Դրախտի երգեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Եւ ջուրերը անօրինակ խուճապով մը կ՚արտորան,

Անուշադիր՝ ծովեզերքի անցորդներուն խուռներամ,

Զերթ վաղեմի տարճանքներու յիշատակներն անփարթամ

Արծաթ ջուրերն յորձանաւոր վէտվէտումով կ՚արտորան։

Հոսանքն ի վար կ՚ըլլան անհետ՝ ալիքներէն բռնավար

Եւ պատկառոտ հիսարներէն դեւերը միշտ կը նային վար

Սփինքսի պէս սեւեռաբիբ, խուզարկելով ջուրն հոսուն։

Հեղուկ գունտեր կաշկանդումի կապանքէն զերծ խոլարձակ՝

Կը թաւալին, համբուրելով վճիտ ափունքն Հիսարին,

Նաւաբեկման հէգ խլեակներն հոս հոն պահ մը կ՚օրօրին,

Մինչեւ սուզիլն լուռ, անմրմունջ, հոսանքին տակ անյատակ։

Եւ ջուրերը յորձանաւոր վէտվէտումով կ՚արտորան,

Ափին վրայ զիս լըքելով տառապանքին հետ գիրկընդխառն.

Փախչո՜ղ ջուրեր, առէք տարէք հիւծիչ հոգերս ալ այս դառն,

Խլեակներուն հետ անոնք ալ թո՛ղ անհետին անպայման։

 

1904, Պօլիս