Աչքերդ
աղու
համերգներ
են
ներդաշնակ
Որ
տարփողեն
գեղն
ու
շնորհ,
սէրն
ու
ժպիտն
անմեղունակ,
Իրիկնամուտի
զեփիւռներէն
բիւրապատիկ
մելանըւագ,
Տաղերգութիւն,
քերթուած,
սարսո՛ւռ
են
համակ։
Գգուանքներու
սխրալիին
տակաւ
կ՚ըլլամ
նշաւակ,
Գուցէ,
աւաղ,
աննըպատակ։
Աչքերդ
բեհեզ
օրրոցներ
են
անուրջներու,
Ուր
երփներփեան
ըղձանքներուս
բոյլն
սիրարկու,
Միաբերան
քեզ
կը
կարդան
ալէլու։
Օրրերէ՛ք,
աչքեր,
մատաղ
սիրտս
ալ
ակնկալու,
Թող
չի
կասի
անոր
թռիչքն
օդաչու.
Արծիւներուն
հետ
սրտերն
ալ
մի՛շտ
համաչափ
իրարու,
Թո՛ղ
սլանան,
թեւաբախեն
մինչեւ
հեշտին
հանգրուանը
սէրերու։
Աչքերդ
հոսուն
ովկեաններ
են
յարատատան
Ուր
երկնքի
ծիածաններն
կը
պըսպղան,
Ես՝
նաւուղիղ
մ՚անղէկ,
անթի,
անպարան,
Կը
ճամբորդեմ
իղձերուս
հետ՝
անօթեւան.
Լէթէ՛ն
ըլլար
անդընդախոր
այդ
ովկէան,
Ու
ես
կամաւ
կ՚արբենայի
անոր
հիւթէն
անապական,
Որ
ապրէի
Մոռացութեան
ծոցն
յաւիտեան։
1904,
Պօլիս