութեան,
Եւ ուսերուն եւ գըլխուն վրայ սեւահեր`
Իբրեւ ըլլար ջաղացպան մ’ան` կը նըստի
Ճերմակ փոշին մարմարին.
Եւ խիտ երկար թարթիչներն իր կը նմանին
Աղաւնեակի մը թեւերուն ըսպիտակ.
Ի՛նչ փոյթ թէ ան, ա՜հ չըտեսաւ կոյս գարնան
Լուսակարկաջ աղբիւրներուն մէջ ժըպտիլն,
Եւ չըքամեց դեռ խաղողի ողկոյզներ
Բաժակին մէջ բիւրեղեայ.
Կամ չըխառնեց գանգուրներն իր ասպետի
Բըլուրներուն վրայ պարող
Աղջիկներուն հողմատարիկ վարսերուն:
Ո՛հ, ի՜նչ փոյթ կեանքը մեռնող,
Երբոր երազը կ’ապրի,
Երբոր երազն անմա՜հ է:

Մուրճը ձեռքին մէջ բանաստեղծն յաղթական
Արձանին խիստ աչքերուն մէջ կը յառի.
Եւ անոնց մէջ կը ճանչնայ
Ինքզի՜նք, ամբողջ անթերի:
Կը ճանչնայ սուրբ մարմարիոնն այն` որ առաւ
Բազկին տակ կեանք, որ այդտեղ
Եկաւ զանգուած մ’իր բըրտութեան մէջ նընջող
Եւ արթընցաւ Դիցուհի՜.
Զերթ քարափերթ մ’ըստրուկ ինկաւ մուրճին տակ,
Եւ կանգնեցաւ Վրիժուհի՜:

Աւարտած էր ամէն գործ.
Ահա մէջտեղն էր, Նեմեսիսը, կանգուն,
Պաշտըւելու, ընդունելու ողջակէզ
Այլեւս կա՛զմ եւ պատրաստ:
Այն ժամանակ քերթողն ուրախ, գոհունակ,
Քաշեց նիգերը, բացաւ
Պղընձէ դռներն հսկայական գաւիթին.
Նոյն ատեն լոյս մը դէմէն
Երկինքն ի վար ա՛յնպէս արձանն ողողեց`
Որ դիցուհւոյն մարմինը շուրջն ըսկըսաւ
Ճառագայթներ արձակել:
Խըտղըտեցուց ճերմակութիւնն իրանին
Աչքերն աղուոր օրիորդի մ’որ դէմի
Պատըշգամբին նըստած ժանեակ կը հիւսէր:
Ձիւնեղէն ժայռ մ’էր կարծես`
Որ կը ցըցուէր արեւուն մէջ` հոլանի:
Կը թափէին ուսէրէն վար, կուրծքէն վար.
Շողի հազար վտակներ, հազար ալիքներ:
Քերթողն անգամ մըն ալ անոր նայեցաւ.
Եւ ճակատին վրայ ճանչցաւ
Անգամ մըն ալ դուստըրն իր հեստ արիւնին:
Տըւաւ համբոյր մ’երկիւղած
Մէջտեղն անոր ծիծերուն.
Ուրկէ մընաց շըրթունքներէն վար առկախ
Լոյսի կաթիլ մը` վաղուան
Նոր վրէժներու արգասիչ:
Յետոյ նետեց ծանրակիր մուրճը ձեռքէն.
Թեւը սոթտուած պատուանդանին վրայ դըրաւ.
Եւ գըլուխն ալ թեւին վրայ.
Եւ իբր առիւծ մը պառկող`
Յոգնած, քըրտնած եւ վըսեմ,
Աստուածուհւոյն ոտքերուն տակ քընացաւ:
Ժողովո՜ւրդն է, ժողովո՜ւրդն է, որ կու գայ.
Ճամբաներուն, փողոցներուն մէջ Քաղքին
Գետեր են որ թըխակոհակ կը հոսին.
Հարստահարուած ժողովուրդն է որ կու գայ.
Անոնք տեսան Նեմեսիսի վեհ արձանն,
Եւ քուրմեր են, վրէժի քուրմեր, եւ ահա
Անո՜ր, անո՜ր կը դիմեն:
Գործատունէն, թիարանէն, բանտերէն
Գըրոհ կու տան: Արիւնոտ են եւ քաղցած:
Դեռ բեկորներ շըղթայի` զոր ջարդեցին,
Մերկ ոտքերուն հետ ընդքարշ
Սալյատակին շըռինդ շըռինդ կը հընչեն:
Ոմանք սակրով, ոմանք մուրճով են զինուած.
Դէմքերուն վրայ արիւնռուշտ
Կը փայլակէ կատաղութիւնն` հեռուէն
Մերկացնելով մարգարտաշող կըճըրտումն
Ակռաներուն մարդու միսի անօթի:
Մերկ են կիներն իրենց ամբողջ ծիծերով,
Եւ մանուկները` բոպիկ`
Որոնց տըժգոյն ճակատէն
Գարունն ընդհուպ կը թափթըփի վարդ առ վարդ
Դեռ չաւարտած իր բողբոջումը առոյգ:
Ատելութեան գոռուկոչ մ’է` կը պոռթկայ,
Կը տարածուի պողոտայէ պողոտայ
Քաղաքին մէջ բովանդակ:
Ամէն շըղթայ կը բեկտի,
Եւ կը փըլչի ամէն բանտ.
Հրապարակին մէջտեղ կրակի կը տըրուի
Կառափնարանն` հերոսներուն արիւնէն
Վարդակարմիր եւ ճարպոտ,
Եւ իր մեծ բոցն երկնոլոր
Ամբոխներուն գիտակցութեան կ’ըլլայ ջահ:
Ամէն խըրճիթ ըմբոստ մը դուրս կը պոռթկայ,
Ամէն շիրմէ նահատակ մ’յաղթ կը յառնու
Նո՛ր միսով, նո՛ր ըղեղով, նո՛ր զէնքերով
Ըսպառազէն: Ժողովո՛ւրդն է հող կըրծող.
Մինչեւ մէջքն իր` տիղմին մէջ
Ուրիշներուն դըղեակ շինող ամբոխն է`
Որ ոտքի միակ մոլեգնադռոյթ ոստումով
Նոյն իր խորունկ գերեզմանին քարին վրայ
Ահաւասիկ կը կանգնի:
Եւ մարդկային ովկիանն այդ փըրփրագոռ
Կ’եռայ խորքերն իր մըռայլ.
Եւ ալիքներն յառաջ կ’երթան մահադող.
Եւ կը թըքեն իրենց փըրփուրը յորձքի
Պալատներուն մինչեւ քիւներն, ու մինչեւ
Ճակատն արփւոյն անտարբեր:
Քըրջաւո՛ր են, ահաւո՛ր են, բայց այսօր
Հանճարներու, դարերու
Ամբողջ մտածումն, ամբողջ վաստակը խըմող
Գաղափարին արծիւի թեւն ըսպիտակ
Եկաւ դըպչիլ անոնց դեռ կոյս ճակատին:
Եւ անոնք ուղխ ճամբարներէ հաւաքուած`
Այսօր ունին վըսեմութիւնն ովկիանի.
Եւ կը մռնչեն, կը հայհոյեն, կ’աղօթեն,
Կը հայհոյեն վերըստին:
Կը մըրմըռան բըռնութեան դէմ ծուփ առ ծուփ.
-Վըրէ՜ժ, վըրէ՜ժ, Նեմեսի՜ս:

Եւ Նեմեսիսն հո՛ն է, հո՛ն է մխիթարիչ
Քէնն երկնային, ձիւնափարփառ մարմինն իր
Լուսնակին պէս ալիքներն այդ կը քաշէ
Դէպի ծոցն իր մայրենի:
Եւ ժողովուրդն արձանին շուրջ կը դիզուի
Հետք հետքի վրայ, խուռնախիտ,
Եւ կըզակներ կըռթընցըւած ուսերու:
Առջեւը վեհ Դիցուհւոյն
Ամէն ոք իր վէրքը կուրծքին կը բանայ.
Պարմանիներ ցոյց կու տան
Թեւերն իրենց կոտրած` շըղթայ կոտրելէն.
Մայրերն ահա վեր կ’առնեն սեւ-սեւ քօղեր
Անոնց ծալքին մէջ բանալով գանկիկներ
Մանուկներու` այրուձիին տակ ճըզմուած,
Եւ պառաւներն անոր առջեւ կը փըռեն
Քըղամիդները կարմիր
Դըրժուած մորթուած դիւցազնական թոռներու:
Եւ կը բերեն ամէնն ալ
Իրենց վերջին հարըստութիւնը` նըւէր,
Եւ ծընրադիր` անիծախառն աղերսով
Արտասուագին միահամուռ կը գոչեն.
-”Ո՛վ Նեմեսիս, Անվրիպելի՜դ, Վրիժուհի՜դ,
Մեր տառապանքն, անկումը մեր կը տեսնե՞ս.
Մեր արցունքի մէկ շիթին
Ովկիանական անհունութիւնը արդեօք
Քու ափիդ մէջ կըշռեցի՞ր:
Բա՛ւ է փառքերն ու հաճոյքներն արբեցնենք
Մեր արիւնին արիւններովն ու մինչեւ
Ոսկորներուս քըրտինքով.
Բա՛ւ է սուինները պատռեն
Մեր արգանդին մէջ յաւէտ
Լուսաթաղանթն արշալոյսի սաղմերուն.
-Բա՛ւ է անիւը գործատան փերթ առ փերթ
Խըլէ մեր միսն եւ իւղոտէ ճըղուղն իր.
Բա՛ւ է, բա՛ւ է մեր բովանդակ կեանքին մէջ
Խարազանուած թիկունքներնուս վրայ կըրենք
Մեր շիրմաքարն ու երթանք ա՛յսպէս շիրիմ:
Վըրէժի ժամն ա՛լ հասաւ.
Նըշկահումի ամպրոպահունչ ժամն հասաւ:
Ո՛ւժ տուր մեզի, ոգեւորէ՛ եւ մըղէ՛.
Դո՛ւ մեզ Աստուած, դո՛ւ Տիրամայր, դե՛հ իջիր
Պատուանդանէդ եւ ձուլէ մեզ կամքիդ մէջ,
Եւ օրէնքներըդ գըրէ
Մեր ճակատին վըրայ արեան գըրերով:
Քու ժողովուրդըդ մե՜նք ենք.
Պիտ’ ըսպանենք մեր աստուածներն հին եւ նոր
Եւ աճիւնին վրայ անոնց`
Ատտիկէի մեհեանէդ ալ հոյակապ
Պիտ’ քու մեհեանըդ կանգնենք
Պիտ’ կործանենք ապարանքներ ու բանտեր`
Եւ քառանկիւն սալքարերովն իրենց յաղթ
Պիտի բագինը՜դ կանգնենք:
Ամէն տարի Մահատօնիդ նեմեսեան
Ատելութեան ի՜նչ նըւագներ պիտ’ հընչեն.
Պիտի զարթնուն ի՜նչ մոռցըւած մեռելներ`
Եւ խըմելով արիւնախա՛ռըն գինին,
Զոր սափորով իրենց շիրմին պիտ’ դընենք,
Արեւուն տակ, զոր կարօտցան, ձեռք ձեռքի
Պիտի պարեն շուրջն արձանիդ` յանձնելով
Իրենց պատանքը հովին:
Իջիր մե՛ր մէջ, եւ բընակէ լոկ մե՜ր մէջ.
Օ՛հ, ո՜րքան դու չըքնաղ ես
Եւ ո՜րքան ալ սարսափելի. աչքերդ այդ
Արդարաբար կը սպաննեն միշտ, եւ ձեռքերդ
Աճիւններու մէջ պատրաստ են սերմանել
Շուշան հունտեր շուշանափայլ կեանքերու.
Գանկի մը մէջ բոյնն իր դընող տատրակն ես.
Աղբիւր մ’ես դու ըՍտիւքսի`
Որ կը բըխի գերեզմանէ մը կանանչ:
Ահա քեզի կը կարկառենք մեր քաղցած
Երեխաները. թող որ քո՛ւ ծոցիդ մէջ
Մըկըրտըւին, եւ ծըծեն կուռ ծիծերէդ
Կաթը վաղուան վըրէժին:
Օ՛ն, Նեմեսիս, իջիր մե՜ր մէջ. մեզ ըրէ
Վահա՛ն լանջքիդ մարմարէ,
Սո՛ւրը թեւիդ անխընայ:
Զի մենք ծարաւ ենք արեա՜ն,
Արեա՜ն, արեա՜ն Նեմեսիս”:
Կ’ըսեն: Իրենց գոռուգոչումն ահաւոր
Կը սասանէ գահերուն վրայ կայսըրներ,
Եւ կ’օրօրէ պատուանդանին վրայ նընջող
Քերթողին քունն հանդարտիկ:
Կ’ըսեն: Եւ նուէ՛ր Աստուածուհւոյն կ’ընծայեն.
Անոր առջեւ արիւնլըւայ ձեռքերով
Կը սըփռեն վարդ ու յասմիկ:
Կոյս աղջիկներ դալկադէմ
Ասեղներէ ծակծակուած գիրգ մատերով
Կ’հիւսեն անոր գըլխուն համար պըսակներ:
Գիւղացիներ կ’ողջակիզուն վերջին ուլն
Իրենց թափուր եւ ցըրտացած փարախին:
Տըղաք կընդրուկ կը ծըխեն.
Իսկ բանուորներն ու ռազմիկները պարման
Թուրերն իրենց, մուրճերն իրենց նուիրական
Կու գան անոր կըռուանին վրայ հեսանել:
Եւ ժողովուրդը բովանդակ յանկարծ լուռ
Լուսընկային տակ հանդարտող ծովու պէս
Կը խոնարհի աղօթքի…
(Օրհնեա՜լ ըլլաք, հառաչանքի մէջ խեղդուած
Ո՛վ արցունքներ, մազերէ վար կայլակուող
Ո՛վ արիւնի կաթիլներ.
Ո՛վ աղօթքներ նախատօնին կռիւներու
Մանաւանդ դուք օրհնեա՜լ ըլլաք.
Ձեր մէջ է որ Յոյսերը մօտ յաղթութեան
Իբրեւ ճերմակ աղաւնիներ` ամէնուն
Ծոցէն արփւո՜յն կը սլանան):
Եթերական կրակին խորէն իրիկուան,
Դէմի սարէն զառիվայր
Այն որ կ’իջնէ անչափելի քայլերով
Հերո՜ս մըն է, պերճահասակ քըրմապետ
Նեմեսիսին կուսական,
Եւ անձնուրաց նախախնամող մարդկութեան:
Արեւը դեռ չըմեկնած
Ճաճանչներն իր ամփոփեր է շեշտուղիղ
Անոր կուրծքին կարմրաբորբ,
Ցայտեցնելով զէնուզարդէն պաղպաջուն
Ճառագայթներ` նման բամբշի մը գըլխուն
Ծամակալ մեծ ասեղներն:
Արիւն մ’ահա կը կայլակի տակաւին
Իր գօտիին արդարադատ կեռ սուրէն:
Կու գա՜յ, - ճակատն իր արդէն
Շաղկապուած դափնիով:
Քայլերը ծանըր` փառքէն,
Եւ բըռնութիւնը ճըզմելէն` տենդակոխ
Ահաւասիկ կ’երկփեղկեն
Ժողովուրդն այն խոնարհած
Ատելութեան եւ աղօթքին բեռին տակ:
Նեմեսիսին ձօնելու
Ա իր նըւէրը ունի.
Գըլխուն շուրջէն կ’արձըկէ
Դափնեպըսակը` զոր կոյսէն որբացած
Շիրիմներուն նըստած տըրտում շուքին տակ
Իրեն համար հիւսեցին.
Կ’արձըկէ զայն եւ ձախ ձեռքովը բըռնած
Բուրեան ճիւղին մէկ ծայրէն
Միւսովը զայն կը մերկացնէ, սըփռելով
Իր սաղարթներն օդապար
Աստուածուհւոյն ոտքերուն վրայ անարատ,
Որոնցմէ հա՛տ մ’աղուոր տերեւ մ’արիւնոտ,
Կ’երթայ կ’իյնայ արձանին տակ քընացող
Քանդակագործ բանաստեղծին ճակտին վրայ,
Որ գրաւուած նո՛ր Տեսիլներով երազի
Այդ հըպանցումը փառքին
Ամենեւի՜ն չ’իմանար: